Պատկերային նիւթերու վրայ վերաշխատանքը

Օսմանեան ժամանակաշրջանին վերաբերող հին պատկերներու (բացիկ, լուսանկար, փորագրատիպ) հաւաքումը կարեւոր բաժին մըն է Յուշամատեանի առօրեայ աշխատանքներուն մէջ։ Այսպիսի պատկերներ վկաներն են անցեալ ամբողջ ժամանակաշրջանի մը, եւ այս առումով ալ կը հանդիսանան կարեւոր միջոց մը օսմանեան հայերու յիշողութիւնն ու առօրեայ կեանքը վերականգնելու մեր ճիգերուն մէջ։

Պատկերային մեր նիւթերը կարելի է բաժնել երկու հիմնական խումբերու.-

ա.- բնատիպ բացիկներ եւ լուսանկարներ
բ.- տպագիր լուսանկարներ, փորագրատիպեր, գծագիր պատկերներ

Առաջին խումբին պատկանող նիւթերը գտնելու համար հետազօտութիւններ կը կատարենք զանազան արխիւներու մէջ՝ սեփական, պետական, կազմակերպութիւններու, հիմնարկութիւններու, եւայլն։ Յուշամատեանի բարեկամները յաճախ իրենք եւս այսպիսի պատկերներու օրինակներ կ՝ուղարկեն մեր հասցէին։

Երկրորդ խումբին նիւթերը աւելի շատ գտանելի են տպագիր գիրքերու մէջ (հայերէն յուշամատեաններ, մեզ հետաքրքրող ժամանակներու մամուլ եւ այլազան պարբերաթերթեր, արեւմուտքցի ճամբորդներու գրականութիւն, եւայլն)։

Պատկերային նիւթերուն հաւաքումը աշխատանքին միայն առաջին հանգրուանն է։ Փաստօրէն այս պատկերներէն շատեր դժբախտաբար բարձր որակի նիւթեր չեն։ Ժամանակի ընթացքին կորսնցուցած են իրենց փայլքը կամ անորակ տպագրութիւններու արտադրութիւններ են։ Այս պատճառով ալ, սովորական պայմաններու մէջ հաւանաբար մենք եւս այս նիւթերը զանց առնէինք եւ չզետեղէինք մեր կայքէջին մէջ։ Բայց իրականութիւնը այն է, որ անոնք միաժամանակ հազուագիւտ վկայութիւններ են ամբողջ ժամանակաշրջանի մը վերաբերող։ Այս հանգամանքը Յուշամատեանի խմբագրական կազմը վերաշխատանքի մղած է մեր էջերուն մէջ ներկայացուող պատկերներէն մեծամասնութեան վրայ՝ անոնց գոյները բարելաւելու, լուսաւորման նոր ու աւելի բարձր որակ տալու եւ մերօրեայ տեսողական այս դարու բարձր պահանջներուն համապատասխան մակարդակ շնորհելու նպատակով։

Այստեղ կը ներկայացնենք քանի մը նմուշներ՝ վերաորակաւորման եւ վերականգման մեր աշխատանքներէն։

Օրինակ թիւ 1

Բամպակը իր հունտերէն զատող գործիք մըն է ճըրճըռը, որ կը գործածուէր երկրագործական կեանքին մէջ։ Խորփոլողը (խուլինճակ, խուլունճիկ) Մեծ պահքի ամբողջ տեւողութեան Բալուի տուներուն մէջ առաստաղին ճիշդ կեդրոնէն կախուած զարդ մըն է։ Յարութիւն քհնյ. Սարգիսեան (Ալեւոր) իր հիանալի մենագրութեան մէջ ոչ միայն թեքսթային մանրամասնութիւններ կու տայ ճըրճըռին եւ խորփոլողին մասին, այլ նաեւ ան գծագրած է զանոնք։ Այս ձեւով մեզի կը շնորհէ հազուագիւտ առիթ մը անցեալի ժառանգութեան վերաբերող արհեստ մը եւ անոր գործիքը, ինչպէս նաեւ աւանդական զարդ մը թէ՛ թեքսթային եւ թէ տեսողական-պատկերային առումներով վերականգնելու։

Օրինակ թիւ 2

Յուշամատեանի խմբագրութիւնը՝ արուեստի պատասխանատու Սիլվինա Տէր Մկրտիչեանի ճիգերով ու անոր ցուցմունքներով փորձեց նոր որակ տալ այս գործիքին՝ զայն դարձնելով աւելի կենդանի ու հաղորդական։ Այս երկու վերաշխատցուած գծագրութիւնները գործն են Խուան Մանուէլ Մորենոյի (Արուեստի պատասխանատուի օժանդակ)

Օրինակ թիւ 3

Սոյն լուսանկարը առնուած է գերմանացի ճամբորդ՝ Ֆերտինանտ Պրոքեսի գիրքէն [2]։ Հեղինակը, ինչպէս սովորութիւն էր արեւմուտքցի ճամբորդներուն մօտ, կը փորձէ մէկ նկարի մէջ մեկտեղել նոյն քաղաքին պատկանող ցեղային զանազան տիպարներ։ Այստեղ ներկայացուող նկարը առնուած է Մերսինի մէջ եւ մեզ համար դարձեալ ժամանակագրական կարեւոր վկայութիւն մըն է։ Ահաւասիկ սքան մեքենայի միջոցաւ Պրոքեսին գիրքէն առնուած նկարին առաջին վերարտադրութիւնը.

Նկարին որակը մեզ համար անբաւարար էր, ինչ որ կը նշանակէր, որ պէտք էր համակարգչային գործիքներով վերստին անոր վրայ աշխատիլ։ Ահաւասիկ արդիւնքը.

Օրինակ թիւ 4

Սոյն լուսանկարը կը պատկանի Նուպարեան գրադարանի հաւաքածոյին (Փարիզ)։ Կը ներկայացնէ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան մէկ հանդիսութիւնը՝ Սամսոնի մէջ, 1913 թուականին։ Յուշամատեանի խմբագրութեան մօտ կայ սոյն բնատիպ լուսանկարին սքանաւորուած տարբերակը, զոր կը վերարտադրենք ստորեւ.

Օրինակ թիւ 5

Այստեղ կ՝երեւի սեբաստացի հայ նորահարս մը իր աւանդական տարազով։ Նկարը ժամանակին տպուած է Երեւան, 1967 թուականին [3]։ Սովետական հրատարակութիւն մըն է եւ բազմաթիւ այս տիպի այլ հրատարակութիւններու նման այս մէկն ալ անորակ տպագրութիւն է՝ անորակ թուղթի վրայ.

Յուշամատեանի խումբը այս պարագային եւս փորձեց նոր որակ տալ գծագիր այս պատկերին։ Փոխանակ նկարին գոյները կարգաւորելու, այստեղ փորձ եղաւ զայն յարմարցնել մեր կայքէջին էջերուն մէջ յաճախ գործածուող ոճի մը, որ կը կայանայ զանազան բառեր կամ նկարներ ծակատումներով կամ կէտերով ներկայացնելուն մէջ։ Ուրեմն այս կէտերը ծակատումներ են, որոնք կը կատարուին պատկերին կամ բառին ընդհանուր գիծերուն վրայ։ Սոյն ոճը օրինակի համար նկատելի է կայքէջի առաջին էջի ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆ անունին ներկայացման ձեւին մէջ։ փոսիկները կամ ծակատումները կարելի է առնչել անցեալի յիշողութեան, մոռացումին, անհետացումին, բացակայութեան. մէկ խօսքով թեմաներ որոնք ուղղակի կապ ունին մեր ընդհանուր ծրագիրին հետ։

  • [1] Յարութիւն քհնյ. Սարգիսեան (Ալեւոր), Բալու. իր սովորոյթները, կրթական ու իմացական վիճակը եւ բարբառը, տպ. Սահակ-Մեսրոպ, Գահիրէ, 1932։
  • [2] Ferdinand Brockes, Quer durch Klein-Asien, Gütersloh, 1900.
  • [3] Առաքել Պատրիկ, Հայկական տարազ, հնագույն ժամանակներից մինչեւ մեր օրերը, Երեւան, 1967։