(աղբիւր՝ Victor Pietschmann, Durch kurdische Berge und armenische Städte, Wien, 1940)
Բալու քաղաքը Ս. Մեսրոպ լերան լանջին կառուցուած (աղբիւր՝ V. Pietschmann, Durch kurdische Berge und armenische Städte, Wien, 1940)

Բալու - Տեղական պատմութիւն

ՀԱՒԱՒ

Տիգրան Փափազեան իր գիրքին մէջ բազմաթիւ էջերու վրայ կը գրէ իր գիւղին պատմութիւնը, որու օսմանեան բաժինը ծայր կ՝առնէ 18րդ դարուն։ Առասպելախառն պատում մըն է, որ յայտնապէս մաս կազմած է գիւղին բանաւոր պատմութեան եւ սերունդէ-սերունդ փոխանցուելով՝ հասած է մինչեւ սոյն հեղինակը։ Այն ինչ որ յստակօրէն կ՝երեւի այս պատմութեան մէջ քիւրտ պէյերուն տիրական ներկայութիւնն է այս միջավայրէն ներս։ Հետաքրքրական է, որ Փափազեան ընդհանրապէս «քիւրտ» անունին փոխարէն կը գործածէ «թուրք»ը. բան մը որ առաջին ակնարկով կրնայ սխալ թուիլ, բայց կը կարծենք որ աւելի շատ գիտակցաբար կատարուած է։ Ուրիշ յուշամատեաններու մէջ «տաճիկ» անունին տակ կը նոյնանան բոլոր իսլամ բնակչութիւնները՝ ըլլան նոնք թուրք, քիւրտ կամ արաբ։ Այնպէս որ Փափազեանի «թուրք»ը կը կարծենք որ նոյնպէս համապարփակ իմաստ մը ունի։Հաւաւը այս միջավայրին մէջ կը յայտնուի իբրեւ հայահոծ գիւղ մը, որ նոյնպէս ենթակայ է իր տարածքի քիւրտ պէյէն. գիւղացիներուն մշակելի հողերը կը պատկանին անոր, եւ գիւղը պետութեան կը վճառէ տասանորդը։ Բայց քանի մը դարի վրայ երկարող տեղական այս պատմութեան մէջ, կը տեսնենք որ նոյն ժամանակ Հաւաւը պայքարի մէջ է նոյն պէյին եւ անոր յաջորդներուն դէմ, գիւղացիք կը փորձեն դէմ դնել պէյերուն յաւելեալ ճնշումներուն եւ մանաւանդ գիւղը պէյերուն հաւատարիմ քիւրտերով բնակեցնելու ճիգերուն։ Այս տարիներուն հայաբնակ այս գիւղը կը կառավարուի ազդեցիկ հայ մելիքներու կողմէ, որոնք յաճախ իրենք կը գլխաւորեն քիւրտ պէյին դէմ պայքարը։ Գիւղը նաեւ կարծէք ապաստան մըն է շրջակայ այլ վայրերէ եկած հայերու։ Անոր մելիքներէն ոմանք հարազատ հաւաւցիներ չեն, այլ եկած են դրացի տարածքներու գիւղերէն։ Փափազեանի պատումին մէջ կը նկարագրուին յաղթական ըմբոստութիւններ, ուր պարտեալ պէյը կը հրաժարի իր ապարանքը Հաւաւի մէջ պահելէ, ինչպէս նաեւ այս գիւղին մէջ քիւրտեր բնակեցնելու իր ծրագիրէն։ Բայց ան կը շարունակէ մնալ Հաւաւի պէյը եւ գիւղացիներուն մշակելի հողերը կը շարունակեն իրեն պատկանիլ։ Իսկ ամէն անգամ ալ որ ըմբոստութիւնը կը պսակուի յաջողութեամբ, նկատելի է որ Հաւաւը դաշնակցած կ՝ըլլայ հարեւան քիւրտ գիւղերու հետ։ Այս կրնայ նշանակել որ պէյերու ստեղծած համակարգին մէջ կային սուր հակադրութիւններ, շահերու բախումներ, մրցակցութիւններ։ Այսպիսի պայմաններու մէջ, Հաւաւի նման գիւղ մը կրնար նոյն պէյէն դժգոհներ գտնել քրտական շրջանակներու մէջ, դաշնակցիլ անոնց հետ՝ պէյին կամայականութիւններուն դէմ դնելու նպատակով։ Այս հակամարտութիւններուն մէջ հետաքրքրական է նաեւ տեղական իշխանութիւններուն բռնած դիրքը։ Անոնք յաճախ զօրավիգ կը կանգնին իրենց պէյին դէմ ուղղուած հաւաւցիներուն բողոքներուն։ Այս կրնայ նշանակել որ պետութիւնը թէեւ կը թոյլատրէր այս տարածքներէն ներս պէյերու իշխանութեան գոյութիւնը, բայց միաժամանակ կը փորձէին արգելք կենալ անոնց յաւելեալ հզօրացումին։ Այս իմաստով ալ Հաւաւի նման գիւղ մը երբեմն գործիք կը դառնար տեղական պէյեր-տեղական իշխանութիւններ հակամարտութեան ոլորտին մէջ։ Ըմբոստութեան ստորեւ տրուած օրինակներու նկարագրութիւնը կրնայ աւելի լաւ ցոյց տալ ներքին այս յարաբերութիւնները։

Ասլի պէկ
Այս դրուագին ժամանակաշրջանը անյայտ է պատումին մէջ։ Միայն յստակ է որ անիկա տեղի կ՝ունենայ 18րդ դարէն առաջ։ Հաւաւը այդ ժամանակներուն մաս կը կազմէր Օսմանեան կայսրութեան, իսկ Ասլի պէկ կը տիրէր այս գիւղին մշակելի հողերուն։ Այս պէյին քոնաքը (ապարանքը) կը գտնուէր Հաւաւի կողքին, կը փորձէր նաեւ քիւրտեր բնակեցնել ամբողջապէս հայաբնակ այս գիւղին մէջ։ Մելիք Նազար եւ Տէր Սիմոն (քահանան) ընդդիմութեան մը գլուխը կ՝անցնին եւ կ՝աշխատին ձախողութեան մատնել պէյին այս ճիգերը։ Հաւաւցիներուն կը զօրակցին Գժըգանի քրտական 20 գիւղերուն մեծամեծները։ Այստեղի քիւրտերը յայտնի է որ հինէն ի վեր բարեկամական կապեր պահած են հայերու հետ։ Այս հակամարտութիւնը կ՝աւարտի Հաւաւի կողքին գտնուող Ասլի պէկի քոնաքին հրկիզումով, որուն պատճառով ալ քիւրտ պէյը կը ստիպուի թողել իր նստավայրը։ Օսմանեան տեղական իշխանութիւնները այս անգամ կ՝արգիլեն Ասլի պէկին՝ իր քոնաքը Հաւաւի մէջ վերակառուցելու, բան մը որ յաղթանակ մը կը համարուի հաւաւցիներուն համար[1]։

Հաճի Դըհատ պէկ
երկրորդ այս դրուագը կը պատահի 18րդ դարուն։ Այս անգամ Հաւաւին վրայ տիրող պէյը կը կոչուի Հաճի Դըհատ պէկ, որ ինք կը յաջողի իր քոնաքը Հաւաւի մէջ հաստատել։ Ան միաժամանակ կը փորձէ իրեն հաւատարիմ քիւրտեր բնակեցնել գիւղին մէջ։ Կը պատմուի որ իր այս ծրագիրին հասնելու համար պէյը օգտուած է Օսմանեան կայսրութեան անկայուն վիճակէն, երբ պետութիւնը արտաքին ճակատի վրայ կը մղէր պատերազմներ։ Յստակ չէ թէ որ պատերազմին կ՝ակնարկուի. անոր նշումը վստահաբար պիտի օգնէր այս դէպքերուն թուարկութիւնը մօտաւորապէս ճշդելու համար։ Միայն գիտենք որ 18րդ դարու ամէնէն ծանրակշիռ պատերազմը եղած է ռուսեւոսմանական զինեալ ճակատումը՝ 1768-1774։ Կրնանք ենթադրել նաեւ որ տեղական իշխանութիւնները մինչեւ այդ կը պաշտպանէին Հաւաւի բնակիչներուն պահանջը՝ պէյն ու իրեն հաւատարիմ քիւրտեր հեռու պահելէ գիւղէն։ Այս տարիներուն Հաւաւի մէջ տեղի կ՝ունենանյ մեծ երկրաշարժ մը, որուն հետեւանքով կը քանդուի գիւղին մօտ կէսը, ներառեալ պէյին քոնաքը։ Հաւաւցիները դէմ կը կանգնին ապարանքին վերակառուցման։ Ընդդիմութեան գլուխ կը կանգնի Մելիք Մարտօն. անոնք իսկապէս կը յաջողին պարտադրել իրենց կամքը եւ Հաճի Դեհատ պէկը կը ստիպուի հաստատուիլ Թիլ գիւղին մէջ՝ Հաւաւէն չորս ժամ հեռաւորութեան վրայ։ Կը պատմուի նաեւ որ Մելիք Մարտոյի օրերուն գիւղի բնակիչները գրեթէ բոլորն ալ իրենց տուներուն մէջ ունէին սուր ու վահան։ Այդ ժամանակ է նաեւ որ Հաւաւի մէջ ծայր կ՝առնէ սրախաղութիւնն ու վահանախաղութիւնը։ Այս ձեւի ցուցադրական-դերասանական մարտերը հաւաւցիներուն ամէնէն սիրուած զբաղումներէն է։ Մինչեւ 19րդ դարու վերջաւորութիւնը կը կատարուէր տօնակատարութիւններու, մանաւանդ հարսանիքներու ատեն՝ գիւղին երիտասարդութեան կողմէ։ Այդ տարիներուն Հաւաւ գիւղը կը շարունակէր սերտ յարաբերութիւններ ունենալ Գժըգանի եւ Տերսիմի հետ, որոնք փաստօրէն հաւաւցիներուն դաշնակիցներն էին իրենց պէյին դէմ։ Ինչպէ՞ս բացատրել այսպիսի դաշնակցութիւն մը հայկական Հաւաւին ու քրտական Գժըգանին միջեւ։ Արդեօ՞ք պէյերու այս հզօրութենէն քրտական այս գիւղերն ալ կը տառապէին եւ այս աւատապետական համակարգին դէմ պայքարելու համար Հաւաւի ու հաւաւցինեուն մէջ մէջ անոնք կը տեսնէին բնական դաշնակիցներ։ Հայկական աղբիւրներուն մէջ այսպիսի յարաբերութիւններ ընդհանրապէս կը բացատրուին խնդոյ առարկայ գիւղերուն բնակիչներուն նախապէս հայեր ըլլալու ենթադրութեամբ։ Այպիսի վարկածներ պէտք է ըսել թոփոսի վերածուած է հայկական յուշամատեաններուն մէջ։

Մելիք Մարտօն ու իր հաւաւցիները այդ տարիներուն կը դառնան նկատառելի ուժ մը Բալուի պէյական համակարգէն ներս։ Կ՝ըսուի օրինակ որ Հաւաւին դրացի Սարուճանի քիւրտերը եւ այնտեղի մեծաւոր՝ Մելիք Լաման, հաւաւցիներուն օգնութեան կը դիմեն, երբ իրենց գիւղը յարձակման կ՝ենթարկուի Ճապաղջուրցի Սլօ պէկին կողմէ։ Մելիք Մարտօ՝ հաւաւցի եւ գժըգանցի զինեալներով կը փութայ ու կը յաջողի գերի բռնել Սլօ պէկը, որ կ՝ազատի միայն դրամական տուգանք մը վճառելէ ետք։ Հետագային Սլօ պէկ կը յարձակի Հաւաւի վրայ, այս անգամ իրենց պաշտպան ունենալով գիւղին պէյը՝ Հաճի Դըհատ պէկը։ Բայց Հաւաւը առանձին չի մնար այս կռիւին մէջ։ Անոր օգնութեան կը փութան սարուճանցիները՝ Մելիք Լամայի գլխաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ տերսիմցիներ եւ գժըգանցիներ, որոնք ի վերջոյ պարտութեան կը մատնեն նախայարձակ կողմը ու դարձեալ գերի կը բռնեն Սլօ պէկին[2]։

Շարիֆ պէկ
Երրորդ դրուագը տեղի կ՝ունենայ 19րդ դարու երկրորդ կէսին։ Գրեթէ միեւնոնյ սենարիօն է. Օսմանեան կայսրութիւնը Ցարական Ռուսիոյ դէմ պատերազմի մէջ է, տեղական իշխանութիւնների թոյլ վիճակի մէջ են, Հաւաւի քիւրտ պէյը՝ Շարիֆ պէկը, իր քոնաքը կը հաստատէ գիւղին մէջ։ Իր նախորդներուն նման, այս պէյը նոյնպէս փորձ կ՝ընէ Հաւաւի մէջ իրեն հաւատարիմ քիւրտ բնակիչներ հաստատել։ Կը պատմուի որ գիւղացիներուն միջեւ պառակտում յառաջացնելու նպատակով՝ Շարիֆ պէկ թոյլ կու տայ որ Խարբերդէն հայ բողոքական պատուելի մը հաստատուի Հաւաւի մէջ ու բողոքականութիւն քարոզէ։ Գիւղէն ներս պէյին ներկայութեան ու անոր առած քայլերուն դէմ ծայր կ՝առնէ ընդդիմութիւն մը, որուն գլուխը կանգնած էին Հաւաւի Մելիք Չափգուն (Սիմոն Չափգունեան) եւ Տէր Թորոս քահանայ Սօլգլինճ։ Անոնք հարցականի տակ չէին առներ Շարիֆ պէկին Հաւաւի մշակելի հողերուն սեփականատէրը ըլլալու հանգամանքը։ Բայց ասոր դիմաց կը մերժէին որ այսուհետեւ պէյին ձիերը գիւղին պարտէզներուն մէջ արածեն, ինչպէս նաեւ ամէն աշուն գիւղացիները պէյին փայտով մատակարարեն։ Հետեւանքը այն կ՝ըլլայ որ Շարիֆ պէկը ծեծի ուժին տակ հաւացիներուն կը պարտադրէ իրեն համար փայտ հաւաքել։ Ասոր վրայ գիւղը կը բորբոքի, կը պաշարեն քոնաքը ու կը պահանջեն պէյին վերջնական հեռացումը։ Նոյն ժամանակ Մելիք Չափգուն՝ հաւաւցիներու պատուիրակութեան մը գլուխն անցած, կը ներկայանայ Տիարպեքիրի վալիին – որմէ կախեալ էր նաեւ Բալու գաւառակը – եւ կը յանձնէ հանրագրութիւն մը՝ Շարիֆ պէկին կամայականութիւնները նկարագրող։ Կը պատմուի որ վալին բարեացակամ վերաբերում ցոյց կու տայ պատուիրակութեան նկատմամբ, կը խնդրէ նաեւ հաւաւցիներէն, որ իրենց բողոքները հաստատող քիւրտ կամ թուրք երեւելի անձնաւորութիւն մը գտնեն ու բերեն իր մօտ։ Դժուար չըլլար այսպիսի վկայ մը ճարելը։ Հաւաւցիները այս անգամ Տիարպեքիր իրենց հետ կը տանին գժըգնացի ցեղապետ մը՝ Կոլարաք գիւղէն Հաճի Պայրաքտարը, որ վալի փաշային կը յայտնէ, որ Շարիֆ պէկին ներկայութիւնը պատուհաս մըն է ոչ միայն Հաւաւի, այլ նաեւ ամբողջ Գժըգանի գիւղերուն համար[3]։

Հայկական աղբիւրները կը նշեն, որ այս բողոքներուն իբրեւ արդիւնք եւ վալիին նախաձեռնութեամբ՝ հաւաւցիներուն եւ Շարիֆ պէկի միջեւ խնդիրը կը հասնի մինչեւ օսմանեան դատարան։ Ասիկա ինքնին հազուադէպ երեւոյթ մըն էր օսմանեան իրականութեան մէջ։ Յայտնի է որ հաւաւցիները կը վայելէին Տիարպեքիրի վալիին զօրակցութիւնը, հետեւաբար անոնք կը համաձայնին այս խնդրով մինչեւ դատարան երթալ։ Այս դրուագին յստակ թուականը չենք գիտեր, բայց կ՝ենթադրենք որ անիկա տեղի կ՝ունենայ 1860ական կամ 1870ական թուականներուն։ Ամէն պարագայի, հաւաւցիները զօրաշարժի կ՝ենթարկեն իրենց ուժերը եւ կը պատրաստուին դատական ամբողջ գործընթացին։ Դրամահաւաք տեղի կ՝ունենայ Հաւաւի մէջ՝ դատական ծախսերը հոգալու նպատակով։ Պոլիս հաստատուած հաւաւցիներ իրենց նուիրատուութիւններով նոյնպէս կը մասնակցին այս գործին։ Կ՝ըսուի թէ դատը կը տեւէ ամբողջ տարի մը՝ նախ Տիարպեքիրի, ապա Խարբերդի, իսկ վերջին փուլն ալ Պոլսոյ դատարանին մէջ։ Տասնեակներով հաւաւցիներ վկայութիւն կու տան դատարաններուն առջեւ[4]։

Արդիւնքը կ՝ըլլայ այն որ Պոլսոյ դատարանը կը վճռէ Շարիֆ պէկը աքսորել Թեքիր Տաղ (Ռոտոսթօ) եւ անոր վեց ամսուայ պայմանաժամ մը կու տայ Հաւաւէն հեռանալու։ Հետագային, վճիռը որոշ չափով կը մեղմանայ ու Թեքիր Տաղի փոխարէն համաձայնութիւն կը գոյանայ, որ Շարիֆ պէկ հաստատուի Թիլ գիւղին մէջ՝ Հաւաւէն հինգ ժամ հեռաւորութեան վրայ[5]։ Սկիզբը, շրջակայ տարածքներու պէյեր, աղաներ եւ ցեղապետներ կը փորձեն զօրավիգ կանգնիլ պէյին, միջամտել օսմանեան իշխանութիւններուն մօտ, որպէսզի այս վերջինները իրենց առած որոշումը բեկանեն։ Բայց Տիարպեքիրի վալին, որուն վստահուած էր դատարանին որոշումին գործադրութիւնը, կը մնայ անդրդուելի. յայտնապէս չէր փափաքեր Շարիֆ պէկին ուժի բարձրացումը եւ կը ձգտէր որոշ չափերով անոր դիրքը թուլացնել։ Նոյն ժամանակ քիւրտ պէյը իր կարգին ըմբոստութեան նշաններ ցոյց կու տայ. ան կը դառնայ աւելի կատաղի եւ նոր թափ կու տայ հաւաւցիներուն վրայ իր ճնշումներուն։ Բայց Հաւաւը դարձեալ կը դիմէ Տէրսիմի օգնութեան։ Այստեղէն կը բերուին վարձկան զինեալներ, որոնց ներկայութիւնը պէտք էր վախ ազդեր Շարիֆ պէկին։ Իսկ վալի փաշային տուած պայմանաժամը լրանալու վրայ էր։ Վերջին օրը Շարիֆ պէկ բացակայ կ՝ըլլայ գիւղէն։ Հաւաւի բոլոր գիւղացիները զինուած հուրով, հրացանով, դանակով, կացինով կամ բիրով, կու գան ու կը հաւաքուին քոնաքին առջեւ։ Այնտեղ կը մնային տակաւին պէյին ընտանիքն ու ծառաները։ Հաւացիները բռնի ուժով իրենց գիւղէն դուրս կը դնեն քոնաքի բոլոր բնակիչները, ապա հիմնահատակ կը քանդեն ապարանքը։ Նոյն իրիկունը այս պատահարը կը տօնուի. հաւաւցիները կը կազմակերպեն մեծ ճաշկերոյթ, որուն ներկայ կ՝ըլլան նաեւ Գժըգանի եւ Սարուճանի մեծամեծները։

Բայց Շարիֆ պէկ տակաւին իր վերջին խօսքը չէր ըսած։ 1895ի կոտորածները եւ այս առիթով Բալուի աւերումը յարմար առիթ կը հանդիսանան քիւրտ այս պէյին՝ վերստին Հաւաւի մէջ հաստատուելու համար։ Արիւնալի այս դէպքերէն ետք հաւաւցիները անմիջապէս աշխատանքի կը լծուին իրենց գիւղն ու կեանքը վերականգնելու նպատակով։ Դժուար այս պայմաններուն մէջ, Շարիֆ պէկ իր քոլամներուն ճամբով կը շարունակէ գողութեան ու թալանի աքթերը, որոնք ճնշումի տակ կը պահէին հաւաւցիները։ Կատարուածը շանթաժ մըն էր, որ կը միտէր թոյլտւութիւն ստանալ գիւղացիներէն իր քոնաքը վերստին Հաւաւի մէջ հաստատելու։ Հաւաւցիներու դիմումին վրայ, պետութիւնը ժանտարմա մը կը հաստատէ գիւղին մէջ՝ գողութիւններուն դէմ դնելու համար։ Պետական այս պաշտօնեային ներկայութիւնը կը քաջալերէ հաւաւցիները, որոնք աւելի համարձակ կ՝ըլլան գողերուն դէմ ինքնապաշտպանութեան դիմելու։ Գալով Շէրիֆ պէկին, ճիշդ է որ ան չէր յաջողած իր քոնաքը գիւղին մէջ հաստատել, բայց ինքն ու իր զաւակը՝ Թէֆիկ պէկը, աւելի համարձակօրէն գիւղէն ներս ելումուտք ունէին[7]։

Ռուս-թրքական պատերազմը եւ Հաւաւի մէջ արքունի ամբար հաստատելու ծրագիրը
Այն պահուն երբ կովկասեան ճակատին վրայ ռուս-թրքական պատերազմը կը շարունակուէր, 1878 Սեպտեմբերին Արղնի Մատէնի մութասարրիֆը կը ժամանէ Բալուի գաւառակ եւ որոշում կ՝առնէ Հաւաւ գիւղին մէջ ցորենի արքունի ամբար մը հաստատել։ Այս քայլին նպատակն էր հայկական այս գիւղին ջաղացքները օգտագործել, ալիւր ամբարել, այս ձեւով այնուհետեւ Տերսիմ տեղակայուած զօրքերը մատակարարել։ Այն ժամանակուայ Բալուի հայոց Առաջնորդ՝ Պօղոս վրդ. Նաթանեան, կը փորձէ տարհամոզել մութասարրիֆ փաշան այս որոշումէն, առարկելով թէ գիւղէն ներս բանակային ներկայութիւն մը կրնայ գիւղացիներուն դէմ զանազան բռնութիւններու առիթ տալ։ Յայտնի է որ նախորդող ամիսներուն, օսմանեան զօրքերու անցքը այս վայրերէն բարի յիշատակներ չէր թողած հաւաւցիներուն վրայ։ Փաշան չի համոզուիր. իսկ երբ ան անձամբ կը ներկայանայ Հաւաւ տեղւոյն վրայ կարգադրութիւններ ընելու համար, այն ժամանակ գիւղացիք դարձեալ կը բողոքէն այս քայլին դէմ եւ կը փորձեն արգելք կենալ ամբարին շինութեան։ Այս անգամ միայն փաշան կը զիջի եւ ամբարը կը հաստատէ այլուր[8]։

Թէֆիկ պէկ
Շէրիֆ պէկին կը յաջորդէ ուրեմն Թէֆիկ պէկ, որ կը նշուի նաեւ Թայֆուր, Թէֆիլ, Թէֆօ անուններուն տակ։ Ան հօր նման կը շարունակէ մնալ Թիլ գիւղին մէջ եւ անոր իշխանութեան տակ էր ամբողջ Ամշատի նահիէն։ Իր օրով Հաւաւի վարելահողերը բաժնուած էին հինգ ազգական – հետագային այս թիւը կ՝իջնէ չորսի – պէյերու միջեւ[9]։ 1908ին, երբ արդէն կայսրութեան մէջ կը հաստատուին աահմանադրական կարգեր, զինեալ ընդհարում մը տեղի կ՝ունենայ մէկ կողմէ Թէֆիկ պէկի զինեալներուն ու անոր դաշնակից ուժերուն եւ միւս կողմէ Սագրաթի Իպրահիմ եւ Ռիւշտի պէկերու զինեալներուն միջեւ։ Հակամարտութեան առարկան Կիւլիւշկեր գիւղին պատկանելիութեան հարցն էր։ Հակառակ կռիւէն առաջ Թէֆիկ պէյի հաւաւցիներուն ուղղուած դիմումին, հայկական այս գիւղին բնակիչները կը մերժեն մասնակից դառնալ զինեալ ճակատումին։ Այս ընդհանրումէն ետք, երեք այս պէյերը տեղական իշխանութիւններուն կողմէ կը դատապարտուին ու չորս տարի կ՝անցնեն Ուրֆայի բանտին մէջ [10]։

1895ի կոտորածը
Կոտորածները տակաւին ծայր չառած, կարգ մը հաւաւցիներ արդէն իսկ տեղեակ են անոնց պատրաստութենէն։ Արդ, բարեկամ քիւրտեր, ինչպէս նաեւ տեղական պաշտօնակատարներ այս մասին կը հաղորդեն հաւաւցիներու[11]։

22 Հոկտեմբեր 1895ին, Հաւաւը կը պաշարուի հարեւան գիւղերէն եկած քիւրտ զինեալ ցեղախումբերու եւ խուժանին կողմէ։ Հայկական աղբիւրներ կը նշեն որ հարիւրապետ Ալի էֆենտի կարեւոր դերակատարութիւն մը կ՝ունենայ Հաւաւի դէմ այս յարձակումը յաջողցնելուն մէջ։ Նոյնպէս աշխուժ մասնակից մը կ՝ըլլայ Հաւաւի շրջանի ազդեցիկ պէյը՝ Շարիֆ պէկ, որ կը փորձէր իր վարկը վերականգնել այս գիւղին մէջ։ Հաւաւցի երեւելիները անմիջապէս պատուիրակութիւն մը կ՝ուղարկեն դրացի Սագրաթ գիւղը, որ նստավայրն էր քիւրտ Իպրահիմ պէկին, եւ կը հայցեն այս վերջինին պաշտպանութիւնը՝ միաժամանակ խոստանալով դրամական նուէր մը։ Իպրահիմ պէկ կը խոստանայ իշխանութիւններուն մօտ միջամտել Հաւաւի հաշուոյն, բայց այս գծով գործնական բան մը չի պատահիր գետնի վրայ։ Հաւաւը Բալուի ամէնէն հարուստ գիւղն էր. հետեւաբար դրամական մեծ պարգեւները կ՝ենթադրենք որ շատ բան չէին կրնար փոխել քիւրտ պէյերու ախորժակներէն։ Փաստօրէն թալանի ու արագ հարստացման հեռանկարը, այնպիսի պահու մը երբ տեղական իշխանութիւններուն իսկ դրդումով ամէն վայրագութիւն արտօնուած էր, վստահաբար ուրիշ ամէն բանէ աւելի ծանր կը կշռէր[12]

Ակներեւ է որ յարձակող խուժանին գլխաւոր դրդապատճառը թալանն էր։ Հաւաւի հայերը կը փորձեն դիմել ինքնապաշտպանութեան։ Բայց աւելի շատ այն տպաւորութիւնը ունինք որ ընդհանուր խուճապ մը կը տիրէ գիւղի հայութեան մէջ։ Յուսահատութեան ու անպաշտպանութեան զգացումները գերակշիռ են բոլորին մօտ։ Այս պատճառով ալ հաւաւցիները կը սկսին փախիլ ու ցրուիլ։ Անոնցմէ մաս մը կը հասնի մօտակայ Քաղցրահայեաց վանքը, որու սենեակներուն մէջ հասարակ ժողովուրդը կը տեղաւորուի, իսկ տղամարդիկ ալ այստեղէն կը շարունակեն դիմադրութիւնը։ Ուրիշներ կ՝ապաստանին իրենց բարեկամ քիւրտերու տուները, մանաւանդ Սագրաթ հայաբնակ գիւղը, որ կը գտնուէր քիւրտ Իպրահիմ պէկի պաշտպանութեան տակ։ Շատ արագ Սագրաթ փախած հայերուն թիւը կը հասնի 300-400ի. անոնց մէջ կային Հաւաւէն, բայց նաեւ Ձէթ, Շնազ, Ապրանք, Սղամ եւ այլ գիւղերէ աղետեալ հայեր։ Քանի մը օրեր ետք այս գիւղը կը հասնին հեծեալ ոստիկաններ, որոնք այստեղ ապաստանած հայերը կը տեղափոխեն ու կը հաստատեն Բալու քաղաքին մօտ գտնուող զօրանոցէն ներս ու այնտեղէն ալ՝ քաղաքի հայկական թաղամասը։ Սագրաթէն մինչեւ Բալու ճամբուն ամբողջ տեւողութեան Իպրահիմ եւ Ռիւշտի պէկերը իրենց զինեալներով կ՝ընկերանան հայերու այս կարաւանին ու կ՝ապահովեն անոր անվտանգութիւնը։ Այսպէս, Հաւաւի ջարդերէն ճողոպրած հայ գիւղացիներ կը հասնին Բալու, երբ այստեղ տակաւին ծայր չէին առած կոտորածները։ Անոնցմէ շատեր կը տեղաւորուին քաղաքին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս, իսկ ուրիշներ՝ բողոքականներու ժողովարանին մէջ։ Ահաւասիկ այս օրերուն կը սկսի հայկական թաղամասերուն վրայ յարձակումները եւ այս բռնութիւններուն ընթացքին զոհ կ՝երթան նաեւ հաւաւցիներ։ Վերջաւորութեան, բռնութեան հետեւանքները ծանրակշիռ էին մօտ 180 տուն հաշուող այս գիւղին համար. կը զոհուին 100է աւելի հաւաւցիներ, կը հրկիզուին ու կը կողոպտուին տուներ[13]։ Նոյն այս տարիներուն է որ Deutscher Hilfsbund für Armenien միսիոնարական կազմակերպութիւնը Բալու քաղաքին մէջ կե հիմնէ որբանոց մը, ուր կը խնամուէին 80 մանչեր եւ 70 աղջիկներ։ Հաստատութիւնը կի գործէ 1896էն 1899։

ԲԱԼՈՒ (քաղաք)

1895ի կոտորածը
Բալուի մէջ, 1895ի արիւնալի դէպքերը մօտ երեք օր կը տեւեն։ Անոնք ծայր կ՝առնեն Հոկտեմբերի վերջը։ Ըստ վկայութիւններուն, դրդիչ կողմը տեղւոյն պետական իշխանութիւններն էին, որոնք երեք ժամ պայմանաժամ կու տան քաղաքին թուրքերուն՝ յարձակելու դրացի հայերուն վրայ։ Սկիզբը հայերը կ՝ամրանան իրենց թաղամասերուն մէջ ու կը դիմեն ինքնապաշտպանութեան։ Այս անգամ, դարձեալ տեղական իշխանութիւններուն նախաձեռնութեամբ, շրջակայ գիւղերէն քաղաք կը բերուին զազա քիւրտերու զինեալ խումբեր, որոնք մեծ թափով կը խուժեն քաղաք ու ծայր կ՝առնէ ջարդն ու կողոպուտը[15]։ Այս դէպքերուն զոհ կ՝երթան մօտ 1000է աւելի հայեր եւ քաղաքի գրեթէ բոլոր տուները կողոպուտի կ՝ենթարկուին։ Տեղի կ՝ունենան նաեւ աղջիկներու առեւանգումներ։ Կը պատմուի օրինակ Չորթոյեան ընտանիքէն աղջկայ մը պարագան, որ կ՝առեւանգուի նոյն քաղաքին թուրքերուն կողմէ։ Խաղաղութեան վերահաստատումէն ետք, նոյն այս աղջկան կարելի չըլլար վերադարձնել իր ընտանիքը։ Ասոր նման կ՝արձանագրուի մօտ 250 առեւանգումներ[16]։

Շատ մը հայեր ապաստան կը գտնեն իրենց ծանօթ թուրքերու տուներուն մէջ։ Դրացիական այս պաշտպանութիւնը փրկարար կ՝ըլլայ շատ մը հայերու համար. այլապէս շատ հաւանական է որ յարձակող խուժանը աւելի մեծ թիւով բնաջինջ ըներ[17]

ՕԽՈՒ

Օխու գիւղին տեղական պատմութեան մասին շատ բան չենք գտներ Բարունակ Թոփալեանի կողմէ գրուած գիրքին մէջ։ Այստեղ կը ներկայացնենք գոյութիւն ունեցող պատառիկները.

Ռուս-օսմանեան պատերազմը (1877-1878)
Այս ժամանակ Էրզրումի ճակատ մեկնող օսմանեան բանակային ջոկատներ 3-4 օրեր կը հանգրուանեն Օխուի մէջ։ Բազմաթիւ գիւղացիներ անմիջապէս կը փախչին գիւղէն ու բնակութիւն կը հաստատեն մօտակայ վայրերու մէջ։ Օսմանեան բանակը բոլորին սարսափ կ՝ազդէր։ Գիւղ մնացողները կը կազմակերպուին. անմիջապէս երիտասարդ կիներն ու աղջիկները կը թաքցնեն տան մը մէջ, որուն դրան առջեւ կը շարեն փայտի դէզեր։ Անոնք գաղտնի կերպով սնունդ կը ստանային միայն տանիքէն։ Յայտնի է որ շինականները կը վախնային օսմանցի զինուորներուն կողմէ բռնաբարումի աքթերէ։ Քանի մը օր ետք բոլոր կիները կարելի կ՝ըլլայ գաղտագողի գիւղէն դուրս հանել ու փոխադրել այլ վայր մը։ Քանի մը ամիս ետք, օսմանեան բանակը բոլորվին անկանոն վիճակի մէջ դարձեալ կ՝անցնի Օխուէին։ Պատերազմը պարտուած էին ու գիւղին մէջ կը յայտնուին փախստականները, վիրաւորները, բոլորն ալ այլայլած ու սնունդի կարօտ[18]։

1895ի կոտորածը
Անկանոն զօրքը երբ կը մտնէ Օխու, շատ մը հայեր ապաստանած էին արդէն իրենց բարեկամ (քիրվա) քիւրտերու մօտ։ Օրինակի համար շարք մը հայեր փախած էին դրացի Շարուճան գիւղը եւ այնտեղ բարեկամ քիւրտեր իրենց պաշտպանութեան տակ առած էին։ Հայերը այստեղ կ՝ունենան երեք զոհեր։ Ասոր կողքին շատ մը տուներ կը հրկիզուին ու կը կողոպտուին։ Կը քանդուի գիւղին եկեղեցին ու դպրոցը։ Տեղի կ՝ունենան նաեւ հայ աղջիկներու առեւանգումներ եւ այս աքթերուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ գիւղին քիւրտ մուխթարը՝ Մըհօն[19]։

ՊԱՂԻՆ

1864ի դատավարութիւնը
Այս դրուագը, որ յայտնի թէ գիւղին մէջ պատմական իրադարձութեան մը հանգամանքը առած է, կը վերաբերի պաղնցիներու կողմէ իրենց գիւղին տիրող քիւրտ պէյին դէմ բացուած դատին։ Ասիկա բողոքի աննախընթաց շարժում մըն է, որուն գլուխը կը կանգնի նոյն այս գիւղէն Հաճի Աւետիք Չօլոյեան։ Ան կը յաջողի Պաղինը միակամ դարձնել տեղական պէյին դէմ որդեքրուելիք իրաւական քայլերուն ամբողջ տեւողութեան։ Պէյին անունը աղբիւրներուն մէջ չի նշուիր։ Այլ, գիտենք որ պաղնցիները գիւղին մէջ կը կազմակերպեն դրամահաւաք եւ ի մի կը բերեն 200 օսմանեան ոսկիի գումար մը։ Այս դրամը պիտի ծառայէր դատական ծախսերը հոգալուն։ Ապա, Աւետիք Չօլոյեան կը մեկնի Պոլիս՝ իր հետ տանելով գիւղին հաւաքական բողոքագիրը։ Օսմանեան դատարանին մէջ տեղի կ՝ունենայ պաղնեցիներուն եւ գիւղին կալուածներուն տիրող պէյին միջեւ դատը, որ ըստ հայկական աղբիւրին կ՝աւարտի Պաղինի գիւղացիներուն յաղթանակով։ Այնուհետեւ պաղնցիները իրենք կը դառնան իրենց մշակելի հողերուն օրինական տէրերը։ Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, յաջորդող տարիներուն քիւրտ պէյերը հետզհետէ կը յաջողին վերականցնել իրենց միահեծանութիւնը այս գիւղէն ներս[20]։

1882ի սովը
Այս դրուագը նոյնպէս խոր հետք մը ձգած է գիւղին հաւաքական յիշողութեան վրայ։ Դէպքը կը պատահի 1882ի ամրան, երբ անթիւ մարախներ կը յարձակին գիւղին արտերուն վրայ ու կը բճացնեն բոլոր ցանքերը։ Պաղինի ձմեռնային ամբողջ պաշարն է, որ անակնկալօրէն կ՝ոչնչանայ եւ գիւղը կը դրուի սովի սպառնալիքին առջեւ։ Յայտնի է որ գիւղը դժուարին ձմեռ մը կ՝անցնէ եւ մեծ դժուարութիւններով դուրս գալ բնական այս աղէտէն[21]։

1895ի կոտորածը
Գիւղը միայն քանի մը զոհեր կու տայ այս զանգուածային բռնութեան ժամանակաշրջանին։ Պաղնցիներուն մեծամասնութիւնը ապաստան կի գտնէ դրացի քիւրտ գիւղերուն մէջ։ Յաճախ հայեր հիւրընկալած նոյն այս քրտական գիւղերուն բնակիչներէն կազմուած խուժանը կը յարձակի Պաղինի վրայ, կը կողոպտեն, կրակի կու տան շարք մը տուներ, կը քանդեն Ս. Սարգիս եկեղեցին[22]։

ՆԵՐԽԻ

1895ի կոտորածը

Բալու քաղաքին հիւսիսը եւ անկէ ոչ շատ հեռու գտնուող այս գիւղին մէջ բռնութեան դէպքերը ծայր կ՝առնեն 1895ի աշնան, կամ աւելի ճշգրիտ՝ Հոկտեմբեր ամսուն։ Առտու մը գիւղացիները իրենց բնակավայրը պաշարուած կը գտնեն բազմաթիւ թուրքերէ եւ քիւրտերէ։ Ամբողջ բնակչութիւնը ապաստան կը գտնէ համագիւղացի Պօղոս էֆենտի Պոզեանի եռայարկ ու քարաշէն բնակարանին մէջ։ Պօզեան ելեւմտական պետական պաշտօնեայ էր (սանտուք սարաֆի) եւ իր այս հանգամանքին բերումով ալ քանի մը ժանտարմաներ եկած էին զինք պաշտպանելու համար յարձակող խուժանէն։ Սակայն ոստիկաններուն ներկայութիւնը այստեղ երկար չի տեւեր։ Երբ խուժանին յարձակումները կը կեդրոնանան Պօզեանի բնակարանին վրայ, ժանտարմաները անմիջապէս իրենց ձիերը կը հեծնին ու կը հեռանան՝ թողելով գիւղի բնակչութիւնը իր բախտին։ Յարձակողները կը ջախջախեն ապարանքին դռներն ու պատուհանները ու ներս կը խուժեն։ Ծայր կ՝առնեն բռնութեան արարքները։ Այս փոքրիկ գիւղին մէջ կը սպաննուին 74 հայեր։

Ամբոխը կ՝անցնի նաեւ թալանի, իսկ հեռանալէն առաջ ալ գիւղին մեծ մասը կրակի կու տայ։ Այս կոտորածէն վերապրող հայերը կ՝ապաստանին մօտակայ Սագրաթ գիւղը, որ նաեւ նստավայրն էր Իպրահիմ եւ Ռիւշտի ազդեցիկ պէյերուն։

Արիւնալի այս դէպքերը պարզ է որ խոր հետքեր կը թողեն գիւղի հայերուն եւ անոնց դրացի բնակչութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններուն վրայ։ Ներխի գիւղին մասին այս վկայութիւնները գրող Պօղոս Մելիքեան կը նշէ, թէ ինք միայն մէկ տարեկան էր այս դէպքերուն ատեն, որոնց ընթացքին կացինահար կը սպաննուի նաեւ հայրը։ Ան նաեւ այս կոտորածներուն կը վերագրէ այն խօսքը, զոր յաճախ հայ գիւղացիներ իրենց յատուկ բարբառով կը կրկնեն իրենց լալկան երեխան լրեցնելու համար. «ձանըդ  կըյրէ թուրքը գուգա» [23]։

[1] Տիգրան Ս. Փափազեան, Պատմութիւն Բալու Հաւաւ գիւղի, տպ. Մշակ, Պէյրութ, 1960, էջ 14-16։

[2] Նոյն, էջ 17-21։

[3] Նոյն, էջ 22-28։ Յարութիւն Ձախսուրեան, Պատմութիւն Բալահովիտի հնուց մինչեւ մեր օրերը, տպ. Տօնիկեան, 1974, Պէյրութ էջ 388-389։

[4] Փափազեան, op. cit., էջ 141-143։

[5] Նոյն, էջ 233։

[6] Նոյն, էջ 22-28։

[7] Նոյն, էջ 50-53։

[8] Պօղոս Ծ. Վ. Նաթանեան, Արտօսր Հայաստանի կամ տեղեկագիր Բալուայ, Քարբերդու, Չարսանճագի, Ճապաղ Ջուրի, եւ Երզնկայու, 1883, Պոլիս, էջ 64-66։

[9] Ձախսուրեան, op. cit., էջ 411։

[10] Նոյն, էջ 415։

[11] Փափազեան, op. cit., էջ 41։

[12] Մեսրոպ Կռայեան, Բալու. Բալուի կեանքէն առնուած պատկերներ, յուշեր, չափածոյ քերթուածներ եւ արձակ էջեր, տպ. Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, 1965, Անթիլիաս, էջ 473-474։

[13] Փափազեան, op. cit., էջ 45-49։ Ձախսուրեան, op. cit., էջ 431։ Կռայեան, op. cit., էջ 473-476։

[14] Ձախսուրեան, op. cit., էջ 405։

[15] Կռայեան, op. cit., էջ 469։

[16] Նոյն, էջ 470։ Ձախսուրեան, op. cit., էջ 268-269։

[17] Կռայեան, op. cit., էջ 470։

[18] Բարունակ Թոփալեան, Հայրենի գիւղս Օխու, տպ. Հայրենիք, Պոսթըն, 1943, էջ 74-75։

[19] Նոյն, էջ 76-78, 85։

[20] Պատմութիւն Պաղնատան, հրատ. Պաղին գիւղի վերաշինաց ուսումնասիրաց միութեան, տպ. «Հայրենիք», Պոսթըն, 1966, էջ 125-128։

[21] Նոյն, էջ 128-131։

[22] Նոյն, էջ 131։

[23] Պօղոս Մելիքեան, Հայրենի շունչով, տպ. Համազգային, Պէյրութ, 1969, էջ 257-258։