Մշոյ դաշտի հայաբնակ գիւղերը օսմանեան ժամանակաշրջանի իրենց անուններով։ Վայրերուն այժմու անունները տեսնել ստորեւ (պատրաստեց՝ Ճորճ Աղճայեան)

Մուշ - Ժողովրդագրութիւն

Հեղինակ՝ Ճորճ Աղճայեան, 25/06/16 (վերջին փոփոխութիւն՝ 25/06/16), թարգմանութիւն՝ Շաղիկ Շահինեան Արծրունի

Մշոյ գաւառակին վերաբերեալ ժողովրդագրական որեւէ ուսումնասիրութիւն մը ընելը բարդ գործ է՝ առկայ տուեալներու սակաւութեան պատճառով։ Բովանդակալից ուսումնասիրութիւն մը ընելու համար կը պահանջուին փոխլրացուցիչ աղբիւրներէ բերուած եւ ժամանակային երկարատեւ հատուած մը ընդգրկող մանրամասն ու մանրազնին տուեալներ, որոնք պարզապէս գոյութիւն չունին Մշոյ գաւառակին պարագային։ Օսմանեան պետական մատեանները լի են բացերով, իսկ գոյութիւն ունեցած տուեալները ճշգրտութեան ու վաւերականութեան բացայայտ խնդիրներ ի ցոյց կը բերեն։ Ճիշդ է որ հայկական աղբիւրները աւելի մանրամասն են, սակայն ոչ բաւարար չափով եւ շատ յաճախ բնակչութեան թիւի նշանակալից փոփոխութիւններ կ’արձանագրեն։

Այս ակնառու բացերը տուելաներու տարամէտ մեկնաբանութիւններ ծնած են։ Երկար ժամանակէ ի վեր Ճասթին ՄքՔարթինն է Օսմանեան կայսրութեան հայ բնակչութեան թիւի վերաբերեալ բանավէճի ջահակիրը [1]։ Լեւոն Մարաշլեանը նշանակալից տեղ յատկացուցած է յատկապէս ՄքՔարթիի՝ Պիթլիսի նահանգի (որուն մաս կը կազմէր Մուշը) տուեալներու տնօրինումին [2]։ Թէեւ վիճայարոյց դիրքորոշումներուն մասին պատշաճ վերլուծութիւնը տեղին պիտի ըլլար հոս, ծաւալը, որ ան պիտի գրաւէր, պիտի նսեմացնէր աչքի զարնող այլ խնդիրներ, զորս կը փափաքիմ արծարծել։ Բաւարարուինք ըսելով, որ աւելի վաղ գրուած յօդուածներս, ինչպէս նաեւ ստորեւ բերուածը, յոյս ունիմ որ պիտի շեշտընդգծեն ժողովրդագրական պատմական նիւթերու պատշաճ արժեւորման եւ մեկնաբանման համար անհրաժեշտ աշխատանքը [3]։

Մշոյ շրջանին հեռու գտնուիլը Պոլիսէն բացայայտ է, որ թափթփած մատենավարման եւ բնակչութեան թիւերու իրարամերժ գնահատումներուն նպաստող գործօն եղած է։ Էրզրումի 1870-ական թուականներու նահանգային տարեգիրքերը կ’արձանագրէին, որ Մշոյ գաւառակը [քազան] կը հաշուէր 5963 իսլամ, 4218 հայ առաքելական, 726 հայ կաթողիկէ եւ 33 հայ բողոքական բնակիչ, որոնք կ’ապրէին հանրագումար 2704 ծուխի մէջ։ Միայն այր բնակիչները թուարկուած էին։ Յայտարարուած է, սակայն, որ միայն վեց բնակավայրի մասին տուեալներ կը պարունակէ։ Կրնայ ըլլալ որ Մշոյ գաւառակին պատկանող գիւղերու կարեւոր թիւ մը Քոսորի եւ Հանտրիսի ենթագաւառակներուն մէջ հաշւուած եղած են։ Այս երեք շրջաններուն ամբողջ բնակչութիւնը միասին հաշւուած հանրագումար 7511 ծուխի մէջ ապրող 13827 իսլամ այր, 20656 հայ առաքելական այր, 3701 հայ կաթողիկէ այր եւ 85 հայ բողոքական այր բնակիչ կը հաշուէր [4]։ Հետեւաբար, ըստ Օսմանեան կայսրութեան մատեաններուն, այս ամբողջ լայնատարած շրջանին մէջ հայերը մեծամասնութիւն էին նախքան 1878 թուականը։

Մուշի տարածք. հայ գաղթականներ, շատ հաւանաբար Ցեղասպանութեան նախորդող տարիներուն (Աղբիւր՝ Պոտիլ Պիէօրնի հաւաքածոյ)

Պիթիլիս նահանգի 1892-ի տարեգիրքը իւրաքանչիւր գաւառակի համար բնակչութեան թիւը բերած է ըստ սեռի եւ յարանուանութեան։ Մշոյ գաւառակը ունէր 21246 իսլամ (11451 այր եւ 9795 կին), 32391 հայ առաքելական (18649 այր եւ 13742 կին), 2449 հայ կաթողիկէ (1360 այր եւ 1089 կին) եւ 488 հայ բողոքական (301 այր եւ 187 կին) բնակիչ։ Արանց ընդ կանանց համամասնութիւնը հայերուն պարագային 1.352 էր, իսկ իսլամներուն՝ 1.169։ Հաւանբար ասիկա հայ կիներու աւելի մեծ թերահաշւում կը ցուցնէ։ Հայ բնակչութեան ընդհանուր թիւը 35328 էր, եւ Մշոյ գւառակին մէջ հայերը տակաւին մեծամասնութիւնը կը կազմէին (>60%) [5]։

1890-ականներու սկիզբները ֆրանսացի աշխարհագրագէտ Վիթալ Քուինէն կը հրատարակէր Օսմանեան կայսրութեան ժողովրդագրական իր զանգուածային ուսումնասիրութիւնը՝ «La Turquie d'Asie, géographie administrative: statistique, descriptive et raisonnée de chaque province de l'Asie Mineure»։ Թէեւ նիւթի ծաւալը այս հատորին մէջ սպառիչ է, Քուինէն ինքը առաջինը կ’ընդունէր, որ ան ունէր ընդագոյ թերութիւններ, որոնք հետեւանք էին աղբիւրային տուեալներու հետ կապուած խնդիրներուն։ Մշոյ գաւառակի բնակչութիւնը Քուինէն արձանագրած էր 22382 իսլամ, 16064 հայ առաքելական, 2840 հայ կաթողիկէ եւ 717 հայ բողոքական բնակիչ։ Իսլամներու կաթողիկէներու եւ բողոքական բնակիչներու թիւը, որոնք Պիթլիսի տարեգիրքին մէջ բերուած թիւերուն երկու անգամն են, տրամաբանական կը թուին։ Սակայն Քուինէին արձանագրած հայ առաքելական բնակչութեան թիւը նուազ է քան Պիթլիսի տարեգիրքին մէջ յիշատակուած միայն այր նման բնակիչներուն թիւը։ Հետեւաբար, հայ բնակչութեան բացայայտ մեծամասնութիւն կազմող թիւը Քուինէին քով փոքրամասնութիւն պիտի դառնար [6]։

Գիւղերու մակարդակով բնակչութեան մասին տուեալներ բերող հայկական ամենավաղ աղբիւրը Մշոյ Առաջնորդարանին կողմէ 1890-ին պատրաստուած ծուխերու հաշուեմատեանն է։ Այս տուեալները հրապարակուած էին Վանի, Պիթլիսի եւ Էրզրումի նահանգներուն մասին Յովհաննէս Տէր-Մարտիրոսեանի նշանակալից ուսումնասիրութեան մէջ։ [7] Ըստ այս աղբիւրին Մշոյ գաւառակը կը հաշուէր 3959 հայ ծուխ։ Սակայն հայաբնակ գիւղերու մօտաւորապէս կէսը միայն արձանագրուած էր անոր մէջ։

Էջ մը Ցարական Ռուսիոյ բանակի զօրավար Մայեւսկիի պատրաստած Մուշի մասին վիճակագրութենէն (Աղբիւր՝ Mehmet Ṣadik. Van, Bitlis Vilâyetleri Askerî Istatistiḳi. İstanbul: Matbaa-yi askeriye, 1330 (1912-1913))

Ռուս զօրավար Մայեւսկին 1890-ականներու հայ-թրքական բախումներուն մասին տեղեկագիր մը պատրաստած է, որ գիւղ առ գիւղ ծուխերու թիւը կը պարունակէ։ [8] Ենթադրաբար բնակչութեան մարդահամարը 1899-ին եղած էր, եւ Մուշը գաւառակներէն մէկն էր։ Այս պարագային ալ գիրքին եւ վիճակագրական տուեալներուն վերաբերեալ բանավէճ կայ։ [9] Առանց ահասարակ գիրքին յարուցած խնդիրներուն մէջ խորանալու՝ Մշո՛յ վերաբերեալ վիճակագրական տուեալներուն հետ կապուած որոշակի խնդիրներ կան։

Մայեւսկին արձանագրած է իւրաքանչիւր գիւղի հայ եւ քիւրտ ծուխերուն թիւը։ Մայեւսկիի տեղեկագիրին մէջ բերուած գիւղերու մասին տուեալները այլ աղբիւրներու հետ համեմատելէ ետք պարզեցի, որ Մշոյ գաւառակի հանրագումար 192 գիւղերէն առնուազն 158-ի բնակչութեան տուեալները սխալ արձանագրուած էին։ Մնացեալ 34 գիւղերէն 19-ի պարագային արձանագրուած էր հայ եւ քիւրտ ծուխերու հաւասար թիւ։ Հետեւաբար, հնարաւոր է որ միայն 15 գիւղ ծուխերու ճիշդ թուաբաշխումով ներկայացուած ըլլան։

Մշոյ գիւղերուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը (87%) որպէս կամ զուտ քրտաբնակ, կամ զուտ հայաբնակ արձանագրուած են։ Այս գիւղերուն գրեթէ բոլորը սխալ արձանագրուած են (օրինակ, քրտական գիւղերը արձանագրուած են որպէս զուտ հայաբնակ, եւ հակառակը)։ Թէեւ սխալ արձանագրուած գիւղերու թիւը հաւասարապէս կը բաշխուի հայաբնակ եւ քրտաբնակ գիւղերուն միջեւ, բնակչութեան թիւի պարագային նոյնը չէ։ Մայեւսկին կը նշէ, որ Մշոյ մէջ կար 7760 քիւրտ եւ 3491 հայ ծուխ։ Եթէ իւրաքանչիւր գիւղի համար բերուած ծուխերու թիւերը գումարենք, մեր ստացած թիւը կ’ըլլայ 7991 քիւրտ եւ 3266 հայ ծուխ։ Սակայն սխալներու սրբագրութիւնը կը յանգի 4705 քիւրտ եւ 6517 հայ ծուխ տուեալներուն։ Հետեւաբար, իրականութեան մէջ Մայեւսկին կը հաստատէ, որ Մշոյ գաւառակի բնակչութեան մեծամասնութիւնը հայ էր։

Վերջերս Գեղամ Տէր-Կարապետեանի անձնական արխիւին մէջ մարդահամարի տուեալներ գտնուեցան։ Հնարաւոր է, որ ատեն մը այս թղթածրարը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան արխիւին մաս կազմած ըլլայ։ [10] Կը թուի թէ մարդահամարը 1902-ին կատարուած է, եւ Մշոյ գաւառակի բնակչութիւնը արձանագրուած է 6116 ծուխի մէջ ապրող 44080 հայ բնակիչ։ Այս մարդահամարին մէջ չէին ընդգրկուած, սակայն, մի քանի կարեւոր բնակավայրեր, որոնցմէ գլխաւորը Մուշ քաղաքն էր։ Հետեւաբար, կը թուի թէ ճիշտ պիտի ըլլայ ենթադրել, որ գաւառակի հայ բնակչութեան թիւը 55000 շունչը կ’ացնէր։

Տէր-Մարտիրոսեանի աշխատութեան մէջ նոյնպէս կար Առաջնորդարանին կողմէ կատարուած ծուխերու նոր հաշւում մը, եւ Նազարէթ Մարտիրոսեանին կողմէ կատարուած հաշւում մը, որոնք երկուքն ալ գիրքին հրատարակութեան թուականը կը կրեն, այսինքն 1910-ի շուրջ պատրաստուած են։ Այնպէս կ’երեւի, որ Առաջնորդարանը այս անգամ եւս հայաբնակ բազմաթիւ գիւղեր վրիպած է ընդգրկելու։ Մարտիրոսեանի ցանկը, սակայն, շատ աւելի ամբողջական է եւ 97 բնակավայրերու մէջ գտնուող 6455 հայ ծուխ կը հաշուէ։

Ծուխերու հաշւումները, առհասարակ, ժողոդրվագրական վերլուծութեան աղբիւր ծառայելու համար բնաւ իտէալական չեն։ Հայոց հայրենիքի պարագային, իւրաքանչիւր նոր սերունդի աշխարհ գալուն հետ ծուխերու բաժանումը կը յանգէր կտրուկ փոփոխութիւններու՝ բացարձակ առումով, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր ծուխի մէջ հաշւուած շունչերու առումով։ Նոյնիսկ «ծուխ»-ի սահմանումը, որ մեծ հաշիւով առեւերոյթ անփոփոխ է, կրնար նշանակալից շեղումներ կրել։

Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին էր, որ հայերուն կողմէ վերջապէս նախաձեռնութիւն առնուեցաւ աւելի գործածական մարդահամար մը կատարելու։ [11] Նոյնիսկ անոր մէջ, սակայն, թիւերը կլորացուած են, ինչը ճշգրտութեան ցած աստիճանի ցուցանիշ է։ Ըստ հայկական աղբիւրներուն Մշոյ գաւառակի հայ բնակչութիւնը աւելի քան 75000 շունչ կը հաշուէր եւ միայն 36316 շունչ (22125 այր եւ 14191 կին) ըստ օսմանեան պետական աղբիւրներուն։ Այս նոյն օսմանեան աղբիւրները կը նշեն, թէ իսլամ բնակչութիւնը 30254 շունչ էր (17744 այր եւ 12510 կին), որոնք առաւելաբար քիւրտեր պէտք է որ եղած ըլլան։ [12] Ինչպէս բացայայտօրէն կ’երեւի, օսմանեան մատեաններուն մէջ կիները նշանակելիօրէն թերահաշւուած էին, իսկ հայ կիները՝ առաւել եւս քան իսլամ կիները։

1913-էն 1915 Նազարէթ Մարտիրոսեանը իր վիճակագրական տուեալները պիտի նորացնէր, եւ արդիւնքները պիտի հրապարակուէին «Վան-Տոսպ» հանդէսին մէջ [13]։ Թէեւ գիւղերու ցանկը կը համապատասխանէ հայկական մարդահամարի տուեալներուն, Մարտիրոսեանին քով արձանագրուած հայ բնակչութեան թիւը 80000 շունչը կը գերազանցէր։

Վերադառնանք Ճասթին ՄքՔարթիի աշխատութեանը. ան ճշգրտումներ ըրած է Օսմանեան կայսրութեան բնակիչներու 1914-ի հանրագումար թիւերուն՝ հաշուի առնելով կիներու եւ մանուկներու թերահաշւումը։ Կիներու եւ մանուկներու թերահաշւումի ճշգրտման համար ՄքՔարթիին կիրարկած այս գործակիցը տարբեր է իւրաքանչիւր նահանգի պարագային։ Ամենէն մեծ թիւը Պիթլիսի պարագային կիրարկուած գործակիցն է, եւ տակաւին լրացուցիչ ճշտումներ բերած է հայ բնակչութեան թիւին, որովհետեւ «հայ այրերը նշանակալի կերպով թերահաշւուած էին»։ Սակայն այս յատուկ ճշգրտումը միմիայն Սղերդի եւ Կինճի գաւառներուն կը վերաբերի։ ՄքՔարթիին կարծիքով Մշոյ նահանգի մասին տուեալները «բաւական ստոյգ կերպով արձանագրուած են»։

ՄքՔարթիին գնահատումը մասամբ հիմնուած է բնակչութեան՝ ըստ ծուխերու կատարուած վերլուծութեան մը վրայ։ Սակայն, ինչպէս տեսանք, Մշոյ ծուխերու թիւի Մայեւսկիի հաշւումները նշանակալից կերպով սխալ էին։ Բացի ասկէ, պէտք է հարցականի տակ դնել 1899-ի ծուխերու թիւը 1914-ի բնակչութեան թիւին հետ համեմատելու իմաստալիութիւնը։ Օրինակի համար, ՄքՔարթիին համար խելքի պառկելի՞ք են իւրաքանչիւր իսլամ ծուխի համար 3,9 շունչի եւ իւրաքանչիւր հայ ծուխի համար 10,4 շունչի չսրբագրուած թիւերը։ Եթէ այո, ան ինչպէ՞ս պիտի մեկնաբաներ իւրաքանչիւր իսլամ ծուխի համար 6,4 շունչի եւ իւրաքանչիւր հայ ծուխի համար 5,6 շունչի չսրբագրուած թիւերը։

Մուշի շրջանին վերաբերող Հայոց Պատրիարքարանի 1902-ի վիճակագրութենէն էջեր (Աղբիւր՝ Վիճակագիր Մշոյ Առաջնորդական Թեմին վարժարանաց, եկեղեցեաց, վանօրէից, վկայարանաց, շէն եւ աւեր (ի դաշտ Մշոյ եւ շրջակայս) մատրանց, նուիրական տեղեաց, բնակչութեան աւանաց եւ շինից եւ եկեղեցական պաշտօնէից, հաւաքեալ ըստ հրահանգի Ազգ. Պատրիարքարանի 1902», Հ.Յ.Դ., անձնական գրութիւններ, Գեղամ Տէր-Կարապետեան (Տատրակ), անհատական հաւաքածոյ)

Սղերդի եւ Կինճի պարագային ՄքՔարթիին լուծումը զարմանալի է, որովհետեւ ան հայ բնակչութեան համար 1914-ին բերուած թիւերը փոխարինած է Քուինէի աշխատութեան մէջ բերուած թիւերով։ Քուինէի բերած թիւերը ոչ միայն կասկածելի են, այլ նաեւ 25 տարի առաջուա՛ն կը վերաբերին։

Մշոյ գաւառին [սանճաքին] վերաբերեալ օսմանեան երեք աղբիւր գոյութիւն ունի։ Արդէն նշուած Պիթլիս 1892-ի տարեգիրքին եւ 1914-ի մարդահամարէն բացի, կայ 1906/7-ի մարդահամարը [14]։ Իրականութեան մէջ 1914-ի թիւերը սկզբունքով պէտք էր որ ըլլային 1906/7-ի մարդահամարին թիւերը՝ առաւել միջանկեալ տարիներուն տեղի ունեցած ծնունդները եւ նուազ պատահած մահերը։ Այս երեք աղբիւրներուն վերաբերեալ անհրաժեշտ է կատարել մի քանի դիտարկում։

Գաւառակի ընդհանուր բնակչութեան թիւի նուազում արձանագրուած է 1892-էն 1906-ի միջեւ։ Թէեւ ըստ սեռի տարբերութիւններ կան, սակայն ընդհանուր նուազումը (14%) հաւասարապէս կը բաժնուէր իսլամներուն եւ հայերուն միջեւ։ Ինչ կը վերաբերի 1892-էն 1914-ի միջեւ ինկած 25 տարիներուն, Մշոյ գաւառակի հայ բնակչութեան թիւը պիտի աճէր միայն 4%-ով, մինչ իսլամ բնակչութեան թիւը 56%-ի աճ պիտի արձանագրէր։ Սակայն 1906-էն 1914-ի միջեւ իսլամ բնակչութեան թիւը նշանակալից աճ պիտի ապրէր (80%), իսկ հայ բնակչութեան թիւը միայն 21%-ի աճ պիտի արձանագրէր։ Հետեւաբար, ըստ օսմանեան պետական աղբիւրներուն, մինչեւ 1908-ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումը հայերը բնակչութեան 50%-ը կը կազմէին, իսկ 1914-ին պիտի արձանագրուէր, որ հայերը գաւառակի բնակչութեան միայն 40%-ը կը կազմեն։

Թէեւ 1906 թուականով Մշոյ սանճաքի համար տուեալներ չկան մեր տրամադրութեան տակ, կրնանք ենթադրել, որ ամբողջ գաւառակին բնորոշ օրինաչափութեան կը հետեւէին անոնք։ Ստորեւ բերուած են 1892-էն 1914-ի վերաբերեալ բնակչութեան աճի յարաբերութեան թիւերը.

      Իսլամ բնակիչՀայ բնակիչ
Այրեր      55.0%              8.9%
Կիներ      27.7-5.5
Հանրագումար      42.42.8

Այս թիւերը պէտք է վերապահութեամբ արձանարգել։ Կարելի է պնդել, որ 1894-96-ի համիտեան կոտորածներուն հետեւանքով հայ այր բնակիչներու թիւը նոյնքան արագ աճ արձանագրած չէր կրնար ըլլալ, որքան իսլամ այր բնակիչներու թիւը։ Սակայն անկէ պիտի չհետեւէր հայ կին բնակչութեան թիւի անկումը։ Եթէ հայ կիներու բռնի իսլամացման լայնածաւալ դէպքեր եղած ըլլային, իսլամ կիներու թիւի աճէն փաստը բացայայտ պիտի դառնար։ Աւելին. իսլամ այրերու թիւի այսքան մեծ աճ ունենալը իրատեսական չէ։ Հետեւաբար, սկիզբը հայերը գաւառակի բնակչութեան 60%-ը կը կազմէին, բայց 1914-ի տուեալներով՝ 55%-ը։

Անպատասխանելի բազում հարցումներ կը մնան, եւ կարելի չէ հայ բնակչութեան վերջնական թիւի մը յանգիլ։ Առաջին. իսլամ այր բնակչութեան աճը դէպի Մշոյ գաւառակ ներգաղթի՞ հետեւանքով տեղի ունեցած է, գիւղերու՝ գաւառակներու մէջ բաշխումի փոփոխութեա՞ն, իսլամ այրերու աւելի լաւ թւումի՞, թէ՞ յատկապէս իսլամ մանչ մանուկներու աւելի լաւ թուարկումի։ Այս գործօններէն իւրաքանչիւրը տարբեր ներգործութիւն պիտի ունենար հայ բնակչութեան թիւին բերուելիք ճշգրտումին ու պատշաճեցումին վրայ։ Օրինակ. Եթէ իսլամ չափահաս այր բնակչութեան թիւը աւելի ճշգրիտ արձանագրուած է 1914-ին ապա հայ այրերու թիւի խելքի մօտիկ պատճառ կրնան ըլլալ ան, որ այս բարելաւուած թւումի չէր վերաբերած նաեւ վերջիններուն։

Մուշի շրջանին վերաբերող Հայոց Պատրիարքարանի 1902-ի վիճակագրութենէն էջեր։

Այլ մօտեցում մը այս խնդիրին. ճշտել ինչ ճշգրտումներ ու պատշաճեցումներ անհրաժեշտ է կատարել, որպէսզի օսմանեան մարդահամարի տուեալները համապատասխանեն հայկական մարդահամարի թիւերուն։ Օրինակ, հետեւեալ երկու կարելիութիւնները.

1-ին պարագային հայ այր բնակչութեան թիւի աճի յարաբերութիւնը միայն 45% է, ընդդէմ իսլամ այր բնակչութեան թիւի աճի յարաբերութեան (55%)։ Աւելին. այր բնակչութեան թիւը 17%-ի ճշգրտման-պատշաճեցման ենթարկուած է՝ հատուցելու համար մանուկներու թիւի թերահաշւումին դիմաց։ Այս նոյն թիւին կը յանգի ՄքՔարթին՝ մեկնելով Պիթլիսի ամբողջ նահանգի բնակչութեան՝ ըստ տարիքի թուաբաշխումը պարունակող օսմանեան 1895 թուակիր փաստաթուղթէ մը։ Անշուշտ ասով վաւերական չի դառնար ՄքՔարթիին կողմէ այս գործակիցին կիրարկումը. պարզապէս օրինակի համար բերուած է հոս։ Չհաշւուած կիները հաշուելու համար այրերու բնակչութեան թիւը կրկնապատկելէ ետք բնակչութեան թիւը կը դառնայ 75000 շունչ։

2-րդ պարագային հայ այր բնակիչներու թիւի աճի յարաբերութիւնը եւ իսլամ այրերու թիւի աճինը նոյնն է՝ 55%։ Հետեւաբար, մօտաւորապէս 75000 հայ բնակիչի յանգող, մանուկներուն թերահաշւումը հատուցելու համար անհրաժեշտ ճշգրտում-պատշաճեցումի թիւը աւելի փոքր է։

Երկու պարագաներն ալ հնարաւոր են եւ, ՄքՔարթիին միտքը ընդլայնելով, Պիթլիսի 1892-ին մէջ արձանագրուած հայերու տոկոսային համեմատութիւն «հաւատարիմ ըլլալու» առաւելութիւնը ունին։ Նպատակս Մշոյ գաւառակի հայ բնակչութեան վերջնական թիւի մը յանգիլը չէ. կը յուսամ, անոր փոխարէն, ի ցոյց դնել, թէ ինչպիսի՛ բծախնդրութիւն պէտք է ի գործ դնել ժողովրդագրական հետազօտութիւն կատարելու համար, եւ մանաւանդ ցոյց տալ, թէ առերեւոյթ իրարու հակասող աղբիւրները ինչպէս կրնան, բացայայտ բացթողումներ թուահաշուելու ատեն, փոխլրացնող դեր կատարել իրականութեան մէջ։

Ստորեւ բերուածը ցանկ մըն է Մշոյ գաւառակի գիւղերուն եւ իւրաքանչիւրի բնակիչներու թիւին, այնպէս ինչպէս ան արձանագրուած է տարբեր աղբիւրներու մէջ։ Եկեղեցիներու եւ վանքերու ինքնութեան որոշումը վերջնական չէ։ Կեռ փակագիծերու մէջ բերուած է բնակավայրի ամենէն այժմէական անուանումը։

Քննարկման առարկայ գիւղերու մանրակրկիտ քարտէսը առկայ է հետեւեալ հասցէին.
westernarmenia.weebly.com/maps.html

Ապելպուհար, Ապուպոհար, Էպուլպահար, Ապուլպահար, Ապուպպուպար [Եազլա]

38°49'41.34"N 41°41'57.59"E
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի
Սբ. Գէորգ վանք

Ապէլպուհար օրինակ նմուշ մըն է վերոքննարկեալ խնդիրներուն։ Մշոյ Առաջնորդարանը կ’արձանագրէր, որ գիւղը 1890-ին 50 հայ տուն կը հաշուէր, եւ միայն 10 հայ ծուխ 1910-ին։ 1902-ին Տէր-Կարապետեան կ՚արձանագրէր, որ բնակչութիւնը 15 ծուխի մէջ ապրող լոկ 93 հայ կը հաշուէր։ Այս թիւերը անյայտ տարեթիւի մը վերանայման ենթարկուած էին եւ փոխուած 150 հայ բնակիչի եւ 21 ծուխի։ Մայեւսկին կը նշէր, որ գիւղը լրիւ քրտաբնակ էր եւ 40 ծուխ կը հաշուէր։ Նազարէթ Մարտիրոսեանի նշած սկզբնական թիւը 20 հայ ծուխ էր։ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին գիւղը կը հաշուէր 35 ծուխի մէջ ապրող 286 հայ բնակիչ։ Թէեւ Մարտիրոսեան բնակչութեան թիւի թեթեւակի նուազում արձանագրած է 1914-ին՝ 278 հայ բնակիչ եւ 32 ծուխ։ Ապելպուհարի բնակչութեան թիւի այս արագ նուազումը եւ յետագայ աճը գոհացուցիչ կերպով կարելի չէ բացատրել։ Թէեւ Մայեւսկին չի նշեր որ գիւղը խառն բնակչութիւն ունէր, հայկական աղբիւրները կը նշեն չերքեզ բնակիչներու փոքր, բայց աճող թիւ (2 ծուխ 1890-ին եւ 18 ծուխ 1910-ին)։

Աղջան, Աքչան, Աքչեան [Թաշոլուք]

38°53'11.08"N 41°32'53.84"E
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

Աղջանը Մուշ քաղաքի հիւսիսը գտնուող հայկական նշանակալից գիւղ մըն էր։ Ըստ Մշոյ Առաջնորդարանի տուեալներուն, 1890-ին ան կը հաշուէր 110 հայ եւ 8 քիւրտ ծուխ։ Անգամ մը եւս Մայեւսկին անճշտօրէն կը նշէ, որ գիւղը լրիւ քրտաբնակ էր եւ 90 ծուխ կը հաշուէր։ Տէր-Կարապետեանը կը նշէ, որ 1902-ին ան կը հաշուէր 780 հայ բնակիչ եւ 95 ծուխ։ Հայ ծուխերու թիւը աճ պիտի ապրէր եւ ըստ Առաջնորդարանին 1910-ին դառնար 100, իսկ քիւրտ ծուխերու թիւը՝ 9։ Իսկ Մարտիրոսեանը կ’արձանագրէ 120 հայ ծուխ։ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին գիւղը ունէր 1522 հայ բնակիչ եւ 127 ծուխ։ Իւրաքանչիւր ծուխի համար 12 ծուխի թիւը կը թուի թէ մեծ է։ Մարտիրոսեանի՝ 1914-ի համար արձանագրած այժմէականացուած թիւերը 1860 հայ բնակիչ եւ 220 ծուխ էր։ Թէեւ իւրաքանչիւր ծուխի շունչերու թիւը՝ 8, աւելի տրամաբանական է, ծուխերու թիւը նշանակալիօրէն աւելի մեծ է, քան այլ աղբիւրներու բերած տուեալները։ Կը թուի թէ գիւղը մեծցած է արագութեամբ մը, որ նոր հաստատուած բնակիչներու ժամանում կը ցուցնէ։

Աղբենիս, Ակբինիս, Ահբինիս [Սազլիքպաշի]

38°40'38.78"N 41°59'6.94"E
Սբ. Մինաս եկեղեցի

Աղբենիսը տեւաբար չէ յիշատակուած որպէս հայ բնակչութիւն ունեցող գիւղ։ Գիւղը գաւառակի արեւելեան ծայրամասին կը գտնուէր։ Առաջինը Մայեւսկին է որ հոն ապրող հայ բնակչութիւն յիշատակած է։ Ան նշած է, որ գիւղի բնակչութիւնը հաւասարապէս բաժնուած էր՝ 20 հայ ծուխ եւ 20 քիրտ ծուխ։ Ա-Դոյի աշխատութեան մէջ Մարտիրոսեանին յղում ընելով բերուած 1910 թուականին 80 հայ ծուխի թիւը կարծես սխալ է։ 1914-ի համար Մարտիրոսեանի պատշաճեցուած թիւը 3 ծուխի մէջ ապրող միայն 27 հայ բնակիչ է։ Միւս աղբիւրները այս գիւղին մէջ ապրող հայ բնակչութեան մասին յիշատակում չունին։

Ալատէն, Ալատին, Ալաատտին, Ալաէթթին, Ալտին [Էրենսիկ]

38°54'26.40"N 41°26'10.30"E
Սբ. Ամենափրկիչ եկեղեցի

1890-ի մարդահամարին մէջ Ալատէնը յիշատակուած չէի։ Մայեւսկին կը նշէ, որ գիւղի բնակչութիւնը հաւասարապէս բաժնուած էր 15 հայ եւ 15 քիւրտ ծուխերուն մէջ։ 1902 թուականի բնակչութեան թիւը Տէր-Կարապետեանը արձանագրած էր 17 ծուխի մէջ ապրող 102 հայ բնակիչ։ Վերանայուած թիւերը եղած են 138 հայ բնակիչ եւ 18 ծուխ։ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը բնակչութեան թիւը պիտի արձանագրէր 111 հայ բնակիչ եւ 15 ծուխ։ Մարտիորսեանը կը նշէր, որ 1910-ին գիւղը միայն 8 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Որպէս այժմէական թիւ 1914-ին ան պիտի արձանագրէր 253 հայ բնակիչ եւ 25 ծուխ։

Մուշ. գիւղական կեանքէն առնուած տեսարան մը (Աղբիւր՝ Պոտիլ Պիէօրնի հաւաքածոյ)

Ալիանք, Ալիան, Ալիանցիք, Կէլիալիյեան [Արիքէօյ]

38°37'54.01"N 41°20'17.29"E
Մէկ եկեղեցի

Ալիանքը մաս կը կազմէր Կէլիէկիւզանին մօտիկ գտնուող գիւղերու խումբի մը, որոնց Սասունի մաս կազմելը աւելի ճիշդ պիտի ըլլար։ Մայեւսկին զայն որպէս 50 ծուխ հաշուող լրիւ քրտաբնակ գիւղ զատորոշած է։ Սակայն ըստ Առաջնորդարանի 1910 թուականի տուեալներուն, գիւղը 65 ծուխի մէջ ապրող 539 հայ բնակիչ ունէր։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Առաջնորդարանը կը նշէր, որ գիւղը ունէր 72 ծուխի մէջ ապրող 566 հայ բնակիչ։

Ալիքլբոն, Ալիկերբուն, Ալիքիրպոն, Ալիքելբըն [Քոսաթառլա]

38°41'47.95"N 41°46'9.18"E
Սբ. Թուխմանուկ եկեղեցի

Ալիքլբոնը Առաջնորդարանի 1890 թուականի թուարկման մէջ յիշատակուած չէ։ Մայեւսկին արձանագրած է, որ գիւղը 40 քիւրտ ծուխ ունէր։ 1902 թուականին համար Տէր-Կարապետեանը կ’արձանագրէր, որ գիւղի բնակչութիւնը 45 ծուխի մէջ ապրող 315 հայ բնակիչ էր։ Վերատեսութեան ենթարկելով թիւերը պիտի դառնային 410 հայ բնակիչ եւ 54 ծուխ։ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը բնակչութեան թիւը կ’արձանագրէր 503 հայ բնակիչ եւ 55 ծուխ։ Մարտիրոսեանը կը նշէր, որ 1910-ին 80 հայ ծուխ կը հաշուէր գիւղը, սակայն վերատեսութեան ենթարկելով 1914-ի համար պիտի յանգէր 560 հայ բնակիչ եւ 65 ծուխ թիւերուն։

Ալիշան, Ալիջան, Ալիճան, Ալիքան [Ալիքան]

38°50'3.06"N 41°33'44.27"E
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին կ’արձանագրէր 97 հայ ծուխ։ Մայեւսկին բնակչութեան թիւը արձանագրած է 70 քիւրտ ծուխ։ 1902-ի համար Տէր-Կարապետեան բնակչութեան թիւը արձանագրած է 520 հայ բնակիչ եւ 75 ծուխ։ 1910-ի համար Առաջնորդարանը բնակչութեան թիւը այժմէականացնելով պիտի արձանագրէր 70 հայ ծուխ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը բնակչութեան թիւի աճ պիտի արձանագրէր՝ 1213 հայ բնակիչ եւ 112 ծուխ։ Մարտիրոսեանը կը նշէր, որ 1910-ին գիւղը 80 հայ ծուխ կը հաշուէր, բայց 1914-ի համար թիւերը այժմէականացնելով պիտի յանգէր 130 ծուխի մէջ ապրող 1420 հայ բնակիչի։ Այս վերջին թիւերը ուռճացուած կը թուին, որովհետեւ իւրաքանչիւր ծուխի շունչերու թիւը 10-էն մեծ է։

Ալիզիրում, Ալիզռնան, Ալիզուրում [Թանտողան]

38°44'4.93"N 41°33'50.69"E
Սբ. Կիրակոս եկեղեցի

1890-ին Մշոյ Առաջնորդարանը այս գիւղին բնակչութեան թիւը արձանագրած է 29 հայ ծուխ, Մայեւսկին՝ 40 քիւրտ ծուխ։ 1902 թուականին համար Տէր-Կարապետեանը պիտի արձանագրէր 280 հայ բնակիչ, 36 ծուխ։ 1910-ին Առաջնորդարանը բնակչութեան թիւի նկատառելի անկում պիտի արձանագրէր՝ 18 հայ ծուխ։ Մարտիրոսեանը, սակայն, կը նշէր, որ 1910-ին տակաւին 30 հայ ծուխ կար Ալիզիրումի մէջ։ Առաջնորդարանը 1910-ին պիտի արձանագրէր նաեւ փոքրաթիւ քիւրտ բնակչութիւն՝ 3 ծուխ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքութիւնը գիւղին մէջ կ’արձանագրէր 33 ծուխի մէջ ապրող 250 հայ բնակիչ։ Մարտիրոսեանը 1914-ին պիտի արձանագրէր բնակչութեան այժմէականացուած թիւ՝ 318 հայ եւ 40 ծուխ։

Ալվառինջ, Ալվառիճ, Ալվառիհ [Քարաաղաչլի]

38°41'27.72"N 41°38'0.41"E
Սբ. Յակոբ եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին կ’արձանագրէր, որ գիւղը 130 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մայեւսկին պիտի նշէր 96 քիւրտ ծուխ։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ի համար պիտի նշէր, որ գիւղը ունէր 150 ծուխի մէջ ապրող 980 հայ բնակիչ։ Ինչպէս Ալիզիրումի պարագային, հոս ալ Առաջնորդարանը 1910-ին բնակչութեան թիւի նկատառելի անկում պիտի արձանագրէր՝ 100 հայ ծուխ։ Իսկ Մարտիրոսեանը պիտի նշէր, որ 1910-ին տակաւին 160 հայ ծուխ կար Ալվառինջի մէջ։ Առաջնորդարանը 1910-ին նաեւ փոքրաթիւ քիւրտ բնակչութիւն պիտի արձանագրէր այս գիւղին մէջ՝ 7 ծուխ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը գիւղի բնակչութիւնը պիտի արձանագրէր 156 ծուխի մէջ ապրող 1250 հայ։ 1914-ի համար Մարտիրոսեանը բնակչութեան թիւի այժմէականացուած տուեալ պիտի արձանագրէր՝ 1380 հայ բնակիչ, 165 ծուխ։

Արաք [Սարըպահչէ]

38°39'16.49"N 41°47'18.81"E
Սբ. Սարգիս եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին Արաքը 22 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մայեւսկիի նշումով գիւղը հաւասարապէս բաշխուած էր հայերու եւ քիւրտերու միջեւ եւ կը հաշուէր իւրաքանչիւրէն 10 ծուխ։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ին գիւղին բնակչութիւնը կը հաշուէր 15 ծուխի մէջ ապրող 98 հայ բնակիչ։ Այս թիւը վերատեսութեան ենթարկուելով պիտի դառնար 113 հայ բնակիչ եւ 18 ծուխ։ Առաջնորդարանը կ’արձանագրէր, որ 18 հայ ծուխ մնացած էր Արաքի մէջ 1910-ին, ուր նաեւ 17 քիւրտ ծուխ կար։ Մարտիրոսեանը, սակայն, 1910-ին հոն 30 հայ ծուխ կը յիշատակէր։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը Արաքի բնակչութիւնը 203 հայ բնակիչ եւ 24 ծուխ կ’արձանագրէր։ Մարտիրոսեանը բնակչութեան թիւը այժմէականացուելով 1914-ին պիտի դառնար 200 հայ բնակիչ եւ 30 ծուխ։

Արդխոնք, Արդյօնք, Յարդխօնք [Օրթաքենդ]

38°49'22.49"N 41°22'10.89"E
Սբ. Յարութիւն եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին այս գիւղին մէջ 35 հայ ծուխ եւ 5 քիւրտ ծուխ կ’արձանագրէր։ Մայեւսկին 50 քիւրտ եւ 2 հայ ծուխ կը նշէր։  Տէր-Կարապետեանը 1902-ին գիւղին բնակչութեան թիւը 32 ծուխի մէջ ապրող 255 հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։ Առաջնորդարանը բնակչութեան թիւը նուազումով պիտի արձանագրէր 1910-ին՝ 20 հայ եւ 17 քիւրտ ծուխ։ Մարտիրոսեանը, սակայն, 1910-ի համար 40 հայ ծուխ պիտի արձանագրէր։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին բնակչութեան թիւը պիտի արձանագրէր միայն 178 հայ բնակիչ եւ 24 ծուխ։ Մարտիրոսեանը 1914-ին բնակչութեան այժէմականացուած թիւը 360 հայ բնակիչ եւ 45 ծուխ պիտի արձանագրէր։

Արտօնք, Արտունիք [Քոնաքտիւզիւ]

38°40'56.23"N 41°55'18.56"E
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

Արտօնքը Մշոյ Առաջնորդարանի 1890-ի մատեաններուն մէջ յիշատակուած չէ։ Մայեւսկին զայն կը նշէ իբրեւ 100 ծուխ զուտ քրտաբնակ գիւղ։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ին բնակչութեան թիւը 102 ծուխի մէջ ապրող 754 հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։ Այս թիւը վերատեսութեան ենթարկուելով պիտի դառնար 786 հայ բնակիչ եւ 107 ծուխ։ Առաջնորդարանի տուեալներով Արտօնքը 126 ծուխ հաշուող զուտ հայաբնակ գիւղ մըն էր 1910-ին։ Մարտիրոսեանը նոյն թուականին համար 120 հայ ծուխ կը նշէր։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը Արտօնքի մէջ 1470 հայ բնակիչ եւ 147 ծուխ կ’արձանագրէր։ Մարտիրոսեանը բնակչութեան թիւի այժմէականացուած տուեալները 1105 հայ բնակիչ եւ 147 ծուխ կ’արձանագրէր 1914-ին։

Արեղ, Արաք, Արաղ [Քեփենեք]

38°42'26.21"N 41°32'54.55"E
Սբ. Կիրակոս եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին Արեղ գիւղին մէջ 83 հայ եւ 4 քիւրտ ծուխ կ’արձանագրէր։ Մայեւսկին 75 քիւրտ ծուխ կը նշէր հոն։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ին բնակչութեան թիւը 105 ծուխի մէջ ապրող 750 հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։ Յետագային այս թիւը վերատեսութեան ենթարկելով 787 հայ բնակիչ պիտի նշէր։ Առաջնորդարանը նուազած բնակչութեան թիւը պիտի արձանագրէր՝ 66 հայ ծուխ, ինչպէս նաեւ 15 քիւրտ ծուխ։ Մարտիրոսեանը նոյնպէս կը նշէր, որ բնակչութեան թիւը նուազած էր եւ գիւղը 70 հայ ծուխ կը հաշուէր 1910-ին։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը բնակչութեան թիւը 1005 հայ բնակիչ եւ 104 ծուխ կ’արձանագրէր։ Մարտիրոսեանը այժմէականացուած տուեալներով 797 հայ բնակիչ եւ 103 ծուխ կ’արձանագրէր 1914-ին։

Առինջ, Առինճիկ, Ազնիչ [Չէօղիւրլիւ]

38°45'10.98"N 41°31'47.26"E
Սբ. Երեք խորան եկեղեցի

Այս կարեւոր գիւղը Մշոյ Առաջնորդարանի 1890-ի մատեաններէն բացակայ է, տարօրինակօրէն։ Մայեւսկին զայն կը յիշատակէ իբրեւ 160 ծուխ հաշուող զուտ քրտաբնակ գիւղ։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ին միայն ծուխերու թիւը պիտի յիշատակէր՝ 180 հայ ծուխ։ Կը նշանակէ որ բնակչութեան թիւը 1300-էն աւելի հայ բնակիչ էր։ Առաջնորդարանը Առինջը յիշատակելու պիտի թերանար 1910-ին, իսկ Մարտիրոսեանը՝ 150 ծուխ պիտի արձանագրէր։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը վերջապէս պիտի յիշատակէր այս գիւղը՝ միայն 610 հայ բնակիչ եւ 120 ծուխ։ Իւրաքանչիւր ծուխի շունչերու թիւը շատ պզտիկ թիւ կը թուի։ Մարտիրոսեանը, 1914-ին, չէր յիշատակեր որ բնակչութեան թիւը այս աստիճանի անկում ապրած ըլլար, եւ կը պահէ 1185 հայ բնակիչ եւ 135 ծուխ։

Մուշի գաւառակ. Առինջ գիւղէն ընդհանուր տեսարան (Աղբիւր՝ Պոտիլ Պիէօրնի հաւաքածոյ)

Առինջավանք, Առջավանք, Առջէվանք, Առնջվանք [Եշիլճէ]

38°45'21.28"N 41°31'6.89"E
Սբ. Սարգիս եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին կ’արձանագրէր, որ գիւղը 40 հայ եւ 3 քիւրտ ծուխ կը հաշուէր։ Մայեւսկին, ընդհակառակն, կը նշէր 40 քիւրտ եւ միայն 10 հայ ծուխ։ 1902-ի համար Տէր-Կարապետեանը կ’արձանագրէր 65 ծուխի մէջ ապրող 475 հայ բնակիչ։ Առաջնորդարանը 1910-ի այժմէականացուած տուեալներով պիտի արձանագրէր 38 հայ եւ 6 քիւրտ ծուխ։ Մարտիրոսեանը, սակայն, հայ ծուխերու թիւը 60 պիտի նշէր։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը պիտի արձանագրէր, որ գիւղը 48 ծուխի մէջ ապրող 400 հայ բնակիչ կը հաշուէր։ Մարտիրոսեանը այժմէականացուած տուեալներով 540 հայ բնակիչ եւ 68 ծուխ պիտի արձանագրէր 1914-ին։

Արաքավանք, Արկոնք, Էրգունիք, Էրկիվանք [Ումուրքա]

38°39'37.98"N 41°47'21.40"E
Սբ. Թովմաս եկեղեցի, Սբ. Լուսաւորիչ եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին կը նշէր, որ գիւղը 60 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մայեւսկին 40 քիւրտ ծուխ պիտի արձանագրէր։ 1902-ի բնակչութեան թիւը Տէր-Կարապետեանը պիտի արձանագրէր 54 ծուխի մէջ ապրող 352 հայ բնակիչ։ Իւրաքանչիւր ծուխի բնակիչներու թիւը պզտիկ կը թուի։ Աւելի ուշ բնակչութեան թիւը վերատեսութեան պիտի ենթարկուէր եւ դառնար 61 ծուխի մէջ ապրող 387 հայ բնակիչ։ Առաջնորդարանը 1910-ին բնակչութեան թիւը 40 հայ եւ 13 քիւրտ ծուխ պիտի արձանագրէր, իսկ Մարտիրոսեանը 80 հայ ծուխ պիտի նշէր։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին 67 ծուխի մէջ ապրող 809 հայ բնակիչ կար Արաքավանքի մէջ։ Իւրաքանչիւր ծուխի շունչերու թիւը մեծ էր։ 1914-ին Մարտիրոսեանը կ’արձանագրէր 860 հայ բնակիչ եւ 110 ծուխ։ Երկու թիւերն ալ կը թուի թէ ուռճացուած են եւ լաւագոյն պարագային պէտք է ցուցանիշ ըլլան այն փաստին, որ այլ տեղերէ հայերու ներգաղթ տեղի ունեցած էր։

Առնիսթ, Առնիս, Առնիստ [Քափիլի]

38°40'53.40"N 41°51'37.15"E
Սբ. Յովհաննէս եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին կը նշէր, որ գիւղը 70 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մայեւսկին 40 քիւրտ ծուխ զատորոշած է այս գիւղին մէջ։ 1902-ին Տէր-Կարապետեանը բնակչութեան թիւը արձանագրած է 55 ծուխի մէջ ապրող 400 հայ բնակիչ։ Առաջնորդարանը 1910-ին բնակչութիւնը արձանագրած է 60 հայ եւ 15 քիւրտ ծուխ, իսկ Մարտիրոսեանը՝ 70 հայ ծուխ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Առնիսթը հայ բնակչութեան թիւի շարունակական աճ արձանագրելով կը հաշուէր 79 ծուխի մէջ ապրող 708 հայ բնակիչ։ Մարտիրոսեանը 1914-ին քիչ մը աւելի մեծ թիւ կ’արձանագրէր՝ 600 հայ բնակիչ եւ 70 ծուխ։

Արթամեզրէ

Տեղակայումը՝ անյայտ
Ոչ մէկ եկեղեցի

Արթամեզրէի տեղակայումը ճշտուած չէ։ Ամենայն հաւանականութեամբ Արեղի գիւղակներէն մէկն էր, հնարաւոր է՝ Սբ. Առաքելոց վանքի մերձակայքին մէջ, բայց ապացոյց չունինք այս մասին։ Մարտիրոսեանը կ’արձանագրէ որ 1910-ին Արթամեզրէն 12 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Ոչ մէկ այլ աղբիւր, ոչ իսկ Մարտիրոսեանի 1914-ին ըրած այժմէականացումները կը յիշատակեն այս գիւղակը։ Շատ հաւանական կը թուի, որ բնակչութիւնն ալ Արեղի բնակչութեան հետ հաշւուած եղած ըլլայ։ Անգամ մը եւս շեշտեմ, որ աս պարզապէս իմ ենթադրութիւնս է։

Աշտիշատ, Տերիք, Տերեք, Տիրիք, Դերկ [Եուչէթէփէ]

38°58'21.44"N 41°27'4.81"E
Սբ. Սահակ եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը ոչ 1890-ին, ոչ ալ 1910-ին Աշտիշատը յիշատակած է։ Մայեւսկին կը նշէր, որ գիւղը 27 քիւրտ ծուխ կը հաշուէր։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ի համար կ’արձանագրէր 22 ծուխի մէջ ապրող 135 հայ։ Իւրաքանչիւր ծուխի շունչերու թիւը կը թուի թէ փոքր է։ Յետագային վերատեսութեան ենթարկուելով այս թիւը պիտի ըլլար 156 հայ բնակիչ եւ 25 ծուխ։, Մարտիրոսեանը կը նշէ, որ 1910-ին բնակչութեան թիւը աճ ապրած էր եւ դարձած 40 հայ ծուխ։ Գիւղը իր աճը պիտի շարունակէր, եւ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին հաշուէր 450 հայ բնակիչ եւ 51 ծուխ։ 1914-ին Մարտիրոսեանը այս տուեալներու այժմէական թիւերը պիտի արձանագրէր՝ 350 հայ բնակիչ եւ 4 ծուխ։ Բացայայտ է, որ ծուխերու թիւը սխալ է։

Աւրան, Աւրօն, Էվրան [Եշիլովա (Եաղսիլար)]

38°55'44.01"N 41°27'15.57"E
Սբ. Յովհաննէս եկեղեցի, Սբ. Սարգիս եկեղեցի

Այրանը նոյնպէս Մշոյ Առաջնորդարանի 1890-ի եւ 1910-ի մարդահամարներէն բացակայ գիւղ մըն է։ Մայեւսկին կը նշէր, որ գիւղը 110 քիւրտ ծուխ կը հաշուէր։ 1902-ի համար Տէր-Կարապետեանը բնակչութիւնը կ’արձանագրէր 180 ծուխի մէջ ապրող 1500 հայ բնակիչ։ Յետագային բնակչութեան թիւի այժմէականացուած թիւերը պիտի ըլլային 1510 հայ բնակիչ եւ 185 ծուխ։ Մարտիրոսեանը կը նշէր, որ գիւղը 170 հայ ծուխ կը հաշուէր 1910-ին։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Աւրանը ունէր 2160 հայ բնակիչ եւ 210 ծուխ։ 1914-ի համար այժմէականացուած թիւը Մարտիրոսեանը պիտի արձանագրէր 2870 հայ բնակիչ եւ 320 ծուխ։ Անգամ մը եւս բնակչութեան թիւի արտառոց աճ կը նկատենք։ Կրնայ ըլլալ որ, ապահով կեանքի մտահոգութիւններու շատնալուն բերումով հայերը պզտիկ գիւղերէ աւելի մեծ բնակավայրեր կը փոխադրուէին։

Աւզաղբիւր, Ազաքպուր, Ազաքբուր [Օղուլպալի]

38°43'1.94"N 41°49'27.73"E
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

Մշոյ գաւառակին մէջ երբեմն նոյն անունը կրող երկու գիւղ կար։ Ա՛յս Աւզաղբիւրը Մուշ քաղաքի հարաւ-արեւելքը կը գտնուէր, իսկ միւսը՝ հիւսիս-արեւմուտքը։ Ա՛յս Աւզաղբիւրը ոչ Մշոյ Առաջնորդարանը նշած է, ոչ ալ Մայեւսկին։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ի համար բնակչութեան թիւը կ’արձանագրէր 75 ծուխի մէջ ապրող 515 հայ բնակիչ։ Մարտիրոսեանը կը նշէր, որ 1910-ին գիւղը 40 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Առաջնորդարանը կը նշէր, որ գիւղը ունէր 805 հայ բնակիչ եւ 100 ծուխ։ Մարտիրոսեանը 1914-ին բնակչութեան այժմէականացուած թիւը պիտի արձանագրէր 672 հայ բնակիչ եւ 97 ծուխ։

Աւզաղիւր, Ազաքբուր, Ազահբուր, Աւզաղբիւր [Էօզտիլէք]

38°49'13.93"N 41°20'41.39"E
Սբ. Գէորգ եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին Աւզաղիւրի մէջ 32 հայ ծուխ արձանագրած է։ Մայեւսկին նշած է 80 քիւրտ ծուխ, որոնք, դարձեալ, պէտք է որ որպէս հայ ծուխ արձանագրուած ըլլային։ Ծուխերու թիւը Աւզաղբիւրի միւս տուեալներուն հետ համապատասխան է, սակայն գիւղը Մշոյ հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող գիւղերու խումբի մը հետ նշուած է, եւ ես զայն նոյնականացուցեր եմ Աւզաղիւրի հետ։ Հաւանական է սակայն, որ գիւղը սխալի հետեւանքով այդ խումբին մէջ ընդգրկուած էր, եւ 80 ծուխը իրականութեան մէջ Աւզաղբիւրին պէտք է վերաբերէին։ 1902-ի համար Տէր-Կարապետեանը բնակչութեան թիւը արձանագրած է 174 հայ բնակիչ եւ 25 ծուխ։ Յետագային վերատեսութեան ենթարկուած թիւը 185 հայ բնակիչ եւ 28 ծուխ պիտի արձանագրուէր։ Առաջնորդարանը 1910-ին նշած է 28 հայ ծուխ եւ 7 քիւրտ ծուխ, իսկ Մարտիրոսեանը՝ 40 հայ ծուխ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Առաջնորդարանը արձանագրած է, որ գիւղը 32 ծուխի մէջ ապրող 350 հայ բնակիչ ունէր։ Անգամ մը եւս կը թուի, թէ իւրաքանչիւր ծուխի շունչերու թիւը հաւանական է, որ մեծ ըլլայ։ 1914-ի համար Մարտիրոսեանը որպէս այժմէականացուած տուեալ պիտի արձանագրէր 336 հայ բնակիչ եւ 42 ծուխ։

Աւզուտ, Աֆզուդ, [Պիւվէթլի]

38°35'49.35"N 41°55'35.71"E
Սբ. Սարգիս եկեղեցի, Սբ. Սիմէոն եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին նշած է, որ գիւղը 73 հայ ծուխ եւ 7 քիւրտ ծուխ կը հաշուէր։ Մայեւսկին արձանագրած է 35 հայ ծուխ եւ 26 քիւրտ ծուխ։ Պահպանողական մօտեցում որդեգրելով՝ ենթադրած եմ, որ հակառակը պէտք է որ ըլլայ, ինչպէս միւս գիւղերու պարագային էր, բայց կրնայ ըլլալ որ այս պարագային Մայեւսկիին թիւերը ճիշդ ըլլան։ Տէր-Կարապետեանը բնակչութեան թիւը 1902-ին արձանագրած է 50 ծուխի մէջ ապրող 385 հայ բնակիչ։ Յետագային այս թիւը վերատեսութեան ենթարկուելով արձանագրուած է 405 հայ բնակիչ եւ 56 ծուխ։ 1910-ին Առաջնորդարանը կ’արձանագրէր 50 հայ եւ 30 քիւրտ ծուխ, իսկ Մարտիրոսեանը՝ 60 հայ ծուխ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը բնակչութեան թիւը 75 ծուխի մէջ ապրող 500 հայ բնակիչ արձանագրած էր։ Մարտիրոսեանը 1914-ին այժմէականացուած թիւը պիտի արձանագրէր 621 հայ բնակիչ եւ 77 ծուխ։

Պաղլու, Պաղլի, Բաղլու [Տաղարասի]

38°55'53.29"N 41°18'22.24"E
Սբ. Հրեշտակապետ եկեղեցի, Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանի վաղ մատեաններէն Պաղլուն բացակայ է։ Մայեւսկին գիւղին բնակչութիւնը արձանագրած է 40 քիւրտ ծուխ։ 1902-ի համար Տէր-Կարապետեանը արձանագրած է 40 ծուխի մէջ ապրող 282 հայ բնակիչ։ Յետագային այս թիւերը այժմէականացուելով պիտի ըլլային 331 հայ բնակիչ եւ 45 ծուխ։ 1910-ին Մարտիրոսեանը բնակչութեան թիւը 40 հայ ծուխ արձանագրած է։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղnրդայնին Հայոց Պատրիարքարանը բնակչութեան թիւը կ’արձանագրէր 44 ծուխի մէջ ապրող 310 հայ բնակիչ։ Մարտիրոսեանը այժմէականացած տուեալներով բնակչութեան թիւը 1914-ին 415 հայ եւ 45 ծուխ։ Ասկէ մակաբերուող իւրաքանչիւր ծուխի շունչերու թիւը մեծ կը թուի։

Կողքի էջ. Ա-Դօ (Յովհաննէս Տէր Մարտիրոսեան), Վանի, Բիթլիսի Եւ Էրզրումի Վիլայէթները, Երեւան,  1912։

Պիլիր, Բլել, Բլէշ [Թոփրաքքալէ]

38°46'3.51"N 41°22'34.92"E
Սբ. Սարգիս եկեղեցի

Պիլիր գիւղը նոյնպէս բացակայ է Մշոյ Առաջնորդարանի վաղ մատեաններէն։ Մայեւսկին գիւղի բնակչութիւնը 20 քիւրտ ծուխ արձանագրած է։ 1902-ի համար ըստ Տէր-Կարապետեանի բնակչութեան թիւը 17 ծուխի մէջ ապրող 98 հայ բնակիչ էր։ Այս թիւերէն հաշուարկուող ծուխերու թիւը փոքր է։ Յետագային այս թիւը վերատեսութեան ենթարկուելով պիտի ըլլար 158 հայ բնակիչ եւ 22 ծուխ։ Մարտիրոսեանը 1910-ի համար նշած է 20 հայ ծուխ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը բնակչութեան թիւը 26 ծուխի մէջ ապրող 200 հայ բնակիչ արձանագրած է։ 1914-ին Մարտիրոսեանը այս թիւերը վերատեսութեան ենթարկելով յանգած է 154 հայ եւ 22 ծուխ թիւին։

Պրեմոք, Պերմուք, Բրեմոք [Ամենայն հաւանականութեամբ Գոմերի գիւղակ]

38°45'38.19"N 41°21'42.82"E
Ոչ մէկ եկեղեցի

Այս պզտիկ գիւղը միայն մի քանի աղբիւրի մէջ յիշատակուած է։ Այսօր ան ամենայն հաւանականութեամբ մօտակայ Գոմերին [Սիւլիքա] գիւղակներէն մէկն է։ Պրեմոքը առանձին յիշատակուած է առաջին անգամ Տէր-Կարապետեանին կողմէ։ 1902-ին անոր արձանագրած բնակչութեան թիւը 12 ծուխի մէջ ապրող 75 բնակիչ էր։ Մարտիրոսեանն ալ 1914-ին Պրեմոքը կը յիշատակէ 8 ծուխի մէջ ապրող 64 հայ բնակիչով։

Չափնայ, Չափնոց, Շիփնիք, Սեփնէ, Սաթիէ, Ցափնա [Սիւթլիւճէ]

38°45'43.13"N 41°30'50.28"E
Սբ. Գէորգ եկեղեցի կամ Սբ. Թուխմանուկ եկեղեցի

Չափնան Մուշ քաղաքին անմիջապէս քովը կը գտնուէր։ Մշոյ Առաջնորդարանի մատեաններուն մէջ ան չէ յիշատակուած։ Մայեւսկին կը նշէ, որ գիւղը 50 քիւրտ ծուխ կը հաշուէր։ 1902-ի համար Տէր-Կարապետեանը արձանագրած է 35 ծուխի մէջ ապրող հայ 251 հայ բնակիչ։ Մարտիրոսեանը 1910-ին 40 հայ ծուխ արձանագրած է։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը այս գիւղին համար 400 հայ բնակիչ արձանագրած է։ Ծուխերու թիւը նշուած չէ։ Մարտիրոսեանի 1914-ի վերատեսութեան ենթարկած թիւը 396 հայ բնակիչ եւ 55 ծուխ է։

Ջրիկ, Ջիրիշ [Պաղլար]

38°46'1.25"N 41°29'22.74"E
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

Մշոյ Պատրիարքարանը 1890-ին կը նշէր, որ գիւղը 80 հայ եւ 12 քիւրտ ծուխ կը հաշուէր։ Մայեւսկին նշած է 45 քիւրտ եւ 30 հայ ծուխ։ 1902-ի համար Տէր-Կարապետեանը բնակչութեան թիւը արձանագրած է 63 ծուխի մէջ ապրող 428 հայ բնակիչ։ Յետագային այս թիւը վերատեսութեան ենթարկուելով պիտի ըլլար 485 հայ բնակիչ եւ 68 ծուխ։ Առաջնորդարանը 1910-ին կ’արձանագրէր 60 հայ եւ 30 քիւրտ, իսկ Մարտիրոսեանը՝ 20 հայ ծուխ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը արձանագրած է 800 հայ բնակիչ, 80 ծուխ, իսկ 1914-ին Մարտիրոսեանը այժմէականացուած տուեալներով պիտի արձանագրէր 680 հայ բնակիչ եւ 85 ծուխ։

Տատրագոմ, Տազիգոմ, Տարեզգոմ

38°44'17.77"N 41°21'41.41"E
Ոչ մէկ եկեղեցի

Տատրագոմը այլեւս գոյութիւն չունի։ Հին քարտէսներու վրայ հիմնուելով մօտաւորապէս ճշդած եմ անոր տեղակայումը։ Տատրագոմը որպէս առանձին գիւղ առաջին անգամ Տէր-Կարապետեանը յիշատակած է։ Ան նշած է, որ 1902-ին գիւղը 15 ծուխի մէջ ապրող 87 բնակիչ ունէր։ Յետագային այս թիւերը վերատեսութեան ենթարկելով պիտի յանգէր 146 հայ բնակիչ եւ 20 ծուխ տուեալներուն։ Մարտիրոսեանը միայն 1914-ին կը յիշատակէ Տատրագոմը՝ 22 ծուխի մէջ ապրող 145 հայ բնակիչով։

Տափիկ, Թափիք, Տամբել [Աղըլը]

38°36'8.52"N 41°26'29.19"E
Ոչ մէկ եկեղեցի

Մուշ քաղաքի հարաւը գտնուող այս պզտիկ գիւղը միայն մի քանի աղբիւրի մէջ յիշատակուած է։ 1902-ի համար Տէր-Կարապետեանը կը նշէ 12 ծուխի մէջ ապրող 81 հայ բնակիչ որպէս բնակչութեան թիւ։ Յետագային այս թիւը վերատեսութեան ենթարկուելով պիտի դառնար 107 հայ բնակիչ եւ 15 ծուխ։ 1914-ին, կը նշէ Մարտիրոսեանը, բնակչութեան թիւը նուազելով հասած էր 8 ծուխի մէջ ապրող 54 հայու։

Տոմ, Տում, Թում [Քէօրփէաղաչ]

38°51'33.08"N 41°22'33.60"E
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի, Սբ. Սիմէօն եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանի վաղ մատեանները Տոմը չեն յիշատակեր։ Մայեւսկին կը նշէ, որ գիւղը 60 քիւրտ ծուխ կը հաշուէր։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ի համար բնակչութեան թիւը կ’արձանագրէր 21 ծուխի մէջ ապրող 131 հայ։ Յետագային այս թիւը վերատեսութեան ենթարկելով պիտի դառնար 168 հայ բնակիչ եւ 25 ծուխ։ Մարտիրոսեանը 1910-ին կը նշէր, որ գիւղը 40 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը բնակչութեան թիւը կ’արձանագրէր 41 ծուխի մէջ ապրող 250 հայ բնակիչ։ 1914-ին Մարտիրոսեանը բնակչութեան թիւի աճ կ’արձանագրէր՝ 432 հայ բնակիչ եւ 45 ծուխ։

Ծեգետ, Զիրքիք, Զիրքի, Զիրքիթ, Ծրգետ [Օթաչ]

38°36'56.02"N 41°50'4.91"E
Սբ. Թուխմանուկ եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին կը նշէր, որ Ծեգետը 30 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մայեւսկին կը նշէր 26 քիւրտ եւ 11 հայ ծուխ։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ի համար բնակչութեան թիւը կ’արձանագրէր 25 ծուխի մէջ ապրող 165 հայ բնակիչ։ Յետագային վերատեսութեան ենթարկուելով այս թիւը պիտի դառնար 186 հայ բնակիչ եւ 28 ծուխ։ Առաջնորդարանը 1910-ին կ’արձանագրէր, որ միայն 10 հայ ծուխ կար գիւղին մէջ, իսկ Մարտիրոսեանը կը նշէր, որ բնակչութինը 12 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը բնակչութեան թիւը կ’արձանագրէր 31 ծուխի մէջ ապրող 210 հայ բնակիչ։ Մարտիրոսեանն ալ 1914-ին արձանագրած է 210 հայ բնակիչ եւ 30 ծուխ։ Յայտնի չէ թէ ինչո՛ւ Ծեգետի բնակչութեան թիւը այդքան յաճախակի փոփոխութիւն կը կրէր եւ թէ ինչո՛ւ միայն մէկ աղբիւր խառն բնակչութեան նշած է։

Ծղակ, Զաղաթ, Զիկաք [Քարաքիւթիւք]

38°38'7.34"N 41°45'58.12"E
Սբ. Ստեփանոս եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին կ’արձանագրէր, որ Ծղակը կը հաշուէր 35 հայ եւ 15 քիւրտ ծուխ։ Մայեւսկին կ’արձանագրէր 20 քիւրտ եւ 15 հայ ծուխ։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ին բնակչութեան թիւը կ’արձանագրէր 21 ծուխի մէջ ապրող 145 հայ բնակիչ։ Յետագային բնակչութեան վերատեսութեան ենթարկուած թիւը պիտի ըլլար 165 հայ բնակիչ, 25 ծուխ։ Առաջնորդարանը 1910-ին կը նշէր 23 հայ ծուխ, իսկ Մարտիրոսեանը բնակչութեան թիւը կ’արձանագրէր 20 հայ ծուխ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը բնակչութեան թիւի աճ կ’արձանագրէր՝ 409 հայ բնակիչ եւ 45 ծուխ։ Մարտիրոսեանը բնակչութեան թիւը 1914-ին կ’արձանագրէր 50 ծուխի մէջ ապրող 356 հայ բնակիչ։

Կառնի, Կառնին, Գառնի, Գառնէն, Գասնէն [Աղաչլըք]

38°44'42.70"N 41°29'6.62"E
Ոչ մէկ եկեղեցի

Կառին միշտ առանձին չէ չիշատակուած, եւ կրնայ ըլլալ որ Մուշ քաղաքին շատ մօտ գտնուելուն պատճառով անոր մէջ ընդգրկուած ներկայացուած ըլլայ, Տէր-Կարապետեանը 1902-ի համար բնակչութեան թիւը արձանագրած է 110 ծուխի մէջ ապրող 750 հայ բնակիչ։ Մարտիրոսեանը 1910-ին կը նշէր 140 հայ ծուխ. 1914-ին այս թիւը ան վերատեսութեան ենթարկելով պիտի յանգէր 1190 հայ բնակիչի եւ 125 ծուխի։ Հայոց Ցեղասպանութեան նախօրէին Հայոց Պատրիարքարանը կ’արձանագրէր 860 հայ բնակիչ եւ 123 ծուխ։

Կէալախոլի

Անյայտ տեղակայում
Ոչ մէկ եկեղեցի

Կը թուի թէ Կէալախոլին կը գտնուէր Խորոնքի, Գոմերի, Պիլիրի, Պրեմոքի եւ Քարձորի մերձակայքը։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ին բնակչութեան թիւը արձանագրած է 13 ծուխի մէջ ապրող 85 հայ բնակիչ։ 1910-ին Մարտիրոսեանը միայն 10 հայ ծուխ արձանագրած է Կէալախոլիի համար։ Ասոնք են այս գիւղը յիշատակող միակ աղբիւրները։

Կելիկուզան, Կելիկիւզան [Ճեւիզլիտերէ]

38°35'19.76"N 41°20'49.92"E
Սբ. Թուխմանուկ եկեղեցի, Սբ. Սարգիս եկեղեցի, Սբ. Կիրակոս եկեղեցի, Սբ. Կարապետ եկեղեցի

Ինչպէս արդէն նշեցինք, Կելիկուզանին կապակցուած հայ գիւղերու ամբողջ խումբ մը կար։ Այս գիւղերէն միայն մի քանին Մշոյ հետ հաշւուած են։ Այս գիւղերը 1894-ին կոտորածի ենթարկուած էին։ Զոհերու ճիշդ թիւը վիճարկման առարկայ է։ 1902-ին Տէր-Կարապետեանը բնակչութեան թիւը արձանագրած է 129 ծուխի մէջ ապրող 884 հայ բնակիչ։ Հայոց Պատրիարքարանը 1909-ին կ’արձանագրէր 1030 հայ բնակիչ եւ 134 ծուխ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց պատրիարքարանը բնակչութեան թիւը 1025 հայ բնակիչ եւ 143 ծուխ կ’արձանագրէր։ Այլ աղբիւրներ Կելիկուզանին յղում չունին։

Կեմիկ, Քեմիք, Կեմիք [Պէշփարմաք]

38°55'56.56"N 41°24'5.20"E
Սբ. Յարութիւն եկեղեցի

Մայեւսկին Կեմիկի բնակչութիւնը 30 քիւրտ ծուխ արձանագրած է։ 1902-ի համար Տէր-Կարապետեանը կ’արձանագրէր 5 ծուխի մէջ ապրող 28 հայ բնակիչ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին բնակչութեան թիւը աճ ապրելով հասած էր 9 ծուխի մէջ ապրող 90 հայ բնակիչի։ 1914-ին, կ’արձանագրէր Մարտիրոսեանը, գիւղը ունէր 10 ծուխի մէջ ապրող 82 հայ բնակիչ։

Կուրաւի, Քիրաւի, Կուրաւու [Շէնոպա]

38°53'36.26"N 41°31'3.37"E
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի, Սբ. Յակոբ եկեղեցի

Մայեւսկին կը նշէր, որ Կուրաւին 100 քիւրտ ծուխ կը հաշուէր։ 1902-ի համար Տէր-Կարապետեանը բնակչութեան թիւը կ’արձանագրէր 86 ծուխի մէջ ապրող 628 հայ բնակիչ։ Մարտիրոսեանը կը նշէր, որ 1910-ին Կուրաւին 90 հայ ծուխ ունէր։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին գիւղի բնակչութիւնը աճ ապրելով հասած էր 1050 հայ բնակիչի եւ 132 ծուխի։ 1914-ին, կը նշէր Մարտիրոսեանը, բնակչութիւնը 140 ծուխի մէջ ապրող 1262 հայ բնակիչ էր։

Հարթերթ, Արթիթ [Սերինովա]

38°55'50.44"N 41°32'28.75"E
Սբ. Սարգիս եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին կ’արձանագրէր, որ Հարթերթը 80 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մայեւսկին կը նշէր, որ միայն 50 քիւրտ ծուխ կար։ 1902-ի համար Տէր-Կարապետեանը բնակչութեան թիւը կ’արձանագրէր 85 ծուխի մէջ ապրող 672 հայ բնակիչ։ Առաջնորդարանը 1910-ին բնակչութեան թիւը կ’արձանագրէր 60 հայ ծուխ, իսկ Մարտիրոսեանը՝ 80։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին բնակչութեան թիւը աճ ապրած էր եւ 106 ծուխի մէջ ապրող 920 հայ բնակիչ էր։ 1914-ին Մարտիրոսեանը որպէս այժմէականացուած տուեալ պիտի արձանագրէր 865 հայ բնակիչ եւ 105 ծուխ։

Հասանովա

Անյայտ տեղակայում
Սբ. Գէորգ եկեղեցի

Հասանովայի տեղակայումը ճշդել կարելի չեղաւ։ Ան Սբ. Կարապետ վանքին շրջակայքին մէջ կը գտնուէր։ Հասանովա գիւղ մը կար Գուարսի հիւսիսը, բայց եթէ նոյն Հասանովան ըլլար, Կինճի տարածքին պիտի պատկանէր։ 1902-ի համար Տէր-Կարապետեանը Հասանովայի բնակչութեան թիւը արձանագրած է 20 ծուխի մէջ ապրող 135 հայ բնակիչ։ Յետագային այս թիւը վերատեսութեան պիտի ենթարկէր եւ դարձնէր 265 հայ բնակիչ, 38 ծուխ։ Մարտիրոսեանը կը նշէր, որ 30 հայ ծուխ կը հաշուէր գիւղը 1910-ին։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը կը նշէր, որ Հասանովան 39 ծուխի մէջ ապրող 350 հայ բնակիչ ունէր։ Մարտիրոսեանը 1914-ին բնակչութեան այժմէականացուած թիւը 45 ծուխի մէջ ապրող 425 հայ բնակիչ պիտի արձանագրէր։

Հացիկ, Հասսիկ, Հասիկ [Կիւվէն]

38°48'11.27"N 41°44'37.58"E
Սբ. Յակոբ եկեղեցի, Սբ. Մեսրոպ եկեղեցի

1890-ին Մշոյ Առաջնորդարանը կ’արձանագրէր, որ Հացիկը 40 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մայեւսկին կը նշէր միայն 30 քիւրտ ծուխ։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ի համար բնակչութեան թիւը կը նշէր 23 ծուխի մէջ ապրող 151 հայ բնակիչ։ Յետագային այժմէականացուած տուեալներով այս թիւը պիտի դառնար 198 հայ բնակիչ եւ 30 ծուխ։ Թէ՛ Առաջնորդարանը, եւ թէ Մարտիրոսեանը կ’արձանագրեն, որ 1910-ին Հացիկը 30 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը կ’արձանագրէր 28 ծուխի մէջ ապրող 300 հայ բնակիչ։ Իւրաքանչիւր ծուխի շունչերու թիւը քիչ մը մեծ է։ Մարտիրոսեանը 1914-ի բնակչութեան այժմէականացուած տուեալ պիտի արձանագրէր 35 ծուխի մէջ ապրող 271 հայ բնակիչ։

Հաւատարիկ, Հաւատորիկ, Հաւատրիք, Հաւատորիք [Տերեճիկ]

38°41'4.94"N 41°32'40.28"E
Մէկ եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին կ’արձանագրէր, որ Հաւատարիկը 90 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մայեւսկին 160 քիւրտ ծուխ կը հաշուէր։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ի համար 100 ծուխի մէջ ապրող 684 հայ բնակիչ կը նշէր։ Յետագային այս թիւը վերատեսութեան ենթարկուելով պիտի դառնար 680 հայ բնակիչ եւ 90 ծուխ։ Առաջնորդարանը կը նշէր, որ Հաւատարիկը 120 հայ ծուխ կը հաշուէր 1910-ին, իսկ Մարտիրոսեանը՝ միայն 65 հայ ծուխ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը բնակչութեան թիւը կ’արձանագրէր 1315 հայ բնակիչ եւ 165 ծուխ։ Մարտիրոսեանը այժմէականացուած թիւը 1420 հայ բնակիչ եւ 165 ծուխ պիտի արձանագրէր 1914-ին։

Բնակչային աղիւսակ առնուած Պիթլիսի 1308 (1892) Սալնամէէն։

Հերկերտ, Հերգիթ, Հիրկիֆթ [Նատասլըք]

38°52'49.90"N 41°24'33.63"E
Սբ. Սարգիս եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին Հերկերտը չի յիշատակեր։ Մայեւսկին հոն 25 քիւրտ ծուխ կ’արձանագրէր։ 1902-ի համար Տէր-Կարապետեանը բնակչութեան թիւը 25 ծուխի մէջ ապրող 230 հայ բնակիչ արձանագրած էր։ Մարտիրոսեանը բնակչութեան թիւի նուազում՝ 20 հայ ծուխ կ’արձանագրէր 1910-ին։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց պատրիարքարանը բնակչութեան թիւի աճ կ’արձանագրէր՝ 300 հայ բնակիչ եւ 37 ծուխ։ Մարտիրոսեանը բնակչութեան թիւի այժմէականացուած տուեալը 340 հայ բնակիչ եւ 45 ծուխ պիտի արձանագրէր 1914-ին։

Հողունք

Անյայտ տեղակայում
Սբ. Սարգիս եկեղեցի

Հողունքի գտնուելու ճշգրիտ վայրը անյայտ է։ Նմանահունչ անուններով բազմաթիւ գիւղեր կան՝ Հողունք, Ուրուղ, Ցօղունք։ Թէեւ անհամապատասխանութիւններ կը յամենան, սակայն համոզուած եմ որ Հողունքը Ցօղունքի մասին յիշատակում մըն է, եւ այդ անունը կրող գիւղին բաժինին մէջ պիտի քննարկեմ մանրամասները։

Յունան, Յուղան, Յոնան [Սիւպոյու]

38°46'5.42"N 41°35'16.28"E
Սբ. Թովմաս եկեղեցի

Տէր-Կարապետեանը Յունանը հայ բնակչութիւնը առաջին յիշատակողն է։ 1902-ի համար կը նշէ որ ան կը հաշուէր 60 ծուխի մէջ ապրող 385 հայ բնակիչ։ Վերատեսութեան ենթարկուելով այս թիւերը պիտի ըլլային 451 հայ բնակիչ եւ 65 ծուխ։ 1910-ին Մարտիրոսեանը գիւղին բնակչութեան թիւի աճ կ’արձանագրէր՝ 83 հայ ծուխ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարարքարանը գիւղի բնակչութեան թիւը 602 հայ բնակիչ եւ 86 ծուխ կ’արձանագրէր։ Մարտիրոսեանը իր թիւերուն այժմէականացուած տուեալներով 1320 հայ բնակիչ եւ 145 ծուխ պիտի արձանագրէր 1914-ին։ Այս թիւերը կտրուկ աճի ցուցանիշ են եւ, առանց նորեկ բնակիչներու յայտնի հոսքի մասին տուեալներու, կասկածելի։

Յուշտամ, Ուչտամ, Ուչթոմ, Ուշտամ [Աշայըիւչտամ]

38°40'4.77"N 41°49'30.86"E
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի, Սբ. Թորոս եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին կ’արձանագրէր, որ Յուշտամի մէջ 35 հայ ընտանիք կ’ապրէր։ Մայեւսկին 30 քիւրտ ընտանիք կը նշէր։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ի համար բնակչութեան թիւը կ’արձանագրէր 17 ծուխի մէջ ապրող 110 հայ բնակիչ։ Այս թիւը վերատեսութեան պիտի ենթարկուէր եւ դառնար 135 հայ բնակիչ, 21 ծուխ։ Առաջնորդարանը 1910-ին այժմէականացուած թիւ 15 ծուխ պիտի արձանագրէր, իսկ Մարտիրոսեանը՝ միայն 10 հայ ծուխ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը բնակչութեան թիւը պիտի արձանագրէր 32 ծուխի մէջ ապրող 305 հայ բնակիչ, իսկ Մարտիրոսեանը այժմէականացուած թիւերը պիտի նշէր 40 ծուխի մէջ ապրող 310 հայ բնակիչ։ Այստեղ եւս բնակչութեան թիւի նուազման օրինաչափութիւն կ’արձանագրենք միջանկեալ տարիներուն ընթացքին։

Իրիզակ, Իրզաք, Երիզակ [Եիւրէքլի]

38°45'23.27"N 41°44'56.37"E
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին կ’արձանագրէր, որ Իրիզակը 70 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մայեւսկին 80 հայ ծուխ կը նշէր։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ի համար բնակչութեան թիւը 35 ծուխի մէջ ապրող 280 հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։ Յետագային այս թիւի այժմէականացուելով պիտի դառնար 351 հայ բնակիչ եւ 38 ծուխ։ Առաջնորդարանը 1910-ին 50 հայ եւ 12 քիւրտ ծուխ պիտի արձանագէր։ Մարտիրոսեանը նոյնպէս 50 հայ ծուխ պիտի նշէր 1910-ի համար։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը Իրիզակի բնակչութիւնը 500 հայ բնակիչ եւ 65 ծուխ պիտի արձանագրէր։ 1914-ին Մարտիրոսեանը այժմէականացուած թիւերը 724 հայ բնակիչ եւ 70 ծուխ պիտի նշէր։ Իւրաքանչիւր ծուխի շունչերու թիւը կը թուի թէ մեծ է, եւ անգամ մը եւս միջանկեալ տարիներուն բնակչութեան թիւի նուազման օրինաչափութիւն մը նկատելի է։

Քարձոր, Քարսորօ, Քասոր [Սուվարան]

38°46'8.08"N 41°24'7.36"E
Սբ. Մինաս եկեղեցի, Սբ. Թորոս եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին բնակչութեան թիւը 60 հայ եւ 1 քիւրտ ծուխ արձանագրած էր։ Մայեւսկին 32 քիւրտ ծուխ նշած էր։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ին բնակչութեան թիւը 40 ծուխի մէջ ապրող 270 հայ բնակիչ էր։ Այժմէականացուած տարբերակը 306 հայ բնակիչ եւ 41 ծուխ պիտի ըլլար։ Առաջնորդարանը 1910-ին 10 հայ եւ 9 քիւրտ ծուխ արձանագրած էր, ինչը կը թուի թէ սխալմունք է։ Մարտիրոսեանը կը նշէ թէ 1910-ին տակաւին 40 հայ ծուխ կը հաշուէր գիւղը։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարնը գիւղին բնակչութեան թիւը 60 ծուխի մէջ ապրող 500 հայ բնակիչ պիտի արձանագրէր։ 1914-ին Մարտիրոսեանը բնակչութեան այժմէականացուած թիւը 490 հայ բնակիչ եւ 65 ծուխ պիտի արձանագրէր։

Քէօշկ, Քոշք, Աւդրզաղի Քոշք [Քէօշք]

38°50'36.25"N 41°13'23.70"E
Ոչ մէկ եկեղեցի

Քէօշկի հայ բնակչութեան վերաբերեալ միայն մի քանի աղբիւրի մէջ յիշատակում կայ։ Մարտիրոսեանը 10 հայ ծուխ կը յիշատակէ 1910-ի համար։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին գիւղը 57 հայ բնակիչ եւ 8 ծուխ կը հաշուէր։

Խաչխալտաղ, Խաշոլտաղ, Խաչգոմ, Խաշխալդաղ [Քըյըք]

38°50'9.23"N 41°27'25.90"E
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը ոչ 1890-ին ոչ ալ 1910-ին Խաչխալտաղի մասին տուեալներ չի հաղորդեր։ Մայեւսկին 26 քիւրտ ծուխ կը նշէ հոն։ 1902-ի համար Տէր-Կարապետեանը բնակչութեան թիւը 45 ծուխի մէջ ապրող 315 հայ բնակիչ կ’արձանագէր։ Այժմէականացումի ենթարկուելով այս թիւը պիտի դառնար 345 հայ բնակիչ եւ 511 ծուխ։ Մարտիրոսեանը կը նշէր 60 հայ ծուխ 1910-ին։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը կ’արձանագրէր, որ գիւղը 54 ծուխի մէջ ապրող 400 հայ բնակիչ կը հաշուէր։ 1914-ին Մարտիրոսեանը այժմէականացուած տուեալները 763 հայ բնակիչ եւ 90 ծուխ կ’արձանագրէր։ Բնակչութեան թիւի կտրուկ աճը կրնայ բացատրուիլ միայն նոր ժամանող բնակիչներու հոսքով կամ նախապէս կատարուած մարդահամարներու անճիշդ տուեալներ պարունակելով։

Խարս, Հարս, Քարս, Ղարս [Կիւնէիք]

38°40'53.80"N 41°52'47.01"E
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի, Սբ. Բարսեղ եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը ոչ 1890-ին, ոչ ալ 1910-ին Խարսը առանձին կը յիշատակէ։ Մայեւսկին կը նշէ, որ գիւղը 80 քիւրտ ծուխ կը հաշուէր։ 1902-ի համար Տէր-Կարապետեանը բնակչութեան թիւը 81 ծուխ-ի մէջ ապրող 542 հայ բնակիչ պիտի արձանագրէր։ Այժմէականացումի ենթարկուելով այս թիւը պիտի դառնար 568 հայ բնակիչ եւ 81 ծուխ։ Մարտիրոսեանը կը նշէր, որ գիւղը 80 հայ ծուխ կը հաշուէր 1910-ին։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը կ’արձանագրէր, որ գիւղը կը հաշուէր 145 ծուխի մէջ ապրող 1360 հայ բնակիչ։ Մարտիրոսեանը բնակչութեան թիւի այժմէականացուած տուեալ պիտի արձանագրէր 1150 հայ բնակիչ եւ 155 ծուխ թիւը։ Անգամ մը եւս, բնակչութեան թիւի կտրուկ աճը կարելի է բացատրել միայն նոր բնակիչներու հոսքով կամ աւելի վաղ կատարուած մարդահամարներու պարունակած սխալներով։

Խարթոս (Ներքին), Աշաղի Խարթոս, Աշաղի Հերթոս, Հարապահարթոս [Աշաղյըսըզմա]

38°51'53.46"N 41°38'54.11"E
Սբ. Սարգիս եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին կը նշէր, որ գիւղը 40 հայ եւ 3 քիւրտ ծուխ կը հաշուէր։ Մայեւսկին կը նշէր, որ 30 քիւրտ եւ 10 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ի համար բնակչութեան թիւը 20 ծուխի մէջ ապրող 50 հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։ Առաջնորդարանը 1910-ին 30 հայ եւ 10 քիւրտ ծուխ կ’արձանագրէր, իսկ Մարտիրոսեանը՝ 80 հայ ծուխ 1910-ին։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը բնակչութեան թիւը 49 ծուխի մէջ ապրող 450 հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։ 1914-ին Մարտիրոսեանը այժմէականացուած տուեալները 320 հայ բնակիչ եւ 45 ծուխ կը նշէր։

Խասգիւղէն (Մուշի գաւառակ) բնակիչ մը (Աղբիւր՝ H.F.B. Lynch, Armenia. Travels and Studies, Vol. II, London, 1901)

Խասգիւղ, Խասքէօյ, Հասքէօյ, Խասգեղ [Հասքէօյ]

38°40'57.09"N 41°41'17.93"E
Սբ. Երրորդութիւն եկեղեցի, Սբ. Ստեփանոս եկեղեցի, Սբ. Թալիլէոս եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին կը նշէր, որ այս նշանակալից հայկական գիւղը 400 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մայեւսկին կը նշէր 300 քիւրտ ծուխ։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ի համար գիւղի բնակչութեան թիւը 362 ծուխի մէջ ապրող 2358 հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։ 1910-ին Առաջնորդարանը կը նշէր որ գիւղը 330 հայ եւ 45 քիւրտ ծուխ կը հաշուէր։ Մարտիրոսեանը 350 հայ ծուխ կը նշէր 1910-ին։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը 4113 հայ բնակիչ եւ 340 ծուխ կը նշէր։ Այս պարագային իւրաքանչիւր ծուխի շունչերու մեծ թիւը կրնայ ծուխերու ժամանակավրէպ թիւի մը կիրարկման հետեւանք ըլլան։ 1914-ին Մարտիրոսեանը այժմէականացուած տուեալ որպէս կ’արձանագրէր 3776 հայ բնակիչ եւ 423 ծուխ։

Խասգիւղ (Մուշի գաւառակ) (Աղբիւր՝ H.F.B. Lynch, Armenia. Travels and Studies, Vol. II, London, 1901)

Խէյպիան, Խէհիպիան, Կայպիան, Հէյպան, Ղէյպիան [Եօնճալըօէզ]

38°52'6.11"N 41°19'47.26"E
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը յիշատակում չէր ըրած Խէյպիանի մասին, ոչ 1890-ին, ոչ ալ 1910-ին։ Մայեւսկին կը նշէր, որ գիւղը 55 քիւրտ ծուխ կը հաշուէր։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ի համար բնակչութեան թիւը 96 ծուխի մէջ ապրող 712 հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։ Այս տուեալի այժմէականացուած տարբերակը պիտի դառնար 736 հայ բնակիչ եւ 105 ծուխ։ Մարտիրոսեանը 1910-ին 100 հայ ծուխ կ’արձանագրէր։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը կը նշէր, որ գիւղը 1200 հայ բնակիչ եւ 120 ծուխ կը հաշուէր։ Բնական եզրակացութիւնը ան է, որ բնակչութեան թիւի գնահատումը կատարուած է ծուխերու թիւը տասնով բազմապատկելու գործօնը կիրարկելով։ 1914-ին Մարտիրոսեանը այժմէականացուած տուեալներով Խէյպիանի բնակչութեան թիւը 1070 հայ բնակիչ եւ 122 ծուխ պիտի արձանագրէր։

Խոփեր, Քոֆիր, Հոփեր [Քարաքէօփրիւ]

38°47'50.00"N 41°29'43.39"E
Սբ. Յակոբ եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը ոչ 1890-ին, ոչ ալ 1910-ին Խոփերը առանձին յիշատակած է։ Մայեւսկին նշած է, որ գիւղը 25 քիւրտ ծուխ կը հաշուէր։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ին արձանագրած է, որ գիւղի բնակչութիւնը 25 ծուխի մէջ ապրող 171 հայ բնակիչ էր։ Մարտիրոսեանը կը նշէր, որ 30 հայ ծուխ կար 1910-ին։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը կ’արձանագրէր 305 հայ բնակիչ եւ 41 ծուխ։ 1914-ին Մարտիրոսեանը բնակչութեան թիւի այժմէականացուած թիւը 340 հայ բնակիչ եւ 37 ծուխ պիտի արձանագրէր։

Խորոնք, Հորոնք [Հարման]

38°46'37.19"N 41°23'50.38"E
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին կ’արձանագրէր, որ Խորոնքը 20 հայ եւ 1 քիւրտ ծուխ կը հաշուէր։ Մայեւսկին 20 քիւրտ ծուխ կը նշէր։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ին բնակչութեան թիւը 24 ծուխի մէջ ապրող 152 հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։ Առաջնորդարանը, 1910-ին՝ 7 հայ եւ 6 քիւրտ ծուխ։ Մարտիրոսեանը 50 հայ ծուխ պիտի նշէր 1910-ին։ Բացայայտ է, որ այս թիւերուն միջեւ անհամապատասխանութիւն կայ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը բնակչութեան թիւը 160 հայ բնակիչ եւ 23 ծուխ կ’արձանագրէր։ 1914-ին Մարտիրոսեանը բնակչութեան այժմէականացուած թիւը 236 հայ բնակիչ ու 33 ծուխ կ’արձանագրէր։

Խվներ, Խիւիան, Հիւեան Իրմէնի, Խուվներ [Օրթանճա]

38°36'24.37"N 41°53'18.04"E
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

1890-ին Մշոյ Առաջնորդարանը կը նշէր, որ Խվները 50 հայ եւ 3 քիւրտ ծուխ կը հաշուէր։ Մայեւսկին կը նշէր, որ գիւղը 20 քիւրտ եւ 10 հայ ծուխ ունէր։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ին բնակչութեան թիւը 17 ծուխի մէջ ապրող 115 հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։ Առաջնորդարանը 1910-ին կը նշէր, որ բնակչութիւնը 35 հայ եւ 60 քիւրտ ծուխ կը հաշուէր։ Մարտիրոսեանը 20 հայ ծուխ կը նշէր 1910-ին։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը Խվների մէջ 27 ծուխի մէջ ապրող 200 հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։ 1914-ին Մարտիրոսեանը այժմէականացուած տուեալներով 352 հայ բնակիչ եւ 44 ծուխ կ’արձանագրէր։ Բնակչութեան թիւերուն միջեւ այս անհամապատասխանութիւնը, յատկապէս հայ եւ քիւրտ ծուխերու թիւերու յարաբերակցութիւնը կրնայ բացատրուիլ երկու առանձին Խվներ գիւղերու գոյութեամբ, որոնցմէ մէկը մեծամասնութեամբ հայերով բնակուած եղած կրնայ ըլլալ, միւսը առաւելաբար քիւրտերով։

Քիզիլաղաչ, Քաչլաղաճ, Քըզիլակաչ, Ղզլաղաճ [Քըզըլաղաչ]

38°46'50.67"N 41°19'17.75"E
Սբ. Գէորգ եկեղեցի, Սբ. Յակոբ եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին 135 հայ ծուխ կ’արձանագրէր Քիզիլաղաչի մէջ։ Մայեւսկին կը նշէր, որ գիւղը 80 քիւրտ ծուխ կը հաշուէր։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ի համար բնակչութեան թիւը 153 ծուխի մէջ ապրող 980 հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։ Յետագային այս թիւերը այժմէականացուելով պիտի դառնային 1113 հայ բնակիչ եւ 158 ծուխ։ 1910-ին Առաջնորդարանը բնակչութեան թիւը 103 հայ եւ 4 քիւրտ ծուխ պիտի արձանագրէր։ Մարտիրոսեանը 100 հայ ծուխ պիտի նշէր 1910-ին։ Հայոց Ցեղասպանութեան նախօրէին Հայոց Պատրիարքարանը այս գիւղին մէջ 1325 հայ բնակիչ եւ 157 ծուխ կ’արձանագրէր։ 1914-ին, այժմէականացնելով այս տուեալները, Մարտիրոսեանը պիտի յանգէր 1450 հայ բնակիչ եւ 135 ծուխ թիւին։

Մուշ քաղաքէն տեսարան մը, 1912 (Աղբիւր՝ Պոտիլ Պիէօրնի հաւաքածոյ)

Քոլոսիկ, Քալուրիք, Քիլորիք, Քալորիք, Քոլոսիք, Քոլասիք [Էլմապուլաք]

38°39'28.46"N 41°40'58.74"E
Սբ. Յակոբ եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին կ’արձանագրէր որ Քոլոսիկը 37 հայ եւ 15 քիւրտ ծուխ կը հաշուէր։ Մայեւսկին 25 հայ եւ 25 քիւրտ ծուխ կը նշէր։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ին բնակչութեան թիւը կ’արձանագրէր 35 ծուխի մէջ ապրող 190 հայ բնակիչ, ինչը իւրաքանչիւր ծուխի համար բնակիչներու որոշ չափով փոքր թիւի կը յանգի։ Յետագային այս թիւերը այժմէականացուելով պիտի դառնային 213 հայ բնակիչ եւ 32 ծուխ։ Առաջնորդարանը 1910-ին միայն 10 հայ ծուխ պիտի գրանցէր՝ 100 քիւրտ ծուխի հետ, իսկ Մարտիրոսեանը 30 հայ ծուխ պիտի արձանագրէր։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը Քոլոսիկի մէջ 280 հայ բնակիչ եւ 34 ծուխ կ’արձանագրէր։ 1914-ին, կը նշէր Մարտիրոսեանը, գիւղը կը հաշուէր 245 հայ բնակիչ եւ 35 ծուխ։

Գոմեր, Կոմլար, Գոմի [Սուլուճա]

38°45'31.70"N 41°22'6.55"E
Սբ. Քառասուն Մանկունք եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին կ’արձանագրէր, որ Գոմերը 70 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մայեւսկին Գոմերի մէջ 38 քիւրտ ծուխ կը նշէր։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ի համար բնակչութեան թիւը կ՚արձանագրէր 58 ծուխի մէջ ապրող 385 հայ բնակիչ։ Յետագային այս թիւերը վերատեսութեան ենթարկուելով պիտի դառնային 452 հայ բնակիչ եւ 63 ծուխ։ Առաջնորդարանը 1910-ին միայն 60 հայ ծուխ պիտի արձանագրէր, իսկ Մարտիրոսեանը պիտի նշէր, որ միայն 80 հայ ծուխ կար։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը Գոմերի բնակչութեան թիւը 600 հայ բնակիչ եւ 60 ծուխ պիտի արձանագրէր։ Անգամ մը եւս իւրաքանչիւր ծուխի մէջ 10 շունչի գործակիցը կը նկատենք, ինչը ամենայն հաւանականութեամբ երկու թիւերէն մէկուն մակաբերուած ըլլալը կը ցուցնէ։ 1914-ին Մարտիրոսեանը բնակչութեան թիւը 910 հայ բնակիչ եւ 110 ծուխ կ’արձանագրէր։

Գոմս, Գոմիս, Գոմուս [Պոզպուլութ]

38°51'1.92"N 41°26'28.89"E
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանի վաղ մատեաններուն մէջ Գոմսի մասին յիշատակում չկայ։ Մայեւսկին կը նշէր, որ գիւղը 70 քիւրտ ծուխ կը հաշուէր։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ին բնակչութեան թիւը 82 ծուխի մէջ ապրող 518 հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։ Այս թիւերը յետագային այժմէականացումի ենթարկուելով պիտի դառնային 658 հայ բնակիչ եւ 92 ծուխ։ 1910-ին, կը նշէր Մարտիրոսեանը, գիւղը 70 հայ ծուխ ունէր։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը Գոմսի մէջ կ’արձանագրէր 700 հայ բնակիչ եւ 108 ծուխ։ Մարտիրոսեանը 1914-ին կը նշէր 944 հայ բնակիչ եւ 120 ծուխ։

Քուրտմէյտան, Քիւրթմէյտան, Քիւրտմէյտան [Էրալանը]

38°49'43.22"N 41°16'57.38"E
Մէկ եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին կը նշէր, որ Քուրտմէյտանը 72 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մայեւսկին 40 քիւրտ ծուխ կ’արձանագրէր հոն։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ի համար բնակչութեան թիւը 38 ծուխի մէջ ապրող 285 հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։ Առաջնորդարանը 42 հայ եւ 15 քիւրտ ծուխ կ’արձանագրէր 1910-ին, իսկ Մարտիրոսեանը՝ 50 հայ ծուխ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանի տուեալներով գիւղը 336 հայ բնակիչ ու 45 ծուխ կը հաշուէր։ 1914-ին Մարտիրոսեանը այժմէականացուած տուեալներով պիտի արձանագրէր 510 հայ բնակիչ եւ 64 ծուխ։

Քրտագոմ, Քիրթագոմ, Քիրթաքում [Թապանլը]

38°45'19.92"N 41°41'22.87"E
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

Քրտագոմը Մշոյ Առաջնորդարանի վաղ մատեաններուն մէջ չէ յիշատակուած։ Մայեւսկին կը նշէր, որ գիւղը 200 քիւրտ ծուխ կը հաշուէր։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ին բնակչութեան թիւը 110 ծուխի մէջ ապրող 710 հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։ 1910-ին Մարտիրոսեանը 150 հայ ծուխ կը նշէր։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը Քրտագոմի մէջ 1520 հայ բնակիչ եւ 150 ծուխ կ’արձանագրէր։ 1914-ին Մարտիրոսեանը կը նշէր, որ գիւղը 1388 հայ բնակիչ եւ 161 ծուխ ունէր։

Քուշլագոմ, Քիշլագոմ, Քիշլարգոմ [Քումլուճա]

38°48'2.17"N 41°27'40.73"E
Ոչ մէկ եկեղեցի

Միայն Մայեւսկին կը յիշատակէ Քուշալգոմի հայ բնակչութիւն ունենալուն մասին։ Ըստ վերջինիս, գիւղը 25 քիւրտ եւ 10 հայ ծուխ կը հաշուէր։

Գուարս, Կուարս, Քիրուար, Կուվարս [Արաքոնաք]

38°58'21.72"N 41° 7'51.86"E
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

Առաջինը Տէր-Կարապետեանն էր Գուարսի հայ բնակչութեան մասին յիշատակում ըրած. 1902-ին գիւղը 45 ծուխի մէջ ապրող 374 հայ բնակիչ կը հաշուէր։ Այժմէկանացուած տուեալներով յետագային այս թիւը պիտի դառնար 405 հայ բնակիչ եւ 56 ծուխ։ 1910-ին Մարտիրոսեանը 50 հայ ծուխ պիտի նշէր։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը Գուարսի մէջ կ’արձանագրէր 500 հայ բնակիչ եւ 60 ծուխ։ 1914-ին Մարտիրոսեան այժմէականացուած տուեալներով պիտի յանգէր 75 ծուխի մէջ ապրող 640 հայ բնակիչի։

Մատնավանք, Մադնայ վանք, Մանրավանք [Սոյուքսու]

38°57'2.75"N 41°24'55.77"E

Մատնավանքի տեղակայումը մօտաւոր կերպով բերուած է։ Վանականներու եւ վանքապատկան հողերու բնակիչներու թիւը կրնայ ըլլալ որ մօտակայ գիւղերու բնակիչներուն հետ հաշւուած ըլլայ։ Թէ՛ Հայոց Պատրիարքարանը եւ թէ Մարտիրոսեանը կը նշեն որ հոն 15 հայ բնակիչ կ’ապրէր Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին։

Մալախտան, Մալար, Մաւլար, Մալաղլօ, Մալաքլի

38°38'24.02"N 41°16'57.74"E
Ոչ մէկ եկեղեցի

Մալախտանը Կելիկուզանի հարեւանութեամբ գտնուող ուրիշ գիւղ մըն է, որ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար Սասնոյ մաս սեպել։ Միայն Հայոց Պատրիարքարանն է որ բնակչութեան մասին տուեալներ կը յիշատակէ, Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին՝ 50 հայ բնակիչ եւ 6 ծուխ։

Մառնիկ, Մառնիք, Մադնիկ

38°39'52.95"N 41°36'35.73"E
Մէկ եկեղեցի

Մառնիկը եւ իր գիւղակ Մառնկումեզրէն 1890-ին 65 հայ ծուխ կը հաշուէին ըստ Մշոյ Առաջնորդարանի տուեալներուն։ Մայեւսկին 48 քիւրտ եւ 10 հայ ծուխ կը յիշատակէ հոն։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ին բնակչութեան թիւը 52 ծուխի մէջ ապրող 580 հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։ Իւրաքանչիւր ծուխի շունչերու թիւը մեծ կը թուի։ Թէ՛ Առաջնորդարանը եւ թէ Մարտիրոսեանը 1910-ին միայն 15 հայ ծուխ կը յիշատակեն։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը Մառնիկի մէջ 360 հայ բնակիչ եւ 36 ծուխ կ’արձանագրէին։ Անգամ մը եւս իւրաքանչիւր ծուխի մէջ տասը շունչի գործակիցը կիրարկուած է։ 1914-ին Մարտիրոսեանը բնակչութեան թիւը 281 հայ բնակիչ եւ 35 ծուխ կ’արձանագրէր։

Մեղտի, Մեխտի, Մատի, Մակտի, Զիարէթ [Եայկըն]

38°54'12.08"N 41°18'32.93"E
Սբ. Մասունք եկեղեցի

Առաջինը Տէր-Կարապետեանն է որ հայ բնակչութիւն կը յիշատակէ Մեղտիի մէջ՝ 135 հայ բնակիչ եւ 23 ծուխ 1902-ին։ Վերատեսութեան ենթարկուած տուեալներով 201 հայ բնակիչ եւ 28 ծուխ կը յիշատակուէր։ 1910-ին Մարտիրոսեանը հոն 25 հայ ծուխ կ’արձանագրէր։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը կը նշէր, որ Մեղտին 380 հայ բնակիչ եւ 30 ծուխ կը հաշուէր։ Իւրաքանչիւր ծուխի շունչերը կը կազմեն մեծ թիւ։ 1914-ին Մարտիրոսեանը 385 հայ բնակիչ եւ 42 ծուխ կը յիշատակէր։

Մկրագոմ, Մեգերգումի, Միգրագոմ [Տիւզքըշլա]

38°41'55.50"N 41°42'56.20"E
Սբ. Սարգիս եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը կը նշէր, որ 1890-ին Մկրագոմը 50 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մայեւսկին 60 քիւրտ ծուխ կը նշէր։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ին Մկրագոմի բնակչութիւնը 50 ծուխի մէջ ապրող 420 հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։ Յետագային այժմէականացումի ենթարկուելով այս թիւերը պիտի դառնային 365 հայ բնակիչ եւ 54 ծուխ։ Առաջնորդարանը 1910-ին միայն 70 հայ ծուխ պիտի արձանագրէր, իսկ Մարտիրոսեանը՝ 80 հայ ծուխ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը կը նշէր, որ գիւղը 815 հայ բնակիչ եւ 80 ծուխ կը հաշուէր։ 1914-ին Մարտիրոսեանը բնակչութեան թիւը 780 հայ բնակիչ եւ 78 ծուխ կ’արձանագրէր։

Մոկունք, Մակոնք, Մոկոնք [Սողուճաք]

38°43'34.06"N 41°30'43.17"E
Սբ. Ստեփանոս եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին կ’արձանագրէր, որ Մոկունքը 76 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մայեւսկին 60 քիւրտ եւ 10 հայ ծուխ կը նշէր։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ին բնակչութեան թիւը 75 ծուխի մէջ ապրող 507 հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։ Այս թիւերը յետագային վերատեսութեան ենթարկուելով պիտի դառնային 541 հայ բնակիչ եւ 88 ծուխ։ 1910-ին Առաջնորդարանը միայն 58 հայ ծուխ կ’արձանագրէր, իսկ Մարտիրոսեանը՝ 50 հայ ծուխ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը կը նշէր, որ Մոկունքը 379 հայ բնակիչ եւ 67 ծուխ կը հաշուէր։ Իւրաքանչիւր ծուխի շունչերու թիւը ակնկալուածէն պզտիկ թիւ է։ 1914-ին Մարտիրոսեանը Մոկունքի բնակչութեան թիւը 577 հայ բնակիչ եւ 79 ծուխ կ’արձանագրէր։

Մուշ

38°44'18.46"N 41°29'52.40"E
Սբ. Յարութիւն եկեղեցի, Սբ. Մարինէ եկեղեցի, Սբ. Գէորգ եկեղեցի, Սբ. Աստուածածին եկեղեցի, Սբ. Սարգիս եկեղեցի, Սբ. Կիրակոս եկեղեցի, Սբ. Մինաս եկեղեցի

Մուշ քաղաքը հայ մշակոյթի կարեւոր կեդրոն մըն էր։ Ըստ Մայեւսկիին Մշոյ մէջ կար 1700 թուրք, 500 քիւրտ եւ 1200 հայ ծուխ։ Տէր-Մարտիրոսեանը ծուխերու այս նոյն թիւերը կը կրկնէ։ Ան նաեւ կը նշէ, որ Մշոյ այս ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 7000 հայ եւ 13000 իսլամ բնակիչ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարաքանը կ’արձանագրէր 1146 ծուխի մէջ ապրող 7435 հայ բնակիչ։ 1914-ին Մարտիրոսեանը բնակչութեան թիւի այժմէականացուած տուեալները 12450 հայ բնակիչ եւ 1376 ծուխ պիտի արձանագրէր։

Մուշ քաղաքի համայնապատկերը (Աղբիւր՝ Պոտիլ Պիէօրնի հաւաքածոյ)

Նորակն, Նոշկան, Շքաւթեան, Նորքաղաք, Նորակ [Իչպողազ]

38°42'57.86"N 41°54'13.97"E
Ոչ մէկ եկեղեցի

Մարտիրոսեանը Նորակնը յիշատակող առաջինն է։ Կը նշէ, որ 1910-ին 30 հայ ծուխ կը հաշուէր ան։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը Նորակնի բնակչութիւնը 106 հայ բնակիչ եւ 12 ծուխ կ’արձանագրէր։ Մարտիրոսեանը բնակչութեան թիւի այժմէականացուած տուեալները 135 հայ բնակիչ եւ 20 ծուխ պիտի արձանագրէր 1914-ին։

Նորշէն, Նորշին, Ներշին [Սունկու]

38°44'57.11"N 41°36'35.27"E
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին կը նշէր, որ Նորշէնը 263 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մայեւսկին 350 քիւրտ ծուխ կ’արձանագրէր։ 1902-ի համար Տէր-Կարապետեանը բնակչութեան թիւը 280 ծուխի մէջ ապրող 2600 հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։ Առաջնորդարանը 1910-ին միայն 314 հայ ծուխ կ’արձանագրէր, իսկ Մարտիրոսեանը՝ 300 հայ ծուխ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը Նորշէնի մէջ 2150 հայ բնակիչ եւ 400 ծուխ կ’արձանագրէր։ Իւրաքանչիւր ծուխի շունչերու թիւը ակնկալուածէն պզտիկ թիւ է։ 1914-ին Մարտիրոսեանը բնակչութեան թիւը կ’արձանագրէր 3318 հայ բնակիչ եւ 400 ծուխ։

Օրկնոց, Ձորկոնք, Օրկինոր, Օրկունուս, Օրկոնոց, Օրկինոս [Չուքուրպաղ]

38°46'29.07"N 41°39'6.93"E
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը իր մատեաններուն մէջ Օրկնոցը չի յիշատակեր։ Մայեւսկին գիւղին մէջ 40 քիւրտ ծուխ կը նշէր։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ին Օրկնոցի բնակչութեան թիւը 55 ծուխի մէջ ապրող եւ 382 հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։ Այժմէականացուած տուեալներով այս թիւը պիտի դառնար 410 հայ բնակիչ եւ 58 ծուխ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը պիտի նշէր, որ Օրկնոցը 700 հայ բնակիչ եւ 63 ծուխ կը հաշուէր։ Իւրաքանչիւր ծուխի շունչերու թիւը մեծ կը թուի։ 1914-ին Մարտիրոսեանը բնակչութեան այժմէականացուած թիւը 560 հայ բնակիչ եւ 63 ծուխ պիտի արձանագրէր։

Ուռուղ, Ուսուղ, Օռուհ [Ուլուքաեա]

38°46'53.43"N 41°10'17.95"E
Սբ. Սարգիս եկեղեցի

Ուռուղը առաջին յիշատակողը Տէր-Կարապետեանն է, 1902-ին։ Հոն բնակչութեան թիւը 60 ծուխի մէջ ապրող 458 հայ բնակիչ էր։ Այս թիւերը այժմէականացուելով պիտի դառնային 586 հայ բնակիչ եւ 78 ծուխ։ Մարտիրոսեան 1910-ին 100 հայ ծուխ պիտի արձանագրէր։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը Ուռուղի մէջ պիտի արձանագրէր 480 հայ բնակիչ եւ 80 ծուխ։ 1914-ին Մարտիրոսեանը բնակչութեան այժմէականացուած տուեալները 1350 հայ բնակիչ եւ 135 ծուխ պիտի արձանագրէր։ Այս թիւերը արժանահաւատ չեն թուիր. արժանահաւատ չի թուիր նաեւ իւրաքանչիւր ծուխի համար տասը շունչի գործակիցը։

Բազու, Բազօ, Բազը [Պիլէք]

38°59'13.95"N 41°13'19.64"E
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը իր արխիւներուն մէջ Բազուն չի յիշատակեր։ Մայեւսկին կը նշէր, որ Բազուն 45 քիւրտ եւ 35 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ին բնակչութեան թիւը կ’արձանագրէր 30 ծուխի մէջ ապրող 185 հայ բնակիչ։ Այս տուեալները այժմէականացուելով պիտի դառնային 189 հայ բնակիչ եւ 34 ծուխ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը կը նշէր, որ Բազուն 500 հայ բնակիչ եւ 47 ծուխ կը հաշուէր։ Իւրաքանչիւր ծուխի բնակիչներուն թիւը կը թուի թէ մեծ թիւ է։ 1914-ին Մարտիրոսեանը բնակչութեան այժմէականացուած տուեալները 290 հայ բնակիչ եւ 40 ծուխ պիտի արձանագրէր։

Բերդակ, Բերդեկ, Բերդաք [Թէքեօլ]

38°42'15.57"N 41°34'17.20"E
Սբ. Սարգիս եկեղեցի, Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին կը նշէր, որ Բերդակը 150 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մայեւսկին 80 քիւրտ ծուխ կը նշէր հոն։ Տէր-Կարապետեան 1902-ին բնակչութեան թիւը 150 ծուխի մէջ ապրող 1021 հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։ Այս տուեալները այժմէականացումի ենթարկուելով պիտի դառնային 1080 հայ  բնակիչ եւ 157 ծուխ։ 1910-ին թէ՛ Առաջնորդարանը եւ թէ Մարտիրոսեանը բնակչութեան թիւի նուազում կ’արձանագրէին՝ համապատասխանաբար 102 եւ 100 հայ ծուխ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը Բերդակի բնակչութեան թիւը 1154 հայ բնակիչ եւ 130 ծուխ կ’արձանագրէր։ 1914-ին Մարտիրոսեանը Բերդակի բնակչութեան այժմէականացուած տուեալները 1170 հայ բնակիչ եւ 145 ծուխ կ’արձանագրէր։

Փեթար, Փիթար [Քարլըտէրէ]

38°44'4.78"N 41°25'8.93"E
Սբ. Յակոբ եկեղեցի, Սբ. Կարապետ եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին Փեթարի մէջ 65 հայ ծուխ արձանագրած էր։ Մայեւսկին՝ 32 քիւրտ ծուխ։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ին բնակչութեան թիւը արձանագրած էր 43 ծուխի մէջ ապրող 357 հայ բնակիչ։ Այս թիւերը այժմէականացուելով պիտի դառնային 389 հայ բնակիչ եւ 55 ծուխ։ 1910-ին Առաջնորդարանը 40 հայ ծուխ կ’արձանագրէր Փեթարի մէջ, իսկ Մարտիրոսեանը բնակչութեան թիւի նուազում կ’արձանագրէր եւ 30 հայ ծուխ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը կը նշէր, որ Փեթարը 377 հայ բնակիչ եւ 58 ծուխ կը հաշուէր։ 1914-ին Մարտիրոսեանը այժմէականացուած տուեալներով 365 հայ բնակիչ եւ 52 ծուխ պիտի արձանագրէր։

Բքլենց, Պիքլիս, Պիքլես, Պէյլես, Բիքլիս, Բուքլից

38°46'43.44"N 41°32'15.97"E
Սբ. Գէորգ եկեղեցի

Բքլենց այսօր ա՛լ գոյութիւն չունի։ Տեղակայումը բերուած է մօտաւոր կերպով, հիմնուելով քարտէսներու վրայ։ Առաջին անգամ Տէր-Կարապետեանն է որ Բքլենցը յիշատակած է, 1902-ին։ Բնակչութեան թիւը հոն բերուած էր 275 հայ բնակիչ եւ 43 ծուխ։ Այժմէականացուելով այս թիւերը պիտի դառնային 361 հայ բնակիչ եւ 53 ծուխ։ Մարտիրոսեան կը նշէր, որ Բքլենցը 50 հայ ծուխ ունէր 1910-ին։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը կը նշէր, որ Բքլենցը 58 ծուխի մէջ ապրող 503 հայ բնակիչ կը հաշուէր։ 1914-ին Մարտիրոսեանը բնակչութեան թիւի այժմէականացուած տուեալները պիտի արձանագրեր 520 հայ բնակիչ եւ 74 ծուխ։

Բնտխներ, Բինտիխիր, Պինտաքոթիքան, Պինտիք [Եարքայեա]

38°38'55.76"N 41°38'39.91"E
Սբ. Յարութիւն եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին կ’արձանագրէր, որ Բնտխները 15 հայ եւ 1 քիւրտ ծուխ կը հաշուէր։ Մայեւսկին 30 քիւրտ ծուխ կը նշէր։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ի համար բնակչութեան թիւը կ’արձանագրէր 13 ծուխի մէջ ապրող 87 հայ բնակիչ։ Այս տուեալները այժմէականացուելով պիտի դառնային 146 հայ բնակիչ եւ 21 ծուխ։ Թէ՛ Առաջնորդարանը եւ թէ  Մարտիրոսեանը կ’արձանագրէին, որ 1910-ին բնակչութեան թիւը նուազելով հասած էր 8 հայ ծուխի, իսկ Առաջնորդարանը կը նշէր նաեւ 8 քիւրտ ծուխ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը Բնտխների բնակչութիւնը 140 հայ բնակիչ եւ 16 ծուխ կ’արձանագրէր։ 1914-ին  Մարտիրոսեանը բնակչութեան այժմէականացուած տուեալներով 143 հայ բնակիչ եւ 16 ծուխ կը նշէր։

Փողրգով, Փորքոֆ, Քորքուֆ [Արփայազը]

38°48'10.24"N 41°22'58.46"E
Սբ. Գէորգ եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին կը նշէր, որ Փողրգովը 61 հայ եւ 5 քիւրտ ծուխ կը հաշուէր։ Մայեւսկին 45 քիւրտ ծուխ կը նշէր։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ի համար բնակչութեան թիւը 35 ծուխի մէջ ապրող 243 հայ բնակիչ կը նշէր։ Այս տուեալները այժմէականացուելով պիտի դառնային 358 հայ բնակիչ եւ 48 ծուխ։ Առաջանորդարանը 1910-ին Փողրգովի մէջ պիտի արձանագրէր 43 հայ եւ 24 տաճիկ ծուխ։ Մարտիրոսեանը կը նշէ, որ գիւղը 40 հայ ծուխ ունէր 1910-ին։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը հոն պիտի արձանագրէր 300 հայ բնակիչ եւ 53 ծուխ։ Իւրաքանչիւր ծուխի համար արդ մակաբերուող թիւը պզտիկ է։ 1914-ին Մարտիրոսեանը բնակչութեան թիւի այժմէականացուած տուեալ պիտի արձանագրէր 560 հայ բնակիչ եւ 75 ծուխ։

Բոստաքենտ, Բոստակեանդ, Պոսդաքենտ [Պոսթանքենդ]

39° 0'31.29"N 41°50'27.10"E
Սբ. Սարգիս եկեղեցի

Բոստաքենտը Մշոյ գաւառակի հիւսիս-արեւելեան ամենէն ծայրամասային գիւղն էր, որ հայ բնակիչ ունէր։ Մշոյ Առաջնորդարանի վաղ մատեաններուն մէջ ան չէ յիշատակուած։ Մայեւսկին կը նշէ, որ գիւղը 50 քիւրտ եւ 10 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ի համար բնակչութեան թիւը պիտի արձանագրէր 55 ծուխի մէջ ապրող 385 հայ բնակիչ։ Այս թիւերը այժմէականացուելով պիտի դառնային 425 հայ բնակիչ եւ 62 ծուխ։ Մարտիրոսեանը 80 հայ ծուխ պիտի նշէր 1910-ին։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը պիտի արձանագրէր, որ Բոստաքենտը 1200 հայ բնակիչ եւ 105 հայ ծուխ ունէր։ Իւրաքանչիւր ծուխի շունչերու թիւը, հետեւաբար, մեծ թիւ կը կազմէ։ 1914-ին Մարտիրոսեանը բնակչութեան թիւի այժմէականացուած տուեալները պիտի արձանագրէր 977 հայ բնակիչ եւ 112 ծուխ։

Սահակ, Սահաք, Սիհաք [Աղարթը]

38°58'17.20"N 41°16'27.92"E
Ոչ մէկ եկեղեցի

Սբ. Կարապետ վանքին քովը գտնուող այս պզտիկ բնակավայրը միայն մի քանի ծուխ կը հաշուէր։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ի համար բնակչութեան թիւը 2 ծուխի մէջ ապրող13 հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։ Այս թիւը այժմէականացուելով պիտի դառնար 22 հայ բնակիչ եւ 3 ծուխ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը Սահակի մէջ միայն 2 ծուխ եւ 7 հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։

Սեքրան, Սալուքան, Սալեկան, Շերեխան, Սեկրան [Իւչսըրթ]

38°58'32.91"N 41°46'2.02"E
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

Սեքրանը Բոստաքենտին քով գտնուող գիւղ մըն էր։ Մշոյ Առաջնորդարանի վաղ մատեանները յիշատակութիւն չունին անոր մասին։ Մայեւսկին կը նշէր, որ գիւղը 25 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ին բնակչութեան թիւը 30 ծուխի մէջ ապրող 280 հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։ 1910-ին Մարտիրոսեանը միայն 4 հայ ծուխ կը նշէր, ինչը կարծես գրագրական սխալ մըն է։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը կը նշէր, որ Սեքրանը 45 ծուխի մէջ ապրող 450 հայ բնակիչ ունէր։ Այս պարագային ալ իւրաքանչիւր ծուխի մէջ տասը շունչի թիւը կասկածելի կը թուի։ 1914-ին Մարտիրոսեանը բնակչութեան թիւի այժմէականացուած տուեալ 464 հայ բնակիչ եւ 48 ծուխ պիտի արձանագրէր։

Սեմալ, Սիմալի [Իւչեւլեր]

38°38'29.08"N 41°22'29.84"E
Սբ. Գէորգ եկեղեցի, Սբ. Հռիփսիմէ եկեղեցի

Սեմալը Կելիկուզանին մօտիկ կը գտնուէր եւ Մշոյ Առաջնորդարանի՝ Մշոյ գաւառակի վերաբերեալ վաղ մատեաններուն մէջ յիշատակուած չէր։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ին բնակչութեան թիւը 126 ծուխի մէջ ապրող 882 հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։ Այս տուեալները այժմէականացումի ենթարկուելով պիտի դառնային 1116 հայ բնակիչ եւ 125 ծուխ։ Առաջնորդարանը 1910-ին պիտի նշէր, որ 798 հայ բնակիչ կ’ապրէր Սեմալի մէջ, առանց ծուխերու թիւը յիշատակելու։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը կը նշէր, որ Սեմալը 889 հայ բնակիչ եւ 81 ծուխ կը հաշուէր։ Ասկէ մակաբերուած իւրաքանչիւր ծուխի շունչերու թիւը մեծ է։

Սենձնուտ, Սոսնոթ, Սիզնութ, Սունձնութ [Քարաքույեու]

38°47'58.16"N 41°21'40.51"E
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին կը նշէր, որ այս գիւղը 30 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մայեւսկին 40 քիւրտ ծուխ կը նշէր։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ին բնակչութեան թիւը 21 ծուխի մէջ ապրող 141 հայ բնակիչ կը յիշատակէր։ Այս տուեալները այժմէականացումի ենթարկուելով պիտի դառնային 215 հայ բնակիչ եւ 31 ծուխ։ Առաջնորդարանը 1910-ին 20 հայ ծուխ կ’արձանագրէր, իսկ Մարտիրոսեանը՝ 40 հայ ծուխ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը կ’արձանագրէր, որ Սենձնուտը 25 ծուխի մէջ ապրող 200 հայ բնակիչ ունէր։ 1914-ին Մարտիրոսեանը բնակչութեան թիւի այժմէականացուած տարբերակը 290 հայ բնակիչ եւ 35 ծուխ պիտի արձանագրէր։

Շէնեկ, Շէնիք, Սինիք [Ալանիչի]

38°39'27.41"N 41°19'57.29"E
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

Շէնեկը Սեմալին մօտիկ կը գտնուէր եւ անոր նման յիշատակուած չէր Մշոյ Առաջնորդարանի վաղ մատեաններուն մէջ։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ին բնակչութեան թիւը 85 ծուխի մէջ ապրող 820 հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։ Այս տուեալները այժմէականացուելով պիտի դառնային 817 հայ բնակիչ եւ 96 ծուխ։ Առաջնորդարանը 1910-ին կ’արձանագրէր, որ Շէնեկի մէջ 654 հայ բնակիչ կ’ապրէր։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը Շէնեկի բնակչութիւնը 690 հայ բնակիչ ու 70 ծուխ կ’արձանագրէր։

Շէյխ Իպրահիմ, Շէխբրիմ, Շէյխբերիմ

38°50'13.66"N 41°36'24.69"E
Ոչ մէկ եկեղեցի

Այսօր տակաւին խումբ մը տուներ կան հոն, ուր առաջ Շէյխ Իպրահիմ գիւղն էր, բայց ամենայն հաւանականութեամբ անոնք կը համարուին Շէյխեուսուֆի գիւղակ։ Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին կ’արձանագրէր, որ գիւղը 27 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մայեւսկին հոն 30 հայ ծուխ կը նշէր։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ի համար բնակչութեան թիւը կ’արձանագրէր 15 ծուխի մէջ ապրող 126 հայ բնակիչ։ Այս թիւերը այժմէականացուելով պիտի դառնային 20 ծուխ եւ 138 հայ բնակիչ։ Առաջնորդարանը 1910-ին կ’արձանագրէր, որ տակաւին 27 հայ ծուխ կար Շէյխ Իպրահիմի մէջ, իսկ Մարտիրոսեանը՝ 30 հայ ծուխ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը հոն կ’արձանագրէր 202 հայ բնակիչ եւ 20 ծուխ։ 1914-ին Մարտիրոսեանը այժմէականացուած տուեալներով բնակչութեան թիւը պիտի արձանագրէր 250 հայ բնակիչ եւ 30 ծուխ։

Շէյխալան, Շէյխլան, Շէիխալան, Շէխլան [Էղիրմեչ]

38°49'51.43"N 41°19'13.64"E
Սբ. Թուխմանուկ եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին Շէյխալանի մէջ 95 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մայեւսկին 63 քիւրտ ծուխ կը նշէր հոն։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ին գիւղի բնակչութիւնը 65 ծուխի մէջ ապրող 615 հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։ 1910-ին Առաջնորդարանը կը նշէր 85 հայ ծուխ, իսկ Մարտիրոսեանը՝ 80 հայ ծուխ. Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը Շէյխալանի մէջ կ’արձանագրէր 1200 հայ բնակիչ եւ 101 ծուխ։ Այս տուեալներով մակաբերուող իւրաքանչիւր ծուխի շունչերու թիւը մեծ է։ 1914-ին Մարտիրոսեանը այժմէականացուած տուեալներով բնակչութեան թիւը պիտի արձանագրէր 1270 հայ բնակիչ եւ 130 ծուխ։

Շէյխեուսուֆ, Շէյխեուսսուֆ, Շէյխեուսուվ, Շէխուսուֆ [Պոյունճուք]

38°50'48.65"N 41°35'13.90"E
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին Շէյխեուսուֆի մէջ 34 հայ ծուխ կ’արձանագրէր։ Մայեւսկին 30 քիւրտ ծուխ կը նշէր։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ին բնակչութեան թիւը 35 ծուխի մէջ ապրող 230 հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։ 1910-ին Առաջնորդարանը 34 հայ ծուխ կ’արձանագրէր Շէյխեուսուֆի մէջ, իսկ Մարտիրոսեանը՝ 40 հայ ծուխ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը կը նշէր, որ գիւղը 293 հայ բնակիչ եւ 45 ծուխ կը հաշուէր։ Մակաբերուող իւրաքանչիւր ծուխի շունչերու թիւը մեծ է։ 1914-ին Մարտիրոսեանը բնակչութեան թիւի այժմէականացուած տուեալներով պիտի արձանագրէր 550 հայ բնակիչ եւ 65 ծուխ։

Շմլակ, Շիմլաք [Տաղտիպի]

38°40'58.78"N 41°39'26.71"E
Սբ. Սարգիս եկեղեցի, Սբ. Կարապետ եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին Շմլակի մէջ 42 հայ եւ 1 քիւրտ ծուխ կ’արձանագրէր։ Մայեւսկին կը նշէր 20 հայ եւ 20 քիւրտ ծուխ։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ին Շմլակի բնակչութեան թիւը կ’արձանագրէր 40 ծուխի մէջ ապրող 265 հայ բնակիչ։ Այժմէականացումի ենթարկուելով այս թիւը պիտի դառնար 286 հայ բնակիչ եւ 41 ծուխ։ Առաջնորդարանը 1910-ին Շմլակի մէջ կ’արձանագրէր 28 հայ եւ 8 քիւրտ ծուխ, իսկ Մարտիրոսեանը՝ 40 հայ ծուխ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը կը նշէր, որ գիւղը 310 հայ բնակիչ եւ 46 ծուխ կը հաշուէր։ 1914-ին Մարտիրոսեանը այժմէականացուած տուեալներով պիտի արձանագրէր 295 հայ բնակիչ եւ 42 ծուխ։

Սինամերկ, Սինեմերք [Տարպողազ]

38°39'45.08"N 41°33'22.00"E
Ոչ մէկ եկեղեցի

Այժմ մի քանի իրարմէ տարտղնուած տուներ կան հոն, ուր ժամանակին կար Սինամերկը։ Մայեւսկին հոն 25 քիւրտ ծուխ արձանագրած էր։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ի համար բնակչութեան թիւը 15 ծուխի մէջ ապրող 134 հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։ Այս թիւը այժմէականացումի ենթարկուելով պիտի դառնար 157 հայ բնակիչ եւ 21 ծուխ։ Մարտիրոսեանը 1910-ին կը նշէր, որ միայն 8 հայ ծուխ մնացած էր Սինամերկի մէջ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին բնակչութեան թիւ չի յիշատակուիր այս գիւղին համար։

Սոխգոմ, Սողգում, Սոհգոմ [Եարփուզլու]

38°44'51.53"N 41°33'55.30"E
Սբ. Սահակ եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին կ’արձանագրէր որ Սոխգոմը 100 հայ եւ 5 քիւրտ ծուխ կը հաշուէր։ Մայեւսկին կը նշէր 55 քիւրտ ծուխ։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ին բնակչութեան թիւը կ’արձանագրէր 71 ծուխի մէջ ապրող 451 հայ բնակիչ։ Այժմէականացումի ենթարկուելով այս թիւը պիտի դառնար 465 հայ բնակիչ եւ75 ծուխ։ Առաջնորդարանը 1910-ին Սոխգոմի մէջ կ’արձանագրէր 70 հայ եւ 11 քիւրտ ծուխ, իսկ Մարտիրոսեանը կը նշէր 120 հայ ծուխ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը կը նշէր, որ Սոխգոմը կը հաշուէր 1017 հայ բնակիչ եւ 113 ծուխ։ 1914-ին  Մարտիրոսեանը բնակչութեան թիւի այժմէականացուած տուեալները 832 հայ բնակիչ եւ 104 ծուխ պիտի արձանագրէր։

Սորտար, Սորտատ, Սորտուր, Սուրտան, Սորդար

38°56'1.51"N 41°14'14.55"E
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

Այն նոյն տեղը, ուր առաջ Սորտար գիւղը կը գտնուէր, այսօր տակաւին կայ գիւղ մը, բայց ամենայն հաւանականութեամբ ան մօտակայ գիւղի մը գիւղակը կը սեպուի։ Առաջինը Տէր-Կարապետեանն է, որ կը յիշատակէ Սորտարի՝ հայ բնակչութիւն ունենալը՝ 390 հայ բնակիչ եւ 57 ծուխ։ Այս թիւերը այժմէականացումի ենթարկուելով պիտի դառնային 458 հայ բնակիչ եւ 63 ծուխ։ 1910-ին Մարտիրոսեանը կը նշէր 60 հայ ծուխ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը Սորտարի բնակչութիւնը 400 հայ բնակիչ եւ 56 ծուխ կը յիշատակէր։ 1914-ին Մարտիրոսեանը բնակչութեան այժմէականացուած թիւը 630 հայ բնակիչ եւ 68 ծուխ պիտի արձանագրէր։

Սուլուխ, Սուլուք, Սիւլիւք [Մուրաթկէօրէն]

38°50'29.76"N 41°32'22.35"E
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին կը նշէր, որ Սուլուխը 120 հայ ծուխ ունէր։ Մայեւսկին 50 քիւրտ ծուխ կը յիշատակէ։ Տէր-Կարապետեանի 1902-ին բնակչութեան թիւը 90 ծուխի մէջ ապրող 621 հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։ Այս թիւը այժմէականացումի ենթարկուելով պիտի դառնար 636 հայ բնակիչ եւ 92 ծուխ։ 1910-ին Առաջնորդարանը 70 հայ ծուխ կ’արձանագրէր, իսկ Մարտիրոսեանը՝ 120 հայ ծուխ։ Շատ կասկածելի կը թուին այս տուեալները, որովհետեւ լրիւ կը համընկնին Սոխգոմի համար բերուած թիւերուն հետ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը Սուլուխի բնակչութիւնը 1025 հայ բնակիչ եւ 132 ծուխ կ’արձանագրէր։ 1914-ին Մարտիրոսեանը այժմէական տուեալ որպէս բնակչութեան թիւ պիտի արձանագրէր 133 ծուխի մէջ ապրող 1120 հայ բնակիչ։

Սուրբ Առաքելոց վանքի վանահայր՝ Յովհաննէս Վարդապետ Մուրատեան (Աղբիւր՝ Համազասպ (Հայր) Ոսկեան, Տարօն-Տուրուբերանի վանքերը, Վիեննա, տպ. Մխիթարեան, 1953)

Սբ. Առաքելոց վանք [Առաք Քիլիսէ]

38°41'44.94"N 41°31'10.25"E

Այսօր Առաքելոց վանքի միայն աւերակները կան անոր անունը կրող գիւղին մէջ (http://westernarmenia.weebly.com/sp-arakelots-vank-of-mush.html)։ Մայեւսկին 4 քիւրտ ծուխ կը յիշատակէ հոն։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ին բնակչութեան թիւը 35 հայ բնակիչ եւ 8 ծուխ կ’արձանագրէր։ Այս թիւը վերատեսութեան ենթարկուելով պիտի դառնար 72 հայ բնակիչ եւ 9 ծուխ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը միայն վանքին մէջ ապրող 30 հայ բնակիչ կը յիշատակէ, իսկ Մարտիրոսեանը կ’արձանագրէ, որ գիւղը ունէր 9 ծուխի մէջ ապրող 65 հայ բնակիչ։

Սուրբ Առաքելոց վանք (Աղբիւր՝ Համազասպ (Հայր) Ոսկեան, Տարօն-Տուրուբերանի վանքերը, Վիեննա, տպ. Մխիթարեան, 1953)

Սբ. Կարապետ վանք, Չենկելի Քիլիսէ [Չէնկիլլի]

38°57'40.60"N 41°11'30.14"E

Չենկիլլի գիւղը զարգացած էր այն վայրին շուրջը, որտեղ նախապէս կանգնած էր Սբ. Կարապետ վանքը։ Այսօր վանքային համալիրի պզտիկ մէկ մասը միայն կանգուն է (http://westernarmenia.weebly.com/sp-Կարապետ-vank-of-mush.html)։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը կը նշէր, որ Ժառանգաւորաց վարժարանէն եւ վանական համալիրէն ներս կ’ապրէր 205 հայ բնակիչ։ 1914-ին Մարտիրոսեանը այժմէականացուած տուեալներով բնակչութեան թիւը 284 հայ բնակիչ պիտի արձանագրէր։

Մշոյ Ս. Կարապետի վանքը (Աղբիւր՝ H.F.B. Lynch, Armenia. Travels and Studies, Vol. II, London, 1901)

Մշոյ Ս. Կարապետի վանքը (Աղբիւր՝ H.F.B. Lynch, Armenia. Travels and Studies, Vol. II, London, 1901)

Սբ. Յովհաննէս վանք [Քիզիլ Քիլիսէ]

38°45'1.37"N 41°20'24.86"E

Սբ. Յովհաննէս վանքը մօտաւորապէս բերուած է՝ հիմնուելով հին քարտէսներու վրայ։ Վանքը հետեւողական կերպով քարտէսներուն վրայ նշուած է Քիզիլաղաճի հարաւը։ Այս տեղակայումը ընտրած եմ հիմնուելով հետաքրքրական ու չպարզաբանուած աւերակի մը հոն գտնուելուն վրայ. հնարաւոր է, որ ան վանական համալիրէն մնացած միակ կառոյցը ըլլայ։ Տեղակայումը հաստատելու համար անհրաժեշտ է տեղւոյն վրայ գիտարշաւ կատարել։ Մայեւսկին Ս. Յովհաննէս վանքին մէջ 3 քիւրտ ծուխ կը յիշատակէր։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը վանքին մէջ ապրող 40 հայ բնակիչ կը նշէ։ 1914-ին Մարտիրոսեանը այժմէականացուած տուեալներով բնակչութեան թիւը 22 հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։

Թալասսին, Դալասեւ

Տեղակայումը՝ անյայտ
Մէկ եկեղեցի

Թալասսինի ստոյգ տեղակայումը կարելի չեղաւ ճշդել։ Ամենայն հաւանականութեամբ գիւղը Մառնիկի կամ Բնտխների դրացնութեամբ կը գտնուէր։ Թալասսինի մասին յիշատակում կատարուած է միայն Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին։ Հայոց Պատրիարքարանը 15 ծուխի մէջ ապրող 150 հայ բնակիչ կը նշէ հոն։ Ինչպէս ուրիշ գիւղերու պարագային, այս պարագային ալ իւրաքանչիւր ծուխի մէջ տասը շունչի գործակիցը ցուցանիշ է թիւերու գնահատումով բերուելուն (եւ ոչ ստոյգ հաշուարկով)։ 1914-ին  Մարտիրոսեանը այժմէականացուած տուեալներով այս գիւղին մէջ պիտի արձանագրէր 72 հայ բնակիչ եւ 12 ծուխ։

Դերգեվանք, Դիրքեվանք, Դիրքավանք [Տոնաթըմ]

38°43'9.74"N 41°32'12.25"E
Սբ. Թորոս եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին Դերգեվանքի մէջ 89 հայ ծուխ կ’արձանագրէր։ Մայեւսկին 40 քիւրտ ծուխ կը յիշատակէր։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ի համար բնակչութեան թիւը 75 ծուխի մէջ ապրող 560 հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։ Այս տուեալները այժմէականացումի ենթարկուելով պիտի դառնային 581 հայ բնակիչ եւ 82 ծուխ։ 1910-ին Առաջնորդարանը 67 հայ ծուխ կ’արձանագրէր Դերգեվանքի մէջ, իսկ Մարտիրոսեան՝ 60 հայ ծուխ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը գիւղի բնակչութեան թիւը 850 հայ բնակիչ եւ 96 ծուխ կ’արձանագրէր։ 1914-ին Մարտիրոսեանը այժմէականացուած տուեալներով կ’արձանագրէր 660 հայ բնակիչ եւ 90 ծուխ։

Թիլ [Քորքութ]

38°44'20.21"N 41°46'58.76"E
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին Թիլի մէջ 40 հայ եւ 20 քիւրտ ծուխ կ’արձանագրէր։ Մայեւսկին 60 քիւրտ եւ 30 հայ ծուխ կը նշէր, Տէր-Կարապետեանը 1902-ին բնակչութեան թիւը 25 ծուխի մէջ ապրող 156 հայ բնակիչ։ Այս թիւը այժմէականացումի ենթարկուելով պիտի դառնար 205 հայ բնակիչ եւ 31 ծուխ։ 1910-ին Առաջնորդարանը պիտի արձանագրէր 20 հայ ծուխ եւ 100 քիւրտ ծուխ, իսկ Մարտիրոսեանը՝ 50 հայ ծուխ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը 52 ծուխի մէջ ապրող 500 հայ բնակիչ կը  հաշուէր Թիլի մէջ։ 1914-ին Մարտիրոսեանը այժմէականացուած տուեալներով բնակչութեան թիւը պիտի արձանագրէր 545 հայ բնակիչ եւ 65 ծուխ։

Դրմերդ, Թիրմիթ, Դերմերտ [Ալազլը]

38°41'39.51"N 41°49'36.61"E
Սբ. Գէորգ եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին Դրմերդի մէջ 70 հայ ծուխ կը յիշատակէր։ Մայեւսկին 50 քիւրտ ծուխ կը նշէր։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ին բնակչութեան թիւը կ’արձանագրէր 61 ծուխի մէջ ապրող 432 հայ բնակիչ։ Այս թիւերը այժմէականացումի ենթարկուելով պիտի դառնային 445 հայ բնակիչ եւ 68 ծուխ։ 1910-ին Առաջնորդարանը Դրմերդի մէջ պիտի արձանագրէր 40 հայ եւ 20 քիւրտ ծուխ, իսկ Մարտիրոսեանը 100 հայ ծուխ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը այս գիւղին բնակչութիւնը պիտի արձանագրէր 1000 հայ բնակիչ եւ 98 ծուխ։ 1914-ին Մարտիրոսեանը այժմէականացուած տուեալներով բնակչութեան թիւը պիտի արձանագրէր 872 հայ բնակիչ եւ 90 ծուխ։ Ինչպէս ուրիշ գիւղերու պարագային, Դրմերդի պարագային ալ բնակչութեան թիւի կտրուկ աճը կարելի է վերագրել միայն կամ նոր բնակիչներու հոսքի, կամ աւելի վաղ կատարուած մարդարհամարներու մէջ սխալներու գոյութեան։

Ցխաւի, Սեքաւի, Սաքաւ, Ծխաւ [Մերճիմեքքալէ]

38°56'9.12"N 41°30'13.14"E
Սբ. Սարգիս եկեղեցի

Վաղ արձանագրութիւններուն մէջ Ցխաւիի մասին յիշատակում չկայ։ Տէր-Կարապետեան 1902-ին բնակչութեան թիւը 26 ծուխի մէջ ապրող 161 հայ բնակիչ կ՚արձանագրէր։ Այս տուեալները այժմէականացուելով պիտի դառնային 31 ծուխի մէջ ապրող 195 հայ բնակիչ։ 1910-ին Մարտիրոսեանը այս գիւղին համար 45 հայ ծուխ կը յիշատակէր։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը բնակչութեան թիւը 61 ծուխի մէջ ապրող 500 հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։ 1914-ին Մարտիրոսեանը այժմէականացած տուեալներով բնակչութեան թիւը պիտի արձանագրէր 630 հայ բնակիչ եւ 75 ծուխ։ Անգամ մը եւս բնակչութեան թիւի այս աճը շատ մեծ թիւ է բնակչութեան կայուն թիւի պարագային։

Ցօղունք, Օղնուք, Օկօնք, Օկանք [Իւչտէրէ]

38°45'52.79"N 41°33'48.59"E
Սբ. Սարգիս եկեղեցի

Ինչպէս նախապէս ըսինք, կրնայ ըլլալ որ Հողունքի եւ Ցօղունքի մասին յիշատակումները իրականութեան մէջ նոյն գիւղին կը վերաբերին։ Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին Հողունքի մէջ 55 հայ եւ 1 քիւրտ ծուխ կ’արձանագրէր, բայց Ցօղունքի մասին յիշատակում չունէր։ Մայեւսկին Ցօղունքի մէջ 80 քիւրտ ծուխ կ’արձանագրէր եւ Հողունքը չէր յիշատակեր։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ի համար Հողունքի մէջ 60 ծուխի մէջ ապրող 407 հայ բնակիչ կը նշէր, իսկ Ցօղունքի մասին յիշատակում չունէր։ Այս վերջին թիւերը այժմէականացումի ենթարկուելով պիտի դառնային 415 հայ բնակիչ եւ 63 ծուխ։ 1910-ին Առաջնորդարանը դարձեալ Հողունքը կը յիշատակէր անոր 102 հայ եւ 7 քիւրտ ծուխերով, բայց Ցօղունքի մասին յիշատակում չէր բերեր։ Մարտիրոսեանի աշխատութիւնը միակ աղբիւրն է, ուր զոյգ աղբիւրներն ալ յիշատակուած են՝ 50 հայ ծուխ Ցօղունքի եւ 90 հայ ծուխ Հողունքի մէջ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը Ցողունքի մէջ կ’արձանագրէր 620 հայ բնակիչ եւ 90 ծուխ։ 1914-ին Մարտիրոսեանը բնակչութեան թիւի այժմէականացած տուեալներով Հողունքի մէջ պիտի արձանագրէր 980 հայ բնակիչ եւ 120 ծուխ։ Վերջապէս, կ’ըսուի թէ երկու գիւղերն ալ Սբ. Սարգիս եկեղեցի ունեցած են։

Ցօղունք/Օղնուք գիւղ (ներկայիս Իւչտէրէ, Մշոյ դաշտ). Ս. Սարգիս եկեղեցին եւ նոյնանուն վարժարանը, հիմնուած Մխիթարեան միաբանութեան կողմէ։ Դպրոցն ու եկեղեցին կառուցուած են 1902 թուականին (Աղբիւր՝ Մխիթարեան միաբանութիւն, Սուրբ Ղազար, Վենետիկ)

Ցրօնք, Սիրոդոնք, Սիրօնք [Քըրքէօյ]

38°49'48.42"N 41°39'28.22"E
Սբ. Սարգիս եկեղեցի, Սբ. Յակոբ եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին Ցրօնքի մէջ 250 հայ ծուխ կ’արձանագրէր։ Մայեւսկին 300 քիւրտ ծուխ կը նշէր։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ի համար բնակչութեան թիւը 185 ծուխի մէջ ապրող 1251 հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։ Այս տուեալները այժմէականացումի ենթարկուելով պիտի դառնային 1276 հայ բնակիչ եւ 195 ծուխ։ Առաջնորդարանը 1910-ին 200 հայ ծուխ կ’արձանագրէր հոն, իսկ Մարտիրոսեանը՝ 300 հայ ծուխ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը Ցրօնքի մէջ կ’արձանագրէր 2512 հայ բնակիչ եւ 240 ծուխ։ 1914-ին Մարտիրոսեանը այժմէականացուած տուեալներով բնակչութեան թիւը պիտի արձանագրէր 2560 հայ բնակիչ եւ 275 ծուխ։

Դվնիկ, Թիֆնիք, Դուվնիկ [Տիւրիւկէօզէ]

38°47'48.14"N 41°41'10.63"E
Սբ. Սիմէօն եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին կ’արձանագրէր, որ Դվնիկը 49 հայ եւ 1 քիւրտ կը հաշուէր։ Մայեւսկին 40 քիւրտ եւ 10 հայ ծուխ կը նշէր։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ին բնակչութեան թիւը 38 ծուխի մէջ ապրող 256 հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։ Առաջնորդարանը 1910-ին 30 հայ եւ 6 տաճիկ ծուխ կը յիշատակէր Դվնիկի մէջ, իսկ Մարտիրոսեանը նոյնպէս 30 հայ ծուխ կը նշէր։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը գիւղի բնակչութեան թիւը 550 հայ բնակիչ եւ 56 ծուխ կ’արձանագրէր։ Մարտիրոսեանը 1914-ին այժմէականացուած տուեալներով 410 հայ բնակիչ եւ 60 ծուխ կ’արձանագրէր Դվնիկի մէջ։

Ուշքէֆթեան

Տեղակայումը՝ անյայտ
Ոչ մէկ եկեղեցի

Ուշքէֆթեանի տեղակայումը ճշդել կարելի չեղաւ։ Ամենայն հաւանականութեամբ գիւղը կը գտնուէր Տոմի դրացնութեամբ, կրնայ ըլլալ անոր հիւսիս-արեւելքը։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ի համար բնակչութեան թիւը կ’արձանագրէր 5 ծուխի մէջ ապրող 31 հայ բնակիչ։ Այս թիւը այժմէականացումի ենթարկուելով պիտի դառնար 86 հայ բնակիչ եւ 15 ծուխ։  Մարտիրոսեանը 1910-ին 15 հայ ծուխ պիտի նշէր հոն։ Գիւղին բնակչութիւնը հաշուարկուած չէ եղած Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին։

Վարդենիս, Վարդինիս [Ալթընովա]

38°40'57.00"N 41°56'9.49"E
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի, Սբ. Յակոբ եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանի վաղ մատեաններուն մէջ Վարդենիսի մասին յիշատակում չկայ։ Մայեւսկին 150 քիւրտ ծուխ կը յիշատակէր այս գիւղին մէջ։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ի համար բնակչութեան թիւը 170 ծուխի մէջ ապրող 1100 հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։ Այս թիւը այժմէականացումի ենթարկուելով պիտի դառնար 1168 հայ բնակիչ եւ 175 ծուխ։ 1910-ին Մարտիրոսեանը Վարդենիսի մէջ 200 հայ ծուխ պիտի յիշատակէր։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը 2150 հայ բնակիչ եւ 218 ծուխ պիտի արձանագրէր Վարդենիսի մէջ։ 1914-ին Մարտիրոսեանը այժմէականացուած տուեալներով 189 ծուխի մէջ ապրող 1712 հայ բնակիչ պիտի արձանագրէր։

Վարդխաղ, Վարդգիւղ, Վարդյագ, Վարդիյահ [Պէօյիւրտելէն]

38°37'53.93"N 41°48'6.62"E
Մէկ եկեղեցի

Վարդխաղը Մշոյ Առաջնորդարանի վաղ մատեաններուն մէջ յիշատակուած չէ։ Մայեւսկի 20 քիւրտ եւ 20 հայ ծուխ կ’արձանագրէր։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ին բնակչութեան թիւը 14 ծուխի մէջ ապրող 93 հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։ Այս թիւը այժմէականացումի ենթարկուելով պիտի դառնար 150 հայ բնակիչ եւ 21 ծուխ։ 1910-ին Մարտիրոսեանը Վարդխաղի մէջ պիտի արձանագրէր 25 հայ ծուխ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը այս գիւղին մէջ կ’արձանագրէր 133 հայ բնակիչ եւ 18 ծուխ։ 1914-ին Մարտիրոսեանը բնակչութեան այժէականացուած թիւը 200 հայ բնակիչ եւ 25 ծուխ կ’արձանագրէր։

Երիշտեր, Արիշդիր, Էրիսդիր, Եիրիսդիր, Էրիշտիր, Էրիշդեր [Էշմեփընար]

38°40'26.07"N 41°44'43.36"E
Սբ. Թովմաս եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանը 1890-ին Երիշտերի մէջ 38 հայ ծուխ կ’արձանագրէր։ Մայեւսկին 70 քիւրտ ծուխ կը նշէր։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ին բնակչութեան թիւը 65 ծուխի մէջ ապրող 570 հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։ Առաջնորդարանը 1910-ին Երիշտերի մէջ 27 հայ եւ 6 քիւրտ ծուխ, իսկ Մարտիրոսեանը՝ 70 հայ ծուխ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը Երիշտերի բնակչութեան թիւը 855 հայ բնակիչ եւ 83 ծուխ կ’արձանագրէր։ Մարտիրոսեանը 1914-ին այժմէականացուած տուեալներով բնակչութեան թիւը 1160 հայ բնակիչ եւ 95 ծուխ կ’արձանագրէր։ Այս վերջին երկու աղբիւրներուն մէջ իւրաքանչիւր ծուխի շունչերու թիւը կասկածելիօրէն մեծ թիւ է։

Զիարէթ [Զիեարէթ]

38°53'23.99"N 41°15'57.35"E
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

Մշոյ Առաջնորդարանի վաղ մատեաններուն մէջ Զիրաէթը չէ յիշատակուած։ Մայեւսկի կը նշէր, որ գիւղը 150 քիւրտ ծուխ կը հաշուէր։ Տէր-Կարապետեանը 1902-ի համար բնակչութեան թիւը կ’արձանագրէր 175 ծուխի մէջ ապրող 1310 հայ բնակիչ։ 1910-ին Մարտիրոսեանը 160 հայ ծուխ կը նշէր։ Հայոց Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հայոց Պատրիարքարանը կ’արձանագրէր 2000 հայ բնակիչ եւ 180 ծուխ։ 1914-ին Մարտիրոսեանը բնակչութեան թիւը այժմէականացուած տուեալ որպէս պիտի արձանագրէր 2480 հայ բնակիչ եւ 275 ծուխ։

  • [1] Justin McCarthy. Islams and Minorities: The Population of Ottoman Anatolia and the End of the Empire. New York: New York University Press, 1983.
  • [2] Levon Marashlian. Politics and Demography: Armenians, Turks, and Kurds in the Ottoman Empire. Cambridge, Mass: Zoryan Institute, 1991. Pages 20-25.
  • [3] Երկու յօդուած Յուշամատեանի կայքէն. Խարբերդի մասին յօդուածին յղումը՝
  • http://www.houshamadyan.org/en/mapottomanempire/vilayetofmamuratulazizharput/harputkaza/locale/demography.html
  • Տերսիմին նուիրուած եռամաս յօդուածին յղումը՝
  • http://www.houshamadyan.org/en/mapottomanempire/vilayetofmamuratulazizharput/sandjak-of-dersim/locale/demography-part-i.html
  • http://www.houshamadyan.org/en/mapottomanempire/vilayetofmamuratulazizharput/sandjak-of-dersim/locale/demography-part-ii.html
  • http://www.houshamadyan.org/en/mapottomanempire/vilayetofmamuratulazizharput/sandjak-of-dersim/locale/demography-part-iii.html
  • Տիարպէքիրի նահանգին մասին այլ յօդուածի մը յղումը՝
  • հայweekly.com/2011/05/16/a-demographic-narrative-of-diyarbekir/
  • Այս յօդուածին թրքերէն տարբերակը լոյս տեսած է այստեղ՝ Aktar, Cengiz. Diyarbakir Tebliǧleri: Diyarbakir Ve Cevresi Toplumsal Ve Ekonomik Tarihi Konferansi. İstanbul: Hrant Dink Vakfi Yayinlari, 2013.
  • [4] Naci Okcu, Hasan Akdağ, Salname-i vilayet-i Erzurum (1287/1870-1288/1871-1289/1872-1290/1873): Erzurum il yıllığı. Erzurum: Atatürk Üniversitesi İlahiyat Fakültesi, 2010.
  • [5] Bitlis (Vilayet). Sālnāme-i Vilāyet-i Bitlīs. 1. defʻa. Bilis: 1308 (1892).
  • [6] Vital Cuinet. La Turquie D'asie: Géographie Administrative Statistique Descriptive Et Raisonnée De Chaque Province De L'asie-Mineure. Istanbul: Isis, 2001.
  • [7] Ա-ԴՕ, (Յովհաննէս Տէր-Մարտիրոսան), Վանի, Պիթլիսի եւ Էրզրումի վիլայէթները։ Երեւան, տպարան Կուլտուրա, 1912։
  • [8] Ahmet Tetik. Arşiv Belgeleriyle Ermeni Faaliyetleri, 1914-1918 (Հայոց գործոււնէութիւնը արխիւային փաստաթուղթերուն ընդմէջէն, 1914-1918). Ankara: Genelkurmay Basım Evi, 2005. Volume I, page 619.
  • [9] Vahakn H. Dadrian. The Perversion by Turkish Sources of Russian General Maievski’s Report on the Turko-Armenian Conflict. Journal of the Society for Armenian Studies 5 (1991). Pages 139-152.
  • [10] Վիճակագիր Մշոյ Առաջնորդական Թեմին վարժարանաց, եկեղեցեաց, վանօրէից, վկայարանաց, շէն եւ աւեր (ի դաշտ Մշոյ եւ շրջակայս) մատրանց, նուիրական տեղեաց, բնակչութեան աւանաց եւ շինից եւ եկեղեցական պաշտօնէից, հաւաքեալ ըստ հրահանգի Ազգ. Պատրիարքարանի 1902», Հ.Յ.Դ., անձնական գրութիւններ, Գեղամ Տէր-Կարապետեան (Տատրակ), անհատական հաւաքածոյ։
  • [11] Raymond H. Kévorkian and Paul B. Paboudjian. Les Arméniens dans l'Empire Ottoman à la veille du genocide, Paris: ARHIS, 1992. Թէոդիկ [Թէոդորոս Լապճինճեան]. Գողգոթա թրքահայ հոգեւորականութեան եւ իր հոտին աղէտալի 1915 տարին, հր. Արա Գալայճեան, Նիւ Եորք, Սբ. Վարդան հրատ, 1985
  • [12] Mehmet Ṣadik. Van, Bitlis Vilâyetleri Askerî Istatistiḳi. İstanbul: Matbaa-yi askeriye, 1330 (1912-1913).
  • [13] «Վան-Տոսպ» հասարակական, քաղաքական, գրական հանդէս, Ա տարի, No. 12 (14 փետրուար 1916)։
  • [14] Kemal H. Karpat, Ottoman Population, 1830-1914: Demographic and Social Characteristics. Madison, Wis: University of Wisconsin Press, 1985.