Մեզրէ/Մեզիրէ/Մամուրէթուլ Ազիզ, համայնապատկեր։ Շնորհակալութիւն Միսաք Քէլէշեանի

Խարբերդ - Միսիոնարներ

Դանիացի միսիոնարները Խարբերդի նահանգին մէջ – համառօտ ներածութիւն

Մաթիաս Պիոռնլունտ, 2015 Հոկտեմբեր - թարգմանութիւն՝ Շաղիկ Շահինեան Արծրունի

1900 թուականին Քոփենհակընի մէջ կը հիմնուէր «Միսիոնարուհի գործիչներ» («Kvindelige Missions Arbejdere», այսուհետ՝ «KMA») դանիական աւետարանչական կազմակերպութիւնը՝ «Կին գործիչներ ի նպաստ կիներու» նշանաբանով։ Կազմակերպութիւնը ներշնչուած էր գլխաւորաբար շուէտական «KMA»-ի հիմնումէն, դանիական արդիական վերազարթնումի շարժումներէն (օրինակ՝ «Indre Mission»-ը) եւ այսպէս կոչուած «Բողոքական միջազգայնական»-էն (Յիսուս Քրիստոսի երկրորդ գալստեան հաւատացող Հազարամեան ուսմունքի ջատագով շարժում մը, որ կը ձգտէր աշխարհը լուսաւորել Աւետարանով)։ «KMA»-ի անդամներուն համար գործելու մեծ խթան հանդիսացած էին նաև Ապտուլ Համիտ Բ-ի 1890-ական թուականներուն Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին կազմակերպած համիտեան կոտորածներուն մասին լուրերը, որոնք Դանիայի հասարակութեան նշանակալից հատուածներուն վրայ խորունկ ազդեցութիւն գործած էին. իրականութեան մէջ այս ջարդերն էին դանիական «KMA»-ն (որ Աստուածաշունչը ուսումնասիրող խումբ մըն էր) մի քանի տարուան մէջ համաշխարհային պարագիծով գործունէութիւն ծաւալելու յաւակնող արդիւնաւէտ հասարակական կազմակերպութեան մը վերածող գլխաւոր մղիչ ուժը։ Արդ, թէեւ ճիշդ է որ դանիական «KMA»-ն [հետագային] միսիոնարներ պիտի ղրկէր նաեւ, օրինակ, Հնդկաստան, հիւսիսային Ափրիկէ, Դանիական Անտիլներ (1917-էն ետք՝ Վիրճինեան կղզիներ) եւ Չինաստան, [այնուամենայնիւ] իրենց միսիոնարական գործունէութեան ծաւալման առաջին դաշտը Հայաստանը եղած էր եւ պիտի յամենար իբրեւ կարեւորագոյն կիզակէտը կազմակերպութեան մինչեւ վերջինիս լուծարումը (1981-ին)։

Սկիզբը դանիական « KMA»-ն իր գործունէութիւնը կեդրոնացուց կոտորածներու նախօրէին Օսմանեան Կայսրութեան հայ քաղաքացիներու ապրած դժնդակ կացութեան մասին իրազեկման վրայ՝ միաժամանակ հովանաւորելով ամերիկեան եւ գերմանական խնամատար կեդրոններու մէջ պատսպարուած հայ որբուկներու խնամքը Պիթլիսի, Վանի, Մշոյ, Խարբերդի (Հարբութ) եւ Պոլսոյ մէջ։ 1902-ի նոյեմբերին «KMA»-ն կը հիմնադրէր Էմաուս որբանոցը Մեզրէի մէջ (Էլազիկ, Խարբերդի (Մամուրէթուլ Ազիզի) նահանգ), ուր արդէն իրենց գերմանացի եւ ամերիկացի պաշտօնակիցներուն հետ եւ անոնց ճամբով անհրաժեշտ լաւ յարաբերութիւնները հաստատած էր, եւ ուր ապահովութիւնը եւ ենթակառոյցները կը սեպուէին համեմատաբար բաւարար։ Էմաուս որբանոցը գլխաւորաբար դանիական ղեկավարութիւն ունեցող կառոյց էր. սակայն, առնուազն սկզբնական շրջանին, յաճախ անոր մասին կը խօսուէր իբրեւ «սքանտինաւեան որբանոց»-ի, որովհետեւ շուէտական, նորուէկիական եւ ֆիննական «KMA»-ներէն նիւթական օժանդակութիւն կը ստանար եւ որովհետեւ առաջին առանցքային աշխատակիցներէն մէկը շուէտ միսիոնար Ալմա Եոհանսոնը եղած էր։

Խարբերդի նահանգին մէջ գործած դանիացի առաջին «KMA» միսոնարուհին Քրիսթա Համերն էր, որ արհեստավարժ հիւանդապահուհի մըն էր։ Ան 1901-ի ամառը եկած էր սկիզբը գերմանական «Deutsche Hülfsbund» (Տէօչէ հիւլֆսպունտ, DH) միսիոնարական կազմակերպութեան օգնելու եւ անհրաժեշտ լեզուները սորվելու համար։ Բայց իր հիմնական առաջադրանքը Ալմա Եոհանսոնի եւ դանիացի միսիոնար Քրիսթիան Պլէքի հետ Էմաուս որբանոցը հիմնադրելն էր (սկզբնական շրջանին ան 15 հայ որբացած մանուկ կը պատսպարէր)։ Այս առաջադրանքը երբեմն-երբեմն խնդրայարոյց ու դժուարին էր։ 1902-ի նոյեմբերին, օրինակ, Էմաուսի պաշտօնական բացումէն մի քանի օր ետք, Քրիսթա Համերը տեղւոյն թուրքերէն մահուան սպառնալիքներ ստացած էր։ Նոյն օրերուն վալին՝ նահանգի ընդհանուր կառավարիչը, յանկարծ կը յայտարարէր, թէ կ’ուզէր հայ մանուկները հանել այս որբանոցէն, քանի որ այս պզտիկները օսմանեան սեփականութիւն կը սեպուէին։

Բուռն բանակցութիւններէ եւ բանագնացութիւններէ ետք, ինչպէս նաեւ որոշ չափով տեղւոյն գերման միսիոնարներուն եւ դիւանագէտներուն օգնութեամբ, կարելի պիտի ըլլար խուսափիլ առաջին խոշոր տագնապէն, բայց շատ շուտով կացութիւնը պիտի վատթարանար։ Համերը երկու տարի ետք բծաւոր տիֆէ պիտի մահանար (եւ կը հանգչի հողին յանձնուած այսօրուան Էլազիկին մէջ կամ մօտ տեղ մը) իսկ Եոհանսոնն ու Պլէքը երկուքն ալ ծանրօրէն պիտի հիւանդանային եւ հայրենի տուն վերադառնային. բայց դանիական «KMA»-ն եւ կազմակերպութեան հայկական վարչութիւնը պիտի չյուսահատէին։ Անոնք հետեւողականօրէն պիտի ղրկէին նահանգին մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս տեղւոյն վրայ գործնական աշխատանք կատարողներ, որոնք բոլորն ալ 1902-ին հիմնուած «KMA»-ի Քոփենհակընի միսիոնարական վարժարանէն շրջանաւարտ եղած էին։

Յաջորդաբար ժամանող միսիոնարներու շարքին էին Վիլհելմինէ Կռիւնհակէնը եւ իր դուստրը՝ Զիկրիտը։ Անոնք պիտի աշխատէին Էմաուսի որբանոցին մէջ, մինչեւ Զիկրիտի գերմանացի պաշտօնակիցի մը հետ ամուսնանալը 1910-ին եւ Մարաշ հաստատուիլը, մինչ Վիլհելմինէնը գրեթէ նոյն ժամանակահատուածին պիտի վերադառնար Դանիա։ Երբ արդէն գրեթէ 60 տարեկան էր, Վիլհելմինէն պիտի վերստին երթար Օսմանեան Կայսրութիւն, որպէսզի շարունակէր իր աշխատանքը վերապրող հայերուն հետ Ցեղասպանութենէն եւ զինադադարէն ետք, սկզբնական շրջանին Կոստանդնուպոլսոյ Սկիւտար թաղամասին մէջ գտնուող որբանոցի մը մէջ, ապա Յունաստանի մէջ։ Ցեղասպանութենէն առաջ Մամուրէթուլ Ազիզի մէջ գործած են նաեւ դանիական «KMA»-ի գործնական աշխատողներէն Հանսին Մարքերը, որ Մեզրէի «DH» աղջկանց վարժարանի ղեկավարն էր, Ճէնի Ճէնսէնը, որ «KMA»-ի նորուէկիացի միսիոնար Պոտիլ Պիոռնի հետ 1905-ին Խարբերդի նահանգ ժամանած էր եւ Էմաուսին ճիշդ քովը գտնուող «DH»-ի Էլիմ որբանոցի ղեկավարն էր, Մարիա Եաքոպսէնը, որ 1907-էն սկսեալ Մեզրէի եւ Խարբերդի մէջ գործած է գլխաւորաբար իբրեւ Ամերիկեան խորհուրդի (ABCFM) գլխաւոր հիւանդապահ, Քարէն Մարի Փեթերսէնը, որ ժամանած էր 1909-ին և ի վերջոյ Էմաուսի ղեկավարի պաշտօնին պիտի փոխարինէր Վիլհելմինէ Կրիւնհակէնը եւ Ենսինէ Էօրց Փեթերսը, որ Մալաթիայի մէջ աշխատակցած էր գերմանական «Քրիշթոֆէլ Պլէտէնմիսիօն» միսիոնարական կազմակերպութեան հետ, նախքան Մեզրէի մէջ կարճատեւ պաշտօն մը վարելը։

Դանիացի այս միսիոնարներէն ոմանք՝ Մարիա Եաքոպսէնը, Քարէն Մարի Փեթերսէնը, Հանսինէ Մարքէրը եւ Ճենի Ճենսէնը, ականատես պիտի ըլլային 1915-ին սկիզբ առած Հայոց ցեղասպանութեան եւ բառի բուն իմաստով հազարաւոր կեանքեր փրկէին (գլխաւորաբար Փեթերսէնը Էմաուսի մէջ եւ Եաքոպսէնը՝ Ամերիկեան խորհուրդի շէնքէն ներս աշխատելով)։ Այս միսիոնարներուն մեծ մասը յետագային պիտի շարունակէր Սուրիոյ, Լիբանանի և Յունաստանի մէջ գործունէութիւն ծաւալել ի նպաստ Ցեղասպանութենէն վերապրողներու՝ «KMA»-էն թէ այլ կազմակերպութիւններէ ներս, օրինակ «Հայերու դանիացի բարեկամներ»-էն («Danske Armeniervenner», դանիացի նպաստամատոյց գործիչ եւ ուսուցչուհի Քարէն Եփփէի կազմակերպութիւնը) եւ «Արդիւնաբերական առաքելութիւն»-էն (Industrimissionen, IM)։

«KMA»-ի առաքելութեան դպրոցներէն մին (Mynstersvej 3, Ֆրետերիքսպերկ, Քոփենհակէն), 1903/4-ի շուրջ։ 1902-էն 1914 Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործած գրեթէ բոլոր սքանտինաւեան երկիրներէ եկած միսիոնարները հոս ստացած էին իրենց կազմաւորումը։ Առաքելութեան ուսումնական կեդրոնը կը համագործակցէր հիւանդանոցներու, դպրոցներու եւ այլն հետ՝ Քոփէնհակէնի մէջ թէ այլուր, որպէսզի ուսանողները որպէս հիւանդապահ եւ որպէս ուսուցիչ լրացուցիչ կազմաւորումի ենթարկուէին։ Ուսանողներէն ոմանք, ինչպէս օրինակ Մարիա Եաքոպսէնը, նաեւ յատուկ մասնագիտական վերապատրաստում անցած էին նախքան գործնական աշխատանքի դաշտ ղրկուիլը։

«Հարփութի «միսս» Եաքոպսէնը եւ իր հիւանդապահները (մեծամասնութեամբ որբուհիներ)» (Աղբիւր՝ Rigsarkivet/Դանիայի ազգային արխիւ, Քոփէնհակէն)

1) Խարբերդ, 1908/9-ի շուրջ. պզտիկները խարբերդաբնակ որբուկներ են, զորս Մարիա Եաքոպսէնը Սուրբ Ծննդեան ընթրիքի հրաւիրած էր։ Խորքին կ՚երեւին Եփրատ գոլէճի շէնքերը (Աղբիւր՝ Rigsarkivet/ Դանիայի ազգային արխիւ, Քոփէնհակէն)

2) «KMA» արխիւ. Մարիա Եաքոպսէնը նկարի դարձերեսին գրած է. «3 քիւրտ եկան հիւանդանոց այցելելու իրենց ընկերոջը, որ վիրահատուած էր։ Բացարձակապէս չկրցան հասկնալ, որ իրենց ընկերը ցաւ բնաւ չէր զգար, եւ զարմացած էին, թէ մեր հիւանդանոցը որքան մաքուր է»։ Կարծես խորքին պատկերուածը Խարբերդն է, հետեւաբար նկարուած է 1907-էն ետք (երբ Եաքոպսէնը ժամանած էր) բայց նախքան 1910-ը, երբ Աննի Թրէիսի Ռիկս հիւանդանոցի կառուցումը աւարտին հասած էր (Աղբիւր՝ Rigsarkivet/Դանիայի ազգային արխիւ, Քոփէնհակէն)

1) «Աւանդական տարազ հագած երիտասարդ հայուհիներ», «KMA» բացիկ, 1910-ի շուրջ (Աղբիւր՝ Rigsarkivet/Դանիայի ազգային արխիւ, Քոփէնհակէն)

2) «KMA» արխիւ, նախաեղեռնեան շրջան, հարս հայուհին եւ քոյրը» (Աղբիւր՝ Rigsarkivet/Դանիայի ազգային արխիւ, Քոփէնհակէն)

Խարբերդ, «Աննի Թրէիսի Ռիկս» հիւանդանոց, «KMA»-ի արխիւ, «ABCFM»-ի վերաբերեալ նիւթեր։ Դարձերեսին բան գրուած չէ, միայն «Յիշատակի բացիկ» բառերը կան։

«Աննի Թրէիսի Ռիկս» յիշատակի հիւանդանոցի կառուցումը, 1909։ Շէնքի ձախ կողմին սեւով նշուածը Մարիա Եափոպսէնի գրասենեակին կամ իր անձնական սենեակներուն տեղն է։

Մեզիրէ, համայնապատկեր, իւղանկար (46 × 32 սմ), Քարէն Փեթերսէն, 1917։ Շնորհակալութիւն Միսաք Քէլէշեանին

1917-ին դանիացի «KMA» միսիոնար, ուսուցչուհի եւ դանիական Էմաուս որբանոցի տնօրէնուհի Քարէն Մարի Փեթերսէնը կտաւին կը յանձնէր Մեզրէի այս համայնապատկերը՝ հեռուն Խարբերդի ոսկեայ դաշտերով, Ծովք լիճով (Հազար Կէօլիւ/Կէօլճիւք, կոտորածի խոշոր կեդրոն մը 1915-ին), եւ այլն։ Այդ օրերուն կարելի է ըսել որ Փեթերսէնը պաշարման տակ կ’ապրէր Էմաուսի մէջ, ուր 121 վերապրողի ապաստան տուած էր, ոմանց՝ ապօրինի կերպով։ Այս նոյն ժամանակ ան նաեւ կը համագործակցէր բազմաթիւ տեղացի քիւրտերու հետ՝ հայերը «փախցնելու» համար Տերսիմի յարաբերաբար աւելի ապահով շրջանը եւ անդին։

Փեթերսէնը իր օրագիրին մէջ արձանագրած է 1915-ին Ցեղասպանութեան սկիզբէն սկսեալ տիրող սարսափելի լարուածութեան եւ ծանրաբեռն իրավիճակը, որ պիտի տեւէր մինչեւ 1919-ի սկիզբները, երբ ի վերջոյ իրմէ եւ Մարիա Եաքոպսէնէն հերթափոխը պիտի ընդունէին իրենց ամերիկացի պաշտօնակիցներն ու ընկերները։ Ահ ու սարսափն ու ճնշուած կացութիւնը իրենց վատթարագոյնին էին 1917-ի այս օրերուն, երբ ամերիկացիները լքած էին Օսմանեան կայսրութիւնը՝ Փեթերսէնը եւ Եաքոպսէնը փաստացիօրէն ձգելով առանձին Մեզրէի եւ Խարբերդի մէջ վերապրող հայերը խնամելու ծանր պատասխանատւութեան բեռան տակ։

Էմաուսի մէջ թէ անոր պատուարներէն դուրս ճնշուածութեան բազում այլ պատճառներ ալ կային. դանիական «KMA»-ի անդամ Ճէնի Ճէնսէնի ղեկավարած մօտակայ գերմանական Էլիմ որբանոցը պարպուած էր, իսկ պզտիկները սպանդի ենթարկուած էին, ամենուրեք մահ էր ու սուգ։ Փեթերսէնը մէկն էր այն «արեւմուտքցիներէն», որոնք ի զուր փորձած էին արտօնութիւն ստանալ իրենց ժողովուրդին հետ 1915-ին մեկնելու տեղահանութեան դէպի մահ երթերուն։ Ան իր օրագիրին մէջ շատ թրթռուն կերպով կը նկարագրէ այս ամբողջը, պատմելով նաեւ, թէ ինչպէս որոշ ատեն մը նոյնիսկ ապրելու իր կամքը կորսնցուցած էր... ամէն անգամ որ Փեթերսէնը շուկայ կ’երթար պարէն գնելու, սպառնելիքներ կը լսէր, թէ յաջորդը Էմաուսը պիտի ըլլար... Ան որբանոցի հայ կիներուն եւ մանուկներուն համար սնունդի եւ տաք ծածկոցներու ծանրոցներ պատրաստած էր, որպէսզի հետերնին տանէին եթէ (կամ, ինչպէս յաճախ ան իրաւացիօրէն կը հաւատար, երբ) տեղահանութեան հրահանգը գար կամ պարզապէս եթէ ոստիկաները առանց նախազգուշացման պարպէին շէնքը, եւ այլն։

Կարելի է առաջադրել այն միտքը, որ այս պատկերը 1917-ին, ընթացող Ցեղասպանութեան ընթացքին գծելը Էմաուսի մէջ ապրող Քարէն Մարի Փեթերսէնին համար բուժիչ դեր ունէր, մտքով եւ մարմնով առողջ մնալու ձեւ մըն էր, ինչպէս նաեւ յարգանքի տուրք էր առ իր սիրած գեղեցիկ բնապատկերին եւ, թերեւս ամէն բանէ աւելի, այժմ մահացած կամ մահացող բոլորին ու ամէն ինչին հանդէպ՝ միսիոնարներու վիթխարի աշխատանքին, անշուշտ, բայց, անկէ առաջ աւելի կարեւոր կերպով՝ հայերուն, ներառեալ հռչակաւոր Ֆապրիքաթորեան եղբայրներուն եւ նկարին մէջ նշուած իրենց տուներուն եւ անոնց հետ այս հնագոյն հայկական հողերուն վրայ հայու ներկայութեան հետքերուն մեծ մասին։

Խարբերդ (Դանիայի ազգային արխիւ, «KMA»-ի արխիւ, միսիոնարուհի գործիչներ). լուսանկարի դարձերեսին Մարիա Եաքոպսէնը գրած է, որ պատկերուածը քաղաքի գլխաւոր մուտքն էր, եւ որ աջին երեւցող կինը մուրացկան թրքուհի մըն է, որ միշտ հոն կը նստէր։

Էմաուսի տղաքն ու աղջիկները։ Դարձերեսին գրուած է. «Ներկայացման մէջ խաղացող դերասանական ամբողջ խումբը կը տեսնէք հոս։ Կեդրոնը գահին բազմած է Հերոդոտոս արքան՝ շրջապատուած իր նախարարներով։ Ճերմակ զգեստովը քահանայապետն է։ Միւսները մոգերն են, գրագիրները եւ ծառաները։ Լուսանկարուած է 18 Յունուար 1912-ին։ Յայտնի՞ է որ իսկական արեւելքցիներու պէս հագած են։»

Հաւանական է, որ նախատեսուած էր բեմադրութիւնը ներկայացնել ոչ միայն որբերէ եւ միսիոնարներէ կազմուած լսարանին, այլ նաեւ տեղւոյն քրիստոնեայ եւ իսլամ մեծամեծներուն, հետեւաբար, Հին Կտակարանեան այս նիւթը աւելի լայն շրջանակներու համար հետաքրքրական պիտի դարձնէր զայն։ Հետաքրքրական փաստ մը՝ երբ «KMA»-ի Զուք Մքայէլի Թռչնոց բոյն որբանոցի (ան, որ գոյութիւն ունէր նախքան Ճիպէյլի որբանոց փոխադրութիւնը) հայ որբուկները դանիացի քաղաքական գործիչի մը այցին ի պատիւ ներկայացում պատրաստեցին, դարձեալ Հին Կտակարանեան նիւթեր ընտրեցին՝ Յովսէփը եւ իր եղբայրները։ Իրենց հայրենի Դանիոյ մէջ միսիոնարները կը նախընտրէին Նոր Կտակարանէն առնուած դրուագներ, հետեւաբար համոզուած եմ, որ Հին Կտակարանին դիմելը հաւանաբար տեղւոյն առաքելական (երբեմն թերեւս նաեւ տեղւոյն իսլամ) բնակիչներու զգայնութիւնները եւ նախասիրութիւնները նկատի առնելու ձեւ մըն էր, ինչպէս որ էր Էմաուսի եւ Թռչնոց բոյնի պարագային հայկական աւանդական երգ եւ պար ընդգրկելը։ Սակայն արձանագրուած դիտարկումները շատ քիչ են թատերական ներկայացումներուն վերաբերեալ ամուր եզրակացութիւններու յանգելու համար։

1) Էմասուի հայ որբուհի, անուն եւ թուական չկայ։

2) Որբուկ հայուհի մը Էմաուսի մէջ, անունը չկայ, թուական չկայ։ Խնձորով աղջնակը Ատանայի կոտորածներէն (1909) վերապրող մըն է։ Դանիական «KMA»-ն 1909-ի կոտորածներէն ետք որբահաւաքի չէր գացած Ատանա, սակայն Մեզրէ կամ անոր շրջակայքը յայտնուած որբերու ապաստան տուած էր։

3) Մաքրուհի Կոստանեան, 7-8 տարեկան, որբանոց ընդունուած 1909-ին, հայրը եւ եղբայրը Ատանայի մէջ սպաննուած (ըստ դարձերեսի մակագիրին)։ Լուսանկարը նկարուած է Էմաուս որբանոց ընդունման պահին։ Մաքրուհիին հովանաւորը նորվէկիական «KMA»-ն էր։ 1910-ի շուրջ։

4) Մարիամ Վարդանեան, 6-7 տարեկան, Էմաուսի որբուհիներէն, որուն հովանաւորը դանիական «KMA»-ի Օտենսէի «Daggry» (Արշալոյս) մանկապատանեկան խումբն էր։ «KMA»-ին 77 այսպիսի խումբ ունէր Դանիոյ տարածքին. պզտիկները Աստուածաշունչէն դրուագներ կ՚ուսումնասիրէին, հոգեւոր երգեր կ’երգէին, ձեռագործ եւ այլն կը գործէին, որպէսզի ծախուէր եւ հասոյթը հայերու հովանաւորումին ծառայէր, նաեւ «պազարներ» (տօնավաճառ) կը կազմակերպէին որպէսզի Էմաուսի մէջ ստեղծուած ձեռագործները եւ այլ ձեռքի աշխատանքները ծախէին։ Այս խումբերուն մէջ շատ վարպետ ձեռքեր ունեցող պզտիկներ կային, անոնք տարիներու ընթացքին բաւական գումար պիտի հաւաքէին այս ձեւով եւ բազմաթիւ հայերու տէր կանգնէին։ Լուսանկարը հաւանաբար 1909/10 թուականներուն նկարուած է։

«KMA» արխիւ, Մարիա Եաքոպսէնի կողմէ Արաբկիրէն Էմաուս (Մեզրէ) բերուած 8 հայ որբուկ, 1910-ի շուրջ։ Պզտիկներէն երեքը կոյր են (հաւանաբար մանրախտի (տրախոմա) հետեւանքով), իսկ մնացեալը, ինչպէս նշուած է նկարի մակագիրին մէջ, հաշմանդամ են։ Միայն մէկ հոգիի անունը կայ՝ Վարդուհիին, որ ձեռքերուն եւ ոտքերուն մատերէն զրկուած է (կամ ի ծնէ չէ ունեցած զանոնք), հետեւաբար վերջին շարքին ձախին կեցած աղջիկներէն մէկն է։ Ամենայն հաւաստիութեամբ կարելի է ենթադրել, որ կոյր պզտիկները Էմաուսէն կը ղրկուէին Քրիշթոֆելին եւ Էօրցին՝ ի Մալաթիայի Կոյրերու առաքելութիւն, ուր կային անհրաժեշտ սարքաւորումները եւ ուր նաեւ կար մասնագիտական փորձ։

17 տարեկան Մարիամը, Էմաուսի առաջին շրջանաւարտը, 1910-ի շուրջ։ Իր ստացածը երկրորդական վարժարանի վկայականի/ուսուցիչներու կազմաւորման վկայագիրի պէս կոչում մըն էր։

Ծովք/Կէօլճիւք լճի ափին, 1910-ի շուրջ։ Դարձերեսին գրուած է. «Կէօլճիւք լճի ափի մեր ընթրիքի սեղանը. առաջին շարք, աջին, 1. բժ. տիկ. Ուարտ 2. Հիւպատոս [Ուիլիամ Ուէսլի] Մասթերսոն 3. Պարոն Ուարտ, բժ. Ուարտին եղբայրը 4. Մարիա [Եաքոպսէն]. 5. Աննի [Ռիկս]. 6. տիկ. [Էմմա Պառնում] Ռիկս. 7. պրն. Հարփեր. 8. բժ. [Մարք] Ուարտ եւ իր դուստրը 9. Փրոֆէսոր [Ֆէլիքս] Մարկօ. 10. Քարէն Մարի [Փեթերսէն]. [Ոտքի] երկրորդ շարք՝ պրն. [Հէնրի Հ.] Ռիկս իսկ նկարի խորքին կանգնածը [խոհարար] «շեֆ» պրն. Սարգիսն [է]։ Նկարի խորքին կ’երեւին լիճը եւ միւս ափի լեռները։»

1) Մարիա Եաքոպսէնը եւ Քարէն Մարի Փիթերսէնը ձուկ կ’որսան։ Ծովք/Կէօլճիւք լիճ, 1910-ի շուրջ (Աղբիւր՝ Rigsarkivet/Դանիայի ազգային արխիւ, Քոփէնհակէն)

2) Մարիա Եաքոպսէնը, «քաւաս» մը եւ աւանակը Ծովք/Կէօլճիւք լճի ափին, 1910-ի շուրջ (Աղբիւր՝ Rigsarkivet/Դանիայի ազգային արխիւ, Քոփէնհակէն)

1) Մարիա Եաքոպսէնը Աննի Թրէիսի Ռիկս հիւանդանոցին մէջ, 1910-ի շուրջ, «KMA» բացիկ։ Մակագրութիւնը հետեւեալն է. «Հայաստան. Մեզրէի հիւանդանոցէն» (Աղբիւր՝ Rigsarkivet/Դանիայի ազգային արխիւ, Քոփէնհակէն)

2) «KMA» բացիկ, «Որբ պզտիկներու փոխադրումը» (Աղբիւր՝ Rigsarkivet/Դանիայի ազգային արխիւ, Քոփէնհակէն)

«KMA»-ի մանկապատանեկան 77 «Daggry» (Արշալոյս) խումբերէն մէկը, 1910-ի շուրջ։ Պզտիկները ձեռքի աշխատանքներ կը պատրաստեն, որոնք կը վաճառուէին, եւ հասոյթը կը յատկացուէր Էմաուսի որբանոցին կամ այլ նախագիծերու։ Այս խումբի հաւաքները տեղի կ’ունենային Քոփենհակէնի մանկապարտէզներէն մէկուն՝ «Kong Christian IX's & Dronning Louises Jubilæumsasyl»-ի մէջ։

Խարբերդ/Մամուրէթուլ-Ազիզ նահանգէն հայ ընտանիք մը, շատ հաւանաբար Մեզիրէ/Մամուրէթուլ-Ազիզ կամ Խարբերդ քաղաքներէն։ Լուսանկարին դարձերեսին դանիերէն գրուած է. «Արաքսի (նստած աջին), Արմենակ (ոտքի աջին), Գայեանէ (ոտքի կեդրոնը)։ Ընտանիքին երէց աղջկան դուստրը կ՚ապրի Խարբերդի մէջ (ոտքի ձախին)։ Ընտանիքին հայրը ձեռքին բռնած է Ամերիկա գտնուող իր որդւոյն պատկերը (նստած, աջէն երկրորդը)։ Ընտանիքին մայրը (նստած, ձախէն երկրորդը)։ Երէց աղջիկը որ սպաննուեցաւ՝ նստած ձախին»։

Կրնանք երզրակացնել այս բացատրութենէն որ առնուազն ընտանիքի մէկ անդամ (երէց դուստրը) սպաննուած է այս լուսանկարին քաշուելէն ետք։ Շատ հաւանական է որ սպաննութիւնը կատարուած է Ցեղասպանութեան ընթացքին։ Այս ենթադրութեան հիմք կը ծառայէ պատկերին դարձերեսին նշուած թուականը՝ «1913», որ յետագային սրբագրուած է եւ գրուած՝ «1916»։ Այսպէս «3» թուանշանին վրայ աւելցուած է «6»ը։ Այս կը նշանակէ որ Ցեղասպանութեան վերաբերող սոյն տեղեկութիւնը աւելցուած է 1916-ին։

Լուսանկարին բացատրութիւնը գրուած պէտք է ըլլայ Մարիա Եաքոպսէնի կամ Քարէն Մարի Փեթերսէնի կողմէ, նկատի ունենալով որ անոնք երկուքն ալ ծանօթ էին այս հաւատացեալ ընտանիքին եւ յատուկ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէին անոնց ճակատագիրին հանդէպ։ Պատկերին վերեւ, պատին վրայ երեւցող հայերէն տառերը առնուած են Յեսուէն [Աստուածաշունչ], 24։15՝ «Ես եւ տուն իմ պաշտեմ զՏէր»։

Էմաուսի ամուսնացող առաջին երիտասարդուհիներէն մէկը։

Մեզրէ/Մեզիրէ/Մամուրէթուլ Ազիզ, համայնապատկեր։ Շնորհակալութիւն Միսաք Քէլէշեանի