Լծակ խաղը (Աղբիւր՝ Վ. Բդոյեան, Հայ ժողովրդական խաղեր, Երեւան, 1980)

Եոզկատ - Խաղեր

Հեղինակ՝ Վահէ Թաշճեան, 27/09/15 (վերջին փոփոխութիւն՝ 27/09/15)

Պահվտուք

Կը խաղան տղաք եւ աղջիկներ միասնաբար կամ առանձին։ Մասնակիցները վիճակ կը ձգեն որոշելու համար առաջին պառկողը կամ աչք գոցողը։ Կը ճշդուի տեղ մը, աչք գոցողը ճիշդ այդտեղ կը կանգնի, գլուխը պատին կը դարձնէ, մինչ այդ միւս խաղացողները տարբեր տեղեր կը պահուըտին։ Բաւական ետք աչքերը գոցողը կը սկսի փնտռել իր խաղընկերները։ Երբ ոեւէ մէկուն տեսնէ, անմիջապէս անոր անունը պէտք է տայ, ապա վազելով ուղղուի սկզբնական պատին քով եւ թքնէ ճիշդ այն կէտին ուր նախապէս կանգնած էր։ Յաջորդ աչք գոցողը բռնուած խաղընկերը կ՚ըլլայ։ Խաղը այսպէս կը շարունակուի մինչեւ որ նոր աչք գոցողը իր խաղընկերներէն մէկն ու մէկը գտնէ։

Թերզեան ընտանիքը Եոզկատի շրջանին մէջ 1920-ականներու սկիզբը։ Նկարին կեդրոնը, նստած՝ Կարապետ Թերզեան, իսկ անոր գիրկը նստողը՝ որդին՝ Արամ (Աղբիւր՝ Սեսետէ Թերզեանի հաւաքածոյ, Պերլին)

Բերդախաղ

Կը խաղան 6-7 հոգիով։ Ընդարձակ տարածքի մը վրայ խաղին մասնակիցները շրջանակաձեւ կը կանգնին իրարմէ մօտ 5 մեթր հեռաւորութեամբ։ Վիճակ կը քաշուի եւ անոնցմէ մէկը շրջանակին կեդրոնը կը կանգնի։ Մնացեալները մնայուն կերպով իրենց տեղերը պիտի փոխեն, այսինքն շրջանակին վրայ կանգնածները մէկը միւսին տեղը պիտի առնէ։ Այս գործողութիւնը շատ արագ պէտք է ըլլայ։ Կեդրոնը կեցողը ուշադիր պէտք է հետեւի այս փոփոխութիւններուն։ Նպատակն է բաց մնացած տեղերէն մէկն ու մէկը ինք առնէ կամ գրաւէ։ Եթէ յաջողի, իր տեղը կորսնցնողը ինք շրջանակին կեդրոնը կ՚անցնի եւ խաղը կը շարունակուի։

Փոքրիկն Պատրիկ Առաքելեան, 1910, Եոզկատ (Աղբիւր՝ Էտուըրտ եւ Մէյրի Անն Գազանճեանի հաւաքածոյ)

Հէսէսի-հիւսէսի

Խաղացողները քար մը կը դնեն գետին, իրենք ալ միասնաբար կը կանգնին անկէ որոշ հեռաւորութեան մը վրայ։ Իւրաքանչիւր մասնակից իր ձեռքին բռնած կ՚ըլլայ այլ քար մը, նախընտրաբար տափակ եւ կարծր՝ հարուածելու նպատակայարմար։ Առաջին խաղացողը ձեռքի քարով կը փորձէ զարնել գետինի քարին՝ փորձելով զայն առաւելագոյնս հեռացնել իր զետեղուած տեղէն։ Երբ յաջողի, կ՚երթայ ու կը կանգնի քարին նախապէս զետեղուած կէտին վրայ, ապա քայլերը հաշուելով կ՚ուղղուի նոյն այդ քարին տեղափոխուած տեղը։ Յաղթողը կ՚ըլլայ այն որ ճիշդ վեց քայլ առնելով կը հասնի տեղափոխուած քարին։ Առաջին քայլը առնելուն ան պէտք է ըսէ «հէսէսի», եկրորդ քայլին՝ «հիւսէսի», երրորդին՝ «այլոզ-պայլոզ», ապա յաջորդաբար՝ «սէքսէն», «տոխզան» եւ վերջինը՝ «եիւզ»։ Պէտք է այս համրանքը ամբողջական ըլլայ այս հեռաւորութիւնը կտրած ատեն։ Եթէ վեց քայլով չյաջողեցաւ նպատակին հասնիլ, ապա խաղը սկիզբէն կրկին ծայր կ՚առնէ, այս անգամ կարգը անցնելով երկրորդ խաղացողին։

Այ-կէօրտիւմ (լուսին տեսնել)

Խաղը կը խաղան լուսնակ գիշերով։ Կը մասնակցին երկու խումբեր։ Մէկ խումբին անդամները աչքերնին կը գոցեն, մինչ մրցակից խումբին տղաքը կը պահուըտին զանազան տեղեր։ Առաջին խումբին աչքերը գոցած վայրը կը համարուի բերդը։ Երբ աչքերնին բանան, մէկ հոգի կը պահեն բերդին մօտ, մինչ միւսները կը սկսին շրջագայիլ եւ մրցակից պահուըտածները փնտռել։ Երբ ոեւէ մէկը գտնեն, խուզարկող խումբը պէտք է կանչէ Այ-կէօրտիւմ, ու անմիջապէս վերադառնայ բերդ՝ բերդապահը պաշտպանելու համար։ Այ-կէօրտիւմ կանչը նոյն ժամանակ դուրս կը հանէ բոլոր մրցակիցները իրենց թաքստոցներէն եւ անոնք ալ կ՚ուղղուին բերդ՝ բերդապահը ծեծելու եւ վայրը գրաւելու նպատակով։ Եթէ յաջողին, ապա դերերը կը փոխուին։ Այսինքն պահուըտող խումբը կը դառնայ խուզարկող։

Փորաքրատիպ. լուսնակ գիշերով Ամանոսի լեռներուն մէջ հանգչող կարաւան մը (Աղբիւր՝ Thomas Bartlett, Clément Pellé, Léon Galibert, Voyage en Syrie et dans l'Asie Mineure, Paris/Londres, 1840)

Հոլոր

Խմբային խաղ մը, զոր կը խաղան ընդհանրապէս գիւղական տուներու տանիքներուն վրայ։ Կ՚ընտրուի մէկը, որ մէկ ոտքի վրայ ցատկելով պիտի հալածէ բոլոր միւսները։ Նպատակն է ոեւէ մէկուն զարնել։ Զարնուողը ինք կը սկսի մէկ ոտքի վրայ ցատկել եւ բոլոր միւսներուն փորձել զարնել։ Փախողները իրենք ալ իրաւունք ունին մէկ ոտքի վրայ ցատկողին զարնել եւ զայն գետին տապալել։

Վէգի խաղ

Կը խաղան 2-3 հոգիով։ Խաղին մասնակիցներերը իրենց վէգերը հաւասար թիւով կը տեղադրեն մէկ գիծի վրայ։ Անոնց շուրջ մօտ 1,5 տրամագծով շրջանակ մը կը գծեն։ Խաղացողները շրջանակէն մօտ երեք մեթր հեռու տեղ մը կը կանգնին։ Իւրաքանչիւրը իր մօտ կը պահէ այլ վէգեր։ Առաջին խաղացողը ձեռքի վէգով նշան կ՚առնէ շրջանակին մէջ տեղադրուած վէգերուն, կը նետէ զայն եւ կը փորձէ գետնի վէգերէն մէկ կամ աւելին հարուածել եւ զանոնք շրջանակէն դուրս հանել։ Ամէն վէգ որ դուրս կու գայ շրջանակէն շահուած կը համարուի հարուածողին կողմէ։ Այս վերջինը իր կարգը կը շարունակէ մինչեւ որ ձախողի շրջանակէն դուրս հանել վէգ մը։ Այն ատեն կարգը կ՚անցնի երկրորդ խաղացողին։

Նետուող վէգերը ընդհանրապէս աւելի ծանր կ՚ըլլան։ Զանոնք կը կոչուին էնէք։ Խաղացողները սովորութիւն ունին իրենց էնէք վէգին փոսիկով բաժինին մէջ կապար լեցնել, ինչ որ աւելի կը ծանրացնէ զայն եւ հարուածը աւելի ազդու կը դարձնէ։

Վէգեր (Աղբիւր՝www.odd74.proboards.com/thread/10128/palamedes-knucklebones-virtual-dice-rollers)

Կուտ խաղալ

Կը հետեւի վէգի խաղին օրէնքներուն։ Տարբերութիւնը այն է որ գետնին շարուած կ՚ըլլան ծիրանի կուտեր։ Նշանառութեան համար դարձեալ կը գործածուի էնէք վէգը կամ սախսընը, որ փշրուած հողէ ամանի մը տափակ մէկ կտորն է։

Հոլ դարձնել

Տղոց քով սիրուած խաղ մըն է։ Հոլը կը պատրաստեն կաղնիի փայտէն եւ ընդհանրապէս հաւկիթի մը մեծութիւնը կ՚ունենայ։ Սուր ծայրամասին կը գամեն ղապարա կոչուող կօշիկի գամը։ Հոլը կ՚ունենայ նաեւ իր մտրակը։ Անոր պատրաստութեան համար պէտք է մօտ 50 սմ. երկարութեամբ բարակ գաւազան մը՝ մօտ 2 սմ. տրամագծով։ Գաւազանին մէկ ծայրամասին կ՚ամրացնեն մօտ 25 սմ. երկարութեամբ բուրդի թելէ հիւսուած չուան մը, որուն ծայրամասը մետաքսէ հիւսուած կ՚ըլլայ։ Մտրակը կը ծառայէ հոլին հարուածելու եւ զայն ֆռֆռացնելու։ Տղաքը իրենց հոլը կը դարձնեն յաճախ տուներուն տանիքներուն վրայ։

Եոզկատ, 1912. Կեդրոնը կանգնած, գլխարկը ձեռքին փոքրիկ տղան՝ Պատրիկ Առաքելեան։ Միւս տղաքը իր զարմիկներն են։ Պատրիկին ձախին եւ աջին, նստած՝ իր մօրենական մեծ մայրը՝ Սասետէ Պերպերեան (ծն. Արսլանեան) եւ մեծ հարը՝ Ռուբէն Պերպերեան։ Պատրիկէն զատ մնացեալ բոլորը զոհ գացած են Ցեղասպանութեան (Աղբիւր՝ Էտուըրտ եւ Մէյրի Անն Գազանճեանի հաւաքածոյ)

Թօփ (գնդակ) խաղալ

Գնդակ պատրաստելու համար եզներուն մազը կը սանտրեն, հաւաքուած մազը կը հաւաքեն, ափի մէջ ոլորելով՝ գնդակի ձեւ կու տան։ Ոլորելու ատեն քիչ-քիչ ջուր կը սրսկեն, որպէսզի մազերը խտանան եւ ամրանան։

Եոզկատի շրջանին մէջ գնդակով զանազան խաղեր կան։

Օրինակ գնդակ կը խաղան խումբ մը աղջիկներով։ Անոցնմէ մէկը գնդակը գետին կը զարնէ ու կը փորձէ զայն իր հասակէն աւելի բարձրացնել։ Կը հասնի յաջորդը որ նոյն գործողութիւնը պէտք է կրկնէ։

Պարան ցատկել

Կը խաղան աղջիկները։ Երկու ձեւ կայ խաղալու։ Առաջինը՝ պարանին երկու ծայրերը մէկական աղջիկ կը բռնէ ու միասին զայն շրջանակաձեւ կը դարձնեն։ Միւս աղջիկները խումբով կը կանգնին կեդրոնը ու պիտի փորձեն պարանին վրայէն ցատկել։ 

Պարան կը ցատկեն նաեւ առանձին։ Այսինքն խաղացողը պարանին երկու ծայրերէն կը բռնէ եւ ցատկելով՝ պարանը շրջանակաձեւ ոտքերուն տակէն կ՚անցընէ։

Թաշկինակ ձգել կամ թուրա

Տղաքը շրջանակաձեւ կը կկզին, երեսները դէպի ներս։ Տղոցմէ մէկը ձեռքին բռնած թաշկինակ մը՝ շրջանակին դուրսի կողմը կը սկսի վազելով դառնալ։ Երբեմն կը ձեւացնէ որ թաշկինակը մէկու մը ետեւը կը նետէ։ Վերջաւորութեան իսկապէս գաղտնի մը կը նետէ թաշկինակը կկզողներէն մէկուն ետեւը։ Թիրախ ընտրուած անձը անմիջապէս պէտք է առնէ թաշկինակը եւ հալածէ նետողը։ Իսկ այս վերջինն ալ պէտք է փորձէ հալածողին դատարկ ձգած տեղը նստիլ։ Եթէ մինչեւ նստիլը հալածողը կը յաջողի հարուածել մրցակիցը, այն ատեն այս վերջինը պարտուած կը համարուի եւ կը շարունակէ թաշկինակ ձգողը ինք ըլլալ։ Այլապէս, հարուածուողը կ՚ըլլայ թաշկինակ ձգողը։

Այս խաղին համար փոխանակ թաշկինակի երբեմն կը գործածուի նաեւ թուրա կոչուող լաթը, զոր օձանման կ՚ոլորեն, ծարամասին զօրաւոր հանգոյց մը կ՚ընեն եւ իւրաքանչիւր կկզող իր ձեռքին կը պահէ։ Թաշկինակ ձգողը երբ մէկու մը ետեւ կը նետէ թաշկինակը, այն ատեն թիրախ անձը պէտք է հալածէ փախողը եւ թուրայով հարուածէ զայն։

Թաշկինակ ձգել խաղը։ Պատկերը վերաշխատուած է Յուշամատեանի կողմէ (Վ. Բդոյեան, Հայ ժողովրդական խաղեր, Երեւան, 1980)

Թուրայի խաղը

Տղաներու խաղ։ Վիճակ կը ձգեն։ Վիճակը որու որ ինկաւ, ծնկաչոք կը նստի եւ անոր վրայ գլխիվայր կը փռեն հաստ ծածկոց մը, որպէսզի ոչինչ տեսնէ։ Միւս խաղացողներէն մէկն ու մէկը թուրայով կը հարուածէ ծունկի եկողին։ Ենթական պէտք է ըսէ հարուածողին ինքնութիւնը։ Եթէ ճիշդ է, հարուածողը ինք կը նստի ծնկաչոք։ Իսկ եթէ սխալ է նոր հարուածին պէտք է սպասէ։

Գոյութիւն ունի նոյն այս խաղին այլ տարբերակը, որ կը խաղցուի խաղը նոր սորվող տղու մը հետ։ Փոխանակ մէկ անձի, ծածկոցին տակ կ՚անցնին երկու տղաք, որոնցմէ մէկը անպայման նորեկը կ՚ըլլայ։ Կը հասնի առաջին հարուածը։ Այս անգամ ծածկոցին տակինները միասին պէտք է գիտնան հարուածողին ինքնութիւնը։ Խորքին մէջ հարուածողը նորեկին կողքինն է, այս պատճառով ալ խաղը նոր սորվողը երկար ատեն չիմանար զարնողին ինքնութիւնը, ինչ որ զուարճութիւն կը պատճառէ շուրջիններուն։

Ձեռք ձեռքի վրայ, որո՞ւն ձեռքը կայ

Աւելի շատ կը խաղան աղջիկները։ Անոնցմէ մէկը գետին կը պառկի։ Միւսները իրենց ձեռքերը կարգով կը դնեն պառկողին կռնակին ու կը հարցնեն՝ «ձեռք ձեռքի վրայ, որո՞ւն ձեռքը կայ»։ Պառկողը պէտք է ըսէ վերջին ձեռք դնողին ինքնութիւնը։ Եթէ ճիշդ է, այս անգամ վերջին ձեռք դնողը կը պառկի։ Այլապէս խաղը կը շարունակուի նոյն աղջկան հետ։

Պզզզ

Կ՚ընտրուի խաղցող մը։ Ան իր կռնակը կը դարձնէ խաղընկերներուն եւ երկու ձեռքերով այտերը կը գոցէ։ Խաղընկերներէն մէկը կռնակէն գալով կ՚ապտակէ փակուած երեսներէն մէկը։ Միւս բոլորը միաբերան կը գոչեն «պըզ»՝ անյայտ պահելու համար հարուածողին ինքնութիւնը։ Երեսները փակողը պէտք է տայ զարնողին ինքնութիւնը։

Եոզկատ, 1901, երեք քոյրեր. ձախէն աջ՝ Աղաւնի Պերպերեան (յետագային Շափճեան), Լուսինէ Պերպերեան (յետագային Փափազեան), Շնորհիկ Պերպերեան (յետագային Առաքելեան) (Աղբիւր՝ Էտուըրտ եւ Մէյրի Անն Գազանճեանի հաւաքածոյ)

Լծակ խաղալ

Գերան մը կը դնեն տափարակ, ամուր եւ գետինէն քիչ մը բարձր դիրքով տեղ մը։ Ապա գերանին ճիշդ մէջտեղը կը տեղադրեն հաստատուն ձող մը, որուն երկու ծայրամասերուն կը նստին մէկական տղայ կամ աղջիկ։ Կը սկսին բարձրանալ եւ իջնել։

Կախօրան

Կախօրանը կը հաստատեն բարձր ծառի մը հաստ ճիւղէն։ Մէկ հոգի կը նստի կախօրանին մէջ, իսկ երկու հոգի ալ անոր երկու կողմերը կանգնելով՝ կը սկսին ճօճել։ Յաճախ կը խաղան տօնական օրերուն։

Մեղու

Այս խաղը կը խաղան հարսանիքներու ժամանակ։ Կը խաղան երեք հոգիով՝ երկու երիտասարդներ փեսան ներկայացնող եւ մէկ երիտասարդ մը հարսը ներկայացնող։ Հարսը ներկայացնողը կը կանգնի միւս երկուքին մէջտեղը գլխուն ունենալով գտակ մը։ Միւս երկուքը իրենց թեւերը վեր բարձրացուցած կը կանգնին անոր աջ եւ ձախ կողմերը։ Մէջտեղինը ամէն մէկ ոտքով կը կոխէ իր աջին եւ ձախին կանգնածներուն կօշիկներուն վրայ։ Բոլորն ալ մեղուի ձայն պէտք է հանեն, մէջտեղինը պէտք է փորձէ ձեռքով հարուածել կողքիններու ափերուն եւ թոյլ չտալ որ այլ շարժում կատարեն։ Իսկ ասոնք ալ պէտք է միայն մէկ հարուածով փորձեն մէջտեղինին գլխարկը վար ձգել։ Եթէ յաջողին՝ յաղթած են, այլապէս կեդրոնինը յաղթական կը համարուի։

Եոզկատ, 1907. հարսանեկան պատկեր Շնորհիկ Պերպերեանի եւ Առաքել Առաքելեանի (Աղբիւր՝ Էտուըրտ եւ Մէյրի Անն Գազանճեանի հաւաքածոյ)

Բերնով խնձոր վերցնել

Այս խաղը կը խաղան հարսանիքներու ժամանակ։

Պղնձեայ դոյլի (պարխաճ) մը մէջ ջուր կը լեցնեն եւ անոր մէջ կը նետեն խնձոր մը, տանձ մը եւ սոխ մը։ Կը հրաւիրեն փեսային մօտիկ ազգականը, ինչպէս օրինակ եղբայրը կամ հօրեղբօրորդին կամ մօրեղբօրորդին։ Ասոնց բացակայութեան պարագային կը հրաւիրեն փեսային ամէնէն մօտիկ ընկերը։ Ներկայացող անձին ձեռքերը կը կապեն եւ ան ծնկաչոք կը կենայ դոյլին առջեւ։ Նպատակն է բերանով դուրս հանել երկու տպուղներն ու սոխը։ Ենթական կը ստիպուի ուրեմն իր գլուխը խոթել ջուրին մէջ։ Գործը բարդացնելու համար, խաղը կազմակերպողները կ՚ընտրեն խնձորի, տանձի եւ սոխի մեծ չափեր։

Ճիրիտ

Մեծ ժողովրդականութիւն վայելող խաղ մըն է թէ՛ Եոզկատ քաղաքին եւ թէ շրջակայ գիւղերուն եւ քաղաքներուն մէջ։ Մասնակիցները հեծեալ են։ Կը խաղան ընդարձակ դաշտի մը վրայ։ Ձիաւոր երկու խումբերու բաժնուած մրցակիցները իրենց ձեռքին կը բռնեն կաղնիէ շինուած երկար մականներ, որոնց կու տան ճիրիտ անունը։ Այս մականներով նշան կ՚առնեն հակառակորդին վրայ եւ զանոնք նետելով՝ կը փորձեն հարուածել մրցակից հեծեալին թիկունքը։ Խաղը կրնայ տեւել երկու ժամ։ Կը խաղան յաճախ տօներու ընթացքին կամ կիրակի կէսօրէ ետքերը։ Մրցակիցները յաճախ կ՚ըլլան առանձնաբար հայերէ եւ թուրքերէ կազմուած խումբեր։

Ճիրիտ խաղը ներկայացնող երկու գեղանկարներ (Աղբիւր՝ www.commons.wikimedia.org/wiki/File:Luigi_Acquarone_-_A_Jereed_Game_in_Ka%C4%9F%C4%B1thane_-_Google_Art_Project.jpg)

Աղբիւրներ

  • Արմէն Դարեան, Անդրանիկ Երկանեան (խմբագիրներ), Պատմագիրք Եոզկատի եւ շրջակայից (Գամիրք) հայոց, հրատարակութիւն Եոզկատի եւ շրջակայից հայրենակցական միութեան, Պէյրութ, 1988, էջ 149-151
  • Հայկազուն Յ. Եափուճեան, Յիշատակարան Րումտիկինի, Պէյրութ, 1967, էջ 87-94
  • Նուրիցա Մ. Փիլիպոսեան, Աւետիս Քէստէքեան (Ա. Կապենց), Վահէ Հայկ, Յուշարձան Եօզղատցիներու (Եոզկատ), Ֆրէզնօ, 1955, էջ 51