Մուսա Լեռ. տհոլ-զուռնա նուագողներ (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)

Մուսա Լեռ – Կրօնական բարքեր

Հեղինակ՝ Սոնիա Թաշճեան, 18/06/15 (վերջին փոփոխութիւն՝ 18/06/15)

Նահապետական է Մուսալեռցի ընտանիքը. դարեր շարունակ ապրելով աւանդապաշտ սովորութիւններով, լեռնցի մարդկանց յատուկ բնաւորութիւն է կոփուած. ժուժկալ, բայց` կենսուրախ. կոպիտ, բայց` անկեղծ ու գթասիրտ. խստաբարոյ, բայց եւ երգիծասէր։ Նորութիւններուն դժուար կ’ընտելանան, նոյնիսկ կարելի է բնորոշել որպէս անհանդուրժող ու յախուռն: Միշտ կառչած են արմատներուն պահելով գաւառաբարբառն ու սովորութիւնները. կապուած են բնութեան ու հայրենի հողին: Ընտանիքը` ընդհանուր հասարակութեան, գիւղի եւ տուեալ գերդաստանի ամենափոքրիկ մէկ մանրակերտն է. ազգականական յարաբերութիւնները սերտ են. նոյն հարկին տակ կը բնակին մեծ հայրիկը, տղան-հարսը, թոռերն ու ծոռները. նոր տուն եւ յաւելեալ սենեակներ կը կառուցեն անմիջապէս հօրենական տան կողքին:

Մուսա Լեռէն հայ ընտանիք մը, ինքնութիւնը անծանօթ, լուսանկարուած շատ հաւանաբար 1915-էն առաջ (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)

Ազգականական կապեր

Կը կարծուի, որ Մուսա Լերան հիմնադրումը սկսած է Եօղուն Օլուք գիւղէն. յետագային ընդարձակուելով եւ տարածուելով հիմնուած են միւս գիւղերը` Վագըֆ, Խտըրպէկ, Հաճի Հապիպլի, Պիթիաս եւ Քեպուսիէ. վեց գիւղերուն բնակիչները միշտ ալ ունեցած են ազգակցական կապեր։ Բոլոր տօներուն եւ ուրախ թէ տխուր առիթներուն հրաւիրուած է ամբողջ հասարակութիւնը, որպես մէկ հաւաքականութիւն. «Թմբուկի ձայնը լսողը կրնայ համենալ»,- կ’ըսէ ժողովրդական առածը: Միասնական հաւաքականութեան դրսեւորում մըն է նաեւ փոխ-օգնութեան չգրուած օրէնքը. ծաւալուն աշխատանքներու ժամանակ (ինչպիսին են օրինակ` ցորեն ընտրել եւ խաշել, լոլիկի մածուկ եփել, ձէթ հանել կամ դափնետերեւէն օճառ պատրաստել), դրացիները, ազգականներն ու խնամիները կամաւոր կու գան օգնելու, աշխատանքը արագացնելու եւ դիւրացնելու համար: Նահապետական նիստուկացի եւ սերտ ըլլալու մէկ այլ արտայայտութիւնն է բարբառի մէջ օգտագործուող կոչականներու իւրայատուկ կիրառումը. այսպէս օրինակ` հօրեղբօր կնկան կ’ըսեն աղբըրկին, մօրաքրոջ եւ հօրաքրոջ ամուսիններուն` մօրքըրար (մօր+քոյր+այր) եւ հօրքըրար (հօր+քոյր+այր). հօրական մեծ մայրիկին` տատիմար, մօրականին` քիրմար (քեռու մայր), իսկ կնքահօր մայրիկին` պապումար (պապ=պուպ=կնքահայր): Յատկանշական է կեղծանուններու համատարած օգտագործումը. անուններ, զորս հասարակութիւնը կը կնքէ բոլոր մեծահասակներուն, իր բնաւորութեան ակնառու մէկ գծին կամ դիպուածի մը առիթով, որպէս խարան:

2 Սեպտեմբեր 1928։ Խումբ մը հայեր լուսանկարուած Մուսա Լերան Պիթիաս գիւղի աղբիւրներէն մէկուն մօտ։ Առաջին շարք, ձախէն երկրորդը (առջեւը շնիկ մը)՝ Մանուկ Թոնդեան (յետագային Վրթանէս քհնյ. Թոնդեան) (Աղբիւր՝ անձնական հաւաքածոյ. շնորհակալութիւններ՝ Մարօ Թոնդեանին)

Մինչեւ Նշանտուք

Մինչեւ հինգ տարեկան աղջիկ թէ տղայ զաւակը կը համարուի երախայ. անկէ յետոյ, աղջիկը մօր օգնականն է` ապագայ տանտիկին. պիտի սորվի եւ կատարէ տան բոլոր գործերը. այսպէս կարուձեւ եւ ասեղնագործութիւն սորվիլ, կերակուր եփել, տուն մաքրել, աման լուալ, լուացք ընել, եւայլն...: Տունէն դուրս ելլելը ծնողներու թոյլտւութեամբ միայն. յանձնարարելի չէ տղաներուն հետ խօսիլ, խնդալ, խաղալ, նոյնիսկ եթէ ազգական մըն է: Պետք է յաճախէ եկեղեցի եւ պահէ կրօնական բոլոր ծէսերը: Ամուսնութեան տարիքը աղջկայ մը համար 15-20-ն է. սակայն աղջիկը ընտրութեան իրաւունք չունի, ծնողները այն անձին որ յարմար գտնեն` կը համակերպուի եւ հարս կ’երթայ: Իսկ տղաներուն կը թոյլատրուի դպրոց երթալ, ազատօրէն խաղալ, երթալ գիւղի դաշտերը եւ սարեր մագլցիլ, օգնել հօր երկրագործական աշխատանքներուն. նոյնիսկ քիչ մը սանձարձակ են, յատկապէս 15 տարեկանէն յետոյ, թէեւ պարտաւոր են յարգել ծնողներուն եւ մեծահասակներուն խօսքը: 16 տարեկանէն յետոյ, տղան պետք է կարենայ զէնք գործածել եւ լաւ նշանառու որսորդ ըլլալ: Տղայի ամուսնութեան տարիքը կը սկսի 18-էն, երբ կարենայ հայթայթել տան ծախսերը. տղան իրաւունք ունի ծնողներուն ըսել իր ընտրութեան մասին, սակայն հարսնախօսութեան կրնայ երթալ անոնց հետ եւ անոնց որոշումով միայն [1]։

1) Մուսա լեռցի հայ կին մը, ինքնութիւնը անծանօթ (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)
2) Գրիգոր Պուրսալեան, Մուսա Լերան Եօղուն Օլուք գիւղէն, լուսանկարուած 1938-ին (Աղբիւր՝ Տէր Նարեկ Շրիգեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս. շնորհակալութիւններ Լիզա Մանոյեանի)

Բարեկենդանի կամ միւս տօներուն եւ ուխտագնացութիւններու ժամանակ, կանանց յատուկ շուրջպարերը միշտ ալ ունին լայն հանդիսատես, որուն ընթացքին տղաները քիչ մը հեռուէն ազատօրէն ուսումնասիրելով, յաճախ առիթ կ’ունենան ընտրութիւն կատարելու: Ընդհանրապէս արգիլուած է հակառակ սեռի երիտասարդներու հանդիպումը, սակայն կան ճարպիկներ, որոնք գիշերուայ ուշ ժամուն, աղջկայ տան մօտակայքը կը ժամադրուին, իրարու խօսք տալու համար....: Յաճախ նաեւ եկեղեցւոյ ճամբուն վրայ կ’ըլլան այդ պատահական հանդիպումներն ու աչքով-ունքով իրար ընտրելու կամ նշան ընելու գաղտնի հնարաւորութիւնը:

Տարբեր ազգութիւններու կամ ներազգականական ամուսնութիւնները խստիւ կը պախարակուի. ամէն անգամ թեկնածու ընտրելու ժամանակ, գիւղի քահանային կամ գերդաստանի աւագին հաշուել կու տան, որ «քանի՞ պորտով են իրարմէ հեռու»....: Նոյնիսկ տարբեր յարանուանութիւններու (Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական) միջեւ ամուսնութիւնները երբեմն կը դժուարանան [2]։

Երբ տղուն ծնողքը կը կիզակիտուի թեկնածու աղջկայ մը, կ’առնեն որոշ քանակութեամբ աղ եւ օգտագործման ժամանակ կը հետեւին տան անցուդարձերուն. եթէ բարեյաջող է այդ պայմանական ժամանակաշրջանը, ուրեմն այդ աղջկայ ներգործութիւնը դրական պիտի ըլլայ իրենց տան վրայ. կը սկսին հետաքրքուիլ այդ աղջկայ վարքի ու առողջութեան մասին, ապա կը պատրաստուին ձեռքը խնդրելու:

Մուսա Լեռ, Եօղուն Օլուք գիւղը, ընդհանուր տեսարան (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)

Ձեռք խնդրել

«Ձեռք խնդրել»-ու արարողութեան ամենէն վստահելի անձը գիւղի քահանան է, որուն կ’ընկերանայ տղու գերդաստանի ազգականներէն պատկառելի մէկը. աղջկայ ծնողքը տեղեկանալէն յետոյ, «խերլայի իսէ, նասիպ թըղ ըննու» (եթէ բարի է, թող բախտաւոր ըլլայ) ըսելով ժամանակ կը խնդրեն մտածելու եւ կողմնորոշուելու, որպէսզի ժամանակ ունենան տղու եւ անոր ընտանիքի մասին տեղեկութիւններ հաւաքելու: Եթէ առարկութիւն չունին, յաջորդ հանդիպման ընթացքին յուսադրող խօսքեր կ’ընեն, բայց դեռ պատասխան չեն տար, որպէսզի յանկարծ խնամիները չմտածեն, որ աղջիկը «աժան ծախեցին» [3]: Եթէ պատասխանը ժխտական է, ապա փափկանկատօրէն կ’ըսեն.- «Մեր դուռը բարեկամներուն առջեւ միշտ բաց է, սակայն կը խնդրենք այդ հարցի շուրջ այլեւս նիւթ չբանաք»: Երբ աղջկայ ծնողները երկրորդ անգամ մտածելու ժամանակ կը խնդրեն, ուրեմն համաձայն են: Միայն երրորդ խնամախօսական այցի ընթացքին է, որ երկար խնդրելէն յետոյ աղջկայ կողմի աւագը կը յայտարարէ.- «Եյփըր ալայրըդ մեյմ իղոծ ըք, չա՞է պըր շինիմ, թը խիրլա իը, թըղ ըննու» (երբ բոլորդ մէկ էք եղած, ես ի՞նչ ընեմ. եթէ բարի է, թող ըլլայ). կը հիւրասիրեն անուշեղէններ եւ օշարակ, ապա միասնաբար կ’որոշեն նշանդրէքի թուականը [4]։

Մուսա Լեռէն հայ ընտանիք մը, ինքնութիւնը անծանօթ, լուսանկարուած շատ հաւանաբար 1915-էն առաջ (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)

Նշանդրէք

Նշանտուքը կ’ըլլայ առանց հանդիսաւոր արարողութեան եւ խրախճանքի, սեղմ շրջանակի մը մէջ, պատշաճ հիւրասիրութեամբ եւ կերուխումով: Տղուն կողմինները կը պատրաստեն նշանի մատանին. սակայն եւ այն կրնայ ըլլալ օղ մը, կամ ապարանջան մը, կամ ուլունքաշար մը, մետաքսեայ թաշկինակի կամ գլխաշորի ընկերակցութեամբ: Խնամիներուն համար կը տանին քաղցրեղէններ եւ պտուղ` տապուխի (ցորենի ծղօտով հիւսուած տաշտաձեւ աման) եւ սինիներու վրայ լեցուած: Տղայի կողմէն կու գան քահանան, ծնողները, կնքահայրը, քանի մը ազգականներ, բայց թեկնածուն չի կրնար ներկայ գտնուիլ նշանդրէքի ծիսական արարողութեան, որ դարերէ ի վեր մշակուած թատերական իւրայատուկ ներկայացում մըն է:

Քահանան առաջինը խօսք կ’առնէ, ըսելով. «Աստուածային հրամանով, հայրապետական կանոնով եւ ներկայ աղաներուն ցանկութեամբ եկած ենք ձեր աղջիկը`Ազատիկը ուզելու` Այնթապենց Սարգիսի տղուն` Յակոբի համար. խերլը նիւֆիւս մը իրէօ (բարի վճիռ մը առէք)»:

Աղջկայ ծնողները կը դժուարացնեն համաձայնութիւնը, պատասխանելով.- «Տէր Հայր, դուք ամէնքդ բարի էք եկած, բայց ուզածնիդ շատ սուղ է. աղջիկը տէր ունի»:

Տղուն կողմը թէ.- «Իրաւունք ունիք, տուէք օղի մը եւ մեզզէ ...»:

Աղջկայ հայրը մեծարելու համար կնքահայրը, առաջին խօսքը կու տայ անոր, ըսելով.- «Իս էշկէյն չունեմ, էշկէյնը այրն ի» (ես աղջիկ չունեմ, աղջիկը իրն է):

Խնամիները կը հիւրասիրեն կնքահայրը, ով երկար ու բարակ շարադրելով, ձեւական դժկամութեամբ մը կը յայտնէ իր համաձայնութիւնը, սակայն յետոյ կ’աւելցնէ. «Ըմմը էշկէյն պէպէկ ու նէնէ կունա, իշինք իրընք չէ կու էսին»» (սակայն աղջիկը մեծ հայրիկ ու մեծ մայրիկ ունի. տեսնենք անոնք ինչ կ’ըսեն), խօսքը տալով անոնց:

Խնամիները կը հիւրասիրեն զանոնք, կատակելով. «Օհօ, ատիկա շատ դիւրին է... ամմօն (հօրեղբայրը, նկատի ունեն մեծ հօր) լաւ մարդ է, մեզ չի մերժեր»:

Վերջապէս երբ բոլորը կը համաձայնին աղջիկը տալ, կ’երգուի «Տէրունական Աղօթք»ը. ապա տղուն կողմիններէն մէկը բակին մէջ հրացանաձգութիւն կ’ընէ ի նշան յաջողութեան եւ այդպիսով ուրախ լուրը կ’աւետէ. քահանան կը յանձնէ նշանը մօր կամ կնքահօր, որն ալ իր հերթին կանչելով աղջիկը (աղջիկն ալ չի կրնար ներկայ ըլլալ արարողութեան, ի նշան ամօթխածութեան) կը տեղեկացնէ անոր, որ նշաներ են իրեն այսինչ տղուն հետ եւ կու տայ նշանը: Աղջիկը կը համբուրէ բոլորին ձեռքերը, սկսելով քահանայէն [5]։

Մուսա Լեռէն հայ ընտանիք մը. շատ հաւանաբար, այս նկարը կը ներկայացնէ Պուրսալեան ընտանիքի անդամները։ Առաջին շարք, ձախէն աջ՝ Պետրոս Պուրսալեան եւ իր կինը՝ Գոհար Պուրսալեան (ծնեալ Կարապետեան)։ Երկրորդ շարքի ամէնէն աջին ոտքի կեցած է Պետրոսի եւ Գոհարի դուստրը՝ Էլմաստ Պուրսալեան որ հետագային կ՚ամուսնանայ Շամասեանի մը հետ։ (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ) (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)

Յաջորդ օր տղայի կողմի ազգական ու բարեկամ կանայք կեսուրի գլխաւորութեամբ նուէրներով ու տապուխներով կու գան տեսնելու նշանծուին. հիւրասիրութեան ընթացքին աղջիկը ոտքի պիտի մնայ, ազատ ժամանակ ալ ձեռքերը կրքծին դրած կիսուրի դէմ յանդիման պատի տակ պիտի կանգնի: Երկու տուներուն մէջ ալ, աչքալուսանքի եկող հիւրերուն օշարակ կը հիւրասիրեն: Աղջիկը հիւրասիրութեան գաւաթները հաւաքելու ժամանակ կը համբուրէ անոնց ձեռքերը. այս վերջիններն ալ կը բարեմաղթեն.

- «Շիւտ խընդուս, ապրա քի նիշէնծոն» (շատ ուրախանաս, ապրի քո նշանածը),
- «Աստուծ թըղ խնդացնը զքի» (Աստուած թող երջանկացնէ քեզ),
- «Աստուծ նիշէնծոդ թըղ բախշիշէ» (Աստուած նշանածդ թող ապրեցնէ),
- «Աֆֆարըմ գըզըմ, հարսնայցըդ քըթիցու ձէյր պըր կըրիմ» (ապրիս աղջիկս, հարսանիքիդ քթոցով ջուր պիտի կրեմ).

իսկ չամուսնացած աղջիկները օրհնելով կ’ըսեն.- «Աստուծ քի աղվէյր նիշէնծո մը թըղ ուտու» (Աստուած քեզ աղուոր նշանած մը տայ) [6]։

Մուսա Լեռ։ Հայ ընտանիք մը լուսանկարուած իր տան առջեւ, շատ հաւանաբար 1930-ական թուականներուն (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)

Աղջիկը նշանուելէն յետոյ, այլեւս հիւր է իր հօր տան մէջ. ան բոլորի ուշադրութեան կիզակէտը կը դառնայ, եւ իր տնեցիներուն եւ յատկապէս խնամիներուն, որոնք բոլոր տօն օրերուն կու գան այցելելու եւ նուէրներով ու քաղցրեղէններով գուրգուրալու իրենց հարսնացուին: Երբեմն այցելութիւնները այնքան յաճախակի կ’ըլլան, որ աղջկայ կողմինները կատակելով կ’ըսեն.- «Առըք ջանըմ, առըք, գացըք ձիր ամանէութ, խալիսի՜մ» (Առէք ջանըմ, առէք, գացէք ձեր ամանաթը [աւանդը], ազատու՜իմ):

Նշանուած ժամանակ նշանծուն կը մասնակցի իր փեսացուի ընտանիքին մեծ աշխատանքներուն.- հատիկ խաշել եւ ծեծած պատրաստել, ձիթապտուղի ու դափնետերեւի բերք հաւաքել, լոլիկի մածուկ կամ եփած մածուն պատրաստել, նաեւ իր պարտականութիւնն է փեսացուի հագուստներու ամենշաբաթեայ լուալ-արդուկելը [8]։

Սովորութիւն է, որ իւրաքանչիւր աղջիկ պատրաստէ իր օժիտը. առհասարակ այցելութիւններու առիթով հարսնացուին տրուած նուէր կերպասեղէնն ու թելը կը ծառայեցնեն օժիտին յատուկ ասեղնագործուած սպիտակեղէն եւ ժանեակներ պատրաստելու. արդէն իսկ հարսնացուին նուիրուած գումարը ուժկիլ (օժտել) կը կոչուի եւ կը միտի օգնել անոնց հարսանիքի նախապատրաստական աշխատանքներուն. այս ընթացքին հարսնացուն կ’ասեղնագործէ նաեւ ժանեակազարդ թաշկինակներ եւ գլխաշորեր՝ իբրեւ հարսանեկան նուէր փեսացուի կողմի մեծահասակ տղամարդկանց եւ կանանց [9]։

1) Հարսնացուի կողմէ ասեղնագործուած լաչակ, որ նուէր կը տրուի փեսայի կողմի կանանց
2) Ուլունքազարդ լաչակ. պատկանած է Վիքթորիա Թաշճեանին (ծն. Սարգահեան), Մուսա Լերան Եօղուն-Օլուք գիւղէն (1899-1941)
3) Մետաքսեայ գունաւոր գօտի. պատկանած է Կարապետ Թաշճեանի, Մուսա Լերան Եօղուն-Օլուք գիւղէն (1894-1981)
(Աղբիւր՝ Սոնիա Թաշճեանի հաւաքածոյ, Երեւան)

Հարսանիք

Հարսանիքի պատրաստութիւնը երկար գործընթաց է. առաջին հերթին փեսայի ծնողները կ’երթան քաղաք գնումներու` հարսի հագուստի համար կերպաս, հարսնացուին կօշիկ եւ այլազան նուէրներ գնելու համար:

Հարսանիքէն քանի մը շաբաթ առաջ, Կիրակի օր մը, կեսուրմայրիկը ազգական, բարեկամ ու դրացի կանանց հետ կ’երթայ խնամիներուն տուն հարսանեկան հագուստի կարուձեւի համար. աղջիկն ալ իր հերթին կը հրաւիրէ իր ընկերուհիներն ու ազգական կանայք. համեստ հիւրասիրութիւն կը պատրաստուի. կեսուրին ընկերակցող դերձակուհին աղջկայ մարմնի չափերը կը վերցնէ, մինչ կեսուրը կը բանայ ղումաշի պոխչեն (կերպասի ծրարը). դերձակուհին կերպասը ձեւելով կը բարեմաղթէ. «Շինիֆիր թըղ ըննու, Աստուծ թըղ խընդացնի զձիզ, ալինայս ուչքը լայս» (շնորհաւոր թող ըլլայ, Աստուած թող երջանկացնէ ձեզ, բոլորիս ալ աչքը լոյս), մինչ կանայք կը սկսին զըղլըթել (ուրախ բացագանչութիւն զիլ ու բարձր նօթաներով), երիտասարդուհիները ուրախ կշռոյթով կ’երգեն, կեսուրը հարսնացուի գլխուն ցորենահատիկ շաղ կու տայ, իսկ տնեցիները քաղցրեղէնով եւ օշարակով կը հիւրասիրեն ներկաները [10]։

Հարսանիք Մուսա Լեռի մէջ։ Լուսանկարին մէջ կ՚երեւի հարսանեկան թափօրը որ կ՚ուղղուի եկեղեցի։ Առջեւի կիները կը փոխադրեն հարսին օժիտը։ Իսկ հարսը կ՚երեւի պատկերին կեդրոնը, ձիու վրայ նստած եւ գլուխն ի վար ճերմակ զգեստ մը հագուած (Աղբիւր՝ Մարտիրոս Գուշագճեան եւ Պօղոս Մատուռեան, Յուշամատեան Մուսա Լերան, Պէյրութ, 1970)

Հարսանիքի նախորդող Հինգշաբթի օրը կանայք կը հաւաքուին հարիսայի ցորենը մաքրելու, հացի ալիւրը մաղելու, հաց եւ հարսը թրախ (հարսի գաթա) թխելու. իսկ երիտասարդները կը սկսին մսացուներու մորթելը. քլուրի (կոլոլակ, քէօֆթէ) համար միսը պիտի մանրացուի, մաս մըն ալ սանդի վրայ պիտի ծեծուի, որմէ ետք կանայք պիտի սկսին քլուրի պատրաստութեան. ուրիշ խումբ մըն ալ տերեւով սարմա կը փաթթէ, ոմանք պանրըհուց կը պատրաստեն: Ուրբաթ օրը կ’երթան տհոլ-զուռնան բերելու, որու ձայնը կ’աւետէ հարսանիքի սկիզբը. թափօրով կը ղրկուի հարսի հագուստն ու նուէրները. աղջկայ տունէն փեսացուի տուն կը ղրկուի տղու ազգականներուն բաժնուելու ասեղնագործ թաշկինակներն ու տուլախները (գլխաշոր): Յետոյ աղջիկները մէկական աման ցորեն վերցնելով, շքախումբով եւ երգ-պարով կ’երթան հարիսայի ցորենլուայի արարողութեան գիւղի աղբիւրի մօտ: Վերադարձին կաթսաները կը դրուին օճախին վրայ եւ կը սկսին պատրաստել հարիսան: Արդէն մութը իջած է. հարսնացուն կնքահօր տանն է. կնքամայրը զայն լոգցուցած, զուգած-զարդարած է: Եւ կնքահօր, եւ հարսնացուի եւ փեսացուի տան բակերուն մէջ սեղան կը դրուի. հարսնեւորները տհոլ-զուռնայով, օղիի եւ խորովածի շիշերով թափօր կազմած կուգան աղջկան վերցնելու. երիտասարդները օղիի շիշը կը մօտեցնեն բոլորի շրթներուն, որպէսզի բոլորն ալ խմեն ու մասնակից դառնան ուրախութեան. փեսացուն կնքահօր տուն կը ղրկէ օղի, քաղցրեղէն ու տապկուած հաւ, ի նշան երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան, իսկ աղջկայ ծնողները կնքահօր համար զոյգ մը կօշիկ, իսկ կնքամօր` թանկագին կերպասեղէն կը նուիրեն [11]։

Հարսին առնելով կնքահօր տունէն երգ ու պարով կ’երթան հարսի տուն, ուր կը կատարուի հինայի ծիսակարգը. ծաղիկներով զարդարուած սինիի մը մէջ տեղադրուած է հինայով լեցուն թասը, վրան` կարմիր խնձոր մը: Հինայելու փորձառու մեծահասակ կինը ներս մտնելով մօրը կը հարցնէ.- «Աղջկադ հինայե՞մ...». այս վերջինը կը պատասխանէ.- «Այո, հինայէ. դուն`թանկարժէք, ուզածդ` աժան. միայն թէ աղջիկս բախտաւոր ըլլայ. տարոսը բոլոր ցանկացողներուն....» [12]:

Հարսանիք Մուսա Լեռի մէջ։ Ձիու վրայ հեծած, ճերմակ զգեստաւորուած եւ երեսը ծածկուած հարսը կ՚առաջնորդուի դէպի եկեղեցի (Աղբիւր՝ Մարտիրոս Գուշագճեան եւ Պօղոս Մատուռեան, Յուշամատեան Մուսա Լերան, Պէյրութ, 1970)

Աղջիկը կ’ողջագուրուի ծնողներու հետ եւ թոյլտուութիւն կը ստանայ հինայուելու: Օղիով կը շաղեն հինան եւ կը հինայեն հարսի ափերը, երբեմն նաեւ ոտքերը. հարսի ընկերուհիներն ալ կը հետեւին օրինակին, տարոս ստանալու համար. այս ընթացքին, աղջկայ ընկերուհիներէն մէկը ճարպիկութեամբ կը գողնայ կարմիր խնձորը եւ խածնելով կը փոխանցէ ընկերուհիներուն, որպէս տարոս: Հարսի ափէն քիչ մը հինայի խմոր կը վերցնեն, որպէս «մակարդիչ խիւս» օգտագործելու փեսայի հինայի համար:

Հարսնեւորները խնամիներու հետ միասին կը վերադառնան փեսայի տուն. աղջիկն իր ընտանիքով կը մնայ տունը, ուր կը շարունակուի կերուխումը: Փեսայի տան բակին մէջ աւելի մեծ խրախճանք է. առատ սեղաններ, տհոլ-զուռնայի կշռոյթին տակ շուրջպարը կը շարունակուի մինչեւ լոյս...: Նուագողները յաճախ կը վարձատրուին պարելու ընթացքին անոնց ճակատներուն թղթադրամ կպցնելով: Փեսային հինելու համար նուէրներով թոյլտուութիւն կը ստանան աղջկայ կնքահօրմէն, ապա կը սկսին փնտռել փեսային, որ «առեւանգուած» է եւ զայն ազատ արձակելու համար` փրկագին կը պահանջեն. տղայի հարազատները գումար, մսացու եւ օղի կու տան զուարճասէր երիտասարդներուն, որպէսզի փեսան բերեն եւ սկսի հինայի արարողութիւնը. հինան շաղելէն առաջ հինայողը ներկաներէն կը հաւաստիանայ, որ թասի մէջինը հինայ է, ապա կ’ուզէ հարսի ափէն առնուած հինայի մակարդիչը, խառնելու այս նոր հինային. հարսի նշանուած ընկերուհիներէն մէկն է պահած, պէտք է անոր ալ նուէր մը տալ. հինան կը շաղեն յատուկ երգով մը՝

Մուսա Լեռցի նորապսակ զոյգ մը։ Ինքնութիւննին անծանօթ (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)

  1. Իսկում թէսէն մէյջը հինա կը շաղին
    Արզութ սէնտրում մէզզէոնքը կը սանտրին,
    Քը աղբրտաքը սրու կը պիհին:
    Քալաշըս, աման, Աղվիւրըս, աման:
    Ըննիմ դա վիրէնքը զիւրսս իւրսում,
    Իջնիմ դա ցածանքը սրու կինում,
    Կէոմքը ինիմ աղջիլում, պաղտիլում:
    Քալաշըս, աման, Աղվիւրըս, աման:

    Թարգմանութիւն՝

    Ոսկի թասի մէջ հինա կը շաղեն.
    Արծաթէ սանտրով մազը կը սանտրեն,
    Քու եղբայրները կարգի կը սպասեն:
    Սիրելիս, աման, աղուորս, աման:
    Դէպի վերերն ելլեմ որսս որսամ,
    Ցածերը իջնեմ` կարգի սպասեմ`
    Կամքն ընեմ աղաջել-պաղատելով:
    Սիրելիս, աման, աղուորս, աման:

Փեսան ողջագուրուելով շնորհակալութիւն կը յայտնէ տնեցիներուն եւ կը ստանայ հինայուելու իրաւունք: Խաչեղբօրը հինելու համար նորէն կը կրկնուին «առեւանգման», «մեղադրման» եւ «փրկագնի» արարողութիւնները, որպէսզի շատ նուէրներ հաւաքուին յետագայ օրերու երիտասարդական խրախճանքներուն համար: Կայ գողտրիկ սովորութիւն մը. սիրահարուած տղաներ հինայէն գնդիկ մը վերցնելով՝ գաղտնի կը ղրկեն իրենց սիրած աղջիկներուն, որպէս սիրոյ խոստովանութիւն:

Շաբաթ օր առաջին արարողութիւնը փեսային ու խաչեղբօրը հագցնելու` հալաւօրհնէք կոչուող ծիսակարգն է. քահանայի եւ տիրացուներու ներկայութեամբ կ’օրհնուին անոնց հագուստները. ապա նշանուած երիտասարդներ կ’օգնեն հագնուիլ. ամենավերջը անոնց կրծքերուն կը կապեն կարմիր ու կանաչ թաշկինակներ. այս ընթացքին քահանան կ’աղօթէ, կանայք կը զըղլըթեն, իսկ ջահելները հրացանաձգութիւն կ’ընեն:

Գիւղի գզիրը (գիւղապետը) կը բերէ գորգով զարդարուած ձի մը. թափօրը կը շարժուի դէպի հարսի տուն. հրացանակիր երիտասարդներ թափօրի առջեւէն ձին կը տանին դրօշակի մը ուղեկցութեամբ։ Հարսնատանը կնքամայրը կ’օրհնէ խնամիներուն կողմէ բերուած հարսի քօղը, երեք անգամ դարձնելով հարսի գլխուն վրայ, կը կրկնէ. «Լոյս ի լուսոյ, հաւատք Քրիստոսի, ասացէք շնորհաւոր»: Եղբայրը կը մօտենայ, որպէսզի քրոջ կօշիկները հագցնէ (մէջը թղթադրամ դնելէն յետոյ) եւ մէջքի գօտին կապէ, անշուշտ անոր ալ նուէր մը պիտի տրուի: Հարսը տունէն կը բաժնուի ողջերթի ու շնորհակալական երգերով.-

Մուսա Լեռ, Եօղուն-Օլուք, 1923։ Նեկտար Պուրսալեանի եւ Եսայի Շրիգեանի (յետագային Տէր Մովսէս Շրիգեան) պսակը (Աղբիւր՝ Տէր Նարեկ Շրիգեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս. շնորհակալութիւններ Լիզա Մանոյեանի)

Հէյ յամա, յամա, հիգգէս յամա.
Գիշիրը քննիդ մնեցիր, ցիրիյը` բենիդ,
Քի նազլը աշկընէն խաթրը իրիր.
Աս ընծի լայըք չիր, էմ աղբօրը լայըք իր.
Բերը մնուս, շին կինուս...

Հէյ յատա, յատա, էյ ջանըմ յատա.
Շիդ չարչարվիցուր, էշկէյն մինձըցիր,
Դաուն չկիրուր, զէյս կիրցըցիր,
Դաուն զրկվիցուր, զէյս հագցըցիր,
Բերը մնուս, շին կինուս...

Թարգմանութիւն՝

Ով մայրիկ, մայրիկ, հոգիս մայրիկ,
Գիշերը քունէդ մնացիր, ցերեկը` գործէդ,
Քո նազելի աղջկադ կամքը կատարեցիր.
Այս ինծի վայել չէր, եղբօրս էր վայել.
Բարով մնաս, շէն կենաս....

Ով հայրիկ, հայրիկ, ով ջան հայրիկ,
Շատ չարչարուեցար` աղջիկ մեծցուցիր,
Դուն չկերար, ինծի կերցուցիր,
Դուն զրկուեցար, ինծի հագցուցիր,
Բարով մնաս, շէն կենաս....

Եթէ պանդխտութեան մէջ եղբայր կամ մօտիկ ազգական ունի, հարսը կը յիշատակէ անոր ալ, երգելով.-

Հայ աղբար, աղբար, հիգգէս աղբար.
Բունձըր լիռոնքը թըղ ցեծնուն,
Ցուծ ամպիրը թըղ բանձրնուն,
Հիռաու ճամբունքը թըղ կրճկնու,
Թրցիւն ձիւգ մը թըղ ըննուս,
Հեսնես քը սիրուծ քայրը,
Ճամբունք թըղ դնես,
Աս ընծի լայըք չիր, քի լայըք իր,
Բերը մնուս, շին կինուս...

Թարգմանութիւն՝

Ով եղբայր, եղբայր, հոգիս եղբայր,
Բարձր լեռները թող ցածնան,
Ցած ամպերը բարձրանան,
Հեռու ճամբաները կարճնան,
Թռչող թռչուն ըլլաս,
Հասնիս սիրած քրոջդ
Ճամբու դնես.
Այս ինծի վայել չէր, քեզ էր վայել.
Բարով մնաս, շէն կենաս....

Ժամագիրք (հայատառ թրքերէն). պատկանած է Մարինուս Թաշճեանի (ծն. Պիտանեան), Մուսա Լերան Եօղուն-Օլուք գիւղէն (1909-2003) (Աղբիւր՝ Սոնիա Թաշճեանի հաւաքածոյ, Երեւան)

Որպէս կանոն հարսն ու ընկերուհիները եւ ազգական կանայք հոնքուր-հոնքուր կու լան հարսը ճանապարհած ատեն: Հարսը ձիուն վրայ նստեցելէն յետոյ, փեսան կը մօտենայ աղջկայ ծնողներուն` շնորհակալութիւն յայտնելու համար. զոքանչը անոր կը նուիրէ պղնձեայ աման մը եւ երկու դգալ. իսկ աներոջը ձեռքը սեղմած ատեն վերջինս օրհնելով անոր, կ’ըսէ. «Խայրը տես» (շնորհքը վայելես): [13]

Հարսանեկան երգերէն ամենէն տարածուածը «Հելէ, հելէ, նիննոյ է» երգն է, որ ունի բազմաթիւ տուներ՝

Կարմէր ֆստան հագուծ ի
Հելէ, հելէ, հելէ, նիննոյ է.
Չուց ալ աղուիր վիլլուծ ի,
Հելէ, հելէ, հելէ, նիննոյ է...
Կիղիցէն բոյը գացուց ի
Պըր նշանուեմ ասուծ ի:
Թանճարան կու գըպըրթու
Տըվըք զէշկէյն թըղ ուրթու:
Զէշկէյն ուզուղէն տըվըք
Սատկայ ուրթու թըղ խնդու:
Էշկընէն էնաուն Իղիսա
Իս զքի թապաքին տիսօ:
Վարըմ-եօղըմ ծէխիցա
Ըննում քո տետէն փիսա:
Թինիրը կիփին զհուցը,
Թըփիրին կըննի ուձը:
Էպէօրը կիփա իղ չկու
Խնեմէքը կուգուն, տիղ չկու:
Շուտ ուզիցա` չտըվէյն
Տըվէյն զը իշը քուռկէն:
Ցիթիր ի լուսն լայսը
Սիրիմ զիչուցըն լայսը:
Նիննա, յավրըմ, նիննա է
Ձիռվէն-վըտվէն հինա է:

Թարգմանութիւն՝

Կարմիր հագուստ հագեր է,
Հելէ, հելէ, հելէ, նիննոյ է
Ի՜նչ ալ աղուոր վայելեր է
Հելէ, հելէ, հելէ, նիննոյ է
Եկեղեցիին բակը գացեր է
Պիտի նշանուիմ ըսած է:
Կաթսան կ’եռայ,
Տուէք աղջիկը թող երթայ:
Աղջիկը ուզողին տուէք
Մինչեւ մահը թող խնդայ:
Աղջկան անունը Եղիսա
Ես քեզ պատուհանէն տեսայ:
Ունեցած-չունեցածս ծախեցի
Ըլլամ քո հօրը փեսայ:
Թոնրի մէջ կ’եփեն հացը,
Թփերէն կ’ելլէ օձը:
Ապուրը կ’եփի` իւղ չկայ,
Խնամիները կու գան` տեղ չկայ:
Շատ ուզեցի, չտուին.
Տուին անոր իշու քուռակին:
Ցաթեր է լուսնի լոյսը,
Սիրեմ աչքերու լոյսը:
Նիննա, հոգիս, նիննա է, (պարիր)
Ձեռքերը-ոտքերը հինայ է: [14]

Մաքզանեան ընտանիքը, Մուսա լեռ, Պիթիաս գիւղ, 1892-ի շուրջ։ Ետեւի շարք, ոտքի (երկու երեխաները), ձախէն աջ՝ Հովակիմ Մաքզանեան, Ստեփան/Փիթըր Մաքզանեան։ Մէջտեղի շարք, ձախէն աջ՝ Յակոբ Մաքզանեան (հայրը), Աննա Մաքզանեան (մայրը, ծնեալ Շերպէթճեան), Սամուէլ Մաքզանեան (ոտքի)։ Առջեւի շարք, նստած, ձախէն աջ՝ Յովհաննէս Մաքզանեան, Մովսէս Մաքզանեան (Աղբիւր՝ Ռիչըրտ եւ Լուիզա Ֆուռնոյի հաւաքածոյ, Միացեալ Նահանգներ)

Եկեղեցին կ’երթան շուրջպարով, ճամբու ընթացքին իրենց տան շեմքին կանգնած կանայք լիաբուռ հացահատիկ կը ցանեն հարսին վրայ օրհնելով ու զըղլըթելով...: Երբ արդէն կը հասնին եկեղեցիին մօտակայքը, կը դադրեցնեն երաժշտութիւնը եւ խորհրդաւոր լռութեամբ կը մտնեն եկեղեցի:

Եկեղեցական արարողակարգէն յետոյ, հարսը դարձեալ կը նստեցնեն ձիու վրայ եւ կ’ուղղուին փեսայի տուն. դրան առջեւ կեսուրհայրը մանրադրամ շաղ կու տայ հարսի վրայ, իսկ կեսուրմայրը` հացահատիկի ու շաքարիկներու խառնուրդ մը: Ապա հարսին կը խոստանան նուէրներ, որոնք կը կոչուին «զէնկիլիք» (ասպանդակի վարձք). այն կրնայ ըլլալ հորթ մը, պտղատու ծառ մը, ըստ կարողութեան` հողամաս մը, եւայլն...: Հարսը ձիէն իջնելէն յետոյ կեսուրմայրը նորապսակներու ուսերուն սաճի հաց կը դնէ` ի նշան առատութեան. հարսին կու տայ սափոր մը, որպէսզի գետին նետելով փշրէ այն` չարը խափանելու համար, յետոյ կու տայ գունդ մը խմոր, որ պիտի կպցնէ տան շեմքին` այդ տունը սիրով ու ամուր կպնելու համար, յետոյ կու տան նուռ մը հարուածելու համար, նրան հատիկներուն նման գեղեցիկ ու շատ զաւակներ պարգեւելու համար. յետոյ անուշահոտ տերեւներ ու խունկ վառելով կը խնկարկեն հարսը եւ զայն կ’առաջնորդեն առագաստի սենեակ, ուր ձեռքը կու տան նորածին մանչուկ մը, առաջնեկը տղայ ըլլալու օրհնանքով [15]։

Կիրակի օր կը շարունակուի հարսանեկան կերուխումը. ձեռքերու վրայ շալկած` պարելով կը բերեն հարսի օժիտը, անկողնային պարագաներ, ամանեղէն, հայելի, ջուրի սափոր, հագուստներու սնտուկը, եւայլն: Փեսան կը դիմաւորէ զանոնք, օժիտը վերցնելով նուէրներ կը բաշխէ:

Երկուշաբթի կնքահայրը կը կազմակերպէ ընտանեկան ճաշկերոյթ, որ կը կոչուի «փեսաւերի խնջոյք», ապա փեսան վերցնելով կը տանին պտոյտի` «փեսայապտոյտ»ի, որմէ յետոյ, երեկոյեան քահանան կու գայ նորապսակներու գլուխներէն նարօտը վերցնելու եւ թոյլատրելու փեսային մտնել հարսանեկան սենեակ, որն ալ կ’ընկերակցուի հրացանազարկերով` փեսայի ընկերներուն կողմէ: Յաջորդ օր տարեց կին մը կ’երթայ հարսի ծնողներուն տուն աչքալուսանքի՝ կարմիր խնձոր տանելով իր հետ [16]։

Հարսը երկար ժամանակ քօղով կը շրջի տան մէջ եւ չի խօսիր կեսրայրի ներկայութեան մինչեւ առաջնեկի ծնունդը: Ծնողներուն կրնայ այցելել միայն ամուսինին հետ: Ամուսինէն աւելի ենթակայ է կեսուրի խօսքերուն ու հրամաններուն, որովհետեւ առտնին գործերը կեսուրն է կառավարողը [17]։

Աղջիկ փախցնելը թէեւ պախարակելի է, սակայն կան դէպքեր, երբ ծնողներու կամքին հակառակ աղջիկն ու տղան կը փախին միասին ու կ’ամուսնանան. անշուշտ վէճերէ, կռիւներէ, սպառնալիքներէ յետոյ կը հաշտուին ծնողներու հետ: Կան նաեւ տնփեսայ երթալու պարագաներ, երբ աները տղայ զաւակ չունի եւ փեսան կու գայ աներոջ տուն, ստանձնելով տան բոլոր պարտականութիւնները:

Մուսա Լեռէն հայ ընտանիք մը, ինքնութիւնը անծանօթ, լուսանկարուած շատ հաւանաբար 1915-էն առաջ (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)

Ծնունդ

Յղի կանանց նկատմամբ յատուկ ուշադրութիւն չեն դարձներ, սակայն գուրգուրալից վերաբերմունք ունին. յատկապէս երբ ինչ որ պտուղ կամ բանջարեղէն կը հասնի, կամ կերակուրի մը բուրմունքը կը տարածուի, առաջինը կը բերեն անոր, որպէսզի չ’ըլլայ թէ «ախորժակը քաշէ» եւ ինք չկրնայ ճաշակել...: Կնոջը կ’արգիլուի նայիլ անճոռնի երեւոյթներու, վախնալով որ ասոնք կ’ազդեն պտուղին:

Վերջին ամիսներուն տան տղամարդոցմէ մէկը օրօրոցի պատուէր կու տայ, իսկ մեծ մայրիկը կը պատրաստէ ներքնակը, վերմակն ու բարձը:

Ծննդաբերութիւնը տեղի կ’ունենայ տան օճախի կողքին. դայեակն ու քանի մը փորձառու հարեւան պառաւներ կ’օգնեն ծննդաբերութեանը. դայեակը նորածինի պորտը կը կտրէ ու կը կապէ. մարմինը կ’աղէ փոշիացած աղով, յատկապէս առատօրէն կը ցանէ մարմնի ծալքերուն. ապա կը փաթթէ խանձարուրի մէջ եւ ստանալով իր նուէրը (դրամ եւ հագուստեղէն), ընկերքը կը տանի հետը ինչ որ գաղտնի տեղ մը թաղելու համար:

Յաջորդ օրը դայեակը կու գայ նորածինը աղէն հանելու եւ լոգցնելու. լոգանքի տաշտին մէջ անպայման պողպատեայ առարկայ մը կը նետեն, որպէս չարխափան միջոց. ծննդկանի բարձին տակ արդէն նախորդ օրուընէ դանակ կամ մկրատ դրած կ’ըլլան: Նորածինի գլխարկին կապոյտ ուլունք մը կը կախեն, իսկ լոգանքի ջուրը կը լեցնեն պատերուն առանքը: Մօրը կը կերակրեն խաւիծով եւ քանի մը օր կարմիր քաղցր գինի կը խմցնեն [18]։

Մուսա Լեռէն հայ ընտանիք մը, ինքնութիւնը անծանօթ (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)

Առաջնեկի ծնունդը մեծ ուրախութիւն է ընտանիքի համար, յատկապէս եթէ մանչ է, զոր կը կոչեն մեծ հօր անունով, աղջիկ ըլլալու պարագային` մեծ մօր անունով:

Ինչպէս բոլոր շրջաններու մէջ, այդպէս ալ Մուսա Լերան գիւղերուն մէջ առաջին քառասուն օրը ծննդկանն ու նորածինը կը մեկուսացնեն եւ չեն խանգարեր զանոնք այցելութիւններով: Աչքալուսանքի համար քառսանաք (քառասունքի նուէր) կը բաժնեն հարազատներուն, իսկ ծանօթներուն` քաղցրեղէն [19]։

Քառասուն օրական երախան կը տանին եկեղեցի, ուր քահանան յատուկ պահպանիչ աղօթք կ’ընթերցէ. «Քառասունքէն հանել» ,- կ’որակեն այս ծէսը:

Նորածինի խնամքի համար լեռնէն կը բերուի սպիտակ կրահող. նախ այն կը չորցուի արեւուն կամ քամիի տակ, ապա կը պահեստաւորուի, ըստ կարիքի օգտագործելու համար: Մայրը երախայի տակաշորը (ներքնաշոր) փոխելու համար, գետնին դրուած յատուկ բազմոցին վրայ կը փռէ կտաւ մը, վրան կը լեցնէ մաքուր կաւահողը, ապա երկրորդ կտաւով կը ծածկէ, ու երախան կը պառկեցնէ այդ կտաւին վրայ, յետոյ ոտքերու առանքը կը ծածկէ այդ յարմարանքով, ապա երրորդ կտաւով մը ամուր կը բարուրէ երախայի ոտքերն ու ձեռքերը, որպէսզի չկարենայ բացուիլ. երախան տակը թրջելու ժամանակ, կաւահողը կը ներծծէ խոնաւութիւնը եւ մարմինը չի խաշուիր [20]։

1) Մուսա Լեռ, 1938. Հերմինէ (կեդրոնը) իր եղբայրներուն՝ Փայլակի (ձախին) եւ Գէորգի (աջին) հետ (Աղբիւր՝ Տէր Նարեկ Շրիգեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս. շնորհակալութիւններ Լիզա Մանոյեանի)
2) Մուսա լեռցի հայուհիներ, ինքնութիւննին անծանօթ (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)

Կնունք

Կնունքը կը կատարեն մինչեւ նորածինի քանի մը ամսական դառնալը. նախընտրաբար առաջին ամսուն. երբ օրը հասնի, սանահայրը կ’երթայ մօտակայ քաղաք մը, կնքահօր արժանի նուէր մը գնելու (ընդհանրապէս կնքահօր նուէրը զոյգ մը կօշիկ կ’ըլլայ): Իսկ կնունքի վերաբերող եկեղեցական բոլոր ծախսերը կնքահայրը իր վրայ կը վերցնէ. կնունքի արարողութենէն յետոյ, եկեղեցիէն վերադարձին, կնքահայրը պէտք է երախան իր ձեռքերուն մէջ պահած բերէ տուն, քանի մը մեթր թանկագին կերպասեղէն ալ նուէր տալով: Քահանան երախան կը վերցնէ կնքահօր գրկէն եւ կը յանձնէ մօրը [21]։

Երեք օր անց, կնքամայրը կու գայ լոգցնելու կնքուած մանկիկը. լոգցնելու տաշտին մէջ մետաղադրամ կը նետեն, որպէս նուէր, այդ ջուրն ալ կը լեցնեն ծառի մը տակ:

Եթէ երախան ուշ սկսի խօսիլ, կը տանին եկեղեցի, որպէսզի քահանան եկեղեցւոյ գլխաւոր դրան բանալին պտտեցնէ անոր բերանին մէջ, հաւատալով որ այս արարողակարգը կ’օգնէ անոր խօսելուն [22]։

1) Մուսա լեռցի երկու փոքրիկ եղբայրներ, ինքնութիւննին անծանօթ (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)
2) Մուսա լեռցի մեծ մայրիկը իր թոռներուն հետ. ինքնութիւննին անծանօթ (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)

Ակռահատիկ

Ակռաները հանելու ժամանակ երախան լացկան կը դառնայ. ձեռքին կանաչ սոխ կու տան, որպէսզի կրծելով թմրեցնէ ծակող ակռայի ցաւը: Երբ առաջին ակռան կ’երեւայ, մեծ մայրիկը ցորենահատիկ (յաճախ նաեւ այլ հատիկեղէններ) կը խաշէ եւ հրաւիրելով ազգականներուն` ակռահատիկի արարողակարգ կ’ընեն: Երախան կը նստեցնեն սեղանի վրայ, քօղով կը ծածկեն դէմքը, գլխուն հատիկ կը լեցնեն, ապա կը սպասեն, որ երախան վերցնէ իր դիմաց դրուած առարկաներէն մէկը` այդպիսով գուշակելով անոր ապագայ մասնագիտութիւնը:

Մուսա Լեռէն հայ ընտանիք մը, ինքնութիւննին անծանօթ (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)

Մահ եւ թաղում

Երբ որեւէ մէկը կը մահանայ, եկեղեցւոյ միալար տխուր զանգերը կը գուժեն մահը եւ բոլոր գիւղացիները կու գան մասնակցելու անոր յուղարկաւորութեան: Թաղման արարողութենէն յետոյ, ննջեցեալի հարազատները երեք օր կերակուր կը պատրաստեն եւ կը ղրկեն եկեղեցի` եկեղեցականներու համար, որոնք յաճախ զայն կը բաժնեն աղքատներուն [23]։

Սովորութիւն կայ, մահամերձի մօտ կանչել քահանան, որպէսզի վերջին հաղորդութիւն տալով մեղքերու քաւութիւն շնորհէ անոր: Մահանալէն յետոյ բարձը կը հանեն գլխատակէն եւ անպայման կը բանան տան լուսամուտները: Ապա կը լոգցնեն, կը պատանքեն ու անմիջապէս դագաղի պատուէր կու տան: Դիակը կը տանին եկեղեցի, մահուան արարողակարգէն յետոյ միայն գերեզմանատուն: Վերադարձին դրացի կամ ազգական կանայք կու գան մխիթարելու, առտնին գործերն ընելու եւ կերակուր պատրաստելու [24]։

Մուսա Լեռ. թաղման արարողութիւն (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)

  • [1] Յաբեթ Մ. Իսկէնտէրեան, Սւէտիոյ Բարքերը, Գահիրէ, 1917, էջ 11:
  • [2] Գրիգոր Գյոզալեան, Մուսա Լերան Ազգագրութիւնը, Երեւան, 2001, էջ 148-150:
  • [3] Մարտիրոս Գուշագճեան եւ Պօղոս Մատուռեան, Յուշամատեան Մուսա Լերան, Պէյրութ, 1970, էջ 163:
  • [4] Մուսա Լերան Ազգագրութիւնը, էջ 151:
  • [5] Յուշամատեան Մուսա Լերան, էջ 164:
  • [6] Մուսա Լերան Ազգագրութիւնը, էջ 152: 
  • [7] Սւէտիոյ Բարքերը, էջ 12:
  • [8] Մուսա Լերան Ազգագրութիւնը, էջ 145:
  • [9] Թովմաս Հապէշեան, Մուսա-տաղի Պապենական Արձագանգներ, Պէյրութ, 1986, էջ 22:
  • [10] Մուսա Լերան Ազգագրութիւնը, էջ 153:
  • [11] Յուշամատեան Մուսա Լերան, էջ 166:
  • [12] Մուսա Լերան Ազգագրութիւնը, էջ 155:
  • [13] Յուշամատեան Մուսա Լերան, էջ 168:
  • [14] Վերժինէ Սվազլեան, Մուսա Լեռ, Երեւան, 1984, էջ 118-123:
  • [15] Մուսա-տաղի Պապենական Արձագանգներ, էջ 23:
  • [16] Սւէտիոյ Բարքերը, էջ 16:
  • [17] Յուշամատեան Մուսա Լերան, էջ 170:
  • [18] Մուսա Լերան Ազգագրութիւնը, էջ 169:
  • [19] Մուսա-տաղի Պապենական Արձագանգներ, էջ 27:
  • [20] Մուսա Լերան Ազգագրութիւնը, էջ 170:
  • [21] Յուշամատեան Մուսա Լերան, էջ 170:
  • [22] Մուսա Լերան Ազգագրութիւնը, էջ 174:
  • [23] Յուշամատեան Մուսա Լերան, էջ 170:
  • [24] Մուսա Լերան Ազգագրութիւնը, էջ 182: