Զմիւռնիայէն տեսարան մը (Միշէլ Փապուճեանի հաւաքածոյ)
Զմիւռնիայէն տեսարան մը (Միշէլ Փապուճեանի հաւաքածոյ)

Պատկերներ Զմիւռնիոյ օսմանեան նահանգէն

Այս բաժինով ձեզի կը ներկայացնենք Զմիւռնիոյ/Իզմիրի վիլայէթէն (նահանգ) առնուած պատկերներ, որոնք իրենց մեծամասնութեամբ կը վերաբերին օսմանեան ժամանակաշրջանին։ Այստեղ կը գտնէք գլխաւորաբար հին լուսանկարներ եւ փորագիր պատկերներ։ Նահանգը ներկայացուցած ենք իր զանազան ենթաբաժանումներով՝ նկարներուն դասաւորումը աւելի մատչելի դարձնելու նպատակով։ Հետագային, սոյն պատկերներուն կողքին մեր խմբագրութեան կողմէ պիտի պատրաստուին նաեւ Զմիւռնիոյ նահանգին վերաբերող յօդուածներ՝ զանազան թեմաներով։ Այնպէս որ ներկայացման սոյն ձեւը ժամանակաւոր բնոյթ ունի՝ մինչեւ գրութիւններուն պատրաստութիւնը։ Նշենք նաեւ որ մենք վերաշխատած ենք այս բաժնով տեղ գտած հին պատկերներուն վրայ՝ անոնց գոյներուն եւ լուսաւորման նոր ու աւելի բարձր որակ մը տալու նպատակով։

Իզմիր/Զմիւռնիա (Աղբիւր՝ Մխիթարեան միաբանութիւն, Սուրբ Ղազար, Վենետիկ)

Բացատրութիւններ եւ աղբիւրներ՝
1) Իզմիր/Զմիւռնիա. Սուրբ Ստեփանոս հայոց տաճարը (Աղբիւր՝ Մխիթարեան միաբանութիւն, Սուրբ Ղազար, Վենետիկ)
2) Իզմիր/Զմիւռնիայէն տեսարան մը, հաւանաբար 1908-ի Օսմանեան Սահմանադրութեան վերահաստատումէն ետք (լուսանկար՝ Վիքթոր Ֆորպէնի, Service Historique de la Défense, Վենսէն)

Բացատրութիւններ եւ աղբիւրներ՝
1) Իզմիր/Զմիւռնիոյ նաւամատոյցը (Աղբիւր՝ Մխիթարեան միաբանութիւն, Սուրբ Ղազար, Վենետիկ)
2) Իզմիր/Զմիւռնիոյ քարափը (Աղբիւր՝ Մխիթարեան միաբանութիւն, Սուրբ Ղազար, Վենետիկ)
3) Իզմիր/Զմիւռնիոյ քարափն ու մաքսատունը (Աղբիւր՝ Մխիթարեան միաբանութիւն, Սուրբ Ղազար, Վենետիկ)
4) Իզմիր/Զմիւռնիայէն համայնապատկեր (Աղբիւր՝ Մխիթարեան միաբանութիւն, Սուրբ Ղազար, Վենետիկ)

Իզմիր/Զմիւռնիոյ քարափը (Աղբիւր՝ Մխիթարեան միաբանութիւն, Սուրբ Ղազար, Վենետիկ)

Իզմիր/Զմիւռնիա (Աղբիւր՝ Léon de Laborde, Voyage de l’Asie Mineure, Paris 1838)

Բացատրութիւններ եւ աղբիւրներ՝
1) Իզմիր/Զմիւռնիոյ ծոցը (Աղբիւր՝ Léon de Laborde, Voyage de l’Asie Mineure, Paris 1838)
2) Իզմիր/Զմիւռնիա. հայոց եկեղեցին (Աղբիւր՝ Léon de Laborde, Voyage de l’Asie Mineure, Paris 1838)

Իզմիր/Զմիւռնիոյ ծոցը (Աղբիւր՝ Léon de Laborde, Voyage de l’Asie Mineure, Paris 1838)