Բալու քաղաքը Ս. Մեսրոպ լերան լանջին կառուցուած (աղբիւր՝ Victor Pietschmann, Durch kurdische Berge und armenische Städte, Wien, 1940)

Բալու - Երկրագործութիւն (Բամպակ)

«Երկրագործութիւն» ենթավերնագիրին սոյն էջերը կը վերաբերին Բալուի մէջ բամպակի մշակութեան եւ անկէ կտաւ պատրաստելու հնամենի արհեստին։ Այստեղ դուք պիտի գտնէք իրար յաջորդող երկու յօդուածներ։

Բամպակը՝ մշակութենէն մինչեւ թելի վերածելը

Այս հատուածը առնուած է Յարութիւն քհնյ. Սարգիսեանի (Ալեւոր) գիրքէն[1]։ Մեր կողմէ նուազագոյն միջամտութիւններ կատարուած են բնագիրին մէջ։ Իսկ խմբագրութեանս կողմէ ամէն բացատրութիւն եւ յաւելում գրուած են շեղատառ։ Այս թեքսթին կը կցենք նաեւ բառացանկ մը, ուր ընթերցողը պիտի գտնէ Սարգիսեանի կողմէ գործածուած կարգ մը մասնագիտական կամ բարբառային բառերու բացատրութիւնները։

Բամպակի մշակութիւնը

Բամպակի մշակութեան համար գիւղացի հողագործը առաջուընէ իր արտերուն մէկ քանին կը յատկացնէ անոր, զանոնք նախորդ տարւոյն մէջ կը վարէ (հերկել) արօրով հինգ-վեց անգամներ։ Ամէն մէկ հերկումէն յետոյ, տասը օր դադար կու տայ։ Յաջորդ տարին Ապրիլի 7էն յետոյ, ցանուելիք բամպակին սերմը իր չափին համեմատ, տունին յատակին վրայ կը փռեն եւ անոր հետ կը խառնեն կենդանիներու քակորի անօսր լուծոյթ մը, զոր կը կերցնեն (ծծել տալ) լաւ մը ցանուելիք բամպակին հունտերուն, մինչեւ որ այդ բոլոր սերմնահատիկները զայն ծծելով քիչ մը ուռին։ Մէկ կամ երկու օր զանիկա այդ վիճակին մէջ պահելէն վերջը, զայն էշերուն վրայ բեռցնելով, կը տանին ցանելու՝ շաբաթ մը առաջ ոռոգուած արտին մէջ։ Վարպետ սերմնացանը ճերմակ քառակուսի սաւանին երկու ծայրերն ալ ձեռքով կը բռնէ, այնպէս որ պարկ մը կը ձեւացնէ, ուր սերմը լեցնելով կը կենայ արտին առաջին կորիին վրայ, այսինքն ծայրը, (կորին արտի բաժանում մըն է, որուն լայնութիւնը մերձաւորապէս չորս մեթր է) ու կը սկսի ցանել իր աջ ձեռքով։ Իր ափը իբրեւ չափ կը գործածէ։ Երբ այդ կորին ցանելը կը լմնցնէ, կ՝անցնի միւս կորիին, մինչեւ որ ամբողջ արտը լմննայ։ Սերմնացանին ետեւէն ալ մէկ, կամ աւելի արօրներով ցանուած կորիները կը վարեն լծուարները։ Ուրիշ մըն ալ մէկ կողմէն այդ վարուածները ցաքելու գործը կ՝ընէ զոյգ եզներով կամ գոմէշներով։ Ցաքելու գործողութիւնը քանի մը անգամներ կը կրկնեն, որպէսզի ան լաւ մը հարթուի, չունենանլով ամենեւին իր վրայ ցցուածք մը բամպակի [էջ 43] բոյսին ուղղաձիգ աճումը արգիլող։ Ցաքումով կը վերջանայ բամպակին ցանքը։

Բամպակը հետզհետէ կը սկսի աճիլ։[…] Հողագործ գիւղացին, արդէն նախապէս աչքէ անցուցած է բամպակին արտը եւ տեսած անոր վնասող բոյսերուն աճիլն ալ հաւասարապէս. զանոնք ջնջելու ատենը եկած սեպելով՝ հրամայած է իրեններուն, որ […] երթան բամպակին արտը «քախանքի»։

[…] «Քախանքը» կ՝ընեն ուրագին նմանող քուլպայով (բրիչ). բայց բերանը աւելի նեղ ու կեռ է, անոր կոթն ալ՝ ուրագի կոթէն քիչ մը բարակ։ Այս գործիքները առաջուընէ շինել կու տան երկաթագործին։ Երբ անոնց բոլորին ալ կոթերը կ՝անցնեն, կը կանչեն հարսներն ու աղջիկները, որպէսզի իւրաքանչիւրը իր գործածելիք քուլպան նշանակէ։ Այդպէս ամէնքն ալ նոյն ատեն կը զատեն իրենց գործածելիքը եւ անոր կոթին վրայ ալ նշաններ կը դնեն, մէկը միւսին հետ չշփոթելու համար, եւ «քախանքի» ատեն աս իմս է, այս քուկդ է չըսուի։

Տունին մեծին հրամանին վրայ, առտուն կանուխ, արշալոյսը ծագելէ առաջ, ելած են ամէնքն ալ, մանաւանդ «քախանքի» գացող հարսներն ու աղջիկները [էջ 44]։ […] Անոնք [«քախանքի» գացող խումբին անդամները] իրենց ամէն մէկ բամպակին արտը հասնելնուն պէս իրենցմէ փորձառուն ու տարէցը, օրուան ճաշը անկիւն մը տեղաւորելէն յետոյ, աղօթքը կ՝ընէ Հայր մերն ըսելով, գործի սկսելէ առաջ։ Յետոյ իր աշխատակիցները կարգի կը դնէ քախնուելիք արտին առաջին կորիին վրայ, ու կը սկսին գործել նրբանուշ շարքին կամ պարերգն ալ անոր հետ միացնելով։ Ամէնքն ալ գլխիկոր եւ խոնարհած ծռած արտին վրայ կը գործեն։ Այս աշխատութիւնը կը շարունակեն այնքան ատեն, որքան ատեն որ չեն լրացուցած բամպակին ամբողջ արտը։ Քախանքի այս աշխատութիւնը հինգ վեց անգամներ կը կրկնեն, մինչեւ որ գիտնան թէ բամպակի բոյսը այլեւս զօրացած ըլլալով կրնայ դիմադրել վնասակար բոյսերուն։ Քախանքի այս աշխատութիւնը հինգ վեց անգամի կրկնութիւնները կ՝ընեն տասն օր անգամ մը։ Նոյնքան անգամ ալ կը ջրեն։ Ամէն քախանքէ տասն օր յետոյ ոռոգումը տեղի կ՝ունենայ եւ մէկ երկու օր յետոյ կրկին կը քախնեն նոյն արտը մէկ անգամ ոռոգելէն վերջը։ Երբ արտը ցամքիլ կը սկսի՝ քախանքը կը սկսի. ինչպէս ըսի, մինչեւ որ այլեւս պէտք չմնայ երկու աշխատութեանց։

Յուլիսի մէջ բամպակի թուփերը կը բարձրանան իրենց ցողուններուն վրայ առանց ճիւղերու։ Ասոր ալ հնարը գտած է գիւղացի հողագործը որպէսզի այդ ցողունները ճիւղեր ունենան. շաբաթը անգամ մը դարձեալ հարսներն ու աղջիկները այդ ամսուն մէջ կ՝երթան բամպակին արտը, անոր բոլոր բամպակի ցողուններուն գագաթներուն ծայրերը կը կտրեն քչիկ մը։ Այս աշխատութեան «բամպակ կռտել» կ՝ըսեն անոնք։ Քանի մը անգամներ այս գործողութիւնը կը կրկնեն։ Եւ ասով արդարեւ բամպակը աւելի կ՝աճի, աւելի շատ ճիւղեր կ՝արձակէ եւ բերքը կ՝ըլլայ աւելի առատ։ Եթէ կռտումի գործողութիւնը չկատարուի՝ բերքը նուազ կ՝ըլլայ։ Անկէ մինչեւ օգոստոսի վերջը, ալ կը ձգեն զայն իր վիճակին մէջ։ Նոյն ատեն բամպակը կը ծաղկի դեղին գոյնով, յետոյ ան կը վերածուի կանաչ ու կլոր ընկոյզներու, որոնք կը բացուին արեւին տաք ճառագայթներուն տակ զարդարելով ամբողջ արտը իրենց սպիտակագոյն խճէճներով (բացուած խոզակ) ի մեծ ուրախութիւն գիւղացի հողագործին [էջ 45]։

Հոկտեմբերի կէսերուն կամ Նոյեմբերի սկիզբը տեղի կ՝ունենայ բամպակի արտերուն բերքին տասանորդումը, որ ինքնին առանձին արարողակարգ մըն է։ Միայն այս գործողութեան լիակատար աւարտէն ետք է, որ գիւղացին իրաւունք ունի բամպակահաւաքի ձեռնակելու։ Այս առիթով արտերը կը հաւաքուին գիւղի բնակիչներուն մեծագոյն տոկոսը. բամպակահաւաքի լուրը կը հասնի մերձակայ քրտական գիւղերը։ Ահաւասիկ թէ ինչպէս կը նկարագրէ Յարութիւն քհն. Սարգիսեան այս ընդհանուր տեսարանը.

Հո՛ն են համետուած էշերն ու եզներով լծուած սայլերը, որոնք ժողվուուած խճէճները պիտի կրեն տուն իրենց վրայ բեռցուած լեփ լեցուն քուրձերով եւ սապատներով։ Հո՛ն են դրացի եւ հեռաւոր քուրդերը, [որոնք] նուռ, խնձոր, ընկոյզ, տանձ, չամիչ, պաստեղ բամպակի հետ [կը] փոխանակ[են], [հոն են նաեւ] բամպակի մուրացկաններ։

[…] Բամպակին քաղը երկու երեք շաբաթներ կը տեւէ։ Կան բամպակ ցանուած արտեր, որոնք աւելի զօրաւոր ըլլալով՝ բամպակի տունկը առոյգ եւ միշտ աճման մէջ կը պահեն եւ անոր խճէճները ուշ կը բացուին։ Մինչեւ որ սկսին բացուիլ, այլեւս արեւուն զօրութիւնն ալ մասամբ մը իր ուժը կը կորսնցնէ եւ բամպակին ընկոյզներուն քառորդ մասը կը մնայ չբացուած։ Անոնք կը մնան իրենց տունկե[էջ 46]րուն վրայ կախուած։ Ասոր համար, հարկ կ՝ըլլայ սպասել մէկ երկու շաբաթ եւս, մինչեւ որ անոնք ալ բացուելով խճէճներու վերածուին։ Իսկ եթէ այդ միջոցն ալ չբաւէ անոնց բացուելուն, այն ատեն այդպէս կանաչ վիճակի մէջ կը հաւաքեն բոլոր ընկոյզները բամպակին, մանաւանդ դեռ ցուրտը չեկած տուն կը փոխադրեն՝ նախապէս տուն փոխադրուած խճէճներուն տեղէն տարբեր տեղ մը լեցնելով զանոնք։ Անոնցմէ մաս մը ամէն օր տանիքը կը տանին ու կը փռեն պատերուն առջեւ արեւին տակ։ Ասկէ զատ հաց եփուած ժամանակ տաք թոնիրին վրայ ալ կը լեցնեն այդ ընկոյզները, որոնք հետզհետէ տաքնալով արեւի եւ թոնիրի ջերմութենէն՝ ճերմակ բամպակը դուրս կ՝ելլէ զինքը պարփակող կեղեւէն։ Բայց այս վերջամնաց եւ հետեւաբար արհեստական միջոցներով բացուած ընկոյզին բամպակը արտին մէջ բացուած բամպակէն վար արժէք կ՝ունենայ բնականօրէն՝ խիստ աչքառու տարբերութիւնով մը անոր համար որ ոչ առաջինին ճերմակութիւնը, ոչ ալ անոր թելի երկայնութիւնը ունի ան։

Չալխավուն, կամ բամպակ մաքրելու գործիքը

Առաջին աստիճանի խճէճները (խոզակ) որ սկիզբէն քաղուած ու տուն փոխադրուած են, չոր են, եւ հետեւաբար զանոնք արեւելու պէտք չեն տեսներ։ Միայն մաքրուելու պէտք ունին անոնք. ասոր համար ալ հնարած են ուռենիի պէս խիստ բարակ ու ճկուն ճիւղերով հիւսուած գործիք մը, մէկ մեթրէն քիչ մը աւելի երկայնութեամբ, տակառի նմանող բայց երկու ծայրերը քիչ մը նեղ խնոցիի նմանութեամբ։ Այդ բարակ ու նեղկուկ երկու ծայրերուն մէջտեղերը ծակեր թողուած են հիւսուած ատեն, որպէսզի այդ ծակերուն մէջէն զայն դարձնող ձողը անցուի։ Այդ ձողն ալ հարկ է որ զինքը ճնշող ծանրութեան դիմանալու համար գոնէ թեւի մը հաստութիւնն ունենայ։ Յղկուած ու շիփ շիտակ այդ ձողը սապատէ գործիքին ծակերէն անցընելով լաւ մը կ՝ամրացնեն զանոնք իրարու հետ ու յետոյ կը դնեն զայն յատկապէս ատոր համար պատրաստուած եւ իրարու մերձաւոր երկու սիւներու գամուած փայտեայ յենարաններուն վրայ։ Այս գործիքին անունը չալխավու է։ Մաքրուելիք խճէճները անոր մէջը լեցնելով՝ կը դարձնեն ձեռքով ոչ այնչափ արագ եւ կամ ծանր, այլ չափաւոր։ Ամէն մէկ անգամին մաքրուելիք խճէճներու չափը կամ կշիռը տասնհինգ քաշ [19.2 քիլոկրամ] է գրեթէ։ Կէս ժամէն աւելի խճէճներով լեցուած այս գործիքը կը դարձնեն չափաւոր արագութեամբ որպէսզի խճէճին վրայ գտնուած կամ անոր փաթթուած բամպակի տունկերու չոր տերեւներու մանր մունր մասերը, հողին չոր ու անոնց կպչած փոշիները այլեւայլ նիւթերու աղտերն ու կեղտերը այս չալխավուէն դուրս թափին դարձուած ատեն։ Ահա այս [էջ 47] միջոցով կը մաքրեն բամպակին բոլոր խճէճները։ Ասկէ վերջն է որ կը սկսին մաքրուածները օրը օրին զատել իրենց չոր ու սուր կեղեւներէն։ Այն տուները, որոնք շատ բամպակ ունին, իրիկունները իրենց մօտ կը հրաւիրեն դրացիներն ու ծանօթները՝ խճէճ քաշելու։ Ատանայի եւ կամ ուրիշ տեղերու պէս դրամով ընել չեն տար այս գործը. գիւղացիին համար սովորութիւն եղած չէ դրամով իրարու օգնել։

Ճըրճըռը, կամ բամպակը իր հունտերէն զատող գործիքը

[…] Բամպակը զատուած է իր կեղեւներէն եւ ամբարուած է տունին մէկ անկիւնը. անիկա իր հունտերէն ալ պէտք է զատուի։ Գիւղացին չունի գիտական արդի սիստէմներով հնարուած մեքենաներ՝ զատելու համար բամպակը իր հունտերէն, ինչպէս որ ունին Եւրոպայի եւ Ա[էջ 48]մերիկայի հողագործները։ Հայ գիւղացիին այդ մասին ունեցած գործիքը նահապետական դարերէ մնացած շատ պարզ գործիք մըն է «ճըրճըռ» կոչուած։ […] Անիկա կը բաղկանայ ընկոյզի եւ կամ կաղնի փայտէ հինգ մասերէ, որոնք են՝ պատուանդան մը, երկու ոտքեր, լող մը, թեւ մը եւ իլ մը։ Պատուանդանին երկայնութիւնը 50 սանթիմեթր, լայնութիւնը՝ 30, իսկ բարձրութիւնը՝ 10։ Ոտքերուն երկայնութիւնը 40 սանթիմեթր, լայնութիւնը՝ 10, իսկ թանձրութիւնը 5 սանթիմեթր է։ Պատուանդանի երկու ծայրերէն 5-6 սանթիմեթր ներսէն կը փորէ դուրով ատաղձագործը՝ ծակեր բանալու համար, որպէսզի անոնց մէջ ոտքերը անցուելով՝ ամրացուին։ Յետոյ ոտքերուն ալ երկու ծայրերէն 5-6 սանթիմեթր վար եզերքներէն քանի մը սանթիմեթր ներսէն կը փորէ դուրով՝ բանալով անցքերը ներսի կողմէն մինչեւ դուրսի կողմը։ Պատուանդանին փորուածքներուն մէջ անցուելիք եւ ամրացուելիք այդ ոտքերուն փորուած ու անցքեր բացուած տեղերուն մէջ յղկուած ու կոկուած փայտեր կը շարուին իրարու վրայ իբրեւ ճըրճըռին իրանը։ Իրարու վրայ շարուած այդ փայտերը ոտքերուն վերի մասերէն գրեթէ 10 սանթիմեթր վար են։ Այդ տասը սանթիմեթր պարապ միջոցը լողին համար է, որ պիտի նստի այդ շարուած փայտերուն վրայ ամուր մը։ Լողը կաղնիի ազնիւ տեսակէն է, զոր ատաղձագործը ճախարակէն անցընելով պատրաստած է եւ խմորի օխլավուին ձեւն ունի։ Անոր հաստութիւնը 35 սանթիմեթր երկայնութեան վրայ 7 սանթիմեթր[2] տրամագիծ ունի. ասոր երկու ծայրերը 5 սանթիմեթր բարակցուած են, մանաւանդ աջ կողմինը որ կոթն է եւ որ ճըրճըռին աջ ոտքէն դուրս պիտի մնայ որպէսզի անոր հետ միացուի զինքը դարձնող թեւը։ Այս լողին յատկութիւնը կակուղ է, անոր վրայ խաւ խաւ, խիստ փոքրիկ բայց շատ խիտ շերտեր կան։ Բանեցնելով զայն, քանի մաշի, այնքան դուրս կ՝ելլեն այդ շերտիկները։ Անկէ վերջը այդ լողին վրայ կը դնեն պողպատեայ կամ մաքուր երկաթէ շինուած իլը, որ գրեթէ 50 սանթիմեթր երկայնութիւն եւ մատի չափ ալ հաստութիւն ունի։ Ասոր ալ երկու ծայրերը բարակ են իր մէջքէն։ Մէկ ծայրը տափակ է ու ծակուած. անիկա լողին վրայէն ճըրճըռին ձախ ոտքէն դուրս պիտի մնայ փայտեայ անիւէն՝ ճախարակին մէջտեղը ագուցուելու համար։ Իսկ միւս ծայրն ալ լողին աջ կողմի ոտքէն դուրս պիտի ելլէ, կամ՝ անոր հաւասար։ Ահա այս է բամպակը իր հունտերէն զատող գիւղացիին ճըրճըռ մեքենան։ Ամէն մէկ ճըրճըռճի կրնայ այդ գործիքը շալկելով հեռու տեղեր տանիլ։ Շատ բամպակ ունեցող տուներուն մէջ 4-5 հատ ճըրճըռ դարձնողներ կարգով կը նստին [էջ 49] իրենց գործիքներուն առջեւ ու բամպակը ձախ ձեռքով կը բռնեն լողին ու իլիկին մէջտեղ ու աջով ալ ճըրճըռին թեւը - որ լողին կոթին հետ ամրացուած է - կը դարձնեն։ Նոյն ատեն զտուած բամպակը մեր պզտիկ մեքենային ետին կը դիզուի, իսկ հունտերն ալ անոր առջեւ կը թափին ճըրճըռին գոգին մէջ։

Բայց չմոռնամ ըսելու, որ այս գործիքին երկու ոտքերուն միջեւ, [այն կէտին,] ուր լողն ու իլը իրենց ծայրերը իրարու միացուցած են, հոն իլին ու լողին միջեւ քուրջի մէջ ծրարած ու ջուրը չձգուած օճառ կը դնեն, որպէսզի անոր վրայ իլն ու լողը սահելով դիւրին դառնան ու չյոգնեցնեն ճըրճըռը դարձնող գործաւորը։ Ճըրճըռճին նախ բամպակը լաւ մը կը ձաղկէ ձաղկով եւ յետոյ կը սկսի կթնել (կուտը զատել բամպակէն) [էջ 50]

Բամպակ գզել, կամ բամպակ «աղնել»

Ճըրճըռին կը յաջորդէ բամպակը գզելու, կամ թել-թել ընելու գործողութիւնը, որ դարձեալ իւրաքանչիւր տան մէջ կը կատարուի տանտիկինին ու հարսերուն կողմէ։ Այս աշխատանքին համար կը գործածուի աղեղը, որ Յարութիւն քհն. Սարգիսեանի նկարագրութեամբ բաւական պարզ գործիք մըն է, իսկ գործողութիւնն ալ տեղական բարբառով կը կոչուի «աղնել». աղեղին երկու ծայրերէն կապուած է ոչխարի աղիքէն շինուած բարակ լար մը։ Բամպակ աղնողը աջովը կը բռնէ աղեղը, որուն տակէն դէպի լայնքին, երկնցող մինչեւ լարը, ճպոտովը միասին, եւ ձախովն ալ բամպակը աղնող աղեղին լարին կը զարնէ 15 սանթիմեթր շրջագծով կլորցուած փայտեայ գործիքով մը, զոր անոնք «չաք», կամ աղընփատ կ՝անուանեն։

Մէկ երկու կամ աւելի կիներ, վարժուած եւ զօրաւոր, կը նստին մէկ կարգի վրայ քով քովի, ամէն մէկը իր աղեղը ձեռքը ունենանլով կը սկսին աղնել բամպակը։ Աղնուած մասը չափազանց նուրբ պիտի ըլլայ, այնպէս որ անոր մէջ բնաւ պիտի չմնայ կամ տեսնուի չաղնուած խիստ աննշան մասնիկ մը, որ վրիպած ըլլայ աղուոնողներու աչքերէն [էջ 51]։

[…] [Աղնողներէն] ամէն մէկու առջեւ մէկ մէկ աղջիկ կամ հարս կը նստին ունենանլով իրենց առջեւ զատ զատ յղկուն, կլորակ սեղաններ, որոնց վրայ աղնուած բամպակէն մաս մը կ՝առնեն ու բարակ ճպոտին վրայ փաթթելով 25-30 սանթիմեթր երկայնութեամբ պատրոյգներու կը վերածեն ու յետոյ զանոնք մաղերու մէջ իրարու վրայ կը դիզեն։ Ուրիշներն ալ այդ դիզուած պատրոյգներէն ութէն տաս հատը իրարու պլորելով՝ հանգոյց կը շինեն։ Անոնց կ՝ըսեն «բամպակի քուլայ»։ Անկէ յետոյ կարգը կու գայ զայն մանածի վերածող ճախարակին (ջայր  [կամ ջահրակ]) [էջ 52]։

  • [1] Յարութիւն քհնյ. Սարգիսեան (Ալեւոր), Բալու. իր սովորոյթները, կրթական ու իմացական վիճակը եւ բարբառը, տպ. Սահակ-Մեսրոպ, Գահիրէ, 1932։
  • [2] Բնագիրին մէջ 7ի փոխարէն գրուած է 3 սանթիմեթր, ինչ որ տրամաբանական չէ, նկատի ունենանլով որ լողին ծայրամասերը, այնպէս ինչպէս Սարգիսեան կը գրէ՝ 5 սանթիմեթր տրամագիծ ունին, երկաթէ ցողը մէկ մատի չափ հաստութիւն ունի (այսինքն 2 սանթիմեթր) եւ անոնց զետեղման տեղը միայն 10 սանթիմեթրի միջոց մըն է (Խմբագրութեան կողմէ):

* * * * * * * * * * * * * * * * * * * *

Կտաւագործութիւն

Նօթ՝ «Յուշամատեան»ի կողմէ

Բալուի մէջ կտաւագործութեան վերաբերող ներկայ բաժինը ամբողջապէս առնուած է Յարութիւն քհն. Սարգիսեանի գիրքէն։ Տարակոյս չկայ որ հեղինակը ինք լաւապէս ծանօթ եղած է այս արհեստին եւ իր նկարագրութիւնը էապէս հիմնուած է անձնական փորձառութեան մը վրայ։ Պարզ է որ կտաւագործութեան այսպիսի աշխատելաձեւ մը մաս կը կազմէ Բալուի հայերու հնամենի ժառանգութեան։ Իսկ Յարութիւն քահանային թեքսթը մեծապէս իւրայատուկ է այն իմաստով որ ան իր ամենայն մանրամասնութիւններով կը վերականգնէ այսպիսի ժառանգութիւն մը, արհեստ մը, որ իր այս տեղայնական եղանակին մէջ չենք կարծեր որ այսօրուայ աշխարհին մէջ նոյն ձեւով կը բանեցուի։ Ահա թէ ինչու համոզուած ենք որ մեր կողմէ անարդարութիւն մը պիտի ըլլար, եթէ փորձէինք համադրել, ամփոփել, այլ խօսքով հիմնական փոփոխութիւններու ենթարկել հեղինակին այս գրութիւնը։ Ճիշդ է որ ոչ-մասնագէտ ընթերցողին համար անիկա կրնայ որոշակիօրէն ծանր ու երբեմն ձանձրացուցիչ թուալ։ Իսկ մասնագէտ ընթերցողին համար ալ նկարագրական որոշ բաժիններ կրնան մեծապէս անհասկնալի ըլլալ։ Այն տպաւորութիւնը ունինք որ Յարութիւն քահանայ գրած է շատ արագ, չէ վերանայած իր թեքսթը, գրած է պատմողական այնպիսի եղանակով մը որ չի պատշաճիր գրական ոճին։ Այս բոլորին վրայ պէտք է աւելցնել, որ այս էջերուն մէջ բազմաթիւ են կտաւագործութեան եւ ընդհանրապէս գիւղատնտեսութեան վերաբերող այնպիտի բառեր, որոնք մեծ մասամբ կորսնցուցած են իրենց առօրեայ գործածութեան հանգամանքը։ Յարութիւն քահանայ ինք եւս կը գրէ բարբարախառն հայերէն մը՝ առանց միշտ նշելու իր գործածած բառերուն նշանակութիւնը։ Առաւել եւս, այս թեքսթը կը ներկայացնէ կէտադրական խառնիճաղանճ մը, որ աւելի եւս կը դժուարացնէ անոր հեզասահ ընթերցումը։

Հակառակ այս բոլոր իրողութիւններուն, կը կարծենք որ նմանօրինակ թեքսթ մը ամբողջապէս կը համապատասխանէ «Յուշամատեան»ի նպատակներուն, որոնցմէ հիմնականներէն մէկը՝ Օսմանեան կայսրութեան հայերու առօրեայ կենցաղին վերականգնումն է։ Արդարեւ, կտաւագործութիւնը մէկ կարեւոր մասնիկն էր Բալուի գաւառային կեանքին։ Զայն պիտի փորձենք վերարտադրել՝ այնպէս ինչպէս Յարութիւն քհնյ. Սարգիսեան իր գիրքին մէջ ընթերցողներուն կը հրամցնէ։ Տեղ-տեղ ստիպուած եղած ենք խմբագրական միջամտութիւններ կատարել։ Ասոնք աւելի շատ կը վերաբերին կէտադրութեան եւ ուղղագրութեան։ Ընթերցումը դիւրացնելու համար Յարութիւն քահանայի թեքսթը բաժնած ենք մեր կողմէ աւելցուած ենթավերնագիրներով։ Կցած ենք նաեւ բառացանկ մը մը, ուր նշուած են կտաւագործութեան վերաբերող զանազան բառերու նշանակութիւնները [1]։ Վերջապէս, թեքսթին առընթեր գոյութիւն ունի այլազան գործիքներու նկարազարդումներ, որոնք պատրաստուած են դարձեալ հեղինակին կողմէ։

Ջահրակը, կամ բամպակը մանածի վերածող գործիքը

Բամպակը մանածի վերածող գործարան չունի հայ գիւղացին։ Անոր գործարանը իր պապերէն մնացած իբրեւ նուիրական ժառանգութիւն, պարզ, անձեւ ջահրակն է, որ բարդ մեքենականութիւն մը չէ։ Մանածին այս կոշտ ու տձեւ, բայց հին պապենական փոքրիկ գործիքը կը բաղկանայ քանի մը փայտի պարզ մասերէ. այսինքն, պատուանդան մը՝ 1.30 մեթր երկայնութեամբ եւ հինգ սանթիմեթր թանձրութեամբ եւ 15 սանթիմեթր լայնութեամբ (պատուանդանն ալ նոյնչափ լայն է)։ Ասոր երկու ծայրերէն 5-6 սանթիմեթր ներսօք՝ 10 սանթիմեթր տրամագծով կլոր ծակեր բացուած են։ [Այս ծակերուն] մէջ անցուած են գրեթէ 50ական սանթիմեթր երկայնութեամբ եւ մերձաւորապէս 5 սանթիմեթր տրամագծով ուղղաձիգ երկու սիւներ։ Այս երկու սիւներուն ներսի երեսներուն վրայ, իրենց գլուխներէն 8-10 սանթիմեթր վար, ճիշդ իրարու դէմ դիմաց բացուած են կլոր ծակեր, որոնց մէջ կ՝անցուի ճախարկուած գրեթէ 2 սանթիմեթր տրամագծով յղկուած կլոր ձող մը։ Ասոր վրայ անցուած է տափակ այսինքն տասը սանթիմեթր թանձրութեամբ, նոյնքան լայնութեամբ ու երկայնութեամբ կոճղ մը։ Յետոյ այդ կոճղին երկու երեսներուն վրայ միացուած են մեծ կլոր տախտակներ, այնպէս որ մէկ տախտակը մէկ սիւնին կողմը կ՝իյնայ, միւսը՝ միւս կողմը։ Եւ ասիկա կ՝ըլլայ անիւը ջահրակին որ իբրեւ լծակ կը ծառայէ։ Յետոյ, ջահրակին աջ կողմը՝ տասը սանթիմեթր դուրս երկնցող ձողին ծայրին վրայ, անցուած է բութակ մը (բռնակ)։

Այս բութակին վրայ, եւ անոր ուղղահայեաց, մանիչը, իսկ միւս ծայրը, երկու ձողերու վրայ հաստատուած է ճաղը, որուն անցուած է 10 սանթիմեթր երկայնութեամբ եղջիւրէ պտտուտակ մը պուքրայ անունով [էջ 52]։

[…] Մանուելիք մանածը երեք տեսակ յատկութիւն պէտք է ունենայ. բարակ, միջակ եւ հաստ։ Բարակ տեսակէն օրական երկուքէն մինչեւ չորս կաժ մանած կը մանէ գիւղացի վարժ կինը։ Միջակէն՝ չորսէն գրեթէ վեց կաժ, իսկ հաստ տեսակէն՝ վեցէն մինչեւ եօթը-ութը կաժ կրնայ մանել, եթէ շարունակ նստի ան ջահրակին առջեւ։ Բարակ մանածին մեծ մասը զանազան գոյներով ներկել կու տան ու յետոյ զայն կտաւի կը վերածեն կանաց հագուստներուն համար. այդ կերպ կտաւը «խատ» կ՝անուանեն։ Միջակ տեսակէն մանածն ալ այր մարդոց համար է, իսկ հաստ տեսակը՝ անկողիններու, գոգնոցներու համար [էջ 53]։

Ոստայնը, կամ հորը

Բալուի գիւղերու շատ մը տուներուն մէջ գոյութիւն ունի ոստայնը, որ կտաւագործութեան փոքրիկ գործարան մըն է։ Տեղական բարբառով ան կ՝անուանուի հոր, իսկ կտաւագործն ալ հոր գործողն է։

Հորը պատրաստած ատեն, վարպետ հոր չափողը անոր բոլոր գործիքները իր առջեւը կ՝ունենայ. ապա, ոստայնանկին նստած տեղին եւ անոր կռթնելիք պատին առջեւ գրեթէ 60 սանթիմեթր երկայնութեամբ, 30 սանթիմեթր լայնութեամբ ու 40-45 սանթիմեթր խորութեամբ հորը փորել կու տայ։ Ասոր առաջին մասը, այսինքն սկիզբը, ուր ոստայնանկը կը նստի, երկու եզերքներ ունի աջ ու ձախ, իրարմէ գրեթէ մէկ մեթր հեռու։ Այդ երկու եզերքներուն վրայ, 40 սանթիմեթր երկայնութեամբ, հաստ բայց յղկուած ցիցեր կը զարնէ։ Ցիցերուն գլուխներէն 4-5 սանթիմեթր վարօք լայն ու կլոր ծակեր բացուած են՝ իբրեւ յենարաններ գործուելիք կտաւը իրեն վրայ փաթթող սալմինին։ Ասիկա գրեթէ 40 սանթիմեթր շրջագիծով գլան մըն է՝ յղկուած ու ծայրէ ծայր իրարմէ 15ական սանթիմեթր հեռու, չորս երեսներու բաժանումով ծիրանի փայտ մըն է՝ մէկ մեթր երկայնութեամբ։

Այս սալմինին աջ կողմը 5 սանթիմերթր ներսէն չորս հատ զիրար [էջ 54] խաչաձեւող կլոր ծակեր կը բանան անոր չորս երեսներուն վրայ, որպէսզի անոնց մէջ անցուի 50 սանթիմեթր երկայնութեամբ եւ 20 սանթիմեթր շրջագծով բռնակը։ Ասիկա հետզհետէ գործուած կտաւը մաս-մաս սալմինին վրայ փաթթելու կը ծառայէ։

Փորուած հորին սկիզբի մասին երկու կողմերուն վրայ զարնուած այդ հաստ ցիցերուն մէջ սալմինը դնելէ յետոյ, հոր չափող վարպետը հորին մէջ իրարու առընթեր 30 սանթիմեթր երկայնութեամբ երկու ցիցեր եւս կը զարնէ գետնին մէջ 25 սանթիմեթր խորութեամբ, այնպէս որ անոնք ոստայնանկին կրունկներուն դպին։ Այս երկու ցիցերուն ամէն մէկուն գլուխէն զատ-զատ երկաթեայ բարակ շղթաներ կ՝անցնեն եւ կամ կանեփահիւս հաստատուն չուաններուն կը կապեն երկու հատ կոկուած հաստատուն տախտակներ, իբր պատուանդաններ ոստայնանկին ոտքերուն։

Այս տախտակները իրենց կապերովը կ՝երկարին մինչեւ հորին ծայրը։ Այս երկու տախտակներուն իւրաքանչիւրին ծայրերուն մէջ մէկ-մէկ ծակեր կը բանան, որոնց մէջերէն ալ երկաթեայ շղթաներ կ՝անցուին, որպէսզի անոնք զատ-զատ անցուին հորին լայնքին հաւասարող երկու հաստ, տոկուն, տափակցուած փայտեայ ցուպիկներուն վրայ ծակուած ծակերուն մէջ։

Յետոյ, հորին երկայնքին, ծայրի կողմերուն վրայ, իրարու դէմ դիմաց երկու ցիցեր եւս կը զարնէ վարպետը։ [Այս ցիցերէն իւրաքանչիւրին] երկայնութիւնն է 50 սանթիմեթր եւ թանձրութիւնը 10 սանթիմեթր, այնպէս որ անոնց 25 սանթիմեթրը գետնին մէջ կ՝ամրացուի, 25 սանթիմեթրն ալ գետնէն բարձր կը մնայ։ [Ցիցերուն] իրարմէ հեռաւորութիւնը գրեթէ 60 սանթիմեթր է, այսինքն հորին լայնքը, ուր այդ երկու ցիցերը զարնուած են։

Այս երկու ցիցերուն գլուխները երկու մասերու բաժնած են հինգական սանթիմեթր վարօք հաւասար փորուածքով, որպէսզի անոնց մէջ դրուի իրենց լայնքին հաւասար 6 սանթիմեթր թանձր եւ 8 սանթիմեթր լայնութեամբ տափակ ու յղկուն փայտը, որ բալավար անունով կը կոչուի հոն։ Այս բալավարը սալմինէն գրեթէ 10 սանթիմեթր բարձր կը մնայ։ Սալմինին ու բալավարին մէջտեղը կը մնան ազբուած ցուպիկները, այնպէս որ ի հարկին, ոստայնանկը իր նստած տեղէն կրնայ իր ձեռքերը հասցնել հենքին ՝ թելերը շտկելու կամ կտրած ոեւէ մէկ թելը կապելու (պատրուսել) համար։ Այս բալավարին ետեւ գրեթէ 5 սանթիմեթր հեռու եւ իր ցիցերուն երկու կողմերուն վրայ 5ական սանթիմեթր անոնցմէ դուրս՝ 20 ական սանթիմեթր երկայնութեամբ երկու հատ հաստատուն ցիցեր կը զարնէ իրարու դէմ դիմաց հորին լայնքին վրայ 15 սանթիմեթր խորութեամբ գետնին մէջ։

Գետնէն վեր մնացած երկու կողմերուն վրայ եղող այդ երկու ցիցերուն փորուած գլուխներուն մէջ կ՝անցնեն գրեթէ մէկ մեթր երկայնութեամբ եւ 30 սանթիմեթր շրջագծով կլորուած ձող մը, յետոյ այդ ձողին երկու ծայրերուն մէջ 8 սանթիմեթր երկայն երկու փոքրիկ, բայց յղկուած սիւնակներ կ՝ամրացնեն, որպէսզի անոնց մէջ անցուին 50 սանթիմեթր երկայնութեամբ փայտեայ երկու թեւեր։ Այդ երկու թեւերուն ծայրերը, որոնք տֆային պիտի միացուին, մէկ շարքի վրայ քով քովի 3-4 փոքրիկ ծակեր կ՝ունենան իբրեւ օղակ տֆային երկու [էջ 55] ծայրի ճաղերուն։ Այս երկու թեւերը իրեն միացնող մէկ մեթրի չափ երկայն այս ձողիկին «փերկել» կ՝ըսեն անոնք։ Փերկելը, թեւերը եւ տֆանը կը կապուին իրարու հետ ճաղերով եւ գամերով։ Այս երեք առարկաներուն միացումովն է որ կարելի կ՝ըլլայ ոստայնանկին կտաւը հիւսել։

Յետոյ ձեղունէն երկուական զոյգ հաստատուն եւ կանեփահիւս չուաններ կը կախեն ուղղակի հորին կուրծքին վրայ, որոնց երկու զոյգը տֆային համար են, իսկ միւս երկուքը՝ տֆային ետին կեցող ազբին ճպոտներուն։ Տֆային չուաններուն մէկ զոյգը կը կապուի անոր մէկ ուսին վրայ անցուած օղակին հետ, միւս զոյգը՝ միւս օղակին հետ։

Ձեղունէն կախուած այս չորս զոյգ չուանները իրարմէ գրեթէ 40 սանթիմեթր հեռու կը կապէ վարպետը ձեղունին երկու կողմերուն վրայ զարնուած գամերուն հետ՝ ճիշդ իրարու դէմ։

Ազբին պատկանող երկու զոյգ չուաններուն երկու ծայրերովը կը կապէ 4 սանթիմեթր երկայնութեամբ եւ մէկ սանթիմեթր շրջագծով յղկուած ցուպիկ մը, որուն երկու կողմերուն վրայ 10ական սանթիմեթր ներսօք մէկ մէկ հատ փոքրիկ եւ ելեւէջ ընող ճախարակներ, կամ իրենց բառով «ճնճղուկներ» կ՝անցնէ։ Այդ անցուած տեղերուն վրայ ազբին ճպոտներուն չուանները կը ձգուին։

Այս կախուած չուաններն ալ չափելով ու հաշուելով կ՝ընէ վարպետը, որպէսզի անոնք ուղիղ համեմատութիւններ ունենան իրենց հետ յարաբերութիւն ունեցող մասերուն. այսինքն ետ ու առաջ պիտի չըլլան մէկը միւսին՝ ազբը, տֆան եւ սալմինը։

Յետոյ, վարպետը ներքինակին երկու ցիցերը կը զարնէ, որ սալմինէն գրեթէ երկուքուկէս մեթր վար է, բալավարին ետեւը. այս ալ 60 սանթիմեթր երկայնութիւն ունի եւ 10 սանթիմեթր շրջագծով կլորցուած յղկուն փայտ մըն է, որուն երկու ծայրերը բարակցուած են ցիցերուն մէջ անցուելու համար։ Այս ցիցերը սալմինին ցիցերուն երկայնութիւնն ունին, անոր համար որ կտաւը գործուած ատեն ամբողջ ուժը ասոր, սալմինին եւ վերնակին վրան է։

Տֆան մաքուր տեսակէն ծիրանի փայտ մըն է։ Անոր գագաթին երկու երեսները տափակ են, բայց գագաթը սրածայր, գրեթէ գմբէթաձեւ է։ Անոր երկայնութիւնը մօտաւորապէս 110 սանթիմեթր է, իր երկու ծայրերուն քչիկ մը դէպի վեր ծռած երկաթեայ բարակ ճաղեր գամուած են՝ անցուելու համար փարկեալին թեւերուն վրայ ծակուած յարմար գալիք ծակերուն մէջ։ Տֆային միացող վարի մասն ալ միեւնոյն փայտէն է՝ իրեն հաւասար երկայնութեամբ։ Իրարու միացուած այս երկու գործիքներուն ճիշդ մէջտեղերէն եւ մինչեւ իրենց ծայրերը, սղոցին բերնին չափ նեղ, բայց ուղիղ ու բարակ անցք մը բացուած է իբրեւ տեղ հոն դրուելիք սայրին (սանտր)։

Ոստայնի կազմածին շինութեան վերջին փուլը եւ անոր լարումը

Տֆային ու իրեն միացուած տակի գործիքին երկու ծայրերէն գրեթէ չորս սանթիմեթր ներսօք ճիշդ իրարու դէմ դիմաց չորս սանթիմեթր լայնութեամբ ծակեր բացուած են։ Այդ ամէն մէկ կողմի ծակե[էջ 56]րուն մէջերէն, վերէն վար, անոնց լայնքին համեմատ, յղկուած փոքրիկ պարզունակներ (սողնակ) անցուած են։ Անոնց վրայէն ու մինչեւ տակէն ալ (այսինքն տֆային ու իրեն միացուած տակի գործիքին) բարակ եւ օղակաւոր կաշիով մը ամրացուած է, որպէսզի անոնց միջեւ անցուած կտաւ հիւսող սանտրը չի շարժի տեղէն, ոստայնանկին աշխատած միջոցին։ Տֆային չափն ալ սալմինէն կ՝առնէ վարպետը։ Երկուքին աջ ու ձախ կողմերը բարակ լարով կը չափէ։ Եթէ անոնց աջ կողմերը իրենց ձախին հաւասար չըլլան, այսինքն եթէ տֆային աջ կողմը սալմինին մօտ ըլլայ, [այն ատեն] ձախ կողմին հաւասարելու համար այդ կողմի ձեղունէն կախուած չուանները ետ կամ առաջ կը բերէ, որպէսզի անոնց երկու կողմերն ալ հաւասար գան սալմինին։ Յետոյ անոնց իրարու հակառակ անկիւնները կը չափէ, սալմինին աջ կողմէն լարը կը բռնէ եւ լարին միւս ծայրն ալ կը բռնէ՝ տֆային ձախ թեւին գամուած ճաղին սկիզբը։ Նոյնը կ՝ընէ հակառակ կողմը։ Եթէ իրարմէ տարբերին անոնց չափերը, սալմինին որեւէ կողմէն հեռու մնացած կողմը կը մօտեցուի անոր ձեղունին։ Տֆային գագաթն ալ կը չափուի սալմինին անկիւններէն, տարբերութիւնը կը շտկէ վարպետը դարձեալ ձեղունին չուաններովը, զորս կա՛մ առաջ, կա՛մ ետ եւ կամ դէպի սալմինին հակառակ անկիւնը կը բերէ։ Կտաւը գործուած միջոցին ոստայնանկին նստած տեղէն մինչեւ իր աջ ձեռքին հասած տեղւոյն վրայ 20 սանթիմեթր շրջագծով եւ 30 սանթիմեթր երկայնութեամբ ցից մը կը զարնէ։ Անոր վրայ կանէփահիւս հաստատուն եւ եօթը մեթրի չափ երկայն չուանը կ՝անցնէ։ Այս չուանը երկար է, նկատի ունենալով որ ոստայնանկին հորին մէջ նստած տեղէն սկսեալ՝ հենքին կապուած պիտի բարձրանայ մինչեւ անոր գլխուն վերեւ ձեղունին գամուած վերնակը։ Ապա, անկէ ալ շրջուելով դէպի վար պիտի գայ տֆային ու ազբուած ճպոտներուն երկու կողմերուն հետ կապուելիք ձեղունէն կախուած չուաններուն մէջտեղերէն անցնելով հասնի մինչեւ ներքինակը ու անկէ ալ մինչեւ սալմինը։ Վարպետը այս երկայն չուանին գործածութեան համար ցից մը եւս կը զարնէ։ Այս ցիցն ալ միւսին չափ հաստ ու երկայն է, բայց երկճղի է։ Վարպետը կը զարնէ զայն ոստայնանկին նստած տեղին ճիշդ ետեւը, այնպէս որ անոր մէկ ճիւղը գետնին մէջ կը մխուի, միւսը՝ պատին մէջ։ Այդ ցիցին գլուխը հազիւ 4-5 սանթիմեթր վեր կը մնայ գետինէն։ Անոր գլուխին տակը գրեթէ գետնին հաւասարած ծակ մը յառաջ եկած է ցիցին երկճղէն, ուրկէ պիտի անցնի այդ չուանը՝ հենքին հետ միացուելիք փայտէ կոճակին վրայ ձգելու եւ զանոնք իրարու հետ կապելու համար։ Այս վերջին երկճղեայ ցիցն ալ սալմինին եւ վերինակին անկիւններէն կը չափէ վարպետը անոնց հետ հաւասարեցնե[էջ 57]լու համար։ Գործուելիք կտաւին հենքը կծկելով իրարու վրայ, հանգոյց մը կ՝ընէ ոստայնանկը ու զայն կը կախէ իր ձախ կողմի պատին վրայ բաւական բարձր զարնուած ցիցէն։ Երբ ան կը սկսի կտաւը գործել, մատի մը երկայնութեամբ ու նոյնքան ալ հաստութեամբ, ինչպէս որ ըսի, փայտէ կոճակին հետ գործուելիք հենքը կը կապէ այն չունաով, որ անցուած է իր ետեւի երկճղի ցիցին ծակէն։ Կոճակը հենքին հետ կապող այդ չուանին ծայրը օղակ մըն է, հենքն ու չուանը իրարու հետ կը կապուին, ոստայնանկը իր աջ կողմի ցիցին վրայ հանգոյցով կ՝ամրացնէ միեւնոյն չուանին ետքի մնացած մասը, որ իր ցիցին քով ամփոփուած է։

Վերինակն ալ ներքինակին պէս յղկուած ու անոր չափ ալ երկայն, կլոր փայտ մըն է, զոր գամած է վարպետը ձեղունին՝ ճիշդ ոստայնանկին գլխուն վերեւ։ Ասոր անկիւններուն չափն ալ սալմինին վրայ կ՝առնէ վարպետը լարով։ Սալմինին ու վերինակին անկիւնները հաւասար պէտք է ըլլան իրարու. թէ երկուքին աջ անկիւնները եւ թէ ձախ, եւ մէկին ձախ անկիւնը միւսին աջ անկիւնը պէտք չէ որ իրարմէ մազի չափ տարբեր ըլլան։ [Այս հաւասարութիւնը պահելու համար, ոստայնանկը] կամ ետ կը տանի սալմինին մօտ մնացած անկիւնը վերինակին, կամ առաջ կը բերէ զայն, երբ հեռու է սալմինէն։ Անոնց իրարմէ բարձրութիւնն ալ կը չափէ վարպետը լարով, որուն երկու ծայրերը ինք բռնելով լարին մնացած մասին երկու տեղերէն ալ ուրիշի մը բռնել կու տայ, իսկ ինք կռնակը կու տայ վերինակին տակը եղող պատին։ Վարպետը սալմինին երկու անկիւններուն եզերքներուն վրայ բարձրութիւնը կը հասկնայ։ Եթէ լարը լարին չդպի, բարձր մնացած վերինակին այդ կողմի անկիւնը կը ցածցընէ մինչեւ որ անոնք հաւասարին իրարու։

Հորը չափելու համար կատարեալ ճշտութեամբ՝ ամէնէն յարմար չափը լարն է, որ ինչպէս ըսի, ջութակին լարին պէս բարակ է։ Զայն չափող վարպետը հորին վրայ զարնուած բոլոր ցիցերը, ձեղունէն կախուած չուանները կը շտկէ սալմինին վրայ։ Վերինակին չափն առնուելուն պէս՝ միւսներուն ալ չափն կ՝առնէ, այսինքն կը չափէ սալմինին ու ներքինակին երկու կողմերը. եթէ ներքինակին մէկ կողմը հեռու է սալմինին այդ կողմէն, ներքինակին ցիցը կը մօտեցնէ վարպետը սալմինին։ Այս չափը անոնց հակառակ անկիւններէն կը բռնէ վարպետը ուրիշի մը հետ միասին։ Այսինքն, ինք լարին երկու ծայրերէն կը բռնէ, (վերինակին պէս) իր բռնած լարին ծայրերուն ամէն մէկն ալ բռնել կու տայ ուրիշին։ Ինք կը նստի սալմինին ետեւ եւ լարը կը [էջ 58] բռնէ երկու ծայրերէն՝ մէկ ծայրը աջով, միւսը ձախով սալմինին երկու անկիւններուն վրայ։ Միեւնոյն լարին երկու ծայրերէն ալ միւս մարդը բռնած է ներքինակին անկիւններուն վրայ։ Բայց ոչ թէ իրարու դէմ դիմաց անկիւններու վրայ, այլ՝ իրարու հակառակ անկիւններու, այնպէս որ լարը լարին վրայ կու գայ։ Եթէ իրարու դպին անոնք, [կը նշանակէ որ] ճիշդ են։ Հակառակ պարագային, բարձր եղող այդ կողմի ցիցը կ՝իջեցնեն, մինչեւ որ հաւասարին անոնք իրարու։ Այս է բարձրութեան չափը անոնց։ Արդէն ամէնէն կարեւորներն են սալմինը, վերինակը եւ ներքինակը, որոնք երբ ճշտութեամբ չափուին ու իրենց տեղերուն վրայ ամրացուին՝ միւսներուն չափը առնելը դիւրին կ՝ըլլայ։ Ձեղունէն կախուած ազբին ու տֆային չուանները բացուած հորին երկայնքին ճիշդ մէջտեղին վրայ պիտի իջնեն։ Անոնք ալ հետեւաբար սալմինին երկու անկիւններուն պիտի հաւասարին ետ ու առաջ չըլլալու համար իրարմէ։

Ծուռ հորը բնականաբար ծուռ արդիւնք կու տայ։ Ոստայնանկ մը որ հոր շտկել չի գիտեր, տառապանք է իրեն համար, վասնզի անկարելի կը դառնայ իրեն համար ուղիղ կտաւ գործելը. [այս պարագային] կտաւին մէկ կողմը առաջ կ՝երթայ, միւս կողմը ետ կը մնայ։ Նոյն ատեն տֆան կը սկսի ծուռ զարնել կտաւին եզերքին եւ շատ անգամ ալ այդ պատճառաւ անոր մէջ տեղաւորուած սանտրը կը կոտրի, իրեն հետ նաեւ խեղճ ոստայնանկին փափաքն ալ, կորովն ալ եւ իր արհեստաւորի արժանապատուութիւնն ալ, որովհետեւ տգէտ մնացած է իր արհեստին մէջ։

Գիւղի կտաւի գործարանը սա է։ Ոստայնանկը կտաւ գործած միջոցին տֆան բռնելով կը զարնէ կտաւին, անոր համար հեռուէն թէ մօտէն անոր ձայնին չախ չուխը կ՝իմացուի։ Թէպետեւ աղմուկը շատ է այս կերպ գործուելիք կտաւին, բայց միեւնոյն ատեն պէտք է ըսել թէ այս ձեւ հորով գործուած կտաւին տոկունութիւնը ուրիշ ձեւով հորերը չեն կրնար տալ։ Երբ ոստայնանկը տֆան բռնելով ամուր կը զարնէ հիւսուածքին՝ կտաւը աւելի խիտ կ՝ըլլայ։

[…] Քաղաքներուն,այսինքն Պոլսոյ կամ Կիլիկիոյ շրջանին մէջ, տարբեր ձեւով շինուած հորեր կան. տֆան առանց ոստայնանկին բռնելուն կը զարնուի հիւսուածքին, որովհետեւ այս տֆան մերինին պէս թեւերով փարկեալ չունի, անթեւ է ան, միայն ձեղունէն կախուած է ու շատ մօտ է սալմինին։ Ոստայնանկը միշտ ետ պիտի հրէ իր երկու բոյթ մատներովը եւ յետոյ ազատ պիտի թողու. տֆան իր բնական թափով պիտի սահի եւ պիտի ճնշէ հիւսուածքը։ Ասիկա ձայն ու աղմուկ չունի, կոկիկ ու սիրուն է ու արդիւնքն ալ առաջինէն շատ՝ իր գործած կտաւին ցանցառութեան համար։ [էջ 59]

Ոստայնանկով հիւսելը

Ասպը կամ ազբը մանածի թելերով ոլորուած լար մըն է գրեթէ ջութակին լարին նմանող։ Ասիկա ոլորելէն յետոյ կաժերու կը վերածեն։ Այդ կաժերը վերջը շրէզի չափաւոր թանձր լուծոյթին մէջ լաւ մը ճմռելով՝ կ՝անցնեն նազուկին վրայ ու կը կծկեն մասուրաներու վրայ։ Յետոյ այդ մասուրաներուն վրայի թելերը զատ զատ կը ձգեն արեւին տակ զարնուած ցիցերու վրայ, որպէսզի չորնան։ Ահա այս է ազբը, ասով է որ կը հիւսեն մէկ սանթիմեթր տրամագծով մարսենիի բարակ եւ յղկուն ճպոտներու վրայ։ Այս ազբին գործողութիւնն ալ իր գործիքն ունի։ Մէկ մեթր երկայնութեամբ պատուանդան մըն է փայտէ, 5 սանթիմեթր լայն եւ նոյնքան ալ թանձր է։ Ասոր եկրու կողմի ծայրերուն վրայ 30ական սանթիմեթր երկայնութեամբ եւ 5ական սանթիմեթր թանձրութեամբ թեւեր անցուած են, որպէսզի ազբը տեղէն չի շարժի։ Յետոյ այս թեւերուն պատուանդանին երկու կողմի ծայրերուն միացուած ճիշդ մէջտեղերէն կը ծակեն դուրով ու անոնց մէջ կ՝ամրացնեն 50ական սանթիմեթր կամ քիչ մը աւելի երկայնութեամբ երկու ուղղաձիգ փոքրիկ սիւնակներ։ Անոնց գլուխներուն մէջտեղերէն հաւասար չափով սղոցով ճեղք մը կը բանան իբրեւ խիստ բարակ յենարաններ՝ հոն դրուելու համար նոյն համեմատութեամբ յղկուած ու կոկուած ութը սանթիմեթր լայն տախտակ մը։

Այս տախտակին վրայ ազբուելիք ճպոտը դնելով կը կապեն զայն չուաններով տախտակին երկու ծայրերուն հետ, այնպէս որ ճպոտը չշարժի ազբուած ատեն։ Բայց այս ճպոտին մէկ ծայրը, որ ազբողին աջ կողմը կ՝իյնայ, կապուած է լար մը, որուն մէկ ծայրը կը հասնի մինչեւ ձախ կողմը ու կ՝երկարի անկէ դուրս, այսինքն սիւնակին մէջ դրուած տախտակին ձախ կողմը (ազբողին աջն ու ձախը)։ Ճիշդ այս տեղւոյն դուրսի կողմէն գամուած է սիւնակին հետ՝ տասը սանթիմեթր երկայնութեամբ եւ երկու սանթիմեթր թանձրութեամբ յղկուած փայտ մը, որուն ծայրն ալ երկու սանթիմեթր վարօք ծերպ մը բացուած է։ Այս յղկուն փայտը, որ 10 սանթիմեթր երկայն է իրեն միացող տախտակէն ու սիւնակէն՝ ուղղաձիգ պզտիկ գործիք մըն է, որ ազբի ճպոտին աջ կողմի ծայրին կապուած է։ Լարին ծայրէն ալ կը կապեն 25 տիրհեմնոց քար մը եւ կամ նոյն ծանրութեամբ երկաթի կտոր մը, ապա զայն կը կախեն ձախ կողմի սիւնակին եւ տախտակին գամուած այդ փայտին փոսացուած ծայրէն վար, որպէսզի ազբին ճպոտին լարը դէպի ձախ բարձր մնայ ազբուելիք ճպոտէն։ Անկէ յետոյ ազբել կը սկսի (հիւսել) պզտիկ կկոցով մը, որ կը կրէ իր վրայ ազբուելիք լարը։ Աջէն դէպի ձախ կը հիւսէ ազբողը։ Նախ կկոցին վրայ փաթթուած լարին ծայրը կը կապէ ազբուելիք ճպո[էջ 61]տին աջ կողմի ծայրին հետ. յետոյ կկոցը կ՝անցընէ անոր վրայի լարին վրայէն ու կ՝իջեցնէ զայն ծայրին այդ ճպոտը իր վրան գրկող տախտակին տակէն բերելով դէպի իր կողմը. ապա վեր հանելով կկոցը, զայն կ՝անցընէ ճպոտէն բարձր մնացող լարին մէջէն, դարձեալ դէպի իր կողմը բերելով, զայն կ՝ամրացնէ ճպոտին աջ կողմի ծայրին հետ ուրկէ որ սկսած է։ Յետոյ, կկոցին լարը օղակ ընելով ճպոտին վրայի լարէն դուրս կը հանէ եւ անոր մէջէն կ՝անցընէ կկոցը ու կ՝ամրացնէ զայն ճպոտին ու վրայի լարին հետ։ Այնպէս որ այդ օղակը միշտ ազբող մարդուն դիմացի ճպոտին ետին կը մնայ։ Այսպէս, ազբողին մէկ ձեռքով՝ կկոցը արագութեամբ ճպոտին վրայի լարին մէջէն անցնելով դէպի իր կողմը կը բերէ։ Ապա, օղակ ընելով զայն՝ լարին տակէն դուրս կը հանէ իր դիմացի ճպոտին ետին դարձնելով կ՝անցընէ կկոցը՝ ճպոտին ու անոր տախտակին ետեւէն ու ներքեւէն ու միւս ձեռքով զայն վեր կ՝առնէ։ Ա՛ս է հիւսելու կերպը։

Ազբուելիք ճպոտները վեց հատ են, որոնց երեքը ոստայնանկին մէկ ոտքին համար է, իսկ միւս երեքը՝ միւս ոտքին։ Այս երկու մասերուն երկուական ճպոտները վեր կը մնան գործուելիք հենքին վրայ։ Իսկ միւս երկուքը վարը կը մնան հենքին ներքեւ, բայց իրարմէ անջատ։ Ազբումը գործուելիք կտաւին լայնութեան համեմատ կ՝ըլլայ, այսինքն եթէ կտաւին լայնութիւնը 7 չլայ կ՝ուզուի (մէկ չլան 40 թելերէ կը բաղկանայ) կամ ութը, ինը, մինչեւ 12 չլայ, ասոնց իւրաքանչիւրին համեմատ կ՝ազբուին չլաները։ Այսինքն 7 չլան իր վեց ճպոտներն ունի, ութը՝ իրը, եւ այսպէս կարգաւ։ Այնպէս որ ուզուած կտաւին լայնութեան համեմատ կը պատրաստեն զանոնք։ Ոստայնանկը ստիպուած է ասոնց ամէնքը հիւսել, զանոնք իր ձեռքին տակ պատրաստ ունենալու համար, որպէսզի ի հարկին անոնցմէ գործածէ այն որ կը յարմարի պահանջուած հենքին։ Հենուած հենքին ամէն մէկ չլայի թելերը մէկիկ մէկիկ կ՝անցնեն ճպոտներու վրայ հիւսուած ազբին ամէն մէկ լարին մէջէն։ Ու յետոյ այդ թելերուն երկուական հատը կ՝անցնեն տֆային մէջ զետեղուած կտաւը հիւսող սանտրին եղէգէ ատամներուն ծերպերէն, որոնք հաշուըւած ու թելերուն յատկութեանց համեմատ ծերպեր կը ձեւացնեն։ Ազբուելիք վեց ճպոտներուն տակի երկու ճպոտները խիտ կը հիւսուին։ Այնպէս որ անոնց վրայ հիւսուած ամէն մէկ չլան քառասուն թելերու անցքերէ կը բաղկանայ։ Իսկ անոնց վրայի իրենց ամէն մէկուն մաս կազմող երկուական ճպոտները քսանական թելերու անցքեր ունին։ Անոր համար որ վրայի ճպոտներուն ազբին անցքերը ցանցառ եւ միեւնոյն ատեն դիւրին կը հիւսուին։ Չլային, այսինքն գործուելիք կտաւին [էջ 61] լայնքին համեմատ, ազբուելիք ճպոտներուն թէ՛ տակը եւ թէ վրան ծայրերէն երկուական չլայ ներսօք կապերու տեղեր կը ձգեն։ Այս ձգուած տեղերուն վրայ կապեր կ՝անցնեն իբրեւ օղակներ։ Անոնց մէջ անցուելու համար՝ ձեղունէն կախուած փոքրիկ ճախարակները, իսկ վարի կողմէն ալ՝ հորին մէջի երկու պատուանդաններուն կը միացուին։ Ոստայնանկը երբ մէկ ոտքով պատուանդանին վրայ կը կոխէ՝ տֆային ետեւ կեցող հենքին վրայի ազբուած երկու ճպոտները վար կ՝իջնեն հենքին դպելով, միւս ոտքին կողմի ճպոտներն ալ վեր կ՝ելլեն հենքէն։ Այդ միջոցին, կկոցին համար անցք կը բացուի հենքին մէջ տֆային առջեւ։ Նոյն ատեն ոստայնանկը իր երկու ձեռքերով կկոցը հենքին այդ բացուած անցքէն արագ-արագ կ՝առնէ կու տայ եթէ վարժ է ան։

Կտաւին հոր-գործարանին բոլոր մասերը չափուելով զարնուեցան իրենց յարմար տեղերուն մէջ։ Մնացին երկու առարկաներ միայն՝ կկոց ու մթիթ։ Կ՝արժէ անոնց մասին ալ բացատրութիւն տալ։ Կկոցը գոմէշի եղջիւրներէն կը շինուի ընդհանրապէս։ Անոր երկու ծայրերը տափակ, սուր եւ լաւ յղկուած են ու մէկ սանթիմեթրի չափ ալ լայն։ Ասոնց վրայ գրեթէ 1 սանթիմեթր լայնութեամբ մետաղ կ՝անցնեն։ Անոր երկայնութիւնը քսան սանթիմեթր է մերձաւորապէս եւ իր երկուածայրերուն մէջտեղը, այսինքն մաքոքին երկայնքին կէս տեղը, ունի անցք մը։ Այդ անցքին երկու ծայրերուն մէջ դէմ դիմաց փոքրիկ ծակեր կան փորուած։ Ասոնց մէջ՝ անցքին երկայնքին համեմատ, մասուրային բարակ ճաղը կ՝անցուի։ Անցքին աջ կողին վրայ ծակ մը կայ՝ մասուրային թելը անցնելու համար։ Այդ ճաղին երկայնութենէն քիչ պակաս, հիւսող կտաւին թելը իր վրայ փաթթող մասուրան այդ ճաղին վրայ կ՝անցուի։ Ահա մաքոքը (կկոցը)։

Մթիթը. աս գործիքին դերն ալ կարեւոր է։ Ասոր տեղը գործուած կտաւին, այսինքն տֆային ճիշտ դպած եզերքին վրան է, որ կը զարնեն։ Գրեթէ 2 սանթիմեթր ետ, կտաւին լայնքին վրայ։ Աս գործիքը, հիւսուելիք եզերքէն պրկելով կտաւին լայնքը, շատ կը դիւրացնէ տֆային շարժումները։ Ձեռքի մը չափ կտաւը գործուելուն պէս, մթիթը կը փոխուի տֆային մօտ։ Մթիթը երկու մասերով եւ երկու մատի լայնութեամբ բարակ տախտակ մըն է։ Ամէն մէկ մասին երկայնութիւնը գրեթէ քառասուն սանթիմեթր է։ Երկու ծայրերուն վրայ երեքական ասեղներ կը զարնեն՝ կտաւին լայնքին երկու եզերքներուն շուլուելու համար։ Այս երկու մասերը իրարու վրայ հաստատուած են եւ ծխնիի մը պէս կրնան իրարու վրայ դառնալ։ Երկուքը երբ ուղիղ գիծ մը ձեւացնեն՝ կտաւին լայնքէն աւելի երկար կ՝ըլլան։ Երբ անոնց ծայրի ասեղները կը կառչին կտաւին երկու եզերքներուն, այն ատեն [էջ 62] իրենց իրարու միացած կէտին վրայ բութ անկիւն մը կը ձեւացնեն։ Արդ, կտաւին լայնքին ուզուածին չափ պրկում տալու համար, պէտք է անկիւնին գագաթը ճնշելով զայն մեծցնել։ Որպէսզի այս անկիւնին երկու կողմերը պրկուած մնան՝ իրենց միջնամատին վրայ կը հաստատուի երկաթեայ կեռ մը, որուն մէկ ծայրը կ՝ագուցուի մթիթին մէկ թեւին վրայ գտնուող ծակին մէջ, իսկ միւսը՝ յաջորդ թեւին ծակին մէջ։ Այս ծակերը մէկէ աւելի են. իրենց թիւը յարմարցուած է պրկումի չափին։

Հենքին նկարագրութիւնը

[…] Ոստայնանկը, հենուելիք մանածին կշիռքին համեմատ, շրէզը կը պատրաստէ կլոր ու խորունկէկ տաշտին մէջ ջուրով միասին. այնպէս որ այդ լուծոյթը մածուցիկ վիճակ մը կ՝առնէ։ Բայց նախքան այս, ոստայնանկը աջ ափովը շրէզը կ՝առնէ ու քչիկ քչիկ կը թափէ ջուրով լեցուն լականին մէջ եւ ձախ ձեռքովն ալ զայն կը խառնէ, մինչեւ որ ան ստանայ վերեւ յիշուած յատկութիւնը։ Անկէ վերջը կը սկսի կարգաւ մանածին բանդերը քակել ու կաժ-կաժ թանալ այդ մածուցիկ հեղուկին մէջ։ Ապա, զայն անցնելով իր թեւերուն վրայ, ուժով բայց արագ-արգ կ՝ոլորէ, պրկելով կը դարձնէ շատ անգամներ, մինչեւ որ այդ կաժ մանածը լաւ մը ծծէ շրէզը եւ անոր մէջ ոեւէ թել մը չմնայ լուծոյթը չծծող։ Ու այսպէս կը շարունակուի հենուելիք մանածին շրէզով թանալու աշխատութիւնը, մինչեւ որ աւարտի ան։ Ա՛ս է հենք թանալը։ Իրենք ասոր «հեվանձ թանալ» կ՝ըսեն։ Անկէ վերջը, թանուած այդ կաժերը ոստայնանկը կամ ուրիշ մը – որ ընդհանրապէս կին մը կ՝ըլլայ – մէկիկ մէկիկ կ՝անցնէ նազուկին վրայ (կարժար)՝ ջահրակով զայն կծկելու համար մասուրաներու վրայ։ Ամբողջ կաժը գրեթէ մէկ մասուրայ մը կ՝ընէ։ Այս կծկումի գործը աւարտելէն յետոյ, առտուն կանուխ, բաւական է որ օդը անձրեւոտ կամ ձիւնոտ չըլլայ, ոստայնանկը մէկ մեթրէն քիչ մը աւելի երկայն՝ 70-80 չափ խուրձ մը յղկուած ցուպի նման ցիցեր, ուսին վրայ դնելով կը տանի կալը կամ ուրիշ տափարակ տեղ մը։ [Զանոնք կը տնկէ] գետնին վրայ, որպէսզի հենուելիք հենքը ընէ։

Ոստայնանկը մանածին բարակութեան կամ հաստութեան նայելով հաշիւը հանած է, գիտէ թէ քանի կանգուն տեղ պիտի յատկացնէ անոր տեղւոյն երկայնութեան վրայ։ Ապա անոր վրայ կը շարէ այդ ցիցերը՝ ասոնց ծայրերը խրելով գետնին մէջ։ Եթէ հենուելիք մա[էջ 63]նածը բարակ տեսակէն է ու կշիռքը՝ վեց հոխա [7.68 քիլոկրամ], ապա երեսուն կանգուն [4080 սանթիմեթր] կը չափէ (մէկ կանգունը երկու արշըն [1] [136 սանթիմեթր] է հոն) սկսած տեղէն մինչեւ անոր ծայրը, ուր կը վերջանայ երեսուն կանգունը։ Եւ որովհետեւ այդքան երկայնքին երկու կողմերուն վրայ կը տնկէ ցիցերը, գործուելիք կտաւին երկայնութիւնը կ՝ըլլայ հարիւր քսան արշըն, այսինքն վեց թոփ (ծրար)։ Սկսուած տեղին աջ կողմին վրայ զարնուելիք ցիցերը չորս հատ են։ Մէկ գծի վրայ եւ իրարու մօտիկ են անոնք, այսինքն հինգական սանթիմեթր հեռու իրարմէ եւ բարձրութիւննին ալ՝ իրարու հաւասար։ Ձախ կողմն անոր երկու ցիցեր կը զարնէ։ Երկու շարքերուն միջոցը, հազիւ կէս մեթր է։ Այդ ծայրէն՝ զարնուած չորս ցիցերուն սկիզբէն, կը սկսի չափել դէպի առաջ երեք կանգուն ու քառորդ մը։ Այսքան երկայնութիւնը մէկ կոճակ կ՝անուանուի։ Հոդ կը զարնէ երկու ցիցեր, երկու ցիցեր ալ ճիշդ ատոնց դիմաց միւս կողմին վրայ. բարձրութիւննին հաւասար պիտի ըլլան։ Եւ այսպէս կը շարունակէ չափուած երեսուն կանգուն երկայնքին երկու կողմերուն վրայ զոյգ-զոյգ ցիցեր զարնել իրարու դէմ դիմաց, մինչեւ անոր աւարտած տեղը, ուր կը զարնէ միայն մէկ հատ։ Բայց միւս ցիցերէն աւելի հաստ ու երկայն ցից մը եւս գետնին մէջ 15 սանթիմեթր խորութեամբ կը զարնէ հենքին երկու կողմերուն ներսէն՝ ճիշդ այդ զարնուած հաստ ու հաստատուն մէկ ցիցին դիմաց՝ իրբ յենարան։ [Այս կ՝ընէ] որպէսզի հենքը հետզհետէ այդ հաստատուն մէկ ցիցին կռնակին վրայ փաթթուած միջոցին իր տեղէն չշարժի։ Ոստայնանկը աջ կողմը ծայրի ցիցերէն կը սկսի հենել հենքը ու կ՝երթայ առաջ՝ երկու ցիցերուն վրայ ալ կը ձգէ հենքին թելերը։ Այսպէս կը շարունակէ իր երթը մինչեւ յենարանուած ծայրին մեծ ցիցը. անոր կռնակէն դառնալով կ՝անցնի ձախ կողմը հենելու։ [Ապա, հենելը շարունակելով կու գայ մինչեւ] ծայրը՝ չորս ցիցերուն դիմաց [գտնուող] երկու ցիցերուն մօտ, ասոնց վրայ ալ հենքը ձգելով՝ կը դառնայ ետ։ Այսպէս, սա երթ ու դարձը կ՝ենէ մինչեւ որ աւարտին պահանջուած չլաները։ Չըսի թէ ոստայնանկը հենքը ինչով կը հենէ, ո՞ւր կը շարէ առէջքին մասուրաները. ասիկա գործիք մըն է տաստաճաղ անունով։

Տաստաճաղ

Տաստաճաղը կը բաղկանայ քանի մը մասերէ։ Գրեթէ մէկ մեթր երկայնութեամբ երկու փայտեայ պատուանդաններ ունի ան։ [Այս վերջիններուն] լայնութիւնն ու թանձրութիւնը մերձաւոր հաշուով երկու սանթիմեթր է։ Այս պատուանդաններուն առջեւի ծայրերը միացած են գրեթէ 20 սանթիմեթր երկայնութեամբ անջրպետով մը՝ իրարմէ հեռու եւ պատուանդանին թանձրութեան ու լայնութեան համեմատ փայտով մը։ Ասիկա տաստաճաղին առջեւի մասը կամ գլոխն (գլուխ) է։ Առջեւի մասը նեղ, իսկ սկիզբը լայն է։ Ետեւի ծայրերն ալ իրարու միա[էջ 64]ցած են գրեթէ 35 սանթիմեթր անջրպետով մը։ Այս ետեւի լայն մասին երկու անկիւններուն վրայ ուղղաձիգ դիրքով հաստատուած են իւրաքանչիւրը 30 սանթիմեթր բարձրութեամբ եւ 8ական սանթիմեթր շրջագծով կլորցուած երկու սիւնակներ։ Այս սիւնակներուն դէմ դիմաց գտնուող տասնական ծակերուն մէջ հաստատուած են իրարմէ երկուական սանթիմեթր անջրպետով մը անջատուած տասը ձողիկներ, որոնց իւրաքանչիւրին վրայ երկու ծակեր բացուած են։ Այդ ծակերէն կ՝անցնին տաստաճաղին երկայնութեան երկու կողմին վրայ շարուած, բայց իրարմէ գրեթէ 10ական սանթիմեթր հեռու ճաղերուն վրայ անցուած մասուրաներուն թելերը, այնպէս որ այս տասը ձողիկներուն երկու կողմերուն վրայ բացուած ծակերը դէմ դիմաց են՝ տաստաճաղին երկայնութեան երկու կողմերուն վրայ շարուած մասուրաներուն։ Այսինքն տաստաճաղին տասը մասուրաներուն թելերը զատ-զատ կ՝անցնին անոր աջ կողմի տասը ձողիկներուն ծակերէն։ Տաստաճաղին սկիզբի մասուրային թելը ամէնէն տակի ձողիկին ծակէն կ՝անցնի։ Երկրորդ մասուրային թելը՝ երկրորդ ձողիկին ծակէն, երրորդը՝ երրորդին, մինչեւ տասներորդը։ Ձախ կողմինն ալ նոյնպէս։ Յետոյ այս տասը ձողիկները հաստատուած են 30 սանթիմեթր երկայնութեամբ ուղղաձիգ երկու սիւնակներուն հետ եւ իրենց յարմարող տախտակով մը գամուած են։ Հոնկէ 30 սանթիմեթր դէպի առաջ տաստաճաղին երկայնութեանը վրայ, երկու պատուանդաններուն երկու կողմերուն վրայ տախտակ մը եւս գամուած է։ Ասոր ալ երկու կողմերուն վրայ երկուական սանթիմեթր ներսօք՝ ճիշդ իրարու դիմաց՝ ետեւի լայն մասին երկու անկիւններուն վրայ հաստատուած 30 սանթիմեթր բարձրութեամբ ուղղաձիգ երկու սիւնակներուն հաւասար եւ անոնց նման երկու սիւնակներ անցուած եւ իրարու միացուած են անոնց գլուխները տախտակով մը։ Ճիշդ ետեւի սիւնակներուն վրայ գամուած տախտակին պէս։

Ըսի թէ անոնցմէ իրարու տարբերութիւնը 30 սանթիմեթր է։ Հետեւաբար այդ հեռաւորութեան համեմատ 10 սանթիմեթր շրջագծով կլոր ու յղկուն փայտ մը գամուած է թէ՛ սկիզբի եւ թէ անոր առջեւի երկու սիւնակներուն եւ իրարու դէմ դիմաց եղող երկու տախտակներուն վրայ, իբրեւ բռնակը հենք հենողին։ Այս է տաստաճաղը։ Հենք շինողը առէջքէն կծկած մասուրաները տաստաճաղին երկու կողմերու երկայնութեան վրայ զարնուած տասնական ճաղերուն վրայ կարգաւ շարելով կը սկսի հենել։ Աջ ձեռքով կը բռնէ վերը յիշուած բռնակը ու ձախ ձեռքովն ալ ձախ կողմի ձողիկներուն տասը թելերը բռնելով՝ կը ձգէ սկիզբի չորս ցիցերէն առաջինին վրայ, յետոյ երկրորդին, յետոյ՝ երրորդին, ամէնէն վերջը չորրորդ ցիցին, փոխն ի փոխ, միշտ աջ ու ձախ դարձնելով տաստաճաղը։ [էջ 65]

Հենք պատրաստելու ծառայող տաստաճաղը թող չկարծուի թէ բոլորովին կոշտ ու տձեւ է։ Ընհակառակը, զայն շինող գիւղացի հիւսնը կամ ատաղձագործը գիտցեր ու կրցեր է անոր տալ բաւական նրբութիւն ու թեթեւութիւն։ Անոր բոլոր մասերը հաշիւով հաստատուած են իրենց հարկ եղած տեղերուն վրայ, այնպէս որ ան սիրուն ու կոկիկ է եւ դիւրութեամբ գործածուելու համար է։

Նախապէս որոշակի ըսի թէ հենուելիք առէջքին սկիզբի չորս ցիցերէն մինչեւ անոնց երկայնքին զոյգ ցիցերը երեք կանգուն ու մէկ քառորդ է։ Այսքանին մէկ կոճակ կ՝ըսուի։ Այս երկայնութիւնը կը հաւասարի հորին փոսին երկայնութեան. այսինքն ոստայնանկին հորին մէջ նստած տեղէն մինչեւ անոր գլխուն վերեւ՝ ձեղունին միացուած վերինակը, ու անոր վրայէն ալ շրջուելով դէպի վար մինչեւ ներքինակը, որուն տակէն ալ անցնելով մինչեւ սալմինը [համազօր է] երեք կանգուն մէկ քառորդի, որ մօտաւորապէս 7 արշըն է։ Ասոր երեք անգամը, այսինքն երեք կոճակը [կը համապատասխանէ] մերձաւոր հաշուով քսան արշընի, որ մէկ թօփն է (պրակ)։ Ոստայնանկներ կան որոնք օրական երեք կոճակ հենք կրնան գործել, այսինքն մէկ թօփ կտաւ։ [Ուրիշներ ալ կան, որոնք] աւելի վարժ են ձեռքի արագութեան եւ կրնան օրական մէկուկէս թօփ կտաւ գործել։ Սակայն այս վերջինին գործած կտաւը առաջինին գործած կտաւին դիմացկունութիւնը չունենար, [նոյնքան] դիմացկուն չըլլա[ր], [նկատի ունենալով որ նոյնքան] խիտ [չէ]։ Հենքին ամէն մէկ գործուելիք կոճակին չորս կաժ մանած կ՝երթայ, զոր կը կծկեն նազուկին վրայէն ջահրակին ճաղին անցուած մասուրաներուն վրայ։

Նազուկը ունի երկու մատի լայնութեամբ, քառասուն սանթիմեթր երկայնութեամբ եւ մէկ սանթիմեթր հաստութեամբ չորս թեւեր, որոնք հաստատուած են խաչաձեւ իրարու մէջ ագուցուած երկու փայտերու ծայրերուն վրայ։ Այս խաչը երկուք է. մէկը ստորին, միւսը վերին։ Ստորինին թեւերը աւելի երկայն են վերինին թեւերէն։ Թեւերուն իրար կտրած տեղին վրայ մէկական ծակ ունին, ուրկէ կ՝անցնի քարի մը վրայ հաստատուած բարակ ձող մը։ Այս ձողին վրայ նազուկին չորս թեւերը կրնան անարգել աջ կամ ձախ դառնալ։ Նազուկին վրայ կարժը կ՝անցնեն, անկէ ալ մասուրաներու վրայ կը փաթթեն։

Կտաւը ճերմկցնել, կամ խասար ընել, մայիսել

Մանածը կտաւի վերածուելու գործը պէտք է վերջանայ գոնէ մինչեւ Մայիսի կէսը կամ առաւելագոյնը Մայիսի վերջը, վասնզի գործուած կտաւը պէտք է խասար (ճերմկցուիլ) ըլլայ եւ խասարը միայն այդ ամսուն կարելի է դնել (ընել)։ Մայիս ամիսն է այդ գործին յարմար ժամանակը։ Գիւղացի հայ կինը շատ լաւ գիտէ ասիկա իր աւանդական փորձառութեամբը, ո՛չ թէ որովհետեւ միւս ամիս[էջ 66]ները արգելք կ՝ըլլան այդ գործին աշխատութեան, այլ որովհետեւ այդ ամիսները կտաւ ճերմկցնելու նիւթը չունին։ Ի՞նչ է այդ նիւթը. տաւարներու անօսր քակորը, որ Մայիսին մէջ կ՝ըլլայ։ Մայիս նաեւ Բալուի բարբառին մէջ կը նշանակէ չորքոտանիներու քակոր։ Իսկ մայիսել կը նշանակէ նախ քակորով ճերմկցնել , երկրորդ՝ թրքել, […] երրորդ՝ քակորով վրան աղտոտել։ Ինչպէ՞ս հայ կիները կ՝ընեն կտաւ ճերմկցն[ելը]։ Մեծ կաթսաներու մէջ ջուր կը լեզնեն կէսէն վեր։ Անոնց մէջ կը լեցնեն այդ ամսուն մէջ արածող տաւարներուն բաւական չափով անօսր քակորը […] ու կը խառնեն զայն ջուրին հետ երկայն շերեփներով։ Յետոյ, կտաւները մաս-մաս դնելով այդ կաթսաներուն մէջ, լաւ մը կը տրորեն, կը ճմռթկեն, մինչեւ որ կտաւները լաւ մը ծծած ըլլան այդ լպրծուն լուծոյթը։ Այդպէս կը ձգեն զանոնք երկու կամ երեք օր, անկէ վերջ մայիսոտած կտաւները կը տանին աղբիւրը կամ առուակներու եզերքները լուալու համար։ Հոն, գիւղացի հայ կինն ու աղջիկը կտաւին ամէն մէկ պրակը կը թափեն ջուրին մէջ, կը լուան ու կը թակեն զայն։ Յետոյ անոր երկու ծայրերէն բռնած «կը մեյնեն» (կը մեկնեն, կը փռեն) արեւին տակ տափարակ գետնին վրայ։ Այս գործողութեան կրկնումը կը շարունակուի քանի մը անգամներ. այսինքն կը լուան, կը քամեն, կը փռեն, կը չորցնեն զանոնք արեւին տակ, ու երբ տեսնեն որ կտաւները պահանջուած աստիճանով ճերմկած են՝ զանոնք վերջին անգամ չորցնելէ յետոյ տուն կը փոխադրեն։

Խնդիր է թէ ինչու տարբեր ամիսներու մէջ ապրող եւ արածուող տաւարներուն քակորը չի գործածուիր թափչութեան մէջ ու միայն Մայիս ամսուանը կը գործածուի[էջ 67]։

Յարութիւն քհնյ. Սարգիսեան (Ալեւոր)

[1] Այս բառացանկի պատրաստութեան համար օգտագործուած է Ստ. Մալխասեանցի Հայերէն բացատրական բառարանը, որ մեծապէս հարուստ է ոստայնանկութեան առնչուող բառերու բացատրութիւններով։ Օգտագործուած է նաեւ նոյնինքն Յարութիւն քհնյ. Սարգիսեանի գիրքին վերջաւորութեան տեղադրուած բարբառային ճոխ բառարանը։

[2] Մէկ արշընը, կամ արշինը համապատասխան է 68 սանթիմեթրի։