Պետրոս Ալահայտոյեան հծոյ | Խարբերդ

Այս էջով ներկայացուած բոլոր երգերն ու պարեղանակները հաւաքուած եւ ձայնագրուած են երաժշտագէտ-երգահաւաք Պետրոս Ալահայտոյեանի կողմէ։

1980-ականներէն սկսեալ ան շրջած է տարբեր երկիրներու հայաշատ քաղաքները, հանդիպումներ ունեցած է Ցեղասպանութեան վերապրած հայերու հետ եւ անոնցմէ հաւաքած՝ իրենց հայրենի քաղաքներէն եւ գիւղերէն ժառանգ մնացած երգեր եւ յուշեր։

Այս էջերուն խմբագրութիւնը եւ երգերուն նօթագրութիւնն ու թուայնացումը գործն է Դոկտ. Ծովիկ Մարգարեանի։

Հիւսէնիկցիներու (Հիւսէնիկը կը գտնուի Խարբերդի դաշտին մէջ) դաշտահանդէս, 22 Սեպտեմբեր 1935, Ռիհոպոթի (Rehoboth) մէջ, Մասաչուսէց։ Բնատիպ լուսանկարէն հատուած մը (Աղբիւր՝ Աւտոյեան հաւաքածոյ, Ուաշինկթըն)։

Երգասաց Արամ Զիբըր

Արամ Զիբըր եւ Պետրոս Ալահայտոյեան հանդիպած են Ֆրէզնոյի Հայկական ծերանոցը, Հոկտեմբեր 30, 1986-ին։

Պրն. Զիբըր կը պատմէ թէ ինք ծնած է Խարբերդ, եւ այս երգերը լսած է իր քեռիէն, որ ծառի կոճղէն կտոր մը փրցնելով զայն լաւ մը կը փորէր ու երկու թելեր կապելով սազ կը շինէր (իքի թէլլի սազ), եւ իրենց պապենական տան առջեւ նստած հին երգեր կ՚երգէր ու սազ կը նուագէր։

Արամին քեռին հինգ եղբայր-քոյրերուն անդրանիկն էր, իսկ Արամին հայրը՝ կրտսերագոյնը։

Արամ կը պատմէ թէ հայրը արհեստաւոր չէր, այլ կը զբաղէր զանազան գործերով, եւ թէ ան սպաննուեցաւ Ցեղասպանութեան ժամանակ։

Հայ ընտանիք մը Խարբերդ քաղաքին մէջ (Աղբիւր՝ Amherst College, Archives and Special Collections, Ward Papers)

1. Գացէք ըսէք իմ եարիս (հայերէն/թրքերէն)

Լուսընկան կալ բոլորեց
Սեւ ամպը մէջն օլըլրեց [ոլորեց]
Գացէք ըսէք իմ եարիս
Իր խելքը ով օլըրեց

Վարի պախչան վայր է
Չորս բոլորը չայր է
Գացէք ըսէք իմ եարիս
Կարգուելու տարի է


Թրքերէն՝

Հայտէ հայտէ հու ճանըմ
Քալմատը եարը ճանըմ
Եար ճանըմ քալմատի
Պու սեւտաեա տիւշէլի


Հայերէն թարգմանութիւն՝

Հայտէ հայտէ իմ ճանըմ
Չմնաց հոգիիս կէսը
Եար, հատաւ իմ հոգիս
Սիրոյ աս հարուածէն ետք

Տօնական մթնոլորտ երաժիշտներու ընկերակցութեամբ շատ հաւանաբար Խարբերդ քաղաքի փողոցներէն մէկուն մէջ (Աղբիւր՝ Amherst College, Archives and Special Collections, William Earl Dodge Ward Papers)

2. Պիզիմ փիսիկ (թրքերէն)

Թրքերէն՝

Պիզէմ փիսիկ էվլէնէճէք
Փարասը եօք պորչ էտէճէք
Քօմշունուն քըզընը ալաճաք
Սիվրիսինէք սազ չալաճաք
Թախթապիթի օյնաեաճաք

Հայերէն թարգմանութիւն՝

Մեր փիսիկը պիտ՚ ամուսնանայ
Դրամ չունի պարտք պիտ՚ առնէ
Դրացիին աղջիկը պիտ՚ առնէ
Մժեղը սազ պիտ՚  չալէ
Մլուկը պար պիտ՚ պարէ

Քիւրտեր շատ հաւանաբար Խարբերդի հիւսիսը Տերսիմի տարածքին մէջ (Աղբիւր՝ Amherst College, Archives and Special Collections, William Earl Dodge Ward Papers)։

Երգասաց Մայրիկ Ղազանճեան

Մայրիկ Ղազանճեան եւ Պետրոս Ալահայտոյեան հանդիպած են Ֆրէզնոյի Հայկական ծերանոցը, Նոյեմբեր 3, 1986-ին։  Տիկն. Ղազանճեան Խարբերդ ծնած է, Տիրանեան ընտանիքին մէջ։  Տասը տարեկանին տեղահան եղած է, եւ վերջ ի վերջոյ հասած է Հալէպ։ Տարիներ ետք, Հալէպի մէջ սկսած է սորվիլ արեւմտահայերէն խօսակցական լեզու, մինչ այդ ան կը խօսէր միայն թրքերէն եւ քրտերէն։ Այս հանդիպման ժամանակ, Տիկն. Ղազանճեան կը տառապէր զմայ (շնչարգելութիւն) հիւանդութենէն, ինչպէս ինք իսկ պիտի յայտնէ իր փոխանցած երգի ընդհատումէն ետք։

1. Հեսփի Տեկտի (քրտերէն)

Քրտերէն (տառադարձութիւն եւ անգլերէնի թարգմանութիւն՝ Էրկին Օփենկին)՝

Hespî Degdî min kumêt e
Degdî sîyar bû, çû welêt e
Degdî were, Degdî cano
Xerîw dosto, ber malano
Xerîw dijmin e, here çîyano
Degdî were, Degdî cano.

Hespî Degdî min xilçik (?) e
Nal bizmaran, çike-çik e
Hespî Degdî mi keçik e
Degdî were, Degdî cano
Xerîw dosto, ber malano
Xerîw dijmin e, here çîyano
Degdî were, Degdî cano.

Թարգմանութիւն՝


Իմ Տեկտիիս ձին շագանակագոյն է,
Տեկտին ձիավարեց, գնաց իր երկիրը,
Վերադարձի՛ր Տեկտի, սիրելի Տեկտի։
Օտարականը բարեկամ է, տուներուն առջեւ,
Օտարականը թշնամի է, բարձրացի՛ր լեռները։
Վերադարձի՛ր Տեկտի, սիրելի Տեկտի։

Իմ Տեկտիիս ձին (?),
Կօշիկներն ու եղունգները կը զրնգան,
Տեկտիիս ձին երիտասարդ է,
Վերադարձի՛ր Տեկտի, սիրելի Տեկտի։
Օտարականը բարեկամ է, տուներուն առջեւ,
Օտարականը թշնամի է, բարձրացի՛ր լեռները։
Վերադարձի՛ր Տեկտի, սիրելի Տեկտի։

Քիւրտ փոքրիկ հովիւ մը Տերսիմի տարածքին մէջ, Բերդակի եւ Բերրիի միջեւ վայր մը (Աղբիւր՝ Harvard University, Houghton Library)