Աշոտ Գասարճեան լուսանկարուած Պէյրութի մէջ (Աղբիւր՝ Վահէ Եագուպեանի հաւաքածոյ)

Աշոտ Սահակ Գասարճեան. անձնական յուշեր

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Սոյն բաժինով կը ներկայացնենք Աշոտ Գասարճեանի յուշերը, ուր հեղինակը հարուստ տեղեկութիւններ կը փոխանցէ իր կողմէ ապրուած դէպքերու՝ գլխաւորաբար 1900-ականներու սկիզբներէն մինչեւ 1920 թուականը։

Յուշերուն առանցքը քանի մը պատմական իրադարձութիւններ են։ Անոնցմէ առաջինը 1909ը թուականն է, երբ Կիլիկիոյ ամբողջ տարածքին տեղի կ՚ունենան հակահայ ջարդեր։ Գասարճեան այդ ժամանակ կը գտնուէր իր հայրենի Սիս քաղաքը, ապա կ՚անցնի մօտակայ Կարս Պազար քաղաքը, ուր տեղւոյն հայերը ինքնապաշտպանութեան կը պատրաստուին իրենց վրայ յարձակող զինեալ ամբոխին դէմ դնելու համար։ Ատանայի ջարդերէն ետք, Աշոտ Գասարճեան կը գաղթէ Միացեալ Նահանգներ։ Յուշերուն մէջ հետաքրքրական տեղեկութիւններ կը գտնենք այս երկրին մէջ պանդուխտ հայերու ապրելաոճին եւ աշխատանքային պայմաններուն մասին։ Աւելի ուշ կը բռնկի Առաջին Համաշխարհային պատերազմը եւ Միացեալ Նահագներ զինեալ այս հակամարտութեան մէջ կը մտնեն դաշնակցելով Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի։ Ուրիշ շատ մը ամերիկահայ հայ երիտասարդներու նման, Աշոտ եւս կամաւոր կ՚արձանագրուի, 1917-ին նաւով կը հասնի Ֆրանսա, իսկ այդտեղէն ալ կ՚անցնի Եգիպտոս, ապա Կիպրոս՝ միանալով դաշնակից բանակներուն կողքին մարտնչող Արեւելեան Լէգէոնին (մեծ մասամբ հայ կամաւորներէ կազմուած)։ 1918-ի զինադադարէն ետք Աշոտ Գասարճեան կը վերադառնայ իր հայրենի Սիս քաղաքը, ուր կեանքը նոր շունչ կ՚առնէ Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ետք։ Յուշերուն մէջ կը ներկայացուին դէպքերը գլխաւորաբար մինչեւ 1920 թուականը, երբ ֆրանսական բանակներուն հետ տեղւոյն հայերը վերջնականապէս կը հեռանան Սիսէն եւ մեծ մասամբ բնակութիւն կը հաստատեն Ատանայի մէջ։ Այստեղ ալ կ՚աւարտին Գասարճեանի յուշերը։

Ան իր յուշերը գրած է պարզ լեզուով մը, զոր փորձեցինք մեծ մասամբ հարազատ պահել։ Գրած է, ապա մաքուրի ընդօրինակած է սեւագիրը քանի մը անգամներ, ամէն անգամ ալ նոր տեղեկութիւններ աւելցնելով գրութեանը, որ կը բաղկանայ բազմահարիւր ձեռագիր էջերէ։ Երբեմն գրութեան կառոյցը խախուտ է, կը փորձէ որոշ ժամանակագրութիւն մը պահել, բայց յաճախ կը ստիպուի երկար էջեր տրամադրել աւելի հին դէպքեր ներկայացնելով։ Խմբագրութեանս կողմէ միջամտութիւնները աշխատած ենք նուազագոյնի իջեցնել, իսկ եթէ մեր կողմէ յաւելումներ եղած են, ապա անոնք ամէն անգամ կեռ փակագիծերու մէջ առնուած են եւ կողքին նշուած է խմբ. (այսինքն խմբագրութիւն)։

Կը կարծենք որ Աշոտ Գասարճեանի յուշերուն բուն արժէքը անոր պարունակած հարուստ տեղեկութիւններն են, բոլորն ալ հիմնուած անձնական փորձառութիւններու եւ ապրումներու վրայ։ Սիս, Կարս Պազար, Ատանա, Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Կիպրոս, Պէյրութ, Մերսին. յուշերուն մէջ Գասարճեանի ապրած այս քաղաքներն ու երկիրները իրարու կը յաջորդեն, ամէն անգամ նոր հանդիպումներ եւ յաճախ նաեւ պատմական իրադարձութիւններու վկայութիւններ։ Այս բոլորը նոր լոյս կը սփռեն պատմական ամբողջ ժամանակաշրջանի մը վրայ։

Աշոտ Գասարճեանին յուշերը բաղկացած են քանի մը հարիւր էջերէ։ Զանոնք պիտի ներկայացնենք քանի մը փուլերով։

Աշոտ Գասարճեանի անձնական թուղթերու պայուսակը։ Ասոր մէջ է որ կը պահուէին յուշերու, նօթերու, տոհմածառի, ինքնակենսագրական, նամակներու բոլոր ձեռագիրները, ինչպէս նաեւ լուսանկարներ։ Գասարճեանի հարազատները կը պատմեն, որ պայուսակը մնայուն ընկերակիցը եղած է անոր. ամէն առիթով այնտեղէն կը հանէր թուղթերու դէզեր, կը վերակարդար, սրբագրութիւններ կ՚ընէր, կը վերընդօրինակէր, եւ այսպէր մինչեւ իր կեանքին վերջը։

Յուշեր, Ա. մաս

Յուշեր, Բ. մաս