Հոշէ գիւղը. նկար (Աղբիւր՝ Գէորգ Երեւանեան, Պատմութիւն Չարսանճագի հայոց, Պէյրութ, 1956)

Տերսիմ - Դպրոցներ

Հեղինակ՝ Վահէ Թաշճեան, 13/01/15 (վերջին փոփոխութիւն՝ 13/01/15)

Օսմանեան հայերու վերջին դարու պատմութիւնն ու պետութիւն եւ հայկական համայնք յարաբերութիւնները աւելի լաւ ըմբռնելու համար կարեւոր է կայսրութեան մէջ գործող հայկական վարժարաններու ուսումնասիրութիւնը։ Կրթական այս հաստատութիւնները եղած են հայկական ինքնութիւնը էապէս ապրելու եւ զարգացնելու վայրեր, որոնց բարւոքութեան ի խնդիր համայնքային բարձրագոյն մարմիններէն սկսեալ մինչեւ ամէնէն փոքր գիւղական խորհուրդները յաճախ փորձած են իրենց լաւագոյնը տալ։ Այսպէս, կը բաւէ քննել կայսրութեան պատմութեան յարաբերական ազատութիւններու կարգ մը կարեւոր շրջանները, ինչպէս թանզիմաթեան տարիները, Սուլթան Ապտուլհամիտի գահակալութեան առաջին տարիները եւ մանաւանդ յետ-Սահմանադրութեան (1908) քանի մը տարիները, եւ յստակօրէն կը նկատենք որ հայկական այլազան հաստատութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ անհատներու ներդրումը շատ մեծ եղած է համայնքային վարժարանները բարեփոխելու, կրթական կեանքը զարգացնելու եւ հայկական դաստիարակութեան զարկ տալու գործերուն մէջ։

Իսկ երբ պետական վարչամեքենան առաջնորդուած եղած է հակահայ հալածախտով, երբ բռնութիւնները համատարած եղած են, այն ատեն հայկական վարժարանը կասկածանքի գլխաւոր աղբիւրներէն դարձած է եւ՝ հակահայ ճնշումներու առաջին թիրախներէն։ Ինչպէս պիտի տեսնենք, համիտեան գահակալութեան տարիներուն, կը բաւէր որ խուզարկութեան մը պահուն ոստիկաններ ուսուցիչի մը քովէն գտնէին հայկական հայրենասիրական երգարան մը եւ տուեալ անձը տարիներով կրնար բանտարկուիլ։

Տերսիմի տարածքին գտնուող հայկական բնակավայրերուն մէջ հայկական վարժարանը նոյնպէս իր ուրոյն տեղը ունեցած է։ Քանի մը տասնամեակներու ընթացքին, մանաւանդ 1908-ին սահմանադրական կարգերու վերահաստատումէն ետք, հայկական կրթական օճախները շատ արագ զարգացում կ՚ապրին։ Բացի քաղաքային կեդրոններու կրթական կարեւոր հաստատութիւններէն (Չմշկածագ, Բերի), Տերսիմի տարածքին բազմաթիւ հայկական գիւղեր ունէին իրենց սեփական դպրոցները, որոնք իրենց որակեալ դաստիարակութեամբ եւ մանկավարժական բարեփոխուած մեթոտներով կրնային կարգ մը պարագաներու մրցիլ որեւէ քաղաքային վարժարանի հետ։ Հայկական դպրոցին նկատմամբ այս կապուածութիւնը ի յայտ կու գայ երբեմն փոքր տեղեկութիւններու ընդմէջէն։ Օրինակ Չմշկածագի շրջանի Պէտրէթիլ գիւղը 1895-ի հայկական ջարդերէն ետք մեծապէս կը պարպուի իր հայ բնակչութենէն եւ վերջաւորութեան այստեղ կը մնան միայն վեց տուներ, որոնք սակայն յամառօրէն կը շարունակեն պահել իրենց գիւղի հայկական վարժարանը։ Ուշագրաւ երեւոյթ է նաեւ Չմշկածագ քաղաքի հայկական վարժարանէն ներս 1914-էն սկսեալ սկաուտական շարժման մուտքը։ Աշակերտական տարիքի հայ սկաուտներ կը սկսին արշաւներ կատարել այս գեղեցիկ բնաշխարհին մէջ, ուրկէ վերջնականապէս պիտի անհետանային միայն մէկ կամ երկու տարի ետք։

Չմշկածագ քաղաքէն ընդհանուր տեսարան (Աղբիւր՝ Հայկազն Գ. Ղազարեան, Պատմագիրք Չմշկածագի, Պէյրութ, տպ. «Համազգային», հրատ. Չմշկածագի Հայրենակցական Միութեան, 1971)

Կրթական օճախներու այս արագ զարգացումին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն կ՚ունենան Ուսումնասիրաց ընկերութիւնները, որոնք պանդխտութեան մէջ (Պոլիս, Հալէպ, Միացեալ Նահանգներ, եւայլն) կազմուած նոյն վայրէն համագիւղացիներու կամ համաքաղաքացիներու միութիւններ էին։ Անոնք փորձած են հերթաբար նիւթական օժանդակութիւն տրամադրել իրենց բնակավայրի դպրոցին։ Պետական աջակցութենէ զուրկ պայմաններու մէջ հայկական համայնքային այս համագործակցութիւնը եւ անկէ բխած ուժականութիւնը խորքին մէջ մեծապէս արդիւնաւէտ են եւ հիմնական գործօններ են հայկական կրթական կեանքին զարգացումին, որակեալ ուսուցիչներու պատրաստութեան եւ անոնց գործուղման, ինչպէս նաեւ իգական սեռի դաստիարակութեան տարածումին։ Այս էջով ներկայացուած Տերսիմի հայկական կրթական օճախներուն հարուստ պատկերը լաւագոյն ապացոյցն է կրթական այս աշխուժ գործունէութեան։

Նոյնքան հետաքրքրական է Տերսիմի հայկական դպրոցներուն մասին մեծ թիւով սկզբնաղբիւրներու գոյութիւնը։ Անոնք իրենց մեծամասնութեամբ յետ-Եղեռնեան յուշամատեան ժանրի գրութիւններ են, ուր կարեւոր տեղ տրուած է նաեւ գիւղին կամ քաղաքին դպրոցին։ Դպրոցի շէնքի նկարագրութիւն, ուսուցիչներու եւ աշակերտներու անուններ, կենսագրական նօթեր եւ լուսանկարներ, Ուսումնական ընկերութիւններու մասին տեղեկութիւններ, դպրոցէն ներս թատերական ներկայացումներ։ Այս բոլորը յաւելեալ ապացոյցներ են կրթական այս կեդրոններուն բացառիկ դերին՝ Տերսիմի հայութեան ընկերային-մշակութային կեանքին մէջ։ Այս շարքի գիրքերուն մէջ առանձին յիշատակութեան արժանի է Յովհաննէս Աճէմեանի Չմշկածագի մասին անտիպ գործը, ուր հեղինակը ոչ միայն թանկարժէք տեղեկութիւններ կու տայ տարածքաշրջանի բազմաթիւ հայկական դպրոցներուն մասին, այլ նաեւ գծագիր կը ներկայացնէ այս հաստատութիւններուն ընդհանուր յատակագիծը։ Յայտնապէս Աճէմեան

գիտակից եղած է տեսողական նիւթերու միջոցաւ յիշողութիւն մը, գիւղն ու քաղաքը իր անհետացած կեանքով վերականգնելու գաղափարին կարեւորութեան։ Այնպէս որ իր անտիպ գիրքին մէջ այս միջոցին դիմելով կը փորձէ վերականգնել իր հայրենի Չմշկածագին հայկական կորուսեալ եկեղեցիներն ու դպրոցները։

Չմշկածագ (քաղաք)

«Վարդանեան» երկսեռ վարժարան (վարի թաղ, յետագային՝ «Մեսրոպեան» վարժարան)

Այս մէկը Չմշկածագ քաղաքի վարի թաղի դպրոցն է, որ կը գտնուի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բակին մէջ։ Ծանօթ է նաեւ Քաղաքի դպրոց անունով։ Գոյութիւն ունի 1850-ական թուականներէն սկսեալ։ Երկյարկանի շէնք մըն է, կառուցուած՝ անտաշ քարերով, իւրաքանչիւր յարկի վրայ կան երկու սենեակներ։ Եկեղեցին եւ դպրոցը ունին միեւնոյն բակը, որ կիսուած է բարձր պատով մը։ «Վարդանեան» դպրոցին վերնայարկը ունի մեծ լուսամուտներ, յատակը տախտակամած չէ։ Վերի սենեակներէն մէկը յատկացուած է Առաջնորդարանին, իսկ միւսը՝ դպրոցին։ Աւելի ուշ, երբ աշակերտներուն թիւը կը բազմանայ, վարի յարկին մէջ ալ նոր դասարաններ կը բացուին [1]։ Մինչեւ 1865 թուականը դպրոցը յատկացուած էր միայն տղոց դաստիրակութեան։ Այդ տարին, շրջանի Առաջնորդ Առաքել վրդ. Մազլըմեանի նախաձեռնութեամբ հաստատութիւնը կը դառնայ երկսեռ, ինչ որ առիթ կու տայ տեղւոյն հայկական պահպանողական շրջանակներու դժգոհութեան [2]։ 1870-ական թուականներու տուեալներով, Չմշկածագի այս վարժարանը ունէր մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններ [3]։

1880-ականներու սկիզբը քաղաքին մէջ բազմացած էր հայ աշակերտութեան թիւը։ Բարթողիմէոս Ծ. վրդ. Պաղճեանի առաջնորդութեան օրերուն (1881-1886) կը նախաձեռնուի «Վարդանեան» վարժարանին համար նոր շէնքի մը կառուցումին։ Գործին ետին կանգնող Թաղական խորհուրդին մէջ կը յիշուին հետեւեալ անձերուն անունները. Յակոբ Շահպազեան, Պապաճան Էգնոյեան, Գրիգոր Մինասեան։ Կը յաջողուի ձեռք ձգել շինարարական այս ծրագիրին համար անհրաժեշտ սուլթանական արտօնագիրը, ապա կը գնուի Գասար թաղի արեւելեան ծայրամասը գտնուող եւ Թսոյենց Ալիին պատկանող 2 հազար քառ. մեթր հողատարածք մը։ Այստեղ ալ ծայր կ՚առնեն երկյարկանի վարժարանին շինարարական աշխատանքները, որոնք իրենց աւարտին կը հասնին շատ հաւանաբար 1883 թուականին։ Ճարտարապետն էր Միքայէլ Իգնատոսեան (Էգնոյեան)։ Կը յիշուի նաեւ որ շինարարութեան կը մասնակցին աշակերտներն ու աշակերտուհիները՝ հող մաղելով եւ ջուր կրելով։ 1883 թուականէն սկսեալ «Վարդանեան» վարժարանը կ՚անցնի Պոլսոյ մէջ 1880-ին հիմնուած Միացեալ ընկերութեան հովանաւորութեան տակ։ Հաստատութեան տեսչութիւնը փոխն ի փոխ կը ստանձնեն Մկրտիչ Սարեանն ու Մարկոս Նաթանեան, որոնք Միացեալ ընկերութեան կրթական քննիչներ են [4]։

Նորաշէն դպրոցը իր հարաւային եւ հիւսիսային կողմերուն վրայ ունի պարսպուած մէկական բակ, առաջինը՝ տղոց յատկացուած, իսկ միւսը, 1890-ական թուականներու վերջերուն կը դառնայ աղջկանց խաղավայրը։ Շէնքին ներքնայարկը կը ծառայէ գլխաւորաբար իբրեւ ձմեռային եղանակի խաղավայր։ Անիկա բակերուն վրայ բացուող երկու բարձր դռներ ունի, իսկ գետինը ծածկուած է սրբատաշ քարերով։ Ներքնայարկի արեւելեան եւ արեւմտեան կողմերը կը գտնուին հանդիպակաց սենեակներ, որոնք կը ծառայեն իբրեւ փայտանոց, տնտեսի սենեակ եւ աղջիկներուն համար ձեռագործի արհեստանոց։ Այս սենեակներուն միջոցէն դէմ առ դէմ եւ զուգահեռ կը բարձրանան քարաշէն սանդուխներ, որոնց ճամբով կը բարձրանան երկրորդ յարկ։ Այստեղ են ընադարձակ ընթերցասրահը եւ չորս դասարանները։ Սոյն յարկի սենեակները լուսաւոր են, շնորհիւ բարձր պատուհաններուն, իսկ գետինն ու առաստաղը տախտակամած են։ Դպրոցին տանիքը հողածածկ է, իսկ արեւելեան կողմի վրայ ունի մօտ 1500 քառ. մեթր տարածութեամբ պարտէզ մը զանազան պտղատու ծառերով [5]։

Միացեալ ընկերութեան գործունէութիւնը թէեւ միայն երեք տարի կը տեւէ Չմշկածագի մէջ, բայց եւ այնպէս անիկա կ՚ըլլայ մեծապէս ազդեցիկ։ Այսպէս, այս երեք տարիները հիմնական բարեփոխութիւններ կը մտցնեն դպրոցէն ներս մինչեւ այդ տիրող դասաւանդման եւ մանկավարժական մեթոտներուն մէջ։ Նախապէս այստեղ դասաւանդուող գլխաւոր առարկան Սաղմոսն ու Աստուածաշունչն էր։ Փոփոխութիւններուն լոյսին տակ, նոր առարկաներ մուտք կը գործեն դպրոցէն ներս, ինչպէս հայոց լեզու, հայոց պատմութիւն, սուրբերու պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, թուաբանութիւն, գրահաշիւ (ալժեպրա), իրագիտութիւն, բարոյագիտութիւն, մարմնամարզ, երգեցողութիւն (կրօնական եւ հայկական-հայրենասիրական), նկարչութիւն, գեղագրութիւն, թրքերէն, ֆրանսերէն։ Մինչ նախապէս աշակերտները կը նստէին իրենց տուներէն բերուած բարձերու (մինտար) վրայ, Միացեալի տնօրինութեան օրերուն դասարանները կը կահաւորուին։ Այս շրջանին է նաեւ որ ֆիզիքական պատիժը կ՚արգիլուի հաստատութենէն ներս։ Կը յիշատակուի դէպք մը երբ ուսուցիչ մը գործէ կ՚արձակուի աշակերտը ապտակելուն պատճառով [6]։

«Վարդանեան» վարժարանը կ՚ունենայ նաեւ իր սեփական թատերախումբը, որուն ղեկավարն է դպրոցի ուսուցիչներէն Պետրոս Ադամեան (ծնած Չմշկածագ)։ Այս վերջինը իր ուսումը ստացած է Պոլիս, 1870-ական թուականներուն, տնօրէն եղած է Խարբերդ քաղաքի «Սմբատեան» վարժարանին, յետագային տնօրէնի պաշտօն վարած է Տիարպաքիր/Տիգրանակերտի մէջ։ Հեղինակն է պատմական թեմաներով թատերգութիւններու, ինչպէս «Հայկ եւ Բէլ», «Պապ թագաւոր», «Վարդանանց պատերազմը»։ Աշակերտական խումբը սկիզբը կը կազմուի միայն արական սեռի աշակերտներով, սակայն յետագային անոր կը միանան նաեւ աշակերտուհիներ [7]։ Ադամեան նաեւ երգի ուսուցիչ է։ Անոր օրով Չմշկածագի աշակերտները կը սորվին «Ազատն Աստուած», «Մեր հայրենիք», «Թէ հայրենեաց», «Հերիք որդեակ», «Հիմի էլ լռենք», «Թող փչէ քամին», «Ով մեծասքանչ դու լեզու» հայրենասիրական երգերը։ Աշակերտներէն իւրաքանչիւրը ունէր իր ձեռագիր երգարանը։ Անոնք ամէն կիրակի կը խմբուին՝ Ադամեանի կողմէ երգի դասեր ստանալու համար։ Այս խմբավարին օրով եկեղեցիէն ներս ծայր կ՚առնէ նաեւ աղջիկներու դպրութիւնը։ Կ՚երգեն քօղածածկ, եկեղեցւոյ ձախակողմը՝ տղոց երգչախումբէն անջատ [8]։

Չմշկածագի Միացեալ Ընկերութեան պատկանող վարժարանի վիճակացոյցը տրուած 1914-ին՝ Դ. դասարանի աշակերտ Ներսէս Պապիկեանին (Աղբիւր՝ Հայկազն Գ. Ղազարեան, Պատմագիրք Չմշկածագի, Պէյրութ, տպ. «Համազգային», հրատ. Չմշկածագի Հայրենակցական Միութեան, 1971)

1850-ական եւ 1860-ական թուականներուն «Վարդանեան» վարժարանին մէջ կը դասաւանդեն Սիմոն Ֆէլէկեան եւ Ղազարոս Փէշտիմալճեան, որոնք բնիկ Չմշկածագէն են եւ յետագային ուսում առած՝ Պոլսոյ մէջ։ Ուսուցիչներէն կը յիշուին նաեւ Մինաս վարժապետը (մականունը անյայտ)։ Ուսուցչական անձնակազմը մեծ փոփոխութիւններ կը կրէ երբ Միացեալ ընկերութիւնը կը ստանձնէ վարժարանին տնօրինութիւնը։ Այդ տարիներուն Վարդանեան վարժարանին մէջ կը դասաւանդեն Խաչատուր Մելքոնեան (Լիճէէն), Միքայէլ Հալաճեան (Ակնի Կամրկապ գիւղէն), Մարտիրոս Սոխոյեան (Քըղիէն), Թովմաս Զարզաւաթճեան (Տիգրանակերտէն) [9]։

Միացեալ ընկերութեան տնօրինութեան շրջանին Չմշկածագի վարժարանին շրջանաւարտներէն կ՚ըլլան Կարապետ Թուխմանեան, Եղիա Գլէեան, Կարապետ Ֆասուլիաճեան, Մանկասար Ծաղիկեան (1893-1962), Համբարձում Մելիքեան, Սարգիս Հարազատեան, Սենեքերիմ Ինճէեան (կը սպաննուի 1915-ին), Մարկոս Տէր Մանուէլեան, Ղազար Պօյաճեան, Թադէոս Թադեան, Յարութիւն Կոփոյեան, Երուանդ Իգնատոսեան (Ի. Ա. Երան), Գրիգոր Եազուճեան, Արշակ Պարոնեան, Յարութիւն Քեհայեան, Գաբրիէլ Կութսուզեան, Մելքոն Կութսուզեան, Կարապետ Երանոսեան, Յովհաննէս Տէր Գասպարեան, Աղաճան Նալպանտեան (կը սպաննուի 1915-ին) եւ ուրիշներ [10]։

Միացեալ ընկերութեան հեռացումէն ետք, 1886-1887 տարեշրջանէն սկսեալ դպրոցը վերստին կ՚անցնի տեղական հոգաբարձութեան հսկողութեան տակ։ Տնօրէն կը նշանակուի Պետրոս Ադամեան, իսկ օգնական՝ Եղիա Արսէնեան։ Սակայն, 1887-ին Ադամեան կը ձերբակալուի տեղական իշխանութիւններուն կողմէ, նկատի ունենալով որ տունը խուզարկուելու ատեն հոն կը գտնեն հայկական հայրենասիրական երգարան մը, ինչպէս նաեւ Ղեւոնդ Ալիշանի «Սիսուան» գիրքը։ Ասոնք բաւարար էին որ Ադամեան ուղարկուի Էրզրում/Կարինի բանտը՝ 15 տարուան բանտարկութեան վճիռով։ 1893-ին, ան կը ստանայ կայսերական ներում, Էրզրումէն ճամբայ կ՚ելլէ դէպի Չմշկածագ, բայց Բաբերդի ճամբուն վրայ կը սպաննուի։ Ադամեանի ձերբակալութեան դէպքէն անմիջապէս ետք դպրոցի վարչութիւնը հաստատութեան գրադարանէն կ՚անհետացնէ բոլոր կասկածելի գիրքերը, ինչպէս նաեւ թատերական ներկայացումներուն համար գործածուող բեմի այլազան յարդարանքներ։ Տնօրէնութեան պաշտօնին Ադամեանը կը փոխարինէ Չմշկածագէն Առաքել Կիրակոսեան (հազիւ տարի մը), ապա Սահակ Տօնապետեան (Չմշկածագ քաղաքի Գասար թաղէն) եւ Դաւիթ Քիւրքճեան (Կարմրի գիւղէն)։ 1889-1890 թուականին տնօրէնի պաշտօնին կը կանչուի նոյն դպրոցի շրջանաւարտներէն Մերկեր Թուխմանեան (Գասար թաղէն), որուն կը յաջորդէ Արշակ Պօրանեան (կամ Պարոնեան)։ Թաթուլ Ծայրագոյն վրդ. Դուրեանի (1871-1914) առաջնորդութեան տարիներուն (1898-1902), «Վարդանեան» դպրոցին վերի յարկէն երկու դասարաններ կը սկսին գործածուիլ իբրեւ Առաջնորդարան։ 1903-1906 տնօրէնութիւնը կը ստանձնէ Վահան Ուզունեան [11]։

1886-էն մինչեւ 1908 թուականը դպրոցէն ներս դասաւանդած ուսուցիչներուն շարքին կը յիշուին Յովհաննէս Գասպարեանի, Մարկոս Մանուէլեանի, Սենեքերիմ ինճէեանի, Արշակ Պօրանեանի, Նիկողոս Ագգաշեանի, Մարտիրոս Փափազեանի (ծն. 1884-կը սպաննուի 1915-ին), Քերովբէ Էզկիւլեանի, Մերկեր Քիւրքճեանի, Մինաս Մինասեանի, Յովհաննէս Սուլտուրեանի, Արտաշէս Մանուէլեանի անունները։ Ասոնք մեծամասնութեամբ «Վարդանեան»ի շրջանաւարտներ էին [12]։

Յուլիս 1908-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջման իբրեւ արդիւնք՝ կը վերահաստատուին սահմանադրական կարգերը։ Այս բարեփոխութիւնը պարզ է որ խանդավառութեան փոթորիկ մը կը ստեղծէ կայսրութեան հայերուն քով, որուն ալիքները կը հասնին մինչեւ Տերսիմ։ Չմշկածագի հայերը նոյնպէս մեծ ցոյցերով կը դիմաւորեն պատմական այս դէպքը։ Յուլիս 11-ի երեկոյեան տեղի կ՚ունենայ տօնակատարութիւն մը «Վարդանեան» դպրոցին մէջ, որուն պատշգամի սիւներուն խաչաձեւ ամրացուած են դրօշակներ, անոնց կողքերէն ալ կախուած են լապտերներ։ Խուռներամ ժողովուրդը կը հաւաքուի ընդարձակ ընթերցասրահին մէջ, որ լուսաւորուած էր ջահերով։ Հոս են հին ու նոր հայ աշակերտներ, ուսուցիչներ, հայ երեւելիներ, քանի մը թուրք պետական պաշտօնեաներ։ Դպրոցին տանիքին, ինչպէս նաեւ պատշգամի եզրին տեղադրուած են քարիւղի մոխրագունդեր, եւ երբ կը տրուի ազդանշանը՝ բոլորը միասին կը բոցավառին, ժողովուրդը հաւաքաբար կը պոռայ «եաշասըն հուրիյէթ»։ Այս հանդիսութեան ներկայ է նաեւ Չմշկածագի յուշամատեաններու հեղինակներէն մէկը՝ Համբարձում Գասպարեան, որ այդ ժամանակ աշակերտ է նոյն «Վարդանեան» վարժարանին մէջ։ Իր ծնողքին հետ ներկայ փոքրիկ Համբարձումը այստեղ առաջին անգամ կը լսէ Միքայէլ Նալբանդեանի երգի վերածուած «Ազատութիւն» բանաստեղծութիւնը, Ղեւոնդ Ալիշանի «Բամբ որոտանը»։ Պարզ է որ նոյն վարժարանին երգի ուսուցիչ Պետրոս Ադամեանի բանտարկութենէն ի վեր (1887-ին), այս երգերը երբեւիցէ հրապարակաւ չէին երգուած քաղաքին մէջ։ Դպրոցէն ներս՝ Սահմանադրութեան հռչակումին յաջորդած առաջին ուշագրաւ քայլերէն կ՚ըլլայ հայոց պատմութեան դասաւանդութեան նիւթին յաւելումը։ Կ՚ենթադրենք որ այս դասապահը Սուլթան Ապտուլամիտի գահակալութեան օրերուն ջնջուած էր դասաւանդութենէն։ Բացի ասկէ, կը սկսի նաեւ դասաւանդուիլ ֆրանսերէն, բնագիտութիւն, իրագիտութիւն, հայերէն լեզու, հայկական գրականութիւն, գրաբար, թուաբանութիւն, թրքական գրականութիւն, անգլերէն, օսմանեան պատմութիւն, ընդհանուր ազգաց պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, կրօնագիտութիւն, երգեցողութիւն [13]։

1910-ի շրջանաւարտներէն կը յիշուին Գրիգոր Ծաղիկեան, Սեդրակ Հարազատեան, Միհրան Ղուշիկեան, Մարտիրոս Ինճէեան։ 1910-ին դպրոցին տնօրէն կը նշանակուի Պետրոս Մազլումեան (Արաբկիրի Անջրդի գիւղէն) [14]։

Այս տարիներուն է նաեւ որ աղջիկներն ու տղաքը կը սկսին սորվիլ միեւնոյն դասարանին մէջ, այն տարբերութեամբ որ իրարմէ անջատ խմբաւորուած կ՚ըլլային [15]։

1912-13 տարեշրջանին «Վարդանեան» վարժարանը – այնպէս ինչպէս Չմշկածագի Իւչպէկ թաղի «Ներսէսեան» վարժարանը – կրկին կ՚անցնի վերակազմուած Միացեալ ընկերութեան հսկողութեան տակ։ Նոր տնօրէնը կ՚ըլլայ Գարեգին Փաշալեան (Ակնէն)։ Բայց յաջորդ տարին թաղականութեան անդամներուն միջեւ վէճ կը ծագի, ինչ որ պատճառ կ՚ըլլայ որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամները դուրս գան թաղական կազմէն եւ հիմնեն նոր դպրոց մը՝ Չմշկածագի Ագրակ թաղամասին մէջ վարձելով սենեակ մը։ Տնօրէն կը նշանակեն Դաւիթ Ադամեանը (Քըղիէն), իսկ անոր օգնական՝ Մանուկ Հացագործեանը (Մալաթիայէն)։ Այս ձեւով Վարի թաղը կ՚ունենայ երկու հայկական վարժարան։ Բայց այս վիճակը երկար չի տեւեր եւ քանի մը ամիս ետք անջատուած հատուածը կը վերամիանայ կեդրոնական վարժարանին։ 1912-13 թուականներէն սկսեալ «Վարդանեան» վարժարանը անուն կը փոխէ եւ կը սկսի անուանուիլ «Մեսրոպեան» վարժարան (հայոց գիրերը ստեղծող Մեսրոպ Մաշտոցի յիշատակին), շատ հաւանաբար հայոց գիրերու գիւտին 1500-ամեակի տօնակատարութիւններէն ներշնչուած [16]։

1908-էն մինչեւ 1915 «Վարդանեան» (կամ «Մեսրոպեան») վարժարանէն ներս կը դասաւանդեն Արշակ Պօրանեան, Համբարձում Հէքիմեան, Համբարձում Ամիրխանեան (Հազարիէն), Պօղոս Զէննէեան (Երեցագրակէն), Ղազարոս Գույումճեան (Երեցագրակէն), Մարտիրոս Փափազեան, Հայկուհի Մինասեան, Դաւիթ Ադամեան, Օրիորդ Թագուհի (մականունը անյայտ), Սրբուհի Մէնկիւշեան, Մարիամ Չանկենց (Ակնէն), Սաթենիկ Գասպարեան, Ատովմ Ադամեան (Հազարիէն), Ռուբէն քհն. Հէքիմեան (ծն. 1865-կը սպաննուի 1915-ին) [17]։

Որբանոցի դպրոց

1903-ին Չմշկածագի «Վարդանեան» (յետագային «Մեսրոպեան») դպրոցին կողքին կը հիմնուի գիշերօթիկ բաժին մը որբերուն յատկացուած։ Որբերը դասերու կը հետեւին սովորական աշակերտներուն հետ նոյն դասարաններուն մէջ։ Կը գիշերեն դպրոցին մէջ բացուած առանձին յարկաբաժինի մը մէջ, իսկ ուրիշներ ալ՝ վարձուած տուներու մէջ։ Որբանոցը իր գոյութիւնը կը շարունակէ մինչեւ 1906 [18]։

«Ներսէսեան վարժարան» (Իւչպէկ թաղամաս)

Իւչպէկը (կամ Ուչբակ) Չմշկածագ քաղաքին կից ամբողջութեամբ հայաբնակ թաղամաս մըն է։ Այստեղի հայկական վարժարանը երկյարկանի կառոյց մըն է, որ նախապէս եղած է տեղացի բարեկեցիկ ընտանիքի մը բնակարանը։ Ընտանիքը կը գաղթէ Չմշկածագէն եւ բնակարանը կը կտակէ դպրոցի մը հիմնումին, որ տեղի կ՚ունենայ 1860-ական թուականներուն։ Երկրորդ յարկին վրայ կը գտնուին երկու սենեակներ. անոնցմէ մեծը յատկացուած է տղաներուն, իսկ փոքրը՝ աղջիկներուն։ Վերի յարկը տախտակամած է։ Վարի յարկը կը ծառայէ իբրեւ խաղավայր։ Այս յարկին արեւմտեան կողմը կան երկու սենեակներ, որոնցմէ մէկուն մէջ կը պահեն վառելանիւթ փայտեր, իսկ միւսին մէջ մինչեւ 1912 թուականը կ՚ապրէին թաղամասին հովիւները։ Նոյն յարկին արեւելեան կողմը կը գտնուին արտաքնոցները։ Խաղավայրը միշտ ալ մնացած է հողայատակ [19]։

1880-ական թուականներու սկիզբը, շրջանի Առաջնորդ՝ Բարթողիմէոս Ծ. վրդ. Պաղճեան օրերուն, շէնքը նորոգութեան կ՚ենթարկուի։ Այսպէս, վերնայարկի առաստաղը կը բարձրացուի եւ դասարանները կը կահաւորուին։ Կ՚ենթադրուի որ «Ներսէսեան» վարժարանէն ներս աղջկանց բաժանմունքը հիմնուած է 1901 թուականին, շնորհիւ Իւչպէկ թաղամասէն Միացեալ Նահանգներ գաղթած համաթաղեցիներու նիւթական օժանդակութեան։ 1903-ին, վարի յարկը կ՚օժտուի կամարաձեւ մեծ դուռով մը, իսկ ճիշդ վրայի յարկին վրայ կը կտրեն աղջկանց դասարանի կողմի նախագաւիթը եւ հոն կը կառուցեն ուսուցչանոցը [20]։

Չմշկածագի Իւչպէկ թաղամասէն հայ ընտանիք մը (Աղբիւր՝ Հայկազն Գ. Ղազարեան, Պատմագիրք Չմշկածագի, Պէյրութ, տպ. «Համազգային», հրատ. Չմշկածագի Հայրենակցական Միութեան, 1971)

1912-13 տարեշրջանին «Ներսէսեան» վարժարանը կ՚անցնի վերակազմուած Միացեալ ընկերութեան հսկողութեան տակ։ Այստեղ կը սկսին դասաւանդել Պօղոս Զէննէեան (ծն. 1886-կը սպաննուի 1915-ին) եւ Ղազարոս Գույումճեան (կը սպաննուի 1915-ին), նախապէս «Վարդանեան» վարժարանի ուսուցիչներ, ինչպէս նաեւ Մարտիրոս Փափազեան։ Զէննէեան շրջանաւարտ էր Պոլսոյ Մխիթարեան հայրերու վարժարանէն եւ Պուրսայի շերամաբուծութեան մասնագիտական դպրոցէն, մինչ Գույումճեան շրջանաւարտ էր Կարին/Էրզրումի «Սանասարեան» վարժարանէն [21]։

Ներսէսեան վարժարան (Չմշկածագ)
A: Առաջին յարկ՝ (1) Գլխաւոր դուռ; (2) Դուռ; (3a) Տղոց պէտքարան; (3b) Տնտեսի սենեակ; (4) Սանդուխ; (5) Սանդուխ; (6, 6) Տղոց փակ
B: Երկրորդ յարկ՝ (7) Տղոց դասարան; (8) Աղջկանց դասարան; (9, 9) Դասարաններ; (10) Ուսուցչարան
(Աղբիւր՝ Յովհաննէս Աճէմեան, «Չմշկածագի տեղեկագիրը եւ ի՞նչ ըսուած է անոր մասին», Ուրոյն տեղագրութիւն Չմշկածագ գաւառի [անտիպ], 1954, Պոսթըն) - Յատակագիծը վերաշխատուած է Յուշամատեանի կողմէ

1908-ի աշնան հիմը կը դրուի վարժարանի աշակերտական թատերախումբին։ 1908-09 տարեշրջանին խումբը կը ներկայացնէ Պետրոս Դուրեանի «Սեւ Հողեր»ը, իսկ յաջորդ տարեշրջանին՝ Աւետիս Ահարոնեանի «Արցունքի հովիտ»ը։ 1913-ին թատերախումբը եկեղեցւոյ մէջ կը ներկայացնէ «Վարդանանց պատերազմը»։ Նոյն տարին աղջիկներու խումբը կը ներկայացնէ «Համան եւ Եսթեր» Աստուածաշնչեան նիւթով թատերգութիւնը՝ Ագապի Թադեանի ղեկավարութեամբ։ Կը ներկայացուի նաեւ «Դպրոցէն փախչող տղան» վերնագրով թատերգութիւնը, որ հաւանաբար գրուած էր ուսուցիչներու կողմէ։ Իւչպէկ թաղամասի հայկական այս վարժարանը կը սկսի դառնալ լուսաւորութեան կարեւոր կեդրոն մը։ Որակեալ ուսուցիչներ, մանկավարժական եւ դասաւանդման նորարար մեթոտներ առկայ էին այս վարժարանէն ներս։ Նախքան իր ոչնչացումը՝ 1914-1915 տարեշրջանին, դպրոցէն ներս հիմը կը դրուի նաեւ սկաուտական խումբի մը, որուն կ՚անդամակցին բարձրագոյն կարգի աշակերտները։ Այս մէկը սկաուտական առաջին խումբն էր Խարբերդի ամբողջ շրջանին մէջ։ Հիմնադիրը կ՚ըլլայ դպրոցին տնօրէնը՝ Ղազարոս Գույումճեան։ Խումբը կը կատարէ բազմաթիւ արշաւներ որոնցմէ ոմանք դէպի Եփրատի ափերը եւ Տերսիմի լեռնալանջերը։ Սկաուտները ունէին իրենց յատուկ տարազը, արշաւներէն բացի կ՚ընէին մարզանքներ, կը հետեւէին զանազան մարզաձեւերու, կը մասնակցէին սկաուտական դասընթացքներու [22]։

Ներսէսեան վարժարանի ուսուցիչներէն կը յիշուին հետեւեալ անունները. Մարգար Ճէլալեան, Մեսրոպ Ծերիկեան, Դաւիթ Էքսիզեան, Մերկեր Թուխմանեան, Սահակ Նալպանտեան, Յովհաննէս Աշոտեան, Մարտիրոս Բագրատունի, Վահան Տէր Պօղոսեան, Մարտիրոս Փափազեան, Դաւիթ Արամեան, Ալեքսան Մալեէմէզեան, Պօղոս Զէննէեան, Ղազարոս Գույումճեան, Աբրահամ Հէքիմեան, Մերկեր Մելքոնեան, Մարտիրոս Փէհլիվանեան, Սարգիս Բիւզանդեան, Եղիա Արսէնեան, Մարկոս Տէր Մանուէլեան, Մանուէլ Տէր Մանուէլեան, Սեդրակ Պօյաճեան, Համբարձում Յարութիւնեան, Ղազար Պօյաճեան, Ստեփան Ճէլալեան, Թադէոս Թադեան, Արտաշէս Տէր Մանուէլեան, Յովսէփ Պարտիզպանեան (Ուրֆայի մօտակայ Կարմուճ քաղաքէն), Սենեքերիմ Ինճէեան։ Աղջկանց բաժանմունքի ուսուցչուհիներէն են՝ Ագապի Թադեան, Լուսիկ Սրապեան, Օրիորդ Թագուհի (մականունը անյայտ), Մարիամ Դերձակեան, Աննա Պարտիզպանեան, Աղաւնի Աշոտեան [23]։

1) Պօղոս Զէննէեան (ծն. 1886, կը սպաննուի 1915-ին) (Աղբիւր՝ Յովհաննէս Աճէմեան, «Չմշկածագի տեղեկագիրը եւ ի՞նչ ըսուած է անոր մասին» in Ուրոյն տեղագրութիւն Չմշկածագ գաւառի [անտիպ], 1954)
2)
Պօղոս Զէննէեան (ձախին) եւ իր հօրեղբայրը՝ Կարապետ Զէննէեան (նստած) (Աղբիւր՝ Վազգէն Ա. Անդրէասեան, Հազարիապատում, Ա. հատոր, Պէյրութ, տպ. Կ. Տօնիկեան, 1985)

Բողոքականներու դպրոցը (Չմշկածաք, Իւչպէկ թաղ)

Կը հիմնուի 1891 թուականին, Սենեքերիմ Ինճէեանի կողմէ, որ կ՚ըլլայ նաեւ դպրոցին առաջին ուսուցիչը։ Սկզբնական շրջանին դպրոցի համար կը գործածուէր Ինճէեանի տան սենեակներէն մէկը։ Բայց 1895-ին, երբ Իւչպէկ թաղին մէջ կը կառուցուի բողոքական ժողովարանը, այստեղ ալ կը փոխադրուի դպրոցը իր մօտ 20 երկսեռ աշակերտներով։ Աշակերտներուն թիւը հետզհետէ կ՚աճի եւ կը հասնի մօտ 40 երկսեռ աշակերտի [24]։

Բացի դպրոցին հիմնադիր Սենեքերիմ Ինճէեանէ, այս դպրոցին մէջ դասաւանդած են Պատուելի Պէշկէօթիւրեան (Խարբերդէն), Պատուելի Կարապետ Կիւլեան (Սարըգամըշէն), Պատուելի Սահակ Յովսէփեան (Չմշկածագէն), Յովհաննէս Աշոտեան (Կարմրի գիւղէն), Մեսրոպ Ժամկոչեան եւ Ագապի Թադեան [25]։

Չմշկածագի քաղաքի թրքական վարժարաններ

Չմշկածագ քաղաքին մէջ կան երեք թրքական դպրոցներ, որոնցմէ մէկը կրօնական է, մինչ միւս երկուքը պետական։ Ամէնէն մեծն ու կարեւորը շուկայի վերի հրապարակին վրայ գտնուող երկյարկանի վարժարանն է, որ 1908-էն ետք կը վերածուի բարձրագոյն նախակրթարանի (այսինքն մինչեւ 6-րդ դասարան, Րիւշտիէ)։ Երկորդ դպրոցը կը գտնուի Մէճիտ Մայլէ թաղին Հաճի Ճամի մզկիթին բակին մէջ։ Բաղկացած է 3-4 սենեակներէ, այստեղ կարելի է սորվիլ նախակրթարանի մինչեւ առաջին դասարանները։ Ի վերջոյ երրորդը կրօնական մետրեսէն է։ Աղջիկներու բաժանմունքներ կամ առանձին վարժարան գոյութիւն չունին [26]։

Չմշկածագ քազայի (գաւառակ) գիւղեր

Հազարի (ներկայիս Անըլ)

Այստեղի «Մեսրոպեան» վարժարանը երկսեռ է եւ կը կառուցուի 1850-ական թուականներուն։ Կը գտնուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ կից, երկյարկանի է։ Վարի յարկը ամբողջութեամբ քարաշէն է եւ կը ծառայէ իրբեւ եկեղեցւոյ եւ դպրոցի բակ։ Վերնայարկը բաղկացած է երկու սենեակներէ, իսկ յատակը տախտակամած է։ Աշակերտութեան թիւը մօտաւորապէս 70 է, որուն մօտ 15-18՝ աղջիկներ։ Աղջիկ եւ տղայ նոյն դասարաններուն մէջ կը սորվին, բայց անոնք ըստ սեռի խմբուած կ՚ըլլան եւ խառն չեն նստիր [27]։

Յետագայ տարիներուն աշակերտութեան թիւը յաւելում կը կրէ. գիւղական դպրոցին մէջ շինարարական աշխատանքներ ծայր կ՚առնեն եւ 1907-էն սկսեալ աղջիկները կը տեղափոխուին առանձին դասարան մը։ Շինարարական աշխատանքներուն եւ ընդհանրապէս դպրոցական ծախսերուն մեծապէս կ՚աջակցին Հազարի գիւղէն հայ գաղթականներու կողմէ հիմնուած Ուսումնական ընկերութիւններ՝ Պոլսոյ (հիմնուած 1894-ին) եւ Միացեալ Նահանգներու (1903) մէջ։ 1913-էն սկսեալ, Հազարիի դպրոցը կ՚անցնի Պոլսոյ Միացեալ ընկերութեան հովանիին տակ [28]։

Հազարի, 1908-էն ետք. դպրոցին աշակերտները, ուսուցիչներ եւ թաղական խորհուրդի անդամներ (Աղբիւր՝ Վազգէն Ա. Անդրէասեան, Հազարիապատում, Ա. հատոր, Պէյրութ, տպ. Կ. Տօնիկեան, 1985)

Լորէնս (Մասաչուսէց, Միացեալ Նահանգներ), 1912. Հազարի գիւղին Ուսումնասիրաց ընկերութեան անդամները (Աղբիւր՝ Համբարձում Գասպարեան, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, Պոստոն, Տպ. Պայքար, 1969)

Վազգէն Անդրէասեան Հազարիի վարժարանը յաճախած է 1908-ի Սահմանադրութենէն ետք։ Ան իր յուշերուն մէջ ակնարկութիւններ ունի այս նոր ժամանակներուն դասաւանդութեան կրած փոփոխութիւններուն մասին։ Այսպէս, ասոնք այն ժամանակներն են երբ դասաւանդման նիւթերը կը բազմանան, աշակերտները կը սկսին սորվիլ հայկական հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգեր եւ կը հետեւին մարմնամարզութեան դասերու։ Տարեվերջի բերանացի քննութիւնները տեղի կ՚ունենան հրապարակաւ. անոնց ներկայ կ՚ըլլան շրջակայ քաղաքներու յայտնի ուսուցիչներ, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահագներէն հայրենի գիւղ վերադարձած հայեր, որոնք շատ յաճախ անդամ են գիւղին վարժարանին ի նպաստ գործող Ուսումնական ընկերութեան [29]։

Գիւղի վարժարանին մէջ դասաւանդուող նիւթերէն կը յիշուին կրօնի պատմութիւնը, հայոց լեզուն, քերականութիւնը, ընթերցանութիւնը, թուաբանութիւնը, անգլերէն լեզուն, ընդհանուր պատմութիւնը, թրքերէնը, իրագիտութիւնը։ Աղջիկները կը սորվին նաեւ ձեռագործ, ի մասնաւորի ասեղնագործութիւն։ Ուսուցիչներէն եւ ուսուցչուհիներէն ծանօթ են Մարտիրոս (մականունը անյայտ, Մամսա գիւղէն), Համբարձում Ամիրխանեան, Յովհաննէս Տէր Գասպարեան, Սաթենիկ Տէր Գասպարեան, Աննա (մականունը անյայտ, Ակնէն), Անդրանիկ Ոսկերիչեան (Քըղիէն) [30]։

Վազգէն Անդրէասեան իր գիւղին մասին յուշագրական գիրքին մէջ տեղեկութիւններ կը փոխանցէ նաեւ դպրոցէն ներս գործող պատժամիջոցներուն մասին։ Այսպէս, ան կը յիշէ պատիժ մը, երբ ուսուցիչը գետին կը թափէ խիճեր, պատժուող աշակերտը պարտաւոր է ծունկերով չոքիլ այս քարերուն վրայ, իսկ ձեռքերը վեր բարձրացուցած պէտք է բարձր պահէ քովի եկեղեցիէն յատուկ բերուած Յայսմաւուրքի հսկայ հատորը, որ կրնայ 20-25 քկ. կշռել [31]։

Հազարի գիւղին եկեղեցւոյ եւ վարժարանին գծանկարը։ Գծանկար՝ Վազգէն Անդրէասեանի (Աղբիւր՝ Վազգէն Ա. Անդրէասեան, Հազարիապատում, Ա. հատոր, Պէյրութ, տպ. Կ. Տօնիկեան, 1985)

Մամսա (ներկայիս Ալաքուշ)

Գիւղը ունի երկու դպրոց. «Ներսէսեան» երկսեռ վարժարան եւ հայ-հոռոմներու (հայախօս, բայց յոյն-ուղղափառ եկեղեցիին պատկանող համայնք) դպրոցը։ Երկուքն ալ կառուցուած են համայնքային եկեղեցիներուն կից. հայ-հոռոմներունը Ս. Թորոս եկեղեցւոյ կողքին, իսկ հայ լուսաւորչականներունը՝ Ս. Գէորգի կողքին [32]։

«Ներսէսեան»ը գոյութիւն ունի 1830-ական թուականներէն ի վեր։ Հաստատութեան նիւթապէս օժանդակող ընկերութիւններ կը հիմնուին Հալէպի (1875), Պոլսոյ (1883) եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, Մամսայէն գաղթած համագիւղացիներէ կազմուած։ Դպրոցը սկիզբը միայարկ է, բայց յետագային կ՚աւելցուի երկորդ յարկ մը, որ ունի բարձր առաստաղ, մեծ լուսամուտներ եւ կազմուած է երկու համաչափ սենեակներէ։ Ներքնայարկը կը բաղկանայ բակէն եւ անոր կողքին կառուցուած սենեակէ մը։ 1870-ականներէն սկսեալ կը դառնայ երկսեռ վարժարան։ 1880-ական թուականներուն, որոշ ժամանակ դպրոցին տնօրէնութիւնը կը վարէ Պոլսոյ Միացեալ ընկերութիւնը։ Այս տարիներուն, Վարդանեան վարժարանի արուեստի դասատուներէն՝ Պետրոս Ադամեան, կը ժամանէ Մամսա եւ «Ներսէսեան»ի բարձր դասարանի աշակերտներուն եւ գիւղի երիտասարդներուն մասնակցութեամբ կը կազմէ թատերական խումբ։ Եկեղեցւոյ բեմին եւ գաւիթին մէջ կը ներկայացուին «Պապ թագաւոր» եւ «Վարդանանց պատերազմը» թատերախաղերը։ Բայց 1893-էն սկսեալ, համիտեան խստութիւնները կը սաստկանան, այս պատճառով ալ բացարձակապէս կը դադրին այսպիսի նիւթերով թատերական ներկայացումներ կամ հայրենասիրական երգերու ուսուցում դպրոցէն ներս [33]։

«Ներսէսեան» կը յաճախեն մօտ 20 տղաք ու աղջիկներ։ Այստեղ դասաւանդած է Ստեփան Վեհապետեան [34]։

Հայ հոռոմներու դպրոցը միայարկ է եւ կազմուած է երեք սենեակներէ։ Անիկա յատկացուած է միայն տղոց կրթութեան։ Այստեղ գործածուող դասագրքերը յունատառ թրքերէնով են, իսկ հայերէն նոյնպէս կ՚ուսուցանուի [35]։

Մամսայի Ս. Գէորգ եկեղեցին (1) եւ Ներսէսեան վարժարանը (2)
(A) Առաջին յարկ՝ (1) եկեղեցի; (2) գաւիթ; (3) վերնատուն; (4) սանդուխ; (5) սանդուխ
(B) Երկրորդ յարկ՝ (6) երեք դասարաններ
(Աղբիւր՝ Համբարձում Գասպարեան, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, Պոստոն, Տպ. Պայքար, 1969) Յատակագիծը վերաշխատուած է Յուշամատեանի կողմէ

Սիսնա (ներկայիս Վարլըքոնաք)

Դպրոցը կը կառուցուի 1860-ին, Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ կից։ 1900-ին նոյն վարժարանը կը վերաշինուի եւ կը դառնայ երկյարկանի կառոյց մը։ Ըստ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցի, 1879-ին այս վարժարանը կը յաճախեն մօտ 25 աշակերտ։ Պոլսոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ կը հիմնուին այս դպրոցին նիւթապէս աջակցող Ուսումնասիրաց ընկերութիւններ, յաջորդաբար 1875-ին եւ 1910-ին [36]։

Կարմրի (ներկայիս Կետիքլեր)

Կարմրիի վարժարանն ու Ս. Աստուածածին եկեղեցին. (1) եկեղեցին; (2) փակը; (3) Դպրոցին առաջին յարկը; (4) Դպրոցին երկրորդ յարկը
(Աղբիւր՝ Յովհաննէս Աճէմեան, «Կարմրի»,
Ուրոյն տեղագրութիւն Չմշկածագ գաւառի [անտիպ], 1952, Պոսթըն) - Յատակագիծը վերաշխատուած է Յուշամատեանի կողմէ


Դպրոցը երկսեռ է եւ կառուցուած է գիւղին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կողքին։ Կը կոչուի «Եփրատեան»։ Սկիզբը միայարկ եղած է, բայց 1880-ին կ՚աւելցուի երկրորդ յարկ մը, որ ընդարձակ սենեակ մըն է՝ բարձր եւ լայն լուսամուտներով։ 19-րդ դարու երկրորդ կիսուն Պոլսոյ մէջ կը հիմնուի «Եփրատեան» անունով ընկերութիւն մը դպրոցին համար նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելու նպատակով։ Որոշ ժամանակ գործելէ ետք ընկերութիւնը կը փակուի։ Ապա, 1909-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ Կարմրի գիւղէն գաղթած հայեր կը հիմնեն Ուսումնական ընկերութիւն մը դպրոցին նիւթական պէտքերը հոգալու համար։ Մասնաճիւղ մըն ալ կը հիմնուի Հալէպի մէջ։

Դպրոցին մէջ դասաւանդած ուսուցիչներէն է Դաւիթ Քիւրքճեան (ծանօթ նաեւ Մլեհեան մականունով), որ Կարմրի գիւղէն է, շրջանաւարտ՝ Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանէն։ Յայտնի է իբրեւ երաժիշտ եւ ձայնագրող։ Այլ ուսուցիչներու շարքին կը յիշուին Նիկողայոս Աշոտեան, Մանուկ Նորզիկեան (Կարմրի գիւղէն, շրջանաւարտ Եփրատ գոլէճէն, կը սպաննուի 1915-ին), Յարութիւն Այրասեան, Տիգրան Մարտիրեան, Միքայէլ Թոփճեան, Առաքել Էյլէրեան (Քաջբերունի), Մարգար վարժապետ։

Գիւղը ունի նաեւ թրքական միայարկ դպրոց մը (կրօնական), որուն կառուցման թուական կ՚ենթադրուի ըլլալ 1890-ը [37]։

Մուռնայի/Միրնաւ

Դպրոցը կը գտնուի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մօտիկ՝ գիւղին հարաւ-արեւմուտքը, կառուցուած է 1892-ին անտաշ քարերով, իսկ 1894-ին կ՚աւելցուի երկրորդ յարկ մը։ Կը կոչուի «Աբգարեան» երկսեռ վարժարան, բայց 1911-ին կը սկսի անուանուիլ «Թորգոմեան»։ Վերնայարկը ունի բարձր առաստաղ, բաղկացած է երկու սենեակներէ, յատակը տախտակամած է եւ լուսամուտները մեծ են։ Այս յարկը կը բարձրանան շէնքին դուրսէն կառուցուած փայտաշէն սանդուխներով։ Սակայն վերնայարկին շինութենէն անմիջապէս ետք այստեղ կը հաստատուին օսմանցի ոստիկաններ եւ փաստօրէն այս յարկը կը սկսի գործածուիլ իբրեւ ոստիկանատուն, ինչպէս նաեւ ախոռ՝ ոստիկաններուն ձիերուն համար։ Պետական այս պաշտօնեաները Մուռնայի կը գտնուէին գիւղը պաշտպանելու հանգամանքով, բայց հայկական սկզբնաղբիւրները թերահաւատութիւն կը յայտնեն անոնց պաշտպանողի դերին նկատմամբ։ Իսկ երբ ոստիկանները բացակայ են, վարի յարկը կը ծառայէ իբրեւ իջեւան՝ գիւղ այցելողներու համար։ Այս կացութիւնը կը տեւէ մինչեւ 1908-ի սահմանադրութեան վերահաստատումը, երբ ոստիկանները կը հեռանան եւ վերնայարկը կը սկսի գործել իր սկզբնական նպատաին համար, այսինքն հայ աշակերտներու դաստիարակութեան։ 1895-ի հակահայ ջարդերուն ընթացքին դպրոցն ու եկեղեցին, ինչպէս նաեւ գիւղին հայկական տուները կը հրկիզուին։ 1898-ին շէնքը արդէն վերանորոգուած է եւ դասաւանդութիւնները կը վերսկսին այնտեղ [38]։

Դպրոցին նիւթապէս օժանդակող եւ համագիւղացիներէ կազմուած ընկերութիւններ կը հիմնուին Պոլիս (1891), Միացեալ Նահանգներ (1908) եւ Հալէպ (1910)։ 1911-ին գիւղին վարժարանը կը յաճախեն մօտ 50 աշակերտ՝ մինչեւ 5-րդ դասարան։ 1912-էն սկսեալ կը սկսի տնօրինուիլ Պոլսոյ Միացեալ ընկերութեան կողմէ։ Ուսուցիչներէն կը յիշատակուին Յովհաննէս Տէր Գասպարեան (Չմշկածագէն), Ատովմ Ադամեան (Հազարիէն), Շաւարշ Ալթիպարմագեան (Սիսայէն) [39]։

Մուռնայի, 1912. գիւղին աշակերտները։ Առաջին շարքին վրայ կ՚երեւի նաեւ ուսուցիչ՝ Յովհաննէս Տէր Գասպարեանը (գլուխը ձեռքին յենած)։ Պատկերին վերի բաժինին վրայ աւելցուած է նաեւ Խրիմեան Հայրիկին նկարը (Աղբիւր՝ Համբարձում Գասպարեան, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, Պոստոն, Տպ. Պայքար, 1969)

(1) Դպրոցը; (2) Դպրոցին երկրորդ յարկը
(Աղբիւր՝ Յովհաննէս Աճէմեան, «Մուռնայի»,
Ուրոյն տեղագրութիւն Չմշկածագ գաւառի [անտիպ], 1953, Պոսթըն) - Յատակագիծը վերաշխատուած է Յուշամատեանի կողմէ

Երեցագրակ (կամ Երիցագրակ)

Գիւղին «Աբգարեան» վարժարանը կը գտնուի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ընդարձակ բակին հարաւային կողմը։ Քարաշէն եւ երկյարկանի կառոյց մըն է, երկու յարկերուն յատակը տախտակամած է, ունի մեծ պատուհաններով լուսաւոր սենեակներ։ Առաջին յարկը ընդհանրապէս կը գործածուի իբրեւ դպրոցի եւ եկեղեցւոյ պահեստ։ Ատեն-ատեն անիկա եղած է նաեւ գիւղը «պաշտպանելու» կոչուած պետական ոստիկաններու կացարան [40]։

Վարժարանը երկսեռ կը դառնայ 1890-ական թուականներուն։ Ուսուցիչը իրբրեւ վարձատրութիւն ամէն տարի աշակերտներուն ծնողներէն կը ստանայ 15-20 քիլոկրամ ցորեն, առաւել կը գանձէ մինչեւ 10 օսմանեան ոսկիի հասնող տարեկան մը։ Գումարը կը գոյանայ այս նպատակով յառաջ եկած չորս ընկերութիւններէ, որոնցմէ մէկը կազմուած է գիւղին երիտասարդներէն, մինչ միւս երեքը՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ գտնուող համագիւղացիներէ։ Ուսուցիչներէն կը յիշուին Վահան Յովնանեան եւ Արիստագէս քհն. Գաբրիէլեան, որ այս վարժարանին մէջ կը դասաւանդէ 1902-էն 1907 [41]։

Երիցագրակ, 1908-էն ետք։ Դպրոցին աշակերտները։ Կեդրոնը, նստած՝ ուսուցիչը՝ Վահան Յովնանեան (Աղբիւր՝ Վազգէն Ա. Անդրէասեան, Հազարիապատում, Ա. հատոր, Պէյրութ, տպ. Կ. Տօնիկեան, 1985)

Երեցագրակի Աբգարեան վարժարանն (1) ու Ս. Խաչ եկեղեցին (2)։
Ծածկուած բակը (3), բացօթեայ փակը (4), առաջին յարկը (5), երկրորդ յարկը (6)

(Աղբիւր՝ Յովհաննէս Աճէմեան, «Երիցագարակ», Ուրոյն տեղագրութիւն Չմշկածագ գաւառի [անտիպ], 1951, Պոսթըն) - Յատակագիծը վերաշխատուած է Յուշամատեանի կողմէ

Մորշխա կամ Մորշխան

Գիւղին դպրոցը կը կառուցուի 1880-ին, շնորհիւ Հալէպի մէջ կազմուած մորշխացիներու «Ռուբէնեան ընկերութեան» դրամական օժանդակութեան։ Կը գտնուի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կողքին, երկյարկանի է, կառուցուած է սեւ հասարակ քարերով, վերնայարկը կը գործածուի դասապահերուն, իսկ ներքեւի յարկը դպրոցին պահեստն է։ Կրթութիւնը եկսեռ կը դառնայ 1890-ին։ 1910-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ կը հիմնուի Մորշխայի վարժարանին նիւթապէս աջակցող Ուսումնասիրաց ընկերութիւն մը։ Դպրոցին մէջ դասաւանդած են Բարսեղ Սրմաքէշեան, Յովհաննէս Տէր Գասպարեան, Տիգրան Բարունակեան եւ Երեմիա Փափազեան (սպաննուած 1915-ին) [42]։

Բազաբոն (ներկայիս Ճեպէ)

Դպրոցը կը կառուցուի շատ հաւանաբար 1889-ին, Հալէպի մէջ բազաբոնցի պանդուխտ հայերու կողմէ կազմուած «Պարթեւական» ընկերութեան նիւթական նպաստին շնորհիւ։ Կը գտնուի գիւղին արեւելեան կողմը, բարձր դիրքի մը վրայ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կողքին։ Սկիզբը միայարկ եղած է։ 1895-ի հակահայ ջարդերուն ընթացքին շէնքը կը հրկիզուի եւ փոխարէնը՝ 1898-ին, կը կառուցուի երկյարկանի վարժարան մը։ Հաստատութենէն ներս դասաւանդութիւնները կը տեւեն մինչեւ 3-րդ դասարան։ Բազաբոնցիներէն կազմուած եւ դպրոցին նիւթապէս նպաստող ընկերութիւն մը կը հիմնուի Ուստըրի մէջ (Միացեալ Նահանգներ), 1914-ին։ Ուսուցիչներէն կը յիշուին Սիմոն Ծերիկեան եւ Մելիքսէթ Ծերիկեան [43]։

Խարասար կամ Ղարասար (ներկայիս Քարասար)

Դպրոցը շինուած է գիւղին Ս. Թորոս եկեղեցւոյ բակին մէջ։ Երկյարկանի է, վերի յարկին յատակը տախտակամած է, շատ հաւանաբար 1890-ական թուականներէն սկսեալ այստեղ դաստիարակութիւնը եկսեռ է, իսկ դասաւանդութիւնները կը տեւեն մինչեւ 4-րդ դասարան։ 1903-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ կը հիմնուի Խարասար գիւղի Կրթասիրաց միութիւնը՝ դպրոցի նիւթական կարիքներու օժանդակելու նպատակով։ Ուսուցիչներէն կը յիշուին Մարտիրոս Թադէոսեան (Ակնի Ծակք գիւղէն) [44]։

Թումա Մէզրէ

Սկզբնական շրջանին դպրոցը եղած է գիւղին Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ կողքին գտնուող սենեակ մը։ 1900-ին, եկեղեցին կը նորոգուի եւ անկէ կ՚առանձնացնեն առանձին սենեակ մը, որ այնուհետեւ կը դառնայ գիւղին նորաշէն դպրոցը։ 1908-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ գտնուող թումա մէզրէցի պանդուխտները կը հիմնեն Ուսումնասիրաց ընկերութիւն մը եւ կը սկսին հոգալ գիւղական վարժարանին ծախսերը։ Ուսուցիչներէն կը յիշուի Պետրոս վարժապետը (մականունը անյայտ)։ Գիւղին թուրքերը ունին նաեւ իրենց կրօնական վարժարանը, որ յատկացուած է միայն մանուկներու դաստիարակութեան [45]։

Պարտիզակ կամ Պաղչաճուղ

Դպրոցը կը կառուցուի 1902-ին, գիւղին Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մօտիկ։ Մինչեւ 1912 եղած է միայարկ շինութիւն մը։ Այդ թուականին, Միացեալ Նահանգներու մէջ հիմնուած (1911-ին) Պաղչաճուղ գիւղի Ուսումնասիրաց ընկերութեան դրամական նպաստին շնորհիւ կը կառուցուի երկյարկանի դպրոց մը, որ կը կոչուի «Գէորգեան երկսեռ վարժարան»։ Նախատեսուած էր որ վարժարանը ունենայ նաեւ գրադարանի եւ սրահի բաժիններ, բայց ասոնց իրագործումը անկատար կը մնայ 1914-ին պատերազմին բռնկման պատճառով եւ անոր յաջորդած՝ հայերու ոչնչացման։ Հոս դասաւանդած ուսուցիչներէն են՝ Ասատուր վարժապետ (Արաբկիրի Մաշկերտ գիւղէն), Բարթողիմէոս Գարօղլանեան եւ Միհրան Քիւփէլեան (Չմշկածագէն)։ Այս վերջինը կը հիմնէ աշակերտական թատերախումբ մը եւ գիւղին եկեղեցիին մէջ կը ներկայացնեն Պետրոս Դուրեանի «Սեւ Հողեր» թատերախաղը [46]։

Պրեխի (ներկայիս Վիշնելի)

Դպրոցի շէնքը կը կառուցուի 1908-ին։ Միայարկ է եւ կը գտնուի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ կողքին։ 1899-ին, Պոլսոյ մէջ կը հիմնուի Պրեխի վարժարանին ի նպաստ Ուսումնասիրաց միութիւն մը, որուն գործունէութեան յաւելեալ տեղեկութիւններ կը պակսին [47]։

Պէտրէթիլ կամ Պէյրէթիլ (ներկայիս Հարմանլար)

Միայարկ դպրոցը կը կառուցուի 1870-ական թուականներուն, գիւղին Ս. Աստուածածին (կ՚ենթադրուի որ նախապէս կոչուած է Ս. Յակոբ) եկեղեցւոյ կից։ 1895-ի հակահայ կոտորածներէն ետք գիւղին հայ բնակչութեան թիւը մեծապէս կը նուազի, բայց հոս ապրիլ շարունակող վեց տուն հայերը կը պահեն իրենց դպրոցը մինչեւ 1915 թուականը։ Ուսուցիչներէն են՝ Յարութիւն Մաթիկեան (Մամսա գիւղէն), Եղիազար Զաքարեան եւ Յարութիւն Քէհիայեան [48]։

Միատուն (ներկայիս Կեմիճի - հիւղակ)

Դպրոցը կը կառուցուի 1868-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բակին արեւմտեան կողմը։ Դպրոցն ու եկեղեցին կը գտնուին բարձր դիրքի մը վրայ։ 1892-ին կ՚աւելցուի երկրորդ յարկ մը՝ երկու սենեակով եւ բարձր պատուհաններով։ Դաստիրակաութիւնը եկսեռ է։ Ուսուցիչներէն են՝ Տէր Պօղոս, Տէր Պետրոս, Տէր Նշան, Սարգիս Դերձակեան, Խաչատուր Դերձակեան, Յարութիւն Մարգարեան եւ Սարգիս Բագրատունի [49]։

Միատունի վարժարանը (1) եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցին (2)
Դպրոցին յատակագիծը՝ (1) առաջին յարկ; (2) ծածկուած փակ; (3) սանդուխ; (4, 4) երկրորդ յարկի դասարաններ
(Աղբիւր՝ Յովհաննէս Աճէմեան, «Միատուն գիւղ» in Ուրոյն տեղագրութիւն Չմշկածագ գաւառի [անտիպ], 1952, Պոսթըն) - Յատակագիծը վերաշխատուած է Յուշամատեանի կողմէ

Յաղթուկ (ներկայիս Թեքելի)

Դպրոցը կը գտնուի գիւղին մէջ առանձին տեղ մը։ Անիկա գոյութիւն ունի 1870-ական թուականներէն ի վեր։ Երկյարկանի շէնք մըն է, որուն երկրորդ յարկը կը բարձրանան դուրսէն շինուած սանդուխով մը։ Վերնայարկը ընդարձակ սենեակ մըն է, ուր տեղի կ՚ունենան դասաւանդութիւնները։ Իսկ վարի յարկը կը գործածուի իբրեւ մարագ, ուր գիւղացին յարդ կը պահէ, եւ փոխարէնը՝ ձմեռ եղանակին պէտք էր դպրոցին հոգ տանի, օրինակ վառելանիւթ փայտ հայթայթելով [50]։

Շատ հաւանաբար 1890-ականներուն գիւղին վարժարանը կը վերածուի երկսեռ վարժարանի։ 1910-ին, Միացեալ Նահանգներու Լորէնս քաղաքին մէջ յաղթուկցի հայեր կը հիմնեն Ուսումնասիրաց ընկերութիւն մը՝ իրենց գիւղի վարժարանին նիւթական հոգերուն հասնելու նպատակով։ Կը յիշուի որ դպրոցը ունեցած է նաեւ աշակերտական թատերախումբ մը, որ ներկայացում տուած է գիւղին Ս. Մինաս եկեղեցիին մէջ։ Այստեղ դասաւանդած ուսուցիչներէն են՝ Յովհաննէս Մահտէսեան, Տէր Յարութիւն Փափազեան, Սրապիոն Ամիրխանեան, Մերկեր Քիւրքճեան (յետագային Տէր Ատովմ քահանայ), Տիգրան Բարունակեան, Գեղամ Ծերիկեան, Միհրան Ղուշիկեան-Քիւփէլեան, Ալեքսանդր Բիւզանդեան եւ քոյրը (անունը անծանօթ) [51]։

Տէգէ (ներկայիս Թորաթլը)

Մինչեւ 1914 թուականը այս գիւղին երախաները կը յաճախէին Յաղթուկի վարժարանը կամ ալ անոնցմէ ոմանք կը հաւաքուէին գիւղացիներէն մէկուն ազատ սենեակը, ուր դասաւանդութիւններ տեղի կ՚ունենային։ Բայց 1910-ին, համագիւղացի պանդուխտներու կողմէ Միացեալ Նահանգներու Լորէնս քաղաքին մէջ կը հիմնուի Ուսումնասիրաց ընկերութիւն մը, որուն նպատակն էր գիւղին Ս. Թորոս եկեղեցին նորոգել եւ դպրոց մը կառուցել։ 1914-ին արդէն միայարկ վարժարանը – գիւղին հիւսիսը - պատրաստ կ՚ըլլայ, զայն կը կոչեն «Թորոսեան» վարժարան, որ միայն մէկ տարի կը գոյատեւէ, երբ վրայ կը հասնին ջարդերն ու տեղահանութիւնը։ Այստեղ դասաւանդած է Արմենակ Սիմոնեան (Չմշկածագ քաղաքէն)։ Ուսուցիչին վարձատրութիւնը ընդհանրապէս կ՚ըլլայ ցորեն, որ իրեն կը տրուէր աշակերտներուն ծնողներուն կողմէ։ Ան նաեւ իրաւունք ունէր ամէն օր աշակերտներէն մէկն ու մէկին տունը ճաշել [52]։

Չարսանճագի քազա (գաւառակ)

Բերի (ներկայիս Աքփազար) – Լուսաւորչական վարժարան

Քաղաքին արեւելեան կողմը գտնուող բլուրին վրայ կառուցուած են աղջկանց եւ տղոց վարժարանները։ Այս բլուրին հոյակապ դիրքին վրայ բազմած է նաեւ Բերիի հնադարեան եւ հսկայ եկեղեցին՝ Ս. Աստուածածինը։ Անոր արեւմտեան կողմը կը գտնուի աղջկանց վարժարանը, իսկ հիւսիսային կողմը՝ տղոց վարժարանը։ Կրթական այս հաստատութիւնը կը հիմնուի 1878-ին։ 1901-ի տուեալներով այստեղ կը յաճախեն 279 աշակերտներ, որոնցմէ 178-ը տղաք, իսկ 101-ը աղջիկներ։ 1912-ին այս աշակերտութեան թիւը մօտ երկու հարիւր է։ Դասաւանդութիւնները կը տեւեն մինչեւ 6-րդ դասարան [53]։

Մինչեւ 1900-ական թուականներու սկիզբը Բերիի մէջ կը գործէ նաեւ եկեղեցւոյ կապուած որբանոց մը մօտ 25 հայ որբերով, որոնք կը յաճախեն քաղաքին հայկական վարժարանը [54]։

1892-ին քաղաքին վարժարանը կ՚անցնի Պոլսոյ մէջ հիմնուած Միացեալ ընկերութեան հովանաւորութեան տակ։ Իբրեւ ուսուցիչ այստեղ կը գործուղղուի Մամիկոն Վարժապետեան (ծնած Քըղի, 1866-ին), որ յետագային, 1896-էն մինչեւ 1901 կը վարէ նոյն վարժարանին տնօրէնութիւնը։ 1910-1912 վարժարանին տնօրէնութիւնը կը ստանձնէ Արշակ Պարոնեան (Չմշկածագէն, կը սպաննուի 1915-ին)։ 1912-ին վարժարանը դարձեալ կ՚անցնի Միացեալ ընկերութեան հովանաւորութեան տակ եւ տեսուչ կը նշանակուի Պետրոս Սրապեան (Քըղիէն), ապա Սողոմոն Ռահանեան (Քըղիէն)։ Այս վերջինին կինը՝ Աննակիւլ Ռահանեան (ծնեալ Ուրֆալեան, Բերիէն), նոյն ժամանակներուն կը ստանձնէ աղջկանց վարժարանին տեսչութիւնը։ Ռահանեան զոյգին գործունէութիւնը կը յատկանշուի կրթական կարեւոր բարեփոխումներով [55]։

Բերի քաղաքը (նկար) (Աղբիւր՝ Գէորգ Ս. Երեւանեան, Պատմութիւն Չարսանճագի հայոց, Պէյրութ, տպ. Կ. Տօնիկեան, 1956)

1) Աննակիւլ Ռահանեան (ծն. Ուրֆալեան, Բերիէն) եւ իր որդին՝ Արմենակ
2) Մամիկոն Վարժապետեան
(Աղբիւր՝ Գէորգ Ս. Երեւանեան, Պատմութիւն Չարսանճագի հայոց, Պէյրութ, տպ. Կ. Տօնիկեան, 1956)

1908-ին, Օսմանեան կայսրութեան մէջ սահմանադրական կարգերուն հաստատումը նոր թափ կու տայ նաեւ Բերիի մէջ կրթական կեանքին զարգացումին։ Այս ժամանակաշրջանին է որ կրթութիւնը կը սկսի երկարիլ մինչեւ նախակրթարանի 6-րդ դասարանը, շէնքը կը վերանորոգուի, գրասեղանները կը բազմանան, իսկ հայոց պատմութիւն եւ հայկական հայրենասիրական երգեր կը սկսին ազատօրէն ուսուցուիլ։ Դպրոցին շրջանաւարտից միւթիւնը կը հիմնէ թատերական խումբ մը եւ քաղաքին մէջ կը ներկայացնէ Չարշըլը Արթին աղա թատերախաղը (հեղինակ՝ Երուանդ Օտեան եւ Միքայէլ Կիւրճեան) [56]։

1894-ին, Նիւ Եորքի մէջ կը հիմնուի Բերիի Ուսումնասիրաց ընկերութիւն մը՝ դպրոցին նիւթապէս օժանդակելու նպատակով։ 1909-էն սկսեալ ամիրկեան այլ քաղաքներու մէջ կը բացուին մասնաճիւղեր (Պինկհէմթըն, Պրիճփորթ, Ֆիլատելֆիա, Շիքակօ, Թամսընվիլ, Քէմպրիճ, Գալիֆորնիա), որոնք աշխուժ գործունէութիւն կը տանին՝ ամէն տարի նիւթական կարեւոր աջակցութիւն հասցնելով իրենց հայրենի քաղաքի վարժարանին [57]։

Բացի վերոնշեալ անուններէն, վարժարանին մէջ դասաւանդած են նաեւ՝ Յովհաննէս Մազմանեան (Բերիէն), Մեսրոպ Սամուէլեան (Բերիէն), Աբրահամ Էօքսիւզեան (Բերիէն), Արմենակ Մելիտոսեան (Բերիէն), Ստեփան Կոփոյեան (Բերիէն), Յովհաննէս Թադոյեան (Բերիէն), Մարտիրոս Չուլճեան (Հիւսէնիկէն), Վարդան Կատարիկեան, Կարապետ Կատարիկեան, Խոսրով Ուրֆալեան։ Ուսուցչուհիներէն կը յիշուին Զարուհի Էօքսիւզեան, Արաքսի Չաքմաքճեան (Բերիէն), Մաքրուհի Էմիրտաշեան (Բերիէն), Ազնիւ Ուրֆալեան (Բերիէն), Աղաւնի Գասբարեան (Բերիէն), Մարիամ Ուրֆալեան (Բերիէն) [58]։

1) Բերիի Ուսումնասիրաց ընկերութեան (հիմնուած 1908-ին) նշանը
2) Բերիի ուսուցիչներէն՝ Մեսրոպ Սամուէլեանի (նստած՝ գլխուն ֆէս, ձեռքին հովանոց) ընտանիքը
(Աղբիւր՝
Գէորգ Ս. Երեւանեան, Պատմութիւն Չարսանճագի հայոց, Պէյրութ, տպ. Կ. Տօնիկեան, 1956)

Բերի - բողոքական վարժարան

Դպրոցը երկսեռ է, մօտ 35 աշակերտներով։ 1895-ի հակահայ ջարդերէն ետք բողոքականները կը հիմնեն նաեւ որբանոց մը, ուր կ՚ընդունուին անպատսպար մնացած երախաներ։ 1901 թուականին այստեղ կային մօտ 51 երկսեռ որբեր [59]։

Բերիի ուսուցիչներէն Աբրահամ եւ Զարուհի Էօքսիւզեան ամոլը եւ իրենց դուստրը՝ Տիգրանուհի (Աղբիւր՝ Գէորգ Ս. Երեւանեան, Պատմութիւն Չարսանճագի հայոց, Պէյրութ, տպ. Կ. Տօնիկեան, 1956)

Բերդակ (ներկայիս Բերդեկ)

Հայկական դպրոց մը գոյութիւն ունեցած է այստեղ, սակայն յաւելեալ տեղեկութիւններ կը պակսին այս մասին [60]։

Հոշէ (ներկայիս Քարշըքոնաք)

Դպրոցը կ՚ենթադրուի որ կառուցուած է 1909-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ հիմնուած հոշէցիներու Ուսումնասիրաց ընկերութեան նիւթական ջանքերով։ Կրթական հաստատութիւնը կը գտնուի եկեղեցւոյ կողքին, անիկա քարաշէն կառոյց մըն է, որ յարմար է մինչեւ 60 աշակերտի կրթութեան [61]։

Խուշին (ներկայիս Քուշչու)

Դպրոցը կը գտնուի գիւղին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կողքին։ Հոս կը յաճախեն մօտ 75 աշակերտներ [62]։

Պասու (ներկայիս Կիւնեշտերէ)

Դպրոցը կը գտնուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից [63]։

Մաստան (ներկայիս Օրթահարման)

Գիւղին վարժարանը կը գտնուի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ կողքին։ Քիւրտ եւ հայ խառն բնակութեամբ այս գիւղին քիւրտ երեխաները նոյնպէս կը յաճախեն հայկական վարժարան, ուր կը սորվին հայերէն եւ թրքերէն։ 1910-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ կը հիմնուի Մաստանի Ուսումնասիրաց ընկերութիւնը, որուն հանգանած գումարները կը յատկացուին դպրոցի ուսուցիչին տարեկան վարձատրութեան [64]։

Կէօք թէփէ

Գիւղին վարժարանը կը գտնուի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ կից [65]։

Բաշաղակ, կամ Բաշավանք (ներկայիս Փընարլար)

Մօտ հարիւր տուն հայերէ բաղկացած այս գիւղին դպրոցը կը գտնուի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ կողքին։ 1901-ի տուեալներով այստեղ կը յաճախեն 102 աշակերտներ, որոնցմէ 77-ը տղաք, իսկ 25-ը աղջիկներ։ Դասաւանդութիւնները մինջեւ 5-րդ դասարան են [66]։

Լուսատարիչ (ներկայիս Արփալը)

Գիւղին դպրոցը կը գտնուի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ կողքին [67]։

Մեծկերտի քազա

Մեծկերտ (ներկայիս Մազկիրթ)

Քաղաքը ունի մէկ հայկական դպրոց որ 1910-ական թուականներէն սկսեալ կ՚անցնի Պոլսոյ Միացեալ ընկերութեան հովանաւորութեան տակ։ 1901-ի տուեալներով այստեղ կը յաճախեն 109 աշակերտներ, որոնցմէ 80-ը տղաք, իսկ 29-ը աղջիկներ։ Միացեալ Նահանգներու մէջ մեծկերտցի գաղթական հայեր 1910 թուականին կը հիմնեն Ուսումնասիրաց ընկերութիւն մը՝ իրենց քաղաքի դպրոցին նիւթական կարիքները հոգալու համար [68]։

Մազկիրթէն տեսարան մը (Աղբիւր՝ L. Molyneux-Seel, "A Journey in Dersim" in The Geographical Journal, Vol. 44, No. 1 (Jul., 1914), էջ 49-68)

Խոզաթի քազա

Խոզաթ (ներկայիս Հոզաթ)

Դպրոցը կը գտնուի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ կից։ Քաղաքին հայկական դպրոցը, 1901-ի տուեալներով, կը յաճախեն 56 աշակերտներ, որոնցմէ 42-ը տղաք, իսկ 14-ը աղջիկներ։ Դասաւանդութիւնները մինջեւ 2-րդ դասարան են։ Նոյն այս դպրոցը կը յաճախեն նաեւ քիւրտ աշակերտներ [69]։

  • [1] Համբարձում Գասպարեան, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, Պոստոն, Տպ. Պայքար, 1969, էջ 129։
  • [2] Նոյն, էջ 135, 167։
  • [3] Նոյն, էջ 130։
  • [4] Նոյն, էջ 133; Հայկազն Գ. Ղազարեան, Պատմագիրք Չմշկածագի, Պէյրութ, տպ. «Համազգային», հրատ. Չմշկածագի Հայրենակցական Միութեան, 1971, էջ 84։
  • [5] Գասպարեան, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, էջ 133-134։
  • [6] Նոյն, էջ 132, 137։
  • [7] Չշփոթել պոլսահայ հանրայայտ դերասան Պետրոս Ադամեանի (1849-1891) հետ։ Նոյն, էջ 140-141, 619-621։
  • [8] Նոյն, էջ 140։
  • [9] Նոյն, էջ 130, 136-137։
  • [10] Նոյն, էջ 142, 633; Ղազարեան, Պատմագիրք Չմշկածագի, էջ 90։
  • [11] Գասպարեան, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, էջ 145-147, 621; Ղազարեան, Պատմագիրք Չմշկածագի, էջ 89, 496-497; Յովհաննէս Աճէմեան, «Չմշկածագի տեղեկագիրը եւ ի՞նչ ըսուած է անոր մասին», Ուրոյն տեղագրութիւն Չմշկածագ գաւառի [անտիպ], 1954, Պոսթըն։
  • [12] Գասպարեան, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, էջ 145-147։
  • [13] Նոյն, էջ 147-149։
  • [14] Նոյն, էջ 148-149։
  • [15] Նոյն, էջ 149։
  • [16] Նոյն, էջ 150-151։
  • [17] Նոյն, էջ 149, 151, 636-637։
  • [18] Ղազարեան, Պատմագիրք Չմշկածագի, էջ 153-154։
  • [19] Գասպարեան, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, էջ 130։
  • [20] Նոյն, էջ 130; Ղազարեան, Պատմագիրք Չմշկածագի, էջ 269-270; Յովհաննէս Աճէմեան, «Իւչպէկ թաղը», Ուրոյն տեղագրութիւն Չմշկածագ գաւառի [անտիպ], 1954, Պոսթըն, էջ 7։
  • [21] Գասպարեան, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, էջ 150, 154։
  • [22] Նոյն, էջ 153-154; Վազգէն Ա. Անդրէասեան, Հազարիապատում, Ա. հատոր, Պէյրութ, տպ. Կ. Տօնիկեան, 1985, էջ 117, 172-176։
  • [23] Գասպարեան, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, էջ 154; Ղազարեան, Պատմագիրք Չմշկածագի, էջ 446։
  • [24] Գասպարեան, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, էջ 131, 155։
  • [25] Նոյն, էջ 147, 155։
  • [26] Գասպարեան, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, էջ 155-156; Ղազարեան, Պատմագիրք Չմշկածագի, էջ  414-415։
  • [27] Գասպարեան, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, էջ 192-193։
  • [28] Գասպարեան, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, էջ 196; Ղազարեան, Պատմագիրք Չմշկածագի, էջ 343-344; Անդրէասեան, Հազարիապատում, Ա. հտր., էջ 19, 56։
  • [29] Անդրէասեան, Հազարիապատում, Ա. հտր., էջ 44, 46։
  • [30] Գասպարեան, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, էջ 194, 196; Անդրէասեան, Հազարիապատում, Ա. հտր., էջ 34։
  • [31] Անդրէասեան, Հազարիապատում, Ա. հտր., էջ 39-40։
  • [32] Գասպարեան, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, էջ 207, 209։
  • [33] Նոյն, էջ 207; Ղազարեան, Պատմագիրք Չմշկածագի, էջ 337-340։
  • [34] Գասպարեան, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, էջ 207, 210։
  • [35] Նոյն, էջ 207-208։
  • [36] Նոյն, էջ 215-216; Յովհաննէս Աճէմեան, «Սիսնայ», Ուրոյն տեղագրութիւն Չմշկածագ գաւառի [անտիպ], 1954, Պոսթըն, էջ 2, 12։
  • [37] Գասպարեան, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, էջ 224-225; Ղազարեան, Պատմագիրք Չմշկածագի, էջ 281-282, Յովհաննէս Աճէմեան, «Կարմրի», Ուրոյն տեղագրութիւն Չմշկածագ գաւառի [անտիպ], 1952, Պոսթըն, էջ 3-6։
  • [38] Գասպարեան, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, էջ 229-230; Յովհաննէս Աճէմեան, «Մուռնայի», Ուրոյն տեղագրութիւն Չմշկածագ գաւառի [անտիպ], 1953, Պոսթըն, էջ 6-7։
  • [39] Գասպարեան, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, էջ 230; Ղազարեան, Պատմագիրք Չմշկածագի, էջ 341-342։
  • [40] Գասպարեան, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, էջ 235։
  • [41] Նոյն, էջ 235; Յովհաննէս Աճէմեան, «Երիցագարակ», Ուրոյն տեղագրութիւն Չմշկածագ գաւառի [անտիպ], 1951, Պոսթըն, էջ 12-13; Անդրէասեան, Հազարիապատում, Ա. հտր., էջ 127։
  • [42] Գասպարեան, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, էջ 239-242; Յովհաննէս Աճէմեան, «Մորըշխայ», Ուրոյն տեղագրութիւն Չմշկածագ գաւառի [անտիպ], 1952, Պոսթըն, էջ 4։
  • [43] Գասպարեան, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, էջ 247-248; Ղազարեան, Պատմագիրք Չմշկածագի, էջ 341։
  • [44] Գասպարեան, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, էջ 253։
  • [45] Նոյն, էջ 259; Յովհաննէս Աճէմեան, «Թումայ Մէզիրէ», Ուրոյն տեղագրութիւն Չմշկածագ գաւառի [անտիպ], 1951, Պոսթըն, էջ 3, 5։
  • [46] Գասպարեան, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, էջ 262; Յովհաննէս Աճէմեան, «Պարտիզակ», Ուրոյն տեղագրութիւն Չմշկածագ գաւառի [անտիպ], 1953, Պոսթըն, էջ 8։
  • [47] Գասպարեան, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, էջ 266; Յովհաննէս Աճէմեան, «Պրեխի», Ուրոյն տեղագրութիւն Չմշկածագ գաւառի [անտիպ], 1953, Պոսթըն, էջ 5։
  • [48] Գասպարեան, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, էջ 270; Յովհաննէս Աճէմեան, «Պէյրէթիլ», Ուրոյն տեղագրութիւն Չմշկածագ գաւառի [անտիպ], 1953, Պոսթըն, էջ 3-4։
  • [49] Գասպարեան, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, էջ 275; Յովհաննէս Աճէմեան, «Միատուն գիւղ», Ուրոյն տեղագրութիւն Չմշկածագ գաւառի [անտիպ], 1952, Պոսթըն, էջ 3, 8։
  • [50] Յովհաննէս Աճէմեան, «Յաղթուկ», Ուրոյն տեղագրութիւն Չմշկածագ գաւառի [անտիպ], 1954, Պոսթըն, էջ 20։
  • [51] Գասպարեան, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, էջ 300; Յովհաննէս Աճէմեան, «Յաղթուկ», Ուրոյն տեղագրութիւն Չմշկածագ գաւառի [անտիպ], 1954, Պոսթըն, էջ 20։
  • [52] Գասպարեան, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, էջ 303; Ղազարեան, Պատմագիրք Չմշկածագի, էջ 345; Յովհաննէս Աճէմեան, «Տէգգէ», Ուրոյն տեղագրութիւն Չմշկածագ գաւառի [անտիպ], 1954, Պոսթըն, էջ 2։
  • [53] Գէորգ Ս. Երեւանեան, Պատմութիւն Չարսանճագի հայոց, Պէյրութ, տպ. Կ. Տօնիկեան, հրատ. Համա-Չարսանճագի Միութեան Կեդրոնական վարչութեան (Ֆրէզնօ), 1956, էջ 310, 324-325, 337։
  • [54] Նոյն, էջ 325։
  • [55] Նոյն, էջ 326-327, 331-335։
  • [56] Նոյն, էջ 388։
  • [57] Նոյն, էջ 341, 348-351։
  • [58] Նոյն, էջ 294-295, 325-336։
  • [59] Նոյն, էջ 310, 324։
  • [60] Նոյն, էջ 324։
  • [61] Նոյն, էջ 190։
  • [62] Նոյն, էջ 191-192։
  • [63] Նոյն, էջ 192։
  • [64] Նոյն, էջ 196։
  • [65] Նոյն, էջ 203։
  • [66] Նոյն, էջ 210, 324։
  • [67] Նոյն, էջ 214։
  • [68] Նոյն, էջ 176-177, 325։
  • [69] Նոյն, էջ 324; Գէորգ Հալլաճեան, Տերսիմի հայերի ազգագրութիւնը, «Հայ Ազգագրութիւն եւ Բանահիւսութիւն» մատենաշար, Ե. հատոր, Երեւան, 1973, էջ 33։