Պոլիս, 1920. նստած՝ Էլիզապէթ Ապրահամեան (մայր), Ապրահամ։ Ոտքի՝ Աւետիս, Արաքսի (Աղբիւր՝ Քարոլանն Նաճարեանի հաւաքածոյ)

Ձայներ

Հայ մանչու մը ճանապարհորդութիւնը – Աւետիսին պատմութիւնը

Հեղինակ՝ Աւետիս Ալպէրթ Ապրահամեան, խմբագիր՝ Քարոլան Ս. Նաճարեան (ծն. Ապրահամեան), թարգմանութիւն՝ Շաղիկ Շահինեան Արծրունի

Երկու խօսք

Բժիշկ Քարոլան Նաճարեան
Պոսթոն, 12 մարտ 2014

Ահաւասիկ հօրս յուշերը, զորս ինքը թելադրեր էր ձայնագրիչ մեքենային 35 տարի առաջ։ Փորձեր եմ հնարաւորինս հարազատ մնալ իր ձայնագրած խօսքին եւ իր բառերուն։ Ժապաւէններուն վրայ տեղեր կային, ուր ձայնագրութիւնը վատորակ էր կամ ջնջուած, եւ ես ստիպուած եղած եմ ենթադրութեամբ բերել որոշակի բառեր՝ հիմնուելով հօրմէս եւ պատմութենէն իմ գիտցածներուս վրայ։

Հայրս ինը տարեկան մանչ մըն էր երբ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ ծայր կ’առնէր հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ 15 տարեկան, երբ կը ժամանէր Նիւ Եորք։ Այս յիշատակարանին վրայ աշխատելու սկսած էր 65 տարեկանին թոշակի անցնելէ ետք։ Սակայն իր ամբողջ կեանքին ընթացքին ան երբեք չէր դադրած իր եւ իր ընտանիքին ապրած դէպքերուն մասին մտածելէ, ատոնք իր միտքին մէջ միշտ թարմ մնացած էին։ Դարձեր էր պատմութեան ուսանող, որպէսզի հասկնար՝ ինչո՛ւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերը այդպէս տառապած էին թուրքերուն ձեռքին։ Կ’ուզէր հասկնալ՝ ի՛նչն էր որ մարդոց իրաւասութիւն կու տար, յանուն իրենց պետութեան, կատարելու այդպիսի դաժան արարքներ, ներառեալ Ամերիկայի բնիկներուն, ափրիկեան ծագում ունեցողներուն, հրեաներուն կամ այլոց հանդէպ կատարուածները։ Յատկապէս կը տագնապէր Վիեթնամի պատերազմի մեկնարկումով եւ լուրերէն իր կարդացած գիւղ առ գիւղ տեղահանութիւններով։ Ան կ’ըսէր. «Ահա թէ ի՛նչ պատահեցաւ իմ ժողովուրդիս… ա՛ս էր թուրքերուն ըրածը հայերուն հանդէպ»։

Շէյխ Հաճի գիւղին շրջակայքէն տեսարան մը (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, Նիւ Եորք, 1959)

Հայ մանչու մը ճանապարհորդութիւնը – Աւետիսին պատմութիւնը

Ծնած եմ 1906-ին, Շէխ Հաճի [1] կոչուող պզտիկ գիւղի մը մէջ. Շէխ Հաճին Խարբերդի մէջ էր, իսկ Խարբերդը [2] Օսմանեան կայսրութեան հայկական վեց նահանգներէն մէկն էր, պատմական Հայաստանի մէկ մասը։ Հոն ապրած եմ մինչեւ ութ տարեկան հասակս։ Գիւղս երկու համայնքներու միջեւ կիսուած էր. մէկը հայկական համայնքն էր, միւսը՝ թրքականը։ Կ’ապրէինք առանձին թաղամասերու մէջ (այսօր երեւի կէթօ պիտի կոչէին զանոնք)։ Պաշտօնական քաղաքականութեան կամ կանոնակարգի մը հետեւանք չէր աս կացութիւնը որքան գիտեմ, ինքնըստինքեան այդպէս եղած էր։ Մեր եկեղեցիները եւ դպրոցները հոն էին՝ հայկական թաղամասին մէջ։ Պարզապէս բնական էր որ հայերը իրենք իրարու մէջ ապրէին, իրարու քով ըլլային, իսկ թուրքերն ալ՝ իրենց թաղերուն մէջ, ուր կային իրենց աղօթավայրերը։

Ամբողջ ընտանիքս, թէ հօրս կողմը, թէ մօրս, Շէխ Հաճի ծնած էր։ Հօրս անունը Սահակ էր։ Իր ընտանիքը երկու մականունով ծանօթ էր՝ Հուրեան եւ Վասիլով։ Չեմ գիտեր ինչպէ՛ս պատահած էր որ ասանկ էր, բայց մանուկ հասակիս միշտ կը մտահոգուէի, որ մեր մականունը միւս հայ մականուններէն տարբեր էր։ Հայրս «Ապրահամեան» մականունը պաշտօնապէս ընտրած էր երբ 1909-ին ԱՄՆ երթալու համար իր իրաւական փաստաթուղթերը կը պատրաստէր։ Հայկական մականուններուն «եան»-ը կը նշանակէ այսինչի «որդի», եւ մեր մականունը կը նշանակէ «որդի Ապրահամ»-ի, որ հօրս անունն էր [3]։

Շէյխ Հաճի, մօտաւորապէս 1895. Աւետիսի մեծ ծնողները՝ Դաւիթ եւ Ալթուն Մաթէոսեան (Աղբիւր՝ Քարոլան Նաճարեանի հաւաքածոյ)

Մօրս ընտանիքը Մատթէոսեան էր։ Իր ծնողները՝ Դաւիթը եւ Ալթունը, չորս զաւակ ունեցած էին. մայրս՝ Եղիսաբէթը, միւս դուստրը՝ Արշալոյսը, եւ երկու որդի՝ Մատթէոսը եւ Մարտիրոսը։ Երիտասարդ տարիքին Մատթէոսը, հօրս եւ բազմաթիւ այլ հայ երիտասարդներու պէս, ԱՄՆ գացած էր։ Անոնք գացած էին աշխատելու կամ աւելի լաւ կրթութիւն ստանալու, եւ անոնց մեծամասնութիւնը կը ծրագրէր տուն վերադառնալ։ Երբ Մատթէոսը վերադարձած էր, Մեզիրէի [4] (այսօր Էլազիկ) մեծ որբանոցէն ներս գործի ընդունուած էր։ Մարտիրոսը եւ Արշալոյսն ալ ընտանիք կազմելէ ետք Մեզիրէ հաստատուած էին։

Շէյխ Հաճի գիւղը Խարբերդի դաշտին մէջ։ Սեղմել Քարտէսին վրայ զայն մեծցնելու համար։

Այդ օրերուն Մեզիրէն 16 000 բնակիչ ունէր եւ կը գտնուէր 20 000 բնակիչ ունեցող Խարբերդ քաղաքէն ցած գտնուող հովիտին մէջ։ Մեզիրէն փռուած էր երկու կողմերուն գլխաւոր փողոցին, այդ օրերու «մայրուղիին», միակ ճամբուն, որ արեւելքէն արեւմուտք կը ձգուէր շրջանի լայնատարած դաշտերուն ընդմէջէն։ Խարբերդը շինուած էր բարձրադիր, դաշտահայեաց դիրքի մը վրայ, հնագոյն ժամանակներէ ի վեր կանգուն հին բերդաքաղաք։ 1800-ական թուականներուն կէսերուն ամերիկացի միսիոնարները ժամանած էին Խարբերդ եւ սկսեր էին դպրոցներ ու քոլեճներ հիմնել, ներառեալ Եփրատ քոլեճը, ուր բազմաթիւ հայեր եւ հայուհիներ բարձրագոյն կրթութիւն ստացած էին։ Ֆրանսացի եւ գերմանացի միսիոնարներ ալ եկած էին եւ իրենց դպրոցները եւ քոլեճները, հիւանդանոցները եւ որբանոցները հիմնած։ Ատոնք կու գային աւելնալու Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ կրթական բազմաթիւ հաստատութիւններուն, որոնք արդէն կը գործէին հոն։ Խարբերդը եւ անոր շրջակայքը պիտի դառնային կրթութեան կեդրոն, եւ բազմաթիւ երիտասարդ հայերու համար սկիզբ պիտի առնէր մեծ զարթօնքը, ինչպէս նաեւ ինքնաբացայայտման ժամանակահատուած մը։

Շէյխ Հաճի, մօտաւորապէս 1910 թուականին. Աննա Պաճին (Աւետիսի հօրենական մեծ մայրը) եւ իր քրոջ աղջիկը՝ Հայկանուշ (Աղբիւր՝ Քարոլան Նաճարեանի հաւաքածոյ)

Երբ Շէխ Հաճիի մասին մտածեմ, միտքս կու գան վառ ու թրթռուն յուշեր մեծ մօրս՝ Աննա պաճըի (թրքերէն «քոյրիկ» կը նշանակէ) մասին։ Ի՜նչ կին էր… Ձեռքէն գրեթէ ամէն ինչ կու գար. կրնար ոստայնանկը դնել ու կտաւ գործել. ամեն տեսակի բրուտագործութիւն կրնար ընել։ Կոտրած կաւէ ամանեղէն կամ սպասք բերէին իրեն, կը նորոգէր։ Դաշտերը կ’երթար եւ ինչ որ պէտք էր կը հաւաքէր-կը բերէր։ Առտնին բոլոր պարտականութիւնները ինքը կը կատարէր, բոլորէն գլուխ կը հանէր, որովհետեւ տունը այր մարդ չկար։ Քանի որ իր ամուսինը մեռած էր եւ իմ հայրս՝ իր միակ որդին, Ամերիկա գացած էր, մեծ մամաս պատասխանատու էր մեր ընտանիքին համար՝ իր հարսին եւ իր երեք թոռնիկներուն։ Խելացի էր, զօրաւոր էր եւ անվախ էր։

Հայրս ինծի պատմութիւն մը կը պատմէր, որ ցոյց կու տայ մեծ մօրս քաջութիւնը։ Գիւղին շրջակայ ամայի վայրերէն մէկուն մէջ հայրս պատին կը սեղմուի թուրքի լամուկներու կողմէ, որոնք անխնայ կը ծեծեն զինք։ Ամբողջ մարմինը ամէն տեսակի կապտուկներով ծածկուած կու գայ տուն։ Մեծ մայրս, երբ կը տեսնէ անոր աս վիճակը, զայրոյթէն կը կատղի եւ կ’ուզէ գիտնալ ի՛նչ պատահած էր։ Փաստերը իմանալէ ետք շիփ-շիտակ այդ նոյն վայրը կ’երթայ, կը գտնէ այդ լակոտները եւ իւրաքանչիւրին քիթը բերանը մէկ կ’ընէ։ Անոնցմէ մէկուն վրայ տփոցի հետքերը այնքան գէշ էին, որ երբ տուն կ’երթայ, հայրը կը պահանջէ գիտնալ ի՛նչ եկած էր գլխուն։ Տղան կ’ըսէ, որ Աննա պաճըն ծեծած էր զինք։ Ամբողջ գիւղը, ներառեալ թուրքերը, մեծ մօրս Աննա պաճը անուան տակ կը ճանչնային։

Թուրքը որդին կը բերէ մեր տունը եւ կը ծեծէ դուռը։ Ձայն կու տայ Աննա պաճըին։ Մեծ մայրս կ’երթայ ընդառաջ եւ կը հարցնէ «Ի՞նչ կայ»։ Թուրքը կը սկսի պոռալ-կանչել «Ինչպէ՞ս կը համարձակիս ասանկ բան ընել», կը սպառնայ մեծ մօրս։ Մեծ մամաս կը բերէ հայրս թուրքին առջեւ, անոր ցոյց կու տայ հօրս մարմինին վրայի հետքերը եւ կ’ըսէ. «Եթէ փասափուսադ չհաւաքես այստեղէն չկորսուիս, քեզի՛ ալ նոյնը պիտի ընեմ»։ Թուրքը առանց բառ մը ըսելու կը շրջուի եւ կ’երթայ։

Մայրս բաւական ունեւոր ընտանիքի մը զաւակ էր։ Եղբայրները անուն վաստակած շինարարներ էին, մինչ հայրս որբ կը սեպուէր, որովհետեւ հայր չունէր, միայն մայր մը ունէր եւ ուրիշ ազգականներ գրեթէ չունէր։ Տարիներ անց, Արշալոյս մօրաքրոջս հետ կը խօսէի, եւ ան ըսաւ. «Միակ պատճառը, որուն բերումով մօրդ արտօնուեցաւ հօրդ հետ ամուսնանալ այն էր, որ մեծ մամադ քաջ, բազմակողմանի օժտուած, անկեղծ եւ խելացի մէկը կը սեպուէր։ Եթէ ինքը Ամերիկայի պէս երկիրի մը մէջ ապրած ըլլար եւ առիթ ունեցած ըլլար քիչ մը ուսում առնելու, վստահաբար մեծ մարդ մը, անուանի կին մը դարձած պիտի ըլլար, թերեւս պետական պաշտօնեայ մը, կամ մեծ իրագործումներ ունենար։ Անկեղծ ու շիտակ խօսող էր, եւ գրեթէ որեւէ գործ կրնար ընել – այսպիսի տպաւորութիւն գործած էր մեր՝ բոլորիս վրայ»։

Շէյխ Հաճի, մօտ 1911 թուականին. Էլիզապէթ Ապրահամեան (մայր), ետեւի շարքին (ձախէն աջ)՝ Ապրահամ եւ Աւետիս, առջեւի շարք (ձախէն աջ)՝ Արաքսի եւ Սամ Մաթէոսեան (Աղբիւր՝ Քարոլան Նաճարեանի հաւաքածոյ)

Հայրս ունէ՛ր քեռի մը եւ մի քանի քեռորդի, որոնք Շէխ Հաճի կ’ապրէին։ Մօրեղբայրը՝ Համբարձում Մարկոսեանը, Ամերիկա գացած էր եւ մի քանի տարի ետք վերադարձած։ Իմ աչքիս գերմարդ էր, «սուփըրմա՛նն էր»։ Տարբեր ձեւով կը հագուէր, տարբեր ձեւով կը խօսէր եւ պատմելու ահագին պատմութիւններ ունէր։ Ժամերով կը նստէր եւ ինծի ոստիկաններու եւ աւազակներու պատմութիւններ կը պատմէր. եւ ես հրապուրուած էի այդ ամբողջով։ Վստահ եմ՝ քոյրս եւ եղբայրս ալ նոյն զգացումները ունէին։ Ան լաւ կրթութիւն ստացած էր (գոնէ մենք այդպէս գիտէինք) եւ ազգային վարժարանին մէջ ուսուցիչ էր։ Կը յիշեմ իր ամուսնանալը երիտասարդուհիի մը հետ, որ նոյնպէս ուսուցիչ պիտի դառնար։

Գալով հօրս՝ ան համետագործի իր արհեստով մեզի համար լաւ ապրուստ կ’ապահովէր։ Իմ հասկցածովս՝ միշտ կ’երթար հոն ուր գործ կար։ Գիւղէ գիւղ կ’երթար, յետոյ տուն կը վերադառնար։ Հայրս ձգտում ունեցող մարդ էր եւ միտք ունէր աւելի մեծ դրամագլուխով շատ աւելի լայնածաւալ գործ մը սկսելու։ Ուրեմն որոշեց հեռանալ իր ընտանիքէն եւ երթալ Ամերիկա, բան մը որ շատ ընթացիկ էր այդ ժամանակ՝ արագ վաստակիլ քիչ մը դրամ, տուն վերադառնալ եւ նոր ձեռնարկութեան մը սկիզբը դնել։ Իր այս մեկնումը հիմնուած էր մօրս հետ շատ յստակ հասկացողութեան մը վրայ, համաձայն որուն ինքը միայն երեք տարի պիտի մնար ԱՄՆ։ Բայց երեք տարուան մէջ բաւարար դրամագլուխ կուտակելու իր այս երազը չիրականացաւ, ուրեմն տարի մըն ալ մնաց, յետոյ տարի մըն ալ, մինչեւ որ պատերազմը սկսաւ եւ այն ատեն, անշուշտ, տուն գալը անկարելի բան դարձաւ իրեն համար։ Սակայն ան կրցեր էր մինչ այդ որոշ գումար մը հաւաքել եւ տուն ղրկել մեզի։ Մենք հող գներ էինք, ագարակ մը՝ Շէխ Հաճիի ցածրադիր մասին մէջ, որ վարձու տուեր էինք ագարակապանի մը։ Ամեն տարեվերջի ագարակապանին ստացած բերքէն մեր բաժինը կը ստանայինք։ Կեանքը ցոյց տուաւ, որ լաւ եղեր էր որ հայրս երբեք չէր վերադարձած մեր գիւղը։ Առաջին համաշխարհային պատերազմը սկսաւ, յետոյ ցեղասպանութիւնը ծայր առաւ, եւ եթէ հայրս վերադարձած ըլլար, վստահաբար սպաննուած պիտի ըլլար։

Պոլիս, 1920. նստած՝ Էլիզապէթ Ապրահամեան (մայր), Ապրահամ։ Ոտքի՝ Աւետիս, Արաքսի (Աղբիւր՝ Քարոլան Նաճարեանի հաւաքածոյ)

Գիւղի այրերէն ուրիշներ ալ, հօրմէս բացի, արհեստաւորներ էին. խօսքս հայ տղամարդոց մասին է։ Ես միայն հայերուն մասին կը խօսիմ, որովհետեւ թուրքերը արհեստաւոր չէին։ Թուրքերը կռուող էին։ Բանակ կը մտնէին, զինուոր կը դառնային, եւ պետական բոլոր պաշտօններուն իրենք նստած էին (բանակային ըլլալը կամ որեւէ այլ պետական գործ ունենալը արտօնուած չէր հայերուն)։ Գոնէ մեր կողմերը շատ քիչ թիւով հայ հողագործներ կամ ոչ հայ արհեստաւորներ կային, օրինակ կօշկակարներ, ոսկերիչներ, ջուլհակներ, կտաւ ներկողներ, եւ այդպիսիք։ Արհեստաւորները բոլորը հայ էին, եւ իմ գիւղիս մէջ արհեստներու բոլոր տեսակները տարածուած էին։ Նաեւ արուեստագէտներ ունէինք, որոնք գիւղէ գիւղ կ’երթային եւ եկեղեցիները կը գունազարդէին։ Պզտիկ եղած ատենս միշտ կ’երեւակայէի, կը պատկերացնէի թէ որքան գեղեցիկ գործ կ’ընէին։

Մօտաւորապէս 150 ընտանիք կ’ապրէր մեր գիւղին մէջ, եւ մեր հայկական աւանդական ապրելակերպը եւ սովորութիւնները կը պահպանէինք։ Մենք միայն հայերէն կը խօսէինք։ Թրքերէն կը խօսուէր միայն ապրուստ ճարելու համար դուրսը ըլլալու կամ թուրքերու հետ խօսելու պարագային։

Մեզիրէ/Մամուրէթիւլ-ազիզ, 1909. Աւետիսի ծնողները՝ Էլիզապէթ եւ Սահակ Աբրահամեաններ (Աղբիւր՝ Քարոլան Նաճարեանի հաւաքածոյ)

Մենք մեր եկեղեցիները եւ դպրոցները ունէինք։ Այս պզտիկ հայկական համայնքը, որուն մասին կը պատմեմ, բաժնուած էր երկու յարանուանութեան՝ Գրիգորեան կամ Առաքելական եկեղեցին, որ սկիզբի հայկական եկեղեցին է (Դ դարէն սկսեալ, երբ հայ թագաւորը քրիստոնէութիւն ընդունեց) եւ Հայ աւետարանչական եկեղեցին (հայ բողոքականները), որ 1800-ականներու կէսերուն հիմնադրուած էր, երբ Առաքելական եկեղեցիի որոշ երեւոյթները բարեփոխելու փորձերը յաջողութեան չէին հասած։ Բողոքականները սկիզբը դժուարութիւններու բախած էին, բայց իմ օրերուս արդէն եկեղեցի հիմնած էին մեր գիւղին մէջ եւ իրենց դպրոցն ալ ունէին։ Մեր գերդաստանին մէջ գրեթէ ամեն մարդ հայ բողոքական էր։

Կիրակի առտուներու եկեղեցի երթալու հրաւէրը հնչեցնող կոչնակը կազմուած էր երկաթէ կտորէ մը, որուն իւրաքանչիւր ծայրին պարոյր մը կար։ Նկարագրեմ ինչպէս կ’աշխատէր. երկաթի կտորը եւ այս պարոյրները կը տարուէին եկեղեցիի տանիքին ծայրը, ուր յատուկ պատուանդան մը կ’ըլլար։ Իւրաքանչիւր պարոյր կ’ամրացուէր պատուանդանին վրայ դրուած կեռի մը։ Ամբողջ կազմածը հորիզոնական դիրքով կը կախուէր։ Երկու մուրճ կ’ըլլար, եւ երկու այր կախուած երկաթը մուրճերով կը հարուածէին կշռութաւոր կերպով։ Եկեղեցի երթալու կոչն էր աս, կոչնակը։ Բողոքականները եւ առաքելականները նոյն ձեւով կ’ընէին։ Առաքելական եկեղեցիին մէջ աթոռներ կամ նստարաններ չկային։ Աւետարանչական եկեղեցիին կառոյցէն ներս, որ ժողովարան (ժողովի տեղ) կը կոչուէր, բարձեր կային, որոնց վրայ կը նստէինք։ Եկեղեցի երբ որ մտնէինք, կօշիկները կը հանէինք եւ դարակի մը վրայ կը դնէինք։

Ինչ կը վերաբերի կրթութեան ոլորտին, մեր տարրական դպրոցը մինչեւ չորրորդ դասարանը ունէր։ Մէկ մեծ լսարան ունէինք, ուր տեղի կ’ունենային բոլոր դասերը։ Մինչեւ հիմա չեմ գիտեր աւելի բարձր կարգերուն մէջ դասաւանդումը ինչպէ՛ս կ’ըլլար։ Գիտեմ որ իմ դասարանիս ես այբբենարան մը ունէի՝ պզտիկ գիրք մը, կարճ բառերով, փոքրիկ նախադասութիւններով, որոնք մեզի կը սորվեցնէին։ Իմ ամբողջ սորվածս գրեթէ ատ էր։ Մինչեւ ամառուան վերջը վրայ հասնէր, արդէն ամէն ինչ մոռցած կ’ըլլայի. երբ դպրոցը վերսկսէր, նորէն սկիզբէն կը սկսէինք։ Թուրք պզտիկները իրենց դպրոցը կ’երթային։ Թուրքերուն մէջ կրթութեան հանդէպ հետաքրքրութիւնը շատ քիչ էր։ Թուրք մանուկները կը հաւաքէին բաց տարածութեան մը մէջ, բացօթեայ, հոն կը նստեցնէին զանոնք։ Ուսուցիչը կը քալէր եւ բարձրաձայն կը կարդար անոնց համար։ Թուրք պզտիկներն ալ իրմէ ետք ըսածները կը կրկնէին։ Սովորութիւն ունէինք ատենը մէյ մը մտիկ ընելու իրենց դասերը։

Մեզիրէ/Մամուրէթիւլ-ազիզ. ընդհանուր տեսարան (Աղբիւր՝ Mitteilungen aus dem Orient, Heft 8, 4. Jahrgang, Mai 1902)

Մեր գիւղի բոլոր արհեստներէն զատ, կար այլ կարեւոր աշխատանք մը, որ արհեստ չէր, բայց մեզի համար շատ կարեւոր էր։ Մեղուներու հետ կապ ունէր։ Մեծ թիւով մեղուափեթակներ ունէինք։ Իրօք, գիւղս հռչակաւոր էր մեղրի արտադրութեամբ։ Գրեթէ ամէն տուն մի քանի փեթակ կ’ունենար, ուրեմն ամբողջ ցերեկը մեղուները մեր շուրջը կը բզզային։ Մեզի համար հետաքրքրական էր դիտել, թէ ինչպէս փեթակները կը կիսուէին։ Մայր մեղուն՝ փեթակի թագուհին, կը մեկնէր, երբ փեթակը աճէր այն աստիճան, որ բաժանումը անհրաժեշտ կը դառնար։ Մայր մեղուն կ’երթար եւ կը հաստատուէր ծառի մը ճիւղին վրայ, եւ իր բոլոր հետնորդները հետը նոյն ճիւղին վրայ կը հաստատուէին։ Կարծես հոն խաղողի ողկոյզ մը կախուած ըլլար, բայց մեղուները կ’ըլլային միայն։ Գիւղացիները գործիք մը ունէին, խնձոր հաւաքողի գործիքին պէս երկար ձող մը, ծայրը տոպրակ։ Կ’երթային եւ կը փորձէին մեղուներու խումբ մը «լեցնել» տոպրակին մէջ։ Ապա կը տանէին եւ կը փորձէին դնել փեթակի մը մէջ, որ արդէն պատրաստուած կ’ըլլար մեղուներուն եւ թագուհիին համար։ Եթէ յաջողէին, կ’ունենային փեթակ մը եւս, ուր մեղր պիտի պատրաստուէր։ Տուներ կային, որոնք երեքէն չորս հարիւր փեթակ ունէին։

Մենք գիւղին մէջ նստած կ’ըլլայինք, եւ մարդիկ կ’երթային-կու գային, կը դիտէին փեթակները ու կը հետեւէին մեղուներուն, որպէսզի անջատուելու փորձ ընելու պարագային միջամտեն։ Երբ փեթակները բաժնուէին, գիւղացիները գիտէին ինչպէս ուղղորդել մեղուները, որպէսզի չթռչին-չհեռանան։ Բացի եթէ աչալուրջ կերպով ուղղութիւն չտրուէր իրենց, մեղուները կրնային թռչիլ գիւղէն հեռու եւ բնաւորուիլ լերան գագաթին կամ այլ տեղ մը, ուր անմատչելի կը դառնային։ Փեթակի մը կորուստը մեծ կորուստ կը համարուէր։ Եթէ կարենայիր պահել մեղուները, ուրախանալու պահ կը ստեղծուէր, որովհետեւ հարստութիւնդ մէկ փեթակով ալ մեծցուցած կ’ըլլայիր։

Ամառնային եղանակի վերջաւորութեան, աշնան, փեթակները կը բացուէին եւ մեղրին մեծ մասը կը քամուէր։ Մեղրը կ’ամբարուէր, եւ եթէ աւելորդ մեղր ըլլար, ծախու կը հանուէր։ Եթէ գիւղին մէջ ընտանիքներ ըլլային, որոնք մեղու կամ փեթակ չունէին, պարտաւոր էինք իրենց քիչ մը մեղր տալու։ Ամէն մարդ կ’ընէր աս, եւ այս ընտանիքները գրեթէ նոյնքան մեղր կ’ունենային, որքան միւս բոլորը։

Մեզիրէ/Մամուրէթիւլ-ազիզ. ընդհանուր տեսարան (Աղբիւր՝ Mitteilungen aus dem Orient, Heft 8, 4. Jahrgang, Mai 1902)

Գիւղացիներէն ոմանք ագարակներ ունէին եւ ցորենի արտեր, որոնք աւելի ստորին հատուածին մէջ կը գտնուէին, լերան ստորոտին։ Իմ գիւղէս իրօք կարելի էր տեսնել վարը՝ հովիտին մէջի այս բոլոր դաշտերը եւ ընտանիքները։ Եփրատ գետը այս մշակելի հողերուն ճիշդ մէջտեղէն կ’անցնէր, եւ մեր աչքերուն կը պարզուէր ամենէն գեղեցիկ տեսարանը, որ կարելի էր տեսնել փափաքիլ։ Եթէ ագարակատէր ըլլայիր եւ մեր գիւղը ապրէիր, ագարակը ուրիշ մէկուն կը յանձնէիր, որ քու տեղդ հոգ կը տանէր անոր։ Բերքահաւաքէն ետք, հասած եւ քաղուած բերքին որոշ մէկ մասը քեզի կու տար եւ մնացածը կը պահէր։ Այս համաձայնութիւնը կար գիւղացիներուն եւ վարը՝ հովիտի ընտանիքներուն միջեւ։

Ամէն ընտանիք իր կարիքներուն համար անասուն կը պահէր, օրինակ կով կամ այծ։ Նաեւ շատ աւանակներ կային գիւղին մէջ, եւ զանոնք որպէս գրաստ կը գործածէին։ Մենք կով մը եւ այծ մը ունէինք։ Գիւղին մէջ արօտ չկար, ուրեմն ամէն առտու գիւղացիները իրենց կենդանիները գոմերէն ազատ կ’արձակէին, եւ հովիւը զանոնք արածելու կը տանէր ոլոր-մոլոր ճամբայէն հովիտն ի վար երեք մղոն հեռու գտնուող արօտավայրերը։ Օրուան վերջաւորութեան, երեկոյեան կողմ, լարուած ժամացոյցի պէս ճշդապահ, կը վերադառնային անոնք ՝ ոլորապտոյտ ճանապարհով դէպի վեր։ Դէպի գիւղը մագլցող անասնահօտերը գեղապատկեր տեսարան մը կը պարզէին։ Երբ գիւղ հասնէին, իւրաքանչիւր կենդանի ինքն իրեն կ’երթար իր տիրոջ տունը՝ առանց յուշումի. լաւ գիտէին ճիշդ ո՛ւր պէտք էր երթային։

Հօտի մասին այս պատմութիւնը ձեզի պատմելը երբ կը վերջացնէի, դէպք մը յիշեցի, որ պատահեր էր ամառ մը, երբ 6 թէ 7 տարեկան էի։ Կը խաղայի զարմիկիս՝ Թոմին/Թովմասին հետ, որ եկեր էր Մեզիրէէն ամառը մեզի հետ անցընելու։ Որոշեցինք այդ ճամբայէն դէպի վար քալել եւ հօտը դիմաւորել. տղաները կը սիրէին աս բանը ընել։ Յոյս ունէինք կենդանիներէն մէկուն վրայ հեծած կտրել գիւղ վերադարձի ճամբան։ Ձեռքիս տակ ջորի մը ինկաւ, եւ ցատկեցի շալակը՝ հեծեալ լաւ պտոյտի մը յոյսերով։ Բայց ջորին յամառ էր, քայլ չէր առներ։ Զարմիկս պոչին տակ փուշ մը հրեց, որ տեղէն շարժի։ Ջորին սկսաւ կատաղի աքացիներ տալ եւ զիս կռնակէն գետին շպրտեց։ Գետին ինկայ եւ կզակս քարի մը զարկի։ Արիւն սկսաւ գալ, առատօրէն, ես ալ սկսայ լալու։ Շատ ցաւոտ էր, եւ արեան տեսքը լեղապատառ ըրեր էր զիս։ Կը յիշեմ որ լսեցի որ մեր քովը կեցած թուրք մը կ’ըսէր, որ իր ծանօթներէն մէկը ասանկ արկածի մը հետեւանքով մեռած էր։ Ես կէս մը հաւատացեր էի իր ըսածին եւ սարսափահար էի։

Մէկը միտք յայտնեց, որ արիւնահոսութիւնը կեցնելու համար պէտք է կտոր մը մեխակի հատիկ այրել եւ մոխիրը շփել արիւնոտ կզակիս վրայ։ Այդպէս ալ ըրին, եւ իսկապէս կեցաւ արիւնահոսութիւնը, բայց ցաւը մնաց։ Երբ տուն հասայ, շիտակ անկողին մտայ։ Ընթրիքի ժամին մամաս ուզեց գիտնալ՝ ինչո՛ւ սեղան չէի գար։ Թոմը ստիպուած եղաւ քօղազերծել փորձանքի մէջ ինկած ըլլալս։ Մայրս եկաւ եւ զիս կտրուկ հանեց անկողինէն։ Տարաւ մեր դրացիներէն մէկուն քով, որ Մեզիրէի Ամերիկեան քոլեճի հիւանդանոցը [5] յաճախած էր եւ առաջին բուժօգնութեան եղանակներ սորված էր։ Մարդը անմիջապէս մաքրեց վէրքը, սպեղանի դրաւ վրան, եւ վէրքս շատ լաւացաւ։ Մենք ասանկ բաներ պէտք չէր որ ընէինք, անոր համար ալ երբ որ ասանկ փորձանքի մէջ իյնայինք, կը փորձէինք կարելի եղածին չափ ծածուկ պահել պատահածը։ Մայրս եւ մեծ մայրս շատ խիստ կը վարուէին մեզի հետ, եւ երբ որ ասանկ բաներ կը պատահէին, դուրեկան վիճակ չէր ստեղծուէր իրենց համար բնաւ։

Լող (Աղբիւր՝ Մանուկ Պ. Ծերօն, Բարջանճ գիւղ. համայնապատում (1600-1937), Պոստոն, 1938)

Մեր գիւղի տուներուն մեծ մասը աղիւսէ պատեր ունէր, բայց այն տեսակի աղիւսէն չէ, որ Ամերիկայի մէջ կրնաք գտնել։ Շատ աւելի փխրուն աղիւսի տեսակ մըն էր, որ արեւին տակ կը չորցուէր։ Որոշ պատեր քարէ հիւսուած կ’ըլլային։ Տանիքը բաղկացած կ’ըլլար տախտակներէ, գերաններէ, փայտերէ եւ ճիւղերէ, որոնց վրայ ջրիկ կաւահող կը լեցուէր։ Ապա տանիքը կը լողուէր, եւ կաւահողը կը կարծրանար։ Ինչ որ ալ էր այս ցեխին պարունակութիւնը, իսկապէս լաւ կը փակէր, ճեղքեր չէր ունենար որոնց մէջէն ջուր կը հոսէր, եւ բնական տարերքներուն տուն մուտքին արգելք կը հանդիսանար։ Ամէն տուն տանիքին վրայ քարէ շատ ծանր գլան մը կ’ունենար, նման այն գլաններուն, որոնք կը գործածուին նոր սիզամարգ ցանելու եւ ապա լողելու համար։ Այս քարէ գլանները լող, քարալող կը կոչուէին։ Գիւղացիները տանիքը կը լողէին, ապա կը կոկէին այնպէս, որ ինքն իրեն արդէն այդպէս մնար։ Այս տուներու տանիքները իբրեւ բակ ու պատշգամ կը գործածուէին։ Բնակիչները կրնային զբօսնուլ անոնց վրայ, հաւաքոյթներ ունենալ, պարեր պարել հոն։ Անոնք նոյնիսկ խարոյկ կը վառէին տանիքը, ամառները տանիքը կը քնանային. անկողինները այդպէս բացօթեայ տանիքը կը փռէին ու կը քնանային։

Բամպակ աղնող անձը իր նետով եւ աղեղով (Աղբիւր՝ Մանուկ Պ. Ծերօն, Բարջանճ գիւղ. համայնապատում (1600-1937), Պոստոն, 1938)

Մեր տունը գիւղի ամենէն աղուոր տուներէն մէկն էր, շինուած էր մօրս երկու եղբայրներուն կողմէ, որոնք վարպետ հիւսներ էին։ Երբ Մեզիրէ փոխադրուեր էին, հայրս տունը իրենցմէ գներ էր։ Նման էր մեր գիւղի միւս հայու տուներուն, միայն սենեակները աւելի ընդարձակ էին, եւ տունը երկյարկ էր։ Ինչպէս մեր գիւղի միւս հայկական տուները, խոհանոցին մէջ բաց կրակարան մը կար՝ օճախը, որուն վրայ կ’եփէինք ամէն ինչ, եւ թոնիր կոչուող յատուկ փուռ մը, ուր հաց կ’եփուէր։ Ներսը սենեակ մը կար, որ ձմեռը կը գործածուէր, եւ բաց պատշգամ մը, որ ամառը կը գործածուէր։ Ձմեռնային սենեակը հաստափոր վառարան մը կար, որուն ծխնելոյզը ամբողջ սենեակը կտրելով պատուհանէն դուրս կ’ելլէր։ Երբ կրակը վառուէր, վառարանը իսկապէս կը տաքնար եւ ամբողջ տարածքը կը տաքցնէր։ Տուները նաեւ կ’ունենային գոմ, ուր կը պահուէին կովերը, ջորիները եւ այլ կենդանիներ։

Ճաշի կը նստէինք ցածրադիր սեղանի մը շուրջ. ասիկա կը նշանակէ, որ ճաշի ժամանակ մենք գետինը կը նստէինք, բազմոց-բարձերու վրայ։ Սպասքը փայտէ պատրաստուած կ’ըլլար, նոյնիսկ մեր դգալները եւ պատառաքաղները փայտեայ էին։ Առահասարակ ճաշը մեծ ամանով դրուած կ’ըլլար սեղանին մէջտեղը, եւ բոլորս նոյն ամանէն կ’ուտէինք։ Կը յիշեմ՝ մայրս կովը կը կթէր, ապա այն տարան, որուն մէջ էր կթուած կաթը, կ’անցընէր մեզի բոլորիս, եւ մենք կաթի մէկ մասը կը խմէինք։ Կը յիշեմ՝ կաթը գաղջ կ’ըլլար եւ շատ համով։

Իրիկունները ներքնակները կը փռուէին, ճերմակեղէնները կը դրուէին, եւ անկողին կը մտնէինք։ Առտուները այս անկողինները նորէն կը հաւաքուէին, կը ոլորուէին, կը փաթթուէին եւ պահարան կը դրուէին։ Կրնայի տանիքը քնանալ՝ առանց մտահոգուելու, որ անձրեւը պիտի ստիպէր աճապարանօք ծածկի տակ մտնել։ Ամպրոպները հազուադէպ էին։ Եղանակները շատ յստակ տարանջատուած էին իրարմէ. ձմեռը ձմեռ էր, ամառը՝ ամառ։ Ամառները անձրեւի տեսքով տեղումներ չէինք ակնկալեր։ Ամառները տաք էին եւ արեւոտ, այնքան արեւոտ, որ տաք արեւին տակ մնացած բաները դիւրութեամբ կրնային ջրազրկուիլ։

Տանիքը պառկիլ եւ աստղերը դիտելը Շէխ Հաճի ապրած օրերուս մասին իմ ամենէն փայփայուած յիշատակներս են։ Ցերեկը երկինքը վճիտ կ’ըլլար եւ կապոյտ, եւ գիշերը կարելի կ’ըլլար բոլոր աստղերը տեսնել։ Յետագային, կեանքիս ընթացքին, այլ երկիրներ ալ ճամբորդեցի, բայց ինծի կը թուի, որ երբեք այդքան շատ աստղեր չտեսայ, ինչպէս որ կը տեսնէի մանկութեանս՝ անկողինիս մէջէն նայելով անոնց։ Օդը մաքուր-մաքուր կ’ըլլար, եւ ամէն ինչ՝ տեսանելի, մինչ ես պառկած անկողինիս մէջ քունի գիրկը կ’ընկղմէի։ Մի քանի ասուպ տեսած ըլլալս ալ կը յիշեմ։ Կը յիշեմ՝ աստղերը կը հաշուէի եւ կը մտորէի՝ ի՞նչ կ’անցնի-կը դառնայ հոն վերը, երկինքին մէջ։ Երբ յետադարձ հայեացք կը նետես եւ կը յիշես մանուկի քու մտորումներդ, այնպէս կը թուի, որ այն ատեն աշխարհը միայն այնքան մեծ էր, որքան աչքդ կը կտրէր, եւ որ ինչ որ կը տեսնէիր ու կ’ընկալէիր, ամբողջ աշխարհը այդ էր։

Հիւսէնիկի մէջ ոստայնանկներ/կտաւագործներ (Աղբիւր՝ Մարտիրոս Տէրանեանի արխիւ, NAASR, Պէլմոնթ, Մասաչուսէց)

Մենք կը բնակէինք գիւղի արեւմտեան կողմը, գիւղի աջ կողմը, եթէ նայէինք վար՝ դէպի հովիտը, ջրվէժները անոր դիմաց, իսկ ջրվէժներուն դիմաց՝ նորէն ջրվէժներ։ Ջրվէժներուն առջեւը կար լեռներու շարք մը, որ գիւղի կեդրոնը կը հասնէր գրեթէ։ Անոնց մէջ մեծ լեռ մը կար։ Գիշերները լուսինը կը բարձրանար եւ կարծես կը կենար լերան գագաթին։ Կը յիշեմ բազմաթիւ գիշերներ, երբ ես, սովորութեանս համաձայն, կ՚երեւակայէի որ մագլցեր եմ լեռը եւ կանգնած եմ գագաթին։ Եթէ կարենայի գագաթին հասնիլ, կը կարենայի դպնալ լուսինին, կամ թերեւս նոյնիսկ բռնել զայն։ Այս այնքան վառ է յիշողութեանս մէջ… տեսարանը այնքան գեղեցիկ էր… Գիւղիս մասին այս մանկական յիշատակածներս ամբողջ աշխարհս էին [այդ օրերուն], մինչեւ [այն օրը, երբ յանկարծ] ամեն ինչ վերջացաւ-գնաց…

Տարիներ, տարիներ անց, ԱՄՆ-ի մէջ, մեր գիւղի գեղեցիկ նկարագրութիւն մը ներկայացուց ինծի 95 տարեկան փառահեղ ծերունի Գրիգոր Գրիգորեանը։ Իր միտքը լրիւ սթափ էր տակաւին, եւ յիշողութիւնը պայծառ էր։ Գիւղս նկարագրեց իբրեւ ամբողջ Խարբերդի ամենէն գեղեցկօրէն տեղակայուած գիւղերէն մէկը։ Ըսաւ. «Կարծես գիւղը բազմած ըլլար Պուտտային գիրկը, Պուտտան ինքն ալ նստած հպարտ՝ թիկն տուած Մաստար լերան (որ ծովի մակերեսէն 9000 ոտք, 2743 մեթր կը բարձրանար)։ Իսկ Պուտտայի ծունկին տակ կը բացուէին բոլոր դաշտերն ու պարտէզները, ուր քաղցրահամ պտուղներ եւ բանջարեղէններ կ՚աճէին»։ Պատմեց եղանակին մասին, մեր գիւղէն պարզուած տեսարանին մասին, Եփրատ գետին մասին, հովիտներուն ու ջրվէժներուն, ալրաղացին եւ բոլոր այն բաներուն մասին, որ մեր գիւղը ունէր։ Պատմեց մեր գիւղէն ոչ հեռու գտնուող Շաքսնաւալ գիւղի քիւրտերուն աճեցուցած խաղողներուն մասին։ Ըսաւ որ խաղողին մեծ մասը կա՛մ կը վաճառուէր մեր գիւղին, կա՛մ ծառայութիւններու դիմաց կը վճարուէր մեր գիւղացիներուն։ Ան հաստատեց իմ տպաւորութիւնս առ այն, որ Շէխ Հաճին արհեստաւորներու գիւղ էր։ Ըսաւ նաեւ որ այլ գիւղերէ գիւղացիներ ծառայութիւններու կամ ապրանք գնելու համար մեր գիւղը կու գային։

Հիւսէնիկ. հայ ընտանիք մը ռոճիկի (շարոց, սուճուկ) եւ պաստեղի պատրաստութեան պահուն։ Լուսանկար՝ Ասքանազ Սուրսուրեանի (Աղբիւր՝ Մարտիրոս Տէրանեանի արխիւ, NAASR, Պէլմոնթ, Մասաչուսէց)

Ինչպէս արդէն ըսի, մեր տունը գիւղի ամենէն մեծ եւ ամենէն աղուոր տուներէն մէկն էր։ Եւ քանի որ մեր տունը ամենէն մեծ եւ ամենէն աղուոր տուներէն մէկն էր, մենք շատ հիւրեր կ՚ունենայինք՝ այցելու քարոզիչներ, միսիոնարներ եւ եկեղեցիի այլ սպասաւորներ, որոնք կու գային մեր տունը եւ մի քանի օր գիշեր-ցերեկ հոն կ’անցընէին։ Այդ օրերուն հիւրերը արքայավայել ընդունելութեան արժանացնելը ընթացիկ սովորութիւն էր, եւ ձմեռուան համար մեր մթերած պաշարէն այնքան շատ բան միմիայն հիւրերը պատուելու համար կը պահուէր։ Օրինակ, երբ մեր փեթակներէն (մենք 28 փեթակ ունէինք) մեղրը քամէինք, ամենէն նօսր մեղրը, որ ամենէն ընտիրը կը սեպուէր, առանձին կճուճի մը մէջ հիւրերուն համար կը պահուէր։ Շաքարն ալ, որ առատ չէր բնաւ, նոյն նպատակով կը պահուէր։ Երբ հիւրեր գային, պզտիկներուն համար շատ ուրախ պահ կ՚ըլլար, որովհետեւ ինչ կար-չկար կը բերուէր հիւրասիրելու համար։

Մեր մշակած պտուղներու եւ բանջարեղէններու բերքին մեծ մասը կը պահուէր կամ կը պահածոյացուէր ձմեռնային գործածութեան համար։ Օրինակ, շատ թութ կ՚ունենայինք։ Թութը կը հաւաքուէր, յետոյ կ՚եփուէր, մածուցիկ շիլայի մը կը վերածուէր։ Այս շիլան սաւանի մը վրայ բարակ շերտով կը տարածուէր եւ չորնալէն ետք կեղեւի պէս կը հանուէր։ Ասիկա պաստեղն էր, որ քաղցրաւենիք շաքարի պէս էր։ Մենք նաեւ մեր ծիրանը եւ սալորը կը տանէինք դուրս եւ արեւին տակ կը փռէինք որ չիր դառնային։ Նոյնիսկ մածունը արեւի տակ կը չորցուէր, քարի պէս կարծր կտորներու կը վերածուէր՝ չորթան կը դառնար, եւ այսպիսով կը պահուէր ձմեռուան համար։

Մեր գիւղին մէջ ջրվէժ կար, որ շատ բարձր էր, կարծեմ 300 ոտք էր բարձրութիւնը (91,44մ)։ Ջուրը կը հունաւորուէր այնպէս, որ գայ եւ առողջ չափի առու դառնալով անցնի գիւղի ստորին հատուածին մէջէն։ Այս հոսքը կը գործածուէր գիւղէն դէպի հովիտը զարիվայրին եղող պարտէզները ոռոգելու համար։ Ջրբաժանութիւն տեղի կ՚ունենար, այնպէս որ իւրաքանչիւր պարտէզ իր օրը եւ ժամը կ՚ունենար, ջուրը կը շրջուէր դէպի պարտէզը եւ կը գործածուէր ոռոգման համար։ Այսպիսով իւրաքանչիւր ընտանիք ջուրի իր չափաբաժինը կ՚ունենար։ Երբ ջուրը ոռոգման համար չէր գործածուէր, կը հոսէր վար, հովիտին ընդմէջ, եւ երկու ջրաղացք կը բանեցնէր։

Գիւղի տուներուն մէջ հոսող ջուր չկար։ Գիւղացիները պէտք էր աղբիւր երթային, ջուրը լեցնէին դոյլերու կամ կաւէ տարաներու մէջ եւ կրէին տուն։ Լուացուելիք լաթերն ալ պէտք էր տարուէին հոն, ուր առուն կը հոսէր գիւղին ընդմէջէն։ Լուացքը հոն կ՚ըլլար եւ հոն ալ կը փռուէր չորնալու, բաց երկինքի տակ, կը ծալլուէր եւ տուն կը բերուէր։

Կոչնակի գործածութիւնը Խարբերդի դաշտին մէջ։ Հոս՝ Մեզիրէի (Մամուրէթուլ-ազիզ) հայկական որբանոցին մէջ (Աղբիւր՝ Sonnen-Aufgang, Heft 1., 15. Jahrgang, Oktober 1912)

Մեր գիւղի աւանդոյթներէն քանի մը հատը կը յիշեմ, եւ կը փափաքիմ յիշատակել զանոնք։ Այս աւանդութիւններէն եւ առասպելներէն շատերը նախաքրիստոնէական օրերէն կը յամենային։ Հեթանոսական աւանդութիւններ կային, որոնք տակաւին կենդանի էին, ինչպէս օրինակ կրակի պաշտամունքի օրերը։ Տօն մը կար, որուն ատեն հսկայ խարոյկ մը կը վառուէր։ Խարոյկի պահին համար պատրաստուելով կ’անցնէր ամբողջ ցերեկը։ Մինչեւ ուշ գիշեր ժողովուրդը խումբ-խումբ կը պարէր կրակին շուրջ։ Իսկական տօնական օր մը կ՚ըլլար, եւ մենք իսկապէ՛ս շատ լաւ ժամանակ կ՚անցընէինք անոր ընթացքին [6]։

Նախաքրիստոնէական շրջանին կապուած այլ տօն մը էր Վարդավառի տօնը։ Այս օրը մարդիկ ջուր կը թափէին իրարու վրայ։ Կարծեմ մաքրուելու տօն մըն էր, կամ ատանկ բան մը [7]։ Այս պարագային ալ մեծ կարեւորութիւն կը տրուէր այս տօնին, եւ մեծ անհամբերութեամբ ու ակնկալիքներով կը սպասուէր ան, իբրեւ իսկապէս ուրախ-զուարթ օր։ Ջրոցի կը խաղայինք, ջուր կը լեցնէինք իրարու վրայ եւ քէ՛ֆ կ՚ընէինք պարզապէս՝ սպասելով որ տեսնենք թէ ո՛վ ամենէն շատ պիտի թրջուէր։

Ուրիշ տօն մը կար, որ մեծ ջանքով-աշխատանքով կը նախապատրաստուէր եւ մեծ ուրախութեամբ կը նշուէր։ Բարեկենդանի տօնն էր։ Այդ օրը մարդիկ տարբեր-տարբեր տարազներ հագուելով կը ծպտուէին՝ յատկապէս կենդանիներու ծպտանքով։ Այս տօնն ալ մեզի համար շատ լաւ օր մըն էր։ Տարբեր-տարբեր կենդանիներու տարազ հագած՝ մարդիկ կը հաւաքուէին, կը պարէին եւ շատ կը զուարճանային։

Այլ սովորութիւն մը, որ Աւագ շաբթուն կ՚ըլլար եւ բացայայտօրէն կապուած էր քրիստոնէական շրջանին, տեղի կ՚ունենար Ս. Յարութեան Ճրագալոյցի յաջորդ օրը եւ կը կոչուէր Զատիկ։ Ամէն գոյնի ներկուած հաւկիթներ կը բերուէին գիւղին մէկ ընդարձակ հաւաքատեղին, ուր մարդիկ կ՚երթային այսպիսի առիթներու։ Կը սկսէին իրարու հետ «հաւկիթ խաղալ», որ տեսնեն ով է յաղթողը։ Գիւղացիներէն ոմանք այս «մրցումներուն» ատեն խարդախութեան կը դիմէին։ Հաւկիթին «գլխուն» պզտիկ ճաքուածք մը կ՚ընէին եւ մէջը կապար կը լեցնէին։ Յետոյ կը ներկէին ու կը զարդարէին հաւկիթը, այնպէս մը որ մարդ չէր ալ գիտնար տարբերութիւնը։ Եւ իրօք ատանկ հաւկիթով կը մասնակցէին մրցումին։ Բայց ի վերջոյ կը բացայայտուէր իրենց ըրածը, եւ թեթեւ անախորժութիւններ կ՚ըլլային։ Այդ օրը նաեւ շատ ցիցեր ու ձողեր կ՚ըլլային գիւղին մէջ, քիչ մը ամերիկեան «սափրիչի ձողերուն» [8] պէս, եւ մրցում կ՚ըլլար՝ տեսնելու ո՛վ ամենէն լաւ զարդարուած ձողը բռնած է։ Այս տօնն ալ մեզի համար մեծ իրադարձութիւն էր, մեծ տօնակատարութիւն եւ շատ մեծ քէֆ-ուրախութիւն։

Կը տօնէինք Ամանորը, կամ, ինչպէս կ՚ըսէինք, Կաղանդը։ Այդ օրը մանուկները սովորութիւն ունէին պայուսակ մը կամ գուլպայ մը առնել եւ զայն գիւղի տուներուն երդիկներէն վար իջեցնել։ Կ՚ակնկալուէր որ պայուսակին մէջ դրուէր չամիչ, պաստեղ, ռոճիկ [9], նուշ, ընկոյզ, կաղին եւ անուշեղէն։ Մանուկներուն համար մեծ հաճոյք էր այսպէս շրջիլը, պայուսակը իջեցնելը, ետ բարձրացնելը… Նոր տարուան օր մը, կը յիշեմ, գացի Համբարձում քեռիին տունը, որ երդիկ չունէր, ուրեմն պայուսակս իրենց պատուհանէն ներս իջեցուցի։ Հայկանոյշը՝ մեր հեռաւոր ազգականը, այդ օրերուն Համբարձումին եւ կնոջը հետ կ՚ապրէր։ Երկու կիները եւ քեռին գիտէին որ իմ պայուսակս է, եւ երբ զայն պատուհանէն վեր կը հանէի, լսեցի իրենց ծիծաղը։ Ձեռքս խոթեցի պայուսակին մէջ եւ ամենէն վերը սոխի կեղեւներ շօշափեցի։ Աւելի չխորացայ՝ որ տեսնեմ ինչ կայ տակերը։ Շատ բարկացայ, ջղայնացայ, ինքնատիրապետումս կորսնցուցի, որովհետեւ կարծեցի որ խաղ կը խաղային գլխուս։ Ես մեծ ակնկալիքներ ունէի, եւ կը կարծէի որ պայուսակս սոխի կեղեւներով լեցուցած էին։ Պայուսակս բռնեցի եւ ինչպէս որ էր շպրտեցի փողոց։ Շատ ուշ հասկցայ որ պայուսակին խորքն էին բոլոր անուշեղէնները՝ ռոճիկը, պաստեղը, ընկոյզը, կաղինը եւ նուշը, եւ միւս համով բաները։ Իսկապէս շատ զղջացի ըրածիս համար, բայց արդէն ուշ էր։

Հիւսէնիկ (Խարբերդի դաշտ). հայ կիներ լուսանկարուած տան տանիքին վրայ, ամրան եղանակին (Աղբիւր՝ Մարտիրոս Տէրանեանի արխիւ, NAASR, Պէլմոնթ, Մասաչուսէց)

Կը փափաքիմ աւելի մանրամասն ներկայացնել գիւղի մեր կեանքը։ Իրիկունները, երբ առտնին աշխատանքներու շարքէն յատուկ գործ մը ունենային ընելիք, ընտանիքները իրարու կ՚այցելէին։ Բոլորով կը հաւաքուէին եւ աշխատանքը միասին գլուխ կը բերէին։ Մինչ այդ մէկը պատմութիւններ կը պատմէր, յետոյ քիչ մը անց անուշեղէն կ՚ուտէին… Երբ քնանալու ժամը գար, ամէն մարդ կը մեկնէր, եւ անկողին կը մտնէինք։ Այս սովորութիւնը յատկապէս արդիւնաւէտ կ՚ըլլար երբ բամպակի խոզակները արտերէն գիւղ կը բերուէին։ Բամպակը հունտերէն անջատելը շատ ծանր եւ ծաւալուն աշխատանք էր։ Երբ վերջացած ըլլար այս գործը, բամպակը կը փափկեցուէր, կը ծեծուէր եւ կը գզուէր։ Մարդ մը կար, որ ամէն անգամ կու գար եւ այս աշխատանքը կը կատարէր։ Ան բամպակը կը գզէր աղեղ գործածելով։ Կը գզէր ու կը գզէր մինչեւ որ բամպակը այդքան փոփոլացած ըլլար, որ կարելի ըլլար զայն ճախարակով մանել։ Այս պահը կը կոչուէր «քաշելու ժամանակը»։ Երբ բամպակը արդէն այսպէս գզուած պատրաստ ըլլար, կիները թելի կը վերածէին զայն՝ շատ հին ճախարակներ գործածելով։ Ճախարակներուն անիւները կը դառնային, եւ թել կ՚ունենայինք։ Մեծ մամաներուն այս ճախարակ բանեցնելը դիտելը շատ հետաքրքրական էր։ Բամպակաքաղի ատեն ալ հաճելի պահեր կ՚ապրէինք, որովհետեւ ամէն մարդ կը մասնակցէր քաղին, նոյնիսկ մանուկները։ Շատ, շատ անգամներ բամպակ քաղած եմ ես։

Մեր գիւղին մէջ աղքատութիւն ըսուած բանը գոյութիւն չունէր։ Նախնական գիւղ էր, զարգացած չէր, բայց աղքատութիւն չկար։ Չունեցողները, նկատի ունիմ ուտելիք եւ ապրուստի այլ անհրաժեշտ բաները չունեցողները, կը ստանային անոնցմէ, որոնք ունէին։ Տուչութիւնը կամաւոր կերպով կ՚ըլլար, որովհետեւ բարոյական պարտականութիւն կը համարուէր։ Եթէ ընտանիք մը հայր չունէր եւ զաւակ կամ զաւակներ ունէր մեծցնելու, ամէն ինչով աջակցութիւն կը ստանար։ Երբ ցորենը հնձուէր, իրենց ցորենի պաշար կը տրուէր։ Երբ օշարակ պատրաստուէր կամ մեղրը քամուէր փեթակներէն, ամեն տեսակի բերքէն ու բարիքէն իրենց բաժին կը հանուէր։ Եւ արդիւնքը ան էր, որ աղքատ մարդ չկար գիւղին մէջ։ Մուրացկաններ կային, որոնք ամբողջ գիւղին մէջ կը պտտէին եւ ուտելիք կը մուրային, բայց անոնք մեր գիւղէն չէին՝ մենք մեր համագիւղացիներուն հոգ կը տանէինք։ Ինչպէս որ մեր գիւղի կարիքաւորներուն ուտելիք կու տայինք, այդպէս ալ մուրացկաններուն կու տայինք։ Փերեզակներ ալ կային, որոնք գիւղ կու գային ապրանք ծախելու։ Պտուղներ կը բերէին, օրինակ խաղող եւ տանձ, կարի պիտոյքներ կը բերէին՝ ասեղ-դերձան, կանգունով կտրուած կերպասեղէն։ Ատեն-ատեն նաեւ օտարականներ կ՚ընդունէինք մեր գիւղը, խումբերով թափառաշրջող եւ ապագան գուշակող գնչուներ։ Ոմանք սիրով կ՚ընդունէին զանոնք եւ ուտելիքով կը վարձատրէին։

Ճախարակ (Աղբիւր՝ Մանուկ Պ. Ծերօն, Բարջանճ գիւղ. համայնապատում (1600-1937), Պոստոն, 1938)

Երկու տեսակի ակիշներ (Աղբիւր՝ Փարսադան Տէր-Մովսէսեան, Հայ գիւղական տունը, Մխիթարեան տպարան, Վիեննա, 1894; Յարութիւն քհնյ. Սարգիսեան (Ալեւոր), Բալու. իր սովորոյթները, կրթական ու իմացական վիճակը եւ բարբառը, տպ. Սահակ-Մեսրոպ, Գահիրէ)

Իսկ հիմա կ՚ուզեմ վեր հանել ընտանիքիս վերաբերող փաստ մը, որ, կը կարծեմ, խիստ հետաքրքրական եւ արտասովոր է։ Հաւատքով բուժելու հետ կապ ունի։ Չեմ գիտեր ինչպէ՛ս պատահած էր որ մեր ընտանիքը հաւատով բուժման հետ սկսած էր գործ ունենալ, բայց ըստ երեւոյթին Ապրահամեան ընտանիքի արական սեռի անդամները բուժողի դեր ունէին։ Ձեւով մը մենք բուժողներ էինք, հաւատքով բուժողներ, կարելի է այդպէս կոչել մեզ։ Գիւղացիները աներեր կերպով կը հաւատային, որ մենք ժառանգաբար յատուկ կարողութիւններ ունէինք, եւ որ որոշ հիւանդութիւններ բուժելու կամ ախտեր դարմանելու կարողութիւնը ունէինք։ Եղբայրս եւ ես միշտ կը կանչուէինք բուժելու մարդիկ, որոնք կռնակի սաստիկ ցաւեր կ՚ունենային եւ հազիւ կը շնչէին։ Թերեւս թոքատապի տեսակ մըն էր։

Կը յիշեմ, գիշեր մը խոր քունէս արթնցուցին զիս, հագցուցին եւ փութացուցին տուն մը, ուր մարդ մը այնքան ծանր հիւանդ էր, որ հազիւ կը կարենար շնչել։ Մինչեւ հիմա ալ չեմ գիտեր ինչպէս սորվեր եմ ի՛նչ ընել կամ ի՛նչ ըսել, բայց ընելս կը յիշեմ։ Մինչեւ հիմա կը յիշեմ ի՛նչ շարժումներ կ՚ընէի եւ ի՛նչ բառեր պէտք էր որ արտասանէի որպէսզի այս ձեւի հրաշագործ բուժումը կատարէի։ Մանրամասները հետեւեալներն էին, փորձեմ նկարագրել։ Երբ հիւանդ մարդուն տունը մտնէի, պէտք էր կաթսայի կափարիչ մը եւ թոնիրի անթրոցներէն, որոնց ակիշ կ՚ըսէինք, մէկը ունենայի։ Կափարիչը կը դնէի մարդուն կռնակին, հոն ուր ցաւ ունէր։ Յետոյ կը սկսէի ակիշով հարուածել կափարիչին [10]։

Այս ամբողջը անշուշտ մեծ աղմուկ կը ստեղծէր, եւ մարդը կ՚ըսէր. «Ո՞վ ես դուն»։ Կ՚ըսէի՝ ցաւազրկող եմ։ Այն ատեն ինքը կը հարցնէր՝ Ուրկէ՞ կու գաս։ Կ՚ըսէի. «Ցաւի լեռէն»։ Յետոյ կը հարցնէր՝ ի՞նչ պիտի ընէի։ Իրեն կ՚ըսէի, որ դուրս պիտի քշէի իր մարմինի ցաւը։ Կ՚ըսէր. «Բայց չե՛ս կրնար»։ «Կրնամ»,- կ՚ըսէի։ Այսպէս կը շարունակուէր, կրկին ու կրկին, ինքը կ՚ըսէր՝ չես կրնար, ես կ՚ըսէի՝ կրնամ։ Ապա շատ ուժով եւ մեծ աղմուկով կը հարուածէի կափարիչին եւ կ՚ըսէի. «Կրնամ եւ պիտի ընեմ յանուն ամենազօր Աստծոյ, պիտի կտրեմ-հանեմ, արմատախիլ պիտի ընեմ, իսկ հիմա դուն ազատած ես ցաւէն»։ Այս ամբողջ կ՚ընէի, յետոյ զիս տուն կը տանէին՝ քնանալու։ Եթէ մարդիկ այս տեսակի հաւատք ունէին, բաւական մեծ թիւով անձիք պէտք է որ բուժուած ըլլային այս կերպ։

Աւետիս իր պարտէզին մէջ, Սաունտ Պիչ, Նիւ Եորք, 1950-ականներ (Աղբիւր՝ Քարոլանն Նաճարեանի հաւաքածոյ)

Քանի որ գիւղի մեր կեանքէն յիշածս արդէն պատմեցի, հիմա կ՚ուզեմ ձեզի պատմել, թէ ի՛նչ տեսակի վարչամեքենայ կը կառավարէր մեր գիւղը։ Կար թրքական պետութեան կողմէ նշանակուած պէկը. որքան կը յիշեմ՝ ժառանգական տիտղոս էր պէկութիւնը, սուլթանին կողմէ շնորհուած [11]։ Պէկը գիւղի ամենէն գեղեցիկ տան մէջ կ՚ապրէր։ Ես այդ տունէն ներս երբեք չէի մտած, այդ տունը չէի տեսած երբեք։ Բայց գիտէի որ մարմարէ խճանկարներով պատուած էր, մարմարաշէն ներքին բակ ունէր, լողաւազան, եւ հոսող ջուր։ Յիշեցնեմ, որ մեր պզտլիկ գիւղին մէջ գտնուող այս պալատը շինուած էր մեծ լերան՝ Մաստառի լանջին, եւ այդ լերան լանջը ինքնաշարժով կարելի չէր բարձրանալ։ Բացայայտ էր, որ մարմարը, գերանները, եւ մնացեալ ամբողջ շինանիւթը աւանակներու կամ ջորիներու քաշած կառքերուն բարձուած տարուած էին։

Իմ յիշելովս պէկը գիւղին մէջ բոլորին վրայ բացարձակ իշխանութիւն ունէր։ Սակայն հայերն ալ առաջնորդ մը ունէին, որ կը կոչուէր խոճապաշի (գլխաւոր անձ), որ թրքական պետական պաշտօնեայի մը կողմէ կը նշանակուէր։ Ան պաշտօնապէս գիւղի հայերուն պատասխանատուն էր։ Հետաքրքրական փաստ է, որ տարեկան հարկահաւաքը իր միջոցով տեղի կ՚ունենար։ Ինքը կ՚որոշէր իւրաքանչիւր ընտանիք որքան հարկ պէտք էր վճարէր թրքական կառավարութեան, եւ որքան արտադարանք պէտք էր ունենար ամբողջ գիւղը, որպէսզի հաւաքուէր կառավարութեան վճարուելիք անհրաժեշտ հարկը։ Երբ մի քանի զինուած ոստիկաններու՝ ժանտարմաներու ընկերակցութեամբ հարկահաւաքը գիւղ գար, պէկին տունը կ՚երթար, հոն կը տեղաւորուէր եւ կը սպասէր մինչեւ վճարուելիքը հաշւուէր եւ իրեն տրուէր։ Շատ յաճախ հարկերը շատ ծանր կ՚ըլլային, եւ գիւղացիները ի վիճակի չէին ըլլար այս խելքէ դուրս պահանջները բաւարարելու։

Կը յիշեմ. անգամ մը հարկահաւաքը գոհ չէր մնացած հաւաքուած գումարէն։ Թուրք պաշտօնեաները ահագին ճնշում բանեցուցին խոճապաշիին վրայ, որպէսզի ան նորէն շրջի գիւղին մէջ եւ հարկի պահանջուած գումարը հաւաքէ։ Խոճապաշին ըսաւ անոնց, որ ձեռքէն եկածը ըրած էր եւ այդքանը միայն կրցած էր հաւաքել։ Հարկահաւաքը բարկացաւ։ Թուրք ոստիկանութիւնը հրապարակային կերպով մտրակեց խոճապաշին շատ վայրենի եւ սարսափելի դաժան կերպով, մինչեւ որ իրենց պահանջած հարկը հաւաքուեցաւ։ Չեմ կրնար երբեք մոռնալ աս։

Պէկը կամ աղան (այդպէս ալ կը կոչուէր) նաեւ հայու եւ թուրքի կամ երկու թուրքի միջեւ գոյութիւն ունեցող դատական վէճերն ու խնդիրները կը լուծէր։ Իրականութեան մէջ այսպիսի դատական ատեանի մը առջեւ հայերը բացարձակապէս ձայն չունէին։ Եթէ վէճի կողմ թուրքը իր բռունցքը դնէր Գուրանին վրայ, ատիկա բաւարար փաստ էր առ այն, որ ինքը ճշմարտութիւնը կ՚ըսէր։ Երկրի որոշ մասերուն մէջ այս փոքրոգի պզտիկ տիրակալներուն տիրապետութեան տակ իսկական ու լայնածաւալ բռնաճնշումներ տեղի կ՚ունենային։ Օրինակի համար՝ հարսանիքի առաջին օրը հարսը պէտք էր որ նախքան իր ամուսինին կինը դառնալը պէկին կամ աղային այցելէր։ Այս ձեւի բռնաճնշումը տարածուած բան էր մեր երկրի բազմաթիւ շրջաններու մէջ։ Հետեւանքը ան էր, որ բազմաթիւ հայեր ակնդէտ կը սպասէին այն օրուան, երբ իրենց ազատութիւնը պիտի վայելէին, եւ ամենայն հաւանականութեամբ թուրքերը իրազեկ էին այս զգացումներուն մասին։ Վստահ եմ որ էին։

Մեր այս պզտլիկ գիւղին մէջ իրարու հանդէպ մեծ հոգածութիւն կը տիրէր։ Քանի որ փոքր համայնք էին, ամուսնութիւններու հետեւանքով յառաջացած ազգականական կապերը շատ էին։ Կային հօրեղբօր-մօրեղբօր զաւակներ, թոռներ, ծոռներ… այսպէս մինչեւ հինգ սերունդ։ Պիտի նկատէիք, որ մարդիկ անընդհատ իրարու որպէս «հօպար» կամ «մօրքուր» կը դիմէին։ Ասոր հետեւանքով մեր գիւղին մէջ միշտ պզտիկներուն վրայ աչք պահող եւ աղքատներուն հոգ տանող կար։ Շատ ուրախ յիշատակներ ունիմ իմ գիւղիս մասին։ Կը կարծեմ որ ամէն մարդ գոհ եւ ուրախ էր մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմի բռնկումը 1914-ին։

1915-ի-սկիզբները մռայլ պատկեր մը սկսաւ ուրուագծուիլ։ Մեր հնամենի հայրենիքի հայկական նահանգներուն մէջ գիւղ առ գիւղ գիւղացիները խաղաղ եւ ուրախ կեանք կ՚ապրէին։ Ապա աղէտը վրայ հասաւ անոնց գլխուն, խորտակուեցաւ իրենց խաղաղ ապրելակերպը ու երբեք չվերականգնուեցաւ։ Եւ այս բոլոր գիւղացիները ենթարկուեցան տառապանքի բոլոր տեսակներուն՝ զիրենք ոչնչացնելու, աշխարհի երեսէն զիրենք որպէս ազգ բնաջնջելու ուղղուած նախաձեռնութեան մը ծիրէն ներս։

  • [1] Շէխ Հաճի կամ Շէյխ Հաճի։ Այս անունով կողք-կողքի երկու գիւղեր գոյութիւն ունէին Խարբերդի դաշտին մէջ. Վարին Շէյխ Հաճի եւ Վերին Շէյխ Հաճի։ Առաջինը, որ յետագային կոչուած է Աշաղըպաղ (Aşağıbağ), ներկայիս ընկղմած է Արեւելեան Եփրատի (Արածանի, Մուրատ չայ) վրայ կառուցուած Քեպանի ամբարտակի ջուրերուն մէջ։ Մինչ երկրորդը ներկայիս կը կոչուի Եուքարըպաղ (Yukarıbağ)։
  • [2] Հայերը սովորութիւն ունէին զայն անուանել Խարբերդի նահանգ։ Բայց 19-րդ դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ ան կը կոչուէր Մամուրէթիւլ Ազիզի նահանգ։
  • [3] Իրականութեան մէջ «եան» յետադաս մասնիկը անպայմանօրէն այս ինչին զաւակի նշանակութիւն չունի, այլ պարզապէս ցոյց կու տայ պատկանելիութիւն մը։
  • [4] Օսմանեան ժամանակաշրջանին, Մեզրէ կամ Մեզիրէ քաղաքին պաշտօնական անունը Մամուրէթիւլ Ազիզ էր։
  • [5] Կ՚ակնարկուի 1909-ին Մեզիրէի (Մեմուրէթիւլ Ազիզ) մէջ Տոքթ. Թրէյսի Էթքինսոնի կողմէ հիմնուած ամերիկեան միսիոնարական հիւանդանոցին։
  • [6] Հեղինակը այստեղ կ՚ակնարկէ Տեառնընդառաջի տօնակատարութեան, որ տեղի կ՚ունենայ Փետրուարին։ Սոյն տօնը ծանօթ է նաեւ Մելետ, Մելեմէտ, Տէրընտաս անուններով։
  • [7] Քրիստոնէական տօնացոյցին մէջ Վարդավառին կը տրուի Քրիստոսի Այլակերպութեան կամ Պայծառակերպութեան տօն անունը։
  • [8] Սափրիչի ձող (Barber’s Pole) – Ցուցանակ-նշան մը, որ ԱՄՆ-ի մէջ սափրիչները իրենց վարսավիրանոցին ճակատին կը դնէին՝ ցոյց տալու համար իրենց արհեստը։ Սովորաբար կարմիր եւ ճերմակ զուգահեռ պարուրաձեւ գիծերով զարդարուած կ՚ըլլար։
  • [9] Շարոց, սուճուկ։
  • [10] Թոնիրի ակիշին գործածութիւնը իբրեւ չարը խափանող առարկայ յաճախ կը հանդիպինք Խարբերդէն այլ հայերու յուշերուն մէջ։
  • [11] Պէկ/պէյերը սուլթանին կողմէ չէին նշանակուեր, պէկութիւնը պետական պաշտօն չէր։ Պէկը կամ աղան այս տարածքներուն մէջ ազդեցիկ եւ հարուստ աւատապետեր կամ ցեղապետեր էին, որոնք ընդհանրապէս քիւրտեր էին։ Օսմանեան կեդրոնական իշխանութիւնները կը փորձէին սիրաշահիլ տեղական այս ուժերը եւ զանոնք դարձնել իշխանութեան լծակներ։