Խարբերդ քաղաքէն համայնապատկեր (Աղբիւր՝ Ernst Sommer, Was ich im Morgenlande sah und sann, Bremen, 1926)

Խարբերդ – Տուներ եւ ճարտարապետութիւն

Հեղինակ՝ Վահէ Թաշճեան, 20/02/2013 (վերջին փոփոխութիւն՝ 20/02/2013)

Գիւղեր

Խարբերդի դաշտի գիւղական տուները ընդհանրապէս երկյարկանի են։ Այսինքն անոնք կազմուած են կա՛մ գետնի մակերէսէն վեր երկու յարկերով, կամ ալ՝ գետնայարկ տունէ մը եւ գետնափոր յարկէ մը։ Քարաշէն կառոյցներ քիչ կան։ Բարջանճ/Բերջենճ (ներկայիս Աքչաքիրազ - Akçakiraz) գիւղին մէջ օրինակ, քարաշէն կառոյցները երկու մզկիթներն են եւ բաղնիքը։ Մնացեալ բոլորը շինուած են աղիւսով (քերփիճ), իսկ տուներն ալ երկյարկանի են։ Նոյն գիւղին քիւրտ աղաները ունին ապարանքներ (քոնաք), ուր առանձին բաժիններ յատկացուած են իրենց հարեմին։ Կարգ մը հայ ընտանիքներ ալ մեծ տուներու սեփականատէրեր են։ Այսպիսիները տեղական բարբառով կը կոչուին համբայ ռենչպէրներ, այսինքն մեծատուն եւ բարեկեցիկ ռանչպարներ (հողագործ, երկրագործ)։ Դատեմի մէջ տուները բացարձակ մեծամասնութեամբ միայարկ են, բայց անոնք ունին նաեւ գետնափոր յարկ մը, ուր տնեցիները կ՚անցընեն ձմեռ եղանակը։

Բարջանճի մէջ երկյարկանի տունի մը յատակագիծը։ Տունը կը պատկանի Խոճկանց ազգանունը կրող հայ ընտանիքին։ Յատակագիծը լոյս տեսած է Մանուկ Ծերօնի գիրքին մէջ, զայն պատրաստած է նոյնինքն հեղինակը, ապա՝ վերագծած անոր որդին՝ Լեւոն Ծերօն։ Այս էջով ներկայացուածը Յուշամատեանի կազմին կողմէ վերաշխատցուած տարբերակն է։ Ձգտած ենք հարազատ մնալ բնատիպին, նոյն ժամանակ փորձած ենք տեսողական նոր արժէք մը տալ այս հիանալի վաւերաթուղթին։

Խարբերդի դաշտի գիւղերու հայկական դասական տունը ունի հետեւեալ հիմնական բաժանմունքները. դորդայ (դորդան, գաւիթ), կրակտուն (թոնիր), խզէն (մառան), ախոռ։

Գիւղական դորդանը քաղաքի տուներէն ընդհանրապէս աւելի ընդարձակ է։ Տան նախամուտն է, անոր դուռը կը բացուի փողոցին վրայ, ներքին դուռեր ունի դէպի կրակտուն եւ ախոռ, ինչպէս նաեւ այստեղէն է որ կը բարձրանան տան երկրորդ յարկը։ Միայարկ տուներուն պարագային նոյնպէս դորդանէն է որ կը բարձրանան տանիք։ Մէկ խօսքով դորդանը տան զանազան բաժանմունքներուն միացման կէտն է։ Այստեղ կը գտնուի նաեւ ջուրի խորունկ հորը, իսկ անկիւն մըն ալ՝ չարխը, որ սալայատակուած եւ մօտ 25 սմ. բարձրութեամբ բոլորակաձեւ գետին մըն է, ուր տնեցիք կը լոգնան տարուայ բոլոր եղանակներուն, իսկ կիներն ալ՝ լուացք կ՚ընեն։ Դորդանին մէկ ընդարձակ անկիւնը կը դնեն նաեւ երկրագործական զանազան իրերը, ինչպէս արօր, սայլ, լուծ, հոսելի (փայտէ եղան), կամ, կամընտէ (կամնատէն, կամը լուծին միացնող փայտ մը), խոփ, անատոտ (երեք մատնի), արօրի ռատամ (առատամ, արօրին վարի հաստ ձողը, որուն կը միացնեն խոփը), մասսա (երկար գաւազան մը, ընդհանրապէս վայրի բալենիի ճիւղէ շինուած, մէկ ծայրը սուր, իսկ միւսը՝ երկաթապատ՝ եզ ու գոմէշ քշելու համար), սամի (սամիք, փայտէ երկու ձողեր, վերի ծայրը հաստ գլուխով, որ կը միացնեն լուծին մէջ բացուած ծակերուն)։ Համբայ ռենչպէրներու դորդաններուն մէջ ջուրի հորէն բացի գոյութիւն ունի նաեւ այլ հոր մը, ուր կը պահեն ցորեն՝ գարնան կամ ամրան սուղ գինով վաճառելու համար [1]։

Ախոռին մէջ, բացի գիւղացիին լծկան անասուններէն, կան նաեւ սագուն, ձիթիեանքը (ձիթահանք), տինկը (դինգ), կտաւատ եւ շուշմա աղանձելու փուռը, փոխինդի հորը եւ ոչխարներուն գոմը։ Սագուն (կամ թախթապանտը) գետնէն մէկ մեթր բարձրութեան վրայ շինուած փայտաշէն մեծ քառակուսի մըն է, որուն վրայ գիւղացիք կը խմբուին ձմեռ եղանակին, ախոռի անասուններուն արտաբերած շունչին ջերմութեան մթնոլորտին մէջ։ Հոս կը մանեն ճախարակ, կը հիւսեն գուլպայ, ինչպէս նաեւ այլ տնայնագործութիւններ։ Ձմեռուայ երկար օրերուն, սագուն կը դառնայ նաեւ ընկերային անկիւն մը, ուր դրացիներ իրարու կը հանդիպին, աւելի երէցներ պատմութիւններ ու հեքիաթներ կը պատմեն, խաղեր կը խաղցուին, եւայլն։ Սագուի այս կեանքը յաճախ կը տեւէ գիշերուայ մինչեւ ուշ ժամերը։ Մեծ սագուներ ունեցող տուներուն մէջ տեղի կ՚ունենան նաեւ գիւղական ժողովները՝ մելիքին եւ գիզիրին ներկայութեամբ։ Այսպիսի ընդարձակ սագուներու մէջ կը պատահի որ կառուցուած ըլլայ օճախ մը, որ սաստիկ ձմեռներուն ընթացքին յաւելեալ ջերմութիւն կու տայ այստեղ խմբուածներուն։ Կան տուներ, որոնց ախոռներուն մէջ եւս շինուած է նաեւ չարխ մը, ուր տնեցիք կը լոգնան ձմեռ եղանակին [2]։

Ախոռին ենթաբաժիններն են մարագն ու գշկուրտունը (կամ կշգրտուն)։ Մարագը անասուններու յարդին եւ խոտին պահեստն է, իսկ գշկուրտան մէջ կը պահեն տան անհրաժեշտ վառելանիւթն ու այլ պիտանի նիւթեր, ինչպէս գշկուր (անասունի չորցած թրիքներ), ճիւղեր, փայտ, եւայլն [3]։

Գիւղական կրակտունն ալ քաղաքիններէն աւելի ընդարձակ է։ Անոր մէկ անկիւնը կը գտնուի հաց եփելու թոնիրը, որ նաեւ կը գործածուի ճաշ պատրաստելու համար։ Թոնիրը շինուած կ՚ըլլայ մէկ մեթր բարձրութեան վրայ։ Այս սենեակին մէջ կը պահուին նաեւ թոնիրին վերաբերող զանազան իրեր, ինչպէս խմորի տաշտ, կաթսայ, տապակ, լեկան (լական, կոնք), գաւաթներ, ամաններ, լենկեռ (լանկեռ, կաթսայի երկաթէ կանթ), սինի (սկուտեղ, մեծ ափսէ), կուկում (ջուրի մեծ սափոր), թաթիկ (կրակ քաշելու բահաձեւ գործիք), ակիշ եւ խաչերկաթ (խաչաձեւ շինուած գործիք, որուն վրայ կը դնեն թոնիրին վրայ եփուելիք կաթսաները)։ Ասոնք բոլորն ալ պղինձէ կամ այլ մետաղներէ շինուած են։ Կրակտան մուտքի դրան ճիշդ կողքին կը գտնուի չարըխնոցը (չարըխը կամ չարուխը գիւղական տրեխն է), որ գետնի յատակէն 30 սմ. խորութեամբ եւ պայտի մը կորութիւնը ունեցող տեղ մըն է։ Հոս է որ տուն մտնողները կը դնեն իրենց կօշիկները [4]։

Գիւղական մառանը (խզէն) քաղաքի մէջ կառուցուածներուն նման գետնափոր չէ։ Անիկա կը գտնուի գետնայարկին վրայ եւ այստեղ կը մտնեն կրակտան մէջ բացուած դուռէ մը։ Այս սենեակին մէջ կը շարեն գինիի եւ օղիի կարասները, պլղուր, ծեծած (չխաշուած, ծեծուած եւ թեփէն հանուած ցորեն), ճուլպանտ (ոլոռնի նման ընդեղէն մը, որ կովերու կեր է), ոսպ պարունակող փեթակները։ Հոս են նաեւ թթու եղած պիպեռի (իսօթ) կարասները, խաւուրման, կարագ իւղի ամանները, ռուպը, ռոճիկը (շարոց, սուճուք), պաստեղը։ Մառանին իսկական տէրը տանտիկինն է։ Անոր քով կը պահուի այս սենեակին բանալին, ան է նաեւ որ կը ճշդէ օրուան ճաշը եւ կ՚որոշէ թէ ինչ նիւթեր պէտք է բերել մառանէն կերակուրի պատրաստութեան համար [5]:

Խարբերդ քաղաքէն տեսարան մը (Աղբիւր՝ Rev. Edwin M. Bliss, Turkey and the Armenian Atrocities, London, 1896)

Գորտ (փողոցի դուռի կղպանք). 1) սողնակ, 2) բանալի (բալլի), 3) մատ (Աղբիւր՝ Մանուկ Ծերօն, op. cit.)

Դորդանէն վեր կը բարձրանան քարէ կամ փայտէ սանդուխով մը, որմէ ետք կը բացուի տան վերի յարկը, կամ միայարկ տուներուն պարագային՝ տանիքը։ Այս վերի յարկին վրայ շինուած են երկուքէն մինչեւ վեց սենեակներ, մէկէն մինչեւ երեք այվաներ (չարտախ), իսկ մնացեալ տարածքն ալ բաց տանիք է, կամ ինչպէս Խարբերդի բարբառով կ՚ըսեն՝ տեներ են։ Տան երկրորդ յարկը տնեցիներուն համար կը ծառայէ նաեւ իբրեւ ննջարան։ Պօղոսեան դիտել կու տայ որ Բազմաշէնի (Պիզմիշին/Սարըչուպուք) տուներուն այս վերի յարկին մէկ անկիւնը կը գտնուի նաեւ թոնիրը։ Այվան երեք կողմերէն պատերով գոց տեղ մըն է, իսկ առջեւն ու վրան՝ բաց։ Ամառները այս վայրը կը գործածուի իբրեւ հիւրանոց եւ յաճախ մարդիկ այստեղ ալ կը գիշերեն։ Դորդանէն բարձրացող այս սանդուխին վերի բացուածքը Դատեմի մէջ կը կոչուի քափանք կամ խուփանք, որուն դուռը ձմեռ եղանակին գոց կը պահուի [6]։

Տուներուն հիմերը շինուած են քարերով, որոնք մածուցուած են ցեխ-շաղախով։ Խարբերդի շրջանին մէջ կը գործածուի ընդհանրապէս չեչքարը (թեթեւ եւ ծծմբանման քար), ճերմակ փուխը եւ կրաքարը։ Այսպէս, շինարարները կը փորեն 60-150 սմ. խորութեամբ եւ նոյնքան ալ լայնքով փոսեր, որոնց մէջ կը լեցնեն հիմնաքարը՝ մինչեւ գետնին մակերեսը։ Բազմաշէնի մէջ տան այս հիմքը կը կոչուի թէմէլ։ Ապա կը սկսին այս հիմնաքարերուն վրայ աղիւսները շարել [7]։

Տան արտաքին պատը կ՚ունենայ մօտաւորապէս 60 սմ. հաստութիւն, իսկ ներսի պատը՝ 45 սմ.։ Պատերուն թանձրութիւնը չափելու միաւորները անաճն ու խուզին են, որոնք երկու տարբեր չափերու աղիւսներ են։ Մէկ անաճը կը համապատասխանէ 60 սմ.ի, իսկ մէկ խուզին անաճին կէս չափը ունի։ Պատերը ամուր պահելու նպատակով կը գործածուի մօտ 7.5 սմ. հաստութեամբ բարտիի ծառի խաթըլներ (փայտեայ նեցուկ, գօտի)։ Այսպէս, անոնց երեսները տաշուած կ՚ըլլան եւ ամէն 90 սմ. բարձրութեան վրայ պատին երկու կողմերէն զուգահեռ կը զետեղեն զոյգ մը խաթըլներ։ Զուգահեռ այս նեցուկները իրարու միացած կ՚ըլլան նաեւ փայտէ քամերով [8]։

Աղիւս (քերփիճ) պատրաստելու համար կը գործածուի կաւանման հող, որուն մէջ կ՚աւելցնեն մրեղով (յարդի շատ մանր փշրանքներ) շաղուած ցեխ եւ ջուր [9]։ Բազմաշէնի մասին գրուած գիրքի հեղինակ Ապտալ Պօղոսեան կը նշէ որ իրենց գիւղին մէջ աղիւսը կը պատրաստուի նաեւ կաւ, կիր աւազ եւ ջուր խառնուրդով։ Տակաւին թաց վիճակի մէջ գտնուող այս խառնուրդը կը լեցնեն քաշկարակի մէջ (քէշկէրէկ, քար եւ աղիւս կրելու փայտեայ կազմած, որուն երկու կողմերը բռնիչներ կան) եւ երկու հոգիով կը բերեն մինչեւ աղիւս պատրաստելիք կաղապարին (խալըպ) քով։ Այս մէկը եւս փայտեայ գործիք մըն է, քառակուսի ձեւ ունի եւ ներքին չորս մասերու բաժնուած է։ Երկու փոքր բաժինները յատկացուած են անաճ կոչուած աղիւսը պատրաստելու համար, իսկ մեծ բաժիններուն մէջ կը կաղապարուի խուզի աղիւսը։ Գիւղացիներուն համար այս երկու ձեւերուն ընդհանուր անունը քերփիճ է։ Այս կաղապարներուն մէջ աղիւսը կը ստանայ խորանարդի ձեւը։ Ապա, ձեւուած – Խարբերդի մէջ այս գործողութեան կու տան քարփիճ կյրել, այսինք աղիւս կտրել անունը – այս նիւթը 3-4 օր բացօդեայ կը պահեն մինչեւ որ չորնայ։ Փայտեայ կաղապարներու օգնութեամբ կարելի է չորս հոգիով օրական հազար աղիւս պատրաստել [10]։

Տան տանիքը (կամ կտուր) կը ծածկեն գերաններով եւ ճիսիրներով (փոքր գերան)։ Գերանները կ՚ունենան մօտ 25-30 սմ. հաստութիւն, իսկ անոնց միջեւ կը պահուի մօտ երեք մեթրի միջոց մը, զոր կը լեցնեն 20 սմ. հաստութեամբ ճիսիրներով, իւրաքանչիւրը իրարմէ 45-60 սմ. հեռաւորութեամբ։ Տանիքին գերաններուն իբրեւ նեցուկ ուղղահայեաց դիրքով կը կանգնեցնեն փայտեայ ամուր եւ երկար սիւներ, որոնք կը հաստատուին տան մակերեսին վրայ։ Իւրաքանչիւրը սիւն միւսէն երեք մեթր հեռաւորութիւն կ՚ունենայ։ Ճիսիրներէն ետք կը շարեն դարձեկները, որոնք նոյնպէս չեն դրուիր խիտ կերպով, այլ մէկէն միւսը կը պահուի 10-12 սմ.ի միջոց մը։ Ասոնք եւս չեն շարուիր խիտ կերպով, այլ մէկ դարձեկէն միւսը կը պահուի մօտ 20 սմ. միջոց մը։ Դարձեկներուն վրայ իրարու կից կը զետեղուին մարդակները, որոնք կարճ ու բարակ փայտեր են։ Այս գործողութիւնն ալ աւարտելէ ետք, մարդակներուն վրայ կը տարածեն ծառերու կանաչ ճիւղեր (Բազմաշէնի մէջ զանոնք կը կոչեն քեվեշէ), որուն վրայ ալ կը թափեն թեթեւօրէն թրչուած հող, որ կը կոչուի փթըրուք, կամ փթրիկ (տեղական բարբառով կը նշանակէ չշաղուած խմոր կամ շաղախ)։ Բարջանճի մէջ այս հողը սովորական յարդի ու կիսաշաղ ցեխի խառնուրդն է, իսկ Դատեմի մէջ անիկա առանց յարդի հող է։ Տանիքին վրայ դրուած փթըրուքը պէտք է ունենայ 7.5-10 սմ. թանձրութիւն։ Ապա այս խառնուրդը թակով կը ծեծուի եւ յաճախ նաեւ լողքարով մը աւելի եւս կը հարթուի։ Այս բոլորին վրայ կ՚աւելցուի տակաւին մօտ 5 սմ. թանձրութեամբ քերբիճի շաղախ, որ կը լողուի կիսաչոր վիճակի մէջ։ Նոյն այս շաղախով կը ծեփեն նաեւ տան պատերը՝ ներսի եւ դուրսի կողմերէն [11]։

Տանիքին շինութեան մաս կը կազմէ նաեւ ցուիքներուն զետեղումը։ Անոնց ներքեւի մասը կազմուած է դիմացկուն փայտ ունեցող ծառի ճիւղերէ, իսկ վերեւի մասին վրայ դրուած կ՚ըլլայ հողի եւ յարդի շաղախ։ Ցուիքին լայնքը մօտաւորապէս 25 սմ. է։ Անոնք կողք-կողքի կ՚ամրացուին նորաշէն տանիքին չորս եզերքները, այնպիսի ձեւով որ նային դէպի դուրս։ Ցուիքներուն դերը տան պատերը թրջուելէ զերծ պահելն է, այնպէս որ անոնք աւելի շատ կը նմանին այս պատերուն վերեւի մասերուն վրայ հաստատուած փայտեայ հովանոցներու։ Տանիքներուն ցուիքներուն վրայ կը հաստատուի նաեւ ջրթողը (Խարբերդի մէջ զայն կ՚անուանեն ճռթօն, որ նաեւ ծանօթ է կուռջիվան, կուռջրուան, ջորդան, ջրորդան անուններով)։ Ասիկա կիսաբոլորակաձեւ փայտէ խողովակ մըն է, որուն ճամբով տանիքին վրայ հաւաքուած անձրեւի ջուրը վար կը հոսի։ Դատեմի մէջ տարածուած սովորութեան մը համաձայն, երաշտի ժամանակ գիւղացիք կը գողնան երեք անգամ այրիացած կնոջ մը ջրթողը, քանի մը օր զայն կը պահեն, այն յոյսով որ անձրեւ սկսի տեղալ [12]։

Տանիքին վրայ պէտք չէ մոռնալ նաեւ երդիքը, որ քարակուսի բացուածք մըն է՝ ճիշդ կրակտան վրայ. այստեղէն է որ թոնիրին ծուխը դուրս կու գայ եւ այստեղէն է որ մաքուր օդը տուն կը մտնէ։ Զայն ծածկելու համար գիւղացիք կը գործածեն փայտաշէն վարագոյր մը [13]։

Տուն շինելու ամբողջ այս հաւաքական աշխատանքը գիւղերու մէջ կրնայ տեւել երկու-երեք ամիս [14]։

Խարբերդ քաղաքի հայկական տուները Ս. Յակոբ թաղամասին մէջ (Վերի թաղ) (Աղբիւր՝ Նուպարեան գրադարան)

Դատեմի մէջ, ուր տուները մեծամասնութեամբ միայարկ են, տանիքները ընդհանրապէս կը գտնուին նոյն բարձրութեան վրայ։ Տուներն ալ կողք-կողքի կառուցուած են. այնպէս որ կարելի է ամբողջ գիւղը շրջագայիլ տանիքներուն վրայէն քալելով։ Տան մէջ գտնուող ամէն սիւնի վրայ կը հաստատուի փայտաշէն ճրագը՝ ներսը լուսաւորելու համար։ Ճրագին համար գիւղացին ունի նաեւ աշտանակներ (ճրագգիլ), որոնք պատուանդանի դեր կը խաղան։ Գիւղացիները իրենք կը պատրաստեն իրենց ճրագին իւղը, որ կը հանուի կենեկերչէկ (տիզկանեփատ) կոչուող բոյսէն [15]։ Տնեցիք կը նստին ցախէ շինուած խսիրներու վրայ։ Երեկոները նոյն այս խսիրներուն վրայ կը տարածեն փալասներ (հին գորգեր), ապա ներքնակը, բարձը եւ վերմակը։ Այս է Խարբերդի գիւղական տուներու մահիճը։ Ամէն առտու անկողինները վերստին կը հաւաքուին, կը դրուին տան մէկ անկիւնը ու վրան ալ կը գոցեն փալասով մը։ Յակոբ Ղարիպ Շահպազեան՝ Դատեմի գիրքին հեղինակը, կը նշէ թէ աւելի հին ժամանակներուն, իր գիւղին մէջ, իրարու հանդիպակաց երկու տուներու պատերուն մէջ կը բանային պայտաձեւ պատուհաններ (ծակ պատիֆօն), որուն ճամբով ալ դրացիներ կը հաղորդակցէին։ Այս պատուհանները պիտանի կը համարուէին արկածի, հրդեհի եւ գողութեան դէպքերու ժամանակ [16]։

Տուները դէպի փողոց նայող մէկ դուռ կ՚ունենան, որ ինչպէս տեսանք կը բացուի դորդանին վրայ։ Ռենչպերական տուներուն դուռը գոմէշ մը անցնելու չափ մեծ պէտք է ըլլայ։ Ասոր դիմաց գիւղերուն մէջ կան նաեւ ոչ-ռենչպերներու տուներ, որոնք կը պատկանին արհեստաւորներու, առեւտրականներու, պաշտօնեաներու, ուսուցիչներու։ Խարբերդի դաշտին մէջ ոչ-երկրագործ այս խաւին կը տրուի ճուվալուկ (ճուվալակ) անունը եւ շատ մը պարագաներու անոնց ընտանիքները նոյնքան բազմանդամ չեն ըլլար։ Ճուվալուկներու դռները ընդհանրապէս կը շինուին էշ մը կարենալ անցնելու մեծութեամբ։ Դռները յաճախ շինուած են բարտիի ժիր (ամուր) փայտէ, որուն դէպի տուն նայող կողմին վրայ կը հաստատուի փայտեայ կամ երկաթեայ սողնակ մը։ Դուռերուն կղպանքները կը կոչուին գորտ. անոնք կը շինուին թթենիի փայտէ։ Պատուհանները սակաւաթիւ են եւ փոքր չափի։ Ապակիի փոխարէն կը գործածուի թուղթ, զոր կ՚օծեն ձէթով՝ լուսաթափանց դարձնելու նպատակով։ Տան գետինը հողածածկ է. զայն կարծրացնելու համար լաւ մը կը թակեն տամուկ վիճակի մէջ, ապա կը լողեն։ Այս ձեւով անիկա կ՚առնէ քարացած, յղկուած ու մաքուր վիճակ մը։ Ախոռներու պարագային, գետինը սալայատակ է, մէջտեղը բացուած է փոս մը, ուր կը լեցնեն թրիքը։ Տաք եղանակներուն, ամէն շաբաթ անասնական այս աղտը դուրս կը հանուի եւ կը թափուի նոյն ախոռին քով գտնուող աւելի մեծ փոսի (թրքփոս) մը մէջ [17]։

Աւելի աղքատ ռենչպերներ չունին ձիթիեանք եւ տինկ, բայց եւ այնպէս անոնց ախոռին մէջ անպայման գոյութիւն ունի սագուն եւ անոր կողքի օճախը։ Ճուվալակ գիւղացիներուն տուները յարաբերաբար աւելի փոքր ծաւալի են, մանաւանդ որ անոնք ախոռի կարիք չունին։ Ասոնց քով նեղկիկ են նաեւ դորդանն ու տան յարակից բոլոր բաժինները։ Բայց եւ այնպէս բոլոր գիւղացիներն ալ տուներու սեփականատէրեր են, վարձակալ գոյութիւն չունի անոնց մօտ [18]։

Ձմեռ եղանակին տան ամէնէն տաքուկ վայրը ախոռն է, ի մասնաւորի սագուն [19]։

Ձիթիեանքը (ձիթահանք)։ Նկար՝ Մանուկ Ծերօնի եւ Նուարդ Կօշկարեանի։ Վերաշխատցուած Յուշամատեանի կողմէ (Աղբիւր՝ Մանուկ Ծերօն, op. cit.)

Գիւղական տուներուն կառուցուածքին ու յարդարումին մէջ որոշ փոփոխութիւններ կը սկսին նկատուիլ 1880-ական թուականներէն անդին։ Այսպէս, աւելի բարեկեցիկ գիւղացիներ կը սկսին գործածել սաճէ ջեռուցիցչներ, առաստաղն ու գետինը տախտակամած կ՚ընեն, տան պատերը գաճով կը ծեփեն, պատուհաններուն ապակի կը դնեն, մայր դուռին երկաթեայ կղպանքներ կ՚անցնեն [20]։ Կը կարծուի որ այս զարգացումին մէջ ազդեցութիւն ունեցած է նաեւ Միացեալ Նահանգներ աշխատելու գաղթած հայերու վերադարձը իրենց գիւղերը։ Անոնք իրենց հետ կը բերեն նաեւ տնաշինութեան նորաձեւութիւններ [21]։ 1908-ի Օսմանեան Սահամանադրութեան հռչակումը նոյնպէս իր ազդեցութիւնը կ՚ունենայ Խարբերդի գիւղական տուներու ճարտարապետութեան վրայ։ Առաջին տարիներուն բացայայտ է որ հայերու մօտ կը տիրէ յարաբերական ապահովութեան մը զգացումը, բան մը որ ինքնավստահութիւն կը ներշնչէ եւ մարդոց կը մղէ առնելու այնպիսի քայլեր, որոնցմէ կը խուսափէին նախորդող տասնամեակներուն։ Այսպէս, այս տարիներուն կը սկսին բազմանալ տուներու պատուհանները, իսկ Դատեմի մէջ նոր թափ կ՚առնէ երկյարկանի տուներու շինութիւնը, ի տարբերութիւն մինչեւ այդ գոյութիւն ունեցող գետնափոր տուներուն [22]

Բարջանճ գիւղին բաղնիքը.- Կը կոչուի էֆենտւոնց բաղնիք։ Անիկա մեծ մասամբ շինուած է տաշուած քարէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը մօտ 60 սմ. (24 inch) հաստութիւն ունի։ Ներսի եւ դուրսի յատակին շարուած են մարմարեայ քարեր, իսկ գմբէթը կազմուած է չեչքարէ։ Հարաւային կողմին կը գտնուի քուլխանը (փոշետուն), ուր զետեղուած են օճախն ու ջուր եռացնող կաթսան։ Այս բաժինը շինուած է անտաշ քարով. սենեակին մէկ անկիւնը կը գտնուի վառելանիւթը, որ ընդհանրապէս ցան է, այսինքն յարդ, փայտի կտորներ, թրիք, չորցած տերեւներ, իսկ միւս անկիւնին կը դրուի հաւաքուած մոխիրի դէզը։ Լոգարանը մօտ երկու քառ. մեթր տարածք մըն է, ուր կան հինգ միակտոր քարէ շինուած քուռուններ, որոնց մէջ կը թափի հոսող ջուրը։ Բաղնիքին ճարտարապետն է Բարջանճ գիւղէն Ծերօնենց Կարապետ Խալֆան, որուն օժանդակած են որդին, Երդմնիկցի ուստա Պօղոսը եւ Հիւսէնիկէն վարպետ քարկոփներ [23]։

Էֆենտւոնց բաղնիքը Բարջանճի մէջ։ Յատակագիծը լոյս տեսած է Մանուկ Ծերօնի գիրքին մէջ, զայն պատրաստած է նոյնինքն հեղինակը։ Այս էջով ներկայացուածը Յուշամատեանի կազմին կողմէ վերաշխատցուած տարբերակն է։

Բաղնիքը կառուցուած է ցածրադիր վայրի մը մէջ. այնպէս որ մզկիթին աղբիւրէն հոսող ջուրը ագուգաներու (քարէ կամ աղիւսէ շինուած խողովակ) ճամբով կը հասնի մինչեւ կաթսան եւ շատրուանը։ Այս վերջինը կը գտնուի նախագաւիթին մէջ, ուր կան նաեւ փայտեայ սագուներ։ Ասիկա սպասման սենեակ մըն է, ուր յաճախորդը կը պատրաստուի իր լոգանքին։ Լոգարանին պատերուն մէջ բացուած են 10 սմ. լայնքով ջրմուղներ, որոնք եռացած ջուրը կը փոխադրեն մինչեւ քուռունները [24]։

Բարջանճի բաղնիքը Էֆենտի եւ Քոռ Համիտ ընտանիքներուն սեփականութիւնն է։ Անոնք տարեկան վճարումի մը դիմաց այս տեղը վարձու կու տան Համամճի Իսմայիլին։ Բաղնիքը գործածելու գինը 20 փարա (կէս ղուրուշ) է, որուն կողքին բաղնեպանին պէտք է տալ նաեւ պախշիշ մը (ձեռքի պարգեւ)։ Ըստ Մանուկ Ծերօնի, երկար ժամանակ հայերը իրաւունք չեն ունեցած այս բաղնիքէն օգտուիլ։ Սակայն այս խտրութիւնը կը վերցուի, երբ բաղնիքին եկամուտը կը սկսի անկում կրել։ Աւելի ուշ հայ կիներ ալ կը սկսին բաղնիք յաճախել, շաբթուան մէջ յատկացուած իրենց յատուկ մէկ օրը [25]։

Քաղաքներ (Խարբերդ եւ Մեզիրէ -Մամուրէթուլ-Ազիզ-)

Այս նիւթին մասին մեր միակ աղբիւրն է Վահէ Հայկի խմբագրած գիրքը, ուր քանի մը էջ յատկացուած է տուներու նկարագրութեան եւ անոնց ճարտարապետութեան։ Հեղինակը քաղաքացի մըն է եւ իր նկարագրածը յայտնապէս քաղաքային տունն է, ի մասնաւորի Խարբերդ քաղաքի տուները, որոնք փաստօրէն ճարտարապետական որոշ տարբերութիւններ կը ներկայացնեն դաշտի գիւղական տուներուն բաղդատած։ Մեզիրէի պարագային գիտենք որ կացութիւնը տարբեր է. այստեղ տուներուն ճարտարապետութիւնը շատ աւելի բազմազան է, նկատի ունենալով որ քաղաքը յարաբերաբար նոր ստեղծուած է, հոս հաստատուած են բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, առեւտրականներ, գործարանատէրեր։ Այնպէս որ տուներէն շատեր արդիական ոճի ապարանքներ են։

Խարբերդ քաղաքին մէջ տուները մեծ մասամբ իրարու կից են։ Անոնք գետինէն վեր մէկ կամ երկու յարկանի են։ Տանիքները տափարակ են եւ այստեղ եւս կարելի է շրջագայիլ կտուրներուն վրայէն քալելով։ Ամէն տուն ունի իր սուֆան (սոֆա). հոս է որ կը հաւաքուին տան անդամները, կը ճաշեն, հիւր կ՚ընդունին։ Աւելի բարեկեցիկ տուներ ունին իրենց շայնի շիրինը, որ աւելի լաւ յարդարուած գոց պատշգամ մըն է, ուր կը հիւրընկալուին պատուաւոր հիւրեր [26]։

Խարբերդի շրջան։ Թոնիրով հաց պատրաստելու ընթացքին (Աղբիւր՝ Ernst Sommer, Was ich im Morgenlande sah und sann, Bremen, 1926)

Կրակտունը խոհանոցն է։ Կրակին տեղը սեղանաձեւ է, շինուած է քարի սալերով եւ բարձրութիւնը կը հասնի չափահասի մը մինչեւ մէջքը։ Քարաշէն այս սարքը իր վրայ ունի փոքր բացուածք մը, որուն վրայ ալ կը զետեղեն ճաշի պուտուկը կամ կաթսան։ Վառելանիւթը փայտեղէն է, ոմանք կը գործածեն նաեւ գշկուր։ Մառանը տունին տակ բացուած ստորերկրեայ մութ տեղ մըն է, ուր կը պահուի գլխաւորաբար ձմեռուայ պաշարը։ Այստեղ կարելի է գտնել պահածոյ ուտելիքներ, հալած իւղ, խաւուրմա, քաղցրեղէններ, գինի, պլղուր, ծեծած ոսպ, աղը դրուած պանիր։ Թոնրատունը հողին մէջ փորուած կլորակ փոս մը։ Գրեթէ ամէն տուն ունի թոնիր եւ այստեղ է որ կ՚եփեն հացը [27]։

Դորդանը, ինչպէս գիւղական տուներուն պարագային տեսանք արդէն, տան գաւիթն է, այն միջոցը, որ կը բացուի դուրսի դռնէն մտնողին առջեւ։ Քաղաքներու մէջ անիկա յարաբերաբար նեղ է, կրնայ ըլլալ վրան բաց կամ գոց։ Ցերեկները, երբ տղամարդիկ աշխատանքի են, տանտիկինները կը հաւաքուին այստեղ, ուր ձեռագործ, կար կամ կլայեկութիւն կ՚ընեն։ Տան տանիքին վրայ կը գտնուի չարտախը։ Ասոնք կիսաբաց ծածքեր են, ուր ամառ եղանակին ընտանիքը հոս կը փոխադրուի, հոս կը ճաշէ, հոս կ՚անցընէ ամբողջ ժամանակը, իսկ գիշերն ալ նոյն այս վայրին մէջ տան անդամները բացօդեայ կը քնանան [28]։

Քուրսին, այն վայրն է, ուր ընտանիքը կը խմբուի ձմեռ եղանակին։ Ասիկա փայտաշէն, չորս ոտքերով ամուր կառուցուած սեղան մըն է, որուն տակը կը դրուի կրակարանը։ Նոյն քուրսիին վրայ կը փռուի մեծ ու տաքուկ վերմակ մը, որ կը ծածկէ ամբողջ սեղանն ու կ՚իջնէ մինչեւ քուրսիին շուրջ հաւաքուածներուն ոտքերը։ Ընտանիքին անդամներն ու հիւրերը ոտքերնին կը դնեն սեղանին տակ, վառարանին մօտիկ, իսկ երկար վերմակով ալ կը ծածկեն իրենց ոտքերը [29]։

Խարբերդ. բլուրին գագաթին կ՚երեւին Խարբերդ քաղաքի բերդին աւերակները, իսկ լանջին՝ նոյն քաղաքին Սինամուտ հայաբնակ թաղամասը (Աղբիւր՝ C.F. Lehmann-Haupt, Armenien Einst und Jetzt, vol. 1, 1910, Berlin / Leipzig)

  1. [1] Մանուկ Պ. Ծերօն, Բարջանճ գիւղ. համայնապատում (1600-1937), Պոստոն, 1938, էջ 226; Ապտալ Գոլէճ Պօղոսեան, Բազմաշէնի ընդարձակ պատմութիւն, տպ. «Պայքար», Պոստոն, 1930, էջ 168; Յակոբ Ղարիպ Շահպազեան, Թանգարան գիւղը մեր եւ սիրոյ արիւնոտ ածուներ, Ֆրանսա, 1967, էջ 127-129, 133։
  2. [2] Պօղոսեան, Բազմաշէնի..., էջ 170; Շահպազեան, Թանգարան գիւղը…, էջ 127-129, 133։
  3. [3] Պօղոսեան, Բազմաշէնի…, էջ 170; Շահպազեան, Թանգարան գիւղը…, էջ 127-129, 133։
  4. [4] Պօղոսեան, Բազմաշէնի…, էջ 168-169; Շահպազեան, Թանգարան գիւղը…, էջ 127։
  5. [5] Պօղոսեան, Բազմաշէնի…, էջ 169։
  6. [6] Ծերօն, Բարջանճ…, էջ 226-227; Պօղոսեան, Բազմաշէնի…, էջ 168; Շահպազեան, Թանգարան գիւղը…, էջ 127։
  7. [7] Ծերօն, Բարջանճ…, էջ 227; Պօղոսեան, Բազմաշէնի…, էջ 167; Շահպազեան, Թանգարան գիւղը…, էջ 124։
  8. [8] Ծերօն, Բարջանճ…, էջ 226-227։
  9. [9] Նոյն, էջ 227; Յարութիւն Խ. Շապուհեան, Պատմութիւն Քօռփէ կամ Քէօրբէ գիւղին, [ձեռագիր պատճէնահարուած տարբերակ], 1917 (վերամշակուած 1958-ին), Միացեալ Նահանգներ, էջ 50-51։
  10. [10] Պօղոսեան, Բազմաշէնի…, էջ 167; Շահպազեան, Թանգարան գիւղը…, 124-125։
  11. [11] Ծերօն, Բարջանճ…, էջ 227; Շահպազեան, Թանգարան գիւղը…, էջ 126։
  12. [12] Նոյն, էջ 125-126։
  13. [13] Նոյն, էջ 126։
  14. [14] Նոյն, 125։
  15. [15] Նոյն, էջ 126, 130։
  16. [16] Նոյն, էջ 131։
  17. [17] Ծերօն, Բարջանճ…, էջ 227։
  18. [18] Նոյն, էջ 227։
  19. [19] Նոյն։
  20. [20] Նոյն։
  21. [21] Պօղոսեան, Բազմաշէնի…, էջ 168։
  22. [22] Շահպազեան, Թանգարան գիւղը…, էջ 126։
  23. [23] Ծերօն, Բարջանճ…, էջ 228։
  24. [24] Նոյն։
  25. [25] Նոյն։
  26. [26] Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, Նիւ Եորք, 1959, էջ 675։
  27. [27] Նոյն, էջ 676։
  28. [28] Նոյն։
  29. [29] Նոյն։