Հիւսէնիկ. կահագործներ (մարանկոզ) իրենց արհեստանոցին մէջ։ Կեդրոնը, կանգնած՝ Կարապետ Նաճարեան (Աղբիւր՝ Ահարոնեան, op. cit.)

Խարբերդ - Արհեստներ

Հեղինակ՝ Վահէ Թաշճեան, 14 Ապրիլ 2012 (վերջին փոփոխութիւնը՝ 14 Ապրիլ 2012)

Խարբերդի տարածքին մէջ գիւղատնտեսական բազմազան սովորութիւններ շատ հաւանաբար նոյնքան եւ աւելի հին են, որքան այստեղի գիւղերուն մէջ հայերու անյիշատակ ներկայութիւնը։ Գոյութիւն ունին օրինակ ցորենի հատիկներ ծեծելու ու աղալու, բուրդ մանելու, հիւսուածեղէն գործելու արհեստագործական կերպեր, որոնք դարերու հնութիւն ունին։ Հետագային ասոնց վրայ աւելցած են գիւղատնտեսական յարաբերաբար նոր գիտելիքներ, ինչպէս օրինակ շերամաբուծութիւնը, որոնք շատ արագ տարածում գտած են Խարբերդի կարգ մը գիւղերուն մէջ։ Այնպէս որ առաջին հայեացքով մը այն տպաւորութիւնը ունինք որ Խարբերդի գիւղերուն մէջ արհեստները ուղղակի կապ ունին հողին արտադրութեան հետ, անոնք առաջին հերթին տնայնագործութիւններ, որոնք կոչուած են գոհացնելու ընտանեկան կենցաղային պէտքերը, ինչպէս հացի, ձաւարի ու հանդերձանքի պատրաստութիւնը։

Բայց յայտնի է նաեւ որ սերունդէ սերունդ փոխանցուած այս արհեստներուն մէջ, խարբերդցին հմտացած է, անոր արտադրութիւնները բարձր որակ ստացած են եւ փնտռուած նիւթեր դարձած են շրջանային շուկաներուն մէջ, որոնցմէ ամէնէն կարեւորներն են Խարբերդ եւ Մեզիրէ (Մամուրէթ Էլ-Ազիզ) քաղաքները։ Այնպէս որ դաշտային այս տարածքի գիւղերուն մէջ արտադրուած զանազան նիւթեր նաեւ վաճառման ու առեւտուրի առարկաներ են։ Բացի ուղղակի գիւղատնտեսութեան կապուած արտադրութիւններէն, գիւղերու արհեստագործները նաեւ յայտնի կօշկակարներ, հիւսներ, ճարտարապետներ են։ Այսպիսի արհեստները, ինչպէս նաեւ ուրիշներ, փաստօրէն ներկայ են Խարբերդի դաշտին մէջ գտնուող գրեթէ բոլոր գիւղերուն մէջ։ Այս պարագային եւս նշեալ արհեստներուն խարբերդցիներուն կողմէ կիրառումը համբաւ ունի. գիւղերու մէջ արտադրուած կօշիկները կը վաճառուին նաեւ աւելի հեռու շուկաներու մէջ, իսկ գիւղացի հիւսն ու որմնադիրը յաճախ կը կանչուին մօտակայ քաղաքներուն մէջ՝ շինութիւններու իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար։

Խարբերդ քաղաքէն տեսարան մը։ Վերի բաժինով կ՝երեւին Եփրատ գոլէճի շէնքերը (Աղբիւր՝ Հուրիկ Զաքարեանի հաւաքածոյ)

Պարզ է նաեւ որ այսպիսի բեղմնաւոր գիւղերէ շրջապատուած միջավայրի մը մէջ Խարբերդ քաղաքը իր կարգին արհեստներու կարեւոր կեդրոն մը պէտք էր ըլլար։ Երկար ժամանակ անիկա հանդիսացած է շրջակայ գիւղերուն գլխաւոր շուկան, ուր գիւղացիներ կու գային գլխաւորաբար հողամշակութեան առարկաներ գնելու։ Հետագային, 19րդ դարու երկրորդ կէսին, Խարբերդ քաղաքի այս առեւտրական կարեւորութիւնը որոշ չափով կը նուազի, երբ օսմանեան իշխանութիւններուն որոշումով Մեզիրէ քաղաքը կը դառնայ նահանգային կեդրոն եւ այնուհետեւ կը սկսի կոչուիլ Մեմուրէթ Էլ-Ազիզ։ Նորահռչակ այս կեդրոնը շատ արագ զարգացում կ՝ապրի, բնակչութեան թիւը կ՝աճի ու տնտեսական մեծ վերելք կ՝ապրի։

Խարբերդ եւ Մեզիրէ. կողք-կողքի քաղաքներ են ու իրենց արհեստներով կը հանդիսանան երկու տարածքային կեդրոններ։ Այստեղ կիրարկուող արհեստներուն մեծամասնութիւնը հայերուն ձեռքն էր՝ մինչեւ Առաջին Համաշխարհային պատերազմին բռնկումը եւ այս վայրերէն հայերու տարագրութիւնն ու ջարդը։ Երկու կեդրոններն ալ կը յատկանշուին իրենց արհեստագործական ու արդիւնաբերական ուժականութեամբ։ Ինչպէս պիտի տեսնենք զանազան օրինակներու ընդմէջէն, Խարբերդի ու Մեզիրէի արհեստագործներուն մօտ անպակաս է նաեւ ստեղծագործ միտքը, որ բանալին է նաեւ նորարութիւններու ու իրենց արդիւնաբերութեան յաւելեալ ծաւալումին։ Փաստօրէն, հակառակ նիւթական յարաբերաբար սահմանափակ պայմաններուն, խարբերդցի վարպետ արհեստաւորներ յաջողած են գործարաններ հաստատել ու այս ձեւով նաեւ իրենց արտադրութիւններուն արդիւնաբերական ծաւալ տալ։ Մետաքսի գործարան, բամպակի գործարան, երկաթի ձուլարան. ասոնք պարզ բացառութիւններ չեն, այլ անոնց գոյութիւնը թարգմանը կը հանդիսանայ խարբերդցի արհեստաւորին բազմակողանի ընդունակութիւններուն։

Այս երեւոյթին կ՝արժէ քիչ մը աւելի անդրադառնալ։ Ինչպէ՞ս բացատրել խարբերդցի հայ արհեստաւորին բացառիկ համարուող տաղանդը։ Վստահաբար այս իմաստով կարեւոր գործօն է տարածքէն ներս տիրող կարգ մը արհեստներուն հնութիւնը եւ զանոնք կիրառելու խարբերդցիներուն ձեռք ձգած դարաւոր հմտութիւնը։ Փաստօրէն որոշ արհեստներ, ինչպէս օրինակ ջուլհակութիւնը (ոստայնանկութիւն), կը համարուի տեղաբնիկ ասորիներու մասնագիտութիւնը։ Շատ հաւանական է որ արհեստագործութեան այս մարզէն ներս ասորիներու հմտութիւնը դարերու ժառանգութիւն մըն է։ Նոյն բանը կարելի է ըսել նաեւ հայերու արհեստագործական ժառանգութեան մասին։ Իսկ 19րդ դարու վերջերէն սկսեալ այս երեւոյթին վրայ կ՝աւելնայ նաեւ նոր գործօն մը, որ արտագաղթն ու պանդխտութիւնն են։ Այսպէս, ընկերային, տնտեսական ու քաղաքական ազդակներ պատճառ կ՝ըլլան որ Խարբերդի շրջանէն բազմաթիւ հայեր եւ յատկապէս տղամարդիկ թողեն իրենց հայրենի գիւղն ու քաղաքը ու մեկնին օսմանեան աւելի բարգաւաճ քաղաքներ, ինչպէս Պոլիս կամ Ատանա։ Փաստօրէն, աշխատունակ խարբերդցին յարմար պայմաններ կը փնտռէր աշխատելու ու դրամ վաստկելու։ Իր հայրենի տարածքէն ներս պէյերու ու աղաներու տիրապետութիւնը ու պետական հաստատութիւններու բացակայութիւնը շատ յաճախ առիթ տուած են անիրաւութիւններու ու չարաշահումներու։ Իսկ այսպիսի երեւոյթներու գլխաւոր զոհերէն եղած են խարբերդցի հայ երկրագործը կամ արհեստաւորը։ Այնպէս որ խարբերդցին արտագաղթելով՝ կ՝երթար ու կը հաստատուէր օսմանեան աւելի արագ զարգացող կեդրոններու մէջ, միաժամանակ յուսալով որ կեդրոնական իշխանութիւններուն աւելի տիրական ներկայութիւնը այս վայրերէն ներս զինք աւելի լաւ պիտի պաշտպանէր հաւանական անիրաւութիւններու դէմ։

Աւելի ուշ արտագաղթի հոսանքը խարբերդցիները կը հասցնէ մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, ուր անոնք կը սկսին մեծամասնութեամբ աշխատիլ ճարտարարուեստական մեծ քաղաքներու գործարաններուն մէջ։ Անուրանալի է արտագաղթին աղետալի հետեւանքները Խարբերդի շրջանին հայերուն վրայ։ Պանդխտութիւնը յաճախ իր վրայ դրուած յոյսերը չիրականացներ ու միշտ չէ որ մեկնող տղամարդիկը գործի յաջողութիւններ կ՝ունենան մեծ քաղաքներուն մէջ։ Ուրիշ պարագաներու, զանազան քաղաքներ արտագաղթած խարբերդցի տղամարդուն հետագային կը միանան նաեւ անոր ընտանիքն ու ազգականները։ Իսկ ժամանակի ընթացքին Խարբերդի հայաբնակ գիւղեր կը սկսին դատարկուիլ իրենց բնակիչներէն։ Բայց այս բոլորին կողքին եղած են նաեւ խարբերդցիներ, որոնց համար արտագաղթի քաղաքները հանդիսացած են գործի փորձառութեան, ինչպէս նաեւ արհեստագործական ու արդիւնաբերական նոր գիտելիքներու ամբարման աղբիւրներ։ Գործարաններու մէջ աշխատելով անոնք կը սորվին բանեցնել նոր մեքենաներ, կը գիտակցին խարբերդեան իրենց ծանօթ արհեստներու մէջ այս նոր գործիքներուն պիտանիութեան։ Անոնց մօտ կը ծնին այս նոր գիտելիքներուն հիմամբ նոր գործերու ձեռնարկելու ծրագիրներ։ Իսկ այսպիսի անձերէն ոմանք, ինչպէս պիտի տեսնենք, կը վերադառնան Խարբերդ, Մեզիրէ կամ շրջակայ գիւղեր՝ լայն փորձառութիւններով ու հարուստ գիտելիքներով։ Այսպիսիներուն վերադարձը մեծ նպաստ մը պէտք է համարել տեղական ու ընդհանրապէս օսմանեան տնտեսութեան համար։ Հակասութիւնը հոն է, որ օսմանեան տեղական իշխանութիւններ կասկածամտութեամբ դիտած են հայ ճարտար գործարարներու վերադարձը իրենց հայրենի քաղաքն ու գիւղը։ Մեծապէս արտայայտիչ է օրինակ Խարբերդ քաղաքի ձուլարանի առաջին գործարանը բացող Բարիկեան եղբայներուն պարագան։ Տեղական իշխանութիւններ տարիներու ընթացքին փոխանակ քաջալերելու տեղական տնտեսութեան գոհարը հանդիսացող այս գործարանին աշխատանքը, ամէն տեսակ արգելքներ դրած են անոր առջեւ, բազմաթիւ անգամներ փակել տուած են զայն՝ մտավախ ըլլալով որ անոր հայ սեփականատէրերը կրնան հայ յեղափոխականներու օգտին գաղտնի կերպով զէնքեր արտադրել։

Գիւղատնտեսութեան եւ անոր հետ կապուած արհեստներուն դերին կարեւորութեան գիտակցութիւնը մեծ է Խարբերդի շրջանի հայ համայնքային գործիչներուն մօտ։ Անոնք մանաւանդ գիտակից են որ գիւղատնտեսութեան զարգացումը Խարբերդի պէս տարածքի մը մէջ գլխաւոր ազդակ կրնայ ըլլալ ընդհանրապէս տեղական օսմանեան տնտեսութեան բարգաւաճումին ու ի մասնաւորի խարբերդցի հայուն բարօրութեան։ Այս պատճառով ալ, 1908ին՝ օսմանեան սահմանադրական կարգերու վերահաստատումէն ետք, Խարբերդի հայերուն մօտ կը ծնի գաղափարը այս վայրին մէջ գիւղատնտեսական վարժարան մը հաստատելու։ Գաղափարը խանդավառեցնող էր ու անմիջապէս գործի կը ձեռնարկուի. կը ճշդուի վայրը, կը սկսի դրամահաւաք։ Նոյն այս ժամանակներուն հայկական համայնքային մարմիններ կը մտածեն նաեւ հսկայ մանարան մը հիմնել Խարբերդի դաշտին մէջ, ուր զանազան գիւղերէ շերամապահներ (ընդհանրապէս հայեր) իրենց արտադրած խոզակները պիտի բերէին, անոնք այստեղ մետաքսի թելի պիտի վերածուէին ու արտածուէին մինչեւ Եւրոպա։ Բայց Առաջին Համաշխարհային պատերազմին բռնկումը եւ անոր յաջորդած հայերուն դէմ կիրարկուած զանգուածային բռնութիւնները վերջակէտ մը պիտի դնէին ոչ միայն գիւղատնտեսական վարժարանի ու մանարանի նախապատրաստական աշխատանքներուն, այլ նաեւ Խարբերդի շրջանի հայ արհեստագործութեան դարաւոր պատմութեան։ [1]։

Կօշկակարութիւն

Մեզիրէի մէջ կօշկակարութիւն սորվող հայ որբեր (Աղբիւր՝ Ernst Lohmann, Skizzen und Bilder aus dem Orient, Frankfurt, 1899)

Խարբերդ քաղաքին Մեծ Շուկան կը գտնուի կեդրոն վայրի մը մէջ։ Այստեղ բանող գլխաւոր արհեստը կօշկակարութիւնն է։ Կօշկակարները, մեծամասնութեամբ հայեր են, որոնք կը գործեն աւելի քան հարիւր արհեստանոցներու մէջ, իւրաքանչիւրին մէջ չորս կամ հինգ արհեստաւորներ։ Այս ամբողջ վայրը կը կոչուի «տիքինճինոց», որուն արմատը թրքերէն տիքիճի բառն է, որն կը նշանակէ կօշկակար կամ կօշկար՝ տեղական բարբառով։ Այս վայրը կազմուած է փոքրիկ ու ցած խանութներէ, կողք կողքի շարուած, որոնց իւրաքանչիւրին վրայ բացուած է լուսամուտ մը, այս մութ վայրը քիչ մը լուսաւորելու համար։

Արհեստաւորները կօշիկներուն երեսի կաշին կը պատրաստեն այծի կամ ոչխարի մորթէ, որ կ՝ըլլայ կարմիր կամ սեւ գոյնի։ Իսկ կօշիկի տակի կաշին կազմուած կ՝ըլլայ աւելի մեծ անասուններու թանձր ու աւելի դիմացկուն մորթէն։ Գոյոթիւն ունին տեղական արտադրութիւն եղող կօշիկի քանի մը տեսակներ.-

Ոտից (տեղական բարբառով՝ օտից) կամ փոսթալ.- Ասոնք բաւական պարզ ու ցած կօշիկներ են, որոնց ետեւը՝ դէպի ծունկ բարձրացող մասը, քիչ մը երկար է եւ պոչիկի մը ձեւն ունի։ Անկէ կը բռնեն ու վեր կը քաշեն ոտիցը հագնելու ժամանակ։ Ընդհանրապէս կը գործածուի արական սեռին կողմէ։

Ճիզմէ (մոյկ).- Ասոնք ձմեռնային կօշիկներ են, որոնք կը հասնին մինչեւ ծունկին կէս բարձրութիւնը։ Կը հագուին մանաւանդ պատանիները, իսկ չափահասներն ալ՝ ճամբորդութիւններու ատեն։ Ճիզմէները ընդհանրապէս կ՝ըլլան կարմիր կամ սեւ։

Գոնտուրայ.- Կ՝անուանուի նաեւ փօթին, որ շատ հաւանաբար ֆրանսերէն bottine բառին աղաւաղուած ձեւն է։ Այս կօշիկը շատ աւելի նուրբ ու աշխատցուած տեսակ մըն է եւ անոր կու տան նաեւ եւրոպական կօշիկ անուանումը։ Միայն 19րդ դարու երկրորդ կէսին այս ձեւի կօշիկներ կը սկսին արտադրուիլ Խարբերդի շրջանին մէջ։ Ըստ Ճիզմէճեանի, առաջին անգամ Կուրզի անուամբ յոյն մըն է որ 1850ական թուականներուն այս արհեստը Յունաստանէն Մեզիրէ կը ներմուծէ։ Ան այստեղ արհեստանոց մը կը բանայ, ուր աշկերտ կ՝ունենայ Խարբերդ քաղաքէն Յովակիմ Բարիջանեան։ Այս վերջինը գոնտուրայ կարելու արհեստին կը տիրապետէ ու իր կարգին, զաւակին՝ Սմբատին հետ, խանութ մը կը բանայ Խարբերդ քաղաքին մէջ։ Սմբատ 1895ին Միացեալ Նահանգներ կը գաղթէ, որոշ ժամանակ այստեղ կը մնայ, ապա կը վերադառնայ Խարբերդ, իր հետ բերելով ամերիկեան ոճի նորատեսակ կօշիկներու կաղապարներ, նմուշներ, զանազան նոր գործիքներ։ Այս ձեւով նոր թափ մը կու տայ գոնտուրայի արտադրութեան։

Սկիզբը գոնտուրայ հագուողները աւելի շատ թուրք եւ քիւրտ պէկերու եւ աղաներու կիներն ու աղջիկներն են։ Հետագային բարեկեցիկ հայ ընտանիքներու հայ հարսեր ու հայ կիներ նոյնպէս կը սկսին գոնտուրայ հագուիլ։ Իսկ 1890ական թուականներէն սկսեալ անիկա կ՝ընդհանրանայ ու այս տեսակի կօշիկները կարելի է տեսնել վարժապետներու, բարձրագոյն կրթութիւն ստացած տղամարդկանց, Միացեալ Նահանգներէն վերադարձած պանդուխտներու ոտքերուն։ Մէկ խօսքով գոնտուրայ հագուիլը ձեւով մը կը դառնայ ընկերային որոշ խաւի մը պատկանելու խորհրդանիշի մը։

Կօշկակարները գոնտուրայ շինելու համար պէտք ունին փայտէ կաղապարներ, որոնք Խարբերդի դաշտ կը ներածուին այլ քաղաքներէ։ Թէեւ կարգ մը տեղացի կահագործներ իրենց կարգին կը սկսին շինել այս տեսակ կաղապարներ։ Գոնտուրան շատ տարածուած է մանաւանդ իգական սեռին մօտ։ Քիւրտ կիները կը սիրեն իրենց գոնտուրաներուն վրայ ունենալ զանազան նախշեր։ Հետզհետէ կը դառնայ ամէնէն ժողովրդական կօշիկի տեսակը թէ՛ տղամարդկանց եւ թէ կիներուն մօտ։ Գոնտուրան նաեւ Խարբերդի դաշտին մէջ արտադրուած կօշիկներէն ամէնէն սուղն է։ Բարջանճ (ներկայիս Աքչաքիրազ) գիւղին մէջ 20րդ դարու սկիզբին զոյգ մը գոնտուրայ կ՝արժէ 25-30 ղուրուշ, իսկ փոքրիկներու գոնտուրաները՝ 7-8 ղուրուշ։ Կը սկսի պատրաստուիլ նաեւ գոնտուրայի այլ տեսակ մը, որուն կու տան փոթին-գալօշ անունը, որ հաւանաբար նոյնպէս ֆրանսերէն bottine եւ galoche բառերուն աղաւաղումն է։ Այս տեսակին իւրայատկութիւնը այն է որ կը համարուի կրկնակօշիկ մը։ Այսինքն ձմեռ եղանակին զայն գործածողը երբ տուն կը մտնէ կրնայ հանել կօշիկին վրայի մասը, այսինքն շատ հաւանաբար դէպի ծունկերը երկարող կաշին եւ մնալ միայն ցած կօշիկով։

Անգլիական կօշիկի (գոնտուրայ) ծանուցում Պոլիս հրատարակուող օսմանեան «Շեպալ» պարբերաթերթին մէջ։

Խարբերդ քաղաքին մէջ նշանաւոր վարպետներէն են՝ Գրիգոր Սողիկեան, Սմբատ Բարիջանեան, Հաճի Խաչեր Տէրտէրեան, Մարտիրոս Թաշճեան, Յովհաննէս Փամպուգճեան եւ եղբայրներ, Ա. Ալթըպարմաքեան, Աստուր Լիւլէճեան, Ա. Նալպանտեան, Մարտիրոս Պաղտիկեան, Գրիգոր Գազանճեան։ Մեզիրէի մէջ յայտնի են Սարգիս Պօյաճեան, Խորէն Տարագճեան, Յակոբ Թաշճեան, Մելքոն Ռստիկեան, Աշճեան եղբայրներ, Յակոբ Ճանիկեան, Խայաճան Սրապեան, Սարգիս Նուրիկեան։ Հիւսէնիկի մէջ յայտնի գոնտուրաճի վարպետ է Փիլիպպոս Տէրոյեան։

Չարուխ, կամ չարըխ (տրեխ).- Այս տեսակ կօշիկը սոյն արհեստին մէջ կը համարուի ամէնէն հասարակը։ Կազմուած է հաստ կաշիէ մը, շուրջը բացուած են ծակեր, որոնցմէ կ՝անցնեն կաշիէ հաստ պարան մը՝ չարուխը ոտքին ամրացնելու համար։ Աւելի շատ գործածական է հողագործութեան եւ այլ աշխատանքներու ժամանակ։

Խարբերդի մէջ կան նաեւ փապուճ կարողներ, որ աւելի շատ կիներու համար է եւ կը գործածուի տան մէջ։

Խարբերդի դաշտ. աշկերտ կօշկակարներ՝ իրենց վարպետին հետ (Աղբիւր՝ Ernst Lohmann, Skizzen und Bilder aus dem Orient, Frankfurt, 1899)

Կօշկակարութիւն սորվիլը կրնայ տեւել 2էն 4 տարի։ Այս ամբողջ ընթացքին աշկերտը անվճար կ՝աշխատի վարպետին մօտ։ Վարպետները ընդհանրապէս մէկ կամ երկու աշկերտ կը պահեն։ Կօշկարին գործիքներն են՝ Կօշկըրի իլիկը, մաշան (ունելիք), քուլակը (փայտէ շրջանակով շինուած դոյլ), ախթար աղաճին (փայտէ գործիք մը), մասաթը (դանակ սրցնող գործիք), կոճը (հաստ փայտ), թապարը (կաշին կարելու ծառայող գործիք), խովալը, գազը (kaz, թրքերէնով կը նշանակէ սագ, հաւանաբար սագանման իր ձեւին համար), մուշտան, չաքաճակը (քաշոց)։

Կօշկակարութեան արհեստով նշանաւոր են նաեւ Խարբերդի կարգ մը գիւղերը, որոնց շարքին յատկապէս Բարջանճը, Իչմէն, Հիւսէնիկը։ Բարջանճի կօշկակարներէն կը յիշուին Սրապենց Կարօն եւ որդիները՝ Օվանը եւ Արութը, Միսաքենց Միսաքը եւ որդին՝ Խաչօն, Մարթա Գօգօն, Գամխազար Մկրտիչը, Միսաքենց Մանօն եւ որդիները՝ Պօղոսը, Արութը եւ Ասատուրը, Չըզը Գօգօն, Օվանէսենց Գասպարն ու Սահակը (եղբայրներ), Գեժօնենց Մլգոնը, Ճիմճիմ Գասպարն ու Սահակը (եղբայրներ), Բարսեխենց Տեջան եւ Գրիգորը (եղբայրներ)։ Հիւսէնիկի կօշկակարներէն են Մահտեսի Ահարոնենց Մանուկ ու Միքայէլ Կիւլխասեանները։ Ասոնք երկուքն ալ իրենց գիւղին մէջ բանելէ ետք, կը հաստատուին Մեզիրէ ու այստեղ ալ կը շարունակեն իրենց արհեստը։ Հիւսէնիկի կօշկակարներէն կը յիշուին նաեւ Պօղիկեանները, Գրիգորեանները եւ Պետրոս Աճութեանը [2]։

Խարբերդի դաշտի կօշկակարներուն կողմէ պատրաստուած կօշիկներ։ Ձախէն աջ՝ գոնտուրայ, ոտից (օտից, փոսթալ), չարուխ (Աղբիւր՝ Մանուկ Պ. Ծերօն, op. cit.)

Հիւսնութիւն (նաճարութիւն) եւ կահագործութիւն (մարանկոզութիւն)

Այս արհեստը առաւելաբար կը գտնուի հայերու ձեռքը։ Փայտը կը բերուի Խարբերդի դաշտի գիւղերէն կամ Մալաթիոյ շրջանէն։ Հիւսնութեան արհեստին մէջ յայտնի են Խարբերդ եւ Մեզիրէ քաղաքներուն, ինչպէս նաեւ Բարջանճի, Հիւսէնիկի, Հապուսիի (ներկայիս Իքիզտեմիր), Թլկանին/Խույլուի (ներկայիս Քույուլու) վարպետները։

Խարբերդ քաղաքի Եփրատ գոլէճի մէջ գոյութիւն ունի արհեստանոց մը, ուր աշակերնտեր կը ստանան հիւսնութեան դասեր՝ վարպետներու կողմէ դասաւանդուող։ Շրջան մը այս արհեստանոցին վարիչ-վարպետի պաշտօնը կը ստանձնէ Հիւսէնիկ աւանէն Գաբրիէլ Գաբիկեան։ Այլ հիւսէնիկցի վարպետ կահագործ մըն է Սերոբ Վարդանեան, որ 1887ին Միացեալ Նահանգներ կը գաղթէ, ուր աշխատելով կը զարգացնէ այս արհեստին մէջ իր գիտելիքները, ապա հայրենիք կը վերադառնայ իր հետ բերելով կահագործութեան կարեւոր գործիքներ։ Սկիզբը սովորական արհեստանոց մը կը բանայ Մեզիրէի մէջ, իսկ 1902ին ան նոյն քաղաքին մէջ հիմը կը դնէ կահագործութեան գործարանի մը, ուր կը սկսին պատրաստուիլ Խարբերդի դաշտի ամէնէն նուրբ կահ-կարասիները [3]։

Քիլարճոնց Գրիգորն ու Թորօ Կարօ Մարտիրոսը տախտակ խզարելու գործողութեան պահուն։ Գծագրեց՝ Նուարդ Ծերօն Կօշկարեան, 1933 թուականին։ 1) խզարը, 2) սղոցուելիք գերանը (ճիսիր), 3) իսկելէ, 4) խուփ (Աղբիւր՝ Մանուկ Պ. Ծերօն, op. cit.)

Հիւսնութեան վարպետներ յաճախ իրենց աշխատանոցին մէջ կ՝ունենան մէկ կամ երկու աշկերտներ։ Այս վերջինները կը ծառայեն մօտաւորապէս չորս տարի, կամ մինչեւ որ իսկապէս տիրապետեն հիւսնութեան արհեստին։ Սովորութիւն է որ աշկերտը ապրի վարպետին տան մէջ եւ հոգացուի ընտանիքի հարազատ զաւակին նման։ Այսինքն, անոր սնունդը, հագուստ-կապուստը, գրպանի դրամը վարպետը ինք անձամբ կ՝ապահովէ։ Կը պատահի նոյնիսկ որ վարպետը ինք զբաղի աշկերտը ամուսնացնելու խնդրով։ Ասոնց փոխարէն, պատանի կամ երիտասարդ սկսնակ արհեստաւորը ակնածանք կը տածէ իր վարպետին նկատմամբ, մեծարանքով կը մօտենայ անոր։ Մէյ որ հաստատուի արհեստին տիրապետելու աշկերտին ընդունակութիւնը, վարպետը անոր կը նուիրէ սակառ մը, որուն մէջ զետեղուած կ՝ըլլայ հիւսնի հարկաւոր գործիքներու ընտրածոյ մը [4]։

Հիւսենիկ գիւղին մէջ հիւսնութիւնը ամէնէն յայտնի արհեստներէն է։ Հռչակ հանած հիւներէն կը յիշուին Ատիշեան, Սիւրմելի, Իջմէլեան, Նաճարեան, Նարժօ եւ Խէսէվէթ ընտանիքները։ Խէսէվէթենց Պաղտասարը կը համարուի գիւղին ամէնէն վարպետը։ Ան իր արհեստը մասնագիտացուցած է Պոլսոյ մէջ եւ ինքն է որ առաջին անգամ ըլլալով Խարբերդի շրջանը կը ներմուծէ տուներու տանիքները չաթ կապելու արհեստագիտութիւնը։ Նոյնպէս յայտնի վարպետ մըն է Նարօնց ուստա Կարապետը։ Հիւսենիկը ունի նաեւ շատ փնտռուած կահագործներ, որոնք աւելի շատ հաստատուած են Մեզիրէ քաղաքին մէջ։ Հիւսէնիկցի նշանաւոր կահագործներ են Կարապետ (Աղապապ) Նաճարեան, Մկրտիչ Ռստիկեան, Գաբրիէլ Գաբիկեան [5]։

Բարջանճ գիւղը նոյնպէս կը յատկանշուի այս արհեստով։ Հիւսնութիւնը այստեղ բարձր զարգացում ունի ու բարջանճցի վարպետներ հռչակ ունին տարածքին մէջ։ Կը կարծուի որ հիւսնութիւնը Բարջանճի մէջ արհեստագիտական լուրջ զարգացում կ՝ապրի, երբ այս գիւղը կը հաստատուի Բալուի Հաւաւ գիւղէն գաղթած Ստեփան Ծերօն խալֆան (զաւակը Չաթալպաշ Ծերօնի)։ Այնուհետեւ, այս վարպետին մօտ արհեստ սորված գիւղացիներէն դուրս կու գան տաղանդաւոր հիւսներ, որոնց աշխատանքը փնտռուած ու գնահատուած էր Խարբերդի ամբողջ դաշտին մէջ [6]։ Թլկատին/Խույլու գիւղէն կը յիշուին հիւսնութեան վարպետներ Մինաս Տէր Մինասեանն ու Գրիգոր Եղոյեանը [7]։

Հիւսնին շինածները ընդհանրապէս առօրեայ կեանքին առնչուող առարկաներ են, ինչպէս օրինակ տնական կահեր ու տունի շինութեան համար գործածուող փայտեր։ Հիւսնը կ՝արտադրէ նաեւ գիւղատնտեսական առարկաներ, ինչպէս սայլ, ճըռճըռ՝ բամպակը իր հունտերէն զատող գործիքը, ոստայնանկ, ձիթիհանքի, արօրի, լուծի փայտեայ մասերը, եւայլն։ Հիւսնի գործիքներն են՝ ուրագը, շաղափը, շաղփըքաշը (շաղափը դարձնող աղեղ)։

Բարջանճի վարպետներէն կը յիշուին Ծերօնենց Նահապետն ու Ստեփանը եւ անոնց շառաւիղներէն Կարապետը, Ծերօնը, Պետրոսը, Պօղոսը, Յարութիւնը։ Նաեւ՝ Ալեքսանենց Մինասը եւ Պօղոսը, Կուկուենց Ակոբը, Կարոյենց Խաչատուրը, Կլկլենց Թորոսը (հետագային կը դառնայ քահանայ), Լիրա Էլօն, Միսագենց Օվանէսը, Թագէսենց Կարապետը եւ Սարգիսը, Տեփօ Կարոյենց Ակոբը, Խոճիկ Թորոսի որդի՝ Ստեփանը, Քիլարճի Կիրակոսի որդի՝ Մովսէսը, Խոճկանց Սարի Արութի որդի՝ Յակոբը, Խանչալլի Սահակ, Մղտեսի Ունան, Կուկուենց Թումասը, Յովհաննէսն ու Կիրակոսը, Խըմըլ Մղտեսի Խաչօն եւ Մանուկը։ [8]

Տախտակ խզարելու գործիքները. սղոցը, չլփուն (ոլորուն դերձան) եւ կոտիկի (հողէ թրծուած փոքր պնակ) մը մէջ լեցուած ջրախառն կարմիր նոշա (կարմիր կամ կապոյտ գոյնի կաւիճ) (Աղբիւր՝ Մանուկ Պ. Ծերօն, op. cit.)

Հապուսի գիւղին մէջ, 20րդ դարու սկիզբը, գոյութիւն ունէին մօտ տաս հիւսներ [9]։

Հիւսնութեան մէջ շատ կարեւոր տեղ ունի նաեւ տախտակ խզարելու արհեստը (խզարճութիւնը)։ Ասիկա գերան սղոցելու աւանդական ձեւ մըն է, որ շատ տարածուած է Խարբերդի դաշտին մէջ։ Խզարճութեան համար կը գործածուի խզարը (երկար սղոց), ուրագ մը, երկու խուփեր, կոտիկի (հողէ թրծուած փոքր պնակ) մը մէջ լեցուած կարմիր նոշա (կարմիր կամ կապոյտ գոյնի կաւիճ), ջուր, ինչպէս նաեւ չլփու (ոլորուն դերձան) մը։ Առաջին հերթին հիւսները սղոցուելիք գերանը (կամ ճիսիրը) ուրագով մը բոլոր կողմերէն լաւ մը կը տաշեն։ Ապա, նոշաջուրի մէջ թաթխուած չլփուով այս ճիսիրին վրայ կը քաշեն գիծ մը, որ կը համապատասխանէ սղոցուելիք հաստութեան։ Պատկերին վրայ լաւապէս բացատրուած է ամբողջ գործողութիւնը։ Ճիսիրը (որ բառացի կամուրջ կը նշանակէ) հաստատուած է իսկելէին [10] եւ խուփին [11] վրայ։ Խզարճութեան համար անհրաժեշտ է երկու վարպետներու համատեղ ներկայութիւնը։ Անոնցմէ մէկը ոտաբոպիկ կը բարձրանայ ճիսիրին վրայ ու կը բռնէ խզարին վերի ծայրամասը, մինչ երկրորդ արհեստաւորը կը մնայ վարը ու ձեռքին մէջ կը պահէ խզարին վարի ծայրամասը։ Անոնց համատեղ շարժումներով կարելի կ՝ըլլայ մեծ ճշդութեամբ կտրել գերանը։ Բարջանճ գիւղին մէջ յայտնի խզարճիներ են Քիլարճոնց Աստուրը եւ որդին՝ Գրիգորը, Թորօ Կարօ Մարտիրոսը, Ուստա Մինասենց Գիրգորը, Սահակենց Սարգիսը եւ եղբայրը՝ Պօղոսը, Ռապիթալի Կարապետը եւ եղբայրը՝ Աւետիսը, Հալճոնց Աստուրը եւ եղբայրը՝ Մուսեխը, Ռապիթալի Կարոյի որդիներ՝ Համբարձումը եւ Մլգոնը, Կարօ Ադամը եւ որդին՝ Յակոբը, Հալճոնց Արութը, Թօփալ Եղսոյի որդի՝ Եղազարը, Մանասելենց Մլգոնն ու Մարսուպը, Հալճոնց Գեւօն եւ Թումասը, Խարաչոլցի Մանօն, Կարօ Մլգոնը, Շէյթան Խազարե, Միսագենց Մանուկը, Քիլարճոնց Կարապետն ու Խաչատուրը, եւ ուրիշներ [12]։

Մեզիրէ. կահագործարան մը ու իր արհեստաւորները։ Ձախին՝ վարպետը՝ Նազարէթ Աղամալեան։ Աջին՝ աշկերտը՝ Ղազարոս Մելիքեան, որ հետագային Միացեալ Նահանգներու մէջ կը դառնայ յայտնի լուսանկարիչ։ Այս վերջինին հաւաքածոյին կը պատկանին Խարբերդի շրջանին վերաբերող բազմաթիւ լուսանկարներ (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, op. cit.)

Իրենց վարպետութեամբ հռչակ հանած հիւսներ կրնան նաեւ երկրաչափութիւն ընել։ Օրինակ Բարջանճ գիւղէն Ծերոնենց Պօղոս էֆենտին եւ Ծերոնենց Պետրոս խալֆան, իրենց սովորական արհեստին կողքին նաեւ երկրաչափութիւն ըրած են զինուորական ճանապարհներու շինութեան համար։ Նոյն գիւղէն հիւսնութեան վարպետներ Ծերօնենց Մանուկը եւ Պէրպէր Աւագի որդի՝ Մարտիրոսը, հետագային կ՝ուսանին Պոլսոյ մէջ ու պետական երկրաչափի պաշտօններու կը տիրանան Մամուրէթ Էլ-Ազիզի ու Տիարպեքիրի նահանգներուն մէջ [13]։

Տուներու շինարարութեան համար ամէնէն աւելի շատ գործածուող ծառատեսակը բարտին է, որ բնականօրէն ուղղաձիգ է, բայց ոչ շատ դիմացկուն։ Անոր փայտէն կը պատրաստեն տուներու գերաններ, սիւներ, դարձեկներ, եւայլն։ Բարջանճ գիւղին պարագային բարտիներու առատութիւնը այստեղ ցուցանիշ մըն է այս վայրին մէջ հիւսնութեան արհեստին զարգացումին։ Փաստօրէն, ըստ Մանուկ Ծերօնի, 1880ականներէն սկսեալ, երբ բարջանճցի հիւսներու հռչակը լայն տարածում կը գտնէ Խարբերդի դաշտին մէջ եւ վարպետ հիւսներ յաճախ զանազան շինարարութիւններու համար կը կանչուին մօտակայ քաղաքներ ու գիւղեր, Բարջանճի շրջակայքը կը բազմանան նաեւ բարտիի ծառերը։ Բարտիի աշխատցուած փայտը այլեւս կը սկսի արտածումի նիւթ դառնալ։ Բարջանճի մէջ ամէնէն յայտնի ատաղձավաճառը եղած է Տեփօ Կարօն, որ Մամուրէթ Էլ-Ազիզի կուսակալութեան, ինչպէս նաեւ Խարբերդ ու Մեզիրէ քաղաքներու հիւսներուն գլխաւոր փայտ հայթաթողն էր [14]։

Հիւսներու համար շատ գործածուող ծառատեսակ մըն է նաեւ թթենին։ Անոր փայտը չափազանց դիմացկուն է եւ անկէ կը պատրաստեն արօրի ռատամներ [15], սայլերու նետեր, շինարարական գործիքներ։ Նոյնպէս իր տոկունութեամբ յայտնի է փշատին, որմէ կը շինեն սիւներ, նետեր, ցիցեր, մարդակներ։ Ծիրանիի փայտէն կը պատրաստեն հարսի օժիտի սնտուկներ, գզրոցներ, կտաւագործի տֆա [16]։ Ընկուզենիի փայտը յատկապէս ընտիր նիւթ մըն է կահագործներուն համար։ Անկէ կ՝արտադրեն տուներու դռներ, սնտուկներ, կահ կարասիք։ Շոճիի փայտէն նոյնպէս կը շինեն դռներ, ինչպէս նաեւ ջուրի ամաններ ու դգալներ։ Բայց ամէնէն կարծրներն ու զօրաւորները կը համարուին խօշապի (տեղական բարբառով շիմշիր, հացի (տեղական բարբառով տիշպուտաղ, հերձի (տեղական բարբառով սախըզաղաճի փայտերը։ Վերջին երկու ծառատեսակներէն կը պատրաստեն օրինակ սայլի փայտեայ անիւներ, իսկ շիմշիրը նախընտրութիւն մըն է սանտր, դգալ, ատաղձագործի ծեծիչ եւ քերիչ շինելու համար։ Վերջապէս կաղնիի փայտով կը պատրաստեն ջաղացքի ջրանիւ, կացինի, բրիչի եւ բահի կոթեր [17]։

Երկաթագործութիւն եւ դարբնութիւն

Խարբերդ ու Մեզիրէ քաղաքներուն մէջ այս արհեստը ընդհանրապէս կը բանեցնեն հայերը։ Որոշ զանազանութիւն մը կը դրուի երկաթագործին եւ դարբինին միջեւ։ Առաջինը թրքերէնով տէմիրճին է, որուն արտադրութիւնները առաւելաբար տնաշինութեան ու երկրագործական գործիքներ են։ Հում նիւթը՝ երկաթը, Խարբերդի շրջանը կը ներածուի երկար ձողերու վիճակին մէջ։ Մինչ դարբինը, կամ չիլինկիրը երկաթի վրայ աշխատող աւելի նուրբ արհեստաւոր մըն է, որ կ՝արտադրէ գլխաւորաբար կղպանք, բայց նաեւ մկրատ, դանակ, զմելի, մանուկներու օրօրոցներ ու կառքեր։

Խարբերդ քաղաքին մէջ կայ երկաթագործի մօտաւորապէս յիսուն խանութ, որոնք կը գտնուին Մեծ Շուկային կողքին։ Այստեղ յայտնի երկաթագործ-դարբիններ են՝ Սեդրակ Աւագեան, Բարիկեան եղբայրներ, Նշան Պօյաճեան, Ա. Ղազարեան, Ս. Աւագեան, Պօղոս Սարգիսեան, Ղազար Կէօլճեան։ Հիւսէնիկի մէջ վարպետ երկաթագործ մըն է Միքայէլ Ճանիկեանը [18]։

Բարիկեան ընտանիքը յատուկ տեղ մը կը գրաւէ Խարբերդի ամբողջ շրջանի երկաթագործներու պատմութեան մէջ։ Անոնք հռչակաւոր են Խարբերդ քաղաքին մէջ իրենց հիմնած երկաթի ձուլարանով, ուր կ՝արտադրուին ջաղացքի մեքենաներ, զէնքեր, մեքենական փորիչներ, երկրագործական պիտոյքներ ու ցորենը յարդէն զատող մեքենաներ։ Գործարանին հիմնադիրներն են Աբրահամ (ծն. 1839ին), Բարիջան-Տէտ Ամու (ծն. 1841ին) եւ Մանուկ (ծն. 1857ին) Բարիկեան եղբայրները, որոնք ծագումով Հիւսէնիկ աւանէն են։ Աբրահամ արհեստով եղած է զինագործ, մինչ Բարիջան՝ ոսկերիչ։ Անոնք երկաթագործութեամբ կը սկսին զբաղիլ 1865էն սկսեալ։ 1870ին, երկու եղբայրները ձուլարան մը կը բանան քաղաքին Սինամուտ թաղամասին ձորին մէջ, որ գրեթէ սահմանակից է Հիւսէնիկի։ Ասիկա անդնդախոր եւ ապառաժուտ վայր մըն է, ուրկէ կը հոսի առուակ մը։ Բարիկեան եղբայրները մեծ հմտութեամբ կը յաջողին այս ջուրին հոսանքը օգտագործել գործարանին մեքենաները բանեցնելու նպատակով։ 1880 թուականին, կրտսեր եղբայրը՝ Մանուկ, Միացեալ Նահանգներ կը մեկնի այս արհեստին մարզէն ներս նոր գիտելիքներու ու արհեստագիտութիւններու տիրապետելու համար։ Ան կը հաստատուի Ուստրի (Worcester) մէջ, ուր արդէն գոյութիւն ունէր օսմանցի հայ պանդուխտներու համայնք մը։ Այստեղ ան կը ծանօթանայ նաեւ Տիգրան Թերզեան (Դերձակեան) անունով մասնագէտի մը, որ ամերիկեան գործարաններուն մէջ լայն փորձառութիւն ձեռք ձգած էր ձուլագործութեան մարզէն ներս։ Մանուկ կը մտերմանայ Տիգրանին ու համաձայնութեան կու գան, որ հայ մասնագէտը Խարբերդ մեկնի ու գործի լծուի Բարիկեաններու գործարանին մէջ։ Տիգրան Թերզեան Խարբերդ կը հասնի իր հետ բերելով զանազան արդիական գործիքներ, ինչպէս ճախրանիւ (lathe), ձեւաւորիչ (shaper) եւ ծակիչ (drill press) մեքենաներ, շոգեմեքենայ (steam engine), հովահար (fan)։ Թերզեանին գործարան մուտքն ու նոր մեքենաները նոր թափ կու տան ձուլարանին գործունէութեան. նոր հնոցներ կը շինուին, երկաթը, պղինձն ու արոյրը կը սկսին արատօրէն հոսիլ ու ձեւաւորուիլ գործարանին մէջ, իսկ երկրագործական զանազան գործիքներու արտադրութիւնը կը բազմապատկուի։ Բարիկեան եղբայրները իրենց արհեստանոց-գործարանին մէջ կը նորոգեն նաեւ երկաթեայ մեքենաներ՝ ինչպէս օրինակ մսաղացներ եւ կարի մեքենաներ, կը ստանձնեն նաեւ պետական հրացաններու նորոգութիւնը։

Բարիկեան եղբայրներուն պատկանող երկաթի ձուլարանէն ներս. Խարբերդ քաղաք, Սինամուտի ձոր (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, op. cit.)

Օսմանեան իշխանութիւնները կասկածանքով կը մօտենան Բարիկեաններու գործարանին զարգացումին նկատմամբ։ Անոնց համար Աբրահամ Բարիկեան թէ՛ հայ մըն էր եւ թէ նախկին զինագործ մը։ Ահաւասիկ ինքնութեան երկու ստորոգելիներ, որոնց միացումը կրնայ սաստկացնել հայերու նկատմամբ իշխանութիւններուն հալածախտը։ Հետեւանքը այն կ՝ըլլայ որ ոստիկանութիւնը գործարանը փակել կու տայ՝ գաղտնի կերպով զէնք արտադրելու ամբաստանութեամբ։ Բարիկեանները ունէին թուրք ազդեցիկ բարեկամներ։ Անոնց միջնորդութեան կը դիմուի, կաշառք կը գործածուի եւ ի վերջոյ գործարանը վերստին կը բացուի։ Բայց իշխանութիւններուն կասկածանքը այնպէս ալ չի փարատիր։ Որոշ ժամանակ ետք, միեւնոյն ամբաստանութիւններով գործարանը կրկին կը փակուի։ Այս պայմաններուն մէջ, ձուլարանին գլխաւոր մասնագէտներէն՝ Տիգրան Թերզեան, կը լքէ Խարբերդը ու կը վերադառնայ Միացեալ Նահանգներ։ Բայց Բարիկեանները նոյնքան արագ չեն յուսահատիր։ Կաշառքն ու ազդեցիկ միջամտութիւնները դարձեալ իրենց ներգործութիւնը կ՝ունենան, գործարանը կը վերաբացուի եւ անոր տէրերը շատ արագ կը յաջողին անոր շնորհել արտադրութեան նախկին կշռոյթը։ Նոյն այս ժամանակներուն Միացեալ Նահանգներէն կը վերադառնայ նաեւ կրտսեր եղբայր՝ Մանուկը, արհեստագիտական նոր գիտելիքներով զինուած։ Մէկ խօսքով գործարանը իր լաւագոյն օրերուն մէջ էր։

1893ին, օսմանեան իշխանութիւնները դարձեալ քննութիւններ կը բանան Բարիկեաններու գործարանին դէմ՝ ռումբ ու ռազմամթերք պատրաստելու կասկածանքներ ունենալով։ Գործարանը դարձեալ կը փակուի։ Ապա տեղի կ՝ունենան 1895 հակահայ կոտորածները, որոնցմէ Խարբերդ քաղաքն ու այստեղի ստուար հայութիւնն ալ թիրախ կը դառնայ։ Բարիկեան եղբայրները կը վիրաւորուին զանգուածային այս բռնութիւններուն ընթացքին։ Դէպքերէն ետք, ձուլարանը դարձեալ գործելու արտօնութիւն կը ստանայ։ Բայց այս անգամ Բարիկեանները բնական դժուարութեան մը առջեւ կը գտնուին։ Այսպէս, իրենց ձուլարանին կողքէն հոսող առուն, որուն հոսանքով ալ մինչեւ այդ գործարանը կը բանէր, այլեւս առատ ջուր չունէր։ Պէտք էր գործարանին անիւները դարձնելու նոր լուծումներ գտնել։ Բարիկեանները կը յաջողին նոյն ձորին մէջ հաստատել մեծ հողմաղաց մը, որուն ուժով ալ կը սկսի բանիլ գործարանը։ Տեղական իշխանութիւնները դարձեալ կը միջամտեն. անոնք կը պնդեն թէ հողնմաղացը իր դիրքով սպառնալիք մըն է օսմանեան բանակին, քանի որ այնտեղէն կարելի է թնդանօթ արձակել։ Բարիկեանները կը ստիպուին քանդել նորաշէն այս կառոյցը ու գործը շարունակել մեծ անորոշութեան մէջ։ Այս պայմաններուն մէջ աւագ եղբայրը՝ Աբրահամ, կը մահանայ 1905 թուականին, իսկ կրտսեր եղբայր՝ Մանուկ, կը նախընտրէ գաղթել Միացեալ Նահանգներ։ Բայց երբ 1908 թուականին կայսրութեան մէջ կը վերահաստատուին սահմանադրական կարգերը, Մանուկ, խրախուսուած ազատութեան այն նոր մթնոլորտէն, կը վերադառնայ Խարբերդ ու կրկին կը միանայ իր եղբօր՝ Տէտ Ամուին։ 1915ին, Մանուկ կը զինուորագրուի օսմանեան բանակին մէջ եւ ուրիշ շատ մը հայ զինուորներու օրինակով, ան ալ զոհ կ՝երթայ հայերը բնաջնջելու տիրող կուսակցութեան՝ Իթթիհատ վէ թերաքքէի ծրագիրին։ Տէտ Ամուն կը մնայ գործարանին գլուխը եւ իշխանութիւններուն հրամանով կը ստիպուի իր ձուլարանը պետական ապսպրանքները գոհացնելու համար բանեցնել։ Պետութիւնը յաճախ չէր վարձատրեր այս աշխատանքներուն համար։ Իսկ Տէտ Ամուին միակ մխիթարանքն էր որ այս ձեւով ինքն ու իր անմիջական հարազատները փրկուած էին տարագրութեան ու ջարդի սպառնալիքէն։ 1923 թուականին, այն պահուն երբ Մուսթաֆա Քեմալ թրքական նոր պետութիւնը հիմնած էր արդէն, Տէտ Ամուն ու իր ընտանիքը կը գաղթեն Միացեալ Նահանգներ։ Ան իր կը մահանայ գրեթէ 90 տարեկան հասակին՝ Լոս Անճելըսի մէջ [19]։

Ոստայնանկութիւն

Հիւսէնիկ. երկու հայուհիներ ոստայնանկութեան իրենց հորին ու ջահրակին առջեւ (Ահարոնեան, op. cit.)

Խարբերդի գիւղերուն մէջ այս արհեստը տնայագործութիւն մըն է, այնպէս որ գրեթէ ամէն տուն իր հորը ունի։ Կարգ մը գիւղեր կը յատկանշուին վարպետ ոստայնանկներու արտադրած հիւսուածքներու գեղեցկութեամբ ու բարձր որակով։ Այսպիսի վայր մըն է օրինակ Հիւսէնիկը, ուր զարգածած է կապոյտ եւ կարմիր տպածոներու արտադրութիւնը։ Այս աւանին մէջ կը պատրաստուին նաեւ օսմանեան բանակի զինուորներուն համար ամառնային զգեստներ [20]։

Խարբերդի տարածքէն ներս համբաւաւոր է մանաւանդ ասորոց չիթը, որ հիւսուածքի յատուկ կարմրագոյն տեսակ մըն է եւ կը ծախուի մօտաւոր ու հեռաւոր օսմանեան այլ քաղաքներու մէջ։ Այս մէկը Խարբերդ քաղաքի ասորիներուն մասնագիտութիւնն է, կը գործուի տուներու մէջ զետեղուած սեփական հորերու մէջ։ Հիւսուածքին պատրաստութենէն ետք, զայն կը տանին Խարբերդ քաղաքին մօտակայ ասորոց չայը (ասորիներու առուն), որ խորքին մէջ ձոր մըն է։ Հոս, հիւսուածքը կ՝եփեն, կը սպիտակացնեն, ապա բացօթեայ կը փռեն։ Յետոյ ծայր կ՝առնէ յատուկ ձեւերով գունաւորումը ու նկարազարդումը։ Գունաւորման գործողութեան համար կը գործածուին յատուկ ներկեր, որոնց պատրաստութիւնը դարաւոր անցեալ ունի եւ սերունդէ-սերունդ կը պահպանուի իբրեւ արհեստագործական գաղտնիք։ Յայտնի է սակայն որ կարմիր այս դիմացկուն ներկը ստանալու համար կը գործածուի տորոնը (rubia tinctorum), ընկոյզի թարմ կեղեւը, գղթորը ու զանազան այլ բոյսեր։ Գղթորը փոքր ընկոյզի նմանող պինդ նիւթ մըն է, որ որդերու ճամբով յառաջ կու գայ զանազան բոյսերու եւ մանաւանդ կաղնիի տերեւներուն վրայ։ Ասկէ կ՝արտադրուի սեւ ներկ մը, որ կը գործածուի օրինակ թանաք պատրաստելու համար։ Թէեւ, 20րդ դարու սկիզբին քիմիական արտադրութիւն եղող կարմրիտը (alizarin) կը սկսի փոխարինել այս բնական ներկը, բայց այս նոր ներկը հինին դիմացկունութիւնը չունէր։

Մեզիրէի մէջ դերձակութիւն սորվող հայ որբեր (Աղբիւր՝ Ernst Lohmann, Skizzen und Bilder aus dem Orient, Frankfurt, 1899)

Ասորոց չիթը հռչակաւոր է իր տոկունութեամբ. անիկա կը դիմանայ տարիներու թաւալքին ու գոյնը չի կորսնցներ։ Հիւսուածքին վրայ աւելցուած պատկերները, որոնք ընդհանրապէս կ՝ըլլան ծաղիկներ ու թռչուններ, նոյն ասորի արհեստաւորներուն գործն է։ Հիւսուածքը ասորի վաճառականներու կողմէ կը ծախուի Խարբերդ քաղաքի, ինչպէս նաեւ այլ շուկաներու մէջ։ Պէտք է ըսել որ Խարբերդի ասորիները այս արհեստը կը վարեն իսկական ընկերակցութեան մը օրինակով։ Այսինքն, արհեստը ունի իր գաղտնիքները, զորս պէտք է պահպանել, իրարու միջեւ պէտք է ստեղծել փոխադարձ վստահութեան ու փոխադարձ շահի պայմաններ, մէկը միւսին պէտք է զօրակցիլ, պէտք է մանաւանդ պաշտպանել յաճախորդին ապրանքը, որ իրենց մօտ ներկուելու ղրկուած է։ Այս բոլորը նաեւ ստեղծած է վստահութիւն յաճախորդին ու ասորի արհեստաւորին միջեւ։ Օրինակի համար, գարնան եղանակին, ասորիներ կ՝այցելեն գիւղերը ու այնտեղերէն կը հաւաքեն զանազան կտաւներ ու հիւսուածքներ, որոնք պէտք է ներկել ու աշնան վերադարձնել իրենց տէրերուն։ Այս բոլորը կը կատարուի առանց փաստաթուղթի ու ստորագրութեան, ամէն ինչ հիմնուած է ասորիներու այս արհեստին նկատմամբ վստահութեան վրայ։ Գողեր անպակաս են ասորոց չիթ կոչուած վայրէն, նկատի ունենալով որ կտաւներն ու զանազան հիւսուածքները բացօթեայ փռուած կ՝ըլլան այնտեղ։ Բայց հսկողութիւնը ասորիներուն համար հաւաքական պարտականութիւն մըն է։ Երբ պատահի որ գող մը յայտնուի, պահակները ձայն կու տան եւ կարճ ժամանակի մը մէջ մեծաթիւ ասորիներ կը յայտնուին այս վայրը՝ փայտերով ու բիրերով զինուած։ Ասորիները իրենց ամբողջ համայնքով տէրն ու պահապանը կը կանգնին այս արհեստին։ Ասորի ոստայնանկ եւ վաճառական ընտանիքներէն կը յիշուին՝ Եաղուպ Տաշօն եւ իր որդին՝ Սուրիան, Ակոբ եւ Պողօս Փերջ եղբայրները, Մինաս, Պօղոս եւ Մարտիրոս Չաթալպաները (եղբայրներ), Մալճաները, Կարապետ, Գէորգ եւ Աւետիս Տօնապետ եղբայրները, Աղայիկները, Աղայէկ, Կէվարկիս եւ Գասպար Չթճի եղբայրները [21]։

Կաշեգործութիւն կամ խաղախորդութիւն

Խարբերդ քաղաք. աջին կ՝երեւի ասորիներու թաղամասն ու ասոորիներու Ս. Աստուածածին եկեղեցին (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, op. cit.)

Խույլու/Թլկատին (ներկայիս Քույուլու) գիւղը երկար ատեն համարուած է Խարբերդի դաշտին կաշեգործութեան գլխաւոր կեդրոնը։ Այստեղի հայ կաշեգործները յայտնի վարպետներ են այս արհեստին մէջ։ Կ՝ենթադրուի որ խաղախորդութիւնը հոս ներմուծուած է չնգուշցի հայ գաղթականներու ճամբով, 19րդ դարու երկրորդ կիսուն։ Բացի շրջակայ գիւղերէն, հում մորթը Խույլու կը ներածուի Էրզրումէն, Պաղտատէն, Ռուսիայէն, մինչեւ իսկ Հնդկաստանէն։ Ըստ հայկական աղբիւրներու, յաճախ կը պատահէր որ հում մորթի բեռները այս գիւղը հասնին երեք հարիւր ջորիներէ ու ուղտերէ կազմուած կարաւաններով։ Ներածող գլխաւոր վաճառականները Կիւլպէնկեանները եւ Թրէփեաններն են։ Խույլուի մէջ պատրաստուող կաշին կը վաճառուի Խարբերդի շրջանի, բայց նաեւ Մարզուանի, Սեբաստիոյ, Մալաթիոյ, Տիարպեքիրի եւ այլ քաղաքներու շուկաներուն մէջ։ Գիւղին գլխաւոր կաշեգործներն են՝ Շահին, Պօղոս, Մարսուպ, Սէֆեր եւ Պետրոս Մուրատեաններ, Մղտես Ալեքսան Փափազեան, Սուքիաս Փափազեան, Դանիէլ, Պետրոս եւ Հաճի Յակոբ Գայլեան, Ասատուր եւ Յակոբ Եազլեան, Պաղտասար աղա Բաղդոյեան, Աստուր Հովիկեան եւ որդիները՝ Աստուր եւ Գրիգոր, Յակոբ, Ասատուր, Թորոս Աղոյեաններ եւ որդիներ, Յակոբ, Գասպար, Սիմոն եւ Պաղտասար Կօշկարեաններ եւ որդիներ, Մարսուպ եւ Պետրոս Կօշկարեան, Ասատուր Քէօչէքեան, Գէլեաններ, Տեփոյեաններ, Կոստանեաններ։ Խույլուի մէջ կաշեգործութիւնը եւ կաշիի արտածումը զգալի նահանջ կ՝ապրի 1890ական թուականներուն, երբ ծայր կ՝առնէ խույլուցի երիտասարդներու գաղթը դէպի Միացեալ Նահանգներ։ Գաղթականական շարժումը նաեւ պատճառ կ՝ըլլայ, որ կաշեգործութեան կեդրոնը Խույլուէն տեղափոխուի Խարբերդ քաղաք [22]։

Գղթորը. ընկոյզի նմանող պինդ նիւթ մը, որ որդերու ճամբով յառաջ կու գայ մանաւանդ կաղնիի տերեւներուն վրայ։ Անկէ կը պատրաստուի դիմացկուն ներկ մը (Աղբիւր՝ Հ. Ղեւոնդ Ալիշան, Հայբուսակ կամ հայկական բուսաբառութիւն, Վենետիկ, Ս. Ղազար, 1895)

Խարբերդ քաղաքին մէջ այս արհեստը ընդհանրապէս տեղացի թուրքերուն ձեռքն է։ Հոս պատրաստուող կաշին ընդհանրապէս կը պատկանի մանր անասուններու, ոչխարի եւ այծի։ Կովի, ձիու եւ եզի կաշի ալ կը պատրաստուի այստեղ, բայց անոնք մաս կը կազմեն նաեւ ներածուող ապրանքներուն։ Այս արհեստով զբաղողները կ՝աշխատին քաղաքին Վարի թաղին մէջ՝ արեւելեան բլուրին տակ՝ ձորածոցին մէջ, ուր հաստատուած է տապաղխանա մը եւ ուր կայ արագահոս առու մը։ Հոս է որ արհեստաւորները կը մաքրեն ու կը քերթեն անասունի մորթը։ Գործարքը ընդհանրապէս տեղի կ՝ունենայ աշնան պաղ օրերուն, նկատի ունենալով որ չոր եւ ցուրտ կլիմային տակ չորցած կաշին աւելի կակուղ ու տոկուն կ՝ըլլայ։ Կաշիի պատրաստութեան ատեն կը գործածեն շան փինը (աղտը), ինչպէս նաեւ այլ բուսական նիւթեր։ Ասոնք կը ծառայեն մեծ անասուններուն կաշին թանձրացնելու ու կարծրացնելու։ Բարակ կաշիները կը ներկեն սեւ կամ կարմիր. անոնք կը գործածուին կօշիկներ շինելու համար։ Ներկերու պատրաստութիւնը նոյնպէս յատուկ արհեստ մըն էր, թէեւ վերջին տարներուն ներկը կը սկսի ներածուիլ արտասահմանէն։ Խարբերդ քաղաքին մէջ խաղախորդութիւն ընող եւ կաշիի վաճառականութեամբ զբաղող հայերը ընդհանրապէս ծագումով չնգուշցիներ են։ Ծանօթ անուններ են Մուրատեանները, Շահինեանները եւ Նահիկեանները։ Այս վերջին ընտանիքին պատկանող խաղախորդարանը կը գտնուի քաղաքին բերդին մօտերը [23]։

Մանուկ Ծերօն աւելի մանրամասն կը գրէ խաղախորդութեան արհեստին մասին։ Այսպէս, առաջին հերթին կարեւոր է մածուցիկ նիւթի մը պատրաստութիւնը։ Ասոր համար անհրաժեշտ է 20-25 քկ. ջուրի մէջ վառած կիր խառնել, ապա՝ շարմաղէ անցուած կաղնեփոշի։ Գոյացած այս նիւթը կը քսեն հում մորթերուն վրայ։ Մէկ օր ետք, ոչխարի ու այծի այս մորթերուն վրայ մնացած բուրդն ու մազը կը քաշեն ձեռքով ու կը մաքրեն։ Մորթը ծալլուած վիճակի մէջ մօտ մէկ շաբաթ կը պահեն, հերթաբար զանոնք ջրելով, որպէսզի չի չորնան։ Մէկ շաբաթ ետք, զանոնք ամբողջ գիշեր մը ձողերու վրայ առանձին-առանձին կը կախեն։ Այնուհետեւ քերոցով բոլոր մորթերը լաւ մը կը քերեն ու ամբողջովին կը մաքրեն։ Ապա կը կրկնուի վերը նկարագրուած նիւթով ծեփելու գործողութիւնը, որմէ ետք մորթերը դարձեալ շաբաթ մը կը պահուին։ Ասկէ ետք ծայր կ՝առնէ իւրաքանչիւր մորթի աղբիւրի ջուրով լուալու արարողութիւնը։ Մաքրուած ու լուացուած այս մորթերը ապա կը զետեղեն մեծ թաղարներու մէջ, որուն վրայ կ՝աւելցնեն սախխատ կոչուող հեղուկը։ Այս վերջինը կը բաղկանայ ջուրէ ու անոր մէջ լուծուած շանփիէ (շունի աղտ)։ Այսպէս կը պահուի ամբողջ օր մը։ Ապա մորթերը կը բանան, ներսի երեսը կը սկսին քերոցով լաւ մը մաքրել՝ միսի ամէն հետք վերացնելով։ Դանակով մը մորթին երկու երեսներուն վրայէն ջուրը կը հանեն ու կը ցամքեցնեն։ Կովու, եզի եւ գոմէշի մորթին խաղախորդութեան պարագային նոյն գործողութիւնը կը կատարուի, բայց տեւողութիւնը աւելի երկար է։ Այսպէս, փոխանակ մէկ օր միայն մածբւցիկ նիւթին մէջ մնալու, այս անգամ 5-6 օր կը պահուի։ Թաղարի մէջ պահուելու արարն ալ կը տեւէ երկու շաբաթ։ Այժմ մորթը պատրաստ է հասիլ ըլլալու։

Այս գործողութեան համար դարձեալ խաղախորդուած մորթերը կը լեցնեն թաղարներու մէջ, կ՝աւելցնեն թաթիր, դեղ, գղթոր ու գաղջ ջուր։ Թաթիրը կաղնիի տերեւի ու կճեպի խառնուրդ մըն է, զոր կը չորցնեն ու կ՝աղան։ Խարբերդի մէջ անիկա կը ներածուի Բալուի շրջանէն։ Դեղը նուռի աղացուած կեղեւն է, որ կը ներածուի Չնգուշէն ու Արղանա Մատէնէն։ Ոչխարի ու այծի մորթերուն պարագաներուն կ՝աւելցնեն 1-2 նուկի (640 կր.) [24] թաթիր եւ նոյնքան ալ դեղ։ Հորթի մորթին համար՝ երկուքական նուկի, կովուն ու եզին՝ չորսական, իսկ գոմէշին պարագային՝ վեցական նուկի։ Այսպէս կը թողուն մօտ երեք շաբաթ, միայն գոմէշի մորթն է որ կը պահեն աւելի երկար՝ 30 օր։ Այս ամբողջ ընթացքին, մորթերը ատեն-ատեն պէտք է դուրս հանել թաղարներէն, անոնց մսի երեսը քերել, ապա վերստին զանոնք զետեղել իրենց նախկին տեղը [25]։

Մէյ մը որ երեք շաբաթ ժամանակը կը լրանայ, այս անգամ մորթերը վերջնականապէս կը հանեն թաղարներուն մէջէն ու բացօթեայ տեղ մը կը փռեն՝ չորնալու համար։ Գոմէշի մորթին պարագային, չորնալու այս ընթացքին, երկու-երեք անգամ կը լողեն՝ լաւագոյնս հարթացնելու համար։ Գործածութեան պատրաստ այս կաշիները ապա կը ներկեն սեւ կամ կարմիր։ Տեղական կաշին կ՝արտադրուի նաեւ Խարբերդի շրջանէն դուրս գտնուող քաղաքներ։ Այս վաճառականութեամբ զբաղող հայերէն յայտնի են Մուրատեան ընտանիքը, Թորոսենք եւ Շահինեան եղբայրները [26]։

Մսագործութիւն

Խարբերդ քաղաքին մէջ այս գործով կը զբաղին հայերն ու թուրքերը։ Սպանդանոցը նախապէս գտնուած է թրքական թաղին հարեւանութեամբ։ Հետագային անիկա կը փոխադրուի Խայալըզի ապառաժներուն մէջտեղը, Ս. Ստեփաննոսին եկեղեցիին բաւական մօտիկ։ Հակառակ այս մօտիկութեան դէմ կատարուած եկեղեցիին բողոքներուն, տեղական իշխանութիւնները այնպէս ալ չեն տեղափոխեր զայն։ Այստեղ է որ անասունները կը մորթուին, ապա, բեռնակիրներու ուսին դրուած՝ կը փոխադրուին քաղաքին մսագործներու խանութները։ Այս գործին մէջ տիրական դիրք ունին հիւսէնիկցիները [27]։

Հիւսէնիկի մէջ յայտնի մսագործներ են Յովսէփեանները, Պօզոյեանները, Աստիկեանները, Մազմանեանները, Ահարոնեանները, աւելի հին ժամանակներուն՝ Արսլանեանները եւ Նահիկեանները։ Այս վերջին երկու ընտանիքները օսմանեան բանակը միսով պարենաւորած են 1877ի ռուս-թրքական պատերազմին ընթացքին [28]։ Բարջանճ գիւղի մսագործներէն կը յիշուին Փերիշան Կարապետ եւ որդին՝ Ասատուր, Նազարենց Այմէտ ամուն (թուրք), Հալճոնց Գեւօն [29]։

Կան նաեւ յատկապէս Հիւսէնիկ աւանէն վաճառական մսագործներ, որոնք ձիերով կ՝երթան մինչեւ Պինկէօլ, Մարտին, Ուրֆա եւ Նիսիպին, ուր քիւրտերէ ու արաբներէ կը գնեն ոչխարի ու արու այծի հօտեր, հովիւներու օգնութեամբ այս անասունները կը բերեն Խարբերդ եւ Մեզիրէ քաղաքները ու կը վաճառեն տեղական շուկաներուն վրայ։ Այսպիսի յայտնի վաճառականներ եղած են Յովսէփենց Պապօն, Յակոբ եւ Աբրահամ Տէմիրճեան եղբայրները, Մուշեղ եւ Աւետիս Սրապեան եղբայրները, Գէորգ Քէչէճեանը, Գրիգոր Մազմանեանը, Կարապետ, Մինաս եւ Յակոբ Մազմանեան եղբայրները, Յովակիմ Նահիկեան եւ որդիները՝ Նահապետ, Գաբրիէլ եւ Սիմոն, Արթին Ահարոնեանը եւ որդին՝ Աղապապը, Յակոբ Ահարոնեանը, Աստուր Մազմանեանը, Առաքել աղա Յովսէփեանը, Սահակ եւ Հաճի Յովհաննէս Տիրանեան եղբայրները, Գզոյեան պապան, Մինաս աղա Խօլիկեանը, Մանուկ Խօլիկեանը, Գօնճոյեանն ու Ճանիկեանը։ Մմեծամասնութեամբ հիւսէնիկցիներ են նաեւ Մեզիրէի մսագործները [30]։

Քարկոփութիւն եւ որմնադրութիւն

Այս արհեստը տարածուած է յատկապէս քարահանք ունեցող գիւղերուն մէջ, ինչպէս օրինակ Քէօրփէ։ Այստեղ կը կտրուին, կը չափուին ու կը ձեւուին գերեզմանաքարեր, տուներու շինութեան յատուկ քարեր, պուլղուր աղալու երկնաքար, աղօրիքի քար, որոնք հետագային քաղաքներ ու գիւղեր կը փոխադրուին եզներու կողմէ քաշուող կառքերու վրայ բեռցուած։ Քէօրփէի վարպետ քարկոփներէն կը յիշուին Ուստա Սարգիս Ազնաւուրեան, Ղազար Ասլանեան, Սարգիս Թուռշեան, Յովհաննէս Տէր Գասպարեան (Շշուկենց), Եղիա Պօյաճեան, Սարգիս Ուզունեան, Ուստա Եղիազար Պաղտասարեան, Ուստա Խաչատուր Մինասեան (ապա՝ Թաշճեան), Մանկասար Աբրահամեան (Շաջոյենց), Թորիկ Յակոբեան (Եղոյենց), Ուստա Խայաճան Ուզունեան [31]։

Իր վարպետ քարկոփներով ու որմնադիրներով հռչակաւոր է նաեւ Հիւսէնիկ աւանը։ Անոնցմէ ոմանք իրենց արհեստագիտութիւնը այնքան յառաջ տարած են որ այլեւս դարձած են իսկական ճարտարապետներ։ Ասոնց շարքին կը յիշուին Քայարենց ուստա Յովհաննէսը, Քայարենց ուստա Մկրտիչը։ Այս վերջինը օսմանեան 4րդ կարգի շքանշան ալ կը ստանայ իր կառուցած պետական շէնքերուն ու կամուրջներուն համար։ Ճարտարապետ Քայարենց ուստա Մկրտիչի ցուցմունքներով կառուցուած են Մեզիրէի եւ Չմշկածաքի օսմանեան բանակի զօրանոցները, կառավարական շէնքը, իտատին (օսմանեան պետական նախակրթարան վարժարան)։ Դարձեալ Քայարեան ընտանիքին կողմէ շինուած է Հիւսէնիկ աւանի մզկիթն ու անոր մինարէն, ինչպէս նաեւ Սբ. Վառվառ եկեղեցիին գմբէթը։ Նոյն եկեղեցիին մնացեալ բաժիններուն ճարտարապետները եղած են Ուստա Ակոբ Վահանեանն ու Ուստա Մանուկը։ Հիւսէնիկցի ճարտարապետ Գէորգ Գօնճօյեանը կառուցած է Մեզիրէի հիւանդանոցն ու քըշլան (զօրանոցը), Հիւսէնիկի տեպպօն (պահեստ) եւ կարմիր ղոնախը (կառավարչատուն, քոնաք)։ Ուստա Ակոբ Վահանեանի զաւակները, նոյնպէս ճարտարապետ, շինած են Մեզիրէի ֆրանսական գոլէճը [32]։ Թլկատին/Խույլու գիւղին մէջ վարպետ որմնադիրներ են Պետրոս Նաճարեան, Ապտոյ, Յովակիմ եւ Կարապետ Մուշոյեան եղբայրները։ Այս վերջինները նաեւ ճարտարապետ եղած են ու հեղինակ են կամուրջներու ու շէնքերու յատակագիծերուն, ինչպէս նաեւ գլխաւորած են անոնց կառուցումը [33]։ Բազմաշէն գիւղէն յայտնի ճարտարապետ են Գոլէճ Մղտեսի Խայօն, որ շինած է իր գիւղին մէջ մէկ, ինչպէս նաեւ Չմշկածաքի մէջ երեք եկեղեցիներ։ Ան նաեւ Մեզիրէի ոստիկանատան եւ բանտին ճարտարապետն է։ Նոյն գիւղէն այլ ճարտարապետներու շարքին կը յիշուին Գոլէճ Պօղոսը, Թերզոնց Ծերօնը, Գօլէճ Ասատուրը, Գաբոյենց Ակոբը, Օվեսենց Պապօն, Փօլոյենց Խաչօն, Նորոյենց Մարտօն [34]։

Ջաղացպանութիւն

Ցորենը ալիւրի վերածող ջաղացքներեր կը գտնուին Խարբերդի ու Մեզիրէի շրջակայ գիւղերուն մէջ, ինչպէս օրինակ Եղեգի (ներկայիս Աքսարայ), Բարջանճ, Բազմաշէն (ներկայիս Սարըչուպուք)։ Քաղաքներէն ցորենը կը տանին այս վայրերը եւ ալիւրի վերածուած կը բերեն տուն։ Բարջանճի մէջ գոյութիւն ունին հինգ ալիւրի ջաղացքներ (տեղական բարբառով ջաղարջ), հինգն ալ տեղացի աղաներու սեփականութիւն։ Զանոնք բանեցնողները հայեր կամ քիւրտեր են, որոնք տարեկան վարձք կու տան ջաղացքին սեփականատէրերուն։ Բարջանճի ամէնէն նշանաւոր ջաղացքը Պաշ տակիրմանն է (թրքերէն բառ, կը նշանակէ գլխաւոր ջաղացք), որ կ՝անուանուի նաեւ Վերի ջաղարջ, կամ Եղոյենց ջաղարջ։ 1910ին նոյն այս վայրը կը կառուցուի արդիական աղօրիք մը, որ կը սկսի Խարբերդ ու Մեզիրէ քաղաքներուն փուրերուն բարակ ալիւրը հայթայթել։ Բարջանճի մէջ կան նաեւ հետեւեալ ջաղացքները. Գօշկրենց ջաղարջ, Չագչագու ջաղարջ, Քռիկենց ջաղարջ, Սել տակիրման։ 1885 թուականին այս վերջին ջաղացքին վայրը կը կառուցուի բամպակ կթնելու (մաքրելու) արդիական մեքենայի սարքուածք մը։ Իսկ բարջանճցի յայտնի հայ ջաղացպաններ են. Հոբբալա Տօնօ, Եղօ Մնչօ, Թոփուրմա Էկոբ, Միսագենց Պետօ, Քռիկենց Մամօ, Քոռ Օսօ, Կարօ Գեւօ Գասպար, Նոնօ Պօղոսենց Նաւօ, Թոփուրմայենց Կարմիր Մարտօ։ Բազմաշէնի մէջ 1910 թուականին կը կառուցուի կազով բանող ջաղացք մը՝ Աւետիս Նաճարեանի եւ Մուրատ Ճիկէրճեանի կողմէ։ Եղեգի գիւղին մէջ բանող գլխաւոր ջաղացքները կը պատկանին Առաքելեան, Պահատուր, Ադամենց, Սուրսուրի եւ Էրմենի Օղլու ընտանիքներուն [35]։

Խարբերդի շրջանի ալիւրի ջաղացքները ընդհանրապէս նման են պատկերին մէջ երեւցող կառոյցին։ Այսպէս, հովտունը կ՝ըլլայ քարաշէն, իսկ միւս պատերը շինուած կ՝ըլլան աղիւսով։ Ջրուղին, կամ ջրհորդանը որուն մէջով ջուրը կը հոսի ու կը հասնի մինչեւ ջրաղացը, կ՝ունենայ երեք ոտք լայնք (90 սմ.) եւ 10-20 ոտք (3-6 մեթր) խորք։ Անոր վայրի ծայրամասին շինուած է փեթակը, որն ունի փոքր բացուածք մը՝ զիլֆան, կամ սիլիկոնը։ Այստեղէն է որ ջուրը թափով դուրս կու գայ, կը թափի քրմանին (ջրանիւ) գոգաւոր թեւերուն վրայ, որոնք կը սկսին դառնալ։ Քրմանին հետ կը դառնայ նաեւ անոր վրայ հաստատուած փայտեայ սիւնը (ցից), որուն վերին ծայրամասին վրայ, կարմուճակի մը միջոցով ամրացուած է ջաղջքարը։ Քրմանին տակը դրուած է տափանը, որ եթէ մէկ կողմէ այս ջրանիւին իբրեւ յենարան կը ծառայէ, միւս կողմէ նաեւ կարելի է անոր ճամբով ճշդել իր առանցքին վրայ պտտուող քրմանին կշռոյթը։ Այսպէս, քրմանին տակէն դուրս գալով, տափանը կ՝երկարի եւ այս երկարող ծայրամասին վրայ ուղղահայեաց դրութեամբ հաստատուած է երկար սիւն մը՝ կոթուրկան (լծակ, թրքերէնով՝ götürge)։ Այս վերջինին վեր-վար շարժումներն են, որոնք կրնան ճշդել ալիւրին բարակութիւնը։ Ջրանիւը կանգնեցնելու երկու ձեւ կայ։ Առաջին, կարելի է սաւաճաղը քաշել ու վերէն հոսող ջուրը անմիջապէս կանգ կ՝առնէ։ Երկրորդ, կոթուրկան ամբողջովին վար կ՝իջեցնեն ու ջրանիւը կը կանգնի։

Քաղաքներուն մէջ գոյութիւն ունին աղօրիքներ, ուր խաշուած ցորենը կ՝աղան եւ պուլղուրի կը վերածեն։ Իսկ պուլղուր աղալու համար գրեթէ ամէն տուն իր երկանքը (կամ երկնաքար) ունի։ 1915 թուականէն կարճ ժամանակ առաջ երեւան կու գան նաեւ մեքենական կերպով պուլղուր եւ ցորեն աղալու գործիքներ [36]։

Բարջանճ գիւղի Չագչագու ջաղացքին (ջաղարջ) գծագիր պատկերը։

1)ջաղջըտուն, 2)ջաղջքար – երկու, 3) կարմուճակ, 4)քուղա. թաքնայ, 5)ճրդոն, 6)չախչախ, 7)ալըրտուն, 8) քրման, կամ ջրանիւ, 9) տափան, 10)կոթուրկա (լծակ, թրքերէնով՝ götürge), 11) ջրուղի, կամ ջրհորդան, 12)զիլֆա, կամ սիլիկոն, 13)սաւաճաղ, 14) հովտուն, 15) թոնիր, 16) օճախ, 17)աղուօնճուվացով ցորեն, 18) փեթակ, 19) ցից (փայտեայ սիւն)։

Ջաղացպանը՝ Հոբբալա Տօնօ։ Գծուած է Մանուկ Ծերօնի կողմէ ու վերագծուած իր որդւոյն՝ Լեւոն Մ. Ծերօնի կողմէ, 1933 թուականին, Ճուլիէթի մէջ, Իլլինոյ, Միացեալ Նահանգներ (Աղբիւր՝ Մանուկ Պ. Ծերօն, op. cit.

Բրուտագործութիւն

Խարբերդ քաղաքին մէջ այս արհեստին կը տիրապետեն հայերը եւ կան ճարտար վարպետներ։ Ասոնց արտադրութիւնները ընդհանարապէս տնային գործածութիւններ ունին, ինչպէս հողէ գաւաթ, պնակ, պուտուկ, բղուղ, կուժ, մեծ եւ փոքր քարազ (ճերմակ կաղճիէ շինուած ջուրի անօթ), ջուրի սափոր, թան հարելիք խնոցի, գինիի կարաս։ Բրուտագործներուն արհեստանոցները մեծամասնութեամբ կը գտնուին բերդին բաղնիքին մօտ։ Թէ՛ Խարբերդ եւ թէ Մեզիրէ քաղաքներուն վարպետ բրուտները ընդհանրապէս ծագումով արաբկիրցիներ են։ Ծանօթ է օրինակ Բերդի Մէյտան (հրապարակ) տանող ճամբուն վրայ գտնուող բրուտագործութեան արհեստանոցը, ուր կը գործէ բրուտ Մամասը [37]։ Գիւղական վայրերու մէջ Ծովքն ու Հապուսին յայտնի են բրուտագործ իրենց հայ արհեստաւորներով [38]։

Հապուսի գիւղին պատմութեան մասին գրուած գիրքին մէջ կը նշուի թէ ընդհանրապէս մարտ ամսուն է որ գիւղի բրուտները կը հաւաքեն իրենց աշխատանքին համար անհրաժեշտ սեւ հողը՝ ճամբաներէն ու արտերու եզերքներէն։ Ապա, գիւղին կեդրոնական բակէն ու դպրոցին մօտակայ բլուրէն անոնք կը հաւաքեն ու կը մաղեն ճերմակ հողը, զոր կը խառնեն սեւ հողին՝ համեմատական չափով։ Այնուհետեւ ջուրով կը շաղեն, կը զետեղեն տան մէկ անկիւնը ու վրան կը ծածկեն։ Արհեստանոցի աշխատանքը ծայր կ՝առնէ գարնան եւ կը շարունակուի յաջորդող 7-8 ամիսներուն ընթացքին։ Բրուտը իր չարխին (իր առանցքին վրայ դարձող անիւ) վրայ կրնայ օրական 15-20 մեծ ու փոքր չափերու արտադրութիւններ ընել։ Ձեւ առած այս առարկաները ան շուքին կը շարէ՝ ցամքելու համար, ապա զանոնք կը դնէ արեւուն տակ՝ չորնալու համար։ Յետոյ կարգը կու գայ հողաշէն այս առարկաները թրծելուն։ Ասոր համար զանոնք կը դնէ մասնաւոր փուռի մը մէջ, որու մէջ յարդ կը վառէ։ Կարգ մը ամաններ, ինչպէս օրինակ խաւուրմայի կարասներ, ճաշամաններ, բացի թրծուելէ՝ անհրաժեշտ է նաեւ որ փալք մըն ալ ստանան։ Ասոր համար բրուտը կապարը կը հալեցնէ տաշտի մը մէջ, վրան կը խառնէ ծծումբ։ Ստացուած խառնուրդը ապա երկանաքարով դգալ-դգալ կ՝աղայ։ Կը յառաջանայ հեղուկ մը, զոր բրուտը վրձինով կը քսէ կարասներուն մէջն ու դուրսը։ Ցամքելէ ետք, կարասները դարձեալ փուռ կը դրուին [39]։

Շերամապահութիւն

Խարբերդի դաշտին մէջ շերամաբուծութեան ներմուծման թուական կը համարուի 1860ականները։ Այս արհեստով կը յատկանշուի յատկապէս Բարջանճ գիւղը, մանաւանդ նկատի ունենալով որ այս վայրը թութի ծառաստան մըն է։ Շերամապահութիւնը շատ արագ կը զարգանայ ու կը տարածուի գիւղին մէջ եւ կը դառնայ Մամուրէթ էլ-Ազիզ վիլայէթին շերամի արդիւնաբերութեան գլխաւոր կեդրոնը։ Նոյն արհեստը տարածում կը գտնէ նաեւ Հիւսէնիկ, Քեսիրիկ, Գոմք (ներկայիս Ենիքաբը), Մորենիկ (ներկայիս Չաթալչեշմէ), Հողէ եւ Եղեգի գիւղերուն մէջ, ուր թութի անտառներ կը յառաջանան եւ ամէն ամառ հարիւրաւոր ընտանիքներ իրենց տուները շերամատուներու կը վերածեն։

Յայտնի է որ Խարբերդի դաշտին մէջ շերամաբուծութեան զարգացումին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Տիարպեքիր քաղաքը, որ շրջանային իմաստով այս արհեստին կարեւորագոյն կեդրոնն էր։ Բարջանճ գիւղին օրինակը այս իմաստով խօսուն է։ Կը պատմուի որ գիւղին մէջ կը գործէր մետաքսի վաճառական մը՝ Թորկանց Կիմիշ Արութ, որ 19րդ դարու կէսերուն մետաքսեղէն կը ներածէր Տիարպեքիր քաղաքէն։ Հոս է որ բարջանճցի վաճառականը կը ծանօթանայ շերամաբոյծ վարպետներու, զանոնք Բարջանճ կը կանչէ, վարպետները կ՝ընդառաջեն հրաւէրին, հետերնին կը բերեն շերամի հունտը ու առաջին անգամ ըլլալով գիւղին մէջ ծայր կ՝առնէ որդ-պահելու (տեղական բարբառով որդ-պեյել) գործը։ Կիմիշ Արթունի օրինակին կը հետեւին Թաթօ Պօյաճեան (Թոփալ Եղսոյին ամուսինը), Պօյաճի Գրիգոր եւ Կելէն Մկրտիչ։ Այս վերջինը արհեստին ծանօթ էր արդէն Պուրսայէն, ուր կը գործէր Օսմանեան կայսրութեան շերամաբուծական յայտնի վարժարանը [40]։ Հիւսէնիկի մէջ յայտնի շերամաբոյծ մըն է Պօղոս Վարդապետեան, որ իր արհեստը կը սորվի Պուրսայի շերամաբուծական վարժարանին մէջ։ Նոյն գիւղէն այլ շերամաբոյծներ են Յովհաննէս Սվաճեան, Գէորգ Մանթառեան, Պիզմարք Յովսէփեան։ Խարբերդ քաղաքին մէջ այս արհեստով զբաղող յայտնի են Խաչատուր Թեվրիզեան եւ որդիները՝ Արմենակ եւ Արտաշէս։ Անոնք միաժամանակ Խարբերդի դաշտին մէջ խոզակ եւ շերամի հունտ արտածող գլխաւոր վաճառականներն են [41]։

Սկզբնական այս շրջանին, Խարբերդի շրջանի շերամապահները տակաւին լաւ չեն տիրապետեր արհեստին։ Շերամի հունտը արթնցնելու, որդերը կերակրելու, սենեակներուն անհրաժեշտ տաքութիւն տալու, հականեխելու գործողութիւնները յաճախ թերի կը կատարուին։ Ասիկա պատճառ կ՝ըլլայ որ արթնցած որդերէն ոմանք կանխահաս սատկին, ուրիշներ աճելէ ետք՝ հիւանդանան։ Այսպիսի պայմաններու մէջ խոզակի բերքը առատ չըլլար եւ խոզակներն ալ նիհար կ՝ըլլան։ Բարջանճի մէջ այս իմաստով յեղաշրջում մը տեղի կ՝ունենայ 1885էն սկսեալ, երբ Կելէնենց Արութը (Յարութիւն) կը սկսի այս արհեստին գիտական գաղտնիքներուն հետզհետէ տիրապետել։ Անհրաժեշտ գիտելիքները ան կը ստանայ տիարպեքիրցի վարպետներէն, որոնք ամէն տարի Խարբերդի դաշտը կու գային շերամի հունտ վաճառելու։ Յարութիւն շատ արագ կը յաջողի կատարելագործել այս արհեստը եւ շուտով ան կը դառնայ ամբողջ Մամուրէթ Էլ-Ազիզ նահանգին ամէնէն յայտնի շերամապահներէն։ Իր գիտելիքները ան կը փոխանցէ նաեւ Բարջանճի իր համագիւղացիներուն, ինչպէս նաեւ հարեւան գիւղերու շերամաբոյծներուն [42]։

Մինչեւ 19րդ դարու վերջաւորութիւնը Խարբերդի շրջանին մէջ որդի հունտը կը ներածուէր յատկապէս Տիարպեքիրէն ու Պուրսայէն։ 1898ին, Խարբերդ քաղաքէն՝ Տիգրան Զարիֆեան, որ Պուրսայի շերամաբուծական վարժարանէն ընթացաւարտ էր, ինք կը սկսի մեծ յաջողութեամբ հունտ պատրաստել եւ այս ձեւով նաեւ տեղական շուկային վրայ գլխաւոր վաճառողը կը դառնայ։ Նոյն ժամանակներուն, եւրոպական նախաձեռնութեամբ, Օսմանեան կայսրութեան մէջ ստեղծուած Հանրային պարտուց վարչութիւնը (düyunu umumiye) եկամուտի աղբիւրներ կը փնտռէր պետութեան կուտակուած մեծաթիւ արտաքին տուրքը հատուցանելու համար։ Այս նպատակով ալ սկսած էր քաջալերել տնտեսական զանազան ձեռնարկներ, նիւթապէս ալ անոնց զօրավիգ կանգնելով։ Այսպիսի մարզեր էին ծխախոսի արտադրութիւնն ու շերամաբուծութիւնը։ Այս արտադրանքներուն վրայ դրուած պետական տուրքը կը մտնէր ուղղակի Հանրային պարտուց վարչութեան գանձանակը։ Խարբերդի դաշտին մէջ նոյն այս վարչութիւնը կը սկսի նպաստել շերամապահութեան։ Յունիս 1904ին վարչութիւնը կը յայտարարէ մրցում՝ շերամապահութեան առնչուող զանազան լաւագոյն արտադրութիւններու։ Այս արհեստով զբաղող խարբերդեան զանազան գիւղեր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն մրցումին։ Յունիս 29ին, Մեզիրէի կառավարական շէնքին ընդարձակ փակին մէջ մեծ հանդիսաւորութեամբ եւ պետական բարձրաստիճան հիւրերու, զինուրական նուագախումբին, հիւպատոսներու, կրօնական ղեկավարներու ներկայութեամբ կը կատարուի մրցումին արդիւնքներուն յայտարարութիւնն ու մրցանակաբաշխութիւնը։ Գոյութիւն ունեցող հինգ մրցանակներն ալ կը շահին հայ շերամապահներ. լաւագոյն թաց խոզակի մրցանակ՝ Քերովփէ էֆ. Զարիֆեան, լաւագոյն շերամաբուծական գործիքներու մրցանակ՝ Խաչատուր էֆ. Թեվրիզեան, լաւագոյն հնտաբուծական գործիքներու մրցանակ՝ Արմենակ էֆ. Թեվրիզեան, լաւագոյն շերամատան մրցանակ՝ Օր. Վարդուհի Թեվրիզեան, լաւագոյն թթաստանի մրցանակ՝ Գէորգ էֆ. Զարիֆեան [43]։

Բարջանճ գիւղին մէջ Կելեն Արութին պատկանող գործարան մը, ուր խոզակներէն մետաքս թել կը քաշուի.

1) պղնձեայ տաշտ, 2) խոզակ, 3) օճախ, 4)սուրֆա, 5)տոլապ, 6)կեթ-կալ, 7) ճախարակ (ալմաճուղ), 8) կարթ (պեռ), 9) մտրակ, 10)թոփ, 11) գլխաւոր ճախարակ (պաշլըխ), 12) լար

Գծեց՝ Մանուկ Ծերօն, վերագծեց՝ Լեւոն Մ. Ծերօն, 1933 թուականին (Աղբիւր՝ Մանուկ Պ. Ծերօն, op. cit.)

Մետաքսագործութիւն

Շերամապահութեան այս արագ զարգացումը առիթ կու տայ նաեւ տարածքէն ներս մետաքսի արտադրութեան, որ կարճ ժամանակի մէջ մեծ քաղաքներէն (Խարբերդ եւ Մեզիրէ) ներս կը հասնի ճարտարարուեստական արտադրութեան մակարդակին։ Այս գործին գլուխը կը գտնուին երկու հայ ընտանիքներ՝ Ֆապրիքաթորեանները եւ Քիւրքճեանները։

Ասոնք արդէն բոլորովին տարբեր գործարաններ են գիւղերու մէջ գոյութիւն ունեցածներէն։ Բարջանճի մէջ օրինակ այս գործողութիւնը կը կատարուի Տեփօ Կարոյենց ընդարձակ փակին մէջ, ուր կը մէկտեղուին խոզակներն ու ոստայները (տէզկեահ)։ Այստեղ, վարպետները օրն ի բուն եւ 3-4 ամիս իփեկ (մետաքս) քաշելով կը զբաղին։ Մանուկ Ծերօն իր գիրքին մէջ կը նկարագրէ նաեւ մետաքսի թել քաշելու աւանդական ջաղացքը։ Այսպէս, խոզակ քաշող (խոզաքաշ, իփեկքաշ) վարպետը ծալլապատիկ նստած՝ ձախ ձեռքով կը բռնէ խամչին (խոզակները բռնելու համար աղեղանման գործիք), իսկ իր առաջ կ՝ունենայ ջուրով եւ խոզակով լեցուն մեծ տաշտը։ Այս վերջինը դրուած կ՝ըլլայ թեթեւ կրակի մը վրայ։ Տաքութեան ազդեցութեան տակ խոզակները կը թուլնան, իսկ խամչիին թեթեւ ձաղկումներն ալ կ՝արագացնեն այս ընթացքը։ Թելերը կը սկսին քակուիլ։ Այդ պահուն վարպետը խամչիին ծայրամասով կը բռնէ թելերու խուրձ մը ու աջ ձեռքով անիկա կ՝անցնէ ճախարակներու վրայ։ Աշկերտը նոյն պահուն կը դարձնէ ջաղացքը, ինչ որ կը մեքենացնէ խոզակին թելը ճախարակներուն վրայ ոլորելու գործողութիւնը [44]։

Ֆապրիքաթորեան եղբայրները. Մեզիրէ քաղաքին մէջ մետաքսեղէնի եւ հիւսուածեղէնի գործարանի սեփականատէր (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, op. cit.)

Մեզիրէի մէջ մետաքսագործութեան ամէնէն յայտնի գործարանին սեփականատէրն են Ֆապրիքաթորեան եղբայրները։ Անոնց հայրը՝ Գրիգոր Իփաքճեան, ծնած է Արաբկիր 1840ական թուականներուն։ Կանուխ հասակին կը մեկնի Լիբանանի ծովեզերեայ Ժունիէհ աւանը, որ յայտնի էր նաեւ մետաքսի իր գործարաններով։ Գրիգոր այս արհեստը կը սորվի այստեղ՝ իր ազգակիցներէն՝ Յովհաննէս Արմէնեանի պատկանող գործարանին մէջ։ 1869ին կը վերադառնայ Արաբկիր, ապա իր ընտանիքով կը գաղթէ Մեզիրէ, ուր կը հաստատէ իր սեփական մետաքսի գործարանը, որ շատ արագ զարգացում կ՝ապրի։ 1899ական թուականներուն ան Եւրոպայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն բերել կու տայ մետաքսագործութեան արդիական մեքենաներ, որոնց շարքին Cropton and knowles Loom Work ընկերութեան արտադրութիւններ (ընկերութիւնը կը գտնուի Ուսթըր, Մասաշուսէցի մէջ)։ Գրիգոր կը մահանայ 1902ին։ Հօր մահէն ետք, հինգ զաւակները՝ Մամաս, Ահարոն, Տիգրան, Կարապետ եւ Սամուէլ գործին գլուխը կ՝անցնին ու այսուհետեւ կը սկսին կրել Ֆապրիքաթորեան մականունը։ Կարապետ, Մամաս եւ Տիգրան կը մեկնին Միացեալ Նահանգներ, ուր աւելի եւս կը հմտանան մետաքսագործութեան, ինչպէս նաեւ բամպակ մանելու գործարանային արհեստագիտութիւններուն մէջ։ Անոնք իրենց հետ Մեզիրէ կը բերեն աւելի արդիական մեքենաներ, որնցմէ մէկը շոգեշարժ մեքենայ մըն էր։ Ֆապրիքաթորեաններուն արտադրութիւնները կը սկսին վաճառուիլ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին, նոյնիսկ կ՝արտածուի Ռուսիա եւ Եւրոպա։ Առաջին Համաշխարհային պատերազմին բռնկումէն առաջ, Ֆապրիքաթորեաններու գործարանին մէջ կ՝աշխատէին մօտաւորապէս 300 անձեր։ Իրենց գործարանին չափ ալ հռչակաւոր է Ֆապրիքաթորեան հինգ եղբայրներուն տուները Մեզիրէի մէջ։ Անոնք կողք-կողքի կառուցուած հինգ երկյարկանի տուներ են, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ կ՝ապրի Ֆապրիքաթորեան եղբայր մը իր ընտանիքով։ Այս մեծ գերդաստանը կը բնաջնջուի Մեծ Եղեռնին ընթացքին [45]։

Խարբերդ քաղաքին մէջ հռչակաւոր է Քիւրքճեաններուն մետաքսի գործարանը, որ կը գտնուի Վերի Թաղին մէջ։ Գրիգոր էֆենտի Քիւրքճեան իր եղբօր՝ Սարգիսին հետ միասին 1871 թուականին (ըստ Վահէ Հայկի՝ 1881ին) հիմը կը դնեն մետաքսի գործարանին, գործակից ունենալով Պուրսայէն եկած շերամաբուծութեան վարպետ մը՝ Յովակիմ Մօրուքեանը։ Քիւրքճեաններուն նախնիները Վանէն են, նախ գաղթած են Բալու, ապա՝ Խարբերդ։ Հետագային այս երեք ընկերակիցներուն միջեւ անհամաձայնութիւն կը ծագի ու Գրիգոր առանձին կը շարունակէ վարել գործարանը։ Գրիգորին զաւակը՝ Խոսրով, 1883ին կը մեկնի Ֆրանսայի Լիոն քաղաքը՝ մետաքսի արհեստագիտութիւնը աւելի մօտէն սերտելու, նոր գիտելիքներու տիրապետելու եւ նոր գործիքներ գնելու համար։ Մէկ տարի ետք կը վերադառնայ ու կ՝անցնի գործին գլուխը։ Խոսրով էֆենտի Քիւրքճեանի օրով գործարանին արտադրութիւնները նոր թափ կ՝առնեն ու այստեղ պատրաստուող ծաղկաւոր կերպասներն ու վարագոյրները կը սկսին արտածուիլ մինչեւ Պոլիս։ Գործարանը շոգեշարժ է, կը բանի փայտ եւ ածուխ վառելով։ 1895ին տեղի ունեցած հակահայ ջարդերուն ու բռնութիւններուն ընթացքին, Քիւրքճեաններուն գործարանը եւս քանդումներուն թիրախ կը դառնայ ու մեծ վնասներ կը կրէ։ Բայց ինչ որ աւելի ծանրակշիռ էր, ընտանիքին անդամներւն ուղղուած մահուան սպառնալիքներն էին։ Հարազատներուն սպանութիւնը կանխարգիլելու համար, Խոսրով էֆենտի իսլամութիւնը կ՝ընդունի։ Այս ժամանակ իր երկու եղբայրները արդէն գաղթած են Միացեալ Նահանգներ, իսկ երրորդ եղբայրը Պուրսայի մէջ կը յաճախէր շերամաբուծութեան վարժարան։ Զանգուածային բռնութիւնները երբ կանգ կ՝առնեն, կրօնափոխ եղած Խոսրով էֆենտի կը յաջողի նաեւ իր երկու տղաքը Միացեալ Նահանգներ ճամբել։ Իր մօտ կը մնան իր կրտսեր տղան ու դուստրերը։ Խոսրով էֆենտի կը վերաշինէ իր քանդուած գործարանը ու անիկա վերստին կը սկսի բանիլ։ 1915ին ան ու ընտանիքին անդամներէն շատեր զոհ կ՝երթան Մեծ Եղեռնին [46]։

Մեզիրէ. մետաքսագործութեան գործարանի սեփականատէր Ֆապրիքաթորեան հինգ եղբայրներուն հինգ բնակարանները (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, op. cit.)

Լուսանկարչութիւն

Վահէ Հայկ կը յայտնէ որ Խարբերդի դաշտի ժողովուրդը սկզբնական շրջանին նախապաշարումներ ունեցած է լուսանկարուելու գիւտին նկատմամբ եւ որոշ ժամանակ այս արհեստը չէ կրցած տեղ ունենալ խարբերդեան ընկերութենէն ներս։ Կը յիշուի որ 1860ական թուականներուն Կովկասէն լուսանկարիչ մը կը ժամանէ Խարբերդ քաղաք։ Աւելի ուշ, երբ արեւմտեան միսիոնները կը հաստատուին այս տարածքէն ներս լուսանկարուիլը կը դառնայ քիչ մը աւելի ընդհարացած երեւոյթ։ Բայց աւելի շատ Միացեալ Նահանգներ խարբերդցիներու արտագաղթն է որ մեծ զարկ պիտի տայ Խարբերդի շրջանէն ներս լուսանկարչութեան արհեստին զարգացումին։ Այսպէս, արտասահման հաստատուած եւ իրենց ընտանիքներէն տարիներով կտրուած մարդոց համար լուսանկարը նիւթեղէն կապ մը կը դառնայ իրենց հարազատներուն հետ։ Իսկ խարբերդցի պանդուխտներ բազմաթիւ էին։ Այնպէս որ, ըստ Վահէ Հայկի բացատրութեան, ընտանիքներ կը սկսին նկարուիլ պանդխտացած իրենց հարազատին հայրենի բոյնէն պատկեր մը ուղարկելու մտադրութեամբ։ Հետագային, ամբողջ Խարբերդի տարածքէն ներս դպրոցական ցանցի մը հաստատումը նոյնպէս կը նպաստէ լուսանկարչութեան արհեստին զարգացումին։ Լուսանկարիչը փնտռուած անձն էր դպրոցական հանդէսներ ու դպրոցականներու խմբանկարներ պատկերներու ճամբով անմահացնելու նպատակով։ Խարբերդ քաղաքի լուսանկարիչներէն կը յիշուին Սուրսուրեան եղբայրները՝ Յովհաննէս եւ Մարտիրոս, որոնք բնիկ Հիւսէնիկէն էին։ Ըստ Ահարոնեանի, Սուրսուրեաններու հայրը այս արհեստը սորված է Ռուսիոյ մէջ։ Այլ աղբիւրի մը համաձայն, Յովհաննէսն ու Մարտիրոսն են որոնք գացած են Ռուսիոա ու՝ լուսանկարչութիւն սորված։ Հետագային ասոնց կը յաջորդեն իրենց զաւակները՝ Ասքանազն ու Յարութիւնը, որոնք մինչեւ 1915 թուականը կը շարունակեն զբաղիլ լուսանկարչութեամբ։ Այլ լուսանկարիչներ են Միհրան Թիւթիւնճեան ու իր եղբայրները։ Միհրան Թիւթիւնճեան այս արհեստը կը սորվի Երուսաղէմի մէջ [47]։

Ճրագի իւղի արտադրութիւն

Այս արհեստը Բազմաշէն գիւղին իւրայատուկ է։ Գիւղին հայ արհեստաւորները ճրագի իւղ պատրաստելու համար կը գործածեն կտաւատը։ Բազմաշէնի մէջ շատ մը ընտանիքներ ունին իրենց սեփական ձիթահան գործարանները, ուր գիւղացիները իրենց մշակած կտաւատի (վուշ) հատիկները ճզմել ու քամել կու տան՝ արտադրելով իւղ մը, որ կ՝արտածուի մինչեւ Արաբկիր, Տիարպեքիր, Բալու, Տերսիմ, Մալաթիա, Չմշկածաք եւ այլ քաղաքներ։ Բազմաշէնցի գիւղացիներ գիւղէ-գիւղ կը շրջին այս իւղը վաճառելու համար եւ նոյն այս պատճառով ալ բազմաշէնցիներուն յաճախ տրուած է ձիթծախ անուանումը։ 19րդ դարու ամբողջ տեւողութեան գլխաւորաբար այս ձէթով կը լուսաւորուին Խարբերդի շրջանի քաղաքներն ու գիւղերը։ Զայն կը լեցնեն փոքր ամաններու մէջ եւ մանածի պատրոյգ մը կը միացնեն անոր։ Հետագային, քարիւղի լամբարներու տարածումէն ետք, ձէթի արտադրութիւնը որոշ նահանջ կ՝արձանագրէ։ Բազմաշէնի մէջ իւղի արտադրութեամբ յայտնի են Գորկոյենց, Մնչիկանք, Տէրվիշենց, Թաթոյենց, Պետոյենց, Շահպազենց, Նորոզենց ընտանիքները [48]։

Օճառաշինութիւն

Յայտնի է որ օճառաշինութեան այս արհեստը մեծ տարածում չունի Խարբերդի շրջանին մէջ։ Կը յիշուի Հիւսէնիկ գիւղէն Վարդան Վէզնէեան, որ օճառ պատրաստելու արհեստը սորված է Միացեալ Նահանգներ գտնուած ժամանակաշրջանին [49]։

Գորգագործութիւն

Երկար ժամանակ այս արհեստը տարածում չունէր Խարբերդի դաշտին մէջ։ Գորգագործութիւնը աւելի շատ Տէրսիմի շրջանի քիւրտերուն զբաղումն է։ Անոնք կը հիւսեն փռոցներ, փալաս, քիլիմ, որոնք երբեմն ալ զարդարուած կ՝ըլլան գեղեցիկ եւ նուրբ գծագրութիւններով։ Խորքին մէջ այս արհեստը Խարբերդ քաղաքին մէջ արագ զարգացում կ՝ապրի 1895ի հակահայ ջարդերէն ետք, այն ժամանակ երբ արեւմտեան միսիոններ, իրենց հիմնած որբանոցներուն մէջ կը հաստատեն գորգի արհեստանոցներ։ Այստեղ է որ հայ որբուհիները կը սորվին գորգագործութիւնը։ Որբուհիներուն արտադրած գորգերուն առեւտուրով կը զբաղին հայ վաճառականներ։ Իսկ միսիոնարները այս գորգերէն կը ղրկեն Միացեալ Նահանգներ՝ վաճառման համար։ Խարբերդի մէջ արեւմտեան միսիոններու հաստատուելէն ետք կը զարգանայ նաեւ գորգերու կապուած այլ առեւտուր մը։ Այսպէս, միսիոնարներ կը սկսին տուներէ, մզկիթներէ ու եկեղեցիներէ հաւաքել հին գորգեր ու զանոնք Միացեալ Նահանգներ ուղարկել։ Այդ ժամանակներուն արեւելեան այս գորգերը փնտռուած նիւթեր են ամերիկեան գորգագործարաններուն համար, նկատի ունենալով որ հնացած ու մաշած այս հիւսուածքներէն անոնք կ՝ընդօրինակեն զարդարանքներ ու պատկերներ, ապա զանոնք ձեւաւորելէ ետք՝ կը վերարտադրեն նոր գորգերու վրայ [50]։

Նպարավաճառ

Այս գործը առաւելաբար թուրքերու ձեռքն է։ Խարբերդ քաղաքին մէջ ասոնք կողք կողքի գտնուող խանութներ են, ուրկէ կարելի է գնել զանազան ուտելքներ, պտուղ, բանջարեղէն։ Քաղաքին մէջ կան նպարավաճառի մօտաւորապէս 150 խանութներ, որոնցմէ մօտ 10ը միայն հայերու կը պատկանին, մնացեալներուն տէրերը ըլլալով թուրքեր [51]։

Սափրիչութիւն

Բացի մազ կտրելու, պեխ ու մօրուք սափրելու գործէն, սափրիչը նաեւ «ատամնաբուժ» ու «բժիշկ» է։ Հիւսէնիկի մէջ այս տեսակ յայտնի սափրիչներ են Պէրպէր Օսկեանը եւ Մահտեսի Գաբրիէլը (Մտես Գաբբօ)։ Կը պատմուի որ այս վերջինը յայտնի էր նաեւ վառօդ պատրաստելու իր ընդունակութեամբ։ Ըստ երեւոյթին ընտիր տեսակի պայթուցիկ փոշի մըն էր իր պատրաստածը։ Քաջալերուած իր այս գիւտէն, ան պաշտօնապէս կը դիմէ օսմանեան պատկան մարմիններու ու կ՝առաջարկէ անոնց մեծաքանակ վառօդ արտադրել ու պետութեան վաճառել։ Հակազդեցութիւնը մեծապէս ժխտական կ՝ելլայ եւ Մտտես Գաբբօ նոյնիսկ կը բանտարկուի։ Բազմաթիւ միջամտութիւններէ ու կաշառքներէ ետք միայն, ան ի վերջոյ ազատ կ՝արձակուի ու կը վերադառնայ իր «սովորական» սափրիչութեան։ Յատկապէս ձմեռ եղանակին սափրիչատուները նաեւ ժամադրավայրեր են, ուր տղամարդիկ կու գան թուղթ, տամա կամ թավլի (նարտի) խաղալու [52]։

Ոսկերչութիւն

Հայերը կը տիրապետեն այս արհեստին։ Թէեւ Խարբերդի դաշտին մէջ ոսկերչութիւնը չէ հասած այն բարձր մակարդակին, որմով կը յատկանշուին օրինակ Պոլսոյ կամ Վանի հայ ոսկերիչները։ Քաղաքին մէջ այս արհեստը սերունդէ սերունդ փոխանցուող գիտելիք մըն է եւ անոր կիրառումը քանի մը ընտանիքներու աւանդական զբաղումն է։ Ասոնցմէ է օրինակ այս արհեստին մէջ մեծ համբաւ ունեցող Սողիկեան ընտանիքը։ Այլ անուններ են՝ Ուզունեան, Տինճեան, Սարաֆեան, Սամուրեան, Բաղնեցեան։ Կանանց զարդեղէնները ընդհանրապէս կը ներածուին Վանէն ու Պոլիսէն, իսկ Խարբերդի մէջ անոնք կը վաճառուին տեղացի արհեստաւորներու կամ վաճառականներու ճամբով [53]։

Պայտարութիւն (նալպանտ)

Այս արհեստով զբաղողները մեծամասնութեամբ թուրքեր են։ Խարբերդ քաղաքին մէջ հայ պայտարներէն կը յիշուին՝ Արզումանեան, Գ. Երեմեան, Ս. Մխճեան, Մանուկ Նալբանդեան, Կարապետ Զարդարեան, Փիլիպոս Սահակեան, Ս. ԶԱրդարեան [54]։

Հացագործութիւն

Խարբերդ քաղաքին մէջ հայերն ու թուրքերը կը զբաղուին այս արհեստով։ Հայերու մօտ սովորութիւն է հացը տունը պատրաստել եւ միայն բացառիկ պարագաներու է որ հացագործէն հաց կը գնեն։ Այս հացերն են սոմունը, ֆրանճալան, տըրնաղ էքմէկին, որոնք զուտ ցորենի ալիւրէ կը շինուին յատուկ փուռերու մէջ։ Խարբերդ քաղաքին մէջ հայ հացագործներէն կը յիշուին՝ Յովհաննէս Քէչէճեան, Պարոն եւ որդիք [55]։

Պղնձագործութիւն

Այս արհեստով զբաղողները առաւելաբար կը պատրաստեն խոհանոցային գործիքներ, ինչպէս պղնձեայ աման, կաթսայ, տաշտ, տապակ, ջրաման, եւայլն։ Խարբերդ քաղաքին մէջ պղնձագործութիւնը մեծ մասամբ հայ արհեստաւորներուն ձեռքն է։ Պէտք է նշել որ պղնձեայ այս իրերը գործածութեան դրուելէ առաջ պէտք է անագով (կլայեկ, kalay) պատուին, նկատի ունենալով որ պղինձը կրնայ ժանգոտիլ, թունաւոր դառնալ եւ այս ձեւով թունաւորել նաեւ իր հետ շփման մէջ գտնուող ուտելիքը։ Կլայեկագործութիւնը իր կարգին առանձին արհեստ մըն է։ Խարբերդի դաշտին մէջ պղնձեայ ամանեղէն կը ներածուի նաեւ Սեբաստիայէն ու Թոգաթէն, ուր այս արհեստը մեծ զարգացում ունի։ Խարբերդ քաղաքին մէջ պղնձեղէնի վաճառականութիւն ընողներ են՝ Վարդիկեան եղբայրներ, Տինճեան եղբայրներ, Եղիա Գազանճեան, Մկրտիչ եւ Մանուկ Մալեէմէզեան, Պօղոս վարպետ [56]։

Կողովագործութիւն

Այս կը վերաբերի պան ծառի (moringa aptera) ճիւղերով հիւսուած կողովներուն։ Տեղական բարբառով ասոնց ընդհանրապէս կու տան չալխաւու անունը։ Նոյն ճիւղերով կը պատրաստուին նաեւ քթոց, սալա, հացի կողով, խուֆա։ Ասոնց վարպետները բոշաներն են, որոնք ամառները կու գան իրենց սայլերով ու կ՝իջեւանին Խարբերդի դաշտին զանազան ծառածածկ վայրերուն մէջ։ Իրենց արտադրութիւններուն փոխարէն քնչուները կը ստանան ցորեն, ձաւար, ալիւր կամ հիւսուածեղէն։ Բոշաները կը տիրապետեն նաեւ տարբեր տեսակի մաղեր շինելու արհեստին։ Մաղերուն լարերը անոնք կը պատրաստեն ոչխարի կամ այծի աղիքներէն։ Իսկ շարմաղին պարագային կը գործածեն ձիուն պոչի մազը, որ չափազանց բարակ է [57]։

Դերձակութիւն

Կ՝ենթադրուի որ այս արհեստը Խարբերդի դաշտ մուտք գործած է Հալէպի ճամբով։ Ըստ Ահարոնեանի պատմածին, Խարբերդ քաղաքի առաջին դերձակը կ՝ըլլայ Գրիգոր աղա Էքիզեան, որ այս արհեստը կը սորվի Հալէպ քաղաքին մէջ։ Դերձակութիւն կ՝ընեն նաեւ իր զաւակները եւ եղբօրորդիները, որոնցմէ մաս մը քաղաք կը մնայ, մաս մըն ալ կը հաստատուի նորակառոյց Մեզիրէի մէջ։ Այլ խարբերդցիներ վարպետ դերձակներ դառնալու համար իրենց կարգին կը մեկնին Հալէպ, ապա, վերադառնալով, դերձակութեամբ կը զբաղին Խարբերդ եւ Մեզիրէ քաղաքներուն մէջ։ Յայտնի դերձակներու շարքին կը յիշուին Յարութիւն Թաշճեան, Աւետիս Քիւրքճեան, Թերզի Նիկողոս, Մերկերիոս Հացագործեան, Արզըկանց տղաքը [58]։

  • [1] Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, Նիւ Եորք, 1959, էջ 654, 1016-1017։ Մանուկ Պ. Ծերօն, Բարջանճ գիւղ. համայնապատում (1600-1937), Պոստոն, 1938, էջ 223։
  • [2] Ibid., էջ 662-663, 673։ Մանուկ Պ. Ծերօն, op. cit., էջ 223-225։ Կ.Յ. Ահարոնեան (խմբագիր), Հիւսէյնիկ, տպ. «Հայրենիք», Պոսթըն, 1965, էջ 83։ Մանուկ Գ. Ճիզմէճեան, Խարբերդ եւ իր զաւակները, Ֆրէզնոյ, 1955, էջ 87։
  • [3] Marderos Deranian, Hussenig. The origin, history, and destruction of an Armenian town, translated by Hagop Martin Deranian, Armenian Heritage Press, Belmont, 1994, էջ 42-43. Վահէ Հայկ, op. cit., էջ 667։ Ահարոնեան, op. cit., էջ 82։
  • [4] Ծերօն, op. cit., էջ 215։
  • [5] Ահարոնեան, op. cit., էջ 81-82։
  • [6] Ծերօն, op. cit., էջ 214։
  • [7] Վահէ Հայկ, op. cit., էջ 797։
  • [8] Ծերօն, op. cit., էջ 214։
  • [9] Հապուսի գիւղին պատմութիւնը, տպ. «Պայքար», Պոստոն, 1963, էջ 48։
  • [10] Թրքերէն բառ մը, որ կը նշանակէ նաւամատոյց, քարափ։
  • [11] Նաեւ խուպ. բառացի կը նշանակէ կափարիչ, բայց տեղական բարբառին մէջ պարզապէս կը նշանակէ իսկելէի նեցուկ։
  • [12] Ծերօն, op. cit., էջ 216-217։
  • [13] Ibid., էջ 217։
  • [14] Ibid., էջ 215-216։
  • [15] Առատամ. գութանի եւ արօրի ներքին հաստ ձողը, որուն ծայրին կ՝ամրացուի խոփը։
  • [16] Տօֆայ. ոստայնանկի կազմածին մէկ մասը, բաղկացած փայտէ շարժակէ մը, որու մէջ հաստատուած է հիւսուածք գործելու սանտրը։
  • [17] Ծերօն, op. cit., էջ 216։
  • [18] Վահէ Հայկ, op. cit., էջ 663-664։ Ճիզմէճեան, op. cit., էջ 88։ Deranian, op. cit., էջ 43։
  • [19] Վահէ Հայկ, op. cit., էջ 644-648։ Ճիզմէճեան, op. cit., էջ 90։
  • [20] Ibid., էջ 73։
  • [21] Վահէ Հայկ, op. cit., էջ 666, 673։ Ճիզմէճեան, op. cit., էջ 87-88։
  • [22] Ահարոնեան, op. cit., էջ 85։ Ճիզմէճեան, op. cit., էջ 91-92։ Վահէ Հայկ, op. cit., էջ 798։
  • [23] Ծերօն, op. cit., էջ 224։ Վահէ Հայկ, op. cit., էջ 666։
  • [24] 1 նուկի = 0,5 օխա = 640 կրամ։
  • [25] Ծերօն, op. cit., էջ 224։
  • [26] Ճիզմէճեան, op. cit., էջ 88։ Ծերօն, op. cit., էջ 224։
  • [27] Վահէ Հայկ, op. cit., էջ 666։ Ճիզմէճեան, op. cit., էջ 89։
  • [28] Ահարոնեան, op. cit., էջ 84։
  • [29] Ծերօն, op. cit., էջ 226։
  • [30] Ահարոնեան, op. cit., էջ 84։ Ճիզմէճեան, op. cit., էջ 72, 89։
  • [31] Վահէ Հայկ, op. cit., էջ 668-669, 945։ Ճիզմէճեան, op. cit., էջ 96։
  • [32] Ահարոնեան, op. cit., էջ 82-83։
  • [33] Վահէ Հայկ, op. cit., էջ 797։
  • [34] Ապտալ Գոլէճ Պօղոսեան, Բազմաշէնի ընդարձակ պատմութիւն, տպ. «Պայքար», Պոստոն, 1930, էջ 101-102։
  • [35] Ծերօն, op. cit., էջ 217-222։ Վահէ Հայկ, op. cit., էջ 846։
  • [36] Վահէ Հայկ, op. cit., էջ 670։
  • [37] Ibid., էջ 670-671։ Ճիզմէճեան, op. cit., էջ 89։
  • [38] Վահէ Հայկ, op. cit., էջ 774, 937։
  • [39] Հապուսի գիւղին պատմութիւնը, op. cit., էջ 52-53։
  • [40] Ծերօն, op. cit., էջ 212։
  • [41] Ահարոնեան, op. cit., էջ 84։ Վահէ Հայկ, op. cit., էջ 639։
  • [42] Ծերօն, op. cit., էջ 212։
  • [43] Վահէ Հայկ, op. cit., էջ 652-655։
  • [44] Ծերօն, op. cit., էջ 213։
  • [45] Վահէ Հայկ, op. cit., էջ 641-643։ Ճիզմէճեան, op. cit., էջ 89-90։
  • [46] Վահէ Հայկ, op. cit., էջ 649-652։ Ճիզմէճեան, op. cit., էջ 89-90։
  • [47] Ահարոնեան, op. cit., էջ 86։ Ճիզմէճեան, op. cit., էջ 73։ Վահէ Հայկ, op. cit., էջ 673-674, 741։
  • [48] Պօղոսեան, op. cit., էջ 29-30։ Վահէ Հայկ, op. cit., էջ 843, 956։ Ճիզմէճեան, op. cit., էջ 91։
  • [49] Ահարոնեան, op. cit., էջ 87։
  • [50] Վահէ Հայկ, op. cit., էջ 671-672։
  • [51] Ibid., էջ 670, 672։
  • [52] Ահարոնեան, op. cit., էջ 86։ Վահէ Հայկ, op. cit., էջ 670։
  • [53] Ibid., էջ 669, 672։
  • [54] Ibid.
  • [55] Ibid.
  • [56] Ibid., էջ 664, 672։
  • [57] Ծերօն, op. cit., էջ 222։
  • [58] Ահարոնեան, op. cit., էջ 83։