Գոնիա (Աղբիւր՝ Միշել Փապուճեանի հաւաքածոյ, Փարիզ)

Պատկերներ՝ Գոնիայի օսմանեան նահանգէն

Այս բաժինով ձեզի կը ներկայացնենք Գոնիայի վիլայէթէն (նահանգ) առնուած պատկերներ, որոնք իրենց մեծամասնութեամբ կը վերաբերին օսմանեան ժամանակաշրջանին։ Այստեղ կը գտնէք գլխաւորաբար հին լուսանկարներ եւ փորագիր պատկերներ։ Նահանգը ներկայացուցած ենք իր զանազան ենթաբաժանումներով՝ նկարներուն դասաւորումը աւելի մատչելի դարձնելու նպատակով։ Հետագային, սոյն պատկերներուն կողքին մեր խմբագրութեան կողմէ պիտի պատրաստուին նաեւ Գոնիայի նահանգին վերաբերող յօդուածներ՝ զանազան թեմաներով։ Այնպէս որ ներկայացման սոյն ձեւը ժամանակաւոր բնոյթ ունի՝ մինչեւ գրութիւններուն պատրաստութիւնը։ Նշենք նաեւ որ մենք վերաշխատած ենք այս բաժնով տեղ գտած հին պատկերներուն վրայ՝ անոնց գոյներուն եւ լուսաւորման նոր ու աւելի բարձր որակ մը տալու նպատակով։

Գոնիայի սանճաք

Գոնիա (Աղբիւր՝ Միշել Փապուճեանի հաւաքածոյ, Փարիզ)

Բացատրութիւններ եւ աղբիւրներ՝
1) Գոնիա. համայնապատկեր (Աղբիւր՝ Léon de Laborde, Voyage de l’Asie Mineure, Paris 1838)
2) Գոնիա. քաղաքէն տեսարան մը (Աղբիւր՝ Léon de Laborde, Voyage de l’Asie Mineure, Paris 1838)

Գոնիա (Աղբիւր՝ Միշել Փապուճեանի հաւաքածոյ, Փարիզ)

Քարաման (Գոնիայի հարաւ-արեւելքը), 13 Ապրիլ 1906։ Հետագային կառուցուելիք Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ փակը։ Հաւանաբար կառուցուելիք եկեղեցիին հիմնարկէքն է։ Լուսանկարին ետին կ՚երեւի ապագայ եկեղեցւոյ գծանկարը (Աղբիւր՝ Նազարէթեան ընտանիքի հաւաքածոյ. շնորհակալութիւններ Ծովիկ Թորիկեանի)

Բացատրութիւններ եւ աղբիւրներ՝
1) 26 Մայիս 1900. Կարապետ էֆէնտի Խուպեսէրեան (աջին)՝ Քրամանէն։ Ձախին կանգնողը՝ անծանօթ։ Լուսանկարը քաշուած է Զմիւռնիոյ մէջ (“Photographie Acropole“) (Աղբիւր՝ Հուրիկ Պաղտասարեանի հաւաքածոյ)
2) Քարաման, մօտաւորապէս 1918. Ալեքսան Պալըգճեան եւ որդին՝ Թագւոր (ծն. 1913) (Աղբիւր՝ Հուրիկ Պաղտասարեանի հաւաքածոյ)

Նիկտէի սանճաք

Նիկտէ, մօտաւորապէս 1905։ Հարսանեկան պատկեր։ Գարեգին աղա Պօյաճեանի պսակը։ Կեդրոնը կանգնած է հարսը (ճերմակ զգեստով), իսկ ձախին՝ ոտքի եւ ֆէսով՝ ամուսինը՝ Գարեգին աղա Պոյաճեան։ Այս վերջինին առջեւ կանգնած փոքրիկ տղան՝ գլուխը ֆէս՝ Հայկազուն Թոգաթլեան։ Գարեգին Պօյաճեանի ճիշդ ետին կանգնած ֆէսաւոր մարդուն ձախին՝ Յակոբ Թոգաթլեան (Աղբիւր՝ Հրաչ Թոգաթլեանի հաւաքածոյ, Պէյրութ)

Բացատրութիւններ եւ աղբիւրներ՝
1) Նիկտէ, Յակոբ Թոգաթլեան (Աղբիւր՝ Հրաչ Թոգաթլեանի հաւաքածոյ, Պէյրութ)
2) Նիկտէ, 1904, Հայկազուն Թոգաթլեան (Աղբիւր՝ Հրաչ Թոգաթլեանի հաւաքածոյ, Պէյրութ)

Աքսարայ (Նիկտէի սանճաքին մէջ), 1894. Ապաճեան ընտանիքը (Աղբիւր՝ Ծովիկ Թորիկեանի հաւաքածոյ)

Իսփարթայի սանճաք

Բացատրութիւններ եւ աղբիւրներ՝
1) Իսփարթա (Աղբիւրներ՝ Léon de Laborde, Voyage de l’Asie Mineure, Paris 1838)
2) Իսփարթա (Աղբիւրներ՝ Léon de Laborde, Voyage de l’Asie Mineure, Paris 1838)