Բալու քաղաքը Ս. Մեսրոպ լերան լանջին կառուցուած (աղբիւր՝ Victor Pietschmann, Durch kurdische Berge und armenische Städte, Wien, 1940)

Բալու - Համայնքային իշխանութիւն

Բալու գաւառակի հայ համայնքային կառոյցին մէջ կարեւորագոյն դիրք մը կը գրաւէ այս տարածքի կրօնական առաջնորդը։ Անոր նստավայրն է Հաւաւի մօտ գտնուող Քաղցրահայեաց Ս. Աստուածածին վանքը։ Բալուն թէեւ փոքր թեմ մըն է, բայց խորքին մէջ այսպիսի ոչ-ընդարձակ տարածքի մը մէջ կրօնական առանձին թեմի մը գոյութիւնը ապացոյց մը կարելի է համարել նախորդող դարերուն այս գաւառին հայկական խիտ բնակչութեան մասին։ 1895էն ետք Պոլսոյ հայոց Պատրիարքարանին որոշումով Բալուի թեմին կը միանան նաեւ Արղնիի, Չնքուշի, Ջերմուկի եւ Արզնի-Մատէնի շրջանները։ Այս ժամանակներուն, Առաջնորդին նստավայրը կը շարունակէ մնալ Բալուն։ Թեմական այս նոր բաժանումին պատճառը տնեսական ազդակն էր։ Այսպէս, 1895ի կոտորածէն ու գործուած աւերներէն ետք, Բալուի հաւատացեալ ժողովուրդը չի կրնար իր առաջնորդութեան ծախսերը սեփական միջոցներով հոգալ։ Հետեւաբար լուծումը թեմին ընդարձակումն էր եւ այլ տարածքներու անոր մէջ ներառնումը[1]։

Իրականութեան մէջ օսմանեան տարածքէն ներս պաշտօնի կոչուած ոեւէ հայ Առաջնորդ կրնայ անվարան նկատուիլ զօրաւոր անձնաւորութիւն մը։ Ան իր պաշտօնին համար ստացած է սուլթանական պէրաթ մը, ինչ որ յաւելեալ կշիռ կու տայ իր դիրքին, մանաւանդ գաւառային միջավայրին մէջ։ «Առաջնորդական պէրաթը առաջնորդներու գաւազանն էր սուլթաններէն շնորհուած, բայց արժեցնել պէտք էր զայն», այս մասին կը գրէ Յարութիւն քահանայ[2]։ Հայ Առաջնորդը ի պաշտօնէ իր ձայնը ունի տեղական վարչական գործերուն մէջ, անդամ է տեղական իշխանութիւններուն զանազան յանձնաժողովներուն, կրնայ յաճախակիօրէն տեսակցիլ տեղւոյն կառավարիչներուն, դատաւորներուն ու բարձրաստիճան պաշտօնակատարներուն հետ։ Առաջնորդները իրենց այս զօրաւոր դիրքին բերումով կրնան նաեւ յարաբերիլ իրենց գաւառակի ազդեցիկ պէյերուն հետ։ Այս բոլորը յատուկ նշանակութիւն մը կու տայ Առաջնորդի պաշտօնին. այնքան որ կրօնական այսպիսի պատասխանատու մը ի վիճակի է ինք անձամբ միջնորդել տեղական զանազան խնդիրներու մէջ եւ այս իմաստով ալ բանալի դեր խաղալ անոնց լուծումին մէջ։

Բայց Յարութիւն քահանայ կը նշէ որ գետնի վրայ իրականութիւնը այլ է եւ հայ Առաջնորդները ընդհանրապէս պատրաստուած չեն այսպիսի պաշտօններու։ Փաստօրէն իրենց դերը լաւապէս խաղալու համար, կրօնական այս պատասխանատուները անհրաժեշտ է որ լեզուական, իրաւական եւ դիւանագիտական հարցերու մէջ որոշ ընդունակութիւններ ունենան։ Օրինակ, անոնք պէտք է տիրապետեն թրքերէնին, օսմաներէն գրել ու կարդալ իմանան, օսմանեան օրէնսդրութեան քաջածանօթ ըլլան։ Մէկ խօսքով իրենցմէ պահանջուածը միայն կրօնական պատրաստութիւնը չէ, ոչ ալ հայերէն գրելու տաղանդը։ Իսկ այսպիսի յատկութիւններ ունեցող կրօնաւորներ հազուագիւտ են։ Այդպէս ցոյց կու տայ Բալու գաւառակի օրինակը՝ Յարութիւն քահանային նկարագրութիւններուն մէջ[3]։ Փաստօրէն այս պաշտօնին կոչուած կրօնական ղեկավարները փակուած կը մնան Ս. Աստուածածին վանքին կամ Բալու քաղաքին մէջ, ընդհանրապէս անծանօթ կը մնան գիւղական կեանքի իրականութիւններուն ու այնտեղ տիրող ուժերու յարաբերութիւններուն։

Յարութիւն քահանայ իրերայաջորդ առաջնորդներուն անփութութեան կը վերագրէ նաեւ վանքապատկան կալուածներուն հետզհետէ կորուստը։ Արդ, գաւառին տարբեր վայրերուն մէջ Առաջնորդութիւնը ունեցած է այգիներ ու արտեր։ Բայց ժամանակի ընթացքին այս այգիները անհոգ կը թողուին, իսկ արտերն ալ հետզհետէ տեղական պէյերուն ձեռքը կ՝անցնի[4]։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանց բաւական տրտում գոյներով կը նկարագրէ Հաւաւի մօտ գտնուող Բալուի Առաջնորդարանին վիճակը, երբ 1870ական թուականներուն կ՝այցելէ այնտեղ. «Վանքին ներսը ամենայն ինչ աւերակ էր, ապականութիւն եւ խառնակութիւն։ Չորս շուն, չորս Քուրդ, երկու տնտես կանայք, հինգ կով, մէկ էշ եւ մէկ ձի եւ մի կաղ վանահայր Մանուէլ վարդապետ»[5]։ Առաջնորդարանին եկամուտի աղբիւրներուն շարքին պէտք է թուել պտղին, որ հայ գիւղացիին կողմէ եկեղեցիին տրուող տուրք մըն է։ Ասիկա կ՝ըլլայ նուէրի ձեւին տակ, երբ շինականը Առաջնորդարանին կը պարգեւէ այծ, ոչխար, արմտիք, դրամ, եւայլն։

Բալուի Առաջնորդներուն ցանկը 1775էն սկսեալ.

1775-1802          Գրիգոր եպիսկոպոս

1835-1839          Գէորգ վրդ. Էօտէմիշցի

1840-…               Յարութիւն վրդ.

1841-…               Պետրոս վրդ.

1843-…               Մանուէլ վրդ. (տեղապահ)

1844-1859          Ոսկան վրդ.

1859-…               Մանուէլ վրդ. պոլսեցի

1860-1863          Մկրտիչ վրդ. Տիգրանեան Հրաշագործ

1863-…               Սարգիս վրդ. Վարդապետեան

1868                   Զաքարիա վրդ. (փոխանորդ)

1868                   Սարգիս վրդ. Վարդապետեանց (տեղապահ)

1869-1873          Պետրոս վրդ. Բագրատունի

1873-1875          Սարգիս վրդ. Վարդապետեան (տեղապահ)

1876                   Տէր Պօղոս քահանայ (փոխանորդ)

1877                   Պօղոս վրդ. Նաթանեան (տեղապահ)

1880                   Բարթուղիմէոս վրդ. Պաղճեան (տեղապահ)

1883-1887          Սարգիս վրդ. Վարդապետեան (փոխանորդ)

1887-1889          Թէոդորոս վրդ. Տիվրիկլեան (տեղապահ)

1890                   Յովհաննէս վրդ. Բզնունի

1892                   Գրիգոր քհնյ. Նիկողոսեան

1893-1894          Սարգիս վրդ. Վարդապետեան

1897                   Նիկողոս վրդ. Յարութիւնեան

1898                   Եզնիկ վրդ. Գալփագճեան

1901-1902           Նիկողոս վրդ. Ֆրանկիւլեան

1902                    Սուրէն քհնյ. Տէրոյեան (փոխանորդ)

1902                    Աղան վրդ. Համամճեան-Արծրունի (ընտրուած, բայց երբեք             չպաշտօնավարած)

1903                    Խոսրով վրդ. Պէհրիկեան Արծրունի (ընտրուած, բայց երբեք չպաշտօնավարած)

1903-1905           Կորիւն վրդ. Եսայեան (տեղապահ)

1905-1906           Սուրէն քհնյ. Տէրոյեան (փոխանորդ)

1906                    Երեմիա վրդ. Խաչատուրեան (տեղապահ)

1907-1910           Սուրէն քհնյ. Տէրոյեան (փոխանորդ)

1911-1915           Եզնիկ եպիսկոպոս Գալփագճեան (տեղապահ)[6]

Մկրտիչ վրդ. Տիգրանեանի (1815-1872) մասին կը նշուի որ ան վանքին մէջ կը հաստատէ նախնական մամուլ մը եւ կը հրատարակէ «Արեւակ» անուն թերթ մը։ Իսկ 1862 թուականին հիմքը կը դնէ այստեղ վարժարանի մը։ Ան ծնունդով (1815) Տիարպեքիրէն է։ 1841ին կը կարգուի Արղնիի թեմի Առաջնորդ եւ անոր կը տրուի «Առաջնորդ Քիւրտիստանի» մակդիրը, նկատի ունենանլով որ անոր պաշտօնավարութեան տարածքը մեծամասնութեամբ քրտաբնակ է։ 1848ին կը հրատարակէ հայատառ քրտերէն Աւետարան մը, ինչպէս նաեւ քրտերէն-հայերէն Այբենարան մը[7]։ Առաջնորդներու այս ցանկին մէջէն կ՝առանձնացուի նաեւ Պօղոս վրդ. Նաթանեանը։ Անոր պաշտօնավարութեան շրջանին հակամարտութիւն մը կը ստեղծուի իր ու Սարգիս վրդ. Վարդապետեանին (Խարբերդի Եղեգ գիւղէն) միջեւ։ Վանեցի այս Առաջնորդին ետին կանգնած էին քաղաքին հասարակ ժողովուրդը, մինչ մրցակից կրօնաւորին ետին կային Բալուի երեւելի հայերը, հարուստները, չորպաճիները։ Նաթանեանին յաջորդած Պաղճեան վարդապետ նոյնպէս լաւ ու բարի հետքեր թողած է Բալուի մէջ։ Իր օրով է որ Բալուի հայերուն մէջ առկայ եւ Նաթանեանի օրերուն բորբոքած հակամարտութիւնը կը մեղմանայ։ Պաղճեան վարդապետ կը յաջողի ի մի բերել հակամարտ կողմերը ու հաշտեցնել զանոնք, ապա՝ կարգի դնել եկեղեցական ու կրթական գործերը[8]։ Հետաքրքրական է նաեւ Ներսէս վրդ. Բզնունիի օրինակը։ Ան Վարագայ վանքի միաբաններէն էր եւ նախքան Բալուի Առաջնորդի պաշտօնին կոչուիլը նոյն գաւառին Նպըրշի գիւղին վարժարանին ուսուցիչն էր՝ ունենալով անշահախնդիր եւ աշխատասէր մարդու մը համբաւը։ Մէկ խօսքով կարելի է զինք նկատել յարմար թեկնածու մը Առաջնորդի պաշտօնին։ Բայց ան այսպիսի գործի մը համար անփորձ էր եւ թրքերէն ալ չէր իմանար։ Այս թերութիւնները պատճառ կ՝ըլլան որ ան չյաջողի հետեւողական յարաբերութիւններ մշակել տեղական իշխանութիւններուն հետ. բան մը որ ի վերջոյ պատճառ կ՝ըլլայ իր հրաժարումին։ Գրիգոր քհնյ. Նիկողոսեան շատ մը կողմերով Բզնունի վարդապետի յատկութիւնները ունէր։ Ան Բալու քաղաքէն էր եւ լաւապէս ծանօթ էր տեղական պայմաններուն։ Բայց ի տարբերութիւն Բզնունիին, Տէր Գրիգոր լաւ ալ կը տիրապետէր թրքերէնին եւ քաջածանօթ էր տեղական իշխանաւորներուն հետ վարուելակերպի ձեւերուն։ Այս անձն է որ կարճ ժամանակով մը կը վարէ Բալուի առաջնորդական փոխանորդի պաշտօնը։ Կը յիշատակուի մանաւանդ Սուրէն քհնյ. Տէրոյեանը, որ առաջնորդական փոխանորդի պաշտօնը կը ստանձնէ 1902ին։ Ան Բալուի Հաւաւ գիւղէն էր, իր կրթութիւնը Պոլսոյ մէջ առած էր, ապա՝ իր ծննդավայր գաւառին մէջ ուսուցչութեան պաշտօն վարած։ Լաւապէս ծանօթ էր տեղական բարքերուն եւ սահուն կը խօսէր թրքերէն։

Բալու գաւառակին մէջ գոյութիւն չունի հայ կաթողիկէ համայնք։ Կայ բողոքական փոքր համայնք մը, որ խմբուած է քաղաքին մէջ եւ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին բաղկացած էր մօտ 40 ընտանիքէ։ Թէեւ սակաթիւ, բայց եւ այնպէս հայ բողոքականները կը ներկայացնեն լաւապէս կազմակերպուած համայնք մը՝ իրենց դպրոցով ու աղօթատեղիով[11]։ Հայ բողոքականներ կ՝ապրին նաեւ գաւառակին արեւմուտքը գտնուող Ուզուն Օպա գիւղին մէջ։

Ինչպէս տեսանք արդէն, Բալուի Առաջնորդները, բացի քանի մը բացառութիւններէ, մեծ ազդեցութիւն մը չունին գաւառակին ընկերային-տնտեսական կառոյցին վրայ։ Անոնք ի պաշտօնէ կրնային տեղական պատկան մարմիններու մօտ միջամտութիւններ կատարել, իրենց համայնքին շահերը պաշտպանել, բայց եւ այնպէս Առաջնորդները զիրար կը յաջորդէին, իսկ Բալուէն ներս իրերու դրութիւնը կը մնար անփոփոխ։ Իրավիճակը աւելի կը բարդանայ եթէ նկատի ունենանք որ գաւառակին ազդեցիկ պէյերը երբեմն իրենց կողքին կ՝ունենան հայ երեւելիներ, որոնց հետ կը բաժնեն փոխադարձ շահեր եւ այս իմաստով ալ գործակիցներ կրնան համարուիլ հայերը ճնշելու այս ընդհանուր գործընթացին մէջ[13]։ Այս տիպի հայեր Բալուի մէջ կ՝անուանուին իշխան կամ չորպաճի. ասոնք կը հանդիսանան իրենց ապրած թաղին ազդեցիկ անձնաւորութիւնը։ Նաթանեան վարդապետի վկայութեամբ, այսինքն 1878ին, նոյն այս չորպաճիները իրարու միջեւ ազդեցութեան գօտիներու բաժնած էին քաղաքին հայկական չորս թաղամասերը։ Ստեղծուած էին հակամարտութիւններ ու թշնամութիւններ տարբեր այս թաղերու բնակիչներուն միջեւ. այն աստիճան որ, երբ մէկ թաղին քահանան կը վախճանի, այնտեղի հաւատացեալները չեն դիմեր դրացի թաղի քահանային ծառայութեան կամ չեն յաճախեր քովի թաղին եկեղեցին։ Այսպիսի դրութիւն մը, ըստ Նաթանեան վարդապետի, կը նպաստէ չորպաճիներուն շահերուն։ Անոնք կը շահագործեն այս հակադրութիւնները՝ իւրաքանչիւրը իր ներկայութիւնն ու ազդեցութիւնը իր իշխած թաղամասին մէջ ամրապնդելու նպատակով։ 1878ին, Բալու քաղաքին մէջ չորպաճի էին Ղուկաս եւ Սարգիս Ձթէեան եղբայրները եւ Առփաճեան Տօնապետը։ Չորպաճիները ընդհանրապէս սեղանաւորներ եւ վաշխառուներ են, որոնք յաճախ կը զբաղին հարուստ պէյերու ելեւմտական գործերով։ Անոնք նաեւ բարձր տոկոսներով դրամ փոխ կու տան իրենց հայրենակիցներուն, մանաւանդ պանդխտութեան գացող հայերուն։ Հայ գիւղացին նոյնպէս փոխառութեան համար կը դիմէ կա՛մ իր պէյին, կա՛մ քաղաքի հայ չորպաճիին[14]։ Համայնքային իշխանաւորի այս դիրքին մէջ սոյն անձնաւորութիւնները կը վայելեն զանազան պէյերու կամ պետական պաշտօնեաներու զօրակցութիւնը։ Այնպէս որ իրենց այս իշխանութեան դէմ ներքին ամէն ընդդիմութիւն կրնայ ճնշուիլ պէյին միջամտութեամբ։ Նոյն այս չորպաճիներն են տեղական իշխանութիւններուն մօտ հայերու ներկայացուցիչները, իրենք են նաեւ որ ազդեցիկ դերակատարութիւն ունին Բալուի մէջ նոր Առաջնորդի մը նշանակման մէջ[15]։ 19րդ դարու երկրորդ կէսին, Բալու գաւառակի ազդեցիկ հայերէն էր Յակոբ վարժապետ, որ կ՝ապրէր Սաքրաթ գիւղին մէջ եւ տեղւոյն հայկական դպրոցին մէջ ուսուցչութիւն կ՝ընէր։ Սոյն անձնաւորութեան ազդեցիկութեան աղբիւրը իր վարժապետական տաղանդը չէր, այլ՝ թրքերէն լեզուին ու օսմանեան օրէնսդրութեան հմտութիւնը։ Այս յատկութիւններուն պատճառով ան կը դառնայ Սաքրաթ գիւղի եւ ամբողջ Բալուի մէջ ամէնէն հզօր պէյերէն՝ Իպրահիմի խորհրդականը։ Իրաւական խնդիրներու հարցով խորհուրդներ առնելու համար մինչեւ իր մօտ կու գային նաեւ Բալուի այլ գիւղերէն մարդիկ։ Յակոբ վարժապետ կը մահանայ 1897ին ու կը թաղուի իր գիւղին մէջ[16]։

Գիւղերու պարագային բացայայտ է որ մեծ նշականութիւն ունի տեղւոյն մելիքին խաղացած դերը։ Անիկա փաստացիօրէն գիւղապետն է։ Հաւաւի տեղական պատմութեան մէջ կը նկատենք թէ ինչպէս տարբեր ժամանակներու մէջ մելիքութիւն ընող հայեր հիմնական դերակատարութիւն ունեցած են պէյերու իշխանութեան ու ճնշումներուն դէմ ծառացումին մէջ։ Աւելի ուշ, 19րդ դարու վերջաւորութեան, մելիք անունանումին փոխարէն աւելի շատ կը նկատենք մուխթար բառին գործածութիւնը։ 1897էն 1915 թուականներուն այս գիւղին մէջ մուխթարի պաշտօն վարած են հետեւեալները. Կարապետ Համբարձումեան, Պետրոս Մխսի Մեսրոպեան, Նշան Դխդխեան, Հաճի Մարտիրոս Գասպարեան, Նիկողոս Արզումանեան, Մխսի Յակոբ Լէյլէկեան, Ճինօղլի Սարգիս (Ճնտեան), Սարգիս Թիթիկեան, Ասատուր Ճէլալեան, Վահան Փափազեան, Անտոն Թագւորեան (Աւկանք) եւ ուրիշներ, որոնց անունը չէ նշուած։ Նկատելի է որ մուխթար կ՝ընտրուի այն հայը, որ իրեն զօրավիգ ունի Բալու քաղաքէն ազդեցիկ անձնաւորութիւն մը։ Օրինակ, Հաւաւէն Պետրոս Մեսրոպեանին զօրակցած է քաղաքի ազդեցիկ հայերէն Մկրտիչ աղա Խօշմաթլեան, իսկ Նշան Դխդխեանի՝ քաղաքի թրքական Զովիա թաղամասէն՝ Թահիր էֆենտի, որ փաստաբան ու պետական պաշտօնեայ էր[17]։

Առաջին Համաշխարհային պատերազմին նախօրեակին քանի մը բալուցի հայեր պետական պաշտօններ կը վարէին տեղական կառավարական հաստատութիւններու մէջ։ Անոնցմէ էր Գէորգ էֆենտի Պոզեան, որ մալ միւտիրի էր (գանձարանի տնօրէն), Սեդրակ էֆենտի Խոշմաթլեան՝ դատական կազմի անդամ։ Կը նշուին նաեւ Գէորգ Լուսարարեանի եւ Գէորգ Մէրամեանի անունները, որոնց վարած պետական պաշտօնները չեն յիշատակուած։ Նոյն այս ժամանակաշրջանին Բալուի ամբողջ գաւառին մէջ կային երկու հայ փաստաբաններ՝ Աճէմ Խաչօ եւ Յովհաննէս Աղա Առփաճեան[18]։

Համայնքային այս կառոյցին մէջ հայ քաղաքական կուսակցութիւնները միա՛յն օսմանեան Սահմանադրութենէն ետք է որ որոշիչ դերակատարութիւն մը կը սկսին ունենալ։ Մինչեւ այդ հայկական աղբիւրներուն մէջ ճիշդ է որ յիշատակութիւններ կան գաւառէն ներս քաղաքական ընդյատակեայ գործունէութեան մասին. այստեղ կը գործէին հնչակեան կամ դաշնակցական գաղտնի խումբեր, այս շրջանը կ՝այցելէին կուսակցական գործիչներ։ Բայց կ՝ենթադրենք որ այս բոլորը մեծ ծաւալ մը չունէին, մանաւանդ որ անոնք չէին կրնար խախտել գլախաւորաբար չորպաճիներուն ու միւս երեւելի հայերուն կողմէ կառավարուող համայնքային համակարգը, ըլլա՛յ Բալու քաղաքին եւ ըլլայ գիւղերուն մէջ։ Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, համայնքային իշխանութենէն ներս դրութիւնը նոյնը չէր կրնար մնալ։ Հնչակեան կուսակցութիւնը եւ մանաւանդ Դաշնակցութիւնը կ՝ունենան շատ մը հետեւորդներ եւ ազդեցիկ դերակատարներ կը դառնան համայնքային համակարգին մէջ։ Հայաբնակ գիւղերուն պարագային օրինակ կը յիշուի որ տեղական մուխթարներու ընտրութիւնը այսուհետեւ տեղի կ՝ունենայ կուսակցական պայքարի ենթահողին վրայ։

[1] Սարգիսեան, op. cit., էջ 304։

[2] Նոյն, էջ 305։

[3] Նոյն, էջ 305-306։

[4] Նոյն, էջ 306։

[5] Գ. Վ. Սրուանձտեանց, Թորոս Աղբար. Հայաստանի ճամբորդ, Ա. մաս, տպ. Ե.Մ. Տնտեսեան, Կ. Պօլիս, 1879, էջ 155-156։

[6] Այս ցանկին պատրաստութըան համար օգտագործուած են՝ Սարգիսեան, op. cit., էջ 306-307, Ձախսուրեան, op. cit., էջ 318-319։

[7] Ձախսուրեան, op. cit., էջ 379։

[8] Սարգիսեան, op. cit., էջ 310-311։

[9] Նոյն, էջ 314։

[10] Նոյն, էջ 315-317։

[11] Նաթանեան, op. cit., էջ 46։

[12] Ձախսուրեան, op. cit., էջ 406։

[13] Նաթանեան, op. cit., էջ 50։

[14] Ձախսուրեան, op. cit., էջ 248։

[15] Նաթանեան, op. cit., էջ 38-40։

[16] Սարգիսեան, op. cit., էջ 273։

[17] Ձախսուրեան, op. cit., էջ 408-409։

[18] Կռայեան, op. cit., էջ 139։

Բալուցի քաղաքացի ընտանիք մը

Ոտքի ձախէն աջ՝ Եղսա Պժեան, Գրիգոր Պժեան, Պետրոս Եշիլեան, Մարիամ Եշիլեան։ Նստած ձախէն աջ՝ Կիրակոս Պժեան (Եղսայի ամուսինը), Աւետիք Եշիլեան (Մարիամի ամուսինը)