Բալու քաղաքը Ս. Մեսրոպ լերան լանջին կառուցուած (աղբիւր՝ Victor Pietschmann, Durch kurdische Berge und armenische Städte, Wien, 1940)

Բալու - Տեղական իշխանութիւն

Կը կարծենք որ Բալու գաւառակի ընկերային-տնտեսական կառուցուածքն ու տեղական իշխանութիւնը իւրայատուկ չեն։ Անոնց նմանը կարելի է գտնել հայկական Բարձրաւանդակի եւ անկէ հարաւ գտնուող զանազան վայրերու մէջ, ուր գոյութիւն ունի մեծամասնութեամբ քրտական բնակչութիւն մը։ Ասոնք այն վայրերն են, ուր օսմանեան իշխանութիւնները միշտ ալ դժուարութիւն ունեցած են իրենց գերիշխանութիւնը պարտադրելու, ինչ որ լայն ասպարէզ բացած է քիւրտ ցեղապետերու, պէյերու եւ աղաներու դիրքի հզօրացումին։ 19րդ դարու վերջին քառորդին, կեդրոնական Պոլիսը տեղ-տեղ կը փորձէ այս ուժերը փոխարինել համիտիէներով, որոնք քրտական կիսա-պաշտօնական զօրքեր են՝ քիւրտ ցեղապետի մը գլխաւորութեամբ։ Բալու գաւառի պարագային համիտիէներ գոյութիւն չունին. այստեղ գրեթէ միահեծանօրէն կ՝իշխեն քիւրտ պէյեր ու աղաներ։ Աշխարհագրական այս տարածքը անպաշտօն ձեւով բաժնուած է տեղական այս իշխանաւորներուն միջեւ։ Պօղոս վրդ. Նաթանեան 1877 ժամանակշրջանին վերաբերող իր գիրքին մէջ կը մատնանշէ որ գոյութիւն ունին այստեղ մեծ հեղինակութիւն վայելող 13 պէյեր, որոնց Քարա Ճիմսիտ անունը կու տան[1]։ Յարութիւն քահանայ իր գիրքին մէջ կ՝առանձնացնէ չորս պէյեր՝ Իպրահիմ, Ռիւշտի, Շիւքրի եւ Թէֆիկ, որոնք, դիտել կու տայ հեղինակը, Բալու գաւառակին «իսկական տէրերն ու կառավարիչներ»ն էին եւ այս դրութիւնը կը շարունակուի նոյնիսկ Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք[2]։ Իպրահիմը եւ Ռիւշտին երկու եղբայրներ են, որոնց նստավայրը կը գտնուի Սաքրաթ գիւղին մէջ։ Անոնց հայրն էր Նեճիպ փաշա։ Հայկական աղբիւրներ կը նշեն, որ անոնց ազդեցութեան տակ կը գտնուին մօտ 40 գիւղեր, որոնց շարքին հայաբնակ Սղամը եւ Օխուն։ Թէֆիկ պէկի ազդեցութեան գօտիին մէջ կը մտնեն Հաւաւ, Թիլ, Արմըճան, Կիւլիւշկեր եւ Ղարակերիկ գիւղերը։ Շիւքրի պէկի իշխանութեան տակ են Նոր Գիւղն ու Նոր Գիւղի Մրզան[3]։

Ամբողջ հանդիսութիւն մըն է Բալուի այս պէյերէն մէկն ու մէկին քաղաք մուտքը։ Ան հեծած կ՝ըլլայ ընտիր նժոյգի մը վրայ։ Ձիուն երկու կողմերը կ՝երեւին ոսկեղէն եւ արծաթեղէն զարդարանքներ։ Պէյերուն տարազը իր ճոխութեամբ նոյնպէս կը տարբերի գաւառակի բոլոր բալուցիներուն հագուածքէն՝ ըլլան անոնք քիւրտ կամ հայ։ Այս անձնաւորութեան կողքէն կը քալեն նոյնպէս ընտիր զգեստներ հագած ու խոժոռ դէմքերով զինեալ պահակներ։ Բալուի թուրք եւ հայ քաղաքացիները պարտաւոր են պէյին անցած պահուն ոտքի կանգնիլ եւ բարեւել[4]։

Մեծ կալուածատէրեր են այս պէյերը։ Հայ եւ քիւրտ շինականին մշակելի հողերուն մեծամասնութիւնը կը պատկանի իրենց[5]։ Անոնք պատկառանք եւ սարսափ կը ներշնչեն մանաւանդ գիւղական այս վայրերուն մէջ։ Կ՝ըսուի, որ հայ գիւղացին նոյնիսկ եթէ նիւթական կարելիութիւնը ունենայ իր համար գեղեցիկ տուն մը շինելու, ամենեւին չի համարձակիր այս քայլը առնել։ Փաստօրէն ընդունուած կարգ է, որ գիւղերուն ամէնէն գեղեցիկ տունը պէտք է պատկանի այդ վայրերու պէյին[6]։ Հայ կամ քիւրտ շինականը յաճախ կը պարտաւորուի իր պէյին համար ձրի հաւաքական ծառայութիւններ կատարել, ինչպէս օրինակ անոր համար փայտ հաւաքել, տուն կառուցել, ջորիներ փոխ տալ։ Ուժի արտայայտութեան մէկ այլ ցուցանիշ մըն է տարբեր գիւղերու պատկանող աղջկայ մը ու տղամարդու մը ամուսնութեան պարագան։ Այսպէս, հայ տղամարդ մը եթէ պիտի պսակուի մէկ այլ գիւղէ հայ աղջկայ մը հետ, այն ժամանակ պէտք է երկու այս տարբեր վայրերուն քիւրտ պէյերը իրենց հաւանութիւնը տան. բան մը որ ընդհանրապէս կը ստացուի կաշառքի ճամբով[7]։ Կամ այլ պարագաներու, երբ տղամարդու մը ամուսնութեան առաջարկը մերժուած է աղջկան ընտանիքին կողմէ, նոյն այս մարդը կրնայ պէյին միջամտութիւնը խնդրել։ Այն ժամանակ կրնայ պատահիլ որ պէյի հարկադրանքին տակ ամուսնութիւնը գոյանայ[8]։

Քիւրտ պէյերը որեւէ ատեն կրնան կարճ ժամանակի մը մէջ իրենց հաւատարիմներէ կամ հպատակներէ զինեալ խումբեր ոտքի հանել։ Այս դրութեան դիմաց ի՞նչ կրնայ ըլլալ տեղական օսմանեան իշխանութիւններուն դերակատարութիւնը։ Քաղաքը նստող օսմանցի քաիմաքամը չափազանց թոյլ է քիւրտ մեծամեծներուն այս ծանրակշիռ ուժին դիմաց։ Ան զուրկ է մարդուժէ, մանաւանդ կարգ ու կանոնին վրայ հսկող ապահովական ուժերէ։ Պէյերու կողմէ կատարուած սպանութիւններ, օրէնքի խախտումներ յաճախ անզօրի հանդուրժողութեամբ մը կ՝ընկալուին տեղական պետական մարմիններուն կողմէ։ Բայց եւ այնպէս ամէն խախտում ունի նաեւ իր «սահմանները»։ Խորքին մէջ, Բալուի տեղական իշխանութիւնը տեսակ մը իրաւարար մըն է բազմազան այս աղաներէ ու պէյերէ կազմուած ընկերային համակարգին մէջ։ Մանաւանդ պէտք է նկատի ունենալ որ յաճախ խոր մրցակցութիւններ ալ գոյութիւն ունին քիւրտ իշխանաւորներուն միջեւ։ Այնպէս որ, ճիշդ է որ օսմանեան տեղական իշխանութիւնները ընդհանրապէս անզօր կը թուին այս իրավիճակին մէջ, բայց հակասականը այն է, որ իրենք են այս տարածքէն ներս ընկերային-տնտեսական նուազագոյն հաւասարակշռութիւնը պահպանողը։ Քաիմաքամը ընդհանրապէս կը միջամտէ այն պարագային երբ այս կամ այն պէյն ու աղան կը խախտեն իրենց փաստացի իշխանութեան ճշդուած սահմանները ու այս ձեւով նաեւ կը սպառնան տիրող ընկերային-տնտեսական հաւասակշռութեանը։ Երբ հարցը այս լրջութեան աստիճանին հասած կ՝ըլլայ, այն ժամանակ օսմանեան իշխանութիւնները կը փորձեն պատժամիջոցներու դիմել եւ այս նպատակով ալ կրնան դիմել մօտակայ գաւառներու մէջ հաստատուած օսմանեան զօրքին միջամտութեան։

Այսպիսի պարագայ մըն է օրինակ Սագրաթ գիւղէն՝ Իպրահիմ եւ Ռիւշտի պէյերու, եւ Թիլ գիւղէն՝ Թէֆիկ (կամ Թէյֆուր) պէյին միջեւ մրցակցութիւնը։ 1908ին, Սագրաթի պէյերը իրենց զօրքով կը յարձակին մրցակից քիւրտին վրայ՝ Կիւլիշկեր գիւղին տիրանալու նպատակով։ Այս արդէն օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ կը համարուի ընդունուած սահմաններու կամ հաստատուած ընկերային հաւասարակշռութեան ծանրակշիռ խախտում մը, գաւառէն ներս խիստ անկայունութիւն ստեղծելու աքթ մը։ Ըմբոստ պէյերը կը ձերբակալուին, Տիարպեքիրի մէջ կը դատուին, որոշ ժամանակ մըն ալ կը բանտարկուին։ Հետագային սակայն, զանազան ճնշումներու ու միջամտութիւններու տեղի տալով՝ իշխանութիւնները ազատ կ՝արձակեն պէյերը, որոնք կը վերադառնան Բալու[9]։

Նմանօրինակ դրութեան մը մէջ հայ տարրը չի կրնար հարստահարիչ քիւրտ պէյին նկատմամբ իր բողոքը տեղական իշխանութիւններուն ներկայացնել։ Փաստօրէն տեղական մակարդակի վրայ արդարադատութեան մեքանիզմ մը գոյութիւն չունի։ Այն ինչ որ կայ երեւութական է եւ չի կրնար հակաուժ մը ըլլալ պէյերուն միահեծանութեան ու անոնց կամայականութիւններուն դէմ։ Այս պատճառով ալ յաճախ կը նշուի, որ ամէն տեսակ օրէնքի խախտում (գողութիւն, սպանութիւն, եւայլն) հասարակ բալուցին, ըլլայ անիկա հայ, թուրք կամ քիւրտ, չի տեղեկացներ տեղական իրաւական մարմիններուն։ Այս վերջիններուն նկատմամբ կը տիրէ մեծ անվստահելիութիւն։ Առաւել եւս, համոզում կայ որ արդարադատութիւնը գործիք մըն է պէյերուն ձեռքին, հետեւաբար հասարակ բալուցին կը խուսափի անոր դիմելէ։ Բայց այս կը վերաբերի աւելի շատ առօրեայ քրէական խնդիրներու, որոնց համար բալուցիները շատ լաւ կը գիտակցին որ տեղական մարմինները ո՛չ ուժը եւ ոչ ալ կամքը ունին միջամտելու։ Ասկէ զատ պատահած են դէպքեր, երբ պէյի մը որդեգրած մէկ քայլը վտանգի մատնած ըլլայ հայկական գիւղի մը ամբողջ ապրելաձեւը կամ նոյնիսկ ապագան։ Այսպիսի պարագաներու կը դիմուի տեղական իշխանութիւններուն։

Չենք գիտեր թէ արդեօք քիւրտ շինականը իր կարգին բողոք կը ներկայացնէ՞ր տեղական իշխանութիւններուն՝ պէյերուն կիրարկած զանազան ճնշումներուն դէմ։ Հայերու պարագային գիտենք որ անոնք ունեցած են նաեւ բողոքելու յստակ եւ մնայուն հասցէ մը, որ այս պարագային Բարձր Դուռն է՝ Պոլսոյ կեդրոնական իշխանութիւնները։ Այսպէս, Բալուէն ուղարկուած բողոքագիրներ, նախ հայերուն կողմէ կ՝ուղարկուէր Պոլսոյ հայոց Պատրիարքարանին, որն իր կարգին – եթէ նպատակայարմար տեսնէր – զանոնք կը յանձնէր Բարձր Դրան[10]։ Ուրիշ հարց, որ ինչպէս Պօղոս վրդ. Նաթանեան յաճախ կը կրկնէ, այս բողոքագիրներն ալ ընդհանրապէս կը մնան անարձագանգ։

Մեծ կալուածատէր այս պէյերուն ուժին դիմաց հայ կամ քիւրտ շինականը ընդհանրապէս հողազուրկ եւ սեփականազուրկ մարապա մըն է։ Հակառակ թանզիմաթի տարիներուն հողային սեփականութեան մարզէն ներս տեղի ունեցած բարեփոխումներուն, Բալուի պարագային գիտենք որ մարապայի դրութիւնը փաստօրէն շարունակած է իր գոյութիւնը։ Բարենորոգումներու այս տարիներուն է որ Բալուի կարգ մը գիւղեր դատական հետապնդումներ կը կատարեն զիրենք ճնշող ու հարստահարող պէյերու դէմ եւ կը յաջողին որոշ չափերով թօթափել քիւրտ մեծամեծներուն այս միահեծանութիւնը։ Բայց ասոնք ժամանակաւոր յաղթանակներ էին։ Կայսրութեան դիմագրաւած վերիվայումները միշտ ալ առիթ տուած են պէյերուն իրենց դիրքը վերականգնելու ու վերստին հզօրանալու։

Տասանորդը (աշար), կամ պետական տուրքը

Պէյերուն եւ աղաներուն հզօրութիւնը յստակօրէն կը յայտնուի պետական տուրքերու գանձման եղանակին մէջ։ Այս տուրքերէն գլխաւորը տասանորդն է (աշար), որ միաժամանակ Օսմանեան գանձանակին կարեւորագոյն եկամուտներէն է։ Անիկա կը գործադրուի երկրագործական արտադրութիւններուն վրայ։ Բալու գաւառակին մէջ տասանորդ հաւաքելու գործողութեան մասին Յարութիւն քահանային փոխանցած տեղեկութիւնները շատ հարուստ են, մանաւանդ որ ան անձամբ գիւղաբնակ մը եղած է, մօտէն տեսած է այս բոլորը ու ապրած՝ այս փորձառութիւնները։ Առաջին հերթին պետութիւնը ուղղակիօրէն չի մասնակցիր տասանորդի հաւաքմանը։ Յարութիւն քահանայ այս երեւոյթին պատճառ կը նկատէ գաւառային այսպիսի հեռաւոր վայրեր պետական պաշտօնեաներ առաքելու դրամական ծախսը։ Ասոր փոխարէն պետութիւնը աւելի նպատակայարմար նկատած է գիւղերու ամբողջ տասանորդները աճուրդի հանել եւ զանոնք վաճառել տեղաբնիկ հարուստներու։ Օսմանեան գանձանակը ուրեմն այս ձեւով կանխիկ կը ստանայ տասանորդին փոխարժէքը, իսկ զայն գնողը ինք պէտք է ստանձնէ տասանորդին հաւաքը, անոր ամբարումը, փոխադրումն ու վերջապէս վաճառումը։ Աճուրդը կը կատարուի Բալու քաղաքի կառավարական շէնքին փակը, այն ժամանակ երբ ցանքերը հասած կ՝ըլլան հասունացման հանգրուանին։ Նախապէս արդէն պաշտօնապէս կը յայտարարուի աճուրդին թուականը։ Որոշեալ օրը նոյն փակին մէջ կը հաւաքուին տասանորդը գնելու թեկնածու հարուստները, ներկայ կ՝ըլլան նաեւ Բալուի քաիմաքամայի վարչական ժողովին (իտարէ մեճլիսի) անդամները, որոնց շարքին Բալուի հայոց Առաջնորդը եւ երկու ուրիշ հայ անդամներ։ Ապա, մունետիկը բարձրաձայն կը յայտարարէ առաջին գիւղին անունը, կը նշէ անոր ծախու դրուիլը - ինչ որ պէտք է հասկնալ թէ գիւղին տասանորդը կը վաճառուի –, եւ կոչ կ՝ուղղէ թեկնածուներուն գին առաջարկել։ Աճուրդը այս ձեւով կը բացուի, թեկնածուներ իրենց գիները կը ներկայացնեն, գինը կը բարձրանայ եւ վերջաւորութեան կը մնան մէկ կամ երկու հոգի։ Այն ժամանակ սոյն թեկնածուն կամ երկու թեկնածուները պարտաւոր են ներկայ պաշտօնական մարմինին առջեւ երաշխաւորութիւններ ներկայացնել, որմէ ետք միայն կը ստորագրեն աճուրդի մուրհակը։ Տասանորդը այլեւս կը պատկանի զայն գնողին ու պետութիւնը այլեւս հեռու կը մնայ յաջորդող գործողութիւններէն[11]։ Պետական մարմինները կը միջամտեն միայն այն պարագային, երբ հաւաքի հարցով տասանորդը գնողը հակամարտութեան մէջ գտնուի գիւղացիներուն հետ։ Այսպիսի դէպքերու ընթացքին ոստիկաններուն միջամտութիւնը ընդհանրապէս կ՝ըլլայ ի նպաստ տասանորդ գնողին[12]։

Բալուի մէջ տասանորդ գնողները մնայուն կերպով 3-4 անձեր են՝ տեղաբնիկ ազդեցիկ պէյեր։ Աճուրդին մասնակիցները միշտ ասոնք են, այնպէս որ տասանորդ հաւաքելը անպաշտօն ձեւով այս անձերուն «իրաւունք»ը դարձած է։ Ուրիշներ չեն համարձակիր աճուրդային գործողութեան մասնակցիլ՝ վստահ ըլլալով որ միեւնոյն պէյերը այս մէկը պիտի համարեն առանձնաշնորհումի մը ոտնահարում եւ այս պատճառով ալ անոնց հակազդեցութիւնը անխուսափելի կ՝ըլլայ։ Այսպիսի պայմաններու մէջ, երբ սուր մրցակցութիւնը բացակայ է՝ աճուրդի գիներն ալ չեն կրնար բարձրանալ։ Այնպէս որ ամբողջ գործողութիւնը կարելի է նաեւ տնտեսական վնաս մը համարել օսմանեան պետութեան գանձանակին համար։ Իսկ դրութենէն գլխաւոր օգտուողները պարզ է որ պէյերն են։ Յարութիւն քահանայ այս իմաստով կու տայ գիւղի մը օրինակը, որու տասանորդը աճուրդով ընդհանրապէս ամէն տարի ծախուած է 6000 ղուրուշի։ Նոյն հեղինակը դիտել կու տայ, որ պատահած է պարագայ մը, երբ պէյերը չեն կրցած մասնակցիլ աճուրդին։ Այն ժամանակ տասանորդին գինը բարձրացած է 30000 ղուրուշի[13]։

Մէյ մը որ տասանորդ հաւաքելու իրաւունքը ձեռք ձգած ըլլայ, նշեալ անձը ինք չէ որ անձամբ կը պտտի գիւղերը։ Հաւաքման գործին համար այս վայրերը կ՝ուղարկէ իր ներկայացուցիչները, որոնք կը կոչուին շայնա կամ շահնա (հաւանաբար թրքերէնով şahne)։ Նոյն այս պաշտօնը վարողները կ՝անուանուին նաեւ միւլթեզիմ (յանձնառու) կամ աշարճի։ Այս վերջիններուն գիւղացին պարտաւոր է լաւագոյն ձեւով հիւրընկալել, երբեմն կաշառել գիւղ կեցութեան ամբողջ ժամանակը. այլապէս անոնք կրնան պէյին մօտ գիւղացին զրպարտել, ինչ որ կրնայ ծանրակշիռ հետեւանքներ ունենալ գիւղին համար։ Եթէ տասանորդը արմտիքի կը վերաբերի, շինականը արդէն իսկ մինչեւ շահնային գիւղ ժամանումը կամնած կ՝ըլլայ ցորենը կամ գարին։ Կամնուած եւ տակաւին յարդախառն արմտիքէն կը կազմուին թեղեր, որոնք այս վիճակին մէջ կրնան օրեր մնալ։ Ամբողջ հարցը այն է, որ գիւղը պէտք է սպասէ շահնային ժամանումին եւ հոսելու (կամ երնելու) գործողութիւնը սկսելու անոր տալիք արտօնութեան։ Ի վերջոյ շահնան կու տայ այնքան սպասուած կանաչ լոյսը ու կը սկսի հոսումը։ Այս գործողութեան ընթացքին շահնային համար պատրաստուած կ՝ըլլայ ճիւղերով եւ տերեւներով տաղաւար մը՝ կալին կողքին զետեղուած, եւ այստեղէն ան կը հետեւի հոսումին[14]։ Ասկէ ետք հոսուած ու մաքրուած արմտիքով կը կազմուի շեղջ (կոյտ) մը, որ զանազան կողմերէ տասնեակներով կը կրէ շահնային կնիքը։ Այստեղ եւս կայ սպասման պահ մը, որ կրնայ օրեր տեւել՝ մինչեւ որ ծայր առնէ չափելու գործողութիւնը։ Այս ընթացքին ոչ ոքի արտօնուած է շեղջին դպնալ, կնիքները աւրել։ Այնպէս որ գիւղացիները շատ զգուշ կ՝ըլլան եւ ամբողջ սպասման այս հանգրուանին կը փորձեն անասուններն ու մարդիկ հեռու պահել շեղջէն։ Իսկ գիւղացին նոյն ժամանակ պէտք է անգամ մը եւս սիրաշահի շահնան, լաւապէս կերակրէ զայն, կաշառէ, մինչեւ որ ան ի վերջոյ «զիջի» ու համաձայնի արմտիքը չափել։

Չափելու գործողութեան ներկայ կ՝ըլլան գիւղին գիզիրը (պէյին ներկայացուցիչը տուեալ գիւղին մօտ), շահնան եւ իր գրագիրը, գիւղին մեծաւորը, կամ ռեսը, ինչպէս նաեւ ամբողջ բազմութիւն մը։ Գիւղին գիզիրը եւ գիւղացիներէն մէկը երկուքով բռնած կ՝ըլլան մօտ 60 քկր. ծանրութիւն ընդունող չափ մը, որ կը կոչուի քիլա։ Շահնան ապա հրաման կու տայ եւ անոնք կը սկսին փայտէ թիերով շեղջին արմտիքը լեցնել այս չափին մէջ։ Երբ առաջին այս քիլան ամբողջութեամբ կը լեցուի, ապա զայն կը սկսին դատարկել շեղջէն քիչ մը հեռու տեղ մը։ Արմտիքը պարպելու պահուն սովորութիւն է որ գիզիրը թրքերէնով բարձրաձայն պոռայ՝ «պի՜ր, Ալլահըմ, պի՜ր» (մէ՜կ, Աստուածս, մէ՜կ)։ Առաջինը չափուած էր։ Յաջորդ քիլաները լեցնելն ու դատարկելը կը ստանձնեն այս անգամ գիւղացիները։ Երկրորդ քիլային դատարկման պահուն, գիզիրը այս անգամ կը պոռայ «իքի՜, պերեքեթ» (երկո՜ւ, առատութիւն)։ Չափելու գործողութիւնը կ՝աւարտի երբ շեղջէն կը մնայ միայն քիչ բաժին մը։ Այս մէկը ըստ սովորութեան վերապահուած է աղքատներուն եւ կը կոչուի կալամաս, կան տեղական բարբառով՝ կալամաստ[15]։

Այս չափուած արմտիքին կէսը մարապա գիւղացին պարտաւոր է յանձնել իր հողատիրոջ, որ ընդհանրապէս կ՝ըլլայ քիւրտ պէյը կամ աղան։ Տասանորդը կ՝առնուի մնացեալ կէսին վրայէն։ Յարութիւն քահանայ դիտել կու տայ, որ տասանորդին քանակը բառացի պէտք չէ առնել։ Անիկա աւելի է եւ ընդհանրապէս կը ներկայացնէ մէկ ութուկէսերորդը, կամ այլ խօսքով՝ 11,76%ը։ Նոյն հեղինակին համաձայն, կան նաեւ պարագաներ որ տասանորդը ներկայացուցած է մնացած շեղջին մէկ եօթերորդը, կամ 14,28%ը։ Գիւղացին ինքը պարտաւոր է անձամբ տասանորդը, ինչպէս նաեւ հողատէրին պատկանող արտադրութեան կէսը իր սայլերով ու էշերով փոխադրել պէյերուն շտեմարանները։ Ապա կարգը կու գայ պարտատէրերուն։ Ասոնք ընդհանրապէս համագիւղացի արհեստաւորներ են՝ երկաթագործ, կօշկակար, ներկարար, որոնք հողամշակ գիւղացիին համար տարուան ընթացքին աշխատանք մը կատարած կ՝ըլլան։ Հետեւաբար, կը սպասեն գիւղի կեանքին այդ կարեւոր օրուան, որպէսզի իրենց վարձատրութիւնը արմտիքի փոխանակութեամբ ստանան։ Միայն այս բոլորէն մնացած բաժինն է որ կ՝անցնի գիւղացիին ձեռքը[16]։

Տասանորդի ենթակայ են ուրեմն կալէ անցնող արմտիքները, ինչպէս ցորենն ու գարին։ Բացի ասոնցմէ, կը տասանորդին նաեւ այգին, բանջարանոցը, առուոյտները (արջառի համար իբրեւ կեր գործածուող տարածուած խոտ մը), ծառաստանները։

Այգիներուն տասանորդումը տարբեր արարողակարգ մըն է։ Այսպէս, այգեկութէն քանի մը օր առաջ շահնան կը ժամանէ գիւղ, ապա կ՝այցելէ այգեստան՝ իր հետ ունենալով գիւղին մելիքները, ռէսը, գիզիրը, գրագիրը, մուհամմիներ (գնահատողներ), ինչպէս նաեւ այգիներու քանի մը տէրեր։ Այստեղ, այգեստանին ամբողջ արտադրութիւնը չափելու համար աչքէ կ՝անցնեն իւրաքանչիւր այգիի միայն քանի մը որթատունկերը։ Ասոնց վրայի խաղողի քանակութիւնն է որ քննիչներուն համար պիտի ճշդէ ընդհանուր բերքին չափը։ Պարզ է որ որքան բարձր գնահատանք տրուի, նոյն համեմատութեամբ ալ բարձր տասանորդ կը վճռուի այգիին տիրոջ համար։ Մուհամմիները, որոնք տեղաբնիկ գիւղացիներ կ՝ըլլան, իրենք է որ առաջին անգամ կը գնահատեն այգիին խաղողին բերքին քանակը։ Անոնց ըսած թիւին կրնայ հակառակիլ շահնան եւ այդ պարագային ան կը կը ներկայացնէ աւելի բարձր թիւ մը։ Այն ժամանակ ծայր կ՝առնէ շահնային եւ մուհամմիներուն միջեւ վէճ մը։ Գնահատողները անշուշտ կրնան պնդել իրենց տուած չափին ճշգրտութեան վրայ, միաժամանակ անոնք շատ քաղաքավար կ՝ըլլան շահնային հետ։ Այս կը նշանակէ որ չափի վերջնական ճշդորոշման մէջ շատ բան կախեալ է մուհամմիներէն։ Անոնք եթէ ուզեն խնայել այգիին տէրը, ձեւ մը կը գտնեն շահնան համոզելու։ Բայց կ՝ըլլան նաեւ պարագաներ, երբ այգետիրոջ ու գնահատողին միջեւ գոյութիւն կ՝ունենայ հին վէճ մը, քինախնդրութիւն մը։ Այն ատեն մուհամմին կրնայ դիտմամբ շահնային ցոյց տալ առատ խաղող կրող որթատունկերը՝ այս ձեւով անշուշտ մեծապէս բարձրացնելով բերքին գնահատանքը։ Այսպիսի պարագաներու միջամտութեան իրաւունք կը տրուի գիւղին ռէսին ու մելիքներուն, որոնք կրնան իրենց կարգին պաշտպանել այգատէրը եւ այս ձեւով առկախ թողել գնահատումի հարցը։ Բերքին ճշդուած չափը ապա կ՝արձանագրուի երկու տարբեր տետրակներու մէջ, ապա՝ կը կնքուի. տետրակներէն հատ մը շահնան ինք կը պահէ, իսկ միւսը կը մնայ գիւղին գրագիրին մօտ։ Այնուհետեւ ամբողջ այս խումբը կը վերադառնայ գիւղ, ուր մէկ առ մէկ կը սկսին լուծուիլ առկախ մնացած խնդիրները։ Այս պարագային խնդրոյ առարկայ այգիին տէրը ամբողջ խումբը կը հրաւիրէ իր տունը, ուր շահնային համար պատրաստուած կ՝ըլլայ յատուկ սեղան մը՝ օղիով կամ գինիով։ Հացկերոյթի այս մթնոլորտին մէջ գիւղին մելիքները կը սկսին շողոքորթել շահնան, սիրաշահիլ զայն։ Վերջապէս ան տեղի կու տայ ի նպաստ այգետիրոջ, բերքին չափը վերջնականապէս կը ճշդուի, կը կնքուի եւ այս ձեւով սոյն տարուան համար տետրակները կը փակուին։ Միայն շահնային մեկնումէն ետք գիւղին այգեկութը կը սկսի ծայր առնել[17]։

Հաւաւի մէջ, որ Բալու գաւառակի ամէնէն մեծ հայկական գիւղն է, գիտենք որ այգիներու բերքը կը չափուի նաեւ կշիռքներով։ Այլ խօսքով, իւրաքանչիւր այգի կը հաւաքէ իր բոլոր որթատունկերը, ապա անոնք կը կշռուին եւ ըստ այնմ ալ կը ճշդուի տասանորդը։ Այս գործողութեան ընթացքին ալ ներկայ կ՝ըլլան մէկ կողմէ գիւղէն ներկայացուցիչներ եւ միւս կողմէ ալ տասանորդը գանձող պաշտօնեաներ[18]։

Բամպակի տասանորդումը շատ կը նմանի այգիներու օրինակին։ Հոկտեմբերի կիսուն կամ նոյեմբերի սկիզբը, այսինքն բամպակի հաւաքէն անմիջապէս առաջ, շահնան կը ժամանէ գիւղ եւ դարձեալ ամբողջ խումբի մը ընկերակցութեամբ կ՝այցելէ ու կը քննէ արտերը։ Ապա կը կատարուի իւրաքանչիւր արտի բերքին գնահատումը, տոմարներուն մէջ անիկա գրի կ՝առնուի, կը ստորագրուի ու կը կնքուի։ Ասկէ ետք միայն կը սկսի բամպակաքաղը[19]։

Ընդհանուր տպաւորութիւնը այն է, որ Բալու գաւառակը այն վայրն է, ուր օսմանեան պետութիւնը մեծապէս բացակայ է տեղական կեանքէն ներս։ Անշուշտ պետական այս ներկայութիւնը կը զգացուի – եւ այս պարագային դարձեալ պէյերուն ճամբով – տասանորդի հաւաքման կամ զինուորագրութեան ժամանակ։ Փաստօրէն աւելի քան երեք հարիւր գիւղ հաշուող այս քայմաքամալըքին մէջ ոչ մէկ բժիշկ գոյութիւն ունի, կայ միայն մէկ դեղագործ, որ քաղաքին մէջ կը հաստատուի Առաջին Համաշխարհային պատերազմէն միայն քանի մը տարի առաջ։ Ծնունդները եւ մահերը արձանագրող պետական տոմար գոյութիւն չէ ունեցած, առնուազն ինչ կը վերաբերի գիւղական շրջաններուն մէջ։ Ննջեցեալը անմիջապէս կը թաղուի՝ առանց պետական ձեւակերպութիւններու կատարումին։ Սա կը նշանակէ նաեւ որ գաւառին մէջ իսկական մարդահամար ալ տեղի չէ ունեցած[20]։

[1]Պօղոս Ծ. Վ. Նաթանեան, Արտօսր Հայաստանի կամ տեղեկագիր Բալուայ, Քարբերդու, Չարսանճագի, Ճապաղ Ջուրի, եւ Երզնկայու, 1883, Պոլիս, էջ 49-50։

[2]Յարութիւն քհնյ. Սարգիսեան (Ալեւոր), Բալու. իր սովորոյթները, կրթական ու իմացական վիճակը եւ բարբառը, տպ. Սահակ-Մեսրոպ, Գահիրէ, 1932, էջ զ։

[3]Մեսրոպ Կռայեան, Բալու. Բալուի կեանքէն առնուած պատկերներ, յուշեր, չափածոյ քերթուածներ եւ արձակ էջեր, տպ. Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, 1965, Անթիլիաս, էջ 462։

[4]Նոյն, էջ 462։

[5]Նաթանեան, op. cit., էջ 55։

[6]Սարգիսեան, op. cit., էջ 236։

[7]Նաթանեան, op. cit., էջ 54։

[8]Բարունակ Թոփալեան, Հայրենի գիւղս Օխու, տպ. Հայրենիք, Պոսթըն, 1943, էջ 98-103։

[9]Կռայեան, op. cit., էջ 463։

[10]Սարգիսեան, op. cit., էջ է։

[11]Նոյն, էջ 159-160։

[12]Նոյն, էջ 105։

[13]Նոյն, էջ 105։

[14]Նոյն, էջ 104, 106։

[15]Նոյն, էջ 107-109։

[16]Նոյն, էջ 109։

[17]Նոյն, էջ 159-161։

[18]Փափազեան, op. cit., էջ 133-134։

[19]Սարգիսեան, op. cit., էջ 46։

[20]Նոյն, էջ 253։