Զէյթուն

Կան տեղանուններ, որոնք ժողովուրդի մը հաւաքական յիշողութեան մէջ դարձած են խորհրդանիշներ։ Անունը դադրած կ՚ըլլայ լոկ քաղաք մը, գիւղ մը կամ շրջան մը ըլլալէ, փոխարէնը կը ներկայացնէ պատմական պահեր կամ խորհրդանշական պատկերներ, որոնք սերտօրէն կ՚առնչուին տուեալ ժողովուրդին պատմութեան։ Խոհրդանիշ դարձած պատմական տեղավայրին յիշողութիւնը կրնայ պահպանուիլ 100 կամ աւելի տարիներ, նոյնիսկ եթէ անիկա այլեւս քանդուած է, իսկ այնտեղ ապրող ժողովուրդը՝ այլեւս ոչնչացած։

Այսպիսի անուն մըն է Զէյթունը հայոց պատմութեան մէջ։ Բառը խտացումն է մէկ կողմէ հերոսական պայքարի եւ դիմադրութեան, իսկ միւս կողմէ ջարդի եւ նահատակութեան։

Պատմական Կիլիկիոյ հիւսիսը եւ Տաւորսեան լեռնաշղթային կեդրոնը գտնուող բնակավայր մըն է Զէյթունը։ Ժայռերու վրայ ամրացուած տուներ, անդնդախոր ձորերու վրայ նետուած կամուրջներ՝ պատմական քաղաքը բնական ամրոցի մը տպաւորութիւն կը ձգէր։ Զէյթունի այս հերոսական/աղետային պատմութիւնը կը սկսի հիւսուիլ յատկապէս 19-րդ դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ։ Այս ժամանակաշրջանը կը զուգադիպի օսմանեան կառավարութեան թափած ճիգերուն՝ կայսրութեան տարածքին կիսանկախ գործող իշխանապետութիւնները խորտակելու եւ փոխարէնը՝ կեդրոնական իշխանութիւններուն դիրքը հզօրացնելու։ Գլխաւոր թիրախը քրտական իշխանապետութիւններն էին, որոնց գոյութիւնը արեւելեան նահանգներէն ներս դարձած էին պետութեան անգործութեան, թուլութեան եւ բացակայութեան ապացոյցները։ Կը կարծենք որ նոյն այս ծիրին մէջ պէտք է դիտել նաեւ Զէյթունի դէմ գործուած օսմանեան իշխանութիւններուն առաջին ճնշումները, որոնց նպատակն էր խորտակել հայկական այս փոքրիկ իշխանապետութիւնը։

Հակասութիւնները բազմաթիւ են Օսմանեան կայսրութեան հայերու պատմութեան մէջ։ Զէյթունի օրինակը այս իմաստով բաւական արտայայտիչ է։ Կայսրութեան այլ տարածքներու մէջ, մանաւանդ գիւղական վայրերու մէջ, ուր հայ մշակը դարձած էր հողազուրկ եւ ենթակայ՝ իր շրջանի քիւրտ կամ թուրք աղային կամ պէյին, հայ ճնշուած գիւղացին կը փնտռէր պետութեան – օսմանեան պետութեան – ներկայութիւնը, անոր հզօրացումն ու թիկունքը, այն յոյսով որ պետութիւնը ինք պիտի ըլլար իր իրաւունքներուն պաշտպանը՝ զինք կեղեքող տեղական իշխանաւորներուն դէմ։ Զէյթունի հայերը այս կացութեան մէջ չէին։ Առանց մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու պարզապէս յայտնենք որ 1860-ականներուն անոնք կ՚ապստամբէին, որովհետեւ պետութիւնը կը միտէր խորտակել իրենց վայելած կիսանկախութիւնը, իրենց ազատութիւնը, եւ պատրաստ չէին պետական ծանր հարկերու համակարգին ենթակայ ըլլալու։ 

Նոյն զէյթունցի հայերը զէնքի դիմած էին նաեւ այդ դէպքէն տարիներ առաջ, երբ 1830-ական թուականներուն ամբողջ Կիլիկիան գրաւուած էր Եգիպտոսի Իպրահիմ փաշայի բանակներուն կողմէ, իսկ օսմանեան զօրքերը պարտուած ու նահանջած էին։ Այս պայմաններուն մէջ Զէյթունի հայերը կը միանան տեղական ցեղախումբերու եւ կը սկսին պատերազմիլ եգիպտական ներկայութեան դէմ, որ խորքին մէջ վտանգ մըն էր Զէյթունի կիսանկախ դրութեան նկատմամբ։ Ինքնավարութիւնը պահպանելու նոյն պայքարն էր, որ ուղղուած էր սպառնացող կողմին դէմ՝ ով ալ որ ըլլար անիկա։

Պատմութիւնը շատ ծանօթ չէ 1830-ականներու Զէյթունի ապստամբութեան։ Բայց պատկերը բոլորովին այլ էր 1862-ին եւ անոր յաջորդող միւս ապստամբութիւններուն ժամանակ։ Փաստօրէն, 1860-ական թուականներուն Պոլսոյ հայութիւնը կ՚ապրէր գրական, մշակութային եւ հոգեմտաւոր զարթօնքի շրջան մը, ինչ որ պատճառ կ՚ըլլայ որ հեռաւոր Զէյթունէն հնչած դիմադրութեան որոտն ու եղեռնային լուրերը անարձագանգ չմնային։ Այսպէս, 19-րդ դարու երկրորդ կէսին Զէյթունի մասին կը սկսին գրուիլ հայրենասիրական բանաստեղծութիւններ, կը հիւսուին երգեր, կը տպուին գիրքեր։ Հայերու հաւաքական մտայնութեան մէջ Զէյթունը կը սկսի մարմնաւորել յանուն ազատութեան կռիւը, բայց նոյն ժամանակ ան կը դառնայ այս պայքարի ուղիին վրայ տառապողի եւ նահատակի խոհրդանիշը։ Յետագայ տասնամեակներուն կը բռնկին նոր ապստամբութիւններ, իսկ այս պատկերը աւելի ու աւելի կ՚ամրապնդուի։

Եթէ հայկական հաւաքական մտապատկերին մէջ Զէյթունը այլեւս դարձած էր դրօշակ մը, լոզունգ մը, անդին, օսմանեան քաղաքական շրջանակներուն մէջ անիկա վերածուած էր յաճախանքի մը։ 19-րդ դարու երկրորդ կէսը ծնունդ տուած էր Հայկական Հարցին, ինչ որ պատճառ պիտի ըլլար որ օսմանեան իշխանութիւններուն մէջ բոյն դնէր կայսրութեան հայերուն նկատմամբ կասկածանքը, հայերը ընդհանրապէս ընկալուէին իբրեւ ներքին թշնամիներ, անջատողականներ։ Այս մտայնութիւնը թէեւ պիտի ունենար իր վերիվայրումները, բայց անիկա միշտ ալ պիտի գոյատեւէր իշխանական վերնախաւին մէջ։ Իսկ Զէյթունի պէս ըմբոստ հայկական բնակավայրի մը գոյութիւնը պիտի համարուէր պարզապէս սպառնալիք։ Պիտի մոռցուէր այն փաստը որ զէյթունցիները առաջին հերթին կը պայքարէին իրենց տնտեսական ինքնավարութեան ի խնդիր։ Իշխանութիւնները պարզապէս պիտի լծուէին դիմադրութեան այս կեդրոնին ճնշումին եւ թուլացումին։ Քաղաքին հանդիպակաց բլուրին վրայ պիտի կառուցէին զօրամաս մը, Զէյթունին շատ մօտիկ պիտի բնակեցնէին Կովկասէն հասնող իսլամ գաղթականներ, իսկ չենք կարծեր որ զուգադիպութիւն է որ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան զանգուածային ամէնէն առաջին տեղահանութիւններու թիրախներէն պիտի ըլլար Զէյթունը։

Հերոսութիւն եւ նահատակութիւն։ Ահաւասիկ այս երկու բառերով կը ներկայացուի Զէյթունը հայերու հաւաքական յիշողութեան մէջ։

Բայց խորքին մէջ Զէյթունը աւելի՛ն է։ Ինչ որ յաճախ պատահած է յետ-ցեղասպանութեան հայկական հաւաքական յիշողութեան մէջ, անտեսուած եւ հետզհետէ մոռցուած են տեղական պատմութեան միւս երեսները, այս պարագային Զէյթունի հայկական կեանքին բազմահարուստ ժառանգութիւնը։

Որովհետեւ Զէյթունը նաե՛ւ հայկական բազմերանգ կեանքի մը խորհրդանիշն էր։ Ունէր իր բարբառը, իր տօնական սովորութիւնները, իր կրօնական աւանդոյթները, իր խոհանոցը, իր արհեստները – որոնց շարքին զինագործութիւնը -, իր եկեղեցիներն ու ուխտավայրերը, եկեղեցիներու մէջ պահպանուած դարաւոր գանձերը, իր մէկէ աւելի կրթական հաստատութիւնները եւ շատ ուրիշ բաներ, որոնք կ՚առնչուին տեղական կեանքին եւ ընկերային միջավայրին։

Այս բոլորը նոյնպէս մաս կը կազմեն Զէյթունի հայկական ժառանգութեան։ Կարելի չէ զանոնք անտեսել երբ կը խօսինք Զէյթունի հայկական ժառանգութեան մասին։ Լուսանկարներու, ուսումնասիրութիւններու, արուեստի գործերու ճամբով անոնց վերականգնումը վստահաբար յարգանք մը պիտի ըլլայ այս քաղաքը անցեալին շէնցուցած հայ բնակիչներուն յիշատակին։ Զանգուածային բռնութեան պայմաններու մէջ անոնցմէ շատեր սպաննուեցան, իսկ վերապրողներն ալ զրկուեցան իրենց հայրենի բնօրրանին մէջ ապրելու տարրական իրաւունքէն։

Հայկական Զէյթունը գոյութիւն չունի այլեւս։ Միայն հետքեր մնացած են անցեալի ճոխ կեանքէն։ Բայց կարելի է մեր ձեռքի տակ գտնուող միջոցներով վերականգնել այնտեղի հայկական յիշողութիւնը – գէթ պատառիկներ այդ յիշողութենէն։ Կարելի է նոր արժէք տալ Զէյթունի հայկական հարուստ ժառանգութեան։ Այսպիսի նախաձեռնութիւններ կը կարծենք որ իրագործումներ են, յաղթանակներ են մարդակերտ չարիքին դէմ, որ փորձեց ոչնչացնել հայ զէյթունցին եւ անոր դարաւոր ժառանգութիւնը. անոնք յաղթանակներ են նաեւ ժամանակի չարիքին դէմ որ հետզհետէ կը ջնջէ Զէյթունի հայուն յիշողութիւնն ու անոր վերջին հետքերը։