Փայասի եւ Տէօրթեօլի ծովափնեայ տարածքը, ուր տեղի ունեցած է Մակեդոնիոյ Մեծն Աղեքսանտրին եւ Պարսկաստանի Դարեհ կայսրին միջեւ ճակատամարտը

Տէօրթեօլ

Միջերկրականեան ծովափին գտնուող Տէօրթեօլը օսմանեան շրջանին կը դառնայ նարինջի արտադրութեան կարեւոր կեդրոն մը։ Քաղաքին հայերը իրենց կարեւոր ներդրումը կ՚ունենան երկրագործական այս մարզի արագ զարգացումին մէջ։

Մեծամասնութեամբ հայաբնակ Տէրթեօլի մէջ հայերը ունէին համայնքային բեղուն կեանք մը, այստեղ հաստատուած էին համայնքային հաստատութիւններու (եկեղեցի, դպրոց) ամբողջ ցանց մը, իսկ տեղի հայերը ընդհանրապէս յայտնի էին իրենց բարեկեցիկ կանքով։

Դժբախտաբար սկզբնաղբիւրները կը պակսին այս վայրին հայկական պատմութեան մասին՝ օսմանեան ժամանակաշրջանին։ Գոյութիւն ունին տէօրթեօլցի հայերու վերջին սերունդին կողմէ գրուած կարգ մը գրքոյկներ, որոնք սակայն մանրամասն տեղեկութիւններ չեն փոխանցեր տեղական կեանքին մասին։ Բացառութիւն մըն է Մինաս Գոճայեանի հատորը, ուր համադրուած են Տէօրթեօլի հայկական անցեալին մասին զանազան հետաքրքրական դրուագներ։ Իսկ մեր այս գլուխին մէջ պիտի սկսինք առաջին անգամ ըլլալով օգտագործել բնիկ տէօրթեօլցի (հետագային Խորհրդային Հայաստան ներգաղթած) Սամուէլ Պօռանեանի յուշերուն եւ վկայութիւններուն մէջ տեղ գտած շահեկան տեղեկութիւնները։

Որքան տպագիր սկզբնաղբիւրները նոյնքան ալ հազուագիւտ են լուսանկարները հայկական ներկայութեան ժամանակաշրջանին Տէօրթեօլին վերաբերող։ Այս առիթով կոչ կ՚ուղղենք մեր ընթերցողներուն, աւելի ճիշդը անոնց որոնք իրենց տրամադրութեան տակ ունին այս քաղաքէն ընդհանուր պատկերներ, ընտանեկան լուսանկարներ՝ մեր հասցէին ուղարկել անոնցմէ կրկօրինակներ։