Տեսարան Հաճընէն, հաւանաբար 19-րդ դարու վերջը (Աղբիւր՝ Missionary Church Archives, Պէթէլ գոլէճի գրադարան, Միշաուաքա, Ինտիանա)

Հաճըն – Ժողովրդային բժշկութիւն

Հեղինակ՝ Վարդի Քէշիշեան, 15/12/2015 (վերջին փոփոխութիւն՝ 15/12/2015)

Հաճընը՝ հարաւ-արեւմուտքէն դիտուած (Աղբիւր՝ Hugo Grothe, Meine Voderasienexpedition 1906 und 1907, Band II, Leipzig, 1912)

Հայկական բոլոր բնակավայրերու նմանողութեամբ, Հաճընի մէջ նոյնպէս, սկսած շատ հին ժամանակներէ լայնօրէն կիրարկուած են աւանդական կամ ժողովրդական բժշկութեան այլազան մեթոտներ և բուժամիջոցներ: Ժողովրդական բժշկութիւնը Հաճընի մէջ շատ խոր արմատներ ունի և կը սերի միջնադարեան հայ բժշկութեան, ի մասնաւորի Կիլիկեան Հայաստանի բժշկական դպրոցի ակունքներէն: Անշուշտ, այս կը վերաբերի ժողովրդական բժշկութեան և դեղամիջոցներու կիրարկման աւանդական փորձին, որ իր մէջ կը ներառնէ բուժական մօտեցումներու, գիտելիքներու, հաւատալիքներու, ինչպէս և դեղամիջոցներու ամբողջ համալիր մը:

Հաճընոյ լեռնային բնութիւնը, առողջարար կլիման, օդը և ջուրը մեծ առաւելութիւններ էին առողջապահական տեսակէտէ, սակայն կարգ մը հիւանդութիւններ մշտական սպառնալիք եղած են ժողովրդի համար, մասնաւորաբար՝ տենդը (մալարիա), ժանտատենդը, ջերմատենդը, դողերոցքը, թանչային հիւանդութիւնները անպակաս են Հաճընի և շրջակայի բնակչութեան գլխէն: Ընդ որում, այս հիւանդութիւնները ուղիղ համեմատական են Հաճընի մէջ կիրառուած բժշկութեան կամ բուժման նպատակով գործադրուած միջոցներուն:

Ինչպէս ամէնուր, հին ատենները հաճընցին բուժումի, առողջական խնդիրներու համար կը դիմէ ժողովրդական բժիշկներուն՝ հէքիմներուն: Ասոնք բժշկական որոշակի գիտելիքներ ունեցող, յաճախ բնատուր կարողութիւններով օժտուած անձնաւորութիւններ են, որոնք մեծ ծառայութիւններ մատուցած են ժողովուրդին, բժշկելով և դարմանումներ կատարելով: Ասոնք են Հաճընոյ և շրջակայ բնակչութեան առողջութեան պահապանները, այս պատճառով ալ մեծ յարգանք և հեղինակութիւն կը վայելեն ինչպէս հայ, այնպէս ալ թուրք հասարակութեան մէջ:

Հաճընի մէջ ապրած ժողովրդային բժշկութեան յայտնի դէմքեր կամ ընտանիքներ.

Թըլըսըմեան ընտանիք

Դեղագործ Սոկրատ Թօփալեան, կը պատմէ, թէ մօտաւորապէս 1600-ականներու կէսերուն՝ Հաճընի վրայ իշխող Տիւան Օղլու կամ Լիվան Օղլուի օրով, բովանդակ Հաճընոյ շրջակայքին մէջ մեծ համբաւ կը վայելէր Թըլըսըմեան տոհմի նախահայրը՝ գիտնական հռչակուած բժիշկը (ուրկէ կը սերի նաև տոհմին մականունը՝ թըլըսըմ – թրք. փոխառնուած՝ ամոքիչ, սփոփիչ) [1]:

Թօփալեանին հաւաստմամբ, այս ընտանիքին քով հին ձեռագիր գիրքեր կան եղեր, թիւով հինգ հատ, որոնք կը պարունակեն բժշկական, հմայական, ախթարական, մաթեմատիկական և այլ գիտութիւններու վերաբերեալ նիւթեր [2]: Ասոնցմէ զատ այս ընտանիքին մօտ կը պահուի մագաղաթեայ հին Հէքիմարան մը, որուն մէջ գեղեցիկ ձեռագիրով գրուած են 232 դեղագիրներ կամ բաղադրատոմսեր [3]: Այս կցկտուր տեղեկութիւնները թոյլ կու տան ենթադրելու, թէ Հաճընի ժողովրդական բժշկութիւնը հիմնուած է միջնադարեան հայկական բժշկական և բնագիտական աղբիւրներու վրայ: Դժուար չէ ենթադրել, որ նշուած ձեռագրերը, յատկապէս Հէքիմարանը՝ հաւանաբար Կիլիկեան նշանաւոր վանքերէն մէկուն մէջ գրուած, թերևս ալ 12-րդ դարուն ապրած, հայկական դասական բժշկութեան հիմնադիր Մխիթար Հերացիի գրչին պատկանող Բժշկարանի մը ընդօրինակութիւնը եղած է, և կամ աւելի հաւանական է կարծել՝ 15-րդ դարու նշանաւոր բժշկապետ Ամիրդովլաթ Ամասիացիի բժշկական երկերէն մէկը, որ լայն տարածում ունէր ինչպէս Հայաստանի մէջ, այնպէս ալ անոր սահմաններէն դուրս:

Ուշագրաւ է, որ Թըլըսըմեան տոհմին պատկանող այս հին ձեռագիրները, սերունդէ սերունդ փոխանցուելով ծառայած են ընտանիքին յաջորդական սերունդներուն [4]: Սոկրատ Թօփալեան կ'ըսէ, թէ ինք ոչ միայն տեսած, այլև կարդացած է այդ ձեռագիր գիրքերը: Ըստ Թօփալեանի, յիշեալ Հէքիմարանը յետագային՝ 1900-ականներուն գնած է Հաճընի երևելիներէն Ստեփան աղա Մանկրեան: Վերջինս, Հաճընոյ ընդհանուր տարագրութեան ատեն իր հետ առած է այդ թանկագին Հէքիմարանը ու մինչև Համա հասցուցած է, սակայն յայտնի չէ ձեռագրի յետագայ ճակատագիրը [5]:

Հաճի Սահակ Աղա Պալեան

Հաճընի մէջ ժողովրդական բժիշկներու առաջին անուններէն է Հաճի Սահակ Պալեան, որուն համար կ'ըսուի, թէ մօտաւորապէս 200 տարի առաջ, այսինքն՝ 1800-ականներուն գործած և մեծ ծառայութիւններ մատուցած է հաճընցիներուն [6]:

Հաճի Գրիգոր Աղա Պալեան

Ծնած է Հաճըն, 1818-ի ատենները: Որդին է Հաճի Սահակ աղա Պալեանի: Հաճընի և շրջակայ բոլոր գիւղերուն մէջ ծանօթ էր Հաճի Պալենց անունով [7]: Նախակրթութիւնը ստացած է Տիւմանեան վարժապետին մօտ: Փոքր տարիքէն մեծ հատաքրքրութիւն ցուցաբերած է շրջակայ միջավայրին նկատմամբ, յատկապէս բոյսերու և ծաղիկներու հանդէպ: Ան իր պրպտուն մտքի և բնատուր արժանիքներու շնորհիւ կրցած է անհրաժեշտ գիտելիքներ ամբարել բոյսերու և բնանիւթերու օգտակար յատկութիւններու վերաբերեալ: Երբ արդէն բաւականաչափ հմտութիւն ձեռք բերած է, սկսած է իր գիտելիքներն ու հնարքները ծառայեցնել մարդոց բուժելու և դարմանելու համար: Դեղագործ Սոկրատ Թօփալեան, որ սերտ գործակցութիւն ունեցած է Պալենց Հաճիին հետ, կը վկայէ, թէ Հաճի մեծապէս օգտուած է վերոյիշեալ ձեռագիր Հէքիմարանէն [8]:

Այս բազմահմուտ բժիշկը սկիզբը քանի մը խորհրդանշական գործիքներ ունեցած է միայն: Տօքթ. Յակոբ Րէպէճեան՝ հաճընցի առաջին վկայեալ բժիշկը, երբ 1888-ին Հաճըն վերադարձած է, որպէս յարգանքի նշան, Հաճի բժիշկին նուիրած է կարգ մը բժշկական գործիքներ [9]: Կը պատմուի, նաև, որ Տօքթ. Րէպէճեան Ամերիկայէն հազիւ վերադարձած, Պալենց Հաճի օր մը իր քովը կանչելով կ'ըսէ. «Հիմա դուն շատ մը ապարանջաններ (հոս՝ փեշակ, արհեստ, մասնագիտութիւն իմաստով) ունիս թևիդ վրայ, հատ մըն ալ ես դնեմ» [10]: Այսպէս անոր կը սորվեցնէ ֆրանկախտը բուժելու կերպը, որ յետոյ մեծ բարիք մը կ'ըլլայ Հաճընի բնակչութեան համար, Տօքթ. Րէճէպեանի ձեռամբ բազմաթիւ կեանքեր կը փրկուին:

Հաճըն, մօտաւորապէս 1910-ին։ Նկարին վրայ ծանօթ են միայն Ստեփան եւ Օսսանա Արսլանեանները (ոտքի, աջէն՝ առաջին երկու անձերը)։ Այս զոյգը ընտանիքին միակ վերապրողներն են, միւսները կը սպաննուին 1915-ի Ցեղասպանութեան (Աղբիւր՝ Արմէն Արսլանեանի ընտանեկան հաւաքածոյ)

Պալենց Հաճի իր ընդարձակ տան մէջ քանի մը սենեակներ յատկացուցած է դարմանատան, ուր կ'ընդունի հիւանդները և դարմանումներ կ'ընէ: Իբրև փորձառու և բանիմաց բժիշկ, անոր համբաւը տարածուած է ոչ միայն Հաճըն և անոր շրջակայքին մէջ, հիւանդներ կը հասնին անգամ հեռաւոր վայրերէ՝ Ատանայի և Սեբաստիոյ նահանգներէն: Հաճընի մէջ չկար տուն մը կամ ընտանիք մը, որ առողջական խնդիրներու պարագային դիմած չըլլար այս բազմահմուտ բժշկի օգնութեան [11]:

Հաճի Պալենց թէև ինքնուս, սակայն անուս բժիշկ մը չէ։ Միջնադարեան հին բժշկարան-հէքիմարաններն ուղեցոյց ունենալով, ան յաջողած է լուրջ ձեռքբերումներ արձանագրել բժշկական ասպարէզէն ներս, տարբեր ցաւերու և հիւանդութիւններու դարմաններ, դեղեր և այլ կարգի բուժիչ միջոցներ կիրարկելով: Օրինակ, կը յիշուի, որ երիկամունքի բուժման՝ աւազի և քարի հեռացման համար, կը կիրարկէ հաւու ստամոքսի բարակ մորթը (զար)՝ զայն չորցնելէ և փոշիի վերածելէ յետոյ պատրաստուած դեղը հիւանդին խմցնելով [12]:

Հաճի Պալենց վերոյիշեալ Հէքիմարանին մէջ տրուած բաղադրատոմսով մշակած է ֆրանկախտի (սիֆիլիս) բուժման համակարգ մը՝ հիմնուած դեղային բուժման, բուսաբուժութեան և մասնաւորապէս սննդակարգային բուժման մեթոտի վրայ: Ան կը կիրարկէ սնդիկի և զանազան խոտաբոյսերու խառնուրդով պատրաստած է յատուկ դեղամիջոց: Բացի այդ, կը բուժէ նաև ծոմապահութեամբ. 40 օր շարունակ հիւանդը պէտք է ուտէ առանց թթխմորի հաց և բանջարեղէններէ պատրաստուած ապուր՝ առանց աղի: Կ'ըսուի, թէ այս կերպ Հաճի Պալենց բազմաթիւ հիւանդներ բուժած է այս սոսկալի ախտէն [13]:

Ֆրանկախտը ժամանակի տարածուած հիւանդութիւններէն է, կ՚ենթադրուի որ անիկա գոյութիւն ունեցած է նաեւ Հաճընի մէջ, ու այս հիւանդութեան դեմ պայքարը, ձևով մը տեղւոյն բժիշկ-հէքիմներուն մասնագիտական յաջողութեան գրաւականը եղած է:

Հաճի Պալենց զբաղած է նաև ատամնաբուժութեամբ: Ակռաները հեռացնելու համար ունի ատամնաբուժական երկու աքցաններ, իսկ ակռայի ցաւի դէմ կը գործածէ անանուխ, մեխակ, դարչինի իւղ և աֆիոն [14]:

Աղբիւր՝ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարան (Երեւան), ձեռ. հմր. 6594, 17-18րդ դարեր, Ստելլա Վարդանեան, Հայաստանի բժշկութեան պատմութիւն. Հնագոյն ժամանակներից մինչև մեր օրերը, Երևան, 2000, էջ 200

Ճէրրահ Շգըրտըմեան/Շխրտըմեան

Հաճընի առողջապահական ծառայութեան մարզէն ներս յատուկ անուններէն է Շգըրտըմեան, որ մասնագիտացած էր վիրաբուժութեան մէջ և այդ պատճառով զինք ճէրրահ (վիրաբոյժ) կը կոչեն [15]: Հաճի Պալենցի ժամանակակից և անոր չափ հռչակ վայելող բժիշկ մը կը կարծուի ըլլալ Շգըրտըմեան ալ, երկուքն ալ թէև մասնաւոր կրթութիւն չունին, սակայն, իրենց բնատուր կարողութիւններով և փորձառութեամբ կրնային մրցիլ վկայեալ բժիշկներու հետ [16]:

Կը պատմուի, թէ անգամ մը, երբ Օսմանեան զօրքերը հերթական արշաւանքէն կը վերադառնան իրենց տեղերը, անոնց մէջ այնքան տարածուած է ֆրանկախտը, որ վկայեալ եւրոպացի և թուրք բժիշկներ անկարող կ'ըլլան այդ սպառնալիքը դիմակալելու և երբ դարմանումի բոլոր միջոցները ապարդիւն կ'անցնին, Ճէրրահ Շգըրտըմեան կառավարութեան կողմէ կը տարուի ֆրանկախտով վարակուած զինուորները բուժելու համար: Կարճ ժամանակի մէջ Ճէրրահը կը բուժէ ու կը դարմանէ զօրքը [17]:

Պատկերազարդ համայիլ, 1682 թուական (Աղբիւր՝ Մաշտոցեան Մատենադարանի հաւաքածոյ, Երեւան)

Այըճեան ընտանիք

Կը պատմուի, թէ 150-200 տարի առաջ, այսինքն 1800-ականներու սկիզբը, Հաճընի մէջ դեղագործական պիտոյքներ և գործիքներ վաճառող առաջին անձը եղած է Միքայէլ աղա Այըճեան, որուն գործը յետոյ շարունակած են իր որդին՝ Գալուստ աղա և թոռը՝ Միքայէլ աղա Այըճեանները [18]: Հաճընի պատմութիւնն արձանագրող Յ. Պօղոսեան կը վկայէ, որ 1897-ին երբ ինք Հաճըն հասած է Միքայէլ աղա և անոր որդին՝ Սեդրակ աղա, բարգաւաճ վիճակ մը ունէին և դեղագործական պարագաներու վաճառքով կը զբաղէին: Ընտանիքին մէկ շառաւիղը՝ Վեր. Միսաք Այըճեանին հաւաստմամբ, իր հայրը դեղագործական պիտույքներուն հետ նաև դեղեր ու դեղամիջոցներ կը վաճառէր [19]:

Պատկերազարդ համայիլ, 1682 թուական (Աղբիւր՝ Մաշտոցեան Մատենադարանի հաւաքածոյ, Երեւան)

***

Ինչպէս այլ քաղաքներու մէջ Հաճընոյ մէջ ևս կան յատուկ մասնագիտացում պահանջող որոշ ճիւղեր, որոնք նոյնպէս կը գործեն ժողովրդական սովորոյթի, փորձառութեան սկզբունքով, որպէս կանոն աւանդաբար փոխանցուելով սերունդէ սերունդ իբրև ընտանեկան արհեստ:

Էպէներ-մանկաբարձներ

Ինչպէս այլուր, Հաճընի մէջ նոյնպէս ծննդկան կիներուն օգնելու և ծնունդ ընդունելու համար կան փորձառու կիներ, զորս էպէներ կը կոչեն: 1900-ականներու սկիզբը մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէին՝ Տալտըմեանց Մայոմը, Ղըմըլեանց Մուղօլ Հաշուկը, Պիտինեան Մայիամը, Սալմանեան Տիրուհին, Մայր Սառա Գույումճեանը և Հաճի Մուղօլ Մութաֆեանը (ծնեալ Գըթըֆեան) [20]:

Տեսարան մը Հաճընի հայկական կեանքէն, լուսանկարուած հաւանաբար 19-րդ դարու վերջը (Աղբիւր՝ Missionary Church Archives, Պէթէլ գոլէճի գրադարան, Միշաուաքա, Ինտիանա. շնորհակալութիւններ Ռոզմէյրի Ռասսըլի եւ Քեւըն Պլաուըրզի)

Բեկաբոյժներ

Յատուկ մասնագիտացում պահանջող ճիւղ մըն է սընըքճիութիւնը՝ բեկաբոյժութիւնը: Հաճընի մէջ կան շատ մը անուն հանած սընըքճիներ, որոնք մեծ ձեռնհասութեամբ կը կապեն ու կը բուժեն կոտրած ու վնասուած ոսկորները: Մեծ անուն հանած են՝ Սարգիս Ճերեճեան, Հաճի Աւագ Պալապանեան, Յովհաննէս Սըվղընեան, Մայր Դշխոյն Պետրոսեան (ծնեալ Մընըշեան) [21]:

Ջրաբուժութիւն

Շատ հին ժամանակներէն ջրի պաշտամունքէն սերող ծիսական բժշկութիւնը, սրբազան աղբիւրներու ջուրերուն կը վերագրէ մաքրող, ապաքինող յատկութիւն, ապա հետզհետէ ջրի բաղադրութեան բուժական յատկութիւնները կը սկսին կիրարկուիլ տարատեսակ հիւանդութիւններ բուժելու, կանխարգիլելու նպատակով, ըստ ջուրի բաղադրութեան ցուցիչներու: Ինչպէս օրինակ մորթային հիւանդութիւններու պարագային սովորաբար հիւանդին կը լոգցնեն հանքային աղերով հարուստ աղբիւրներու, ջերմուկներու մէջ: Այս հանգամանքը պայմանաւորուած է ջուրի մէջ ծծումբի և այլ բաղադրիչներու առկայութեամբ:

Այսպէս, Հաճընէն մօտ երկուք ու կէս ժամ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Քէօթիւն եւ Բանլըք գիւղերուն մերձակայքը հին ատեններուն բուժիչ յատկութիւններով օժտուած բազմաթիւ ցայտաղբիւր-ջերմուկներ եղած են [22]: Հանքային այս ջերմուկները այնքան մեծ հռչակ վայելած են մորթային և այլ հիւանդութիւններու որպէս բուժիչ միջոց, որ դեռևս Կիլիկիոյ Հայկական իշխանութեան օրոք, հայ թագաւորները այս կողմերը շինել տուած են Գոթնեաց տուներ (առողջարան-մեկուսարաններ) բորոտներու և մորթային հիւանդութիւններով տառապող հիւանդներու համար [23]: Այստեղէն նաև յիշեալ գիւղերուն անուանումնները՝ Քէօթիւն (գէշութիւն – գէշ հիւանդութիւն իմաստով) և Բանլըգ (Բաղնիք): Յետագային այս ջերմուկները իսպառ ցամքած են, խոր հետքեր ու խորշեր գծաւորելով լերկ դաշտին վրայ:

Հաճընցիք մորթային կամ այլ հիւանդութիւններու պարագային՝ մինչև Զէյթուն կ'ուղևորուէին, տեղւոյն ջերմուկներուն մէջ լոգնալու և այդ բուժիչ ջուրէն խմելու համար [24]: Այս ջերմուկները յայտնի են ոչ միայն արտաքին (մորթային), այլև ներքին հիւանդութիւններու (ստամոքս, լեարդ, կանացի հիւանդութիւններ) բուժման համար:

Միջնադարեան հին դեղատոմսերու կիրառմամբ Հաճընի մէջ ևս դողերոցքը բուժելու լաւագոյն միջոցը կը համարուի պաղ ջուրի լոգանքը [25]:

Նոյնպէս քաղաքին արևմտեան կողմը կայ Սուրբ Գրիգորի աղբիւրը, որ յայտնի է բուժիչ յատկութիւններով: Այն համոզումը կար, որ այս աղբիւրին օգտակարութիւնը յատկապէս մեծ է Մայիս ամսուան մէջ: Ուստի յատկապէս Մայիս ամսուան ընթացքին ամուլ կիներ և հարսներ այս աղբիւրին այցելութեան կու գան, կը լուացուին այս ջուրով, հաւատալով, թէ անոր բուժիչ զօրութեամբ իրենց բաղձանքը կը կատարուի [26]:

Իսկ ահա քաղաքին հարաւ-արևելեան կողմը՝ բլուրի մը վրայ կը գտնուի Ս. Սարգիսի ուխտատեղին, ուր միայնակ ծառ մը կայ, որուն ճիւղերուն վրայ ուխտաւորներ լաթի կտորներ կը կապեն, յատկապէս հաւատալով, թէ հանգոյց կապելով կը չեզոքանան տենդով հիւանդներուն դողն ու սարսուռը [27]:

Հաճընէն տեսարան մը (Աղբիւր՝ Ferdinand Brockes, Quer durch Klein-Asien, Gütersloh, 1900)

Բուժական այլ միջոցներ և դեղեր

Ֆրանկախտ (սիֆիլիս)

Ֆրանկախտը բուժելու համար կը գործածեն՝

ա. չէօփ իւչի կամ չափարնա կոչուած խոտը: Բուժական նպատակով կը գործածուի բոյսին արմատը, որուն վրայ եռացած ջուր աւելցնելով կը թրմեն, ապա քամելէ ետք կը խմցեն հիւանդին: Ասկէ զատ ծոմ կը պահեն և անլի հաց կ'ուտեն, որուն խմորը կը պատրաստեն չէօփ իւչիի թուրմով [28]:

բ. Մեղրի մէջ որոշ քանակութեամբ սնդիկ խառնելով կ'ուտեն կերակուրի ժամանակ [29]: Հնագոյն ժամանակներէն ի վեր սնդիկը յայտնի եղած է թէ' իր թունաւոր և թէ բուժական յատկութիւններով: Ժողովրդական բժշկութեան մէջ սնդիկի միացութիւններով պատրաստուած դեղամիջոցները՝ ախտահանիչ, մանրէասպան դեր կը կատարէին, որ աւանդաբար ծանօթ եղած է նաև Հաճընի ժողովրդական բժիշկներուն:

Թոքախտ

Թոքախտի բուժման համար ամէնէն օգտակար միջոցը իշու կաթն է, որ 40 օր կը խմցեն հիւանդին, 40 օր ետք երեք հատ շան լակոտ մորթելով և միսը եփելով հիւանդին կու տան: Հաւատացած են, թէ շան միսը ուտելէ յետոյ եթէ հիւանդը փսխէր, այդ մէկը նշան էր, թէ ենթական բժշկուած է [30]:

Ստամոքսի և երիկամներու հիւանդութիւններ

Այս հիւանդութիւններուն պարագային կը գործածեն մոլոշի կամ եղինճի՝ էպէ քէօմէճի կամ էր անանուխի թուրմը [31]: Այս էպէ քէօմէճի կոչուող խոտը այնքան անուն հանած էր, որ ժողովուրդը անոր մասին կ'երգէր.

Հայտին թօփլայալըմ էպէ քէօմէճի,
Խասթալարա շիֆա էպէ քէօմէճի,
Տէրտլիրէրէ տէրմապ էպէ քէօմէճի
[32]:

Թարգմանութիւն՝

Եկէք մոլոշ հաւաքենք,
Հիւանդներուն դարման մոլոշ,
Տառապողներուն բուժում մոլոշ։

Միզակապութիւն

Միզակապութեան ատեն թարմ ազատքեղի տերևներով կամ անոր հունտէն պատրաստուած թէյ կը խմեն, կամ նոյն կերպ գարիի հատիկներով թրմուած ջուրը [33]:

Կոկորդի ցաւ

Կոկորդի ցաւի, նշագեղձերու բորբոքումի կամ բերանի խոռոչի մէջ վէրքերու համար՝ ճերմակ շան կղանքը, կապոյտ քարը և սեկը (կենդանիի նուրբ մշակուած կաշի) վառելով փոշիի կը վերածեն, ապա իրարու հետ խառնելով, խողովակաձև ձօղիկներով (դարտէկ) կը խմեն [34]:

Արիւն մաքրել

Արիւնը մաքրելու համար գարեջուր կը խմցնեն, կամ տզրուկ (սիւլիւք) կը փակցնեն և կամ արիւն կ'առնեն ծոծրակէն կամ կռնակէն [35]:

Կարմիր բշտիկ

Մորթի վրայ կարմիր բշտիկները, թարախի գնդիկները վերացնելու համար կը խմեն քթանի (կտաւատ, վուշ – լատ. Linum usitatissimum) եռացած ջուրը [36]:

Մորթի պալար

Մորթի վրայ առաջացած պալարները կը բուժեն քթանի սերմով պատրաստուած թուրմի թրջոցներով, զոր մաքրելէ յետոյ մեղրամոմէ և ձիթաիւղէ պատրաստուած խառնուրդը հալեցնելով վէրքին վրայ կը կապեն [37]:

Վնասուածք

Բարձր տեղէ կամ ծառէն իյնալու պատճառով զգայազիրկ եղած անձը կը փաթթեն նոր մորթուած ոչխարի կամ այծի մորթով, երբ դեռ կենդանիի մորթը տաք է: Վնասուածքի պատճառով ներքին արիւնահոսութեան պարագային՝ իւղը և ռուպը իրար խառնելով կը հալեցնեն և հիւանդին (տուժածին) կը խմցնեն [38]:

Կոտրուածք

Ոսկորի վնասուածքի՝ կոտրուածքի համար քիւշնէ կոչուած խոտը կը ծեծեն և հաւկիթի դեղնուցին հետ կը խառնեն, ապա այս խառնուրդը կտաւի վրայ տարածելով անով կոտրուածքը կը կապեն, նախապէս շփելէ և կոտրած ոսկորները քաշելէ և միացնելէ յետոյ [39]:

Կոտրուածքի համար կը գործածեն նաև ծեծուած չամիչ, կամ միսը ծեծելով կոտրուածքին վրայ կը կապեն [40]:

Ցրտահարութիւն

Երբ մարդ մը ցրտահարուի կամ սառչի, անոր աղբի (հաւանաբար մարդկային) մէջ կը պառկեցնեն, կամ անոր մարմնի ցրտահարուած մասերը աղբով կը պատեն [41]:

Քոս

Քոսը դարմանելու համար նախ մազերը կ'ածիլեն, յետոյ մէզով կը լուան, այնուհետև սև ձիւթը հալելով կտաւի վրայ կը տարածեն ու փակցնեն ենթակային գլխուն: Այս գործողութիւնը երեք անգամ կը կրկնեն, որմէ ետք գլխուն վրայ կը սկսի նոր աճող մազեր երևիլ [42]:

Թութք

Թութքը (hemorrhoids) բուժելու համար խոզակաղինը ծեծելով փոշիի կը վերածեն, խաշուած հաւկիթը այս փոշիով խառնելով կ'ուտեն [43]:

Բերանի վէրք

Բերանի խոռոչին վէրքերուն իբր դարման կը գործածեն շապը կամ սեկը, զոր ծեծելէ և այրելէ ետք կը խառնեն գխտորի և ծխախոտի մոխիրին հետ ու վէրքին վրայ կը դնեն: Նոյնպէս սումաքը եռացաց ջուրով թրմելէ ետք անով կ՚ողողեն բերանը [44]:

Ակռայի ցաւ

Ակռայի ցաւի համար ոսպը կը խաշեն և անոր տաք շոգին կը շնչեն, կամ մեխակի իւղը օղիի հետ խառնելով անով կը ցողուեն բերանը: Ակռայի ցաւը մեղմելու համար ծխախոտ կը դնեն կամ ծխախոտի ծուխ կը քաշեն [45]:

Աչքի ցաւ

Աչքի ցաւի համար հաւկիթի ճերմկուցը սեկի հետ կը խառնեն, այս խառնուրդը կապոյտ կտաւի վրայ կը տարածեն և աչքին կը կապեն։ Այլ դարման մըն է՝ ցաւոտ աչքին կաթեցնել աղջիկ դիեցնող կնոջ մը կրծքի կաթը [46]: Կան նաև այլ միջոցներ, ինչպէս աչքի վրա թուք քսել, կարմիր լոլիկ դնել, իսկ թրախոմայի պարագային կը գործածեն կապոյտ քարը`կէօք թաշը, որ ծեծելէ և փոշիի վերածելէ ետք՝ կը քսեն կոպերի ներսիդին [47]:

Յօդացաւ

Յօդացաւը բուժելու յատուկ կերպ մը կը կիրարկեն. նախ ցաւոտ տեղին վրայ վէրք մը կը բանան, անոր վրայ սիսեռի հատիկ մը կը դնեն և վրան ալ ճըվախոտ (գըրգ սիներ) կոչուած խոտը դնելով կը կապեն: Վէրքը բորբոքելով կը սկսի դեղնաւուն հեղուկի արտահոսքը։ Սիսեռի և ճըվախոտի բաղադրութեամբ վիրակապը օրուան մէջ քանի մը անգամ կը փոխուի, որոշ ժամանակ ետք, երբ արտահոսքը կը դադրի յօդացաւն ալ կ'անհետանայ [48]:

Ականջի ցաւ

Ականջի ցաւի համար կը գործածեն ձիթաիւղ, օղի, կամ նորածին մուկը ձէթին մէջ հալեցնելով այդ շիճուկը ականջին մէջ կը կաթեցնեն [49]:

Կողապատ

Կողատապի (սաթլըճան) համար գաւաթ կը քաշեն, յետոյ օղիով կը շփեն [50]:

Որովայնի որդ

Որովայնային տափակ որդերի և յատկապէս թենիա (երիզորդ) որդի տեսակներու համար կը կիրարկեն հետևեալ միջոցը. առաւօտեան անօթի փորով առատօրէն դդումի հում կուտ կ'ուտեն, իսկ սովորական փոքր որդերու համար շատ օգտակար է կաքաւի կօշիկ կոչուած ծաղիկը, որ թթուաշ համ ունի [51]:

Թունաւորում

Թունաւորումներու ժամանակ հիւանդին կաթ կամ մածուն կը խմցնեն, կամ անանուխի և այլ խոտաբոյսերէ պատրաստուած թէյ [52]:

Կարիճի խայթոց

Կարիճի խայթոցի պարագային մածունի մէջ խառնուած սխտոր կը քսեն խայթուածքին վրայ [53]:

Փորի ցաւ

Փորի ցաւի, կամ որովայնային սուր ցաւերու (սանճի) պարագային չոր գաւաթ կը քաշեն, կամ աղիւսը տաքցնելով փորի վրայ կը դնեն իբր դարման [54]:

Ողնայարի ցաւ

Ողնայարի և ուսերու ցաւի համար գետինը պառկելով ցաւած տեղերը կոխկռտել կու տան [55]:

Վախ

Վախի համար փէնզէհիր (հակաթոյն) կոչուած քարը որևէ առարկայի հետ ջուրի մէջ շփելով, այդ ջուրէն կը խմեն: Վախը բռնելու համար սովորութիւն է նաև աղաւնիի սիրտ կուլ տալը [56]: 

Գլխացաւ

Գլխացաւի դէմ շատ մը միջոցներ կան. կիները սովորաբար մազերը հինայ կը դնեն, ոտքերը մանանեխով (խարտալ) տաք ջուրի մէջ կը դնեն, ճակատը օղիով կը շփեն [57]:

Մրսածութիւն

Մրսածութեան պարագային, իբր քրտնեցնող միջոց մանանեխով թրջոցներ կը դնեն հիւանդին մէջքին, կռնակի վրայ կը պառկեցնեն, տաք վերմակներով կը ծածկեն, կը հաւատան, թէ քրտինքին հետ դուրս կու գան մարմինի մէջ կուտակուած բոլոր ախտերը [58]:

Ոջիլ

Ոջիլի դէմ պայքարելու համար գլուխուն և մազերուն վրայ քարիւղ կը քսեն [59]:

Մորթը եռալ

Երբ մորթը եռայ կամ կիճիմիք ըլլայ կը լուացուին հռոմ թութի (ռում թութի) և կամ մոխիրի ջուրով [60]:

Մատի վնասուածք

Եթէ մատը դանակով կամ այլ գործիքով կտրուի, վնասուած մասին աղ կը դնեն և կամ վրան կը միզեն [61]:

Մատի թարախոտում

Եթէ մէկու մը մատը տօլամա (մատնաշունչ, թարախային բորբոքում) ըլլայ, վրան տաւարի կամ հորթի լեղուց կը կապեն [62]:

Գլխու վնասուածք

Եթէ մէկու մը գլուխը պատռի, վէրքին վրայ սոխ ու սխտոր կը կապեն [63]:

Կեղծամաշկ

Կեղծմաշկի (գուշպօղանդիֆթերիտ/diphteritis) համար շան ամորձիքը ծեծելով վրան կը կապեն [64]:

Խոյլ

Եթէ մէկը խոյլ (գեղձի բորբոքում) ունենայ վիզին քէհրիպար (սաթ/amber, հանածոյ բուսական խէժ որ մանր կտորներով կը գտնուի հողի տակ) կը կախեն [65]:

Համայիլ, Պոլիս, 1655. աղօթքներ, Սուրբ Սարգիսը ձիուն հեծած (Աղբիւր՝ British Library Or. MS 14028)

Հաւատալիքներ և սովորութիւններ յանուն առողջութեան

Այս հաւատալիքները այնքան խոր արմատներ ունին, որ երբեմն ամբողջ ծիսակարգի, արարողութիւն վերածուած են: Եթէ փորձենք թափանցել Հաճընի հայոց մէջ ժողովրդական կենսափորձի իմաստութիւնը հաւաստող ծիսահամակարգի մէջ, ապա կը տեսնենք, որ անոնց մեծ մասը հին հաւատալիքներու, կրօնի և պաշտամունքային տարրերու վերապրուկներ են, մաս մըն ալ միախառնուած են տեղական հաւատալիքներուն և պատկերցումներուն հետ: Մէկ կողմէ ժողովրդական բժշկութեան կուտակած հարուստ փորձը, միւս կողմէ բուժման նպաստող աղօթքները, սննդակարգը՝ ծիսական արարողութիւններուն հետ միատեղ, կը կազմեն Հաճընի առողջական-բուժական համալիրը, որոնցմէ շատեր յարատևած են մինչև իսկ մեր օրերը:

Այս շարքին կը պատկանին չարխափան համայիլները և յուռութները: Հաճընցիք կը հաւատան թէ այս պահպանակները բարձի տակ դնելով կամ պատէն կախելով կը պաշտպանեն չար աչքէ և չար ուժերէ [66]: Այս սովորոյթները, որքան ալ սնոտի թուին, կ'առանձնանան իրենց բուժիչ յատկութիւններով. ինչպէս օրինակ՝ բուժական ներգործութեամբ օժտուած օձաքարը (Lapis ophites), որ կը կիրառեն որպէս յուռութք՝ գլխացաւի, ընկնաւորութեան և այլ հիւանդութիւններ կանխարգիլելու նպատակով:

Այդ աւանդութիւններէն է կենդանի՝ արու այծ, գառ, ոչխար կամ աքաղաղ զենելու սովորութիւնը, որ կու գայ դեռ հեթանոսական ժամանակներէն, հիւանդութենէ ազատելու, առողջութիւն խնդրելու և կամ բժշկուելու համար գոհացում յայտնելու համար [67]: Այս շարքին կը պատկանին նաև ուխտատեղիներ, սրբատեղիներ ուխտի երթալը: Ինչպէս ծանօթ է Հաճըն և շրջակայքը հարուստ է եկեղեցիներով, մատուռներով և ուխտատեղիներով: Նշանաւոր են՝ Սուրբ Սարգիսի սրբատեղին, Սուրբ Յակոբի վանքը, Չաթախի Սուրբ Կարապետի մատուռը, Գըրտէտի Սուրբ Վառվառի մատուռը, ինչպէս նաև Էֆքէրէի Սուրբ Կարապետ վանքը [68]:

Այս բոլորէն զատ, Հաճընի մէջ մեծ հաւատք կ'ընծայեն «Նարեկ» անունով ժողովուրդին կողմէ սրբացուած գիրքին: Հիւանդները բժշկելու, ախտերէ ազատելու նպատակով սովորութիւն է հիւանդի գլխուն «Նարեկ» կարդացնել, կամ բարձին տակ «Նարեկայ» գիրքը դնել [69]:

Ատամնաբուժութիւն

Ինչպէս առհասարակ Օսմանեան կայսրութեան ողջ տարածքին, Հաճընի մէջ նոյնպէս ատամնաբուժութիւնը մինչև 20-րդ դարու սկիզբը կը գտնուէր ամենանախնական աստիճանի վրայ։ Բաւարար է յիշել, որ առաջին ուսեալ ատամնաբոյժը Հաճըն ոտք դրած է 1900-ականներուն, և ան ալ գործին անգոհացուցիչ ըլլալուն պատճառաւ ստիպուած եղած է Այնթապ դառնալ [70]:

Ինչպէս ամէն տեղ Հաճընի մէջ նոյնպէս հին ատենները ատամնաբուժութիւնը բառի իրական առումով արհեստ մըն էր, և այդ գործը՝ ակռայ քաշել, դեղել և այլ գործողութիւններ կը կատարեն սափրիչները: Եթէ ակռայի ցաւը շատ սաստկանայ, ենթական սափրիչի խանութ կ'երթայ, և սափրիչը կոշտ ու անյարմար աքցանով մը կը քաշէ ցաւող ակռան: Ակռայի ցաւի համար կարգ մը նախնական միջոցներ ևս կան, ինչպէս՝ տաք լափա դնել, ծխախոտի ծուխ քաշել, օղիով բերանը ցողուել ևլն [71]:

Այս գործին մէջ հմտացած են Պէրպէր Փանոս և Պէրպէր Սարգիս եղբայրները, նաև Տօլտոյը: Ասոնք իրենց ճարտարութեան շնորհիւ բաւական անուն հանած են, երկար ատեն ծառայելով հաճընցիներուն թէ' իբրև սափրիչ և թէ իբրև ատամնաբոյժ [72]:

  • [1] Յ.Պ., Պօղոսեան, Հաճընի Ընդհանուր Պատմութիւնը եւ շրջակայ Գօզան-տաղի հայ գիւղերը, Լոս Անճէլըս, 1942, էջ 229:
  • [2] Նոյն:
  • [3] Նոյն, էջ 229-230:
  • [4] Նոյն, էջ 230:
  • [5] Նոյն:
  • [6] Նոյն:
  • [7] Նոյն:
  • [8] Նոյն:
  • [9] Նոյն:
  • [10] Նոյն, էջ 231:
  • [11] Նոյն:
  • [12] Նոյն:
  • [13] Նոյն:
  • [14] Նոյն, 230:
  • [15] Նոյն, 231:
  • [16] Նոյն:
  • [17] Նոյն:
  • [18] Նոյն, էջ 232:
  • [19] Նոյն:
  • [20] Նոյն, էջ 228:
  • [21] Նոյն, էջ 228-229:
  • [22] Նոյն, էջ 228:
  • [23] Նոյն:
  • [24] Նոյն:
  • [25] Նոյն, էջ 224:
  • [26] Նոյն, էջ 223:
  • [27] Նոյն, էջ 224:
  • [28] Նոյն:
  • [29] Նոյն:
  • [30] Նոյն, էջ 224-225:
  • [31] Նոյն, 225:
  • [32] Նոյն:
  • [33] Նոյն:
  • [34] Նոյն:
  • [35] Նոյն:
  • [36] Նոյն:
  • [37] Նոյն:
  • [38] Նոյն:
  • [39] Նոյն:
  • [40] Նոյն:
  • [41] Նոյն, էջ 226:
  • [42] Նոյն:
  • [43] Նոյն:
  • [44] Նոյն:
  • [45] Նոյն:
  • [46] Նոյն:
  • [47] Նոյն:
  • [48] Նոյն:
  • [49] Նոյն:
  • [50] Նոյն, 226-227:
  • [51] Նոյն, էջ 227:
  • [52] Նոյն:
  • [53] Նոյն:
  • [54] Նոյն:
  • [55 Նոյն:
  • [56] Նոյն:
  • [57] Նոյն:
  • [58] Նոյն:
  • [59] Նոյն:
  • [60] Նոյն, էջ 228:
  • [61] Նոյն:
  • [62] Նոյն:
  • [63] Նոյն:
  • [64] Նոյն:
  • [65] Նոյն:
  • [66] Նոյն, էջ 224:
  • [67] Նոյն, էջ 223:
  • [68]Նոյն:
  • [69] Նոյն, էջ 224:
  • [70] Նոյն, էջ 233:
  • [71] Նոյն, էջ 232:
  • [72] Նոյն, էջ 233: