Բալու քաղաքն ու Արածանի (Արեւել. Եփրատ, Մուրատ) գետին վրայ երկարող կամուրջը (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, op. cit.)

Բալու – Արհեստներ

Հեղինակ՝ Վահէ Թաշճեան, 21 Մարտ 2012 (վերջին փոփոխութիւն՝ 21 Մարտ 2012)

Երբ խօսք կ՝ըլլայ Բալուի գիւղերուն մէջ հայերու հագուստ-կապուստին մասին, տեղական առած մը լաւագոյնս կը բացատրէ զայն. «մօր մանած, հօր գործած»։ Այլ խօսքով գիւղացիին վրայի զգեստներն ու արդուզարդը ամբողջութեամբ տնայագործութիւններ են, շինականը ոտքէն գլուխ տունի գործեր կը հագուի [1]։ Ընդհանրապէս նոյնն է պարագան սննդանիւթերու պատրաստութեան։ Ասոր լաւագոյն օրինակը ցորենն է՝ գիւղացիին սնունդին հիմնական նիւթը։ Հնձուած ցորենին կամնումը, հոսումը, պլղուրի վերածելը գիւղացին կը կատարէ իր սեփական միջոցներով՝ իր տան մէջ։ Միայն ցորենը ալիւրի վերածելու գործողութեան համար ան պէտք է դիմէ գիւղին ջաղացպանին։ Նոյնն է պարագան պլղուրը ծեծելու գործողութեան, որուն համար պէտք ունի տինկի։ Իսկ այս վերջինը ամէն տուն չունի։ Ծեծուած պլղուրը աղալը դարձեալ կը կատարուի տան մէջ՝ երկանաքարերու միջոցաւ։ Ասոնց նման շատ մը կենսական բաներ նոյնպէս տնայագործութիւններ են, ինչպէս կաւէ ամաններու պատրաստութիւնը, հաց թխելը, գինիի, օղիի, շուշմայի եւ կտաւատի իւղի, ռուպի պատրաստութիւնները, ու երկրագործական իրերու նորոգութիւնը։

Տնայագործութեան մաս կազմող ամէնէն կարեւոր աշխատանքներէն մէկը անկասկած որ ոստայնանկութիւնն է։ Գիւղական գրեթէ ամէն տուն իր հորը (տէզկեահ) ունի, որ կը ծառայէ հիւսուածքներ գործելու։ Իսկ հորի աշխատանքին կը նախորդեն այլ փուլեր, որոնց ընթացքին գիւղացին բամպակը կը վերածէ մանածի։ Այս ընթացքին է որ ան կը գործածէ չալխաւուն, որ կը մաքրէ բամպակի խճէճները (խոզակ)։ Ապա կը գործէ ճըրճըռը, որ բամպակը կը զատէ իր հունտերէն։ Ասկէ ետք կարգը կու գայ բամպակը գզելու (աղնելու) գործողութեան, որուն համար կը գործածուի աղեղը։ Վերջապէս կարգը կու գայ ջայրին, կամ ջահրակին, որ գզուած բամպակը կը վերածէ մանածի։ Երբ թելը պատրաստ կ՝ըլլայ, այն ատեն ծայր կ՝առնէ ոստայնի (ջուլհակ) վրայ հիւսուածք գործելու աշխատանքը։ Գիւղերու մէջ գիտենք որ ոստայնանկութիւնը առիթ մըն է նաեւ տարբեր գիւղերու միջեւ ապրանքափոխանակութիւններու։ Պաղին գիւղի պարագային, տեղական բամպակը բաւարար չէ պէտք եղած քանակով հիւսուածքներ արտադրելու։ Հետեւաբար պաղնցիները բամպակը կ՝առնեն շրջակայ բամպակամշակ քիւրտ գիւղացիներէն՝ փոխարէնը անոնց տալով ընկոյզ, որ շատ առատ է Պաղինի մէջ։ Այսպէս մէկ ընկոյզի դիմաց անոնք կը ստանան բամպակի երկու խճէճ։ [2]

Այս բոլորէն սխալ է եզրակացնել սակայն թէ Բալուի գիւղերուն մէջ արհեստանոցներ գոյութիւն չունին։ Իրականութիւնը այն է որ այս վայրերուն մէջ գործող արհեստաւորները միաժամանակ հողամշակներ են։ Ընդհանրապէս ընտանիքին մէկ մասը երկրագործութեամբ կը զբաղի, իսկ միւս մասն ալ կը բանեցնէ արհեստանոցը։ Այսպիսի արհեստանոցներ աւելի շատ կը գտնուին մեծ գիւղերու մէջ, ինչպէս Հաւաւ (ներկայիս Էքինէօզու) եւ Պաղին։ Գոյութիւն ունեցող արհեստները ուղղակի կապ ունին գիւղացիին անմիջական պէտքերուն հետ, որոնց շարքին առաջին հերթին երկրագործութիւնը։ Այլ խօսքով արհեստաւորները աւելի շատ երկաթագործներ, քարկոփներ եւ հիւսներ են, որոնք կը շինեն երկրագործական փայտեայ, երկաթեայ կամ քարէ գործիքներ։ Անոնց յաճախորդները նոյն գիւղին կամ շրջակայ բնակավայրերուն հայ, քիւրտ ու թուրք գիւղացիներն են։ Այլ արհեստ մը՝ կօշկակարութիւնը, որ թէեւ ուղղակի կապ չունի երկրագործութեան հետ, առկայ է Բալուի շատ մը հայկական գիւղերու մէջ։ Գիւղական այս վայրերուն մէջ առեւտուրը ընդհանրապէս տեղի կ՝ունենայ ապրանքափոխանակութեամբ։ Արհեստաւորը իբրեւ վարձատրութիւն կրնայ ստանալ ցորեն, ալիւր, պտուղ, փայտ, անասուն, եւայլն։

Բրուտագործութիւն

Բրուտին արտադրութիւններէն կը յիշուին բղուղը, պուտուկը, քարղանը, կուժը, խնոցին, ծաղկամանը, կարասը, գաւաթը, կոտը, փարչը, խուփը, օճախը, թոնիրը, փեթակը։ Անոնք յաճախ կ՝ըլլան գոյնզգոյն ծաղկազարդուած։ Բալու քաղաքին մէջ բրուտները ընդհանրապէս հայեր են [3]։ Գաւառակի գիւղերուն մէջ այս արհեստին մասին հարուստ տեղեկութիւններ կը գտնենք Ալեւորի գիրքին մէջ։ Ըստ հեղինակին, գիւղերուն մէջ առօրեայ պէտքերու համար չկան յախճապակիէ ամաններ կամ անօթներ։ Փոխարէնը կը գործածուին պղինձէ ու կաւէ առարկաները։ Այս վերջինները կը շինուին երկու տարբեր տեսակի հողէ՝ կարմրագոյն եւ ճերմակ։ Այս տեսակ հողերուն կը տրուի «կաղճի հող» անուանումը։ Իր կաւի հանքերով յայտնի է օրինակ Հաւաւ գիւղը [4]։ Գիւղացիներ իրենց էշերով կ՝երթան այս տեսակ հողերուն գտնուած վայրերը ու այս նիւթով բեռցուած կը վերադառնան գիւղ։ Ապա զայն կը լեցնեն տանիքին մէկ անկիւնը եւ կը ձգեն որ չորնայ։ Անկէ ետք, կը սկսին հողը մաքրել՝ անոր մէջէն հանելով մանր քարերը, խիճերը, խոտերու արմատները։ Մնացած բաժինը կը փշրեն, փոշիի կը վերածեն ու կը մաղեն։ Մաղուած հողին վրայ ջուր կը լեցնեն, թիերու միջոցաւ լաւ մը կը խառնեն, մինչեւ որ ջուրն ու հողը լաւ մը միախառնուին ու վերածուին ցեխի։ Ասոր վրայ կ՝աւելցնեն յարդի շատ մանր փշրանքները (մրեղ), դարձեալ կը խառնեն, իսկ երբ նիւթը թանձրանայ, այն ատեն ոտքերով կը սկսին զայն տրորել։ Այս վերջին գործողութիւնը կրնայ ժամեր տեւել։ Պէտք է սպասել մինչեւ որ հողը դառնայ խիւսի նման թանձր ու կպչուն։ Այն ատեն արդէն տնային առարկաներ պատրաստելու այս հում նիւթը պատրաստ կը համարուի [5]։

Կաւի պատրաստութեան այս փուլը ընդհանրապէս գիւղացի տղամարդուն գործն է։ Բայց առարկաներուն պատրաստութիւնը, այլ խօսքով բրուտագործութեան երկրորդ փուլը, Բալուի գիւղերուն մէջ ընդհանրապէս կիներուն վերապահուած գործ է [6]։ Կաղճի հողէն պատրաստուած այս բոլոր առարկաները նախ կը չորցնեն արեւուն տակ, ապա կը թրծեն նոյեմբերի սկիզբը։ Թրծելու համար կը գործածուի շատ պարզ ձեւ մը։ Այսպէս, իւրաքանչիւր տուն իր գաւիթին արտաքին դրան մօտ՝ փողոցին վրայ, շրջանակաձեւ աթարներ կը շարէ եւ այս կոյտին գագաթին կը զետեղեն նախ թրծուելիք կարասները, անոնց վրայ՝ կոտերը, բղուղները, կուժերն ու սափորները, իսկ ամէնէն վերջն ալ խուփերը (կափարիչները)։ Այս բոլոր առարկաները իրենց կարգին պէտք է ծածկել թանձր ու տափակ աթարներով, կտաւատի, ցորենի ու շուշմայի չոր ձանծերով (ցօղուն)։ Կրակը կը վարեն ու ծայր կ՝առնէ թրծելու գործողութիւնը։ Ամէն անգամ որ կրակը յանգելու նշաններ տայ, պէտք է աւելցնել վերը նշուած չոր ցօղուններէն։ Այս ընթացքը կը տեւէ առտուայ ժամերէն մինչեւ իրիկուն։ Այնուհետեւ կը դադրեցնեն կրակը արծարծել ու կը սպասեն մինչեւ յաջորդ առաւօտը։ Միայն այն ատեն է որ թրծուած ու կարմրորակ դարձած ամանները կը սկսին դուրս հանել մոխիրներուն տակէն [7]։
Ալեւոր դիտել կու տայ նաեւ որ Բալուի մէջ նշանաւոր է Ապտեր գիւղի պուտուկը։ Այս առարկան կը գործածեն կերակուր եփելու համար, ունի սանի մը ձեւը, այն տարբերութեամբ որ իր բերնին մօտ՝ երկու կողմերուն վրայ, ունի երկու բռնիչներ։ Ապտեր գիւղը կը գտնուի լեռնային վայրի մը մէջ ու անոր բնակիչները քիւրտեր են, որոնք ընդհանրապէս կը զբաղին բրուտագործութեամբ։ Անոնց արտադրած պուտուկները չափազանց ընտիր են ու գեղեցիկ. անոնք նաեւ յախճապակիի մը ողորկութիւնը ունին [8]։

Ձախին՝ պուտուկ մը (կամ պտուկ)։ Աջին՝ կաւէ այլ աման մը՝ սեռիկը, որուն մէջ մածուն եւ իւղ կը պահեն (Աղբիւր՝ Փ. Տէր-Մովսէսեան, Հայ գիւղական տունը, Վիեննա, 1894)

Կօշկակարութիւն

Բալու քաղաքին մէջ կը պատրաստուին տարբեր տեսակի կօշիկներ. եւրոպական կօշիկ, կրկնակօշիկ, եմէնի, փապուճ [9]։ Ալեւոր մանրամասնութիւններ կու տայ Բալուի գաւառակին մէջ արտադրուող կօշիկներուն մասին։ Ամէնէն գործածական կօշիկներէն է օրինակ չարոխը (կամ չարուխ), որ կազմուած կ՝ըլլայ հում կամ խաղախորդուած կաշիէ։ Անոր ետեւի մասը կարուած է շրջանակաձեւ, իսկ առջեւի մասը՝ ուղղանկիւն։ Կօշիկին բոլորակաձեւ բացուածքին ամբողջ եզերքը բացուած են ծակեր՝ իւրաքանչիւրը մէկ սմ. հեռաւորութեան վրայ։ Այս ծակերուն մէջէն կ՝անցնեն կաշիէ պարան մը (սրիմ, կամ առասան), որ չարուխը ամրացնելու կը ծառայէ։ Հում կաշիէ պատրաստուած չարուխները ընդհանրապէս չեն գործածեր ամրան եղանակին, նկատի ունենալով որ անոնք կը չորնան ու կը կարծրանան։ Ասոր հակառակ խաղախորդուած կաշին միշտ կը պահէ իրենց կակղութիւնը։ Չարուխը աւելի հասարակ գործածութեան կօշիկ մըն է, զոր կը հագուին ընդհանրապէս դաշտային աշխատանքի պահուն։ Իսկ աւելի հանդիսաւոր օրերու կօշիկը՝ եմէնին է, որ Բալուի գիւղական կօշկակարներուն մասնագիտութիւնը չէ, այլ զայն արտադրողները կը գտնուին քաղաքին մէջ։ Եմէնին կազմուած կ՝ըլլայ եւրոպական կարմիր կամ սեւ կաշիէ։ Քիթը սրածայր է, քիչ մը վեր դարձած, կրունկ չունի, իսկ յատակը ամբողջովին հարթ է։ Ըստ Ալեւորի, քաղաքացի բալուցիները եմէնի շատ կը հագուին։ Իսկ քաղաքացիներ ու գիւղացիներ, թէեւ նուազ յաճախականութեամբ, կը հագուին նաեւ գոնտուրայ, որ կօշիկի շատ աւելի նուրբ ու աշխատցուած տեսակ մըն է եւ անոր կու տան նաեւ եւրոպական կօշիկ անուանումը։ Կայ նաեւ չատիկը, որ շատ կը նմանի եմէնիին։ Ունի կարմիր երեսներ եւ երկաթեայ կրունկ մը 1-1.5 սմ. բարձրութեամբ։ Չատիկը կնոջական կօշիկ մըն է [10]։

Հիւսնութիւն եւ ատաղձագործութիւն

Բալու գաւառակին մէջ այս արհեստին արտադրութիւններէն են գլխաւորաբար տան կահ-կարասիները, աւանակի վրայ դրուող համետները, տախտակէ դոյլերն ու սեղանները։ Բալու քաղաքին մէջ այս արհեստը բանողները հայեր են [11]։ Պաղին գիւղի հայ ատաղձագործները յայտնի են քուլակներու (կը կոչուի նաեւ քուղայ) արտադրութեամբ։ Ասոնք դոյլանման ամաններ են, որոնք կը շինուին սղոցուած, բարակցուած ու շրջանակաձեւ դարձած փայտերէ։ Քուլակները կը գործածուին իբրեւ ջրաման, անոնց մէջ կը լեցնեն նաեւ կաթ, մածուն, թորախ եւ իւղ։ Այս եւ փայտաշէն այլ արտադրութիւններ պաղնցին կը բարձէ ջորիներու վրայ ու զանոնք վաճառքի կը հանէ Բալուի հայ եւ քիւրտ գիւղերը, ինչպէս նաեւ մինչեւ Տիարպեքիր եւ Խարբերդ [12]։

Հաւաւ գիւղին մէջ ատաղձագործութեան արհեստանոց մը ունին Էրզնկայոնք ընտանիքը։ Զայն հիմնողը եղած է Ադամ աղան, որ Երզնկայէն գալով հաստատուած է Հաւաւի մէջ։ Գործը կը շարունակէ որդին՝ Մինասը։ Այս վերջինին մահէն ետք, արհեստանոցին գլուխը կ՝անցնի զաւակը՝ Ուստա Սահակը, որուն կը միանան նաեւ իր իրեք որդիները՝ Ուստա Նիկողոսը, Գէորգը, Ադամը։ Վարպետ արհեստաւորներ եղած են եւ անոնց արտադրութիւնները փնտռուած եղած են ոչ միայն Հաւաւի մէջ, այլ նաեւ՝ շրջակայ գիւղերուն [13]։

Կատարիկեան Հաւաւ գիւղին մասին գրած իր գիրքին մէջ զանազան վկայագրական մանրամասնութիւններ կու տայ Ուստա Սահակին եւ իր երեք որդիներուն արհեստանոցին մասին։ Անոնք թէ՛ հողաշմակ են եւ թէ ատաղձագործ։ Արհեստանոցը կը գտնուի իրենց տան կից՝ գետնայարկի վրայ։ Հոն կարելի է գտնել արհեստին համար անհրաժեշտ բազմազան գործիքներ, ինչպէս գերանդի, խզար, դուր, մուրճ, խարտոց, աւազաթուղթ, խարաբուզը, քանակ, կարկին, տապար, ուրագ, սղոց, դանակ։ Արհստանոցին մէջ կը պատրաստուին զանազան երկրագործական առարկաներ. քուլակ, կալ հոսելու մեքենայ, սայլ, ճախարակ, արօր, լուծ, ճըրճըռ։ Յաճախորդներուն շարքին շատ են գիւղացի քիւրտերը, որոնց հետ ապրանքափոխանակութիւնը կ՝ընէ Ուստա Սահակ։ Վաճառուած ապրանքին փոխարէն ան կը ստանայ օրինակ հիւսուած բուրդէ գուլպայ, փայտ կամ պտուղներ։ Հաւաւի հիւսն-ատաղձագործներէն կը յիշուին նաեւ՝ Մելքոն Գասպարեանը եւ Պօղոս Ձախսուրեանը [14]։

Ջորեպանութիւն

Այս մէկը բաւական տարածուած գործ մըն է Բալուի մէջ, որ իր աշխարհագրական դիրքին բերմամբ բաւական կղզիացած է դուրսի աշխարհէն։ Հետեւաբար առեւտրական գործառնութիւններու համար միշտ պէտքը կայ ջորեպաններու։ Ջորեպանութիւնը վտանգներէ զերծ աշխատանք մը չէ։ Բացի անկէ որ ջորեպանը պէտք է պայքարի կլիմայական ու բնական պայմաններուն դէմ, ան նաեւ իր փոխադրած ապրանքը պէտք է պաշտպանէ հաւանական աւազակներէ։ Այս պատճառով ալ գիտենք օրինակ որ հայկական Պաղին գիւղի ջորեպանները յաճախ կը վարձեն տեղացի քիւրտեր, որոնք կ՝ուղեկցին ու կ՝առաջնորդեն քարաւանը։ Իսկ երբ խումբը հանդիպի գողերու –ընդհանրապէս քիւրտեր-, այն ատեն ուղեկից քիւրտին դերը կ՝ըլլայ բարեխօսիլ անոնց հետ կամ կաշառք մը տալով հեռացնել վտանգը [15]։

Եաղճիութիւն (իւղի առեւտուր)

Բալուի Պաղին հայկական գիւղը յայտնի է ճարպի առեւտուրով։ Հայ շինականները այս գործը մասնագիտական մակարդակի հասցուցած են եւ անոնք անասնական իւղը բացի Բալու գաւառէն, կը վաճառեն նաեւ շրջակայ տարածքներուն մէջ՝ Խարբերդ, Մեզիրէ, Ուրֆա, Մարտին, Սեւերեկ, Տիարպեքիր եւ Մալաթիա։ Պաղնցի վաճառականները ճարպը կը լեցնեն իրենց իսկ կողմէ պատրաստուած տիկերու մէջ եւ ճամբայ կ՝ելլեն դէպի առեւտրական այս կեդրոնները։ Ճամբորդութիւնները կ՝ըլլան գիշերով, որպէսզի փոխադրուող իւղը թարմ մնայ։ Ինչ որ հետաքրքրական է, պաղնցիները իրենք իւղի արտադրութեամբ չեն զբաղուիր։ Այլ, անոնք, Մայիս ամիսէն սկսեալ, այս նիւթը ձեռք կը բերեն դրացի կամ շրջակայ քիւրտ եւ քիւրտ-զազա գիւղերէն։ Այս իմաստով, հայ եւ քիւրտ շինականներուն միջեւ տեղի կ՝ունենայ ապրանքափոխանակութիւն. իր պատրաստած ճարպին փոխարէն քիւրտը պաղնցիէն ընդհանրապէ կ՝առնէ Պաղինի մասնագիտութիւն եղող քուլակներ (ուլպա), որոնք դոյլանման փայտէ ամաններ են։ Քիւրտ եաղճին կը նախընտրէ իր իւղը ուղղակի պաղնցիին վաճառել, քան թէ անձամբ երթալ հարեւան շուկաներ՝ մօտաւոր կամ հեռաւոր, ուր միշտ համոզուած է թէ տեղացի վաճառականներ զինք պիտի խաբեն [16]։

Պաղնցիներու այս ճամբորդութիւնները կը կատարուին խմբովին, եաղճիներու քարաւաններով։ Այս ձեւով գիւղացի առեւտրականը ութ ամիսի չափ դուրսերը կ՝անցնէ։ Սերունդէ սերոնդ փոխանցուած այս գործը արդէն կարգ մը ընտանիքներու մօտ ստացած էր առեւտրական ընկերակցութեան մը դիմագիծը։ Այս առեւտուրով զբաղող այտնի ընտանիքներ են Խիմաթեանները, Խօտոյեանները, Օղկասեանները, Աւետիսեանները, Մահտեսեանները, Տէրտէրեանները, Խռոյեանները։ Բազմաթիւ այս ընտանիքները եաղճիութեան շուկան բաժնած են իրարու միջեւ. այսինքն, իւրաքանչիւր առեւտրական ընտանիք ունի քրտական իր գիւղերը, ուրկէ կը գնէ իւղը [17]։

Քարկոփութիւն-որմնադրութիւն

Քարկոփութեան արհեստով յայտնի է մանաւանդ Հաւաւ գիւղը, նկատի առած որ գիւղին շրջակայքը գոյութիւն ունին շինաքարի, աղօրիքի ու կրաքարի հանքեր։ Այս գիւղին մէջ վարպետ քարկոփներէն են Ամբակումեան-Եղիազարեան գերդաստանին անդամները։ Անոնք կը պատրաստեն գերեզմանաքարեր, աղբիւրներու քարեր, տաշտեր, տնաշինութեան քարեր, աղօրիքի ու ձիթահանքի քարեր, երկանաքարեր [18]։ Քարկոփները յաճախ նաեւ որմնադիրներ են, որոնցմէ ամէնէն վարպետնրը հետագային նոյնիսկ դարձած են յայտնի ճարտարապետ-խալֆաներ։ Հաւաւի մէջ օրինակ ծանօթ անուն է Խալֆա Մարտիրոս Պօռանեանը, որուն ծնողները Սասունէն գաղթած են Հաւաւ։ Ան ճարտարապետն է Բալու քաղաքին դիմաց ու Արածանի (Մուրատ) գետին վրայէն անցնող Գլգլուկ կամուրջին վերաշինութեան։ Հաւաւ ապրող այլ ճարտարապետ մըն է Կարապետ Համբարձումեանը։ Որոշ ժամանակ ան գտնուած է Պոլիս, ուր կատարելագործած է իր մասնագիտութիւնը եւ ճարտարապետը եղած է այնտեղ կառուցուած պետական զանազան շէնքերու, ապարանքներու, քաղաքային բաղնիքներու։ Այս շրջանին ան կ՝ըլլայ նաեւ օսմանեան մայրաքաղաքին մէջ հիմնուած Հաւաւի Ուսումնասիրացի գործօն անդամներէն, որոնք նիւթապէս կ՝աջակցին իրենց հայրենի գիւղին վարժարանին։ 1895ի հակահայ ջարդերէն ետք, շատ մը գաւառացի հայեր կ՝աքսորուին Պոլիսէն ու կը ստիպուին վերադառնալ իրենց հայրենի բնակավայրերը։ Կարապետ Համբարձումեան նոյնպէս անոնց շարքին է։ Ան կը վերահաստատուի Հաւաւի մէջ ու ճարտարապետութեան մարզէն ներս կ՝ունենայ բեղուն գործունէութիւն։ Իր ղեկավարութեամբ կը կառուցուին շէնքեր՝ Տիարպեքիրի, Չարսանճաքի, Մեզիրէի եւ Խարբերդի մէջ։ Թէ՛ Պօռանեան եւ թէ Համբարձումեան ստացած են սուլթանական շքանշաններ [19]։ Հաւաւի մէջ խալֆա ճարտարապետներ են նաեւ Մխսի Պաղտիկ ու Մխսի Մարկոս եղբայրները, ինչպէս նաեւ Խալֆա Կարապետը [20]։

Արածանի (Արեւելեան Եփրատ կամ Մուրատ) գետի վրայ ճամբորդութիւն (Աղբիւր՝ Ernst Lohmann, Skizzen und Bilder aus dem Orient, Frankfurt, 1899)

Բալու քաղաքին արհեստները

Բացի վերոնշեալ արհեստներէն, Կռայեան Բալու քաղաքին մասին իր աշխատութեան մէջ հակիրճ տեղեկութիւններ կու տայ այլ արհեստներու ու առեւտրական խանութներու գոյութեան մասին: Այսպէս, մանրավաճառները քիչ մը ամէն տեսակ ապրանքներ վաճառողներն են, որոնք ընդհանրապէս հայեր են: Իրմէ կը տեղեկանանք նաեւ թէ քաղաքին պտղավաճառներն ու բանջարավաճառները մեծամասնութեամբ թուրքեր են: Առաջին Համաշխարհային պատերազմի նախօրէին քաղաքը ունեցած է մէկ դեղագործ՝ Գարեգին Քիւրքճեան, որն իբրեւ օգնական ունեցած է Միսաք Ալեքսանեանը, իսկ իբրեւ աշկերտ՝ Խորէն Կիրակոսեանը։ Միեւնոյն Միսաք Ալեքսանեանը զբաղած է նաեւ լուսանկարչութեամբ: Նոյն ժամանակներուն Բալուի մէջ գործած է մէկ ատամնաբուժ: Արհեստներուն շարքին կան դերձակներ, ժամագործներ՝ բոլորն ալ հայեր: Նոյնպէս հայեր են քաղաքին ոսկերիչները, որոնք կը պատրաստեն մատանի, ապարանջան, օղ, մէջքի գօտի, վզնոց, քթախոտի եւ ծխաաոտի տուփ, խաչ, եկեղեցական անօթ։ Առաւելաբար հայեր են նաեւ Բալուի երկաթագործները, պղնձագործները, թիթեղագործները, կաշեգործները, համետագործները եւ պայտագործները։ Այս վերջինները, բացի անասուն պայտելէ, ունին նաեւ սեփական խաներ, որոնք յատկացուած են գիւղերէն քաղաք եկող գիւղացիներու բեռնակիր գրաստին։ Մինչ ասոնց տէրերը՝ քիւրտեր կամ հայեր, քաղաքին մէջ առեւտուր կ՝ընեն, անասունները այս խաներուն մէջ կը խնամուին մինչեւ երեկոյ, այսինքն գիւղացիներուն տուն վերադարձի ժամանակը։ Այսօրինակ շէնքերէն յայտնի է պայտագործ Մղսի Կրպուշեանին խանը։ Բալուցի պայտագործներ կը զբաղին նաեւ անասուններու սերնդագործութեամբ [21]:

Դարձեալ Կռայեանի գիրքին վրայ հիմնուելով, կը տեղեկանանք որ քաղաքին մսագործները թուրքեր եւ հայեր են, ջաղացպանութեան ու սափրիչութեան արհեստները նոյնպէս բաժնուած են այս երկու խումբերուն միջեւ։ Ինչպէս շատ մը այլ բնակավայրերու մէջ, այստեղ եւս սափրիչները միաժամանակ ժողովրդային բժիշկներ են, որոնք ակռայ կը քաշեն, արիւն կ՝առնեն ու ժողովրդային դեղեր կը պատրաստեն։ Հայեր եւ թուրքեր են նաեւ գլխարկավաճառները, որոնց խանութներուն մէջ կարելի է գտնել ֆէսեր, զանազան գլխարկներ ու այս վերջինները եզերող ծոպեր։ Գլխարկավաճառներուն քով գոյութիւն ունին նաեւ կաղապարներ, որոնք տաքցուելէ ետք կը ծառայեն ծմլուած ֆէսերը հարթելու։ Մեծամասնութեամբ հայերու ձեռքին գտնուող այլ արհեստ մըն է ոստայնանկութիւնը, որ կը յատկանշուի առաւելաբար չիթարիի արտադրութեամբ։ Թուրքեր եւ հայեր են նաեւ քաղաքին պասմաճիները, որոնք կաղապարներու (kalıp) վրայ փորագրուած ծաղիկներու ու թռչուններու պատկերներ կը տպեն զանազան հիւսուածքներու վրայ։ Այս արտադրութիւնները կը գործածուին իբրեւ վարագոյր, սեղանի ծածկոց կամ վերմակի երես։ Հացագործները, ջորեպանները, սրճարանի տէրերը առաւելաբար թուրքեր են։ Մինչեւ Առաջին Համաշխարհային պատերազմին բռնկումը քաղաքին միակ սարրաֆները եղած են Կարապետ էֆ. Թագաճեանն ու որդին՝ Գրիգորը [22]։

Բալուէն տեսարաններ (Աղբիւր՝ Ernst Lohmann, Skizzen und Bilder aus dem Orient, Frankfurt, 1899)

  • [1] Յարութիւն քհնյ. Սարգիսեան (Ալեւոր), Բալու. իր սովորոյթները, կրթական ու իմացական վիճակը եւ բարբառը, տպ. Սահակ-Մեսրոպ, Գահիրէ, 1932, էջ 326։
  • [2] Պատմութիւն Պաղնատան, հրատ. Պաղին գիւղի վերաշինաց ուսումնասիրաց միութեան, տպ. «Հայրենիք», Պոսթըն, 1966, էջ 112-114։
  • [3] Մեսրոպ Կռայեան, Բալու. Բալուի կեանքէն առնուած պատկերներ, յուշեր, չափածոյ քերթուածներ եւ արձակ էջեր, տպ. Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, 1965, Անթիլիաս, էջ117։
  • [4] Տիգրան Ս. Փափազեան, Պատմութիւն Բալու Հաւաւ գիւղի, տպ. Մշակ, Պէյրութ, 1960, էջ 145։
  • [5] Յարութիւն քհնյ. Սարգիսեան (Ալեւոր), op. cit., էջ 210-211։
  • [6] Նոյն, էջ 210-211, 216։
  • [7] Նոյն, էջ 216-217։
  • [8] Նոյն, էջ 213-214։
  • [9] Կռայեան, op. cit., էջ 126։
  • [10] Յարութիւն քհնյ. Սարգիսեան (Ալեւոր), op. cit., էջ 328-329։
  • [11] Կռայեան, op. cit., էջ 127։
  • [12] Պատմութիւն Պաղնատան, op. cit., էջ 110-112:
  • [13] Փափազեան, op. cit., էջ 161:
  • [14] Պօղոս Կատարիկեան, Մարած ճրագներ, Նիւ Եորք, 1950, էջ 13, 84-109:
  • [15] Պատմութիւն Պաղնատան, op. cit., էջ 114-116
  • [16] Նոյն, էջ 107-110:
  • [17] Նոյն։
  • [18] Փափազեան, op. cit., էջ 145-146:
  • [19] Նոյն, էջ 155-157:
  • [20] Կատարիկեան, op. cit., էջ 32։ Փափազեան, op. cit., էջ 158-159, 207:
  • [21] Կռայեան, op. cit., էջ 126-128։
  • [22] Նոյն, էջ 126-129։