Բալու - Ժողովրդային բժշկութիւն

Հեղինակ՝ Վահէ Թաշճեան, 14 Յունուար 2012 (վերջին փոփոխութիւն՝ 14 Յունուար 2012)

Առեւտրական ուղիներէ հեռու, աշխարհագրական իր դիրքով շրջապատէն բաւական կղզիացած՝ Բալու երկար ատեն ընկերային ու տնտեսական տեղքայլ ապրած է։ Գիւղական այս տարածքը ընդհանրապէս հեռու մնացած է շրջապատի քաղաքներուն – ինչպէս Խարբերդ, Տիարպեքիր – ապրած զարգացումներէն ու արդիականացումի մթնոլորտէն։ Այս երեւոյթին մէկ ցուցանիշն է Բալուի առողջապահական մարզը։ Ամբողջ գաւառին մէջ մինչեւ Օսմանեան կայսրութեան անկումը կը յիշատակուի միայն մէկ բժիշկի մը ներկայութիւնը։ Շէյֆիկ պէյ թուրք բժիշկ մըն էր, որ Բալու քաղաքը կը հաստատուի Առաջին Համաշախարհային պատերազմին բռնկումէն լոկ քանի մը տարի առաջ։ Միակ դեղագործը՝ բալուցի Գարեգին Քիւրէճեան՝ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի շրջանաւարտ, նոյնպէս նոյն այս տարիներուն այստեղ կը հաստատուի։ Իսկ բժշկական գործողութիւններ կատարելու համար հիւանդները ստիպուած էին երթալ մինչեւ Խարբերդ կամ Այնթապ [1]։

1) «Հիւանդներու բուժումը», մանրանկար՝ Յովհաննէսի (Վասպուրական) (Աղբիւր՝ «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարան, Երեւան, in Tamara Mazaéva, Hratchia Tamrazyan (éditeurs), La miniature arménienne, Ed. Naïri, Erevan, 2006)
2) Գրիգոր Նարեկացին ու Սիմէոն վարդապետը, մանրանկար՝ Ծերուն Ծաղկողի (Վասպուրական) (Աղբիւր՝ Մեսրոպ Մաշտոցի մատենադարան, Երեւան, in Tamara Mazaéva, Hratchia Tamrazyan (éditeurs), La miniature arménienne, Ed. Naïri, Erevan, 2006)

Այսպիսի պայմաններու մէջ Բալուի հայերու առողջապահական կեանքէն ներս միշտ ալ իր կարեւոր տեղը ունեցած է ժողովրդային բժշկութիւնը։ Երբ մարդիկ անծանօթ են բժշկական նորարարութիւններուն, երբ արդի բժշկութիւնը մատչելի չէ իրենց, հինն ու աւանդականը անխախտ կը պահպանուին ու տեղական ժողովուրդը կը շարունակէ հաւատք ընծայել ժողովրդային բժշկութեան։ Այսպիսի ոչ-վկայեալ բժիշկներու շարքին կը յիշուի օրինակ Սագրաթ գիւղէն սափրիչ մը՝ Պարպար Թորոս, որ իր տրամադրութեան տակ ունէր բժշկական դարմանումներու մասին ձեռագիր ստուար հատոր մը, որուն ցուցմունքներուն հետեւելով դեղեր կը յանձնարարէր զանազան թեթեւ հիւանդութիւններու վերաբերեալ։ Ան միաժամանակ ամբողջ Բալուի շրջանի ինքնուս լաւագոյն ատամնաբուժն էր. կը քաշէր ակռաներ, ուռած լինտեր կամ այլ ուռեցքներ կը ծակէր, կը մաքրէր թարախները ու կը դեղեր զանոնք [2]։ Կար նաեւ Խարբերդ քաղաքին մէջ հաստատուած պարսկական փոխ-հիւպատոս Գրիգոր պէյը, որ նոյնպէս ժողովրդային բժիշկի լաւ համբաւ ունէր։ Ան եւս իր տրամադրութեան տակ ունէր բժշկական ստուարածաւալ հատոր մը։ Բալուցիներ յաճախ իրենց հիւանդութիւնները խնամելու համար կը դիմէին Գրիգոր պէյին։

Հետաքրքրական է նաեւ իմանալ որ Բալուի մէջ ուրիշ որեւէ ուտելիքէ աւելի՝ հիւանդներուն կը կերցնեն ձմերուկ։ Կաթ ընդհանրապէս չեն խմցներ, այլ աւելի շատ հիւանդին առջեւ կը դնեն տանձ, խնձոր, կորկոտ ապուր եւ թան [3]։

Այստեղ կը ներկայացնենք հիւանդութիւններու տեսակներ, անոնց ախտնանշաններն ու դարմանումի տեղական ձեւերը։ Սոյն տեղեկութիւնները առնուած են Բալուի մասին Յարութիւն քհնյ. Սարգիսեանի գիրքէն։

Դող

Բալուի շրջանին մէջ ամէնէն շատ տարածուած հիւանդութիւնն է, տեսակ մը գաւառին պատուհասը։ Ընդհանրապէս կը յայտնուի ամրան վերջը ու կ՝անհետանայ ձմրան սկիզբը։ Դողով ու ցրտահարութեամբ սկսած այս հիւանդութիւնը անմիջապէս կը փոխուի տաքութեան բարձրացումի։ Ամէն տարի գիւղի մը բնակչութեան մեծագոյն մասը վարակուած կ՝ըլլայ դողով։ Աւելի շատ առկայ է դաշտային գիւղերուն մէջ, ուր խոնաւութիւնը աւելի մեծապէս զգալի է։

Այս հիւանդութենէն բժշկուելու համար Բալուի մէջ կան զանազան ձեւեր։ Այսպէս, առաջին հերթին հիւանդը պաղ ջուրով կը լոգցնեն ու յետոյ անկողինի մէջ կը պառկեցնեն։ Կը պատահի որ անոր խմցնեն քինին, որ աւելի շատ մալարիայի դէմ դարման մըն է։ Բայց Բալուի մէջ տարածուած է նաեւ տեղական արտադրութիւն հանդիսացող դեղ մը, որ մայրամ կոչուող խոտն է։ Այս խոտը լաւ մը կը խաշեն եւ ստացուած հեղուկը իբրեւ դեղ կը գործածեն։ Կարգ մը գիւղերու մէջ այս հիւանդութեան դէմ դնելու մտադրութեամբ՝ կը գործածեն դողկապը։ Ասիկա քահանային կողմէ օրհնուած պատրոյգ մըն է, զոր կը կապեն հիւանդին դաստակին։ Պատրոյգին վրայ նոյն քահանան կամ աղօթող անձը եօթ հանգոյցներ կ՝ընէ։ Այս ձեւով կը կարծուի թէ դողը «կապուած» է, կամ այլ խօսքով ան անէացած է։ Եօթը հանգոյցները կը խորհդանշեն նաեւ եօթը տարի տեւող դողը, որ ըստ գիւղացիներուն այս հիւանդութեան ամէնէն վատ տեսակն է [4]։

Ձախին՝ խտուտ բոյսը։ Աջին՝ մայրամ բոյսը (Աղբիւր՝ Քարլ Աքսէլ Մակնուս Լինտմանի գիրքերը)

Բարակ-ցաւ

Կ՝ենթադրուի որ այս հիւանդութիւնը կը համապատասխանէ թոքախտին։ Հազուադէպ է անիկա։ «Բարակ» կը կոչուի անիկա, քանի որ ասկէ վարակուողները սուր ցաւեր չեն զգար, բայց միաժամանակ մնայուն ջերմ կ՝ունենան, կը հիւծին, ախորժակնին կը կորսնցնեն, կը գունատին, կը նիհարնան։ Բալուի պայմաններուն մէջ ասոնց մահը ընդհանրապէս անխուսափելի է [5]։ Այս վայրերուն մէջ բժիշկ չկայ, այնպէս որ մարդիկ անզօր են այս հիւանդութեան դիմաց։ Փոխարէնը, սրբավայրեր կ՝այցելեն, ուխտ կ՝ընեն, Նարեկ ու Աւետարան կը կարդան ու այսպէս՝ կ՝ապաւինին Աստուծոյ նախախնամութեան։

«Նարեկ գիրք - Գիրք աղօթից - Ասացեալ սրբոյն Գրիգորի Նարեկացւոյ՝ Հրեշտական Վարդապետի», Պոլիս, 1782 (Աղբիւր՝ Staatsbibliothek, Պերլին)

Տարտ, կամ ֆրանկախտ

Այս հիւանդութենէն վարակուածէն չափազանց կը զգուշանան, նկատի ունենալով, որ տարտը կը համարեն մեծապէս փոխանցիկ հիւանդութիւն մը։ Կը բաւէ որ մէկու մը մարմինին զանազան մասերուն վրայ վէրքեր յայտնուին եւ նոյն ժամանակ ձայնը խռպոտ դառնայ, այն ատեն արդէն շրջապատը, ճիշդ կամ սխալ, զայն կը համարէ տարտոտ, կամ տարտէ վարակուած։ Անոր հետ կը սկսին չճաշել, անոր գործածած պնակէն ու դգալէն բան չառնել։ Այս հիւանդութեան պարագային բնաւ ալ չեն դիմեր աղօթքներու կամ ուխտի։ Անմիջապէս կը փորձեն գտնել բժիշկ մը՝ վկայեալ կամ աւանդական, ու անշեղ կը հետեւին անոր տուած ցուցմունքներուն։

Այս հիւանդութիւնը դարմանողի համբաւ ունէր Հաքիմ Գեւօն [6], որ Խարբերդի Բազմաշէն (Bismişen/Sarıçubuk) գիւղէն էր։ Ան տարին անգամ մը Բալու կու գար եւ կը զբաղէր այս հիւանդութեամբ վարակուածներով։ Իր ծառայութեան փոխարէն ան կը ստանար ցորեն եւ դրամ։ Հաքիմ Գեւոյին դարմանը սնդիկն էր, զոր կը խառնէր ուրիշ նիւթերու եւ զանոնք կը վերածէր դեղահատերու։ Հիւանդներուն կը յանձնարարէր խիստ պահեցողութիւն, մանաւանդ անոնք պէտք էր դադրէին թթու, կծու եւ աղի ուտելէ, պաղ ջուր խմելէ։ Երբեմն ալ, փոխանակ որ հիւանդը սնդիկը կուլ տար, զայն կրակի վրայ կը տաքցնէր եւ հիւանդին ներշնչել կու տար։ Բաղդատմամբ բարակ-ցաւին, տարտը աւելի տարածուած հիւանդութիւն մըն է Բալուի մէջ։ Ըստ Սարգիսեանի, տարտէն վարակուածները ընդհանրապէս Պոլիս պանդխտութեան գացած, այնտեղ հիւանդացած ու ապա իրենց հայրենի տունը վերադարձածներ են։ Նոյն հեղինակը կը յայտնէ, թէ սոյն հիւանդութիւնը երբեք ալ չէ նկատուած Բալուի կիներուն շարքին [7]։

Հալէպ, 7 Յունիս 1919։ «Տարագիր» օրաթերթին մէջ տպուած է ծանուցում մը, ուր կը յայտնուի թէ տոքթ. Յովհաննէս Հրեշտակեան (բնիկ Ուրֆայէն) կը դարմանէ սեռային հիւանդութիւններ, որոնց շարքին ֆրանկախտ (սիֆիլիս)։

Աչքի ցաւ

Այս մէկը աւելի շատ կը յառաջանայ ամրան՝ կալերու մէջ աշխատանքին կամ հունձքի ընթացքին։ Ախտանշաններն են՝ աչքին կարմրիլն ու տեսողութեան մթագնիլը։ Բալուի մէջ այս ցաւին դէմ կը գործածուին զանազան դարմաններ։ Այսպէս, խտուտ կոչուող բոյսին արմատը կը ճզմեն ու անկէ դուրս եկած կաթանման հեղուկը կը կաթեցնեն հիւանդոտ աչքին մէջ։ Կամ, հաւկիթին դեղնուցն ու պաղլեղը (շիպ, Potassium sulfate) լաւ մը իրարու կը խառնեն եւ բաղադրութիւնը կը դնեն լաթի մը վրայ։ Պառկելէ առաջ, զայն կը կապեն հիւանդոտ աչքին վրայ եւ մինչեւ առաւօտ կը պահեն այս վիճակով [8]։

Դեղնութիւն

Բալուի գիւղացիներուն մօտ դեղնութեան ախտանշանը՝ աչքին սպիտակուցին դեղնիլն ու դէմքին գունատիլն է։ Այս հիւանդութեան դէմ կը գործածուին զանազան դարմաններ, որոնցմէ գլխաւորները հետեւեալներն են. ամանի մը մէջ քանի մը հատ չոր ծիրան կը դնեն, ասոնց վրայ մարդկային մէզ կը լեցնեն եւ երեկոյեան զայն կը դնեն բացօթեայ տեղ մը՝ մինչեւ առաւօտ։ Նախաճաշին այս ծիրանները կը կերցնեն հիւանդին եւ այս գործողութիւնը կը կրկնեն քանի մը օր եւս [9]։

Հար

Ասիկա հարբուխն է, որուն դէմ գիւղացին ոչ մէկ դեղ կը գործածէ [10]։

Տարուկ, կամ տարուենակ

Ասիկա վէրք մըն է, որ կը կարծուի թէ յատուկ է Բալուի, Խարբերդի ու Տիարպեքիրի շրջաններուն։ Այս վէրքը կրնայ ամբողջ տարի մը տեւել։ Իբրեւ դարման Բալուի մէջ կը գործածեն կապոտ քարի (պղինձի ծծմբատ) փոշին, զոր կը խառնեն խմորի հետ ու կը դնեն վէրքին վրայ։ Այլ դարման մըն է, սուրճի փոշին, զոր կը ցանեն վէրքին վրայ [11]։

Կապ

Այս մէկը սեռային անկարողութիւնն է, որ այս միջավայրին մէջ հիւանդութիւն կը համարուի։ Բալուի մէջ կան մարդիկ, որոնք կապը քակողի համբաւ ունին։ Կ՝աղօթեն խնդրոյ առարկայ անձին վրայ եւ խազըլի (այծի մազէ պատրաստուած պարան) վրայ հանգոյցներ ընելով կը յանձնեն անոր [12]։

Ցռցռուկ, կամ ցրցրուկ

Ասոնք դէմքին վրայ գոյացած շարաւոտ վէրքեր են։ Ասոր դէմ կը գործածեն սիւլիւյընը (sülüğen), որ կարմիր եւ թունաւոր մետաղեայ փոշի մըն է, անով կ՝օծեն մանաւանդ երկաթեղէնները՝ խոնաւութենէ եւ ժանգոտութենէ պաշտպանելու համար։ Ցռցռուկէ տառապողին պարագային, սիւլիւյընը կը խառնեն կարագի իւղին մէջ եւ այս բաղադրութիւնը կը քսեն վէրքին վրայ [13]։

Վարցաւ (տիֆ)

Այս մէկը երկարատեւ հիւանդութիւն մըն է, որ կրնայ մինչեւ ամիս մը տեւել։ Հիւանդը անընդհատ տաքութիւն կ՝ունենայ, անգիտակից վիճակի մը մէջ կը գտնուի եւ կը զառանցէ։ Այս ամբողջ ընթացքին հիւանդը կը սնուի մածունով, կորկոտ ապուրով, անոր կը խմցնեն մածնաթան եւ ջուր։ Բալուի մէջ յատուկ դարմաններ չկան վարցաւին դէմ, բացի անկէ որ հիւանդին օգտին կ՝աղօթեն, Նարեկ ու Աւետարան կը կարդան, սուրբերու մատաղներ կ՝ընեն, սրբատեղիներ կ՝այցելեն։ Այս հիւանդութիւնը հազուադէպ է, հազուագիւտ է նաեւ վարցաւին հետեւանքով մահը։ Բայց ան աղետի համազօր կը դառնայ, երբ համաճարակի բնոյթ ստանայ։ Այս է պարագան 1896ին, երբ մէկ տարի առաջ տեղի ունեցած հակահայ ջարդերուն ու քանդումներուն հետեւանքով, բազմահազար բալուցիներ կը մնան անտուն ու անպաստպար։ Այս ժամանակներուն, կ՝ըսուի թէ Բալուի տարածքին մէջ մօտ 300 հայեր վարցաւէ կը տառապէին [14]։

Գուշ պօղան (հաւանաբար տիֆթերիա)

Ախտանշանը կոկորդի բորբոքումն է, տաքութեան բարձրացումը եւ թուքը կլլելու դժուարութիւնը։ Զայն դարմանելու համար կը չորցնեն շան փինը (շունին կեղտը) ու զայն փոշիի կը վերածեն։ Հոս պայման է որ այս աղտը ճերմակ գոյնի ըլլայ։ Ապա այս մէկը կը լեցնեն մասուրայի մէջ (կէս սմ. տրամագիծով խողովակ) ու հիւանդին կոկորդը կը փչեն։ Իսկ եթէ գուշ պօղանին պատճառով հիւանդին կոկորդին ուռեցք նկատուի, ապա թիւթիւնի տերեւի վրայ մեղր կը քսեն ու զայն կը կապեն վիզին [15]։

Ծաղիկ

Ասիկա աւելի ծանօթ ծաղկախտն է։ Ախտանշաններն են՝ տաքութեան բարձրացում, աչքերու կարմրութիւն, հազ, մարմնին վրայ բշտիկներու (շիտ [16]) գոյացում։ Ծաղիկին դէմ իբրեւ դարման Բալուի մէջ կը փորձեն հիւանդը տաք պահել, անոր քաղցրեղէններ կերցնել, ռուպի օշարակ խմցնել։ Ասոր բացատրութիւնը այն է, թէ քաղցրեղէնները հիւանդութիւնը դուրս՝ մորթին վրայ հանելու յատկութիւն ունին։ Իսկ ծաղիկին պարագային բալուցին համոզուած է որ եթէ հիւանդին մորթը դուրս չտայ, այն ատեն հիւանդութիւնը կրնայ վտանգաւոր դառնալ [17]։

Բալուի մէջ գոյութիւն ունի նաեւ ծաղիկին դէմ պատուաստը, կամ ինչպէս այս տարածքին մէջ կը կոչեն՝ փարփինը։ Այս գործողութիւնը վերապահուած է տարեց ու փորձառու կիներուն։ Անոնք ասեղի մը ծայրով ծաղիկէ վարակուածի մը վէրքէն թարախ կ՝առնեն։ Ապա կը մօտենան պատուաստի թեկնածուին, ասեղին ծայրը կը մօտեցնեն անոր բթամատին ու ցուցամատին միացման կէտին ու կը սկսին թեթեւօրէն զարնել, մինչեւ որ մորթին այս մասը արիւնի։ Այս ձեւով հիւանդին թարախն ու պատուաստուողին արիւնը կը միախառնուին բացուած վէրքին այս կէտին վրայ։ Ապա տարեց կինը չամիչ մը կը բանայ, կուտը կը հանէ, կը կապէ զայն բացուած վէրքին, կամ փարփինին վրայ՝ մինչեւ որ վէրքը ապաքինի։ Այս ձեւով պատուաստը իրագործուած կ՝ըլլայ [18]։ Ծաղիկով վարակուածը չեն լոգցներ, նոյնիսկ զգուշ կ՝ըլլան որ քառասուն օր շարունակ անոր մարմնին երբեք ջուր չդպնայ [19]։

Խումրիկ (խումրայ)

Բալուի մէջ այս հիւանդութեան ախտանշանները հետեւեալները կը համարուին. հիւանդին գլուխն ու դէմքը կ՝ուռին, մորթը կը մթագնի, տաքութիւնը կը բարձրանայ։ Հիւանդութիւնը կրնայ տեւել 15-20 օր։ Սարգիսեան կը նշէ որ ապաքինելէն ետք կրնայ պատահիլ որ տուեալ անձին գլխու բոլոր մազերը թափին։ Թէեւ նոյն հեղինակը կ՝աւելցնէ որ հետագային անոնք նոյն խտութեամբ կրկին կը բուսնին [20]։

Հարսանէթ (կարմրուկ)

Բալուի մէջ այս հիւանդութեան ախտանշան կը համարուի բարձր տաքութիւնը ու մարմնին վրայ յայտնուած կարմիր բիծերը։ Հիւանդը տաք վիճակի մէջ կը պահեն ու անոր քաղցրեղէններ կը կերցնեն [21]։

«Բժշկարան Աւետարան», Կորի, 1707 (Աղբիւր՝ Staatsbibliothek, Պերլին, Katalog Karamianz: No 21, Ms. or. quart. 337)

Խաղցնել, խաղ ըյնիլ

Բալուի մէջ այս անունը կու տան ջղային նոպաներ ունեցողներուն (սփազմոս), կամ հաւանաբար լուսնոտութեան տագնապներ ապրողներուն։ Այսպէս, տուեալ անձը գետին կ՝իյնայ, ցնցումներ կ՝ունենայ, բերանը կը փրփրի։ Այս բոլորը ընդամէնը կրնայ մէկ վայրկեան տեւել, որմէ ետք ան ինքզինք կը վերագտնէ։ Բալուի մէջ կը կարծուի թէ այս կարճ ժամանակամիջոցին ալքերը (իգական չար ոգիներ) յարձակում կը գործեն ենթակային վրայ ու զայն խաղցնելու ընթացքի մէջ կը գտնուին։ Կ՝ըսուի նաեւ որ ալքերը սովորութիւն ունին առուներու եզերքները բնակելու, ինչ որ կը նշանակէ որ այսպիսի «յարձակումներ» աւելի շատ տեղի կ՝ունենան ջուրի հոսանքներու մօտ։ Այս պատճառով ալ այսպիսի տագնապներ անցուցած մարդիկ կը զգուշանան առուներու մօտէն անցնելու։ Բալուցիները յատուկ դարմաններ չունին ալքերու այս «յարձակումներուն» դիմաց։ Տուեալ անձին ապրած տագնապին ընթացքին կը բաւականանան անոր գլխուն պաղ ջուր սրսկելով ու Նարեկէն ընթերցումներ ընելով [22]։

  • [1] Մեսրոպ Կռայեան, Բալու. Բալուի կեանքէն առնուած պատկերներ, յուշեր, չափածոյ քերթուածներ եւ արձակ էջեր, տպ. Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, 1965, Անթիլիաս, էջ 158։
  • [2] Յարութիւն քհնյ. Սարգիսեան (Ալեւոր), Բալու. իր սովորոյթները, կրթական ու իմացական վիճակը եւ բարբառը, տպ. Սահակ-Մեսրոպ, Գահիրէ, 1932, էջ 255։
  • [3] Նոյն, էջ 261։
  • [4] Նոյն, էջ 254։
  • [5] Նոյն։
  • [6] Նոյն, էջ 255։
  • [7] Նոյն, էջ 256։
  • [8] Նոյն, էջ 257։
  • [9] Նոյն։
  • [10] Նոյն։
  • [11] Նոյն։
  • [12] Նոյն, էջ 258։
  • [13] Նոյն։
  • [14] Նոյն։
  • [15] Նոյն, էջ 259։
  • [16] Ասոնք մարմնին վրայ յառաջացած շատ փոքր ուռեցքներ են, որոնք կը հասուննան ու թարախ կը կապեն (Հայոց լեզվի բարբառային բառարան, հտր. Դ, Երեւան, 2007, էջ 242)։
  • [17] Սարգիսեան, op. cit., էջ 258։
  • [18] Նոյն, էջ 259։
  • [19] Նոյն, էջ 259-260։
  • [20] Նոյն, էջ 260։
  • [21] Նոյն։
  • [22] Նոյն։