Յուշամատեանի սիւնակ

Առաջին քարը – Բալու
Այսուհետեւ կրնանք հաստատել որ Յուշամատեանը ծնած է, կը գործէ ու կ՝երեւի։ Աշխարհագրական առաջին տարածքը, որուն կ՝անդրադառնանք այս էջերով Բալուն է՝ իր քաղաքով ու շրջակայ գիւղերով։ Անշուշտ կարելի է հարց տալ թէ ինչո՞ւ Բալուն, ինչո՞ւ այս ընտրանքը։ Բալուի մասին մեր կատարած հետազօտութիւնները առիթ տուին նաեւ չնախատեսուած, հաճելի ու շահաւէտ հանդիպումներու։ Յոյսով ենք որ այսպիսի հանդիպումներ շատ պիտի ըլլան մեր ճանապարհին ընթացքին։ աւելի...

Դէպի Մարաշ
Բալուով ծայր առած Յուշամատեանի երթը այժմ կը շարունակուի Մարաշով։ Այս գլխաւոր վերնագիրին տակ պիտի ներկայացնենք օսմանեան շրջանի Մարաշ գաւառը (սանճաք)։ Մարաշի աշխատանքային կայքը – այնպէս ինչպէս Բալուին պարագային – նոյնպէս հանդիսացաւ նոր ծանօթութիւններու եւ նոր հանդիպումներու բեմադրավայրը։ Այսպիսի հանդիպումներ էապէս կ՝ոգեւորեն մեզ։ աւելի...

Խարբերդի դաշտը
Այս վերնագիրին տակ, Յուշամատեանը պիտի անդրադառնայ Խարբերդի դաշտին մէջ գտնուող հայկական տեղավայրերուն։ Օսմանեան վարչական դրութեան մէջ այս տարածքը կը համապատասխանէ Խարբերդի քազային (գաւառակ), որ մաս կը կազմէ Մամուրէթ իւլ Ազիզ նահանգին (վիլայէթաւելի...

Զէյթուն
Կան տեղանուններ, որոնք ժողովուրդի մը հաւաքական յիշողութեան մէջ դարձած են խորհրդանիշներ։ Անունը դադրած կ՚ըլլայ լոկ քաղաք մը, գիւղ մը կամ շրջան մը ըլլալէ, փոխարէնը կը ներկայացնէ պատմական պահեր կամ խորհրդանշական պատկերներ, որոնք սերտօրէն կ՚առնչուին տուեալ ժողովուրդին պատմութեան։ Խոհրդանիշ դարձած պատմական տեղավայրին յիշողութիւնը կրնայ պահպանուիլ 100 կամ աւելի տարիներ, նոյնիսկ եթէ անիկա այլեւս քանդուած է, իսկ այնտեղ ապրող ժողովուրդը՝ այլեւս ոչնչացած։աւելի...

Եոզկատ քաղաքն ու շրջակայ գիւղերը
Եոզկատի սանճաք (գաւառ, district) գլուխին տակ Յուշամատեանը կ՚անդրադառնայ Օսմանեան կայսրութեան հայերու ընդհանուր պատմութեան յարաբերաբար նուազ ծանօթ աշխարհագրական տարածքի մը։ Սոյն սանճաքը մաս չի կազմեր պատմականօրէն հայաբնակ օսմանեան հայկական աշխարհին։ Այստեղ նշուող տեղանուններ, ինչպէս օրինակ Ռումտիկին (currently Felahiye), Պուռունքըշլա (Burunkışla), Իյտէլի (İğdeli), Ուզունլու (Uzunlu) շատերու համար կրնան նկատուիլ տարաշխարհիկ անուններ։ աւելի...

Վան
Վանի շրջանը, կամ պատմական Վասպուրականը հայկական քաղաքակրթութեան կարեւորագոյն բնօրրաններէն մէկն է։ Այնքան շատ են այս տարածքին մէջ հայկական ինքնութեան ու մշակոյթի դարաւոր հետքերը։ Հայ տարրը օսմանեան տարիներուն նոյնպէս տիրական ներկայութիւն է նաեւ Վան քաղաքին ու ամբողջ տարածքին մէջ։ Այլ խօսքով, այս ժամանակաշրջանին դարձեալ հայկական դրոշմը մեծապէս զգալի է տեղական մշակութային, տնտեսական, ընկերային, քաղաքական, կրօնական կեանքին վրայ։ աւելի...

Սիս
Այս քաղաքին անունը հայկական յիշողութեան մէջ աւելի շատ կը կապուի Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան, որուն մայրաքաղաքը երկար ժամանակ եղած է Սիսը։ Քաղաքին անունը կ՚առնչուի նաեւ Կիլիկիոյ հայոց կաթողիկոսութեան, որուն նստավայրն էր Սիսը։ Բայց Սիսը նաեւ մեծամասնութեամբ հայաբնակ քաղաք մըն էր, որուն բնակիչներուն առօրեայ կեանքին, ինչպէս նաեւ սոյն տեղավայրին տեղական պատմութեան մասին տեղեկութիւններ կարելի է գտնել գլխաւորաբար հազուագիւտ սկզբնաղբիւրներու մէջ։ աւելի...

Տէօրթեօլ
Միջերկրականեան ծովափին գտնուող Տէօրթեօլը օսմանեան շրջանին կը դառնայ նարինջի արտադրութեան կարեւոր կեդրոն մը։ Քաղաքին հայերը իրենց կարեւոր ներդրումը կ՚ունենան երկրագործական այս մարզի արագ զարգացումին մէջ։ Մեծամասնութեամբ հայաբնակ Տէրթեօլի մէջ հայերը ունէին համայնքային բեղուն կեանք մը, այստեղ հաստատուած էին համայնքային հաստատութիւններու (եկեղեցի, դպրոց) ամբողջ ցանց մը, իսկ տեղի հայերը ընդհանրապէս յայտնի էին իրենց բարեկեցիկ կանքով։  աւելի...