Բալու - Գիւղական տուները

20 Օգոստոս 2011 (վերջին փոփոխութիւնը՝ 20 Օգոստոս 2011ին)

Բալուի գիւղերուն տուները մեծ մասամբ միայարկ են։ Փողոցի դուռէն որ ներս մտնենք, մեր առջեւ կը բացուի դորդանը (գաւիթ, փակ)։ Տան այս բաժանմունքը փողոցէն կը բաժնէ աւելի խորը գտնուող ներսի տունն ու ախոռը։ Ամառ եղանակին այստեղ կը հաւաքուին գիւղացիին անասունները, այս պատճառով ալ դորդանը համեմատաբար ընդարձակ պէտք է ըլլայ, իսկ պատերն ալ՝ լայն ու բարձր։ Դորդանին մէկ անկիւնը կը գտնուի թոնրատունը, զոր Բալուի գիւղացին կ՝անուանէ թոյրեզեր, կամ թոնըրտուն։ Այստեղ է ուր կը կատարուին խմոր բանալու եւ հաց թխելու գործողութիւնները։ Թոնրատունը գետնէն մօտ մէկ մեթր բարձրութիւն մը կ՝ունենայ եւ կը գրաւէ 2-3 քառակուսի մեթր տարածք մը [1]։

Բալուի բրուտները կիներն են, այնպէս որ թոնիրին շինութիւնը նոյնպէս անոնց վերապահուած է։ Անոր պատրաստութեան համար կը գործածուի կաղճի կոչուող ընտիր կաւը։ Թոնիրին շինութեան ամէնէն դժուար բաժինը կը համարուի անոր ճշգրիտ ձեւ տալը։ Այսինքն այս սարքը պէտք է ունենայ այնպիսի ձեւ մը, որ հետագային երբ անոր մէջ կրակը վարի՝ ջերմութիւնը տարածուի անոր ներքին բոլոր կողերը։ Այլապէս անիկա անպէտք կ՝ըլլայ, իսկ եփուելիք լաւաշի խմորն ալ հում վիճակի մէջ կը մնայ, լաւ չի փակիր կողերուն ու մինչեւ իսկ կրնայ թոնիրին յատակը իյնալ։ Այս դրութեան բալուցիները կ՝ըսեն թոնիրը կ՝անթըփէ։ Անթըփել բայը տեղական բարբառին մէջ հոմանիշ է նաեւ մեռնելու։ Ուրեմն թոնիրը կը դրուի գետնափոր տեղ մը, անոր ներքեւի մասին տրամագիծը ընդհանրապէս 150 սմ. է, բարձրութիւնը՝ 120 սմ., իսկ կողերուն հաստութիւնը՝ 10-12 սմ.։ Անիկա ունի տակառի մը ձեւը. վարի բաժինը լայն է եւ բարձրանալով հետզհետէ կը նեղնայ։ Բրուտ կինը կլոր ու 1.5-2 քկ. ծանրութիւն ունեցող քարով մը, որուն կու տան կոկան անունը, կը յղկէ թոնիրին ներքին բոլոր մասերը։ Փաստօրէն այս կողերը պէտք է հարթ ըլլան, որպէսզի անոնց վրայ հացին խմորը լաւապէս ծեփուի (Բալուի բարբառով՝ կողուի)։ Ներքեւի բաժինին մէկ կողմին վրայ բացուած կ՝ըլլայ ծակ մը՝ ծործ, զոր կը բանան ամէն անգամ որ կրակը թոյլ նկատուի ու անհրաժեշտ ըլլայ զայն արծարծել։ Թոնիրին մէջ պատրաստուած հացը դուրս հանելու համար կը գործածուի կեռշամփուրը, որուն մէկ ծայրը կեռով մը կը վերջանայ [2]։

Դորդանին մէջ կը գտնուին նաեւ կշգրտունը, ուր կը պահուին փայտի, աթարի, ծեփի, կշգուրի պաշարները [3]։ Ի տարբերութիւն գիւղական այլ տուներու, Բալուի մէջ մարագն ալ ընդհանրապէս կառուցուած է դորդանին մէջ։ Ասոր մեծութիւնը կախեալ է անշուշտ անոր տիրոջ պատկանող ցորենի արտերուն չափէն։ Մարագին մէջ է որ կը լեցուի ցորենին կամնումէն ետք գոյացած յարդն ու մղեղը (մրեղ, յարդի շատ մանր փշրանքները, որոնք կը գործածուին շաղախին մէջ)։

Դորդանին կը յաջորդէ ներսի տունը։ Այս բաժանմունքը կարելի է մտնել դէպի դորդանը նայող դուռէ մը։ Այլ տուներու պարագային գոյութիւն ունի նրբանցք մը դորդանին ու ներսի տան միջեւ, որ կը կոչուի խել։ Դեկտեմբերէն մինչեւ մարտ երկարող ցուրտ ամիսներուն ներսի տունը կը գործածուի իբրեւ նստարան ու ննջարան։ Այս բաժանմունքին չափը պայմանաւորուած է ընտանիքի անդամներու թիւէն։ Անիկա պատուհաններ չունի, այլ ասոնց փոխարէն՝ առաստաղին վրայ բացուած կէս մեթր տրամագծով լուսամուտ մը, որուն Բալուի մէջ կը տրուի էրդիք անունը։ Չափազանց ցուրտ եղանակներուն էրդիքը կը ծածկեն մօտ 10 սմ. հաստութեամբ սառով մը, որ կրնայ մինչեւ հալիլը երկու օր դիմանալ։ Էրդիքին ճիշդ տակը կայ պրուճը, որ գետնին մէջ բացուած փոս մըն է, ուր կը լեցուի հալող սառին կաթիլները։ Ձմեռ եղանակներուն ներսի տան մէջ կը պառկին, կը նստին ու կը ճաշեն։ Ցերեկները անկողինները իրարու վրայ դիզուած կ՝ըլլան, իսկ իրիկունները անոնք կը բրուին գետին։ Բալուցի գիւղացիին անկողիններուն, վերմակներուն եւ բարձերուն աստառները շինուած են տոկուն կտաւէ։ Արտաքին երեսներէն մէկ կողմին վրայ կարուած կ՝ըլլայ եւրոպական սպիտակ կտաւ, իսկ միւս կողմին վրայ՝ դարձեալ եւրոպական տպածոյէ շինուած երես մը, զոր պորտ կ՝անուանեն։ Այս բոլորին մէջ լեցուած կ՝ըլլայ ընտիր բուրդ կամ բամպակ։ Ներսի տան մէջ շինուած կ՝ըլլայ ոստայնը (հոր), ուր բալուցի ոստայնանկը կը հիւսէ կտաւը։ Հոս է նաեւ որ կիները ճախարակի միջոցաւ (ջայր, ջահրակ) բամպակը կը վերածեն մանածի։ Ներսի տան մէջ կը գտնուի նաեւ մառանը (խզէն), ինչպէս նաեւ մէկ կամ երկու առանձնացուած սենեակներ, ուր կը գիշերեն նոր ամուսնացող զոյգերը [4]։

Օճախը նոնյպէս կառուցուած է տան այս ներսի բաժանմունքին մէջ։ Ասիկա թոնիրին կէս մեծութիւնն ու ձեւը ունի, անոր նման գետնափոր է ու կաւաշէն։ Գլխաւոր տարբերութիւնը այն է, որ անոր բերանին վրայ երեք տարբեր կէտերու վրայ աւելցուած են երկու սանթիմեթրնոց բարձրութիւններ, որոնք եռոտանիի դեր կը խաղան օճախին վրայ տաքցուելիք կերակուրի ամաններուն համար։ Թոնիրին նման այս մէկն ալ կը շինեն կիները [5]։ Օճախին ճիշդ վերեւը կառուցուած է ծխնելոյզը՝ տանիքին վրայ բացուած լայն ծակ մը, որ դէպի երկինք երկարելով հետզհետէ կը նեղնայ։ Բալուի մէջ այս ծխանին կը կոչեն բուխերիկ [6]։

Տան ամէնէն խորը եւ ներսի տան կից կառուցուած է ախոռը։ Բալուի մէջ այս ընդհանուր անուան տակ պէտք է հասկնալ ախոռ, գոմ, փարախ ամբողջութիւնը։ Ախոռը կը բաղկանայ երկու բաժանումներէ։ Այսպէս, գոյութիւն ունի ներսի ախոռը, որ վերապահուած է գոմէշներուն եւ լծկան եզերուն։ Ասոր կողքին կայ դուրսի ախոռը, ուր կը մնան հորթը, կովը, ձին, ջորին ու էշը։ Երկու այս մասերը իրարու կից են եւ անոնք իրարմէ բաժնուած են պատով մը։ Ախոռներուն գետինը սալարկուած է տաբակ քարերով։ Գիւղացին ամէն առտու անոնց վրայ կը թափէ չորցուած թրիքի փոշի (խուշգի), այնքան մը որ անիկա մօտ 5 սմ. հաստութիւն ունենայ։ Երեկոյեան այս թրիքը կ՝աւլեն ու կը հանեն, ապա անոր փոխարէն նոր շերտ մը կ՝աւելցնեն։ Մանր այս թրիքին վրայ անասունները հանգիստ կրնան պառկիլ։ Ախոռին մէջ գոյութիւն ունի նաեւ փոս մը՝ թրքփոս, պրուճ, ուր կը լեցնեն անասուններուն աղտը եւ թրիքի աւլուած փոշին։ Օրական երկու անգամ այս փոսին աղտը կը պարպեն ու կը տանին կը թափեն ընդհանրապէս կալին քով տեղ մը։ Այս գոծողութիւնը կը կատարուի ձմրան հինգ ամիսներուն ընթացքին, երբ անասունները ախոռին մէջ կ՝ըլլան։ Հետագային թրիքի ամբողջ բլուր մը կը գոյանայ, որոնք տուներէն աւելի բարձր կ՝ըլլան եւ՝ հեռուէն նշմարելի։ Այս թրիքէն է որ գարնան եղանակին գիւղացին կը պատրաստէ կշգուրը, որուն միջոցաւ կը ծածկեն ամբողջ կալատեղին [7]։

Ախոռը ունի նաեւ դէպի ներսի տունը բացուող դուռ մը։ Միջին չափի տուներուն մէջ դորդանէն մինչեւ ախոռին դուռը երկարութիւնը 15-20 մեթր է։ Այս գիծին վրայ բացուած կ՝ըլլայ երկու մեթր լայնքով անցք մը, ուրկէ անասունները դուրս եւ ներս կու գան, առանց ներսի տան մէջ գտնուողները խանգարելու։ Բալուի տուներուն մէջ ընդհանրապէս ախոռին մէջ կը գտնուի նաեւ սաքուն։ Ասիկա այն սենեակն է, որ կը գտնուի գետնէն մօտ մէկ մեթր բարձրութեան վրայ ու շրջապատուած է բազրիքներով։ Սաքուին մէջ ու ճիշդ պատին տակ դրուած կ՝ըլլայ տախտը, որ նստարան մըն է։ Այս սենեակին մէջ է որ, ձմեռ եղանակին, բազմանդամ ընտանիքներուն մէկ մասը կը պատսպարուի, ինչպէս նաեւ ասիկա այն վայրն է ուր տեղի կ՝ունենան գիւղական զանազան ժողովները, որոնց ընթացքին կը քննուին գիւղին առնչուող խնդիրներ։ Ախոռին եւ ներսի տան այս չափազանց մօտիկութիւնը, ինչպէս նաեւ անասուններ ու գիւղացիներ երբեմն ուղղակի կողք կողքի այս բնակութիւնը ունի նաեւ, ըստ Սարգիսեանի, իր առողջապահական անպատեհութիւնները։ Նոյն հեղինակը դիտել կու տայ որ, ի տարբերութիւն հայերուն, Բալուի քրտական գիւղերուն մէջ բնակարաններէն 5-10 վայրկեան հեռաւորութեան վրայ (ոտքով) կառուցուած կ՝ըլլան ախոռները եւ այստեղ ալ կը մնան քիւրտ գիւղացիին անասուններուն կարեւոր մէկ մասը։ Սարգիսեանի կարծիքով դարերով համատեղ ապրող երկու ժողովուրդներուն ապրելակերպի այս նկատառելի տարբերութեան տուն տուող գլխաւոր պատճառը հայերու վախն է անասուններու գողութենէն. երեւոյթ մը որ կ՝ենթադրուի թէ շատ աւելի յաճախադէպ է հայկական գիւղերուն մէջ [8]։

Ինչպէ՞ս բալուցի գիւղացին կը շինէ իր տունը։

Տանտէրը ու որմնադիրը միասնաբար կը պատրաստեն տան յատակագիծը։ Ասոնց ցուցմունքներուն վրայ մշակները կը սկսին փորել հողը՝ տան հիմերը տեղադրելու համար։ Փորուածքին խորութիւնը ընդհանրապէս կ՝ըլլայ մէկ մեթր, իսկ լայնքը՝ 60-70 սմ.։ Սովորութիւն է որ բացուած հիմին վրայ ոչխար մը կամ արու այծ մը մատաղ ընեն։ Ապա որմնադիրը «Հայր մերը» արտասանելով կը սկսի հիմերուն մէջ զետեղել պատերուն չորս անկիւններուն անկիւնաքարերը, որոնք կարծր, մեծ ու կոփուած քարեր են [9]։

Գիւղերու տուները ընդհանրապէս իրարու կից են, չկայ մէկը միւսէն բաժնող միջոց։ Փաստօրէն փողոցի դռներն են, որոնք կը զատորոշեն իւրաքանչիւր տուն։ Իսկ լերան մը լանջին գտնուող տուները ոչ միայն կողք կողքի կառուցուած են, այլեւ անոնք իրենց տանիքներուն կողմէն ունին երկրորդ դուռ մը, նկատի ունենալով որ այս տանիքները գիւղացիներուն համար կը գործածուին իբրեւ երթեւեկի ճամբայ։ Տան ներսի զանազան մասերուն պատերը անձրեւ չեն տեսներ եւ այս պատճառով ալ անոնք շինուած չեն թրծուած հում աղիւսներէ։ Ասոր հակառակ, գաւիթին պատերը բաց երկինքի տակ են, հետեւաբար կառուցուած կ՝ըլլան տոկուն ու մեծ քարերով։ Նոյնն է պարագան տան արտաքին պատերուն։ Անոնք մինչեւ երկու մեթր բարձրութիւն քարաշէն են, իսկ աւելի վեր բաժինները շինուած են հում աղիւսէ, որուն կու տան քարբիճ անունը։ Անշուշտ կան գիւղեր, որոնք քարի հանքերէ հեռու գտնուելու պատճառով, ստիպուած են տան բոլոր մասերը աղիւսէ շինել։ Այս պարագային անոնց գործածած հողը ձիւթի նման կպչուն ու տոկուն է։ Զանոնք կը լեցնեն համաչափ կաղապարներու մէջ, ապա արեւուն տակ պահելով՝ կը չորցնեն։ Կ՝ըսուի թէ այս տեսակ աղիւսէ շինուած պատերը մէկ դարէ աւելի կեանք ունին։ Միայն բարեկեցիկ գիւղացիներն են, որոնք իրենց տուներուն պատերը կը հիւսեն կրախառն շաղախով։ Բայց կը պատահի նաեւ որ նոյնիսկ բարեկեցութիւնը թոյլ չտար գիւղացիին աւելի վայելուչ  տուն մը ունենալու։ Ասոր գլխաւոր պատճառը վախն է գիւղին կամ շրջակայ գիւղերու քիւրտ պէյերէն ու աղաներէն։ Սարգիսեան այս մասին կը գրէ. «ան [հայ գիւղացին] չկրնար ազատօրէն բնակիլ այնպիսի տան մը մէջ, որոնք պէյերու եւ դրացի աղաներու տուներուն գեղեցկութիւնն ու շուքը պիտի ունենային։ Ինչպէս որ Թլայ [Թիլ գիւղի] Հաշիմ պէյը կ՝ըսէ եղեր թէ պէտք է որ իր գիւղացի հողագործ մարապային ոտքը փոխանակ կօշիկի, տրեխ տեսնէ» [10]։

Տան մը պատերը ընդհանրապէս չորս մեթր բարձրութիւն կ՝ունենան, որոնց վրայ կը կառուցեն կտուրը, կամ տանիքը։ Այս վերջինին համար նախ կը գործածեն հաստ գերաններ, զորս կ՝ամրացնեն պատերուն վրայ՝ իւրաքանչիւր գերան մէկը միւսէն մօտ 2.5 մեթր հեռաւորութեան վրայ։ Գերաններուն թիւին համեմատ կարելի է չափել տան մը մեծութիւնը։ Այսպէս, չափելու միաւորը կը կոչուի մաղ. մէկ գերանով առաստաղ ունեցող տան մը ընդարձակութիւնը երկու մաղ է, երկու գերանովը՝ երեք մաղ, երեք գերանովը՝ չորս մաղ։ Գերաններուն վրայ եւ անոնց նկատմամբ ուղղահայեաց դիրքով կը շարուին դարձեկները (կամ դուկան, կցակ), որոնք իրենց կարգին չեն զետեղուիր խիտ կերպով, այլ՝ մէկը միւսին միջեւ մօտ 20 սմ. բացութիւն մը կը պահուի։ Ապա կարգը կու գայ մարդակներու զետեղման. ասոնք կարճ ու բարակ փայտեր են, որոնք խիտ կերպով կ՝ամրացուին դարձեկներուն վրայ։ Ի վերջոյ կը զետեղեն տախտակներու կտորներ կամ ծառերու դալար ճիւղեր։ Այս բոլորը կը ծածկեն մօտ 20 սմ խորութեամբ ցեխով, որ խառնուրդ մըն է հողի, ջուրի, մղեղի (յարդի մանրուք), փոշիացած թրիքի ու կրակի մոխիրի։ Այսօրինակ ցեխ մը ամուր կ՝ըլլայ եւ դիմացկուն՝ տեղացող ձիւնին ու անձրեւին։ Ցեխին չորնալէն ետք, անոր վրայ կը թափեն 30-40 սմ. խորութեամբ մաղուած հող, զոր կը ճնշեն ու կը հարթացնեն քարաշէն լողով մը։ Ամէն տարի անգամ մը տանիքը ընտիր կաւով կը ծեփուի։ Կտուրին շինութեան մաս կը կազմէ նաեւ ցուիքներուն զետեղումը։ Ասոնք փայտեր են, որոնք կողք կողքի կ՝ամրացուին նորաշէն կտուրին ծայրերը ու կը նային դէպի դուրս։ Ցուիքներուն դերը տան պատերը թրջուելէ զերծ պահել է, այնպէս որ անոնք աւելի շատ կը նմանին այս պատերուն վերեւի մասերուն վրայ հաստատուած փայտեայ հովանոցներու։ Ցուիքները պատրաստուած կ՝ըլլան կաղնիի կամ փշատի ծառերուն ճիւղերէն, որոնք կը յատկանշուին իրենց դիմացկունութեամբ։ Տանիքներուն ցուիքներուն վրայ կը հաստատուի նաեւ կուռջիվանը (ծանօթ է նաեւ այլ անուններով. կուռջրուան, ջորդան, ջրորդան, ճոռթան), որ կիսաբոլորակաձեւ փայտէ խողովակ մըն է, որուն ճամբով կտուրին վրայ հաւաքուած ջուրը վար կը հոսի։ Տան տանիքին մէջտեղը բացուած կ՝ըլլայ նաեւ դէպի ներսի տունը նայող լուսամուտ մը։ Զայն ծածկելու համար կը գործածեն խաչքը, որ տեսակ մը փայտեայ վարագոյր մըն է։ Ծիծեռնակներ իրենց բոյնը յաճախ կը շինեն այս խաչքին տակը [11]։

Գիւղերու տան շինութեան ճարտարապետութեան մէջ որոշ փոփոխութիւն կը մտնէ յատկապէս 20րդ դարու սկզբին, երբ Բալուի գիւղերուն մէջ կը սկսին կառուցուիլ երկյարկանի տուներ [12]։ Երկյարկ տուներուն ամէնէն աւելի շատ կարելի է հանդիպիլ գաւառակին հիւսիսը գտնուող հայկական գիւղերուն մէջ։ Այս տուներուն պարագային դորդանին մէջ կառուցուած կ՝ըլլայ քարաշէն սանդուխ մը՝ դէպի տանիք բարձրացող։ Այստեղ է որ կը գտնուի չարտախը, ուր գիւղացին կը բնակի գարնան կէսէն մինչեւ աշնան առաջին շաբաթները։ Մինչ այլ վայրերու մէջ չարտախը փայտաշէն կառոյց մըն է, Բալուի մէջ ասիկա աւելի շատ քարաշէն է։ Գարնան սկիզբը արդէն «չարտախ ելլելու» պատրաստութիւնները կը տեսնուին եւ ընտանիքին կիներն ու աղջիկները կը սկսին այս ամառանոցին պատերը ծեփել։ Այս նպատակով կը պատրաստեն յատուկ ծեփ մը, որ կը բաղկանայ կաւէ, մրեղէ ու անասուններու քակորի ջուրէ։ Կը ծեփեն չարտախին պատերն ու յատակը։ Ապա, քանի մը օրուայ դադարէ ետք, ծեփուած պատերը կը ճերմկցնեն ճերմակ քարով մը։ Չարտախին երկու զուգահեռ կողմերը կը կազմեն տան պատերը։ Այլ կողմ մը կը կազմէ աղատը, որ փայտի ճիւղերէ – ընդհանրապէս որթատունկի – շինուած վարագոյր մըն է։ Ասոր զուգահեռ կողմը բաց է եւ այստեղ կը տարածուի եռաջքը, որ ներսի տան տանիքն է։ Առաստաղին դրուած կ՝ըլլայ փայտաշէն ծածք մը, որ կ՝ունենայ դէպի երկինք նայող շատ մը բացուածքներ։ Չարտախին մէջ աւելցուած կ՝ըլլան մէկ կամ երկու սենեակներ, ուր ցերեկները կը դրուին անկողինները, ինչպէս նաեւ ապրցուներու կարասներն ու առօրեայ գործածութեան այլ առարկաներ [13]։

Գիւղական տան տաիքին վրայ ամառները կը կառուցեն նաեւ ատրպասը։ Այս մէկը շինուած կ՝ըլլայ տանիքին մէկ անկիւնը՝ փողոցին եւ դորդանին հակառակ ուղղութեամբ։ Շրջագիծը 9-10 մեթր է, չորս կողմերը կը բարձրանան 1.5 մեթր բարձրութեամբ աթարի պատեր, իսկ վերեւը ոչ մէկ ծածկ ունի։ Պատերէն մէկուն վրայ դուռ մը շինուած կ՝ըլլայ։ Ատրպասը կը շինեն կիները, յունիսի վերջերուն, երբ այլեւս անձրեւները դադրած կ՝ըլլան։ Կը հաւաքեն թրիքը, ապա անոր մէջ կը նետեն յարդ կամ այլ դիւրավար նիւթեր ու կը սկսին ոտքերով շաղել։ Ապա թրիքներուն կու տան փոքր համետներու ձեւը ու կը սկսին անոնց հետ ատրպասին պատերը հիւսել։ Ամէն անգամ որ մէկ շարք հիւսուի 1-2 օր դադար մը կ՝առնեն, մինչեւ որ շարուած թրիքը արեւուն տակ չորնայ ու կարծրանայ։ Այս շինուածքը տանիքին վրայ կը պահուի մինչեւ օգոստոսի վերջը։ Ամառ եղանակին գիւղացին ատրպասին մէջ կը զետեղէ սպառողական զանազան նիւթեր, որոնք պէտք է արեւուն տակ մնան [14]։

Գիւղացին տունը լուսաւորելու համար կը գործածէ ճրագը, որ Բալուի մէջ հոմանիշ է հողէ կերտուած ամանի մը, որուն մէկ ծայրը կայ լայն բերան մը, ուրկէ ձէթը կը լեցնեն։ Միւս ծայրը կտուցի նման է եւ ունի նեղ բացուածք մը, ուրկէ դուրս կու գայ վառող պատրոյգը։ Ճրագները ընդհանրապէս կը զետեղեն փայտէ շինուած եռոտանիի մը վրայ, որուն կու տան ճրագդիլ անունը։ Գողութիւններուն յաճախականութիւնը պատճառ եղած է նաեւ որ բալուցի գիւղացին իր փողոցի դուռը ամուր կառուցէ ու լաւապէս կղպուած պահէ։ Դուռին կղպանքին Բալուի մէջ կու տան գորտ անունը։ Ասիկա 40-50 սմ. երկայքով եւ 30 սմ. լայնքով գործիք մըն է, որ կազմուած է ծառի կոճղէն։ Անիկա հարթուած ու յղկուած կ՝ըլլայ։ Երեսին լայնքին վրայ կը բանան 10 սմ. լայնքով եւ 5 սմ. խորութեամբ փոսիկ մը, որուն մէջ ետ ու առաջ կը սահի սողնակը, կամ լեզուն։ Նոյն փոսիկին վրայ ուղղահայեաց կերպով կը բացուին 2-3 այլ փոսիկներ, որոնց մէջ կը զետեղուին լխկիները, կամ լեզուակները։ Սողնակը իր վրայ ունի քառակուսիաձեւ փոսեր, որոնց մէջ կարելի է ամրացնել ուղղահայեաց իջնող լխկիները, որոնք այս ձեւով կ՝արգիլեն սողնակին շարժումը։ Սողնակէն քիչ մը վեր ու անոր զուգահեռ դիրքով դրան վրայ բացուած կ՝ըլլայ այլ անցք մը, որ բանալիին համար է։ Այս վերջինին վրայ նոյնպէս բացուած են փոքրիկ խոռոչներ։ Երբ բանալին մտցուի իր անցքէն ներս, անոր խոռոչները կու գան ու կ՝ամրանան լխկիներուն ու այս միջոցաւ կարելի է զանոնք քիչ մը բարձրացնել։ Արդիւնքը այն կ՝ըլլայ որ լխկիները դուրս կու գան սողնակին փոսիկներէն՝ այս ձեւով ազատ անցք թողելով սողնակին։ Ինչ որ կը նշանակէ թէ դուռը կարելի է բանալ։ Գողեր կրնան կեղծ բանալիներով, որոնց կու տան մազէ բալլի անունը, սողնակը բանալ։ Ասոր համար ալ տուներ ունին նաեւ գոց կոչուած գործիքը, որ մեծ գերան մըն է, զոր ուղղահայեաց դիրքով կը դնեն դրան ներսի կողմը, երկու ծայրերը դրան մէջ կողքի պատերուն մէջ հաստատելով։ Այս ամբողջ սարքը փայտաշէն է [15]։

Գիւղական տուներու ճարտարապետութեան մէջ լուրջ փոփոխութիւններ կը սկսին յառաջ գալ Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք։ 1909 թուականէն սկսեալ, Բալուի Հաւաւ գիւղին մէջ կը սկսին յայտնուիլ իւղաներկ տախտակներով շինուած երկյարկ տուներ։ Իսկ այլ գիւղերու մէջ, ինչպէս է պարագան Ձէթ գիւղին, կը սկսին կառուցուիլ ամբողջովին տաշուած քարերով երկյարկանի տուներ։ Ասոնք արդէն կը նմանէին Բալու քաղաքի տուներուն, որոնք օժտուած էին պատուհաններով եւ երբեմն ալ պատշգամով։ Այս բոլորը նորարութիւններ էին Բալուի գիւղական ճարտարապետութեան մարզէն ներս [16]։

  • [1] Յարութիւն քհնյ. Սարգիսեան (Ալեւոր), Բալու. իր սովորոյթները, կրթական ու իմացական վիճակը եւ բարբառը, տպ. Սահակ-Մեսրոպ, Գահիրէ, 1932, էջ 235, 238։
  • [2] Նոյն, էջ 211, 360, 443, 451։
  • [3] Նոյն, էջ 238։
  • [4] Նոյն, էջ 233, 238, 242։ Փարսադան Տէր-Մովսէսեան, Հայ գիւղական տունը, Մխիթարեան տպարան, Վիեննա, 1894, էջ 39։
  • [5] Սարգիսեան, op. cit., էջ 216։
  • [6] Տէր-Մովսէսեան, op. cit., էջ 42։ Սարգիսեան, op. cit., էջ 242-243։
  • [7] Նոյն, էջ 205, 206, 208։
  • [8] Նոյն, էջ 235, 253, 527։
  • [9] Նոյն, էջ 233։
  • [10] Նոյն, էջ 233-236։
  • [11] Նոյն, էջ 234, 236, 237, 375, 421, 459, 481։
  • [12] Նոյն, էջ 235։
  • [13] Նոյն, էջ 37, 38, 237, 241։
  • [14] Նոյն, էջ 207։
  • [15] Նոյն, էջ 379։ Տէր-Մովսէսեան, op. cit., էջ 48-49։
  • [16] Սարգիսեան, op. cit., էջ 237։