Չիրիշեան ընտանիքը, 1960ականներու սկիզբը (աղբիւր՝ Նորա Լեսսըրսոն)

Յովհաննէս Չիրիշեան

Խմբագիրի ծանօթագրութիւն

Այստեղ մենք կը գտնուինք իւրայատուկ վկայութեան մը առջեւ, որ կ՝արտայայտուի երգով ու անձնական պատումներով։ Ձայնագրութիւնը մեր առջեւ կը բանայ Յովհաննէս Չիրիշեանի մարաշեան մանրաշխարհը։ Այստեղ լսուող օրօրները, աղօթքները, զանազան երգերը (թէեւ ոչ բոլորը) Յովհաննէս լսած ու սորված է իր մանկութեան, պատանեկութեան ու երիտասարդութեան տարիներուն՝ Մարաշի մէջ։ Երգերը յաճախ կ՝ընկերակցին նախաբաններով, ուր Յովհաննէս վկայութիւններ կու տայ իր մօր, ընտանիքին, կնոջ, եւ ընդհանրապէս Մարաշի հայերուն կեանքին մասին։ Այս բոլորը, մեր կարծիքով, կը նպաստեն աւելի լաւ գիտնալու Մարաշի հայը, անոր առօրեան ու ընկերային միջավայրը. բաներ որոնք Յուշամատեան ծրագիրին գլխաւոր նպատակներէն են։ Նոյն այս պատճառով ալ որոշեցինք նուազագոյն կտրատումներ կատարել սոյն ձայնագրութեան մէջ։ Ջնջուած բաժինները ընդամէնը քանի մը վայրկեանի տեւողութիւն ունին եւ կը վերաբերին մանտոլինով նուագներու (առանց խօսքի)։ Այնպէս որ ձայնագրութիւնը կը ներկայացնենք գրեթէ ամբողջութեամբ, որովհետեւ համոզուած ենք որ այս ամբողջութեան մէջ աւելի հարազատ կ՝արտացոլայ Յովհաննէսի նկարագրած աշխարհը, աւելի շնչաւոր կը դառնայ անոր վերստեղծած հայկական Մարաշի մթնոլորտը։ Մեր արտագրումներուն ընթացքին փորձած ենք նաեւ առաւելագոյն չափով հարազատ պահել Յովհաննէսի լեզուն։ Կատարած ենք միայն քանի մը քերականական սրբագրութիւններ։

Ձայնագրութեան մէջ կան անշուշտ որոշ մեկնաբանութեան պահանջող կէտեր։ Այսպէս օրինակ ձայնագրութիւնը ամբողջութեամբ հայերէն է եւ մեծապէս նկատելի է թրքերէն երգերու բացարձակ բացակայութիւնը։ Մարաշի, ինչպէս նաեւ շրջակայ այլ քաղաքներու հայերը թրքախօս էին։ Թրքերէն խօսիլ ու թրքերէն երգել մաս կը կազմէր տեղացի հայերուն առօրեային։ Անոնցմէ շատեր այս յատկանիշները պահած են նաեւ, երբ այլեւս վերջնականապէս թողած են Մարաշը։ Յովհաննէս Չիրիշեան, ըստ իր հարազատներուն, ինք եւս թրքերէն կը շարունակէր խօսիլ Նիւ Եորքի մէջ՝ ամէն անգամ որ կը գտնուէր սերնդակից մարաշցի հայրենակիցներու հետ միատեղ։ Ուրիշ վկայութիւններէ գիտենք նաեւ, որ սփիւռքացած մարաշցի հայը կը քաշուէր իր տան մէկ անկիւնը՝ հեռու իր զաւակներէն ու թոռնիկներէն, եւ հոս է որ առանձին կ՝երգէր իրեն այնքան հարազատ թրքերէն երգերը։ Մէկ խօսքով համոզուած ենք որ Աղետը ապրած առաջին սերունդի այս մարաշցիներուն մօտ թրքերէնը՝ երգի լեզու կամ խօսակցութեան լեզու, լաւագոյն միջոցն էր իրենց ներաշխարհը արտայայտելու։ Բայց եւ այնպէս անոնք յաճախ բանեցուցած են ինքնագրաքննութիւնը։ Այս երեւոյթին ապացոյցն է նաեւ Յովհաննէսի ձայնագրութիւնը, զոր ան պատրաստած է իր զաւակներուն ու թոռնուհիներուն համար։ Ասիկա իր նուէրն է ուղղուած իրեն յաջորդող սերունդներուն, որոնք ընդհանրապէս հայերէն չեն խօսիր ու չեն հասկնար, բայց եւ այնպէս հայրը, մեծ հայրը կը փափաքի անոնց ձայնային ժառանգութիւն մը թողել հայկական իր աշխարհէն ու ընտանիքէն։ Այս իմաստով ալ Յովհաննէսի դիտանկիւնէն կը կարծենք որ ժառանգութիւնը այստեղ միայն ընտանեկան արժէք մը չէ, այլ անիկա կը կրէ նաեւ մեծապէս հայկական նշանակութիւն մը։ Իսկ յետ-Աղետեան տիրող մթնոլորտին մէջ, Սփիւռքեան զանազան հայկական համայնքներուն մէջ թրքերէն խօսիլն ու երգելը մաս կը կազմէր օսմանեան-թրքական ժառանգութեան մը, իսկ անոր անտեսումը, ջնջումը՝ արդարանալի էր էապէս։

Ձայնագրութեան ամբողջ տեւողութեան հետաքրքրական է նաեւ նկատել քրիստոնէական-կրօնական նիւթերու ու տարրերու ուժեղ ներկայութիւնը։ Գիտենք որ մարաշցի հայը աւանդաբար հաւատապաշտ է ու աստուածավախ։ Յովհաննէս իր նկարագրութիւններով ու երգերով կենդանի վկայութիւնը կու տայ այս երեւոյթին։ Անոր համար հայն ու հայութիւնը սիրելը «հաւատքի աղբիւր» է, «անէծքէ» խուսափելու միջոց է, իսկ հայ ազգային կրթութիւնը, իր կարծիքով, «հիմնուած է աստուածագիտութեան, աստուածապաշտութեան վրայ»։ Իր երգած երգերուն մէջ յաճախ մէկ կողմէ հայրենասիրական ու միւս կողմէ կրօնական-քրիստոնէական նիւթերը զուգահեռ կ՝ընթանան։ Այլ տեղ կը նկատենք որ աշուղ Ջիւանիին պատկանող երգին երկրորդ տան բառերը փոխուած են եւ այնտեղ մուտք գործած է աստուածավախութեան թեման։ Իսկ առաջին երեսին իր վերջին խօսքը պարզապէս կ՝աւարտէ կրօնական «ամեն»ով։

Յովհաննէս Չիրիշեանի սոյն ձայնագրութիւնը կատարուած է 1957էն 1959ի միջեւ։

Պատմութիւնը մեծ-մեծ հօրս պատմութեանց

Յառաջացած տարիքի մը՝ 80 տարեկանին, մեծ-մեծ հայրս՝ Ճոն/Յովհաննէս Չիրիշեան, գրի առած է կեանքի իր յուշերը։ Իր պատումը լի է մարդկային մեծ կորուստով մը։ Քանի մը աղետալի տարիներու ընթացքին – 1915էն 1920 -, ան ականատեսն է իր եղբայրներուն, իր առաջին ու սիրելի կնոջ, ինչպէս նաեւ համակ կեանքի մը կորուստին։ Բայց յետ-պատերազմեան ժամանակաշրջանին տեղի կ՝ունենայ նաեւ ընտանիքին պատկանող հազարամեայ փայտեայ արկղին քանդումը, որ խոր վիշտ կը պատճառէ Ճոնին ու անոր յուշերը ընթերցողին։ Արկղը լեցուն էր ընտանիքին վերաբերող դարաւոր թուղթերով, յուշերով ու իրերով։ «Մեր ընտանիքին յիշողութեան արխիւը», կը գրէ ան։ «Հազարամեայ հնութիւն մըն էր եւ ազգային կարեւոր գանձ մը, որ ինձ յանձնուած էր իբրեւ ընտանիքին անդրանիկ զաւակը. անիկա անհետ կորաւ [Յունուար 1920ին՝ Մարաշի աղետին ժամանակ]»։ Ան հանդիսաւորապէս կ՝եզրակացնէ. «Մինչեւ կեանքիս վերջը պիտի ափսոսամ»։

Մեծ-մեծ հօրս մօտ տիրող կորուստի այս զգացումը թէ՛ ողբերգական է եւ թէ խորիմաստ։ Իր տեղահանութենէն ի վեր, ան գիտակից կը թուի ըլլալ, թէ իր ժողովուրդը՝ հայերը, ոչ միայն հայրենի բնաշխարհ մը եւ սիրելիներ կորսնցուցած են, բայց նաեւ անոնցմէ դաժանաօրէն խլուած է նաեւ սեփական պատմութիւն մը։ Իր յուշերուն եւ ձայնագրութիւններուն ճամբով, ան կը փորձէ վերականգնել ինչ որ կրնայ «նախնիներու կորուսեալ ժառանգութենէն»։ Բայց եւ այնպէս, նոյնիսկ իր դուստրը՝ մեծ հօրաքոյրս, կը գանգատի որ ան բաւարար չափով չէ պատմած։ «Իր յուշերուն մէջ շատ բան չկայ ընտանեկան կեանքի մասին», կ՝ըսէ ան։ «Պէտք էր յուշերը երկու հատոր ըլլային»։

Խորքին մէջ, Ճոն չէր կրնար առանձին վերապատմել ընտանեկան հազարամեայ պատմութիւն մը՝ մարաշցիական բնաշխարհի բոլոր դրուագները։ «Հայր, մայր, բժիշկ եւ քահանայ», Ճոն Չիրիշեան կը փորձէր բոլորն ալ յիշել։ Բայց այս աշխատանքը պարզ է որ ան առանձին գլուխ չէր կրնար հանել։

Իրերու բարեբախտ դասաւորումով մը իր սկսած գործը այժմ ես ինքս ստանձնած եմ (շատ մը այլոց օգնութեամբ)։

Մեծ-մեծ հայրս նշանաւոր մարդ մըն էր։ Ծնած Մարաշ 1886ին, ան անդրանիկն էր ինը զաւակներու շարքին՝ երեւելի ընտանիքի մը մէջ։ Մայրը միայն 16 տարեկան էր, երբ Յովհաննէս/Ճոն կը ծնի։ Ան կը փափաքէր որ զաւակը դառնայ քահանայ։ Երբ 13 տարեկան կ՝ըլլայ, ան արդէն ծայրէ ծայր կարդացած էր Ս. Գիրքը։

Հաւատացեալ քրիստոնեայ մըն էր Ճոն, որ հետագային կը դառնայ կօշկակար՝ իր մեծ հօր նման։ Մարաշի մէջ յաջողութեամբ կը բանէր կօշկակարութեան արհեստը։ Երիտասարդ հասակին կը զինուորագրուի Օսմանեան բանակին մէջ եւ 1910էն 1914 պատուով կը ծառայէ օսմանեան հայրենիքին՝ Ատանայի եւ Մերսինի մէջ։ Իր ընկերասիրութիւնը, ուշիմութիւնը, թրքերէն լեզուին գիտութիւնն ու թուրք հրամանատարներու հետ սերտ յարաբերութիւնները («քեզ կը սիրեմ տղաս», անոնք իրեն կ՝ըսէին) պատճառ կ՝ըլլան որ աստիճանի բարձրացումներ ունենայ եւ դառնայ դասակապետ, սնունդի յանձնակատար, գլխաւոր հաշուապահ, յիսնապետ։ Մեծ-մեծ հօրս յուշերուն կարեւոր մէկ մասը յատկացուած է կեանքի այս հանգրուանին։

1915ին, Օսմանեան բանակին մէջ իր զինուորագրութիւնը լրանալէն մէկ տարի ետք, Ճոնն ու իր ընտանիքը կը տարագրուին Սուրիա։ Մեծ-մեծ հայրս քիչ բան կը գրէ գաղթականական թրանզիթ կայքին մասին, որուն մէջ գտնուած են (կը նախընտրէ տառապանքին վրայ շատ չկեդրոնանալ)։ Այնուհետեւ անոնք կը տեղափոխուին Համա եւ Մուհրատա (Համայի հիւսիս-արեւմուտքը)։ Այս վայրերուն մասին ան իր յուշերուն մէջ աւելի զգացական է ու առատօրէն կը գրէ, այստեղ, իր ու իր ընտանիքին տարագիրի կեանքին մասին։ Սուրիոյ մէջ անցուցած տեղահանութեան այս տարիներուն ընթացքին, Ճոնը յաջողութեամբ կը վերսկսի կօշկակարի իր արհեստը, ընկերական նոր ու հարուստ կապեր կը հաստատէ եւ հոս է նաեւ որ կը հանդիպի իր ապագայ կնոջ, որ մարաշցի հայրենակից մըն էր եւ գրեթէ բառացիօրէն՝ իր երազներու աղջիկը։ 1919ին ընտանեօք կը վերադառնան Մարաշ, ուր կ՝ամուսնանայ իր սիրեցեալին հետ։

Ուրախ բայց տխուր վախճանով ամուսնութիւն մըն էր։ Ճոնն ու իր ընտանիքը մաս կը կազմէին այն հազարաւոր հայերուն, որոնք կը հետեւին ֆրանսական զօրքերուն, երբ այս վերջինները կը թողեն Մարաշը եւ կը նահանջեն դէպի Իսլահիէ՝ Փետրուար 1920ին։ Ցուրտին ու բուգին կատարուած այս անողոք ճամբորդութեան ընթացքին է որ կը մահանայ իր յղի կինն ու եղբայրը։ Կորուստը մեծ էր, բայց ինք կը վերապրի, կը հասնի Իսլահիէ, ուր ամերիկեան Կարմիր Խաչէն կը ստանայ անկողինի ծածկոց մը։ «Զայն պահեցի իբրեւ յիշատակ», կը գրէ ան։

Մեծ-մեծ հօրս վկայագրութեան առանցքը մեծ ու կարեւոր թուականներն են։ Առօրեայ կեանքը շատ տեղ չունի այստեղ։ Պատերազմ, տարգրութիւն… Բայց եւ այնպէս, իր յուշերուն ընդմէջէն Ճոն անգիտակցաբար պատառիկներ կը ներկայացնէ Մարաշի մէջ օսմանեան հայերու մշակութային կեանքին մասին։ Այնպիսի մանրամասնութիւններ, զորս իր դուստրը կը փափաքէր որ աւելի առատ ըլլային։

«Միհրանէն իմացայ թէ Մարաշի հայերը՝ հարուստ կամ աղքատ, հում քէօֆթէ (չիքէօֆթէ) կ՝ուտեն շաբաթ իրիկունները», արաբ քրիստոնեայ մը կը յայտնէ մեծ-մեծ հօրս, որ կը փորձէր համոզել սոյն անձը իրենց ընթրիքի հիւրը ըլլալու։

«Կը սիրեմ Քոմմանտարիա մակնիշի գինին»։

«Հայրս՝ արհեստով սափրիչ, կ՝աշխատէր շաբաթ օրերը մինչեւ ուշ գիշեր»։

«Հետեւաբար, խանութս գոցեցի կէսօրէն առաջ, եւ նկատի ունենալով որ ընտանիքս արձակուրդ կ՝ընէր այգիին մէջ, ես ալ ուղղուեցայ այնտեղ»։

Բայց եւ այնպէս, հակառակ ներկայացուցած այլազան մանրամասնութիւններուն, Ճոն զանց կ՝առնէ ամբողջ պատմութիւններ։ «Զանց կ՝առնեմ այս դրուագը պատմելէ», յաճախ կը գրէ ան, «նկատի ունենալով որ անիկա շատ երկար է» կամ «հակաճառութիւններու առիթ չտալու համար»։ Աւելի վատը՝ «Մարաշցի հայրենակիցներուս ցուցաբերած հետաքրքրութեան պակասը յուսախաբ ըրաւ զիս, որոշեցի հարցը մոռնալ»։

Մեծ-մեծ հայրս Կարմիր Խաչի անկողինի ծածկոցը իբրեւ յիշատակ պահող մէկը եղած է։ Ան շարունակաբար իր հեռադիտակը կը գործածէր, որպէսզի կարենար տեսնել թէ ինչ կը կատարուի շուրջը։ Ան մինչեւ վերջ ալ ափսոսած է ընտանեկան արխիւներուն կորուստին համար։ Պահպանելու, պաշտպանելու եւ հասկնալու անոր տենչը շատ նման է ինձ։ Եւ սակայն ան – նոյնիսկ ես ինքս նոյն այս թեքսթին մէջ – ստիպուած է զանց առնել կարգ մը իրականութիւններ՝ ուրիշներու հաղորդակից ըլլալու ի խնդիր, պէտք է զանազանել խմբագրական միջամտութիւնը ընդհանրապէս կորուստէն։ Ի հարկէ, մէկու մը պատմութիւնը ներկայացնելու համար, անհրաժեշտ նախ է զայն վերակառուցել։

Բայց ի վերջոյ այս է կեանքը։ Մենք ենք մեր պատմութիւնը։ Մինչ ես կը սիրեմ մեծ-մեծ հայրս, իր հետ միասին կը ցաւիմ հազարամեայ արկղին ու անոր կապուած հազարամեայ պատմութեան կորուստով։ Նոյն ժամանակ սրտապնդիչ կը գտնեմ իր կեանքը պատմելու թափած ճիգերը, ուրախ եմ որ իրմէ ժառանգած եմ – մասամբ – զօրաւոր յատկանիշներ։ Այս բոլորը անցեալի պատմութեան վրայ ակնարկ մը ըլլալու զուգահեռ՝ նաեւ հայեացք մըն են իմ անձիս վրայ՝ այսօր. նստած եմ գետինը, կը գրեմ ընտանեկան պատմութիւն մը, ամէն գնով կը փորձեմ վերագտնել նոյնիսկ պատառիկ մը կորուսեալ անցեալէ մը։

Իսլահիէէն ետք Ճոն կը մեկնի Իզմիր, իսկ այնտեղէն ալ Նիւ Եորք։ Ան կը վերամուսնանայ «որպէսզի կարելի ըլլայ վերականգնել նախնիներու քանդուած բոյնը»։ Նոր կինը՝ մեծ-մեծ մայրս, իր առաջին կնոջ զարմուհին էր։ Միասին կ՝ունենան երեք զաւակներ՝ մեծ հօրաքոյրներս եւ մեծ հայրս։ Ընտանիքը կ՝ապրի Պրուքլինի մէջ (Նիւ Եորք), ուր Ճոն դարձեալ կօշկակար է, այս անգամ նոր, ամերիկեան ոճի։ Հակառակ այս «երկրորդ հայրենիքին մէջ» Մարաշի ոգին վերապրեցնելու իր ճիգերուն, Ամերիկան միշտ ալ իրեն համար պիտի ըլլար «ամանսըզ» տեղ մը՝ երկիր մը առանց գութի ու ողորմածութեան։

Ճոն Չիրիշեան կը մահանայ 18 Սեպտեմբեր 1967ին՝ 81 տարեկան հասակին։ Իր յուշերուն գրութիւնը աւարտած էր մահէն միայն մէկ տարի առաջ։

Ձայնագրութիւն

Այստեղ կը ներկայացնենք Յովհաննէս/Ճոն Չիրիշեանի հայերէն ձայնագրութեան արտագրութիւնը։

Առաջին մաս

մենանուագ

Թեքսթ - 1

Հոս պիտի երգեմ ու նուագեմ ողբացեալ նահատակ մօրս անմահ յիշատակին՝ իր օրօրներէն մի քանին։ Կը փափաքիմ չերգած իր մասին քանի մը խօսք ըսել։ Ողբացեալ մայրս ծնած է Վարժապետեան գերդաստանի ու իրագործուած 37 քահանաներու յաջորդական շառաւիղէն՝ բոլորն ալ կոչուելով Տէր Յովհաննէս։ Ողբացեալ մայրս իր ժամանակի ուսեալ հայ տիկիններէն մին էր։ Իր ուսումը առած էր Մարաշի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ բացուած առաջին հայ աղջկանց վարժարանին մէջ։ Ինք առաջին աշակերտուհիներէն մին էր, հետը ըլլալով նաեւ հօրեղբօր աղջիկը՝ Եւգինէն, եւ Տէր Ղազարեան Ղուտծիկ եւ ուրիշ երկու հայ օրիորդներ։ Մարաշու մէջ այդ շրջանը Զարթնումի շրջան կ՝անուանուի, որոյ ընթացքին միեւնոյն Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ Վարժապետեան Տէր Օհաննէս (պապաս) իր տնօրէնութեան տակ կը բանայ տղայոց համար բարձրագոյն վարժարան մը՝ Ճեմարան անունով։ Լուսահոգի մայրս իր գիտցած շատ մը ազգային երգերը կը պարտի իր հօրեղբօրորդի եւ կնքահայր՝ Յովնան վարժապետ Վարժապետեանին։ Իր եւ օրիորդ Ղուտծիկ Տէր Ղազարեանի ձայներուն աղուորութեան համար նոյն եկեղեցիին մէջ [անոնք] առաջին շապիկ հագուող օրիորդները կ՝ըլլան։ Զարմանալին այն է որ աներմայրս ալ նոյն շրջանին Մարաշու Ս. Ստեփաննոս եկեղեցիին մէջ շապիկ հագուող առաջին օրիորդներէն կ՝ըլլայ։ Ապագային այս տասնեակ մը օրիորդները, մէյ մէկ պատուական ընտանիքի մայրեր դառնալով հանդերձ, Մարաշու Ազգային Կեդրոնական վարժարանին կից Հայուհեաց վարժարան անունով դպրոց մը բանալով՝ զայն կը հասցնեն նախանձելի դիրքի։ Ուսանողուհիները ստիպուած էին եկեղեցական արարողութիւնները լման սորվելու։ Թէեւ իմ ժամանակս օրիորդները շապիկ չէին հագուեր, սակայն եւ այնպէս Ս. Քառասուն Մանկանց տօնին օրը – միշտ ալ շաբաթ օրուան կը հանդիպի – Ս. Քառասուն Մանկանց մայր եկեղեցիին մէջ մեծ հանդիսութեամբ տօնակատարութիւն կ՝ըլլար։ Ճաշու ատեն հանդիսաւոր Ս. պատարագ կը մատուցանուէր, որոյ ընթացքին էրիկ մարդիկ եկեղեցիէն ներս մտնել չէին կրնար։ Վեր վար եկեղեցին հայ տիկիններով ու օրիորդներով կը լեցուէր, բացի քահանայ հայրերէն ու սարկաւագէն, բոլոր արարողութիւնը օրիորդներով կ՝ըլլար՝ իրենց զմայլելի ձայներով ներկաները երկնային հոգեւոր վերելքին տանելով։ Օրհնեալ ըլլան արդարոց յիշատակը։

Հոս պիտի երգեմ մանկութեանս օրօրոցէն իսկ լսած առաջին հայ երգը՝ մօրս օրօրը՝ «Քուն եղիր բալաս»։

Քուն եղիր բալաս… (երգ)

Քուն եղիր բալաս աչքդ խուփ արա,
Քուն եղիր բալաս աչքդ խուփ արա,
Օրօրօր, օրօրօր իմ բալաս,
Օրօրօր, օրօրօր իմ նանիս,
Իմ սիրականս քունը կը տանի,
Իմ աղուորիկս քունը կը տանի։

Սուրբ Աստուածամայր բալայիս քուն տուր,
Սուրբ Աստուածամայր բալայիս քուն տուր,
Օրօրօր, օրօրօր իմ բալաս,
Օրօրօր, օրօրօր իմ նանիս,
Իմ սիրականս քունը կը տանի,
Իմ աղուորիկս քունը կը տանի։

Շուտ մեծցիր բալաս գնա Հայաստան,
Գալած վայրերդ դառնան բուրաստան,
Օրօրօր, օրօրօր իմ բալաս,
Օրօրօր, օրօրօր իմ նանիս,
Իմ սիրականս քունը կը տանի,
Իմ աղուորիկս քունը կը տանի։

Մօրը օրօրներէն ուրիշ մը

Պզտիկ տղաս չեմ օրօրեր,
Օրօրանքդ որքան լաւ (լաս),
Հայ եղբայրներ ոտքի ելան,
Միայն դու ետ պիտ մնաս։

Զարթիր որդեակ անուշ քունէդ,
Բաց աչքերդ լոյս տեսնեն,
Արեւ ծագեց արեւելքէն,
Բաղդը բացեց հայ ազգին։

Թեքսթ - 2

Հոս պիսի տամ ուրիշ օրօր մըն ալ իրմէ։ Օրօրը [կ՝երգուի] թէ՛ մօրը եւ թէ մանկիկի կողմէ։ Շատ յուզիչ օրօր մըն է։ Մենք եղած ենք թիւով ինն պզտիկներ տունին մէջը՝ վեց մանչ, երեք աղջիկ։ Շատ անգամ շուրջը կը բոլորուէինք, կ՝ըսէինք մամիկ՝ մամային եւ մանկիկին օրօրը երգէ։ Անուշ ձայնով մը կ՝երգէր, երբեմն կը խնդայինք, երբեմն ալ կը յուզուէինք։ Հոս պիտի բերեմ շատ հին յիշատակներ, անմոռանալի [յուզմունք]։ Օրօրին անունն է «Անուշ քնիկը աչերն առեր»։ Եղանակը, երգերը շատ բարձր ըլլալուն, կ՝ուզեմ տուն առ տուն արտասանել.

Անուշ քնիկը աչերն առեր… (արտասանութիւն)

Հայ գաղթականներ Պէյրութի քեմփին մէջ, ca 1925 (լուս.՝ Անթուան Փուատըպար, Bibliothèque Orientale-USJի հաւաքածոյ)

(Մայրը)
Անուշ քնիկ աչերն առեր,
Անուշ հովերն (անտառէն բեր),
Իմ տատրակիս քունն է եկեր,
Անուշ երգով ըսեմ օրօր։

(Մանկիկը)
Ես քուն չունիմ անուշ մայրիկ,
Հերիք աչքերս կապես, հերիք,
Մէկ պահիկէն կ՝ընեմ պաչիկ,
Զիս արձակէ մի ըսեր օրօր։

(Մայրը)
Մինչեւ չի լան մատաղ մանկտիք,
Ծիծ չեն իտար անոնց (…),
Դուն չլացած իմ մէկ հատիկ,
Ես ծիծ կու տամ կ՝ըսեմ օրօր։

(Մանկիկը)
Խեղճուկ սիրտով ձայն եմ ձգել
Կը ճվճվամ դուն չես լսեր,
Անուշ ձայնիդ ես զմայլեր,
Ես կու լամ դուն կ՝ըսես օրօր։

(Մայրը)
Արցունքներդ մարգարիտի պէս,
Երեսդ ի վար ինչ կը թափես,
Մի լար ձագուկ, մի լար մեղք ես,
Ով կ՝ուզես ան թող ըսէ օրօր։

(Մանկիկը)
Գիրկդ ինծի հանգստարան,
Ծիծերդ բերնիս անուշ ծորան,
Իրիկուան դէմ պառկիմ օրան,
Աչքս գոցեմ ըսէ օրօր։

(Մայրը)
Քնացնեմ իմ աղաւնիս,
Մեծացնեմ սիրով սրտիս,
Կարմիր վարդի նման բացուի,
Շուքդ նստիմ, ըսեմ օրօր։

(Մանկիկը)
Քիչ մը թուլցուր թեւերս ոտքերս,
Ալ թմրեցաւ փափուկ միսերս,
Անուշ մրափն առնէ աչերս,
Ապա սեղմէ ըսէ օրօր։

(Մայրը)
Այդ սուտերովդ չեմ խաբուիր ես,
Կ՝ուզես որ զիս նստեցնես,
Չի քնանաս, սիրտս ուտես,
Դատարկ տեղը ըսեմ օրօր։

(Մանկիկը)
Քիչ մը ճօրճօր, քիչ մը ճարճար,
Քիչ մը տանտան, քիչ մը պարպար,
Քիչ մըն ալ պապան ա հօփ (…),
Քիչ մը ամէնէն ետքը օրօր։

(Մայրը)
Այդ քու լեզուդ կ՝ուտեմ հիմա,
Քու կանգունովդ կտաւ չկայ,
Տանտան, մենմեն ալ խաբեբայ,
Աչուք պահ պահ ըսեմ օրօր։

(Մանկիկը)
Սիրտդ քար է ալ հասկցայ,
Լաթիլ, լաթիլ ճար չգտայ,
Ալ քնանամ ճարը չկայ,
Էրկար, էրկար ըսէ օրօր։

Տէր իմ Աստուած… (աղօթք)

Տէօնկելէ գիւղին (Մարաշի շրջան) հայկական վարժարանը, ca 1913-1914 (Աղբիւր՝ Նուպարեան գրադարանի հաւաքածոյ)

Հայ ազգային կրթութիւնը հիմնուած է աստուածագիտութեան, աստուածապաշտութեան վրայ։ Հոս պիտի արտասանեմ մօրմէս սորված առաջին մանկական աղօթքս.

Տէր իմ Աստուած, Տէր Բարերար,
Դու պահպանէ զիս այս գիշեր,
Տուր հօրս եւ մօրս երջանիկ հանգիստ օրեր,
Քու սուրբ հրեշտակդ մեզ մօտենայ,
Չհեռանայ ամենեւին,
Այլ պահէ միշտ փորձանքներէն
Արթուն պահէ զուարթագին։

Հոս նաեւ պիտի երգեմ մամայէս սորված «Հայր Մեր»ը բոլորովին տարբեր շարադրուած եւ տարբեր եղանակուած։

«Հայր Մեր»…

Թեքսթ - 3

Այս մէկն ալ պիտի երգեմ ու նուագեմ ողբացեալ տիկնոջս Նազենիի անմառ յիշատակին։ Ողբացեալը նոյնպէս իր ուսմունքը հայ ազգային վարժարաններուն մէջ առնելով տարիներով եղած է ուսուցչուհի։ Օրօրին անունը «Նազէի Օրօր» է։ Ան կ՝ըսէր. Պրն. Ահարոնեանը կարծես տեղեակ իմ քաշած տառապանքներուս՝ այս օրօրը հիւսեր է [1]։ Կ՝երգէր քաջաբար, թէեւ յուզուած, յուսալով որ օր մը արդարութիւնը եւ իրաւունքը կը յաղթանակէ, որ իր զաւակը տիպար հայ մը դառնալով կը ծաղկեցնէ եւ կը վերականգնէ կործանուած հայ օճախը:

Նազէի օրօրը (առաջին տուն)

Սուրբ Սիմէոն եկեղեցւոյ աւերակներուն մօտ, Հալէպի հիւսիսը։ Լուսանկար՝Ժան Մըսըրեանի, in Lévon Nordiguian, May Semaan Seigneurie (ed.), Portraits photographiques d'Orient, PUJ, Beirut, 2010

Քնի՛ր, ի՛մ բալիկ, օրօր, իշ արա,
Դու լաց մի՛ լինիր, ես շատ եմ լացել,
Ծլի՛ր, բո՛յ քաշիր, բոյիդ ես ղուրբան,
Դու լաց մի՛ լինիր, ես շատ եմ լացել։
Քնի՛ր, բո՛յ քաշիր, բոյիդ ես ղուրբան,
Դու լաց մի՛ լինիր, ես շատ եմ լացել։

Հոս պիտի արտասանեմ տուները.

Կոյր կռունկները սուգ ու շիւանով,
Մեր սեւ երկինքով եկան անց կացան,
Ա՜խ, մեր լեռներում վրայ կուրացան,
Դու լաց մի՛ լինիր, ես շատ եմ լացել։

Հողմն է հեծեծում սեւ անտառներում,
Անտէր մեռելի սուգն է ան, բա՛լիկ,
Անտէր ու անթաղ մեռելները շատ,
Դու լաց մի՛ լինիր, ես շատ եմ լացել։

Կարաւանն անցաւ, բարձած արցունքով,
Սեւ անապատում ծունկ չոքեց, մնաց,
Այն մեր աշխարհի դարդ ու զուլումն է,
Դու լաց մի՛ լինիր, ես շատ եմ լացել։

Յուլունք եմ շարել, կապել օրօցքիդ,
Չար աչքերի դէմ, մեր չար դուշմանի,
Քնի՛ր ու աճիր շո՛ւտ արա, բա՛լիկ,
Դու լաց մի՛ լինիր, ես շատ եմ լացել։

Դալուկ շրթունքիդ իմ կաթը սառեց,
Գիտեմ, այն դառն է, չես ուզում, բա՛լիկ,
Ա՜խ, վշտիս թոյնն է քամուել նրա մէջ,
Դու լաց մի՛ լինիր, ես շատ եմ լացել։

Կաթիս հետ մէկտեղ սեւ վիշտը ծծիր,
Հոգուդ մէջ թող նա սեւ վրէժ դառնայ,
Ծլիր, բո՛յ քաշիր, բոյիդ ես ղուրբան,
Դու լաց մի՛ լինիր, ես շատ եմ լացել։

Նազէի օրօրը (արտասանութիւն)

Նազէի օրօրը (երգ, վերջին երկու տուները)

Սթիվը այս օրօրը այնքան կը սիրէր, առանց անոր չէր քնանար։ 5-6 տարեկան եղաւ, մանտոլինը առնելով կ՝ըսէր, մամա «Քնիր իմ բալիկ» երգէ՛, եւ ձեռքէն մանտոլինը առնելով՝ «ես ալ կրնամ երգել» կ՝ըսէր. եւ չէր կրնար [մանտոլին նուագել], կը ջղայնանար, մանտոլինը գետին զարնելով փշուր-փշուր կ՝ընէր. ասանկով երկու հատ մանտոլին կտրեց։ Սթիվը լաւ տղայ է, իրականութեան մէջ իրմէ շատ գոհ եմ, Աստուա՜ծ պահէ, նոյնպէս բոլորին ալ զաւակները, Ամեն։

[Այստեղ խօսողը Սթիվն է, Յովհաննէս Չիրիշեանի զաւակը]

Լուի՛զ, այս ձայնագրութիւնը քեզի համար պատրաստած եմ, որպէսզի կարենաս ունկնդրել մեծ պապայէն շարք մը երգեր։ Առաջին երեսին վրայ կը լսես օրօրոցային մը՝ հայրենի աշխարհէն, իսկ միւս երեսը պարզապէս իր թոռնիկներուն – թոռնուհիներուն – համար պատրաստուած ձայնագրութիւն մըն է։ Միակ անունները, զորս ան այստեղ չի նշեր Ճօանն ու Մարկըրէթն են։ Պարզ է, անոնք տակաւին ծնած չէին, հետեւաբար կը նկատես թէ որքան հին է այս ձայնագրութիւնը։ Ամէն պարագային, քեզի բարի ունկնդրութիւն կը մաղթեմ։ Գիտեմ որ հայերէնը պիտի չհասկնաս, բայց գոնէ մեծ պապային ձայնը պիտի լսես, ինչպէս նաեւ շարք մը հին երգեր ու օրօրոցայիններ։ Բարի ունկնդրութիւն, անուշիկս։

Երկրորդ մաս

Քանի մը ազգային երգեր նուագելով կը նուիրեմ իմ շատ սիրունիկ թոռնիկներուս՝ Նազենիկին, Ռոզիկին, Լորիյին, Մերիաննին եւ Լուիզին սիրոյն համար։

[Միացեալ Նահանգներու քայլերգին նուագը մանտոլինով]

[Մանտոլինով մենանուագ մը ջնջուած]

Ախ իմ աղուոր մէկ հատիկ... (երգ)

Ախ իմ աղուոր մէկ հատիկ,
Կը վառի կոր իմ սրտիկ,
Հայ աղջիկ, սիրուն աղջիկ,
Ինչ կ՝ըլլայ տուր մի պաչիկ։

Սիրտիս խորէն խօսեցար,
Մինչեւ հիմա ինչ կեցար,
Այ papa, սիրուն papa,
Մէկ պաչիկով ինչ կ՝ըլլայ։

Քեզի եմ մնում անուշ գարուն... (երգ)

Քեզի եմ մնում անուշ գարուն,
Ծաղիկ եարիս հետդ գալու,
Դու կարօտ ես վառ արեւի,
Ես իմ կեանքի գարուն եարիս։

Վարդ մը ունես քեզ հմայում,
Քո կեանքի հետ անել մարում
Ես եար մունեմ յաւէտ գարուն,
Իմ հոգու մէջ վառ մնալու։

Կապոյտ երկնքում աստղեր են փայլում... (երգ)

Կապոյտ երկնքում աստղեր են փայլում,
Կապոյտ երկնքում աստղեր են փայլում,
է արեգակը։

Սիրուն աղջիկներ, ինչպէս ծաղիկներ
Սիրուն աղջիկներ ինչպէս ծաղիկներ
Ամէն տեղ կան շատ։

Բայց իմ Նազենիկը, Ռոզիկն ու Մերիէննը
Բայց իմ Լորին, բայց Լուիզան,
Հրեշտակի նման։

Նազենիկ, Ռոզիկ ու Մերիէնն... (երգ)

Նազենիկ, Ռոզիկ ու Մերիէնն
Լորին ու սիրուն Լուիզան
Աստուած պահէ, պաշտպանէ ձեզ
Մարդոց չար աչուէն ու լեզուէն։

Թոռնիկ աղջիկներս... (երգ)

Թոռնիկ աղջիկներս ինչ անուն տամ ձեզ,
Թէ հրեշտակ ասեմ հրեշտակ տեսած չեմ տեսել,
Հրեշտակ չեմ տեսել։

Թէ մարդ անուանեմ մեծ սխալ կ՝անեմ,
Ուստի գոհանամ փառք տալով տիրոջ,
Փառք տալով տիրոջ։
Ուստի գոհանամ փառք տալով տիրոջ,
Թէ ձեզ միշտ օրհնելով։

Հիմա ալ ձեզի պիտի երգեմ իմ մամայիս, ձեր grand grand մամային մէկ օրօրը, որ իմ օրօրոցէս լսածս առաջին հայ երգն է.

Քուն եղիր բալաս աչքդ խուփ արա…
[Կրկնութիւն վերը նշուած երգին]

Բարի, գեղեցիկ, արաքինի, ճշմարիտ ընկեր… (երգ)

Լուսանկար՝Կիյոմ տէօ Ժերֆանիոնի, in Lévon Nordiguian, May Semaan Seigneurie (ed.), Portraits photographiques d'Orient, PUJ, Beirut, 2010

Հիմա ալ պիտի նուագեմ ու երգեմ «Բարի, գեղեցիկ, արաքինի, ճշմարիտ ընկեր» Աշուղ Ջիւանիի [2] աշուղական երգերէն.

Բարի, գեղեցիկ, առաքինի ընկերը մարդուն,

Որ փայլեցնէ արեւու պէս պատկերը մարդուն,
Ինչ մարդ ունենայ իր մօտը հաւատարիմ ընկեր`

Ցերեկի նման անցնում է մութ գիշերը մարդուն:



Ընկեր իմաստուն, աստուածավախ, ճշմարիտ ընկեր,
Որ բարձրացնէ աստիճանը միշտ վերը մարդուն։

[Այս բաժինը ջնջած ենք, նկատի ունենալով որ յար եւ նման կրկնութիւնն է յաջորդին]

Սիրէ հայը… (երգ)

Հայ աշակերտներ Թոգաթի շրջանին մէջ, 1906։ Լուսանկար՝ Անթուան Փուատըպարի, Bibliothèque Orientale/USJ, in Lévon Nordiguian, May Semaan Seigneurie (ed.), Portraits photographiques d'Orient, PUJ, Beirut, 2010

Զաւակներս սիրեցէք հայ ազգը, հայ ժողովուրդը, հայուն հայրենիքը՝ անէծքի տակ չմնալու համար։

Հիմա ալ պիտի նուագեմ ու երգեմ՝ «Սիրէ հայը»։ Զաւակներս սիրեցէք հայը, հայ ազգը, հայուն հայրենիքը։ Ատիկա ձեր կեանքին մէջ բարոյական ուժի եւ հաւատքի լուսոյ աղբիւրը պիտի ըլլայ։

Սիրէ՛ հայը թէ ըլլայ
Աղքատ, ըլլայ անկարող,
Վրան գլուխ (…)
Դռնէ ի դուռ մուրացող։

Սիրէ՛ հայը թէ ըլլայ
Հարուստ, փարթամ մեծատուն,
Կամ ըլլայ պէյ, էֆենտի
Եւ ամիրա մեծանուն։

Օտար երկիր… (երգ)

Մարաշի հայրենակցական միութեան Նիւ Եորքի մասնաճիւղին վարչութիւնը, 1930ականներու սկիզբը։ Նստած, ձախէն երկրորդը՝ Յովհաննէս Չիրիշեան (վարչութեան ատենապետ) (Աղբիւր՝ Գալուստեան, op. cit.)

Հիմա ալ պիտի երգեմ հայրենակարօտ «Օտար երկիր» երգէն տուն մը միայն.

Օտար երկիր, օտար պանդոկ,
Կը հեծեմ, կը հեծեմ,
Ա՜խ հայրենիք քեզ յիշելով,
Կ՝արտասուեմ, կ՝արտասուեմ։

[Երգը կիսատ կը մնայ]

  • [1] Յովհաննէս Չիրիշեանի նշած «Պրն. Ահարոնեանը» հայ յայտնի գրող Աւետիս Ահարոնեանն (1866- 1948) է։ Ան հեղինակն է 1924ին լոյս տեսած թատերգութեան մը՝ «Արցունքի հովիտ» վերնագրով։ Հոս գործող հերոսուհիներէն մէկը Նազէն է, որ իր երեխային համար կ՝երգէ սոյն օրօրը։ Ուրեմն բառերը կը պատկանին Ահարոնեանի, բայց մեզի անծանօթ կը մնայ սոյն օրօրին երաժշտութեան հեղինակը։
  • [2] Հայ աշուղ (1846-1909)։