Այլազան յօդուածներ

Վերականգնել գիւղի հայկական կեանքը. Մանուկ Ծերօն եւ Ալեւոր՝ յուշամատեան ժանրի իւրայատուկ հեղինակներ

Հեղինակ՝ Վահէ Թաշճեան, 28/05/14 (վերջին փոփոխութիւն՝ 28/04/14)

Յիշել հայրենի գիւղը, քաղաքը, հաւաքել այս վայրերու հայկական կեանքին մասին գրաւոր վկայագրութիւններ, ուսումնասիրութիւններ, լուսանկարներ, քարտէսներ, դրամահաւաք կազմակերպել նոյն գիւղի կամ նոյն քաղաքի հայրենակից հայերու շրջանակներուն մէջ, հրատարակել գիրք մը, ուր տեղ պիտի գտնեն բոլոր այս նիւթերը. այս եղած է տասնամեակներ շարունակ տարագիր առաջին սերունդէն շատ մը հայերու երազը։ Այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ 1920-ական թուականներէն սկսեալ հայկական Սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ կը սկսին լոյս տեսնել իրերայաջորդ գիրքեր, որոնց հեղինակները կը փորձեն վերընձիւղել իրենց սեփական բնակավայրին «հայկական» անցեալը։ Գիրը այստեղ կը դառնայ միջոց մը՝ անցեալ մը, անհետ կորած ժամանակ մը վերականգնելու ուղղութեամբ։ Նոյն այս հեղինակները համոզուած կը թուին ըլլալ, թէ իրենք վերջին վերապրողներն են հայ-օսմանեան այս ժամանակաշրջանէն, հետեւաբար վստահ են որ իրենց յաջորդող սերունդները անընդունակ պիտի ըլլան այս անցեալը իր ամբողջ հարազատութեամբ վերականգնելու։ Ուրեմն պէտք մը կը զգացուի անցեալի այս ժառանգութիւնը, այլ ժամանակներու այս քաղաքը կամ գիւղը գրութեամբ ու վկայութիւններով անմահացնելու։

Այս ժանրի գիրքերուն վերնագիրներուն կամ նախաբաններուն մէջ կը հանդիպինք յաճախ «Յուշամատեան», ինչպէս նաեւ «Յուշակոթող» կամ «Յուշարձան» բառերուն. այստեղէն կու գայ նաեւ անոնց տրուող յուշամատեան ընդհանուր անուանումը։ Սոյն փոխաբերութիւնները արտայայտիչ են։ Այսպէս, գիրքի մը հրատարակութիւնը կը վերածուի յուշաքարի մը զետեղման արարողութեան՝ այս պարագային ի յիշատակ հանգուցեալ քաղաքի մը կամ անվերադարձ ժամանակի մը։ Բայց այս յուշարձան-գիրքը պարտի նաեւ յաւիտեան պահել անցած ժամանակներու կեանքը, կորսուած քաղաքին յիշատակը՝ իր պատմութեամբ, սովորութիւններով, ճարտարապետութեամբ, հերոսներով, փառքով, խոհանոցով, երգերով, բարբառով, եւայլն։ Այլ խօսքով յուշամատեան ժանրի հրատարակութիւնը կոչուած է դառնալ այն ինչ որ Մարիանն Հիրշ բնորոշած է յետ-յիշողութիւն (postmemory) մը [1], որ գալիք սերունդներուն շնորհուած ժառանգութիւն մըն է։

Բազմահարիւր այս գիրքերը յաճախ յարանման են իրենց ներքին կառոյցով, ոճով եւ բովանդակութեան նիւթերով։ Անշուշտ կան անոնց մէջ մասնագիտական գործեր՝ այդ ժամանակներու հայ մտաւորականներու հեղինակութեամբ։ Ուրիշներ գրուած են պարզապէս գրել-կարդալ գիտցող մարդոց կողմէ, որոնք ամէն գնով փափաքած են վկայութիւն մը ձգել իրենց հայրենի բնակավայրէն։ Բայց կը կարծենք որ ճիշդ պիտի չըլլար այս ժանրի գիրքերուն միջեւ ներքին դասակարգումներ ստեղծել, որակական գնահատումներ սահմանել։ Վերջին հաշուով անոնցմէ իւրաքանչիւրը մանրապատմութիւն մըն է Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայաբնակ շրջանի մը, քաղաքի մը, գիւղի մը։ Այս իմաստով ալ անոնք ընդհարապէս զիրար ամբողջացնող են, անոնցմէ իւրաքանչիւրը տեղեկութիւններու հարուստ կամ նուազ հարուստ աղբիւրներ են։ Նոյնիսկ կարելի է ըսել որ հարիւրաւոր այս գիրքերուն մէջ տարտղնուած այս տեղեկութիւնները կը նմանին խճանկարի մը գոյնզգոյն քարերուն, որոնց կողք-կողքի շարելով է միայն որ նուազագոյն չափերով կարելի կը դառնայ վերստեղծել կորսուած ու այսօրուայ աշխարհին օտարացած պատկերը Օսմանեան հայուն ու անոր առօրեայ կեանքին։

Խարբերդի դաշտը իր հայկաբնակ գիւղերով ու քաղաքներով։ Քարտէսին մէջ Արածանի/Արեւելեան Եփրատ/Մուրատչայ գետը կ՚երեւի իր այսօրուայ հունով, նկատի ունենալով հոն կառուցուած քանի մը ամբարտակներ փոխած են գետին հոսանքը։ Քարտէսը պատրաստած է Ճորճ Աղճայեան եւ վերաշխատցուած է Յուշամատեանի խումբին կողմէ։
Այժմու անուններ. 1|Քաւաքփընար; 2|Քաւաքալթը; 3|Էլմափընարը; 4|Սարայպաշը; 5|Քուշլույազը; 6|Ալփայութ; 7|Այըպայ Քէօյ; 8|Օպուզ; 9|Սարըչուպուք; 10|Չէօթելի; 11|Հարմանթեփէ; 12|Հազար; 13|Կիւզէլեալը; 14|Ուզունթարլա; 15|Քորուճու; 16|Ետիկէօզէ; 17|Իքիզտեմիր; 18|Եօլիւսթիւ; 19|Էօրենճայ; 20|Եուրթպաշը; 21|Ուլուքենթ; 22|Իչմէ; 23|Քարշըպաղ; 24|Կիւնթաշը; 25|Քըզըլայ; 26|Հարբութ; 27|Տէտէյոլու; 28|Քաւաքթեփէ; 29|Շահինքայա; 30|Քըրաճ; 31|Կուրպէթ Մեզրէ; 32|Կիւմիւշքաւաք; 33|Քույուլու; 34|Ենիքափը; 35|Քոնաքալմազ; 36|Քէօրփէ; 37|Էլազիկ; 38|Մոլլաքենտի; 39|Չաթալչեշմէ; 40|Մունզուրօղլու; 41|Եիւնլիւճէ; 42|Պայլարճա; 43|Աքչաքիրազ; 44|Սարայ; 45|Սարըքամըշ; 46|Չայլար; 47|Կիւնկօրէն; 48|Պահչէքափը; 49|Աշայը Պաղ; 50|Եուքարը Պաղ; 51|Օլկունլար; 52|Դատըմ; 53|Տողանքուշ; 54|Եազըքոնաք; 55|Քուշհանէ; 56|Սինան; 57|Վիրանէ Մեզրէ; 58|Աքսարայ; 59|Ենեճի; 60|Ալթընչեւրէ; 61|Տեյիրմէնէօնիւ; 62|Մուրաթճըք; 63|Չաքըլ; 64|Քափլըքայա; 65|Էրպիլտի; 66|Սալքայա; 67|Իկոփքոյ; 68|Չաքմաքէօզիւ; 69|Տալըճա

Այս յօդուածին մէջ պիտի առանձնացնենք երկու գիրքեր, որոնք տպուած են 1930-ական թուականներուն. այսինքն անոնք կը համարուին այս ժանրի գրականութեան առաջին հրատարակութիւններէն։ Երկու գիրքերուն գլխաւոր իւրայատկութիւնը գիւղի հայկական կեանքին վերակենդանացման ճիգն է, որն խորքին մէջ աւելի շատ կարելի է կոչել իրագործում մը։ Երկու հեղինակները մեծապէս յաջողած են իրենց երկերուն մէջ վերստեղծել հայկական գիւղը իր առօրեայ բազմակողմանի երեսներով։ Երկու այս գիրքերն են՝

.Յարութիւն քհնյ. Սարգիսեան (Ալեւոր), Բալու. իր սովորոյթները, կրթական ու իմացական վիճակը եւ բարբառը (Գահիրէ, 1932)
.Մանուկ Պ. Ծերօն, Բարջանճ գիւղ. համայնապատում (1600-1937) (Պոսթոն, 1938)

1930-ական թուականներուն, այսինքն այն տարիներուն երբ երկու այս գիրքերը լոյս կը տեսնեն, Օսմանեան կայսրութեան հայաբնակ վայրերու գիւղական կամ քաղաքային առօրեայ կեանքը ծանօթ էր տարագիր ամբողջ սերունդի մը, որ ծնած ու ապրած էր նոյն այս վայրերուն մէջ։ Իսկ նոյն գիրքերուն մէջ նկարագրուած շատ մը սովորութիւններ, բարքեր, ճաշատեսակներ կամ երգեր քիչ թէ շատ նոյն ձեւերով ալ կը կրկնուէին հայկական Սփիւռքի գաղթօճախներուն մէջ։ Հետեւաբար, Մանուկ Ծերօնի եւ Ալեւորի գործերը, այդ ժամանակներու համաթեքսթին մէջ, կարելի է համարել հարազատ ներկայացումը գեղջական հայկական կենցաղի մը, որն արդէն ծանօթ էր շատերուն, իսկ ոմանց ալ առօրեային կը շարունակէր մաս կազմել։ Այս նպատակը Ալեւոր կ՚արտայայտէ իր գիրքին նախաբանին մէջ, երբ կը գրէ թէ իր կատարածը «մեռնող ժողովուրդի մը մասունքները հաւաքելու, համադրելու եւ յաւերժացնելու պարտականութիւն»ն է [2]։ «Մեռնողը» այս պարագային իր իսկ սերունդն է, իսկ Ալեւոր անոր ներկայացուցիչն է, գրի կ՚առնէ հաւաքական յիշողութիւն մը, որ ձօն մըն է, ինչպէս ինք կը գրէ, «հայրենիքիս յիշատակին»։ Աւելի սրտայոյզ ոճով մը նոյն բանը կ՚ըսէ նաեւ Մանուկ Ծերօն, երբ իր գիրքը կը նմանցնէ «Ազնուական մեր գիւղին ֆարաղաթ[ին]. այս, զոր իմ արցունքներուս մելանովը գրեցի, մեր ապագայ ժառանգորդներուն համար» [3]։ Այո՛, անոնց կատարածը առաքելութեան մը բնոյթը ունի. փոխանցել բալուական կամ բարջանճական իրենց սեփական, բայց նաեւ ամբողջ սերունդի մը պատկանող ինքնութիւնն ու յիշողութիւնը հարազատ զաւակներուն, թոռներուն եւ բոլոր գալիքներուն։

1) Տէր Յարութիւն Քհնյ. Սարգիսեան (Ալեւոր), Բալու. իր սովորոյթները, կրթական ու իմացական վիճակը եւ բարբառը (Գահիրէ, 1932)
2) Մանուկ Ծերօն,
Բարջանճ գիւղ. համայնապատում (1600-1937) (Պոսթոն, 1938).

Բայց այս հեղինակներուն միտքին մէջ մեռնողը միայն իրենց սերունդը չէ։ Անոնք համոզուած են որ կորսուողն ու անհետացողը նաեւ գիւղն է, այնպէս ինչպէս իրենք ճանչցած են զայն։ Մանուկ Ծերօն կը գրէ թէ ամէն տարի հեղեղներէ ետք գիւղին ակերն ու ջրուղիները մաքրողն ու նորոգողը միշտ հայերը եղած են։ Իսկ ճամբորդներէ հիմա կ՚իմանայ, որ Բարջանճի աղբիւրները եւ քեհրիզները այլեւս «չորցե՜ր են, հորերը փլե՜ր եւ խցուեր են, եւ միայն երկու վազուն աղբիւր եւ մէկ ջրլի հոր մնացեր են գիւղին մէջ» [4]։ Չենք գիտեր թէ որքան վաւերական է այսպիսի տեղեկութիւն մը, բայց վստահ ենք որ երկու հեղինակներն ալ իրազեկ էին որ 1920-ական թուականներէն սկսեալ Թուրքիոյ մէջ գործադրութեան դրուած էր ընդհանուր քաղաքականութիւն մը հայկական յիշողութեան ֆիզիքական հետքերը անհետացնելու միտումով։ Յաջորդող տարիներուն պիտի քանդուէին հայկական եկեղեցիներ, գերեզմաննոցներ եւ դպրոցներ, նոյն ժամանակ ալ պիտի թրքացուէին զանազան տեղանուններ։ Բարջանճ գիւղը հետագային կը դառնար Աքչաքիրազ, իսկ Ալեւորին այնքան շատ յիշատակած Բալու քաղաքը ամբողջովին պիտի քանդուէր եւ նոյնանուն քաղաք մը պիտի վերաշինուէր մօտ 2.5 քմ. արեւմուտք։ Երկու հեղինակներուն այնքան ծանօթ Խարբերդ քաղաքին հայկական թաղամասը – ուր երկուքն ալ ապրած ու պաշտօնավարած են – նոյնպէս ամբողջութեամբ պիտի քանդուէր, իսկ նոյն շրջանին մէջ իրենց ծանօթ նախկին հայաբնակ զանազան գիւղեր պիտի խորասուզուէին Եփրատի վրայ կառուցուած ամբարտակին ջուրերուն տակ։

Խարբերդ քաղաքէն համայնապատկեր (Աղբիւր՝ Ernst Sommer, Was ich im Morgenlande sah und sann, Bremen, 1926)

Ուրեմն նպատակը մեռնող սերունդին ու գիւղին ժառանգութիւնը պահպանելն է։ Անոնք գիտակից են, որ ժամանակի թաւալքին հետ կ՚անհետանան սովորութիւնները, կը փոխուին ընկերային ըմբռնումները, շատ մը պարագաներու կ՚օտարանայ լեզուն (իմա՛ հայերէնը), կը մարի հետաքրքրութիւնը այս նիւթերուն նկատմամբ։ Այս իմաստով պատահական չէ որ մանաւանդ Միացեալ Նահանգներ գրուած շատ մը յուշամատեաններու հեղինակներ տակաւին իրենց ողջութեան ժամանակ ծրագրած են իրենց գործին անգլերէնի թարգմանութիւնը՝ քաջ գիտնալով որ լեզուական խրամատ մը գալիք սերունդները պիտի բաժնէ իրենց գիրքէն։ Այստեղ ներկայացուող երկու գիրքերէն միայն Մանուկ Ծերօնինն է որ անգլերէնի թարգմանուած է։ Այսպէս, Մանուկ Ծերօնի զաւակը՝ Սուրէն Մ. Սէրօն, 47 տարիներ ետք կը կատարէ իր հօր կատարած խոստումը, այսինքն կ՚իրականացնէ գիրքին անգլերէն հրատարակութիւնը։

Այսօր, երբ փորձ կը կատարուի հայկական սկզբնաղբիւրներու միջոցաւ վերականգնելու Օսմանեան հայերու ընկերային միջավայրն ու առօրեայ կեանքը, Մանուկ Ծերօնի եւ Ալեւորի աշխատանքները մեր առջեւ կը ներկայանան իբրեւ շողշողացող փարոսներ, որոնք առաւելագոյնս կը լուսաւորեն մեր ուղին։ Փաստօրէն, այս գիրքերուն մէջ կը վերընձիւղուի ո՛չ միայն հայկական կորսուած անցեալ մը, այլեւ՝ ամբողջ գեղջական ժառանգութիւն մը, որ նոր կեանք կ՚առնէ այս էջերուն մէջ ու կ՚արժեւորուի։ Գիւղական տան շինութիւնը, արտերու մշակութիւնը, ռենչպերին գործիքները, խաղողի, ցորենի, թութի մշակութիւնը եւ անոնցմէ պատրաստուած ուտելիքներն ու խմելիքները, տուրքերը, դպրոցները, աղան եւ պէյը, տնայագործութիւնը, գիւղական խաղերն ու տօները. մէկ խօսքով երկու այս հեղինակները ընթերցողին առջեւ կը բանան գիւղական կեանքի բազմագոյն ու բազմաբնոյթ էջերը, կը ներկայացնեն գիւղական ընկերային միջավայրը՝ յստակ, խորաթափանց ու հարուստ նկարագրութիւններով։ Այս բոլորը մեզի կը մղեն նաեւ յայտնելու որ գործ ունինք երկու իւրայատուկ մանրապատումներու հետ, որոնք փաստօրէն հիանալի լուսարձակներ են Օսմանեան կայսրութեան հայ գիւղին, այնտեղի կեանքին ու տիրող ընկերային պայմաններուն վրայ։ Այս գիրքերուն ճամբով կարելի կ՚ըլլայ աւելի մօտէն սերտել, ուսումնասիրել եւ հասկնալ այս անհետ կորած տիպարը՝ Խարբերդի կամ Բալուի հայ գիւղացին։

Մանուկ Ծերօն՝ տաղանդաւոր ճարտարապետը կամ ինչպէս պետութիւն մը իր սահմաններէն կը հեռացնէ տաղանդներ


Մանուկ Ծերօնի մեծ հայրը՝ Ծերօն վարպետ, Բարջանճ գիւղին մէջ յայտնի ատաղձագործ մըն էր, որ իր արհեստին մէջ այնքան հմտացած էր որ սկսած էր նաեւ ճարտարապետութիւն ընել։ [5] Ծերօն վարպետ գլխաւոր խալֆան եղած է գիւղին բաղնիքին, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ, պէյերու պատկանող զանազան քոնաքներու (ապարանք) շինութեան աշխատանքներուն։ Բողոքական այս բարջանճցին Պոլիս ալ գացած է ու կարեւոր կառոյցներու շինութեան գործին ճարտարապետութիւն ըրած։ Ծերօն վարպետին որդին՝ Պետրոս Ծերօն (Մանուկին հայրը), աւելի եւս կը կատարելագործէ այս արհեստը, հեղինակաւոր վարպետ մը կը դառնայ, որ կը տիրապետէր ատաղձագործութեան, կահագործութեան, մեքենագիտութեան, ճարտարապետութեան եւ երկրաչափութեան։ Խարբերդի դաշտին մէջ շատ մը եկեղեցիներ իր գործերն են, ինքն է նաեւ Բարջանճի վարի եւ վերի թաղերու մզկիթներուն շինութեան եւ վերաշինութեան ճարտարապետը։ Իր ու եղբօր՝ Պօղոսի, միասնական գործերն են նաեւ Մեզիրէի մէջ շատ մը պետական եւ կրօնական կառոյցներ, ինչպէս օրինակ Իզզէթ փաշայի մզկիթը, կառավարական պաշտօնատունը, զօրակայանը, մեքթէպի ռուշտիէն (mekteb-i rüşdiye), բանտը, զինուորական վարժարանը. Տիարպեքիրի մէջ՝ զինուորական արհեստանոցը, իսլահ խանը. Ատանայի մէջ՝ կառավարական շէնքը։ [6]

Ահաւասիկ այսպիսի վարպետ արհեստաւորներու ընտանիքի մէջ կը ծնի Մանուկ Ծերօն, Բարջանճի մէջ, 16 Դեկտեմբեր 1862-ին։ Գիւղական դպրոցը աւարտելէ ետք, չորս տարի կ՚ուսանի Խարբերդ քաղաքի ամերիկեան «Եփրատ» գոլէճին մէջ եւ 1881-ին կ՚աւարտէ անոր ընթացքը։ Այնուհետեւ կարճ ժամանակով ուսուցչութիւն կ՚ընէ Արաբկիրի, Պիթլիսի, ինչպէս նաեւ Խարբերդ քաղաքի Ս. Յակոբ վարժարանին մէջ։ Պիթլիս իր կեցութեան ընթացքին կը ծանօթանայ Մկրտիչ Սարեանին [7], Մարկոս Նաթանեանին [8] եւ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցին [9]։

Սուլթան Ապտիւլհամիտ Բ.ի գահակալութեան տարիներն են։ Մանուկ Ծերօն կ՚իմանայ որ Պոլսոյ մէջ բացուած է կիսա-զինուորական երկրաչափական գիշերօթիկ-դպրոց մը (հենտեսէի միւլքիէ, hendese-i mülkiye)՝ չորս տարուայ դասընթացքով, ուսումը ձրի «օսմանեան հպատակներուն համար անխտիր»։ Խարբերդը կը ձգէ ու կը շտապէ Պոլիս՝ իր ու ընտանիքին երազը իրականացնելու համար. այսինքն Ծերօններու տաղանդաւոր այս ճարտարապետներու ընտանիքին մէջ ի վերջոյ ունենալու ուսեալ ճարտարապետ մը։ Դպրոցը կը գտնուէր Պատերազմական նախարարութեան իրաւասութեան տակ, իսկ նախարարն ալ մտերիմ մըն էր Պոլսոյ հայ համայնքի երեւելիներէն՝ Աբիկ էֆենտի Ունճեանին։ Այս վերջինը նախարարին մօտ կը միջամտէ ի նպաստ Մանուկ Ծերօնին դպրոց մուտքին։ Բարջանճցի երիտասարդը մուտքի քննութիւններերը յաջողութեամբ կ՚անցնէ, բայց նախարարը Աբիկ էֆենտիին խորհրդաբար կը յայտնէ թէ Սուլթանին գաղտնի հրամանն է միայն իսլամներ այս դպրոցէն ներս ընդունիլ։ Այս անգամ հաստատութեան տեսուչը Ծերօնին կ՚առաջարկէ իսլամանալ՝ դպրոցին դռները իր առջեւ բանալու համար։ Կը մերժէ եւ փոխարէնը կը սկսի յաճախել Շինարարութեան նախարարութեան պատկանող երկրաչափական դպրոցը, ուր ուսումը վճարովի էր։ Երկու տարի կը հետեւի այս դասընթացքներուն, նոյն ժամանակ Ֆէրիգիւղի (Feriköy) թաղային դպրոցին մէջ ուսուցչութիւն, իսկ թաղական խորհուրդին մէջ ալ գրագրութիւն կ՚ընէ՝ ուսման եւ կեցութեան ծախսերը ապահովելու նպատակով։ 1886-ին կը վերադառնայ Խարբերդ, կը ստանձնէ նահանգային երկրաչափ-օգնականի պաշտօնը եւ չորս տարի շարունակ կը զբաղի ռազմական խճուղիներու շինութեամբ։ 1887-ին կ՚ամուսնանայ Իչմէ գիւղէն՝ Եղսային հետ, Բարջանճի մէջ կը ծնին իրենց դուստրերը՝ Սաթենիկը եւ Նուարդը։ [10]

Բարջանճի մէջ երկյարկանի տունի մը յատակագիծը։ Տունը կը պատկանի Խոճկանց ազգանունը կրող հայ ընտանիքին։ Յատակագիծը լոյս տեսած է Մանուկ Ծերօնի գիրքին մէջ, զայն պատրաստած է նոյնինքն հեղինակը, ապա՝ վերագծած անոր որդին՝ Լեւոն Ծերօն։ Այս էջով ներկայացուածը Յուշամատեանի կազմին կողմէ վերաշխատցուած տարբերակն է։ Ձգտած ենք հարազատ մնալ բնատիպին, նոյն ժամանակ փորձած ենք տեսողական նոր արժէք մը տալ այս հիանալի վաւերաթուղթին։

Մանուկ Ծերօն իր գիրքին մէջ կը պատմէ նաեւ Բարջանճէն հայերու կազմակերպուած գաղթի հետաքրքրական դրուագ մը, որուն ինքն ալ մասնակից է։ Այսպէս, իր հօրեղբօր՝ Պօղոսի, եւ եղբօր՝ Յարութիւնի, նախաձեռնութեամբ Բարջանճի մէջ 200 արհեստաւոր ընտանիքներ կը կազմեն համագործակցական ընկերութիւն մը, որուն նպատակն էր ամբողջ կազմով տեղափոխուիլ Մարաշ քաղաքի հարաւ-արեւելքը գտնուող Պազարճըքի (‪Pazarcık) բարեբեր դաշտը‬։ Ընկերութիւնը Մարաշի տեղական իշխանութիւններուն կանխիկ գումար մը վճարելով կը գնէ ընդարձակ տարածք մը, իսկ այս գործողութիւնն ալ կը վաւերացուի Հալէպ վիլայէթի կառավարութեան կողմէ, որուն ենթակայ էր Մարաշը։ Ամէն ինչ կը կատարուի օրինական ձեւով եւ կ՚առնուի զանգուածային այս տեղախումը իրականացնելու արտօնութիւնը։ Բարջանճցի գիւղացիները համոզուած էին որ Պազարճըքի մէջ կրնային նոր կեանք մը սկսիլ, այսինքն դառնալ իրենց հողին ու ինչքին սեփականատէր, Բարջանճի պէյերէն եւ աղաներէն հեռու՝ բանիլ իրենց արհեստը եւ մշակել արտը։ Բայց Բարջանճի մէջ ազդեցիկ թուրք պէյ մը՝ Քոռ Համիտ, կը փորձէ արգելք կենալ այս ծրագիրին։ Դաւադրութեան կը միանայ նաեւ պէյին հաւատարիմներէն՝ Մուրոյենց Օվանէսը (հայ մը)։ Կեղծ նամակ մը կը պատրաստեն, ըստ որու գաղթողները կ՚երթան միանալու Զէյթունի հայ ապստամբներուն։ Գրութիւնը կը յանձնուի Մեզիրէի կուսակալին, որ կարեւորութիւն չընծայէր անոր, բայց դաւադիրները ապա զայն կը ներկայացնեն Հալէպի կուսակալին, որ անմիջապէս կը տեղեկագրէ Պոլիս՝ կեդրոնական իշխանութիւններուն։ Գաղթը կը կասեցուի, դատաքննութիւն կը բացուի, կը ձերբակալուին Պօղոս Ծերօնը, եղբայրը՝ Պետրոս, եւ այս վերջինին երկու որդիները՝ Յարութիւն եւ Մանուկ։ Անոնք երկու ամիս բանտարկուած կը մնան, բայց նոյն ժամանակ երեւան կը հանուի զրպարտութիւնը։ Ծերօնները օսմանցի պաշտօնակատարներու մեծագումար կաշառքներ վճարելէ ետք, ազատ կ՚արձակուին, Յարութիւնն ու Պօղոսը կը շարունակեն հետապնդել գաղթի ծրագիրը, բայց այս անգամ պետական արգելքները անյաղթահարելի կ՚ըլլան։ Այս պայմաններուն մէջ Պազարճըքի ծրագիրը վերջնականպէս կը դադրեցուի եւ բարջանճցի հայ գիւղացիները ոչ մէկ փոխ-հատուցում կը ստանան իրենց կատարած հսկայական ծախսերուն համար։ ‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬[11]

Մանուկ Ծերօն կ՚անցնի երկրաչափ-օգնականի իր պաշտօնին գլուխը։ Մեզիրէի կուսակալը նկատի ունենալով երիտասարդ ճարտարապետին չորս տարիներու գոհացուցիչ գործունէութիւնը, նամակ կը յղէ Պոլիս՝ պաշտօնի բարձրացում առաջարկելով։ Բայց 1889-ին մայրաքաղաքէն հրաման կը հասնի ճարտարապետական եւ ճարտարագիտական պետական հաստատութիւններէն բոլոր հայերը վտարելու։ Այս պայմաններուն մէջ Մանուկ Ծերօն որոշում կ՚առնէ հեռանալու Օսմանեան կայսրութենէն եւ 1890-ին կը հասնի Միացեալ Նահանգներ եւ կը հաստատուի Ուստր քաղաքը, որմէ ետք կ՚անցնի Շիքակօ, ապա՝ Ճոլիէթ։ 1893-ին իրեն կը միանան կինը եւ դուստրը՝ Նուարդը։ Միացեալ Նահանգներու մէջ կը ծնին վեց որդիներ եւ մէկ դուստր։ Մանուկ Ծերօն կը մահանայ 1938-ին։‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬ [12]

Այս հակիրճ կենսագրականը ցոյց կու տայ որ գործ ունինք օսմանեան վարչակարգին հակասութիւններուն ու ծայրայեղութիւններուն քաջածանօթ հայու մը հետ, որ նոյն ժամանակ յայտնի ճարտարապետ մըն է, մօտէն ծանօթ է իր գիւղին ու այնտեղի կեանքին։ Այս բոլոր տուեալներն ալ լաւապէս արտայայտուած են իր գիրքին մէջ։

Ալեւոր. գիւղերու քահանան, կամ Բալուի եւ Խարբերդի շրջաններու գեղջական կեանքի քաջածանօթը


Յարութիւն քհն. Սարգիսեանի մասին կենսագրական տեղեկութիւնները բաւական կցկտուր են։ Ան ծնած է 1864-ին, Բալու գաւառակի Թրխէ գիւղը (ներկայիս Քեքլիքտերէ)։Կը յաճախէ գիւղին վարժարանը։ 1875-ին հօրը հետ կ՚երթայ Պոլիս, ուր կը յաճախէ Սամաթիոյ Սահակեան վարժարանը։ 1877-ին կը վերադառնայ իր գիւղը, ապա կը յաճախէ Խարբերդ քաղաքի Ս. Յակոբ վարժարանը (Թլկատինցիի տնօրէնութեամբ)։ 1894-ին Ուրֆայի մէջ կը ձեռնադրուի քահանայ եւ կը պաշտօնավարէ Խարբերդի Թեմին պատկանող Սարըքամըշ գիւղին մէջ մինչեւ 1895։ 1896-1901 կ՚ապրի Խարբերդ քաղաքին մէջ, ուր քահանայութիւն կ՚ընէ Ս. Յակոբ թաղամասին մէջ, կրօնքի դասեր կու տայ նոյն թաղամասի ծխական վարժարանին մէջ, նոյն ժամանակ ալ կը հետեւի հայերէնի եւ գիտութեան դասընթացքներուն։ 1901-1902 քահանայութիւն կ՚ընէ Խարբերդի Քէսիրիկ գիւղին մէջ, ապա, 1903-1907՝ նոյն պաշտօնը կը վարէ Արղանա Մատէնի մէջ։ Այս գիւղին մէջ, Ալեւորին նախաձեռնութեամբ հայկական վարժարանը կը վերանորոգուի ու ինքն ալ կը դասաւանդէ նոյն հաստատութեան մէջ։ 1908-ին զինք կը գտնենք Ատանայի մէջ, ապա, իբրեւ քահանայ՝ Մերսինի։ 1909-ին կ՚անցնի Եգիպտոս, ուրկէ մտադիր էր անցնիլ Միացեալ Նահանգներ։ Բայց կը մնայ Գահիրէ, կրօնագիտութիւն եւ եկեղեցական պատմութիւն կը դասաւանդէ տեղւոյն Գալուստեան վարժարանին մէջ, Առաջնորդական փոխանորդի պաշտօնը կը վարէ 1911-1914 եւ 1916-1934։ Որոշ ժամանակ ինքն էր հայ բանտարկեալներու կրօնական հովիւը, որ կ՚այցելէր եգիպտական բանտերը։ Ունի գլխաւորաբար կրօնական թեմաներով բազմաթիւ յօդուածներ, զորս ստորագրած է տարբեր գրչանուններով, ինչպէս Փայլակ («Լոյս» թերթին մէջ), Ճամբորդ («Բիւզանդիոն» օրաթերթ, Պոլիս), Նորեկ վշտակիր («Լուսաբեր» եռօրեայ թերթին մէջ, Գահիրէ), Արածանի («Սիոն» ամսագիրին մէջ, Երուսաղէմ, ինչպէս նաեւ «Յառաջ» օրաթերթ, Փարիզ) եւ անշուշտ Ալեւոր («Լուսարձակ» շաբաթաթերթին մէջ)։ Կը մահանայ Գահիրէ, 24 Յուլիս 1947-ին։ [13]

Մանուկ Ծերօնի օրինակով, Ալեւոր նոյնպէս բաւական կանուխ հեռացած է իր հայրենի գիւղէն, բայց ասիկա պատճառ մը չէ որ ծննդավայրին յիշողութիւնը հետզհետէ մարի անոր մէջ։ Ընդհակառակը, ինչպէս թրխեցի քահանան կը գրէ՝ «հայրենի գաւառիս դարաւոր գոյութեան եղերական փլուզումէն յետոյ, անոր երազը, երեւակայութեանս մէջ աւելի ուժգնութեամբ ապրելու սկսաւ (…)»‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬ [14]։ Մինչեւ իր Կիլիկիա կարճատեւ կեցութիւնը եւ այնուհետեւ վերջնականապէս Եգիպտոս հաստատուիլը, Ալեւոր փաստօրէն իր կեանքի կէսը ապրած է գիւղական միջավայրին մէջ։ Թրխէ, Սարըքամըշ, Քէսիրիկ, Արղանա Մատէն. ասոնք բոլորն ալ գիւղեր են, ուր Ալեւոր գործած է իբրեւ հոգեւոր հովիւ եւ կրթական մշակ, բայց վստահ ենք նաեւ իբրեւ սովորական գիւղացի, որ զանազան տնայագործական ու երկրագործական աշխատանքներ կ՚ընէր։

Երկարգործութիւն, արհեստներ, տօներ, սովորութիւններ, ընտանիքներ. առօրեային վերականգնումը


Թէ՛ Մանուկ Ծերօնի եւ թէ Ալեւորի գիրքերուն առանցքը կը կազմէ գիւղական կեանքին հարազատ վերարտադրութիւնը։ Երկու հեղինակներն ալ փորձած են իրենց լաւագոյնը տալ այս ծրագիրին իրականացման համար։ Ալեւորի պարագային ամբողջ հատորը յայտնապէս իր սեփական ճիգին արտադրութիւնն է։ Այս գործը գիրքի ձեւին տակ հրատարակուելէ առաջ, 1927-էն մինչեւ 1928 իբրեւ թերթօն լոյս տեսած է Գահիրէի «Լուսարձակ» շաբաթաթերթին մէջ, սակայն շարքը կանգ առած է նոյն այս թերթին փակուելուն պատճառով։ 1930-ին Ալեւոր քանի մը շաբաթով առիթ կ՚ունենայ այցելելու Պէյրութ եւ Դամասկոս, ուր նոր տեղեկութիւններ կը հաւաքէ այս վայրերուն մէջ ապրող բալուցի իր հայրենակիցներէն, իսկ 1932-ին ալ այս բոլորը կը հրատարակէ առանձին հատորով մը [15]։ Ի տարբերութիւն Ալեւորին, Մանուկ Ծերօնի գիրքին պատրաստութեան մէջ կը նկատուին նաեւ հաւաքական աշխատանքի մը հետքերը։ Եթէ Ալեւորի գիրքը այս իմաստով բացառութիւն մըն է, պէտք է ըսել որ հաւաքական այս աշխատելաձեւով կը յատկանշուին յուշամատեան ժանրի շատ մը գիրքեր։ Բարջանճի գիրքին նախաձեռնող կողմը Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործող նոյն գիւղի հայրենակցական միութիւնն է, որ յատուկ գումար մը կը հանգանակէ այս գիրքին հրատարակութեան համար եւ անոր պատրաստութիւնը կը յանձնէ Մանուկ Ծերօնի։ Այս վերջինին անձնական դրոշմը որքան ալ որ անուրանալի է գիրքին իւրաքանչիւր էջին վրայ, բայց եւ այնպէս կարգ մը տեղեկութիւններու հաւաքման հարցով ան դիմած է իր հայրենակիցներուն, որոնք իրենց գիւղին պատմագիրին փոխանցած են այլազան վկայութիւններ։ Մանուկ Ծերօն գիրքը պատրաստած է 1931-էն մինչեւ 1937։

Առաջին հայեացքով մը զգալի նմանութիւններ կարելի է գտնել երկու հեղինակներուն նկարագրութիւններուն մէջ։ Այս մէկը բնական է, նկատի ունենալով որ Խարբերդ եւ Բալու աշխարհագրական միեւնոյն գօտիին մէջ կը գտնուին եւ երկու վայրերուն միջեւ սովորութիւններու, բարբառի, երկրագործական աւանդական աշխատելաձեւի, տարազի, տնաշինութեան, տնայագործութեան եւ այլ ոլորտներու վերաբերող տարբերութիւնները ընդհանրապէս մեծ չեն։ Այս պատճառով ալ երկու գիրքերուն միջեւ կը ստեղծուի բնական մօտիկութիւն մը եւ զանազան նիւթերու մասին անոնք կը դառնան զիրար ամբողջացնող գործեր։

Բարջանճ գիւղին մէջ Կելեն Արութին պատկանող գործարան մը, ուր խոզակներէն մետաքս թել կը քաշուի.
1) պղնձեայ տաշտ, 2) խոզակ, 3) օճախ, 4) սուրֆա, 5) տոլապ, 6) կեթ-կալ, 7) ճախարակ (ալմաճուղ), 8) կարթ (պեռ), 9) մտրակ, 10) թոփ, 11) գլխաւոր ճախարակ (պաշլըխ), 12) լար
Գծեց՝ Մանուկ Ծերօն, վերագծեց՝ Լեւոն Մ. Ծերօն, 1933 թուականին (Աղբիւր՝ Մանուկ Պ. Ծերօն, Բարջանճ գիւղ. համայնապատում (1600-1937), Պոստոն, 1938

Երկու հեղինակներն ալ գիւղական կեանքը կը նկարագրեն ամենայն բնականութեամբ, երկուքն ալ գիւղի զաւակներ են։ Ալեւորի պարագային յայտնի է որ ան եղած է նաեւ մշակ, անձամբ բանած է իր նկարագրած երկրագործական կամ տնայագործական գործիքներէն շատերը։ Իսկ Մանուկ Ծերօն մասնագէտ մեքենագէտ եւ ճարտարապետ է եւ անոր համար յայտնապէս հաճելի ժամանց մըն է գիւղին տուներուն շինութիւնը, ջաղացքներուն ընդհանուր կառոյցը, երկրագործական մեքենաներու օգտագործման ցուցումները բացատրելն ու նկարագրելը։ Օրինակները աւելի լաւ կրնան պարզել այս միտքը։

Բամպակին նկարագրութիւնը իր մշակութենէն մինչեւ թելի վերածուիլը Ալեւորի գործին գլուխ-գործոցներէն մէկն է։ Տարակոյս չկայ որ հեղինակը ինք լաւապէս ծանօթ եղած է այս մշակութեան եւ արհեստին, իր նկարագրութիւնն ալ էապէս հիմնուած է անձնական փորձառութեան մը վրայ։ Երկրարգործական այս գլուխը ծայր կ՚առնէ բամպակի հունտերը ցանքի համար պատրաստելու գործողութեամբ, ապա կը ներկայացուի նոյնինքն ցանքը, որուն կը յաջորդէ քախանքը, որ բամպակի արտերէն վնասակար ու աւելորդ խոտերը մաքրելու աշխատանքն է։ Այնուհետեւ կարգը կու գայ բամպակ կռտելուն. այլ խօսքով բամպակի ցողուններու վերի ծայրամասը քիչ մը կը կտրեն, որպէսզի բամպակը աւելի աճի եւ ճիւղեր արձակէ։ Յետոյ արդէն կը ծաղկի ընկոյզը (բամպակի չբացուած խոզակը), որ շուտով կը վերածուի խճէճի (բացուած խոզակի)։ Արտերու աշխատանքը կ՚աւարտի խոզակներուն քաղով։ Բամպակի բերքը կը բերուի գիւղացիին տունը, ուր ծայր կ՚առնէ զանազան փուլեր ընդգրկող արհեստագիտական աշխատելաձեւ մը, որ Բալու գաւառակի, ինչպէս նաեւ Խարբերդի դաշտի հայերուն մօտ պէտք է ըլլայ հնամենի ժառանգութիւն մը։ Առաջին փուլը չալխաւուին գործածութիւնն է, որուն ճամբով կարելի կ՚ըլլայ բամպակէն անջատել անոր փաթթուած տունկերը, տերեւները, հողն ու փոշին։ Ապա, պէտք է մաքրուած խճէճները մէկ առ մէկ զատել իրենց չոր եւ սուր կեղեւներէն։ Ասկէ ետք կը բանեցուի ուրիշ գործիք մը՝ ճըրճըրը, որ բամպակը կը զատէ իր հունտերէն։ Կարգը կու գայ այս անգամ բամպակ գզելու, կամ աղնելու աշխատանքին, որ մաքուր խճէճները քաշքշելով աւելի եւս կոկելու եւ մաքրելու գործողութիւնն է։ Ասոր կը յաջորդեն ջահրակին (ջայր, ճախարակ) եւ նազուկին գործածութիւնները, որոնց ճամբով կարելի կ՚ըլլայ բամպակը վերածել այս անգամ մանած թելի, զոր կ՚ոլորեն մասուրաներուն վրայ։ Իսկ այս վերջիններն ալ կը զետեղեն տաստաճաղին վրայ, կը պատրաստեն հենքը, որմէ ետք ալ արդէն կարելի է սկսիլ հորի (ոստայն) աշխատանքին, այսինքն բուն իսկ կտաւագործութեան, կամ ոստայնանկութեան։ Ալեւոր 24 էջեր կը տրամադրէ այս բոլորին նկարագրութեան համար [16]։ Ան, իր ամենայն մանրամասնութիւններով, կը վերականգնէ ոստայնանկութեան սոյն հնամենի արհեստը, որ իր այս բալուական տեղայնական եղանակին մէջ համոզուած ենք որ արդի ժամանակներուն արդէն կորսուած աշխատելաձեւ մըն է։ Ոչ-մասնագէտ ընթերցողին համար անիկա կրնայ որոշակիօրէն ծանր ու երբեմն ձանձրացուցիչ թուալ, իսկ մասնագէտին համար ալ նկարագրական որոշ հատուածներ կրնան անհասկնալի ըլլալ։ Այն տպաւորութիւնը ունինք որ Ալեւոր գրած է արագ, չէ վերանայած իր թեքսթը եւ չէ վերաշխատած անոր վրայ։ Այս բոլորին վրայ պէտք է աւելցնել, որ այս էջերուն մէջ բազմաթիւ են կտաւագործութեան եւ ընդհանրապէս գիւղատնտեսութեան վերաբերող մեծապէս հարուստ բառապաշար մը. այս բառերէն շատեր, ոչ միայն անգործածելի բառեր են արդի ժամանակներուն, այլ նաեւ անոնցմէ ոմանց նշանակութիւնը անգտանելի է ամէնէն մասնագիտական բառարաններուն մէջ անգամ։ Հակառակ այս բոլորին, Ալեւորին այս հատուածը – ինչպէս նաեւ ամբողջ գիրքը – հիանալի աղբիւր մըն է բոլոր անոնց համար որոնք կ՚աշխատին վերականգնել Օսմանեան հայուն ժառանգութիւնը, այս պարագային գիւղական առօրեայ կեանքը, որուն հիմնական մասնիկներէն էր բամպակէն կամ բուրդէն հիւսուածքներ գործելու արհեստը։

Երկրագործական եւ տնայագործական առարկաներ, որոնք գործածուած են Խարբերդի եւ Բալուի դաշտերու հայերուն կողմէ։

Նոյնքան եւ աւելի հարուստ է Ալեւորին գիրքին մէջ ցորենի մշակութեան գլուխը, որուն կը տրամադրէ 33 էջեր։ Այստեղ զիրար կը յաջորդեն մանրամասն տեսարանները ցանքին, հունձքին, կալին պատրաստութեան։ Ապա, կալատեղիին մէջ ցորենի խուրձերը կը կամնուին, հատիկները յետոյ կը հոսուին ու կը տեփրուին։ Այնուհետեւ, իրենց թեփերէն, յարդէն, փոքրիկ քարերէ զտուած հատիկները ջուրի մէջ կը խաշուին, կը մէյնուին (խաշուած ցորենը արեւուն տաք չորցնելը), տինկով կը ծեծուին, կը մաղուին եւ կ՚աղացուին։ Այս բոլորէն ետք պատրաստ կ՚ըլլայ արդէն Բալուի եւ Խարբերդի ճաշերուն գլխաւոր բաղադրիչը՝ պլղուրը [17]։

Ալեւոր կը շարունակէ երկրագործական իր աւանդական գիտելիքները գրի առնել։ Կը հասնի թութի մշակութեան, թութէն պատրաստուող ռուպին, պաստեղին եւ օղիին նկարագրութեանը [18]։ Մեծապէս հարուստ են նաեւ Ալեւորի գիրքին այն էջերը, ուր ան կը գրէ խաղողի մշակութեան, այգեպանութեան, այգեկութի (էգեկիթ), խաղողէն չամիչ, ռուպ, պաստեղ, գինի պատրաստելու աշխատանքներուն մասին [19]։

Յատուկ նշանակութիւն ունի Ալեւորի գրած ձկնորսութեան բաժինը [20]։ Այս հատուածը կը վերաբերի Արեւելեան Եփրատի (Արածանի, Մուրատ չայ) մէջ գոյութիւն ունեցող ձուկերուն եւ հայերու կողմէ զանոնք որսալու ձեւերուն։ Ձուկերուն անունները յայտնի է որ մեծ մասամբ հայերու գործածածներն են, այլ խօսքով այստեղ Ալեւոր կը վերականգնէ անհետացած խումբի մը տեղական բոլորովին մոռցուած բառապաշարը։ Ան նաեւ զանազանութիւններ կը դնէ քաղաքացի եւ գիւղացի ձկնորսներուն գործածած ուռկաններուն կամ ընդհանրապէս ձուկ որսալու ձեւերուն միջեւ։ Սոյն հատուածը գիրքին հազուագիւտ տեղերէն է, ուր Ալեւոր իր սովորական համեստութենէն դուրս կու գայ եւ անձնական դէմքով խօսելով՝ կը նշէ թէ ինք թրխեցի է, այսինքն Արածանի ափին ապրած գիւղացի մը. այնպէս որ «լաւ գիտեմ թէ ի՞նչպէս եւ ի՞նչ կերպով ձուկ կ՚որսացուէր հոն, մանաւանդ որ յաճախ առիթն ունեցած եմ ես ձկնորսներու հետ ձկնորսութեան երթալու եւ մասնակցելու անոնց աշխատանքներուն» [21]։

Բայց ճիշդ ու ամբողջական գնահատական տուած պիտի չըլլանք եթէ բաւարարուինք յայտնելով որ Ալեւոր եւ Մանուկ Ծերօն իրենց գիրքերուն մէջ լոկ գիւղական կորսուած ու մոռցուած տեսարաններ վերականգնողներ են։ Անոնց կատարածը աւելի՛ն է. ճիշդ է որ իրենց գործերը գրական բնոյթ չեն կրեր, բայց անոնց մօտ կը զգացուի յատուկ ճիգ մը – եւ այս մէկը զգալի է մանաւանդ Մանուկ Ծերօնի մօտ – գիւղական մթնոլորտներ վերստեղծելու, իրական պահեր վերապրեցնելու։

Այսպէս, երկու հեղինակներն ալ երկարօրէն գրած են գիւղերու մէջ հայկական տօնակատարութիւններուն, անոնց արարողակարգին, տօներուն առնչուող տեղական սովորութիւններու մասին։ Նոյնքան մանրամասն անոնք ներկայացուցած են կրօնական բարքերը (կնունք, ամուսնութիւն, թաղում)։ Ինչ որ հետաքրքրական կը գտնենք այն է որ թէ՛ Մանուկ Ծերօն եւ թէ Ալեւոր այս նկարագրութիւններուն կը կցեն հաւանական զրոյցներ, որոնք այս առիթներով պիտի կատարուէին գիւղացիներուն միջեւ։ Մանուկ Ծերօնն է որ ամէնէն շատ կը դիմէ այս հնարքին։ Օրինակ, ան կը նկարագրէ ամունութեան մը նախապատրաստութիւնը, անոր առաջին փուլը, այսինքն խօսկապը։ Երկու կողմի մայրերը իրենց հաւանութիւնը տուած են եւ գործը անցած է տան տղամարդոց ձեռքը։ Աղջկան եւ տղուն կնքահայրերը, հետերնին առնելով բարեկամ մը, այցելութեան կու գան աղջկան տունը։ Մանուկ Ծերօն այս առիթով կը վերակենդանացնէ բարբառային խօսակցութիւնը, որ այս առիթով տեղի կ՚ունենայ տան մէջ։ Խայտաբղէտ այս զրոյցը կ՚աւարտի տղուն ընտանիքին կողմէ աղջկան ծնողներուն վճարուելիք գումարին ճշդումով, որմէ ետք ալ կը հաստատուի խօսկապը, այսինքն պսակին նախորդող հիմնական փուլերէն առաջինը [22]։

Մանուկ Ծերօն իր այս զրոյցներուն մէջ կը գործածէ բարջանճցի գիւղացիներու իրական անուններ։ Տեփօ Կարօն, Քիլարճի Կարամուի կին Եղսօն, Կելէն Արութի կին Վարդօն, Ջաղըպան Հոբբալա Տօնօն եւ ասոնց նման շատ ուրիշներ գիւղին մէջ ապրող անձեր են, որոնք թատերական դէմքերու նման խօսք կ՚առնեն Մանուկ Ծերօնի գիրքին մէջ եւ բոլորն ալ կը խօսին տեղական բարբառով։ Իսկ այս բոլոր ընտանիքներուն եւ անոնց անդամներուն մասին ընթերցողը արդէն իսկ որոշ ծանօթութիւններ ունի, նկատի ունենալով որ հեղինակը իր գիրքին սկզբնաւորութեան 67 էջ տրամադրած է Բարջանճի հայ գիւղացիներուն, անոնց տոհմական ծառերուն եւ կենսագրական կարճ տուեալներուն ներկայացման համար։ [23]

Յիշել ու գրել, յիշել ու գծել. երբ անցեալը վերականգնելը կը դառնայ կեանքի իմաստ


Մանուկ Ծերօնի գիրքը կը բացուի Բարջանճի եւ շրջակայ գիւղերուն տեղագրական քարտէսով, ուր հեղինակը կ՚ապաւինի իր յիշողութեան եւ նոյն այս վայրերուն մէջ խճուղիներ կառուցող ճարտարապետի իր անցեալի փորձառութիւններուն։ Քարտէսին մէջ տեղադրուած են տարածքին լիճերը, գետերը, գիւղերը, լեռներն ու ճամբաները։ Երկու էջ անդին այս անգամ կը գտնենք մեր կարծիքով այս գիրքին հարստութիւնը յատկանշող ամէնէն կարեւոր տարրերէն մէկը՝ Բարջանճ գիւղի յատակագիծը, նոյնպէս հեղինակին կողմէ գծուած։ Այստեղ, Մանուկ Ծերօն կը ներկայացնէ հայ եւ թուրք ընտանիքներուն տուները – իւրաքանչիւրին վրայ կը նշէ տանտիրոջ ազգանունը –, այգիները, արտերը, եկեղեցիները, դպրոցները, մզկիթները, գերեզմանները։

Տարածքին քարտէսն ու գիւղին յատակագիծը Մանուկ Ծերօնի գիրքին միակ գծագրութիւնները չեն։ Աշխատութիւնը կը յատկանշուի գծագիր պատկերներու առատութեամբ եւ յայտնի է թէ հեղինակը խորապէս գիտակից եղած է տեսողական նիւթերու միջոցաւ յիշողութիւն մը վերականգնելու գաղափարին կարեւորութեան։ Այս գծով իրեն աջակցած են նաեւ իր զաւակները՝ Նուարդ Կօշկարեան (դուստրը) եւ Լեւոն Ծերօն (որդին), որոնք վերաշխատած են իրենց հօր գծագրութիւններէն ոմանց վրայ։ Ալեւոր նոյնպէս դիմած է գծագրութեան միջոցին. անոր պատկերները ընդհանրապէս երկրագործական, տնայագործական, արհեստագիտական գործիքներ են, բոյսեր, տան առարկաներ, եւայլն։ Կ՚ենթադրուի որ գծագրական այս աշխատանքներուն օժանդակած է իր զաւակը՝ Պարոյր Սարգիսեան [24]։ Բայց անոնց կը պակսին Մանուկ Ծերօնի պատկերներուն փայլքն ու ճշգրտութիւնը, մանաւանդ պէտք չէ մոռնալ այն հանգամանքը որ Բարջանճի գիրքին հեղինակը մասնագիտութեամբ ճարտարապետ եղած է, իսկ իրեն աջակցած դուստրն ալ՝ գեղարուեստագէտ։

Ամէն պարագաներու, երկու հեղինակներն ալ հարիւրաւոր յուշամատեաններու շարքին մէջ եզակի տեղ մը ունին, նկատի ունենալով որ անոնց մօտ անհաւասար բարձրութեան մը հասած է գծագրութեան ճամբով անցեալը, հին օրերու առօրեան, գիւղը իր անհետացած կեանքով վերականգնելու արուեստը։ Այս մէկը Մանուկ Ծերօնի եւ Ալեւորին գիրքերուն ուշագրաւ առաւելութիւններէն մէկն է։ Իրենցմէ առաջ եւ իրենցմէ ետք եկող յուշամատեաններու հայ հեղինակներ կա՛մ այն է որ չեն գիտակցած գծել-յիշել հասկացութեան կարեւորութեան, կամ ալ միջոցները չեն ունեցած զայն որդեգրելու եւ գործադրութեան դնելու։

Փոխարէնը, գոյութիւն ունի լուսանկարը։ Յուշամատեան ժանրի գրեթէ բոլոր գիրքերուն մէջ անոր գործածութիւնը, քիչ թէ շատ տարողութեամբ, առկայ է։ Լուսանկարները ընդհանրապէս կը ներկայացնեն վայրին (քաղաք, գիւղ) համայնապատկերը, եկեղեցին, դպրոցը, ընտանեկան եւ անհատական պատկերներ՝ նոյն այս վայրին զաւակներուն։ Բայց իր գիւղին կամ քաղաքին պատմութիւնը գրելու, յիշողութիւնը վերականգնելու գործին գլուխ կանգնած հեղինակը միշտ չէ որ բախտաւորութիւնը ունի լուսանկարային հարուստ հաւաքածոյ մը իր տրամադրութեան տակ ունենալու։ Այս իմաստով Բարջանճի եւ Բալուի մասին գրուած գիրքերուն օրինակները արտայայտիչ են։ Մանուկ Ծերօն կրցած է հաւաքել հայրենակիցներու ընտանեկան կամ անհատական լուսանկարներ։ Փաստօրէն, Բարջանճը այն գիւղերէն է, ուր տակաւին 19-րդ դարու վերջերուն տղամարդոց գաղթ մը ծայր առած է դէպի Միացեալ Նահանգներ։ Գաղթողները ընդհանրապէս նոր ամուսնացած մարդիկ էին, որոնք իրենց ետին կը ձգէին կին ու նորածին զաւակներ, կ՚աշխատէին ամերիկեան գործարաններու մէջ, վաստկած գումարները կ՚ուղարկէին իրենց ընտանիքներուն, իսկ իրենք ալ միշտ կու յուսային քանի մը տարի ետք վերադառնալ հայրենի գիւղ։ Հարազատներուն հետ կապը նամակագրութիւնն էր եւ լուսանկարը։ Այս տարիներէն սկսեալ լուսանկարչութեան արհեստը զարգացում կ՚ապրի Խարբերդի դաշտին մէջ։ Գիւղական ընտանիքներ կ՚երթային շրջանին մեծ քաղաքները, ինչպէս Խարբերդ եւ Մեզիրէ, ուր իրենց պատկերը կը քաշէին տեղւոյն լուսանկարիչներուն մօտ եւ զայն կ՚ուղարկէին Միացեալ Նահանգներու իրենց հարազատին։ Յաճախ լուսանկարիչները շրջուն էին. իրենք է որ գիւղերը կ՚այցելէին եւ յաճախորդ կը փնտռէին։ Բարջանճցիներէն շատեր երբեք ալ գիւղ չվերադարձան, այս ձեւով նաեւ անոնք փրկուեցան 1915-ի կոտորածներէն։ Իսկ ընտանեկան լուսանկարները անոնց համար երբեմն հանդիսացան իրենց գիւղէն մնացած միակ նշխարը։ Այս ձեւի լուսանկարներ հաւաքելու աշխատանքին Մանուկ Ծերօնին յայտնապէս աջակցած է Բարջանճի հայրենակցական միութիւնը, որ փաստօրէն  համակարգողի դեր խաղացած է հեղինակին եւ Միացեալ Նահանգներու տարածքին սփռուած բարջանճցիներուն միջեւ։ Ի տարբերութիւն Մանուկ Ծերօնի գիրքին, Ալեւորի մենագրութիւնը մեծապէս աղքատ է լուսանկարչային նիւթերով։ Ասոր պատճառը հաւանաբար այն է որ ան իր հիանալի աշխատանքին համար չէ ունեցած աջակցութիւնը հայրենակցական միութեան մը կամ այլ կազմակերպութեան մը, որոնք գէթ պիտի համախմբէին զանազան գաղութներու մէջ – մանաւանդ Միացեալ Նահանգներու – ապրող բալուեցիներու անձնական լուսանկարները, ինչպէս նաեւ դրամական ծախսերը պիտի հոգային լուսանկարներով հարուստ տպագրութեան մը։

Բայց ինչ որ կը պակսի թէ՛ Մանուկ Ծերօնի եւ թէ Ալեւորի գիրքերուն մէջ նոյնինքն գիւղին եւ անոր զանազան շինութիւններուն լուսանկարներն են։ Գիւղական համայնապատկերի բացակայութեան այս խնդիրը կարելի է ընդհանրացնել Օսմանեան կայսրութեան հայաբնակ շատ մը այլ վայրերու։ Փաստօրէն գոյութիւն ունին մեծաթիւ գիւղեր, ուրկէ հայ բնակիչները ո՛չ միայն ընդմիշտ դատարկուած են, այլ նաեւ տեղի հայկական համայնքային շինութիւնները հետագայ տարիներուն քանդուած են ու անհետացած։ Այս պայմաններուն մէջ կարելի է ըսել որ այս վայրերուն մէջ հայերու անցեալը անդէմք է ու անպատկեր, տեսողական միջոցներ չկան տեղական հայկական կեանքը խորհրդանշական շինութիւններու, համայնքային ուղենիշներու կապելու։ Լուսանկարը բացակայ է, ինչպէս կը գրէ Հիրշ՝ անցեալին հետ կամրջողի ու այդ ժամանակներուն հետ նոյնացումի դերը խաղալու համար‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬ [25]։

Բայց հակառակ հայոց հետքերն անգամ ոչնչացնելու այս միտումին, գոյութիւն ունեցած է յիշողութիւնը, որուն կրողը եղած են նախկին օսմանեան նոյն այս վայրերուն բնակիչները՝ հայ, թուրք, քիւրտ, եւ ուրիշներ։ Թուրքերն ու քիւրտերը երկար ժամանակ պարտադիր լռութիւն մը պահած են հայերուն հետ անցեալի իրենց համագոյակցութեան մասին եւ այս նիւթը ընդհանրապէս հրապարակային արծարծում չէ գտած այդ սերունդի մարդոց քով – կամ եթէ հրապարակային արծարծուած է հայը այս պարագային ժխտական տիպարի դերը ունեցած է։ Այնպէս որ իրենց հայրենի տունէն յաւերժ հեռացած հայերն են, որոնք թէ՛ կրողը կ՚ըլլան այս յիշողութեան եւ թէ ալ նոյն այս յիշողութիւնը հրապարակայնացնելու եւ փոխանցելու ձգտողը։ Առաջին սերունդի այս աքսորեալները կը սկսին արտադրել յուշամատեան ժանրին պատկանող գիրքերու հոյլը, այս ճամբով անոնք կը փորձեն վկայաբանները դառնալ իրենց հարազատ հայկական ժառանգութեան, ինչ որ կը նշանակէ նաեւ որ անոնք կ՚աշխատին առաջքը առնել յիշողութեան մը մշտական ոչնչացումին։

Գրելը, վկայագրելը իրենց մօտ արտայայտութեան դասական ձեւն է։ Բայց անոնք գիւղին կամ քաղաքին հարազատ զաւակներն են, հայրենի այս աշխարհին հետ կապուած անոնց յիշողութիւնը միաժամանակ տեսողական ու լսողական բնոյթ ունի։ Ինչպէ՞ս, ի՞նչ միջոցով փոխանցել նաեւ այսպիսի ժառանգութիւններ, այնպիսի ժամանակներու երբ գոյութիւն չունէին համացանցային բազմամետիա հնարաւորութիւնները։

Ահաւասիկ այստեղ գործ ունինք երկու հազուագիւտ հեղինակներու հետ, որոնք իրենց գործերուն մէջ գծելը վերածած են յիշելու եւ վկայելու միջոցի մը։ Անիկա պէտք մըն է. երբ չկայ լուսանկարը պէտք է յիշելով վերստեղծել գիւղը, այնտեղի զանազան շինութիւնները, գեղջական գործիքները։ Վերցնենք օրինակ Մանուկ Ծերօնի գծած Խոճկանց ազգանունը կրող հայ ընտանիքին տան յատակագիծը [26]։ Երկյարկանի շինութիւնը ներկայացուած է ճարտարապետական հմտութեամբ. այնտեղ կը գտնենք գեղջական տան զանազան բաժանմունքները՝ դորդանը, կրակտունը, թոնիրը, սագուն, ախոռը, մարագը, եւայլն, ինչպէս նաեւ տան մէջ գործածուող զանազան գործիքները՝ տինկը, ձիթահանքը, թրիքի փոսը, հորը։ Գիրքին մէջ յատակագիծը աննշան տեղ մը կը գրաւէ, զայն լաւ քննելու համար անհրաժեշտ է խոշորացոյց գործածել։ Բայց խորքին մէջ անիկա կը ներկայացնէ կոթողային վաւերաթուղթ մը։ Զանազան հեղինակներ – որոնց շարքին Մանուկ Ծերօն եւ Ալեւոր – գրած են աշխարհագրական այս տարածքէն ներս հայկական գիւղական տուներու շինութեան եւ ճարտարապետական կառուցուածքին մասին։ Բայց ինչ որ աւելի յատկանշական է, այստեղ մեր առջեւ ունինք հոյակապ գծագրութիւն մը, որ աւելի հաղորդական է ու աւելի հարազատ կերպով կրնայ փոխանցել գիւղական առօրեայ ապրելակերպի պատկերը։ Մանուկ Ծերօն նոյն հմտութեամբ գծած է նաեւ Բարջանճի միակ բաղնիքին, ինչպէս նաեւ Հոբբալա Տոնոյին պատկանող ջաղացքին յատակագիծները [27]։

Բարջանճ գիւղի Չագչագու ջաղացքին (ջաղարջ) գծագիր պատկերը։
1) ջաղջըտուն, 2) ջաղջքար – երկու, 3) կարմուճակ, 4) քուղա. թաքնայ, 5) ճրդոն, 6) չախչախ, 7) ալըրտուն, 8) քրման, կամ ջրանիւ, 9) տափան, 10) կոթուրկա (լծակ, թրքերէնով՝ götürge), 11) ջրուղի, կամ ջրհորդան, 12) զիլֆա, կամ սիլիկոն, 13) սաւաճաղ, 14) հովտուն, 15) թոնիր, 16) օճախ, 17) աղուօն – ճուվացով ցորեն, 18) փեթակ, 19) ցից (փայտեայ սիւն)։
Ջաղացպանը՝ Հոբբալա Տօնօ։ Գծուած է Մանուկ Ծերօնի կողմէ ու վերագծուած իր որդւոյն՝ Լեւոն Մ. Ծերօնի կողմէ, 1933 թուականին, Ճուլիէթի մէջ, Իլլինոյ, Միացեալ Նահանգներ (Աղբիւր՝ Մանուկ Պ. Ծերօն,
Բարջանճ գիւղ. համայնապատում (1600-1937), Պոստոն, 1938)


Մանուկ Ծերօնի գիրքին մէջ տեղ գտած են 104 գծանկարներ։ Անոնք միասնաբար կը վերարտադրեն Բարջանճի երկրագործական միջավայրը։ Նոյն այս գեղջական կեանքի առօրեան իր շատ մը աւանդական երեսներով վստահաբար շարունակած է գոյատեւել հայերուն անհետացումէն ետք եւս։ Կ՚ենթադրենք որ այս ներկայ ժամանակներուն է որ անիկա մեծ տարողութեամբ արդէն դարձած է անցեալի ժառանգութիւն մը։ Յաւերժ աքսորեալի գիտակցութիւնն ու տեղական հայկական ժառանգութիւնը պահպանելու ձգտումը մեր կարծիքով Մանուկ Ծերօնը մղած են գեղջական միջավայրի այս գործիքները ամենայն մանրամասնութեամբ գծելու։ Վստահաբար նոյն բանը պիտի չընէր եթէ շարունակէր բնականոն կեանք մը ապրիլ Բարջանճի մէջ, կամ եթէ չպատահէր Աղետը, որ արմատախիլ ըրաւ ամբողջ հայութիւնը այս գիւղէն։ Փաստօրէն յիշել-գրելու եւ յիշել-գծելու այս միջոցառումին չդիմեցին Մանուկ Ծերօնի սերնդակից Բարջանճի թուրքերը, որոնք շարունակեցին ապրիլ նոյն վայրին մէջ եւ շատ հաւանաբար գործածեցին նոյն գործիքները՝ հողը հերկելու, խաղող քաղելու, ցորենի հատիկները աղալու համար։ Կորուստին ցաւը, կարօտախտը, արդարութեան պահանջը, ասոնք բոլորը զգացումներ են զորս Մանուկ Ծերօն ապրած է երբ կը պատրաստէր իր գիրքը։ Ասոնք են յուշագրական եւ յուշագծական իր առած նախաձեռնութեան գլխաւոր շարժառիթները։ Առանց այս զգացումներուն հեղինակը հաւանաբար նոյն սլացքով եւ նոյն ջանասիրութեամբ անցեալի կեանքը թեքսթով եւ գծագրութիւններով վերակառուցելու գործին պիտի չի ձեռնարկէր։ Բարջանճի գիրքին մէջ կը գտնենք 116 գծանկարներ։ Հեղինակը կը գծէ տեղական սայլը իր բոլոր բաղադրամասերով, ոստայնանկութեան բոլոր գործիքները, ձիթահանքը, խոզակներէն մետաքսի թել քաշելու գործարանը, բամպակ գզելու գործողութիւնը եւ բազում ուրիշներ։

Ալեւորի գիրքին մէջ կը գտնենք 166 գծանկարներ։ Նուազ կատարելագործուած, անոնք ասուամենայնիւ մեծապէս օգտակար են նիւթական մշակոյթ մը վերականգնելու տեսանկիւնէն։ Ասոնց շարքին է օրինակ խորփոլողը (նաեւ՝ խուլինճակ կամ խուլունճիկ), որ Մեծ Պահքին ամբողջ տեւողութեան կախուած կ՚ըլլայ տան մէջ՝ առաստաղին ճիշդ կեդրոնէն։ Բաղկացած է կարծր սոխէ մը, որուն վրայ կը մեխուին աքլորի եօթ փետուրներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ Մեծ Պահքի եօթ շաբաթները։ Ալեւորին գծած այս բալուական խորփոլողը իւրայատուկ է այն իմաստով որ հոն մեխուած կը տեսնենք նաեւ փոքր նիզակ մը, որ կը ծառայէ պահքը խախտել փափաքող փոքրիկները վախցնելու։

Երկու հեղինակներուն գիրքերը առատ են նաեւ բարբառային բառերով, որոնցմէ շատեր ժամանակի թաւալքին հետ անգործածելի դարձած են եւ շատերու նշանակութիւններն ալ՝ մոռցուած։ Ալեւորի բառարանը բաղկացած է մօտաւորապէս 3500 բառէ, իսկ Մանուկ Ծերօնինը՝ մօտաւորապէս 1700 բառէ։

Վերյիշել անցեալը, բայց նաեւ ներկայացնել ընկերային միջավայրն ու անոր հակասութիւնները


Մանուկ Ծերօնի եւ Ալեւորի գիրքերը ըստ էութեան գրուած են յաջորդաբար Բարջանճի եւ Բալուի գիւղերուն հայկական կեանքը ներկայացնելու նպատակով։ Ալեւոր ուղղակի չէ կեդրոնացած իր հայրենի Թրխէ գիւղին վրայ, այս վայրը նոյնիսկ հազուադէպօրէն կը յիշատակուի իր գործին մէջ։ Անոր մօտ Բալուի հայաբնակ գիւղը եւ գիւղական հայկական կեանքը մէկ ընդհանուր նիւթ մըն է, այս պատճառով ալ իր նկարագրութիւնները կը տարածուին գաւառակի բոլոր գիւղերուն վրայ։ Ինչ կը վերաբերի Մանուկ Ծերօնի գիրքին, անոր ընդհանուր նիւթը կը սահմանափակուի Բարջանճով, կամ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել Բարջանճի հայերով։ Բայց կայ բացառութիւն մը եւ այս մէկը «Բարջանճի թուրքերը» վերնագրուած ենթագլուխն է, որ կ՚ընդգրկէ զանազան մասեր. «Թուրք ընտանիքները», «Գիւղին յիշատակելի թուրքերը», «Թուրքերու կրօնական եւ կրթական վիճակը», «Թուրք ընտանիքը, բարքեր», «Թրքական սովորոյթներ (նշանտուք եւ հարսանիք, ամուսնալուծութիւն, հաճը երթալ)», «Համայնքային վարչական կազմ»‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬ [28]։ Որքան ալ որ այս նկարագրութիւններուն մէջ հեղինակը հակուած է ժխտական ակնարկութիւններ կատարելու թուրքին նկատմամբ, այնուամենայնիւ անոր տեղեկութիւնները մեծապէս շահեկան են, մանաւանդ երբ հարցը կը դիտենք թէ ինչպէս հայը, այս պարագային Մանուկ Ծերօնը, կը ներկայացնէ Այլը։

Իսկ Այլը – թուրքը եւ քիւրտը – Բարջանճի գիրքին մնացեալ էջերուն, ինչպէս նաեւ Ալեւորի գործին մէջ քննարկման առանձին նիւթ չէ երբեք։ Երկու հեղինակներուն նպատակը հայկական յիշողութեան եւ ժառանգութեան վերականգնումն է։ Նոյն այս նպատակը հետապնդած են յուշամատեան ժանրի գիրքերուն միւս հեղինակները, որոնց գործերը փաստօրէն յետ-Աղետեան արտադրութիւններ են, կը կրեն այդ ժամանակներու դրոշմը եւ կը հետեւին այդ ժամանակի ոգիին թելադրանքներուն։ Այլը այստեղ անտեսուած է, անիկա առանձին տեղ մը չունի վայրին յիշողութեան մէջ։ Իսկ եթէ կը յիշատակուի, այն ատեն անիկա ընդհանրապէս ժխտական տիպար մըն է՝ հայուն ապրած ողբերգութեան պատճառներէն մէկը։

Բայց այս ալ իրականութեան մէկ երեսն է միայն։ Այսպէս, երբ կը խորանանք Մանուկ Ծերօնի եւ Ալեւորի գիրքերուն քննութեան մէջ, դժուար չէ նկատել որ Այլը լռելեայն ներկայ է այնտեղ եւ անիկա բովանդակ մասն է հայուն ընկերային միջավայրին։ Այլը չի խորհրդանշեր միայն բռնութիւնն ու վերջին Աղետը, անոր եւ հայուն միջեւ տեղական դարաւոր համակեցութիւնը փաստօրէն ունի նաեւ իր գորշ գօտիները։ Այս վերջինները անխուսափելիօրէն ի յայտ կու գան սովորական նկարագրութիւններու մէջ, երբ երկու հեղինակները կը գրեն հայու գեղջական առօրեային, երկրագործական կեանքին, արհեստներուն եւ առեւտուրին մասին։ Այսպիսի հակիրճ ու յստակ տեղեկութիւններ բազմաթիւ են եւ անոնք միջոցներ են վերականգնելու համար ո՛չ միայն Բալուի եւ Բարջանճի հայերուն առօրեան, այլ նաեւ աւելի մօտէն սերտելու առկայ ընկերա-քաղաքական կառուցուածքը եւ այնտեղ գործող զանազան խումբերուն դերակատարութիւնները։

Ալեւորին նկարագրած խորփոլողը (կամ խուլինճաք), որ գիւղական տուներու առաստաղէն կախուած կը մնայ Մեծ Պահքի օրերուն։Գծանկարը պատրաստուած է Յուշամատեանի կողմէ, հիմնուելով Ալեւորին գծագրութեան վրայ։

Այսպէս օրինակ, Խարբերդ-Բալու այս տարածքաշրջանին մէջ հայ գիւղացիին կեանքի պայմանները հասկնալու համար կարեւոր է գիտնալ թէ ինչ տեսակ տեղական իշխանութիւն կը տիրէր այստեղ։ Հոս է որ մեզի օգնութեան կը հասնին Մանուկ Ծերօնն ու Ալեւորը, որոնց տեղեկութիւնները զիրար լրացնող են։ Օսմանեան պետական համակարգը չափազանց թոյլ էր այս վայրերուն մէջ, իսկ կեդրոնական իշխանութիւններուն բացակայութիւնը ընդհանուր անապահովութեան գլխաւոր աղբիւրն էր։ Փոխարէնը կ՚իշխէր տեղական պէյերու եւ աղաներու (թուրքեր եւ քիւրտեր) ուժը։ Ասոնք էին տարածքի արտերուն, պարտէզներուն ու այգիներուն մեծագոյն մասին սեփականատէրերը։ Իսկ հայ եւ քիւրտ գիւղացիներէն շատեր մարապայի կարգավիճակով կապուած էին անոնց։ Այսինքն մարապային մշակած հողը կը պատկանէր պէյին եւ աղային եւ, ինչպէս պիտի տեսնենք, բերքէն միայն ջնջին բաժին մը կրնար զայն մշակողին սեփականութիւնը ըլլալ։ Մարապայութիւնը ծանրակշիռ վիճակ մըն էր։ Թանզիմաթի տարիներուն շատ մը հայեր կը յաջողին ձերբազատուիլ անկէ, բայց յաջորդող տարիներուն պէյերն ու աղաները հետզհետէ կը վերատիրանան իրենց նախկին հողերուն։ 1908-ին, Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, հայեր վերստին կը փորձեն դուրս գալ մարապայի կարգավիճակէն եւ շատեր կը յաջողին։ Այս նոր ժամանակներուն, ըստ Մանուկ Ծերօնի, Բարջանճի հայերուն ¾ տոկոսը իր հողին տէրը կը դառնայ։ Բայց աղքատութեան պայմաններուն մէջ մարապայութիւնը կրնար նաեւ նուազագոյն ապահովութեան մը միջոցի վերածուիլ։ Պէյը եւ աղան իրենց մարապային կու տային միայն սերմնացուն, մնացեալ ամբողջ աշխատանքը պէտք էր հողագործ գիւղացին կատարէր, առաւել՝ իրենց տիրոջ համար զանազան ծառայութիւններ։ Բայց նոյն աղան եւ պէյը իրենց մարապան կը պաշտպանէին բռնութիւններէն ու յափշտակութիւններէն։ Այնպէս որ, ինչպէս Մանուկ Ծերօն կը գրէ, կը պատահէր որ հայ գիւղացիներ իրարու դէմ մրցէին այս կամ այն պէյին մարապան դառնալու համար։ Միայն քաղաքական պայմաններուն բարելաւումը – ինչպէս որ ժամանակաւոր կերպով կը պատահի 1908-էն ետք – կրնար մարապայութենէն դուրս գալու հորիզոններ բանալ։ Այլապէս տեղական լուծումներ հազուագիւտ էին։ Այս պատճառով ալ կը նկատենք Բալուի եւ Խարբերդի շրջաններէն տղամարդոց զանգուածային գաղթ մը դէպի Ատանա կամ Պոլիս, իսկ հետագային ալ դէպի Միացեալ Նահանգներ ‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬[29]։

Այս ընդհանուր համակարգին մէջ ուշագրաւ տեղ մը ունի քիւրտ սովորական գիւղացին։ Ալեւորի գիրքին մէջ տիրող պատկերը այն է, որ քիւրտ շինականը կը պատկանէր տեղական պէյերուն ու աղաներուն կողմէ շահագործուած – հայէն աւելի – խումբի մը։ Բալու գաւառակին մէջ անիկա ամէնէն աղքատ տարրն էր։ Իրավիճակը այնքան ծայրայեղ էր, որ յաճախ քիւրտեր կը գտնենք հայկական գիւղերու շուրջ՝ մուրալու կամ մանր գողութիւններ ընելու ընթացքին մէջ։ Փաստօրէն քիւրտեր էին, որոնք յաճախակիօրէն որթատունկի գողութիւններ կ՚ընէին հայերու այգիներէն։ Նոյն այս աղքատ քիւրտերն էին, որոնք հայկական գիւղերու բամպակաքաղէն կամ հասկաքաղէն ետք կու գային այս վայրերը ու բամպակ եւ ցորեն կը մուրային հայ շինականէն ‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬[30]։

Գողութիւնը մնայուն պատուհաս մըն է հայ գիւղացիին առօրեային մէջ։ Այս եւ գողերուն ինքնութեան մասին հետաքրքրական եւ առատ տեղեկութիւններ կան երկու հեղինակներուն գործերուն մէջ։ Ալեւոր կը յայտնէ որ Բալուի գիւղերուն հայերու այգիներուն այգեպանները (պաղպանչի) յաճախ նաեւ քիւրտեր կ՚ըլլան։ Ասիկա հաւանաբար խելացի ձեւ մըն էր որթատունկի գողութիւններուն առաջքը առնելու համար, քանի որ, ինչպէս արդէն տեսանք, գողերը յաճախ աղքատ քիւրտեր էին ‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬[31]։ Գողութեան այս խնդրով խօսուն է նաեւ Բալուի եւ Խարբերդի գիւղական տուներուն ճարտարապետական մէկ մանրամասնութիւնը։ Այսպէս, հայերու պարագային, գոմը, ախոռն ու մարագը բոլորը միասին կը գտնուին տան պատէն ներս։ Մինչ տեղաբնիկ քիւրտերուն մօտ, գոմն ու ախոռը կառուցուած են տունէն քանի մը վայրկեան հեռաւորութեամբ տեղ մը։ Ալեւոր կը նշէ որ այս տարբերութեան պատճառը հայերու մտավախութիւնն էր անասուններու գողութենէն։ Բան մը որ յայտնապէս հազուագիւտ կը կատարուէր քիւրտերուն դէմ ‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬[32]։ Նոյնքան արտայայտիչ են Բարջանճ գիւղին մէջ պատրաստուած համայիլները (տեղական բարբառով ափսոն), որոնց մէջ գործածուող լեզուն կ՚ըլլար հայերէնը։ Համայիլներ կային չար աչքի, հիւանդութիւններու, վտանգաւոր անասուններու եւ դեւերու յարձակումներուն դէմ։ Բայց կային նաեւ գողութիւններու դէմ պատրաստուած համայիլներ, ուր հայերէնին կողքին միշտ ալ գոյութիւն ունէր թրքերէն հատուած մը։ Պատրաստողները յայտնապէս լաւատեղեակ էին որ գողերը ընդհանրապէս հայեր չէին‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬ [33]։

Այգեկութը Խարբերդի դաշտին մէջ։ Լուսանկար՝ Ասքանազ Սուրսուրեանի (Աղբիւր՝ Մարտիրոս Տերանեանի արխիւներ, NAASR, Պելմոնթ, Մասաչուսէց)

Տասանորդը. օսմանեան պետական համակարգին թուլութեան եւ աղա/պէյերու տեղական իշխանութեան զօրութեան լաւ օրինակ մը


Ալեւորը ցորենի, բամպակի եւ որթատունկի մշակութեան մասին իր գրած գլուխներուն մէջ երկարօրէն կ՚անդրադառնայ նաեւ տասանորդին [34] եւ անոր հաւաքման ձեւին։ Այս հատուածները խիստ շահեկան են աւելի մօտէն քննելու հայ գիւղացի-աղապէյ-պետական համակարգ եռակողմանի յարաբերութիւններուն զանազան ծալքերը։

Պէյերուն եւ աղաներուն հզօրութիւնը յստակօրէն կը յայտնուի պետական այս տուրքին գանձման եղանակին մէջ։ Պետութիւնը ուղղակիօրէն չէր մասնակցեր տասանորդի հաւաքմանը։ Ալեւոր այս երեւոյթին պատճառ կը նկատէ գաւառային հեռաւոր վայրեր պետական պաշտօնեաներ առաքելու դրամական ծախսը։ Ասոր փոխարէն պետութիւնը աւելի նպատակայարմար նկատած էր գիւղերու ամբողջ տասանորդները աճուրդի հանել եւ զանոնք վաճառել տեղաբնիկ հարուստներու։ Օսմանեան գանձանակը ուրեմն այս ձեւով կանխիկ կը ստանար տասանորդին փոխարժէքը, իսկ զայն գնողը ինք պէտք էր ստանձներ տասանորդին հաւաքը, անոր ամբարումը, փոխադրումն ու վերջապէս վաճառումը։ Աճուրդը կը կատարուէր Բալու քաղաքի կառավարական շէնքին փակը, այն ժամանակ երբ ցանքերը հասած կ՚ըլլային հասունացման հանգրուանին։ Նախապէս արդէն պաշտօնապէս կը յայտարարուէր աճուրդին թուականը։ Որոշեալ օրը նոյն փակին մէջ կը հաւաքուէին տասանորդը գնելու թեկնածու հարուստները, ներկայ կ՚ըլլային նաեւ Բալուի քաիմաքամլըքի (kaymakamlık) վարչական ժողովին (մեճլիսի իտարէ, meclis-i idare) անդամները, որոնց շարքին Բալուի հայոց Առաջնորդը եւ երկու ուրիշ հայ անդամներ։ Ապա, մունետիկը բարձրաձայն կը յայտարարէր առաջին գիւղին անունը, կը նշէր անոր ծախու դրուիլը - ինչ որ պէտք է հասկնալ թէ գիւղին տասանորդը կը վաճառուի –, եւ կոչ կ՚ուղղէր թեկնածուներուն գին առաջարկել։ Աճուրդը այս ձեւով կը բացուէր, թեկնածուներ իրենց գիները կը ներկայացնէին, գինը կը բարձրանար եւ վերջաւորութեան կը մնային մէկ կամ երկու հոգի։ Այն ժամանակ սոյն թեկնածուն կամ երկու թեկնածուները պարտաւոր էին ներկայ պաշտօնական մարմինին առջեւ երաշխաւորութիւններ ներկայացնել, որմէ ետք միայն կը ստորագրէին աճուրդի մուրհակը։ Տասանորդը այլեւս կը պատկանէր զայն գնողին ու պետութիւնը այլեւս հեռու կը մնար յաջորդող գործողութիւններէն [35]։ Պետական մարմինները կը միջամտէին միայն այն պարագային, երբ հաւաքի հարցով տասանորդը գնողը հակամարտութեան մէջ գտնուեր գիւղացիներուն հետ։ Այսպիսի դէպքերու ընթացքին ոստիկաններուն միջամտութիւնը ընդհանրապէս կ՚ըլլար ի նպաստ տասանորդ գնողին [36]:

Բալուի մէջ տասանորդ գնողները մնայուն կերպով 3-4 անձեր էին՝ տեղաբնիկ ազդեցիկ պէյեր։ Աճուրդին մասնակիցները միշտ ասոնք էին, այնպէս որ տասանորդ հաւաքելը անպաշտօն ձեւով այս անձերուն «իրաւունք»ը դարձած էր։ Ուրիշներ չէին համարձակեր աճուրդային գործողութեան մասնակցիլ՝ վստահ ըլլալով որ միեւնոյն պէյերը այս մէկը պիտի համարէին առանձնաշնորհումի մը ոտնահարում եւ այս պատճառով ալ անոնց հակազդեցութիւնը անխուսափելի պիտի ըլլար։ Այսպիսի պայմաններու մէջ, երբ սուր մրցակցութիւնը բացակայ էր՝ աճուրդի գիներն ալ չէին կրնար բարձրանալ։ Այնպէս որ ամբողջ գործողութիւնը կարելի էր նաեւ տնտեսական վնաս մը համարել օսմանեան պետութեան գանձանակին համար։ Իսկ դրութենէն գլխաւոր օգտուողնեը պարզ էր որ պէյերն էին։ Ալեւոր այս իմաստով կու տայ գիւղի մը օրինակը, որու տասանորդը աճուրդով ընդհանրապէս ամէն տարի ծախուած է 6000 ղուրուշի։ Նոյն հեղինակը դիտել կու տայ, որ պատահած է պարագայ մը, երբ պէյերը չեն կրցած մասնակցիլ աճուրդին։ Այն ժամանակ տասանորդին գինը բարձրացած է 30000 ղուրուշի [37]։

Ալեւոր ամենայն մանրասնութիւններով կը ներկայացնէ նաեւ տասանորդ հաւաքելու եղանակը։ Այսինքն, տասանորդի իրաւունքը ձեռք ձգած անձը գիւղերը կ՚ուղարկէ իր ներկայացուցիչը, որ կը կոչուի շայնա կամ շահնա (նաեւ միւլթեզիմ, աշարճի)։ Ալեւոր իր գիրքին մէջ գրի առած է ամբողջ արարողակարգը, թէ ինչպէս շայնան կը հիւրընկալուի գիւղերուն մէջ, ինչպէս կը չափէ կալէ անցած ցորենն ու այլ արմտիքները, թէ ինչպէս կ՚այցելէ այգիներն ու բամպակի արտերը ու կը ճշդէ ընդհանուր բերքին քանակը, ինչպէս կը կաշառուի, ինչպէս կը լուծուին անհամաձայնութիւնները։

Շահնային կողմէ չափուած բերքին կէսը մարապա գիւղացին պարտաւոր էր յանձնել իր հողատիրոջ, այսինքն պէյին կամ աղային։ Տասանորդը կ՚առնուէր ուրեմն մնացեալ կէսին վրայէն։ Ալեւոր դիտել կու տայ, որ տասանորդին քանակը բառացի պէտք չէ առնել։ Անիկա աւելի էր եւ ընդհանրապէս կը ներկայացնէր մէկ ութուկէսերորդը, կամ այլ խօսքով՝ 11,76%ը։ Նոյն հեղինակին համաձայն, կան նաեւ պարագաներ որ տասանորդը ներկայացուցած է մնացած բերքին մէկ եօթերորդը, կամ 14,28%ը։ Ապա կարգը կու գար պարտատէրերուն։ Ասոնք ընդհանրապէս համագիւղացի արհեստաւորներն էին՝ երկաթագործ, կօշկակար, ներկարար, որոնք հողամշակ գիւղացիին համար տարուան ընթացքին աշխատանք մը կատարած կ՚ըլլային։ Հետեւաբար, կը սպասէին գիւղի կեանքին այդ կարեւոր օրուան, որպէսզի իրենց վարձատրութիւնը արմտիքի փոխանակութեամբ ստանային։ Միայն այս բոլորէն մնացած բաժինն էր որ կ՚անցնէր գիւղացիին ձեռքը [38]։

Գիւղական հայկական վարժարանները. համայնքային համակարգին եւ համագործակցութեան արգասիքը


Պետական համակարգին թուլութիւնն ու պետական մարմիններու բացակայութիւնը եթէ մէկ կողմէ դուռը լայն կրնար բանալ անապահովութիւններու, միւս կողմէ անիկա պատճառ էր նաեւ որ Բալուի եւ Խարբերդի հայ գիւղացիները սեփական միջոցներ փնտռէին իրենց համայնքային կեանքը կազմակերպելու համար։ Այս գծով լաւ օրինակ է դպրոցական համակարգը եւ անոր զարգացումը։ Այսպէս, արեւմտեան միսիոնարներու մուտքը կարեւոր խթան կ՚ըլլայ Խարբերդի դաշտէն ներս արդի դպրոցներու հիմնումին։ Խարբերդի տարածքին մէջ ամերիկացի միսիոնարներն են, որոնք կը հիմնեն արդի համարուող առաջին կրթական օճախները։ Կրթութիւնն ու բողոքական կամ կաթողիկէ քարոզչութիւնը համատեղ ընթացող երեւոյթներ են այս հաստատութիւններուն մէջ, բայց նոյն ժամանակ անուրանալի է որ միսիոնարներուն կրթական աշխատանքը նոր ուժականութիւն մը կը մտցնէ գաւառային տարածքներուն մէջ, կը ստեղծէ մրցակցութեան մթնոլորտ մը, որ ըստ ամենայնի դրական եւ արդիւնաւէտ պէտք է համարել։

Միսիոնարական դպրոցներուն կառուցումը եւ ասոր կողքին սոյն հաստատութիւններէն ներս դասաւանդման նոր եղանակներու որդեգրումն ու աղջիկներու կրթութեան արագ զարգացումը ամէն բանէ առաջ իմացական ու կենցաղային ուժգին ցնցում մը յառաջացուցած պէտք է ըլլայ գաւառային այս միջավայրերուն մէջ։ Պարզ է որ Խարբերդի հայութեան մեծամասնութիւնը կազմող լուսաւորչական համայնքը պիտի փափաքէր նաեւ իր սեփական հաստատութիւնները ունենալ։ Նիւթական միջոցներու առումով մրցակցութիւնը անհաւասար մակարդակի վրայ էր, բայց եւ այնպէս ակներեւ է որ համայնքային վարիչներուն համար կարելի չէր այս հարցով կրաւորական դիրք բռնել։

Միսիոնարական վարժարաններու բացումը ահազանգի կը մատնէ նաեւ օսմանեան իշխանութիւնները, մանաւանդ երբ այս հաստատութիւնները կը սկսին յաճախել նաեւ իսլամ աշակերտ եւ աշակերտուհիներ։ Օրինական ճանապարհներով կարելի չէր միսիոնարական գործունէութիւնը կասեցնել. կը մնար ուրեմն հիմնել կրթական հաստատութիւններու պետական ցանցը‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬ [39]։

Ցորենի կամնումը Խարբերդի դաշտին մէջ (Աղբիւր՝ Մարտիրոս Տերանեանի արխիւներ, NAASR, Պելմոնթ, Մասաչուսէց)

Արդ, միսիոնարական կրթական աշխոյժ եւ հզօր ցանցի մը յառաջացումը աշխատանքի եւ զօրաշարժի հրաւէր մը կը դառնար թէ՛ օսմանեան պետական եւ թէ համայնքային (միլլէթ) մարմիններուն ուղղուած։ Պատմութիւնը ցոյց կու տայ թէ 19-րդ դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ պետական եւ համայնքային կառոյցները գործի կը լծուին եւ մեծապէս կը բազմանան գաւառներու մէջ պետական եւ համայնքային վարժարաններուն թիւը։ Բայց Խարբերդի տարածքին օրինակը յստակօրէն ցոյց կու տայ նաեւ թէ համայնքային կառոյցները, բաղդատած պետականին, որքան աւելի յանձնառու եւ ընդունակ էին իրենց ձեռնարկած կրթական աշխատանքներուն մէջ։ Խարբերդի դաշտին մէջ քանի մը տասնամեակներու կարճ ժամանակամիջոցին ընթացքին հայ լուսաւորչական համայնքին կողմէ կրթական հաստատութիւններու արագընթաց աճն ու զարգացումը ամենէն առաջ արդիւնքն էր կազմակերպական ոգիի, համայնքային ներքին համագործակցութեան եւ զօրակցութեան։

Բարջանճի մէջ հիմնուած թրքական վարժարանին քաջածանօթ էր Մանուկ Ծերօն, նկատի ունենալով որ անիկա իրենց տան շատ մօտիկ էր եւ երեք օր ալ յաճախած է այնտեղ։ Միայն տղաներ կրնային յաճախել այս հաստատութիւնը, հեղինակին նկարագրութիւնը չափազանց ժխտական է այնտեղ տիրող պայմաններուն մասին, իսկ աղջկանց վարժարան գոյութիւն չունէր։ Չենք գիտեր թէ այս հաստատութիւնը ինչ զարգացում ապրած է Մանուկ Ծերօնին Բարջանճէն հեռացումէն ետք, բայց չենք կարծեր որ անիկա կրնար հաւասարիլ նոյն գիւղի հայկական վարժարաններուն (բողոքական եւ լուսաւորչական), որոնք արդէն ամուր հիմերու վրայ դրուած էին 19-րդ դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ։ Այսպէս, 1870 թուականին գիւղի հայ լուսաւորչական համայնքը հիմը կը դնէր Կրթասիրաց ընկերութեան մը, որուն նպատակն էր զօրավիգ կանգնիլ 1845-էն ի վեր գոյութիւն ունեցող Բարջանճի տղոց հայկական կանոնաւոր վարժարանին։ 1888-էն սկսեալ, Կրթասիրացին ճիգերով սոյն դպրոցը կը փոխադրուէր նոր շէնք մը եւ այնուհետեւ կը դառնար երկսեռ վարժարան‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬ [40]։ Նոյն գիւղին մէջ բողոքական վարժարան մը կրթական կանոնաւոր համակարգով եւ ծրագիրով կը գործէր 1873-էն ի վեր։ Աշակերտները բոլոր հայեր էին։ 1890-կաններու կէսերուն բողոքական հաստատութիւնը կը փոխադրուէր նոր շէնք մը եւ կը դառնար երկսեռ վարժարան‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬[41]։ Միացեալ Նահանգներ գտնուող պանդուխտ բարջանճցիներ նիւթական կարեւոր մասնակցութիւն կը բերեն իրենց գիւղի լուսաւորչական վարժարանին ծախսերուն։ 1891 թուականին անոնք Մասաչուսեց նահանգին Ֆէլս աւանին մէջ կը հիմնեն Փերչենճ Գիւղի Լուսաւորչական Դպրոցասիրաց Ընկերութիւնը։ Բոլոր անդամներն ալ նոյն գործարանին (Boston Rubber) պանդուխտ բանուորներն էին։ Շատ արագ մասնաճիւղեր կը կազմուին ամերիկեան այլ քաղաքներու մէջ ՝ Ուստըր (Worcester), Հուայթինսվիլ (Whitinsville), Նակաթըքէթ (Naugatucket), Քեմպրիճ, Չարլսթաուն (Charlestown), Մոլտըն (Malden), Սեյլըմ-Փիպոտի (Salem-Peabody), Սթոնհեմ (Stoneham), Լորենս-Լովել (Lawrence-Lowell), Հարթֆըրտ, Նիւ Պրիթընի, Մետիսըն, Մեյն, Ուօքիկըն-Շիքակօ (Waukegan-Chigago), Քալիֆորնիա։ 1902-ին բարջանճցիներու այս մասնաճիւղերը կը հաշուէին արդէն մօտ 100 անդամներ ‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬[42]։ 1912-13 տարեշրջանին Բարջանճի տղոց վարժարանը ունէր վեց կարգի դասարաններ եւ ընդհանուր կը հաշուէր 82 աշակերտ։ Նոյն տարեշրջանին աղջկանց վարժարանը կազմուած էր չորս կարգի դասարաններով եւ այստեղ կը յաճախէին 32 աշակերտներ ‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬[43]։

Ահաւասիկ օրինակ մը պետական համակարգէն ամբողջովին անկախ՝ համայնքային եւ համագիւղացիական համագործակցութեան մը, որմէ մեծապէս կրցաւ օգտուիլ Բարջանճի հայերու կրթական կեանքը։

Եզրակացութիւն


Ծանօթանանք Սփիւռքեան այն ընդհանուր միջավայրին ուր գրուեցան Մանուկ Ծերօնի եւ Ալեւորի գիրքերը։ 1920-ական եւ 1930-ական թուականներու հայկական Սփիւռքը մեծապէս քաղաքականացած միջավայր մըն էր։ Գաղափարախօսական հակամարտութիւնները երկբեւեռացումի ենթարկած էին հայաշատ գաղութները, ինչպէս Միացեալ Նահանգներ, Եգիպտոս, Սուրիա, Լիբանան, Յունաստան, Արժանթին եւ Ֆրանսա։ Ներհայկական պառակտումի գլխաւոր դրդապատճառը Խորհրդային Հայաստանի նկատմամբ որդեգրելիք դիրքն էր, որուն վրայ կ՚աւելնար Սփիւռքի համայնքային կառոյցներուն վրայ իշխելու միջ-կուսակցական դասական պայքարը։ Ասոնք այնպիսի ժամանակներ էին նաեւ, երբ տակաւին հայկական քաղաքական եւ մշակութային կեանքին մէջ ազդեցիկ դերակատարութիւն ունէին հայրենակցական միութիւնները, որոնք իրենց կարգին ներգործօն մասնակցութիւն կը բերէին միջ-համայնքային պայքարներուն մէջ։ Երբ հարցը շեմաթիք կերպով կը ներկայացնենք, բաժանման գիծին մէկ կողմը կանգնած կը տեսնենք Հ.Յ.Դաշնակցութիւնն ու իր համակիր կազմակերպութիւնները, իսկ միւս կողմը՝ Հնչակեան եւ Ռամկավար կուսակցութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը։ Առաջին խումբը անզիջող կեցուածք որդեգրած էր Հայաստանի մէջ համայնավար վարչակարգին նկատմամբ եւ կը պայքարէր առաջին Հանրապետութեան վերականգնումին համար, մինչ երկրորդ խումբը կը փորձէր անտեսել հայմայնավարներու հետ գոյութիւն ունեցող գաղափարական տարակարծութիւնները եւ առաջնահերթ կը համարէր խորհրդային կարգերուն հետ համագործակցութիւնը՝ ի խնդիր Հայաստանի զարգացումին եւ ամրապնդումին։ Հայկական Սփիւռքը բաղկացնող տարրերը մեծամասնութեամբ գաղթականներն էին։ Իսկ կուսակցական-գաղափարախօսական իրարամերժութեան եւ անհանդուրժողութեան մթնոլորտը յաճախ տեղի կու տար բռնութիւններու, որոնց հետեւանքով նոյնիսկ մարդիկ կը սպաննուէին։

Այսպիսի լարուած պայմաններու մէջ պառակտումներ յառաջացած էին նաեւ զանազան հայրենակցական միութիւններու մէջ, այնքան որ կը պատահէր որ միեւնոյն հայկական համայնքին մէջ հիմնուած ըլլային նոյն քաղաքը կամ նոյն գիւղը ներկայացնող երկու հայրենակցական միութիւններ՝ բնականաբար մէկը միւսին հակառակորդ։ Ասոնք այն ժամանակներն էին երբ առաջին անգամ լոյս կը տեսնէին նաեւ յուշամատեան ժանրի գիրքերը։ Հազուադէպ չէր որ կուսակցական-գաղափարական պայքարի ազդեցութիւնը պատճառ կ՚ըլլար որ Օսմանեան կայսրութեան նախկին հայաբնակ գիւղի մը, քաղաքի մը կամ շրջանի մը մասին գրուէին մէկէ աւելի յուշամատեաններ, այդ օրերու մթնոլորտին մէջ հակադիր համարուող գիրքեր։ Անշուշտ կարելի է այս պարագային հարց տալ թէ ինչպէս կարելի էր Օսմանեան հայաբնակ քաղաքի մը կամ գիւղի մը յիշողութեան մասին գրուած գիրքի մը մէջ ներ-հայկական հակասութիւններ տեսնել։ Արդ, այս ձեւի զանազանութիւններ ընդհանրապէս ի յայտ կու գային գրեթէ բոլոր յուշամատեաններուն մէջ կրկնուող գլուխի մը մէջ, որ կը կոչուէր «քաղաքական կեանք», «կուսակցութիւններ» կամ «յեղափոխական-ֆետայական գործունէութիւն»։ Սփիւռքի տիրող  պայմաններէն թելադրուած, յուշամատեաններու հեղինակները կրնային գերագնահատել այս գլուխներուն կարեւորութիւնը եւ անոնց տրամադրել՝ մեծածաւալ էջեր։ Անշուշտ ասոր վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ յետ-Աղետեան հայկական պատմագրութեան ազդեցութիւնը, որուն մէջ Օսմանեան հայերու դարաւոր պատմութիւնը այլեւս կը փորձուէր ներկայացուիլ լոկ բռնութեան, ջարդի եւ բռնակալութեան դէմ դիմադրութեան պատկերներով։ Իսկ այս դիմադրութիւնը կազմակերպողները դարձեալ հայկական կուսակցութիւններն էին, որոնք կը շարունակէին գոյատեւել ու գործել Սփիւռքի պայմաններուն մէջ։ Բայց նոյն կուսակցութիւնները փոխադարձ պայքարի մէջ էին։ Այնպէս որ եթէ յուշամատեանի մը հեղինակը իր գրած վերոնշեալ գլուխներուն մէջ «պատշաճ» ձեւով չէր ներկայացներ այս կամ այն կուսակցութիւնը, հակազդեցութիւնը կ՚ըլլար այն որ վրդովուած կողմը կը նախաձեռնէր «ճշմարիտ» յուշամատեանի մը հրատարակութեան, ուր իր կուսակցութիւնը այս անգամ պիտի ներկայացուէր «արժանի» կերպով։ Կը կարծենք որ այս հակասութիւններուն պատճառով է որ զանազան վայրեր, ինչպէս Խարբերդ (քաղաք), Հիւսէնիկ, Պարտիզակ, Վան, Մուսա լեռ, Թոմարզա, Հաւաւ, Զէյթուն, Տարօնի շրջան եւ ուրիշներ կ՚ունենան երկու կամ աւելի յուշամատեաններ։

Հետաքրքրական փաստ է որ Մանուկ Ծերօն եւ Ալեւոր հեռու մնացած են քաղաքական տիրող այս պայմաններէն։ Յուշամատեաններու ժանրին մէջ այս մէկը հազուադէպ երեւոյթ է։ Երկու հեղինակներուն գիրքերուն մէջ այս ձեւի «քաղաքականացուած» գլուխները պարզապէս բացակայ են։ Երեւոյթին վրայ կ՚արժէ կանգ առնել։

Այնպէս չէ որ երկու հեղինակները քաղաքական կեանքէ հեռու էին։ Մանուկ Ծերօն մինչեւ իր մահը Միացեալ Նահագներու մէջ գործօն անդամն էր հայկական Ռամկավար-Ազատական կուսակցութեան‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬[44]։ Ինչպէս արդէն տեսանք, ան իր «Վերջին խօսք»ին մէջ կը գրէ թէ իր գործը կը համարէ ֆարաղաթ մը՝ ուղղուած յաջորդ սերունդներուն։ Շարունակուող նախադասութեան մէջ արդէն կը նկատենք քաղաքական կեցուածքի մը ճշդումը. «Որպէսզի Ասոնք [յաջորդ սերունդները]՝ - երբ մեծնա՜ն, բազմանա՜ն, եւ ուժեղնան Արարատի արեւշող փէշին վրայ բողբոջող Նոր Բարջանճի մէջ –, օ՜ր մը… այս Ֆարաղաթը իրենց ձեռքին մէջ ներշնչող ուղեցոյց՝ վերադառնան մեր պապենի բնագաւառը, Մայր-Բարջանճը գտնեն, վերստանան եւ վերաշինեն [ընդգծուած Մանուկ Ծերօնի կողմէ]»‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬[45]։ Քաղաքական կեցուածքը կ՚արտայայտուի Թուրքիոյ նկատմամբ պահանջատիրութեամբ, բայց նաեւ Խորհրդային Հայաստանի վարչակարգին նկատմամբ համակրութեամբ։ Նոյն հեղինակը մէկ այլ տեղ կը գրէ թէ երեք մուրազ ունի. առաջինը՝ իր գիրքին հրատարակութիւնը, երկրորդը՝ Նոր-Բարջանճի կառուցումը՝ վերածնած Խորհրդային Հայաստանի մէջ, երրորդը՝ կնոջ հետ Հայաստան եւ Նոր-Բարջանճ այցելութիւնը ‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬[46]։

Ալեւոր երկար տարիներ վարած է Եգիպտոսի Առաջնորդական փոխանորդի կարեւոր պաշտօնը, այնպիսի հայկական համայնքի մը մէջ որ նոյն ժամանակներուն ալեկոծուած էր քաղաքական հակամարտութիւններով։ Անոր մահն ալ տեղի կ՚ունենայ այնպիսի օրերու երբ Եգիպտոսի հայութիւնը ալեկոծուած էր Խորհրդային Հայաստան ներգաղթի շարժումով։ Հազարաւոր հայեր կը պատրաստուէին Հայաստան փոխադրուելու, ներգաղթը քաղաքական գունաւորում առած էր եւ եգիպտահայ թերթերը անդադար ու լայնօրէն կը գրէին այս մասին։ Այսպիսի պայմաններու մէջ գրեթէ անշշուկ եւ առանց մամուլի անդրադարձներու Ալեւոր կը թաղուի Գահիրէի մէջ։

Հակառակ գաղափարական ու քաղաքական իրենց այս յանձնառութիւններուն, երկու հեղինակներուն աշխատութիւնները հարազատ մնացած են գիւղական կեանքը ներկայացնելու իրենց սկզբունքին եւ առնուազն այս պարագային մեծ տարողութեամբ զերծ մնացած են յետ-Աղետեան ժամանակաշրջանի վերակառուցուած հայկական պատմագրութեան մը ազդեցութիւններէն։ Այս երեւոյթը աւելի եւս իւրայատուկ կը դարձնեն Մանուկ Ծերօնի եւ Ալեւորի գործերը, որոնք խորքային առումով այնքան ալ մեծ տարբերութիւններ չեն կրեր իրենց սերունդի ձգած յուշամատեաններու սքանչելի ժառանգութեան ժանրին մէջ։ Վերջին հաշուով անոնք բոլորն ալ ծնունդն են միեւնոյն տագնապին. յիշել, յիշեցնել եւ յաւերժացնել գիւղին կամ քաղաքին հայկական կեանքը, որմէ բռնօրէն խզուեցան այդ սերունդի անդամները եւ որուն կարօտովը շարունակեցին ապրիլ իրենց հայրենիքէն դուրս։

‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬‬[1] Marianne Hirsch, The Generation of Postmemory: Writing and Visual Culture After the Holocaust, Columbia University Press, New York, 2012; Marianne Hirsch, Family Frames: Photography, Narrative, and Postmemory, Harvard University Press, 1997.
[2] Յարութիւն քհնյ. Սարգիսեան (Ալեւոր), Բալու. իր սովորոյթները, կրթական ու իմացական վիճակը եւ բարբառը, տպ. Սահակ-Մեսրոպ, Գահիրէ, 1932, էջ ժը.։
[3] Մանուկ Պ. Ծերօն, Բարջանճ գիւղ. համայնապատում (1600-1937), Պոստոն, 1938, էջ 251։
[4] Նոյն, էջ 21։
[5] Նոյն, էջ 54-55։
[6] Նոյն, էջ 55։
[7] Ծնած 1853-ին՝ Տրապիզոն։ Մուշի հայկական վարժարանի տեսուչ, վարած է համայնքային պաշտօններ եւ եղած է քաղաքական գործիչ։ Կը մահանայ 1901-ին, Զմիւռնիոյ մէջ։
[8] Ծնած է 1862-ին՝ Վան քաղաքի Այգեստան թաղամասին մէջ։ Դպրոցի տեսուչ, վարած է համայնքային պաշտօններ եւ եղած է քաղաքական գործիչ։ Կը մահանայ 1927-ին, Փարիզի մէջ։
[9] Նոյն, էջ 58։ Գարեգին եպսկ. Սրուանձտեանց.- ծնած է 1840-ին, Վանի Այգեստան թաղամասին մէջ։ Հեղինակն է Գրոց-բրոց (1874), Հնոց-նորոց (1874), Մանանա (1876), Թորոս Աղբար (1878, 1879), Համով-հոտով (1884) գիրքերուն։ 1885-ին հոգեւոր Առաջնորդ՝ Տրապիզոնի հայոց թեմին։ Կը մահանայ Պոլիս 1892-ին։
[10] Ծերօն, Բարջանճ գիւղ…, էջ 58-59։
[11] Նոյն, էջ 233-234։
[12] Նոյն, էջ 59։
[13] Արտաշէս Հ. Գարտաշեան, Նիւթեր Եգիպտոսի հայոց պատմութեան համար, Ա. հտր., 1943, Գահիրէ, էջ 210-211; Ալեւոր, Բալու. իր սովորոյթները…, էջ ա., 272։
[14] Ալեւոր, Բալու. իր սովորոյթները…, էջ բ.։
[15] Նոյն, էջ ա.։ Գիրքին մէջ այլ տեղ մը Ալեւոր կը գրէ թէ Պէյրութ գտնուած է 1931-ին (Նոյն, էջ 333)։
[16] Նոյն, էջ 43-67։
[17] Նոյն, էջ 86-119։
[18] Նոյն, էջ 120-134։
[19] Նոյն, էջ 139-178։
[20] Նոյն, էջ 218-228։
[21] Նոյն, էջ 219։
[22] Ծերօն, Բարջանճ գիւղ…, էջ 112-113։
[23] Նոյն, էջ 31-98։
[24] Հարցազրոյց Հայկ Սարգիսեանի (Ալեւորի թոռը) հետ, 9 Փետրուար 2013-ին։
[25] Marianne Hirsch, The Generation of Postmemory, p. 38.
[26] Ծերօն, Բարջանճ գիւղ…, էջ 44։
[27] Նոյն, էջ 228 եւ 218։
[28] Նոյն, էջ 23-30։
[29] Նոյն, էջ 109, 141, 188-189, 232-234։
[30] Ալեւոր, Բալու. իր սովորոյթները…, էջ 46, 148։
[31] Նոյն, էջ 154։
[32] Նոյն, էջ 253։
[33] Ծերօն, Բարջանճ գիւղ…, էջ 130-131։
[34] Աշար (aşar)։ Օսմանեան գանձանակին կարեւորագոյն եկամուտներէն է։ Անիկա կը գործադրուի երկրագործական արտադրութիւններուն վրայ։
[35] Ծերօն, Բարջանճ գիւղ…, էջ 159-160։
[36] Նոյն, էջ 105։
[37] Նոյն։[38]Նոյն, էջ 109։
[39] Selçuk Akşin Somel, The Modernization of Public Education in the Ottoman Empire, 1839-1908, Brill, Leiden/Boston/Köln, 2001 pp. 42-43, 202-204; Benjamin C. Fortna, Imperial Classroom. Islam, the State, and Education in the Late Ottoman Empire, Oxford University Press, Oxford/New York, 2002, pp. 50-60.
[40] Ծերօն, Բարջանճ գիւղ…, էջ 177-178։
[41] Նոյն, էջ 178-179։
[42] Նոյն, էջ 181։
[43] Նոյն, էջ 177-178։
[44] Մանուկ Գ. Ճիզմէճեան, Խարբերդ եւ իր զաւակները, Ֆրէզնոյ, 1955, էջ 667։
[45] Ծերօն, Բարջանճ գիւղ…, էջ 251։
[46] Նոյն, էջ 62։