Խարբերդ քաղաքէն Պէշկէօթիւրեան ընտանիքին ծառը, պատրաստուած 1925-ին։ Տոհմածառին ամբողջական պատկերը տեսնել ստորեւ։

Խարբերդ - Ժողովրդագրութիւն

Հեղինակ՝ Ճորճ Աղճայեան, 14/03/16 (վերջին փոփոխութիւն՝ 14/03/16), թարգմանութիւն՝ Շաղիկ Շահինեան Արծրունի

Խարբերդ քաղաքը կը տարածուի բերդի մը շուրջը, որ կը գտնուի բլուրի մը գագաթին, որուն ստորոտին փռուած են համանուն նահանգի բերրի դաշտերը։ 1800-ական թուականներու սկիզբները, վարչական կեդրոնը փոխադրուած էր Մեզիրէ/Մեզրէ՝ բլուրի ստորոտին գտնուող մշակելի հողատարածքը։ Շատ չանցած Մեզրէի անունը փոխուած էր եւ դարձած Մամուրէթուլ Ազիզ [Էլազիկ]։ 19-րդ դարու երկրորդ կէսին արդէն Մամուրէթուլ Ազիզը առանձնացած էր Տիարպէքիրի նահանգէն եւ անջատ նահանգ [վիլայէթ] մը դարձած էր։

Օսմանեան կայսրութեան կեանքի վերջին դարուն ընթացքին Խարբերդի կեդրոնական գաւառակը [քազա] մօտաւորապէս 70 գիւղ հայ բնակչութիւն ունէր։ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող հայերու թիւի մասին տարաձայնութեան հետեւանքով է կարծես որ միայն քիչ թիւով անձեր իրենց ժողովրդագրական վերլուծութիւններուն համար կը գործածեն թէ՛ օսմանեան եւ թէ հայկական աղբիւրներ։ Ինչպէս պիտի տեսնենք ներքոբերեալ վերլուծութեան մէջ, այլազան աղբիւրները կը լրացնեն իրար, եւ քննադատական համեմատութիւնը առիթ կը ստեղծէ իւրաքանչիւր աղբիւրի թոյլ եւ ուժեղ կողմերը արժեւորելու։

Թուրքիոյ հանրապետութեան վարչապետարան պետական արխիւներու արխիւներուն մէջ [T.C. Başbakanlık Devlet Arşivleri Genel Müdürlüğü] օսմանեան ժամանակաշրջանին վերաբերող մարդահամարներու տուեալներ կան։ Խարբերդի նահանգի պարագային 1834 [իսլամական օրացոյցով՝ 1250 թուականին] եւ 1840 [իսլամական օրացոյցով՝ 1256] թուականներու մարդահամարները մանրամասն տուեալներ կը պարզեն. իւրաքանչիւր այրի համար տարիքի, արհեստի, հասակի, հարկային դասակարգումի, եւայլն մասին տուեալներ բերուած են։ Գոյութիւն ունի նաեւ նուազ գործածելի տոմար մը 1846 [իսլամական օրացոյցով՝ 1262] թուականի մարդահամարի տուեալներով, սակայն այստեղ միայն հարկատու այրերու երաշխաւորներուն մասին տեղեկութիւն կայ։ Հետեւաբար, հայկական եւ թրքական աղբիւրներուն մէջ միայն հանրագումարային տուեալներ կան մեր տրամադրութեան տակ։ Այս տեղեկութիւններու պատրաստման մէջ նշանակալի բացեր կան։

1834 թուականի օսմանեան մարդահամարի տոմարին առաջին 51 էջերը չկան, հետեւաբար անկարելի է ճշդել, թէ հանրագումար քանի այր բնակիչ կամ քանի ծուխ հաշուառուած էր։ Ըստ 1840-ի օսմանեան մարդահամարի տուեալներուն, Խարբերդի նահանգին մէջ արձանագրուած է 4 204 ծուխի մէջ ապրող հանրագումար 16.392 քրիստոնեայ այր բնակիչ։ Հայերը քրիստոնեայ բնակչութեան 98%-էն աւելի մեծ թիւ կը կազմէին։ Փոքրաթիւ ասորի բնակչութիւն կ’ապրէր երկու վայրի մէջ՝ Խարբերդ քաղաքի եւ Այուոս գիւղին մէջ։ Այուոսը, սակայն, այս մարդահամարին մէջ կամ թուարկուած չէր, կամ ընդգրկուած չէր Խարբերդի նահանգին մէջ։

Հարսանիք Խարբերդ քաղաքին Սուրբ Ստեփանոս թաղամասին մէջ։ Լուսանկարը քաշուած է փեսային՝ Պրն. Զուլումեանի տան մուտքին։ Հարսը Պոլիսէն է։ Հարսն ու փեսան կ՚երեւին դրան մուտքին։ Քահանային ձախին, ֆէսով մարդը Մկրտիչ Գարաճեանն է։ Վերը, պատշգամին ձախ ծայրը կանգնած եւ ճերմակ հագուած երկու կիները Գարաճեանին քոյրերն են՝ Գոհար եւ Հռիփսիմէ։ Նոյն պատշգամին վրայ կանգնած փոքրիկ տղան՝ Արտաշ Համբար (Աղբիւր՝ Ատոմ Պուճիգանեանի հաւաքածոյ, Մոնթրէալ)

Թէ՛ 1834-ի եւ թէ 1840-ի մարդահամարներուն մէջ բերուած գիւղերուն պարագային արձանագրուած է հայ արանց բնակչութեան 7.5%-ի նուազում։ Անշուշտ, բնակչութիւնը շատ աւելի շարժուող եւ տեղափոխուող էր քան կարելի էր երեւակայել, եւ մեծ թիւով տղամարդիկ նշանակալից տեւողութեամբ կը բացակայէին իրենց հայրենի քաղաքէն եւ պանդուխտ կ’երթային օրինակ Ատանա կամ Պոլիս։ Սակայն այլուր աշխատողները տակաւին արձանագրուած կը մնային իրենց հայրենի քաղաքի մարդահամարի տուեալներուն մէջ։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է այլ մեկնաբանութիւն։ Արդեօք հայ բնակչութիւնը թիւի անկո՞ւմ կ’ապրէր, ի վիճակի չէ՞ր իր նուազող շարքերը համալրելու, թէ՞ սկզբնական մարդահամարէն ետք հայերը վարպետացած էին հաշուառումէն խուսափելուն մէջ, որպէսզի իրենց հարկային պարտաւորութիւնները նուազեցնէին։

Բացակայող գիւղերուն վերաբերող տուեալներուն վերաբերեալ վերհպումներ կատարած եմ թէ՛ 1834-ին եւ թէ 1840-ի օսմանեան մարդահամարի թիւերուն։ Ըստ էութեան, բացակայ տուեալները ամբողջացուցած եմ մակաբերելով նոյն համամասնութեամբ, որ յայտնի տուեալները կը պարզեն։ Տարիքային տուեալներու բաշխումի վերլուծութենէն ծնող բացերու պարագային տուեալներու պատշաճեցում չեմ կատարած։ Այսպէսով, այս ենթադրութեան արդիւնքը 18.338 ոչ իսլամ այր բնակիչ է եւ 4.108 ծուխ 1834-ին, եւ 4 384 ծուխի մէջ ապրող 1.7081 ոչ իսլամ այր բնակիչ 1840-ին։

1878 թուականին Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը օսմանեան կայսրութեան տարածքի իր բոլոր թեմերուն հարցարաններ ղրկեց։ Խարբերդի թեմին ղրկած պատասխանները մինչեւ օրս պահպանուած են եւ հայ, ասորի, թուրք եւ քիւրտ բնակչութեան մասին մանրամասնութիւններ կը պարունակեն գիւղ առ գիւղ։ «Թորոս աղբար, Հայաստանի ճամբորդ» գիրքին մէջ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցի բերած ծուխերու թիւը համապատասխան է Խարբերդի բնակչութեան 1878 թուականի վերոյիշեալ տուեալներուն։ Ըստ այդ տուեալներուն՝ (այսույետ՝ 1878-ի հայկական մարդահամար) Խարբերդի բնակչութիւնը բաղկացած էր 4.2766 հայ, 740 ասորի, 3.5676 թուրք, 28.816 քիւրտ եւ 3.220 քզլպաշ բնակիչէ։ Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ հայ բնակչութիւնը կ՚ապրէր 5.250 ծուխի տակ։ Ծանօթ բացերու բերումով պատշաճեցումի ենթարկելով տուեալները՝ հայ բնակչութիւնը ես կը գնահատեմ 43.042 բնակիչ եւ 6.005 ծուխ։

Տիարպէքիրի վիլայէթի (նահանգ) տարեգիրքերը [սալնամէ], որոնք կը վերաբերին այն ժամանակահատուածին, երբ Տիարպէքիրի վիլայէթին մաս կը կազմէր Խարբերդը, վերջինիս բնակչութեան մասին տուեալներ չեն պարունակեր։ Անգամ այն պարագաներուն, երբ բնակչութեան թիւ մը բերուած է իբրեւ քազան կամ սանճաքի բնակչութիւնը ներկայացնող թիւ, այս մարդաքանակը շատ փոքր թիւ է եւ չի կրնար իրականութեան համապատասխանել։ Օրինակի համար, Տիարպէքիրի 1 876 թուականի [իսլամական օրացոյցով՝ 1.293] տարեգիրքը Մամուրէթուլ Ազիզի բնակչութեան համար արձանագրուած է 13.200 ծուխի մէջ ապրող 16.503 իսլամ եւ 14.678 ոչ իսլամ այր բնակիչ։

1881 թուականին [իսլամական օրացոյցով՝ 1 298], Մամուրէթուլ Ազիզը այլեւս մաս չէր կազմէր Տիարպէքիրին եւ իր սեփական տարեգիրքը հրատարակած է։ Բնակչութեան մասին տուեալները աւելի մանրամասն տեսքով բերուած են հոն։ Մամուրէթուլ Ազիզի բնակչութիւնը կազմուած էր 25.274 իսլամ, 15.069 հայ առաքելական, 1.157 բողոքական, 523 կաթողիկէ, 203 յոյն եւ 319 լատինական բնակիչէ, որոնք կ՚ապրէին 21.569 ծուխի մէջ։ Այս պարագային ալ բնակչութեան տուեալները միայն այր բնակիչներուն թիւերը կ՚արտայայտեն։

Իսկ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի [իսլամական օրացոյցով՝ 1312] տարեգիրքը եզակի է այն առումով, որ բնակչութեան թիւը բերուած է ըստ սեռի, կրօնական դաւանանքի եւ ըստ գիւղի։ Գիւղ առ գիւղ բերուած մանրամասն տուեալներէն կը հաշուարկուին հետեւեալ հանրագումար բնակիչներու թիւերը. Խարբերդի գաւառակը կը հաշուէր 57.553 իսլամ (29.617 այր եւ 27.936 կին), 32.522 հայ առաքելական (17.020 այր եւ 15.502 կին), 756 կաթողիկէ (386 այր եւ 370 կին), 4 529 բողոքական (2.373 այր եւ 2.156 կին), 446 լատինական (230 այր եւ 216 կին), 44 օտարազգի (22 այր եւ 22 կին) եւ 36 յոյն (19 այր եւ 17 կին) բնակիչ։ Հայ կիները, սակայն, հետեւողական կերպով թերահաշւուած էին, եւ աւելի մեծ տոկոսով թեահաշւուած էին իսլամ կանայք, յատկապէս խառն բնակչութիւն ունեցող գիւղերուն մէջ։ Հետեւաբար, ըստ 1894 թուականի տարեգիրքի տուեալներուն, հայ բնակչութեան հանրագումար թիւը առնուազն 40.000 բնակիչ էր։ Այս թիւը կը համապատասխանէ հայ բնակչութեան թիւի՝ 1881-ի տարեգիրքին տուեալներուն համեմատ 18% աճի։

1900-ական թուակներու սկիզբները Հայր Սուքիաս Էփրիկեանը կը հրատարակէր իր կոթողային «Պատկերազարդ բնաշխարհիկ բառարան»-ը։

Հոս բերուած էին հայ բնակչութեան վերաբերեալ այժմէական թիւերը՝ համեմատած Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցի արձանագրած թիւերուն, սակայն անփոփոխ ձգուած էին իսլամ բնակչութեան վերաբերող տուեալները։ Այս այժմէականացուած տուեալներով բնակչութիւնը կազմուած էր 38.407 հայ առաքելական, 1.416 բողոքական եւ 284 կաթողիկէ հայ բնակիչէ։ Կը թուի թէ, սակայն, հայ բնակչութեան թիւերը կը վերաբերին 1878-ի հայկական մարդահամարին եւ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքի միջեւ տարուբերող ժամանակահատուածին։ Ըստ ամենայնի պէտք է աւելցնել եւս 300 հայ շունչ՝ տուեալներուն մէջ չընդգրկուած մի քանի գիւղի բնակչութեան դիմաց։

Խարբերդի շրջանին վերաբերող Հայոց Պատրիարքարանի 1878-ի վիճակագրութենէն էջեր (Աղբիւր՝ «Վիճակագություն Խարբէրդի Նահանգի», 27 Ապրիլ 1878, Չարենցի անուան գրականութեան և արուեստի թանգարան, Թորոս Ազատեանի հաւաքածոյ, թիւ 44)

Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը իր թեմերէն դարձեալ բնակչութեան թիւերուն վերաբերեալ հարցում կատարեց։ Խարբերդի վերաբերեալ հոն արձանագրուած էր 39.788 հայ բնակիչ եւ 6.166 ծուխ։ Նոյն օրերուն ծնունդներու եւ մահերու արձանագրումով այժմէականացուած էին 1905-07 թուականներու օսմանեան մարդահամարի տուեալները՝ այդպէսով ստանալով 1914 թուականի տուեալները։ Խարբերդի բնակչութիւնը հոն կ՚արձանագրուէր հետեւեալ կերպ՝ 78.906 իսլամ, 31.244 հայ առաքելական, 1.448 հայ կաթողիկէ, 5.528 բողոքական, 541 լատինական, 991 ասորի եւ 36 գնչու։ Եթէ նկատի ունենանք որ բողոքականներու մեծ մասը, եթէ ոչ բոլորը, հայեր էին, հայ բնակչութեան հանրագումար թիւը՝ 38.220 շունչ, շատ մօտ է Պատրիարքարանի բերած հանրագումար թիւին։

Այս ներկայացուած թիւերը կը ցուցնեն, որ Խարբերդի հայ բնակչութեան թիւը գրեթէ մէկ դար համեմատաբար կայուն մնացած է՝ երբեք չհեռանալով մօտաւորապէս 40.000 հայ շունչ տուեալէն։ Հայ բնակչութեան թիւը իր բարձրակէտին կը հասնէր մօտաւորապէս 1880 թուականին։ 1894-96-ի համիտեան ջարդերը, բռնի իսլամացումները եւ արտագաղթը ոչ միայն կաշկանդած են բնակչութեան թիւի աճը, այլեւ նուազումի յանգեցուցած։ Նոյն ժամանակահատուածին իսլամ բնակչութիւնը թիւի աճ կ՚ապրէր մօտաւորապէս 20%-ով։ Պէտք չէ մոռնալ, սակայն, որ այս մարդահամարի իրականացումին բնոյթն իսկ միշտ թերահաշւումի կը յանգեցնէ, նոյնիսկ արդիական եղանակներով ըլլալու պարագային։ Հետեւաբար, բնակչութեան թիւերը գիւղերու ապրած ժողովրդագրական փոփոխութիւնները հասկնալու կերպ մը կը ներկայացնեն եւ ոչ Խարբերդի գաւառակին մէջ ապրող հայ բնակիչներու վերաբերեալ վերջնական տուեալներ։

Պէտք է կատարել մանրամասն վերլուծութիւններ, կարենալ երեւան հանելու համար դիտարկումներ, որոնք միայն հանրագումարային տուեալներ գործածելու պարագային քօղարկուած կը մնան։ Ստորեւ բերուածը բնակչութեան տուեալներու վերլուծութիւն մըն է գիւղերու վերաբերեալ, որոնք ժամանակին հայերու կողմէ բնակուած էին։ Ուղիղ փակագիծերու մէջ բերուած անունները տուեալ գիւղերու այժմու կամ ամենէն վերջին անուններն են։

Խնդրոյ առարկայ գիւղերու մանրամասն քարտէսը կարելի է տեսնել westernarmenia.weebly.com/maps.html կայքէջին վրայ։

[Ծանօթ. 1840 թուականի օսմանեան մարդահամարին պարագային, հանրագումար թիւերը բերուած են այնպէս ինչպէս արձանագրուած են բնագիրին մէջ։ 1834-ի մարդահամարին պարագային, հանրագումար թիւերը հաշւուած են ըստ թուարկուած անհատ բնակիչներու թիւերուն։ Ձեռքով համրելու պատճառով մի քանի մանր-մունր սխալ կրնան սպրդած ըլալ։ Ի յաւելումն, մանաւանդ իսլամ բնակիչներու տոմարին մէջ, բազմաթիւ գիւղակներ ալ թուարկուած էին։ Բոլոր պարագաներուն չէ որ կարելի եղաւ ճշդել, թէ յետագայ աղբիւրներուն մէջ որ գիւղակը որ գիւղին մաս որպէս հաշուարկուած էր։ Հետեւաբար, 1834-ի մարդահամարին պարագային իսլամ բնակիչներու հանրագումար թիւերը կրնան համեմատաբար փոքր ըլլալ։ Այս կնճիռը լուծելու համոզիչ ոչ մէկ ձեւ կար։ Յամէնայնդէպս, իմ նկատառումներս բովանդակային փոփոխութիւն պիտի չկրէին։]

Խարբերդ քաղաքէն Պէշկէօթիւրեան ընտանիքին ծառը, պատրաստուած 1925-ին (Աղբիւր՝ Լեւոն Լիւլէճեանի արխիւներ. շնորհակալութիւններ՝ Սեւակ Եարալեանին, Լոս Անճելըս)

Աղ-մեզրէ, Աքմեզրէ [Քաւաքփինար]

38°42'17.24"N 38°58'42.73"E
125 հայ բնակիչ, 21 ծուխ
Ոչ մէկ եկեղեցի

Այս անունը կրող երկու գիւղ կար Խարբերդի գաւառակին մէջ։ Մէկ գիւղը կը գտնուէր Մունզուր-Օղլի (այժմ ջրասոյզ) գիւղին մերձակայքը, միւսը՝ Արփաւուտ գիւղին։ Մունզուր-Օղլիի մօտ գտնուող գիւղը միայն քարտեսներէն յայտնի է մեզի. հանրապետական Թուրքիոյ ոչ մէկ մարդահամարի մէջ արձանագրուած է։ Ըստ առկայ տեղեկութեան իմ ենթադրութիւնս ան է, որ հայ բնակիչներ ունեցող գիւղը Քաւաքփինար անունը կը կրէ այսօր։ Աղ-մեզրէ գիւղը վաղ շրջանի հայկական (օրինակ Սրուանձտեանց, Էփրիկեան) ոչ մէկ աղբիւրի մէջ յիշատակուած է։ 1834-ի օսմանեան մարդահամարը, սակայն, կը թուէ 25 ծուխի մէջ ապրող 104 հայ այր բնակիչ եւ 14 ծուխի մէջ ապրող 61 իսլամ այր բնակիչ։ 1840-ին կատարուած ուրիշ մարդահամար մը կ՚արձանագրէր 36 ծուխի մէջ ապրող 95 հայ այր բնակիչ։ Զարմանալի է, որ 1878-ի հայկական մարդահամարը կ՚արձանագրէր, որ գիւղը միայն 120 թուրք բնակիչ կը հաշուէր, առանց հայեր յիշատակելու։ Մամուրէթուլ Ազիզ նահանգի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագէր, որ գիւղը կը հաշուէր հանրագումար 33 ծուխի մէջ ապրող 145 հայ (66 այր եւ 79 կին) եւ 19 իսլամ (8 այր եւ 11 կին) բնակիչ։ Վստահ չեմ՝ իսլամ բնակչութեան թիւի կտրուկ անկումին պատճառը ի՛նչ է, բայց հայ բնակչութեան թիւին դանդաղ մաշումը պիտի շարունակուէր, եւ Հայոց ցեղասպանութեան նախօրէին Աղ-մեզրէն կը հաշուէր 21 ծուխի մէջ ապրnղ 125 հայ բնակիչ։

Վարին Աղնձիք, Աշաղի Աղունսու [Քաւաքալթը]

38°36'10.54"N 39°27'20.84"E

Վերին Աղնձիք, Եուքարի Աղունսու [Էլմափընարը]

38°35'57.39"N 39°27'56.78"E
450 հայ բնակիչ, 70 ծուխ
Սբ. Կարապետ եկեղեցի

Հայ բնակչութիւնը կ’ապրէր Վերին Աղձնիքի մէջ, իսկ իսլամ բնակչութիւնը՝ Վարին Աղձնիքի մէջ։ Էլմաճինարիի նոր տեղակայումը կը գտնուի նախկին, այժմ ջրասոյզ եղած վայրէն քիչ մը դէպի հարաւ։ 1834-ի օսմանեան մարդահամարը կ՚արձանագրէր 36 ծուխի մէջ ապրող 196 հայ եւ 20 ծուխի մէջ ապրող 74 իսլամ այր բնակիչ, իսկ 1840-ի մարդահամարը կ՚արձանագրէր 38 ծուխի մէջ ապրող 191 հայ այր բնակիչ։ 1878 թուականի հայկական մարդահամարին Աղձնիքը նշուած է 60 ծուխի մէջ 411 հայ բնակիչ եւ 111 թուրք բնակիչ ունեցող գիւղ։ Հայր Էփրիկեանը կը նշէ, որ գիւղը 401 հայ եւ 115 թուրք բնակիչ ունէր։ Մամուրէթուլ Ազիզ նահանգի 1894-ի տարեգիրքը կ՚արձանագրէր, որ գիւղը կը հաշուէր 68 հայ ծուխ եւ 349 հայ բնակիչ (190 այր եւ 159 կին)։ Կիներու թիւին համեմատ այրերու մեծ համամասնութիւն կազմելը կիներու թիւի հաւանական թերհաշւում կը ցուցանէ։ Տարեգիրքը նաեւ կը նշէ, որ Վարին Աղնձիքի մէջ 118 իսլամ (63 այր եւ 55 կին) բնակիչ կ՚ապրէր 28 ծուխի մէջ։ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին հայ բնակչութեան թիւը աճ ապրած էր եւ կը հաշուէր 70 ծուխի մէջ ապրող 450 բնակիչ։ Վարին Աղնձիքը ջրասոյզ եղած է Քեպանի ջրամբարի ջուրերուն մէջ, եւ Վերին Աղձնիք գիւղը տեղ փոխած է։

Խարբերդի գիւղերէն (գիւղին անունը անյայտ) Տէր Մարտիրոսեան ընտանիքը (Աղբիւր՝ Ռիշար Տէր Մարտիրոսեանի հաւաքածոյ, Մարսէյ)

Ախոռ, Ախուր, Ահուր [Սարայպաշը]

38°40'29.61"N 39°30'5.72"E
165 հայ բնակիչ, 25 ծուխ
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

Ախոռը եւս մէկն այն գիւղերէն, որոնք այժմ Քեպանի ջրամբարի ջուրերուն տակ մնացած են։ Այս գիւղերուն տեղակայումը մօտաւոր կերպով բերուած է, հիմնուելով հին քարտէսներու վրայ։ 1834 թուականի օսմանեան մարդահամարը այս գիւղին համար կը նշէր 47 ծուխի մէջ ապրող 246 հայ եւ 8 ծուխի մէջ ապրող 28 իսլամ այր բնակիչ։ 1840-ի մարդահամարը կը նշէ, որ Ախոռը զուտ հայաբնակ գիւղ էր, եւ բնակչութեանը թիւը նշանակալի նուազում արձանագրած էր՝ հասնելով 36 ծուխի մէջ ապրող 261 բնակիչի։ Հայր Էփրիկեանը կ՚արձանագրէ, որ գիւղը 242 հայ բնակիչ ունէր, առանց թուրք բնակչութեան մասին յիշատակում կատարելու։ Մամուրէթուլ Ազիզ նահանգի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղը գրեթէ ամբողջութեամբ հայաբնակ էր եւ կը հաշուէր հանրագումար 54 ծուխի մէջ ապրող 270 հայ (140 այր եւ 130 կին) եւ 11 իսլամ (7 այր եւ 4 կին) բնակիչ։ Հայոց ցեղասպանութեան նախօրէին հայ բնակչութեան թիւը նորէն նուազում կրած էր եւ կը կազմէր 165 բնակիչ, 25 ծուխ։

Առոծիկ, Առոսիկ, Առոզիկ, Աքմեզրաա [Քուշլուեազը]

38°37'45.43"N 39°24'51.81"E
140 հայ բնակիչ, 26 ծուխ
Սբ. Գէորգ եկեղեցի

Առոծիկ գիւղն ալ այսօր կը հանգչի Քեպանի ջրամբարի ջուրերուն տակ։ 1834-ի օսմանեան մարդահամարը Առոծիկի պարագային կ’արձանագրէր 33 ծուխ եւ 142 հայ այր բնակիչ, իսկ 1840-ի մարդահամարը կ’արձանագրէր 125 այր բնակիչ եւ 41 ծուխ։ 1878 թուականի հայկական մարդահամարը կը նշէր, որ Առոծիկը լրիւ հայաբնակ գիւղ էր, եւ ունէր 40 ծուխ ու 355 բնակիչ։ Հայր Էփրիկեանը փոքր նուազում մը կ՚արձանագրէ հայ բնակչութեան թիւին մէջ՝ նշելով 330 շունչ։ Մամուրէթուլ Ազիզ նահանգի 1894-ի տարեգիրքը կը հաստատէ, որ Առոծիկը զուտ հայաբնակ գիւղ էր, բայց նաեւ կը նշէ, որ բնակչութեան թիւը նուազած էր եւ հասած 132 շունչի (60 այր 72 կին) եւ 24 ծուխի։ Հայկական աղբիւրները կը հաստատեն նուազած բնակչութեան թիւը Հայոց ցեղասպանութեան նախօրէին՝ 140 հայ բնակիչ, 26 ծուխ։

Արփաւուտ, Արփաւոտ, Արփաւուդ, Ալփաւուտ [Ալփաղութ]

38°43'22.22"N 39° 0'26.33"E
343 հայ բնակիչ, 52 ծուխ
Սբ. Գէորգ եկեղեցի

1834-ի օսմանեան մարդահամարը կ՚արձանագրէր 38 ծուխի մէջ ապրող 242 հայ եւ 13 ծուխի մէջ ապրող 68 իսլամ այր բնակիչ։ 1840-ի մարդահամարին ատեն հայ բնակչութիւնը արդէն նուազած էր 40 ծուխի մէջ ապրող 204 հայ բնակիչի։ 1878-ի հայկական մարդահամարը կ՚արձանագրէր այս գիւղին մէջ ապրող հայ բնակչութեան թիւի աճ՝ 611 բնակիչ, 70 ծուխ, ինչպէս նաեւ 152 թուրք բնակիչ։ Հայր Էփրիկեանը Արփաւուտի բնակչութեան թիւը կը նշէ 600 հայ եւ 19 թուրք բնակիչ։ Մամուրէթուլ Ազիզ նահանգի 1894-ի տարեգիրքը կը հաստատէ ծուխերու թիւի աճը։ Բնակչութեան թիւը արձանագրուած է հանրագումար 70 ծուխի մէջ ապրող 459 հայ (265 այր եւ 194 կին) եւ 37 իսլամ (17 այր եւ 20 կին) բնակիչ։ Հայ բնակչութեան նուազած թիւը պէտք է վերագրել կիներու թերահաշւումին։ Իսլամ բնակչութեան թիւի նուազումը, սակայն, ամենայն հաւանականութեամբ այլ պատճառ պէտք է որ ունեցած ըլլայ։ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայինին հայ բնակչութեան թիւը նուազած էր 52 ծուխի մէջ ապրող 343 բնակիչի։

1834-ի Օսմանեան վիճակագրութենէն օրինակ մը. Աշուան գիւղ, Սարգիս քահանային ընտանիքը։ Որդին էր Յարութիւն քահանային։

Աշուան, Աշոտաւան, Բերդայ քաղաք, Աշղան [Մուրաթճըք]

38°52'56.03"N 38°57'12.91"E
100 հայ բնակիչ
Սբ. Գէորգ եկեղեցի, Սբ. Սարգիս եկեղեցի

Այն տեղանքը, ուր հին Աշուան գիւղը կը գտնուէր, այժմ ջրասոյզ եղած է։ Նոր գիւղը՝ Մուրատչիկը հին գիւղին անմիջապէս հարաւը կը գտնուի։ 19-րդ դարու ամբողջ ընթացքին գրուած աղբիւրներուն մեծ մասը Աշուանը որպէս զուտ հայաբնակ գիւղ կը նկարագրեն, սակայն 1834-ին հոն ապրող 15 իսլամ այր բնակիչ եւ 4 ծուխ արձանագրուած են։ 1834-ի օսմանեան մարդահամարը նոյնպէս 92 ծուխի մէջ ապրող 441 հայ այր կ՚արձանագրէ, մինչ 1840-ի մարդահամարը կը նշէ 427 այր բնակիչ եւ 94 ծուխ։ 1878-ի հայկական մարդահամարը կ՚արձանագրէ, որ բնակչութեան թիւը նուազում կրած էր եւ հասած 58 ծուխի մէջ ապրող 611 բնակիչի։ Հայր Էփրիկեանի գիրքին մէջ հայ բնակչութեան թիւը 598 շունչ է։ Մամուրէթուլ Ազիզ նահանգի 1894-ի տարեգիրքը կ՚արձանագրէր, որ 84 ծուխի մէջ կ՚ապրէր 457 հայ (254 այր եւ 203 կին) բնակիչ։ Այս պարագային եւս կը տեսնենք, որ կիներու թիւը շատ աւելի պզտիկ է քան այրերունը, ինչ որ լուրջ թերահաշւումի ցուցանիշ է։ Եւ սակայն Հայոց ցեղասպանութեան նախօրեակին բնակչութեան թիւը նուազած էր մինչեւ 100 բնակիչի։ Բացի ասկէ, հայկական աղբիւրները կը նշեն, որ Աշուան գիւղը ունէր 100 քիւրտ, 400 թուրք եւ 120 ասորի բնակիչ։

Այուպաղի, Այուպ պաղի [Էիւփպաղը]

38°35'28.12"N 39°25'41.39"E
Ոչ մէկ հայ բնակիչ 1914
Ոչ մէկ եկեղեցի

Այուպաղին շատ պզտիկ գիւղ մըն էր, որ 19-րդ դարուն ընթացքին միայն մի քանի հայ բնակիչ ունէր։ 19-րդ դարուն աւարտին այլեւս հոն ապրող հայեր չկային։ 1834-ի օսմանեան մարդահամարը կը նշէր 7 ծուխի մէջ ապրող 32 հայ այր եւ 8 ծուխի մէջ ապրող 33 իսլամ այր բնակիչ։ 1840-ի մարդահամարի օրերուն բնակչութեան թիւը նուազած էր եւ 4 ծուխի մէջ ապրող 9 հայ այր կը հաշուէր։ 1878-ի հայկական մարդահամարը կը նշէր, որ գիւղը միայն 3 ծուխի մէջ ապրող 21 հայ բնակիչ եւ 90 թուրք բնակիչ ունէր։ Հայր Էփրիկեանը նոյնպէս կը հաստատէ, որ Այուպաղիի բնակչութիւնը 20 հայ եւ 90 թուրք բնակիչ էր։ Մամուրէթուլ Ազիզ նահանգի 1894-ի տարեգիրքը կ՚արձանագրէր Այուպաղիին լրիվ իսլամ բնակչութիւն ունենալը եւ կը բերէ բնակչութեան նուազած թիւը՝ 9 ծուխի մէջ ապրող 39 (18 այր եւ 21 կին) բնակիչ։ Կը թուի թէ այսօր միայն աւերակները կան։

Այվոզ, Այուոզ, Այվոս, Աիւոսէ, Այուաս [Չեւրիմթաշ]

38°20'53.96"N 39° 3'59.63"E
250 հայ բնակիչ, 28 ծուխ
Սբ. Աստուածածին

Այուոզի տեղակայման շուրջ շփոթ մը կայ։ Վահէ Հայկի հաստափոր հատորին մէջ Այուոզը բերուած է Խարբերդ քաղաքի հիւսիսը։ Այլ աղբիւրներու մէջ, սակայն, գիւղը Եփրատ գետի ափին կը գտնուի։ 19-րդ դարու ճանապարհորդողները կը հաստատեն Այուոզի՝ Եփրատի ափին գտնուիլը։ Ի լրումն, Խարբերդի հիւսիսը գտնուող գիւղը 1834-ի մարդահամարին մէջ Օպուզ անուան տակ նշուած եղած է եւ հայ բնակչութիւն չէ ունեցած։ Այուոզը օսմանեան վաղ շրջանի մարդահամարին մէջ Խարբերդի գաւառակին մէջ ընդգրկուած չէ եղած եւ ցայսօր այլ գաւառակի մը մէջ այս գիւղի տեղակայումին չեմ հանդիպած։ 1878 թուականի հայկական մարդահամարը գիւղի բնակչութիւնը հաշուած է 120 ծուխ հայ բնակիչ, ինչպէս նաեւ 160 ասորի եւ 152 թուրք։ Հայր Էփրիկեանը հայ բնակչութեան թիւը այժմէականացնելով 990 արձանագրած է, մինչ ասորի բնակիչներու (160) եւ թուրք բնակիչներու (152) թիւը անփոփոխ պահած։ Մամուրէթուլ Ազիզ նահանգի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէր Վերին Այուոզ եւ Վարին Այուոզ գիւղեր, եւ երկուքին մէջ ալ հայ բնակիչներու առկայութիւնը։ Երկու գիւղերու բնակչութիւնը միասին 830 հայ (442 այր եւ 388 կին) եւ 285 իսլամ (147 այր եւ 138 կին) բնակիչ 212 ծուխի մէջ։ Հետաքրքրական է, որ տարեգիրքը այս գիւղին մէջ ապրող ասորիներու մասին մատնանշում չի պարունակէր։ Նշենք նաեւ, որ թէեւ ամբողջ բնակչութեան պարագային արանց ընդ կանանց համամասնութիւնը բացառիկ կերպով մեծ թիւ կը կազմէ, հայ բնակչութեան պարագային այս թիւը շատ աւելի մեծ է, ինչ որ ցուցանիշ է շատ աւելի մեծ թերահաշւումի հայ կիներու պարագային։ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդային հայ բնակչութեան թիւը կտրուկ նուազում կրած էր եւ հասած 28 ծուխի մէջ ապրող 250 բնակիչի։ Հետեւաբար, ըստ երեւոյթին Այուոզի հայ բնակչութեան գրեթէ 75%-ը բնաջնջումի ենթարկուած էր 1894-96 համիտեան կոտորածներուն ընթացքին եւ անոնցմէ ետք։

Բազմաշէն. Ճիկարճեան ընտանիքը (Աղբիւր՝ Էտի Գասապեանի հաւաքածոյ, Ֆրեզնօ, Քալիֆորնիա)

Բազմաշէն, Պազմաշէն, Պիզմիշէն [Սարըչուպուք]

38°39'52.38"N 39° 7'23.35"E
1450 հայ բնակիչ, 320 ծուխ
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

Բազմաշէնը զուտ հայաբնակ կարեւոր գիւղ մըն էր։ 1834-ի օսմանեան մարդահամարը հաշուարկած էր 136 ծուխի մէջ ապրող 617 այր բնակիչ, մինչ 1840 մարդահամարին մէջ այրերու թիւը 575 շունչ էր, իսկ ծուխերու թիւը՝ 129։ 1878-ի հայկական մարդահամարը շատ աւելի բազմանդամ հայ բնակչութիւն կ’արձանագրէր՝ 1721 բնակիչ եւ 210 ծուխ, Հայր Էփրիկեանը կը նշէր, որ Բազմաշէնի բնակչութիւնը ընդամէնը 1582 շունչ էր։ Մամուրէթուլ Ազիզ նահանգի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէր, որ Բազմաշէնը 245 ծուխ ունէր եւ 1706 հայ (882 այր եւ 824 կին) բնակիչ։ Հոս նոյնպէս կիներու թիւի թերահաշւում կայ, բայց եւ այնպէս բացայայտ է, որ գիւղը կ’աճէր ու կը բարգաւաճէր։ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին Բազմաշէնի համար արձանագրուած են 1450 հայ բնակիչ եւ 320 ծուխ տուեալները։ Այնպէս կը թուի, որ պանդխտութիւնն ու 1894-96-ի համիտեան ջարդերը մեծ հարուած տուած էին Բազմաշէնի բնակչութեան թիւին։

Չաքլէ, Չախիւլքէօյ, Չախուլի, Ալիպէյհար [Չաքըլ]

38°48'22.99"N 39°11'52.34"E
17 հայ բնակիչ
Ոչ մէկ եկեղեցի

Չաքլէ պզտիկ գիւղին մասին յիշատակումները հազուադէպ են։ Ոչ իսլամ բնակիչներու սկզբնական մարդահամարները այս գիւղը չեն յիշատակեր։ 1834 թուականի մարդահամարը սակայն 16 ծուխի մէջ ապրող 41 հայ բնակիչ արձանագրած է։ Ո՛չ 1878-ի հայկական մարդահամարը, ո՛չ ալ Հայր Էփրիկեանը յիշատակում ունի այս գիւղին մասին։ Մամուրէթուլ Ազիզ նահանգի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէր, որ գիւղին 14 ծուխերուն մէջ կ՚ապրէին 13 հայեր (5 այր եւ 8 կին) եւ 56 իսլամներ (27 այր եւ 29 կին)։ Հայոց ցեղասպանութեան նախօրէին ընդամէնը 17 հայ կ’ապրէր Չաքլէի մէջ։ Ըստ երեւոյթին Չաքլէն կը սեպուի Հարի մէկ գիւղակը։

Չորգեղ, Չորչիկ, Չորչիւք [Հարմանթէփէ]

38°40'7.54"N 39° 4'5.53"E
160 հայ բնակիչ, 25 ծուխ
Սբ. Գէորգ եկեղեցի

1834-ի օսմանեան մարդահամարը Չորգեղի մէջ 12 ծուխ եւ 138 հայ այր եւ 33 ծուխ ու 50 իսլամ այր արձանագրած է։ 1840-ի մարդահամարով ալ շատ մօտ տուեալ արձանագրուած է՝ 141 հայ այր եւ 33 ծուխ։ 1878-ի հայկական մարդահամարը կը նշէր, թէ գիւղը զուտ հայաբնակ էր եւ կը հաշուէր 381 հայ բնակիչ ու 60 ծուխ։ Հայր Էփրիկեանին քով արձանագրուած այժմէականացուած տուեալը 369 հայ բնակիչ է։ Մամուրէթուլ Ազիզ նահանգի 1894-ի տարեգիրքը շատ աւելի պզտիկ թիւով բնակչութիւն կ’արձանագրէր՝ 228 հայ (125 այր եւ 103 կին) ինչպէս նաեւ 55 իսլամ (29 այր եւ 26 կին), որոնք կ’ապրէին հանրագումար 53 ծուխի մէջ։ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին բնակչութեան թիւը նուազելով հասած էր 25 ծուխի մէջ ապրող 160 հայ բնակիչի։

Չոթալի, Չէօթէլի [Չէօթէլի]

38°44'44.39"N 39° 0'56.52"E
25 հայ ծուխ
Սբ. Գէորգ եկեղեցի

Չոթալին խառն բնակչութիւն ունեցող գիւղ մըն էր. անոր մաս կը կազմէր նաեւ գիւղակ մը։ 1834-ի օսմանեան մարդահամարը կ’արձանագէր 27 հայ ծուխ՝ 148 հայ այր բնակիչով եւ 40 իսլամ ծուխ 157 այր բնակիչով։ 1840-ի մարդահմարը կ’արձանագրէր 137 հայ այր, 28 ծուխ։ 1878-ի հայկական մարդահամարը կը նշէր 40 ծուխի մէջ ապրող 261 հայ բնակիչ, ինչպէս նաեւ 121 թուրք բնակիչ։ Հայր Էփրիկեան բնակչութեան թիւը արձանագրած է 250 հայ եւ 121 թուրք բնակիչ։ Այս թիւը եւս կը թուի թէ պատշաճեցում մըն է 1878-ի մարդահամարի հայ բնակչութեան թիւին, եւ որ եւս մէկ անգամ իսլամ բնակչութեան թիւը անփոփոխ ձգուած է։ Մամուրէթուլ Ազիզ նահանգի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղը ունէր 277 հայ (133 այր եւ 144 կին) եւ 126 իսլամ (62 այր եւ 64 կին) բնակիչ եւ հանրագումար 63 ծուխ։ Այս տուեալը կը հաստատէ 1834-էն սկսեալ իսլամ բնակչութեան թիւի նուազումը։ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին, հայ բնակչութեան թիւը նուազած էր եւ հասած 25 ծուխի։ Թէեւ հայ բնակիչներու թիւը նշուած չէ, ամենայն հաւանականութեամբ սակայն ան եղած է 150-էն 200 բնակիչ։ 

Ծառուկ, Զարիկ [Քափլըքայեա]

38°46'56.27"N 39°10'26.96"E
131 հայ բնակիչ, 19 ծուխ
Սբ. Սարգիս եկեղեցի

1834-ի օսմանեան մարդահամարը Ծառուկ գիւղին համար արձանագրած է 23 հայ ծուխ եւ 95 հայ այր բնակիչ եւ 2 ծուխի մէջ ապրող 2 իսլամ այր բնակիչ։ 1840-ի մարդահամարը նման թիւեր արձանագրած է՝ 94 հայ այր բնակիչ եւ 25 ծուխ։ 1878-ի հայկական մարդահամարը կ՚արձանագրէր որ գիւղը կը հաշուէր 25 ծուխի մէջ ապրող 179 հայ բնակիչ եւ 184 թուրք բնակիչ։ Այս պարագային եւս Հայր էփրիկեանը հայ բնակչութեան թիւը 1878-ի մարդահմարաին տուեալներուն վրայ հիմնուելով պատշաճեցման ենթարկած է, իսկ իսլամ բնակչութեան թիւը անփոփոխ ձգած։ Ան կը նշէ, որ հայ բնակչութիւնը 168 շունչ կը հաշուէր եւ որ գիւղը նաեւ 184 թուրք բնակիչ ունէր։ Մամուրէթուլ Ազիզ նահանգի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէր, որ հանրագումար 31 ծուխի մէջ կ’ապրէր 136 հայ (60 այր եւ 76 կին) եւ 2 իսլամ (1 այր եւ 1 կին) բնակիչ։ Հայ այրերու թիւը կասկածելի ըլլալու աստիճան պզտիկ թիւ կը թուի ըլլալ։ Սակայն ամենամեծ անհամապատասխանութիւնը իսլամ բնակիչներու թիւին հետ կապուած է։ Դժուար է պատկերացնել, թէ ինչպէս իսլամ բնակչութիւնը 1834-ին 2 շունչ էր, 1878-ին դարձած էր 184, ապա 1894-ին դարձեալ 2 շունչ էր։ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին Ծառուկը կը հաշուէր 131 հայ բնակիչ եւ 19 հայ ծուխ։

1834-ի Օսմանեան վիճակագրութենէն օրինակ մը. Ծովք գիւղ, Ասատուր քահանային ընտանիքը։ Որդին էր Ասատուրի, նոյնպէս քահանայ։

Ծովք, Կուլճուք, Կէօլճիք [Հազար]

38°27'24.14"N 39°22'30.25"E
93 հայ ծուխ
Սբ. Նշան վանք

Այսօր տուներու միայն պզտիկ խումբ մը կը գտնենք այն վայրին վրայ, ուր նախապէս գոյութիւն ունէր Ծովք գիւղը։ Այնպէս կ’երեւի, որ Սիւրէք գիւղի Կէօլ թաղամասը կը կազմեն անոնք։ Սբ. Նշան վանքը այժմ ջրասոյզ եղած է, միայն պատերուն վերին հատուածներն են, որոնք տեսանելի են։ Անցեալին, ըստ լիճին ջուրերուն բարձրութեան, վանքը կղզիի կամ թերակղզիի վրայ եղած է։ 1834-ի օսմանեան մարդահամարը այս գիւղին համար հաշուարկած է 256 հայ բնակիչ եւ 58 ծուխ։ 1840-ի մարդահամարին մէջ Խարբերդի գաւառակին մէջ այս գիւղը չէր բերուած։ Պատճառը (կամ պատճառներէն մէկը) կրնայ ըլլալ ան, որ գիւղը ժամանակաւոր կերպով ջրամոյն եղած էր, եւ հետեւաբար կարելի չէր մարդահամար կատարել։ 1878-ի հայկական մարդահամարը կ’արձանագրէր, որ գիւղը զուտ հայաբնակ էր եւ ունէր 517 բնակիչ եւ 60 ծուխ։ Հայր Էփրիկեանը այժմէականացուցած է բնակչութեան թիւը եւ արձանագրած 496 բնակիչ։ Մամուրէթուլ Ազիզ նահանգի 1894-ի տարեգիրքը կը հաստատէր, որ գիւղը լրիւ հայաբնակ էր եւ կը հաշուէր 119 ծուխի մէջ ապրող 459 բնակիչ (235 այր եւ 224 կին)։ Այս թիւը կ’ենթադրէ, որ իւրաքանչիւր ծուխի բնակիչներու թիւը քիչ մը պզտիկ թիւ կը կազմէ։ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին գիւղը տակաւին 93 հայ ծուխ ունէր։ Ամենայն հաւանականութեամբ Ծովքի բնակչութեան թիւը 475-էն 525 բնակիչի միջեւ թիւ մը կը կազմէր։

Էլիմլիկ, Ալամիշիկ, Էլէմիշ, Իլէմիլ, Իլէմլի [Կիւզէլեալը]

38°41'27.27"N 39°28'9.90"E
86 հայ բնակիչ, 13 ծուխ
Սբ. Գէորգ եկեղեցի

1834-ի օսմանեան մարդահամարը արձանագրած է 71 հայ այր բնակիչ եւ 16 ծուխ։ 1840-ի մարդահամարը արձանագրած է 63 այր եւ 15 ծուխ։ 1878-ի հայկական մարդահամարը կը նշէր, որ Էլիմլիկի բնակչութիւնը 18 ծուխի մէջ ապրող 115 հայ բնակիչ էր եւ ոչ մէկ իսլամ բնակիչ։ Հայր Էփրիկեանը կը նշէր 100 հայ բնակիչ։ Մամուրէթուլ Ազիզ նահանգի 1894-ի տարեգիրքը կ՚արձանագրէր հանրագումար 37 ծուխ եւ 109 հայր (49 այր եւ 60 կին) ու 27 իսլամ (11 այր եւ 16 կին)։ Այս պարագային եւս, այս տուեալները ցուցանիշ են իւրաքանչիւր ծուխի համար հաշուառուած բնակիչներու փոքր թիւի։ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին հայ բնակչութեան թիւը նուազած էր եւ հասած 13 ծուխի մէջ ապրող 86 հայ բնակիչի։

Էրզրուկ, Արզուրուկ, Էրզուրուք, Արզուրակ, Էրզուլուք [Ուզունթառլա]

38°42'34.95"N 39° 4'35.76"E
Ոչ մէկ հայ բնակիչ 1914-ին
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

1834-ի օսմանեան մարդահամարը կը նշէր, որ էրզրուկի մէջ կար 11 հայ ծուխ 47 այր բնակիչով եւ 38 իսլամ ծուխ 100 այր բնակիչով։ 1840-ի մարդահամարը կ՚արձանագրէր 51 հայ այր բնակիչ եւ 15 ծուխ։ 1878-ի հայկական մադահամարին համաձայն, բնակչութեան թիւը աճած էր եւ 191 հայ բնակիչ ու  30 ծուխ եւ 100 թուրք բնակիչ։ Հայր Էփրիկեանը կը բերէ բնակչութեան հետեւեալ թիւը՝ 181 հայ եւ 101 թուրք շունչ։ Մամուրէթուլ Ազիզի նահանգի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէր, որ բնակչութիւնը 53 ծուխ էր՝ 104 հայ (59 այր եւ 45 կին) ու 86 իսլամ (42 այր եւ 44 կին) բնակիչ։ Կը թուի թէ իւրաքանչիւր ծուխի բնակիչի թիւը շատ փոքր թիւ է։ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին Էրզրուկի մէջ ապրող հայեր չկային այլեւս հաշուառման մէջ։

Հայր Էփրիկեանի գիրքին («Պատկերազարդ բնաշխարհիկ բառարան») կողքը եւ անոր մէջ տեղ գտած Խարբերդի վիճակագրութեան էջը։

Կանեփիկ, Կառնաւիկ, Կենեֆիկ, Կենեֆիք [Քորուճու]

38°35'23.64"N 39°31'2.96"E
Ոչ մէկ հայ բնակիչ 1914-ին
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

Կանեփիկը մեծամասնութեամբ իսլամներով բնակուած գիւղ եղած է։ 1834-ի օսմանեան մարդահամարը հաշուառած է 18 ծուխի մէջ ապրող 77 հայ այր եւ 32 ծուխի մէջ ապրող 133 իսլամ այր։ 1840-ի մարդահամարը բնակչութեան թիւի նուազում արձանագրած է՝ 44 հայ այր եւ 13 ծուխ։ 1878-ի հայկական մարդահամարը արձանագրած է հայ բնակչութեան թիւի աճ՝ 133 հայ բնակիչ եւ 20 ծուխ, ինչպէս նաեւ Կանեփիկի մէջ ապրող 324 թուրք բնակիչ։ Հայր Էփրիկեանը բնակչութիւնը արձանագրած է 130 հայ եւ 324 թուրք բնակիչ, եւս մէկ անգամ այժմէականացնելով հայ բնակչութեան թիւը իսկ իսլամ բնակչութեան թիւը, համեմատած 1878 թուականի հայկական մարդահամարին, անփոփոխ ձգած։ Մամուրէթուլ Ազիզ նահանգի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէր, որ Կանեփիկի հանրագումար 86 ծուխերուն մէջ կ՚ապրէր 63 հայ (42 այր եւ 21 կին) եւ 472 իսլամ (211 այր եւ 261 կին) բնակիչ։ Զարմանալի է, որ հայ այրերու թիւը հայ կիներու թիւին երկու անգամն է, մինչ իսլամ այրերը նշանակելի կերպով թերահաշւուած են։ Նկատի ունենալով հայ բնակչութեան թիւի արձանագրուած նուազումը, կարելի է ենթադրել (ոչ այդքան էլ հիմնաւոր կերպով), որ որոշ թիւով հայեր կամ կրօնափոխ եղած ըլլալով իսլամութիւն ընդունած էին –բռնի կերպով թէ կամայ- կամ ալ ամուսնութեան բերումով կ’ապրէին իբրեւ իսլամ արձանագրուած։ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին գիւղը այլեւս չունէր հոն արձանագրուած հայ բնակչութիւն։

Կարմրի, Կէրմիլի, Քէրմիլի [Ետիկէօզէ]

38°31'51.74"N 39°16'1.49"E
533 հայ բնակիչ, 85 ծուխ
Սբ. Թորոս եկեղեցի (1878-ի հայկական մարդահամար), Սբ. Լուսաւորիչ եկեղեցի (Թէոդիկ)

Կարմրին խառն բնակչութիւն ունեցող մեծ գիւղ մըն էր։ Թէեւ Թէոդիկը եկեղեցին Սբ. Լուսաւորիչ անուան տակ յիշատակած է, եկեղեցիին իսկական անունը Սբ. Թորոս եղած է։ 1834-ի օսմանեան մարդահամարը բնակչութիւնը արձանագրած է 86 ծուխի մէջ ապրող 309 հայ այր եւ 129 ծուխի մէջ ապրող 341 իսլամ այր բնակիչ։ 1840-ի մարդահամարը արձանագրած է 299 հայ այր եւ 89 ծուխ։ 1878-ի հայկական մարդահամարը կը նշէր 90 ծուխի մէջ ապրող 651 հայ բնակիչ եւ 594 թուրք բնակիչ։ Հայր Էփրիկեանի այժմէականացած տուեալներով հայ բնակչութեան թիւը 610 շունչ էր, իսկ թուրք բնակչութեան թիւը անփոփոխ պահուած էր՝ 594 բնակիչ։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը Կարմրիի բնակչութեան թիւի նուազում կ’արձանագրէր՝ հանրագումար 239 ծուխի մէջ կ’ապրէր 552 հայ (284 այր եւ 268 կին) եւ 540 իսլամ (274 այր եւ 266 կին) բնակիչ։ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին բնակչութիւնը տակաւին 85 հայ ծուխ եւ 533 հայ բնակիչ կը հաշուէր։

Հապուսի (ներկայիս Իքիզտեմիր), Գասապեան ընտանիք։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Յակոբ Կարոյեան, Մալխաս Գասապեան, Էսթեր Կարոյեան (յետագային Յակոբեան), Մարթա Գասապեան, Սուլթան Գասապեան (Մալխասի կինը), ճիշդ առջեւը կանգնած տղան՝ Կարապետ Գասապեան։ Նստած, ձախէն աջ՝ Թրֆանտա Գասապեան, Գարեգին Գասապեան (Մալխասի հայրը), Մարիամ Գասապեան (Գարեգինի կինը եւ Մալխասի մայրը), Արամ Գասապեան (Գարեգինի եւ Մարիամի միջեւ կանգնած փոքրիկը)։ Մարթա, Կարապետ, Թրֆանտա եւ Արամ զաւակներն են Մալխասի եւ Սուլթանի (Աղբիւր՝ Վերա Աւետիսեան-Կարապետեանի հաւաքածոյ, Նիու Հեմփշայր)։

Հապուսի, Ապուսի, Հապուսու [Իքիզտէմիր]

38°38'29.16"N 39°29'48.49"E
1 200 հայ բնակիչ, 180 ծուխ
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

Հապուսին զուտ հայաբնակ մեծ գիւղ մըն էր։ Այժմ գիւղը Քեպանի ջրամբարի ջուրերուն տակ կը հանգչի։ 1834-ի օսմանեան մարդահամարի տոմարէն էջ մը պակաս է։ Ճշդեր եմ, որ այդ պակսող էջը կը պարունակէր Մունզուր-օղլուի հաշուառումներուն վերջին մասը եւ Հապուսիի ընտանիքներուն վերաբերող տուեալներուն սկզբնական մասը։ Տրուած ըլլալով որ ո՛չ անհատ բնակիչները, ոչ ալ ծուխերուն թիւը բերուած է, կարելի չէ ճշդել, թէ պակսող էջին վրայ քանի հատ կար իւրաքանչիւրէն, եւ թէ այդ թիւերը ինչպէս պիտի բաշխուէին Հապուսիի եւ Մունզուր-Օղլուի միջեւ։ Հետեւաբար, յայտնի տուեալներուն վրայ հիմնուելով, փորձեր եմ ենթադրելով գնահատել պակսող էջին վրայ գտնուող թիւերը։ Արդ , կ՚ենթադրեմ որ 1834-ի օսմանեան մարդահամարով այս գիւղին համար հաշուառուած էր 673 հայ այր եւ 134 հայ ծուխ։ 1840-ի հայկական մարդահամարը կ՚արձանագրէր 668 հայ այր եւ 142 ծուխ։ 1878-ի հայկական մարդահամարը կը նշէր, որ գիւղը կը շարունակէր աճիլ ու բարգաւաճիլ, եւ բնակչութեան թիւը 180 ծուխ ու 1 221 հայ բնակիչ էր։ Հայր Էփրիկեանը հայ բնակչութեան այժմէականացուած թիւը 1 100 շունչ արձանագրած է։ Մամուրէթուլ Ազիզ նահանգի 1894-ի տարեգիրքը արձանագրած է թիւով աւելի մեծ հայ բնակչութիւն՝ 1 299 հայ բնակիչ (696 այր եւ 603 կին) եւ 186 ծուխ։ Կիներու թերահաշւումը ցոյց կու տայ, որ գիւղը շատ հաւանաբար աւելի քան 1 400 հայ բնակիչ կը հաշուէր։ Ուրեմն գիւղը կը շարունակէր աճիլ մինչեւ համիտեան ջարդերը։ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին գիւղին մէջ կար 180 ծուխ եւ 1 200 հայ բնակիչ։

Հաճիսէլի, Հաճուսէլի, Հացելի, Հացելու, Իզոլի, Իզօղլու [Էրպիլտի]

38°46'37.46"N 39°20'12.76"E
45 հայ բնակիչ, 13 ծուխ
Սբ. Սարգիս եկեղեցի

1834-ի օսմանեան մարդահամարը կ՚արձանագրէր 8 ծուխի մէջ ապրող 37 հայ այր եւ 34 ծուխի մէջ ապրող 99 իսլամ այր բնակիչ, իսկ 1840-ի մարդահամարը հայ բնակչութեան թիւի աճ կ՚արձանագրէր՝ 42 հայ այր եւ 9 ծուխ։ Գիւղը պիտի շարունակէր մեծնալ, եւ 1878-ի հայկական մարդահամարը պիտի արձանագրէր 18 հայ ծուխ եւ 123 հայ ու 152 թուրք բնակիչ։ Այս պարագային եւս Հայր Էփրիկեանը հայ բնակչութեան այժմէական թիւը կ՚արձանագրէր՝ 120 շունչ, եւ կը պահէր 1878-ի հայկական մարդահամարի՝ 152 թուրք բնակիչի թիւը։ Մամուրէթուլ Ազիզ նահանգի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէր հանրագումար 69 ծուխի մէջ ապրող 90 հայ (49 այր եւ 41 կին) ու 238 իսլամ (118 այր եւ 120 կին) բնակիչ։ Հայոց ցեղասպանութեան նախօրէին հայ բնակչութիւնը կտրուկ անկման թափը շարունակուած էր, եւ մնացած էին 45 բնակիչ եւ 13 ծուխ։

Հարսէնք, Հարսիկ, Հերսէնք, Հերսինք [Սալքայեա]

38°46'29.72"N 39°12'27.80"E
192 հայ բնակիչ, 32 ծուխ
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

1834-ի օսմանեան մարդահամարը Հարսէնք գիւղին համար արձանագրած է 28 ծուխի մէջ ապրող 85 հայ այր եւ 35 ծուխի մէջ ապրող 122 իսլամ այր։ 1840-ի մարդահամարը կ՚արձանագրէր միայն 71 հայ այր, 20 ծուխ։ 1878-ի հայկական մարդահամարը կ՚արձանագրէր բնակչութեան աճ՝ 211 հայ բնակիչ եւ 37 հայ ծուխ եւ 260 թուրք բնակիչ։ Հայր Էփրիկեանը հայ բնակչութեան այժմէականացուած թիւը կը բերէ 200 շունչ եւ կը պահէ իսլամ բնակչութեան համար 1878-ի հայկական մարդահամարի թիւը՝ 260 շունչ։ Մամուրէթուլ Ազիզ նահանգի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէր, որ գիւղի 74 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 205 հայ (112 այր եւ 93 կին) ու 173 իսլամ (95 այր եւ 78 կին)։ Հետաքրքրական է արձանագրել, որ 1878-ի հայկական մարդահամարին օրերէն մինչեւ 1894-ի օսմանեան տարեգիրքի օրերը Հարսէնքի իսլամ բնակչութիւնը թիւի այսքան կտրուկ նուազում կրած է։ Հայոց ցեղասպանութեան նախօրէին Հարսէնքի մէջ տակաւին կար 192 հայ բնակիչ եւ 32 հայ ծուխ։

Հաւուկ, Հաւիկ, Հարիկ, Հաւիք [Եօլիւսթիւ]

38°38'45.15"N 39°41'43.03"E
Ոչ մէկ հայ բնակիչ 1914
Սբ. Աստուածածին

Հաւուկի հայ բնակչութեան համար 1834-ի օսմանեան մարդահամարը բերած է 73 այր եւ 15 ծուխ թիւերը, մինչ 1840-ի մարդահամարը քիչ մը աւելի պզտիկ թիւեր կը բերէր՝ 66 այր եւ 13 ծուխ։ 1878-ի հայկական մարդահամարը նոյնպէս ցոյց կու տայ բնակչութեան թիւի նուազում՝ 101 հայ բնակիչ եւ 18 ծուխ, ինչպէս նաեւ 36 թուրք բնակիչ։ Հայր Էփրիկեանը հայ բնակչութեան այժմէականացուած թիւը կ՚արձանագրէր 97 եւ անփոփոխ կը պահէր 36 թուրք բնակիչ տուեալը։ Մամուրէթուլ Ազիզ նահանգի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէր 61 հայ (32 այր եւ 29 կին) եւ 91 իսլամ (59 այր եւ 32 կին) բնակիչ եւ հանրագումար 28 ծուխ, Հաւուկի հայ բնակչութեան թիւի անկումը պիտի շարունակուէր, մինչ իսլամ բնակիչները պիտի շատնային։ Հայոց ցեղասպանութեան նախօրէին ոչ մէկ հայ բնակիչ պիտի արձանագրուէր Հաւուկի մէջ։

Հնձոր, Հինսոր [Էօրէնչայ]

38°37'50.96"N 39° 3'5.45"E
130 հայ բնակիչ, 25 ծուխ
Սբ. Գէորգ եկեղեցի

Հնձորը հետաքրքրական գիւղ մըն է, որուն բնակչութեան թիւերը քիչ մը հակասական են։ 1834-ի մարդահամարին մէջ այս գիւղին մասին մատնանշում չգտայ։ 1840-ի օսմանեան մարդահամարին մէջ միայն 3 ծուխի մէջ ապրող 10 հայ այր հաշուառուած են։ Ո՛չ 1878-ի հայկական մարդահամարին մէջ, ոչ ալ Հայր Էփրիկեանին քով Հնձորի մասին յիշատակում կայ։ Մամուրէթուլ Ազիզ նահանգի 1898-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէր, որ Հնձորը լրիւ իսլամաբնակ գիւղ էր, ունէր 269 բնակիչ եւ 64 ծուխ։ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին, սակայն, Հնձորի մէջ կար 130 հայ բնակիչ եւ 25 հայ ծուխ։ Հետեւաբար, եթէ այս թիւերը ճիշդ են, Հնձորի հայ բնակչութիւնը զգալի աճ արձանագրած է օսմանեան կայսրութեան վերջին 20 տարիներուն ընթացքին՝ 1878-էն առաջ արդէն իր հայ բնակչութիւնը կորսնցնելէ ետք։ Անհաւանական կը թուի սակայն, որ գիւղը հայ բնակչութիւն ունեցած ըլլայ 1840-ին եւ 1915-ին, եւ ոչ մէկ հայ բնակիչ՝ միջանկեալ տարիներուն։

Հողէ, Հոկու, Հողու [Եուրթպաշը]

38°38'21.09"N 39°20'36.28"E
1 540 հայ բնակիչ, 190 ծուխ
Սբ. Գէորգ եկեղեցի

Հողէն խառն բնակչութիւն ունեցող մեծ գիւղ մըն էր։ 1834-ի օսմանեան մարդահամարը կ’արձանագրէր 104 ծուխի մէջ ապրող 478 հայ այր բնակիչ եւ 107 ծուխի մէջ ապրող 307 իսլամ այր։ 1840-ի մարդահամարն ալ կը նշէր 478 հայ այր եւ 132 ծուխ։ 1878-ի հայկական մարդահամարի մէջ Հողէի բնակչութիւնը արձանագրուած է 1 186 հայ բնակիչ եւ 178 ծուխ ինչպէս նաեւ 530 թուրք բնակիչ։ Հայր Էփրիկեանը հայ բնակիչներու թիւը նուազեցուցած է 1 046-ի եւ վերահաստատած թուրք բնակիչներու թիւը՝ 530։ 1894 թուականի Մամուրէթուլ Ազիզ նահանգի տարեգիրքը կը նշէր, որ գիւղի հանրագումար 333 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 1 179 հայ (618 այր եւ 561 կին) եւ 605 իսլամ (296 այր եւ 309 կին) բնակիչ։ Այս պարագային ալ հայ կիներուն թիւը կասկածելիօրէն պզտիկ է եւ շատ հաւանաբար ցուցանիշ է այն փաստին, որ 1 200-է աւելի հայեր կ’ապրէին Հողէի մէջ։ Հայոց ցեղասպանութեան նախօրէին հայ բնակչութեան թիւը աճ ապրելով հասած էր 1 540 բնակիչ եւ 190 ծուխի։

Հիւսէնիկ, Փարիկեան ընտանիքը։ Ծանօթ է միայն մէկ անձի ինքնութիւնը. ոտքի, ձախէն երրորդը՝ Սուլթան Փարիկեան (յետագային Տօնապետեան) (Աղբիւր՝ Անահիտ Տօնապետեանի հաւաքածոյ, Լիոն եւ Ռեսթիկեան հաւաքածոյ, Վիեննա)։

Հիւսէնիկ, Հիւսէինիկ, Հեիւսէինիկ, Հիւսնեակ [Ուլուքենթ]

38°41'46.34"N 39°15'44.96"E
6090 հայ բնակիչ, 750 ծուխ
Սբ. Վառվառ եկեղեցի

Հիւսէնիկը մեծամասնութեամբ հայերով բնակուած, Խարբերդի բերդին շուքին տակ փռուած կարեւոր քաղաք մըն էր։ 1834-ի օսմանեան մարդահամարի ոչ իսլամ բնակչութեան տոմարին մէջ այս քաղաքը չկայ։ Իսկ իսլամ բնակիչներու տոմարին մէջ նշուած բնակչութեան թիւը 313 իսլամ այր եւ 104 ծուխ։ 1840-ի մարդահամարը կը նշէր 776 հայ այր բնակիչ եւ 233 հայ ծուխ։ 1878-ի հայկական մարդահամարը բնակչութեան թիւի նշանակալից աճ կ’արձանագրէր՝ 418 ծուխի մէջ ապրող 2460 հայ բնակիչ եւ 632 թուրք բնակիչ։ Հայր Էփրիկեանը հայ բնակչութեան թիւի այժմէական տուեալ արձանագրած է 2826 շունչ, իսկ բնակչութեան թիւը անփոփոխ ձգած՝ 632։ Մամուրէթուլ Ազիզ նահանգի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէր, որ գիւղի հանրագումար 866 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 2 836 հայ (1476 այր եւ 1360 կին) եւ 671 իսլամ (330 այր եւ 341 կին) բնակիչ։ Քաղաքի արագ բարգաւաճումը պիտի շարունակուէր, և Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին ան պիտի հաշուէր 6090 հայ բնակիչ և 750 հայ ծուխ։ Կը թուի թէ կարճ ժամանակի ընթացքին այսպիսի նշանակալից աճը հնարաւոր պիտի ըլլար նոր բնակիչներու հոսքով միայն։ Հաւանական է որ համիտեան ջարդերուն հետեւանք մեծ թիւով հայ ընտանիքներ գաղթած ըլլան Հիւսէնիկ՝ աւելի ապահով կեանքի ակնկալիքով։

Իչմէ, 1913. Սուրբ Նիկողոս եկեղեցւոյ մուտքին (Աղբիւր՝ Յահոբ Սարգիսեանի հաւաքածոյ)

Իչմէ, Իչման [Իչմէ]

38°36'48.55"N 39°33'9.67"E
589 հայ բնակիչ, 60 ծուխ
Սբ. Նիկողոս եկեղեցի

Իչմէն Խարբերդէն Բալու տանող ճամբուն վրայ գտնուող խառն բնակչութիւն ունեցող կարեւոր գիւղ մըն էր։ 1834-ի օսմանեան մարդահամարը կ’արձանագրէր 468 հայ բնակիչ եւ 100 ծուխ։ Իսլամ բնակչութեան տոմարին մէջ այս գիւղին մասին յիշատակում չգտայ։ 1840-ի մարդահամարը կը նշէր 120 ծուխ եւ 441 հայ այր բնակիչ։ 1878-ի հայկական մարդահամարը Իչմէի բնակչութիւնը կ’արձանագրէր 160 հայ ծուխ եւ 1121 բնակիչ եւ 422 թուրք բնակիչ։ Հայր Էփրիկեանը հայ բնակիչներու այժմէական թիւը կ’արձանագրէր՝ 1004, իսկ թուրք բնակչութեան թիւը անփոփոխ կը ձգէր՝ 422 բնակիչ։ Մամուրէթուլ Ազիզ նահանգի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէր, որ գիւղին հանրագումար 284 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 1038 հայ (569 այր եւ 469 կին) եւ 398 իսլամ (210 այր եւ 188 կին) բնակիչ։ Կիները թերահաշւուած էին, հետեւաբար ամենայն հաւանականութեամբ հայ բնակչութեան թիւը 1100-էն, իսկ իսլամ բնակչութիւնը 400 շունչէն աւելի էր։ Համիտեան ջարդերէն ետք հայ բնակիչներու թիւը նշանակալի կերպով նուազած էր, եւ Հայոց ցեղասպանութեան նախօրէին միայն 589 հայ բնակիչ եւ 60 ծուխ մնացած էր։

Իբիլ, Իպիլ, Իպիլ օղլու մեզրէ, Յակոբ մեզրէ, Իկոբքէօյ [Քափլըքայեա գիւղակ]

38°46'35.86"N 39° 9'8.60"E
Ոչ մէկ հայ բնակիչ 1914-ին
Սբ. Մամաս եկեղեցի

Իբիլը յայտնի էր «Յակոբի գիւղակ» անունով։ Միշտ քիչ բնակիչով, Ծառուկի մատոյցներուն գտնուող գիւղ մը եղած է։ 1834-ի օսմանեան մարդահամարը կ’արձանագրէր 28 հայ այր եւ 7 ծուխ։ 1840-ի մարդահամարին մէջ այս թիւը աճած էր 48 հայ այր եւ 7 ծուխի։ 1834-ի մարդահամարը կ’արձանագրէր նաեւ 12 իսլամ այր եւ 2 ծուխ, որոնցմէ մէկը Իբիլ օղլու անունով։ Հետաքրքրական է, որ 1834-ի ոչ իսլամ բնակչութեան տոմարը այս գիւղը Իպիլ օղլու անուան տակ արձանագրած է, իսկ իսլամներու տոմարը՝ Յակոբ մեզրէ։ 1840-ի ոչ իսլամ բնակչութեան տոմարը նոյնպէս գիւղը Յակոբ մեզրէ անուան տակ արձանագրած է, այսպէսով հաստատելով որ նոյն տեղանքի մասին է խօսքը։ 1878-ի հայկական մարդահամարը բնակչութեան թիւը արձանագրած է 75 հայ բնակիչ եւ 11 ծուխ եւ 16 բնակիչ։ Հայր Էփրիկեանը հայ բնակչութեան նուազած թիւ արձանագրած է՝ 70, եւ անփոփոխ պահած թուրք բնակիչներու թիւը՝ 16 բնակիչ։ Մամուրէթուլ Ազիզ նահանգի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէր հանրագումար 16 ծուխ, 42 հայ (21 այր եւ 21 կին) եւ 40 իսլամ (20 այր եւ 20 կին) բնակիչ։ Յետագայ տարիներու աղբիւրները այս գիւղի հայ բնակչութեան մասին յիշատակում չեն բերեր։

Գարունկերտ, Գարինկերտ, Գարունճէթ, Գարնակերտ, Գարինկիթ [Չաքմաքէօզիւ]

38°48'14.11"N 39°20'52.61"E
95 հայ բնակիչ, 25 ծուխ
Սբ. Թովմաս եկեղեցի

1834-ի օսմանեան մարդահամարի ոչ իսլամ բնակչութեան տոմարին մէջ Գարունկերտը յիշատակուած չէ։ 1840-ի տոմարը սակայն արձանագրած է հոն ապրող 173 հայ այր (46 ծուխ)։ 1834-ի իսլամ բնակչութեան տոմարը կ’արձանագրէր 10 իսլամ այր եւ 3 ծուխ։ 1878-ի հայկական մարդահամարը կը նշէր, թէ Գարունկերտը 301 բնակիչ եւ 32 ծուխ ունեցող զուտ հայաբնակ գիւղ էր։ Հայր Էփրիկեանը հայ բնակչութեան այժմէականացուած թիւը արձանագրած է 281 շունչ։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը նոյնպէս կը հաստատէր, որ գիւղը լրիւ հայաբնակ դարձած էր եւ ունէր 50 ծուխի մէջ ապրող 232 (114 այր եւ 118 կին) հայ բնակիչ։ Գիւղի բնակչութեան թիւը շարունակեց անկում ապրիլ, եւ Հայոց ցեղասպանութեան նախօրէին հասաւ 95 հայ բնակիչի եւ 25 ծուխի։ Թէոդիկը կը նշէր, որ գիւղի հայ բնակչութիւնը 760 բնակիչ եւ 150 ծուխ էր։ Կը թուի թէ հաւանաբար ուրիշ գիւղի մը տուեալները ըլլան ասոնք, թէեւ ինծի համար յստակ չէ թէ ո՛ր գիւղն է։ Անկախ ասկէ, սակայն, հաւանաբար Գարունկերտի համար Թէոդիկի բերած տուեալները սխալ են։

Գայլու, Գայլի, Գէիլի, Գէհլի [Քարշըպաղ]

38°35'10.81"N 39°19'37.12"E
156 հայ բնակիչ, 27 ծուխ
Սբ. Կիրակոս եկեղեցի

1834-ի օսմանեան մարդահամարը նշած է 128 հայ այր բնակիչ եւ 26 ծուխ, ինչպէս նաեւ 49 իսլամ այր եւ 16 ծուխ։ 1840-ի մարդահմարը կ’արձանագրէր 32 ծուխի մէջ ապրող 115 հայ այր։ 1878-ի հայկական մարդահամարը կը նշէր, որ Գայլուի բնակչութիւնը 30 ծուխի մէջ ապրող 201 հայ բնակիչ էր եւ 130 թուրք բնակիչ։ Հայր Էփրիկեանը հայ բնակչութեան թիւի նուազեցուած տուեալ արձանագրած է՝ 188, իսկ թուրք բնակչութեանը թիւը պահած անփոփոխ՝ 130 շունչ։ Մամուրէթուլ Ազիզ նահանգի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէ բնակչութեան թիւի առաւել նուազում՝ հանրագումար 86 ծուխի մէջ ապրող 136 հայ (51 այր եւ 85 կին) եւ 105 իսլամ (59 այր եւ 46 կին) բնակիչ։ Իւրաքանչիւր ծուխի համար մակաբերուող բնակիչներու թիւը, սակայն, շատ փոքր է եւ ցուցանիշ՝ կամ թերահաշւումի, կամ ծուխերի թիւի մէջ սխալի։ Հայոց ցեղասպանութեան նախօրէին Գայլուի մէջ կար 27 հայ ծուխ 156 հայ բնակիչով։

Գեղ վանք, Գովենք [Կիւնթաշը]

38°34'47.13"N 39°21'11.65"E
108 հայ բնակիչ, 26 ծուխ
Սբ. Նշան եկեղեցի

Գեղ վանքը խառն բնակչութիւն ունեցող մեծ գիւղ մըն էր, սակայն չկրցայ անոր իսլամ բնակչութեան մասին յիշատակում գտնել 1834-ի օսմանեան մարդահամարին մէջ։ 1834-ի մարդահամարին մէջ նշուած են 230 հայ այր բնակիչ եւ 50 ծուխ, եւ 229 հայ այր ու 65 ծուխ՝ 1840-ի մարդահամարին մէջ։ 1878-ի հայկական մարդահամարը բնակչութիւնը կ’արձանագրէր 38 հայ ծուխ և 301 հայ բնակիչ, ինչպէս նաեւ 400 թուրք բնակիչ։ Հայր Էփրիկեանը կը նշէր, որ հայ բնակիչներու թիւը 292 շունչ էր, իսկ թուրք բնակչութեան թիւը՝ 400 շունչ։ Մամուրէթուլ Ազիզ նահանգի 1894-ի տարեգիրքը հայ բնակչութեան նուազած թիւ արձանագրած է՝ 266 շունչ (135 այր եւ 131 կին) եւ 380 իսլամ (190 այր եւ 190 կին) եւ հանրագումար 146 ծուխ։ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին 108 հայ բնակիչ եւ 26 ծուխ մնացած էր Գեղ վանքի մէջ։ Վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան, որ վերոնշեալ ժամանակահատուածի ընթացքին Գեղ վանքը կորսնցուցած էր իր հայ բնակչութեան աւելի քան 75%-ը։

Քեսերիկ, մօտաւորապէս 1913, Այտապիրեան եւ Տօնապետեան ընտանիքները։ Ոտքի, աջէն ձախ՝ Յարութիւն Այտապիրեան, կողքին կինը՝ Ալմաստ (ծն. Տօնապետեան)։ Ալմաստի ձախին նստած եւ գլուխը ծածկուած կինը մայրն է, իսկ մօր կողքին նստած տղամարդը՝ Ալմաստի երէց եղբայրն է։ Եղբօր ձախին, ոտքի՝ կինը, իսկ պատկերին ամէնէն ձախ կողմը՝ Ալմաստի փոքր եղբայրը։ Գետինը նստած փոքրիկներէն յայտնի է երկուքի ինքնութիւնը. ամէնէն աջին՝ Արաքսի Այտապիրեան (Ալմաստի դուստրը), եւ ամէնէն ձախին (նստած, ձեռքը գիրք մը)՝ Սուլթան Տօնապետեան։ Մեծ մօր գիրկը նստած փոքրիկ երեխան՝ Նշան Այտապիրեան (Ալմաստի որդին), որ կանխահաս կը մահանայ։ Լուսանկարին մէջի երկու չափահաս տղամարդիկը, ինչպէս նաեւ Ալմաստի փոքր եղբայրը կը տարագրուին եւ կը սպաննուին Ցեղասպանութեան առաջին իսկ ամիսներուն (Աղբիւր՝ Ռոպեր Այտապիրեանի հաւաքածոյ, Փարիզ)։

Քեսերիկ, Քեսրիկ, Քազրիկ, Քեսրիք [Քըզըլայ]

38°39'30.60"N 39°14'55.79"E
2280 հայ բնակիչ, 380 ծուխ
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի եւ Սբ. Մամաս վանք

Քեսերիկը խառն բնակչութիւն ունեցող մեծ գիւղ մըն էր։ Անոր մասին յիշատակում չկայ 1834-ի օսմանեան մարդահամարի ոչ իսլամներու տոմարին մէջ, նշուած է սակայն 87 ծուխի մէջ ապրող 251 իսլամ այր։ 1840-ի մարդահամարը կ’արձանագրէր 757 հայ այր եւ 197 հայ ծուխ։ 1878-ի հայկական մարդահամարը կ’արձանագրէր, որ Քեսերիկի բնակչութիւնը 314 հայ ծուխ եւ 2511 բնակիչ էր, և 770 թուրք բնակիչ։ Քաղաքը արագ կը մեծնար, եւ վերոյիշեալ երկու աղբիւրներուն ալ համաձայն, բնակչութիւնը 75%-ով հայ էր։ Հայր Էփրիկեանը հայ բնակիչներու թիւի նուազում կ’արձանագրէր՝ 2345 շունչ, եւ անփոփոխ կը ձգէր թուրք բնակիչներու թիւը՝ 770 շունչ։ Մամուրէթուլ Ազիզ նահանգի 1894-ի տարեգիրքին համաձայն քաղաքին 533 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 1829 հայ (944 այր եւ 885 կին) եւ 915 իսլամ (496 այր եւ 419 կին) բնակիչ։ Բացայայտ է, որ կիները թերահաշւուած են, բայց հայ բնակչութեան թիւը կը նուազէր, իսկ իսլամներունը՝ կ’աւելնար։ Հայոց ցեղասպանութեան նախօրէին 380 հայ ծուխ կար եւ 2280 բնակիչ։ Կարելի է ենթադրել, որ բնակչութեան թիւի աճը կը սահմանափակէին պանդխտութիւնը եւ համիտեան ջարդերը, իսկ նոր բնակիչներու հաստատումը կը նպաստէր անոր։

Խարբերդ, մօտաւորապէս 1908-1909, Թիւֆէնքճեան ընտանիք։ Ձախէն աջ՝ (ինքնութիւնը անծանօթ), Գարեգին Թիւֆէնքճեան (նստած), Գարեգինի մայրը (նստած, անունը անյայտ), Համբարձում (ոտքի, Գարեգինի եղբայրը), Հռիփսիմէ (նստած, Գարեգինի կինը), Երանուհի (ոտքի, Գարեգինի քոյրը) (Աղբիւր՝ Ատոմ Պուճիգանեանի հաւաքածոյ, Մոնթրէալ)

Խարբերդ [Հարբութ]

38°42'21.14"N 39°15'18.60"E
4248 հայ բնակիչ, 714 ծուխ
Սբ. Յակոբ եկեղեցի, Սբ. Կարապետ եկեղեցի, Սբ. Ստեփանոս եկեղեցի, and Սբ. Նշան եկեղեցի

Խարբերդը անշուշտ գաւառակի կեդրոնական քաղաքն էր եւ որպէս այդպիսին բնակչութեան ամենամեծ թիւը ունեցողը։ Մինչեւ Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերը Խարբերդը հայութեան համար կարեւոր կեդրոն մըն էր։ Հետեւաբար, անոր բնակչութեան մասին բազմաթիւ աղբիւրներու մէջ յիշատակում կայ։ Ինչպէս արդէն նշեցինք, Խարբերդի մէջ ասորի պզտիկ համայնք մը կ’ապրէր։ Ցաւօք, ասորիները հազուադէպ կերպով որպէս առանձին համայնք նշուած են, եւ յստակ չէ՝ ուրիշ խմբաւորումի մը հե՞տ հաշուառուած են, թէ՞ առհասարակ չեն հաշուառուած։ Ահաւասիկ հայ բնակչութեան վերաբերեալ վիճակագրական ամփոփ տուեալներ.

Այս տուեալները հակասական են ու շփոթեցնող։ Միայն հայկական աղբիւրներուն վրայ հիմնուելով պատկերը ան է, որ 1800-ականներու յիսունական թուականներէն մինչեւ Օսմանեան կայսրութեան վերջալոյսը Խարբերդը անկում կ’ապրէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը ցուցանէ, որ Խարբերդի անկումը սկսած է համիտեան ջարդերէն ետք միայն։ Նշենք նաեւ, որ արանց ընդ կանանց համամասնութիւնը բաւական մեծ թիւ է, ինչ որ հայ կիներու թերահաշւում կ’ենթադրէ։ Ամենայն հաւանականութեամբ հայ բնակիչներու թիւը 5000-էն աւելի էր։ Տիարպէքիրի 1871-ի եւ Մամուրէթուլ Ազիզի 1881-ի տարեգիրքերը հայ այր բնակիչներու թիւեր բերած են, որոնք անտրամաբանականօրէն պզտիկ թիւեր են։ Ահաւասիկ իսլամ բնակիչներու վերաբերեալ ամփոփ տուեալներ.

Խարբերդի Սինամուտ թաղամասը, որ գրեթէ սահմանակից է Հիւսէնիկի (Աղբիւր՝ Մխիթարեան միաբանութիւն, Սուրբ Ղազար, Վենետիկ)

Այնպէս կը թուի, որ 1878-ի հայկական մարդահամարը եւ Հայր Էփրիկեանը միայն իսլամ այր բնակիչներու թիւը բերած են։ Ի տարբերութեան հայ բնակչութեան պարագային եղածէն, Տիարպէքիրի 1871-ի տարեգիրքը իսլամ այր բնակիչներու պարագային աւելի տրամաբանական թիւ մը կը բերէ։ Այս պարագային այլ Մամուրէթուլ Ազիզի 1881-ի տարեգիրքին մէջ բերուած թիւը շատ պզտիկ ըլլալ կը թուի։

Հետեւաբար, այս տուեալներէն կը բխի, որ հայ բնակչութիւնը Խարբերդ քաղաքի ընդհանուր բնակչութեան 33%-ն էր։ Խարբերդը կազմուած էր 21 թաղամասերէ, որոնցմէ 6-ին մէջ հայեր կ’ապրէին, իսկ 5-ը զուտ հայաբնակ էին։ Խարբերդի հայկական մասը այսօր աւերակ է։ Ոչ մէկ շունչ կ’ապրի այսօր այդ տարածքներուն մէջ։

1840-ի Օսմանեան վիճակագրութենէն օրինակ մը. Խարբերդ քաղաքի Սինամուտ թաղամաս։

Խոխ (Վարին), Խոխ Սուֆլա, Աշաղի Հուհ [Քաւաքթեփէ]

38°30'42.48"N 39°12'9.70"E
Ոչ մէկ հայ բնակիչ 1914-ին
Ոչ մէկ եկեղեցի

1834-ի մարդահամարը Վարին Խոխի մէջ կ’արձանագրէր 11 հայ ծուխ եւ 52 հայ այր եւ 34 իսլամ ծուխ ու 119 իսլամ այր։ 1840-ի մարդահամարը այս գիւղի 13 ծուխերուն մէջ ապրող 44 հայ այր։ 1878-ի հայկական մարդահամարը կ’արձանագրէր, որ Վարին Խոխը ունէր 15 հայ ծուխ, 91 հայ եւ 392 թուրք բնակիչ։ Հայր Էփրիկեանը կ’արձանագրէր, որ հայ բնակիչներու թիւը 88 էր, իսկ թուրք բնակիչներու թիւը կը պահէր անփոփոխ՝ 392-ի շուրջ։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէր, որ գիւղի հանրագումար 112 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 69 հայ (39 այր եւ 30 կին) եւ 486 իսլամ (232 այր եւ 254 կին)։ Կը տեսնենք, այսպէսով, որ հայ բնակչութեան թիւը անկում կ’ապրէր, մինչ իսլամ բնակչութիւնը կը շատնար։ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին ոչ մէկ հայ արձանագրուած էր որպէս Վարին Խոխի բնակիչ։

Խոխ (Վեպին), Խոխ ուլիա, Խոխ, Եիւքարի Հոհ [Տէտէյօլու]

38°28'11.16"N 39°11'59.89"E
300 հայ բնակիչ, 45 ծուխ
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

1834-ի մարդահամարը Վերին Խոխի համար կ’արձանագրէր 133 ծուխի մէջ ապրող 558 հայ այր եւ 152 ծուխի մէջ ապրող 444 իսլամ այր։ 1840-ի մարդահամարը կը նշէր, որ Վերին Խոխի մէջ կար 143 հայ ծուխ եւ 506 հայ այր։ 1878-ի հայկական մարդահամարը կ’արձանագրէր 140 ծուխ, 911 հայ եւ 556 թուրք բնակիչ։ Հայր Էփրիկեանը հայ բնակչութեան նուազեցուած թիւ կ’արձանագրէր՝ 800 շունչ, եւ անփոփոխ կը պահէր թուրք բնակչութեան թիւը՝ 556 շունչ։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէր հանրագումար 328 ծուխի մէջ ապրող 812 հայ (441 այր եւ 371 կին) եւ 635 իսլամ (330 այր եւ 305 կին) բնակիչ։ Այնպէս կը թուի, որ հայ կիները նշանակալի կերպով թերահաշւուած են։ Երկու Խոխ գիւղերն ալ համիտեան ջարդերու ժամանակ կոտորածի ենթարկուած էին։ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին Վերին Խոխի բնակչութիւնը նուազելով հասած էր 45 ծուխի մէջ ապրող 300 բնակիչի։

Խուլագիւղ. հայ Աւետարանական Սիոն եկեղեցին (Աղբիւր՝ Չարլզ Հարտիի հաւաքածոյ)։

Խուլագիւղ, Ղուլա, Հիւլուէնք, Հոլուէնք [Շահինքայեա]

38°41'35.93"N 39° 8'35.86"E
1201 հայ բնակիչ, 240 ծուխ
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի եւ Սբ.Գէորգ վանք

Խուլագիւղը ամբողջութեամբ հայաբնակ գիւղ մըն էր։ 1834-ի օսմանեան մարդահամարը կը հաշուառէր 493 հայ այր եւ 99 ծուխ։ 1840-ի մարդահամարը կ’արձանագրէր 416 հայ բնակիչ եւ 98 ծուխ։ Այս արանց մէկ մասը կ’ապրէր վանքին մէջ (6 հոգի 1834-ին եւ 8 հոգի 1840-ին)։ 1878-ի հայկական մարդահամարը կ’արձանագրէր, որ գիւղը աճած էր եւ կը հաշուէր 200 ծուխ եւ 1302 հայ բնակիչ։ Հայր Էփրիկեանը հայ բնակչութեան այժմէականացուած թիւը կ’արձանագրէր 1346 շունչ։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէր 1037 հայ բնակիչ (550 այր եւ 487 կին) եւ 104 ծուխ։ Այս պարագային եւս նշանակալիօրէն աւելի շատ այրերու կը հանդիպինք, քան կիներու։ Բացի անկէ, ծուխերու թիւը պզտիկ ըլլալ կը թուի։ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին Խուլագիւղի 240 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 1201 հայ։

Խուլավանքի պատմական գերեզմանատունը (Աղբիւր՝ Ճորճ Ճերճեանի լուսանկարներու հաւաքածոյ)

Խուրաճ [Քիրաչ]

38°41'26.81"N 39°26'39.25"E
10 հայ ծուխ
Սբ. Գէորգ եկեղեցի

1834-ի օսմանեան մարդահամարը կ’արձանագրէր 39 ծուխի մէջ ապրող 178 հայ այր եւ 17 ծուխի մէջ ապրող 66 իսլամ այր։ 1840-ի մարդահամարը կ’արձանագրէր 154 հայ այր եւ 49 ծուխ։ 1878-ի հայկական մարդահամարը կը նշէր, որ Խուրաճի բնակչութիւնը 203 հայ բնակիչ եւ 38 հայ ծուխ եւ 44 թուրք բնակիչ կը հաշուէր։ Հայր Էփրիկեանը հայ բնակչութեան նուազած թիւ կ’արձանագրէր՝ 188, բայց թուրք բնակչութեան թիւը անփոփոխ կը ձգէր՝ 44 շունչ։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէր, որ գիւղի հանրագումար 36 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 106 հայ (57 այր եւ 49 կին) եւ 74 իսլամ (34 այր եւ 40 կին) բնակիչ։ Բնակչութեան թիւը անկում կ’ապրէր։ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին միայն 10 հայ ծուխ կը յիշատակուէր։ Աս կը նշանակէ որ հայ բնակիչներու թիւը 50-էն 75 շունչ էր, թերեւս 1834-ի բարձրակէտին 15%-ը։

Ղուրպէթ-Մեզիրէ, Ղումպէթ Մեզրէ [Կուրպէթ Մեզրէ]

38°40'10.11"N 39°20'23.27"E
20 հայ բնակիչ, 4 ծուխ
Սբ. Կիրակոս եկեղեցի

Ղուրպէթ-Մեզիրէն փոքր գիւղակ մըն էր։ 1834-ի օսմանեան մարդահամարը բնակչութեան տուեալները կ’արձանագրէր 26 հայ այր եւ 5 ծուխ ու 55 իսլամ այր ու 17 ծուխ։ 1840-ի մարդահամարը կ’արձանագրէր 19 հայ այր ու 5 ծուխ։ 1878-ի հայկական մարդահամարը Ղուրպէթ- Մեզիրէի մէջ կը նշէր 49 հայ եւ 50 թուրք բնակիչ։ Հայր Էփրիկեանը հայ բնակչութեան թիւը կ’արձանագրէր 43 շունչ եւ անփոփոխ կը պահէր թուրք բնակիչներու թիւը՝ 50։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի մարդահամարը գիւղակին հանրագումար 37 ծուխերուն համար կ’արձանագրէր 49 հայ (26 այր եւ 23 կին) ու 94 իսլամ (51 այր and 43 կին) բնակիչ։ Հայոց ցեղասպանութեան նախօրէին միայն 20 հայ բնակիչ եւ 4 հայ ծուխ հաշուառուած էին այս գիւղակին մէջ։

Խուրխիկ, Հիրհիրիկ, Հուրհուր, Խէրխէկ [Կիւմիւշքավանք]

38°38'23.85"N 39°15'1.65"E
70 հայ բնակիչ
Սբ. Գէորգ եկեղեցի

1834-ի օսմանեան մարդահամարի ոչ իսլամ բնակավայրերուն մէջ Խուրխիկը բացակայ է։ Իսլամ բնակիչներու տոմարը կ’արձանագրէր 71 այր եւ 26 ծուխ։ 1840-ի մարդահամարը կը նշէր 9 ծուխի մէջ ապրող 26 հայ բնակիչ։ 1878-ի հայկական մարդահամարը կ’արձանագրէր 65 հայ բնակիչ ու 10 ծուխ եւ 154 թուրք բնակիչ։ Հետեւաբար, Խուրխիկը կը յամենար իբրեւ մեծամասնութեամբ իսլամներով բնակուած պզտիկ գիւղ։ Հայր Էփրիկեանը բնակչութեան թիւը կ’արձանագրէր 62 հայ եւ 154 թուրք բնակիչ։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէր, որ Խուրխիկի հանրագումար 28 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 14 հայ (7 այր եւ 7 կին) եւ 127 իսլամ (58 այր եւ 69 կին) բնակիչ։ Հայ բնակիչներու թիւը կասկածելիօրէն փոքր է, եւ ենթադրել կու տայ, որ հայերու 80%-ը լքած էր գիւղը։ Թէոդիկը կը նշէ որ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին Խուրխիկը 70 հայ ծուխ ունէր։ Այս տուեալն ալ հաւասարապէս անհաւանական կը թուի ըլլալ, եւ ամենայն հաւանականութեամբ ոչ թէ 70 ծուխ, այլ 70 հայ բնակիչ պէտք էր ըլլար։ Հետեւաբար, ըստ ինծի աւելի հաւանական է որ ամբողջ ընթացքին 10 հայ ընտանիք ապրած ըլլան այս գիւղին մէջ, ի տարբերութիւն 8 ընտանիքի մեկնած ըլլալուն եւ կամ վերադարձած կամ ալ նոր 8 ընտանիքով փոխարինուած ըլլալուն։

Կողքի պատկեր. Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, 1959, Նիւ Եորք։

Խույլու, Քոյուլուքոյ, Ղոյլու, Թուլկատին [Քոյուլու]

38°33'55.01"N 39°14'47.73"E
1278 հայ բնակիչ, 220 ծուխ
Սբ. Ստեփանոս եկեղեցի

Խույլուն գրեթէ ամբողջութեամբ հայաբնակ մեծ գիւղ մըն էր։ 1834-ի օսմանեան մարդահամարը հոն հաշուառած է 902 հայ այր, 207 ծուխ։ Իսլամ բնակիչներու տոմարին մէջ Խույլուն չգտայ։ 1840-ի մարդահամարը կ’արձանագրէր 898 հայ այր ու 205 ծուխ։ 1878-ի հայկական մարդահամարը բնակչութեան թիւը կ’արձանագրէր 2011 հայ բնակիչ եւ 279 ծուխ ու 39 թուրք բնակիչ։ Հայր Էփրիկեանը կը նշէ, որ գիւղը ունէր 2066 հայ ու 39 թուրք բնակիչ։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէր, որ գիւղի հանրագումար 348 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 1527 հայ (701 այր եւ 826 կին) եւ 95 իսլամ (57 այր եւ 38 կին) բնակիչ։ Հայ այրերու եւ կիներու թիւերուն մէջ առկայ անհամապատասխանութիւնը կասկածելի կը թուի։ Հայոց ցեղասպանութեան նախօրէին, սակայն, Խույլուի բնակչութեան թիւը նուազած էր՝ 1278 հայ բնակիչ եւ 220 ծուխ։

Գոմք, Քունկ, Կոնք [Ենիքափը]

38°35'50.76"N 39°24'17.86"E
663 հայ բնակիչ, 110 ծուխ
Սբ. Փրկիչ եկեղեցի

Գոմքը ամբողջութեամբ հայաբնակ գիւղ մըն էր։ 1834-ի օսմանեան մարդահամարը հոն հաշուառած էր 428 հայ այր ու 85 ծուխ։ 1840-ի մարդահամարը նոյնպէս 428 հայ այր կ’արձանագրէր, սակայն 105 ծուխի մէջ ապրող։ 1878-ի հայկական մարդահամարը բնակչութեան թիւը կ’արձանագրէր 1111 հայ բնակիչ ու 190 ծուխ։ Հայր Էփրիկեանը բնակչութեան թիւը նշած է 1011 հայ։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը նշած է միայն 792 հայ (412 այր եւ 380 կին)։ Ծուխերու թիւը 2 է, միայն 2, եւ բացայայտ է, որ սխալմունք է։ Գիւղի բնակչութեան թիւի անկումը շարունակուած է եւ Հայոց ցեղասպանութեան նախօրէին գիւղին մէջ միայն 110 ծուխ եւ 663 հայ բնակիչ կար։ Յետագային Գոմք գիւղը մեծ մասամբ պիտի ջրասոյզ ըլլար Քեպանի ջրամբարի ջուրերուն տակ, իսկ մի քանի մնացած ծուխերը այժմ կ’ապրին գիւղին նախկին վայրէն քիչ մը դէպի հարաւ։

Ղոնաղ-Ալմազ [Քոնաքալմազ]

38°38'10.74"N 39°38'48.23"E
149 հայ բնակիչ, 22 ծուխ
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

Ղոնաղ Ալմազը յիշատակուած չէ 1834-ի օսմանեան մարդահամարին մէջ։ 1840-ի մարդահամարը հոն կը հաշուառէր 108 հայ այր ու 29 ծուխ։ 1878-ի հայկական մարդահամարը բնակչութիւնը կ’արձանագրէր 34 ծուխի մէջ ապրող 245 հայ բնակիչ ու 78 թուրք բնակիչ։ Հայր Էփրիկեանը կ’արձանագրէր 240 հայ եւ 78 թուրք բնակիչ։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը բնակչութեան թիւի անկում կ’արձանագրէր. գիւղի հանրագումար 31 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 126 հայ (76 այր եւ 50 կին) ու 60 իսլամ (28 այր եւ 32 կին) բնակիչ։ Կը թուի թէ հայ կիները դարձեալ թերահաշւուած էին։ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին Ղոնաղ Ալմազը կը հաշուէր 22 հայ ծուխ եւ 149 հայ բնակիչ։

Քորփէ, Քորփայ, Քէօրփէ, Քերոփէհ [Քէօրփէ]

38°45'15.33"N39° 7'57.99"E
570 հայ բնակիչ, 102 ծուխ
Սբ. Գէորգ եկեղեցի

Քորփէն ալ զուտ հայաբնակ գիւղ մըն էր։ 1834-ի օսմանեան մարդահամարը հոն հաշուառած էր 92 ծուխի մէջ ապրող 498 հայ այր իսկ 1840-ի մարդահամարը՝ 86 ծուխ ու 455 հայ այր։ 1878-ի հայկական մարդահամարը բնակչութեան թիւի աճ կ’արձանագրէր՝ 1255 հայ բնակիչ 175 ծուխs։ Հայր Էփրիկեանը կ’արձանագրէր 1055 հայ բնակիչ։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը բնակչութիւնը հաշուառած էր 149 ծուխի մէջ ապրող 932 հայ (492 այր ու 440 կին) բնակիչ։ Հայ կիները կարծես անգամ մը եւս թերահաշւուած են։ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդային այս գիւղին մէջ 102 հայ ծուխ եւ 570 հայ բնակիչ կար։ Քորփէի բնակչութեան թիւը լուրջ անկում ապրած էր համիտեան կոտորածներուն ընթացքին։ Շապուհեանը (Յարութիւն Խ. Շապուհեան, «Պատմութիւն Քօրփէ կամ Քէօրփէ գիւղին») կ’արձանագրէր անուն առ անուն 741 հայ բնակիչ եւ 127 ծուխ։ Աւելի քան 100 հայ արձանագրուած էին որպէս այլուր բնակող՝ Ամերիկա, Խարբերդի այլ գիւղեր, կամ թրքական բանակ զօրակոչուած, եւ այլն։

Մեզիրէ, Մամուրէթուլ Ազիզ, Մեզրէ [Էլազըկ]

38°40'54.44"N 39°13'30.10"E
4580 հայ բնակիչ, 683 ծուխ
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի եւ Սբ.Սարգիս եկեղեցի

Ինչպէս Խարբերդի պարագային էր, Մեզիրէի՝ որպէս կառավարող մարմինի նստավայրի կարեւորութեան պատճառով անոր բնակչութեան մասին բազմաթիւ աղբիւրներ կան։ Մեզիրէն 5 թաղամաս ունէր, հայերը անոնցմէ 4-ին մէջ կ’ապրէին։ Ահաւասիկ հայ բնակչութեան մասին ամփոփ տուեալներ.

Մամուրէթուլ Ազիզի 1881-ի տարեգիրքի թիւը շատ կասկածելի է։ Բնակչութեան վերաբերեալ միւս թիւերը ցոյց կու տան, որ Մեզիրէն արագօրէն աճող կեդրոն մըն էր։ Ահաւասիկ նմանատիպ ամփոփում մը իսլամ բնակչութեան վերաբերեալ.

Վերին Մեզիրէ, մօտաւորապէս 1913. ամուսնական պատկեր Արիստակէս Յակոբեանի եւ իր կնոջ (անունը անյայտ) (Աղբիւր՝ Իտա Սեսալտի-Տէր Յարութիւնեանի հաւաքածոյ, Մարսէյ)

Արագ աճը այստեղ եւս բացայայտ է, բան մը որ միայն բնակչութեան տեղաշարժի հետեւանքով կրնար առաջացած ըլլար, եւ Մամուրէթուլ Ազիզի 1881-ի տարեգիրքի տուեալը դարձեալ անտրամաբանօրէն ցած թիւ է։ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին Մեզիրէի բնակչութեան թիւը դեռ չէր գերազանցած Խարբերդինը, բայց արագ-արագ կը մօտենար անոր։

Մոլլաքենտի, Մոլլաքէօյ [Մոլլաքէնտի]

38°34'55.01"N 39°20'18.96"E
Ոչ մէկ հայ բնակիչ 1914-ին
Ոչ մէկ եկեղեցի

Ըստ օսմանեան վաղ շրջանի մարդահամարներու, հայեր ապրած են Մոլլաքէնտի մէջ. 1834-ի մարդահամարը կ’արձանագրէր 24 հայ այր եւ 6 հայ ծուխ, իսկ 1840-ինը՝ 23 այր եւ 12 ծուխ։ 1834-ի իսլամ բնակիչներու տոմարին մէջ Մոլլաքէնտին չգտայ։ 1878-ի հայկական մարդահամարը կ’արձանագրէր, թէ այս գիւղին մէջ միայն 2 հայ ծուխ կար եւ 8 հայ ու 514 թուրք բնակիչ։ Հայր Էփրիկեանը այս նոյն թիւերը կը բերէ։ Այնուհետեւ գիւղը կը յիշատակուի որպէս լրիւ իսլամաբնակ գիւղ։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղին 61 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 444 իսլամ (221 այր եւ 223 կին) բնակիչ։

Մորենիկ, Գրիգորեան ընտանիքէն երեխաներ։ Ձախին, գլխարկով՝ Գրիգոր Գրիգորեան (1907-1985) (Աղբիւր՝ Centre national de la mémoire arménienne, Լիոն, շնորհակալութիւններ՝ Ալեքսիս Գրիգորեանի, Ժընեւ)։

Մորենիկ, Մորնիկ [Չաթալչեշմէ]

38°40'16.25"N 39°16'8.62"E
660 հայ բնակիչ, 127 ծուխ
Սբ. Պարսամ եկեղեցի

Մորենիկը գրեթէ ամբողջութեամբ հայաբնակ մեծ գիւղ մըն էր։ Թէեւ 1834-ի օսմանեան մարդահամարին մէջ Մորենիկի մասին տուեալներ չկային, 1840-ի մարդահամարին մէջ Մորենիկի դիմաց  նշուած է 204 հայ այր եւ 72 ծուխ։ 1878-ի հայկական մարդահամարը բնակչութեան թիւի նշանակալի աճ կ’արձանագրէր՝ 97 հայ ծուխ 811 բնակիչով եւ 21 թուրք բնակիչ։ Հայր Էփրիկեանը Մորենիկի մէջ ապրող թուրքերու մասին յիշատակում չունի, եւ 818 հայ բնակիչ արձնագրած է։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը գիւղին հանրագումար 124 ծուխի մէջ ապրող 677 հայ (352 այր եւ 325 կին) ու 15 իսլամ (8 այր եւ 7 կին) բնակիչ։ Հայոց ցեղասպանութեան նախօրէին Մորենիկի մէջ մնացած էր 660 հայ բնակիչ եւ 127 հայ ծուխ։

Մուրի, Մուրու, Մուրին [Եիւնլիւճէ]

38°36'12.73"N 39°20'41.96"E
200 հայ բնակիչ, 31 ծուխ
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

1834-ի օսմանեան մարդահամարը այս գիւղին համար կը յիշատակէր 132 հայ այր բնակիչ եւ 32 հայ ծուխ ու 25 իսլամ այր եւ 9 ծուխ։ 1840-ի մարդահամարը կ’արձանագրէր 119 հայ այր եւ 36 ծուխ։ 1878-ի հայկական մարդահամարը կը նշէր 57 հայ ծուխ եւ 301 հայ բնակիչ ու 48 թուրք բնակիչ։ Հայր Էփրիկեանը կ’արձանագրէր 285 հայ եւ 48 թուրք բնակիչ։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէր, որ գիւղին հանրագումար 46 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 215 հայ (115 այր եւ 100 կին) եւ 53 իսլամ (28 այր եւ 25 կին) բնակիչ։ Հայոց ցեղասպանութեան նախօրէին գիւղը միայն 31 ծուխի մէջ ապրող 200 հայ բնակիչ կը հաշուէր։

Մունզուր-Օղլի, Մունզար Օղլու, Մունսուրօղլու, Թեփեճիկ [Մունզուրօղլու]

38°39'18.96"N 39°28'2.74"E
250 հայ բնակիչ, 40 ծուխ
Սբ. Մինաս եկեղեցի

Մունզուր օղլին ամբողջութեամբ հայաբնակ գիւղ մըն էր։ Այժմ ան Քեպանի ջրամբարի ջուրերուն մէջ ջրամոյն եղած է։ Ինչպէս Հապուսիի պարագային, այս պարագային ալ էջ մը կը պակսի 1834-ի օսմանեան մարդահամարին մէջ։ Իմ ենթադրութեամբ Մունզուր օղլին պէտք էր որ ունենար 233 հայ այր բնակիչ եւ 40 ծուխ։ 1840-ի մարդահամարը կ’արձանագրէր 260 հայ այր բնակիչ եւ 47 ծուխ։ 1878-ի հայկական մարդահամարը կը հաշուառէր 511 հայ բնակիչ եւ 79 ծուխ։ Հայր Էփրիկեանը հայ բնակչութիւնը կ’արձանագրէր 499 շունչ։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի մարդահամարը Մունզուր օղլիի բնակչութիւնը կ’արձանագրէր 57 ծուխի մէջ ապրող 443 հայ (227 այր եւ 216 կին) բնակիչ։ Հայոց ցեղասպանութեան նախօրէին բնակչութիւնը նուազած էր 250 հայ բնակիչի եւ 40 ծուխի։

Նեգերեկ, Նագրակ, Հնագարակ, Նեգերեկ [Պաղլարճա]

38°38'41.46"N 39° 2'49.42"E
228 հայ բնակիչ, 40 ծուխ
Սբ. Մինաս եկեղեցի

Նեգերեկը մեծամասնութեամբ հայաբնակ պզտիկ գիւղ մըն էր։ Իսլամ բնակիչներու տոմարին մէջ գիւղը չկրցայ գտնալ, սակայն 1834-ի օսմանեան մարդահամարը կ’արձանագրէր 40 ծուխի մէջ ապրող 192 հայ այր բնակիչ։ 1840-ի մարդահամարը կ’արձանագրէր 166 հայ այր բնակիչ եւ 37 ծուխ։ 1878-ի հայկական մարդահամարը բնակչութեան թիւի առաւել նուազում կ’արձանագրէր՝ 42 ծուխի մէջ ապրող 239 հայ բնակիչ, ինչպէս նաեւ 32 թուրք բնակիչ։ Հայր Էփրիկեանը կը նշէ, որ Նեգերեկը 229 հայ եւ 32 թուրք բնակիչ ունէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէր, որ գիւղի հանրագումար 76 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 281 հայ (158 այր ու 123 կին) եւ 114 իսլամ (57 այր ու 57 կին) բնակիչ։ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին Նեգերեկը ունէր 228 հայ բնակիչ եւ 40 ծուխ։

Բարջանճի մէջ երկյարկանի տունի մը յատակագիծը։ Տունը կը պատկանի Խոճկանց ազգանունը կրող հայ ընտանիքին։ Յատակագիծը լոյս տեսած է Մանուկ Ծերօնի գիրքին մէջ, զայն պատրաստած է նոյնինքն հեղինակը, ապա՝ վերագծած անոր որդին՝ Լեւոն Ծերօն։ Այս էջով ներկայացուածը Յուշամատեանի կազմին կողմէ վերաշխատցուած տարբերակն է։ Ձգտած ենք հարազատ մնալ բնատիպին, նոյն ժամանակ փորձած ենք տեսողական նոր արժէք մը տալ այս հիանալի վաւերաթուղթին։

Բարջանճ, Բերջենճ, Բերջենջ [Աքչաքիրազ]

38°37'5.01"N 39°16'10.67"E
681 հայ բնակիչ 180 ծուխ
Սբ. Փրկիչ եկեղեցի

Բարջանճ, 1909. նստած, ձախէն աջ՝ Աւետիս Ռապաթէլեան, Աւետիսի կինը՝ Կուլթանա Ռապաթէլեան (ծն. Փաշույեան), Կուլթանայի ծունկերուն նստած՝ իր թոռնուհին (անունը անյայտ), Կուլթանայի աջին, ոտքի կագնած երախան՝ թոռնիկը՝ Խաչատուր Միսաքեան (1906-1999)։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Կուլթանայի եւ Աւետիսի որդին (փամփշտակալներով, անունը անյայտ), այս վերջինին կինը (անունը անյայտ), Կուլթանայի եւ Աւետիսի որդին (անունը անյայտ), Միրիամ Ռապաթէլեան (յետագային Աւետիսեան, Կուլթանայի եւ Աւետիսի դուստրը, 1882-1921), Սիրուն Միսաքեան (յետագային Այվազեան)։ Միրիամը, Սիրունն ու Խաչատուրը յետագային կը գաղթեն Միացեալ Նահանգներ, իսկ մնացեալ բոլորը Ցեղասպանութեան զոհեր են (Աղբիւր՝ Ճեֆֆ Հոուքինզի հաւաքածոյ, Սանթա Քրուզ, Քալիֆորնիա)։

Բարջանճը խառն բնակչութիւն ունեցող մեծ գիւղ մըն էր։ 1834-ի օսմանեան մարդահամարը հոն հաշուառած էր 95 ծուխի մէջ ապրող 404 հայ այր եւ 173 ծուխի մէջ ապրող 478 իսլամ բնակիչ։ 1840-ի մարդահամարը կ’արձանագրէր 97 ծուխի մէջ ապրող 368 հայ այր բնակիչ։ 1878-ի հայկական մարդահամարը կ’արձանագրէր 220 ծուխի մէջ ապրող 1319 հայ բնակիչ եւ 1006 իսլամ բնակիչ։ Հայր Էրփիկեանը գիւղին բնակչութիւնը կ’արձանագրէր 1267 հայ եւ 1006 թուրք բնակիչ։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէր, որ գիւղին հանրագումար 417 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 973 հայ (503 այր ու 470 կին) եւ 928 իսլամ (469 այր ու 459 կին) բնակիչ։ Հայոց ցեղասպանութեան նախօրէին Բարջանճի մէջ հաշուառուած էր 180 ծուխի մէջ ապրող 681 հայ։ Իւրաքանչիւր ծուխի համար բնակիչներու թիւը անտրամաբանական կերպով պզտիկ թիւ կազմել կը թուի սակայն։

Սարայ, Սարա, Սերայ [Սարայ]

38°41'27.04"N 39°15'6.07"E
16 հայ ծուխ
Ոչ մէկ եկեղեցի

Սարայը Հիւսէնիկին մօտ գտնուող պզտիկ գիւղակ մըն էր։ Գիւղը 1834-ի կամ 1840-ի ոչ իսլամ բնակչութեան մարդահամարներուն մէջ թուարկուած չէ։ 1834-ի օսմանեան մարդահամարի իսլամ բնակչութեան տոմարին մէջ Սարայի դիմաց նշուած է 42 այր բնակիչ եւ 13 ծուխ։ 1878-ի հայկական մարդահամարը կը նշէր, որ գիւղը ունէր 14 ծուխի մէջ ապրող 90 հայ բնակիչ եւ 120 թուրք բնակիչ։ Հայր Էփրիկեանը հայ բնակչութեան այժմէականացուած թիւը արձանագրած է՝ 81 եւ թուրք բնակչութեան թիւը հաստատած՝ 120 շունչ։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէր, որ գիւղի հանրագումար 52 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 121 հայ (61 այր ու 60 կին) եւ 135 իսլամ (62 այր ու 73 կին)։ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին գիւղին մէջ տակաւին 16 հայ ծուխ կը յամենար։ Թէեւ բնակչութեան թիւը արձանագրուած չէ, սակայն ան ամենայն հաւանականութեամբ 80-էն 125 հայ շունչ կը հաշուէր։

Սարըքամիշ, Սարու Քամիշ [Սարըղամիշ]

38°35'44.69"N 39°40'48.32"E
346 հայ բնակիչ, 58 ծուխ
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

Սարըքամիշը մեծամասնութեամբ հայաբնակ գիւղ մըն էր։ 1834-ի օսմանեան մարդահամարը հոն արձանագրած էր 59 ծուխի մէջ ապրող 251 հայ այր եւ 8 ծուխի մէջ ապրող 27 իսլամ այր բնակիչ։ 1840-ի մարդահամարը հաշուառած էր 239 հայ այր ու 57 ծուխ։ 1878-ի հայկական մարդահամարը բնակչութիւնը արձանագրած էր 535 հայ բնակիչ ու 80 ծուխ եւ 314 թուրք բնակիչ։ Հայր Էփրիկեանը արձանագրած է 525 հայ եւ 314 թուրք բնակիչ։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքի բնակչութեան թիւի նուազում արձանագրած է՝ հանրագումար 110 ծուխի մէջ ապրող 396 հայ (207 այր ու 189 կին) եւ 122 իսլամ (62 այր ու 60 կին)։ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին հայ բնակչութիւնը աւելի եւս նուազած էր եւ հասած 346 բնակիչի եւ 58 ծուխի։

Սարբըցիկ, Սարբուլու, Սարբուլի [Չաղլար]

38°35'17.40"N 39°22'30.43"E
149 հայ բնակիչ, 16 ծուխ
Ոչ մէկ եկեղեցի

Սարբըցիկ պզտիկ գիւղը բոլոր աղբիւրներուն մէջ չէ որ յիշատակուած է։ 1834-ի օսմանեան մարդահամարը հոն հաշուառած էր 68 հայ այր եւ 10 ծուխ։ Իսլամ բնակչութեան տոմարին մէջ Սարբըցիկը չգտայ։ 1840-ի մարդահամարը հաշուառած էր 59 հայ այր բնակիչ եւ 10 ծուխ։ Սարբըցիկը 1878-ի հայկական մարդահամարին կամ Հայր Էփրիկեանին գործին մէջ յիշատակուած չէ։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի մարդահամարը կը նշէր, որ գիւղին 84 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 108 հայ (55 այր ու 53 կին) եւ 302 իսլամ (150 այր ու 152 կին) բնակիչ։ Հայոց ցեղասպանութեան նախօրէին Սարբըցիկի մէջ կար 149 հայ բնակիչ եւ 16 ծուխ։

Շէմշի, Շամուշի, Շէմշիգէօյ [Կիւնկէօրէն]

38°37'12.38"N 39°24'6.28"E
235 հայ բնակիչ, 40 ծուխ
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

Շէմշին ամբողջութեամբ հայաբանակ գիւղ մըն էր։ Այն վայրը, ուր առաջ Շէմշին կը գտնուէր, այժմ ջրամոյն եղած է Քեպանի ջրամբարի ջուրերուն տակ։ 1834-ի օսմանեան մարդահամարը հոն հաշուառած էր 197 հայ այր բնակիչ ու 44 ծուխ, մինչ 1840-ի մարդահամարը՝ 198 այր բնակիչ եւ 54 ծուխ։ 1878-ի հայկական մարդահամարը Շէմշիի համար արձանագրած է 48 ծուխի մէջ ապրող 321 հայ բնակիչ։ Հայր Էփրիկեանը հայ բնակչութեան այժմէականացուած թիւը արձանագրած է 303 շունչ։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէր, որ գիւղին 56 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 317 հայ (169 այր ու 148 կին) բնակիչ։ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին հայ բնակչութեան թիւը նուազում ապրելով հասած էր 235 բնակիչի եւ 40 ծուխի։

Շէնթիլ, Շունթիլ, Շինթիլ [Պահչեքափը]

38°33'56.94"N 39°16'10.99"E
245 հայ բնակիչ, 45 ծուխ
Սբ. Սարգիս եկեղեցի

Շէնթիլը մեծամասնութեամբ հայաբնակ գիւղ մըն էր։ 1834-ի օսմանեան մարդահամարը հոն հաշուառած էր 92 ծուխի մէջ ապրող 358 հայ այր բնակիչ եւ 18 ծուխի մէջ ապրող 85 իսլամ այր բնակիչ։ 1840-ի մարդահամարը արձանագրած էր 326 հայ այր բնակիչ եւ 100 ծուխ։ 1878-ի հայկական մարդահամարը Շէնթիլի բնակչութիւնը արձանագրած էր 771 հայ բնակիչ եւ 108 ծուխ եւ միայն 68 թուրք բնակիչ։ Հայր Էփրիկեանը հոն արձանագրած է 711 հայ, ինչպէս նաեւ 68 թուրք բնակիչ։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը արձանագրած է, որ հայ բնակչութեան թիւը նշանակալից նուազում կրած էր հասնելով 511 շունչի (263 այր ու 248 կին), մինչ իսլամ բնակչութեան թիւը յարաբերաբար կայուն կը մնար՝ 165 շունչ (78 այր ու 87 կին)։ Ծուխերու հանրագումար թիւը 132 բերուած է։ Շէնթիլի հայ բնակչութիւնը պիտի շարունակէր բռնաճնշուած ապրիլ, եւ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին Շէնթիլի մէջ մնացած էր միայն 245 հայ բնակիչ եւ 45 ծուխ։

Շէյխ Հաճի (Վարին) [Աշաղը Պաղ]

38°38'17.62"N 39°35'0.75"E

Շէյխ Հաճի (Վերին), Շուղաճի, Շէյխհաճիքէօյ [Եուքարը Պաղ]

38°37'13.28"N 39°35'6.51"E
590 հայ բնակիչ, 72 ծուխ
Սբ. Փրկիչ եկեղեցի

Թէեւ աղբիւրներուն մեծ մասը միայն մէկ առաքելական եկեղեցի կը նշէ Շէյխ Հաճիի համար, Թէոդիկը կը նշէ, որ երկրորդ եկեղեցի մըն ալ կար՝ Սբ. Աստուածածինը։ Այսօր Վերին եւ Վարին Շէյխ Հաճին երկու անջատ գիւղեր կը սեպուին, բայց բոլոր աղբիւրները առհասարակ մէկ գիւղ կը նշեն՝ անոր վերին եւ վարին հատուածները իրարմէ բաժնուած ներկայացնելու փոխարէն։ Վարին հատուածը իսլամներով բնակուած էր, իսկ վերինը՝ հայերով։ Այսօր Վարին Շէյխ Հաճին ջրամոյն եղած է։ 1834-ի օսմանեան մարդահամարի տոմարը վնասուած էր, եւ հետեւաբար միայն մասնակի արձանագրութիւն կայ Շէյխ Հաճիի հայ արանց մասին (252 բնակիչ, 52 ծուխ)։ Իսլամ բնակչութեան տոմարը կ’արձանագրէր 223 այր բնակիչ եւ 64 ծուխ։ 1840-ի մարդահամարը կ’արձանագրէր 90 ծուխի մէջ ապրող 336 հայ այր բնակիչ։ 1878-ի հայկական մարդահամարը Շէյխ Հաճիի բնակչութիւնը կ’արձանագրէր 80 ծուխի մէջ ապրող 603 հայ բնակիչ եւ 258 թուրք բնակիչ։ Հայր Էփրիկեանը Շէյխ Հաճիի համար կ’արձանագրէր 655 հայ եւ 258 թուրք բնակիչ։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէր հանրագումար 188 ծուխի մէջ ապրող 600 հայ (336 այր ու 264 կին) եւ 445 իսլամ (237 այր ու 208 կին) բնակիչ։ Անգամ մը եւս արանց եւ կանանց թիւերուն մէջ մեծ անհամապատասխանութիւն կը տեսնենք։ Հաւանական է, որ գիւղը շուրջ 700 հայ եւ 500 թուրք բնակիչ կը հաշուէր։ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին Շէյխ Հաճիի մէջ հաշուառուած բնակչութիւնը 72 ծուխի մէջ ապրող 590 հայ բնակիչ էր։

Սուրսուրի, Սորսորի, Սուրսուրու [Օլկունլար]

38°40'0.67"N 39°12'28.49"E
1100 հայ բնակիչ, 170 ծուխ
Սբ. Կարապետ եկեղեցի եւ Սբ. Գէորգ վանք

Սուրսուրին զուտ հայաբնակ գիւղ մըն էր։ Ան չէ յիշատակուած 1834-ի օսմանեան մարդահամարին մէջ։ 1840-ի մարդահամարը կ’արձանագրէր 134 ծուխի մէջ ապրող 646 այր բնակիչ։ Այս մարդոց մէկ մասը վանքապատկան հողերուն վրայ կ’ապրէր (45 այր, 5 ծուխ)։ 1878-ի հայկական մարդահամարը բնակչութեան թիւը կ’արձանագրէր 362 հայ բնակիչ եւ 173 ծուխ։ Հայր Էփրիկեանը 1058 հայ բնակիչ կ’արձանագրէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէր, որ 179 ծուխի մէջ 1094 (594 այր ու 500 կին) հայ բնակիչ կ’ապրէր։ Կը թուի թէ անգամ մը եւս կիները թերահաշւուած էին, քանի որ այր բնակիչներու թիւը 20%-ով աւելի մեծ է։ Հետեւաբար, հաւանական կը թուի որ բնակչութեան թիւը 1200 շունչէն աւելի եղած ըլլայ։ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին Սուրսուրին կը հաշուէր 1100 հայ բնակիչ եւ 170 ծուխ։

Դատեմ, Դատիմ [Դատըմ]

38°34'19.36"N 39°10'26.47"E
1300 հայ բնակիչ, 225 ծուխ
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի եւ Սբ. Աստուածածին վանք

Դատեմը գրեթէ ամբողջութեամբ հայաբնակ գիւղ մըն էր։ 1834-ի օսմանեան մարդահամարը կ’արձանագրէր 738 հայ այր բնակիչ եւ 153 ծուխ ու 13 իսլամ այր բնակիչ եւ 3 ծուխ։ 1840-ի մարդահամարը կ’արձանագրէր 637 հայ այր եւ 157 ծուխ։ Հայ այրերու որոշ թիւ մը վանքին մէջ կ’ապրէր (7 շունչ 1834-ին եւ 13 շունչ 1840-ին)։ 1878-ի հայկական մարդահամարը կ’արձանագրէր, որ Դատեմի բնակչութիւնը 200 ծուխի մէջ ապրող 1450 հայ բնակիչ եւ 46 թուրք բնակիչ կը հաշուէր։ Հայր Էփրիկեանը կը նշէր, որ գիւղը 1452 հայ եւ 46 թուրք բնակիչ ունէր։ Դատեմի հայ բնակչութիւնը պիտի շարունակէր իր բարգաւաճումը։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէր, որ գիւղի հանրագումար 266 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 1582 հայ (810 այր ու 772 կին) եւ 57 իսլամ (29 այր ու 28 կին) բնակիչ։ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին Դատեմը կը հաշուէր 1300 հայ բնակիչ եւ 225 ծուխ։ Համիտեան ջարդերը եւ պանդխտութիւնը իրենց սեւ գործը ըրած էին։ Այս գիւղին մէջ հայ մշակոյթի երբեմնի գոյութեան ամենէն բացայայտ նշանը վանքն է՝ կանգուն եւ առայժմ վանդալութիւններուն դիմադրող, բայց ամէն վայրկեան փուլ գալու մնայուն վտանգին տակ։

Թելանցիկ, Թուլանծիկ, Թուլանցիկ, Թիլենզիթ [Տողանքուշ]

38°34'54.66"N 39°18'28.13"E
20 հայ բնակիչ, 5 ծուխ
Սբ. Սարգիս եկեղեցի

1834-ի օսմանեան մարդահամարը այս գիւղին մէջ կ’արձանագրէր 56 հայ այր եւ 15 ծուխ։ 1834-ի մարդահամարի իսլամ բնակիչներու տոմարին մէջ Թելանցիկը չգտայ։ 1840-ի մարդահամարը կ’արձանագրէր 57 հայ այր եւ 21 ծուխ։ 1878-ի հայկական մարդահամարը Թելանցիկի բնակչութիւնը կ’արձանագրէր 111 հայ բնակիչ ու 17 ծուխ եւ 236 թուրք բնակիչ։ Հայր Էփրիկեանը կը նշէր 101 հայ ու 236 թուրք բնակիչ։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէր, որ գիւղի հանրագումար 86 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 88 հայ (37 այր ու 51 կին) եւ 219 իսլամ (117 այր ու 102 կին) բնակիչ։ Հայոց ցեղասպանութեան նախօրէին Թելանցիկի մէջ մնացած էր միայն 20 հայ բնակիչ (5 ծուխ)։ Գիւղը իր լաւագոյն օրերուն համեմատ բնակչութեան 80%-ը կորսնցուցած էր։

Ընկուզիկ, Ընկուզէք [Տալիճա]

38°48'58.99"N 38°55'57.32"E
Ոչ մէկ հայ բնակիչ 1914-ին
Ոչ մէկ եկեղեցի

Մեծամասնութեամբ իսլամաբնակ Ընկուզիկ գիւղին մէջ հայկական փոքրաթիւ բնակչութեան մը գոյութիւնը հաստատող աղբիւրներու թիւը արհամարհելի չէ։ 1834-ի օսմանեան մարդահամարը կ’արձանագրէր 4 ծուխի մէջ ապրող 19 հայ այր եւ 33 ծուխի մէջ ապրող 136 իսլամ այր։ Եւս 13 ծուխի մէջ ապրող 35 իսլամ այր արձանագրուած են մօտակայ գիւղակի մը մէջ։ 1840-ի մարդահամարը միայն 12 հայ այր եւ 4 ծուխ կը յիշատակէր։ 1878-ի հայկական մարդահամարը կը նշէր, որ Ընկուզիկի բնակչութիւնը 21 հայ բնակիչ ու 4 ծուխ եւ 426 թուրք բնակիչ էր։ Հայր Էփրիկեանը կը վերահաստատէր այս թիւերը։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէր, որ գիւղի հանրագումար 61 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 6 հայ (3 այր ու 3 կին) եւ 336 իսլամ (167 այր ու 169 կին)։ Հայոց ցեղասպանութեան նախօրէին Ընկուզիկի մէջ ապրող հայ բնակիչներ չէին արձանագրուած։

Վարդաթիլ, Վարդաթել, Վերդեթիլ [Եազըքոնաք]

38°36'55.51"N 39°18'17.07"E
360 հայ բնակիչ, 70 ծուխ
Սբ. Գէորգ եկեղեցի

1834-ի օսմանեան մարդահամարը Վարդաթիլի մէջ կը հաշուառէր 44 ծուխի մէջ ապրող 180 հայ այր եւ 16 ծուխի մէջ ապրող 34 իսլամ այր բնակիչ։ 1840-ի մարդահամարը կ’արձանագրէր 184 հայ այր ու 50 ծուխ։ 1878-ի հայկական մարդահամարը կը նշէր, որ Վարդաթիլի բնակչութեան թիւը աճ ապրելով հասած էր 61 ծուխի մէջ ապրող 521 հայ եւ 126 թուրք բնակիչի։ Հայր Էփրիկեանը կ’արձանագրէր, որ բնակչութիւնը 510 հայ եւ 126 թուրք բնակիչ էր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէր, որ գիւղի հանրագումար 84 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 413 հայ (216 այր ու 197 կին) եւ 104 իսլամ (56 այր ու 48 կին) բնակիչ։ Հայոց ցեղասպանութեան նախօրէին բնակիչներու թիւը նուազած էր 360 հայ բնակիչի եւ 70 ծուխի։ Վարդաթիլը այժմ շրջանային օդակայանին մատոյցներուն գտնուող կարեւոր բնակավայր մըն է։

Վարդենիք, Վարդինիք [Քուշհանէ]

38°34'11.57"N 39°44'7.91"E
Ոչ մէկ հայ բնակիչ 1914-ին
Ոչ մէկ եկեղեցի

Վարդենիքը խառն բնակչութիւն ունեցող պզտիկ գիւղ մըն էր։ 1834-ի օսմանեան մարդահամարը հոն կը հաշուառէր 17 ծուխի մէջ ապրող 81 հայ այր եւ 29 ծուխի մէջ ապրող 82 իսլամ այր։ 1840-ի մարդահամարը կ’արձանագրէր 66 հայ այր բնակիչ եւ 15 ծուխ։ 1878-ի հայկական մարդահամարը հայ բնակչութեան թիւի առաւել եւս նուազում կ’արձանագրէր՝ 35 բնակիչ եւ 7 ծուխ, ինչպէս նաեւ թուրք բնակչութեան թիւի նուազում՝ 110 բնակիչ։ Հայր Էփրիկեանը կը կրկնէր այս թիւերը։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէր, որ Վարդենիքի հանրագումար 39 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 29 հայ (21 այր ու 8 կին) եւ 170 իսլամ (99 այր ու 71 կին) բնակիչ։ Արանց ընդ կանանց համամասնութիւնը կասկածելի է եւ անբացատրելի։ Կրնայ ըլլալ որ հայ ընտանիքները աստիճանաբար կը լքէին գիւղը, եւ այդ թուականին գլխաւորաբար տղամարդիկը մնացած էին գիւղին մէջ որպէսզի գոյքերով զբաղէին։ Կամ ալ կրնայ ըլլալ պարզապէս որ հայ կիները լրջօրէն թերահաշւուած էին, ինչպէս էր այլ գիւղերու պարագային ալ։ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին Վարդենիքի մէջ ապրող հայեր այլեւս չկային հաշուառուած։

Վէճան, Վիճան, Սիհան, Սինանքէօյ [Սինան]

38°36'58.77"N 39° 1'5.27"E
30 հայ բնակիչ, 5 ծուխ
Ոչ մէկ եկեղեցի

Վէճանը տուներու պզտիկ խումբ մըն էր, որ օսմանեան վաղ շրջանի տոմարներուն մէջ յիշատակուած չէ։ 1878-ի հայկական մարդահամարը կը նշէր, որ հոն կար 65 հայ բնակիչ ու 8 ծուխ եւ 20 թուրք բնակիչ։ Հայր Էփրիկեանը կը նշէր, որ Վէճանի մէջ կ’ապրէր 48 հայ եւ 15 թուրք բնակիչ։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէր, որ գիւղի հանրագումար 15 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 19 հայ (9 այր ու 10 կին) եւ 44 իսլամ (27 այր ու 17 կին) բնակիչ։ Իսլամ բնակչութեան արանց ընդ կանանց համամասնութեան մեծ թիւը ամենայն հաւանականութեամբ կիներու թերահաշւումի ցուցիչ է։ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին Վէճանը ունէր 30 հայ բնակիչ եւ 5 ծուխ։

Վերի-Մեզրէ, Վերին Մեզրէ, Եուքարի Մեզրէ [Վիրանէ Մեզրէ]

38°41'29.38"N 39°12'49.50"E
197 հայ բնակիչ, 30 ծուխ
Սբ. Լուսաւորիչ եկեղեցի

Վերի-Մեզրէն կամ Վերին Մեզրէն հազուադէպ է, որ յիշատակուած ըլլայ աղբիւրներուն մէջ։ Վաղ շրջանի օսմանեան մարդահամարներուն մէջ այս գիւղին մասին յիշատակում չկայ, ոչ ալ 1878-ի հայկական մարդահամարին մէջ։ Հայր Սրուանձտեանցը գիւղին մէջ 14 հայ ծուխ արձանագրած է։ Հայր Էփրիկեանը կը նշէր, որ Վերի-Մեզրէն 114 բնակիչ ունեցող զուտ հայաբնակ գիւղ մըն էր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքն ալ այս բնակավայրը առանձին չի յիշատակեր։ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին բնակչութեան թիւը աճ ապրած էր եւ հասած 197 հայի եւ 30 ծուխի։ Այսօր այս բնակավայրը Մեզիրէ [Էլազըկ] քաղաքին սահմաններէն ներս կը գտնուի։

Եղէգի, Եղեզի, Իկիգի [Աքսարայ]

38°39'43.87"N 39°13'44.45"E
1610 հայ բնակիչ, 253 ծուխ
Սբ. Գէորգ եկեղեցի

Եղէգի գիւղը յիշատակուած չէ 1834-ի օսմանեան մարդահամարի տոմարներուն մէջ, իսկ 1840-ի մարդահամարը հոն կը հաշուառէր 90 ծուխի մէջ ապրող 391 հայ այր։ 1878-ի հայկական մարդահամարը բնակչութեան թիւը կ’արձանագրէր 1019 հայ (126 ծուխ) եւ 478 թուրք բնակիչ։ Հայր Էփրիկեանը հայ բնակչութեան այժմէականացած թիւը 982 շունչ կը նշէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի մարդահամարը կը նշէր, որ Եղէգիի հանրագումար 310 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 1073 հայ (573 այր ու 500 կին) եւ 544 իսլամ (282 այր ու 262 կին) բնակիչ։ Այստեղ եւս կը թուի թէ կիները թերահաշւուած էին, եւ հայ կիները առաւել չափով քան իսլամները։ Եղէգիի բարգաւաճումը պիտի շարունակուէր, եւ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին հոն պիտի հաշուառուէր 1610 հայ բնակիչ եւ 253 ծուխ։ Այսօր Եղէգին Մեզիրէի [Էլազիկ] թաղամասերէն մէկն է։ 2012-ին երեք միայնակ գերեզմանաքարեր էին միակ վկաներն ու ապացոյցները Եղէգիի մէջ հայ կեանքի գոյութեան։ Կրնայ ըլլալ որ այսօր անոնք ալ այլեւս գոյութիւն չունին։

Ենիճէ, Ենիճա, Եքիճէ [Ենիճէ]

38°34'53.28"N 39°16'52.29"E
Ոչ մէկ հայ բնակիչ 1914-ին
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

Ենիճէն տարածուած գիւղանուն մըն էր։ Հետեւաբար, երբեմն դժուար կը դառնայ յիշատակուած գիւղին տեղակայումը ճշդելը։ Հայկական Ենիճէն Շէնթիլի հիւսիսը կը գտնուէր, իսկ այժմ օդակայանի թռիչքուղիին հարաւին է այդ տեղը։ Վաղ շրջանի օսմանեան մարդահամարները այս գիւղը չեն յիշատակեր։ 1878-ի հայկական մարդահամարը կը նշէր, որ Ենիճէն 101 շունչ եւ 16 ծուխ հաշուող զուտ հայաբնակ գիւղ մըն էր։ Հայր Էփրիկեանին քով այժմէականացած թիւը 94 հայ բնակիչ է։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը հաստատէ Ենիճէի զուտ հայաբնակ ըլլալը։ Բնակչութիւնը 13 ծուխի մէջ ապրող 71 (32 այր ու 39 կին) շունչ էր։ Հայոց ցեղասպանութեան նախօրէին Ենիճէի մէջ ապրող հայեր չկային հաշուառուած։ Այս փաստը բացատրող երկու կարելիութիւն կայ. ա) հայկական մարդահամարը պարզապէս վրիպած է եւ չէ արձանագրած Ենիճէն կամ բ) Ենիճէի հայերը իսլամացած էին նախքան Ցեղասպանութիւնը (հարկադրաբար, համիտեան կոտորածներու օրերուն), եւ այսօրուան բնակչութիւնը սերած է Ենիճէի բնիկ հայերէն։ Վահէ Հայկը իր «Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը. Յուշամատեան պատմական մշակութային եւ ազգագրական» հատորին մէջ ամբողջութեամբ չի պարզաբաներ այս հարցը, թէեւ կը նշէ որ հայերը կամ մորթուած էին, կամ տեղահան եղած։ Ենիճէն այսօր Բարջանճի թաղամասներէն մէկն է։

Երդմունեկ, Երդմունիկ, Էդմինիք, Իդմինիլ [Ալթընչեւրէ]

38°37'4.66"N 39°15'5.71"E
365 հայ բնակիչ, 70 ծուխ
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

Վահէ Հայկը եկեղեցին կը յիշատակէ Սբ. Վարվառ անուան տակ. այլ աղբիւրներ Սբ. Աստուածածին կը նշեն։ Երդմունեկը 1834-ի օսմանեան մարդահամարին մէջ յիշատակուած չէ, իսկ 1840-ի մարդահամարը հոն կը հաշուառէ 219 հայ այր եւ 73 ծուխ։ 1878-ի հայկական մարդահամարը բնակչութեան թիւը արձանագրած է 516 հայ բնակիչ ու 60 ծուխ եւ 30 թուրք բնակիչ։ Հայր Էփրիկեանը բնակիչներու այժմէականացուած թիւը 498 հայ եւ 30 թուրք բնակիչ կ’արձանագրէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէր, որ գիւղի հանրագումար 95 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 453 հայ (238 այր ու 215 կին) եւ 70 իսլամ (28 այր ու 42 կին) բնակիչ։ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորվայնին հայ բնակչութեան թիւը նուազում ապրելով հասած էր 365 շունչի եւ 70 ծուխի։ Երդմունեկը այժմ Բարջանճի թաղամասերէն մէկն է։

Զարդառիճ, Զարդարիչ, Զերդերիչ [Տեյիրմենէօնիւ]

38°36'16.82"N 39°32'26.77"E
120 հայ բնակիչ, 13 ծուխ
Սբ. Խաչ եկեղեցի եւ Սբ. Մուշեղ վանք (Ապտուլ Մուսէհ)

1834-ի օսմանեան մարդահամարի իսլամ բնակիչներու տոմարին մէջ Զարդառիճը չկրցայ զատորոշել, իսկ ոչ իսլամ բնակիչներու տոմարը հոն կը հաշուառէր 144 հայ այր եւ 36 ծուխ։ 1840-ի օսմանեան մարդահամարը կը նշէր 149 հայ այր եւ 48 ծուխ։ 1878-ի հայկական մարդահամարը կ’արձանագրէր 211 հայ բնակիչ ու 30 ծուխ եւ 410 թուրք բնակիչ։ Հայր Էփրիկեանը կը նշէր, որ Զարդառիճի բնակչութիւնը 188 հայ ու 410 թուրք շունչ էր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կ’արձանագրէր, որ գիւղի հանրագումար 122 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 213 հայ (119 այր ու 94 կին) եւ 441 իսլամ (225 այր ու 216 կին) բնակիչ։ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին հայ բնակչութեան թիւը նուազած էր եւ իր առաւելագոյնի 30%-էն ալ քիչ թիւ կը կազմէր։ Զարդառիճը մէջ մնացած էր 120 հայ բնակիչ ու 13 հայ ծուխ։

Խօսք շնորհակալութեան

Շնարհակալութիւն կը յայտնեմ Վուրալ Կենչին, Ճիհանկիր Կիւնտօղտուին, Ճորճ Լէյլէկեանին, Միհրան Մինասեանին եւ Վահէ Թաշճեանին՝ թարգմանութեան գործին եւ կարեւոր նիւթերու ճշդման ու ճշդորոշման իրենց օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ իրենց մնայուն քաջալերանքին համար։ Կ՚ուզէի շնորհակալութիւն յայտնել Երեւանի Ե. Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի եւ Պոլսոյ «T.C. Başbakanlık Devlet Arşivleri Genel Müdürlüğü»-ի աշխատակիցներուն։ Անոնց է երախտիքը, իմս են սխալները եւ վրիպումները։

Աղբիւրներու ցանկ

  • «Başbakanlık Osmanlı Arşivi (BOA) Nüfus Defterleri (NFS.d.)», թղթապանակ 2675, “1250 (1834) Harput eyaleti, (Maadin-i Hümayun) sancağı, Harput kazası, müslim defteri”
  • «Başbakanlık Osmanlı Arşivi (BOA) Nüfus Defterleri (NFS.d.)», թղթապանակ 2676, “1250 (1834) Harput eyaleti, (Maadin-i Hümayun) sancağı, Harput kazası, reaya defteri”
  • «Başbakanlık Osmanlı Arşivi (BOA) Nüfus Defterleri (NFS.d.)», թղթապանակ 2677, “1256 (1840) Harput eyaleti, (Maadin-i Hümayun) sancağı, Harput kasabası defteri. a.g.tt”
  • «Başbakanlık Osmanlı Arşivi (BOA) Nüfus Defterleri (NFS.d.)», թղթապանակ 2679, “1256 (1840) Harput eyaleti, (Maadin-i Hümayun) sancağı, Harput kazası, müslim aşiretler defteri”
  • «Başbakanlık Osmanlı Arşivi (BOA) Nüfus Defterleri (NFS.d.)», թղթապանակ 2680, “1256 (1840) Harput eyaleti, (Maadin-i Hümayun) sancağı, Harput, Uluabad, Kuzabad nahiyeleri, reaya defteri. a.g.tt”
  • «Başbakanlık Osmanlı Arşivi (BOA) Nüfus Defterleri (NFS.d.)», թղթապանակ 2681, “1262 (1846) Harput eyaleti, (Maadin-i Hümayun) sancağı, Harput, Kuzabad nahiyesi, Behremen nahiyesi defteri. a.g.tt”
  • Diyarbakır Salnameleri 1286-1323 (1869-1905). Diyarbakır : Diyarbakır Büyükşehir Belediyesi Yayınları, 1999
  • Elazığ il yıllığı, 1967. Elâzığ : Bingöl Matbaası, 1970
  • Elazığ il yıllığı, 1973. Elâzığ : Bingöl Matbaası, 1973
  • Elâzığ Vilâyeti. İller İdaresi Genel Müdürlüğü. sayı 20. Ankara : Harita Genel Müdürlüğünde basılmıștır, 1960
  • Հ. Ս. Էփրիկեան, «Պատկերազարդ բնաշխարհիկ բառարան», հատոր. 2, Վենետիկ, Սբ. Ղազար, 1907
  • Genel nüfus sayimi, 20 ilktesrin 1935 [Recensement général de la population au 20 octobre 1935]. Its Neşriyat sayisi ; 75 [Publication ; no. 75]. Istanbul [etc.] 1936-.
  • Genel nüfus sayımı: 20 İlkteşrin 1940 [Recensement général de la population au 20 octobre 1940]. Its Neşriyat sayısı, 158 [Publication ; no. 158]. İstanbul, Hüsnütabiat Basımevi, 1941.
  • Genel nüfus sayımı: 21 İlkteşrin 1945 [Recensement général de la population au 21 octobre 1945]. Neşriyat 286 [Publication 286]. Ankara, 1948-50.
  • Genel nüfus sayımı, 22 Ekim 1950 [Recensement général de la population du 22 octobre 1950]. Neşriyat 359 [Publication 359]. Ankara, 1950.
  • Genel nüfus sayımı, 23-ekim-1955; vilâyet, kaza, nahiye ve köyler itibariyle nüfus [23 հոկտ.1955-ի բնակչութեան մարդահամար; բնակչութիւնը ըստ նահանգներուն, գաւառակներուն եւ ենթագաւառակներուն]. Istatistik Genel Müdürlügü Yayin 412 [Վիճակագրութիւններու հրապարակման ընդհանուր տնօրէնութիւն 412]. Ankara, 1961.
  • Genel nüfüs sayımı, 23 Ekim 1960. İl, ilce, bucak ve köyler itibariyle nüfus [23 հոկտ.1960-ի բնակչութեան մարդահամար; բնակչութիւնը ըստ նահանգներուն, գաւառակներուն եւ ենթագաւառակներուն]. Yayın no. 444 [Publication no. 444]. Ankara : T.C. Başbakanlık, Devlet İstatistik Enstitüsü, 1963.
  • Genel nüfus sayımı : nüfusun sosyal ve ekonomik nitelikleri : 12.10.1980 [Բնակչութեան մարդահամար. բնակչութեան ընկերային եւ տնտեսական յատկանիշներ]. Yayın no. 990 [Հրատարակութիւն no. 990]. Ankara : Başbakanlık Devlet İstatistik Enstitüsü, 1982-.
  • 2000 genel nüfus sayımı : nüfusun sosyal ve ekonomik nitelikleri [2000-ի Բնակչութեան մարդահամար. բնակչութեան ընկերային եւ տնտեսական յատկանիշներ]. Yayın no. 2704 [Publication no. 2704]. Ankara : Devlet İstatistik Enstitüsü, 2000
  • Kemal H. Karpat, Ottoman Population, 1830-1914: Demographic and Social Characteristics. Madison, Wisconsin 1985
  • Raymond H. Kévorkian and Paul B. Paboudjian, Les Arméniens dans l'Empire Ottoman à la veille du genocide, Paris, ARHIS, 1992
  • Köylerimiz. Ankara : Ministry of the Interior, 1928
  • Mamuretül aziz Vilâyeti, 1298 (1881M) Tarihli Mamuretül aziz Vilâyeti Salnamesi. Elazig 2001
  • Mamuretül aziz Vilâyeti, Mamuretül aziz Vilâyeti Salnamesi. 1312 (1894)
  • Հայր Պօղոս Նաթանեան, «Տեղեկագրութիւն ընդհանուր վիճակին Սեբաստիոյ եւ անոր կուսակալութեան ներքեւ գտնուղ մէկ քանի գլխաւոր քաղաքաց», Պոլիս, Հայաստանեայց հրատ., 1877
  • Յարութւն Խ. Շապուհեան, «Պատմութիւն Քօրփէ կամ Քէօրփէ գիւղին», 1917, վերանայուած 1958-ին, Լոուէլ (ԱՄՆ), հրատարակուած 4 մարտ 1959-ին (ձեռագիր)
  • Գարեգիր վրդ. Սրուանձտեանց «Թորոս Աղբար, Հայաստանի ճամբորդ», հատոր 2, հրատ. Պաղտատլեան (Արամեան) 1884
  • Վիճակագութիւն Խարբերդի նահանգի, 27 ապրիլ 1878, Գրականութեան եւ արուսետի պետական թանգարան, Թորոս Ազատեանի ֆոնտ, թղթապանակ 44
  • Թէոդիկ, «Գողգոթա հայ հոգեւորականութեան եւ իր հօտին աղէտալի 1915 տարին», Նիւ Եորք, 1985
  • Վահէ Հայկ, «Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը. Յուշամատեան պատմական մշակութային եւ ազգագրական», Նիւ Եորք, 1959
  • Süleyman Yapıcı, Osmanlı salnamelerinde Harput (1869-1908). Elazığ, 2009

Քարտէսներ

  • Heer Generalstab Turkei 1:200,000. Berlin, 1931.
  • War Office, Intelligence Division by Major F. R. Maunsell. Eastern Turkey in Asia 1:250000. London, 1901-1921.
  • War Office, General Staff. Geographical section, Turkey 1:200,000, London,194?