Մանթարեան ընտանիքը, Հիւսէնիկ (Խարբերդի դաշտ), ca 1912 (Աղբիւր՝ Պոսսիէր/Մանթարեան հաւաքածոյ, Նանթ, Ֆրանսա)

«Հայութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ - Կեանք, մշակոյթ, ընկերային կառոյց», Ա. հատոր Ottoman Armenians - Life, Culture, Society - Vol. 1 - A Houshamadyan Publication, Berlin - by Vahé Tachjian

Այս է տիտղոսը հատորին, որ «Յուշամատեան» հիմնարկը տարեսկիզբին ներկայացուց հանրութեան՝ իբր իր առաջին հրատարակութիւնը, նոյնանուն ցանցկայքի մեկնարկէն երեք տարի անց: Հատորը, առաջին իսկ ակնարկով արդէն՝ այնքան լրջօրէն վայելուչ, շուրջ 270 մեծաչափ (սմ. 28 x 22) էջերու վրայ կը համադրէ բազմակրթանք ուսումնասիրութիւններ եւ բազմաթեմա փաստա-լուսանկարներու պատկերաշարքեր:

Գործի հովանաւորութեան կը մասնակցին Հայկազեան համալսարանը (Լիբանան) եւ Պամպերկի համալսարանի (Գերմանիա) Թրքաբանութեան բաժանմունքը:

Հիմնարկի տնօրէն Վահէ Թաշճեանի հետ, հատորի հրատարակութեան պատասխանատւութիւնը բաժնած է Էլքը Հարթման, մինչ Սիլվինա Տէր Մկրտիչեան կատարած է հրատարակութեան գեղարուեստական ձեւաւորումը՝ տպաւորիչ արհեստավարժութեամբ ու ճաշակով միանգամայն: Գործակիցներու խմբակ մը ստանձնած է թարգմանութիւնները, սրբագրութիւնները, էջադրումի օժանդակութիւնը եւն.: Հատորը լրիւ անգլերէնով է [1]:

Հատորի հրատարակման, ինչպէս եւ հրապարակային ներկայացման առթիւ, եղան մամուլի անդրադարձներ, զանազան ձեւերու տակ՝ համառօտ գրախօսում, ձեռնարկի թղթակցութիւն թէ հարցազրոյց [2]: Բայց ներկայ սիւնակի բնոյթը բաւական տարբեր է: Գրախօսականի յաւակնութենէ ու պարտականութիւններէ զերծ, հետեւաբար եւ խուսափելով մանրամասն ներկայացումէ, կամ «հանգամանաւոր» արժեւորումներէ, անիկա, կը հաւատամ՝ աւելի շահեկանօրէն, կը ձգտի յստակ տպաւորութիւններ բանաձեւել գործի կամ երեւոյթի մասին ե՛ւ առթիւ, ապա եւ ընդգծել ներկայի հետ կապեր, այժմէութի՛ւն մը: Իր մատնանշումներուն իբր պարզ հիմնաւորում գործածելով բովանդակութեան նուիրուած համառօտ անդրադարձ մը:

Հապուսի (ներկայիս Իքիզտեմիր), Խարբերդի դաշտ։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Յակոբ Կարոյեան, Մալխաս Գասապեան, Էսթեր Կարոյեան (հետագային Յակոբեան), Մարթա Կարոյեան, Սուլթան Կարոյեան (Մալխասի կինը), ճիշդ առջեւը կանգնած տղան՝ Կարապետ Կարոյեան։ Նստած, ձախէն աջ՝ Թրվանտա Կարոյեան, Գարեգին Կարոյեան (Մալխասի հայրը), Մարիամ Կարոյեան (Գարեգինի կինը եւ Մալխասի մայրը), Արամ Կարոյեան (Գարեգինի եւ Մարիամի միջեւ կանգնած փոքրիկը)։ Մարթա, Կարապետ եւ Արամ զաւակներն են Մալխասի եւ Սուլթանի (Աղբիւր՝ Վերա Աւետիսեան-Կարապետեանի հաւաքածոյ, Նիւ Համշայր - New Hampshire)

ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԸ՝ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ

Հատորի նախաբանին՝ ստորագրուած Վ. Թաշճեանէ, կը հետեւին երեք պատկերաշարքեր եւ հինգ ուսումնասիրութիւններ՝ փոխնիփոխ, կուռ եւ կոկիկ դասաւորում-կառոյցով: Ուսումնասիրութիւնները, մօտեցումի այլազանութեամբ՝ ըստ կրթանքի, կրնան յաջորդաբար բնորոշուիլ իբր ազգագրա-ընկերաբանական («Ինչո՞ւ սպաննուեցաւ Փաստրմաճեան Խաչատուր էֆէնտին»՝ Եաշար Թոլկա Ճորայի գրիչէն), պատմա-քաղաքական («Բանտարկեալ համայնքներ. Օսմանեան կայսրութեան վերջին ժամանակաշրջանի պատժական Քաղաքականութիւնը»՝ Նանոր Քեպրանեանէ), մշակութա-պատմագրական («Արծուի Վասպուրական» եւ հայրենիքի գաղափարի հոլովոյթը՝ անցեալի յիշողութեան մէջէն»՝ Ծովինար Տէրտէրեանէ), եւ մշակութա-մատենագիտական («Վերստեղծում հայ գեղջկական կեանքի՝ Մանուկ Ծերոնի եւ Ալեւորի յուշամատեան-գործերը»՝ Վահէ Թաշճեանէ): Հինգերորդ նիւթը մատենագիտական սպառիչ ցուցակ մըն է յուշագիրքերու (յաճախ նախաձեռնութիւն հայրենակցական միութիւններու), Միհրան Մինասեանի հեղինակութեամբ, աշխարհագրական դասաւորումով ներկայացուած շրջան առ շրջան:

Հատորի երեք պատկերաշարքերը անջատ են ու անկախ՝ յօդուած-ուսումնասիրութիւններու առնչուող եւ անոնց բնագրին մէջ տեղադրուած պատկերազարդումէն, ըլլալով հանդերձ անոնց պէս՝ տէր հիանալիօրէն մշակուած որակի: Խմբուած երեք թեմաներու շուրջ, իրենց կարգին՝ բազմակրթանք այլազանութիւն մը ցուցաբերող, անոնք յաջորդաբար խորագրուած են Ընտանիք, Արհեստներ եւ Կրթական կեանք (դպրոցներ):

Հատորի մուտքին՝ կ՚արժէ դեռ նշել Հայկազեան համալսարանի նախագահին խօսքը, ապա՝ յիշատակումը երկոտասնեակ մը մեկենասներու, որոնց օժանդակութիւնը, միացած նիւթի հաւաքման թափին եւ հաւաքողներու խանդին, թոյլ կու տայ հիմնարկի տնօրէնին՝ յայտարարել տպաւորիչ առաջադրանքը՝ ներկայանալու նոր հատորով մը ամէն տարի: Հարցազրոյցէ մը կ՚իմանանք, որ երկրորդ եւ երրորդ հատորները արդէն պատրաստման ընթացքի մէջ են:

1) Աթթարեան ընտանիքը։ Կեդրոնը, ոտքի, ետեւի շարքին՝ Աբրահամ Աթթարեան։ Կը սպաննուի 1915-ին (Աղբիւր՝ անձնական հաւաքածոյ, Պերլին)
2) Հայ ընտանիք մը հաւանաբար Դատեմ/Դատըմէն (Խարբերդի դաշտ) (Աղբիւր՝ Ճենիֆըր Ներսէսեանի հաւաքածոյ, Միացեալ Նահանգներ)

ԿՐԿՆԱԿ ԱՐԺԱՆԻՔ

Այս առաջադրանքը շնորհաւորելի է նախ անով՝ որ ներկայ երկը որակապէս կը տարբերի իր նմաններէն. անոնցմէ՝ որ վերջին երեսնամեակին, յատկապէս արեւմտեան ոստաններու մէջ, լոյս ընծայուած են մտաւորական-ակադեմական գործիչներու կամ հիմնարկներու նախաձեռնութեամբ, ընդմէջ ալպոմի, ուսումնասիրական մենագրութեան եւ մասնագիտական-հանրագիտական ցուցակի, երբեմն ըլլալով քիչ մը այդ բոլորը, յաճախ եւ դժուարանալով բնոյթ ընտրել այդ բոլորի մէջ ու միջեւ: Անոնք երբեմն, նոյնիսկ, լուսանկարներու պարզ տրցակներ են, պատահական խմբումներով, աւելին՝ դժբախտաբար իրենց պարփակած խմբագրումի «պատմագիտական» կցկտուր տարրերով մոլորեցուցիչ համբակութեան մը կնիքը կրող:

Նախընթաց այս բոլոր հրատարակութիւններուն մէջ, գիտական ու միանգամայն գեղարուեստական կնիքով օժտուած ուշագրաւ նմուշ մը կը հանդիսանար «Հայութիւնը՝ 1917էն 1939. Ապաստանարանի մը ի խնդիր» հատորը [3], որուն -ի դէպ- հեղինակային էական մասնակցութիւն կը բերէր արդէն նոյնինքն «Յուշամատեան»ի հիմնադիր-տնօրէնը: Եւ ուր արդէն կ՚երեւէին ներկայ հատորին բնորոշ գլխաւոր գիծերը:

Բայց հրատարակչական այս անվիճելի առաւելութեան վրայ, կ՚արժէ անմիջապէս աւելցնել հիմնականը՝ հատորի ընդհանուր ոճն ու բովանդակային շեշտադրումը, ինչ որ Վ. Թաշճեան արդէն կը շեշտէ իր «Նախաբան»ին մէջ: Անիկա կը պահպանէ «Յուշամատեան» ցանցկայքի սկզբունքները՝ բազմակրթանք մօտեցում, այլազանութիւն՝ ինչպիսին էր օսմանեան կայսրութեան փաստացի նկարագիրը՝ բազմալեզու եւ բազմամշակոյթ. շեշտում հայալեզու սկզբնաղբիւրներու արժէքին եւ անշրջանցելի կարեւորութեան հետազօտական աշխատանքներու մէջ, կարեւորութիւն՝ որ փաստուած է ու կիրարկուած՝ հատորի ուսումնասիրութիւններուն իսկ կողմէ: Ապա՝ «օսմանեան» հայութեան անանջատելիութիւնը պետութեան ընկերա-տնտեսական ընդհանրութենէն. փաստ՝ առանց որու լուրջ նկատառումին կարելի չէ ընդհանրութեան հետազօտումը: Այս սկզբունքներու խտագոյն մէկ տարազումը արդէն կը գտնէինք ցանցկայքի Ներածութեան մէջ, որմէ հոս կողքին՝ անջատ շրջանակի մէջ՝ կ՚արտատպեմ առաջին հատուած մը:

Հրատարակութեան նպատակը, ինչպէս արդէն՝ ցանցկայքինը, կը մնայ քննարկումն ու ընկալումը «օսմանեան» հայութեան առօրեայ կեանքին՝ ամբողջական մօտեցումով մը (եւ ոչ միայն՝ «անոր մթին ու ողբերգական դրուագներուն մէջէն»): Որովհետեւ այսօր մենք կը մնանք անտեղեակ իրական այդ անցեալ կեանքին շատ երեսներէն, եւ հայկակա՛ն իսկ աղբիւրներու գիտական հետազօտութիւն մը անհրաժեշտ է՝ լուսաբանելու համար այնքան այլազան դիմագիծը «անծանօթ» այս հայութեան:

Ծածկուած, մեզի իսկ քիչ ծանօթ երէկի այս հայութեան ոգեկոչումին, ու ոգեկոչումէն աւելի՝ շօշափելի ճանաչումին համար, ինչպէս ցանցկայքը, նոյնպէս եւ հրատարակութիւնը, կը գործածեն նախ՝ տեսանելի ու տեսողական նիւթեր - լուսանկար, գծանկար, քարտէս, իբր յենակէտեր յիշողութեան փոխանցումի:

Հալէպ, ca 1918. Հաճի Յարութիւն (Արթին) աղա եւ Էլիզա Թորոսեաններու ընտանիքը (Պիրէճիքէն)։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Յակոբ («Ճանէ»), Միհրան, Խաչիկ, Տիգրան։ Նստած, ձախէն աջ՝ Ռոզա, Էլիզա, Ազատուհի (մօրը գիրկը նստած), Յարութիւն, Մարիամ։ Բարձին վրայ նստած աղջնակը՝ Հռիփսիմէ։ Փոքրիկ Ազատուհին Յարութիւն եւ Էլիզա ամոլին առաջին զաւակն է։ Էլիզան (ծն. Գալեմքէրեան), Այնթապէն է, Յարութիւնին կը հանդիպի Հալէպի մէջ՝ տարագրութեան տարիներուն (1915-1918)։ Լուսանկարին վրայ երեւցող միւս անձերը ծնունդ են Յարութիւնի առաջին կնոջ՝ Օսաննայի, որ կը մահանայ 1910-ին (Աղբիւր՝ Նանի Թնճուկեանի հաւաքածոյ, Սան Ֆրանսիսքօ)

ԳԻՏԱԿԱՆ ՓԱՍՏԱՑԻՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԳՈՐԾՕՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ՝ ԼԾԱԿԻՑ

Պատկերաշարքերը յատուկ խտութեամբ կը զգացնեն այս փոյթը՝ թանձրացական, իրական վերստեղծումի մը: Այսպէս, առաջին «Ընտանիք» շարքի ներածական էջը, նշելէ ետք յուշա-լուսանկարներու շատ հասարակ նորոյթը, 20րդ դարու սկիզբին թափանցած ու տարածուած մինչեւ կայսրութեան գաւառ-անկիւնները, կը շեշտէ մեծ մասամբ ելեկտրոնային ճամբով երկրագունդի զանազան անկիւններէ՝ յաճախ ընտանեկան արխիւներէ Հիմնարկին հասած «սովորական» այս փաստաթուղթերու անսովոր ճակատագիրը, որ զիրենք անհետ ջնջումի սահմանուած աշխարհի մը նշխարները պիտի դարձնէր: Իրաւամբ նշելով՝ «Իւրաքանչիւր լուսանկար ցոլացում մըն է եւ աւանդ՝ ընտանիքի մը ջնջուած կեանքէն. միանգամայն ըլլալով նմուշ մը՝ քաղուած օսմանեան հայութեան վիճակած հաւաքական ճակատագրէն - Կեանք եւ Եղեռն» [4]: Ազգային-համայնքային բազմադարեան կեանքի մը պայմաններուն ու առօրեային այս ուսումնասիրութիւնը, որ այսպէս կու գայ լուսարձակի տակ, եւ՝ հարստացնելով պատմա-ընկերա-մշակութաբանական կրթանքներու աղբիւրագիտութիւնը՝ միանգամայն կ՚արթնցնէ, կը զգայաբերէ մեր կիսախափանեալ յիշողութիւնը,- իր կարգին լաւագոյնս հիմնաւորուած է՝ ցանցկայքի Ներածութենէն հոս կողքին արտատպուած երկրորդ անջատ հատուածին մէջ:

Թանձրացական վերստեղծումի այս փոյթին մասին կը վկայեն մէջբերումներ գրական գործերէ, որոնք իրենց թեմայով սերտօրէն կ՚առնչուին իրական յիշողութեան եւ յիշատակներու նշխարային, ոգեկոչական արժէքին. այսպէս է որ կը մէջբերուի Գրիգոր Պըլտեանի «Սեմեր»ը, կամ Նորայր Ադալեանի «Կապոյտ Երզնկա»ն: Ու առաջին պատկերաշարը ներածող այս էջը կը փակուի այսպիսի հաստատումով մը, որ «Յուշամատեան» հիմնարկ-ցանցկայքին ե՛ւ ներկայ հատորին պատգամն իսկ է.- «Յիշել եւ վերստեղծել մեր անցեալ կեանքերը, հիմնուած՝ այս յիշատակներուն վրայ, ու չմոռնալ երբե՛ք Եղեռնը»:

Անցեալի մը նշխարներու ապրուած այս ներկայացումը միանգամայն գիտականօրէն փաստացի է: Այսինքն՝ ի տարբերութիւն այլ նմանօրինակ հրատարակութիւններու մօտեցման, առաւելագոյնս կը պահպանէ եւ կը ցուցահանէ ներկայացուած մշակութային թէ առտնին իրերու, փաստաթուղթերու եւ լուսանկարներու ծագումը, անոնց ինքնութիւններու յղումը: Բայց փաստագրական-գիտական այս հիմնաւորումը՝ է՛ միանգամայն զգայարանական-զգացական, բնա՛ւ պայմանադրական, «յուշատօնային» ձեւական յիշողութիւն, բնա՛ւ այն՝ որ ծպտումն է միայն մոռացումին, զմռսումը, մոմիացումը իրականութեան մը՝ Երկիրի՛ իրականութեան: Որու անունով կ՚արտայայտուինք անդադրում խօսքով, որ սակայն դադրած է մերը ըլլալէ իբրեւ ապրող ներկայութիւն: «Յուշամատեան» հիմնարկի հատորը ողջունելի է յատկապէս «գործօ՛ն» յիշողութեան, վերակենդանացնո՛ղ յիշողութեան իր այս բնոյթին համար:

Հատորը, ինչպէս՝ ցանցկայքը ինք, յայտնօրէն կը դրսեւորէ ամբողջական տեսիլք մը, որ եթէ նաեւ գիտաբանական եւ հրատարակչական-գեղարուեստական է, հատորին վերաբերող, բայց սկզբնապէս մանկավարժական է մանաւանդ՝ այս բառի լայնագոյն առումով. տեսիլք՝ որուն քիչ կարիք չունինք իբր հաւաքականութիւն, եւ -ի դէպ- իբր կրթական համակարգ ու վարժարաններ...: Խմբագիր-տնօրէնին իսկ բառերով՝ «հայագիտութիւնը պէտք է դարձնել մատչելի եւ հաղորդական այսօրուան սերունդներուն... Հայոց պատմութեան դասապահը, հայկական թանգարանը, հայկական պատմութեան վերաբերող ամէն ձեռնարկ [պէտք է] փորձենք գրաւիչ դարձնել... Չկրկնել սխալները, որոնց պատճառով այս բոլորը դարձած են հնամաշութեան եւ ձանձրոյթի հոմանիշներ: ... Նաեւ ստեղծագործ ըլլալ: Պատմագէտը պէտք է գիտնայ աշխատիլ արուեստագէտին հետ, ... գրաւչութիւն եւ յաւելեալ հետաքրքրութիւն ստեղծել պատմական նիւթին նկատմամբ» [5]:

Հիւսէնիկ. հայ ընտանիք մը ռոճիկի (շարոց) եւ պաստեղի պատրաստութեան ատեն։ Լուսանկարիչ՝ Ասքանազ Սուրսուրեան (Աղբիւր՝ Մարտիրոս Տէրանեանի հաւաքածոյ, NAASR, Պելմոնթ, Միացեալ Նահանգներ)

*****

Գիտական-հրատարակչական որակի եւ «գործօն» յիշողութեան կրկնակ առաւելութիւններով օժտուած այսպիսի երկի մը առջեւ, միանգամայն՝ ամբողջական տեսիլքի մը դրսեւորում, կ՚արժէ կանգ առնել այսօր, մինչ ցեղասպանական հոգեխոցումէն դար մը անց, այսօր, սփիւռքեան մեր «յուշատօնային», ձեւական յիշողութիւնը, մեր վերացական հայրենասիրութիւնը դրուած են մարտահրաւէրի առաջ. մինչ Արեւմտահայաստանի տարածքին թաղուած, ջարդուփշուր, այլափոխեալ հայութիւն մը կու տայ նախանշանները վերածնունդի մը, բնիկ Երկիրին տիրութիւն ընելու տրամադրութիւններու:

Որովհետեւ «Յուշամատեան» հիմնարկը կը մասնակցի մարտահրաւէրին՝ իր ցանցկայքով եւ ներկայ հրատարակութեամբ. եւ կը մասնակցի՝ արթնացմա՛ն գործօններու շարքին: Ըլլալով հանդերձ ծլած՝ յիշազրկեալ արեւմտահայ այդ Սփիւռքէն, անիկա կը ծառանայ յիշազրկումին դէմ: Ատով իսկ՝ անիկա թանկագին է մեզի համար ու կրկնակի, եռակի՛ ողջունելի:

Սամսոն, 1912։ Հայկական վարժարանին աշակերտուհիներն ու ուսուցչուհիները։ Պատկերին մէջ ծանօթ է միայն մէկ անձի ինքնութիւնը։ Գետին նստած, աջին՝ Եուլիան Սարգիսեան (Աղբիւր՝ Նորայր Տատուրեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)

******


[1] Անգլերէնի կողքին, հայերէնի, բայց եւ երկրո՛րդ եւրոպական լեզուի մը օժանդակ ներկայութիւններ, նոյնիսկ շատ սահմանափակ, փափաքելիէն անդին՝ կարեւոր կը թուին ինծի այսպիսի հատորի մէջ, անգլերէնի «ամբողջատիրական» նստուածքը չափաւորելու համար:
Ցանցկայքի պարագային, այդ հարցը հիմնականօրէն լուծուած է՝ հայալեզու ամբողջական տարբերակի գոյութեան շնորհիւ: Հրատարակութեան մէջ՝ խօսքը լրացուցիչ ներկայութեան մը մասին է, որուն նպատակայարմար ձեւը կրնայ սահմանուիլ խմբագրութեան կողմէ: Բայց հոս կ՚արժէր շեշտել սկզբունքը կամ մտահոգութիւնը...

[2] Ինչպէս՝ «Ազդակ»ի (Պէյրութ) մէջ՝ հատորի շնորհանդէսին (15 մայիս) առթիւ, ապա՝ «Արարատ»ի (Պէյրութ) եւ Պոլիսի «Ակօս»ին մէջ, երկուքն ալ՝ հարցազրոյց Վ. Թաշճեանի հետ (յաջորդաբար 27 մարտի եւ 7 մարտի թիւեր, երկրորդը՝ տուեալ թերթի թրքալեզու բաժին):

[3] «Les Arméniens 1917-1939 - La Quête d՚un Refuge» («Հայութիւնը՝ 1917էն 1939. Ապաստանարանի մը ի խնդիր»), Ռեմոն Գէորգեան, Լեւոն Նորտիկեան, Վահէ Թաշճեան, հրատ. Սէն-Ժոզէֆ համալսարանի, Պէյրութ, 2006 (ա. տիպ):

[4] Հատորի խմբագիրը, իբր ցեղասպանական Ոճիրին՝ մեծ Եղեռնին բնորոշիչ եզր, անգլերէնի մէջ գործածած է «Catastrophe»ը: Եւրոպական լեզուներու պարագային, ինչպէս հոս անգլերէնի, այս մէկը գործածութեամբ նուիրագործուած՝ երբեմն կրնայ հարկադրական թուիլ: «Յուշամատեան»ի հայալեզու կայքին մէջ, այդ «Catastrophe»ին իբր համապատասխան՝ գործածուած է Մեծ Եղեռնը, կամ՝ ի հարկին՝ Ցեղասպանութիւնը: Հոս կ՚արժէ նշել, որ արեւմտեան աշխարհի մեր ակադեմական-մտաւորական գրիչները միշտ չէ որ կը ցուցաբերեն եզրաբանական այս զգաստութիւնը: Շատեր հայերէնի մէջ, մինչեւ ծայրը հաւատարիմ այդ Catastrophe-ին եւ եբրա-քրիստոնէական լեզուա-մտածողական ոճէ համատարածօրէն թելադրուած ընտրանքի մը, ամենայն խղճի մտօք՝ կը գործածեն ու կը նուիրագործեն... «Աղէտ»ը:

Արդ՝ 1915ի Մեծ Եղեռնը կամ Ցեղասպանութիւնը «Աղէտ» բնորոշելը պարզ մեղմասութիւն չէ. իմաստաբանական ծանրակշիռ սայթաքում է, որ Արարքը պատմա-քաղաքական Ոճիրէն՝ կը զեղչէ-կը վերածէ բնազանցական-աստուածաբանական յղացքի, կամ ուղղակի բնական պատուհասի, ինչպէս՝ ողողումը, երկրաշարժը...: Առնուազն՝ զայն կը դարձնէ երկիմաստութեան կասկածելի խաղի մը զոհը:

(Կը յիշեմ հոս՝ Թուրքիոյ տարածքին, 1895-96ի կոտորածներուն համար, յետագայ տարիներուն գործածուած «Դէպք», «Մեծ Դէպք» մեղմասութիւնները, արտաքին-քաղաքական թէ ներքին-հոգեբանական գրաքննութիւններու ճնշումին տակ : Տակաւին հո՞ն ենք. ու ո՞ր գրաքննութեան ենթակայ՝ հիմա...)

Չմոռնա՛նք. Մեծ Եղեռնի վկայ ու անոր մատենագիտութեան ռահվիրայ պատմաբան Արամ Անտոնեան փաստաթուղթերու իր հատորը ֆրանսերէնով տիտղոսած էր «Le Grand Crime», բառացիօրէն արդէն՝ «Մեծ Եղեռնը», եւ ոչ՝ ինչ-որ «Catastrophe», ինչ-որ «Աղէտ»... :

Եզրակացութիւն՝ Ցեղասպանութիւնը պէտք է բնորոշել իբր Եղեռն՝ Ոճի՛ր, ոչ՝ իբր Աղէտ, Catastrophe, թէկուզ գլխագրուած: Պահելու համար արարքին քաղաքական ու քրէական ողջ տարողութիւնը: Ասոր համար է որ՝ ինչպէս ըրած եմ տուեալ նախադասութեան մէջ, եւ ինչպէս կ՚ընէ ,Յուշամատեանե ցանցկայքը, խնդրոյ առարկայ համագրութեան մէջ, եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու պարագային (հայկական, հրէական թէ այլ ցեղասպանութիւններ...), Catastrophe-ը պէտք է թարգմանել Եղեռն, միա՛յն Եղեռն:

[5] Հարցազրոյց, «Արարատ» (Պէյրութ), 27 մարտ 2014:

Հիւսէնիկ, 1911։ Գիւղին աղջիկներուն կողմէ թատերական ներկայացում՝ Ս. Վառվառ եկեղեցւոյ կից գտնուող վարժարանին բեմին վրայ։ Կը ներկայացուի «Սանդուխտ կոյսը» թատերախաղը։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Ոսկեթել Տարագճեան, Լուսնթագ Ահարոնեան, Թերվիզ Ճանիկեան, Գոհար Ախիճանեան, Ճուհար Սրապեան։ Նստած ձախէն աջ՝ Թորոս Թաշճեան (բեմադրիչի օգնական), Սաթենիկ Տէրանեան, Սեմա Նաճարեան, Սառա Մաղաքեան, Աննա Տէրանեան, Սաթենիկ Մազմանեան, Էլմաս Մազմանեան, Արամ Խաչեան/Սրապեան (բեմադրիչ)։ Գետին նստած, ձախէն աջ՝ Սաթենիկ Թաշճեան, Արաքսի Մալխասեան։ Անուններու ներկայացուած շարքին մէջ կարելի է սխալներ գտնուին (Աղբիւր՝ Մարտիրոս Տէրանեանի արխիւներ, NAASR, Պելմոնթ, Մասաչուսէց)