Տէօրթեօլի «Քէլէկեան» որբանոցը մօտաւորապէս 1913-ին (Աղբիւր՝ Նուպարեան գրադարան, Փարիզ)

Տէօրթեօլ - Դպրոցներ

Հեղինակ՝ Վերա Սահակեան, 25/08/2015 (վերջին փոփոխութիւն՝ 25/08/2015)

Կեդրոնական Վարժարան (Վերի Թաղ)

Ի սկզբանէ Տէօրթեօլի մէջ կրթութիւնը առաջ տարած են հոգեւոր հայրերը կամ արհեստաւորները, որոնք գրել-կարդալ կը սորվեցնէին տեղի աշակերտներուն: 19-րդ դարուն այս անձերէն կը յիշուին՝ Տէր Մինաս աւագ քահանայ Պոռանեան (իսկական մականունով՝ Քէշիշեան), Անտիոքէն Տէօրթեօլ հաստատուած Գլընճեան ընտանիքի հինգ եղաբայրներէն ամենամեծը եղող՝ միականի Յովհաննէս Վարժապետ («քէօր վարժապետ»), Միքայէլ Վարժապետ, Մանուկ Թէնքերեան, Պարսամ Ռուբինեան եւ ուրիշներ [1]:

1880-ական թուականներուն, կրթական կեանքի զարգացումը Տէօրթեօլի մէջ մեծաւ մասամբ կը կապուի Հայոց Միացեալ Ընկերութեան [2] գործունէութեան եւ յատկապէս քոյր ու եղբայր՝ Ժիրայր (Մարտիրոս) եւ Հայկանուշ Պօյաճեաններու կրթա-դաստիարակչական ձեռնարկներուն: Այս վերջինները կը համագործակցին այլ հաճընցիի մը՝ Տէր Վահան քահանայ Մանուկեանի (1844-1915) հետ, որ Ժիրայրի մեկնումէն ետք կը դառնայ Տէօրթեօլի մէջ բացուած դպրոցներու տնօրէնը [3]:

Տէօրթեօլի որբերը լուսանկարուած որբանոց-վարժարանի շէնքին առջեւ, 1919-էն 1921-ի միջեւ (Աղբիւր՝ Նուպարեան գրադարան, Փարիզ)

Տէօրթեօլի առաջին դպրոցը, որ Առաջնորդարանի շէնքին հետ միասին կառուցուած է Վերի թաղի եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, կը բացուի Պոլսոյ՝ Միացեալ Ընկերութեան նախաձեռնութեամբ։ Եկեղեցիին կամարաձեւ դրան դիմաց գտնուող ճերմակ շէնքը երկար տարիներ կը ծառայէ որպէս դպրոց։ Ուսումնական տեսանկիւնէն հաստատութիւնը ունեցած է կարգ մը թերութիւններ` գիրքերու եւ ուսուցիչներու պակասութիւն: Միացեալ Ընկերութիւնը կ՚ուղարկէ երկու ուսուցիչներ, որոնք կը ստանձնեն աշակերտներուն դաստիարակութիւնը՝ գործակցելով տեղացի քանի մը ուսուցիչներու հետ [4]։

Հնչակեան կուսակցութեան անդամ Ժիրայր Պօյաճեան իբրեւ ուսուցիչ եւ տնօրէն մեծ ներդրում ունեցած է այս վարժարանէն ներս: Պոլսոյ Հնչակեան մասնաճիւղի միջոցով Ժիրայր դպրոցը կ'ապահովէ գիրքերու անհրաժեշտ քանակով, բան մը որ կը նպաստէ կրթական որակի բարձրացումին: Դրութիւնը սակայն այս կերպ չի շարունակուիր: Օր մը, Տէօրթեօլի հայ եւ թուրք պատանիներու միջեւ կռիւ կը ծագի, զիրար կը դաշունահարեն: Տեղւոյն թուրք երեւելիները միջադէպը կ'որակեն իբրեւ յեղափոխութեան սկիզբ: Այս միջադէպէն ետք Ժիրայր ստիպուած կ՚ըլլայ տեղափոխուիլ Եոզղատ [5]։

Տէօրթեօլի որբանոցի նուագախումբն ու երգչախումբը, Յուլիս 1920-ին (Աղբիւր՝ Նուպարեան գրադարան, Փարիզ)

«Քէլէկեան» որբանոց-վարժարանի ուսուցչական կազմը 1913-1914 տարեշրջանին։ Նստած ձախէն աջ՝ Լեւոն Աճէմեան, Խաչատուր Գռուզեան (տնօրէն), Հրաչեայ Գռուզեան։ Ոտքի՝ Միհրան Ուզունեան (Աղբիւր՝ Նուպարեան գրադարան, Փարիզ)

Ժիրայրի աշակերտած անձերէն կը նշուին հետեւեալները․ Գառնիկ Կէօքօղլանեան (յետագային Շար գաւառի կառավարիչ եւ Տէօրթեօլի ծխախոտի Ռէժիի տնօրէն), Միսաք Կէօքօղլանեան (յետագային Օճաքլուի կառավարիչ), Վարդգէս Գարաեաղուպեան (յետագային Տէօրթեօլի Ազգային Վարժարանի ուսուցիչ), Ղուկաս Սահակեան (յետագային Տէօրթեօլի Ազգային Վարժարանի ուսուցիչ), Պօղոս Թըղլըեան (յետագային Տէօրթեօլի Ազգային Վարժարանի ուսուցիչ), Քերովբէ Քէշիշեան (յետագային Տէօրթեօլի Ազգային եւ Կեդրոնական վարաժարաններուն մէջ թրքերենի ուսուցիչ), Իսքենտէր Պաղեան (յետագային Տէօրթեօլի առաջին լոսանկարիչ), Մելիտոս Քէհեայեան, Վահրամ Քէշիշեան, Հաճը Յովսէփ Սարգիսեան, Պօղոս Գարատանեան, Մերուժան Քէհեայեան եւ այլօք [6]:

1906-էն սկսեալ այստեղ դասաւանդած է նաեւ Արմաշի դպրեվանքէն շրջանաւարտ՝ Միսաք Քէլէշեան (սսեցի)։ Իր օրով հաստատութեան տնօրէնն էր Յովհաննէս Սայիլեան։ Ուսուցիչներէն կը յիշուին Աղեքսանդր Ագխաչերեան եւ Կարճիկեան [7]։

1908-ի Օսմանեան Սահմանադրութեան վերահաստատումէն ետք, այս դպրոցի շրջանաւարտներէն շատերը համախմբուելով կը ձեռնարկեն եկեղեցւոյ յետնամասում կառուցել նոր, երկյարկանի եւ աւելի արդիական վարժարան մը [8]։ Նախկին շէնքը կը վերածուի նախակրթարան-մանկապարտէզի, ուր շնորհիւ Զարուհի Փէշտիմալճեանի ջանքերուն՝ փոքրիկներու դաստիարակութեան համար կ՚որդեգրուին մանկավարժական նոր մեթոտներ, ինչպէս երգ, խաղ, դաշնակ, մարզանք [9]:

Տէօրթեօլի «Քէլէկեան» որբանոց-վարժարանէն ներս Սահակ Բ. կաթողիկոսի այցելութեան առիթով (Աղբիւր՝ Նուպարեան գրադարան, Փարիզ)

Նոր կառուցուած դպրոցին ուսումնական մակարդակը կը համապատասխանէ երկրորդական վարժարանի ծրագրին: Կրթական կեանքը զգալիօրէն վերելք կ'ապրի 1910-էն ետք։ 1911-1912-ին վարժարանի տնօրէնն է Այնթապի ամերիկեան գոլէճէն շրջանաւարտ՝ Արմենակ Մագսուտեան [10]։ Կեդրոնական Վարժարանին մէջ կը դասաւանդեն Զաքարիա Մասիկեան` հայերէն, Զարուհի Փէշտիմալճեան (յետագային` Արշակունի), Տիրուհի Ազատեան (յետագային կ՚ամուսնանայ Շաւարշ Միսաքեանի հետ), Մատթէոս Երէցեան եւ այլօք [11]:

Կեդրոնականէն ներս դասաւանդուող նիւթերն են՝ աշխարհաբար հայերէն (դասագիրք` Ռուբէն Զարդարեանի «Մեղրագէտ» շարքը), գրաբար, թրքերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, գիտութիւն, թուաբանութիւն, գրահաշիւ, բնական ու քաղաքական աշխարհագրութիւն, բնագիտութիւն, մարդակազմութիւն, գիւղատնտեսութիւն, ընդհանուր ազգաց պատմութիւն, հայոց պատմութիւն (դասագիրք` Ա. Անտոնեանի «Թագաւորներու Շարքը»), օսմանեան պատմութիւն, կրօնք, եկեղեցական պատմութիւն, տոմարակալութիւն, գեղագրութիւն, գծագրութիւն, երգ ու մարզանք [12]:

Ըստ յուշագիր Պոռանեանի, Տէօրթեօլի Կեդրոնական վարժարանը ունեցած է երկու բաժիններ՝ մանչերու եւ աղջիկներու։ Մանչերու բաժինի աշակերտաց թիւը կը հասնի 800-ի, իսկ աղջկանցը՝ 600-ի [13]:

Աղջկանց բաժինէն շրջանաւարտուհիներէն կը յիշուին՝ Ազգանուշ Պալեան, Կիւլզար Պալեան, Խանըմ Պալեան, Երանուհի Տիարպաքըրեան, Վարդուհի Կէօքօղլանեան, Նուարդ Քիւչչիւք Սարգիսեան, Եղիսաբէթ Պարսամեան։ Այս շրջանաւարտներէն Ազգանոյշ Պալեան, Եղիսաբէթ Պարսամեան եւ Խանըմ Պալեան յետագային ուսուցչութիւն կ՚ընեն Տէօրթեօլի մէջ [14]։

Տէօրթեօլի «Քէլէկեան» որբանոց-վարժարանի սկաուտները, Դեկտ. 1919։ Որբանոցի շէնքի մուտքին, առաջին կարգի վրայ կանգնած են (ձախէն աջ)՝ Տէօրթեօլի ֆրանսական զօրքերու հրամանատարը, Տէօրթեօլի ֆրանսացի կառավարիչ՝ Սէժուրնէ, հայ սկաուտներու մարզիչ-խմբապետ՝ Համազասպ Փանոսեան։ Լուսանկար՝ Լեւոն Մկրտիչեան (Մերսին) (Աղբիւր՝ Նուպարեան գրադարան, Փարիզ)

Կեդրոնականը կ՚ունենայ նաեւ խմորատիպ ուսանողական թերթ մը, կ՚օժտուի հարուստ գրադարանով, իսկ շէնքին առաջին յարկը կը ծառայէ իբրեւ դասախօսութեանց համար հաւաքատեղի: Վարժարանը իր յարկին տակ կ'ընդունի նաեւ Տէօրթեօլէն հեռու գտնուող այլ բնավայրերու հայ, ինչպէս նաեւ յոյն եւ թուրք ընտանիքներէն աշակերտներ [15]:

Դպրոցականներու առօրեայի մասին Արշակուհի Թէոդիկ կը փոխանցէ, թէ սաները դպրոց կ'երթային գիրքերով ու տետրակներով` եւ անխուսափելիօրէն ձեռքերնին նարիջ բռնած (Տէօրթեօլը նշանաւոր էր նարինջի իր պարտէզներով): Արշակուհի Թէոդիկ Տէօրթեօլ այցելած է 1909-ին տեղի ունեցած Ատանայի հակահայ ջարդերէն ետք։ Աշակերտներուն թրքախօսութեան մասին ան կը գրէ. «Կայտառ դէմքեր ունին ամէնքն ալ, ժիր, մտացի աչքերով. բայց, ափսո՜ս, որ մայրենի բարբառին գլխովին անգիտակ ՝ անձնիւր [իւրաքանչիւր] տղայ շինականի կոշտ թուրքերէն մը ունի յար իր շրթունքին վրայ» [16]:

1914-ին Կեդրոնականէն կը վկայուին շրջանաւարտներու առաջին սերունդը։ Անոնցմէ յիշենք` Թորոս Ապուսէֆեան (յետագային ուսուցիչ), Գարանֆիլ Քէշիշեան (յետագային ուսուցիչ), Նազարէթ Ապուսէֆեան (յետագային ուսուցիչ), Արմենակ Գարաեաղուպեան, Գէորգ Եափըճեան (յետագային կառավարական գրաքննիչ), Տիգրան Ագխաչերեան, Պօղոս Տէր Մինասեան, Արիս Շագըլեան (յետագային Հալէպի «Եփրատ» թերթի խմբագիր), Զաքարիա Գույումճեան (յետագային հեռագրական պաշտօնեայ), Համբարձում Պարսամեան [17]:

Տէօրթեօլի դպրոցին նիւթական օժանդակութիւն կը ցուցաբերեն տեղացի բարերաներ, որոնցմէ կը յիշուին Մովսէս Աղա Գարավարդանեան, ինչպէս նաեւ Մաճարեան, Պարսամեան, Գըլըճեան, Պալեան ընտանիքները [18]։ Անոնց օժանդակութեամբ Տէօրթեօլի մէջ գործող գրեթէ բոլոր վարժարանները տարեշրջանը կը բոլորեն առանց նիւթական բացի [19]։

Տէօրթեօլի «Քէլէկեան» որբանոց-վարժարանին փակն ու որբերը, լուսանկարուած 1921-ին (Աղբիւր՝ Նուպարեան գրադարան, Փարիզ)

Ազգային վարժարան (Վարի թաղ)

Տէօրթեօլի մէջ գոյութիւն ունի նաեւ Վարի թաղի դպրոցը, որ կը կոչուի Ազգային վարժարան։ Այս հաստատութիւնը մինչեւ միջնակարգ է, որմէ ետք աշակերտները ընդհանրապէս իրենց ուսումնական ընթացքը կը շարունակեն Վերի թաղի Կեդրոնական վարժարանին մէջ: Տէօրթեօլի յուշագիրներէն Մինաս Խապրիկ ուսանած է Վարի թաղի այս դպրոցը։ Վարժարանին ուսուցիչներէն է՝ Քարուկեան [19]: 1905-ին մէկ տարեշրջանի համար այստեղ դասաւանդած է նաեւ Միսաք Քէլէշեան (սսեցի)։ Այս վերջինը իր յուշերուն մէջ դիտել կու տայ որ քաղաքին Վարի թաղը կրթական տեսակէտով բաւական ետ մնացած է բաղդատած Վերի թաղին։ Ան իր յուշերուն մէջ կը գրէ նաեւ թէ այս վարժարանին աշակերնտերը թրքախօս էին եւ իր պաշտօնավարութեան շրջանին է որ ան հայախօսութիւն կը մտցնէ հաստատութենէն ներս, աշակերտներուն կը սորվեցնէ նաեւ հայերէն երգեր [20]։

Տէօրթեօլի «Քէլէկեան» որբանոց-վարժարանը հիւսիսային կողմէն դիտուած, 1921-ին (Աղբիւր՝ Նուպարեան գրադարան, Փարիզ)

Տէօրթեօլի որբանոց-վարժարանին նպաստող կիներու օժանդակ յանձնախումբը։ Երկրորդ շարքի կեդրոնը՝ Միքայէլ Նաթանեան (Աղբիւր՝ Նուպարեան գրադարան, Փարիզ)

Աղջկանց վարժարան

Տէօրթեօլը ունի երկու աղջկանց վարժարաններ: Առաջինը կը գտնուի Վարի թաղի վերջնամասին մէջ, ուր կ՚ուսանին 80-ի մօտ աշակերտուհիներ։ Պոռանեան կը նշէ այստեղ գործող երկու ուսուցչուհիներու անուններ՝ Տալիթայ և Բրաբիոն քոյրերը (Ատանայէն) [21]։

Երկրորդ վարժարանը կը գտնուի առաջինէն քանի մը փողոց անդին եւ կազմուած է մօտ 50 աշակերտուհիներէ [22]։ Մինաս Խապրիկի յիշատակումներէն այն տպաւորութիւնը ունինք որ այս մէկը ոչ թէ սովորական դպրոց մըն է, այլ՝ երաժշտանոց մը։ Երբ Տէօրթեօլ կը հաստատուին Պոլսոյ Եսայեան վարժարանէն վկայեալ Զարուհի Փէշտիմալճեան եւ Տիրուհի Ազատեան, անոնք կը ստեղծեն իգական քառաձայն երգչախումբ մը եւ կը սորվեցնեն սիրային ու քնարական Կոմիտասեան երգեր։ Զանազան առիթներով անոնք կը շրջին քաղաքին թաղերը եւ իրենց երգերով կ՚ոգեւորեն տեղաբնիկները։ Աղջիկներու այս վարժարանը ժամանակաւոր կառոյց մըն էր, դպրոցական զանազան յարմարութիւններէ զուրկ։ Ծրագրուած էր աւելի արդիական վարժարան մը կառուցել Տէօրթեօլի մէջ, բայց այս ծրագիրը երբեք ալ իր լրումին չի հասնիր, քանի որ 1915-ին տեղի կ՚ունենան տեղւոյն հայերու տեղահանութիւնն ու ջարդերը [23]:

Տէօրթեօլի Կեդրոնական վարժարանի աղջկանց բաժնի շրջանաւարտները իրենց ուսուցչուհիին հետ, 1912-1913 (Աղբիւր՝ Մինաս Գոճայեան, Պատմութիւն Չորք-Մարզպանի (Տէօրթ-Եոլ) գիւղաքաղաք մը Կիլիկիոյ մէջ, Լոս Անճելըս, 2006)

Ամառնային վարժապետանոց

1910 Մայիս 8-ին, Միքայէլ Նաթանեան՝ տակաւին նոր աւարտած Ֆրանսայի Նանսի քաղաքի գիւղատնտեսական համալսարանը, Պոլսոյ Միացեալ Ընկերութեան կողմէ կը գործուղուի Կիլիկիա՝ գիւղատնտեսական վարժարաններ հաստատելու ծրագրով:

Միացեալի նպատակն էր ամառնային դասընթացքներ կազմակերպել, ուր գիւղատնտեսական ծանօթութիւններ պիտի աւանդուէին ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն: Իսկ ուսուցիչները իրենց ստացած գիտելիքները յետագային նոյնպէս պէտք է ուսուցանէին իրենց պաշտօնավարած դպրոցներուն մէջ: Նմանօրինակ ամառնային վարժարան մը նախ կը բացուի Մերսինի մէջ, ապա` Տէօրթեօլի «Քէլէկեան» որբանոցին մէջ: Վարժարան կը յաճախեն Կիլիկիոյ զանազան քաղաքներէն ուսուցիչներ եւ աշակերտներ։ Անոնց բնակութեան, սնունդի եւ երթեւեկի ծախսերը կը հոգայ Միացեալ Ընկերութիւնը: Գլխաւոր ուսուցիչն է՝ Միքայէլ Նաթանեան [24]:

Տէօրթեօլի Կեդրոնական վարժարանի աղջկանց բաժնի շրջանաւարտներն ու բարձրագոյն դասարաններու աշակերտուհիները իրենց ուսուցչուհիներուն հետ, 1912-1913 (Աղբիւր՝ Մինաս Գոճայեան, Պատմութիւն Չորք-Մարզպանի (Տէօրթ-Եոլ) գիւղաքաղաք մը Կիլիկիոյ մէջ, Լոս Անճելըս, 2006)

Աւետարանականներու դպրոց

Տէօրթեօլի մէջ գոյութիւն ունեցած է նաեւ հայ բողոքական համայնքին պատկանող դպրոց մը։ Կրթական այս հաստատութիւնը կը հիմնուի Իգնատիոս Կէօքվանէսեանի բնակարանին մէջ։ Ուսուցիչներէն կը յիշուի Խօճա Արշակը, որ դասախօսած է թրքերէնով [25]։

Տէօրթեօլի Կեդրոնական վարժարանին մէջ շրջանաւարտ առաջին սերունդին վկայականց բաշխման հանդիսութիւն, որ տեղի ունեցած է եկեղեցւոյ բակին մէջ, 1902

«Քէլէկեան» եւ «Սիսուան» որբանոց-արհեստանոցները

1909-ի Ատանայի ջարդերէն ետք Տէօրթեօլի մէջ կը հիմնուի առաջին որբանոց մը՝ Կիլիկիոյ տարածքին որբացած բազմաթիւ հայ երախաներէն մաս մը այստեղ հաստատելու նպատակով։

Սկիզբը՝ Գրիգոր Լուսաւորիչ (Ս. Փրկիչ) եկեղեցւոյ աւագ քահանայ Տէր Խորէն Ալեքսանեան իր սեփական բնակարանը կը տրամադրէ որբանոցի գործածութեան համար։ Տեսուչ կը նշանակուի Փառէն Վրդ. Մելքոնեան: Մօտաւորապէս 150 որբեր կ՚ապաստանին այստեղ [26]։ Անոնց խնամքին կը նուիրուին Պաղտասար Գալեմքէրեան եւ օրիորդ Սիրանուշ: Որբերը կը սկսին յաճախել Տէօրթեօլի Վարի թաղի Ազգային վարժարանը [27]:

Ակզբնական շրջանին, որբերու կարիքները կը հոգար Ազգանուէր բարեսիրական միութիւնը: Մինաս Խապրիկ եւս այս որբանոցի սաներէն եղած է։ Երբ Ազգանուէրը որբերուն յատկացուած նիւթական օժանադակութիւնը կը ստիպուի կասեցնել՝ որբանոցին տեսչութիւնը ինք եւս կը հարկադրուի երէց որբերը կամ հարազատներ ունեցողները դուրս հանել հաստատութենէն [28]:

Այդ ժամանակներուն Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ) որոշած էր Տէօրթեօլի մէջ կառուցել որբանոց-վարժարան մը։ Աշխատանքները մեծ թափ կ՚առնեն երբ այս վայրը կ՚այցելէ ՀԲԸՄ-ի անդամներէն Տիգրան Խան Քէլէկեան (1868-1951), որ իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ որբանոցին ծախսերը հոգալու: Ողբացեալ եղբօր` Գէորգ աղա Քէլէկեանի յիշատակին, Տիգրան Խան Քէլէկեան 62,500 ֆրանքի դրամական աջակցութիւն կը տրամադրէ որբանոցի եւ արհեստանոցի կառուցման համար, ի պատիւ որու` որբանոցը կը կոչուի «Քէլէկեան» [29]:

Որբերու կողմէ թատերական ներկայացում Տէօրթեօլի «Քէլէկեան» որբանոցին մէջ, 1920-1921 (Աղբիւր՝ Նուպարեան գրադարան, Փարիզ)

1912-ին կ՚աւարտի «Քէլէկեան» Որբանոցի շինութիւնը, որ կը կատարուի երկրաչափ Արշակ Թիւրապեանի տնօրինութեամբ: Որբանոցի տեսուչ կը նշանակուի Խաչատուր Գռուզեան։ Բացումը տեղի կ՚ունենայ Հոկտեմբեր 1912-ին։ Սկզբնական շրջանին այստեղ կ՚ապաստանին 65 որբեր [30]:

Որբանոցի տեղագրութիւնը հետեւեալ կերպ կը նկարագրէ Պոռանեան յուշագիրը: «Որբանոցը կառուցուած է Ս. Աստուածածին Մայր Եկեղեցւոյ ուղիով դէպի հարաւ, ծովահայեաց դիրքով: Երկյարկանի ծառազարդ շէնք մըն է, որտեղ կրթութիւն կը ստանան եւ կը հմտանան ոեւէ արհեստի մէջ այլեւայլ շրջաններէ փրկուած հայ որբեր» [31]:

Որբանոցին շէնքը նախատեսուած էր ընդունելու 100 որբեր։ Այնպէս որ 1913-ին որբերուն թիւը կ՚աւելնայ եւ կը հասնի 85-ի: Նոյն տարին այս մասնաշէնքին կողքին կը սկսի կառուցումը արհեստանոցի մը, որուն ճարտարագէտ կ'ընտրուի Կարօ Պալեան [32]:

Աւելի ուշ ՀԲԸՄ-ը որբանոցի կրթական մասի մատակարարումն ամբողջութեամբ կը յանձնէ Միացեալ Ընկերութեան, որն այդ տարիներուն արդէն կրթական աշխուժ գործունէութիւն կը վարէր Կիլիկիոյ բազմաթիւ վայրերու մէջ [33]:

1915 թուականին օսմանեան իշխանութիւնները որբանոցին շէնքը կը գրաւեն, իսկ որբերն ալ կը ցրեն։ Ոմանց կը ստիպեն զինուորագրուիլ, իսկ ուրիշներ ալ կը ղրկուին Ատանայի եւ Հարունիէի (Խառնը) որբանոցները։ Որբանոցը կը վերածուի թրքական վարժարանի։

1) Տէօրթեօլ, 1919. պատկերին մէջ կ՚երեւին Դամասկոսի, Հոմսի եւ Համայի մէջ հաւաքուած հայ որբեր, որոնք կը ղրկուին Տէօրթեօլ եւ ապաստան կը գտնեն տեղւոյն որբանոցին մէջ։ Առաջին շարք (ձախէն աջ)՝ Գ. Հազարապետեան, Խաչիկ Ինկիլիզեան, Ա. Մուրատեան (որբանոցի պաշտօնեաներ) (Աղբիւր՝ Նուպարեան գրադարան, Փարիզ)
2) Տէօրթեօլի «Քէլէկեան» որբանոցը 1913-ին (Աղբիւր՝ Նուպարեան գրադարան, Փարիզ)

Զինադադարէն ետք Տէօրթեօլի տարածքը, ինչպէս նաեւ ամբողջ Կիլիկեան ֆրանսական բանակներուն կողմէ կը գրաւուին եւ կը կազմակերպուի վերապրող հայերու վերաբնակեցումը այս շրջաններէն ներս։ «Քէլէկեան» որբանոցը կիսափլատակ վիճակ ունէր, իսկ ամբողջ կահ-կարասիները գողցուած էին։ Այս պայմաններուն մէջ ՀԲԸՄ-ը կը ձեռնարկէ որբանոցի վերանորոգման աշխատանքներուն: Տէօրթեօլ կը ղրկուի արհեստաւորներու խումբ մը` ճարտարապետ Հ. Քալճեանի ղեկավարութեամբ: Տիգրան Խան Քէլէկեան նոր նուիրատուութիւն մը կը տրամադրէ՝ աշխատանքներու իրագործումին համար: Հոմսի եւ Համայի տարածքներուն մէջ գտնուող եւ Ցեղասպանութենէն վերապրած մօտ 150 որբեր կը տեղափոխուին Տէօրթեօլ եւ կը հաստատուին նորաբաց որբանոցին մէջ [34]:

«Քէլէկեան» որբանոցը կը վերաբացուի 1919-ի յուլիսին` Խաչիկ Ինկիլիզիանի տնօրինութեամբ, որուն կը յաջորդէ Յովհաննէս Ահարոնեան: Որբանոցը իր յարկին տակ կ՚ընդունի 200 որբեր:

1920-ին, ՀԲԸՄ-ը կը նախաձեռնէ Տէօրթեօլի մէջ երկրորդ որբանոցի մը շինութեան։ Նոր հաստատութիւնը կը կոչուի «Սիսուան» եւ տնօրէն կը նշանակուի Յ. Գրանեան։ 1921-ի սկիզբը, ՀԲԸՄ-ի Տէրթեօլի երկու որբանոցները կը համախմբուին մէկ տնօրէնութեան տակ, որ կը յանձնուի Հմայեակ Ուղուրլեանի (Կեսարիայէն)։ ՀԲԸՄ-եան ծրագիրն էր իր ղեկավարած բոլոր որբանոցները համախմբել Տէօրթեօլի մէջ։ Բայց այս ծրագիրը երբեք ալ չիրականացուիր, նկատի ունենալով որ ֆրանսական բանակները կը քաշուին Կիլիկիայէն եւ անոնց հետ կը գաղթեն նաեւ այս տարածքի ամբողջ հայութիւնը [35]։

1909-ի Ատանայի ջարդերէն ետք Պոլիսէն աղետեալ վայրերը այցելած նպաստից պատուիրակութեան անդամներ։ Լուսանկարին մէջ կ՚երեւին Զապէլ Եսայեան (նստած) եւ Սաթենիկ Օհանջանեան (ոտքի) (Աղբիւր՝ Նուպարեան գրադարան, Փարիզ)

  • [1] Մինաս Գոճայեան, Պատմութիւն Չորք-Մարզպանի (Տէօրթ-Եոլ) Գիւղաքաղաք մը Կիլիկիոյ մէջ, Լոս Անճելըս, 2006, էջ 148։ Տես նաեւ Սամուէլ Պոռանեան, Յուշագրութիւն Ճուկ Մարզեպանի, անտիպ, էջ 92։
  • [2] 1 Յունիս 1880-ին, «Կիլիկեան», «Արեւելեան-Դպրոցասիրաց» եւ «Արարատեան կրթասիրաց» ընկերութիւնները Պոլսոյ մէջ իրար միանալով՝ կը հիմնուի «Հայոց Միացեալ Ընկերութիւնը»։ 1895-ին, Սուլթան Ապտիւլհամիտի գահակալութեան տարիներուն, անիկա կը կազմալուծուի։ Միացեալը կը վերականգնի 1909-ին եւ կը գործէ մինչեւ 1915։
  • [3] Գոճայեան, էջ 148; Պոռանեան, էջ 87։
  • [4] Արշակուհի Թէոդիկ, Ամիս մը ի Կիլիկիա, կցկտուր նօթեր, Կ․ Պօլիս, 1910, էջ 170։
  • [5] Պոռանեան, էջ 97։
  • [6] Պոռանեան, էջ 98-99 ։
  • [7] Միսաք Քէլէշեան, Ինքնակենսագրութիւն, Պէյրութ, 1951, էջ 86-87։
  • [8] Մինաս Խապրիկ, Եթէ Չորք-մարզպանը ինծի հետ խօսէր, Պէյրութ, 1983, էջ 31:
  • [9] Նոյն:
  • [10] Նոյն, էջ 33։
  • [11] Գոճայեան, էջ 149։
  • [12] Նոյն:
  • [13] Պոռանեան, էջ 99-100։
  • [14] Նոյն, էջ 100։
  • [15] Գոճայեան, էջ 149:
  • [16] Արշակուհի Թէոդիկ, էջ 170։
  • [17] Պոռանեան, էջ 99, 101:
  • [18] Նոյն, էջ 105։
  • [19] Նոյն, էջ 149:
  • [20] Մինաս Խապրիկ, էջ 42-43; Գոճայեան, էջ 149։
  • [21] Քէլէշեան, Ինքնակենսագրութիւն, էջ 84-86։
  • [22] Պոռանեան, էջ 149։
  • [23] Մինաս Խապրիկ, էջ 32-33։
  • [24] Նոյն:
  • [25] Ոսկեմատեան Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, 1906-1931, Ա․ Հատոր, Բարիզ, էջ 137:
  • [26] Պոռանեան, էջ 153։
  • [27] Նոյն, էջ 147։
  • [28] Մինաս Խապրիկ, էջ 42:
  • [29] Միութիւն, Պաշտօնաթերթ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Գահիրէ, Ա․ տարի, 1912, էջ 72:
  • [30] Միութիւն, 1912, էջ 112:
  • [31] Պոռանեան, էջ 20։
  • [32] Միութիւն, 1913, էջ 90:
  • [33] Միացեալի կեդրոնը կը գտնուէր Պոլիս: Ան կը հրատարակէր մասնագէտ մանկավարժներու կողմէ պատրաստուած դասագիրքերու շարք մը:
  • [34] Դար մը պատմութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Հատոր Առաջին, 1906-1940, 2006, Փարիզ, էջ 102:
  • [35] Նոյն։