Եոզկատ

Եոզկատ քաղաքն ու շրջակայ գիւղերը

Եոզկատի սանճաք (գաւառ) գլուխին տակ Յուշամատեանը կ՚անդրադառնայ Օսմանեան կայսրութեան հայերու ընդհանուր պատմութեան յարաբերաբար նուազ ծանօթ աշխարհագրական տարածքի մը։ Սոյն սանճաքը մաս չի կազմեր պատմականօրէն հայաբնակ օսմանեան հայկական աշխարհին։ Այստեղ նշուող տեղանուններ, ինչպէս օրինակ Ռումտիկին (ներկայիս Ֆելահիյէ), Պուռունքըշլա, Իյտէլի, Ուզունլու շատերու համար կրնան նկատուիլ տարաշխարհիկ անուններ։

Եոզկատի շրջանին մօտակայ կեդրոններ, ինչպէս Կեսարիա եւ Սեբաստիա, տակաւին 11-րդ դարէն սկսեալ ունեցած են հայկական հոծ բնակչութիւն, որ գաղթած է Վասպուրականի եւ Անիի տարածքներէն։ Այսուհանդերձ Եոզկատ քաղաքին եւ անոր շրջակայ գիւղերուն հայկական պատմութիւնը յարաբերաբար նոր է։ Այսպէս, հայերը այս բնակավայրերուն մէջ հաստատուած կը համարուին գլխաւորաբար 18-րդ դարէն սկսեալ։

Այս ժամանակներէն սկսեալ հայկական աշխուժ կեանք մը զարգացած է Եոզկատ քաղաքի ու անոր շրջակայ գիւղերուն մէջ։ Քանի մը դարերու ընթացքին ստեղծուած եոզկատեան այս տեղական պատմութիւնը անտարակոյս մաս կը կազմէ օսմանեան հայկական հարուստ ժառանգութեան եւ այս ճամբով նաեւ ներկայ Թուրքիոյ ընդհանուր ժառանգութեան, նկատի ունենալով որ սոյն վայրերը կը գտնուին թրքական պետութեան սահմաններէն ներս։

Յուշամատեանի նպատակն է վերականգնել Անգարայի վիլայէթին (նահանգ) մաս կազմող Եոզկատի սանճաքի հայութեան անցեալի այս կեանքը՝ իր բազմազան երեսներով։