Ինչո՞ւ Յուշամատեանը։

Առաջին հերթին պատմագիտական դժուարութիւններ են, զորս մեզի մտածել տուած են ստեղծելու այսպիսի ընդարձակ բովանդակութեամբ ու ծաւալով կայքէջ մը։ Այսպէս, օսմանագիտութեան մէջ շատ յաճախ գիտաշխատողներ դէմ յանդիման կը գտնուին աղբիւրներու օգտագործման լուրջ դժուարութիւններու առջեւ։ Ասոր բուն պատճառը նախ եւ առաջ Օսմանեան կայսրութեան բազմաէթնիք բնոյթն է, ուր բաղկացուցիչ ժողովուրդներ օգտագործած են մէկէ աւելի լեզուներ (օսմաներէն-թրքերէն, արաբերէն, հայերէն, յունարէն, պուլկարերէն, լատինօ, եւայլն)։ Այս կը նշանակէ անշուշտ, որ օսմանեան պատմութեան վերաբերող նիւթերը նոյնպէս բազմալեզու են ու անոնց ուսումնասիրութիւնը կը պահանջէ բազմակրթանք աշխատանք։ Իսկ զանազան թեմաներու հետազօտման ընթացքին երբ կ՝անտեսուին այս կամ այն ժողովուրդին օգտագործած լեզուն եւ այս ճամբով նաեւ երբեմն շատ հարուստ աղբիւրագիտութիւն մը, այն ատեն պարզ է որ տուեալ ուսումնասիրութիւնը պակասաւոր կ՝ըլլայ ու չի կրնար գիտական պահանջքներուն լաւապէս գոհացում տալ։

 Այս իմաստով հայկական աղբիւրագիտութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր օսմանագիտութեան պակասաւոր օղակը հանդիսացած է։ Գոյութիւն ունին գիտական բնոյթի բազմաթիւ գիրքեր ու յօդուածներ, որոնք երբեմն ուղղակի օսմանեան հայերուն կը վերաբերին, բայց եւ այնպէս անոնք մեծաւ մասամբ հիմնուած են օսմաներէն-թրքերէնով գրուած նիւթերու վրայ։ Այս բնոյթի աշխատանքներ այնքան յաճախակի են, որ ժամանակի ընթացքին օսմանագիտութեան մէջ հայկական աղբիւրներուն անտեսումը սովորական եւ մինչեւ իսկ «ընդունելի» երեւոյթի մը վերածած են։ Հետեւանքը այն կ՝ըլլայ որ գիտական աշխատանքներու մէջ հայը կը ներկայացուի լոկ օսմանեան պետական արխիւներու հայթայթած տեղեկութիւններուն եւ որակումներուն ընդմէջէն։ Բան մը որ պակասաւոր է եւ՝ ըստ ամենայնի անհանդուրժելի։

Արդարեւ կը պակսի հայ տարրին հայեացքը իր իսկ հարցերուն վրայ, իր իսկ առօրեայ կեանքին վրայ։ Այս առումով հայատառ նիւթերը բազմազան են ու մեծապէս հարուստ։ Անոնք մեզ կ՝առաջնորդեն օսմանեան նոր աշխարհ մը, որուն զանազան երեսներուն հետքն անգամ անգտանելի է ոչ-հայատառ աղբիւրներու մէջ։ Անոնք մեզ կը նկարագրեն գաւառային կեանքի այնպիսի պատկերներ, որոնք շատ յաճախ նորութիւններ են օսմանագիտութեան մէջ։ Այս իմաստով ալ, մեր նպատակն է նոր արժէք մը տալ օսմանեան հայերուն վերաբերող հայատառ նիւթերուն ու զանոնք մատչելի դարձնել ոչ-հայախօս հասարակութեան։ Այս բոլորը կը կարծենք որ բնական անհրաժեշտութիւն մըն է օսմանագիտութեան համար։ Արդ, Յուշամատեան կայքէջին ճամբով մենք կը ձգտինք ներկայացնել օսմանեան հայերու կեանքը՝ հիմնուած հայատառ աղբիւրներու վրայ։ Համոզուած ենք որ մեր այս նախաձեռնութիւնը պիտի նպաստէ Օսմանեան պատմութիւնը բազմակրթանք ուսումնասիրութեան ենթարկելու ընդհանուր ճիգերուն։

Այստեղ արդէն առիթը ունեցանք շեշտելու օսմանեան հայերու պատմութեան մասին հայատառ աղբիւրներու ճոխութեանը վրայ։ Ասիկա սակայն անպայման չի նշանակեր, որ այս թեմաներով բազմահատոր լուրջ ուսումնասիրութիւններ գոյութիւն ունին հայերէնին տիրապետող գիտաշխատողներու կողմէ գրուած։ Խորքին մէջ, հայկական պատմագրութեան մէջ ընդհանուր հակում կայ օսմանեան հայերու պատմութիւնը զատողական մօտեցումով մը ուսումնասիրելու։ Ասիկա կը կարծենք որ ազդեցութիւնն է Ցեղասպանութեան, որուն յաջորդած ժամանակաշրջանին հայ տարրին կողմէ յատուկ ճիգ մը եղած է նուիրականացնելու խզումը մէկ կողմէ երբեմնի օսմանցի հայուն եւ միւս կողմէ օսմանեան-թրքական միջավայրին միջեւ։ Նոյն այս գործընթացէն ամնասն չէ մնացած նաեւ օսմանեան հայերու պատմագրութիւնը, որ վերա-գրուած է ժամանակի նոր տուեալներու ազդեցութեան տակ եւ որուն առանցքը այնուհետեւ սկսած է հանդիսանալ Մեծ Եղեռնը։ Կը կարծենք որ մինչեւ օրս ալ այս ազդեցութիւնը ի զօրու է։ Արդարեւ օսմանեան հայերու վերաբերող հայկական պատմագրութեան մէջ Ցեղասպանութեան առնչուող նիւթերը գերակշիռ ներկայութիւն մըն են։ Իսկ ամէն անգամ որ ճիգ մը ըլլայ դուրս գալու այս ոլորտէն եւ ուսումնասիրելու նախա-եղեռնեան օսմանեան հայկական ժամանակաշրջանը, այս պարագային ալ ընդհանուր հակում կայ ընտրելու դարձեալ աղետային թուականներ, ինչպէս օրինակ 1895-1896ին հայերու դէմ կատարուած կոտորածները կամ 1909ի Ատանայի ջարդերը։ Գոյութիւն ունի նաեւ այս երեւոյթին տրամագծօրէն հակառակ հակում մը, որ կը սահմանուի օսմանեան հայերու հերոսական դրուագները, օսմանեան պետութեան դէմ հայկական ապստամբութիւնները վերարժեւորելով ու զանոնք ուսումնասիրութեան առարկայ դարձնելով։

Բոլոր պարագաներուն ալ բացական դարձեալ օսմանեան հայերու ընկերային կեանքն է՝ տեղական մանրապատմութիւնները, առօրեան, ընկերային-տնտեսական միջավայրը, որոնք անմիջականօրէն առնչուած են օսմանեան ընկերային ընդհանուր քոնթեքսթին եւ կը կարծենք վերջին հաշուով կարեւոր բանալիներ են՝ հասկնալու համար բոլոր միւս դէպքերը։ Այլ խօսքով, հայագիտութեան մարզէն ներս նոյնպէս յատուկ ճիգ մը չէ եղած – բացառութիւնները անտարակոյս յարգելի են – գոյութիւն ունեցող հարուստ աղբիւրները օգտագործելով՝ օսմանեան հայկական կեանքի յիշողութիւնը վերականգնելու։ Փաստօրէն հետեւանքը եղած է այն որ հայագիտութիւնն ու օսմանագիտութիւնը փոխանակ դառնան զիրար ամբողջացնող ու հարստացնող ակադեմական կրթանքներ՝ երկար ժամանակէ ի վեր վերածուած են զիրար անտեսող մասնագիտութիւններու։

Յուշամատեանը այս իմաստով կը նպատակադրէ նաեւ ըլլալ այն միջոցը, որ հայերուն պիտի վերադարձնէ իրենց օսմանեան յիշողութիւնը։ Արդարեւ, Մեծ Եղեռնը, վերա-գրուած պատմագրութիւնը ու վերա-կառուցուած յիշողութիւնը երկար ատենէ ի վեր պատճառ եղած են որ շատ յաճախ յիշողական կապը խզուի մերօրեայ հայուն ու անոր օսմանցի հայ նախահայրերուն բնաշխարհին միջեւ։ Վերակերտել այս աշխարհը, հայաբնակ գիւղը կամ քաղաքը իրենց սովորութիւններով, առօրեայ կեանքով ու պատմութեամբ. այսպիսի աշխատանք մը կը կարծենք որ կրնայ նաեւ մերօրեայ հայուն շնորհել հարուստ ժառանգութիւն մը, որ անտարակոյս իրն է։

Այս ընդհանուր պատկերին մէջ գոյութիւն ունի նաեւ հայկական հրատարակութիւններու յատուկ ժանր մը, որ կը յատկանշուի իր ինքնատպութեամբ ու անմիջականօրէն առնչուած է մեր կայքէջին ընդհանուր նիւթին։ Ասոնք յուշամատեաններն են, որոնք ծանօթ են նաեւ հայրենակցական միութիւններու հրատարակութիւններ անուան տակ։ Յուշամատեան. բարդ բառ մըն է, որ բաղկացած է «յուշ» եւ «մատեան» - որ կրնայ նշանակել թէ՛ տոմար եւ թէ մագաղաթեայ գիրք- բառերու յարադրումով։ Կը կարծենք որ «մատեան» բառին գործածութիւնը այստեղ ունի յատուկ նշանակութիւն մը։ Այսպէս, սովորական պայմաններու մէջ աւելի նպատակայարմար պիտի ըլլար «մատեան»ի փոխարէն գործածել «գիրք»ը, այս ձեւով կազմելով «յուշագիրք» գործածական բառը։ Բայց յետ-եղեռնեան ժամանակներու այս հեղինակները աւելի պատշաճ գտած են իրենց գիրքերը ընդհանրապէս անունաել «յուշամատեան», որ նուազ ծանօթ եւ հաւանաբար նոյնիսկ այդ ժամանակներուն յօրինուած բառ մըն է։ Կ՝ենթադրենք որ «մատեան» բառը այս պարագային իր մէջ կը պարփակէ հեռաւոր կամ անհետ կորած ժամանակներու իմաստները։ Այս գիրքերը ուրեմն յետ-եղեռնեան արտադրութիւններ են։ Անոնց հեղինակները, բացարձակ մեծամասնութեամբ Օսմանեան կայսրութեան ծնունդներ, կը դառնան հայկական Սփիւռքի բաղկացուցիչ տարրերը եւ խորապէս գիտակից են որ իրենց համար այսուհետեւ անհնար է վերադառնալ հայրենի բնաշխարհ։ Այլ խօսքով հայրենի տան, գիւղին կամ քաղաքին կորուստը իրենց համար մշտական է։ Հետեւաբար, սոյն հեղինակները կը փորձեն վերընձիւղել իրենց սեփական բնակավայրին «հայկական» անցեալը։ Գիրը այստեղ կը դառնայ միջոց մը՝ անցեալ մը, անհետ կորած ժամանակ մը վերականգնելու ուղղութեամբ։ Նոյն այս հեղինակները համոզուած կը թուին ըլլալ, թէ իրենք վերջին վերապրողներն են հայ-օսմանեան այս ժամանակաշրջանէն, հետեւաբար վստահ են որ իրենց յաջորդող սերունդները անընդունակ պիտի ըլլան այս անցեալը իր ամբողջ հարազատութեամբ վերականգնելու։ Ուրեմն պէտք մը կը զգացուի անցեալի այս ժառանգութիւնը, այլ ժամանակներու այս քաղաքը կամ գիւղը գրութեամբ ու վկայութիւններով անմահացնելու։ Ահա թէ ինչու այս գիրքերուն վերնագիրներուն կամ նախաբաններուն մէջ, «Յուշամատեան»ին կողքին, կը հանդիպինք նաեւ «Յուշակոթող» կամ «Յուշարձան» բառերուն։ Այս փոխաբերութիւնները արտայայտիչ են։ Այսպէս, գիրքի մը հրատարակութիւնը կը վերածուի յուշաքարի մը զետեղման արարողութեան՝ այս պարագային  ի յիշատակ հանգուցեալ քաղաքի մը կամ անվերադարձ ժամանակի մը։ Բայց այս յուշարձան-գիրքը պարտի նաեւ յաւիտեան պահել անցած ժամանակներու կեանքը, կորսուած քաղաքին յիշատակը՝ իր պատմութեամբ, սովորութիւններով, ճարտարապետութեամբ, հերոսներով, փառքով, խոհանոցով, երգերով, բարբառով, եւայլն։ Այսօր, գոյութիւն ունին քանի մը հարիւր այս ժանրի գիրքեր։

Յուշամատեանները այս իմաստով ալ հիմնական սկզբնաղբիւրներ են՝ օսմանեան հայերու ապրած կեանքի յիշողութիւնը վերակերտելու հարցով։ Երբ կը քննենք այս գիրքերուն ընդհանուր կառուցուածքը եւ զանազան գլուխներուն խորագիրները, շատ յաճախ նկատելի կ՝ըլլայ որ անոնք իրենց կարգին ազդուած են յետ-եղեռնեան ժամանակաշրջանի հայկական ազգայնական գաղափարներէն։ Նոյնպէս նկատելի է որ այս գիրքերուն հեղինակներուն մօտ ակներեւ ձգտում մը կայ իրենց կորուսեալ քաղաքը կամ գիւղը իտէալականացնելու, զայն նկարագրելու իբրեւ երկրային դրախտ մը՝ անզուգական եւ անհաւասար։ Այլ տեղեր, անցեալ կեանքի մը կամ հարազատ ամբողջ աշխարհի մը կորուստը հեղինակները կը մղէ վշտալից ու թախծալից ոճի մը գործածութեան, որ փաստօրէն չափազանց կը ծանրացնէ սոյն թեքսթերուն ընթերցումը։ Այսպիսի թերութիւններ շատ են հայկական յուշամատեաններուն մէջ։ Բայց եւ այնպէս անոնք կը մնան լաւագոյն նմուշները երբեմնի հայաբնակ քաղաքի մը կամ գիւղի մը մանրապատմութեան՝ օսմանեան ընդհանուր միջավայրին մէջ։

Այս ժանրի գրականութեան կողքին գոյութիւն ունին նաեւ յատկապէս 19րդ դարու հայերէն թերթեր ու հանդէսներ՝ լոյս տեսած Պոլսոյ, Թիֆլիսի, Վենետիկի, Վիեննայի կամ այլ քաղաքներու մէջ, որոնք յաճախ լայն տեղ կու տան մեր կայքէջով արծարծուելիք թեմաներուն։ Կան նաեւ դարձեալ 19րդ կամ 20րդ դարու սկիզբին լոյս ընծայուած հայերէն մենաքրութիւններ, ճանապարհորդային նօթեր, յուշագրութիւններ, որոնք ուղղակի կ՝առնչուին մեր նիւթերուն։

 Պատահականութիւն չէ նաեւ որ մեր միութիւնն ու այս կայքէջը իրենց կարգին մկրտուած են Յուշամատեան անունով։ Խորքին մէջ մեր միութեան գործունէութիւնը նոյնպէս կը ձգտի համանման նպատակի մը, այսինքն հարուստ, բայց անտեսուած ու մոռցուած ժառանգութեան մը վերականգնումին։

Մեր կայքէջին պարագային, պիտի կեդրոնանանք երբեմնի այս հայաբնակ գիւղերուն ու քաղաքներուն օսմանեան ժամանակաշրջանին վերաբերող անցեալին վրայ՝ սկզբնական ժամանակներէն մինչեւ 1915 թուականը։ Այլ խօսքով Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւնը, որ թէեւ անքակտելի մասն է օսմանեան հայերու պատմութեան, ուղղակիօրէն մաս պիտի չկազմէ կայքէջին ընդգրկած թեմաներուն։ Արդարեւ, Առաջին Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին տեղի ունեցած օսմանեան հայերուն դէմ կատարուած ջարդերն ու տեղահանութիւնները կը ներկայացնեն ընդարձակ նիւթ մը եւ այս մասին արդէն իսկ գոյութիւն ունին գիտական հրատարակութիւններ։ Հետեւաբար, նպատակայարմար կը գտնենք մեր ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացնել նախա-եղեռնեան ժամանակահատուածին վրայ։ Հետագային, երբ մեր մարդուժային պայմանները թոյլ տան, կը ծրագրենք մեր կայքէջին էջերուն մէջ աւելցնել նոր թեմա մը, որ պիտի ըլլայ Ցեղասպանութեան վերապրողներուն նկարագրական վկայութիւնները իրենց հայրենի տան, գիւղին ու քաղաքին մասին։

Միւս կողմէ, երկու հիմնական պատճառներու բերումով՝ 19րդ դարը եւ 20րդ դարու սկիզբը պիտի հանդիսանան Յուշամատեանի հետազօտութիւններուն գլխաւոր ժամանակահատուածը։ Առաջին հերթին, սոյն ժամանակներէն գոյութիւն ունին հայերէն տպագիր մամուլ, գիրքեր ու հանդէսներ, որոնք, ինչպէս արդէն տեսանք, կ՝անդրադառնան մեր ուսումնասիրելիք թեմաներուն։ Երկրորդ, յետ-եղեռնեան ժամանակաշրջանին լոյս տեսած յուշամատեանները ընդհանրապէս հեղինակներուն անձնական վկայութիւններն են իրենց հայրենի բնաշխարհին մասին։ Բնական է ուրեմն որ 19րդ դարը եւ 20րդ դարու սկիզբը կը ներկայացնեն այս գիրքերուն մէջ տեղ գտած նիւթերուն գերակշիռ հատուածը։