Հիւսէնիկի մէջ ժողովրդային հաւաք օսմանեան սահմանադրական կարգերուն հաստատման առթիւ (Աղբիւր՝ Մ. Տէրանեանի արխիւներ, NAASR, Պէլմոնթ)

Կեանքը Խարբերդի շրջանին մէջ, 1908-1915

Հեղինակ՝ Վահէ Թաշճեան, 02/06/15 (վերջին փոփոխութիւն՝ 02/06/15)

17 Դեկտեմբեր 1908-ին, Խարբերդի յայտնի մտաւորականներէն՝ Թլկատինցին (Յովհաննէս Յարութիւնեան, ծնած 1860ին՝ Թլկատին/Խույլու/Քույուլու, կը սպաննուի 1915-ին), իր ընկերոջ ուղղուած նամակի մը մէջ կը գրէ. «իրիկունները հանդարտ միտքով տուներնուս ճամբան կրնանք գտնալ, ալ հերիք չէ»՞ [1]։ Սահմանադրական կարգեր հաստատուած են այսուհետեւ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին եւ Թլկատինցիին ակնարկութիւնը կը վերաբերի պատմական այս իրադարձութենէն առաջ՝ Սուլթան Ապտուլհամիտ Բ.ի վարչակարգին օրով տեղի ունեցող բռնութիւններուն, մատնութիւններուն, ձերբակալութիւններուն, որոնցմէ դառն յիշողութիւններ ունի նաեւ Խարբերդ քաղաքի Կեդրոնական վարժարանին (Վերի թաղ կամ Ս. Յակոբ թաղամաս) այս տնօրէնը։

Բռնատիրական նախկին կարգերուն տապալումը ամբողջովին անսպասելի եւ գեղեցիկ անակնկալ մըն էր տեղի հայերուն համար։ Այս կացութիւնը լաւապէս կը բացատրուի նաեւ Խարբերդի երեւելիներէն՝ Յովհաննէս Պուճիգանեանի հետեւեալ տողերուն մէջ.

«Հրաշալի Սահմանադրութիւնը զմեզ ստրուկ հպատակութենէ մոգական գաւազանով մը բարձրացուց ազատ քաղաքացիութեան։ 1908 Յուլիս 11-ը՝ ինչպէս արտօնութիւններու, աննման պատեհութիւններու լայն հորիզոն մը, դիւթիչ հեռանկար մը բացաւ մեր տեսութեան առջեւ (…)» [2]։ Յովհաննէս Պուճիգանեան (ծն. Չնգուշ 1873- կը սպաննուի 1915-ին) տեղւոյն «Եփրատ» գոլէճի բարձրագոյն պատասխանատուներէն է եւ բողոքական համայնքի ակնառու ներկայացուցիչը։

Խարբերդ, Եփրատ գոլէճի համալիրը (Աղբիւր՝ Արա Ճինկիրեան եւ Հուրիկ Զաքարեանի հաւաքածոյ)

Համիտեան կարգերուն վերացումը իրօք որ քաղաքական եւ հոգեբանական մեծ ցնցում մըն էր տասնամեակներ շարունակ բռնատիրական պայմաններու մէջ ապրած ժողովուրդի մը համար։ Յաջորդող ամիսներուն, Խարբերդի առօրեայ կեանքին մէջ կը սկսին արդէն նկատուիլ այս փոփոխութեան զանազան անդրադարձները։ Հայերուն մօտ կը սկսի տիրել յարաբերական ապահովութեան մը զգացումը, բան մը որ ինքնավստահութիւն կը ներշնչէ եւ մարդոց կը մղէ առնելու այնպիսի քայլեր, որոնցմէ կը խուսափէին նախորդող տասնամեակներուն ընթացքին։ Այսպէս, խորհրդանշական է տեսնել, որ այս տարիներուն կը սկսին բազմանալ գիւղական տուներու պատուհանները եւ նոր թափ կ՚առնէ երկյարկանի տուներու շինութիւնը, ի տարբերութիւն մինչեւ այդ շրջանի գիւղերուն մէջ գոյութիւն ունեցող շատ մը գետնափոր տուներուն [3]։ Նախապէս, գիւղերու մէջ ընդհանրապէս քիւրտ կամ թուրք աղաներն ու պէյերը ունէին այս ձեւի տուներ, իսկ հայ գիւղացին ամփոփուած կ՚ապրէր իր միայարկ, գետնափոր եւ անպատուհան տան մէջ։

Փոփոխութիւնը ակներեւ է մանաւանդ կրթական մարզին մէջ։ Գիւղերուն մէջ նոր թափ կ՚առնէ տեղի եկեղեցիներուն կողքին գոյութիւն ունեցող հայկական վարժարաններուն կեանքը։ Համիտեան շրջանին իսկ Խարբերդը կը յատկանշուէր հայկական դպրոցական իր ցանցին ճոխութեամբ։ Բայց եթէ քաղաքներուն մէջ (Խարբերդ եւ Մամուրէթուլազիզ) անոնք արդէն կը ներկայացնէին ժամանակի ըմբռնումներով զարգացած հաստատութիւններ, անդին՝ գիւղական դպրոցները ընդհանրապէս նախնական մակարդակի էին։ Սահմանադրութեան բերած խանդավառութիւնը անմիջապէս փոփոխութեան կ՚ենթարկէ այս կացութիւնը եւ Խարբերդի դաշտի գիւղերուն մէջ հին վարժարաններ կը սկսին նորոգուիլ կամ բոլորովին նորեր կառուցուիլ [4]։ Բազմաթիւ գիւղերու մէջ կը բացուին նաեւ աղջկանց վարժարաններ, իսկ քաղաքներու գոլէճներուն մէջ պատրաստուած ուսուցիչներ եւ ուսուցչուհիներ պաշտօնի կը կանչուին գիւղերուն մէջ [5]։

1) Նիկողոս Թէնէքէճեան (Աղբիւր՝ Յաբէթ Փիլիպպոսեան (խմբագիր), Յիշատակարան Եփրատ գոլէճի, 1878-1915, Պոստոն, 1942)
2) Եփրատ գոլէճի 1908-ի ուսուցչական կազմը (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ,
Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, 1959, Նիւ Եորք)

Սահմանադրութիւնը նոր, նախապէս արգիլեալ նախաձեռնութիւններու դուռ կը բանայ նաեւ քաղաքի դրպոցներուն մէջ։ Այսպէս, 1909-ին, «Եփրատ» գոլէճին մէջ կը սկսի գործել հայկական տպարան մը, ուրկէ լոյս կը տեսնէ «Եփրատ» հայերէն պաշտօնաթերթը։ Անկէ առաջ՝ 1891-էն սկսեալ, գոլէճի շրջանակին մէջ լոյս ընծայուած էր ձեռագիր եւ խմորատիպ «Ասպարէզ» կոչուող թերթ մը, որ համիտեան արգելքներուն չէր դիմացած եւ կաճատեւ կեանք ունեցած էր։ «Եփրատ»ը կը համարուի անոր բնական շարունակութիւնը եւ առաջին թիւը լոյս կը տեսնէ 1 Նոյեմբեր 1909-ին։ Կիսամսեայ այս հանդէսին խմբագիրն էր Կարապետ Մ. Սողիկեան (ծն. 1868 Խարբերդ-կը սպաննուի 1916-ին), իսկ անոր աշխատակցողներուն շարքին էին Տօնապետ Լիւլէճեան եւ Յովհաննէս Պուճիգանեան։ Թերթին կողքին, գոլէճին տպարանէն լոյս կը տեսնեն նաեւ շրջաբերականներ, զեկոյցներ, կրօնական ու քերականական գիրքեր, հայերէնի թարգմանուած վէպեր։ Միջին հաշուով օրական կը տպուէր 3 հազար հայատառ տպագիր էջ [6]։

Նոյն այս գոլէճին մէջ կը հաստատուին նաեւ Սահմանադրութեան բերած նոր շունչին հետ համընկնող դպրոցական նոր առարկաներ՝ «Թրքական օրէնք» եւ «Խորհրդարանական օրէնք», որոնք կը դասաւանդուէին Նիկողոս Թէնէքէճեանի կողմէ [7]։

Խարբերդ քաղաքին հայ երեւելիներէն, «Եփրատ» գոլէճի ուսուցիչներէն եւ տեղւոյն ազատ-որմնադիրներու «Եփրատ» օթեակին անդամներէն՝ Տօնապետ Լիւլէճեան, նոյնպէս կ՚ապրի ազատութեան բերած այս ցնծութիւնը։ 1910-ին ան Միացեալ Նահագներու մէջ ուսանող էր – սկիզբը Եէյլի, ապա Գորնէլի համալսարաններուն մէջ – եւ այնտեղէն ողջոյնի իր խօսքը կ՚ուղղէ գոլէճի նոր շրջանաւարտներուն։ Իր գրութեանմէջ ան արդէն նոր հեռանկարներ կը տեսնէ այս տարածքին մէջ միսիոնարական հաստատութեան խաղալիք դերին վերաբերեալ, 1912-ին պիտի ձգէր Միացեալ Նահանգները եւ պիտի վերադառնար հայրենի Խարբերդ. «Սահմանադրական Թուրքիոյ մէջ Եփրատ աւելի ընդարձակ ասպարէզ եւ աւելի փառաւոր կոչում մ՚ունի հիմա» [8]։ Իսկ այս նոր դերը ան կը տեսնէ գլխաւորաբար երկրագործական մարզին մէջ, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք որ այս դաշտի ժողովուրդն ալ բաղկացած է գլխաւորաբար երկրագործներէ։ Ան անհրաժեշտ կը նկատէ գոլէճը օժտել երկրագործական եւ անասնապահական ճիւղերով։ «Երկրագործը փոխելու է իր մաճն ու խոփը, նոր միջոցներ որդեգրելու է՝ հողը պտղաբերելու համար» [9]։

Խարբերդի մէջ լոյս տեսնող «Եփրատ» թերթին 14 Դեկտեմբեր 1912 թուակիր թիւը

Նոր ժամանակներու զարգացում կը համարուի նաեւ հայկական թատերական խումբերուն կազմաւորումը եւ թատերական ներկայացումները։ Նախկին սահմանափակ թիւով թատերական խումբերուն տեղ, յետ-սահմանադրական շրջանին, քաղաքներու, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ գիւղերու մէջ կը ստեղծուին թատերական նոր խումբեր, որոնք յաճախ կը գործեն դպրոցական միջավայրի մէջ, բայց անոնց ներկայացումներուն ներկայ կ՚ըլլայ ընդհանուր հասարակութիւնը՝ մեծամասնութեամբ հայեր, բայց նաեւ տեղական ոչ-հայ վերնախաւի անդամներ։ Կը սկսին խաղցուիլ հայրենասիրական թեմաներով հայկական թատերախաղեր, որոնց ներկայացումը նախորդ վարչակարգին օրով կրնար ուղղակի բանտարկութեան առիթ տալ։ Այս թատերախաղերէն են Հիւսէնիկի դպրոցի սրահին մէջ ներկայացուած «Վէրք Հայաստանին» (Խաչատուր Աբովեանէն), «Սեւ Հողերը» (Պետրոս Դուրեան)։ Բացի ասոնցմէ, կը ներկայացուին եւրոպական թատերախաղեր, ինչպէս Ֆրիտրիխ Շիլլէրի «Աւազակները», Ուիլիըմ Շէքսպիրի «Յուլիոս Կեսարը»։ Աւելի՛ն, Վարդանանք հայկական ազգային տօնը նոր հնչեղութիւն կը ստանայ եւ անիկա կը սկսի նշուիլ ժողովրդային հաւաքոյթներու ընթացքին, որոնց ընթացքին նաեւ կը ներկայացուի նոյն թեմայով թատերախաղ մը [10]։

Սահմանադրութեան կարգախօսները արձագանգ կը գտնեն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, ուր 19-րդ դարէն սկսեալ բնակութիւն հաստատած էին խարբերդցի հազարաւոր հայ պանդուխտներ, որոնք մեծամասնութեամբ բանուորներ էին արեւելեան ծովափին գտնուող գործարաններու մէջ։ Բազմաթիւ խարբերդցիներ պահը յարմար կը նկատեն վերադառնալու իրենց հայրենիքը ու տարիներու ընթացքին իրենց վաստկած դրամով նոր կեանք մը սկսիլ իրենց ընտանիքին ու հարազատներուն հետ։

Ազատութեան մթնոլորտը անմիջապէս անդրադարձ կ՚ունենայ Խարբերդի քաղաքական-կազմակերպական կեանքին վրայ։ Մինչեւ այդ ընդյատակ գործող եւ հալածանքի ենթակայ հայկական կուսակցութիւններ իրենց կեդրոնները կը բանան հայաբնակ զանազան քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ։ 1908-ի վերջերուն, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եւ Հնչակեան կուսակցութիւնը իրենց ակումբները կ՚ունենան Մեմուրէթուլազիզի մէջ։ Միեւնոյն կուսակցութիւնները իրենց ակումբները կը բանան Խարբերդ քաղաքին մէջ, իսկ գիւղերէն կը յիշատակուի Բազմաշէնը։ Բացի ակումբներէն, կուսակցական խումբեր կը կազմուին գիւղերու ու քաղաքային զանազան թաղերու մէջ, կուսակցական գործիչներ ազատ երթեւեկութիւն կ՚ընեն, դասախօսութիւններ կու տան [11]։

Գալիք օրերու նկատմամբ վախն ու անորոշութիւնը

Ինչպէս ամբողջ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ապրող հայերու մօտ, Խարբերդի շրջանին մէջ եւս սահմանադրական կարգերու վերահաստատման անհուն ցնծութիւնը ծանրակշիռ հարուած մը կը կրէ Ապրիլ 1909-ին, երբ տեղի կ՚ունենան Ատանայի շրջանի հակահայ ջարդերը, որուն զոհ կ՚երթան հազարաւոր հայեր։ Նկատելի է որ ահաւոր այս իրադարձութեան յառաջ բերած ցասումն ու վրդովումը միաժամանակ կը ստեղծեն հաւաքական շփոթութիւն եւ անվստահութիւն գալիք օրերուն նկատմամբ։ Այս մտայնութիւնը կ՚արտացոլայ նաեւ խարբերդցիներուն յուշերուն եւ այդ օրերու գրութիւններուն մէջ։

Սահմանադրութեան վերահաստատումին եւ անոր բերած ազատութիւններուն նկատմամբ կասկածանքը շատերու մօտ սկիզբէն իսկ առկայ էր։ Անտարակոյս, այս անվստահութիւնը կը վերաբերի կայսրութեան ղեկը ձեռք առած Իթթիհատի պատասխանատուներուն եւ անոնց որդեգրած ոչ-ժողովրդավարական գործելաձեւին նկատմամբ։

1) Տօնապետ Լիւլէճեան իր երէց եղբօր՝ Տիգրանի (1868-1908) ընտանիքին հետ, Լինն (Մասաչուսէց), Միացեալ Նահանգներ։ Ձախէն աջ՝ Մարիցա, Վիքթորիա, Արաքսի, Տօնապետ։ Առաջին շարքի վրայ՝ Ալպէրթ (Աղբիւր՝ Հասկաքաղ Բրօֆ. Տ.Կ. Լիւլէճեանի (Բագրատ). գրական վաստակը եւ 1915-ի բանտի յուշերը, Ֆրէզնօ, 1955)
2) Տօնապետ Լիւլէճեան (Աղբիւր՝
Հասկաքաղ Բրօֆ. Տ.Կ. Լիւլէճեանի (Բագրատ). գրական վաստակը եւ 1915-ի բանտի յուշերը, Ֆրէզնօ, 1955)

Խարբերդէն դիտուած, ինչպէս պիտի տեսնենք յաջորդ բաժինին մէջ, ընդհանուր կացութեան նկատմամբ տարակուսանքին առիթ տուող պատճառները բազմաթիւ էին։ Բայց եթէ ոմանց համար այս կացութենէն դուրս գալու լուծումը արտագաղթն էր, ուրիշներ – եւ այս պարագային խօսքը աւելի շատ կը վերաբերի խարբերդցի հայ մտաւորականներուն – հարցին դեղատոմսերը կը փնտռէին տեղական պայմաններուն բարելաւումին մէջ։ Այս իմաստով, երբ կը քննենք այդ օրերու հայկական բեմին վրայ տեղի ունեցող քննարկումները, մեծապէս նկատելի է տիրական մտայնութիւն մը, որն է պետութեան – օսմանեան պետութեան – ամրապդնումը եւ անոր հզօրացումը։ Այս մէկը կրնայ հակասական թուիլ մանաւանդ երբ հարցերը կը քննենք յետադարձ ակնարկով մը։ Բայց Սահմանադրութեան ստեղծած ցնծութիւնը տակաւին բոլորովին չէր մարած։ Բազմաթիւ հայեր – ասոնց շարքին զանազան խարբերդցի երեւելի հայեր – համոզուած էին որ իրենց կեանքի պայմաններուն բարելաւումին, մարդկային ու մշակութային իրաւունքներու պահպանումին լաւագոյն երաշխիքը հզօր պետութեան մը կայացումն էր։ Բայց անոնց դիտանկիւնէն պետութեան դերակատարութեան շեշտաւորումը չէր նշանակեր յառաջացումը կեդրոնաձիգ պետութեան մը, որ յանուն երկրին բարօրութեան ու ապահովութեան պատրաստ պիտի ըլլար միջամտել ի վնաս ժողովրդավարութեան եւ ի դէմս անհատական իրաւունքներուն։ «Օրէնքի ու կարգապահութեան» այսպիսի պետութիւն մը Իթթիհատի բաղձած միակուսակցական քաղաքական համակարգն էր, եւ երեւոյթները ցոյց կու տային, որ բռնատիրական այս հակումը հետզհետէ իրականութիւն կը դառնար կայսրութեան տարածքին։ Խարբերդէն դիտուած, ճիշդ է որ հզօր պետութիւնը երաշխաւորը պէտք էր ըլլար օրէնքի յարգումին, բայց անիկա նաեւ պէտք էր պաշտպաներ սահմանադրական իրաւունքները, պետական հաստատութիւնները ազդեցիկ ներկայութիւն մը պէտք էր ըլլային գաւառէն ներս՝ արգելք հանդիսանալով ամէն տեսակ անիշխանութիւններու եւ օրինախախտումներու։ Առանց այս ազատութիւններուն եւ իրաւունքներուն՝ «Սահմանադրութիւնը զաւեշտ մըն է, ազատութիւնը՝ մեռեալ տառ, ճշմարտութիւնը՝ կեղծիք», կը գրէ Պուճիգանեան 1912 թուականին [12]։ Անշուշտ այս հարցով կարելի է գտնել տարբերութիւններ այդ ժամանակներուն գոյութիւն ունեցող հայկական գաղափարական զանազան հոսանքներուն միջեւ, բայց եւ այնպէս Խարբերդէն հնչող ձայներուն մեծամասնութեան մօտ լուծման բանալին կը մնար պետական մարմիններու հզօրացումը, մանաւանդ գաւառային շրջաններուն մէջ, որոնցմէ մէկն էր նաեւ Խարբերդի դաշտը։

Խարբերդի Լիւլէճեան ընտանիքը։ Լուսանկարին վրայ կ՚երեւին Տօնապետ Լիւլէճեան (նստած, ձախէն երկրորդը), հայրը՝ Կարապետ Լիւլէճեան (ֆէսով), Կարապետին կողքին նստած կինը՝ Սառա (Կարապետին կինը երկրորդ ամուսնութեամբ) (Աղբիւր՝ www.genealogy.com/ftm/h/e/d/David-Hedison-MA/PHOTO/0002photo.html)

Այլ կարեւոր տեսակէտ մը, որ յաճախ ուղղակի կամ անուղղակի կ՚արտայայտուի այս քննարկումներուն ընթացքին՝ օսմանեան հայերու ապագան կայսրութեան սահմաններուն մէջ տեսնելն է։ Մեծամասնութեան մէջ այն գիտակցութիւնը կը տիրէր թէ այդ օրերու պայմաններուն մէջ Օսմանեան կայսրութենէն դուրս հայկական հարցին լուծում չկար։ 1908-ի ազատութիւնը այլեւս անոնց լեզուի կապանքները կտրած էր, համարձակօրէն կ՚արտայայտուէին ազգային – իմա՛ հայկական – նիւթերու մասին, Ազգին ապագային մասին։ «Ազգ» եւ «ազգային» բառերը չէին գործածուիր իրենց արդի նշանակութիւններով, այլ այս բառերուն ընդմէջէն պէտք է հասկնալ նախազգայինը (protonational), նախազգը, այլ խօսքով օսմանեան բազմազգեան միջավայրին մէջ հայկական հաւաքականութիւնը, անոր մշակութային արժէքները։ Այս կէտը պէտք է հաշուի առնել, մանաւանդ որ այս յօդուածին մէջ յաճախ կը հանդիպինք Պուճիգանեանի կամ Լիւլէճեանի կողմէ սոյն բառերուն գործածութեան։ Իսկ երբ խօսքը կը վերաբերի «Հայրենիք»ին, յաճախ նկատելի է որ անիկա երկիմաստ է, երբեմն խօսքը կը վերաբերի հայկական հայրենիքին, այլ խօսքով այն պատմական հողերուն որուն վրայ հայը այդ ժամանկներուն կ՚ապրէր, բայց կարգ մը տեղեր յստակ է որ անիկա կը վերաբերի օսմանեան հայրենիքին, այլ խօսքով՝ սահմանադրական նոր կարգերուն շնորհիւ յառաջ եկած նոր տեսլականին։ Այս կացութեան լաւ օրինակը կու տայ Տօնապետ Լիւլէճեան, «Եփրատ» գոլէճի այս ուսուցիչը, որ 1915-ին կը յաջողի փախուստ տալ եւ ապաստանիլ Տերսիմի լեռներուն մէջ։ Այստեղ, թուղթի պատառիկներու վրայ կը սկսի գրի առնել իր յուշերը, որոնք երբեք ալ չեն ամբողջացուիր եւ չեն խմբագրուիր իր իսկ կողմէ, քանի որ 1917-ին Կարին/Էրզրումի մէջ – Ցարական Ռուսիոյ տիրապետութեան տակ - կը վարակուի բծաւոր տիֆէ ու կը մահանայ։ Ստորեւ տրուած տողերը առնուած են «Բանտային յուշեր» վերնագրուած գլուխէն, ուր յուշագիրը կը ներկայացնէ ցեղասպանութեանը նախորդող ընդհանուր տրամադրութիւնները Խարբերդի մէջ։ Տողերը գրուած են Տերսիմի մէջ, երբ օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ հայերու հաւաքական սպանութիւնները ամբողջովին չէին դադրած, իսկ Լիւլէճեանին բանտային տանջանքի վէրքերը տակաւին չէին սպիացած.

1) Յովհաննէս Պուճիգանեան, Ամբողջական գործեր, տպ. Տօնիկեան, Պէյրութ, 1974
2) Եէյլ համալսարանէն շրջանաւարտներ (ձախէն աջ)՝ Սիմոն Գզիրեան, Տիգրան Տիրատուրեան, Տօնապետ Լիւլէճեան (Աղբիւր՝ Հ
ասկաքաղ Բրօֆ. Տ.Կ. Լիւլէճեանի (Բագրատ). գրական վաստակը եւ 1915-ի բանտի յուշերը, Ֆրէզնօ, 1955)

«Անկախ Հայաստանի պահանջը չէր որ կ՚ոգեւորէր Հայը. ամէն Հայ կը բաղձար անոր, բայց բոլոր խելահասները գիտէին թէ ներկայ պահանջներուն տակ անկարելի էր ան։ Անկախութիւնը գաղափարական մ՚էր իրենց համար։ Իրենք հաշտուած էին եւ համոզուած այն գաղափարին թէ՝ Հայը Թուրքին հետ պիտի ապրէր, հայ ու թուրք շահերը պէտք էր համերաշխէին։ Ամէն Հայ չէր բաղձար օտար տիրապետութեան, Թուրքիան միակ ու լաւագոյն հայրենիքն էր իրենց ու եթէ Թուրքը տար Հայուն այն դիրքը որուն կը ձգտէր Հայը, այլեւս օտար դուռներ դեգերելէ պիտի դադրէր։ Հաւասարութիւն, քաղաքացիի իրաւունքները կը պահանջէր, կրօնական անհաշտութիւնը կ՚ուզէր որ փարատուի, մռայլը անհետի, Թուրք ու Հայ գործակցէին երկրին տնտեսական ու քաղաքական զարգացման։ Այս էր հայ երազը, այս էր հայ ձգտումը» [13]։

Թուրք-հայկական համերաշխութեան այս կարեւորութեան մասին Տօնապետ Լիւլէճեան գրած է նաեւ աւելի կանուխ՝ 1910-ին, Խարբերդի մէջ. «Երգուած ու երազուած Ազատութիւն, Եղբայրութիւն եւ Հաւասարութիւն հառաչանքներ պիտի ըլլան որչափ ատեն որ այդ բաղձալի համերաշխութիւնը պակսի» [14]։ Համերաշխութեան պակասը լուրջ մտավախութիւն մըն էր իրեն համար, քանի որ «Իրաց այս կացութիւնը շարունակական տնտեսական տագնապներ, փոթորիկներ պիտի պատճառէ եւ երկու ցեղերու կործանման պատճառ պիտի ըլլայ» [15]։

Պարզ է որ հայկական դիտանկիւնէն այս համերաշխութեան ամրապնդումը նախ եւ առաջ կը յառաջանար փոխադարձ վստահութեան ստեղծումով։ Յետ-սամանադրական այդ տարիներուն, այն ժամանակ երբ Լիւլէճեան կը գրէր վերոնշեալ տողերը՝ մշակութային, տնտեսական եւ քաղաքական ինքնավարութեան հայկական պահանջները պէտք չէր դիտել իբրեւ կայսրութեան սպառնալիք։ Անոնք կը բխէին կայսրութեան բաղկացուցիչ մէկ հիմնական խումբին հաւաքական գիտակցութենէն, իսկ անոնց իրականացումը՝ զանազան մակարդակներու վրայ աւելի գործօն պիտի դարձնէր նոյն տարրին հաւաքական մասնակցութիւնը կայսրութեան հզօրացումին եւ հարստացումին։ Այստեղ կ՚արժէ պատմել Խարբերդի կեանքէն առնուած դրուագ մը, որ ցոյց կու տայ այն երկհերձութիւնը (dichotomy), որ գոյութիւն ունէր հայկական վերնախաւին եւ թուրք իթթիհատական շրջանակին միջեւ, երբ հարցը կը վերաբերէր Սահմանադրութեան ըմբռնումին եւ անոր մեկնաբանումին։

Մեզիրէ (Մամուրէթուլազիզ), 1913. հայկական գիրերու գիւտին 1500 ամեակի տօնակատարութիւն քափուչիններու ֆրանսական գոլէճին փակին մէջ։ Նկարին խորքը, կողք-կողքի կանգնած կ՚երեւին Տէր Գարեգին եւ Տէր Ղեւոնդ քահանաները, Փէր Ռաֆայէլ, Պսակ Ծ. վարդապետ Խորէնեան։ Մնացեալը ֆրանսական գոլէճին եւ Կեդրոնական վարժարանին աշակերտութիւնն ու ուսուցչական կազմն է։ Նկարին ձախին գտնուող պաստառին վրայ գրուած է հայկական այբուբենը, իսկ աջի պաստառին վրայ՝ «Եկէ՛ք մանկանց համար ապրինք» (Աղբիւր՝ անձնական հաւաքածոյ. շնորհակալութիւններ՝ Ծովիկ Թորիկեանին)

Խարբերդ, հոկտեմբեր 1913. հայոց գիրերու գիւտի տօնին 1500 ամեակի հանդիսութեան պաշտօնական յայտագիրը (Աղբիւր՝ Լեւոն Լիւլէճեանի արխիւներ. շնորհակալութիւններ՝ Սեւակ Եարալեանին, Լոս Անճելըս)

Այսպէս, 1913 թուականին, աշխարհի տարածքին հայաշատ բոլոր կեդրոններուն մէջ մեծ շուքով կը տօնուի հայոց գիրերու տօնին 1500 ամեակը։ Խարբերդի շրջանը, ուր գոյութիւն ունէր հարուստ եւ 1908-էն ետք շատ արագ զարգացող հայկական կրթական ցանց մը, պարզ է որ ետ պիտի չմնար այս հանդիսութիւններէն։ 13 Հոկեմբերին (նոր տոմարով 25 Հոկտեմբեր), կը կազմուի ուսուցիչներէ, աշակերտներէ եւ գոլէճական ուսանողներէ բաղկացած մեծ թափօր մը, իսկ նոյն ժամանակ ալ կը սկսին հնչել Խարբերդ քաղաքին եկեղեցիներուն եւ հայկական դպրոցներուն զանգակները։ Թափօրին առջեւէն կը քալեն գոլէճական ուսանողներ, որոնցմէ մէկը կը կրէ հայկական այբուբենը ներկայացնող դրօշ մը, ուրիշ մը՝ «Եփրատ» գոլէճին վարդակարմիր գոյնով դրօշը եւ երրորդ մը՝ օսմանեան դրօշը։ Այլ ուսանողներ բարձր բռնած են Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ Պարթեւի [16] պատկերները։ Խումբը կը շրջագայի քաղաքին փողոցներուն մէջ, յատկապէս նկատելի է անոր շարքերուն մէջ քափուչիններու վարժարանի փողերախումբը. մօտ 1500 անձերէ բաղկացած թափօրը կ՚անցնի քաղաքապետարանին եւ կառավարչատան առջեւէն, կը մտնեն քաղաքի շուկան եւ ամբողջ ժամանակ կ՚երգուին հայերէն երգեր։ Երբ կը հասնին թրքական Սուլթանիէ դպրոցին առջեւ, բոլորը միասին կը կոչեն՝ «Կեցցէ՛ սուլթանը, կեցցե՛ն Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ»։ Ապա կ՚ուղղուին դէպի Հիւսէնիկ, ուր խումբին կը միանայ տեղւոյն հայկական վարժարաններուն աշակերտները եւ միասին կը վերադառնան Խարբերդ քաղաք։ Յաջորդ օրը հանդիսութիւնները կը շարունակուին, գիւղերէն կու գան հայկական վարժարաններու ուսուցիչներ, Մեզիրէէն կը ժամանէ հայոց Առաջնորդը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ երեւելի դէմքեր։ Այս բոլորին ներկայութեան տեղի կ՚ունենան բանախօսութիւններ, կ՚երգուին Թարգմանչաց շարականներ, ազգային երգեր [17]: Հանդիսութիւնը էապէս հայկական էր, կ՚ոգեկոչուէր հայկական մշակոյթին ամէնէն առինքնող եւ տպաւորիչ թուականներէն մէկը։ Այս ընդհանուր մթնոլորտը կ՚արտայայտուի հաւաքուած բազմութեան առջեւ Յովհաննէս Պուճիգանեանին արտասանած խօսքերուն մէջ.

Հիւսէնիկ, 1912։ «Զօրավար Անդրանիկ» թատերգութեան ներկայացում տեղւոյն թատերական խումբին կողմէ։ Նստած, ձախէն աջ՝ Ներսէս Պաղտիկեան, Գրիգոր Պէզիկեան, Յակոբ Տէրանեան, Գէորգ Տէրոյեան, Միհրան Թիւֆէնքճեան։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Միհրան Մատոյեան, Կարապետ Փարթոյեան, Օհան Մազմանեան, Յարութիւն Պայպուտեան, Պետրոս Ռստիկեան (Աղբիւր՝ Մարտիրոս Տէրանեանի արխիւներ, NAASR, Պէլմոնթ, Մասաչուսէց)

«Մեծ Յոբելեանները յարութիւն կու տան ընդարմացած, թմրած ու մարած ազգային ոգիին։ Ազգային ոգի չունեցող ժողովուրդ մը կենդանի դիակ մ՚է, ան չունի նաեւ ազգային կեանք եւ յառաջդիմութիւն։ Ազգային պատմութիւնն ու գրականութիւնը, երգերն ու աւանդութիւնները, բարքերն ու սովորութիւնները, ազգային Եկեղեցին ու դպրոցը այս ոգին վառ պահող ատրուշաններն են իրաւամբ (…)» [18]։

Այլ բանախօսներու շարքին են Վարդան քհնյ. Արսլանեան (ծնած 1863-ին Ակն, կը սպաննուի 1915-ին) եւ Թլկատինցին, որոնք նոյնաշունչ ճառեր կը խօսին։ Իսկ երբ կարգը կու գայ Տօնապետ Լիւլէճեանի, ան ի միջի այլոց կը յայտարարէ.

«1913 Հոկտեմբեր 26-ը հայ վերածննդեան դարագլուխը պիտի ըլլայ։ Սա Յոբելեանի շքեղ հանդէսը վերազարթնումը պիտի ըլլայ մեր ինքնագիտակցութեան, ճշմարիտ հայրենասիրութեան, խղճի գաղափարի ազատութեան եւ իմացական զարգացումին։ Ալ մերն են անցեալին գանձերը. մենք ժառանգն ենք գրին եւ մամուլին, մերն են մեր հայրերու իմացական գործերն ու փորձառութիւնները, անոնք իբր շքեղ լուսարձակներ մեր շուրջը կը լուսաւորեն, զմեզ կը ներշնչեն, կ՚ոգեւորեն եւ յառաջ կը մղեն մեր պարտականութեան բաժինը օգտակար կերպով կատարելու» [19]։

Փաստօրէն, Սահմանադրութիւնը հայերու հաւաքական կեանքին առջեւ բացած էր նոր հորիզոններ, որոնցմէ ամէնէն կարեւորը մշակութային ազատ ու անկաշկանդ զարգացումն էր։ Գիրերու գիւտին մեծաշուք տօնակատարութիւնը յստակ արտայայտութիւն մըն էր այս նոր ժամանակներուն։ Հայ կազմակերպիչները ճիգ չէին խնայած այս տօնին տալու իւրայատուկ շքեղութիւն, Խարբերդի փողոցներուն մէջ դարձուցած էին զայն մշակութային պարծանքի մը յայտարարութիւնը, յետ-սահմանադրական տարիներուն այսպիսի տարողութեամբ ժողովրդային հաւաք տեղի չէր ունեցած քաղաքին մէջ։ Բայց նոյն ժամանակ ալ յստակ կ՚երեւի, որ օսմանեան խորհրդանիշները պահպանուած էին այնտեղ։ Այլ խօսքով տօնակատարութիւնը կազմակերպողները շատ լաւ կը գիտակցէին որ իթթիհատական շրջանակներ կրնային հայերուն դէմ հաւաքական ամբաստանութիւններ արձակել՝ յայտնելով թէ այսպիսի ձեռնարկներ հայերու անջատողական հակումներուն վառ ապացոյցներն են։

1) Թլկատինցին (Յովհաննէս Յարութիւնեան, 1860-1915) (Աղբիւր՝ Նուպարեան գրադարան, Փարիզ)
2) 1733 թուականի Աստուածաշունչ, տպուած Վենետիկ։ Գիրքը մաս կազմած է Եփրատ գոլէճի գրադարանին։ Պուճիգանեան ընտանիքի վերապրող անդամներ զայն փրկած են կորուստէ։ Ներկայիս կը պահուի Յովհաննէս Պուճիգանեանի թոռնիկին՝ Ատոմ Պուճիգանեանի մօտ, Մոնթրէալ։

Այսուհանդերձ, երեւոյթները ցոյց կու տան որ հայ կազմակերպիչները սխալած էին իրենց դատումներուն մէջ։ Բայց այս մասին կը տենենք աւելի ուշ։

Խարբերդի հայ մտաւորական շրջանակներուն համար հիմնական խնդիր էր Օսմանեան կայսրութեան մէջ սահամանադրական-ժողովրդավարական կարգերուն ամրապնդումը։ Այսպէս, Յովհաննէս Պուճիգանեանի մօտ Սահմանադրութիւնը առաջին հերթին պատմական առիթ մըն էր կայսրութեան բարգաւաճումին ի խնդիր։ «Սահմանադրութիւնը շատախօսութիւն չէ, ո՛չ ալ շատախօսութիւնը՝ Սահմանադրութիւն։ Սահմանադրութիւնը պատեհութիւն մըն է, որ պիտի ճշդէ թէ Օսմանեան պետութիւնը եւ զինք կազմող ազգութիւնները ապրելու արժանիքն ու իրաւունքը ունի՞ն, թէ մեռնելու դատապարտուած են» [20], կը գրէ ան։

Այս նպատակով ալ ժողովուրդին քաղաքական սթափութիւնը հրամայական մըն է պատմական այս առիթը չկորսնցնելու համար։ Պուճիգանեան դիտել կու տայ որ ժողովուրդին պէտք է մշակութային, կրօնական, գրական, գեղարուեստական սնունդ տալ, անոր մէջ արթնցնել հանրային գիտակցութիւնն ու ոգին եւ այս ձեւով երկրին մէջ ստեղծել հանրային առողջ կեանք մը։ «Հանրային սրահներու պէտք ունինք, որպէսզի հանրային կեանքը զօրանայ։ Հանրային ոգիին պէտք ունինք, որպէսզի ազգը զօրանայ։ Հանրային կարծիքին պէտք ունինք, որպէսզի Սահմանադրութիւնը ամրանայ» [21], կը գրէ ան 1909 թուականին։ Անոր կարծիքով, կրթութիւնն ու զարգացումը մեծ դեր ունին օսմանցի տիպար քաղաքացին ստեղծելու համար. «Նախ լո՜յս, ապա ազատութիւն. նախ կրթութիւն՝ ապա Սահմանադրութիւն» [22]։ Այս հարցով շատ տարբեր չի մտածեր նաեւ իր ընկերը՝ Տօնապետ Լիւլէճեան.

«Ներկայ դարը իմացական զարգացման մէջ կը փնտռէ [ընկերութեան բարօրութիւնը]։ Այդ երազուած բարօրութեան հասնելու բաղձանքն է որ անհատներ, համայնքներ ու կառավարութիւններ ամէն ճիգ կը թափեն իմացական կրթութիւնը ընդհանրացնել, ժողովրդականացնել։ Գիւղերու նախակրթարանները, քաղաքներու դպրոցներն ու բարձրագոյն հաստատութիւնները այս ջանքերուն արդիւնքն են, որոնք նպատակ ունին գիտութիւն, արհեստ, արուեստ եւ ուսում տարածել եւ ծանօթութիւն եւ իմացականութիւն մշակել» [23]։

1) Յովհաննէս Պուճիգանեանի ձեռագրով յօդուածի մը առաջին էջը (Աղբիւր՝ Յովհաննէս Պուճիգանեան, Ամբողջական գործեր, տպ. Տօնիկեան, Պէյրութ, 1974)
2) Հասկաքաղ Բրօֆ. Տ.Կ. Լիւլէճեանի (Բագրատ). գրական վաստակը եւ 1915-ի բանտի յուշերը, տպ. Crown Printing, Ֆրէզնօ, 1955

Պուճիգանեանի համար հիմնական անհրաժեշտութիւն մըն է կարծիքի ազատ արտայայտութիւնը. երկրին վերաբերող հիմնախնդիրները պէտք է քննարկուին ազատօրէն, հրապարակաւ, առանց կաշկանդումներու։ Նոյնն է պարագան քաղաքական կեանքին, ուր խոհրդարանը պէտք է դառնայ քաղաքական բախումներուն բեմահարթակը, կանխելով այսպէս բռնութեան ամէն երեւոյթ։ Ան փիլիսոփայութիւն եւ հոգեբանութիւն ուսանած էր Էտինպուրկի համալսարանը (1906-1908), դարձած էր Մեծն Բրիտանիոյ ժողովրդավարական հաստատութիւններուն ջատագովը, այնպէս որ նոյն օրինակով ալ օսմանեան քաղաքական կեանքի զարգացումին համար անհրաժեշտ կը գտնէր «պահպանողական եւ ազատական կուսակցութիւններ», որոնց գոյութիւնը կարեւոր ազդակ մըն է «զիրար սրբագրելու եւ ճշմարտութիւնը գտնելու» [24]։ «Այս երկու կուսակցութիւններն ալ պէտք է որ իրենց տեսակէտները պաշտպանեն ազատօրէն, փաստացիօրէն։ Սահմանադրութիւնը կը կենայ ազատ վիճաբանութեան խարիսխին վրայ։ Լոյսը կարծիքներու բախումէն կը ծնի երեսփոխանական ժողովին մէջ» [25]։ Պուճիգանեանի մօտ Սահամադրութիւնը հոմանիշ դարձած է ժողովրդավարութեան։ Փաստօրէն, ան կը դաւանի ժողովրդավարական պայմաններու մէջ զարգացող քաղաքական կեանք մը, ուր կը յարգուին կարծիքներու բազմազանութիւնը։

Առաջին հայեացքով կրնան ասոնք սովորական գաղափարներ նկատուիլ, բայց Պուճիգանեան եւ իրեն նման բազմաթիւ հայեր գիտակից են, որ անկայուն ժամանակներու մէջ կ՚ապրին, իրենց փայփայած օրէնքի եւ իրաւունքի պետութիւնը երբեք ալ չէ կայացած, մտավախ են որ ժողովրդավարութիւնը եւ անոր հետ նաեւ օսմանեան հայերու ապագան սայթաքումի մէջ է։ Պուճիգանեանի կարծիքով Սահմանադրութիւնը վտանգուած է, «(…) յետադիմական սուր փուշեր զայն խեղդելու սպառնալի դիրքն ունին. մոլեռանդութիւնը այնքան արմատացած է տիրող տարրերուն մտքին ու սրտին մէջ, որ հաւասարութեան եւ եղբայրութեան գաղափարականները անգործածելի եւ անըմբռնելի կը մնան» [26]։ Եւ այս բոլորէն ետք անոր առջեւ կը պարզուի յոռետես հեռանկար մը. «Հին հաշիւները նոր արիւն կը պահանջեն։ Հին ատելութիւնները նոր ողջակէզ կը հրամայեն։ Նոր արիւնները հին հաշիւներու յուշերը կը քրքրեն եւ հաշուեյարդարութեան եւ արդարութեան գաղափարը աւելի կը շեշտեն արիւնած սրտերու մէջ։ Յոյսն ու քաղաքական քաոսը զիրար կը դիմաւորեն եւ յոյսը տժգունիլ կը սկսի» [27]։ Յստակ է որ Պուճիգանեան կ՚ակնարկէ այստեղ սպանութիւններու, ջարդերու, որոնցմէ գլխաւորը 1909-ի Ատանայի հայերու կոտորածն էր։ Վախը, ապագայի նկատմամբ անորոշութիւնը աւելի կը շեշտուի անոր մտածումներուն մէջ. «Մեր երկրին յատակը հրաբուխ կայ, մթնոլորտին մէջ ամպրոպը կը գոռայ – մակերեսը քաոս կը տիրէ. տեղ տեղ միայն լոյսի նշոյլներ կը վառին։ Արեւելքը գիշեր է դեռ, եւ հազիւ արշալոյսի ցոլքեր, ազատութեան ու քաղաքակրթութեան ճաճանչներ կը փայլին քաղաքական հորիզոնին վրայ։ Աստուած միայն այս երկրին ճակատագիրն ու ապագան կը կարդայ» [28]։

Հողավէճը. իթթիհատական քաղաքականութեան հայելին

Ինչպէ՞ս կասեցնել դէպքերու այս գահավէժ ընթացքը։ Սահմանադրական սկզբունքներէն ամէն շեղում օսմանեան հայերը կը դնէր անորոշութիւններու եւ նոր աղէտներու ընդառաջ։ Ասոր գիտակից էին խարբերդահայ մեր յուշագիրները, բայց նոյն ժամանակ ալ դարձած էին դէպքերու այս հոլովոյթին կրաւորական դիտորդները, իթթիհատական վերնախաւը օրըստօրէ կը սասկացնէր իր դիրքերը, հայ, թուրք եւ այլ ժողովուրդներ կայսրութեան տարածքին միասին ապրելու եւ զարգանալու հեռանկարը այլայլած էր, հայը հետզհետէ աւելի ու աւելի կը ներկայացուէր իբրեւ կայսրութեան զարգացումին դէմ կանգնած խանգարիչ տարրը։ Անոր մշակութային, տնտեսական եւ կրթական ընդունակութիւնները այլեւս հարստացնող ազդակներ չէին, այլ ընդհակառակը՝ դարձած էին վտանգներ իթթիհատականներու թրքութեան եւ թրքացումի վրայ հիմնուած տեսլականներուն առջեւ։ Իթթիհատական վարիչներուն համար ամբողջ խնդիրը այլեւս հայու եւ թուրքի պայքար մըն էր։ «Կեանքի կռիւ» կ՚անուանէ զայն Տօնապետ Լիւլէճեան իր յուշերուն մէջ [29], եւ այն տպաւորութիւնը ունինք որ այս տողերը գրած ատեն ան արդէն լաւապէս ըմբռնած է իթթիհատականներուն գաղափարախօսութիւնը, հայկական Ցեղասպանութեան գործադրման առիթ տուած իթթիհատական միտքերը։ Նաեւ այն տպաւորութիւնը ունինք որ Լիւլէճեան ծանօթ է իթթիհատական գաղափարախօսներ՝ Եուսուֆ Աքչուրայի կամ Զիա Կէօքալփի գործերուն, ուր անոնք կը դաւանին ընկերային տարուինականութիւնը, բնական ճակատումի մը անխուսափելիութիւնը։

Իսկ Խարբերդի շրջանին մէջ այս ձեւի մտայնութեան մը զարգացումին համար պարարտ հող կար։ Հայերը տնտեսական եւ կրթական անմրցելի ուժ մըն էին, բան մը որ աւելի եւս զարկ կու տար իթթիհատական վարիչներուն կասկածանքին եւ նախանձին։ Մամուրէթուլազիզ եւ Խարբերդ քաղաքներուն մէջ հայերու պատկանող մետաքսի եւ բամպակի գործարանները, երկաթի ձուլարանը, հայ վաճառականներուն ներկայութիւնը, քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ ամէնուրեք հայ արհեստաւորները, շրջանէն ներս հայկական կրթական հարուստ եւ աննախընթաց ցանցին յառաջացումը, Միացեալ Նահագներէն հայկական դրամներու եւ տնտեսական գիտելիքներու մուտքը դարձած էին իթթիհատական տեղական ղեկավարներուն աչքին փուշը։ Կուսակցութեան գաղափարախօսներուն քարոզած «ազգային քաղքենիութիւնը» [30], այլ խօսքով թուրքերէ կազմուած միջին խաւը, այստեղ գրեթէ գոյութիւն չունէր։ Փոխարէնը, այնպէս ինչպէս Պոզարսլան խօսքը տալով իթթիհատի գաղափարախօսներուն կը նշէ՝ կար քրիստոնեայ «ազնուականութիւնը», որ կը ճնշէր թուրք (եւ/կամ իսլամ) «Երրորդ դաս»ը (« tiers états ») [31]։ Հայեւթուրք համերաշխութիւնը թէեւ ձեւականօրէն կը շարունակուէր, բայց պիտի բաւէր պայմաններու արմատական փոփոխութիւն մը, որպէսզի ակներեւ կերպով երեւան գար օսմանեան պետութեան իթթիհատական ըմբռնումին երանգները։

Հիւսէնիկ. Օսմանեան բանակին զինարանն ու զօրանոցը (Մարտիրոս Տէրանեանի արխիւներ, NAASR, Պէլմոնթ, Մասաչուսէց)

Մինչեւ այդ, Խարբերդէն դիտուած՝ Սահմանադրութեան բերած բարեփոխումները միայն արտաքին տարազին մէջ էին։ Կարգ մը հիմնախնդիրներ տակաւին կը շարունակէին մնալ անլուծելի։ Իսկ այս հարցերէն կարեւորագոյներէն էր հողավէճը։ Այս մէկը նաեւ առաջնահերթ խնդիր էր Իթթիհատ եւ Դաշնակցութիւն բանակցութիւններուն ընթացքին՝ հայկական կողմը միշտ շեշտը դնելով խնդրին արագ եւ արմատական լուծման վրայ։ 1911-ին (Օգոստոս 17-Սեպտեմբեր 17) Պոլսոյ մէջ գումարուած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 6-րդ Ընդհանուր Ժողովը հողավէճին մասին որդեգրած իր որոշումին մէջ կը գտնենք հետեւեալ բանաձեւը. «(…) եթէ արտակարգ միջոցներով չդարմանուին համիտեան բացառիկ ճնշումներուն արդիւնք եղող այս անօրինակ զրկանքները,- հայ ժողովուրդին համար մեռած տառ մը պիտի մնայ Սահմանադրութեան աւետած բարիքները (…)» [32]։

Օսմանեան պետական համակարգը թոյլ էր Խարբերդի գիւղական շրջաններուն մէջ, իսկ կեդրոնական իշխանութիւններուն բացակայութիւնը ընդհանուր անապահովութեան գլխաւոր աղբիւրն էր։ Փոխարէնը կ՚իշխէր տեղական պէյերու եւ աղաներու (թուրքեր եւ քիւրտեր) ուժը։ Ասոնք էին տարածքի արտերուն, պարտէզներուն ու այգիներուն մեծագոյն մասին սեփականատէրերը։ Իսկ հայ, քիւրտ եւ թուրք գիւղացիներէն շատեր մարապայի կարգավիճակով կապուած էին անոնց։ Այսինքն մարապային մշակած հողը կը պատկանէր պէյին եւ աղային եւ բերքէն միայն ջնջին բաժին մը կրնար զայն մշակողին սեփականութիւնը ըլլալ։ Խարբերդի գիւղերուն մէջ Սահմանադրութենէն սպասուած ամէնէն մեծ բարիքը հողային հարցին բարեյաջող լուծումն էր։ Խորքին մէջ միայն հայ գիւղացին չէր որ ակնկալիքներ ունէր քաղաքական այս նոր կարգերէն, այլ նաեւ նոյն վիճակին մէջ կը գտնուէին իրաւազուրկ թուրք եւ քիւրտ գիւղացիներ [33]։ Նոր կարգերուն հաստատումը բնականաբար լուրջ մտահոգութիւններ կը ստեղծէր աւատապետական շրջանակներուն մէջ – անոնց շարքին յատկապէս կարգ մը քիւրտ ցեղապետներ -, որոնք առանձնաշնորհեալ դիրքերու հասած էին Սուլթան Ապտուլհամիտ Բ.ի գահակալութեան օրերուն։

1) Ետեւի շարք՝ Տօնապետ Լիւլէճեան եւ կինը՝ Եղսա։ Առջեւի շարք. զոյգին զաւակները՝ Հրաչեա եւ Արա (Աղբիւր՝ Հասկաքաղ Բրօֆ. Տ.Կ. Լիւլէճեանի (Բագրատ). գրական վաստակը եւ 1915-ի բանտի յուշերը, Ֆրէզնօ, 1955)
2) Տօնապետ Լիւլէճեանի քոյրերը՝ Աղաւնի Թէրզեանն ու Մարիամ Կոսդանեանը իրենց զաւակներով (Աղբիւր՝
Հասկաքաղ Բրօֆ. Տ.Կ. Լիւլէճեանի (Բագրատ). գրական վաստակը եւ 1915-ի բանտի յուշերը, Ֆրէզնօ, 1955)

Հայկական բազմաթիւ գիւղերու մէջ աղաներու եւ պէյերու իշխանութիւնը ամբողջական չէր, անոնք կը տիրէին հողերէն միայն մէկ մասին, յարաբերաբար թոյլ իշխանաւորներ էին, իսկ տնտեսական տագնապներու պատճառով իրենց ուժը աւելի եւս խոցելի դարձած էր։ Ասոնց դիմաց, 1908-էն ետք գիւղացի հայեր կը սկսին հաւաքական ճիգերով իրենց աղաներուն եւ պէյերուն դէմ պայքարիլ։ Օրինաւոր միջոցները ընդհանրապէս արդիւնք չէին տար, մանաւանդ եթէ տուեալ աղան կամ պէյը կը շարունակէր պահպանել իր ուժը, բարեկամական կամ նոյնիսկ ազգականական ամբողջ թիկունք մը ունէր տեղական իշխանութիւններուն եւ տեղական իրաւական մարմիններուն մէջ. այսպիսի իրավիճակ մը ապարդիւն կը դարձնէին հայ գիւղացիին առած անհատական կամ հաւաքական իրաւական քայլերը [34]։ Բայց Սահմանադրութիւնը առիթ տուած էր որ Խարբերդի հայերը ազատօրէն յարաբերէին Միացեալ Նահանգներ գաղթած իրենց եղբայրներուն եւ հարազատներուն հետ, անոնցմէ ստանային զանազան օժանդակութիւններ, որոնցմէ հիմնականն էր դրամը։ Ամերիկեան բազմաթիւ քաղաքներու մէջ հիմնուած էին խարբերդեան գիւղեր ներկայացնող հայրենակցական միութիւններ, որոնք 1908-էն ետք աւելի աշխուժ կերպով մասնակից կը դառնան իրենց հայրենի գիւղի բարգաւաճումին։ Դրամական օժանդակութիւնները գլխաւորաբար կը յատկացուէին գիւղի եկեղեցիին կամ դպրոցին, բայց նաեւ աղային կամ պէյին գրաւած հողին վերատիրանալու ընդհանուր ճիգերուն։ Օրինակները բազմաթիւ են. կը յիշուի որ 1908-էն ետք Բազմաշէնի գիւղացիները այս ձեւով տէր կը դառնան իրեց արտերուն։ Ծովքի (Կէօլճիւք) մէջ տեղւոյն աղաները նոյնպէս դրամի դիմաց հետզհետէ կը զիջին հայկական հողերը։ Այսօրինակ արմատական փոփոխութիւնները տեղի կ՚ունենան բազմաթիւ գիւղերու մէջ, որոնց շարքին Դատեմ եւ Բարջանճ (ներկայիս Աքչաքիրազ) [35]։

Բայց Խարբերդէն հիւսիս՝ Չարսանճագի մէջ, հողային հարցին լուծումը կը մնար առկախ։ Մօտ 25 հազար հայերու մարապայի կարգավիճակէն դուրս հանելու համայնքային ճիգերը կը բախէին պետական տեղական մարմիններուն կողմէ յարուցուած անշրջանցելի արգելքներու։

Յովհաննէս Պուճիգանեանի ընտանիքին վերապրող անդամները Ցեղասպանութենէն քանի մը տարի ետք, Լիբանանի մէջ։ Առաջին շարք, ձախէն աջ՝ Արմէն, Գարեգին, Մարիցա (Յովհաննէսի այրին), Յակոբ։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Աստղիկ, Մէյրի, Արաքսի, Անահիտ (Սիւզըն Սոպաժէի հաւաքածոյ, Ֆրէզնօ)

Փաստօրէն, նոր կարգերը անխախտ կը պահէին հինէն ի վեր գոյութիւն ունեցող ընկերա-տնտեսական կառուցուածքը, որ հայ, ինչպէս նաեւ քիւրտ եւ թուրք սովորական գիւղացիին դիտանկիւնէն՝ անարդարութեան եւ կեղեքումի հիմնական աղբիւր մըն էր։ Այն ինչ որ նորութիւն էր, 1908-էն ետք Չարսանճագի եւ Խարբերդի հայկական համայնքային մարմիններու ուղղակի յանձնառութիւնն էր գիւղացիներու այս դատին կարգաւորման ի խնդիր, անոնք յաճախակիօրէն կը դիմէին տեղական կամ կեդրոնական իշխանութիւններուն՝ հողային այս հարցին վերջնական լուծում մը գտնելու նպատակով։ Այն տպաւորութիւնը կը տիրէ որ իթթիհատական պատասխանատուները սահմանադրական կարգերու հաստատումին յաջորդող առաջին ամիսներուն յանձնառու էին հողային հարցին լուրջ լուծում մը գտնելու։ Բայց աւելի ուշ, իշխանութիւններուն համար առաջնահերթ էր քիւրտ աղաներուն եւ հզօր ցեղապետներուն հետ բարի յարաբերութիւններ մշակելը եւ զանոնք չթշնամացնելը, ի հեճուկս անոնց իսկ կողմէ հողազուրկ դարձած գիւղացիներուն [36]։ Յայտնապէս, իշխանութիւնները կրկնակի խաղ մը կը խաղային, մէկ կողմէ բանակցելով հայ քաղաքական ղեվակարներուն հետ, եւ միւս կողմէ սիրաշահելով քիւրտ աղաներն ու պէյերը [37]։ Չարսանճագի մէջ իշխանութիւններուն կրաւորական դիրքը պարզապէս առիթ կու տար որ տեղական աղաներն ու պէյերը բազմացնեն հարստահարութիւնները իրենց մարապա հայերուն դէմ։ Անոնց համար այլեւս անհանդուրժելի էր որ նախկին ծառան այսօր համարձակօրէն եւ բարձրաձայն կը խօսէր իրաւունքի մասին։ Այսպէս, յետ-սահմանադրական շրջանին, Չարսանճագի հայ գիւղացիներուն դէմ ծայր կ՚առնեն յարձակումներ, գողութիւններ, սպանութիւններ, որոնց նկատմամբ պետական մարմինները կանխարգելիչ քայլեր չեն առներ եւ սանձարձակութիւնները կը մնան անպատիժ։

Յովհաննէս Պուճիգանեանի հեղինակած երգը նուիրուած Եփրատ գոլէճի շրջանաւարտներուն (Աղբիւր՝ Յովհաննէս Պուճիգանեան, Ամբողջական գործեր, Պէյրութ, 1974)

Այստեղ միտք չունինք Չարսանճագի հողային հարցը քննարկման առանձին նիւթի վերածելու։ Այս էջը բացինք միայն այն պատճառով որ Խարբերդի հայերը շատ մօտէն կը հետեւէին իրենց հարեւան շրջանին մէջ կատարուող այս իրադարձութիւններուն, 1911-էն ի վեր այս խնդիրը հայկական մամուլին մէջ այժմէական լուր մըն էր, Չարսանճագի հայ գիւղացիներուն իրավիճակը կ՚ալեկոծէր նաեւ Խարբերդի հայութեան միտքերը, իսկ քաղաքական գետնի վրայ ալ, Խարբերդի համայնքային պատասխանատուներ կը փորձէին պաշտպան կանգնիլ հիւսիսի գիւղացիներուն դատին [38]։

Մինչեւ Առաջին Համաշխարհային պատերազմին սկիզբը, հայկական կողմը չի յաջողիր Չարսանճագի հողավէճի խնդրով յառաջխաղացք կատարել։ Հայ դերակատարներուն մօտ այն տպաւորութիւնը կը տիրէ, որ տեղացի աւատապետները ոչ միայն կը վայելեն տեղական վարչութեան, այլ նաեւ Պոլսոյ կեդրոնական իշխանութիւններուն եւ մանաւանդ տիրող կուսակցութեան՝ Իթթիհատի զօրակցութիւնը [39]։ Այս իմաստով, այդ ժամանակներու տարբեր աղբիւրներ կամ յուշագիրներ կը կրկնեն միջադէպ մը, որ յայտնապէս ցնցած է Խարբերդի հայկական քաղաքական շրջանակները։ Այսպէս, 1911-ին, Ապտուլ Ղանի պէյ, իթթիհատական տեղական պարագլուխ մը, իր կուսակցութեան տեղական մասնաճիւղին մէկ ժողովին կը յայտարարէ թէ Չարսանճագի հողային վէճը կրնայ լուծուիլ միայն կոտորածի ճամբով։ Իթթիհատական ղեվակարը թէեւ կոտորած բառը բառացի չի գործածեր, բայց փոխարէնը ան գլուխ կտրելու ձեռքի նոյնիմաստ շարժում մը կ՚ընէ։ Դէպքին լուրը յետագային կը տարածուի նոյն ժողովին այլ մասնակիցներու կողմէ [40]։

Խարբերդի Եփրատ գոլէճի ուսուցչական կազմը (Աղբիւր՝ Լեւոն Լիւլէճեանի արխիւներ. շնորհակալութիւններ՝ Սեւակ Եարալեանին, Լոս Անճելըս)

Հողավէճին անլոյծ մնալը պարզ էր որ լարուած իրավիճակը պիտի սրէր Օսմանեան կայսրութեան արեւելեան տարածքներուն մէջ, գլխաւորաբար այն վայրերուն մէջ ուր հայ գիւղացիներ ենթակայ էին քիւրտ աւատապետներու իշխանութեան։ Խարբերդի հիւսիսը՝ Տերսիմի շրջանին մէջ, քիւրտ ցեղախումբեր 1908-ին կը դիմեն ապստամբութեան, որմէ առաջին տուժողները կ՚ըլլան նոյն տարածքի հայ, թուրք եւ քիւրտ բնակիչներ [41]։ Խարբերդի գիւղերուն մէջ կը բազմանան նաեւ հայերու դէմ կատարուող գողութեան դէպքերը. քիւրտեր յաճախակիօրէն կը թալանեն հայկական տուներ, այգիներ, պարտէզներ [42]։ Այս ընդհանուր պատկերին վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ այն փաստը որ 1909-ի Ատանայի հակահայ կոտորածը հայերը զգաստութեան մղած էր եւ ամրապնդած էր այն միտքը որ նոր կարգերուն տակ կեանքի ապահովութիւնը երբեք ալ երաշխաւորուած չէր։ Այս պայմաններուն մէջ, հայկական կուսակցութիւնները՝ Դաշնկացութիւնն ու Հնչակեանները, կը նախաձեռնեն ամբողջ այս տարածքներու մէջ հայերու ընդհանուր զինումին։ Այնպէս ինչպէս հայաբնակ բազմաթիւ այլ քաղաքներու եւ գիւղերու, Խարբերդի մէջ եւս մեծ թափ կ՚առնէ զինումը։ Խորքին մէջ օրէնքի դէմ կատարուող արաքներ էին զէնքի ներմուծումը այս շրջանէն ներս։ Բայց անիկա յաճախ կը կատարուէր ակնյայտօրէն, տեղական իշխանութիւններուն գիտութեամբ։ Կը յիշուի օրինակ որ պատահած են օրեր երբ Խարբերդ քաղաքի շուկան զէնքի սնտուկներով լեցուած է։ Գիւղերու մէջ հայեր իրենց գնած զէնքերը կը կրէին համարձակօրէն, նոյնիսկ պետական հաստատութիւններէն ներս զէնքով ելումուտ կ՚ընէին, այգիներու մէջ քէֆերու ժամանակ կամ հարսանիքներու ընթացքին զինարձակումներ տեղի կ՚ունենային, դաշտերու մէջ կը կազմակերպուէին զինավարժութիւններ։ Զէնքերը կը բերուէին Պոլիսէն կամ փախստական ձեւով կը գնուէր Հիւսէնիկի օսմանեան զօրանոցէն։ Անոնք ընդհանրապէս յունական արտադրութեամբ «կրա» կամ գերմանական «մաուզեր» տիպի հրացաններ էին։ Խարբերդի հիւսիսը գտնուող Բերրի քաղաքին մէջ, տեղւոյն թուրք եւ հայ բնակչութիւնները կը զինուին միասնական ճիգերով դէմ դնելու համար քրտական հաւանական յարձակումի մը։ Նմանօրինակ դէպք մը արձանագրուած է նաեւ հայ եւ թուրք խառն բնակչութիւն ունեցող Թումա Մեզիրէ գիւղին մէջ (Չմշկածագի շրջան) [43]։

Վերջին փուլը

Կարելի չէ Խարբերդի անցուդարձերուն եւ առօրեային մասին գրել առանց անդրադառնալու հայկական տեղական կեանքի վերջակէտը հանդիսացող Ցեղասպանութեան։ Մեր նպատակը թէեւ այստեղ դէպքերու մանրամասն նկարագրութիւնը ընելը չէ, այլ պիտի փորձենք վեր առնել քանի մը կէտեր, որոնք ուղղակի կ՚առնչուին այս յօդուածին մէջ արծարծուած կարգ մը միտքերուն։

Առաջին հերթին անհրաժեշտ կը գտնենք հայերու զինումի խնդրին քննութեան շարունակութիւնը, նկատի ունենալով որ 1915 Մայիս-Յունիս ամիսներուն անիկա պիտի հանդիսանար գլխաւոր դրդապատճառներէն հայեր ձերբակալելու, սպաննելու, ինչպէս նաեւ հակահայ տրամադրութիւնները այս վայրերուն մէջ իրենց գագաթնակէտին հասցնելու՝ ի պատրաստութիւն վերջին աքթին՝ զանգուածային տեղահանութեան եւ ջարդին։ Այսպէս, ընդհանուր զօրակոչին յայտարարութենէն ետք, Խարբերդի դաշտին մէջ կը հաւաքուին բանակի բազմահազար զինուորներ, որոնք կը պատրաստուէին միանալ Օսմանեան 3-րդ բանակին՝ ռուս-թրքական ճակատին վրայ։ Հիւսէնիկի զօրանոցը անբաւարար էր այս բանակայիններուն համար, այնպէս որ անոնք կը սկսին տեղաւորուիլ վրաններու տակ՝ շրջակայ բլուրներուն վրայ կամ գիւղական տուներու մէջ։ Խարբերդ քաղաքին մէջ, «Եփրատ» գոլէճի մասնաշէնքեր կը գրաւուին պետութեան կողմէ եւ այնտեղ կը բնակեցուին 4 հազարի հասնող օսմանցի զինուորներ [44]։ Իսկ ռուս-թրքական ճակատին բռնկումէն ետք, այստեղ կը բերուին Օսմանեան բանակի վիրաւոր զինուորները։ Շատ կարճ ժամանակի մը ընաթցքին, զինուորական այս տեղաշարժերը եւ պատերազմական նպատակներով կատարուած առգրաւումները կը կերպարանափոխեն Խարբերդի առօրեայ կեանքը, այնպէս ինչպէս կայսրութեան տարածքին բազմաթիւ այլ վայրերու մէջ։ Բայց Սարըքամըշի ճակատամարտին Օսմանեան բանակին ջախջախիչ պարտութիւնը դուռը լայն կը բանայ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող հակահայ տրամադրութիւններու հրահրումին։ Պարտութեան գլխաւոր պատճառ կը սկսի նշուիլ «հայ զինուորին դաւաճանութիւնը»։ Տօնապետ Լիւլէճեան պատմական այս փուլին մասին իր յուշերուն մէջ կը գրէ.

«Խարբերդցի Թուրքին համար թշնամին հեռու էր եւ աննշմարելի, բայց թշնամի մը կար իրենց քովը (…)։ Հայն էր ան իր խաչով, իր զանգակատունով, իր դպրոցներով, իր տնտեսական բարգաւաճ զարգացումով։ Երբ թշնամին հողեր գրաւած էր իր երկրէն, Հայն ալ իրաւունքներ գրաւած էր իրենցմէ, ազատութիւն կորզած էր եւ ստրուկի վիճակէն քաղաքացիի դիրքին բարձրացած էր։ Պէտք էր տապալէր ան, պէտք էր իյնար ստրուկի վիճակին (…)։ Ճիհատը բորբոքեր էր Թուրքին ատելութիւնը Քրիստոնեայ Աշխարհին դէմ։ Խարբերդու Թուրքը այդ ատելութիւնը մարմնացուց Խարբերդու Հայուն վրայ, զայն յաղթելու նկրտեցաւ» [45]։

Խարբերդ, Եփրատ գոլէճի համալիրը (Աղբիւր՝ Հասկաքաղ Բրօֆ. Տ.Կ. Լիւլէճեանի (Բագրատ). գրական վաստակը եւ 1915-ի բանտի յուշերը, Ֆրէզնօ, 1955)

Պատերազմի յայտարարութենէն քանի մը շաբաթ ետք, Խարբերդ քաղաքէն կը մեկնին Վարի Թաղի քափուչին միսիոնարները։ Անմիջապէս տեղացի թուրքեր կը կտրեն ու կը բանան անոնց եկեղեցիին դուռը, վար կը նետեն զանգակը իր բարձրութենէն, որ կը ճաքի եւ տեղացի թուրքերու կողմէ ոտնակոխ կ՚ըլլայ։ Կը փորձեն վար առնել գմբէթի խաչը, իսկ քաղաքապետ՝ Ասաֆ պէյ, անձամբ դուրս կը հանէ եկեղեցւոյ փայտեայ խաչը, կը կոտրտէ ու ոտնակոխ կ՚ընէ։ Այսպիսի խորհրդանշական դէպքեր կը բազմանան, անոնք արդէն կը գուշակեն գոյութիւն ունեցող կարգերու մօտալուտ վախճանը։ Բայց տեղի հայերը կրաւորական դիրքի մէջ էին, դէպքերու լուր ականատեսներն էին։ Իսկ երբ Վանի մէջ կը ծագի հայկական ապստամբութիւնը, խստութիւնները կը սաստկանան, լուր կը տարածուի թէ Խարբերդի մէջ հայեր նոյնպէս կը պատրաստուին զինեալ ըմբոստութեան։ Այս հարցով Լիւլէճեան իր յուշերուն մէջ կը գրէ թէ Ապրիլ ամսուն Խարբերդ կը հասնին իթթիհատական քննիչներ, որոնք գաղտնի ժողով մը կը կազմակերպեն իթթիհատական [46] ակումբին մէջ, որուն ներկայ կ՚ըլլան թուրք պաշտօնեաներ, երեւելիներ, քիւրտ աղաներ, ցեղապետներ։ Այս ժողովին ընթացքին է որ հայ տարրը կը ներկայացուի իբրեւ դաւաճան, օսմանեան հայրենիքի թշնամի։ Այնուհետեւ ծայր կ՚առնէ արդէն ահաւոր գործընթացը, երբ տեղական իշխանութիւններու կողմէ կը ձեռնարկուին հայ երեւելիներու, մտաւորականներու, համայնքային գործիչներու զանգուածային ձերբակալութիւններ [47]։

Արդեօք հայերուն քով կա՞ր գիտակցութիւնը թէ այս մէկը վերջին փուլն էր, որմէ ետք ծայր պիտի առնէր ամբողջական բնաջնջումը։ Դժուար է մեր ունեցած տուեալներով գոյութենական այս տագնապը յստակ ձեւով ներկայացնել։ Իսկ եթէ այդպիսի գիտակցութիւն մը կար, այն ատեն պէ՞տք էր դիմել ապստամբութեան։ Յայտնի է որ հարցը քննուած է Խարբերդի հայ երեւելիներուն կողմէ, այս ընտրութեան դէմ գտնուողները մեծամասնութիւն եղած են. ասոնց համար անխոհեմութիւն էր այսպիսի քայլ մը առնելը, երբ 4 հազար զինուորներ վիթխարի ներկայութիւն մըն էին «Եփրատ» գոլէճի մասնաշէնքերուն մէջ։ Իսկ կրաւորական դիրք պահելով, կը մտածէին «մասը զոհել», բայց «ամբողջը փրկել», մանաւանդ կը հաւատային որ թրքական բանակին վերջին ճգնաժամն էր այս պահը եւ շուտով կայսրութիւնը պիտի խորտակուէր յաղթական դաշնակիցներուն կողմէ [48]։

Լեւոն Լիւլէճեան իր եղբօր՝ Տօնապետին, գերեզմանին մօտ, Կարին/Էրզրումի մէջ։ Տօնապետ կը մահանայ 1917-ին, սոյն լուսանկարն ալ նոյն տարին քաշուած պէտք է ըլլայ (Աղբիւր՝ Հասկաքաղ Բրօֆ. Տ.Կ. Լիւլէճեանի (Բագրատ). գրական վաստակը եւ 1915-ի բանտի յուշերը, Ֆրէզնօ, 1955)

Ասոր դիմաց հայերու զէնքերուն թաքստոցները գտնելը կը դառնայ տեղական իշխանութիւններուն առաջնահերթութիւններէն մէկը։ Քաղաք կը հասնին իթթիհատական քննիչներ, ձերբակալուած հայերէն կը պահանջուի զէնքերը յանձնել։ Այնպէս ինչպէս արդէն տեսանք, նախորդող տարիներուն ծայր առած հայերու զինումը գաղտնիք մը չէր երբեք։ Տեղական իթթիհատական պատասխանատուներ զանազան պարագաներու լաւապէս տեղեակ էին թէ որ դաշնակցական տեղական ղեկավարը զէնքի գործով կը զբաղի։ Զինումը ծայր առած էր երբ Իթթիհատն ու Դաշնակցութիւնը դաշնակիցներ էին եւ խորքին մէջ անիկա կատարուած էր կայսրութեան «յետադէմ» շրջանակներուն դէմ պաշտպանուելու նպատակով։ Այլ խօսքով, եւ այս մէկը կրնայ հեգնական թուիլ, հայերու զէնքերը սահմանուած էին ըլլալ սահմանադրական կարգերը, ուստի՝ պետութիւնը պահպանող միջոցներ։

Բայց պայմանները փոխուած էին։ Մէկը միւսին ետեւէն զէնքերը կը գտնուին։ Այնպէս ինչպէս նոյն ժամանակ կը պատահէր հայաբնակ այլ քաղաքներու մէջ, գտնուած զէնքերը կը բերուին ու կը դրուին այս պարագային Խարբերդ քաղաքի կառավարատան փակին մէջ։ «Հայկական սպառնալիքը» աւելի ազդեցիկ դարձնելու մտադրութեամբ, հաւաքուած զէնքերուն վրայ կ՚աւելցնեն օսմանեան բանակէն բերուած հրացաններ եւ ռումբեր։ Այս բոլորը ցուցադրութեան կը դրուին Խարբերդի, ապա Մեմուրէթուլազիզի թուրքերուն առջեւ։ Աւելին, ոստիկաններու առաջնորդութեամբ կը բերուին քաղաքի հայ լուսանկարիչներէն Միհրան Թիւթիւնճեանը, ապա Ասքանազ Սուրսուրեանը, որոնք կը լուսանկարեն զէնքերու այս կոյտը, «դաւաճանութեան» լաւագոյն ապացոյցները [49]։

1) Տօնապետ Լիւլէճեան 1917-ին Կարին/Էրզրումի մէջ իր մահուան սնարին։
2) Տօնապետ Լիւլէճեան 1915-ին, բանտային իր չարչարանքներէն ետք Մեզիրէի Կարմիր մահիկի հիւանդանոցին մէջ ապաքինման շրջանին։
3) Տօնապետ Լիւլէճեան լուսանկարուած Տերսիմի մէջ, 1916-ին։
(Աղբիւր՝
Հասկաքաղ Բրօֆ. Տ.Կ. Լիւլէճեանի (Բագրատ). գրական վաստակը եւ 1915-ի բանտի յուշերը, Ֆրէզնօ, 1955)

Այս ատեններն է, որ կը ձերբակալուին այս յօդուածին մէջ յաճախ յիշատակուած երկու անձնաւորութիւններ՝ Յովհաննէս Պուճիգանեան եւ Տօնապետ Լիւլէճեան. առաջինը Մայիս 1-ին, իսկ երկրորդը Յունիսի սկիզբը։ Խարբերդ քաղաքի կառավարատան մէջ, բազմաթիւ հայերու նման անոնք կ՚ենթարկուին բանտային սարսափելի տանջանքներու։ Ապա, երկու ընկերները զիրար կը գտնեն բանտի խուցին մէջ։ Պուճիգանեան դողդոջուն ձայնով հարց կու տայ ընկերոջ. «Դուն ալ անշուշտ Տառերու Թափօրին առաջնորդութեան համար ծեծուեցար»։ Լիւլէճեանի պատասխանը հաստատական է։ Կը պարզուի որ որ տեղաբնիկ թուրքեր, մասնաւորաբար իթթիհատական շրջանակի անդամներ, երեք տարիներու ոխ մը պահած էին հայոց գիրերու տօնին հանդիսութեան եւ զայն կազմակերպողներուն նկատմամբ։ Այս կուտակուած ատելութիւնը, նախանձն ու թշնամութիւնն է որ պիտի պայթէր 1915 թուականին։ Լիւլէճեանէն կը նշենք իր բանտային տանջանքին մէկ պահը, որ կրնայ գաղափար մը տալ տեղացի իթթիհատական դահիճներու մտայնութեան մասին։ Այսպէս, տանջահար եւ արիւնլուայ պահ մը ցուցադրութեան կը դրուի կառավարատան մէջ տեղացի թուրքերուն առջեւ։ Անոր կը մօտենայ քաղաքապետարանի պաշ քէաթիպը (գլխաւոր քարտուղար)՝ Ֆեհմի պէյը, ու կ՚ըսէ. «Վարժապետ, ի՞նչպէս ես, ը՜մ, շատ աղէկ ես, շատ աղէկ, ԱԲԳ-ի հանդէսն է, հա՜, կը յիշե՞ս»։ Քիչ ետքը չարչարանքը կը շարունակուի, ոստիկանները կը քաշեն անոր մազերէն, կը փետտեն պեխերը, իսկ նոյն պաշ քէաթիպը եւ դահիճներէն՝ Այնթէպլիօղլուն, իրեն կ՚ըսեն. «ԱԲԳ-ի հանդէսն է, վարժապե՛տ, քէյֆ ըրէ» [50]։

Յուսալքուած, ընկճուած, յաւելեալ տանջանքներ կրելու այլեւս անկարող, Պուճիգանեան եւ Լիւլէճեան իրենց խուցին մէջ անձնասպանութիւն կը փորձեն։ Բայց ֆիզիքապէս անկարող էին նոյնիսկ այդ ճիգը ընելու, զիրար կ՚օգնեն, բայց դարձեալ չեն յաջողիր [51]։ Յետագային, Պուճիգանեան պիտի փոխադրուէր Մեմուրէթուլազիզի մէջ բանտի վերածուած քըրմըզը քոնաքը (կարմիր ապարանքը) եւ անկէ ետք ալ պիտի սպաննուէր աքսորի ճամբուն վրայ։ Լիւլէճեան, տեսանք արդէն, պիտի յաջողէր անցնիլ Տերսիմ, ուր գրի պիտի առնէր իր վկայութիւնները։ Այստեղ կը մէջբերենք Լիւլէճեանի այն տողերը, զորս գրած է իր բանտային տանջանքը ներկայացնող բաժինին մէջ եւ կը կարծենք, որ յստակօրէն կ՚արտայայտեն մինչեւ վերջ կայսրութիւնը բաղկացնող կրօնքներուն եւ ժողովուրդներուն համերաշխութեան հաւատացած, կրթութեան ու դաստիրակութեան բարեփոխիչ ուժը դաւանած, խաղաղասէր եւ բանական մարդու մը անկարողութիւնը բառերով բացատրելու Խարբերդի իր աշխարհին – որուն կերտիչներէն էր նաեւ ինք – վերջնական անկումը եւ ոչնչացումը.

«Մենք զարգացանք՝ տառապելու համար ու որքան բարձրագոյն դաստիարակութեան, ազնուութեան նկրտեցանք՝ այնքան ծանր եղան մեր տանջանքները։ Թուրքը իր անարգանքը սաստկացուց մեր վրայ եւ ատելութիւնը կեդրոնացուց մեզի դէմ» [52]։

  • [1] Նամակ Յ. Յարութիւնեանէն Արամ Անտոնեանին, 17 Դեկտ. 1908, Խարբերդ, in Թլկատինցի, Երկեր, տպ. Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Անթիլիաս, 1992, էջ 293; Գ. Հ., Ազնաւուրեան, Արեւմտահայ գրողների նամականի, գիրք VI, Պրակ I, Երեւանի համալսարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 1972, էջ 28։
  • [2] Յովհաննէս Պուճիգանեան, «Տիպար քաղաքացին», in Յովհաննէս Պուճիգանեան, Ամբողջական գործեր, տպ. Տօնիկեան, Պէյրութ, 1974, էջ 355։
  • [3] Յակոբ Ղարիպ Շահպազեան, Թանգարան գիւղը մեր եւ սիրոյ արիւնոտ ածուներ [Դատեմի մասին], Ֆրանսա, 1967, էջ 126։
  • [4] Այսպէս է պարագան Հապուսի (ներկայիս Իքիզտեմիր), Բազմաշէն (ներկայիս Սարըչուպուք), Քէօրփէ, Հողէ (ներկայիս Եուրթպաշը), Չոր գեղ (ներկայիս Հարմանթեփէ), Մօրենիկ (ներկայիս Չաթալչեշմէ) եւ Գոմք (ներկայիս Ենիքափը) գիւղերուն։
  • [5] www.houshamadyan.org/en/mapottomanempire/vilayetofmamuratulazizharput/harput-kaza/education-and-sport/schools-part-ii.html
  • [6] Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, 1959, Նիւ Եորք, էջ 346-347, 358-360, 365; Յաբէթ Փիլիպպոսեան (խմբագիր), Յիշատակարան Եփրատ գոլէճի, 1878-1915, Պոստոն, 1942,  էջ 124։
  • [7] Ծնած 1864-ին Խարբերդի մէջ։ Կը սպաննուի 1915-ին։ Փիլիպպոսեան, Յիշատակարան Եփրատ գոլէճի, էջ 132, 147-149; Նազարէթ Փիրանեան, Խարբերդի եղեռնը, տպ. Պայքար, Պոսթոն, 1937, էջ 46-48։ Լեւոն Լիւլէճեան իր յուշերուն մէջ կը պատմէ որ 1911 թուականին օսմանեան կրթական քննիչ մը ներկայ կ՚ըլլայ «Եփրատ» գոլէճի տարեվերջի քննութիւններուն, իր հիացումը կը յայտնէ աշակերտներուն թրքերէն լեզուի եւ քերականական օրէնքներու բարձր իմացութեան նկատմամբ եւ այս առիթով ալ յատուկ շնորհակալութիւններ կը յայտնէ Նիկողոս Թէնէքէճեանին, որ միաժամանակ թրքերէն լեզուի ուսուցիչ էր (Levon G. Lulejian, Days of Terror in Kharpert (1914-1915) [անտիպ յուշեր], թարգմանուած Սեւակ Եարալեանի կողմէ)։
  • [8] «Եփրատի սաներուն» (Ապրիլ, 1910), in Հասկաքաղ Բրօֆ. Տ.Կ. Լիւլէճեանի (Բագրատ). գրական վաստակը եւ 1915-ի բանտի յուշերը, տպ. Crown Printing, Ֆրէզնօ, 1955, էջ 115։
  • [9] Նոյն, էջ 117։
  • [10] Կ. Յ. Ահարոնեան (խմբագիր), Հիւսէյնիկ, տպ. «Հայրենիք», Պոսթըն, 1965, էջ 74; Յուշարձան ուսուցչապետ Բենիամին Ժամկոչեանի, Երեւան, 2010, էջ 151, 162; Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, էջ 688; Հապուսի գիւղին պատմութիւնը, տպ. «Պայքար», Պոստոն, 1963, էջ 26։ «Վարդանանք» թատերախաղին հեղինակն է Սմբատ Բիւրատ (ծն. 1862, Զէյթուն, կը սպաննուի 1915-ին)։
  • [11] Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, էջ 624; Մանուկ Գ. Ճիզմէճեան, Խարբերդ եւ իր զաւակները, Ֆրէզնոյ, 1955 էջ 391; Ապտալ Գոլէճ Պօղոսեան, Բազմաշէնի ընդարձակ պատմութիւն, տպ. «Պայքար», Պոստոն, 1930, էջ 189; Արսէն Կիտուր (խմբագիր), Պատմութիւն Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան, 1887-1963, Բ. հտր., տպ. Շիրակ, Պէյրութ, 1963, էջ 383։ 1911 թուականին կարճ ժամանակով Խարբերդ քաղաքը կը հաստատուի Հնչակեան յայտնի գործիչ Փարամազը (Մատթէոս Սարգիսեան, 1863-1915)։ Դաշնակցական գործիչներէն կը յիշուին Վարդան Շահպազը (1864-1959), Խաչատուր Պոնափարթեանը, Բարսեղ Շահպազը (1883-1915), Սեբաստացի Մուրատը (1874-1918)։
  • [12] «Կարծիքի ազատութիւն» (10 Մայիս 1912) in Պուճիգանեան, Ամբողջական գործեր, էջ 219։
  • [13] «Բանտի յուշեր, 1915», in Հասկաքաղ Բրօֆ. Տ.Կ. Լիւլէճեանի, էջ 361։
  • [14] «Ամերիկահայ ուսանողի պարտականութիւնը» (1910) in Հասկաքաղ Բրօֆ. Տ.Կ. Լիւլէճեանի, էջ 122։
  • [15] Նոյն։
  • [16] Յաջորդաբար հայկական այբուբենին արարիչն ու այդ ժամանակներու (5-րդ դար) հայոց կաթողիկոսը։
  • [17] Ճիզմէճեան, Խարբերդ եւ իր զաւակները, էջ 413-415; «Բանտի յուշեր», in Հասկաքաղ Բրօֆ. Տ.Կ. Լիւլէճեանի, էջ 362-363։
  • [18] «Մեծ Յոբելեանին սիրտը», in Պուճիգանեան, Ամբողջական գործեր, էջ 182։
  • [19] «Մամուլին ոյժը», in Հասկաքաղ Բրօֆ. Տ.Կ. Լիւլէճեանի, էջ 52։
  • [20] «Սահմանադրութիւն եւ շատախօսութիւն» (15 Մարտ 1912, Խարբերդ), in Պուճիգանեան, Ամբողջական գործեր, էջ 207։
  • [21] «Հանրային գումարումներ» (1 Դեկտ. 1909), in Պուճիգանեան, Ամբողջական գործեր, էջ 212։
  • [22] «Տիպար քաղաքացին» in Պուճիգանեան, Ամբողջական գործեր, էջ 361։
  • [23] Տ. Կ. Լիւլէճեան, Ուսանողին գաղափարականը (Բանախօսութիւն մը, 1912-ին), տպ. Եփրատ, Խարբերդ, 1913, էջ 6 (գրքոյկը կցուած է այլ գործի մը՝ Հենրի Ո. Լօնկֆէլլօ, Իվանճելին. Աքատեան սիրավէպ մը, թարգմանեց Տ.Կ. Լիւլէճեան, տպ. Եփրատ, Խարբերդ, 1913)։
  • [24] «Կարծիքի ազատութիւն» (10 Մայիս 1912) in Պուճիգանեան, Ամբողջական գործեր, էջ 218։
  • [25] Նոյն, էջ 218-219։
  • [26] «Արեւելք ու Արեւմուտք» in Պուճիգանեան, Ամբողջական գործեր, էջ 230։
  • [27] Նոյն։
  • [28] Նոյն, էջ 231։
  • [29] «Բանտի յուշեր, 1915», in Հասկաքաղ Բրօֆ. Տ.Կ. Լիւլէճեանի, էջ 374։
  • [30] Hamit Bozarslan, Histoire de la Turquie: De l’empire à nos jours, Tallandier, Paris, 2013, էջ 273-278; Raymond Kévorkian, Le Génocide des Arméniens, Odile Jacob, Paris, 2006, էջ 241-259.
  • [31] Bozarslan, Histoire de la Turquie, էջ 276։
  • [32] «Հ. Յ. Դաշնակցութեան վեցերորդ Ընդհանուր Ժողովին որոշումները», փաստաթուղթ 1542-37 in Երուանդ Փամպուքեան (խմբագիր), Նիւթեր Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութեան համար, Ը. հատոր, տպ. «Համազգային», Պէյրութ, 2011, էջ 126։
  • [33] Janet Klein, The Margins of Empire: Kurdish Militias in the Ottoman Tribal Zone, Stanford University Press, Stanford, CA, 2011, էջ 151.
  • [34] Dikran Mesrob Kaligian, Armenian Organization and Ideology under Ottoman Rule, 1908-1914, Transaction Publishers, New Jersey, 2011, էջ 109։
  • [35] Արսէն Կիտուր, Պատմութիւն Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան, էջ 393; Պօղոսեան, Բազմաշէնի ընդարձակ պատմութիւն, էջ 173; Կիւրեղ Խրայեան, Ծովք-Կէօլճիւկ, Մարսէյլ, տպ. Արարա, 1927, էջ 117; Գուրգէն Մխիթարեան, Մեր գիւղը Դատեմ (հին եւ նոր ժամանակներուն), տպ. «Հայրենիք», Պոստոն, 1958, էջ 65; Մանուկ Պ. Ծերօն, Բարջանճ գիւղ. համայնապատում (1600-1937), Պոստոն, 1938, էջ 188։
  • [36] Այս մասին տեսնել՝ Klein, The Margins of Empire, էջ 152-169։
  • [37] Hans-Lukas Kieser, “Réformes ottomanes et cohabitation entre chrétiens et kurdes (1839-1915)”, in Etudes rurales, juillet-décembre 2010, 186, էջ 54; Kaligian, Armenian Organization and Ideology, էջ 60։
  • [38] Տեսնել այս մասին՝ Գէորգ Ս. Երեւանեան, Պատմութիւն Չարսանճագի հայոց, տպ. Կ. Տօնիկեան, Պէյրութ, 1956, էջ 416-440։
  • [39] «Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենագրութիւններ, 21 Յուլիս 1911, Պոլիս» in Երեւանեան, Պատմութիւն Չարսանճագի հայոց, էջ 424; «Յիշատակագիր Հ. Յ. Դաշնակցութեան եւ “Իթթիհատ վէ Թերագգը“ կուսակցութիւններու փոխադարձ յարաբերութիւններու մասին» (պատրաստուած Զ. Ընդհանուր Ժողովի որոշումով), փաստաթուղթ 78ա-2 in Փամպուքեան (խմբագիր), Նիւթեր Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութեան համար, էջ 152; Հայկազն Գ. Ղազարեան, Պատմագիրք Չմշկածագի, տպ. «Համազգային», Պէյրութ, 1971, էջ 232-245; Kaligian, Armenian Organization and Ideology, էջ 64։
  • [40] «Յիշատակագիր Հ. Յ. Դաշնակցութեան (…)» in Փամպուքեան (խմբագիր), Նիւթեր Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութեան համար, էջ 155; «Տեղեկագիր Լեռնասարի Կ. Կոմիտէին» (Ղրկուած Հ.Յ.Դ. 6-րդ Ընդհանուր պատգամաւորական ժողովին), փաստաթուղթ 1534-11 in Փամպուքեան (խմբագիր), Նիւթեր Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութեան համար, էջ 331։
  • [41] Քրտական ցեղախումբերու այս ապստամբութիւնը ծայր կ՚առնէ Ապրիլ 1908-ին, այսինքն Երիտթուրք յեղափոխութենէն առաջ, հիմնական դրդապատճառ ունենալով պետական տուրքերն ու զինուորագրութիւնը։ Ապստամբները կը յարձակին մերձակայ հայկական, թրքական եւ քրտական գիւղերու վրայ։ Լարուած իրավիճակը առկայ կը մնայ եւ յարձակումները կը շարունակուին նաեւ Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք։ Այս կացութեան դէմ դնելու նպատակով է որ տեղաբնիկ գիւղացիներ ինքնապաշտպանութեան միջոցներ ձեռք կ՚առնեն (այս տեղեկութիւններուն համար շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Cihangir Gündoğdu-ին)։
  • [42] Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, էջ 628։
  • [43] Ճիզմէճեան, Խարբերդ եւ իր զաւակները, էջ 393; Պօղոսեան, Բազմաշէնի ընդարձակ պատմութիւն, էջ 190-192; Երեւանեան, Պատմութիւն Չարսանճագի հայոց, էջ 393-394; Մխիթարեան, Մեր գիւղը Դատեմ, էջ 71; «Տեղեկագիր Լեռնասարի Կ. Կոմիտէին», էջ 329; Շահպազեան, Թանգարան գիւղը, էջ 140-141; Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, էջ 628; Յ. Աճէմեան (խմբագիր), Ուրոյն տեղագրութիւն Չմշկածագ գաւառի – Թումայ Մեզիրէ, 5-րդ հայաբնակ գիւղ [անտիպ], Պոսթոն, 1951, էջ 7։
  • [44] «Բանտի յուշեր, 1915», in Հասկաքաղ Բրօֆ. Տ.Կ. Լիւլէճեանի, էջ 446։
  • [45] Նոյն, էջ 403։
  • [46] Յայտնի չէ թէ այս ժողովը գումարուած է Մամուրէթուլազի՞զ թէ Խարբերդ քաղաքին մէջ։
  • [47] «Բանտի յուշեր, 1915», in Հասկաքաղ Բրօֆ. Տ.Կ. Լիւլէճեանի, էջ 405; 428-434
  • [48] Նոյն, էջ 450; Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, էջ 1417-1418։
  • [49] Lulejian, Days of Terror in Kharpert (1914-1915), էջ 118-120։
  • [50] «Բանտի յուշեր, 1915», in Հասկաքաղ Բրօֆ. Տ.Կ. Լիւլէճեանի, էջ 486, 488։
  • [51] Նոյն, էջ 492, 504, 513։
  • [52] Նոյն, էջ 477։