Պուլանըխի շրջանի հայաբնակ գիւղերը օսմանեան ժամանակաշրջանի իրենց անուններով։ Վայրերուն այժմու անունները տեսնել ստորեւ (պատրաստեց՝ Տիգրան Մարտիրոսեան)

Պուլանըխի քազա - Ժողովրդագրութիւն

Հեղինակ՝ Տիգրան Մարտիրոսեան, 12/04/17 (վերջին փոփոխութիւն՝ 12/04/17), թարգմանութիւն՝ Վարդան Մատթէոսեան

Մանազկերտի, Վարդոյի, Մշոյ եւ Սասնոյ քազաներուն հետ, Պուլանըխի քազան կազմած է Պիթլիսի վիլայէթի Մշոյ սանճաքը։ Ցեղասպանութիւնը կանխող տասնամեակներուն, հայկական ամենէն խիտ բնակչութիւն ունեցող քազաներէն մէկն էր ո՛չ միայն Պիթլիսի վիլայէթին, այլեւ ամբողջ Հայկական Բարձրաւանդակին մէջ։ Այս տեսակէտը հիմնաւորուած է զանազան ժամանանակիցներու վկայութիւններով։ Պուլանըխի բնիկ հայ ազգագրագէտ մը՝ Բենսէ, կը հաղորդէ, թէ 1877-1878-ի ռուս-թրքական պատերազմի վաղորդայնին, Պուլանըխի բնակչութեան գերակշիռ մեծամասնութիւնը հայ էր, իսկ 1890-ականներուն ան ընդգրկած է քանի մը իսլամ խումբեր, ներառեալ քիւրտեր եւ Կովկասէն նորեկ գաղթականներ, ինչպէս չէրքէզներ եւ թուրքեր [1]։ Ռուսական շտապի գնդապետ Վլատիմիր Ֆիլիփով դիտել տուած է, որ 1880-ական թուականներուն, Պուլանըխի դաշտավայրը հայերու խիտ բնակչութեան գօտի մըն էր ասիական Թուրքիոյ մէջ [2]։ Իրլանտացի աշխարհագրագէտ Հենրի Լինչ նշած է, թէ 1890-ական թուականներուն, հայերը մեծամասնութիւն կը կազմէին Պիթլիսի նահանգի Մշոյ եւ Պուլանըխի քազաներուն մէջ, եւ որ անոնց ակնառու ներկայութիւնը Պուլանըխի մէջ մասամբ պարտական էր երկրի լայնատարած բեղուն հարթավայրերու սեփականութեան, ինչ որ շրջանը հայ գիւղացիութեան գլխաւոր նստավայրերէն մէկը կը դարձնէր [3]։ Վլատիմիր Մայեւսկի՝ ռուսական շտապի ուրիշ գնդապետ մը, նշած է, որ 1890-ական թուականներուն, Պուլանըխի կեդրոնը ասիական Թուրքիոյ հազուագիւտ շրջաններէն էր, որ հայկական ամենէն աւելի խիտ բնակչութիւն ունէր [4]։

Պուլանըխի գաւառակը (քազա) (Աղբիւր՝ Vital Cuinet, La Turquie d’Asie: géographie administrative, statistique, descriptive et raisonée de chaque province de l’Asie-Mineure, volume 2, Paris, 1891)

Այս ուսումնասիրութեան համար գործածուած են քանի մը հայկական աղբիւրներ։ Այդպիսի սկզբնաղբիւր մըն է Մշոյ առաջնորդարանի 1899-ին պատրաստուած տուներու հաշուառումը [5], վերահրատարակուած՝ Ա-Դոյի (Յովհաննէս Տէր-Մարտիրոսեան) գրքոյկին մէջ (1912) [6]։ Ուրիշ սկզբնաղբիւր մը տուներու եւ բնակչութեան հաշուառումն է՝ Առաջնորդարանի քարտուղար Նազարէթ Մարտիրոսեանի պատրաստութեամբ, որ 1916-ին հրատարակուած է վիճակագրական աղիւսակով մը «Վան-Տոսպ» թերթին մէջ [7]։ Ա-Դոյի գրքոյկին տուեալները հայթայթուած էին Նազարէթ Մարտիրոսեանի կողմէ, որ զանոնք թարմացուցած էր 1913-ի եւ 1915-ի միջեւ։ Չորս ուրիշ կարեւոր աղբիւրներ պէտք է յիշել. ազգագրագէտ Մանուէլ Միրախորեանի եռահատոր ուղեգրութեան վերջին հատորը (1885) [8], Ատրպետի «Բուլանըխ» յօդուածը՝ 1915-ին հրատարակուած «Մշակ» օրաթերթին մէջ [9], Թէոդիկի (Թէոդորոս Լապճինճեան) 1921-ի գիրքը հայ եկեղեցականներու տառապանքին մասին [10] եւ Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի 1913-1914-ի մարդահամարին տուեալները։ Մարդահամարին տուեալները տրամադրելի են երկու աղբիւրներու մէջ. Գէորգեանի եւ Փապուճեանի գործը Օսմանեան կայսրութեան հայերուն մասին [11], եւ Գէորգեանի ցեղասպանութեան համապարփակ պատմութեան մասին աշխատանքը [12]։ 2012-ին Հայաստանի Ազգային Արխիւները հրատարակեցին փաստաթուղթերու ուղենշային հաւաքածոյ մը, ուր կարգ մը ականատեսի վկայութիւններ ժողովրդագրական կարեւոր տուեալներ կը պարունակեն [13]։ Ականաւոր հեղինակներ Թադէոս Յակոբեանի, Ստեփան Մելիք-Բախշեանի եւ Յովհաննէս Բարսեղեանի «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան»ը յաւելեալ տուեալներ կը մատակարարէ [14]։ Սեւան Նշանեանի կողմէ ստեղծուած Թուրքիոյ հայկական տեղանուններու առցանց տուեալներու շտեմարանը՝ Index Anatolicus, Պուլանըխի գիւղերու տեղադրութեան օժանդակ աղբիւր մըն է։

Անմիջապէս բացայայտ կը դառնայ, որ հայկական աղբիւրները աւելի մանրամասնեալ են եւ աւելի հաւանական թիւեր կը ներկայացնեն քան օսմանեան աղբիւրները, որոնք յաճախ մեղադրուած են հայ բնակչութեան թիւի նուազեցումով [15]։ 1880-ին Պոլսոյ Պատրիարք Ներսէս արք. Վարժապետեանը նախաձեռնեց Պուլանըխի, Մանազկերտի եւ Մշոյ մարդահամարի մը, որ բացայայտեց, թէ հայ բնակչութիւնը 225.000 կը հաշուէր, իսկ իսլամ բնակչութիւնը՝ 55.000։ Այս թիւերուն հրապարակումէն ետք, Մշոյ օսմանեան իշխանութիւնները ճնշում բանեցուցին տեղական քաղաքային խորհուրդի անդամ Կարապետ էֆէնտի Փոթիկեանի վրայ, որպէսզի ան ուրիշ անդամներ դրդէր հայոց թիւը 95.000-ի իջեցնելու եւ իսլամներու թիւը 105.000-ի բարձրացնելու [16]։ Պուլանըխի հայ բնակչութեան վիճակագրական տուեալներ պարունակող օսմանեան աղբիւրները սալնամէներն են՝ կառավարութեան տարեգիրքերը պետութեան ու նահանգներուն մասին։ Օրինակ՝ Էրզրումի վիլայէթի 1871-ի սալնամէն կը յայտարարէ, թէ 3.835 հայ եւ 1.341 իսլամ տղամարդ կար քազային մէջ։ 1872-ի սալնամէն կը յայտարարէ, թէ 4.025 հայ եւ 1.441 իսլամ տղամարդ կար։ Անդին, 1873-ի սալնամէն կը ցուցակագրէ 4.361 հայ եւ 3.892 իսլամ տղամարդ, որոնք կ՚ապրէին 2.049 տուներու մէջ [17]։ Պիթլիսի վիլայէթի 1892-ի սալնամէն յատկանշական է, որովհետեւ յստակ ապացոյց կը բերէ, թէ հայերը Պուլանըխի մեծամասնութիւնը կը կազմէին. 25.456 բնակիչի վրայ կար 8.567 իսլամ եւ 16.889 հայ։ Այսպէսով, հայերը քազայի ընդհանուր բնակչութեան 66,3 առ հարիւրը կամ երկու երրորդը կը կազմէին [18]։

1. Маевский В.Т. Военно-статистическое описание Ванского и Битлисского вилаетов. –  Тифлис: Штаб Кавк. воен. окр., 1904 г
2. Սարգիս եւ Միսաք Բդէեան, Հ
արազատ պատմութիւն Տարօնոյ, Գահիրէ, «Նոր Աստղ» տպ., 1962.
3. Marcel Léart (alias Krikor Zohrab),
La question Armenienne a la lumière des documents, Paris, Augustin Challamel, 1913.
4. H.F.B. Lynch,
Armenia: Travels and Studies, volume 2: The Turkish Provinces, London, New York, Longmans, Green, & Co., 1901.

Օսմանեան կառավարութեան մարդահամարներն ալ վիճակագրութիւններ կը պարունակեն շրջանի հայ բնակչութեան մասին։ Առաջին Աշխարհամարտէն առաջ Պատրիարքարանին կողմէ կատարուած մարդահամարը Պուլանըխի հայ բնակչութեան տուած էր 25.053 թիւը, մինչ օսմանեան մարդահամարը հայ բնակչութեան թիւը 14.662 հաշուած էր [19]։ Ուշադրութեան արժանի է, որ Կարօ Սասունիի հաշուարկով, Յուլիս 1915-ին Անդրկովկաս ապաստանած Պուլանըխի եւ Մանազկերտի հայերու թիւը 34.000 կը գնահատուէր [20]։ Եթէ միայն գործածուին Պատրիարքարանի նախապատերազմեան թիւերը՝ 25.053 հայ Պուլանըխի մէջ եւ 11.931 Մանազկերտի մէջ, հայոց թիւին գումարը 36.984 պիտի ըլլար երկու քազաներուն մէջ։ Միւս կողմէ, եթէ միայն գործածուին օսմանեան տուեալները երկու քազաներուն համար (14.662 եւ 4.438 Պուլանըխի եւ Մանազկերտի համար յաջորդաբար), հայոց թիւին գումարը 19.100 պիտի ըլլար։ Ուրիշ օսմանեան աղբիւր մը կը մատնանշէր, որ 1915-ին տեղահանուելիք, կամ, ինչպէս թրքական աղբիւրները կը գրեն, «տեղափոխուելիք եւ հեռացուելիք» Պուլանըխի հայերու թիւը 14.309 էր անոնց արձանագրութիւններուն մէջ [21]։ Հետաքրքրական է, որ 1918-ին Հալէպ հրատարակուած հայկական «ամբաստանագիր-տեղեկագիր» մը Պուլանըխի եւ Մանազկերտի վերապրողներու թիւը 25.000 կը նկատէր [22]։ Թէեւ ցեղասպանութեան վերապրողներու խումբի մը կողմէ ստորագրուած տեղեկագիր մը պակաս կշիռ ունի քան մարդահամար մը կամ հաշուառում մը, երկու քազաներուն համար տրուած թիւը այստեղ 1,3 անգամ աւելի մեծ է քան օսմանեան 19.100-ի թիւը, մինչդեռ 25.053-ի հայկական թիւը Պուլանըխի համար 1,7 անգամ աւելի մեծ է, քան 14.309-ի օսմանեան թիւը նոյն քազային համար։ Տրուած ըլլալով, որ Պուլանըխի եւ Մանազկերտի հայերուն մեծ մասը ջարդերէ խուսափեցաւ շնորհիւ 1915-ի Մայիսին ռուսական զօրքերու յառաջխաղացքին, կարելի է ըսել, թէ Պատրիարքարանին թիւը բաւականաչափ ճշգրիտ կը թուի։

Հայկական աղբիւրները, սակայն, բոլորովին անթերի չեն. Պուլանըխի տուներու եւ բնակիչներու թուական հակասութիւնը անմիջապէս նկատելի է։ Այս հակասութիւնը պէտք է վերագրել ո՛չ միայն սոյն ժամանակաշրջանին տուեալներ հաւաքելու համար գործածուող վիճակագրական թերի մեթոտներուն, այլեւ տեղւոյն վրայ դաժան իրողութիւններու, որոնք յաճախ հայ բնակչութեան թերի հաշուարկին կ՚առաջնորդէին։ Կարգ մը պարագաներու, քիւրտերը կը գրաւէին հայկական գիւղերը, հայ բնակչութիւնը մասամբ կամ ամբողջութեամբ կը վտարէին մարդահամարէ մը առաջ, կամ բռնագրաւուած գիւղերու մուտքը կ՚արգիլէին հայ հաշուառողներու, ինչպէս պատահեցաւ Գարեգին եպս. Սրուանձտեանցին՝ 1870-ական թուականներու վերջերուն։ Այլ պարագաներու, հայ գիւղացիները կը նուազեցնէին իրենց ընտանիքներուն թիւերը՝ վախնալով հարկերու յաւելումէ, այնպիսի ժամանակի, երբ քիւրտ ցեղապետերը արդէն անտանելի յարաճուն հարկեր կը պարտադրէին անոնց վրայ։ Հակառակ թուական հակասութիւններու, Նազարէթ Մարտիրոսեանի տուեալները կ՚առանձնանան իբրեւ ամենէն համապարփակը՝ շրջանի հայ բնակչութիւնը հետազօոտող բոլոր աղբիւրներուն մէջ։ Հարկ է նաեւ մատնանշել, որ, թերեւս յարակարծօրէն, հայկական աղբիւրները Պուլանըխի բազմաթիւ հայաբնակ վայրեր կ՚անտեսեն։

Ընտանիքներու հաշուարկը հետազօտութեան ուրիշ խոչընդոտ մըն է։ Պուլանըխի հայ գիւղացիներուն մեծամասնութիւնը իրարու ազգական կամ խնամի էր, կամ սաներ ունէր։ Ամուսնացած որդիներու ընտանիքները կը ճիւղաւորուէին ու կը բազմապատկուէին, դառնալով ազգականներ եւ յաճախ բուն ազգանունը փոխելով այդ ընթացքին։ Սակայն, անոնք սովորաբար ընտանեկան սերտ կապեր կը պահէին ազգականի մը հետ եւ իրենք զիրենք ընտանիքի անդամներ կը նկատէին։ Հետեւաբար, դժուար է, եթէ ոչ անկարելի, ընտանիքի միջին թիւը ամենայն ճշգրտութեամբ գնահատել։ Վահան եպս. Տէր-Մինասեան (Պարտիզակցի), Պատրիարքարանի լիազօր 1860-1870-ական թուականներուն, կը թելադրէր, որ ընտանիքներու անդամներու միջին թիւը պէտք է ութը ըլլար գիւղական գօտիներու, իսկ վեց՝ քաղաքային գօտիներու մէջ։ Այսպէսով, հայաբնակ նահանգներու ընտանիքներուն միջին թիւը, անոր կարծիքով, եօթը պէտք է ըլլար [23]։ Պարտիզակցիի նմանութեամբ, Մայեւսկի ընտանեկան անդամներու միջին թիւը ութը կը հաշուէր, իսկ ընտանիքներու թիւը ըստ գիւղի՝ քսան, Պիթլիսի վիլայէթին համար [24]։ Ներքին Պուլանըխի գիւղերուն մէջ հաշուելով 8.600 հայեր՝ 770 տուներու մէջ, Ատրպետ բացայայտօրէն ընտանեկան անդամներու միջինը տասնմէկ կը դարձնէր։ Պուլանըխը գիւղական գօտի մը ըլլալով, այս ուսումնասիրութիւնը ութը պիտի գործածէ իբրեւ ընտանիքի անդամներու միջին թիւ։

1. Բենսէ (Սահակ Մովսիսեան), «Հարք (Մշոյ Բուլանըխ)», Հայ ազգագրութիւն եւ բանահիւսութիւն, հատոր 3, Երեւան, Հայկական ՍՍՀ Գիտութիւնների Ակադեմիայի հրատարակչութիւն, 1972.
2. Մանուէլ Միրախորեան,
Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի, հատոր Գ., Կ. Պոլիս, տպ. «Պարտիզպանեան», 1885։
3. Vital Cuinet,
La Turquie d’Asie: géographie administrative, statistique, descriptive et raisonée de chaque province de l’Asie-Mineure, volume 2, Paris, 1891.
4. Ա-Դօ (Յովհաննէս Տէր-Մարտիրոսեան),
Վանի, Պիթլիսի եւ Էրզրումի վիլայէթները, Երեւան, տպ. «Կուլտուրա», 1912։

Պուլանըխի հայաբնակ գիւղերու թիւին մասին հակասութիւն մը կայ աղբիւրներուն մէջ։ 1890-ական թուականներուն «Լումայ» պարբերականին մէջ լոյս տեսած «Մշոյ աշխարհ» խմբագրականին հեղինակները քազայի գիւղերու ընդհանուր թիւը 43 կը նկատէին 1870-ական թուականներուն վերջերուն [25]։ 1871, 1872 եւ 1873 թուականներուն, այս թիւը համեմատելի է օսմանեան սալնամէներու թիւին հետ, ուր գիւղերու գումարը կը համարուի 43, 42 եւ 46 յաջորդաբար [26]։ Ա-Դօ աւելի քան 60-ի թիւ մը տուած է, որոնցմէ 29 (գրքոյկին մէջ այլուր՝ 28) հայաբնակ գիւղեր էին։ 1880-ական թուականներու սկիզբներուն, Ֆիլիփով կը հաղորդէր, որ քսան հայկական գիւղեր կային՝ բաւական բազմամարդ։ Միրախորեան 26 հայկական գիւղեր հաշուած է, որոնցմէ իւրաքանչիւրը միջին հաշուով շուրջ 100 տուն ունէր։ Ֆրանսացի աշխարհագրագէտ Վիթալ Քուինէ 1891-ին կը հաղորդէր, որ 135 վայրերու գումարով [27], Պուլանըխ երկրորդ տեղը կը գրաւէր՝ Մշոյ քազայէն ետք, որ, անոր գնահատումով, 194 վայրեր ունէր։ 1890-ական թուականներու վերջերուն, Բենսէ կը հաղորդէր, որ քազայի բնակչութիւնը բաղկացած էր հայերէ, քիւրտերէ եւ քանի մը չէրքէզներէ, որոնք կ՚ապրէին 52 գիւղերու մէջ [28]։ Յակոբեան եւ այլք 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան 63 գիւղ հաշուած են, որոնցմէ 29-ը (Ա-Դոյէն բացայայտօրէն փոխ առնուած թիւ)՝ հայաբնակ։ Մարտիրոսեան 28 հայկական գիւղ ցուցակագրած է, սխալմամբ ընդգրկելով Մուշի քազայի Մալախտրան գիւղը, ինչ որ թիւը 27-ի կը վերածէ։ Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, Պատրիարքարանը 30 հայկական գիւղեր ցանկագրած էր։ 1915ին՝ ցեղասպանութեան վաղորդայնին, Ատրպետ 40 հայկական գիւղերու գոյութիւնը հաղորդած է, սխալմամբ ընդգրկելով յարակից քազաներու տասներկու վայրեր, ինչ որ թիւը 28-ի կ՚իջեցնէ։ Այս բոլոր թիւերուն մէջ, Ֆիլիփով յստակօրէն պակաս տեղեկագրած է հայաբնակ գիւղերու թիւը, մինչ Քուինէ աւելիով տեղեկագրած է գիւղերուն (հայկական եւ խառն բնակչութիւն ունեցող) ընդհանուր թիւը։

Վանի եւ Պիթլիսի վիլայէթներուն Մայեւսկիի ժողովրդագրական ուսումնասիրութիւնը սկզբնաղբիւր մըն է, որ Պուլանըխի գիւղերու տուներուն թիւը կը ներկայացնէ՝ 1890-1897 կամ 1899 ժամանակամիջոցին [29]։ Ինչպէս նշած է Վահագն Տատրեան, 1894-ին գնդապետ Մայեւսկի Վանի ռուսական փոխհիւպատոս նշանակուած էր եւ, համիտեան ջարդերուն լոյսին տակ կազմած է վիճակագրական գրքոյկ մը, որ հրատարակուած է 1904-ին [30]։ Օսմանեան զինուորականութիւնը այս տեղեկագրէն օրինակ մը ստացած ու զայն թարգմանել տուած էր օսմաներէնի։ Անդրադառնալով թարգմանիչի ծանօթագրութեան, Ճասթին ՄաքԳարթի յայտնած է, որ ռուսական շտապի զօրավար (major general) Մայեւսկի Վանի եւ Պիթլիսի նահանգները ուսումնասիրած է դիւանագիտական պաշտօնի բերումով [31]։ Սակայն, նորագոյն հաղորդումներ կը թելադրեն, որ գնդապետ Մայեւսկի ռուսական շտապի հետախուզութեան սպայ մըն էր, որ մինչեւ 1916 չէր բարձրացած զօրավարի աստիճանին [32]։ Աւելի ծաւալուն բանավէճ մը ծագած է այլ գրքոյկի մը շուրջ, ենթադրաբար Մայեւսկիի կողմէ գրուած 1916-ին, ուր հեղինակը հայ յեղափոխականները համիտեան ջարդերուն պատասխանատու կը նկատէ [33]։ Թրքական եւ ֆրանսական թարգմանութիւնները ուսումնասիրելով, Տատրեան զանոնք նկատած է Ա. Աշխարհամարտի թրքական զինուորական հետախուզութեան հնարաւոր կեղծարարութեան արդիւնք [34]։

Հետազօտողները երկար բանավիճած են Մայեւսկիի վիճակագրութիւններուն շուրջ։ ՄաքԳարթի Մայեւսկիի մասին գրած է թէ «Վանի եւ Պիթլիսի նահանգներու գրեթէ ամէն անկիւն պատշաճօրէն ուսումնասիրած ու տեսած է»։ Կը թուի թէ Մայեւսկի օսմանեան սալնամէներու գումարները փոխ առած է, այն տարբերութեամբ, որ հեղինակը հայ տուներուն թիւը ութով բազմապատկած ու հայ բնակչութեան թուաքանակը շուրջ 40 առ հարիւրով բարձրացուցած է [35]։ Օրինակ, երբ Պիթլիսի նահանգի հայ տուներու Մայեւսկիի 23.326 թիւը [36] ութով բազմապատկուի, 186.608-ի գումարը ըստ էութեան նման է նոյն նահանգին համար Պատրիարքարանի 1912-ի մարդահամարին 180.000-ի թիւին՝ առանց հաշվելու Սղերդի (Սիիրդ) սանճաքը [37]։ Միւս կողմէ, օսմանեան կառավարութեան 1914-ի մարդահամարը նահանգին հայկական բնակչութեան թիւը 119.132 հաշուած է [38], թելադրելով, որ կա՛մ մարդահամարի թուրք աշխատողները սխալ տեղեկագրած են հայ տուներու թիւը եւ կա՛մ իւրաքանչիւր տան անդամներու թիւը չորս համարած են, ինչ որ շատ անհաւանական է։ Օսմանեան թիւը ա՛լ աւելի խախուտ կը դառնայ, երբ կը համեմատուի Պիթլիսի նահանգի այն թիւին հետ, որ ռուսական կայսերական Արտաքին Գործոց նախարարութեան տեղեկագիր մը կը հաղորդէ։ Ըստ այս տեղեկագրին, 1910-ին չորս սանճաքներէն երկուքին մէջ միայն (Մուշ եւ Կէնճ) 94.000 հայ կար [39]։

13-էն 16-րդ դարերուն, Պուլանըխ գրաւուած էր թաթար-մոնկոլ եւ թիւրքմէն ցեղախումբերու կողմէ։ Ըստ 1555-ի եւ 1639-ի թուրք-պարսկական դաշնագրերուն, քազան կ՚անցնէր Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ [40]։ 17-րդ դարու սկիզբը, շահ Ապպաս Ա. հազարաւոր հայեր Պուլանըխէն Պարսկաստան կը տեղահանէր։ Պուլանըխի գիւղերը աւերուեցան դար մը ետք, օսմանա-պարսկական նոր պատերազմներու ընթացքին։ 1828-1829-ի ռուս-թրքական պատերազմին, հարիւրաւոր պուլանըխցի հայեր, քրտական հաւանական բռնութիւններէն խոյս տալով, ռուսական նահանջին հետեւեցան եւ արեւելեան Հայաստան հաստատուեցան։ Շրջակայ քազաներէն եկած հայեր տեղաւորուեցան գրեթէ ամբողջովին պարպուած Պուլանըխի գիւղերը։ Խլաթի, Խիզանի, Մոկսի եւ Արճէշի նախկին բնակիչներ Վերին Պուլանըխի արեւելեան մասի գիւղերը տեղափոխուեցան, մինչ Պշերիկի, Սասնոյ, Խութի, Մօտկանի եւ Տարօնի նախկին բնակիչներու խումբերը վերաբնակեցան Վերին Պուլանըխի արեւմտեան մասի գիւղերուն եւ Ներքին Պուլանըխի գրեթէ բոլոր գիւղերուն մէջ [41]։

1. Նազարէթ Մարտիրոսեան, «Համաեւրոպական պատերազմի ընթացքում ամայացած Արեւելեան Հայաստանի գաւառների վիճակագրութիւնը», Վան-Տոսպ, թ. 14 (1916)։
2. Владимир Н. Филиппов, Военное обозрение Азиатской Турции (Ասիական Թուրքիոյ զինուորական քննութիւն), СПб, Типо-Литография А. Е. Ландау, 1881.

1880-1881ին, օսմանեան իշխանութիւնները Պուլանըխի տարածքը ընդգրկած էին Պիթլիսի (Բաղէշի) վիլայէթին մէջ։ Պուլանըխի քազան բաղկացած էր երկու ենթա-գաւառակ (նահիյէ, կամ գիւղախումբ)՝ Վերին Պուլանըխ եւ Ներքին Պուլանըխ, որոնց վարչական կեդրոնները Կոփն ու Լիզն էին յաջորդաբար։ Այս վարչական փոփոխութիւնը եւ քրտական ցեղախումբերու յաջորդական ներխուժումը քազայի ժողովրդագրութեան պատկերը փոփոխութեան ենթարկեցին։ Կը պահանջուէր, որ հայերը իսլամներուն այսպէս կոչուած հիւրասիրութիւն մատուցէին եւ զանոնք պահէին իրենց տուները, այս հիւրերն ու իրենց ձիերը կերակրելով։ Ձմեռնային ամիսներուն, կը պահանջուէր, որ հայերը ղշլախ անունով թրքական կանոնի մը հետեւէին, այսինքն՝ արօտավայրեր հայթայթել իսլամ վաչկատուներու, ինչ որ, նիւթական բեռէն զատ, յաճախ հարստահարութեան ու բռնութեան կ՚առաջնորդէր։ Ասոնց հետեւանքով, 19-րդ դարու կէսերէն սկսեալ, որոշ թիւով հայկական գիւղեր կ՚ամայանան։ Այս առիթէն օգտուելով, քիւրտերը բնակեցան այս գիւղերը, յատկապէս Ներքին Պուլանըխի մէջ։ Օսմանեան իշխանութիւնները աւելի խթանեցին տիրող լարուածութիւնը երբ, 1877-1878-ի ռուս-թրքական եւ 1912-1913-ի պալքանեան առաջին պատերազմներուն, քաջալերեցին Կովկասէն իսլամ գաղթականներու՝ մուհաճիրներու վերաբնակեցումը, Պուլանըխի գիւղերուն իսլամներուն թիւը մեծցնելով եւ հայերու դէմ սպառնալիքը աճեցնելով, քանի որ այս իսլամները ռուսերու եւ արեւելեան քրիստոնեաներու հանդէպ իրենց ատելութիւնը հայերու վրայ կեդրոնացուցին։

Հակառակ օսմանեան տիրապետութեան եւ քիւրտերու ներխուժումին, Պուլանըխ խիտ հայկական բնակչութեան գօտի մը մնացած է։ Ըստ Մշոյ Առաջնորդարանի հաշուառումին, 1870-ական թուականներուն 5.476 տղամարդիկ կ՚ապրէին Պուլանըխի 2.049 տուներու մէջ, որոնցմէ 4.035 քրիստոնեայ էին, իսկ 1.441՝ իսլամ [42]։ Այս հիմքով, հայերու թիւը աւելի քան 8.000 պէտք է ըլլար՝ մօտաւոր գնահատումով։  Ինչպէս հաղորդուած էր Վանի ռուս փոխհիւպատոս Ալեքսէյ Քոլիւպաքինի կողմէ, 1880-ական թուականներու կէսերուն, հայերը բնակչութեան 67 առ հարիւրը կը կազմէին, կամ 20.000 հոգիէն աւելի [43]։ Ա-Դօ թելադրած է, որ 1890-ի շուրջ 2.025 հայկական տուն կամ 14.175 հայ բնակիչ կար Պուլանըխի մէջ։ Քուինէի գնահատումով, 23.361 բնակիչներէ 10.361-ը հայ էին, իսկ 13.000-ը՝ քիւրտ։ Սակայն, եթէ Պուլանըխի հայերու ընդհանուր թիւը բաժնուի 135-ով (Պուլանըխի գիւղերու թիւը՝ Քուինէի տեսակէտով), իւրաքանչիւր գիւղի հայերու թիւը աներեւակալիօրէն ցած է՝ 77 հոգի կամ տասը տուն մէկ գիւղի համար։ 1893-ի օսմանեան մարդահամարը Պուլանըխի, Մանազկերտի, Վարդոյի եւ Սասնոյ հայկական բնակչութիւնը հաշուած է 25.873։ Եթէ այս թիւը բաժնուի չորսով, Պուլանըխի հայերու թիւը անհաւանական կերպով ցած կ՚ըլլայ՝ 6.500։

Բենսէ հաշուած է, որ շուրջ 10.163 հայ տղամարդ Պուլանըխ կ՚ապրէր 1890-ական թուականներուն։ Ան հիմնուած է զինուորական տարիքի ոչ-իսլամներու վճարելի տուրքին՝ bedel-i askeri-ին վրայ [44]։ Բենսէի թիւերով, համիտեան ջարդերուն նախօրեակին մօտաւորապէս 20.326 հայ տղամարդ ու կին կ՚ապրէր շրջանին մէջ։ Ջարդերէն ետք հայերու թիւը նուազած է, քանի որ հարիւրաւորներ սպաննուած են եւ հազարաւորներ փախած են Ցարական կայսրութիւն։ Հակառակ ջարդերու հետեւանքով հայկական բնակչութեան նուազումին, Ա. Աշխարհամարտի նախօրեակին, ըստ Մշոյ առաջնորդարանի հաշուարկին, հայերը մեծամասնութիւն կը կազմէին Պուլանըխի մէջ՝ 3.430 տուներու (25.267 բնակիչներ) 62 առ հարիւրը հաշուելով [45]։ Ըստ Պատրիարքարանի 1913 մարդահամարի տուեալներուն, Պուլանըխի քազան՝ 25.053 հայ բնակիչներով, շատ խիտ հայկական բնակչութիւն մը ունէր պատերազմի նախօրեակին [46]։

Ստորեւ կու տանք Պուլանըխի հայաբնակ գիւղերուն ցանկը՝ հանդերձ բնակչութեան, ըստ տարբեր աղբիւրներու արձանագրութեան եւ Վ. Միրզոյեանցի «Պուլանըխ կամ Հարք» քարտէսին, որ հրատարակուած է Բենսէի «Պուլանըխ կամ Հարք գաւառ» ուսումնասիրութեան մէջ։ Ցանկը կ՚ընդգրկէ գիւղերու տեղադրութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց անուանումները նախա-1915-եան շրջանին եւ ներկայ օրերուն։ Վերջինները յիշուած են սուրանկիւն փակագիծերու մէջ։ Եթէ այլապէս նշուած չէ, ստորեւ մատուցուող տուեալները 1890-1915 ժամանակաշրջանի վերաբերեալ աղբիւրներէ քաղուած են։ Տրուած ըլլալով, որ այս աղբիւրները այլազան եւ յաճախ հակասական ժողովրդագրական տուեալներ կը պարունակեն, այդ տուեալները համեմատելու եւ հակադրելու փորձ չէ եղած այս ուսումնասիրութեան մէջ (ոչ ալ նման փորձ հնարաւոր կը թուի)։

Վերին Պուլանըխի նահիյէի գիւղեր

Ալիպոճան [Չայկելտի]

Լայնութիւն՝ 39°0’46.88” Երկայնութիւն՝ 42°26’41.95”

-Գիւղը կը գտնուէր լեռնային վայրի մը մէջ՝ Կոփէն տասնութ քիլոմեթր (տասնմէկ մղոն) դէպի հարաւ-արեւելք եւ Խաշլի լիճի արեւելքը։
-Մէկ վանք

Ա-Դօ հաստատած է, թէ երեք հայկական եւ քսան քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Ըստ այնմ, հայ բնակիչներու թիւը 24 պէտք է ըլլար։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական թարմացած աղիւսակը այս գիւղը ընդգրկած չէ։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարին տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը չորս հայկական (37 բնակիչ) եւ 26 քրտական տուն (բնակիչներու անծանօթ թիւով) ունէր։ Թէոդիկ նկատել կու տայ որ 1915-էն առաջ այստեղ կար չորս հայկական տուն։ Ցեղասպանութեան վերապրողներու խումբի մը գնահատումով, հայ տուներու թիւը 5 էր, իսկ հայ բնակիչներու թիւը՝ 51։

Բլուր [Կիւմիւշփընար]

Լայնութիւն՝ 39°3’48.35” Երկայնութիւն՝ 42°22’44.95”

-Գիւղը կը գտնուէր հարթավայրի մը մէջ, Կոփէն տասնմէկ քիլոմեթր (եօթը մղոն) դէպի արեւելք եւ Խաշլի լիճէն դէպի հիւսիս-արեւելք, Կոր-ջուրի հարկատու Մրպար գետի ձախ ափին։ Կոր-ջուրը, իր կարգին, Արածանի (Մուրատ) գետի հարկատու է։
-Մէկ եկեղեցի։

Ա-Դօ հաստատած է, թէ 60 հայկական եւ 15 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Ըստ այնմ, հայ բնակիչներու թիւը 480 պէտք է ըլլար։ Միրախորեան քսան հայ տուն յիշած է։ Մայեւսկի ցուցակագրած է 65 հայկական եւ տասնհինգ քրտական տուն։ Ըստ Մարտիրոսեանի վիճակագրական թարմացած աղիւսակին, գիւղը 20 հայկական (175 բնակիչ) եւ 20 քրտական տուն (107 բնակիչ) ունէր։ Ըստ Յակոբեանի եւ այլոց, 1900-ական թուականներու սկիզբներուն, գիւղը 45 հայկական եւ 15 քրտական տուն ունէր։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարին տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 26 հայկական (182 բնակիչ) եւ չբացայայտուած թիւով քրտական տուներ (462 բնակիչ) ունէր։ Ատրպետ հաղորդած է 38 հայկական տուներու գոյութիւնը ցեղասպանութենէն առաջ։ Թէոդիկ նկատել կու տայ որ 1915-էն առաջ այստեղ կար 40 հայկական տուն։

Դոնօ, ներկայ անունը՝ անծանօթ։

Մօտաւոր լայնութիւն՝ 39°12’48.96” Երկայնութիւն՝ 42°5’8.94”

-Դոնոյի ճիշդ տեղադրութիւնը անյայտ է։ Ամենայն հաւանականութեամբ, Համզաշեխէն շուրջ հինգ քիլոմեթր (երեք մղոն) դէպի արեւելք գտնուող շէն մըն էր՝ Զեռնակ լեռներու մէկ լանջին վրայ։
-Հաւանաբար մէկ վանք։

Այս գիւղը թերեւս անհետացած է։ Քանի որ Դոնօն ենթադրաբար կը նոյնանայ Դոնեվանք գիւղին հետ, որ իբրեւ Հարք գաւառի վայր երեւան կու գայ ուշ միջնադարեան ժամանակագրութեան մը մէջ [47], հնարաւոր է ենթադրել, որ գիւղը նախապէս հայաբնակ էր։ Այս անունով կամ անոր մէկ տարբերակով գիւղ մը յիշուած չէ այս ուսումնասիրութեան մէջ գործածուած որեւէ այլ աղբիւրի կողմէ։

Կերխամօ [Էրիճէք]

Լայնութիւն՝ 38°57’16.63” Երկայնութիւն՝ 42°22’4.61”

-Գիւղը կը գտնուէր Կոփէն տասնութ քիլոմեթր (տասնմէկ մղոն) դէպի հարաւ, Խաշլի լիճի հարաւ-արեւելեան կողմը։

Մայեւսկի քսան հայ տուն յիշած էր գիւղին մէջ, զոր Բենսէի «Պուլանըխ կամ Հարք»ի քարտէսը նշած է Վերին Պուլանըխի մէջ։ Գիւղը Index Anatolicus-ի կողմէ յիշուած է իբրեւ Պուլանըխի վայր մը։ Այս անունով կամ անոր մէկ տարբերակով գիւղ մը յիշուած չէ այս ուսումնասիրութեան մէջ գործածուած որեւէ այլ աղբիւրի կողմէ։

Համզաշեխ [Սարըփընար]

Լայնութիւն՝ 39°12’8.25” Երկայնութիւն՝ 42°8’32.80”

-Գիւղը կը գտնուէր Կոփէն տասնհինգ քիլոմեթր (տասը մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտքը՝ Զեռնալ լեռներու լանջի մը վրայ, Արածանի (Մուրատ) գետի եւ իր աջակողմեան հարկատուի՝ Խնուսի խառնուրդի կէտին վրայ։
-Մէկ եկեղեցի։

Ըստ «Մշոյ աշխարհ»ի, 1870-ական թուականներու վերջերուն Համզաշեխ Պուլանըխի ամենամեծ գիւղերէն մէկն էր։ Ֆիլիպով այս տեսակէտը կը կրկնէ 1880-ական թուականներու սկզբնաւորութեան։ Ա-Դօ հաստատած է, թէ 150 հայկական տուն կար գիւղին մէջ, բայց որեւէ քրտական տուն չկար։ Ըստ այնմ, հայ բնակիչներու թիւը 1.200 պէտք է ըլլար։ Միրախորեան նշած է 150 հայկական տուն, իսկ Մայեւսկի՝ 110։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական թարմացած աղիւսակին մէջ, գիւղը 179 հայկական (1.264 բնակիչ) եւ 15 քրտական տուն (93 բնակիչ) ունէր։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարին տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 80 հայկական  (1.299 բնակիչ) եւ չբացայայտուած թիւով քրտական տուներ (80 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ 25 չէրքէզներ։ Ատրպետ հաղորդած է 111 հայկական տուներու թիւը ցեղասպանութենէն առաջ։ Թէոդիկ նկատել կու տայ որ 1915-էն առաջ այստեղ կար 80 հայկական տուն։ Վերապրող Մուրատ Մխիթարեանի գնահատումով, հայ տուներու թիւը 270 էր, իսկ հայ բնակիչներու թիւը՝ 3.000։ Համզաշեխ պէտք չէ շփոթուի Պուլանըխի համանուն գիւղին հետ, որ 8 տուն ունէր, ամբողջովին քրտաբնակ։

Քարաղըլ, Բերդակ [Քարաղըլ]

Լայնութիւն՝ 39°8’24.21” Երկայնութիւն՝ 42°5’17.67”

-Գիւղը կը գտնուէր Կոփէն տասնվեց քիլոմեթր (տասը մղոն) դէպի հիւսիս- արեւմտուք, Արածանի (Մուրատ) գետի աջ ափին։
-Մէկ եկեղեցի։

Լինչը Քարաղըլը նկարագրած է իբրեւ հայկական գիւղ՝ Քարաօղլի անունով։ Ա-Դօ հաստատած է, թէ 85 հայկական եւ 25 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Ըստ այնմ, հայ բնակիչներու թիւը 680 պիտի ըլլար։ Միրախորեան յիշած է 90 խառն տուներու գոյութիւնը, մեծամասնութեամբ՝ քրտական, իսկ Մայեւսկի՝ 105 հայկական եւ 10 քրտական տուն։ Ըստ Մարտիրոսեանի վիճակագրական թարմացած աղիւսակին, գիւղը 186 հայկական (1.372 բնակիչ) եւ 14 քրտական տուն (80 բնակիչ) ունէր։ Ըստ Յակոբեանի եւ այլոց, 20-րդ դարու սկիզբը գիւղը 95 տուն ունէր, որոնց էթնիկ պատկանելիութիւնը ճշդուած չէ։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարին տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտի նախօրեակին, գիւղը 165 հայկական տուն ունէր (1.312 բնակիչ) եւ 60 թուրք բնակիչ։ Ատրպետի համաձայն, ցեղասպանութենէն առաջ այստեղ կար 191 հայկական տուն։ Թէոդիկ նկատել կու տայ որ 1915-էն առաջ այստեղ կար 160 հայկական տուն։ Վերապրող Յարութիւն քհնյ. Պօյաճեանի գնահատումով, հայկական տուներու թիւը 211 էր, իսկ հայ բնակիչներու թիւը՝ 1.838։ Ուրիշ երկու վերապրողներու՝ Գէորգ Ղազարեանի եւ Սայաթ Աստուածատրեանի գնահատումով, հայկական տուներու թիւը յաջորդաբար 200 եւ 250 էր։

Քեքառլու [Քըրքկէօզէ]

Լայնութիւն՝ 39°1’6.17” Երկայնութիւն՝ 42°22’45.34”

-Գիւղը Կոփի տասներկու քիլոմեթր (ութը մղոն) դէպի հիւսիս-արեւելք կը գտնուէր՝ Խաշլի լիճի արեւելեան ափին մօտ սարահարթի մը վրայ։
-Մէկ եկեղեցի։

Ըստ «Մշոյ աշխարհ»ի, Քեքառլու Պուլանըխի ամենամեծ գիւղերէն մէկն էր 1870-ական թուականներու վերջերուն։ Լինչ գիւղը կոչած է Քեքելի եւ նկարագրած է իբրեւ մեծ հայկական բնակավայր մը։ Ա-Դօ հաստատած է, թէ 100 հայկական եւ 35 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Ըստ այնմ, հայ բնակիչներու թիւը 800 պիտի ըլլար։ Միրախորեան 80-էն 90 հայկական տուն յիշած է, իսկ Մայեւսկի՝ 80 հայկական տուն։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական թարմացած աղիւսակին մէջ, գիւղը 215 հայկական  (1.506 բնակիչ) եւ տասնմէկ քրտական տուն ունէր (52 բնակիչ)։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարին տուեալներուն, գիւղը 189 հայկական տուն (1.306 բնակիչ) եւ չճշդուած թիւով քրտական տուներ (38 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ չորս չէրքէզական տուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ։ Ատրպետ հաղորդած է 207 հայկական տուներու գոյութիւնը ցեղասպանութենէն առաջ։ Թէոդիկ նկատել կու տայ որ 1915-էն առաջ այստեղ կար 190 հայկական տուն։

Խաչլու [Կէօլեանը]

Լայնութիւն՝ 38°59’37.06” Երկայնութիւն՝ 42°17’24.05”

-Գիւղը կը գտնուէր Կոփէն տասնմէկ քիլոմեթր (եօթը մղոն) դէպի հարաւ՝ Խաշլի լիճի հարաւային ափին։
-Մէկ վանք (մէկ եկեղեցի ըստ 1913-ի Պատրիարքարանի վիճակագրութեան)։

Ա-Դօ հաստատած է, թէ տասը հայկական եւ 40 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Ըստ այնմ, հայ բնակիչներու թիւը 80 պէտք է ըլլար։ Միրախորեան գրած է, թէ գիւղը ամբողջովին հայաբնակ էր մինչեւ 1865, երբ 50 հայկական տուն կար, որոնցմէ եօթը կամ ութը դեռ կանգուն էին 1885-ին, մինչ մնացեալը, շուրջ 35 տուն, նորահաստատ քիւրտերով բնակուած էր։ Մայեւսկի երկու հայկական եւ 48 քրտական տուն յիշած է։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական թարմացած աղիւսակին մէջ, այս գիւղը յիշուած չէ։ Բենսէ թելադրած է, որ 19-րդ դարու վերջաւորութեան գիւղը 25-էն 30 տուն ունէր, որոնցմէ միայն մէկը հայկական էր, իսկ մնացեալը՝ քրտական։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարին տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը երկու հայ տուն ունէր (39 բնակիչ) եւ քրտական տուներու չճշդուած թիւ մը (283 բնակիչ)։ Ատրպետ հաղորդած է տասներկու հայկական տուներու գոյութիւնը ցեղասպանութենէն առաջ։ Թէոդիկ նկատել կու տայ որ 1915-էն առաջ այստեղ կար երկու հայկական տուն։

Խարապաշհար, Հայկաշէն [Էօրէնքենտ]

Լայնութիւն՝ 39°1’27.03” Երկայնութիւն՝ 42°14’27.96”

-Գիւղը տեղադրուած էր Կոփէն ինը քիլոմեթր (վեց մղոն) դէպի հարաւ-արեւմուտք՝ Խաշլի լիճի հարաւային ափին մօտակայքը՝ Պիլեճան լերան հիւսիս-արեւմտեան լանջին վրայ։
-Մէկ եկեղեցի։

Յակոբեան եւ այլք նշած են, որ 1850ական թուականներուն գիւղը տասնեօթը տուն ունէր՝ 137 հոգիով, որոնց էթնիկական պատկանելիութիւնը ճշդուած չէր։ Ըստ «Մշոյ աշխարհ»ի, Խարապաշհար Պուլանըխի ամենամեծ գիւղերէն մէկն էր 1870-ական թուականներու վերջաւորութեան։ Ա-Դօ հաստատած է, թէ 30 հայկական եւ 50 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Ըստ այնմ, հայ բնակիչներու թիւը 240 պէտք է ըլլար։ Միրախորեան քսան հայկական տուն յիշած է, իսկ Մայեւսկի՝ 30 հայկական եւ տասը քրտական տուն։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական թարմացած աղիւսակին մէջ, գիւղը 77 հայկական (606 բնակիչ) եւ 12 քրտական տուն (91 բնակիչ) ունէր։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարին տուեալներուն, գիւղը 67 հայկական տուն ունէր (572 բնակիչ) եւ քրտական տուներու չճշդուած թիւ մը (99 բնակիչ) Ա. Աշխարհամարտէն առաջ։ Թէոդիկ նկատել կու տայ որ 1915-էն առաջ այստեղ կար 80 հայկական տուն։ Ատրպետ հաղորդած է 90 հայկական տուներու գոյութիւնը ցեղասպանութենէն առաջ։ Վերապրող Ղազար Փարվէեանի գնահատումով, հայկական տուներու թիւը 70 էր։ Ուրիշ վերապրող մը՝ Գէորգ Մանուկեան, հայկական տուներու թիւը 90 համարած է, իսկ հայ բնակիչներու թիւը՝ 1.400։

Կոփ [Պուլանըխ]

Լայնութիւն՝ 39°5’31.94” Երկայնութիւն՝ 42°16’16.20”

-Գիւղաքաղաքը տեղադրուած էր Մուշէն 78 քիլոմեթր (49 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւելք եւ 24 քիլոմեթր (տասնհինգ մղոն) Մանազկերտէն արեւմուտք՝ Մանազկերտ-Մուշ ճանապարհին, Պիլեճան լերան հիւսիս-արեւելքը եւ Խաշլի լիճի հիւսիսը՝ Կոր-ջուր գետի ձախ ափին։
-Երեք եկեղեցի։

Օսմանեան դարաշրջանին աւարտին, Կոփ դարձած էր Պուլանըխի քազայի գլխաւոր գիւղաքաղաքը եւ Վերի Պուլանըխի նահիյէի վարչական կեդրոնը։ Ա-Դօ հաստատած է, թէ 450 հայկական եւ 130 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Ըստ այնմ, հայ բնակիչներու թիւը 3.600 պէտք է ըլլար։ Միրախորեան յիշած է 300 հայկական եւ հինգ քրտական տուն, իսկ Մայեւսկի՝ 350 հայկական եւ 70 քրտական տուն։ «Մշակ» լրագիրը հաղորդած է, որ 1890-ին Կոփ 500 տուն ունէր եւ հայկական խիտ բնակչութեամբ գիւղաքաղաք մըն էր։ [48] Քուինէ առաջադրած է, որ 1891-ին Կոփ 200 խառն տուն ունէր։ Լինչ նշած է, թէ 400 տուն կար, որոնք հայաբնակ էին, բացառելով յիսուն տուն։ Բենսէ յայտնած է, որ 1890-ական թուականներու վերջերուն, գիւղաքաղաքը 450 ենթադրաբար խառն տուն ունէր եւ 1.409 այր բնակիչ։ Հաշուի առնելով Բենսէի թիւը, մօտաւոր գնահատումով այդ ժամանակ 3.000 այր ու կին կ՚ապրէր Կոփի մէջ։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական թարմացած աղիւսակին մէջ, գիւղաքաղաքը 543 հայկական (4.513 բնակիչ) եւ 156 քրտական տուն (757 բնակիչ) ունէր։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարին տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղաքաղաքը 500 հայկական (5.000 բնակիչ) եւ 40 քրտական տուն ունէր (չճշգրտուած բնակչութեան թիւով), ինչպէս եւ 60 թրքական տուներ։ Ատրպետ հաղորդած է 600 հայկական եւ 150 քրտական ու թրքական տուներու գոյութիւնը ցեղասպանութենէն առաջ։ Թէոդիկ նկատել կու տայ որ 1915-էն առաջ այստեղ կար 5.000 հայ բնակիչ։ Խումբ մը վերապրողներու գնահատումով, հայկական տուներու թիւը 600 էր, իսկ հայ բնակիչներու թիւը՝ 6.000։ Վերապրողներու ուրիշ խումբ մը հայկական տուներու թիւը 380 հաշուած է, իսկ վերապրող Նիկողոս Մխիթարեան՝ 217։ Կոփի հարաւը վանական համալիր մը կար, ուր Դանիէլ Ասորի քորեպիսկոպոսի նշխարները պահուած էին։

Սուրբ Դանիէլի վանք

Մօտաւոր տեղադրութիւն. Լայնութիւն՝ 39°4’33.35” Երկայնութիւն՝ 42°16’25.22”

-Վանքը կանգնած էր ոչ շատ հեռու Կոփի հարաւային թաղամասէն, Կոփ գիւղաքաղաքի կեդրոնէն մէկ քիլոմեթր (0,62 մղոն) դէպի հարաւ՝ Խաչլի լիճի ուղղութեամբ։

Վանքին մօտիկութիւնը Կոփի պատճառ դարձաւ Կոփավանք անուանումին։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական թարմացած աղիւսակին մէջ, վանքը մէկ տուն ունէր, որ հաւանաբար Մուշի առաջնորդական փոխանորդի բնակարանն էր, ինչպէս եւ այլ կառոյց մը, որ վանականներու քանի մը սենեակ ունէր։ Մարտիրոսեանի ցանկին մէջ յիշուած տասներեք բնակիչները, անշուշտ, կը ներառէին երկու կամ երեք վանական եւ քանի մը վանական մշակ։

Լաթար, Դալար, Դալարիկ, Թալարիս [Էլմաքայա]

Լայնութիւն՝ 39°1’52.17” Երկայնութիւն՝ 42°28’47.97”

-Գիւղը տեղադրուած էր Վերին Պուլանըխի հարաւ-արեւելեան ծայրը՝ Կոփէն տասնինը քիլոմեթր (տասներկու մղոն) դէպի հարաւ-արեւելք եւ Խաշլի լիճին արեւելքը։
-Մէկ եկեղեցի։

Լինչ այս գիւղը նկարագրած է իբրեւ մեծ, մասամբ քրտական եւ մասամբ հայկական։ Ա-Դօ հաստատած է, թէ 1870-ականներուն շուրջ, ամբողջովին հայաբնակ գիւղը 300 տուն ունէր, իսկ Ի. դարու սկզբնաւորութեան՝ 80 հայկական եւ 240 քրտական տուն։ Ըստ այնմ, հայ բնակիչներու թիւը 640 պիտի ըլլար։ Միրախորեան յիշած է շուրջ 50 հայկական եւ 20 քրտական տուն, իսկ Մայեւսկի՝ 76 հայկական եւ 90 քրտական տուն։ Բենսէ դիտել տուած է, որ 1890-ական թուականներու վերջերուն, գիւղը քսանէն երեսուն հայկական տուն ունէր, ինչպէս նաեւ քանի մը հատ ալ՝ ականաւոր քիւրտ շէյխերու։ Ըստ այնմ, հայ բնակիչներու թիւը 640 կ՚ըլլար։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական թարմացած աղիւսակին մէջ, գիւղը 100 հայկական (675 բնակիչ) եւ 227 քրտական տուն (1.104 հոգի) ունէր։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարին տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 90 հայկական (700 հոգի) եւ 130 քրտական տուն (բնակիչներու չճշդուած թիւ) ունէր։ Ատրպետ հաղորդած է 36 հայ տուներու գոյութիւնը ցեղասպանութենէն առաջ։ Թէոդիկ նկատել կու տայ որ 1915-էն առաջ այստեղ կար 90 հայկական տուն, աւելցնելով որ 19-րդ դարու կէսերուն անոնց թիւը մօտ 300 էր, որ անկում կրեց երբ քիւրտ շէյխերը ձեռք դրին հայապատկան արօտավայրերուն վրայ։ Վերապրող Խաչատուր քհնյ. Մելքոնեանի գնահատումով, հայ տուներու թիւը 70 էր, իսկ հայ բնակիչներու թիւը՝ 700։

Մամանի [Սամանեօլու]

Լայնութիւն՝ 39°11’17.57” Երկայնութիւն՝ 42°6’9.40”

-Գիւղը կը գտնուէր Կոփէն տասնութը քիլոմեթր (տասնմէկ մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք եւ Զեռնակ լեռներէն դէպի հարաւ, Պելպելիկ գետի ափին վրայ, որ Խնուս գետի հարկատու է։ Վերջինս, իր կարգին, Արածանի (Մուրատ) գետի աջափնեայ հարկատու մըն է։

Մայեւսկի 35 քրտական տուն նշած է գիւղին մէջ։ Ըստ Յակոբեանի եւ այլոց, վաղ 1900-ականներուն գիւղը տասնհինգ տուն ունէր, որոնց էթնիկական պատկանելիութիւնը ճշդուած չէ։ Գիւղը նշուած է Բենսէի «Բուլանըխ կամ Հարք»ի քարտէսին մէջ իբրեւ Վերին Պուլանըխի վայր։ Index Anatolicus-ը գիւղը համարած է Վերին Պուլանըխի վայր մը։ Այս անունով կամ անոր մէկ տարբերակով գիւղ մը յիշուած չէ այս ուսումնասիրութեան մէջ գործածուած որեւէ այլ աղբիւրի կողմէ։

Մեճիթլու, Լիճ [Մեշճիթլի]

Լայնութիւն՝ 39°0’48.68” Երկայնութիւն՝ 41°43’43.06”

-Գիւղը տեղադրուած էր Կոփէն հինգ քիլոմեթր (երեք մղոն) դէպի արեւելք՝ Մանազկերտ-Կոփ ճանապարհին վրայ, Կոր-ջուր գետի հարկատու Մրպարի  ձախ ափին։.
-Մէկ եկեղեցի։

Ա-Դօ կը հաստատէ թէ գիւղին մէջ կար 125 հայկական տուն եւ ոչ մէկ՝ քրտական տուն։ Ըստ այնմ, հայ բնակիչներու թիւը 1.000 պէտք է ըլլար։ Միրախորեան 80 հայկական եւ 5 քրտական տուն նշած է, իսկ Մայեւսկի՝ 55 հայկական եւ հինգ քրտական տուն։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական թարմացած աղիւսակին մէջ, գիւղը 135 հայկական տուն ունէր (930 հոգի) եւ ո՛չ մէկ քիւրտ։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարին տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 120 հայ տուն (850 հոգի) ունէր։ Ատրպետ հաղորդած է 95 հայ տուներու գոյութիւնը ցեղասպանութենէն առաջ։ Թէոդիկ նկատել կու տայ որ 1915-էն առաջ այստեղ կար 130 հայկական տուն։ Խումբ մը վերապրողներու գնահատումով, հայ տուներու թիւը 110 էր։ Գէորգեան Մեճիթլու կամ Մաշթլու անունով գիւղ մը յիշած չէ, բայց նշած է Մալթլու գիւղ մը, որ, ըստ իրեն, 195 հայկական տուն ունէր ցեղասպանութենէն առաջ։ Սակայն, Մալթլու անունով կամ անոր մէկ տարբերակով գիւղ մը յիշուած չէ այս ուսումնասիրութեան մէջ գործածուած որեւէ այլ աղբիւրի կողմէ։ Բենսէի «Բուլանըխ կամ Հարք»ի քարտէսին մէջ, Բլուր գիւղէն դէպի հիւսիս-արեւմուտք գտնուող Մաշթլու գիւղ մը կը տեսնենք։ Սակայն, անոր տեղադրութիւնը կը յուշէ, որ քարտէսագրողը՝ Վ. Միրզոյեանց, կրնայ սխալ անուն մը վերագրած ըլլալ Միրիպար գիւղին։

Մեխիկ [Տէյիրմէնսույու]

Լայնութիւն՝ 39°10’14.17” Երկայնութիւն՝ 42°5’2.07”

-Գիւղը կը գտնուր Կոփէն տասնութ քիլոմեթր (տասնմէկ մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք՝ Խնուս գետի ձախ ափին։

Մայեւսկի 25 քրտական տուն յիշած է գիւղին մէջ։ Յակոբեան եւ այլք դիտել տուած են, թէ 1900-ական թուականներու սկիզբին, գիւղը ութը տուն ունէր, որոնց էթնիկական պատկանելիութիւնը ճշդուած չէ, եւ որ ուրիշ աղբիւրներ՝ նոյնպէս չճշդուած, նշած են, թէ նախապէս գիւղը ամբողջովին հայաբնակ էր։ Index Anatolicus-ը գիւղը նշած է իբրեւ Վերին Պուլանըխի վայր մը։

Մեխիկ Փիրան [Գարապուրուն]

Լայնութիւն՝ 38°57’16.29” Երկայնութիւն՝ 42°16’29.93”

-Գիւղը կը գտնուէր Կոփէն տասնվեց քիլոմեթր (տասը մղոն) դէպի հարաւ՝ Պիլեճան լերան արեւելեան լանջին։

Index Anatolicus-ը գիւղը յիշած է իր քրտացած անունով՝ Piran Méxiği, իբրեւ Վերին Պուլանըխի վայր մը։ Գիւղը Փիրան եւ Խաչլու հայկական վայրերուն մօտ էր, ուստի տրամաբանական է ենթադրել, որ գիւղը նախապէս հայաբնակ էր։ Այս անունով կամ անոր մէկ տարբերակով գիւղ մը յիշուած չէ այս ուսումնասիրութեան մէջ գործածուած որեւէ այլ աղբիւրի կողմէ։

Միրիպար [Իւչթեփէ]

Լայնութիւն՝ 39°4’1.91” Երկայնութիւն՝ 42°20’58.08”

-Գիւղը կը գտնուէր Կոփէն ութը քիլոմեթր (հինգ մղոն) դէպի հարաւ-արեւելք, Խաչլի լիճին հիւսիս-արեւելեան ափին մօտ, Կոր-ջուր գետի հարկատու Մրպարի ձախ ափին։
-Մէկ եկեղեցի։

Ա-Դօ հաստատած է, թէ 30 հայկական եւ տասնվեց քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Ըստ այնմ, հայ բնակիչներու թիւը 240 պէտք է ըլլար։ Միրախորեան յիշած է 25 խառն հայկական եւ քրտական տուներ, իսկ Մայեւսկի՝ 60 հայկական տուն։ Բենսէ դիտել տուած է, թէ 1890-ական թուականներու վերջերուն, գիւղը առաւելագոյնս քսան հայկական տուն ունէր։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական թարմացած աղիւսակին մէջ, գիւղը 50 հայկական տուն (472 հոգի) եւ ո՛չ մէկ քրտական տուն ունէր։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարին տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 50 հայկական տուն (472 հոգի) ունէր։ Թէոդիկ նկատել կու տայ որ 1915-էն առաջ այստեղ կար 80 հայկական տուն։

Փիրան [Կէօզթեփէ]

Լայնութիւն՝ 38°58’51.13” Երկայնութիւն՝ 42°18’3.03”

-Գիւղը կը գտնուէր Կոփէն տասներեք քիլոմեթր (ութը մղոն) դէպի հարաւ՝ Խաչլի լիճի հարաւային ափին մօտ, լիճէն դէպի հարաւ հոսող վտակի մը ափին։
-Մէկ եկեղեցի։

Ա-Դօ հաստատած է, թէ քսան հայկական եւ 60 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Ըստ այնմ, հայ բնակիչներու թիւը 160 պէտք է ըլլար։ Միրախորեան 50 հայ տուն յիշած է գիւղին մէջ, զոր կոչած է Բիրան, իսկ Մայեւսկի՝ 45 հայկական եւ տասնհինգ քրտական տուն։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական թարմացած աղիւսակին մէջ, գիւղը 45 հայկական (341 բնակիչ) եւ 28 քրտական տուն (149 բնակիչ) ունէր։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարին տուեալներուն, գիւղը 64 հայկական (446 բնակիչ) եւ չճշդուած թիւով քրտական տուներ (143 բնակիչ) ունէր։ Ատրպետ հաղորդած է 35 հայկական տուներու գոյութիւնը ցեղասպանութենէն առաջ։ Թէոդիկ նկատել կու տայ որ 1915-էն առաջ այստեղ կար 64 հայկական տուն։

Շեխաղուպ, Շուշանավանք [Կիւլլիւօվա]

Լայնութիւն՝ 39°3’39.68” Երկայնութիւն՝ 42°19’0.34”

-Գիւղը կը գտնուէր Կոփէն եօթը քիլոմեթր (չորս մղոն) դէպի հարաւ-արեւելք՝ Խաչլի լիճի հիւսիս-արեւելեան ափի մօտ, Պիլեճան լերան կապուած աւելի ցած բարձունքներու ստորոտին, Կոր-ջուր գետի աջ ափին։
-Երկու եկեղեցի։

Յակոբեան եւ այլք նշած են, թէ 1850-ական թուականներուն, այս գիւղը 600 տուն ունէր, որոնց էթնիկական պատկանելիութիւնը ճշդուած չէր. 1900-ական թուականներու սկիզբին, այս թիւը իջած էր՝ 114-ի ու 200-ի միջեւ։  Ըստ «Մշոյ աշխարհ»-ի, Շեխաղուպ Պուլանըխի ամենամեծ գիւղերէն մէկն էր 1870-ական թուականներուն վերջերուն։ Ա-Դօ հաստատած է, թէ 120 հայկական եւ քսան քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Ըստ այնմ, հայ բնակիչներու թիւը 960 պէտք է ըլլար։ Միրախորեան 150 հայկական տուն յիշած է, իսկ Մայեւսկի՝ 114 հայկական տուն։ Լինչ համաձայնած է, որ Շեխաղուպ շատ մեծ հայկական գիւղ մըն էր։ Բենսէ դիտել տուած է, որ 1890-ական թուականներու վերջերուն, գիւղը շուրջ 200 տուն ունէր եւ ամբողջովին հայաբնակ էր։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական թարմացած աղիւսակին մէջ, գիւղը 185 հայկական (1.200 բնակիչ) եւ վեց քրտական տուն (33 բնակիչ) ունէր։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարին տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 200 հայկական տուն (1.200 բնակիչ) ունէր։ Ատրպետ հաղորդած է 200 հայկական տուներու գոյութիւնը ցեղասպանութենէն առաջ։ Թէոդիկ նկատել կու տայ որ 1915-էն առաջ այստեղ կար 200 հայկական տուն։ Վերապրող Յարութիւն Ֆրանկիւլեանի գնահատումով, հայկական տուներու թիւը 250 էր, իսկ հայ բնակիչներու թիւը՝ 1.800։ Երկու ուրիշ վերապրողներու՝ Պետօ Սիմոնեանի եւ Աբրահամ Յարութիւնեանի գնահատումով, հայկական տուներու թիւը 200 էր։

Շիրվանշեխ [Ատըվար]

Լայնութիւն՝ 39°12’57.85” Երկայնութիւն՝ 42°10’37.26”

-Գիւղը կը գտնուէր Կոփէն տասնհինգ քիլոմեթր (ինը մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք՝ Խնուս գետի աջ ափին։
-Մէկ եկեղեցի։

Ա-Դօ հաստատած է, թէ 150 հայկական տուն կար գիւղին մէջ եւ որեւէ քրտական տուն չկար։ Ըստ այնմ, հայ բնակիչներու թիւը 1.200 պէտք է ըլլար։ Ֆիլիփով նկարագրած է Շիրվանշեխը իբրեւ Պուլանըխի հարթավայրի ամենամեծ գիւղերէն մէկը 1880-ական թուականներու սկիզբը։ Միրախորեան 100 հայկական տուն յիշած է, իսկ Մայեւսկի՝ 130 հայկական տուն։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական թարմացած աղիւսակին մէջ, գիւղը 168 հայկական (1.141 բնակիչ) եւ երկու քրտական տուն (9 բնակիչ) ունէր։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարին տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 150 հայկական տուն (1.300 բնակիչ) ունէր։ Ատրպետ հաղորդած է 200 հայկական տուներու գոյութիւնը ցեղասպանութենէն առաջ։ Թէոդիկ նկատել կու տայ որ 1915-էն առաջ այստեղ կար 150 հայկական տուն։ Վերապրող Միքայէլ քհնյ. Տէր Սամուէլեանի գնահատումով, հայկական տուներու թիւը 180 էր, իսկ հայ բնակիչներու թիւը՝ 2.000։

Սոկեութլու [Սէօկիւթլիւ]

Լայնութիւն՝ 38°59’6.04” Երկայնութիւն՝ 42°22’1.78”

-Գիւղը կը գտնուէր Կոփէն տասնչորս քիլոմեթր (ինը մղոն) դէպի հարաւ-արեւելք՝ Խաչլի լիճի հարաւ-արեւելեան ափին մօտ։

Մայեւսկի 48 հայկական տուներու գոյութիւնը յիշած է։ Ըստ Յակոբեանի եւ այլոց, 1900-ական թուականներուն սկիզբը, գիւղը 44 տուն ունէր, որոնց էթնիկական պատկանելիութիւնը ճշդուած չէ։ Գիւղը Բենսէի «Պուլանըխ կամ Հարք»ի քարտէսին մէջ նշուած է իբրեւ Վերին Պուլանըխի վայր մը։ Այս անունով կամ անոր մէկ տարբերակով գիւղ մը յիշուած չէ այս ուսումնասիրութեան մէջ գործածուած որեւէ այլ աղբիւրի կողմէ։

Թեղուտ [Պալոթու]

Լայնութիւն՝ 39°6’43.10” Երկայնութիւն՝ 42°7’55.51”

-Գիւղը կը գտնուէր Կոփէն դէպի Խնուս ճանապարհին՝ տասներկու քիլոմեթր (ութը մղոն) Կոփէն դէպի արեւմուտք՝ Արածանի (Մուրատ) գետի եւ իր ձախափնեայ հարկատու Կոր-ջուրի խառնուրդի կէտին մօտ։
-Մէկ եկեղեցի։

Ըստ «Մշոյ աշխարհ»-ի, Թեղուտ Պուլանըխի ամենամեծ գիւղերէն մէկն էր 1870-ական թուականներու վերջերուն։ Ֆիլիփով նոյնպէս համաձայն է այս տեսակէտին 1880-ական թուականներու սկզբնաւորութեան։ Ըստ Յակոբեանի եւ այլոց, 1880-ական թուականներուն գիւղը 70 էթնիկապէս չճշդուած տուն ունէր։ Ա-Դօ հաստատած է, թէ 70 հայկական եւ 35 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Ըստ այնմ, հայ բնակիչներու թիւը 560 պէտք ըլլար։ Միրախորեան 80-էն մինչեւ 90 հայկական տուն յիշած է, իսկ Մայեւսկի՝ 130 հայկական տուն։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական թարմացած աղիւսակին մէջ, գիւղը 180 հայկական (1.186 բնակիչ) եւ 33 քրտական տուն (197 բնակիչ) ունէր։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարին տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 221 հայկական տուն (1.168 բնակիչ) եւ չճշդուած թիւով քրտական տուներ (35 բնակիչ), ինչպէս եւ 287 թուրք բնակիչ ունէր։ Ատրպետ հաղորդած է 194 հայկական տուներու գոյութիւնը ցեղասպանութենէն առաջ։ Թէոդիկ նկատել կու տայ որ 1915-էն առաջ այստեղ կար 160 հայկական տուն։

Վանքձոր [Վանկեսոր]

Լայնութիւն՝ 38°59’5.44” Երկայնութիւն՝ 42°14’46.33”

-Գիւղը կը գտնուէր Կոփէն տասներեք քիլոմեթր (ութը մղոն) դէպի հարաւ՝ Պիլեճան լերան հիւսիս-արեւմտեան լանջին վրայ։
-Մէկ եկեղեցի։

Գիւղը յիշուած է Մշոյ սանճաքի 1878-ի հայկական մարդահամարի մը մէջ։ Տրամաբանական է ենթադրել, ուրեմն, որ հայաբնակ էր։ Այս անունով կամ անոր մէկ տարբերակով գիւղ մը յիշուած չէ այս ուսումնասիրութեան մէջ գործածուած որեւէ այլ աղբիւրի կողմէ։

Ոտնչոր [Արաքոնաք]

Լայնութիւն՝ 39°6’12.54” Երկայնութիւն՝ 42°9’17.04”

-Գիւղը կը գտնուէր Կոփէն ինը քիլոմեթր (վեց մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք՝ Պիլեճան լերան արեւմուքը։
-Երկու եկեղեցի (մէկ եկեղեցի, ըստ 1913-ին Պատրիարքարանի մարդահամարին)

Ըստ «Մշոյ աշխարհ»-ի, Ոտնչոր Պուլանըխի ամենամեծ գիւղերէն մէկն էր 1870-ական թուականներու վերջերուն։ Ֆիլիփով նոյնպէս համաձայն է այս տեսակէտին 1880-ական թուականներու սկզբնաւորութեան։ Ա-Դօ հաստատած է, թէ 70 հայկական եւ քսան քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Ըստ այնմ, հայ բնակիչներու թիւը 560 պէտք է ըլլար։ Միրախորեան 105 հայկական տուն յիշած է, իսկ Մայեւսկի՝ 107 հայկական եւ երեք քրտական տուն։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական թարմացած աղիւսակին մէջ, գիւղը 170 հայկական (1.044 բնակիչ) եւ տասներկու քրտական տուն (57 բնակիչ) ունէր։ Ըստ Յակոբեանի եւ այլոց, 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, գիւղը 120-էն մինչեւ 200 տուն ունէր, որոնց մեծամասնութիւնը հայկական էր։  Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարին տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 191 հայկական տուն (1.295 բնակիչ) եւ քրտական չճշդուած թիւով տուներ (51 բնակիչ)։ Ատրպետ հաղորդած է 151 հայկական տուներու գոյութիւնը ցեղասպանութենէն առաջ։ Թէոդիկ նկատել կու տայ որ 1915-էն առաջ այստեղ կար 190 հայկական տուն։

Եոնճալու, Արեւտնոց [Եոնճալը]

Լայնութիւն՝ 39°7’45.28” Երկայնութիւն՝ 42°11’11.71”

-Գիւղը Կոփէն ինը քիլոմեթր (վեց մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք կը գտնուէր՝ Կոր-ջուր գետի աջ ափին վրայ։
-Մէկ եկեղեցի։

Ըստ «Մշոյ աշխարհ»-ի, Եոնճալու Պուլանըխի ամենամեծ գիւղերէն մէկն էր 1870-ական թուականներու վերջերուն։ Ֆիլիփով համաձայն է այս տեսակէտին 1880-ական թուականներու սկզբնաւորութեան։ Ա-Դօ հաստատած է, թէ Եոնճալու ամբողջովին հայաբնակ էր. կար 250 հայկական տուն գիւղին մէջ եւ ոչ մէկ քրտական տուն։ Ըստ այնմ, հայ բնակիչներու թիւը 2.000 պէտք է ըլլար։ Միրախորեան 150 հայկական տուն յիշած է, իսկ Մայեւսկի՝ 180 հայկական տուն։ Լինչ Եոնճալուն նկարագրած է իբրեւ մեծ հայկական գիւղ մը։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական թարմացած աղիւսակին մէջ, գիւղը 225 հայկական (1.650 բնակիչ) եւ տասներկու քրտական տուն (100 բնակիչ) ունէր։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարին տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 263 հայկական տուն (1.560 բնակիչ) եւ 100 թուրք բնակիչ ունէր։ Ատրպետ հաղորդած է 192 հայկական տուներու գոյութիւնը ցեղասպանութենէն առաջ։ Թէոդիկ նկատել կու տայ որ 1915-էն առաջ այստեղ կար 200 հայկական տուն։ Վերապրող Գարեգին Խաչատուրեանի գնահատումով, հայկական տուներու թիւը 260 էր, իսկ հայ բնակիչներու թիւը՝ 2.500։

Ներքին Պուլանըխի նահիյէի գիւղեր

Ապտալպայազէտ [Ապտալպէյազըթ]

Լայնութիւն՝ 38°54’58” Երկայնութիւն՝ 42°11’6”

-Գիւղը կը գտնուէր Լիզէն տասնհինգ քիլոմեթր (տասը մղոն) դէպի հարաւ-արեւելք՝ Պիլեճան լերան հարաւ-արեւմտեան լանջին վրայ։

Մայեւսկի գրած է, թէ գիւղը 35 քրտական տուն ունէր։ Index Anatolicus-ը  գիւղը նկատած է իբրեւ Ներքին Պուլանըխի վայր մը։ Այս անունով կամ անոր մէկ տարբերակով գիւղ մը յիշուած չէ այս ուսումնասիրութեան մէջ գործածուած որեւէ այլ աղբիւրի կողմէ։

Ապրի [Էսենլիք]

Լայնութիւն՝ 39°0’47.78” Երկայնութիւն՝ 42°6’1.90”

-Գիւղը Լիզէն եօթը քիլոմեթր (չորս մղոն) դէպի արեւելք կը գտնուէր՝ Պիլեճան լերան հիւսիս-արեւմտեան լանջին վրայ։
-Երկու եկեղեցի (մէկ եկեղեցի, ըստ 1913-ին Պատրիարքարանի մարդահամարին)

Ա-Դօ հաստատած է, թէ 30 հայկական եւ 80 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Ըստ այնմ, հայ բնակիչներու թիւը 240 պէտք է ըլլար։ Միրախորեան 75-էն 80 տուն յիշած է, հաւասարապէս բաժնուած՝ հայերու եւ քիւրտերու միջեւ, իսկ Մայեւսկի՝ 80 քրտական տուն։ Բենսէ հաղորդած է, թէ 1890-ական թուականներու վերջերուն, գիւղը հայերով ու նշանաւոր քիւրտ շէյխերու ընտանիքներով բնակուած էր։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական թարմացած աղիւսակին մէջ, գիւղը 45 հայկական (278 բնակիչ) եւ 140 քրտական տուն (1.056 բնակիչ) ունէր։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարին տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 31 հայկական տուն (203 բնակիչ) եւ չճշդուած թիւով քրտական տուներ (780 բնակիչ) ունէր։ Ատրպետ հաղորդած է 30 հայկական տուներու գոյութիւնը ցեղասպանութենէն առաջ։ Թէոդիկ նկատել կու տայ որ 1915-էն առաջ այստեղ կար 50 հայկական տուն։ Խումբ մը վերապրողներու գնահատումով, հայկական տուներու թիւը 40 էր։

Հատկոն [Կիւնպաթմազ]

Լայնութիւն՝ 38°58’56.82” Երկայնութիւն՞ 42°2’4.28”

-Գիւղը Լիզէն չորս քիլոմեթր (երկու մղոն) դէպի հարաւ-արեւմուտք կը գտնուէր՝ Պիլեճան լերան արեւմուտքը։
-Մէկ եկեղեցի։

Ըստ «Մշոյ աշխարհ»-ի, Հատկոն Պուլանըխի ամենամեծ գիւղերէն մէկն էր 1870-ական թուականներու վերջերուն։ Ա-Դօ հաստատած է, թէ 38 հայկական եւ հինգ քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Ըստ այնմ, հայ բնակիչներու թիւը 304 պէտք է ըլլար։ Միրախորեան 90 հայկական տուն յիշած է, իսկ Մայեւսկի՝ 55 հայկական եւ տասնհինգ քրտական տուն։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական թարմացած աղիւսակին մէջ, գիւղը 109 հայկական (835 բնակիչ) եւ 24 քրտական տուն (113 բնակիչ) ունէր։ Ըստ Յակոբեանի եւ այլոց, 1900-ական թուականներու սկզբնաւորութեան, գիւղը 100 հայկական եւ 30 քրտական տուն ունէր, իսկ Ա. Աշխարհամարտէն առաջ՝ 30 հայկական եւ հինգ քրտական տուն։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարին տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 95 հայկական տուն (754 բնակիչ) եւ չճշդուած թիւով քրտական տուներ (85 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ 89 թուրք բնակիչ։ Ատրպետ հաղորդած է 45 հայկական տուներու գոյութիւնը ցեղասպանութենէն առաջ։ Թէոդիկ նկատել կու տայ որ 1915-էն առաջ այստեղ կար 120 հայկական տուն։ Վերապրող Յարութիւն Տէր Մովսիսեանի գնահատումով, հայկական տուներու թիւը 150 էր։ Ուրիշ վերապրող մը՝ Աւետիս Պաղտասարեան, հայ բնակիչներու թիւը 1.500 գնահատած է։

Ագրակ [Տեմիրքափը]

Լայնութիւն՝ 39°5’33.45” Երկայնութիւն՝ 41°54’14.08”

-Գիւղը կը գտնուէր Լիզէն տասնվեց քիլոմեթր (տասը մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք՝ Արածանի (Մուրատ) գետի աջ ափին՝ աւազանի շրջանի աւելի բարձր մակարդակի մը վրայ։
-Մէկ եկեղեցի։

Ա-Դօ հաստատած է, թէ 45 հայկական եւ 30 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Ըստ այնմ, հայ բնակիչներու թիւը 360 պէտք է ըլլար։ Միրախորեան 50-էն 55 հայկական եւ քրտական խառն տուն յիշած է, իսկ Մայեւսկի՝ 25 հայկական եւ տասնհինգ քրտական տուն։ Լինչ Ագրակը իբրեւ հայաբնակ նկարագրած է։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական թարմացած աղիւսակին մէջ, գիւղը 40 հայկական (283 բնակիչ) եւ 22 քրտական տուն (140 բնակիչ) ունէր։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարին տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 30 հայկական տուն (267 բնակիչ) ունէր։ Ատրպետ հաղորդած է 35 հայկական տուներու գոյութիւնը ցեղասպանութենէն առաջ։ Թէոդիկ նկատել կու տայ որ 1915-էն առաջ այստեղ կար 50 հայկական տուն։

Ալագեազ [Ալակէօզ]

Լայնութիւն՝ 38°54’10.90” Երկայնութիւն՝ 42°3’49.41”

-Գիւղը կը գտնուէր Լիզէն տասնմէկ քիլոմեթր (եօթը մղոն) դէպի հարաւ՝ Նազիկ լիճի արեւմտեան ափին մօտ։

Մայեւսկի նշած է 25 քրտական տուներու գոյութիւնը գիւղին մէջ։ Ատրպետ հաղորդած է վեց հայկական տուներու գոյութիւնը ցեղասպանութենէն առաջ։ Index Anatolicus գիւղը տեղադրած է Նէյնիկ (այժմու Ուզկէօրիւր) գիւղէն երկու քիլոմեթր (մէկ մղոն) դէպի հարաւ-արեւմուտք։ Արեւմտահայաստանի եւ Արեւմտահայութեան Ուսումնասիրութեան Կեդրոնը գիւղը յիշած է Մշոյ սանճաքի վայրերու շարքին։ Այս անունով կամ անոր մէկ տարբերակով գիւղ մը յիշուած չէ այս ուսումնասիրութեան մէջ գործածուած որեւէ այլ աղբիւրի կողմէ։

Ալիքուլախ [Մեշէիչի]

Լայնութիւն՝ 39°7’0.33” Երկարութիւն՝ 41°53’50.40”

-Գիւղը Լիզէն տասնութը քիլոմեթր (տասնմէկ մղոն) դէպի արեւմուտք կը գտնուէր՝ Արածանի (Մուրատ) գետի աջ ափին մօտ։

Մայեւսկի նշած է տասը քրտական գիւղերու գոյութիւնը գիւղին մէջ։ Ըստ Յակոբեանի եւ այլոց, 1900-ական թուականներուն սկիզբը, գիւղը հինգ տուն ունէր, որոնց էթնիկական պատկանելիութիւնը ճշդուած չէ։ Արեւմտահայաստանի եւ Արեւմտահայութեան Ուսումնասիրութեան Կեդրոնը գիւղը յիշած է Մշոյ սանճաքի գիւղերուն շարքին։ Այս անունով կամ անոր մէկ տարբերակով գիւղ մը յիշուած չէ այս ուսումնասիրութեան մէջ գործածուած որեւէ այլ աղբիւրի կողմէ։

Արի [Արըքէօյ]

Լայնութիւն՝ 38°52’57.97” Երկայնութիւն՝ 42°7’54.08”

-Գիւղը Լիզէն տասնութը քիլոմեթր (տասնմէկ մղոն) դէպի հարաւ-արեւելք կը գտնուէր՝ Նազիկ լիճի արեւմտեան ափին մօտ։

Մայեւսկի նշած է ինը քրտական տուներու գոյութիւնը գիւղին մէջ։ Յակոբեան եւ այլք գիւղը տեղադրած են Պուլանըխի հարաւային ծայրը, ինչ որ կը թելադրէ, որ կրնար Ներքին Պուլանըխի մաս կազմել։ Index Anatolicus-ը գիւղը տեղադրած է Նէյնիկ (այժմու Ուզկէօրիւր) գիւղէն ութը քիլոմեթր (հինգ մղոն) դէպի հարաւ-արեւելք։ Այս անունով կամ անոր մէկ տարբերակով գիւղ մը յիշուած չէ այս ուսումնասիրութեան մէջ գործածուած որեւէ այլ աղբիւրի կողմէ։

Առնճիկ [Պոսթանճըլար]

Լայնութիւն՝ 39°6’48.10” Երկայնութիւն՝ 41°58’19.26”

-Գիւղը կը գտնուէր Լիզէն տասներեք քիլոմեթր (ութը մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք՝ Մշոյ դաշտի արեւելեան ծայրը, Արածանի (Մուրատ) գետի աջ ափին։

Թէոդիկ նկատել կու տայ որ 1915-էն առաջ այստեղ կար երկու հայկական տուն։ Լինչ նկարագրած է Առնճիկը իբրեւ քրտական փոքր գիւղ մը։ Բենսէ գիւղը նկատած է Պուլանըխի վայր մը։ Արեւմտահայաստանի եւ Արեւմտահայութեան Ուսումնասիրութեան Կեդրոնը յիշած է այս գիւղը Մշոյ սանճաքի վայրերուն շարքին։ Այս անունով կամ անոր մէկ տարբերակով գիւղ մը յիշուած չէ այս ուսումնասիրութեան մէջ գործածուած որեւէ այլ աղբիւրի կողմէ։ Առնճիկը պէտք չէ շփոթուի համանուն Առինճիկ (Առինճ) հայաբնակ գիւղին հետ՝ Մշոյ գաւառին մէջ։

Բիթլու [Քէօփրիւեօլու]

Լայնութիւն՝ 39°7’13.08” Երկայնութիւն՝ 42°0’55.25”

-Գիւղը կը գտնուէր Լիզէն տասներեք քիլոմեթր (ութը մղոն) դէպի հիւսիս՝ Արածանի (Մուրատ) գետի աջ ափին։

Մայեւսկի նշած է տասը քրտական տուներու գոյութիւնը գիւղին մէջ։ Գիւղը յիշուած է Բենսէի «Պուլանըխ կամ Հարք»ի քարտէսին մէջ իբրեւ Ներքին Պուլանըխի վայր մը։ Արեւմտահայաստանի եւ Արեւմտահայութեան Ուսումնասիրութեան Կեդրոնը այս գիւղը կը յիշէ Մշոյ սանճաքի վայրերուն շարքին։ Այս անունով կամ անոր մէկ տարբերակով գիւղ մը յիշուած չէ այս ուսումնասիրութեան մէջ գործածուած որեւէ այլ աղբիւրի կողմէ։

Դալիք [Աշաճըպիւքլիւ]

Լայնութիւն՝ 38°55’44.03” Երկայնութիւն՝ 41°53’24.00”

-Գիւղը կը գտնուէր Լիզէն տասնութը քիլոմեթր (տասնմէկ մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք։

Մայեւսկի նշած է քսան քրտական տուներու գոյութիւնը գիւղին մէջ։ Գիւղը նշուած է իբրեւ Ներքին Պուլանըխի վայր մը Բենսէի «Պուլանըխ կամ Հարք»ի քարտէսին մէջ։ Index Anatolicus գիւղը յիշած է իբրեւ Ներքին Պուլանըխի վայր մը։ Այս անունով կամ անոր մէկ տարբերակով գիւղ մը յիշուած չէ այս ուսումնասիրութեան մէջ գործածուած որեւէ այլ աղբիւրի կողմէ։

Կեապոլան [Ճանքուրթարան]

Լայնութիւն՝ 39°3’45.95” Երկայնութիւն՝ 42°5’0.64”

-Գիւղը կը գտնուէր Լիզէն վեց քիլոմեթր (չորս մղոն) դէպի հիւսիս-արեւելք՝ Պիլեճան լերան արեւելքը։
-Մէկ եկեղեցի։

Ա-Դօ հաստատած է, թէ 30 հայկական եւ 40 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Ըստ այնմ, հայ բնակիչներու թիւը 240 պէտք է ըլլլար։ Մայեւսկի քսան հայկական եւ տասը քրտական տուն ցանկագրած է։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական թարմացած աղիւսակին մէջ, գիւղը 35 հայկական (265 բնակիչ) եւ 75 քրտական տուն (416 բնակիչ) ունէր։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարին տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 29 հայկական (251 բնակիչ) եւ չճշդուած թիւով քրտական տուներ (294 բնակիչ) ունէր։ Ատրպետ հաղորդած է տասնութը հայկական տուներու գոյութիւնը ցեղասպանութենէն առաջ։ Թէոդիկ նկատել կու տայ որ 1915-էն առաջ այստեղ կար 60 հայկական տուն։ Վերապրող Նազար Մխիթարեանի գնահատումով, հայկական տուներու թիւը քսան էր։

Կողակ [Տոքուզփընար]

Լայնութիւն՝ 39°2’28.80” Երկայնութիւն՝ 41°54’42.01”

-Գիւղը կը գտնուէր Լիզէն տասներեք քիլոմեթր (ութը մղոն) դէպի արեւմուտք, Արածանի (Մուրատ) գետի հարկատու Լզա-գետի (Վարդ) ձախ ափին վրայ։
-Մէկ եկեղեցի։

Ըստ «Մշոյ աշխարհ»-ի, Կողակը Պուլանըխի ամենամեծ գիւղերէն մէկն էր 1870ական թուականներու վերջերուն։ Ա-Դօ հաստատած է, թէ 45 հայկական եւ 180 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Ըստ այնմ, հայ բնակիչներու թիւը 360 պէտք ըլլլար։ Միրախորեան նշած է 40 հայկական եւ 50 քրտական տուներու գոյութիւնը։ Մայեւսկի յայտնած է, թէ գիւղը հաւասարապէս բաժնուած էր 40 հայկական եւ 40 քրտական տուներու միջեւ։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական թարմացած աղիւսակին մէջ, գիւղը 48 հայկական (471 բնակիչ) եւ 180 քրտական տուն (1.430 բնակիչ) ունէր։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարին տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 69 հայկական (472  բնակիչ) եւ չճշդուած թիւով քրտական տուներ (784 բնակիչ) ունէր։ Ատրպետ հաղորդած է 91 հայկական տուներու գոյութիւնը ցեղասպանութենէն առաջ։ Թէոդիկ նկատել կու տայ որ 1915-էն առաջ այստեղ կար 120 հայկական տուն։ Վերապրող Նոյեմ Նորեանի գնահատումով, հայկական տուներու թիւը 100 էր։

Հարսնաղբիւր [Պիւնկիւլտեք]

Լայնութիւն՝ 39°5’22.40” Երկայնութիւն՝ 42°2’57.08”

-Գիւղը կը գտնուէր Լիզէն ինը քիլոմեթր (հինգ մղոն) դէպի հիւսիս՝ Արածանի (Մուրատ) գետի ձախ ափին մօտ։

Index Anatolicus-ը գիւղը յիշած է իր քրտացած անունով՝ Kanî sipî («ճերմակ աղբիւր»), իբրեւ Ներքին Պուլանըխի վայր մը։ Տրամաբանական է ենթադրել, որ գիւղը նախապէս հայաբնակ էր։ Այս անունով կամ անոր մէկ տարբերակով գիւղ մը յիշուած չէ այս ուսումնասիրութեան մէջ գործածուած որեւէ այլ աղբիւրի կողմէ։

Հասանկորան [Չաթաքլը]

Լայնութիւն՝ 38°57’11.04” Երկայնութիւն՝ 41°54’7.15”

-Գիւղը կը գտնուէր Լիզէն տասնհինգ քիլոմեթր (ինը մղոն) դէպի հարաւ-արեւմուտք։

Միրախորեան նշած է տասնհինգէն քսան քրտական տուներ, իսկ Մայեւսկի՝ 50 քրտական տուն։ Գիւղը Բենսէի «Պուլանըխ կամ Հարք»-ի քարտէսին վրայ նշուած է իբրեւ Ներքին Պուլանըխի վայր մը։ Յակոբեան եւ այլք գիւղը տեղադրած են Պուլանըխի արեւմտեան ծայրը, ինչ որ կը թելադրէ Ներքին Պուլանըխ գտնուիլը։ Index Anatolicus-ը գիւղը յիշատակած է իբրեւ Ներքին Պուլանըխի վայր։ Այս անունով կամ անոր մէկ տարբերակով գիւղ մը յիշուած չէ այս ուսումնասիրութեան մէջ գործածուած որեւէ այլ աղբիւրի կողմէ։

Գիրոլան (ենթադրաբար)։ Ներկայ անունը՝ անծանօթ

-Այս գիւղին տեղադրութիւնը անորոշ է։

Ըստ Գէորգեանի, Մեծ Եղեռնէն առաջ, գիւղը 60 հայկական տուն ունէր։ Ըստ այնմ,  հայկական բնակչութեան թիւը 480 կրնար ըլլալ։ Կիրոլան անունով գիւղ մը, գրեթէ նոյն հնչիւնով, նշուած է Մշոյ դաշտի եւ Պուլանըխի գիւղերու Բենսէի ցանկին մէջ։ Այս անունով կամ անոր մէկ տարբերակով գիւղ մը յիշուած չէ այս ուսումնասիրութեան մէջ գործածուած որեւէ այլ աղբիւրի կողմէ։

Խերկիս [Գոյունաճըլը]

Լայնութիւն՝ 39°7’2.19” Երկայնութիւն՝ 41°56’46.12”

-Գիւղը կը գտնուէր Լիզէն տասնչորս քիլոմեթր (ինը մղոն) դէպի հիւսի-արեւմուտք՝ Արածանի (Մուրատ) գետի աջ ափին մօտ։

Index Anatolicus-ը գիւղը յիշատակած է իբրեւ Ներքին Պուլանըխի վայր մը։ Խարղոս կոչուած գիւղ մը, հնչիւնային իմաստով գրեթէ նոյնական Խերկիսի հետ, յիշուած է Մշոյ դաշտի եւ Պուլանըխի Բենսէի հայկական գիւղերու ցանկին մէջ՝ «Հարք (Մշոյ Պուլանըխ)»-ի մէջ։ Հնարաւոր է, սակայն, որ Բենսէ սխալմամբ գրած ըլլայ Մշոյ քազայի գիւղի մը՝ Խարտոսի անունը։ Արդար է ենթադրել, որ գիւղը նախապէս հայաբնակ էր։ Այս անունով կամ անոր մէկ տարբերակով գիւղ մը յիշուած չէ այս ուսումնասիրութեան մէջ գործածուած որեւէ այլ աղբիւրի կողմէ։

Խոշկեալտի [Հոշկելտի]

Լայնութիւն՝ 39°3’6.17” Երկայնութիւն՝ 41°59’15.40”

-Գիւղը կը գտնուէր Լիզէն եօթը քիլոմեթր (հինգ մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք՝ Լզա-գետ (Վարդ) գետի ձախ ափին։
-Մէկ եկեղեցի։

Ըստ «Մշոյ աշխարհ»-ի, Խոշկեալտի ամենամեծ գիւղերէն մէկն էր 1870-ական թուականներու վերջերուն։ Ա-Դօ հաստատած է, թէ 120 հայկական եւ տասնհինգ քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Ըստ այնմ, հայ բնակիչներու թիւը 960 պէտք է ըլլլար։ Միրախորեան յայտնած է, թէ 95 հայկական եւ քանի մը քրտական տուն կար։ Մայեւսկի 80 հայկական եւ տասը քրտական տուն ցանկագրած է։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական թարմացած աղիւսակին մէջ, գիւղը 170 հայկական (1.428 բնակիչ) եւ 40 քրտական տուն (280 բնակիչ) ունէր։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարին տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 140 հայկական (1.018 բնակիչ) եւ չճշդուած թիւով քրտական տուներ (115 բնակիչ) ունէր, ինչպէս եւ 87 թուրք բնակիչներ։ Ատրպետ հաղորդած է 120 հայկական տուներու գոյութիւնը ցեղասպանութենէն առաջ։ Թէոդիկ նկատել կու տայ որ 1915-էն առաջ այստեղ կար 180 հայկական տուն։ Վերապրող Նահապետ Մելիքեանի գնահատումով, հայկական տուներու թիւը 150 էր, իսկ հայ բնակիչներու թիւը՝ 2.000։

Կոպօ [Օլուրտերէ]

Լայնութիւն՝ 38°59’26.64” Երկայնութիւն՝ 41°55’52.67”

-Գիւղը կը գտնուէր Լիզէն տասնմէկ քիլոմեթր (եօթը մղոն) դէպի արեւմուտք։
-Մէկ եկեղեցի։

Մինչեւ 1870-ական թուականները, այս գիւղը ամբողջովին հայաբնակ էր։ Այնուհետեւ, օսմանեան իշխանութիւնները խրախուսեցին կովկասեան չէրքէզներու վերաբնակեցումը, որոնք ձեռք ձգեցին հայ գիւղացիներուն պատկանող արօտավայրեր, ստիպելով բազմաթիւ ընտանիքներ իրենց կալուածքները լքել ու  փախչիլ։ Ա-Դօ հաստատած է, թէ 60 հայկական եւ 80 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Ըստ այնմ, հայ բնակիչներու թիւը 480 պէտք է ըլլլար։ Մայեւսկի յայտնած է, թէ գիւղը 50 քրտական տուն ունէր։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական թարմացած աղիւսակը գիւղը չէ յիշած։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարին տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 60 հայկական տուն (489 բնակիչ) ունէր։ Ատրպետ հաղորդած է, որ 70 հայկական տուն գոյութիւն ունէր ցեղասպանութենէն առաջ։

Լիզ, Լիծ, Լիծն [Էրէնթեփէ]

Լայնութիւն՝ 39°0’53.62” Երկայնութիւն՝ 42°3’16.28”

-Գիւղաքաղաքը կը գտնուէր բլուրի մը վրայ՝ Պիլեճան լերան արեւմտեան լանջին վրայ, Լզա-գետի (Վարդ) ձախ ափին վրայ՝ Նազիկ լիճէն դէպի հիւսիս-արեւմուտք, Մուշէն 58 քիլոմեթր (36 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւելք եւ քսան քիլոմեթր (տասներեք մղոն) Կոփէն դէպի հարաւ-արեւմուտք։
-Մէկ եկեղեցի։

Լիզը Ներքին Պուլանըխի նահիյէի վարչական կեդրոնն էր։ Ա-Դօ հաստատած է, թէ Լիզը ամբողջովին հայաբնակ էր՝ 200 տուներով, եւ որեւէ քրտական տուն չկար։ Ըստ այնմ, հայ բնակիչներու թիւը 1.600 պէտք է ըլլար։ Միրախորեան յայտնած է, թէ 180-էն մինչեւ 200 հայկական տուն կար։ Մայեւսկի 180 հայկական եւ տասը քրտական տուն ցանկագրած է։ Լինչ վայրը նկարագրած է իբրեւ Պուլանըխի գլխաւոր գիւղաքաղաքներէն մէկը։ Բենսէ նշած է, որ 1890-ական թուականներու վերջաւորութեան Լիզը 250 տուն ունէր եւ ամբողջովին հայաբնակ էր։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական թարմացած աղիւսակին մէջ, գիւղաքաղաքը 275 հայկական (1.768 բնակիչ) եւ 35 քրտական տուն (205 բնակիչ) ունէր։ Ըստ Յակոբեանի եւ այլոց, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղաքաղաքը 300 տուն ունէր, որոնց էթնիկական պատկանելիութիւնը ճշդուած չէ։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարին տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղաքաղաքը 210 հայկական տուն (1.499 բնակիչ), ինչպէս եւ 113 թուրք եւ 75 քիւրտ բնակիչ ունէր։ Ատրպետ հաղորդած է, որ գիւղաքաղաքը հաւասարապէս բաժնուած էր՝ 200 հայկական եւ 200 քրտական ու թրքական տուներ։ Թէոդիկ նկատել կու տայ որ 1915-էն առաջ այստեղ կար 250 հայկական տուն։

Մոլլատաւութ [Մոլլատաւութ]

Լայնութիւն՝ 39°14’59.42” Երկայնութիւն՝ 41°55’49.64”

-Գիւղը կը գտնուէր Լիզէն տասնվեց քիլոմեթր (տասը մղոն) դէպի հարաւ-արեւմուտք։

Մայեւսկի յայտնած է, թէ գիւղը 40 քրտական տուն ունէր։ Գիւղը նշուած է իբրեւ Ներքին Պուլանըխի վայր մը Բենսէի «Պուլանըխ կամ Հարք»-ի քարտէսին մէջ։ Index Anatolicus-ը գիւղը տեղադրած է Դալիք (ներկայիս Աշաղըպիւքլիւ) գիւղէն երկու քիլոմեթր (1,3 մղոն) դէպի հարաւ-արեւելք։ Այս անունով կամ անոր մէկ տարբերակով գիւղ մը յիշուած չէ այս ուսումնասիրութեան մէջ գործածուած որեւէ այլ աղբիւրի կողմէ։

Մոլլաքեանտ, Ձորագիւղ [Մոլլաքենտ]

Լայնութիւն՝ 38°57’9.23” Երկայնութիւն՝ 42°4’5.86”

-Գիւղը կը գտնուէր Նազիկ լիճէն դէպի հիւսիս-արեւմուտք՝ Լիզէն եօթը քիլոմեթր (չորս մղոն) դէպի հարաւ։
-Մէկ եկեղեցի։

Ա-Դօ յայտնած է, թէ 25 հայկական եւ 40 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Ըստ այնմ, հայ բնակիչներու թիւը 200 պէտք է ըլլար։ Մայեւսկի յայտնած է, թէ գիւղը հաւասարապէս բաժնուած էր 35 հայկական եւ 35 քրտական տուներու միջեւ։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական թարմացած աղիւսակին մէջ, գիւղը 37 հայկական (253 բնակիչ) եւ 65 քրտական տուն (361 բնակիչ) ունէր։ Ըստ Յակոբեանի եւ այլոց, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 200 հայկական եւ քրտական տուն ունէր։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարին տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, քաղաքը քսան հայկական տուն (200 բնակիչ), ինչպէս եւ չճշդուած թիւով քրտական տուներ (780 բնակիչ) ունէր։ Ատրպետ հաղորդած է 35 հայկական տուներու գոյութիւնը ցեղասպանութենէն առաջ։ Թէոդիկ նկատել կու տայ որ 1915-էն առաջ այստեղ կար 30 հայկական տուն։

Պիոնգ [Եմիշէն]

Լայնութիւն՝ 38°58’2.76” Երկայնութիւն 42°5’29.97”

-Գիւղը կը գտնուէր Կոփէն դէպի Պիթլիս տանող ճանապարհին վրայ՝ Լիզէն եօթը քիլոմեթր (չորս մղոն) դէպի հարաւ-արեւմուտք։
-Մէկ եկեղեցի։

Ըստ «Մշոյ աշխարհ»-ի, Պիոնգ Պուլանըխի ամենամեծ գիւղերէն մէկն էր 1870-ական թուականներու վերջերուն։ Ա-Դօ գիւղը չէ ներառած իր շարադրանքին մէջ։ Միրախորեան նշած է 60 հայկական եւ շուրջ 30 քրտական տուն։ Մայեւսկի հաստատած է, որ գիւղը հաւասարապէս բաժնուած էր 50 հայկական եւ 50 քրտական տուներու միջեւ։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական թարմացած աղիւսակին մէջ, գիւղը 55 հայկական (527 բնակիչ) եւ 60 քրտական (484 բնակիչ) տուն ունէր։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարին տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 80 հայկական (457 բնակիչ) եւ չճշդուած թիւով քրտական տուներ (410 բնակիչ) ունէր։ Թէոդիկ նկատել կու տայ որ 1915-էն առաջ այստեղ կար 70 հայկական տուն։

Բրգաշէն [Օղլաքքայա]

Լայնութիւն՝ 38°57’17.45” Երկայնութիւն՝ 41°58’1.05”

-Գիւղը կը գտնուէր Լիզէն տասը քիլոմեթր (վեց մղոն) դէպի հարաւ-արեւմուտք։
-Մէկ եկեղեցի։

Ըստ «Մշոյ աշխարհ»-ի, Բրգաշէնը Պուլանըխի ամենամեծ գիւղերէն մէկն էր 1870-ական թուականներու վերջերուն։ Ա-Դօ հաստատած է, թէ 50 հայկական եւ 35 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Ըստ այնմ, հայ բնակիչներու թիւը 400 պէտք է ըլլար։ Միրախորեան յիշած է, թէ 40 տուն կար, մեծամասնութեամբ՝ հայկական։ Մայեւսկի 50 հայկական եւ 20 քրտական տուն ցանկագրած է։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական թարմացած աղիւսակին մէջ, գիւղը 80 հայկական (593 բնակիչ) եւ 25 քրտական տուն (133 բնակիչ) ունէր։ Ըստ Յակոբեանի եւ այլոց, 1900-ական թուականներու սկիզբը գիւղը 100 հայկական տուն ունէր։ Ըստ Պատրիարքարանի մարդահամարին տուեալներուն, Ա. Աշխարհամարտէն առաջ, գիւղը 64 հայկական (517 բնակիչ) եւ չճշդուած թիւ մը քրտական տուներու (65 բնակիչ)  ունէր, ինչպէս եւ 46 թուրք բնակիչներ։ Ատրպետ հաղորդած է 60 հայկական տուներու գոյութիւնը ցեղասպանութենէն առաջ։ Թէոդիկ նկատել կու տայ որ 1915-էն առաջ այստեղ կար 60 հայկական տուն։ Վերապրող Ղազար Կիրակոսեանի գնահատումով, հայկական տուներու թիւը 74 էր, իսկ հայ բնակիչներու թիւը՝ 570։

Սամարշէյխ [Եոքուշպաշը]

Լայնութիւն՝ 38°54’26.60” Երկայնութիւն՝ 42°0’2.19”

-Գիւղը կը գտնուէր Պիլեճան լեռնէն դէպի արեւմուտք, Լիզէն տասներեք քիլոմեթր (ութը մղոն) դէպի հարաւ։

Մայեւսկի յայտնած է, թէ գիւղը 60 քրտական տուն ունէր։ Գիւղը յիշուած է Բենսէի «Պուլանըխ կամ Հարք»ի քարտէսին մէջ իբրեւ Ներքին Պուլանըխի վայր մը։ Նաեւ նշուած է իր «Հարք (Մշոյ Պուլանըխ)»-ի Մշոյ դաշտի եւ Պուլանըխի հայկական գիւղերու ցանկին մէջ։ Index Anatolicus-ը գիւղը յիշած է իբրեւ վայր մը Պուլանըխի մէջ։ Այս անունով կամ անոր մէկ տարբերակով գիւղ մը յիշուած չէ այս ուսումնասիրութեան մէջ գործածուած որեւէ այլ աղբիւրի կողմէ։ Յակոբեան եւ այլք գիւղը տեղադրած են Մուշ քաղաքէն 44 քիլոմեթր (27 մղոն) դէպի հիւսիս-արեւելք։

Շահբերատ, Շահբերան [Տողանթեփէ]

Լայնութիւն՝ 39°5’46.01” Երկայնութիւն՝ 41°56’48.23”

-Գիւղը կը գտնուէր Լիզէն տասներեք քիլոմեթր (ութը մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք, Արածանի (Մուրատ) գետի աջ ափին։

Մայեւսկի յայտնած է, թէ գիւղը 40 քրտական տուն ունէր։ Լինչ վայրը նկարագրած է իբրեւ փոքրիկ քրտական գիւղ մը։ Յակոբեան եւ այլք համաձայն են, որ 1900-ական թուականներու սկիզբը, գիւղին բնակչութիւնը գլխաւորաբար քիւրտերէ բաղկացած էր։ Այս անունով կամ անոր մէկ տարբերակով գիւղ մը յիշուած չէ այս ուսումնասիրութեան մէջ գործածուած որեւէ այլ աղբիւրի կողմէ։

Շեխուալի [Օքչուլար]

Լայնութիւն՝ 39°3’12.30” Երկայնութիւն՝ 41°57’42.52”

-Գիւղը կը գտնուէր Մուշէն դէպի Մանազկերտ ճանապարհին վրայ՝ Լիզէն ինը քիլոմեթր (վեց մղոն) դէպի հիւսիս-արեւմուտք, Լզա-գետի (Վարդ) աջ ափին վրայ։
-Մէկ եկեղեցի։

Ա-Դօ հաստատած է, թէ հինգ հայկական եւ 45 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Ըստ այնմ, հայ բնակիչներու թիւը 40 պէտք է ըլլար։ Միրախորեան 50 տուն հաշուած է՝ հաւասարապէս բաժնուած հայերու եւ քիւրտերու միջեւ։ Մայեւսկի ցուցակագրած է տասը հայկական եւ 30 քրտական տուն։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական թարմացած աղիւսակին մէջ, գիւղը հինգ հայկական (43 բնակիչ) եւ 75 քրտական տուն (469 բնակիչ) ունէր։ Ըստ Յակոբեանի եւ այլք, 1900-ական թուականներու սկիզբը գիւղը 77 խառն հայկական եւ քրտական տուն ունէր, բայց նախապէս զուտ հայաբնակ եղած էր։ Ատրպետ հաղորդած է 35 հայկական տուներու գոյութիւնը ցեղասպանութենէն առաջ։ Թէոդիկ նկատել կու տայ որ 1915-էն առաջ այստեղ կար երկու հայկական տուն։

Տրտոպ [Կիւնուրտու]

Լայնութիւն՝ 38°54’49.17” Երկայնութիւն՝ 42°14’40.68”

-Գիւղը կը գտնուէր Լիզէն քսան քիլոմեթր (տասներկու մղոն) դէպի հարաւ-արեւելք՝ Նազիկ լիճի հիւսիսային ափին մօտ։

Ա-Դօ հաստատած է, թէ չորս հայկական եւ 30 քրտական տուն կար գիւղին մէջ։ Ըստ այնմ, հայ բնակիչներու թիւը 32 պէտք է ըլլար։ Մայեւսկի 50 քրտական տուն հաշուած է գիւղին մէջ։ Ըստ Յակոբեանի եւ այլք, 1900-ական թուականներու սկիզբը գիւղը 34 խառն հայկական եւ քրտական տուն ունէր։ Մարտիրոսեանի վիճակագրական թարմացած աղիւսակին մէջ, գիւղը յիշուած չէ։ Ատրպետ հաղորդած է տասնմէկ հայկական տուներու գոյութիւնը ցեղասպանութենէն առաջ։

  • [1] Բենսէ (Սահակ Մովսիսեան), «Հարք (Մշոյ Բուլանըխ)», Հայ ազգագրութիւն եւ բանահիւսութիւն, հատոր 3, Երեւան, Հայկական ՍՍՀ Գիտութիւնների Ակադեմիայի հրատարակչութիւն, 1972, էջ 79։
  • [2] Владимир Н. Филиппов, Военное обозрение Азиатской Турции (Ասիական Թուրքիոյ զինուորական քննութիւն), СПб, Типо-Литография А. Е. Ландау, 1881, էջ 21, 93։
  • [3] H.F.B. Lynch, Armenia: Travels and Studies, volume 2: The Turkish Provinces, London, New York, Longmans, Green, & Co., 1901, էջ 424-425.
  • [4] Маевский В.Т. [Vladimir T. Mayewski], Военно-статистическое описание Ванского и Битлисского вилаетов, Тифлис, Штаб Кавк. воен. окр., 1904 г., էջ 29.
  • [5] Vahakn Dadrian, "The Perversion by Turkish Sources of Russian General Mayewski’s Report on the Turko-Armenian Conflict", in Journal of the Society for Armenian Studies, no. 5 (1991), էջ 150։
  • [6] Ա-Դօ (Յովհաննէս Տէր-Մարտիրոսեան), Վանի, Պիթլիսի եւ Էրզրումի վիլայէթները, Երեւան, տպ. «Կուլտուրա», 1912։
  • [7] Նազարէթ Մարտիրոսեան, «Համաեւրոպական պատերազմի ընթացքում ամայացած Արեւելեան Հայաստանի գաւառների վիճակագրութիւնը», Վան-Տոսպ, թ. 14 (1916), էջ 7։
  • [8] Մանուէլ Միրախորեան, Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի, հատոր Գ., Կ. Պոլիս, տպ. «Պարտիզպանեան», 1885։
  • [9] Մշակ, թթ. 213, 214, 29-30 Սեպտեմբեր 1915։
  • [10] Թէոդիկ, Գողգոթա թրքահայ հոգեւորականութեան եւ իր հօտին աղէտալի 1915 տարիին, Թեհրան, ա.տ., 2014, էջ 139-141։
  • [11] Raymond Kévorkian and Paul Paboudjian, Les Arméniens dans l’Empire Ottoman à la veille du génocide, Paris, ARHIS, 1992.
  • [12] Raymond Kévorkian, The Armenian Genocide: A Complete History, London, A.R. Mowbray, 2012.
  • [13] Ամատունի Վիրաբեան (խմբ.), Հայոց ցեղասպանութիւնը Օսմանեան Թուրքիայում. Վերապրածների վկայութիւններ. Փաստաթղթերի ժողովածու, հատոր 2. Պիթլիսի նահանգ, Երեւան, «Զանգակ-97» հրատարակչութիւն, 2012։
  • [14] Թ. Խ. Յակոբեան, Ստ. Տ. Մելիք-Բախշեան եւ Յ. Խ. Բարսեղեան, Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան, 5 հատոր, Երեւան, Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, 1986։
  • [15] Այս տեսակէտին աւելի խոր քննութեան համար, տե՛ս, օրինակ, Hüseyin Kâzım Kadri, Balkanlardan Hicaza: Imparatorlugun Tasfiyesi. 10 Temmuz Inkilâbı ve Netayiciin (յիշուած՝ Vahakn Dadrian, Warrant for Genocide: Key Elements of Turko-Armenian Conflict, New Brunswick and London, Transaction Publishers, 2003, էջ 173), Ռոբերտ Թաթոյեան, Արեւմտահայութեան թուաքանակի հարցը 1878-1914 թուականներին, Երեւան, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտ, 2015 եւ Jelle Verheij, Diyarbekir and the Armenian Crisis of 1895, Leiden, Koninklijke Brill NV, 2012, էջ 88։
  • [16] Սարգիս եւ Միսաք Բդէեան, Հարազատ պատմութիւն Տարօնոյ, Գահիրէ, «Նոր Աստղ» տպ., 1962, էջ 22։
  • [17] Naci Okcu and Hasan Akdağ, Salname-i vilayet-i Erzurum (1287/1870-1288/1871-1289/1872-1290/1873): Erzurum il yıllığı, Erzurum, Atatürk Üniversitesi İlahiyat Fakültesi, 2010, էջ 205, 317, 442։
  • [18] Salname-i Vilayet-i Bitlis 1310 (Salnamé of the Vilayet of Bitlis, 1892), Provincial Document Printing Office, 1308 (1890). (in Ottoman Turkish)
  • [19] Kemal Karpat, Ottoman Population, 1830-1914: Demographic and Social Characteristics, Madison, The University of Wisconsin Press, 1985, էջ 174։
  • [20] Կարօ Սասունի, Տաճկահայաստանը ռուսական տիրապետութեան տակ (1914-1918), Պոստոն, տպ. «Հայրենիք», 1927, էջ 68, 75։
  • [21] Ahmet Tetik (ed.), Armenian Activities in the Archive Documents, 1914-1918, Ankara, Genelkurmay Basım Evi, 2005, volume 1, էջ 163։
  • [22] «Ամբաստանագիր-տեղեկագիր Բաղէշի կուսակալութեան», Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, հատոր ԺԵ., Պէյրութ, «Հայկազեան» գոլէճի հայագիտական հրատարակչատուն, 1995, էջ 542։
  • [23] Մասիս, 5 (17) Փետրուար 1881։
  • [24] Mayewski, op. cit., էջ 26։
  • [25] Լումայ, գլ. 1 (1897), էջ 167։
  • [26] Okcu and Akdağ, op. cit., էջ 205, 317, 442։
  • [27] Vital Cuinet, La Turquie d’Asie: géographie administrative, statistique, descriptive et raisonée de chaque province de l’Asie-Mineure, volume 2, Paris, 1891, էջ 588։
  • [28] Բենսէ, «Բուլանըխ կամ Հարք գաւառ», Ազգագրական հանդէս, հատոր 5, Թիֆլիս, 1899, էջ 34։
  • [29] Dadrian, op. cit, էջ 140, 150։
  • [30] Նոյն, էջ 139։
  • [31] Justin McCarthy, Muslims and Minorities: The Population of Ottoman Anatolia and the End of the Empire, New York, New York University Press, 1983, էջ 71։
  • [32] Каширин В.Б. [Vasily Kashirin], Дозорные на Балканах. Русская военная разведка в странах Балканского полуострова накануне и в годы Первой мировой войны, Москва, Викмо-М, 2014 г, էջ 103, 610։
  • [33] Les Massacres d’Arménie par le Général Mayéwski, Consul Général de Russie à Van puis a Erzéroum [The Armenian Massacres by General Mayewski, Russian Consul General in Van and Erzurum], 1916, Library of Congress Catalog Record DS195.5. (in Russian with French translation)
  • [34] Dadrian, op. cit., էջ 139, 146։
  • [35] Ռոբերտ Թաթոյեան, «Արեւմտահայութեան թուաքանակի եւ Արեւմտեան Հայաստանի բնակչութեան էթնիկական կազմի հարցերը Փարիզի հաշտութեան կոնֆերանսին (1919-1920 թթ.)», Journal of Genocide Studies, թիւ 4 (1), Երեւան, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի հրատարակչութիւն, 2016, էջ 61։
  • [36] Mayewski, op. cit., էջ 199-206։
  • [37] Marcel Léart (Krikor Zohrab), La question Armenienne a la lumière des documents, Paris, Augustin Challamel, 1913, էջ 60։
  • [38] Karpat, op. cit., էջ 188։
  • [39] Сборник дипломатических документов. Реформы в Армении (26 ноября 1912 года - 10 мая 1914 года, Петроград, Государственная тип., 1915 г., էջ 285։
  • [40] Թադեւոս Յակոբեան, Հայաստանի պատմական աշխարհագրութիւն, հատոր 4, Երեւան, Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, 2007, էջ 343-347, 386։
  • [41] Բենսէ, «Պուլանըխ կամ Հարք», էջ 35։
  • [42] Լումայ, գլ. 1, էջ 167։
  • [43] Колюбакин А.М. [Alexis M. Kolyubakin], Материалы для военно-статистического обозрения Азиатской Турции,  т. 8, ч. 2. – Тифлис, Отд. Ген. штаба Окр. штаба Кавк. воен. окр., 1890 г.
  • [44] Բենսէ, «Պուլանըխ կամ Հարք», էջ 35։
  • [45] Մարտիրոսեան, նշ. աշխ., էջ 7։
  • [46] Kévorkian, op. cit., էջ 350։
  • [47] Համազասպ Ոսկեան, Տարօն-Տուրուբերանի վանքերը, Վիեննա, Մխիթարեան տպ., 1953, էջ 86։
  • [48] Մշակ, թ. 92, 16 Օգոստոս 1890։