Մարաշի մէջ կտաւ ներկողներ (Աղբիւր՝ Միհրան Մինասեանի հաւաքածոյ)
Մարաշի մէջ կտաւ ներկողներ (Աղբիւր՝ Միհրան Մինասեանի հաւաքածոյ)

Մարաշի սանճաք - Արհեստներ

Հեղինակ՝ Վարդի Քէշիշեան, 22 Սեպտ. 2011 (վերջին փոփոխութիւնը՝ 22 Սեպտ. 2011)

Հնագոյն ժամանակներէն Մարաշը ծանօթ է իբրեւ արուեստներու եւ արհեստներու ծաղկեալ կեդրոն մը, ուր հայկական ներկայութիւնը միշտ ալ զգալի եղած է: Հինէն ի վեր արհեստի որոշ ճիւղեր զարգացման անհամեմատ բարձր աստիճանի հասած են հայ տարրին ստեղծագործ տաղանդին շնորհիւ:

Բնակչութեան զբաղումներուն համապարփակ քննութիւնը ցոյց կու տայ, որ գոյութիւն ունի աշխատանքի դաշտի յստակ տարանջատում: Այսպէս, ոսստայնանկութիւնը, դերձակութիւնը, ներկարարութիւնը, կօշկակարութիւնը, կահագործութիւնը, ոսկերչութիւնը, ջաղացպանութիւնը, եւլն, հայոց սեփական արհեստներն են, իսկ խաղախորդութիւնը, երկաթագործութիւնը, սարրաճութիւնը (կաշեգործութիւն) թուրքերու յատուկ արհեստներ են [1]: Արհեստներով կը զբաղին ե՛ւ քաղաքի ե՛ւ գիւղական շրջաններու մէջ: Թէեւ գաւառի բնակչութեան գերակշռող մեծամասնութիւնը խաշնարածութեամբ ու երկրագործութեամբ կը պարապի, սակայն կարգ մը խոշոր գիւղախումբեր եւ գաւառակներ, արհեստներու տեսակէտէն բաւական յառաջացած վիճակ մը կը պարզեն:

Արհեստագործութեան առաւել զարգացած շրջաններէն է զուտ հայաբնակ Ֆընտըճագը, որ Մարաշի գլխաւոր եւ ամէնամեծ հայկական գիւղն է եւ Տէրէքէօյ, Քէշիֆլի գիւղերուն հետ գիւղախումբ մը կը կազմէ: Այստեղ կան կեանքի ու կենցաղի համար անհրաժեշտ բոլոր արհեստներն ու արհեստաւորները՝ ջուլհակ, կօշկակար, ատաղձագործ, երկաթագործ, որմնադիր, ջաղացպան, եւլն: Ասոնք ո'չ միայն տեղական կարիքները կը գոհացնեն, այլ նաեւ՝ շրջակայ թուրք գիւղերունը, որոնք արհեստներէ բոլորովին զուրկ են: Գիւղերու բնակչութիւնը երկրագործութենէ եւ անասնապահութենէ զատ, կը զբաղի փայտամշակութեամբ. շրջակայ անտառներէն ծառեր կտրելով՝ գերան, հեծան, մարդակ ու այլ ատաղձներ կը պատրաստեն, եւ տեղական պահանջքը բաւարարելէ ետք, մեծ քանակութեամբ կ'արտածեն Մարաշ, Այնթապ եւ մօտակայ քաղաքներ: 20րդ դարու սկիզբը Պաղտատի երկաթուղիին հաստատումը մեծ բարիք մը կ'ըլլայ այս գործին համար:

Քէշիֆլի գիղին մօտակայքը կը գործէ Մանուկ աղա Գալուստեանին սեփական ջաղացքը, որ կը մատակարարէ շրջաակայ բոլոր գիւղերուն:

Ինչպէս ողջ գաւառին, նոյնպէս անոր սահմաններէն դուրս համբաւաւոր են Մարաշէն արեւմուտք՝ Անտըրըն գաւառակի գիւղերուն մէջ գործուած կապերտներն ու կապաները, ինչպէս նաեւ՝ Կէօքսիւն գիւղաւանին արծաթէ ընտիր բանուածքները, զորս կը պատրաստեն մեծ մասամբ այս կողմերը հաստատուած չէրքէզները. արհեստ մը, որ Կովկասէն բերած են իրենց հետ: Կէօքսիւնի, Տէյիրմէնտէրէի եւ Թաշօլուգի խառն բնակչութիւն ունեցող կամ զուտ հայ՝ Քիրէճ (այժմ Քիրեչքէօյ) եւ Կէօլ-փունար (այժմ Կէօլփինար) գիւղերուն մէջ կը յիշուին փոքրաթիւ արհեստաւորներ՝ երկաթագործ, կլայեկագործ, ինչպէս նաեւ մանրածախ առեւտրականներ: Գիւղական շրջաններու բնակչութիւնը ընդհանրապէս իրենց կարեւոր գնումներուն համար կը դիմեն Մարաշի շուկայի հրապարակը:

20րդ դարու սկիզբները, շերամաբուծութիւնը իբր շահաւէտ գործ կը սկսի ուշադրութեան առարկայ ըլլալ, լայնատարած թթաստաններ կը տնկուին Մարաշ եւ շրջակայքը՝ շրջանէն ներս մետաքսի գործը զարգացնելու համար։ Սակայն շերամաբուծութիւնը եւս, ինչպէս շատ ու շատ արհեստներ, կը դադրի Մարաշէն հայ տարրին պարպումով ու անհետացումով, որովհետեւ տեղաբնակ թուրքերը շերամաբուծութեան աւանդոյթներուն ծանօթ չէին:

Արհեստներու այլազանութեամբ եւ առատութեամբ անհամեմատ հարուստ է Մարաշ քաղաքը: Բնականաբար միջավայրը, բնակչութեան կեանքի ու կենցաղի պայմանները իրենք կը թելադրեն արհեստներու տեսակներն ու անոնց զարգացումը ժամանակի ընթացքին: 18-19րդ դարերուն Մարաշը այլեւս կորսնցուցած էր առեւտուրի տարանցիկ ճանապարհներու վրայ կարեւորութիւնը, հետեւաբար նաեւ նախորդ դարերու տնտեսական բարգավաճ վիճակը, եւ սահմանափակուած էր առաւելաբար կենցաղային անհրաժեշտութեան արհեստներով, ընդհանրապէս հեռու ճոխ եւ բարեկեցիկ կեանքի շքեղութիւններէ:

Ո՞ր ժամանակներուն եւ ի՞նչ աւանդոյթներու վրայ ձեւաւորուած ու զարգացած է արհեստի այս կամ այն ճիւղը Մարաշի մէջ, դժուար է միանշանակ պատասխաններ գտնել։ Սակայն աշխատանքի բնոյթը, կարգ մը շեշտուած առանձնայատկութիւններ, անուանումներ, եւլն, կ'արտօնեն զանոնք մեծ մասամբ վերագրել հայկական տարրին:

Հայ ազգագրական տարբեր շրջաններու եւ Մարաշի արհեստագործութեան միջեւ դիւրաւ կարելի է նշմարել ե'ւ ընդհանրութիւններ ե՛ւ նմանութիւններ: Հանգամանք մը, որ պիտի օգնէ մեզ մօտենալ Մարաշի մէջ ծաղկած արհեստի ակունքներուն: Կարելի է եզրակացնել, որ վաղ ժամանակներէն այս տարածքներ տեղափոխուած հայեր իրենց հետ բերած են սովորութիւններ, բարքեր, ընկալումներ, որոնք աւանդաբար՝ սերունդէ սերունդ փոխանցուելով եւ պահպանուելով յարատեւած են: Բնական է, որ արհեստներն ալ այս ճամբով շարունակուած եւ գոյատեւած են։

Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ արհեստաւորներու կողմէ գործուած իրեր (Պետրոս Տիգիճեանի հաւաքածոյ)

Անշուշտ, անխուսափելի եղած են ե'ւ ազդեցութիւնները ե'ւ փոփոխութիւնները. վստահաբար շատ բան կորսուած ու մոռացութեան մատնուած է: Այսօր, գրեթէ անքննելի հարցեր են թէ ի՞նչ փոփոխութիւններ կրած է հայ նիւթական մշակոյթը Մարաշի մէջ, կամ ի՞նչ ազդեցութիւններով է հարստացած: Ազգային, կրօնական, ընկերային պատուարները, ի հարկէ որոշիչ դեր ունեցած են ձեռարուեստի կարգ մը ճիւղերու գրեթէ անաղարտ պահպանման համար: Պէտք չէ մոռնալ, որ կարգ մը արհեստներ ուղղակիօրէն կ'առնչուին՝ տարազագործութեան, կեանքի ու կենցաղի, կրօնական հաւատալիքներուն եւ ըմբռնումներուն հետ: Ուստի կարելի է ըսել, որ մէկ կողմէ ազգային, կրօնական սովորութիւնները, միւս կողմէ հայկական շեշտուած աւանդապահութիւնը, ապահոված են արհեստներու շարունակականութիւնն ու հետագայ զարգացումը Մարաշի մէջ:

19րդ դարու երկրորդ կիսուն՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ծաւալած առեւտրատնտեսական նոր յարաբերութիւնները, գիտութեան, ճարտարարուեստի յառաջընթացը, մեծ թափ կը հաղորդեն արհեստներուն, խթանելով տեղական արհեստագործութեան եւ արդիւնաբերութեան զարգացումը: Տնտեսական վերելքը, առեւտուրի ընդլայնումը, նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծեն տնայնագործութեամբ սահմանափակուած արհեստները արտադրութեան դաշտ տեղափոխելու՝ աշխատանոցներ, արհեստանոցներ հիմնելու, այդպիսով նաեւ արտադրանքի ծաւալը աւելցնելու:

1890ական թուականներու տուեալներով Մարաշի մէջ կան 1900 խանութ, 7 իջեւանատուն, 11 բաղնիք, 281 արհեստանոց, 2 օճառի տնայնագործական գործարան, 11 փուռ [2]:

Առաջին հայեացքով այս թիւերը իսկապէս կրնան ուռճացուած թուիլ, կամ բնակչութեան աւելի մեծ թիւ ունեցող քաղաքի մը յարմարիլ, սակայն հարկ է նկատել, որ գործարան, խանութ կամ արհեստանոց կոչուած այս հաստատութիւնները, իրականութեան մէջ շատ փոքր ձեռնարկութիւններ են։ Օրինակ՝ գործարան կը կոչուի վարպետ մը եւ մէկէ աւելի գործաւորներ ունեցող արհեստանոցը, խանութը՝ ընդհանուր հասկացողութիւն մըն է, կրնայ հասկցուիլ իբրեւ արհեստաւորի մը աշխատանոցը՝ աշխատելու կամ ապրանքը ծախելու վայրը: Իսկ արհեստանոցները՝ փոքրիկ աշխատանոցներ են, ուր կ'աշխատին տուեալ արհեստին արհեստաւորը, անոր ընտանիքին անդամներն ու աշակերտները:

Օսմանեան կայսրութեան չափանիշները նկատի առնելով կարելի է ըսել, որ Մարաշ գաւառը արհեստներու եւ տնտեսութեան բաւական ծաղկեալ վիճակ մը ունի: Արտադրանքի արդիւնքը ըստ հիմնականին կը բաւարարէ գաւառի բնակչութեան խնդրանքը, իսկ որոշ ճիւղերու մէջ նոյնիսկ արտածում կ'ըլլայ:

Մարաշի եւ շրջակայքի արհեստները կարելի է դասակարգել հետեւեալ չորս խումբերու մէջ.

ա. Սնունդի՝ ջաղացպանութիւն, հացագործութիւն, հրուշակագործութիւն, մսավաճառ, եւլն:

բ. Հագուստի եւ կօշիկի՝ դերձակութիւն, կօշկակարութիւն, մուշտակագործութիւն։

գ. Հիսուածեղէնի՝ ջուլհակագործութիւն, ասեղնագործութիւն, գորգագործութիւն, գուլպայագործութիւն, եւլն:

դ. Կենցաղային պահանջքի՝ ոսկերչութիւն, երկաթագործութիւն, պղնձագործութիւն, կլայեկագործութիւն, ատաղձագործութիւն, ներկարարութիւն, հիւսնութիւն, որմնադրութիւն, բրուտագործութիւն, թամբագործութիւն, եւլն:

Բոլոր այս արհեստներուն մէջ ընդհանրապէս տիրապետող դիրքեր ունին հայերը [3]։

Ոստայնանկութիւն - Ջուլհակութիւն

Մարաշի եւ շրջակայքի ամէնէն շատ աշխատող ձեռքեր ունեցնող արհեստներն են՝ ոստայնանկութիւնը՝ ջուլհակութիւնը, կտաւագործութիւնը եւ յարակից արհեստները: Գլխաւորաբար հայերու ձեռքը գտնուող աւանդական այս արհեստները ապրուստի միակ միջոցն են բազմաթիւ ընտանիքներու համար: Մեծ ջուլհականոց մըն է կարծես Մարաշը, ուր իւրաքանչիւր տունէն, անգամ չքաւոր ընտանիքէն անբաժան են ջուլհակի «հորն» ու տէզկեահը (դեզգեահ): Այս կը թելադրէ, թէ ջուլհակութիւնը, կտաւ գործելը, սկիզբները արհեստ ըլլալէ աւելի տնայնագործութիւն մըն է եղած՝ գոհացում տալու ընտանիքի անմիջական կարիքներուն եւ մաս մըն ալ վաճառքի հանելու համար:

19րդ դարու վերջերը, ինչպէս միւս բոլոր արհեստները, Մարաշի մէջ լայն տարածում ունեցող հիւսուածեղէնի եւ կտաւի արտադրութիւնը եւս անհամեմատ մեծ ծաւալներ կը ստանայ:

Սկիզբները նոյնիսկ աշխատանքի բաժանում չկար, այսինքն գործը ծայրէ ծայր՝ հում նիւթի մշակումէն, դերձանի պատրաստումէն մինչեւ գործելը, նոյն անձը կը կատարէր: 19րդ դարու կէսերէն, արտադրանքի պահանջարկի եւ ծաւալի աճը, յառաջ կը բերէ արհեստանոց աշխատանոցներու եւ գործատու վարպետներու բաւական ընդարձակ ցանց մը: Տեղի կ'ունենայ աշխատանքի բաժանում, յառաջ կու գան մասնագիտացուած ճիւղեր՝ ուր թելը մանողը, ներկողը, գործողը առանձին վարպետներ են:

Թէեւ այս բաժանումն ալ յարաբերական է, եւ առաւելաբար կը վերաբերի ձեռնարկատէր վարպետներուն, տուներու եւ գիւղական շրջաններու մէջ տնայնագործական եղանակը կը տիրապետէ: Իրականութեան մէջ ջուլհակութիւնը ժողովրդական արհեստ է եւ սերունդէ սերունդ փոխանցուելով կը շարունակէ մնալ իբրեւ կենցաղի անբաժան մաս:

Ջուլհակութեամբ կը զբաղին ե'ւ քաղաքներու ե'ւ գիւղական վայրերու մէջ, այն «փնտռուած արհեստ» մըն է որքան այրերու, նոյնքան կանանց համար: Հասարակաց այս ընդհանրութեամբ է թերեւս պայմանաւորուած այս արհեստին հետեւողներու մեծ թիւն ու տարածումը: Պէտք է աւելցնել նաեւ կարգ մը այլ գործօններ։ Նախ՝ արհեստին մատչելիութիւնը՝ աշխատուժի, հումքի, գործիքներու առումով, ինչպէս նաեւ պատրաստի արտադրանքի պահանջարկն ու սպառումը: Ոչ նուազ կարեւոր դեր ունին նաեւ երկրին ճարտարագիտական յետամնացութիւնն ու արհեստներու սահմանափակութիւնը: Հայկական ձեռներէցութիւնն է նաեւ, որ կարելիութեան սահմաններու մէջ կը ձգտի օգտագործել տեղական հնարաւորութիւնները, իր անմիջական կարիքներուն համար:

Այսպիսով, Մարաշի եւ շրջակայքի ամենազարգացած եւ տարածուն արհեստներու շարքին են ջուլահակութիւնն ու յարակից բոլոր արհեստները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը հանդիսանայ ամբողջական շղթայի մը մէկ օղակը:

Մանածը տէզկեահին հասնելէ առաջ մշակման երկար ու աշխատատար ճանապարհէ կ'անցնի: Նախ բամպակը կը կորիզազերծուի, ապա յատուկ բաղադրութեամբ լափայի [4] մը մէջ կը թրջեն, ետքը արեւին տակ կը փռեն որ ճերմկնայ: Այնուհետեւ գետի առատ ջուրերու մէջ կոխկրտելով կը լուան, թակով կը ծեծեն, յետոյ կրկին կը փռեն արեւի տակ: Այս աշխատանքը մեծ մասամբ տղամարդիկ կը կատարեն:

Թելը մանելու աշխատանքը՝ ճախարակով կամ իլիկով, սովորաբար կանայք կը կատարեն: Թելը կը մանեն տարբեր հաստութեամբ՝ հաստ, բարակ եւ միջակ, իւրաքանչիւրը համապատասխան կտորի կամ հիւսուածքի համար: Մարաշի մէջ պատարստուած մանածը մեծ պահանջարկ ունի հումքի սակաւութիւն ունեցող շրջակայ քաղաքներուն մէջ, ուր տեղական պահանջները գոհացնելու համար Մարաշէն դերձան ներմուծելով կտաւ կը գործեն [5]:

Բարակ մանուած բամպակաթելով կը գործուի տեղական՝ խասա կոչուած կտաւը, որ շատ ընդհանրացած է ինչպէս Մարաշի, այնպէս ալ շրջակայքի մէջ: Ասկէ կը կարեն կանացի ներքնազգեստ, գիշերանոց, յատկապէս կը ծառայէ օժիտի անհրաժեշտ պարագաները կարելու, ինչպէս նաեւ ասեղնագործութեան համար:

Միջակ մանուած թելով կը գործուի պէզ կամ մաղրում կոչուած տեղական կոշտ կտաւը, որ մեծ սպառում ունի Մարաշի եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ: Մեծ մասամբ կիներ կը գործեն տուներու մէջ, դերձանը նոյնպէս իրենք մանելով: Կը գործածուի անկողինի եւ տնային այլ պարագաներու համար, կանանց անթարի կոչուած վերնազգեստ եւ անդրավարտիք (շալվար):

Հաստ մանուած կոշտ հիւսուածեղէնով կը կարեն ապա կոչուած տղամարդու վերնազգեստ, ելեք, կապոյտ ներկուած կտաւէ՝ զպուն, սեւ գոյնով՝ շալվար, եւլն:

Բացի բամպակէ, մանած կը պատրաստեն նաեւ զանազան բրդեղէնէ՝ ոչխարի եւ տեղական այծի մազէն, որոնք լուացուելէ, գզուելէ եւ ոլորուելէ ետք նոր կեանք կը ստանան: Ասով կը կարեն այր մարդոց շալվար, պարեգօտ՝ ապա, եւլն:

Մանածը ներկելու, խաշըլ [6] ընելու, մասուրա (մաքոք, կոճ) փաթթելու, առէջք հենելու բոլոր գործերը կը կատարեն ե'ւ կանայք ե'ւ տղամարդիկ հաւասարապէս [7]:

Համբաւաւոր է Մարաշի ալաճա կոչուած բամպակեայ կամ խառն բանուած կիսամահուդ կտորը, տեսակ մը խատուտիկ կերպաս՝ գծաւոր կամ ծաղկեայ, որ իր անունը ստացած է երփներանգ, խայտաբղետ գոյներուն համար: Ասով կը կարուի կիներու եւ այր մարդոց՝ անթարի կամ զպուն կոչուած երկար պարեգօտը, որ տարածուած է շատ մը հայկական բնակավայրերու մէջ: Ալաճայի գործը գերազանցապէս հայոց կը պատկանի: Տեղական պահանջները բաւարարելէ զատ, մեծ քանակութեամբ կ'արտածուի Մարաշի շրջակայ քաղաքներն ու գիւղերը՝ մինչեւ Կեսարիա եւ Փոքր Ասիոյ ներքին գաւառները, ինչպէս նաեւ Սուրիա [8]:
Յատկանշական է, որ ալաճան, (ճանչցուած է նաեւ մանիսա անունով) լայն տարածում ունի ո'չ միայն Կիլիկիոյ քաղաքներու մէջ՝ Ատանա, Այնթապ, Քիլիս, Հաճըն եւ այլուր, այլ նաեւ հայկական գաւառներու եւ բնակավայրերու՝ Վան, Կեսարիա, Պոլիս, Նոր Նախիջեւան, եւլն: Ուշագրաւ է, որ Մարաշի ալաճան ե'ւ որակական ե'ւ գունային յատկանիշներով կը համապատասխանէ հայկական այլ բնակավայրերու մէջ գործուածին: Այս հանգամանքը հիմք կու տայ եզրակացնելու, որ ինչպէս հայ կիրառական արուեստի բազմաթիւ տարրեր, ալաճայի աւանդոյթը նոյնպէս Մարաշ հասած է դարեր առաջ բուն Հայաստանէն այստեղ տեղափոխուած հայ վերաբնակներու կողմէ եւ սերունդէ սերունդ փոխանցուելով, պահպանած է իր առանձնայատկութիւնները: Այսպիսով, ինչպէս ջուլհակագործութիւնը ընդհանրապէս, նոյնպէս ալաճա գործելը, կը պատկանի Մարաշի հայոց աւանդական արհեստներու շարքին:

Արհեստը կը բանեցնեն վարպետները` ալաճաճը ուսթասը, որոնք ունին տասնեակներով, երբեմն հարիւրաւոր ջուլհակներ՝ճուլֆա իշճիսի։ Այս վերջինները պատրաստի հումքը՝ հենուած առէջքի տիրէզին խոշոր կծիկը (եումաք) իրենց ջուլհակատունը տանելով ալաճա կը գործեն: Վարպետները միաժամանակ մանածը ներմուծող, եւ բանուածքը արտածող վաճառականներ են:

Առաջին Համաշխարհային Պատերազմէն առաջ Մարաշի մէջ ալաճայի գործով կը զբաղին բազմաթիւ ընտանիքներ, որոնցմէ են՝ Պետրոս Եիրիքեան եւ ընտանիքը, Պօղոս Սաաթճեան, Վարդիվառ Շահզատէեան, Պուլղուրճեաններ, Գօվուգլեաններ, Տէր Յովհաննէսեաններ, Սէֆէրեաններ, Մեծապատիւեաններ, Տէր Մեսրոպեաններ, Հաճի Փարթամ, Կարապետ Հիւսիւքիւթեան, եւլն: Այս վարպետները իրենց գործաւորներու գործած ալաճան ծախու կը հանեն Ալաճաճը Պէտէսթէնի մէջ [9]:

Այսպիսով, 19րդ դարուն եւ 20րդ դարու սկիզբները, ինչպէս Հայկական Բարձրաւանդակի շատ մը գաւառներու, Մարաշի մէջ նոյնպէս հագուստեղէնի հիմնական տեսակները կարելու համար ամէնէն գործածական կերպասը գծանախշ կամ զարդանախշ ալաճան է:

Հակառակ ծանր ու հոգեմաշ աշխատանքին, ալաճա գործողները եւ առհասարակ ջուլհակները ծանր պայմաններու մէջ կ'ապրին, եւ իրենց խեղճուկ օրավարձով հազիւ թէ կրնան յաճախ բազմանդամ ընտանիքներուն կարիքները հոգալ:

Թէ ի՞նչ կենսական դեր ունեցած է ջուլհակութիւնը մարաշահայոց կեանքին մէջ, կարելի է դատել նաեւ այն իրողութենէն, որ նոյնիսկ արհեստին նուիրուած տեսթաններ [10] յօրինուած են: Բանաւոր տեղեկութիւններու համաձայն, յատուկ ձիրքերով օժտուած ջուլհակներ, երգեր եւ տեսթաններ կը հիւսէին աշխատանքի պահուն, որոնք մեծ մասամբ կը պատմէին ջուլհակներու կեանքի ու աշխատանքի ծանր պայմաններուն մասին: Գր. Գալուստեան, 1899ին, երբ տակաւին Տարսոն Գոլէճի ուսանող էր, ամառնային արձակուրդը անցուցած է ալաճա գործելով, եւ տեսթանով մը տուած է այդ արհեստին նկարագրութիւնն ու ջուլհակներու ծանր պայմանները:

Ահա նմուշ մը.

Պիզիմ էսնաֆա տէնիլիր ճուլֆա,
Իշճիլէրին տէ իւնվանը ... գալֆա,
Հազրէթ ի Ատէմին կիւնիւնտէն գալմա,
Պու սանաաթըն ատը պէօյիւք տիւր:

Օ՜ֆ, շու տիւնեատա վա՞ր մը պիր պէլա,
Քի ճուլֆալըգտան պէշ-պէտթէր օլա,
Շու նէմ չուգուրտա տուշմանըմ գալա,
Եօ՜գ, տուշմանա տա տէրտ պէօյիւք տիւր 
[11]։

Թարգմանութիւն՝

Մեր արհեստակիցներուն ջուլհակ կ'ըսեն,
Գործաւորներն ալ քալֆա [12] կը կոչուին
Տիտղոս մը՝ որ Ադամի օրերէն է մնացած
Այս արհեստին անունը մեծ է:

Ո՜հ, այս աշխարհին մէջ կա՞յ դժբախտութիւն մը,
Որ ջուլհակութեթնէն աւելի ծանր ըլլայ,
Այս տամուկ փոսին մէջ թշնամիս թող մնայ,
Ո՜չ, անգամ թշնամիիս այս ցաւը շատ է: [13]

Յարութիւն Նաշալեան Մարաշի կրթական գործը ներկայացնող իր ուսումնասիրութեան մէջ կ'ըսէ, թէ ջուլհականոցները դեռատի տղոց համար արհեստի կողքին, նաեւ դպրոցի դեր կը կատարէին: Հինէն եկած աւանդոյթի համաձայն, ուսեալ գրաճանաչ վարպետները, որոնց մէջ կային Մարաշի հին վանական ուսումնարաններէն ելած միաբաններ, քահանաներ, ջուլհականոցներու՝ ճուլֆա տամըի տանիքին տակ իրենց աշկերտ-աշակերտներուն նախ թախտա կարդալ, այսինքն՝ գրել-կարդալ կը սորվեցնէին: Թախտան քառակուսի տախտակ մըն է, որուն վրայ այբուբենը գրուած է, զոր կը կախեն փոքրիկներու վիզէն: Այբուբենը լմնցնելէ ետք, կը սկսին Սաղմոս, Աւետարան, Նարեկ, եւլն սորվիլ, իսկ եկեղեցի յաճախող տիրացուներ բերնուց կը սորվին շարականներ եւ եկեղեցական երգասացութիւններ [14]: Գր. Գալուստեանի հաւաստմամբ Մարաշի ջուլհականոցները շատ մը եկեղեցականներու եւ մտաւորականներու առաջին նախակրթարանները եղած են:

Ալաճայէ զատ Մարաշի մէջ կը գործուին տարբեր տեսակի այլ հիւսուածեղէններ: Ապաճիները կը գործեն ապաներ՝ պէտէն ապա կոչուած հին օրերու վերարկուները, որոնք երբեմն կը գործուին բուրդէ, մետաքսէ եւ սըրմա կոչուած ոսկեթել նախշերով եւ բաւական սուղ արժեն: Կայ նաեւ պօզ ապա կոչուած երկար՝ արաբական մաշլահ յիշեցնող վրանոց տեսակը:

Մարաշի մէջ ընդհանրացած է նաեւ այծի կամ ոչխարի բուրդէ՝ սեւ կամ նախշազարդ գումաշը: Տուներու եւ արհեստանոցներու մէջ տէզկեահներ բանեցնող փոքրաթիւ վարպետներ կան, որոնք տեղացի թուրք եւ քիւրտ խաշնարածներէն մեծաքանակ բուրդ գնելով զայն խարազելէ, մանելէ եւ ներկելէ ետք՝ ասուեղէն կը գործեն: Բրդեայ այս կերպասով կը կարեն այր մարդոց եւ կանանց վերնազգեստ՝ ապա, շալվար [15]:

Կան նաեւ գուշագճըներ, որոնք կը հիւսեն բուրդէ եւ բամպակէ գօտիներ՝ լայն ու երկար այս գօտին տեղական տարազին մաս կը կազմէ, իբրեւ մէջքի փաթաթան [16]:

Եւրոպական կերպասներու եւ հագուստեղէնի ընդհանրացումով, այս հիւսուածեղէններու արտադրութիւնը հետզհետէ կը նուազի, իսկ որոշ տեսակներ բոլորովին կը քաշուին հրապարակէն:

Ասեղնագործութիւն

Մարաշի նիւթական մշակոյթի կարեւոր դրսեւորումներէն մէկն ալ ասեղնագործութիւնն է: Հնուց անտի Մարաշը նշանաւոր է հիւսուածեղէնի եւ ասեղնագործութեան հարուստ աւանդոյթներով: Տուներու, յաճախ նաեւ արհեստանոցներու մէջ կ'աշխատին մեծ թիւով երիտասարդ կիներ եւ աղջիկներ, որոնք կը գործեն մանուսա, մաշլահ, մետաքսեայ ոսկեթել, արծաթաթել դիպակներ, կտաւի վրայ նախշազարդ բանուածքներ: Ասեղնագործութիւնն ու ձեռագործը անպակաս են մարաշցի աւանդական ընտանիքներու տուներէն, կարելի է ըսել անոնց կենցաղին մաս կը կազմեն: Իսկ Մարաշի գործ կոչուած ասեղնագործութիւնը վերածուած է հայրենակցական խորհրդանիշի, որ այսօր ալ ա'յնքան առօրեական է մարաշցի հայերուն համար:

Ինչպէս Կիլիկիոյ իւրաքանչիւր քաղաք՝ Մարաշը նոյնպէս ունի իր ասեղնագործութեան տեսակը եւ կը կոչուի քաղաքին անունով: Մարաշի կար կոչուող այս կարատեսակը, կը յատկանշուի ոչ միայն ինքնատպութեամբ, այլեւ՝ եզակիութեամբ: Մասնագէտներ կը դժուարանան եզրայանգումներ կատարել ինքնուրոյն այս զարդակարի ծագման մասին:

Հայկական ասեղնագործութեան գիտակ Սէրիկ Դաւթեանի կարծիքով, Մարաշի հիւսուածքին արտաքին տեսքը շատ նման է Անիի, Հին Ջուղայի եւ առհասարակ հայկական մանածոյ զարդաքանդակներուն [17]: Մարաշի ասեղնագործութեան մէջ առկայ զարդանախշային համալիրը իր մէջ կը պարունակէ հայկական գորգերու, մանրանկարչութեան, ճարտարապետութեան եւ զարդարուեստի մէջ յաճախակի հանդիպող զարդանախշային տարրեր, որ կը վկայէ Հայկական Բարձրաւանդակի մշակութային միասնական համակարգի մը մասին: Ինչպէս Մարաշի հայկական արհեստները, ասեղնագործութիւնը նոյնպէս, կը սերի հայ մշակոյթի ակունքներէն եւ հաւանաբար ձեւաւորուած է հայ ազգագրական տարբեր խումբերու ասեղնագործութիւններու միախառնումէն: Մարաշի ասեղնագործութիւնը եզակի է ե'ւ բանուածքի ե'ւ զարդանախշերու մշակման տեսակէտէն: Ան սերունդէ սերունդ աւանդաբար փոխանցուելով մինչեւ օրս պահպանած է իր առանձնայատկութիւններն ու զարդանախշային համալիրը:

Մարաշի ասեղնագործութիւնը ունի երկու առանձին ճիւղեր, առաջինը՝ հարթակարն է, կը գործուի Զէյթունի «կոթ ասեղ» կարի եղանակով (կարի կութերը անհաւասար են, կտորի վրայ գծուած նախշը կը ծածկէ գլխաւորաբար կտորի արտաքին երեսը, իսկ հակառակ կողմէն՝ միայն մանր կութերը կ'երեւին)։ Այս կարատեսակը կը հանդիպի այլ գաւառներու մէջ նոյնպէս, իսկ Մարաշի մէջ անիկա ծանօթ է նաեւ ատլասլամա անունով: Կարմիր կամ կապոյտ կտաւի դաշտին վրայ՝ գունաւոր թելերով բանուած աւանդական զարդանկարներով ասեղնագործութիւնը, վառ եւ աչքառու տեսք ունի եւ նախշազարդ կերպաս կը յիշեցնէ: Կը պատրաստեն մահճակալի ծածկոց, վարագոյր, պատի գորգ, սփռոց, եւլն:

Երկրորդը՝գաղտնակարն է, հիւսուած կարը, որ միայն Մարաշին է յատուկ: Բաւական բարդ հիւսուածք մըն է, գործուող թելը կ'ընթանայ միայն գործողին յայտնի բարդ եւ խրթին անցումներով: Հաւանաբար նաեւ այդ պատճառով շատ տարածում չէ գտած եւ սահմանափակուած է առաւելաբար Մարաշի մէջ: Նոյնիսկ տեղացի թուրք եւ քիւրտ տարրին մօտ այս ասեղնագործը տարածում չէ գտած: Կարծիք կայ, որ զարդանախշային համալիրի մէջ խաչի եւ խաչաձեւ նախշերու առկայութիւնը արգելք դարձած է անոր ընդհանրացումին: Իրաքանչիւր նախշակար ունի իր անունը եւ իմաստը՝ պարտաքլը (բաժակ), չիթ-իննէ (նուրբ ասեղ), սաաթլը (ժամացոյց), փայամլը (նուշ), ետի տաղ չիչէի (եօթը լերան ծաղիկ), ֆինճանլի (գաւաթ), զամպակլի (շուշան), եւլն:

Մեծ մասամբ կը գործուի տեղական բամպակեայ կապոյտ եւ կարմիր ներկուած կտաւի՝ խասայի վրայ, բրդեայ, բամպակեայ, մետաքսեայ, երբեմն ոսկեթել լաւ ոլորուած թելերով: Կը պատրաստեն հագուստի մասեր, վարագոյրներ, սեղանի անկողինի ծածկոցներ եւ կենցաղի մէջ օգտագործուող զանազան իրեր, երբեմն նաեւ եկեղեցական ճոխ զգեստներ:

Այս կարերէն բացի մարաշցի հայուհիները հմուտ են հայկական ասեղնագործութեան գրեթէ բոլոր կարատեսակներուն, աւելի հարազատ են մետաքսաթել, ոսկեթել, մարգարտաշար բանուածքները [18]:

Բացի տուներու մէջ աշխատող վարպետներէն, Մարաշի մէջ կան նաեւ ասեղնագործութեան արհեստանոցներ, խանութ-արհեստանոցներ: Վարպետները կ'ապահովեն կերպասը, դերձանը եւ գործը կը յանձնեն տուներու մէջ աշխատող ձեռքերուն: Մարաշի ասեղնագործութիւնը կ'արտածուի նաեւ հեռու եւ մօտ քաղաքներ:

Աղջիկները ասեղնագործութիւնը ընդհանրապէս կը սորվին տուներու մէջ, ինչպէս նաեւ աղջկանց վարժարաններուն մէջ. ամենեւին ալ զարմանալի չէ, որ օտար լեզուներու, գիտութեան կողքին, աշակերտուհիներուն կը սորվեցնեն ասեղնագործութիւն:

Մետաքսահիւսութիւն

Մետքսահիւսութիւնը՝ գազէզլիքը (մետաքսէ առասաններ պատրաստող), Մարաշի յատուկ արհեստներէն կը նկատուի, եւ գերազանցապէս հայ տարրին կը պատկանի: Մարաշի մէջ մանաւանդ սկիզբները, շերամաբուծութեամբ չէին զբաղեր, մետաքսէ նրբաթելը եւ ծաղկանկար հիւսուածեղէնը ամբողջութեամբ դուրսէն կը ներմուծուէր, մեծ մասամբ՝ Հալէպի եւ Դամասկոսի առեւտրական հրապարակներէն: Մետաքսէ հիւսուածեղէնը շատ սուղ է, ուստի միայն հարուստները կրնան գնել, այդ պատճառով պահանջարկն ալ սահմանափակ ըլլալով Մարաշի մէջ չէր արտադրուէր: Փոխարէնը բաւական զարգացած է մետաքսահիւսութիւնը (գազէզութիւնը): Մարաշի վարպետներուն պատրաստած մետաքսէ ծոպերը, խանթուռները, երիզներն ու հիւսկէն ծոպազարդերը տեղական սպառումէ աւելի կ'արտածուին մինչեւ հեռաւոր քաղաքներ, ուր մեծ պահանջարկ կը վայելեն: 1880ականներուն այս գործին վարպետներէն կը յիշուի Չօրպաճը Յակոբ աղա, որ գազէզ մըն է, ինչպէս նաեւ իր որդին՝ Տէօվլէթ էֆ. Չօրպաճեան, եղբայրը՝ Դաւիթ Չօրպաճեան: Վերջինս երկար տարիներ գործադրած է գազէզի իր արհեստը, որդիները՝ Կիրակոս եւ Նշան նոյնպէս հետեւած են իրենց հօր արհեստին: Նշան կը սպաննուի 1895ի կոտորածներու ատեն, իսկ Կիրակոս երկար տարիներ իր արհեստը կիրարկելով, իր մարդկային եւ արհեստագիտական բարձր արժանիքներով կը շահի նաեւ թուրք սարրաճներու համակրանքը: Իրմէ ետք հօրը արհեստը կը շարունակէ զաւակներէն՝ Տիգրան Չօրպաճեան: Կը յիշուի նաեւ Հաճի Գասպար Կէօնիւպէյազեան անուն գազէզ մը [19]:

Գորգագործութիւն

Մինչեւ 19րդ դարու վերջերը հակառակ հումքի առատութեան եւ ներկելու արուեստի անհամեմատ բարձր աստիճանին, քաղաքին մէջ գորգի կամ կապերտի ասպարէզը գրեթէ թափուր է: Կապերտի արտադրութիւնը, որ գաւառինն է առաւելապէս, զարգացած է շրջակայ գիւղերու մէջ եւ քրտական աշիրէթներու մենաշնորհը կը նկատուի: Մեծ քանակութեամբ կապերտ եւ աւելի քիչ գորգ կը հիւսեն եւ դուրս կ'արտածեն, կարեւոր շահ մը ապահովելով: Տեղական բարձրորակ բուրդով, բուսական ներկերով պատրաստուած այս կապերտները, մեծ համբաւ ունին շրջակայ քաղաքներուն մէջ:

Մարաշ քաղաքի մէջ գորգի արտադրութեան լուրջ քայլեր կ'առնուին աւելի վերջերը: 1910ին Մարաշի մէջ կը բացուի Շարզ Խալը Գումբանեասը անուն՝ Անգլիական Արեւելեան Գորգի Ընկերութիւն, որ գործարաններ [20] բանալով զարկ կու տայ գորգագործութեան: Յաջողութեամբ պսակուած այս գործը երկար չի տեւեր Մարաշի եւ շրջակայքի հայ բնակչութեան տեղահանութեան եւ ջարդերուն հետեանքով: Գորգի արտադրութեան մէջ նշանաւոր անուն մըն է Գրիգոր Մեծատուրեան [21]: Կը յիշուին նաեւ գորգի վաճառականութեամբ զբաղող՝ Յովսէփ Տիշչէքէնեան, Սարգիս Չօրպաճեան, եւլն [22]:

Ներկարարութիւն

Ներկարարութիւնը ուրոյն արհեստ մըն է Մարաշի մէջ, որ զարգացման բաւական բարձր աստիճանի հասած է հայ վարպետներուն շնորհիւ: Հիւսուածեղէնի արտադրութեան, կապերտագործութեան եւ ասեղնագործութեան զարգացումը մեծ չափով պայմանաւորուած է ներկելու եղանակի եւ յատկապէս օգտագործուած ներկի որակին հետ: Երբ դեռ եւրոպական մանածը եւ ներկուած հիւսուածեղէնը ընդհանրացած չէին, Մարաշի հայ ներկարարները կտաւը, մանածը, բուրդը կը ներկէին այլազան գոյներով ու երանգներով: Այնուհետ ալ Մարաշի հիւսուածեղէնները՝ ալաճան, գունաւոր կտաւները, կապերտները եւ այլ բանուածքներ, եւրոպական արտադրանքի մրցակցութեան կը տոկան նախ եւ առաջ իրենց անանցելի գոյներով:

Մարաշի հայ ներկարարներու հռչակը հնուց անտի դուրս ելած է գաւառի սահմաններէն [23]: Անոնք կտաւը, մանածը, բուրդը կը ներկեն բուսական, կենդանական եւ հանքային ներկանիւթերով, 19րդ դարու կէսէն նաեւ քիմիական ներկերով: Մարաշի վարպետները կը տիրապետեն ժողովրդական հնարքներու, որոնց շնորհիւ կը ստանան տոկուն եւ եւրոպականին չզիջող գոյներ:

Մարաշի մէջ առաջին կարգի են Միջնադարեան Հայաստանի մէջ տարածուած կապոյտ (լաջուարդ) եւ կարմիր գոյները, ապա ոսկեգոյն դեղինը, կաթնագոյնը, սրճագոյնը, մովը, սեւը եւ ասոնց երանգները: Կապոյտ գոյնը կը ներկեն աւանդական եղանակով՝ լեղակի ներկով (ճիվիտ պոյա), լեղակը կը ներածուի Եւրոպայէն [24], կարմիր գոյնը կը ստանան տորոնի արմատէն, դեղինը՝ դեղին տունկէ, զոր կը բերեն Զէյթունէն [25]:

Գոյնը կարեւոր նշանակութիւն ունի եւ պատահական չ'ընտրուիր. տարազագործութեան եւ կենցաղի մէջ կիրառուող կերպասներուն համար գոյութիւն ունին որոշեալ գոյներ: Գոյներն ու անոնց համադրութիւնները նոյնպէս աւանդաբար փոխանցուելով պահպանուած են Մարաշի հայոց կենցաղի եւ հիւսուածեղէնի մէջ:

Ինչպէս հագուստեղէնի, այնպէս ալ կենցաղային իրերու պատրաստութեան համար, ընդհանրապէս միագոյն կերպասներ կը գործածուին, որոնց վրայ գոյներու նուրբ համադրութեամբ ասեղնակար կամ տպածոյ զարդանախշերու յաւելումներ կը կատարուին:

Կտորի տեսակի եւ գոյնի հետ նոյնքան կարեւոր են նախշերը, գծաւոր, խատուտիկ, շեղանկիւնաձեւ, զիգզագ, երկրաչափական կամ բուսական այս զարդանախշերէն իւրաքանչիւրը ունի իր անունը եւ նշանակութիւնը:

Մարաշի վարպետ ներկարարներէն են՝ Հաճի Արթին Տատեան, Խաչէր Չիրիշեան, Մկրտիչ Տիլէնեան, Լօմլօմճեան, Արթին Ալապաշեան, եւլն [26]:

Տպածոյ - տաճում

Մարաշի մէջ բաւական զարգացած է տպածոյի՝ պասմայի գործը, որ մարաշցի վարպետներու ձեռամբ հասած է արուեստի մակարդակի: Պասմաճիները փայտի վրայ փորագրուած կաղապարի (ղալըպ) միջոցով նախշը կը տպեն կերպասի վրայ:

Տեղական տպածոյ արտադրանքը սաղպազար պասմասը կը կոչուի, որ այդ անունը առած է Մարաշի Սաղպազարեան գերդաստանի տպածոյի արտադրանքէն: Գր. Գալուստեան կը հաղորդէ, որ Մարաշի Պօղազ-քէսէն շուկային կից բնակող բազմանդամ այս ընտանիքին պատրաստած տպածոյին ներկը, կաղապարները եւ բոլոր պիտոյքները ընտանիքին անդամներուն կողմէ կը շինուին: Այսպիսով, աւանդաբար սերունդէ սերուդ փոխանցուելով ընտանեկան արհեստ մըն է, որ փաստօրէն արդիւնաբերական լուրջ ձեռնարկութիւն մը դարձած է: Պատրաստի արտադրանքը կը սպառի թէ' քաղաքի թէ' շրջակայ գիւղերու մէջ [27]:

Տաճուած կտաւը կը գործածեն եկեղեցիի վարագոյր, զանազան ծածկոցներ պատրաստելու համար: Լայն տարածում ունին նաեւ դաճուած ծաղկանկար գլխաշորերը, վարշամակը (եազմա):

Այս արհեստին ճիւղերէն էր նաեւ եաղլըգճիութիւնը (թաշկինակ պատրասող), բարակ շղարշի վրայ տպածոյի գործը: Այս արհեստը մասնաւորապէս զարգացուցած էր Քիւմպէտ թաղէն նշանաւոր Յովհաննէս Չօրպաճեան, որ կը պատրաստէր շղարշի վրայ տարբեր գոյներով տպածոյ մեծ թաշկինակներ, վարշամակներ: Նոյնպէս բոլոր կազմածներն ու պիտոյքները ինք կը շինէր [28]:

Ոսկերչութիւն

Մարաշի հնագոյն եւ առաւել զարգացած արուեստներէն է ոսկերչութիւնը, որ կատարման բարձր աստիճանի հասած է գերազանցապէս տեղւոյն հայ վարպետներուն շնորհիւ: Աղբիւրները կը վկայեն տակաւին միջին դարերուն Մարաշի մէջ հայ վարպետ ոսկերիչներու, ակնագործ վարպետներու մասին, որ կ'ենթադրէ թէ ոսկերչութիւնն ու արծաթագործութիւնը, եւ ասոնց առընթեր ակնագործութիւնը զարգացման բաւական բարձր աստիճանի վրայ գտնուած են Մարաշի մէջ: Գրիչ Սարգիս երէցը 1710ին Մարաշի մէջ ընդօրինակած Յայսմաւուրքի յիշատակարանին մէջ, մեծ գովեստով կը խօսի ձեռագիրին պատուիրատու եւ ստացող խոճա տիրացու Կարապետի մասին, որ էր վաճառական եւ հմուտ թանկագին ականց. «աստուածասէր եւ հաւատարիմ, պատուական եւ նազելի այրն տիրացու Կարապետինի օրհնեալն ի Աստուծոյ եւ գովեալն ի մարդկանէ... որ ի խնդիր ելեալ իբր զիմաստուն վաճառական ի գիւտ պատուական մարգարտաց եւ ականց կամ իբրեւ զբժիշկ ի գիւտ օգտակար դեղոց, մտախորհ եղեալ, թէ որ յերկրէ են նիւթք գոյից եւ ստացուածոց» [29]:

Մարաշի ոսկերիչները շարունակելով հայ ոսկերչութեան աւանդոյթները, այս ազնիւ արհեստը կը զարգացնեն նոր ձեւերով ու եղանակներով: Կը պատրաստեն ոսկէ եւ արծաթէ հիանալի զարդեղէններ՝ կանացի նուրբ մանեակներ՝ (կէրտանլըգ), ապարանջաններ, գօտիներ, ճակտնոցներ՝ փիրփիրիմ, թասակներ, գինդեր, մատանիներ, զարդասեղներ, ինչպէս նաեւ եկեղեցական սպասքի եւ ծիսական առարկաներ՝ խոյրեր, գաւազաններ, ճարմանդներ, խաչեր, սկիհներ, բուրվառներ, եւլն: Հայ ոսկերիչները ճարտարօրէն կը կիրառեն զանազան հնարքներ եւ եղանակներ՝ ձուլում, դրուագում, ցանցկէն՝ չիֆթի (զուգաթել), փորագրութիւն, բարձր կատարելութեան հասած է սավաթը (սեւադապատում): Մարաշի մէջ ստեղծուած ոսկերչական արտադրութիւններ կ'արտածուին կայսրութեան հարուստ քաղաքները [30]:

Դերձակութիւն

Մարաշի եւ շրջակայքի բնակչութիւնը մինչեւ 19րդ դարու կէսերը մեծ մասամբ տարազ կը կրէ, չուխայէ կամ այլ ասուեղէն հագուստեղէն կը հագուի, ինչպէս՝ պիւքմէլի ֆէրմանէ, սըրմալը ելէք, չուխա շալվար, ճիւպպէ սաքօ, կիներու յատուկ սըրմալը ֆէրմանէ, սաքօ, եւլն: Այս զգեստներէն՝ ֆէրմանէին, ելէքին եւ շալվարին որոշ մասեր մետաքսով կամ ոսկեթելով կը զարդանախշեն: Սակայն ասոնք աստիճանաբար իրենց տեղը կը զիջին եւրոպական զգեստներուն: Այդ պատճառով դերձակութիւնն ալ կը բաժնուի մասնագիտացուած երկու ճիւղերու՝ արեւելեան եւ արեւմտեան: Արեւելեան՝ հին դերձակութեան, որ Պոլիս եւ այլուր օսմանլը թէրզիսի (դերձակ) կ'ըսուէր, Մարաշի մէջ զարմանալի պաշըպօզուգ անունը առած էր [31]:

Գր. Գալուստեանի հաւաքած տեղեկութիւններուն համաձայն եւրոպական դերձակութիւնը Մարաշ կը ներմուծուի յոյն վարպետի մը եւ Հալէպլի Արթին Ուսթա անուն հայու մը կողմէ: Նոյն ատեն կը յիշուին Սոկրատեան եղբայրներ, Սերոբ Ուսթա Քիւփէլեան, որ դերձակութիւն կը սորվի Հալէպի մէջ եւ կը վերադառնայ Մարաշ: Կարճ ժամանակի մէջ յաջողած է առաջնակարգ դիրք ապահովել արհեստակիցներու մէջ, գոհացնելով նաեւ կառավարական պաշտօնէութիւնը: Ժողովուրդը կը սկսի ապաի եւ ֆէրմանէի տեղ վերարկու եւ եւրոպական հագուստ կրել: Սերոբ Ուսթա Փարիզի 1905ի ցուցահանդէսին մէջ արժանացած է Պատուոյ Վկայականի: Ունեցած է 60է աւելի աշակերտներ, որոնց արհեստ սորվեցուցած է: Կը յիշուին նաեւ Յակոբ Նուսխէճեան, (Սիսէն եկած եւ Մարաշ հաստատուած), Միհրան Վարժապետեան, Պալը Պալեան, Պօղոս Գարճըեան, Մանուկ Պիլէզիքճեան, Ներսէս եւ Աբրահամ Աստարճեաններ, եւլն [32]:

Կօշկակարութիւն

Դերձակութեան նման կօշկակարութիւնն ալ բաժնուած է երկու ճիւղի՝ արեւելեան եւ եւրոպական: Եւրոպական կօշիկ պատրաստողները կը կոչուին գօնտուրաճըներ, որոնք բոլորն ալ հայեր են: Կը յիշուի, որ սկիզբը ասոնց կարած կօշիկները կոշտ էին, յետոյ աստիճանաբար կը նրբանան մօտենալով եւրոպական կօշիկներուն: Ուշագրաւ է, որ 20րդ դարու սկիզբը հայ կօշկակարներ իրենց արհեստը կատարելագործելու նպատակով յաճախ Եւրոպա կամ եւրոպականացած քաղաքներ կ'այցելեն: Կօշիկ կը կարեն մշակուած եւ ներկուած այծի կաշիէ, մեծ մասամբ ապսպրանքով: Բնականաբար ճարտարարուեստի բացակայութեան, եւ մեծ սպառում չունենալով՝ մեծաքանակ արտադրութիւն չէ եղած, հետեւաբար կօշկակարներու թիւն ալ մեծ չէ եղած [33]:

Արեւելեան՝ եմէնի կոչուած մուճակները կը գործածեն ամրանը, երիտասարդները կարմիր, իսկ տարէցները՝ սեւ: Ձմրան կը գործածուի էտիկ կոչուած կօշիկը: Նոր ժամանակներուն այս կօշիկները առաւելաբար կը գործածուին հիմնական գիւղացիներու եւ թուրքերու կողմէ: Կայ նաեւ փօսթալ կոչուած կապերով ոտնամանը, զոր որոշ քաղաքացիներ եւ գիղացիներու բարեկեցիկ դասը կը հագուին ճամբորդութեան ատեն, որ նախատիպն է ճտկակօշիկին: Գիւղերու մէջ կը գործածեն չարըգ (տրեխ): Արեւելեան կօշկեղէնը պատրաստողները կը կոչուին եմէնճի, էտիկճի: Եմէնիճիները կը կարեն նաեւ ղարչըն կոչուած կանացի ոտնամաններ եւ մեսթ կոչուած կրկնակօշիկներ, որոնք կը գործածուին ձմրան, ընդհանրապէս թուրքերու կողմէ: Բոլոր տեսակներն ալ կը պատրաստուին եւ հայ եւ թուրք կօշկակարներուն կողմէ, եւրոպականի պարագային աւելի մասնագիտացած են հայերը, իսկ արեւելեանի մէջ՝ թուրքերը: Ասոնք ունին իրենց յատուկ շուկաները, ուր կը պատարստեն ու կը ծախեն կօշկեղէնը:

Կան նաեւ գաֆաֆ կոչուած խանութպաններ, որոնք արհեստաւորներէ ոտնամաններ կը գնեն եւ փոքր շահով կը վերավաճառեն [34]:

Եւրոպական տիպի կօշիկ կարողներ են՝ Յովհաննէս Սալիպեան, Պաղտասար Զիւլալեան, Յովհաննէս Կէցոյեան, Նշան Մումճեան, Խաչով Պալեան, Կարապետ Ճանսըզեան, Տիգրան Չինչինեան, եւլն: Իսկ տեղական կօշիկ կարողներ են Պօղոս Ադամեան, Արթին Չիրիշեան, Պօղոս Սապընճեան, Գրիգոր Խանըմեան, Յարութիւն Չէրքէզեան Կարապետ Թէքէեան, եւլն [35]:

Խաղախորդութիւն

Խաղախորդութիւնը (տապպաղլըգ) եւս Մարաշի հնագոյն եւ բաւական արդիւնաւոր արհեստներէն է եւ յատուկ է առաւելաբար թուրքերու: Կաշուեղէնը մշակելու համար տապպաղխանէները ՝ գետնափոր թաղարնոցները, կը գտնուին քաղաքին հարաւակողմը՝ գետի հոսանքներուն մօտ: Այստեղ կը պատրաստուին տեղական կաշի եւ սեկ (այծի կամ ոչխարի բարակ կաշի): Կենդանիին մորթը կը հայթայթուի քաղաքէն եւ շրջակայ գիւղերէն: Մարաշի խաղախորդները կենդանիներուն մորթը կը մշակեն աւանդական եղանակներով, ունին իրենց արհեստի յատուկ գաղտնիքները: Մորթը բանալու համար կը գործածուի թէթրին (չոր տերեւ), իսկ պախամ կոչուած կարմրափայտը՝ կարմիր ներկի համար: Խոշոր կենդանիներու մորթէն կը ստանան կաշի, իսկ փոքր կենդանիներու մորթէն՝ սեւ, դեղին, կարմիր սեկ: Նշանաւոր է Մարաշի կիւլլիւ շէֆթալի կոչուած սեկը: 20րդ դարու սկիզբները կը հանդիպինք հատուկենտ հայ խաղախորդներու, որոնք կաշի կը պատրաստեն եւրոպական արդի ձեւերով. կը յիշատակուին՝ Յակոբ Շամլեան եւ հալէպցի հայ մը [36]: Մարաշի մէջ պատրասուած բարձրորակ կաշուեղէնը, ներքին սպառումէ զատ, մեծ սպառում ունէր նաեւ հեռու եւ մօտ քաղաքներուն մէջ [37]:

Սարրաճութիւն (կաշեգործութիւն, թամբագործութիւն)

Այս արհեստը շատ զարգացած է Մարաշի թուրքերուն մօտ: Սարրաճները կը պատրաստեն կաշեղէններ՝ ձիու վայելչագեղ թամբեր, քնփուշներ, թէրքի հէյպէսի կոչուած կաշեպատ կազմածներ, սանձեր, ասպանդակներ, զէնքի պատեաններ, ասպազէններ, փամփշտակալներ, մտրակներ, գօտիներ եւ այլ գեղեցիկ իրեղէններ, զորս կը զարդարեն ոսկեթել եւ արծաթաթել բանուածքներով, մետաքսէ ծոպերով եւ երիզներով: Բոլոր այս առարկաները արուեստի իսկատիպ նմուշներ են, շքեղօրէն զարդանախշուած սըրմա կամ սիմ՝ արծաթաթել եւ ոսկեթել հիւսկէն դրուագումներով: Կատարողական արուեստի անհամեմատ բարձր աստիճանը, թոյլ կու տայ ենթադրել, որ այս ճիւղին աւանդոյթները շատ հինէն կու գան: Սարրաճները Մարաշի մէջ ունին Սարրաճխանէ կոչուած իրենց յատուկ շուկան, ուր կը ծախեն իրենց պատրաստած կաշուեղէնները:

Սարրաճիյէ կոչուած այս կաշուեղէնները կ'արտածուին կայսրութեան բոլոր գլխաւոր քաղաքները: Ընդհանրապէս հայեր այս արտադրութեան վաճառքով եւ արտածումով կը զբաղին [38]:

Կահագործութիւն

Կահագործութիւնը (մարանկօզլըգ), կամ՝ Մարաշի թուրքերէնով՝ սանտալեաճըլըգ, բացառապէս հայոց կը պատկանի: Կահագործութիւնը կը նկատուի զուտ Մարաշի յատուկ արհեստ մը, որ ի տարբերութիւն դուրսէն ներմուծուած այլ արհեստներու, ձեւաւորուած ու զարգացած է Մարաշի մէջ: Մարաշի եւ շրջակայքի լայնատարած անտառներու եւ ատաղձի առատութիւնը, անկասկած մեծ դեր ունեցած են այս արհեստի զարգացման համար: Այս շրջանները հարուստ են կաղնիի, ընկուզենիի, շագանակենիի եւ սօսիի ծառերով: Անտառները առատ վառելափայտ եւ շինափայտ ապահովելէ զատ, նաեւ ատաղձ կը հայթայթեն Մարաշի կահագործներուն:

19րդ դարու վերջերը Մարաշի մէջ հայերու պատկանող երեսունէ աւելի կահագործի խանութներ կան: Անոնք կը պատրաստեն ընկուզենիի, Սօսի (չինար) փայտէ գեղեցիկ աթոռներ, սեղաններ, սնտուկներ, դարակներ, շրջանակներ [39]:

Մարաշի մէջ կահագործութեան զարգացման մեծապէս կը նպաստեն 19րդ դարու կէսերուն Մարաշի մէջ հաստատուած օտար, յատկապէս ամերիկեան միսիոնարական կազմակերպութիւնները: Միսիոնարներ իրենց հաստատութիւններուն կահոյքը կը պատուիրեն տեղւոյն հայ վարպետներուն, եւ ցուցանմուշներու ալպոմներ ու գործիքներ բերել տալով, խթան կը հանդիսանան այս արհեստի զարգացումին [40]:

Բացի քաղաքին կարիքները գոհացնելէն, մեծ քանակութեամբ կահեղէններ՝ փայտեայ պարզ արկղերու մէջ տեղաւորելով ջորեպաններու միջոցաւ կ'արտածեն Ատանայի եւ հիւսիսային Սուրիոյ նահանգները, որ բաւական շահոյթ կ'ապահովէ [41]:

Բարքերու արեւմտականացումով Մարաշի տուներու մէջ կ'ընդհանրանան եւրոպական կահ-կարասիները, որոնք կու գան փոխարինելու հին իսքէմլէին եւ մինտէրին: Մարաշի մէջ վարպետ կահագործներէն են՝ Գէորգ Անանեան, որ կահագործներու արհեստապետն էր՝ ուսթապաշըն, Ալեքսանեան ընտանիք, Գէորգ Քէշիշեան, Վարդիվառ Սանթուրեան, Նաթըրեաններ, եւլն [42]:

Որմնադրութիւն

Մինչեւ 20րդ դարու սկիզբները Մարաշի մէջ չկային ուսեալ ճարտարագէտ-ճարտարապետներ: Կառոյցներու նախագիծ յատակագիծերը կը պատրաստուէին փորձառու եւ հմուտ վարպետներու կողմէ, որոնք ընդհանրապէս կը հսկէին նաեւ կառոյցի շինութեան գործին: Նախկին փայտաշէն եւ աղիւսաշէն շինութիւններուն կողքին քաղաքին մէջ հետզհետէ կը բազմանան քարաշէն կառոյցները՝ եկեղեցիներ, մզկիթներ, դպրոցաշէնքեր, եւլն: Մարաշի նշանաւոր կառոյցներն են Պէտէսթէն կամ պազար կոչուած կամարակապ շուկաները, ինչպէս նաեւ գետերու եւ ճամբաներու վրայ շինուած քարաշէն ամրակուռ կամուրջները, որոնք բոլորն ալ տեղացի վարպետներու ճարտարութեան ապացոյցներն են:

19րդ դարու կէսերէն սկսեալ քաղաքին համայնապատկերին վրայ ներգործող արդիական խոշոր կառոյցներ կը շինուին ամերիկեան եւ եւրոպական միսիոնարական կազմակերպութիւններու կողմէ: Այս շէնքերուն մեծ մասը շինուած են հայ որմանադիր եւ քարակոփ վարպետներու ձեռամբ: Մարաշի հայ վարպետ շինարարներու շարքին ծանօթ են Քարկոտորեանները: Սարգիս Քարկոտորեան հօրմէն կը ժառանգէ որմնադրութեան արհեստը, զոր զարգացնելով վարպետ ճարտարապետ մը կը դառնայ: Ինքն է հեղինակը Մարաշի նշանաւոր Էսկի եւ Ենի Պէտէսթէններուն (գոց շուկա), Թուզ եւ Խըշըր Խաներուն, Պէլէտիյէ շուկային, բոլորն ալ քարաշէն: Նորոգած է Ագսույի եւ Ճիհանի՝ յաջորդաբար երեք եւ երկու կամուրջները: Ինքն է նաեւ շինարար ճարտարապետը Ենիճէ Գալէի Ս. Լուսաւորիչ, Զէյթունի Ս. Աստուածածին եւ Մարաշի Ս. Գէորգ եկեղեցիներուն: 1912-1918 եղած է քաղաքապետութեան ճարտարապետ [43]:

Մարաշի վարպետ որմնադիրներ են՝ Պետրոս եւ Յովսէփ Զէյթունցեանները, Նշան եւ Յակոբ Վարդօղլեանները, Աբրահամ Ղըրտանեան, Գէորգ Եմէնճեան, եւլն: Այս արհեստին հետեւողներուն թիւը բաւական կը մեծնայ վերջին շրջանին, անոնք նաեւ Մարաշի շրջակայի գիւղերը շրջելով տուներ, եկեղեցիներ եւ դպրոցի շէնքեր կը կառուցեն: Տեղացի միւս ժողովուրդներու մէջ այս գործը աշխատող վարպետներ ի սպառ կը բացակային [44]:

Հիւսնութիւն

Հիւսնութեամբ (նաճարլըգ) կը զբաղին հայերը եւ թուրքերը: Կահագործներէն բացի, նաճարներն ալ տուներու եւ շէնքերու փայտեղէններ կը շինեն: Բնակարաններու եւ արդիական շէնքերու ընդհանրացումով, բաւական հասութաբեր գործ մը կը դառնայ: Կենցաղի մէջ գործածուող կարգ մը փայտեղէն առարկաներ նոյնպէս կը շինուին հիւսներու կողմէ: Մարաշի հիւսն վարպետներէն կը յիշուին՝ Սարգիս Մահրամաճեան, Մանկօզլեաններ, եւլն [45]:

Կան չըգրըգճիներ՝ բոլորն ալ թուրք արհեստաւորներ, որոնք ճախարակ, ինչպէս նաեւ ուրագի կամ այլ գործիքներու կոթեր կը շինեն: Կահագործութեան զարգացումով, իրենց նախնական գործիքներով անոնք կը սկսին շինել կահ-կարասիներու մասեր, ինչպէս նաեւ ձիթենիի եւ տօսախի փայտով գեղեցիկ զարդեր [46]:

Կան նաեւ քիւլէկճիներ՝ ամբողջութեամբ թուրք արհեստաւորներ, որոնք փայտէ հացամաններ (էքմէքլիք), քաղցուի տուփեր, դոյլեր, կամնատախտեր եւ այլ փայտեղէններ կը շինեն [47]:

Պղնձագործութիւն

Պղնձագործութիւնը (գազանճը-կաթսայագործ) հայոց յատուկ եւ բաւական զարգացած արհեստներէն է: Երբ տակաւին ապակին եւ յախճապակին ընդհանացած չէին Մարաշի մէջ, տուներէ ներս ընդհանրապէս կը գործածուի պղնձեղէն: Պղնձագործ վարպետներ՝ գազանճը չարշըսը կոչուած շուկային մէջ, Եւրոպայէն ներմուծուած պղինձէ թերթերէն կը շինեն ամէն տեսակ ամանեղէն՝ ափսէներ, կաթսաներ, մեծ ու փոքր դոյլեր, տաշտեր, ճաշամաններ, քամոց, շերեփ, եւլն: Այս արհեստը զարգացման բարձր աստիճանի կը հասնի մարաշցի հայ արհեստաւորներու հմտութեան շնորհիւ: Անոնց պատրաստած պղնձեղէնները աչքի կը զարնեն կատարողական բարձր արուեստով եւ գեղարուեստական մշակմամբ: Վարպետներու ձեռամբ պատրաստուած պղնձեղէններն ու ամանեղէնները տեղւոյն պահանջքին գոհացում տալէ զատ, կ'արտածուն նաեւ մօտակայ քաղաքներ: Մարաշի մէջ իբրեւ վարպետ պղնձագործներ կը յիշուին՝ Յակոբ Կապատեան եւ եղբայրք, Աւետիս Գումրուեան, Հայթաեան ընտանիք, Աւետիս Սանճեան եւ որդիք, Սարըմէնիկեաններ, Սընըգճեաններ, եւլն [48]:

Պղնձագործներէ զատ պէտք է յիշել նաեւ քիւլիւչէճի (ձոյլ պատրաստող) կոչուած արհեստաւորները, որոնք հին եւ եւրոպական կոտրտած պղնձեղէնները հալեցնելով եւ կռաններու տակ ծեծելով պղինձէ թերթեր կը պատրաստեն, նորովի գործածելու համար: Քիւլչէճիներ են՝ Սընըգճեանները, Աւետիս Թօգաթլեան եւ որդիք, եւ մասնաւորապէս՝ Կապատեանները [49]:

Կան նաեւ ձուլագործ վարպետներ՝ տէօքմէճիները, այս արհեստով կը զբաղին Աստուր Տէօքմէճան եւ որդիները՝ Ատուր եւ Գէորգ, ինչպէս նաեւ Եումշաճըգեանները [50]:

Կլայեկագործութիւն

Առանձին ճիւղ մըն է կլայեկագործութիւնը՝ ղալայճիութիւնը, որ շատ ընդհանրացած է Մարաշի եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ: Մարաշի կլայեկագործ վարպետները (քալայճի) ո'չ միայն տեղւոյն խնդրանքը կը գոհացնեն, այլեւ Կիլիկեան շրջակայ բնակավայրերը շրջելով կը կիրառեն իրենց արհեստը:

Կարմրագոյն պղնձեղէնները՝ պղինձէ ամանները, խոհանոցային առարկաները, կերակուրի համար անվնաս գործածելու նպատակով կլայեկելէ (անագազօծել) ետք արծաթի փայլք կը ստանան: Տուներէ ներս ընդունուած է փայլեցուած պնակեղէնները շարել նախասենեակին՝ սուֆայի մէկ անկիւնը դրուած պնակադարանին վրայ: Մաքրասէր հայ կանայք ժամանակ առ ժամանակ, տան ամանեղէնը կլայեկելու եւ փայլեցնելու համար կու տան կլայեկիչ վարպետներուն [51]:

Երկաթագործութիւն

Երկաթագործութիւնը առաւելաբար թուրքերու յատուկ արհեստներէն է, կան նաեւ հայ երկաթագործներ: Երբ դեռ եւրոպական երկաթեղէնը մուտ չէր գործած Մարաշ, երկաթագործութիւնը կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէր թէ' տեղական սպառման, թէ' շրջակայ քաղաքներու եւ գիւղերու կարիքները բաւարարելու առումով: Մեծ մասամբ Զէյթունէն բերուած երկաթի ձոյլերը (քիւլիւչէ) եւ եւրոպական արտադրութեան երկաթէ ձողերը կը ծառայեն երկաթեղէններու պատրաստութեան: Հնուց անտի Մարաշի մէջ կը շինեն կենցաղային գործածութեան առարկաներ՝ գամ, կղպանք, եւլն, որոնք ապա կը փոխարինուին եւրոպական աժան ապրանքներով: Սակայն մինչեւ 20րդ դարու սկիզբները մեծ պահանջարկ ունին տնային օգտագործման առարկաներ՝ ունելի, շամփուր, ակիշ, խաչերկաթ, դանակ, յօտոց, խոփ, եւլն, արհեստի վերաբերեալ՝ ուրագ, մուրճ, աքցան, մանգաղ, նաեւ պայտեր եւ գամեր՝ գրաստները պայտելու համար: Երկաթագոծութիւնը գոհացում կու տայ ոչ միայն տեղւոյն պահանջքին, այլեւ շրջանի գիղերուն եւ Դաշտային Կիլիկիոյ շարք մը քաղաքներուն: Այս արհեստին մէջ կը յիշուին՝ Ճէհիզեան եղբայրները, որոնք հմուտ դարբիններ ըլլալով զինագործութեամբ կը զբաղին [52]:

Բրուտութիւն

Մարաշի մէջ կը գործեն քանի մը բրուտներ՝ պարտագճը, որոնք տեղական կարմիր հողէ բրուտեղէններ կը պատրաստեն՝ սափոր, պտուկ, կարաս, եւլն, որոնք լայն կիրառում ունին: Կաւահողէ պատրաստուած այս առարկաները այնուհետեւ կը պատուին կանաչաւուն նիւթով մը, որ կ'ամրացնէ եւ անջրանցիկ կը դարձնէ զանոնք, այնպէս որ գունաւոր յախճապակիի մը տպաւորութիւն կը ձգեն: Ասոնցմէ զատ կը պատրաստուին նաեւ հողէ փողրակներ եւ տանիքներու համար կիսաբոլոր կղմինտրներ: Մարաշի մէջ բրուտութեամբ կը զբաղին Պարտագճեանները [53]:

Ջաղացպանութիւն

Ինչպէս շատ մը վայրերու մէջ, հայերու մենաշնորհային արհեստներէն է ջաղացպանութիւնը: Մարաշը նշանաւոր է իր յորդառատ եւ հոսուն վտակներով, որոնց առատ ջուրերու վրայ կը դառնան քաղաքի ջաղացքները: Մարաշի մէջ մինչեւ 25 ջաղացքներ կան, որոնք աղունի ու ալիւրի կը վերածեն քաղաքին հացահատիկը, ձաւարեղէնը, աղտորը, կը թեփազերծեն բրինձը, եւլն:

Յայտնի է, որ խռովութեանց եւ ջարդերու ատեն կառավարութիւնը կը խնայէ հայ ջաղացպանները, ալիւրի եւ հացի պակասութիւն չունենալու համար: Ջաղացպանութեամբ կը զբաղին Ճինպաշեան, Գալայճեան, Ճէհտիեան, Փիւսիւկճեան եւ Պալեան ընտանիքները [54]:

Հացագործութիւն

Հացագործութիւնը, որ կը նոյնանայ փռապանութեան`ֆըրնճի հետ, նոյնպէս հայերու ձեռքը կը գտնուի: Ունի երկու տեսակ՝ քէօմպէճի, կամ սիմիթճի եւ էքմէքճի: Առաջինները կը պատրաստեն կարկանդակ, բոկեղ, նկանակ, ծաղ (պօղաչա), եւլն, իսկ էքմէքճիները՝ հաց եւ բլիթ:

Մարաշի մէջ կայ նաեւ տուներու մէջ հաց պատրաստելու սովորութիւնը: Տան հացը շատ բարակ լաւաշանման հաց մըն է, կ'եփեն կրակին դրուած թիթեղի (սաճ) վրայ, այդ պատճառով սաճի հաց կը կոչուի: Երկու-երեք շաբաթուան հացը պատրաստելով կը պահեն մառաններու մէջ, փայտեայ յատուկ հացամոններու (էքմէքլիք) մէջ: Կարեւոր է նկատել, որ սաճի վրայ հաց պատրաստելու աւանդոյթը աւելի բնորոշ է թափառաշրջիկ՝ շարունակ տեղաշարժող ցեղերուն եւ ցեղախումբերուն, ի տարբերութիւն ասոր՝ հայերը որպէս նստակեաց ժողովուրդ, վաղընջական ժամանակներէն ունեցած են թոնիրի մշակոյթ, որ հաստատունութեան եւ հողին կապուածութեան գաղափարը կը խորհրդանշէ: Այս երեւոյթը մատնանշեցինք տարբեր էթնիք խումբերու միջեւ փոխազդեցութիւններու եւ տարբեր աւանդոյթներ ընդունելու իբրեւ օրինակ:

Հացագործներէն յիշենք՝ Համբարձում Գալուստեան, Մինաս Թօրեան, Հալաճեան, Սազճեան, Մըգսէքեան, եւլն [55]:

Մահսերէ

Սնունդի վերաբերեալ առանձին արտադրութիւն մըն է շուշմայի շիրիկի (թահին)՝ շիրկան ձէթի (շիրլաղան եաղը) գործը, որ կը պատրաստուի տեղական մահսէրէ (ձիթահանք) կոչուած գործարանին մէջ: Շուշմայի ձէթը եւ շիրիկը մեծ պահանջարկ ունին, կը գործածուի յատկապէս պահոց շաբաթները: Այս գործով զբաղող մարաշցիներէն կը յիշուի Կարապետ Մահսէրէճեան: Կայ նաեւ ուրիշ մահսէրէ մը՝ Սէրայ-Ալթը կոչուած թաղը, զոր կը բանեցնեն դարձեալ Մահսէրէճեան եղբայրները [56]:

Մսավաճառութիւն

Արհեստաւորներու շարքին պէտք է դասել նաեւ մսագործ-մսավաճառները (ղասսապ), որ նոյնպէս յատուկ հմտութիւն պահանջող արհեստ մըն է՝ հայերու եւ թուրքերու յատուկ: Մարաշի մէջ աւելի շատ ոչխարի եւ այծի միս կը գործածուի, առաւելաբար ապուխտի տեսակները կը պատրաստուին կովու կամ հորթի միսով: Միսը միշտ թարմ կը վաճառուի. քաղաքին սպանդանոցներուն մէջ զենուած միսը ամէն օր սալագներու (մսագործի աշկերտ) միջոցով կը բերուի մսավաճառին խանութը, ուր իր արհեստին վարժութեամբը մսավաճառը միսը համապատասխան մշակման ենթարկելէ ետք՝ կը ծախէ: Յիշենք քանի մը մսավաճառներու անուններ՝ Անթոսեաններ, Չարըգեաններ, Նալչաճեաններ, Գասգասեաններ, Առաքելեաններ, Գարագաշեաններ, Պուրունսուզեաններ, Եաղուպեաններ, եւլն:

Օճառագործութիւն

Օճառի արդիւնագործումն ալ բաւական յառաջացած է եւ առաւելապէս հայերու կը պատկանի: Օճառի առաջին գործարանը՝ մասպանան կը հիմնէ Կարապետ Չօրպաճեան, ընկերակցութեամբ՝ Կարապետ Մահսէրէճեանի: Կայ նաեւ ուրիշ մասպանա մը, որ կը պատկանի Պօղոս Մուրատեանի: Օճառի հիմնական մասը այս երկու գործարանները կ'արտադրեն: Մասպանաները փոքր գործարաններ են, կ'աշխատին նախնական միջոցներով, սակայն լիուլի կը բաւարարեն տեղական խնդրանքը՝ թէ' Մարաշի եւ թէ շրջակայ գիւղերու: Արտածումի բաւական հնարաւորութիւններ չունենալուն պատճառով, օճառի արդադրութիւնն ալ սահմանափակուած է տեղական սպառումով [57]:

Սանտրագործութիւն

Սանտրագործութիւնն (թարագճըլըգ) ալ բացառապէս հայկական արհեստ է: Հայ վարպետները կը շինեն տնական գործածութեան երկկողմանի (մէկ կողմը խիտ, միւս կողմը նօսր) նաեւ մէկ կողմով փոքր չափի սանտրեր: Սանտր պատրաստելու համար կը գործածեն տօսախ (շիմշիր - մշտադալար թուփ՝ կարծր եւ շատ յարգի փայտով) կոչուած կարծր դեղնագոյն փայտը: Բնականաբար զուտ ձեռքի աշխատանք եղող արտադրութեան նախնական եղանակներով կարելի չէր մեծաքանակ արտադրանք ապահովել, սակայն այս սանտրները կը գործածուին Մարաշի եւ շրջակայի մէջ, մինչեւ որ եւրոպական աժան սանտրերը կու գան մոռցնելու այս արհեստը: Այս գործին մէջ ճանչցուած է Միքիլեան ընտանիքը եւ քանի մը ուրիշներ [58]:

Համետագործութիւն

Մարաշ եւ շրջակաները երկաթուղիի եւ կառքի համար շինուած ճամբաներ չըլլալուն պատճառով, իբրեւ փոխադրամիջոց կը ծառայեն էշ, ջորի եւ բեռնակիր գրաստները, ուստի եւ համետագործութիւնն ալ՝ սէմէրճիլիք պահանջուած արհեստ մըն է: Համետագործութեամբ կը զբաղին հայ եւ թուրք արհեստաւորներ, որոնք համետներ կը շինեն բեռնակիր գրաստներու համար, իսկ ձիու թամբեր կը շինեն թամբագործները, որ առանձին ճիւղ մըն է եւ սարրաճ կը կոչուին: Այս արհեստին մէջ կը յիշուին՝ Յարութիւն Գանձապետեան, Փիթիրեաններ, Գարապօյաճեաններ [59]:

∗∗∗

Աղբիւրները կը յուշեն նաեւ կարգ մը այլ արհեստներու կիրառումը Մարաշի մէջ, ինչպէս՝ գուլպայագործութիւն, մուշտակագործութիւն, թաղիքագործութիւն (քիւլահ - թաղիքէ գդակ) եւ ասոնց առեւտուրով զբաղող վարպետներ: Մարաշի մէջ առաջին լուսանկարիչն է Յովհաննէս Յ. Վարժապետեանը։ Վերջինս, 1888ին Ֆրնուզի Նիկողայոս Եպս. Դաւիթեանին (Խորխոռունի), զինեալ՝ ձիու վրայ նստած մէկ պատկերը առած ըլլալուն եւ այլ ամբաստանութիւններով կը բանտարկուի ու Հալէպ կը տարուի, ուրկէ մեծ դժուարութեամբ կ'ազատի [60]:

Մարաշի մէջ գործած լուսանկարիչներու շարքին կը յիշուին նաեւ Յովհաննէս Հալլաճեանի (Այնթապի մէջ յայտնի լուսանկարիչ, որ յաճախ այցելած ու գործած է Մարաշի մէջ) եւ Ալեքսիանոս Իւվէզեանի անունները [61]։

Կան նաեւ ժամագործներ (սաաթճի), որ պէտք է հասկնալ՝ ժամացոյց նորոգողներ կամ վաճառողներ: Մարաշի գլխաւոր ժամագործն է Տ. Զաքար քհնյ. Սաաթճեան, որ թուրքերու կողմէ կը կոչուի Սաաթճը քէշիշ (նահատակուած՝ 1895ի ջարդի օրերուն), կը յիշուի նաեւ Պետրոս Ճըրնազեան [62]:

Մարաշի, ինչպէս նաեւ կայսրութեան հայաբնակ շատ մը այլ վայրերու մէջ, արհեստները մեծ մասամբ ընտանեկան են, գերդաստանները կը ճանչցուին իրենց արհեստին անունով, ինչպէս՝ «պոյաճի», «պասմաճի», «ալաճաճի», «պարտագճի» «գուշագճը», եւլն, այստեղէն՝ Պոյաճեան, Պասմաճեան, Ալաճաճեան, Պարտագճեան, Գուշագճեան մականունները: Արհեստներու անուանումն ու տարազումը մեծ մասամբ կու գան արաբերէնէ եւ թրքերէնէ:

Հարկ է նաեւ նշել, որ Մարաշի մեկուսացած վիճակը, առեւտրական ճանապարհներէն կտրուածութիւնը եւ տնտեսական անձուկ պայմանները, մերթ կը ստիպեն մարաշցի հայը պանդխտութեան դիմելու, մեծ մասամբ՝ Ատանա, Թարսուս, Հալէպ, եւ այլուր:

Գրեթէ տեղեկութիւններ չեն պահպանուած Մարաշի արհեստակցական էսնաֆութիւններուն (համքարութիւն) մասին: Անկասկած վաղ ժամանակներէն՝ Հայկական Բարձրաւանդակի եւ Կիլիկիոյ շատ մը քաղաքներու նմանողութեամբ, Մարաշի մէջ նոյնպէս կային ազգային պատկանելիութեան պատուարով տարանջատուած արհեստակցական միաւորումներ՝ էսնաֆութիւններ, որոնց մէջ համախմբուած էին նոյն արհեստով զբաղող արհեստակիցները՝ վարպետ թէ գործաւոր: Անցեալին էսնաֆներու գոյութեան մասին կը յուշեն շարք մը աւանդոյթներ, անուանումներ, որոնք պահպանուած են արհեստակցական խումբերու, ի մասնաւորի ջուլհակներու մօտ: Ըստ էութեան, վարպետ-աշակերտ յարաբերութիւններուն մէջ դրսեւորուող որոշ բաղադրիչներ՝ արհեստապետական համակարգը, աշակերտներուն ուսուցանելու յանձանձումն ու անուանումները՝ ուսթապաշի, ուսթա, խալֆա, եւլն, էսնաֆութիւններէն մնացած երեւոյթներ են:

Խօսիլ Մարաշի արհեստներուն եւ արհեստագործութեան մասին եւ չանդրադառնալ տեղւոյն որբանոցներու, այրիանոց-աշխատանոցներու դաշտին կարելի չէ: 1894-1896՝ Սուլթան Ապտիւլհամիտի գահակալութեան տարիներուն տեղի ունեցած ջարդերէն ետք, հայ թէ օտար կազմակերպութիւններ ձեռնամուխ կ'ըլլան բազմահազար հայ որբերու, անօգ ու անպաշտպան կանանց եւ աղջիկներու օգնութեան գործին: Խնամատարութեան, ուսման դաստիարակութեան զուգընթաց, ամերիկացի, եւրոպացի միսիոնարներ առաջնահերթ կը նկատեն զանոնք ինքնաբաւ դարձնելն ու հետագայ կեանքին պատրաստելու համար արհեստներ սորվեցնելը: Այդ նպատակով որբանոցներուն կից կը հիմնեն արհեստանոցներ, իսկ այրի կիներու համար այրիանոց-աշխատանոցներ, ուր իրենց ապրուստը կը հայթհայթեն մեծ թիւով որբեր, կիներ եւ աղջիկներ:

Որբանոցներու մէջ տղոց արհեստներ սորվեցնելու համար կը հրաւիրուին տեղւոյն լաւագոյն վարպետները: Հիմնական արհեստներն են՝ ոստայնանկութիւն, կօշկակարութիւն, մուճակագործութիւն, ատաղձագործութիւն, հացագործութիւն, եւլն. իսկ աղջիկները՝ մեծ մասամբ կը զբաղին ասեղնագործութեամբ ու ժանեակագործութեամբ:

Մարաշի Էպէն-Էզէր բրիտանական (ապա՝ ամերիկեան) որբանոցին մէջ երկար տարիներ ծառայած սկովտիացի միսիոնարուհի Ակնըս Սալմընտ, իր յուշերուն մէջ կը պատմէ, որ չափահաս որբերու գործած կտաւը, ինչպէս նաեւ որբանոցին կից բացուած փուռի հացն ու քաղցրեղէնները լաւ անուն շահած էին ժողովուրդին մօտ, իսկ կարճ ժամանակի մէջ կօշկակարութեան արհեստը սորված չափահաս տղաքը, բոլոր որբերու կօշիկները իրենք կը պատրաստէին ու կը նորոգէին [63]: Այլ արհեստներու հետեւիլ ուզող տղաքը, կը ղրկուէին քաղաքի լաւագոյն վարպետներուն քով: Այս կերպ տղոց մեծամասնութիւնը արհեստներու կը տիրանան եւ որբանոցներէ բաժնուելէ ետք, գործի ասպարէզի մէջ յաջողութիւն կը գտնեն: Սալմոնտ մեծ դրուատիքով կը խօսի նաեւ աղջիկներու պատրաստած ասեղնագործ ժանեակներուն մասին, որոնք մեծ ընդունելութիւն գտած էին Լոնտոնի մէջ, այդպիսով հարիւրաւոր որբեւայրի եւ աղքատ կիներու եւ աղջիկներու ալ գործ հայթայթած էին [64]:

Միսիոնարական կազմակերպութիւններու որբախնամ գործունէութիւնը նպաստ մը կ'ըլլայ արհեստներու զարգացման եւ պահպանման համար:

  • [1] Յովսէփ Տէր-Վարդանեան, Մարաշի Ջարդը 1920-ին Եւ Պատմական Համառօտ Ակնարկ Մը Անցեալին Վրայ, Ա. հրատ., Հալէպ, «Արաքս», 1927, Բ. հրատ., «Արեւելք», Հալէպ, 2010, էջ 46:
  • [2] Թ. Խ. Յակոբեան եւ ուրիշներ, Հայաստանի եւ Յարակից Շրջանների Տեղանունների Բառարան, հատոր 3, Երեւան, Երեւանի Համալսարանի Հրատարակչութիւն, 1991, էջ 722:
  • [3] Մարաշի արհեստներու վերաբերեալ տեղեկութիւնները մեծ մասամբ քաղած ենք՝ Գրիգոր Գալուստեան, Մարաշ կամ Գերմանիկ եւ հերոս Զէյթուն, Բ. հրատ., Նիւ Եորք, 1988, ինչպէս նաեւ՝ գրաւոր եւ բանաւոր այլ աղբիւրներէ:
  • [4] Լափա յատուկ բաղադրութեամբ պատրաստուած թանձրանիւթ, որ կը գործածուի բամպակը մշակելու եւ ճերմկցնելու համար:
  • [5] Տես՝ Յ. Պ. Պօղոսեան, Հաճընի Ընդհանուր Պատմութիւնը, Լոս Անճէլըս, 1942, էջ 171:
  • [6] Խաշըլ ընել. մանածը յատուկ բաղադրութեամբ կիսախաշ խմորի մէջ թաթխելու գործողութիւնը:
  • [7] Գալուստեան, op. cit., էջ 284:
  • [8] Նոյն:
  • [9] Նոյն, էջ 286:
  • [10] Տեսթան՝ առասպելախառն զրոյց՝ պատում:
  • [11] Գալուստեան, op. cit., էջ 286:
  • [12] Գալֆա՝ վարպետի օգնական:
  • [13] Թարգմանութիւնը՝ մեր:
  • [14] Գալուստեան, op. cit., էջ 429:
  • [15] Յովսէփ Տէր-Վարդանեան, op. cit., էջ 66: Նազիկ Աւագեան, Հայկական ժողովրդական տարազը (XIX դ.-XXդ. սկիզբ), Երեւան, Հայկական ՍՍՀ ԳԱ Հրատարակչութիւն, 1983, էջ 14:
  • [16] Գալուստեան, op. cit., էջ 290-291:
  • [17] Սէրիկ Դաւթեան, Հայկական Ասեղնագործութիւն, Երեւան, հրատ. ՀՍՍՀ ԳԱ, 1972, էջ 50:
  • [18] Մարաշի ասեղնագործութեան բարձրարուեստ նմուշներու կարելի է հանդիպիլ ե'ւ թանգարաններու ե'ւ անհատներու հաւաքածոներու մէջ: Մարաշի ձեռագործ-ասեղնագործ արուեստի ճոխ հաւաքածոյ մը կը պահուի Հալէպի գանձատան մէջ, եկեղեցական զգեստներ իրենց մասերով՝ ոսկեթել, արծաթաթել, մետաքսաթել բանուածքներով՝ բազպան, փորուրար, եպիսկոպոսական զարդանկար խոյր, վակաս՝ ասեղնագործուած առաքեալներու պատկերներով, ոսկեթելով, մետաքսաթելով ասեղնագործ հողաթափեր, խորանի ծածկոցներ, մետաքսէ սկիհի ծածկոց, կտաւէ վարագոյր , եւլն, որոնք մեզի հասած են որպէս թանկագին վկայութիւններ Մարաշի երբեմնի հարուստ ասեղնագործութեան: Հայ թէ օտար մասնագէտ-այցելուներու հիացումին արժանացած է բաց դեղնաւուն մետաքսի վրայ ոսկեթել բանուածքով եպիսկոպոսական շուրջառը (Մարաշ, 19րդ դարասկիզբ):
  • [19] Գալուստեան, op. cit., էջ 292:
  • [20] Պէտք է հասկնալ գորգի աշխատանոցներ:
  • [21] Գալուստեան, op. cit., էջ 291:
  • [22] Նոյն, էջ 306:
  • [23] Արտաւազդ Արք. Սիւրմէեան իր Պատմութիւն Հալէպի Հայոցի մէջ կը գրէ, թէ հին ժամանակներէն ի վեր Հալէպ հաստատուած մարաշցի հայերուն ընթացիկ արհեստներն էին ներկարարութիւնը եւ հոր գործելը: Տես՝ Արտաւազդ Արք. Սիւրմէեան, Պատմութիւն Հալէպի Հայոց, հատոր Գ., Փարիզ, 1950, էջ 974:
  • [24] Գալուստեան, op. cit., էջ 292:
  • [25] Նազիկ Աւագեան, op. cit., էջ 14:
  • [26] Գալուստեան, op. cit., էջ 291-292:
  • [27] Նոյն:
  • [28] Նոյն:
  • [29] Ցուցակ Հայերէն Ձեռագրաց Հալէպի Ս. Քառասուն Մանկունք Եկեղեցւոյ Եւ Մասնաւորաց, կազմեց՝ Արտաւազդ Արք. Սիւրմէեան, հատոր Ա., Երուսաղէմ, 1935, էջ 153:
  • [30] Մարաշի ոսկերչութեան լաւագոյն աւանդոյթներուն մասին կը վկայեն Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկունք եկեղեցիին կից Գանձատուն-թանգարանին մէջ պահուող Մարաշի եկեղեցիներուն պատկանող եկեղեցական առարկաներն ու ծիսական անօթները, որոնք փրկուած եւ մեծագոյն զոհողութիւններով Հալէպ փոխադրուած են Ցեղասպանութենէն ազատած մարաշցի գաղթականներուն կողմէ: Դարերու ընթացքին Մարաշի եկեղեցիներուն մէջ հաւաքուած եկեղեցական սպասքի եւ թանկագին իրեղէններու չնչին մէկ մասը ներկայացնող այս ժողովումը՝ արծաթեայ ոսկեզօծ սկիհներ, մեծ եւ փոքր խաչեր, սրբատուփեր, աշտանակներ, բուրվառներ, որոնք երբեմն զարդարած են Մարաշի եկեղեցիներու խորանները, այսօր կը պատմեն անոնց անցեալի փառքերուն եւ շքեղութեան մասին: Բացառիկ այս հաւաքածոն (մօտ 40 կտոր) յատուկ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ Մարաշի գեղարուեստական մշակոյթի եւ ձեռարուեստի տարբեր ճիւղերու ուսումնասիրման առումով: Մինչ ցուցանմուշներ դառնալը անոնք գործածուած են Մարաշի եկեղեցիներուն մէջ, իսկ 1923էն ի վեր նաեւ Հալէպի հայկական գաղթակայանի մէջ մարաշցի հայրենակիցներու ջանքերով հիմնուած Ս. Խաչ եկեղեցիին մէջ, ապա հանգրուան գտած են տեղւոյն գանձատան մէջ:
  • [31] Գալուստեան, op. cit., էջ 292:
  • [32] Նոյն, էջ 293:
  • [33] Նոյն, էջ 294:
  • [34] Նոյն:
  • [35] Նոյն:
  • [36] Նոյն, էջ 298:
  • [37] Նոյն, էջ 305:
  • [38] Նոյն, էջ 297:
  • [39] Նոյն, էջ 295:
  • [40] Նոյն:
  • [41] Ծանօթ է, որ Հալէպի երեւելի ընտանիքներ յաճախ իրենց բնակարաններուն կահ-կարասիները կը պատուիրէին մարաշցի կահագործներուն:
  • [42] Գալուստեան, op. cit., էջ 295:
  • [43] Նոյն, էջ 927։
  • [44] Նոյն, էջ 297:
  • [45] Նոյն, էջ 296:
  • [46] Նոյն:
  • [47] Նոյն:
  • [48] Նոյն, էջ 299:
  • [49] Նոյն:
  • [50] Նոյն:
  • [51] Նոյն, էջ 299:
  • [52] Նոյն, էջ 300:
  • [53] Նոյն, էջ 302-303:
  • [54] Նոյն, էջ 301:
  • [55] Նոյն, էջ 301-302:
  • [56] Նոյն, էջ 303:
  • [57] Նոյն, էջ 303:
  • [58] Նոյն, էջ 296:
  • [59] Նոյն, էջ 907։
  • [60] Նոյն, էջ 297:
  • [61] Տես՝ Mihran Minassian, Les photographes Arméniens d’Ayntab et de la Cilicie. Bref aperçu (յօդուածը այժմ մամուլի տակ)։
  • [62] Գալուստեան, op. cit., էջ 300:
  • [63] Նոյն, էջ 489:
  • [64] Նոյն: