Սիս – Եկեղեցիներ եւ սրբավայրեր

Հեղինակ՝ Վահէ Թաշճեան, 26/09/14 (վերջին փոփոխութիւն՝ 26/09/14)

Նոր վանք (կաթողիկոսարան)

Սսեցիները Նոր վանք կը կոչեն կաթողիկոսական համալիրը որ կը գտնուի քաղաքին հիւսիս-արեւմուտքը, բերդին բլուրին լանջին։ Ճիշդ այս վայրին տեղը հին ժամանկներուն, կիլիկեան թագաւորութեան օրերուն, Հեթում Ա. (1226-1269) կառուցել տուած է թագաւորական պալատը, որն ունէր իր սեփական տաճարը՝ Ս. Սոփիան։ Սիսը դարձած էր արդէն (1180-ի եւ 1190-ի միջեւ) Կիլիկիոյ հայ իշխաններուն մայրաքաղաքը եւ այս ձեւով փոխարինած նախկին կեդրոնը՝ Անաւարզան։ Թագաւորական համալիրը կը քանդուի Եգիպտոսի մամլուքներուն դէմ պատերազմներուն ընթացքին, 1375-ին։ Կանգուն կը մնան երկու անկիւնային աշտարակներ, որոնք յետագային մաս պիտի կազմէին նոր կաթողիկոսարանին ընդհանուր կառոյցին [1]։

Կաթողիկոսական համալիրը։ Նկարին ձախին, մեծ քարաշէն կառոյցը՝ Ս. Սոփիա տաճարն է։ Աջին, կ՚երեւին թագաւորական պալատի աւերակներէն երկու անկիւնային աշտարակները։ Նկարին աջին, կաթողիկոսարանի պարիսպներէն դուրս՝ Ս. Սոփիայի ճիշդ տակը գտնուող տունը կը պատկանի Սիսի հայ երեւելիներէն՝ Գրիգոր էֆենտի Մճրգեանի (Եաւէր էֆենտի)։ Այս վերջինին անունով ալ ապարանքը ծանօթ է Եաւերին քոնաքը (yaverin konağı) անունով (Աղբիւր՝ Նուպարեան գրադարան, Փարիզ)

Նոր վանքին կառուցումը Կիրակոս Ա. Աջապահեան կաթողիկոսին (1797-1822) գործն է։ Աշխատանքները ծայր կ՚առնեն 1810-ին։ Նորակառոյց մայր տաճարը կը բարձրանայ թագաւորական տարիներու Ս. Սոփիայի աւերակներուն վրայ։ Նոր տաճարը նոյնպէս կը կոչուի Ս. Սոփիա. անիկա ճարտարապետական տպաւորիչ գործ մըն է, օժտուած է շքեղ աւագ խորանով մը եւ նոյնքան հինանալի կաթողիկոսական գահով մը։ Այս վերջինը մարմարեայ շինութիւն մըն է, որուն վրայ փորագրուած են հարթաքանդակներ, չորս կողմերէն սիւներ կը բարձրանան եւ կ՚աւարտին թագանման ամպհովանիով մը։ Տաճարը ունի իր զանգակատունը, բայց զանգը տեղադրուած է նոյն տաճարին յարակից մասերէն՝ Ս. Պօղոս-Պետրոս մատուռին պատուհանին բացուածքին մէջ։ Այս զանգակին հնչեղութեան պատճառով, տեղաբնիկ թուրքերը տաճարը կը կոչեն չանլը քիլիսէ (çanlı kilise, զանգակաւոր եկեղեցին)։ Բացի Ս. Պօղոս-Պետրոս մատուռէն, տաճարին կցուած են նաեւ Էջմիածնի, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի, Ս. Հոգիի մատուռները, ինչպէս նաեւ գանձատունը [2]։

Ս. Սոփիա մայր տաճարին յատակագիծը (Աղբիւր՝ Lévon Nordiguian, “La cathédrale de Sis. Essai de reconstitution” in Raymond Kévorkian, Mihran Minassian, Lévon Nordiguian, Michel Paboujian, Vahé Tachjian (eds), Les Arméniens de Cilicie. Habitat, mémoire et identité, Presses de l’Université Saint-Joseph, Beyrouth, 2012, էջ 59)

Կաթողիկոսարանի համալիրին մանրամասն նկարագրութիւնը կ՚ընէ Սահակ Բ. կաթողիկոս (1902-1939), 1903 թուականին։ Այսպէս, հիւսիսային դռնէն մտնելով, ձախին կը տեսնենք քարաշէն մարագ մը եւ ախոռ մը։ Ասոնցմէ քիչ անդին կայ երկյարկանի տուներու փոքր թաղամաս մը, որ կը ծառայէ իբրեւ ուխտաւորներու հիւրանոց։ Այս վայրին ղամըշլը (kamışlı, եղեգնուտ) անունը կու տան, նկատի ունենալով որ սենեակները իրարմէ կը բաժնուին եղեգեայ պատերով։ Այս թաղին արեւմուտքը կը գտնուի վանքին խոհանոցը՝ իր մառանով եւ փուռով։ Աւելի հարաւ երթալով կը հասնինք դարպասին, որ երեք կամարներով փայտածածկ երկար սենեակ մըն է։ Դարպասին կողքին կառուցուած են բազմաթիւ փոքր կամ միջակ չափի տնակներ, որոնք միաբաններուն ննջարաններն են։ Ասոնց մէջ է նաեւ Սահակ Բ.ին նախորդած՝ Մկրտիչ Քեֆսիզեան կաթողիկոսին (1871-1894) վեհարանը [3]։

Ս. Սոփիայի խորանը (Աղբիւր՝ Hermann Goltz, Der Gerettete Schatz der Armenier aus Kilikien, Dr. Ludwig Reichert Verlag, Wiesbaden, 2000)

Աւելի հարաւ ուղղուելով կը հասնինք վեհարանին։ Կառոյցին մուտքին կայ լիվանը (էյվան, վերանտա), որ դէպի վեհարանի շէնքը տանող քանի մը դուռեր ունի։ Անոնցմէ մէկը կաթողիկոսին ննջասենեակն է, ուրիշ դուռեր կ՚առաջնորդեն դէպի ճաշասենեակը, մառանը եւ բաղնիքը։ Վերջապէս դուռ մըն ալ կը բացուի այս կառոյցին կարեւորագոյն սենեակին՝ խաչաձեւ դահլիճին վրայ։ Վեհարանը շինուած է Կիրակոս Ա. կաթողիկոսի օրով։ Ամբողջութեամբ փայտեայ կառոյց մըն է, ուրկէ ընդհանուր տեսարան մը կը բացուի քաղաքին վրայ [4]։ Մուշեղ Սերոբեան Ատանայի առաջնորդ եղած օրերուն, Մարտ 1905-ին կ՚այցելէ Սիսի կաթողիկոսարանը եւ վկայութիւններ ունի վեհարանին մասին։ Ըստ անոր այս դահլիճը կը կոչուի նաեւ խաչ օտա, պատերը վրձինուած են գեղատեսիլ պատկերներով, ինչպէս սուրբերու պատկերներ, բայց նաեւ աշխարհիկ կեանքէ առնուած տեսարաններ, ինչպէս ծաղիկներ, դաշտանկարներ, մշակը որ հողը կը հերկէ, հովիւը որ ոչխարները կ՚արածէ, առագաստանաւեր որոնք ծովը կը ճեղքեն [5]։

Համալիրին մէջ կը գտնուի նաեւ Ժառանգաւորացը։ Այս հաստատութեան կողքին, 1899-ին կը բացուի նաեւ որբանոց մը, որ կը գործէ քանի մը տարի։

Ս. Սոփիայի մէջ զետեղուած կաթողիկոսական աթոռը (Աղբիւր՝ Hermann Goltz, Der Gerettete Schatz der Armenier aus Kilikien, Dr. Ludwig Reichert Verlag, Wiesbaden, 2000)

Հին վանք

Այս վայրին մէջ շատ հաւանաբար գտնուած է Կիլիկիոյ թագաւորութեան տարիներուն հայոց կաթողիկոսարանը, որ 1292 թուականին Հռոմկլա քաղաքէն կը փոխադրուի Սիս։ Տեղացի հայերը զայն պարզապէս կը կոչեն Հին վանք։ 1734-ին, Ղուկաս Աջապահեան կաթողիկոսին (1731-1737) օրով հին աւերակներուն վրայ կը ձեռնարկուին նոր եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքները։

Սիս, մօտաւորապէս 1920-ին. նկարին կեդրոնը, քիչ մը դէպի ձախ, կ՚երեւի մեծ, երկյարկանի եւ բազմաթիւ պատուհաններով շինութիւն մը, որ Ազգային վարժարանն է։ Ճիշդ աջին կը տեսնենք Հին վանքը իր փոքր գմբէթով (Աղբիւր՝ լուսանկար Հայր Կապրիէլ Պրեթոքի, Archives départementales de l’Eure, Fonds Gabriel Bretocq)

Միսաք Քէլէշեանի համաձայն, այս շինութիւնը տեղացիները ժամանակին կոչած են Գլխիբացի վանք՝ գմբէթին վրայ բացուած պատուհաններուն պատճառով [6]։ Բայց պատմագիրներուն եւ յուշագիրներուն քով (Ղեւոնդ Ալիշան, Միսաք Քէլէշեան) ընդհանուր շփոթութիւն մը կը տիրէ այս եկեղեցւոյ պաշտօնական անունին շուրջ։ Կը կարծենք որ ամէնէն հաւանականը Ս. Աստուածածին անունն է, որ կը հաստատուի նաեւ 19-րդ դարու կէսերուն Սիսի մէջ գրի առնուած ձեռագիր վկայութեան մը կողմէ [7]։

1850-ական թուականներուն, ֆրանսացի ուղեգնաց Վիքթոր Լանկլուայի Սիս այցելութեան օրերուն, եկեղեցին արդէն իսկ վերածուած էր հայկական վարժարանի։ Եկեղեցիին մէջ տակաւին կը պահուէր կաթողիկոսական փայտեայ աթոռը, որ պատրաստուած է 18-րդ դարուն Հալէպի մէջ՝ Միքայէլ Գասպար անունով վարպետի մը կողմէ։ Ղուկաս կաթողիկոսին դամբարանը նոյնպէս հաստատուած է եկեղեցւոյ մէջ՝ աջակողմեան խորանին քով, իսկ փակին մէջ կը գտնուին այլ կաթողիկոսներու դամբարաններ, որոնց շարքին են Յովհաննէս Ե. (ծնած Հաճըն, 1705-1721), Միքայէլ Ա. (Ղուկասի եղբայրը, 1737-1758), Թորոս Գ. (1784-1796) [8]։

19-րդ դարու սկիզբը, երբ կը հիմնուի Նոր վանքը, այսինքն կաթողիկոսարանը, Հին վանքի եկեղեցին շուքի մէջ կը մնայ եւ վայրը աւելի շատ կը դառնայ կրթական օճախ մը, նկատի ունենալով որ ճիշդ եկեղեցւոյն կողքին կը կառուցուի Ազգային վարժարանը։

Ս. Սարգիս

Սիս, 1903-ի ամառ. Միւռոնօրհնէքի արարողութենէն տեսարան մը։ Նկարին կեդրոնը կ՚երեւի Սահակ Բ. կաթողիկոսը, իսկ աջին, վարի անկիւնը՝ Ս. Միւռոնի կաթսան։ Ամբողջական լուսանկարը տեսնել ստորեւ (Աղբիւր՝ Ասատուր Էպէեանի հաւաքածոյ, Աթէնք. շնորհակալութիւններ՝ Մայք-Մկրտիչ Ցիլինկիրեանի)

Վիքթոր Լանկլուայի համաձայն, այս մէկը փոքր եկեղեցի մըն է որ կառուցուած է քաղաքին կեդրոնը։ Հաւանաբար Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան շրջանէն մնացած շինութիւն մըն է, բայց հին կառոյցէն կը մնայ միայն բեմին վրայի կամարը։ Մնացեալը յետագային կատարուած շինութիւններ են։ Լանկլուայի այցելութեան ժամանակ, տանիքը ծածկուած եղած է փայտով եւ հողով, բայց աւելի ուշ թուականներու առաստաղը նորոգուած է եւ՝ կղմինտրներով ծածկուած։ Կամարներուն հաւասար բարձրութեամբ բացուած են փոքր պատուհաններ, որոնք հազիւ կը լուսաւորեն ներսը։ Եկեղեցւոյ ներսի քարերուն վրայ փորագրուած են խաչեր, ինչպէս նաեւ կ՚երեւին սուրբերու հարթաքանդակներ [9]։

Սիս, 1903-ի ամառ. Միւռոնօրհնէքի արարողութենէն եւ Սահակ Բ կաթողիկոսի օծումէն տեսարան մը (Աղբիւր՝ Ասատուր Էպէեանի հաւաքածոյ, Աթէնք. շնորհակալութիւններ՝ Մայք-Մկրտիչ Ցիլինկիրեանի)

Ս. Սարգիսի կողքին կը գտնուի փոքր գերեզմանատուն մը, ուր թաղուած են Սիսի երեւելի ընտանիքներու զաւակներ, ինչպէս Ֆերմանեաններ եւ Նալպանտեաններ։ Եկեղեցի եւ գերեզմանատուն շրջապատուած են բարձր պատով մը [10]։

1) Միւռոնի միեւնոյն կաթսան է, զոր կը տեսնենք 1904 թուականի վերի լուսանկարին մէջ։ Ներկայիս կը գտնուի Անթիլիաս, կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ (Աղբիւր՝ Hermann Goltz, Photographien von Klaus E. Göltz, Der Gerettete Schatz der Armenier aus Kilikien, Dr. Ludwig Reichert Verlag, Wiesbaden, 2000)
2) Պատարագի ընթացքին գործածուող սկիհներ (Աղբիւր՝ Hermann Goltz, Photographien von Klaus E. Göltz,
Der Gerettete Schatz der Armenier aus Kilikien, Dr. Ludwig Reichert Verlag, Wiesbaden, 2000)
3) Պատարագի ժամանակ խունկ խնկարկելու համար գործածուող բուրվառներ (Աղբիւր՝ Hermann Goltz, Photographien von Klaus E. Göltz,
Der Gerettete Schatz der Armenier aus Kilikien, Dr. Ludwig Reichert Verlag, Wiesbaden, 2000)

Ս. Սարգիսի տօնին օրը այստեղ կը մատուցուի պատարագ եւ կը բաշխուի մատաղ։ Այս եկեղեցին որոշ ժամանակ ծառայած է իբրեւ դպրոց՝ նախապէս տղոց, ապա աղջիկներու [11]։

Ս. Աստուածածին

Այս եկեղեցին եւս կը կարծուի ըլլալ թագաւորական ժամանակաշրջանի շինութիւն մը, որմէ սակայն, ըստ Լանկլուայի, մնացած է միայն բեմը։ Ունի երեք խորան։ Երկար ժամանակ եկեղեցւոյն երդիքը ծածկուած եղած է հողով, մինչեւ 1907 թուականը, երբ շնորհիւ ժողովրդային հանգանակութեան մը՝ տանիքը կը ծածկուի եւրոպական կղմինտրներով։ Անոր այցելուները մեծաթիւ են տեղաբնիկներուն մօտ [12]։

Եկեղեցւոյն մէջ գոյութիւն ունի մարմարեայ սիւն մը (20 սմ × 250 սմ), որուն վրայ փորագրուած են «Ս. Կոստանդին» եւ բազմաթիւ խաչեր։ Երաշտի ժամանակ սսեցիք այս սիւնը գետին կը պառկեցնեն՝ հաւատալով որ այս քայլը անձրեւ կը բերէ [13]։

Սիս, համայնապատկեր (Աղբիւր՝ Ղեւոնդ Ալիշան, Սիսուան. համագրութիւն հայկական Կիլիկիոյ, 1885, Վենետիկ, Ս. Ղազար)

Որոշ ժամանակ եկեղեցին ծառայած է իբրեւ աղջկանց վարժարան, իսկ շրջափակին մէջ թաղուած են քանի մը քահանաներ։ Քէլէշեան կ՚ենթադրէ որ այստեղ թաղուած է հայոց թագաւոր Լեւոն Բ.ի մարմինը, իսկ անոր սիրտը թաղուած է Ակներ վանքին մէջ (Էյներ/Eğner գիւղին մէջ) [14]։

Բողոքական եկեղեցի

Սիսի բողոքական համայնքին առաջին հոգեւոր հովիւը (1865-1867) կ՚ըլլայ վերապատուելի Յարութիւն Ճինիշեան։ Անոր կը յաջորդէ վերապ. Գէորգ Գասարճեան (1867-1869), ապա՝ վերապ. Սարգիս Թորեան։ Այս վերջինին օրով է որ կը գնուի Ասլան փաշա թաղամասին մէջ գտնուող Մուլլա Օմարի բնակարանը, որ կարգ մը փոփոխութիւններէ ետք կը վերածուի ժողովարանի։ Յաջորդող տարիներուն, տեղի բողոքական համայնքը յարակից հողերն ալ կը գնէ եւ այստեղ ծրագրուի կառուցել երկյարկանի շէնք մը, որուն վարի յարկը պիտի ըլլար դպրոց, իսկ վերի յարկը՝ եկեղեցի։ Շէնքին հիմնարկէքը տեղի կ՚ունենայ հանդիսաւոր արարողութեամբ, սակայն Սիսի կաթողիկոսարանը կը միջամտէ եւ շինարարական աշխատանքները կ՚արգիլուին։ Ծրագիրը կ՚իրականանայ միայն 1874-ին։ Եկեղեցին յետագային կ՚օժտուի նաեւ մեծ զանգակով մը [15]։

Բացի վերը նշուած անուններէն, Սիսի բողոքական եկեղեցիին մէջ մինչեւ 1915 թուականը հոգեւոր հովիւի պաշտօն կը կատարեն՝ Յովհաննէս Կանիմեան, Գէորգ Մընչրեան, Աւետիս Տէր Կարապետեան, Մելիտոն Մալեան, Մելաքթոն Գրիգորեան, Յակոբ Գումրուեան, Աբրահամ Սէֆէրեան, Կարապետ Գըսսաճըգեան, Դաւիթ Գարամանլեան, Յովհաննէս Չիլինկիրեան, Մանուկ Մարաշլեան, Համբարձում Կէօվգալայճեան, Աբրահամ Պէրպէրեան, Կոստան Մումճեան, Աւագ Շիրէճեան [16]։

1918-ի զինադադարէն ետք, տեղահանութենէն եւ ջարդերէն վերապրող սսեցիներ կը վերադառնան իրենց քաղաքը եւ նոր կեանք մը ծայր կ՚առնէ։ Բողոքական համայնքի մնացորդները կը վերանորոգեն իրենց եկեղեցին եւ դպրոցը, որոնք անցնող տարիներուն վերածուած էին թրքական վարժարանի։ Վերապատուելի Կիրակոս Ֆարաճեան, նոյնպէս նախկին տարագիր մը, կ՚ըլլայ համայնքի նոր քարոզիչը։ Այս քանի մը տարիներուն այստեղ կը պաշտօնավարէ նաեւ պատուելի Կ. Նօխուտեան [17]։

Սիս, մօտաւորապէս 1920-ին (Աղբիւր՝ լուսանկար Հայր Կապրիէլ Պրեթոքի, Archives départementales de l’Eure, Fonds Gabriel Bretocq)

Կաթոլիկ եկեղեցի

Բողոքական եկեղեցիին նման, կաթոլիկներու հոգեւոր տունը կը գտնուի Ասլան փաշա թաղամասին մէջ, հին խանի մը տեղւոյն վրայ։ 1883-ին, շէնքին շինութեան պատճառով դատական հարց կը ծագի հողատէրին հետ, այս առիթով ալ կաթոլիկ համայնքը Մարաշէն կը հրաւիրէ հայ փաստաբան մը՝ Մանուկ էֆենտի Գարամանլեան։ Եկեղեցին ունի ընդարձակ փակ մը՝ պարտէզներով եզերուած, իսկ կողքին կառուցուած են նաեւ համայնքին պատկանող խանութներ [18]։

Սիս, 1904. Միւռոնօրհնէքի արարողութենէն տեսարան մը (Աղբիւր՝ Ասատուր Էպէեանի հաւաքածոյ, Աթէնք. շնորհակալութիւններ՝ Մայք-Մկրտիչ Ցիլինկիրեանի)

Այստեղ պաշտօնավարած են հետեւեալ կաթոլիկ կրօնաւորները. Վրթանէս վրդ. Ուզունեան (1880-1888), Մատթէոս վրդ. Սիսլեան (Մարաշէն), Աւետիս վրդ. Ֆարճոյեան (Մարտինէն), Միքայէլ վրդ. Գարապըյըգեան (Սիսէն), Պօղոս վրդ. Մկրտիչեան (Պոլիսէն), Գրիգոր վրդ. Հատիկեան (Տրապիզոնէն), Յովհաննէս վրդ. Քէմանիճեան (1886-1912, Մարաշէն), Գրիգոր վրդ. Մարուշեան, Յովհաննէս վրդ. Խալխովեան, Պօղոս վրդ. Քէրէճճեան [19]։

Ս. Մինաս

Սսեցիներուն նախասիրած մատուռներէն է։ Կը գտնուի մայրավանքին մօտերը, Մարթաեաններուն տան կից՝ ընդարձակ փակով եւ պարսպապատ։ Անոր փակը գործածուած է իբրեւ գերեզմաննոց, մանաւանդ մանուկներու եւ երեխաներու։ Սովորութիւն է որ իւրաքանչիւր շաբաթ այստեղ զոհ մատուցուի եւ մատաղ պատրաստուի, իսկ Ս. Մինասի տօնին առիթով այս մատուռին մէջ կը մատուցուի պատարագ։ Մեծ պահքին առաջին Շաբաթ օրը – որուն կու տան Հատիկներու շաբաթ անուանումը – ուխտի համար այստեղ կը հաւաքուին վերջին վեց ամսուան ընթացքին պսակուած բոլոր նորահարսերը, անոնց մարմինը վերէն վար պարուրուած կ՚ըլլայ հարսանեկան ճերմակ ծակոցով եւ ամբողջ օրը ուրախութեան պահեր կ՚անցնեն։ Այս բոլորէն բացի, Ս. Մինաս կորուստներէ փրկող սուրբն էր (թրքերէնով՝ yitikci-գտնող)։ Սսեցիներ երբ կը կորսնցնեն առարկայ մը կամ անասուննին անհետ կը կորի՝ կու գան այս մատուռը եւ նուէր մը կը խոստանան Ս. Մինասին [20]։

Եկեղեցական զարդ մը, որ պատկանած է Աջապահեան ընտանիքին՝ Սիս, իսկ այժմ կը գտնուի Անթիլիաս (Լիբանան)՝ կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ (Աջապահեան ընտանիքի հաւաքածոյ. շնորհակալութիւններ՝ Մայք-Մկրտիչ Ցիլինկիրեանի)

Ս. Պօղոս-Պետրոս

Քաղաքին կեդրոնը գտնուող մատուռ մըն է։ Պօղոս-Պետրոսի տօնին օրը այստեղ կը մատուցուի պատարագ եւ կը բաշխուի մատաղ։ Մատուռը ունի պարսպապատ ընդարձակ փակ մը, որ մինչեւ 19-րդ դարու վերջաւորութիւնը գործածուած է իբրեւ գերզմաննոց [21]։

Եկեղեցական զարդեր, որոնք պատկանած են Աջապահեան ընտանիքին՝ Սիս, իսկ այժմ կը գտնուին Անթիլիաս (Լիբանան)՝ կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ (Աջապահեան ընտանիքի հաւաքածոյ. շնորհակալութիւններ՝ Մայք-Մկրտիչ Ցիլինկիրեանի)

Ս. Յակոբ

Կը գտնուի Սիսի կամուրջին ձախ կողմը՝ բերդին ստորոտը։ Անկէ մնացած են միայն աւերակներ։ Միսաք Քէլէշեան կը պատմէ որ մինչեւ 1915 թուականը տակաւին կ՚երեւէին անոր փլատակ պատերը։ Իսկ Երուսաղէմ գացող ուխտաւոր հայեր անպայման կանգ կ՚առնէին անոր առջեւ եւ միայն աղօթելէ ետք ճամբայ կ՚ելլէին [22]։

Զօրավարաց եկեղեցի

Կը գտնուի Սիսի բերդին հարաւային պարիսպին վրայ։ Կ՚ենթադրուի որ անիկա յատկացուած էր բերդի բնակիչներուն եւ զինուորներուն։ Զատիկի երրորդ օրը սսեցիները ունին յատուկ տօն մը որ կը կոչուի Բերդի օր (թրքերէնով kalagünü)։ Ժողովուրդը մէկ օրուայ պաշար շալկած՝ խուռներամ ուխտի կու գայ Զօրավարաց եկեղեցւոյ աւերակներուն մօտ, կիսաքանդ խորանին մէջ կը մատուցուի հանդիսաւոր պատարագ, ապա տեղի կ՚ունենան տօնական խրախճանքներ [23]։

Բերդին ետեւը գոյութիւն ունի այլ եկեղեցւոյ մը աւերակները։ Այստեղ կը գտնուի ծակ քար մը, որ ուխտատեղի է ամուլ կիներուն։ Ըստ տեղական հաւատալիքին, այս քարին կողքով անցնող կինը կը բուժուի իր ամլութենէն [24]։

Եկեղեցական զարդեր եւ կնիքներ, որոնք պատկանած են Աջապահեան ընտանիքին՝ Սիս, իսկ այժմ կը գտնուին Անթիլիաս (Լիբանան)՝ կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ (Աջապահեան ընտանիքի հաւաքածոյ. շնորհակալութիւններ՝ Մայք-Մկրտիչ Ցիլինկիրեանի)

Ս. Նիկողայոս մատուռ

Քաղաքին հիւսիսը, կամուրջ չհասած՝ աւերակ մատուռ մըն է։ Ջրօրհնէքի օրը եկեղեցական թափօրը այս աւերակներուն շուրջ կ՚աղօթէ, ապա, ճամբան դէպի արեւելք քիչ մը շարունակելով՝ կանգ կ՚առնէ գետեզերքին մօտակայ բարձրադիր ժայռի մը վրայ, որ ժողովուրդին կողմէ կը կոչուի Գըզլար օյնաղը (Kızlar oynağı) [25]։

Ս. Սիմէոն

Կը գտնուի քաղաքէն դուրս դէպի հարաւ, ոտքով կէս ժամ հեռաւորութեան վրայ։ Աւերակ վիճակ մը ունի։ Ծանօթ է նաեւ Չամուրտան Քիլիսէ (Չամուրտան ընտանիքին եկեղեցին) անունով, նկատի ունենալով որ նոյն անունով իսլամացած հայ ընտանիքի մը սեփականութիւնն է իր շրջակայ արտերով միասին։ Ներկայիս սոյն վայրը կը կոչուի Չամուրտան Քիսէսի [26]։

Եկեղեցական զարդեր եւ կնիքներ, որոնք պատկանած են Աջապահեան ընտանիքին՝ Սիս, իսկ այժմ կը գտնուին Անթիլիաս (Լիբանան)՝ կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ (Աջապահեան ընտանիքի հաւաքածոյ. շնորհակալութիւններ՝ Մայք-Մկրտիչ Ցիլինկիրեանի)

Ստեփանոս

Ս. Նիկողայոս չհասած, աւերակ մատուռ մըն է [27]։

Ս. Մերկերիոս

Կը գտնուի քաղաքին հարաւային կողմը, աւերակ վիճակի մէջ մատուռ մըն է։ Զատիկէն ետք, Սիսի պառաւները եօթ յաջորդական Ուրբաթներ առտու կանուխ կու գան այս վայրը եւ կ՚աղօթեն [28]։

Եկեղեցական կնիք, որ պատկանած է Աջապահեան ընտանիքին՝ Սիս, իսկ այժմ կը գտնուի Անթիլիաս (Լիբանան)՝ կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ (Աջապահեան ընտանիքի հաւաքածոյ. շնորհակալութիւններ՝ Մայք-Մկրտիչ Ցիլինկիրեանի)

Սըվասըլ (Sıvasıl)

Կը գտնուի քաղաքին արեւմուտքը, բլուրին լանջին, հին եւ նոր վանքերուն միջեւ։ 19-րդ դարու տեղեկագրութիւններուն մէջ արդէն աւերակ վիճակի մէջ է։ Կողքին կայ աղբիւր մը [29]։

Սիւլլոք

Միսաք Քէլէշեանի Սիս գտնուած օրերուն, հին այս եկեղեցիէն – հաւանաբար յունական – մնացած էր միայն աւերակ պատ մը [30]։

Եկեղեցական զարդ, որ պատկանած է Աջապահեան ընտանիքին՝ Սիս, իսկ այժմ կը գտնուի Անթիլիաս (Լիբանան)՝ կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ (Աջապահեան ընտանիքի հաւաքածոյ. շնորհակալութիւններ՝ Մայք-Մկրտիչ Ցիլինկիրեանի)

Հայր Աբրահամ

Ս. Սարգիս եկեղեցիէն դէպի վար, Խաչիկեաններուն տան դիմացը գտնուող ուխտատեղի մըն է [31]։

Ամաճքը մատուռ

«Ամաճքը» (amaçkı) թրքերէն բառ մըն է որ կը նշանակէ «հանդիպակաց»։ Այս մէկը քարայր մըն է, որ կը գտնուի քաղաքին արեւելքը։ Սսեցիք այստեղ կու գան Մեծ պահքի առաջին Հինգշաբթին՝ աղօթելու եւ մոմ վառելու [32]։

Եկեղեցական զարդեր, որոնք պատկանած են Աջապահեան ընտանիքին՝ Սիս, իսկ այժմ կը գտնուին Անթիլիաս (Լիբանան)՝ կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ (Աջապահեան ընտանիքի հաւաքածոյ. շնորհակալութիւններ՝ Մայք-Մկրտիչ Ցիլինկիրեանի)

Չէօրթին ժամը

Բերդին տարածքին մէջ փոքր աշտարակին (küçük baş kule) ստորոտը գտնուող քարայր մըն է, որ ժողովուրդին կողմէ սրբավայր կը համարուի [33]։

Սահակ  Բ. կաթողիկոս Խապայեան (1902-1939) (Աղբիւր՝ Hermann Goltz, Der Gerettete Schatz der Armenier aus Kilikien, Dr. Ludwig Reichert Verlag, Wiesbaden, 2000)

Մուհապպէթճիներու (muhabbetci) աղօթատեղի

Մուհապպէթճիները կը ներկայացնեն կրօնական ընկերութիւն մը կամ եղբայրակցութիւն մը, որ ծնունդ առած է 1870-ական թուականներուն Մարաշի հայերուն մէջ եւ տարածում գտած՝ յատկապէս Զէյթունի, Հաճընի, Տէօրթեօլի եւ Սիսի մէջ։ Հայերէնով ծանօթ է նաեւ «Սիրոյ ընկերութիւն» անունով [34]։ Սիսի մասնաճիւղը կը հիմնուի 1891-1892 թուականներուն, Հաճի Սարգիս Պաշեանին կողմէ։ Ընկերութիւնը ունի իր սեփական աղօթատեղին, ուր շաբաթական քանի մը առիթներով երկսեռ հաւատացեալները կը հաւաքուին, կ՚երգեն հոգեւոր երգեր, կ՚աղօթեն, միասնաբար Ս. Գիրք կը մեկնեն։ Հաւատացեալները պէտք է հետեւին խիստ կանոններու, ինչպէս ոգելից ընպելի չխմել, ծխախոտ չծխել, չհայհոյել, բախտախաղ չխաղալ, Կիրակի օրերը ծոմ պահել եւ այդ օրը առեւտուր չընել։ Ըստ Քէլէշեանի, կրօնական այս խումբին կը միանան նաեւ քիչ թիւով թուրքեր եւ քիւրտեր [35]։

Նշենք նաեւ որ Սիսի կաթողիկոսարանը եւ Ատանայի առաջնորդութիւնը բուռն պայքար մղած է կրօնական այս հոսանքին դէմ։ Անոնք կը յաջողին անոր պատասխանատուներէն ոմանց պետութեան կողմէ ձերբակալել տալ եւ աքսորել՝ հեռաւոր քաղաքներ [36]։

∗∗∗∗∗∗∗∗∗

Միսաք Քէլէշեան կը նշէ նաեւ անունները Սիս քաղաքին մէջ թագաւորական օրերուն գոյութիւն ունեցած, ապա անհետ կորած եկեղեցիներու կամ մատուռներու. Ս. Մարիամ (կամ Ս. Կոյսի) եկեղեցի, Ս. Հռիփսիմէ (կամ Ս. Կոյսի) եկեղեցի, Ս. Հոգի (կամ Հոգին Սուրբ), Ս. Աթանագինէ (St Athénogène), Ս. Բարսեղ, Ս. Դաւիթ Աստուածամայր, Ս. Յովհաննէս։ Ղեւոնդ Ալիշան կու տայ նաեւ թագաւորական տարիներուն այստեղ գոյութիւն ունեցած ասորական եկեղեցինրու անուններ, ինչպէս Ս. Աստուածաին եւ Ս. Պարսում։ Բացի ասկէ, կային նաեւ ասորական վանքեր [37]։

Կիլիկիոյ Լեւոն Դ. թագաւորը (1309-1341)։ Նկար՝ Սարգիս Պիծակի, 1331, Դրազարկ (Աղբիւր՝ Ղեւոնդ Ալիշան, Սիսուան. համագրութիւն հայկական Կիլիկիոյ, 1885, Վենետիկ, Ս. Ղազար)

Դրազարկի վանք

Սիս քաղաքէն 36 քմ. դէպի հիւսիս։ Հաւանաբար գոյութիւն ունեցած է 10-րդ դարէն սկսեալ։ 12-րդ դարուն, Թորոս Ա. իշխանի (1100-1129) օրով կը դառնայ միջնադարեան շրջանի հայկական մշակութային եւ կրթական կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը։ Զայն կառուցող ճարտարապետներէն գլխաւորաբար կը յիշուի Գէորգ Մեղրիկ (Վասպուրականէն)։ Այստեղ գրուած եւ ընդօրինակուած են բազմաթիւ ձեռագիրներ։ Վանքի եկեղեցին կը կոչուէր Ս. Աստուածածին։ Թորոս Բ.ի (1145-1169) օրով վանքի համալիրը կը նորոգուի։ Իշխանական, թագաւորական եւ կաթողիկոսական դամբարան էր։ Հոս թաղուած են Կիլիկիոյ Թորոս Ա, Թորոս Բ., Ռուբէն Բ. (1169) եւ Թորոս Գ. (1293 - 1298) իշխանները, Հեթում Ա. թագաւորը (1226-1270), Զապէլ թագուհին (1222-1252), կաթողիկոսներ, ինչպէս Կոստանդին Դ. Լամբրոնացին (1323-1326), յայտնի մանրանկարիչներ, ինչպէս Սարգիս Պիծակ, վանքին ճարտարապետը՝ Գէորգ Մեղրիկ [38]։

Սարգիս Պիծակ, նկարուած 1330-ին, Դրազարկ (Աղբիւր՝ Ղեւոնդ Ալիշան, Սիսուան. համագրութիւն հայկական Կիլիկիոյ, 1885, Վենետիկ, Ս. Ղազար)

Խաչի տօնին օրը Սիսի եւ շրջակայքի հաւատացեալ ժողովուրդը ուխտագնացութեան կու գայ վանքին աւերակներուն շուրջ։ Այծեր կը մորթուին, ապա խոշոր կաթսաներով մատաղ կը բաժնուի։ Մօտակայ պէօյիւք փունարի (büyükpunar, մեծ աղբիւր) ջուրով կը կատարուի նաեւ ջրօրհնէք։ Ներկաներէն շատեր, բացի օրհնուած ջուրը խմելէն, կը լուան նաեւ իրենց վէրքերը կամ ցաւող աչքերը [39]։

  • [1] Lévon Nordiguian, “La cathédrale de Sis. Essai de reconstitution” in Raymond Kévorkian, Mihran Minassian, Lévon Nordiguian, Michel Paboujian, Vahé Tachjian (eds), Les Arméniens de Cilicie. Habitat, mémoire et identité, Presses de l’Université Saint-Joseph, Beyrouth, 2012, էջ 55, 57։
  • [2] Տաճարին ճարտարապետական մանրամասնութիւններուն համար տեսնել՝ Lévon Nordiguian, “La cathédrale de Sis. Essai de reconstitution”, էջ 64-73։
  • [3] «Պատճէն Կեդրոնական վարչութեան մատուցեալ տեղեկագրի», կցուած Սահակ Բ.ի նամակին (համար 71) ուղղուած Օրմանեան պատրիարքին (Պոլիս), 31 Մայիս 1903, Սիս, in Կիլիկեան կսկիծներ, 1903-1915, տպ. Հրազդան, Պէյրութ, էջ 19-21։
  • [4] Նոյն, էջ 21-22։
  • [5] Մուշեղ Սերոբեան, Ինքնակենսագրութիւն (անտիպ), տետրակ Բ., էջ 265:
  • [6] Միսաք Քէլէշեան, Սիս-Մատեան, տպ. «Հայ Ճեմարան», Պէյրութ, 1949, էջ 164:
  • [7] Առաքել Ա., Ազգաբանութիւն Աջապահեանց ազնիւ գերդաստանին [ձեռագիր], 1865, Սիս, էջ 27։
  • [8] Victor Langlois, Voyage dans la Cilicie et dans les montagnes du Taurus, Paris, 1861, էջ 391-392; Քէլէշեան, Սիս-Մատեան, էջ 164-166, 175։
  • [9] Langlois, Voyage dans la Cilicie, էջ 389; Քէլէշեան, Սիս-Մատեան, էջ 167։
  • [10] Նոյն։
  • [11] Քէլէշեան, Սիս-Մատեան, էջ 167։
  • [12] Langlois, Voyage dans la Cilicie, էջ 389-390; Քէլէշեան, Սիս-Մատեան, էջ 166։
  • [13] Քէլէշեան, Սիս-Մատեան, էջ 166։
  • [14] Նոյն։
  • [15] Նոյն, էջ 355, 357։
  • [16] Նոյն, էջ 356։
  • [17] Նոյն, էջ 358-359։
  • [18] Նոյն, էջ 351։
  • [19] Նոյն։
  • [20] Նոյն, էջ 168։
  • [21] Նոյն։
  • [22] Նոյն, էջ 167։
  • [23] Նոյն, էջ 167, 519։
  • [24] Նոյն, էջ 169։
  • [25] Նոյն, էջ 167, 526։
  • [26] Նոյն, էջ 167։ Այս տեղեկութիւններուն համար շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նաեւ Իշխան Չիֆթճեանին։
  • [27] Նոյն։
  • [28] Նոյն, էջ 168։
  • [29] Նոյն։
  • [30] Նոյն։
  • [31] Նոյն։
  • [32] Նոյն, էջ 169։
  • [33] Նոյն։
  • [34] Նոյն, էջ 365
  • [35] Նոյն, էջ 362, 364, 367։
  • [36] Նոյն, էջ 366։
  • [37] Léon M. Alishan, Sissouan, ou L'Arméno-Cilicie : description géographique et historique (traduit du texte arménien), S. Lazare (Venise), 1899, էջ 253։
  • [38] Քէլէշեան, Սիս-Մատեան, էջ 173; Alishan, Sissouan, ou L'Arméno-Cilicie, էջ 265-272; Թ. Խ. Հակոբեան, Ստ. Տ. Մելիք-Բախշեան, Հ. Խ. Բարսեղեան, Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան, հտ. 2, Երեւան, 1988, էջ 149։
  • [39] Քէլէշեան, Սիս-Մատեան, էջ 520։