Սիսի բերդը (Աղբիւր՝ լուսանկար Հայր Կապրիէլ Պրեթոքի, Archives départementales de l’Eure, Fonds Gabriel Bretocq)

Կենսագրութիւն սսեցի Սահակ Մնացական Գասարճեանի [1840-1912]

Հեղինակ՝ Աշոտ Գասարճեան (վերջին փոփոխութիւն՝ 29/11/2015)

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Աշոտ Գասարճեանին յուշագրական թուղթերը զանազան գլուխներու կը բաժնուին։ Անոնց մէջ կարեւոր տեղ ունի իր ընտանիքին յուշագրութիւնը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։ Աշոտ Գասարճեան այս գործը խորագրած է՝ «Կենսագրութիւն սսեցի Սահակ Մնացական Գասարճեանի»։ Սահակը Աշոտին հայրն է, եւ իսկապէս ալ այս յուշագրութիւնը մեծ մասամբ իր հօր կենսագրութիւնն է՝ 1840-էն մինչեւ 1912։ Բայց եւ այնպէս կենսագիրը առատ տեղեկութիւններ կը հաղորդէ նաեւ ընտանիքին միւս անդամներուն մասին։ Աշոտ Գասարճեանին գրութիւնները պարզ ոճով գրուած հայերէն մըն է, դիւրին հասկնալի, տեղ-տեղ խօսակցական եւ նախադասութիւններու երբեմն թոյլ կառուցուածքով։ Յուշամատեանի էջերով ներկայացուելիք թեքսթերուն մէջ փորձած ենք պահել Գասարճեանի լեզուական հարազատութիւնը։ Հայերէն գրութիւններուն մէջ մեր կողմէ միջամտած ենք ուղղագրական սրբագրութիւններ կատարելով։ Ջնջին պատշաճեցումներ ըրած ենք նաեւ՝ ամէն անգամ որ նախադասութիւնները ստացած են բարդ եւ դժուար հասկնալի կառուցուածք մը։ Բացի ուղղագրական եւ կարգ մը կէտադրական սրբագրութիւններէն, մնացեալ միջամտութիւնները նշուած են կեռ փակագիծերու մէջ։ Որոշ տեղեր թուականներ եւ բացատրութիւններ աւելցնելով փորձած ենք աւելի հասկնալի դարձնել յուշագրութիւնը։ Այս պարագաներուն յաւելումները նոյնպէս կեռ փակագիծերու մէջ առնուած են եւ կողքին նշուած է խմբ. (այսինքն խմբագրութիւն)։

Ընտանեկան կեանքի սովորական յուշագրութեան մը ընդմէջէն, Աշոտ Գասարճեան մեզի կը փոխանցէ հարուստ տեղեկութիւններ Սիսի պատմութենէն, տեղւոյն հայերու ապրելակերպէն, այստեղի ընկերային, քաղաքական, մշակութային եւ տնտեսական զարգացումներէն։ Գլխաւոր դերակատարները թէեւ տղամարդիկ են եւ ամբողջ պատումն ալ հիմնուած է ընտանիքին տղամարդոց գործունէութեան վրայ, այսուհանդերձ տեղ-տեղ կարեւոր տեղեկութիւններ կը գտնենք իգական սեռի Գասարճեաններուն մասին։ Շահեկան տեղեկութիւններ կան նաեւ Սիսի օսմանեան կառավարիչներուն եւ տեղւոյն հայկական կրթական կեանքին մասին։ Թերեւս գործին ամէնէն հետաքրքրական բաժիններէն է Գասարճեան ընտանիքին առեւտրական գործունէութեան նկարագրութիւնը։ Սահակ Գասարճեան այս գործին ետին կանգնած գլխաւոր անձն է։ Ան ձեռներէց անձնաւորութիւն մըն էր, կարճ ժամանակի մէջ տնտեսական յաջողութիւններ կ՚արձանագրէ, հաւանաբար իր տնտեսական ուժին ալ պատճառով կը դառնայ Սիսի երեւելի հայերէն, որ տեղւոյն վրայ պետական պաշտօններ ալ կը գրաւէ։ Ուրեմն այս յուշագրութեան մէջ կը տեսնենք թէ ինչպէս Սիսի նման փոքր քաղաքէ մը հայ ընտանիքի մը անդամներ առեւտրական գործունէութիւն կը ծաւալեն, կրնանք հետեւիլ անոր զարգացումներուն, տեղեկանալ դէպի Պոլիս, Պէյրութ, Զմիւռնիա եւ մինչեւ Մանչեսթըր կատարուած առեւտրական բնոյթի ճամբորդութիւններուն եւ մասնաճիւղերու հիմնումին, վերջաւորութեան ալ առեւտրական տան սնանկացումին մասին։

Սսեցի Գասարճեան գերդաստանին նախահայրերը եղած են երկու եղբայրներ՝ Մկրտիչ եւ Սէֆէր, որոնք ապրած են [17-րդ եւ 18-րդ դարերուն]։

Սէֆէրին զաւակները՝ Սարգիս եւ Յակոբ։ Յակոբ անզաւակ մեռած է։ Սարգիսին զաւակները՝ Մնացական, Եղիա, Գէորգ, աղջիկ մը [անունը անծանօթ], Սարգիս։

Սարգիս Գասարճեան (որուն կինը կը կոչուէր Խաթուն Աննըեարըգեան), որ հօրը (Սէֆէր) կենդանութեանը կը մեռնի եւ կը թողու վերոյիշեալ չորս մանչ ու մէկ աղջիկը։

Սարգիսի մահուընէն քանի մը ամիս յետոյ եղբայրը՝ Յակոբ, զանազան միջոցներով հայրը կը գրգռէ Սարգիսի այրիին ու որբերուն դէմ։ Ան ալ ամառ ատեն անխղճօրէն տունէն դուրս կ՚ընէ զանոնք. Գարաճալը լե[րան գլուխը]՝ Գասարճըլար Տէրէսի կոչուած այգեստանը, խեղճ այրին ու որբերը կը մնան անտուն ու անտէր։

Այդ ատենները՝ այրի Խաթունը, որ էրկանը մեռած ժամանակ յղի էր, կը ծնի մանչ զաւակ մը, որուն անունը կը դնեն Սարգիս (ապագայ Գաբրիէլ Եպիսկոպոսը)։

1) Ատանա (Աղբիւր՝ Ղեւոնդ Ալիշան, Սիսուան. համագրութիւն հայկական Կիլիկիոյ, 1885, Վենետիկ, Ս. Ղազար)
2) Երուսաղէմ քաղաքէն տեսարան մը (Աղբիւր՝ Service Historique de la Défense, Վենսէն)

Անպաշտպան ու անապաստան խեղճ այրին իր որբերով հետզհետէ կը մատնուին թշուառութեան։ Նկատելով որ, այս պայմաններու տակ առաւել եւս պիտի վատթարանայ իրենց վիճակը, Եղիան որ հազիւ 14-15 տարեկան էր, նորածին եղբայրը շալակը առած լեռնէն կ՚իջնեն Սիս։

Մնացական որ ամենէն մեծերնին էր եւ հազիւ 16-17 տարեկան, ընտանիքին ապրուստը հոգալու համար կը ստիպուի շահու միջոցներ փնտռել եւ անոր համար Ատանա կ՚երթայ։ Հոն ժամանակ մը ջուլհակութիւն կ՚ընէ, եւ ըստ բաւականի ապրուստի պարագան ապահովելուն պէս, եղբայրներն ալ հոն կը տանի։ Եօթը-ութը տարի կը մնան հոն։ Մինչեւ այն ատեն բոլորն ալ մեծցած կ՚ըլլան արդէն։

Մնացականը Երուսաղէմ կ՚երթայ ուխտի։ Վերադարձին եղբայրներն ալ միասին առնելով Սիս կու գայ կրկին։ [Ասոնք] Եգիպտոսի Իպրահիմ Փաշայի [Կիլիկիան գրաւելու] ժամանակներն էին, [այսինքն 1832-1840]։

Քիչ ժամանակ ետք Մնացական կ՚ամուսնանայ սսեցի Լէք Փանոսի աղջկան՝ Դշխոյի հետ։ Թէպէտեւ ճիշդ թուականը յայտնի չէ, բայց շատ հաւանական հաշուով 1838-ին կը ծնի առաջին զաւակը՝ Սահակը, որ կը մկրտուի Մխիթարեան Տէր Յարութիւն քահանայի ձեռամբ ու Փէքմէզճեան Գէորգ աղայի կնքահայրութեամբ։

Յիշեալ Գէորգ աղան, նաեւ կը կոչուէր Տիվիթլի։ Այդ թուականներուն գրել կարդալ գիտցող շատ հազուագիւտ [էր]։ Տիվիթ թուրքերէն բառը կը նշանակէ մելանի շիշ, կաղամար։ [Տիվիթլի կոչած են գրել-կարդալ գիտնալուն համար, խմբ.]

Տիվիտ/Տիվիթը. պղնձեայ գրչակալ մը, որուն կցուած է թանաքակալ գլուխ մը (Աղբիւր՝ Պետրոս Տիգիճեանի հաւաքածոյ, Պերլին)

Սահակ Գասարճեան 5-6 տարեկանին կը սկսի ուսանիլ Չավտար օղլուի քով եւ քիչ ժամանակ վերջն ալ Աջապահեան Տէր Գրիգոր քահանային քովը։ Կը սորվի ընթերցանութիւն, քերական, պզտիկ Սաղմոս եւ այլն։

Այս միջոցներուն հայրը՝ Մնացական, կը մեռնի ի Գարաճալը Ագբունար ամառանոցը, եւ կը թաղուի Այգեստանի գերեզմանատունը, իր 35-36 տարեկան հասակին մէջ։

Կարճ ժամանակ ետք Մնացականին կինը (Սահակին մայրը)՝ Դշխոյ, կը [վեր]ամուսնանայ Ասերեան Մսերին հետ։ Իսկ Սահակ եւ եղբայրը՝ Փանոս, կը մնան իրենց հօրեղբայրներ՝ Եղիային եւ Գէորգին քով։

Երբ Սահակին տարիքը 8-9 եղած է, Չօլագ Սեդօ կոչուած անձը դպրոց մը կը բանայ հին Սուրբ Նշան վանքի (Սսեցիք հին վանք կանուանէին) սենակաց մէջ։ Մինչեւ այս թուականը դպրոց չկար եղեր Սիս։ Չօլագ Սեդոյի շնորհիւ ու աշխատանքով է որ հիմը կը դրուի հայկական դպրոցին, եւ հայ մանկտին հաւաքուելով հոն քանի մը տարուան մէջ թէեւ շատ նախնական, բայց եւ այնպէս հայկական որոշ կրթութիւն կը ստանան։ Սահակն ալ ահա, այդ դպրոցին մէջ կը կարդայ մեծ Սաղմոս, Աւետարան, Գործք Առաքելոց եւ հասարակ ընթերցանութիւն կը սորվի։ Այն ատենները հայերէն խօսիլ ու թարգմանել գոյութիւն չէ ունեցած։ Չօլագ Սեդօն ալ իր գիտցած նախնական բաները սորված է Կիրակոս Կաթողիկոսի վարժապետ՝ Պոլսեցի Յովհաննէս Եպիսկոպոսէն։

Սիս, մօտաւորապէս 1920-ին. նկարին կեդրոնը, քիչ մը դէպի ձախ, կ՚երեւի մեծ, երկյարկանի եւ բազմաթիւ պատուհաններով շինութիւն մը, որ Ազգային վարժարանն է։ Ճիշդ աջին կը տեսնենք Հին վանքը իր փոքր գմբէթով (Աղբիւր՝ լուսանկար Հայր Կապրիէլ Պրեթոքի, Archives départementales de l’Eure, Fonds Gabriel Bretocq)

Սարգիսի ամենապզտիկ որդին՝ Սարգիսն էր [հօրը անունը կը կրէ, խմբ.]։ Ան ծնած է տարաբախտ հօրը մահէն ետք։ Մայրը՝ Խաթուն, ուխտած է եղեր թէ, եթէ արու զաւակ ծնի, կաթողիկոսին պիտի յանձնէ որ կրթուի եւ վարդապետ ըլլայ։ Առ այդ, յիշեալ Սարգիսը կը յանձնէ Միքայէլ Կաթողիկոսին (1833-1855)։

Ինքը [Սարգիս] աշխատասէր ու յառաջադէմ երիտասարդ մը եղած ըլլալով՝ քսան տարեկանին Աջապահեան Միքայէլ Կաթողիկոսին օրով վարդապետ ձեռնադրուած ու Անտիոքայ առաջնորդ կարգուած է։ Հոն անտիոքցիք շատ կը սիրեն զինքը, եւ քանի տարի վերջը Սիս կը բերեն եպիսկոպոս ձեռնադրել կու տան՝ Գաբրիէլ Եպիսկոպոս անուամբ։ Բայց դժբախտաբար շատ չանցած (շատ հաւանական է որ նախանձութեան արդիւնք եղած ըլլայ) Կաթողիկոսին մատնութիւն ընողներ կ՚ըլլան, որով Կաթողիկոսին հետ գժտութիւն կ՚իյնայ մէջէրնին։ Ինքը ի բնէ ուղղաբարոյ ու հեզահամբոյր մէկն ըլլալով՝ Կաթողիկոսին անհաճոյ արարքներէն նեղուած, կը քաշուի, Լիբանան կ՚երթայ։

Ժամանակ մը Լիբանան մնալէն ետք, Պոլիս կ՚երթայ Յակոբոս Պատրիարքին [Յակոբոս Գ. Սերոբեան (1839-1840, 1848-1858), խմբ.] օրով, եւ ատեն մը եւս հոն մնալէն ետք, Յակոբոս Պատրիարք՝ պատրիարքական փոխանորդ Թադէոս Վարդապետին հետ եւ կայսերական հրովարտակով (ֆէրման) Ատանա կը ղրկէ իբր առաջնորդ։

Ս. Սոփիայի մէջ զետեղուած կաթողիկոսական աթոռը (Աղբիւր՝ Hermann Goltz, Der Gerettete Schatz der Armenier aus Kilikien, Dr. Ludwig Reichert Verlag, Wiesbaden, 2000)

Միքայէլ Կաթողիկոս հաշտուելով հետը, կրկին Անտիոք կը ղրկէ զինքը Առաջնորդի պաշտօնով։ Տարի մը վերջը Ս. Միւռոնի օրհնութեան առթիւ Սիս կու գայ, եւ ի դարձին [դէպի Անտիոք] Սահակն ալ հետը կը տանի, որ այն ատեն 10-11 տարեկան եղած էր, եւ քեռորդիին՝ Լիպարիտեան Պր. Գրիգորի միջոցաւ, քերականութիւն եւ այլ բաներ կը սորվի։

Տարի մը ետք հրաժարելով Անտիոքայ առաջնորդութենէն, [Գաբրիէլ Եպիսկոպոս] Սիս կու գայ, [ապա] Զէյթուն կ՚երթայ։ Քանի մը ամիս ալ հոն մնալէն վերջը Հաճնոյ ճամբով, Կեսարիա, Եոզղաթ, Անգարա, Իզմիթ եւ Արմաշ կ՚երթայ եւ Յակոբոս Պատրիարքին հրամանով 5-6 ամիս [այստեղերը] կը մնայ։ Այդ միջոցներուն, Սահակը հետն էր եւ կը շարունակէ ուսանիլ։ Վերջը, [Գաբրիէլ Եպիսկոպոս] Պոլիս կ՚երթայ եւ ամիս մըն ալ հոն մնալէն ետք, Պատրիարքին հրամանաւ Թամզարայի եւ Հազպտերու (կամ Ածպտեր) [արդեօք վանքի անո՞ւն է, խմբ.] Առաջնորդ կը կարգուի (1850 թուին) եւ հոն կը մնայ մինչեւ 1856։ Այս ժամանակամիջոցին Սահակ՝ ինքնօգնութեամբ ուսումը եւ շարադրութիւնը աւելի եւս կը զարգացնէ։

Այս թուականներուն Միքայէլ Կաթողիկոս վախճանած է եւ Մանուէլեան Կիրակոս Բ. Կաթողիկոս [1855-1866] յաջորդած ըլլալով՝ Գաբրիէլ Եպիսկոպոս կրկին Ատանայի առաջնորդ կը կարգուի եւ Սիս գտնուող Եղիա եւ Գէորգ եղբայրներն ալ ընտանեօք Ատանա կը տանի Սուլթան Ապտիւլ Մէճիտ [1839-1861] կայսեր օրով։

Անտիոք քաղաքը եւ Որոնդէս գետը (Աղբիւր՝ Միշել Փապուճեանի հաւաքածոյ, Փարիզ)

Պոլիս (Աղբիւր՝ De Aarde en haar Volken, շնորհակալութիւններ Տիրք Ռուծանթի)

Սահակ այլեւս մեծցած, կը մտածէ իր ապագային մասին եւ զգալով որ, ինք կղերականութեան կոչումն չունի եւ չպիտի կրնայ հետեւիլ եկեղեցական կարգ ու կանոններուն, կ՚ուզէ ու կ՚որոշէ առեւտուրով զբաղիլ։ Ըստ այնմ 1859-ին կը սկսի մանր-մունր բաներ առնել ծախել։ Հոս միջանկեալ կերպով ես ալ հօրմէս (Սահակէն) միշտ լսածներս ըսեմ [այստեղ, յուշագիրը իր հօրմէն մէջբերում կ՚ընէ].

«Ասլան անուն մարդը Սահակին խանութ վարձու կու տայ՝ Ատանայի կամուրջին բերանը եւ մէջը ծախելու համար կը գնէ հողագործներու վերաբերեալ գործիքներ՝ մէսէս եւ անոր նման այլ տեսակի բաներ, նաեւ թաշկինակ ու մանիֆաթուրայի [manifatura, հիւսուածեղէն, խմբ.] զանազան տեսակի ապրանքներ։ Մինակ օր մը, Ատանայի Չարշը պազարին մէջ օրը հազար հատ թաշկինակ ծախած է եւ մէյ մէկ մէթալիկ շահ մնացած է, որ կ՚ընէ 300 ղրուշ»։

Թուրքիոյ մէջ Երեքշաբթի օրերը կ՚ըլլար Չարշը պազարը, աւելի ճիշդ թուրքերէն Սալը պազարը կ՚ըսէին։ Մարդիկ իրենց գիւղերուն արտադրութիւնը, քաղաքներու խանութպաններն ալ իրենց ապրանքները պազար կը տանէին ու կը ծախէին։

Ահա՝ այս ձեւով սկսած է գործի։ Ո՞վ է Ասլանը. Սահակին մօրը հետ [վեր]ամուսնացող Մսեր Մսերեանին եղբայրն է, որ շատ հոգ տարած է Սահակին։

Սահակը թէ՛ առեւտուրի մէջ իր ունեցած ճարպիկութեամբը եւ թէ ալ յիշեալ Ասլանի աջակցութեամբը կարճ ժամանակի մը միջոցին 30 օսմ. ոսկիի դրամագլուխ մը կը գոյացնէ, եւ շարունակելով իր գործը 50-60 օսմ. ոսկիի կը բարձրացնէ դրամագլուխը եւ կ՚ուզէ այլեւս ամուսնանալ։ Բայց դժբախտաբար այդ միջոցին հօրեղբայրը Գաբրիէլ Եպիսկոպոս փորհարութեան հետեւանքով շատ կը տկարանայ եւ 1860 Սեպտ. 28-ին կը վախճանի ու կը թաղուի Ատանա Ս. Աստուածածին եկեղեցիին աջ կողմի պատին քով։ Գերեզմանը մարմարիոնէ շինուած է։

1) Անտիոք (Աղբիւր՝ De Aarde en haar Volken, շնորհակալութիւններ Տիրք Ռուծանթի)

2) Սիս. համայնապատկեր (Աղբիւր՝ Ղեւոնդ Ալիշան, Սիսուան. համագրութիւն հայկական Կիլիկիոյ, 1885, Վենետիկ, Ս. Ղազար)

Ասկից տարի մը վերջ Սահակ՝ Սսեցի Թաթեան Գաբրիէլ աղայի տասներկու տարեկան աղջկան՝ Մարիամին հետ կ՚ամուսնանայ ի թուին 1861 Փետր. 20-ին, 23 տարեկանին։ Պսակադրութիւնը կը կատարուի Ատանա Ս. Աստուածածին եկեղեցին ի Տէր Սարգիս քահանայէ, կնքահայրութեամբ Ղասապ Պետրոս աղայի։ Պետրոս աղային կինը Վառվառ Ճէճէ կը կոչուէր։ Ասոնց քով որդեգիր եղած է հօրեղբօրս՝ Փանոսին ապագայ կինը՝ Մարիձա հաշուկը [տեղական բարբառով՝ հարս, խմբ.]։

Հօրեղբայրս՝ Փանոս աղան ալ անոնց քովը եղած է, եւ իբր զաւակ շատ կը սիրէին զինքը։ Ի վերջոյ երկուքը ամուսնացուցեր են։ «Թէեւ ես շատ պզտիկ էի [այստեղ պատմողը յուշագիրին երէց եղբայրը՝ Աւետիսն է, խմբ.], բայց լաւ կը յիշեմ տէր եւ տիկին Ղասապ Պետրոս աղան Սիս ալ եկան ու երկար ժամանակ հօրեղբօրս տունը մնացին»։

Սահակ կը շարունակէ առեւտուրով զբաղիլ։

1863-4 ին Օսմանեան տէրութիւնը Գոզան տաղն ու շրջանները բարեկարգելու համար ի գլուխ զօրաց միւշիր [müşir, մարաջախտ] Տէրվիշ Փաշան եւ Ճէվտէթ էֆէնտին (որ վերջը դատական նախարար եղած է) կը ղրկէ այդ շրջանը։ [Անոնք] կը ձերբակալեն բռնակալ եւ ապստամբ Գօզան Օղլու Ահմէտ Պէկը ու Պոլիս կը տանին։ [1]

Այս ատենները Անգլիոյ եւ Ամերիկայի միջեւ պատահած պատերազմին պատճառաւ [1861-1865, խմբ.] բամպակի գինը կը սղի եւ օխան [1 օքա = 1,28 քկ., խմբ.] մինչեւ 5 ֆրանք ոսկի դրամի կը ծախուի, այսինքն լիտրը (4 օխա) մէկ ֆրանսական ոսկիի։ Անոր համար ալ թուրքերը ֆրանսըզ լիրասը սէնէսի [ֆրանսական լիրայի տարի, խմբ.] կ՚ըսէին։

Նորէն այդ ատենները Ատանայի մէջ գօլերա կը սկսի, որ շատ մահ կը պատճառէ։ Իրենք ալ [Սահակենք, խմբ.] կը ստիպուին Ատանայէն փախչիլ իրենց ընտանիքներով եւ կու գան Խան Տէրէսի եւ ժամանակ մը հոն կը մնան, մինչեւ որ գօլերան անցնի։ Հոն կը ծնին Եղիային երկուորեակ զաւակները՝ Վարդեվառ եւ Ասմին։ Վարդեվառ մեծնալէն յետոյ եթէ սխալ գործ մը ընէր՝ հայրս [Սահակ, խմբ.] կ՚ըսէր՝ էքիզ էշի (երկուորեակի թէքէ)։ Չափահաս ըլլալէն ետք Ասմինը կ՚ամուսնացնեն Վասիլեան Արթինին հետ […]։

1) Ատանա (Աղբիւր՝ Միշել Փապուճեանի հաւաքածոյ, Փարիզ)
2) Ատանա. քաղաքին կեդրոնական թաղամասը (Աղբիւր՝ Միշել Փապուճեանի հաւաքածոյ, Փարիզ)

Գօլէրայէն վերջը [Սահակենք, խմբ.] Ատանա կը վերադառնան։ [Հոս,] տեսնելով որ իրենց ծննդավայրը[՝ Սիսը], շնորհիւ օսմ. կայսեր բարեկարգիչ պաշտօնէութեան իսլահաթ [բարեկարգութիւն] եղած է, 1865-ին բոլոր գերդաստանով Սիս կը փոխադրուին։ Հոս եւս Սահակ Ատանայէն բերած 100 օսմ. ոսկի դրամագլուխով տարի մը մանիֆաթուրաճըութիւն կ՚ընէ հին շուկայ՝ Էսկի Չարշը ըսուած տեղը։

1866-ին Պետիկեան Կարապետ աղայի հետ ընկերակցութեամբ կը շարունակեն մանիֆաթուրաճըութիւնը։

1867-ի կը մեռնի Սահակին առաջին զաւակը՝ Դինան, եւ նոյն տարւոյն Սեպտ. 27-ին կը ծնի Տիգրան եւ կը մկրտուի Ս. Սարգիս եկեղեցին ի տէր Գրիգոր քահանայ Փասլըեանէ, կնքահայրութեամբ Կարապետ աղա Պետիկեանի։

Այս միջոցին Սիսի մութէսարիֆ [կուսակալ, կառավարիչ, խմբ.] կը կարգուի Ասլան Փաշան, որ բաւական կարգադրութիւններ կ՚ընէ քաղաքին մէջ։ Առաջին, նոր շուկայի շինութեան կը ձեռնարկէ այն ատենուայ նոր ձեւով։ Նաեւ բերդին ծայրամասի տափարակութեան վրայ նոր թաղի հիմը կը դնէ, որ իր անունով մինչեւ հիմա Ասլան Փաշա Մահալլիսի (թաղը) կը կոչուի։

Սոյն թուականին Պետիկեան Կարապետ աղան կը մեռնի։ Անոր տեղ հանգուցեալին եղբօր՝ Պօղոս աղային հետ, նոր ընկերութիւն մը կը կազմեն։ Բայց ան ալ 5/6 ամիս վերջը կը մեռնի։ Այն ատեն Սսոյ երեւելի ազգայիններէն ժողով մը կազմելով ընկերութեան գործառնութեան ընդհանուր հաշիւները մանրամասն քննութեան ենթարկելէն ետք, հանգուցեալին պարագաներուն իրաւունքները [Սահակ] ամբողջութեամբ կը վճարէ եւ ժողովականներուն ստորագրութեամբ ստացագիր վաւերագիր կ՚առնէ։ Վճարուած դրամին գումարը (60,000) վաթսուն հազար ղրուշ է։

Ասլան Փաշան այս միջոցին Մարաշ կը փոխադրուի եւ հալէպցի Վէհիպ Փաշան կու գայ իր տեղը [կառավարիչի պաշտօնին, խմբ.]։ Ասոր օրով՝ 1870-ին Սահակ՝ Ասլան Փաշայի թաղին մէջ եւ նոր շուկային մօտ նոր տուն մը շինել կու տայ շատ ընդարձակ բակին մէջ։ Եղբայրը՝ Փանոս, քովը կ՚առնէ, եւ կը սկսին վաճառականական գործերնին շարունակել։ Դրամագլուխնին եւ գոյացած շահն ալ երեք - երեք բաժնի վրայ (պայմանաւ) ընկեր կ՚ըլլան։ Երեք բաժինէն երկուքը Սահակին, իսկ մէկը Փանոսին։

Այն օրերուն Վէհիպ Փաշան կ՚երթայ եւ տեղը կու գայ Սուլէյման Պէյ։ Այս մարդը ամէն բանէ աւելի երկրագործութիւնը առաջ տանելու կ՚աշխատի ու շատ օգտակար կ՚ըլլայ։ Սահակը շատ սիրելով՝ իտարէի [հաւանաբար idare meclisi, վարչական խորհուրդ, խմբ.] անդամ կը նշանակէ, երբ 32 տարեկան էր։

Ատանա (Աղբիւր՝ De Aarde en haar Volken, շնորհակալութիւններ Տիրք Ռուծանթի)

Այս Փաշային օրով Մկրտիչ եպիսկոպոս Քէյֆսիզեան (մարաշցի) Սսոյ կաթողիկոս [(1871-1894), խմբ.] կ՚օծուի։ Բայց մութէսարիֆ եւ կաթողիկոս զիրար չեն սիրեր եւ միշտ իրարու հակառակ են։ Իբր հետեւանք այս հակառակութեան Սուլէյման Պէյ պաշտօնանկ կ՚ըլլայ, եւ տեղը կու գայ կեսարացի Էմին Փաշան։ Այս մարդը՝ աւելի եւս կը սիրէ զինքը (Սահակը) եւ նորէն իտարէի անդամութեան պոյրուլթուն [buyruldu, խմբ.] (հրաման-հրամանագիր) բերել կու տայ Ատանայի կուսակալ Մահմուտ Նէտիմ Փաշայէն [1818-1883], որ հին սատրազամ (վարչապետ [մեծ վեզիր, խմբ.]) էր [1871-1872 եւ 1875-1876]։ Հետեւաբար այդ երկու մութէսարիֆներու (կառավարիչ) օրով շատ փայլուն դիրք կ՚ունենայ։

1871 Մարտ 20-ին կը ծնի Աւետիս, կը մկրտուի կնքահայրութեամբ Պետրոս Պետիկեանի։

Մութէսարիֆ Էմին Փաշան կը մեռնի եւ Սսոյ թրքական գերեզմանը կը թաղուի։ Անոր տեղ իբր փոխանորդ կու գայ Ապտիւլ Գատէր Քէմալի էֆէնտին։ Այս մարդը եւս, ա՛լ աւելի կը սիրէ [Սահակը] եւ մահքէմէի (դատարան) անդամ կարգել կու տայ 400 ղուրուշ ամսականով՝ 1875-ին, դատաւոր Րիւշտիւ էֆէնտիին ժամանակ։

Ապտիւլ Գատէր Քէմալիի մութէսարիֆութեան ատեն էր որ, ռուս-թուրք պատերազմին վերջերը Գօզան օղլու Ահմէտ Փաշան Պոլսէն փախչելով կրկին եկաւ Սիս եւ ապստամբեցաւ տէրութեան դէմ։ Այդ միջոցին ամբողջ սսեցիք ամառանոց էին։ Մահմէտականներու մէկ մասը միացան անոր։ Իսկ հայերը առ ահի՝ վախնալով քովը գացին։ Բայց եւ այնպէս գաղտնապէս [Ատանա] մարդ ղրկեցին Ատանայի կուսակալ Զիյա Փաշային [1825-1880] եւ մութէսարիֆ Քէմալի էֆէնտիին։ Ատանա ղրկուող մարդը այն ատեններուն անուանի քաջամարտիկ էր։ Յանդուգն մարդը կը կոչուէր Պօղոս աղա Փափազեան, որուն աղջիկը՝ գեղեցիկն Աննան, վերջը Տիգրանին հարս եկաւ։ Այս մարդուն Ատանա ղրկուիլը շատ օգտակար ու պատուաբեր եղաւ հայերուն համար յաչս կառավարութեան։

Կիլիկիոյ քարտէս (Աղբիւր՝ Ղեւոնդ Ալիշան, Սիսուան. համագրութիւն հայկական Կիլիկիոյ, 1885, Վենետիկ, Ս. Ղազար)

Գօզան օղլուն նորէն ձերբակալելու համար Պոլսէն միւշիր Իզզէթ Փաշան եւ կրկին Ճէվտէթ Փաշան եկան 10 թապուր [վաշտ, խմբ.] զօրքով եւ քանի մը աննշան կռիւէ վերջ Գօզան օղլու Ահմէտ Փաշան բռնեցին եւ Պոլիս ղրկեցին։ Նաեւ իր կուսակիցներէն 6-7 հոգի եւս դատապարտելով՝ Սելանիկ ղրկեցին եւ բանտարկեցին։

Այս թուականներուն Արիֆ էֆ. անուն գիտնական մէկը իբր դատաւոր եկաւ Սիս, բայց դժբախտաբար Քէմալի էֆ.ին հետ չկարենալով համաձայնիլ, կուսակալ Զիյա Փաշային հետ Ճէպէլի Պէրէքէթ փոխադրուեցան։ [Արիֆ Փաշային] յաջորդեց Րիզա Պէյը։

Զիյա Փաշան այդ թուականներուն թրքական գրականութեան, մասնաւորաբար բանաստեղծութեան ամենէն հեղինակաոր բանաստեղծը եւ եւրոպական աշխարհի ծանօթ անձը եղած է։ Հոս կ՚արժէ յիշել նաեւ այս մարդուն շատ յատկանշական ու մանաւանդ յանդուգն ընթացքը դէպի ազատութեան համար տարած աշխատանքը։ Քանիցս աքսորուած եւ պաշտօնանկ եղած է, բայց տեւական պայքարի պատնէշին վրայ կեցած է։

1879-ի սկիզբները Րիզա պէյին օրով, դպրոցները կանոնաւոր ու հաստատ հիմերու վրայ դնելու մտօք՝ քանի մը ազգայիններով եւ յիշեալ մութէսարիֆի հրամանաւ հանգանակութիւն կ՚ըլլայ եւ 15,000 ղուրուշ կը գոյանայ։ Րիզա պէյն ալ կը մասնակցի, 500 ղուրուշ նուէր տալով։

Սոյն գումարը տոկոսի դրուելով կարելի եղածին չափ դպրոցները կը կանոնաւորուին։

Սոյն տարուայ վերջերը Պոլսոյ Պատրիարք Ներսէս Սրբազանի [Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեան (1874-1884), խմբ.] հրամանաւ Միացեալ ընկերութիւնք [Պոլիս հիմնուած եւ Պատրիարքարանի հովանաւորութեամբ գործող ուսումնական ընկերութիւն, խմբ.] դպրոց մը բացին Սիս, եւ տնօրէն-դասատու ղրկեցին բնիկ կոկիսոնցի (Կէօքսու) Շահնազարեան վարժարանի շրջանաւարտներէն՝ Եսայի էֆէնտի Պօլատեանը [կամ Բոլատեան, խմբ.], որուն աշակերտեցան ու դաստիարակուեցան Տիգրան եւ Աւետիս։

Ահա՛ ժողովուրդը տեսնելով իրենց զաւակներուն դպրոցէն ներս ստացած բարեկիրթ վիճակը եւ անոնց առած ըստ բաւականի ուսումը, կարելի եղաւ դպրոցին [համար հանգանակել] 40 հազար ղուրուշ։ [Գումարը] տոկոսի դրուեցաւ։ [Այս ձեւով] կարելի կ՚ըլլար Միացեալ ընկերութեան բացած դպրոցին 40 աշակերտներէն աւելին ուսուցանելու ու դաստիարակելու։ Այդ բոլոր գործերուն վրայ Սահակ ինք կը հսկէր՝ վերջին ծայր բծախնդրութեամբ ու խնամքով։ Վերջապէս Միացեալ ընկերութեան դպրոցը մեծ օգուտ բերաւ Սսոյ տղայոց կրթութեան մարզին մէջ։

Սահակ Մնացական Գասարճեան (1840-1912) (Աղբիւր՝ Վահէ Եագուպեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)

1880-ին Փանոսին հաշիւը կը տեսնեն։ Ան, 82 հազար ղրշ. դրամագլուխը [ստանալով դուրս կու գայ առեւտրական ընկերութենէն, խմբ.]։ Ատոր վրայ իրենց հօրեղբօրորդիներէն՝ Մինասը եւ Վարդեվառը գործին մէջ կ՚առնեն, իւրաքանչիւրը 1/8 շահաբաժինով։ Նոր ընկերութիւնը կը տեւէ մինչեւ 1886-ի վերջերը։ 1880-ին հին խանութը կը քանդեն եւ անոր տեղ քար ու կիրով մաղազա [խանութ, խմբ.] շինել կու տան։

Տիգրան [Սահակին որդին] 1882-ի վերջերը դպրոցին չորս տարուայ շրջանը կ՚աւարտէ ու վկայական [կը ստանայ]։ 1883-ին, ան քանի մը ամիսներ [Սիսի վարժարանին] դասատուի օգնականի [պաշտօնը] կը զբաղեցնէ։

1883 Սեպտ. 17-ին, Տիգրանը հօրեղբ[օր] Փանոսին հետ Պոլիս կը ղրկուի։ Պոլսէն վերադարձին Տիգրանին համար կը բանան խուրտավէթի [փոքր առարկաներ, խմբ.] խանութ մը, որ կը տեւէ մինչեւ 1885 Յուլիս։ Այն ատեն Տիգրան կրկին կը ղրկուի Փանոսին [քով]՝ Պոլիս, եւ հոն բոլոր ապրանքը կը ծախեն Անանեան Գէորգեանի, [փոխարէնը] կը գնեն թուհաֆէի [հագուստեղէնի յարակից մասեր, խմբ.] եւ մանիֆաթուրայի ընդհանուր տեսակ ապրանք։ Վերադարձին Տիգրանը կ՚առնուի մաղազայի [գործին մէջ]։

1886 Յուլիսին մաղազայի հաշիւներուն կը նայուի։ Մինասն ու Վարդեվառը [դուրս կու գան գործէն՝ իրենց իրաւունք գումարը ստանալէ ետք]։ [Այնպէս որ] գործը կը մնայ երկու եղբայրներուն [Սահակին եւ Փանոսին, խմբ.]։ Գործին ղեկն ու ղեկավարութիւնը կը յանձնուի Տիգրանին։ Ան Յուլիս 15-ին կը մեկնի Պոլիս եւ Իզմիր։ Մաղազային համար պէտք եղած ապրանքները գնելով կը վերադառնայ Սիս։ Սեպտեմբեր ամսոյն վերջաւորութեանը Պէյրութ ալ կ՚երթայ։ Ուրեմն կ՚աշխատէր երկու մարդու տեղ։

1887 Յունուար 6. ծնունդի օրը կրկին մահքէմէի անդամութեան [գծով Սահակին ուղղուած] հրամանագիրը (պույրուլթուն) կուգայ. միւթասարիֆ Էմին Էֆէնտիի օրով, որով 4 տարի շարունակ մէհքէմէի (դատարան) անդամ ու մէկ տարի ալ իտարէի անդամ կ՚ըլլայ։

1890 Յուլիս ամսուն երկու եղբայրներու հաշիւները կը քննուին, եւ մինչեւ այդ թուականը ելք եւ մուտքի արդիւնքը կ՚ըլլայ 75,000 ղուրուշ, որուն 45,000 ղուրուշ շահաբաժինը՝ Սահակին, իսկ 30,000 ղուրուշ՝ Փանոսին կ՚ըլլայ։ Ուստի նոր ընկերութիւն մը [կը] կազմուի հետեւեալ պայմանաւ.

Դրամագլխուն համեմատ գոյանալիք շահը երեք մասի կը բաժնուի. մէկը Փանոսին, մնացեալ երկուքը՝ մէկը Սահակին, իսկ միւս մէկը Տիգրանին։ Աւետիսին ալ [կը ճշդուի] հարիւր մէճիտիյէ տարեկան վարձք։ Սոյն ընկերութիւնը մէկ տարի պայմանաժամով՝ տարեգլխուն նորոգելի կամ բաժանելի կ՚որոշուի։

Իսկ 1891 Յուլիս ամսոյն սոյն ընկերութիւնը կը լուծուի։ Փանոս իր դրամագլուխը եւ մէկ տարուայ հաշուէն իր բաժնին ինկած շահը կ՚առնէ եւ գործէն կ՚ելնէ։ [Այնուհետեւ] ան առանձին գործի կը ձեռնարկէ։ Իսկ Սահակ իր երկու զաւակներով՝ Տիգրանի եւ Աւետիսի հետ, կը շարունակեն գործը։

Եուսուֆ Զիյա Փաշային օրով նոր թէշքիլաթ [վերակազմակերպում, խմբ.] կ՚ըլլայ եւ յանձնախումբ (քօմիսիոն) մը կը կազմուի, որուն ատենապետ կը նշանակուի Սահակ։ Սսոյ կալուածները թահրիր [կալուածներու քննում տուրքեր ճշդելու նպատակով, կալուածներու արձանագրութիւն, խմբ.] կ՚ընեն՝ շատ յարմար գիներով, եւ այս կ՚ըլլայ 1867-1869-ին։

Իսկ 1873-ին (վերոնշեալ) Էմին Փաշայի օրով աշարը [aşar, տասանորդ, խմբ.] էմանէթին [պետութիւն, խմբ.] կը մնայ, եւ Էմին Փաշան Սահակը եւ Չուլհաճը զատէ Մէհմէտ աղան կը նշան[ակ]է աշարին գործը կառավարելու պաշտօնը, 400-ական ղուրուշ ամսականով (այն ատեն 400 ղուրուշը մեծ գումար էր)։ [Գործը] կը տեւէ 10 ամիս։ Այդ տարին ցորենի բերքին սակաւ ու պակաս ըլլալուն պատճառով սղութիւն կ՚ըլլայ եւ ցորենին գաիւը, այսինքն 25 օխան [32 քկմ.ը, խմբ.] 60/65 ղուրուշի կը բարձրանայ։

1) Պէյրութ

2) Պոլիս

3) Իզմիր/Զմիւռնիա

(Աղբիւր՝ De Aarde en haar Volken, շնորհակալութիւններ Տիրք Ռուծանթի)

1884-ին կը շինուի բամպակ [զտելու] ֆապրիքան [գործարան], Սիսի արեւելան կողմը՝ գետակին (տէրէ) ձախ ափին վրայ, 500 օսմանեան հնչուն ոսկիով։ Դժբախտաբար նախանձոտներու կողմէ 1886-ին գարնան գիշեր մը կրակ կը տրուի ու ամբողջութեամբ կ՚այրի։ [Ըստ Աշոտին երէց եղբայր՝ Աւետիսին պատմածին,] ցարդ [գործարանին] չորս պատերը կանգուն կը մնան։

1887 Նոյեմբեր 3-ին կը մեռնի տան տիկինը՝ Մարիամ [Սահակին կինը], եւ կը թաղուի Խարապ Պահչա (աւերակ պարտէզ) անուն գերեզմանը (Սիսի արեւելեան կողմը)։

Մինչեւ սոյն թուականը նահապետական կեանք էր որ կը տիրէր տան մէջ, շնորհիւ տան տիկնոջ, որ էրկան գլխուն ոսկեայ թագ էր, շինիչ, զաւակաց բարոյական դասատու, Գասարճեան գերդաստանի բոլոր անդամոց խրատու ու խորհրդատու տիպար նահապետուհի, ամէնուն համակրելի եւ սիրուած։ [Անոր մահը] խոր սուգի մէջ կը թողու ամուսինը, զաւակները, ազգականներն ու բոլոր բարեկամները։

Իր մահուան (վաղահաս) պատճառը եղած է զաւակը՝ Հմայեակ, որովհետեւ ծննդաբերութենէն ետք [Մարիամ] շատ տկար վիճակի ենթարկուած էր։ Հմայեակին հիւանդոտ վիճակը առաւել վատթարացուցած է արդէն իսկ քայքայուած առողջութիւնը։

Իր մահէն ետք, Հմայեակին հոգը վրան կ՚առնէ Գասարճեան Ղամպէր հաշուկին դուստրը՝ Ալթուն, օգնութեամբը՝ Աւետիսի եւ Բիբէի [Սահակին զաւակները, խմբ.]։ [Ասոնք] ամէն օր, մանաւանդ իրիկունները, զինքը [այսինքն Հմայեակը] կը տանէին ծծմօր քով՝ կաթ ստանալու համար։

1888 Սեպտ. 6-ին Սահակ կը վերամուսնանայ Ատանայի Ապտի Օղլու գիւղէն Բանիկ աղայի աղջկան՝ Նուրիձայի հետ, որ 17/18 տարեկան էր։ Իրմէ կը ծնին Մլէհը եւ Մաքսիմելիան։ Սոյն վերամուսնութիւնը տեղի կ՚ունենայ Տիգրանին Պոլիս գտնուած միջոցին։

Աշոտ Գասարճեանի ձեռագիրէն էջեր՝ իր հօր՝ Սահակ Գասարճեանի մասին

1880-ին, [Սահակին] որդին՝ Տիգրանը հազիւ 11-12 տարեկան էր, վաճառատուն կը կանչուի եւ 16 տարեկանին հօրեղբօր՝ Փանոսին հետ Պոլիս կը ղրկուի գնումի համար։ Քանի մը տարի վերջը առանձինն ալ կ՚երթայ ապրանք բերելու համար։ Քանի մը տարիներ ետք, Սահակին երկրորդ մեծ տղան՝ Աւետիսն ալ չափահաս կ՚ըլլայ։ [Այնուհետեւ], երկու եղբայրները՝ Տիգրան եւ Աւետիս, փոխն ի փոխ տարուան մէջ մի քանի անգամներ Պոլիս, Իզմիր եւ Պէյրութ կ՚երթան գնումի համար։

Տիգրանը պատանի հասակին մէջ իսկ անսահման տաղանդ եւ գործունէութիւն ցոյց կու տայ վաճառականութեան մէջ եւ քիչ ատենուայ մէջ վաճառատան եւ այլ գործերու ու գործառնութիւններու ղեկն ու ղեկավարութիւնը կը յանձնուի իրեն։

1896 թուին, հայկական ընդհանուր սարսափին [ժամանակ] եւ Զէյթունի ապստամբութենէն տարի մը վերջ, թէ՛ կեանքի եւ ինչքի անապահովութենէն դրդուած եւ թէ վաճառականութեան իր ընդարձակ ծրագիրներուն [դիմաց] Սիսի շրջանակը շատ սահմանափակ ու անձեռնտու գտնելով, կը վճռէ աւելի լայն ասպարէզ մը գտնել եւ Պէյրութը յարմարագոյնը նկատելով՝ ընտանեօք հոն կը փոխադրուի։ Հոս ալ շնորհիւ իր ճարպիկութեան քանի մը տարուան ընթացքին հրապարակին վրայ կը ճանչցուի իբր առաջնակարգ վաճառական։

1899 թուին Անգլիոյ բազմաշատ գործարան ունեցող Մանչեսթըր քաղաքը կ՚երթայ ապրանք գնելու համար։ Մանչեսթըրի հայ մեծահարուստ, բնիկ կիւրինցի՝ կամ Թոփալեան եղբայրներուն վաճառատան հետ համաձայնելով՝ տարիներ մանիֆաթուրայի գործ ըրաւ։ Պէյրութի վաճառատունը կը ճանչցուէր իբրեւ Տիգրան Գասարճեան եւ եղբարք [անունով], իսկ Սսոյ եւ Ատանայի մասնաճիւղերը՝ Սահակ Գասարճեան եւ որդիք անունը կը կրէին։

Բայց տարաբախտօրէն, Ատանայի ճիւղին ղեկավար եղբայրները, առանց իրենց հօր՝ Սահակի, եւ [եղբօր՝] Տիգրանի գիտութեան ու կամքին, մանիֆաթուրայի գործէն դուրս այլ եւ այլ հսկայ գործերու կը ձեռնարկեն եւ քիչ ատենուայ մէջ ահագին վնասներու կ՚ենթարկուին։ Վնասներու եւ պարտքերու գումարները այնքան բարձրացած էին որ ի վերջոյ երկու անուններն ալ սնանկ հռչակուեցան։

Իզմիր/Զմիւռնիա, 1907. Աւետիս Գասարճեան (ձախին) եւ Տոքթ. Յարութիւն Փաշապէզեան (Աղբիւր՝ Վահէ Եագուպեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)

Տիգրանը 1909-ի ջարդէն [Ատանայի շրջանի հակահայ կոտորածները, խմբ.] անմիջապէս յետոյ մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ, իր անդրանիկ զաւակը՝ Տրդատը, միասին տանելով։ Քիչ յետոյ եղբայրները՝ Աշոտն ու Մլէհը, ինչպէս նաեւ Տիգրանին երկրորդ տղան՝ Պերճը, նոյնպէս գացին։ [Միացեալ Նահանգներու մէջ Տիգրան] ճանչցուեցաւ ոչ թէ Գասարճեան մականունով, այլ՝ հօր անունով, այսինքն Սահակեան մականունով։ 1913-ին ամբողջ ընտանիքը եւ Տիգրանի եղբօր՝ Աւետիսին երկու տղաքը՝ Փայլակը եւ Կայծակն ալ միասին գացին։

1929-ին մեռաւ [Տիգրան]՝ 80 հազար տոլարի ժառանգ մը ձգելով տղայոց։

1923-ին Սահակի որդի Աւետիսն ալ ընտանեօք գնաց Ամերիկա։

1917-ին Համաշխարհային պատերազմի միջոցին Աշոտը իբր կամաւոր զինուոր եկաւ Կիլիկիա եւ չվերադարձաւ [Միացեալ Նահանգներ]։

Ներկայիս Ամերիկա կը գտնուին Տիգրանին տղաքը, Աւետիսը իր ընտանիքով եւ Մլէհը նոյնպէս ընտանիքով։ Ամերկա կը գտնուին նաեւ Վարդիվառին երկու տղաքը՝ Սուրէնն եւ Օգսէնը, իսկ երրորդ զաւակը՝ Ֆրանսա։ Վարդիվառի տղաքը կը ճանչցուին Գասարճեան մականունով։

Իսկ Հարաւային Ամերիկա կը գտնուին Փանոսին տղաքը՝ Տիրան եւ Պետրոս, իրենց ընտանիքներով։ Նմանապէս՝ Սեդրակի որդի Զարեհը իր ընտանիքով (կը կրէ Գասարճեան մականունը)։

Տեսարաններ Իզմիր/Զմիւռնիայէն (Աղբիւր՝ De Aarde en haar Volken, շնորհակալութիւններ Տիրք Ռուծանթի)

Սիս (Աղբիւր՝ De Aarde en haar Volken, շնորհակալութիւններ Տիրք Ռուծանթի)

[1] Այս քայլերը մաս կը կազմէին Օսմանեան պետութեան հակակշիռը այս տարածքներուն մէջ ամրապնդելու քաղաքականութեան։ Պետական այս նախաձեռնութիւնը կը կոչուէր Fırkaı Islahiye (բռնի բնակեցում), որուն գլխաւոր թիրախներէն էր Գոզանօղլու ցեղախումբը։ Այս քաղաքականութիւնը ծայր առաւ 1865-ին եւ շարունակուեցաւ մինչեւ 1890-ականները։ Ահմէտ Ճէվտէթ Փաշային յանձնուած էր ցեղախումբերը դաշտային տարածքներուն մէջ բնակեցնելու եւ Քոզանօղլուներուն դէմ պայքարելու պաշտօնը։ Ան նախապէս պաշտօնավարած էր Պոսնիայի մէջ, ուր նոյնպէս զբաղած էր ցեղախումբեր բնակեցնելու խնդիրներով։ Ճէվտէթ Սուլթան Ապտուլհամիտի օրով կը վարէ Արդարութեան, ապա Ներքին գործոց, իսկ յետագային ալ Վաքըֆներու եւ Առեւտուրի նախարարութիւնները։ Տէրվիշ Փաշա «Բռնի Բնակեցում»ի զինուորական հրամանատարն էր (Meltem Toksöz, Nomads, Migrants and Cotton in the Eastern Mediterranean. The Making of the Adana-Mersin Region 1850-1908, Brill, Leiden/Boston, 2010, էջ 66-73)։

Սիս, մօտաւորապէս 1900/02, Գասարճեան ընտանիքը. նստած (ձախէն)՝ Կայծակ (Աւետիսին որդին), Աւետիս։ Ոտքի (ձախէն)՝ Մլեհ (Աւետիսին եղբայրը), Յակոբ Կիւլլիւճեան, Դշխոյն (Աւետիսին քոյրը, Յակոբին կինը), Կիւլէնեա (Աւետիսին կինը) (Աղբիւր՝ Վահէ Եագուպեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)