1256 թուականի (1840) օսմանեան մարդահամարը Չարսանճաքի գաւառակի Տենկ գիւղին (Աղբիւր՝ Başbakanlık Օսմնաեան արխիւներ)

Տերսիմ - Ժողովրդագրութիւն (Ա. մաս)

Հեղինակ՝ Ճորճ Աղճայեան, 03/05/15 (վերջին փոփոխութիւն՝ 03/05/15), թարգմանութիւն՝ Շաղիկ Շահինեան Արծրունի

* Երախտիքի խօսք – Այս աշխատանքը անհնար է որ իրականանար առանց իմ մտերիմ ընկերներուս՝ Դաւիթ Դաւիթեանին, Յակոբ Խաչիկեանին, Ճորճ Լէյլէկեանին եւ Խաչիկ Մուրատեանին աջակցութեան։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր մասնակցութիւնը բերած է այս ուսումնասիրութեան -իմանալով թէ անտեղեակ կերպով- իր շինիչ արձագանգով եւ տարիներու ընթացքին ինծի տրամադրած հում նիւթով։ Իմս են, սակայն, սխալները եւ վրիպումները։

** Ծանօթ. – Այս ուսումնասիրութիւնը հիմնուած է բացառապէս հրատարակուած աղբիւրներու վրայ։ Համոզուած եմ, որ բոլոր տեղեկութիւնները ճշգրիտ են, բայց որ որոշ յամեցող հարցերու լուծումը տեղւոյն վրայ կատարուելիք հետազօտութեան կը կարօտի։ Գիւղերու թրքական այժմու, կամ ամենաայժմէական անունները բերուած են կեռ փակագիծերու մէջ։

Տերսիմ գաւառը [սանճաք] կ’ընդգրկէր հետեւեալ գաւառակները [քազա]՝ Խոզաթ (կեդրոնական գաւառ), Չարսանճաք, Չմշկածագ, Քիզիքիլիսէ, Մազկերտ եւ Օվաճիք։ Օսմանեան վարչական յարափոփոխ սահմանները 1800-ականներու ամբողջ ընթացքին Տերսիմի գաւառակները առանձին-առանձին թէ միասին ընդգրկած են տարբեր նահանգներու կազմին մէջ։ Օսմանեան կայսրութեան շիջման տարիներուն հայ բնակչութիւնը կեդրոնացած էր Չմշկածագ եւ Չարսանճաք գաւառակներուն մէջ։

Ստորեւ բերուած աղիւսակը կ’ամփոփէ մօտաւորապէս երեսուն տարուան ժամանակահատուածի մը ընթացքին Տերսիմի բնակչութեան պարզած պատկերը։ Բացայայտ է, որ հայ բնակչութեան թիւը անփոփոխ կը մնայ, մինչ իսլամ բնակչութիւնը նշանակալից աճ կ’ապրի։

Հազարի (ներկայիս Անըլ) գիւղի քահանայ՝ Տէր Յովհաննէսն ու իր ընտանիքը (Աղբիւր՝ Վազգէն Անդրէասեանի հաւաքածոյ, Փարիզ)

1894-ի տարեգիրքի հաշուարկուած թիւերը կը ներկայացնեն ամէն մէկ գիւղի բնակչութեան թիւերու գումարները ըստ Մամուրէթուլ Ազիզի 1312-ի «Սալնամէին» (տարեգիրքին)։ 1894-ի տարեգիրքին մէջ բերուած թիւը կը ներկայացնէ նոյն «Սալնամէին» մէջ ամբողջ բնակչութեան համար տպուած թիւը։

Ստորեւ՝ ընդհանուր քննարկում մը իւրաքանչիւր գաւառակի եւ ապա Ցեղաասպանութենէն առաջ իւրաքանչիւր գաւառակի հայերու կողմէ բնակուած գիւղերու բնակչութեան մասին։ Այսպիսի վերլուծութենէ մը դուրս պէտք է ձգել այն միտքը, որ բնակչութեան վերաբերեալ թէ՛ հայկական եւ թէ՛ օսմանեան պետական տուեալները բացթողումներ ունին. երբ միասին կը բերուին, այս թիւերը կրնան լրացնել զիրար և աւելի ամբողջական նկարագրութիւն մը յառաջացնել։ Հանրագումարային թիւերը յաճախ կը պարտակեն որոշ սահմանափակումներ, որոնք միայն գիւղ առ գիւղ կատարուած մանրամասն վերլուծութիւնը կրնայ բացայայտել։

Խոզաթի գաւառակ

Նախքան Հայոց ցեղասպանութիւնը Խոզաթի գաւառակին մէջ 100-էն շատ աւելի մեծ թիւով գիւղեր կային։ Եղեռնին յաջորդող տարիներէն ի վեր այս թիւը կտրուկ նուազած է։ Այս փաստը կը բացատրուի անորմով, որ փոքր գիւղերը գիւղակներու վերածուած են, ինչպէս նաեւ տարիներու ընթացքին գաւառակին սահմանները փոփոխութիւններու ենթարկուած են։

Էրզրում/Կարինի նահանգի [վիլայէթ] 1871 թուականի [իսլամական օրացոյցով՝ 1288] տարեգիրքը [սալնամէ] կը թուի թէ Խոզաթը կը ներառնէ Օվաճիկի գաւառակին մէջ։ Օվաճիկի բնակչութեան թիւը 175 գիւղի մէջ 7050 այր է (6657 իսլամ եւ 393 քրիստոնեայ)։ Տրուած ըլլալով որ հայերը այդ շրջանին մէջ միակ քրիստոնեաներն էին եւ որ մինչեւ 1914 թուականը Օվաճիքի գաւառակին մէջ ապրող ոչ մէկ հայու մասին տուեալ կայ, կրնանք եզրակացնել, որ 393 քրիստոնեաները Խոզաթի գաւառակի հայ այրերն են։ Յաջորդ տարուան՝ 1872-ի [իսլամական օրացոյցով՝ 1289] տարեգիրքը կը նշէ 6407 այր (5991 իսլամ եւ 416 քրիստոնեայ) 177 գիւղի մէջ։ Հոն նաեւ նշում կայ վեց (հայկական) եկեղեցիի եւ երեք (հայկական) նախակրթարանի մասին։ Բնակչութեան ճիշդ նոյն թիւերը բերուած են 1873-ի [իսլամական օրացոյցով՝ 1290] տարեգիրքին մէջ, թէեւ գիւղերու թիւը մէկով նուազելով 176 նշուած է։ Ի յաւելումն նշուած է ծուխերու հանրագումար թիւը՝ 2393։ Այս կը համապատասխանէ իւրաքանչիւր յարկի տակ մէջ 2.7 այրի։

Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի [իսլամական օրացոյցով՝ 1312] տարեգիրքը եզակի է այն առումով, որ ան իւրաքանչիւր գիւղի բնակչութեան մասին ըստ սեռի եւ ըստ դաւանանքի տուեալներ կը պարունակէ։ Այսպիսով հնարաւորութիւն ունինք ճշգրտօրէն հաշուարկելու իւրաքանչիւր գաւառակի մէջ ընդգրկուած գիւղերու տուեալները, ինչպէս նաեւ համեմատութիւններ ընելու հայկական աղբիւրներու հետ։ Ի լրումն, աղիւսակներով ցուցակագրուած բնակչութեան տուեալները բաղդատելը աւելի դիւրին է, թէեւ սխալներ յայտնաբերելու կարելիութիւնը լրիւ չի վերանար։ Տուեալներու հաւաքի ճշգրիտ թուականները յայտնի չեն սակայն։ Ենթադրաբար 1890-էն 1893-ի միջեւ տեղի ունեցած պէտք է ըլլայ։ Պէտք է բնակչութեան տուեալներու տոմարները ուսումնասիրելու արտօնութիւն ունենալ՝ տուեալներու որակը ճիշդ գնահատել կարենալու համար։ Այնուամենայնիւ, կարելի է որոշ հետաքրքրական դիտարկումներ կատարել։

Տարեգիրքը կը նշէ հայ բնակչութիւն ունեցող 17 գիւղ։ Հայկական աղբիւրներուն մէջ այս գիւղերէն ոմանք ներգրաւուած են այլ գաւառակներու մէջ, գլխաւորաբար Չմշկածագի։ Հոն արձանագրուած բնակչութիւնը բաղկացած է 1738 ծուխէ՝ 857 հայ (502 այր եւ 355 կին) եւ 7530 իսլամ (4703 այր եւ 2827 կին) բնակիչով։ Այս թիւը կը համապատասխանէ միջին հաշուով իւրաքանչիւր ընտանիքի մէջ 3.0 այրի եւ հանրագումար 4.8 բնակիչի։ Իւրաքանչիւր օճախի բնակիչներուն թիւը աւելի մեծ էր խառն բնակչութիւն ունեցող գիւղերուն մէջ եւ աւելի պզտիկ՝ զուտ հայկական երկու գիւղերուն մէջ։ Նմանապէս այր/կին համամասնութիւնը աւելի մեծ թիւ է խառն բնակչութեամբ գիւղերուն մէջ եւ աւելի պզտիկ՝ երկու հայ գիւղերուն մէջ։ Թէեւ նմուշը պզտիկ է, բայց ցուցանշական է կիներու եւ հաւանաբար նաեւ հայ այրերու թերահաշուումի տեսակէտէ։

Տուեալային այս երկու կէտերուն՝ 416 հայ այր (1872-ին) եւ 502 հայ այր (1893-ին) միջեւ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը 1878-1879-ին կը ճանապարհորդէ ամբողջ Հայաստանով եւ կ’արձանագրէ իւրաքանչիւր գիւղի ամէն մէկ ծուխի բնակիչներուն թիւը։ Տրուած ըլլալով որ տասնեօթ գիւղերէն միայն երկուքը (Պրաստիկը եւ Յաղթուկը) ամբողջութեամբ բնակուած էին հայերով, ուղղակի համեմատութիւն չենք կրնար ընել։ Այս երկու գիւղերուն համար ալ, սակայն, Սրուանձտեանցի գիրքին [Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանց, Թորոս աղբար, Կոստանդնուպոլիս, 1874] մէջի ծուխերուն թիւը կը համընկնի Մամուրէթուլ Ազիզի տարեգիրքի թիւերուն հետ։ Սրուանձտեանցին գիրքին մէջ Խոզաթի գաւառակի 17 գիւղերու հայ օճախներու թիւը 171 է։

Խոզաթը անջատաբար նշող առկայ յաջորդ աղբիւրները հայոց պատրիարքարանի 1913/14-ի տուեալները եւ 1914 թուակիր օսմանեան ամփոփագիր մըն են։ Հայոց պատրիարքարանի մարդահամարը կը նշէ, որ Ցեղասպանութեան նախօրեակին 17 գիւղերուն մէջ 1678 հայ կ’ապրէր 281 ծուխի մէջ։ Օսմանեան փաստաթուղթը հայ բնակչութիւնը կը գնահատէ 1151 շունչ։ Աղբիւրներէն ոչ մէկը լրացուցիչ մանրամասնութիւն կը հաղորդէ։ Երկու աղբիւրներուն միջեւ տարբերութիւնը, հետեւաբար, 527 հայ է։

Լիովին փաստագրուած եղելութիւն է, որ բնակչութեան տուեալներու օսմանեան տոմարները կը թերահաշուէին կիներն ու մանուկները։ Ասկէ զատ, կայ ապացոյց առ այն, որ մանուկները թերհաշուուած էին նաեւ հայոց պատրիարքարանի մարդահամարին մէջ, թէեւ նուազ չափով, քան օսմանեան տուեալներուն պարագային։ Օսմանեան տուեալներով, եւ հակառակ անոր որ նմուշը փոքրաչափ է, հետաքրքրական է արձանագրել, որ Խոզաթի գաւառակի այրերու եւ կիներու համամասնութիւնը շատ աւելի պզտիկ թիւ կը կազմէ խառն բնակչութիւն ունեցող գիւղերուն մէջ, քան միմիայն իսլամներով կամ միմիայն հայերով բնակուած գիւղերուն մէջ։ Յամէնայնդէպս, անկախ այս բոլորէն, այդ ժամանակաշրջանի մեկնաբանութիւններուն վրայ հիմնուելով կարելի է ենթադրել, որ այս գիւղերուն մէջ կիները այրերէն աւելի մեծ թիւ կը կազմէին երկու ազդակներու բերումով՝ այրերու բանակ զօրակոչուելուն եւ պանդուխտ այրերու գործ գտնելու համար գաւառակէն դուրս ճամբորդելուն։ Գալով հայ բնակչութեան՝ 1894-1896-ի համիտեան կոտորածները առաւելաբար այրերու դէմ ուղղուած էին եւ, հետեւաբար, լրացուցիչ պատճառ են կիներու թիւին այրերու թիւը գերազանցելուն։ Անգամ եթէ այս բոլորին մօտենանք հաւասար թիւով կին եւ այր բնակչութիւն ակնկալող պահպանողական տեսակէտէն, օսմանեան տոմարներուն մէջ կիները նորէն ալ թերահաշուուած թիւով բերուած են։

Չենք կրնար ենթադրել որ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքին մէջ արձանագրուած թերահաշուարկը եւ 1914-ինը նոյնը պիտի ըլլային, կամ որ թերահաշուարկը նոյնը պիտի ըլլար Խոզաթի պարագային եւ աշխարհագրական աւելի լայն տարածքի մը պարագային, որուն համար աւելի թարմ տուեալներ կրնայինք ունենալ։ Խոզաթի գաւառակին մէջ արանց ընդ կանանց համամասնութիւնը 1.41 էր Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքին մէջ։ Ամբողջ Տերսիմ գաւառին մէջ ան 1.16 էր։ 1905/06-ի օսմանեան մարդահամարով միայն ամբողջ Տերսիմ գաւառի պարունակով բերուած են թիւերը, եւ հայ արանց ընդ կանանց համամասնութիւնը 1.18 հաշուուած է։ Թէեւ աս մէկը 1914-ի օսմանեան աղբիւրներուն բերած հայ բնակչութեան թիւը տեղին պատշաճեցման ենթարկելուն լիարժէքօրէն չի նպաստեր, ան սակայն կը հաստատէ, որ կիները թերահաշուուած էին, եւ ամենայն հաւանականութեամբ նոյն չափով թերահաշուուած էին ուսումնասիրուող ժամանակահատուածի ամբողջ ընթացքին։ Հետեւաբար, անտրամաբանական չ’ըլլար եթէ ենթադրենք, որ երկու աղբիւրներուն միջեւ թիւերու տարբերութեան նշանակալից մէկ մասը կը բացատրուի օսմանեան տոմարներուն մէջ կիներու թերահաշուումով։

1914-ի օսմանեան ամփոփագիրին հետ կապուած այլ խնդիր մըն է այն փաստը, որ ան մասամբ կամ ամբողջութեամբ դարձեալ կատարուած մարդահամարի մը վրայ չի հիմնուիր, այլ հիմնուած է 1905/06-ի մարդահամարին բերուած պատշաճեցումներու վրայ։ Պատշաճեցման գործընթացը ամբողջութեամբ պարզ ու յստակ չէ, բայց միմիայն ծնունդներու եւ մահերու վրայ հիմնուած պատշաճեցումը ամենայն հաւանականութեամբ պիտի տանէր լրացուցիչ թերահաշուարկումներու՝ յատկապէս աճող բնակչութիւններու պարագային։

Անհրաժեշտ է եզրափակելէ առաջ կատարել վերջին դիտարկում մը. Խոզաթի պաշտօնապէս հաշուարկուած իսլամ բնակչութիւնը 7530-էն 11874 շունչի աճած է, մինչ հայ բնակչութիւնը՝ 857-էն 1151-ի։ Այսինքն, իսլամ բնակչութիւնը արձանագրած է 58%-ի աճ, մինչ հայ բնակչութիւնը միայն 34%-ով աճած է։ Այլ ձեւակերպումով՝ հայերու համամասնութիւնը ընդհանուր բնակչութեան մէջ 10.2%-էն նուազած է 8.8%-ի։ Հայ բնակչութիւնը պէտք էր որ 1351 շունչ հաշուէր իսլամ բնակչութեան նոյն՝ 58% աճի տոկոսը պահպանած ըլլալու համար։ Սակայն 1894-96-ի համիտեան ջարդերը եւ պանդխտութիւն/գաղթը նուազեցնող ազդակներ էին։ Բացի ասկէ, կրնայ ըլլալ որ տուեալներու բարելաւուած արձանագրում տեղի ունեցած ըլլայ այն իսլամ գիւղերուն պարագային, որոնց բնակչութեան մասին տուեալներ չէին բերուած Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքին մէջ։

Ստորեւ բերուած աղիւսակը կ’ամփոփէ Խոզաթի գաւառակին վերաբերող վերոնշեալ տուեալները.

Ըստ այս վերլուծութեան, եւ իմ կողմէս ուսումնասիրուած այլ շրջաններու պարագային կատարուած վերլուծութիւններուն, հայոց պատրիարքարանի թիւերը, թէեւ –այո- պահպանողական, լաւագոյն գնահատումներն են հայ բնակչութեան մասին եւ առհասարակ համահունչ են օսմանեան պաշտօնական տոմարներուն հետ՝ յայտնի բացթողումներու պարագային անհրաժեշտ պատշաճեցումները կատարելէ ետք։

Հետեւեալ գիւղերը (նոր անունները կեռ փակագիծերու մէջ են) Ցեղասպանութենէն առաջ ունեցած են պաշտօնապէս արձանագրուած թիւով հայ բնակչութիւն։ Չեմ ներառած «Յուշամատեան» գիրքերու նշած բնակչութեան թիւերը։ Շատ յաճախ հեղինակները ծուխերու թիւին վրայ հիմնուելով բնակչութեան թիւերը հաշուելու համար մէկ պարզ գործօն կիրարկած են։ Այսպիսի մեթոտները շատ խոցելի են։ Ենթադրեալ ընկալումները տարբեր էին հայերուն եւ իսլամներուն պարագային, եւ գործօնի կամ գործակիցի ընտրութեան հիմքը թողնուած է հեղինակի անձնական կարծիքին կամ մօտեցումին։ Ասկէ զատ, որոշ աղբիւրներ պարզապէս աւելի վաղ հրապարակուած նիւթեր կը գործածեն, հետեւաբար անպայման նորացուած տեղեկութիւն չեն բերեր։ Չնայած տեղեկութիւնը կրնայ եւ ուսանելի ըլլալ, սակայն ընտրած եմ այս նպատակին համար զայն նկատի չառնելը։ Ներառած եմ եկեղեցիներուն անունները, հակառակ անոր որ բոլոր եկեղեցիները անպայման գործող չէին 1915-ին։ Այդ ժամանակահատուածի ճանապարհորդողները Տերսիմի ամբողջ տարածքին գտնուող բազմաթիւ հայկական եկեղեցիներու եւ վանքերու աւերակներու մասին դիտարկումներ ունին։ Հայ բնակչութիւնը ճնշուած էր, եւ գեղջկական համայնքներէն դէպի աւելի մեծ քաղաքներ հոսքը տարիներէ ի վեր արդէն ընթացքի մէջ էր։

Հալւորիվանք, կամ Սբ. Կարապետ վանք, մօտաւորապէս 1937-ին կամ 1938-ին (Աղբիւր՝ անձնական հաւաքածոյ)

1. Խոզաթ [Hozat]
39° 6'29.84"N 39°13'7.72"E
350 հայ բնակիչ 60 ծուխ
Սուրբ Փրկիչ եկեղեցի

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ քաղաքը կը հաշուէր 19 հայ ծուխ։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ 239 հայ բնակիչ (135 այր եւ 104 կին) եւ 838 իսլամ բնակիչ (454 այր եւ 384 կին) կ’ապրէր Խոզաթի 134 ծուխերուն մէջ։ 1914-ին հայոց պատրիարքարանը կ’արձանագրէ, որ բնակչութիւնը աճ ապրելով կը հաշուէր 350 հայ 60 ծուխի մէջ։

2. Աղզունիկ, Արսունիկ, Աղզունիք [Kayabağ]
38°59'49.31"N 39°21'56.19"E
65 հայ բնակիչ 15 ծուխ
Սուրբ Սարգիս եկեղեցի

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 7 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ 21 հայ (12 այր եւ 9 կին) եւ 112 իսլամ (71 այր եւ 41 կին) բնակիչ կ’ապրէր Աղզունիկի հանրագումար 35 ծուխերուն մէջ։ 1900-ական թուականներուն Հ. Ս. Էփրիկեանը [Հ. Ս. Էփրիկեան, Պատկերազարդ բնաշխարհիկ բառարան, հատոր Բ, Վենետիկ, 1907] կը նշէ, որ գիւղին մէջ կ’ապրէր 60 հայ եւ 150 քիւրտ։ Հայոց Պատիարքարանը 1914-ին կ’արձանագրէր, որ բնակչութիւնը աճ ապրելով հասած էր 15 ծուխի մէջ ապրող 65 հայի։

3. Ագրակ, Ակրակ, Էգրէկ, Էրքէք, Ագարակ [Gözlüçayır]
39° 7'3.88"N 42 38°58'34.02"E
42 հայ բնակիչ 7 ծուխ
Սուրբ Յակոբ եկեղեցի
Սուրբ Նշան վանք/Կարմիրվանք

Հայկական աղբիւրներուն մէջ Ագրակ գիւղը կը սեպուի Չմշկածագ գաւառակի մաս, սակայն Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքին մէջ ան ներառնուած է Խոզաթի գաւառակին մէջ։ Չմշկածագի գաւառակին մէջ այս անունով երկու գիւղ գոյութիւն ունէր. Ղազարեանի գիրքին մէջ [Հայկազն Ղազարեան, Պատմագիրք Չմշկածագի, Պէյրութ, 1971] զետեղուած քարտէսի մը վրայ սխալ գիւղը նշուած է իբրեւ հայ բնակչութիւն ունեցող գիւղ։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 9 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ որ Ագրակի մէջ 14 հայ բնակիչ (7 այր եւ 7 կին) եւ 82 իսլամ բնակիչ (46 այր եւ 36 կին) կար, հանրագումար՝ 14 ծուխ։ Չմշկածագի թեմը արձանագրած է 26 հայ բնակիչով 5 հայ ծուխ 1902-ին։ Ընդգծուած է, որ հայ բնակչութեան թիւը զգալի նուազում կրած էր որպէս հետեւանք տեղացի քիւրտի մը եկեղեցին եւ վանքը բռնագրաւելուն եւ անոնց քարերը՝ իր տունը շինելու համար գործածելուն։ Գիւղի այս քիւրտ տէրը՝ Տիապ Աղան, Ցեղասպանութեան օրերուն հայեր փրկած ըլլալով յայտնի է։ Պատրիարքարանը արձանագրած է, որ ոտքի կանգնելով բնակչութիւնը հասած էր 7 ծուխ հաշուող 42 հայ բնակիչի։ Ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն Յովհաննէս Աճէմեանը ցանկ մը կազմած է Չմշկածագ գաւառակի գիւղերու հայ ընտանիքներուն եւ անոնց բաժին ինկած ճակատագիրներուն։ Աճէմեանի պատրաստած նիւթերուն մէկ օրինակը կը պահուի NAASR-ի (Հայկական ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութեան ազգային ընկերակցութիւն, Պէլմոնթ, Մասաչուսեց, ԱՄՆ) արխիւներուն մէջ։ Ագրակ գիւղի պարագային Աճէմեանը նշած է 53 հայ բնակիչ՝ 9 ընտանիքի մէջ։

4. Բրաստիկ, Պրաստիկ, [Tekeli գիւղակ]
39° 3'43.24"N 39° 1'15.17"E
ոչ մէկ հայ 1914
Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի

Պրաստիկ գիւղը, որ հայկական աղբիւրներուն մէջ նոյնպէս Չմշկածագ գաւառակի մաս կը համարուի, այժմ Յաղթուկի [Թեքելի] մէկ գիւղակն է։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղին մէջ 3 հայ ծուխ կար։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ 10 հայ բնակիչ (7 այր եւ 3 կին) եւ ոչ մէկ իսլամ բնակիչ Պրաստիկի 3 ծուխերէն ներս։ 1902-ին գիւղը աւերակ էր։

5. Տէքէ, Թակէ, Թէքէ, Տէքքէ, Թէքիա, Տեհքէ [Toratlı]
39° 3'43.92"N 39° 0'27.28"E
42 հայ բնակիչ 11 ծուխ
Սուրբ Թորոս եկեղեցի

Տէքէն ալ հայկական աղբիւրներուն մէջ աւանդաբար Չմշկածագի գաւառակին մաս սեպուող գիւղախումբերէն մէկն էր (Պրաստիկին, Յաղթուկին եւ Խատիշարին հետ)։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 5 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ որ 29 հայ բնակիչ (17 այր եւ 12 կին) եւ 16 իսլամ բնակիչ (10 այր եւ 6 կին) կ’ապրէր Տէքէի 11 ծուխերուն մէջ։ Չմշկածագի թեմը 1902-ին Տէքէի բնակչութիւնը արձանագրած է Պրէխի գիւղի բնակչութեան հետ։ 1914-ին հայոց պատրիարքարանը կ’արձանագրէ, որ բնակչութեան թիւը աճ ապրած էր եւ հասած 11 յարկի տակ ապրող 42 հայ բնակիչի։ Տէքէ գիւղին պարագային Աճէմեանը կը նշէ 9 հայ ընտանիքի մէջ ապրող 52 հայ բնակիչ։

Անդրանիկ, Տերսիմ. ճանապարհորդութիւն եւ տեղագրութիւն, Թիֆլիս, տպ. Մնացական Մարտիրոսեանցի, 1900, 237 էջ

6. Յաղթուկ, Յաղթուք, Ահթուք, Աքտուք [Tekeli]
39° 3'37.90"N 39° 1'48.86"E
297 հայ բնակիչ 48 ծուխ
Սուրբ Մինաս եկեղեցի
Սուրբ Երեք Մանկունք վանք

Ինչպէս արդէն ըսուեցաւ, հայկական աղբիւրներուն մէջ Յաղթուկ գիւղը նոյնպէս Չմշկածագ գաւառակին մաս կը կազմէր։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ ան 25 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ Յաղթուկ գիւղի 25 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 110 հայ բնակիչ (74 այր եւ 36 կին) եւ ոչ մէկ իսլամ բնակիչ։ Չմշկածագի թեմը 1902-ին կ’արձանագրէր, որ 264 հայ բնակիչ կ’ապրէր 40 ծուխի մէջ։ Հայոց պատրիարքարանը կ’արձանագրէր, որ հայ բնակչութիւնը աճ ապրած էր եւ կը հաշուէր 297 հայ բնակիչ 48 ծուխերու մէջ։ Յաղթուկ գիւղին պարագային Աճէմեանը կ’արձանագրէ 45 ընտանիքի մէջ ապրող 250 հայ բնակիչ։

7. Հալւորի, Հալւորիկ, Ալեւորի [Karşılar]
39°10'30.05"N 39°26'28.04"E
32 հայ բնակիչ 5 ծուխ
Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 7 հայ ծուխ ունէր։ Նոյն ժամանակահատուածին համար Հ. Պօղոս Նաթանեանը նշած է 78 հայ բնակիչ, 5 ծուխ [Հ. Պօղոս Նաթանեան, Արտօսր Հայաստանի, Կ. Պոլիս, 1878]։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ Հալուորի 46 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 31 հայ բնակիչ (14 այր եւ 17 կին) եւ 140 իսլամ բնակիչ (105 այր եւ 35 կին)։ Հայոց պատրիարքարանը 1914-ին բնակչութիւնը արձանագրած է 32 հայ բնակիչ՝ 5 ծուխերու մէջ ապրող։

8. Հալւորիվանք
39°14'18.62"N 39°28'48.53"E
78 հայ բնակիչ 15 ծուխ
Սուրբ Կարապետի վանք

Վանքը Հալւորի գիւղէն մօտաւորապէս 4 մղոն հիւսիս-արեւելք։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ որ Հալուորիվանքի հանրագումար 16 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 35 հայ (22 այր եւ 13 կին) եւ 49 իսլամ (31 այր եւ 18 կին) բնակիչ։ Հայկական վաղ աղբիւրները Հալւորիվանքը որպէս առանձին գիւղ չեն նշեր, բայց 1914-ին հայոց պատրիարքարանը կ’արձանագրէ, որ վանքին շուրջը կ’ապրէր 78 հայ բնակիչ 15 ծուխի մէջ։ Արբանեակային լուսանկարներէ դատելով կարելի է ենթադրել որ վանքին աւերակները Հալւորիվանք (տեղական անուանումով երբեմն «Վանք» կամ «Վէնք» կոչուող) գիւղի աւերակներէն մօտաւորապէս 200 մեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին։

9. Խադիշեր, Խաղիշար, Հատիշար [Kalecik գիւղակ]
39° 4'43.90"N 39° 1'47.57"E
Ոչ մէկ հայ բնակիչ 1914-ին
Սուրբ Կարապետ վանք

Ինչպէս արդէն նշեցինք, Խադիշէրը հայկական աղբիւրներուն մէջ Չմշկածագի գաւառակին մաս կը սեպուէր։ Որոշ աղբիւրներ կը նշեն, որ Խադիշէրը այժմ Քալեճիքի [Kalecik] գիւղակին մաս կը կազմէ, որ իր կարգին Խոզաթի գաւառակին մասն է։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը միայն 3 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Սրուանձտեանցէն ետք արձանագրուած է, որ գիւղը հայ բնակչութիւն չունէր։

1256 թուականի (1840) օսմանեան մարդահամարը Չարսանճաքի գաւառակի Տենկ գիւղին (Աղբիւր՝ Başbakanlık Օսմնաեան արխիւներ)

10. Փէիկ, Փայեկ [Çağlarca]
39° 2'7.01"N 39° 8'31.40"E
35 հայ բնակիչ 5 ծուխ
Աւերակներ եկեղեցիի եւ վանքի

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 12 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ Փէիկ գիւղի հանրագումար 14 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 23 հայ բնակիչ (13 այր եւ 10 կին) եւ 19 իսլամ բնակիչ (10 այր եւ 9 կին)։ Իւրաքանչիւր ծուխի տակ հաշուարկուող շունչերու թիւը՝ 3.00, անսպասելիօրէն պզտիկ է։ Հայոց պատրիարքարանը 1914-ին որպէս բնակչութեան թիւ կ’արձանագրէր 35 հայ բնակիչ, 5 ծուխ։

11. Սիկետիկ, Սաքետիկ, Սեկետիք [Kalecik գիւղակ]
39° 3'52.31"N 39° 7'0.99"E
66 հայ բնակիչ 10 ծուխ
Սուրբ Գէորգ եկեղեցի

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 8 հայ ծուխ ունէր, բայց եկեղեցի չունէր։ Նման պարագաներու հաւանական է, որ եկեղեցին անկում ապրած ըլլայ 1800-ականներուն։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ 33 հայ (20 այր եւ 13 կին) եւ 42 իսլամ (23 այր եւ 19 կին) բնակիչ կ’ապրէր Սիկետիկի հանրագումար 19 ծուխերուն մէջ։ Հայոց պատրիարքարանը 1914-ին կ’արձանագրէր որ գիւղի բնակչութիւնը 10 ծուխի մէջ ապրող 66 հայ բնակիչ էր։

12. Սին, Շին, Սէն [Geyiksuyu գիւղակ]
39°11'8.46"N 39°23'34.58"E
55 հայ բնակիչ 10 ծուխ
Սուրբ Գէորգ եկեղեցի

Այսօր երբեմն Սին գիւղը կը նշուի իբրեւ նոյն՝ Տէշթ [Geyiksuyu] գիւղը, սակայն իրականութեան մէջ այս երկուքը տարբեր եւ առանձին գիւղեր են։ Հետեւաբար, Սինի տեղակայումը մօտաւորապէս բերուած է՝ հիմնուելով արբանեակային նկարահանումներու եւ հին քարտէսներու վրայ։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 7 հայ ծուխ ունէր, բայց եկեղեցի չունէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղը ունէր 56 հայ (39 այր եւ 17 կին) եւ 176 իսլամ (116 այր եւ 60 կին) բնակիչ, որոնք կ’ապրէին Սինի մէջ՝ հանրագումար 19 ծուխի մէջ։ Այս պարագային ամէն մէկ յարկի տակ ապրող բնակիչներու թիւը անտրամաբանականօրէն մեծ է։ Հայոց պատրիարքարանը 1914-ին կ’արձանագրէր, որ բնակչութեան թիւը մնացած էր կայուն՝ 55 հայ բնակիչ 10 յարկի տակ։

1) Սուքիաս (Հայր) Էփրիկեան, Պատկերազարդ բնաշխարհիկ բառարան, Բ. հատոր, Բ. տիպ, Թ-Կ տառերը, Վենետիկ, Ս. Ղազար, 1907, 400 էջ
2) Պօղոս Ծ. Վ. Նաթանեան,
Արտօսր Հայաստանի կամ տեղեկագիր Բալուայ, Քարբերդու, Չարսանճագի, Ճապաղ Ջուրի, եւ Երզնկայու։ Յաւելուած ըստ խնդրանաց ազգասիրաց Խիզան գաւառ, Կ. Պոլիս, 1878, 202 էջ

13. Սորփիան, Սուլփիան [Yenidoğdu]
39° 2'1.48"N 39°11'12.95"E
130 հայ բնակիչ 20 ծուխ
Սուրբ Գէորգ եկեղեցի եւ 6 աւերակ դարձած վանք

Հայ բնակչութիւն ունեցող եւ Սորփիան անունը կրող երկու գիւղ կար։ Տրուած ըլլալով որ երկուքն ալ Տերսիմ գաւառին մաս կը կազմէին, այլազան աղբիւրներու մէջ շփոթ ստեղծուած է։ Մինչ անցեալին Քիլիսէ անունը կրող գիւղին յաճախ կը տրուի Ենիտողտու արդի անունը, բայց այլ աղբիւրներու մէջ նոյն այս գիւղը կը համապատասխանէ Սորփիանի վայրին։ Անկախ այն բանէն, թէ այսօր ո՛ր մէկն է գիւղը եւ որ մէկը՝ գիւղակը, անոնք իրարմէ մէկ մղոն հեռաւորութեան վրայ են։ Միջօրէականի եւ լայնութեան այստեղ նշուած աստիճանները Սորփիանի վայրին կը պատկանին։ Հետաքրքրական է այն փաստը, որ Քիլիսէ գիւղը որպէս հայ բնակչութիւն ունեցող գիւղ չէ նշուած։ Կը թուի թէ հաւանական է, որ գիւղի անունը ածանցուած ըլլայ այն աւերակ վանքերէն մէկուն անունէն, որոնց մասին կայ արձանագրութիւն։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը ունէր 12 հայ ծուխ, բայց չունէր եկեղեցի։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ կային հանրագումար 20 ծուխի մէջ ապրող 40 հայ (22 այր եւ 18 կին) եւ 57 իսլամ (31 այր եւ 26 կին) բնակիչ։ Հայոց պատրիարքարանը 1914-ին կ’արձանագրէ, որ հայ բնակչութեան թիւը աճած էր 130 հայ բնակիչի եւ 20 ծուխի։

14. Դաշտակ, Թեշթէք, Թեշթէկ [Atadoğdu]
39° 9'41.20"N 39°20'39.56"E
135 հայ բնակիչ 20 ծուխ
Սուրբ Յակոբ եկեղեցի (Գէորգեանը կը նշէ սուրբ Թորոս անունը [Kévorkian/Paboudjian, Les Arméniens dans l'Empire Ottoman à la veille du génocide, Փարիզ, 1992.])
Սուրբ Թովմաս վանք

Սուրբ Թովմասի վանքը բոլոր աղբիւրներուն մէջ չէ, որ նշուած է։ Թիէրին [Jean-Michel Thierry, Le Couvent Erkayn Enkuzik en Dersim, Revue des études arméniennes, vol. 20 (1986-1987), pp. 381-417] կը նշէ, որ Դաշտակի սուրբ Թովմասի վանքը կը գտնուէր Կէիքսույուի մէջ, որ Տէշտ/Դաշտ գիւղն է, ոչ՝ Դաշտակը։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 6 հայ ծուխ ունէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ Դաշտակի 19 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 7 հայ (4 այր եւ 3 կին) եւ 82 իսլամ (53 այր եւ 29 կին) բնակիչ։ Հայոց պատրիարքարանը 1914-ին կ’արձանագրէ, որ հայ բնակչութիւնը նշանակալից աճ ապրած էր՝ հասնելով 135 հայ բնակիչի՝ 20 ծուխի մէջ։

Գարեգին վարդապետ Սրուանձտեանց, Թորոս Աղբար, Հայաստանի ճամբորդ, Ա. մաս, Ե. Մ. Տնտեսեան, Պոլիս, 1879

15. Ընճղակ, Էնճաղկա, Ինճիկա, Էնճեղակ [Altınçevre]
39° 1'40.64"N 39°14'37.17"E
240 հայ բնակիչ 40 ծուխ
Սուրբ Մինաս եկեղեցի

Գէորգեանը այլընտրանքային «Ին» անուանումը կու տայ այս գիւղին, սակայն Ինը Ընճղակէն 1-2 մղոն հիւսիս գտնուող լրիւ ուրիշ գիւղ մըն է։ Գէորգեանին գիրքը նաեւ միակ աղբիւրն է, որուն մէջ կ’ըսուի թէ Կարմիր վանքը կը գտնուէր գիւղի մօտակայքին, բայց ամենայն հաւանականութեամբ հոն նշուածը այն վանքն է, որ որպէս կանոն կը կապակցուի Երկան գիւղին, եւ ես այդ գիւղին տակ ալ նշած եմ զայն։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 28 հայ ծուխ ունէր։ Հ. Պօղոս Նաթանեանը կը նշէ 20 ծուխի մէջ ապրող 140 հայ բնակիչ։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ 158 հայ բնակիչ (89 այր եւ 69 կին) եւ 240 իսլամ (129 այր եւ 111 կին) կ’ապրէր Ընճղակի հանրագումար 79 ծուխերուն մէջ։ Հ. Ս. Էփրիկեանը կը նշէ, որ 1900-ի կողմերը 28 հայ ծուխ կար, թէեւ հաւանաբար այս թիւը Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցէն առնուած է։ Հայոց պատրիարքարանը 1914-ին արձանագրած է 240 հայ բնակիչ՝ 40 ծուխի մէջ ապրող։

16. Երկան, Էրկան, Երկայն, Երկայն-Ընկոյզ [Geçimli]
39° 1'53.64"N 39°15'57.99"E
30 հայ բնակիչ 5 ծուխ
Սուրբ Յարութիւն եկեղեցի
Սուրբ Կարապետի վանք/Աստուածամայրի վանք/Կարմիր վանք

Վանքը տարբեր աղբիւրներու մէջ տարբեր անուանումներով արձանագրուած է։ Այժմու եւ անցեալի լուսանկարները ի ցոյց կը դնեն զանգուածեղ, գրեթէ տաճարատիպ կառոյց մը։ Թիէրին վանքին մասին շահեկան յօդուած մը գրած է։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ 1880-ի կողմերը գիւղը 10 հայ ծուխ ունէր։ Նոյն ժամանակահատուածին համար Հ. Պօղոս Նաթանեանը կը նշէ 5 ծուխի մէջ ապրող 35 հայ բնակիչ։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ միայն 24 հայ (12 այր եւ 12 կին) եւ 101 իսլամ (62 այր եւ 39 կին) բնակիչ կ’ապրէր Երկանի հանրագումար 25 ծուխերուն մէջ։ Հ. Ս. Էփրիկեանը նոյնպէս 1900-ի կողմերը 10 հայ ծուխ կը նշէ, եւ, դարձեալ, հաւանական է որ այս թիւը Սրուանձտեանցէն առնուած ըլլայ։ Հայոց պատրիարքարանը 1914-ին կ’արձանագէր, որ հայ բնակչութեան թիւը կը մնար կայուն՝ 30 հայ բնակիչ, 5 ծուխ։

Հալւորիվանքը (կամ Սբ. Կարապետ վանք), լուսանկարուած իր քանդումէն ետք, մօտաւորապէս 1937-ին կամ 1938-ին (Աղբիւր՝ անձնական հաւաքածոյ)

17. Զէմպէղ, Զումբուղ, Զամբեղ, Զումբեղ

Զէմպէղին շուրջ նկատառելի շփոթ կայ։ Նախ՝ Երեւանեանը [Գէորգ Երեւանեան, Պատմութիւն Չարսանճագի հայոց, Պէյրութ, 1956] եւ Անդրանիկը [Անդրանիկ, Տերսիմ. ճանապարհորդութիւն եւ տեղագրութիւն, Թիֆլիս, տպ. Մնացական Մարտիրոսեանց, 1900] երկու գիւղ կը նշեն (Վերին Զէմպէղ եւ Վարին Զէմպէղ) եւ երկու գիւղերուն պարագային ալ կը բերեն հայ բնակչութեան թիւեր։ Այլ աղբիւներ միայն մէկ գիւղի մասին տեղեկութիւն կու տան։ Ասկէ զատ, գիւղը տարբեր տեղակայումներով կը նկարագրուի։ Հալլաճեանի [Գէորգ Հալլաճեան, Տերսիմի հայերի ազգագրութիւնը, Երեւան, 1973] քարտէսին վրայ մէկ վայր նշուած է Զամպաղի համար՝ Վայնային մօտիկ։ Գէորգեանը այլընտրանքային անուն մը կը բերէ այս գիւղին համար՝ Գիւլպահար։ Սակայն Հալլաճեանի քարտէսը ի ցոյց կը բերէ, որ Գիւլպահարը եւ Զամպաղը իրարու մօտ գտնուող, բայց առանձին եւ տարբեր գիւղեր են։ Ինչեւիցէ, չկրցայ այլ ապացոյց գտնել, որ այդ տեղը Զամպաղ անունով գիւղ մը գոյութիւն ունեցած է։ Հալլաճեանի քարտէսին վրայ կան Ներքին Զումբուխ, Վերին Զումբուխ եւ Զումբուխ Մեզրէ կոչուող երեք գիւղ։ Այս գիւղերը կը գտնուին Մարխօ/Մերհօ գիւղին հիւսիս արեւելքը, իսկ վերջինս Երեւանեանին յղման կէտն է։ Վերոյիշեալ երեք գիւղերը կան նաեւ բրիտանական եւ գերմանական զինուորական աւելի հին քարտէսներու վրայ։ Ղազարեանին գիրքին մէջ բերուած քարտէս մը նոյնպէս ի նպաստ ա՛յս վայրին ապացոյց մըն է եւ ոչ՝ Վայնայի մերձակայքին։ Եւ վերջապէս, Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը որպէս կանոն աշխարհագրական կարգով կը թուարկէ գիւղերը, եւ Զէմպէղը Երկանէն եւ Խոզաքբուրէն ետք կու գայ աղիւսակին մէջ։ Տրուած ըլլալով որ աւելի համոզիչ ապացոյցներ չկան՝ իմ ընտրութիւնս կանգ առաւ այս գիւղերուն համար համապատասխանաբար հետեւեալ վայրերուն վրայ.

Զեմպեղ Վարին
39° 3'18.19"N 39°22'52.29"E

Զեմպեղ Վերին [Çığırlı]
39° 4'50.69"N 39°21'2.26"E

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցի վկայութեամբ Զամբեղ կոչուող գիւղը ունէր 10 հայ ծուխ եւ մէկ եկեղեցի՝ Սուրբ Մինասը։ Էփրիկեանը նոյն տեղեկութիւնը կը կրկնէ։ Միեւնոյն ժամանակահատուածին համար Հ. Պօղոս Նաթանեանը Զմպեղ կոչուող գիւղի մը համար կը նշէ 5 հայ ծուխ եւ 62 հայ բնակիչ։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ 24 հայ (14 այր եւ 10 կին) եւ 59 իսլամ (36 այր եւ 23 կին) բնակիչ հանրագումար 24 ծուխի մէջ։ Իւրաքանչիւր ծուխի բնակիչներու թիւը մեծ չէ։ Երեւանեանը կը նշէ որ Վերին Զեմպեղ գիւղին մէջ կար 10 հայ ծուխ, իսկ Վարին Զէմպէղի՝ 15։ Հալլաճեանը կը նշէ, որ 16 հայ ծուխ կար Վերին Զէմպէղի մէջ եւ 22՝ Վարին Զէմպէղի։ Երբ միայն մէկ գիւղի բնակչութիւնը բերուած է, յստակ չէ՝ Վերի՞ն Զէմպէղին կը վերաբերի տուեալը, Վարի՞ն Զէմպէղին, թէ՞ երկուքին։

Թէոդիկը [Թէոդիկ, Գողգոթա հայ հոգեւորականութեան եւ իր հօտին աղէտալի 1915 տարին, Նիւ Եորք, 1985] եկեղեցին կը նշէ Սուրբ Թորոս անուան տակ, իսկ Գէորգեանը երկու եկեղեցի կը նշէ՝ Սուրբ Գէորգ եւ Սուրբ Մինաս։ Երեւանեանը եւ Հալլաճեանը եկեղեցին արձանագրած են Սուրբ Մինաս անուան տակ՝ Վերին Զէմպէղի մէջ։ Սաֆրաստեանը [Սաֆրաստեան Ա. Խ., «Կոստանդնուպոլսի Հայոց պատրիարքարանի կողմից Թուրքիայի Արդարադատութեան եւ դաւանանքների մինիստրութեան ներկայացուած հայկական եկեղեցիների եւ վանքերի ցուցակներն ու թաքրիրները», Էջմիածին հանդէս, փետրուար-ապրիլ 1965, էջ 184-187] եկեղեցիին համար կը բերէ «Սուրբ Մինաս» անունը։ Լրացուցիչ տեղեկութիւն չունենալով՝ կարելի է ենթադրել, որ Սուրբ Մինասը Վերին Զէմպէղի եկեղեցին էր, իսկ Սուրբ ԳԷորգը՝ Վարին Զէմպէղի։

Պօղոս Ծ. Վ. Նաթանեան, Արտօսր Հայաստանի կամ տեղեկագիր Բալուայ, Քարբերդու, Չարսանճագի, Ճապաղ Ջուրի, եւ Երզնկայու։ Յաւելուած ըստ խնդրանաց ազգասիրաց Խիզան գաւառ, Կ. Պոլիս, 1878, 202 էջ

Գործածուած աղբիւրներու ցանկ

  • Անդրանիկ, Տերսիմ. ճանապարհորդութիւն եւ տեղագրութիւն, Թիֆլիս, տպ. Մնացական Մարտիրոսեանց, 1900
  • Գասպարեան, Համբարձում, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, Պոսթոն, տպ. Պայքար, 1969
  • Երեւանեան, Գէորգ Ս., Պատմութիւն Չարսանճագի հայոց, Պէյրութ, տպ. Կ. Տօնիկեան, հրատ. Համա-Չարսանճագի Միութեան Կեդրոնական վարչութեան (Ֆրէզնօ), 1956
  • Էփրիկեան, Հայր Սուքիաս, Պատկերազարդ բնաշխարհիկ բառարան, հատոր Բ, Վենետիկ, Սուրբ Ղազար, 1907
  • Թէոդիկ, Գողգոթա հայ հոգեւորականութեան եւ իր հօտին աղէտալի 1915 տարին, Նիւ Եորք, 1985
  • Հալլաճեան, Գէորգ, Տերսիմի հայերի ազգագրութիւնը, «Հայ ազգագրութիւն եւ բանահիւսութիւն» մատենաշար, Ե հատոր, Երեւան, 1973
  • Ղազարեան, Հայկազն, Պատմագիրք Չմշկածագի, Պէյրութ, «Համազգային»-ի Վահէ Սէթեան տպարան, հրատարակութիւն Չմշկածագի հայրենակցական միութեան, 1971
  • Նաթանեան, Հ. Պօղոս, Արտօսր Հայաստանի կամ տեղեկագիր Բալուայ, Քարբերդու, Չարսանճագի, Ճապաղ Ջուրի, եւ Երզնկայու, Կ. Պոլիս, 1878
  • Սաֆրաստեան Ա. Խ., «Կոստանդնուպոլսի հայոց պատրիարքարանի կողմից Թուրքիայի Արդարադատութեան եւ դաւանանքների մինիստրութեան ներկայացուած հայկական եկեղեցիների եւ վանքերի ցուցակներն ու թաքրիրները», Էջմիածին հանդէս, փետ-ապր 1965, էջ 184-187
  • Սրուանձտեանց, Գարեգին վրդ., Թորոս Աղբար, Հայաստանի ճամբորդ, մասն երկրորդ, տպագր. Գ. Պաղտատլեան (Արամեան), Կ. Պոլիս, 1884
  • Փափազեան, Տիգրան, Պատմութիւն Բալահովիտի, տպ. Մշակ, Պէյրութ, 1963
  • Andréassian, Vazken, Hazari : vie et survie d'un village arménien après juin 1915 [Հազարի- հայ գիւղի մը կեանքը եւ գոյատեւումը յունիս 1915-էն ետք], issuu.com/vazken/docs/1995-hazari__vie_et_survie_dun_village_armenien
  • Փոլատեան, Անդրանիկ Լ., Պատմութիւն հայոց Արաբկիրի, Նիւ Եորք, տպ. «Պայքար», հրատ. Ամերիկայի Արաբկիրի Միութեան, 1969
  • «Tunceli İl Yıllığı», Անգարա, 1973
  • Başbakanlık Osmanlı Arşivi (BOA) Nüfus Defterleri (NFS.d.), թղթածրար 2689, “1256 (1840) Harput eyaleti, (Maadin-i Hümayun) sancağı, Palu kazası, reaya defteri. a.g.y.tt”.
  • Dahiliye Vekâleti, Vilâyetler İdaresi Umum Müdürlüğü. 6, Tunceli Vilâyeti. Անգարա, 1959
  • Kemal H. Karpat, Ottoman Population, 1830-1914: Demographic and Social Characteristics [Օսմանեան կայսրութեան բնակչութիւն, 1830-1914- Ժողովրդագրութիւն եւ ընկերային-հասարակական յատկանիշներ], Մատիսոն, Ուիսքոնսին, 1985
  • Kévorkian, Raymond H. եւ Paboudjian, Paul B., Les Arméniens dans l'Empire Ottoman à la veille du genocide [Հայերը Օսմանեան կայսրութեան մէջ ցեղասպանութեան վաղորդայնին], Փարիզ, «ARHIS» հր., 1992
  • Mamuretül aziz Vilâyeti, 1298 (1881M) Tarihli Mamuretül aziz Vilâyeti Salnamesi. Էլազիկ, 2001
  • Mamuretül aziz Vilâyeti, Mamuretül aziz Vilâyeti Salnamesi. 1312 (1894)
  • McCarthy, Justin, Muslims and Minorities: The Population of Ottoman Anatolia and the End of the Empire [Օսմանեան Անատոլիայի բնակչությունը եւ Կայսրութեան վախճանը], Նիւ Եորք, Նիւ Եորք համալսարանի տպ., 1983
  • Okcu, Naci and Akdağ, Hasan, Salname-i vilyaet-i Erzrum (1287/1870-1288/1871-1289/1872-1290/1873): Erzrum il yıllığı, Էրզրում 2010
  • Thierry, Jean-Michel, «Le Couvent Erkayn Enkuzik en Dersim [Տերսիմի Երկայն ընկուզիկ վանքը]», Revue des études arméniennes հանդէս, №. 20 (1986-1987), էջ 381-417
  • Ünal, Mehmet Ali, XVI. Yüzyılda Çemişgezek Sancağı, Անգարա, 1999
  • Yılmazçelik, İbrahim, XIX. Yüzyılın İkinci Yarısında Dersim Sancağı, Էլազիկ, 1999