Բալուի քազա (գաւառակ) - © Յուշամատեան
Բալուի քազա (գաւառակ) - © Յուշամատեան

Բալու

ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՐԸ

Այսուհետեւ կրնանք հաստատել որ Յուշամատեանը ծնած է, կը գործէ ու կ՝երեւի։

Աշխարհագրական առաջին տարածքը, որուն կ՝անդրադառնանք այս էջերով Բալուն է՝ իր քաղաքով ու շրջակայ գիւղերով։ Անշուշտ կարելի է հարց տալ թէ ինչո՞ւ Բալուն, ինչո՞ւ այս ընտրանքը։

Խորքին մէջ Յուշամատեանի խումբին մէջ ծագումով բալուցիներ չկան։ Այնպէս որ զգացական պատճառներ պէտք չէ փնտռել մեր այս ընտրութեան մէջ։ Աւելի շատ 1932ին լոյս տեսած գիրք մըն է՝ Յարութիւն քհնյ. Սարգիսեանի (Ալեւոր) գործը , որ առաջին իսկ պահէն մեզ տպաւորեց իր բովանդակութեամբ ու տեղեկութիւններու առատութեամբ։ Համոզուած էինք որ միայն այս գիրքին վրայ հիմնուելով պիտի յաջողէինք լայն չափերու մէջ նոր կեանք մը տալ Բալուի հայկական կեանքին։ Կը կարծենք որ չէինք սխալած մեր դատողութեան մէջ։ Մեր տրամադրութեան տակ ունէինք նաեւ Բալուի մասին գրուած քանի մը այլ հայկական աղբիւրներ։ Բայց կ՝անգիտանայինք գոյութիւնը այլ գիրքերու, որոնք վերջին հաշուով Բալուի մասին հրատարակութիւններու թիւը կը հասցնեն աւելի քան տասնեակ մը հատորներու։ Անոնցմէ ոմանք հրատարակուած են Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր նախա-եղեռնեան ժամանակաշրջանէն իսկ գոյութիւն ունեցած է բալուցիներու կարեւոր համայնք մը։ Մեր աշխատանքին ընթացքին հանդիպեցանք նաեւ երկու նոր հրատարակութիւններու։ Անոնցմէ առաջինը Պետրոս Ալահայտոյեանի գիրքն է, որուն մէջ տեղ գտած են հարուստ տեղեկութիւններ Բալուի երգերուն մասին ։ Գիրքին կցուած կան նաեւ երկու խտասալիկներ, որոնք նոյն այս երգերուն ձայնագրութիւններն են։ Երկրորդը՝ Արսէն Եարմանի երկհատորեայ գիրքն է, ուր թրքերէնի թարգմանուած են 19րդ դարուն Բալուի մասին գրուած հայկական գործեր։

Չենք կարծեր որ մեր այս աշխատանքին մէջ օգտագործած ենք Բալուի մասին գրուած հայերէն բոլոր գիրքերը։ Թերեւս կան տակաւին ուրիշներ, որոնց գոյութենէն անտեղեակ ենք։ Բայց այս արդէն Յուշամատեանի գործունէութեան հրապուրիչ կողմն է։ Մենք պատրաստ պիտի ըլլանք մեր կայքէջին էջերը թարմացնել ամէն անգամ որ տուեալ վայրի մը մասին նոր աղբիւրներ յայտնուին։ Իսկ այսպիսի աղբիւրներ մեզ կրնան հայթայթել մեր ընթերցողները, այցելուները։

Բալուի մասին բոլոր նիւթերը տակաւին չեն ամբողջացած։ Անոնցմէ ոմանք տակաւին շարադրման ու խմբագրման աշխատանքին մէջ են։ Յաջորդող շաբաթներուն ընթացքին այս թեքսթերը հետզհետէ պիտի աւելցուին մեր կայքէջի էջերուն մէջ։ Մեր այցելուները այս յաւելումներուն կրնան հետեւիլ Յուշամատեանի newsletterին ճամբով, որն ստանալու համար պէտք է գրել մեր ելեկտրոնային հասցէին՝ houshamadyan(at)googlemail.com

Բալուի մասին մեր կատարած հետազօտութիւնները առիթ տուին նաեւ չնախատեսուած, հաճելի ու շահաւէտ հանդիպումներու։ Ասոնց լաւագոյն օրինակներն են Ճորճ Աղճայեանի ու Ճորճ Լէյլէքեանի հետ ստեղծուած կապը։ Միացեալ Նահանգներ ապրող երկու այս գիտաշխատողները անմիջապէս գնահատեցին մեր աշխատանքը։ Լէյլէքեանը իր տեղեկութիւններու հարուստ պաշարով Յուշամատեանի հետ գործակցութեան լայն հեռնակարներ բացաւ։ Իսկ Աղճայեանը, ծագումով Բալուի շրջանէն, զանազան ձեւերով (քարտէս, լուսնակար, գեղանկար, արխիւային նիւթեր, գիրքեր) նպաստեց Բալուի մասին գրուած այս էջերուն հարստացումին։

Յուշամատեանի երթը ծայր առած է արդէն, իսկ յոյսով ենք որ այսպիսի հանդիպումներ շատ պիտի ըլլան մեր ճանապարհին ընթացքին։