Աճէմեանի պատրաստած Հազարիի տոհմածառերը

Հազարիի հայերը. ժողովրդագրական պատմութեան վերակերտում

Հեղինակ՝ Ճորճ Աղճայեան, 10/08/17 (վերջին փոփոխութիւն՝ 10/08/17), թարգմանութիւն՝ Շաղիկ Շահինեան Արծրունի

Հազարի գիւղը (այսօրուան անուանումը՝ Անըլ) կը գտնուի Չմշկածագ (այսօր՝ Չեմիշկեզեք) քաղաքին հիւսիսը։ Վարչական սահմանները յաճախակի փոփոխութիւններու ենթարկուած են պատմութեան ընթացքին. Չմշկածագը շատ յաճախ Տերսիմի շրջանին հետ կապակցուած եղած է, որ Օսմանեան կայսրութեան գոյութեան վերջին դարուն ընթացքին մաս կը կազմէր Մամուրէթուլ Ազիզի (Հարբութ/Խարբերդ) նահանգին։ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ Հազարին ամբողջութեամբ հայաբնակ գիւղ մըն էր. (1) Բնակչութեան առաւելագոյն թիւը, որ արձանագրուած է Հազարիի մէջ, եղած է 70 ծուխի մէջ ապրող 500 հայ բնակիչ։ Գիւղը ունեցած է գործող եկեղեցի մը՝ Սուրբ Երրորդութիւնը եւ դպրոց մը։ Ցեղասպանութեան վաղորդայնին բնակչութեան թիւը արդէն նուազում արձանագրած էր եւ 400 հայ կը հաշուէր (2)։ 1923-էն ի վեր Հազարիի բնակչութիւնը թիւի առումով երբեք լրիւ չէ կրցած վերականգնել հայ բնակիչներու կորուստը։ Թուրքիոյ հանրապետութեան 2000 թուականի մարդահամարի տուեալներով Հազարիի բնակչութիւնը միայն 85 շունչ էր (42 այր եւ 43 կին) (3)։

Աղբիւրներ

Ցեղասպանութենէն ետք Յովհաննէս Աճէմեանը Չմշկածագի հայկական գիւղերուն մասին պատկառելի նիւթ պիտի հաւաքէր։ Այս աշխատանքին որոշ մասերը որպէս յղման աղբիւր պիտի գործածուէին Չմշկածագի շրջանի մասին երկու գիրքի համար. Աճէմեանի աշխատութեան մեծ մասը, սակայն, պիտի մնար անտիպ (4)։ Աճէմեանի պատրաստած նիւթերուն մէջ կային շարք մը անիւաձեւ տոհմածառեր. բոլորաձեւ տոհմածառին շրջանը կամ պտոյտը կը սկսէր ամենէն տարեց ծանօթ նախնիէն եւ հովահարի պէս կը բացուէր դէպի յաջորդ սերունդները։ Թէեւ տոհմածառերէն շատերը պիտի հրապարակուէին, բացայայտ է, սակայն, որ մեծ թիւով տոհմածառեր կը մնան չբացայայտուած որպէս անհատներու սեփականութիւն։

Վերջերս Վազգէն Անդրէասեանը, որուն մեծ հայրը Հազարիի մասին շարք մը գիրքերու հեղինակն է, տրամադրեց անիւաձեւ վեց տոհմածառ, որոնք մանրամասնութիւններ կը հաղորդեն գիւղին հետ կապուած 21 մականուններու (կամ ընտանիքներու անուններու) մասին (5)։ Տոհմածառերուն մէջ խտացուած տեղեկութիւնը շատ մանրամասն է եւ մեծամասնութեամբ 1800-ին նախորդող ժամանակին կը վերաբերի։ Այս տեղեկութիւնը համեմատած եմ 1840-ի օսմանեան պետական մարդահամարի տոհմածառերուն տուեալներուն հետ (6)։ Համեմատութիւնը կարեւոր տուեալներ կը պարզէ իւրաքանչիւր աղբիւրի թերութիւններուն եւ առաւելութիւններուն մասին։

1830-ի կողմերը Օսմանեան կայսրութեան կառավարութիւնը բնակչութեան մարդահամար ընելու նոր նախաձեռնութիւն մը պիտի մեկնարկէր, որուն նպատակը ոչ իսլամ բնակիչներու հարկումը եւ իսլամներու պարտադիր զօրակոչը կազմակերպելն էր։ Այս իսկ պատճառով, միայն այրերը հաշուառուած էին։ Կիները շատ աւելի ուշ պիտի ընդգրկուէին հաշւումներուն մէջ։ Օսմանեան հաշուառման համակարգի ամբողջական վերլուծութիւնը աս յօդուածի ծիրէն դուրս կ’իյնայ (7)։ Օսմանեան արխիւներուն մէջ 1840-էն առաջուան ժամանակահատուածի Չմշկածագի ոչ իսլամ բնակչութեան միայն մէկ տոմար գոյութիւն ունի։ Թէեւ աւելի ուշ կազմուած տոմարներ վստահաբար գոյութիւն ունին, յատկապէս 1906-ի կողմերը կատարուած մարդահամարին տուեալները պարունակող, այս այդքան կենսական տուեալներուն ուսումնասիրութիւնը այժմ արտօնուած չէ գիտահետազօտողներուն։

Ի լրումն անիւաձեւ տոհմածառերուն եւ 1840-ի օսմանեան մարդահամարին՝ համապատասխան տուեալներ հաւաքած եմ նաեւ ԱՄՆ ներգաղթածներու վերաբերեալ արխիւներէ։ Յատկապէս հետաքրքրական է նշել, որ Հազարիի այրերէն շատ մեծ թիւ մը մեկնած է Լորենս, Մասաչուսեց։ Այս մարդոց առաջին կացարանները Քամըն փողոցի 230 եւ 280-րդ շէնքերուն մէջ տեղակայուած հանրակացարաններուն մէջ եղած են։ Հազարեցի ինն այր 11 յունուար 1909-ին ԱՄՆ պիտի ժամանէին նոյն նաւով՝ «La Bretagne» շոգենաւով։ ԱՄՆ արխիւները թէեւ սպառիչ չեն, սակայն տոհմածառերը լրացնող օգտակար շրջարկ մը կը ստեղծեն։

ԱՄՆ արխիւներուն համար առաջնային երեք աղբիւր գործածուեցաւ է։ Առաջին հերթին անփոխարինելի գործիք մը եղաւ Մարք Արսլանի «Armenian Immigration Project» կայքը (8)։ Արսլանը հայ ներգաղթողներու մասին տեղեկութիւններ հաւաքած է շոգենաւերու ճամբորդներու ցուցակերէն, մարդահամարներու տուեալներէն, զինուորական մատեաններէն, եւ այլն։ Յատկապէս արժէքաւոր է իր կազմած տուեալներու ամբողջ շտեմարանին ստուգատիպայնացուած մականուններու համատեղ հարցման կարելիութիւնը։ Գործածուած են նաեւ ancestry.com եւ familysearch.org կայքերը՝ ծագումներու մասին տուեալներ ունենալու համար։

Էջեր 1840-ի օսմանեան մարդահամարի տոմարներէն։

Մեթոդաբանութիւն

1840-ի օսմանեան մարդահամարի արդիւնքները օսմաներէն արձանագրուած էին, հետեւաբար այս տուեալներու խորքային թարգմանութիւնը անհրաժեշտութիւն մըն էր (9)։ Օսմանեան կայսրութեան վարչամեքենային մէջ մականունները արձանագրելու ընդունուած ձեւը գիւղէ գիւղ տարբեր էր։ Շատ յաճախ ընտանիքը կամ ծուխը զատորոշելու համար 1840-ին կիրարկուած մականունը չէր համընկներ ընտանիքին յետեղեռնեան մականունին հետ։ Յատկապէս Հազարիին պէս պզտիկ գիւղերուն մէջ ընտանիքին գլխաւորը պարզապէս ընտանիքի հօր անունով կ’որոշուէր։

Որոշ ընտանիքներ հայրանուանական մականուններ կը պահէին։ Օրինակի համար. դիւրին է գիտնալ թէ որ մէկն էր Ներսէսեան ընտանիքը, որովհետեւ տոմարներուն մէջ մէկ հոգի կար Ներսէս անունով։ Անուններու լրացուցիչ համընկեցումը, սակայն, կը պահանջէր համոզուածութիւն, որ տուեալ ընտանիքը իրօք այդ ծուխի բնակիչ եղած էր։ Տէր հօր ընտանիքը հաշուող ծուխը օգտակար պիտի ըլլար լրացուցիչ համընկնում մը պարզելու առումով։

Այլ ծուխերու կամ ընտանիքներու պարագային ստիպուած էի ամբողջութեամբ ապաւինիլ այրերու անուններու եւ տոհմածառի անուններուն միջեւ համընկնումներու վերհանումներուն վրայ։ Բանաւոր աւանդոյթի ճշգրտութիւնը կը նուազի ժամանակի թաւալումին հետ։ Հետեւաբար մարդահամարի 28 ծուխերուն եւ 21 տոհմածառերուն ընտանիքներուն միջեւ վերհանուած համընկնումներու ճշգրտութեան համոզուածութեան մէջ ենթակայական շեմ մը գոյութիւն ունէր։

Որոշակի համոզուածութեամբ ու ինքնավստահութեամբ տոհմածառերու 21 ընտանիքներէն 14-ը կապակցած եմ օսմանեան մարդահամարի տուեալներուն մէջի 15 ծուխերուն հետ։ Եւս 3 ընտանիքի համար բերուած են հաւանական կապեր՝ շատ աւելի նուազ համոզուածութեամբ։ Այսպէսով մեզի կը մնար չնոյնականացուած եւ ինքնութիւնը չճշդուած 4 ընտանիք եւ 10 ծուխ։ Ընտանիքներէն երկուքը՝ Տէր-Փիլիպոսեանները եւ Տէր-Մատթէոսեանները, նշուած են իբրեւ գիւղէն մեկնած մարդիկ, բայց արտագաղթի թուականը նշուած չէ, եւ չենք կրնար գիտնալ՝ 1840-էն առա՞ջ էր, թէ՞ ետք։ Ենթադրութիւններ ըրած եմ մի քանի այլ դէպքերու պարագային, բայց խնդիրներէն ոմանք պարզապէս անլուծելի կը մնան։

Մարդահամարի տուեալներէն չնոյնականացուած ծուխերը կրնան համապատասխանել գիւղէն մեկնած այլ ընտանիքներու։ Կրնայ ըլլալ նաեւ, որ նախքան անուաձեւ տոհմածառերու հիմքը կազմող բանաւոր նիւթի կազմումը, այդ ընտանիքներուն արական սերման գիծը մարած ըլլայ։ Մեր օրերուն աւելի մօտ օսմանեան ժամանակներու վերաբերող մարդահամարներու բացակայութեան պարագային, յատկապէս կիներու մասին տուեալներ պարունակող տոմարներու, անկարելի է վերջնական բան ըսելը։

Նման մեթոդաբանութիւն մը կիրակուեցաւ նաեւ ԱՄՆ մատեաններու պարագային։ Քանի որ անուն-մականուններէն շատերը տարածուած էին ու իրարու նման էին, անհրաժեշտ էր լրացուցիչ հաստատումներ ունենալ՝ կարենալու համար տուեալ արձանագրութիւնը որպէս Հազարիին իրօք առնչուող տուեալ գրանցել։ Անշուշտ, բոլոր պարագաներուն, ուր ծննդավայրը «Հազարի» նշուած էր, արձանագրութիւնը միանշանակ ընդունուեցաւ։ Առանցքային աղբիւր մը պիտի ըլլար նաւերու ճամբորդներու ցուցակներու արխիւը, որովհետեւ յաճախ հոն նշուած էր նաեւ ԱՄՆ ժամանողին մեկնումի վայրը մնացած ամենէն մօտիկ ազգականին անունը, ինչպէս նաեւ անունը եւ ազգակցական կապը այն հարազատներուն, որոնց քով պիտի երթար ան ԱՄՆ-ի մէջ։ Ազգականներուն անունները, նոյն հասցէին ապրիլը եւ այլն, կը խորացնէին ճշգրտութեան աստիճանը։ Հազարի մնացած կնոջ կամ ծնողին անունը կամ այն եղբօր անունը, որուն քով կ’երթային ԱՄՆ, տեղեկութիւններու հաւաստիութեան գնահատման կարեւոր կէտեր եղան։ Ճիշդ է, որ այրերու մեծամասնութիւնը Լաուրենս (Մասաչուսեց) պիտի ճամբորդէր, սակայն ոչ բոլորը։ Ոմանք, օրինակ, պիտի երթային Նիւ Եորք կամ Քոնեքթիքաթ։

Տրուած ըլլալով որ հայերէն անունները եւ մականունները անգլերէն տառադարձելու տարբեր ձեւեր ընթացիկ են, յաճախ դերանշանային որոնումներ կիրարկուեցան, օրինակ, «*an» վերջածանցը գործածուեցաւ որոնումներուն մէջ՝ «ian»-ով թէ «ean»-ով աւարտուող մականուններու ցանկը ունենալու համար։

Որոնման աւելի բարդ ձեւեր ալ գործածուած են, ինչպէս սահմանափակումներու կիրարկումը, կամ օրինակ նաւի ճամբորդներու ցուցակը գտնելու համար միայն որոշ ժամանակահատուածի մը մէջ ինկող ծննդեան թուականներու կամ ԱՄՆ ներգաղթի տարիներու գործածութիւնը։ Եւ սակայն, մեր բոլոր ջանքերը երբեմն ունայն եղան... Այս բացերը, այնուամենայնիւ, նշանակալից չեն եւ հարցականի տակ չեն դներ տեղեկութեան սպառիչ ծաւալին ստոյգութիւնը։ ԱՄՆ 500-է աւելի արձանագրութիւններու մէջէն կրցայ գտնել 137 հազարիցի։

Հայկական մականուններ

Հայկական մականուններուն ծագումը կրնայ դասաւորուիլ տարբեր դասախումբերու մէջ։ Ամենէն տարածուած ձեւը, անհամեմատօրէն ամենէն ընթացիկը, հայրանուանական մականուններն են, որոնց արմատը արական անուն մըն է, օրինակ՝ Կարապետեան, Մելքոնեան, Գէորգեան, եւայլն։ Այլ ձեւ մըն է ըստ արհեստի անուանակոչումը, շատ յաճախ օսմաներէն բառի գործածութեամբ։ Այս տիպի մականուն է, օրինակ, Տէմիրճեան (դարբին), Նաճարեան (ատաղձագործ), Գազանճեան (կաթսայագործ) , Պէրպէրեան (սափրիչ), եւ այլն։ Որոշ մականուններ հիմնուած են գաղթողներուն ակունքը եղող տեղավայրին վրայ՝ Բալուցիեան/Բալուցեան, Մարաշլըեան/Մարաշլեան, եւ այլն. «ցի»-ն տեղին պատկանելիութիւն արտայայտող հայերէն վերջնածանցն է, իսկ «լը»-ն՝ թրքերէն։ Իսկ այլ մականուններ ալ ֆիզիքական յատկանիշ մը կը նկարագրէին, օրինակ Թոփալեան (կաղ) կամ Ալթըպարմաքեան (վեց մատ)։

Հազարիի հայկական մականունները հազուադէպօրէն ժառանգութիւն էին հին ազնուական ընտանիքներու անուններէ։ Ազնուականներու մականուններ կային, օրինակ Սիւնի եւ Արծրունի։ Որոշ պարագաներու մականունին ծագումը կրնար պարզապէս հայրանուանական եղած ըլլալ. Հազարիի Մամիկոնեանները, օրինակ, դժուար որ ազնուական ծագում ունեցած ըլլային։

Տարբեր մատեաններու վրայ աշխատանքէն բացայայտ կը դառնայ, որ հայկական մականուններու ժողովրդականացումը ժամանակակից երեւոյթ մըն է։ Մականունները պարզապէս ձեւ մըն են որոշակի անհատ մը աւելի մասնայատուկ կերպով մատնանշելու։ Անձը յստակ մատնանշելու անհրաժեշտութիւնը կը գոյանայ գործարար աշխարհին մէջ, յատկապէս պետական դռներու հետ գործ ունենալու պարագային։ Հետեւաբար, ամենայն հաւանականութեամբ 1830-ին մեկնարկած օսմանեան մարդահամարի հաշուառումը եղած է հայկական մականուններու կիրարկութեան մղիչ ուժը ։ Ո՞ր Յակոբը։ Տէր հօր որդի Յակոբը (Քէշիշեան) կամ Պետրոսի որդի Յակոբը (Պետրոսեան) կամ կաղ Յակոբը (Թոփալեան) կամ Բալուցի Յակոբը (Բալուցիեան)։ Եւ այսպիսով, մականունները կրնային յաճախ փոխուիլ. եւ կը փոփոխուէ՛ին։ Յակոբ Պետրոսեանի որդին կը դառնար Յակոբեան, եւ այսպէս շարունակ։ Գերդաստանները կը մեծնային ու կը ճիւղաւորուէին, եւ տարբեր որդիներու սերունդները կրնային տարբեր մականուններ ունենալ։ Օրինակ. Յակոբը կրնար ունենալ երկու որդի՝ Գէորգն ու Պետրոսը։ Գէորգի սերունդը կրնար կրել Գէորգեան կամ Յակոբեան մականունը։ Նոյն կերպ՝ Պետրոսի ժառանգորդները կրնային Պետրոսեան կամ Յակոբեան ըլլալ։ Մեծ քաղաքները աւելի երանգաւորուած մականուններ որդեգրող առաջինները պիտի ըլլային ։

Մականունները տեւաբար փոփոխութիւններ պիտի կրէին, երբեմն նոյնիսկ Ցեղասպանութենէն ետք։ Ինչպէս կարելի է պատկերացնել, այս երեւոյթը կը բարդացնէ հետազօտական աշխատանքը եւ անհատները վերջնական կերպով նոյնականացնելու կարելիութիւնը։

Էջեր 1840-ի օսմանեան մարդահամարի տոմարներէն։

1840-ի Օսմանեան մարդահամարը

1840-ի օսմանեան մարդահամարը Հազարիի մէջ կը հաշուէ 28 ծուխի մէջ ապրող 129 հայ այր։ Ներառուած են տեղեկութիւններ բնակիչներուն հարկային դասակարգման, հասակի, պեխ-մօրուքի, արհեստի եւ տարիքի մասին։ Թէեւ ընտրանքային նմոյշը փոքր է, սակայն հետաքրքրական մանրամասնութիւններ կարելի է դիտարկել։

Ստորեւ բերուած աղիւսակը կը ներկայացնէ այրերու թիւը՝ իւրաքանչիւր հինգ տարին կատարուած տարիքային խմբումներով.

Ընտրանքային նմոյշի փոքր չափը եւ երկրորդական աղբիւրի բացակայութիւնը կը դժուարացնէ տուեալներուն հիմա վրայ եզրակացութիւններու յանգիլը։ Ամենայն վստահութեամբ կարելի է ըսել, որ կան տարիքի սխալ արձանագրումներ ու տարիքի կլորացումներ, ինչպէս բոլոր մարդահամարներուն պարագային կը պատահի, յատկապէս երբ ծննդեան թուականը արձանագրելու փոխարէն տարիքը կ’արձանագրուի։ Օրինակ, կրնան միտումներ ու հակումներ ըլլալ տարիքի փոխարէն արձանագրելու իր թիւին ամենամօտիկ հինգի բազմապատիկ թիւը, կամ հարկման ենթակայ տարիքին, զինուորագրութեան տարիքին անմիջապէս նախորդող թիւը։

Մարդահամարով հաշուառուած այրերէն 90-ին հայրերն ալ յիշատակուած էին։ Այս փաստը առիթ տուաւ վերլուծելու հայրերու տարիքը, երբ իրենց որդին կը ծնէր։ Տուեալները ամբողջական չեն, որովհետեւ մահացած կամ գիւղէն մեկնած կիներու եւ մանուկներու թիւերը արձանագրուած չեն։ Այսուամենայնիւ կ’արժէ յիշատակել, որ իրենց որդիներու ծնունդին հայրերու միջին տարիքը 27 էր (այսինքն՝ իրարայաջորդ սերունդներու միջեւ տարբերութեան միջինը)։ Որդիին ծնած ատեն հօր ամենակրտսեր արձանագրուած տարիքը 15-ն է, իսկ ամենաերէցը՝ 53։ Անգամ մը եւս պէտք է ընդգծել, որ այս բոլորը կը նշուին՝ մտապահելով տարիքի վերաբերեալ տուեալներու սահմանափակումները եւ ընտրանքային նմոյշին փոքր ծաւալը։

Իւրաքանչիւր իրարայաջորդ սերունդի միջեւ եղած տարիներու միջին թիւը 30 տարուան կը հասնի, երբ ԱՄՆ-ի տուեալներն ալ հաշուի առնենք։ Այս աճը շարք մը պատճառներով կարելի է բացատրել։ Առաջին՝ անդրանիկ որդին պիտի ժառանգէր տան աւագի պարտականութիւնը, եւ, հետեւաբար կրտսեր որդիները շատ աւելի հաւանական է որ ԱՄՆ ճամբորդած ըլլային։ Երկրորդ՝ ԱՄՆ մատեաններուն մէջ արձանագրուած են նաեւ ընտանիքի այն անդամները, որոնք Ցեղասպանութեան հետեւանքով կապերու հսկայ խզումէն ետք ծնած էին։ Երրորդ՝ 19-րդ դարու ընթացքին զաւակ ունենալու միջին տարիքը կրնայ աւելի մեծ թիւ կազմած ըլլալ (հայրերը աւելի մեծ տարիքի մէջ զաւակ կ’ունենային), ինչպէս նաեւ կեանքի տեւողութիւնը կրնայ աւելի մեծ թիւ կազմած ըլլալ (մարդիկ աւելի երկար կ’ապրէին)։ Եւ վերջապէս, այս երեւոյթը կրնայ բացատրուիլ ընտրանքային նմոյշի փոքր չափով։

11 տարեկանէն սկսեալ բոլոր մանչերը հարկումի ենթակայ էին։ Հարկման երեք աստիճան կար՝ բարձր, միջին եւ ցած։ Հազարիի մէջ 8 այր բարձր եկամուտ ունեցող դասուած էր, 79-ը՝ միջին եւ 4-ը` ցած եկամուտ ունեցող։ Ցած եկամուտ ունեցողները ամենակրտսերներն էին՝ 11 կամ 12 տարեկանները, թէեւ որոշ 12 տարեկան մանչեր բարձր եկամուտ ունեցողներու շարքին դասուած էին։

Հասակի թիւի արձանագրութիւն ունեցողներու 60%-ը բարձրահասակ դասուած էր։ Այս երեւոյթը շատ զարմանալի է եւ արտասովոր։ Միայն երկու այր կարճահասակ դասուած էին։ Ոմանք պարզապէս «երիտասարդ» կամ «պատանի» արձանագրուած էին։ Երբեմն ԱՄՆ տուեալներուն մէջ ալ հասակի մասին նշումներ եղած են։ Այս տուեալներէն նմոյշներ վերցնելով եւ ենթադրելով, որ գալիք սերունդները իրենց նախնիներուն հասակը կ’ունենային՝ այնպէս կը թուի, որ 5’8” (172 սմ)-էն սկսեալ ենթական կը սեպուէր բարձրահասակ, իսկ 5’3” (160 սմ)-էն քիչը՝ կարճահասակ։

20 եւ աւելի մեծ տարիքի այրերուն համար պեխ-մօրուքի մասին տուեալներ բերուած էին։ 25 եւ աւելի փոքր տարիքի երիտասարդներուն պարագային «անմօրուք» կամ «նորաբոյս պեխերով» գրուած էր։ Ստորեւ բերուած աղիւսակը կը ներկայացնէ այրերու թիւը՝ ըստ պեխ-մօրուքի գոյներուն յատկանիշներուն.

Գիւղը ունէր մէկ քահանայ։ Գիւղի միւս այրերը արձանագրուած են իբրեւ հողատէր երկրագործ, հողագործ (ուրիշին օգնող) կամ հովիւ։

Մարդահամարով հաշուառուած այրերուն 30%-ը Պոլիս պանդուխտ գացած էր։ Այս սովորոյթը շատ տարածուած էր 19-րդ դարու ամբողջ ընթացքին եւ 20-րդ դարու սկիզբը։ Գացողներէն շատերը ամուրի էին, բայց պանդուխտի ցուպը առնողներներուն մեծամասնութիւնը կը կազմէին նորօք ամուսնացած այրերն, նորածին զաւակ եւ յղի կին ունեցողները. յոյս ունէին որ այդպիսով կ’ապահովուէր անոնց վերադարձը գիւղ։ Անոնց տարիքը 15-էն 57-ի միջեւ էր, իսկ միջինը՝ 30։ Միջին հաշուով 4 տարի էր արդէն, որ անոնք պանդխտութեան մէջ էին։ Անոնց պարագային, որոնց մեկնումի տարին արձանագրուած էր, Պոլիս մեկնումի պահին միջին տարիքը 26 տարեկան կը հաշուարկուի։ Համեմատութեան համար նշենք՝ 1915-էն առաջ ԱՄՆ ժամանած նաւերու իմ գտած 84 ուղեւորացանկերուն հիման վրայ Հազարիի այրերու միջին տարիքը 24 տարեկան էր։

Այսպիսով կը տեսնենք թէ ԱՄՆ գաղթելը գրեթէ 100 տարուան վաղեմութիւն ունեցող սովորոյթի մը շարունակութիւնն էր։ 1840-ի մարդահամարին տուեալներով չմշկածագցի այրերու պանդխտութեան առաջնային հասցէները Ատանան ու Պոլիսն էին։ 19-րդ դարու վերջերէն սկսեալ մեծ թիւով այրերու պարագային ԱՄ Նահանգները պիտի փոխարինէին Ատանան ու Պոլիսը։ Ոմանք պիտի չվերադառնային Ատանայէն ու Պոլիսէն, նոյնպէս ալ ոմանք Ամերիկա պիտի մնային։

Տոհմածառեր

Ընտանեկան ծառերու ներկայացման մէջ գործածուած ուղիղ փակագիծերու մէջի թիւերը իւրաքանչիւր անհատ զատորոշ եզակի թիւեր են։ Սերման գիծին հետեւելու համար պէտք է գտնել այդ անհատին անունէն վեր գտնուող սերունդին մէկով աւելի պզտիկ թիւը կրող անհատը։ Հոս ընտանեկան ծառը նաեւ գծանկարի տեսքով բերուած է, որպէսզի ընտանեկան յարաբերութիւնները պատկերացնելը աւելի դիւրին ըլլայ։ Ամբողջութեամբ գլխագիրով գրուած անունները տոհմածառին մէջ եղած անուններ են։ Եթէ անձին ծննդեան թուականը 1840-էն առաջ է, ուրեմն տուեալ անձը 1840-ի օսմանեան մարդահամարին մէջ ներառնուած է։ Նկարագրական բոլոր տուեալները նոյնպէս այս մարդահամարէն բերուած են։ Տոհմածառերուն մէջ կային դէպքեր, երբ բազմաթիւ որդիներ նոյն անունը կը կրէին։ Ենթադրութիւնը այն էր, որ այս պարագաներուն նորածին որդին իր մահացած եղբօր անունով կոչուած էր։ Թէեւ նոյն անունը կրող բոլոր որդիները արձանագրելը իմաստ ու արժէք կրնար ունենալ, այս աշխատանքին համար տուեալ անունը միայն մէկ անգամ ներառած եմ։

Եարըմեան /Անդրէասեան/Կոստանեան «անիւ»

Տոհմածառային առաջին «անիւը», ըստ պատշաճի, Անդրէասեան ընտանիքը կը բովանդակէ, Հազարի գիւղին հետ այդքան սերտօրէն կապակցուող այս տոհմը։ Իրականութեան մէջ, ըստ տոհմածառին տուեալներուն, երեք տարբեր մականունի (Եարըմեան, Անդրէասեան, եւ Կոստանեան) ակունքը ա՛յս ընտանիքին մէջ է։ Հիմնուելով օսմանեան մարդահամարի տարիքային տուեալներուն վրայ՝ կրնանք ենթադրել, որ այս հսկայ տոհմին նախնին՝ [#001] Ստեփանը, 1700-ականներու սկիզբը ապրած է։

Սեղմել այստեղ տեսնելու համար Եարըմեան/Անդրէասեան/Կոստանեան «անիւ»ը։

Անդրէասեան ճիւղ

Սեղմել այստեղ տեսնելու համար Անդրէասեան ճիւղը

Զարմանալի է ու անակնկալ, որ Անդրէասեան մականունին ակունքը այս տուեալներէն կարելի չէ ճշդել (ասինքն «Անդրէաս» անունով մարդ չկայ տոհմածառին մէջ)։ Օսմանեան մարդահամարը 4 սերունդի պատկանող 10 այրի մասին մանրամասնութիւն կը բերէ։ Մարդահամարին մէջ ցանկագրուած մէկ մանուկ՝ Խաչատուրը [#043] տոհմածառին մէջ չկայ։ Կ’ենթադրուի, որ ան մանուկ հասակին մահացած է, եւ յաջորդող սերունդները չեն գիտցած իր գոյութեան մասին։ Նոյնքան հաւանական հնարաւորութիւն մըն է նաեւ, որ Խաչատուրին հայրանունը սխալմամբ «Յակոբ» արձանագրուած ըլլայ, երբ իրականութեան մէջ ան «Ղուկաս» պէտք էր ըլլար եւ [#056]-ի Խաչատուր ու ինքը նոյն անձն են։

[#071] Կարապետին յաջորդող ճիւղը մարդահամարին մէջ միանշանակ նոյնականացնելու հնարաւորութիւն չկայ ։ #21 ծուխը, որ կը սկզբնաւորուի 1799-ին ծնած Կարապետով, որ ունէր 1828-ին ծնած Մանուկ որդին, խելքի մօտիկ կարելիութիւն մըն է։ Համընկնումները, սակայն, հոս կը վերջանան։ Հետեւաբար այս շառաւիղը ձգած եմ «ոչ վերջնական» պիտակին տակ։

[#005] Պետրոսի եւ [#013] Արմենակի ծննդեան թիւերէն մեկնելով այնպէս կը թուի, որ [#006] Պաղտասարը պէտք էր ողջ ըլլար 1840-ին։ Ան սակայն ան յիշատակուած չէ օսմանեան մարդահամարի տուեալներուն մէջ։

[#021] Յովհաննէսը տոհմածառին մէջ «Օվակում» («Յովակիմ»-ի տարբերակ մը) արձանագրուած է։ Բացի ասկէ, [#004] Ղազարոսի հայրը մարդահամարին մէջ «Ղուկաս»-ն է, իսկ տոհմածառին՝ «Յակոբ»-ը։ Տրուած ըլլալով որ Ղազարոսը իր երկու որդիները կոչած է մէկը «Յակոբ», միւսը՝ «Ղազարոս», դժուար է ըսել, որ իր հօր անունը ո՛ր մէկն էր։ Այլ կարելիութիւն մըն ալ կայ՝ որ Ղազարոսին հայրանունը «Յակոբ» եղած ըլլայ, բայց ընտանիքը աւելի վաղ ժամանակներէ «Ղուկասեան» մականունով ճանչցուած եղած ըլլայ։

9 դեկտ. 1913-ին Մկրտիչ Անդրէասեանը ժամանած էր ԱՄՆ «Rochambeau» շոգենաւով։ Ըստ արձանագրուածին՝ ան կ’երթար եղբօրը՝ Շմաւոնին քով։ Ենթադրեցի, որ [#051] Շմաւոնը ԱՄՆ ապրած էր առնուազն 1913-էն մինչեւ 1925։ Շմաւոնի անունի ցանկագրմամբ նաւի ճամբորդներու ցուցակի մը բացակայութեան պայմաններուն մէջ՝ հիմնուեր եմ բացարձակապէս այն փաստին վրայ, որ Շմաւոնը հազարեցի այլ Անդրէասեանի մը հետ ապրած է Լորենսի (Մասաչուսեց) Քամըն փողոցի 230-րդ տունը։ Սակայն տոհմածառին մէջ չէ նշուած, որ Շմաւոնը եղբայր ունեցած է։ [#049] Մկրտիչը ԱՄՆ հասած է 1919-ին եւ ըստ նաւի ճամբորդներու ցուցակին՝ կ’երթար 230, Քամըն փողոց իր Լեւոն եղբօր քով։ Բացի ասկէ, «Պ» հայրանուան սկզբնատարը կարծես կը հաստատէ, թէ Մկրտիչին հայրը [#046] Պօղոսը եղած է։ Սակայն 1922-ին Շմաւոնը կ’ապրէր Մկրտիչ Պ-ի հետ 146, Մէյփլ փողոց, Լորենս հասցէին։ Շփոթը կը խորանայ. երեք Մկրտիչ Անդրէասեան կար Լորենս քաղաքի հասցէագրքին մէջ 1924-ին, իսկ 1925-էն ետք անոնցմէ ոչ մէկը ցանկագրուած է։ Հակառակ անոր որ ես [#049] Մկրտիչը միայն արձանագրած եմ վերոբերեալ ընտանեկան ծառին մէջ, շատ հնարաւոր է, նոյնիսկ հաւանական է, որ Շմաւոնը Մկրտիչ անունով եղբայր մը ունեցած ըլլայ, որ տոհմածառէն դուրս մնացած ըլլայ։

Այսպէսով արդէն բացայայտ կը դառնան իւրաքանչիւր աղբիւրի թերութիւնները եւ առաւելութիւնները։ 1840-ի օսմանեան մարդահամարին տուեալները գիտահետազօտողներուն տրամադրութեան տակ եղող միակ պաշտօնական աղբիւրն են։ Ինչպէս արդէն նշեցինք, աւելի օգտակար, բայց 1840-էն ետք կատարուած մարդահամարներու տուեալները անմատչելի են։ Մարդահամարը մանրամասնութիւններ կը հաղորդէ անհատներու մասին, որոնց մասին ուրիշ տեղ յիշատակում չկայ։ Թէեւ տարիքի վերաբերեալ սովորական բացերը կը կրէ, սակայն այս մարդահամարը արժէքաւոր յղման աղբիւր մըն է արձանագրուած այրերուն մասին։ Այս պարագային տոհմածառը 200 տարուան ժամանակահատուածի մը վրայ կը տարածուի եւ աւելի կը շեշտէ մարդահամարի տուեալներուն սահմանափակումները։ Անունները եւ ազգականական կապերու տարբերութիւնները միշտ չէ, որ կարելի է բացատրել եւ լուծել, բայց պարզ է, որ երկու աղբիւրները կ’ամբողջացնեն զիրար եւ պէտք է գործածուին համատեղ։

Վերոյիշեալ 81 Անդրէասեան այրերէն 32-ի համար ճշդել կարելի եղաւ մօտաւոր ծննդեան թուական մը։ ԱՄՆ մատեաններու տուեալները վերլուծելով՝ երկու իրարայաջորդ սերունդ բաժնող միջին տարբերութիւնը 29 տարի եղած է։ Նուազագոյնը՝ 21,5 եղած է [#013] Արմենակի եւ իր մեծ մեծ մեծ հօր՝ Պետրոսի պարագային, իսկ ամենէն երկարը [#061] Արտաւազդը եւ իր հայր Վահանը կը կազմեն՝ 41 տարի։ Այս բոլոր արդիւնքները խելքի մօտիկ կը թուին, եւ, հետեւաբար, աղբիւրներու տուեալները չեն հակասեր իրարու։ Հետաքրքրական է, որ իր ընտանեկան ծառի անդամներուն ծննդեան թիւերը հաշուարկելու համար Վազգէն Անդրէասեանը երկու սերունդ իրարմէ բաժնող ենթադրական միջին տարիքը 25 տարի հաշուած է։

Կոստանեան ճիւղ

Կոստանեան ընտանիքը [#003] Ղուկաս/Յակոբէն սերող ուրիշ ճիւղ մըն էր։ Արդէն մարդահամարի տուեալներուն մէջ իբրեւ առանձին ծուխ արձանագրուած [#004] Ղազարոսին եղբօրը անունը «Փիլիպոս» արձանագրուած էր, իսկ տոհամածառին մէջ՝ «Գրիգոր»։ Հոս եւս, մեկնելով որդիները մեծ հայրերու անունով անուանակոչելու սովորութենէն, վերջնականօրէն կարելի չէ ըսել, թէ ո՛ր անունն է ճիշդը։ Կը թուի թէ [#083] Կոստանդինէն կու գայ ճիւղին մականունը։ Ահա՛ օրինակ մը, որ կը պատկերէ մականուններու մասին ըսուածը։ Օսմանեան մարդահամարի տուեալներուն մէջ այս ծուխը «Փիլօ օղլու», այսինքն «Փիլիպոսի որդի» անունով յիշատակուած է։ Եւ սակայն յաջորդ սերունդները «Կոստանեան» մականունը կրած են՝ 1840-ին տոհմին նահապետին անունով։ Ահաւասիկ Կոստանեան ընտանիքին տոհմածառը այնպէս ինչպէս ան ներկայացուած է թէ՛ մարդահամարի տուեալներուն մէջ եւ թէ տոհմածառին։

Սեղմել այստեղ տեսնելու համար Կոստանեան ճիւղը։

Կարելի չէ ճշդել թէ արդեօ՞ք տոհմածառի [#084] Յակոբը եւ մարդահամարի [#085] Գրիգորը նոյն անձն են, թէ՞ ոչ։ Այլապէս, աղբիւրներուն տուեալները կը համընկնին իրարու հետ։

Ըստ առկայ տուեալներուն՝ [#086] Մինասը 52 տարեկան էր երբ ծնած էր իր որդին՝ Յովհաննէսը։ Այս փաստը Կոստանեան գերդաստանի մէկ սերունդէն միւսին միջեւ տարիքի միջին տարբերութիւնը կը շեղէ դէպի աւելի բարձր թիւ մը (35 տարի)։ Նոյնիսկ եթէ Յովհաննէսին տարիքը նկատի չունենանք, միջինը գրեթէ 32 տարի է։

Եարըմեան ճիւղ

Դէպի Անդրէասեան եւ Կոստանեան ընտանիքներու ճիւղաւորումէն մէկ սերունդ առաջ կազմուած էր Եարըմեան ընտանիքը սկսեալ [#002] Մանուկի որդի Մարտիրոսէն։ Եարըմեան մականունին ծագումը անյայտ է։ Անդրէասեանը կ’առաջարկէ «Հէյպէթկանց» (այսինքն հոյակապ) որպէս տարբերակ (38)։ Ենթադրաբար, մականունը Եարում անունը (կամ նման տարբերակի մը աղաւաղուած ձեւը) կրող մէկու մը գոյութիւնը կ’արտացոլէ։ Սակայն «Եարում» անունը չկայ տոհմածառին մէջ։ Այլ հնարաւոր բացատրութիւն մը՝ «yarım» թրքերէն «կէս» կը նշանակէ, թէեւ անյայտ է, թէ այս բառը ինչպէս պիտի վերածուէր մականունի (39)։

Սեղմել այստեղ տեսնելու համար Եարըմեան ճիւղը։

Ընտանիքը 1840 թուականի մարդահամարի Հազարիի տուեալներուն մէջ պէտք էր ներառուած ըլլար։ [#098] Պետրոսը եւ իր որդիները ենթադրաբար ողջ էին 1840-ին։ Եարըմեան ճիւղը, սակայն, կարելի չէ ճշդորոշել Օսմանեան մարդահամարի տուեալներուն մէջ։ Մի քանի հնարաւորութիւն կայ (յատկապէս 12 ծուխը), բայց անհամապատասխանութիւնները շատ մեծ թիւ կը կազմեն եզրայանգումներ կարենալ ընելու համար (48)։

Ըստ տոհմածառին՝ [#119] Ստեփանը 1850-ին Պուլկարիա փոխադրուած է։ [#108] Հրանդ/Խաչատուրը ըստ երեւոյթին երկու անուններն ալ կը գործածէր. տոհմածառը երկուքն ալ արձանագրած է։ Ան ԱՄՆ մուտք պիտի գործէր «Խաչատուր» անուան տակ բայց «Հրանդ» (Harold) անունը գործածէր մինչեւ կեանքին վերջը։

Բարունակեան/Պէքէրեան/Սողիկեան տոհմածառ

Յաջորդ անիւային տոհմածառը մանրամասնութիւններ կու տայ երեք ընտանիքի՝ Բարունակեան, Պէքէրեան եւ Սողիկեան գերդաստաններու հասարակաց ծագման մասին։ Իւրաքանչիւր գերդաստան կը գլխաւորէր տոհմի նահապետի՝ [#120] Պետրոսի որդիներէն մէկը։ Հիմնուելով օսմանեան մարդահամարին մէջ յիշատակուած անձերու տարիքներուն վրայ կարելի է ամենայն հաւանականութեամբ ենթադրել, որ Պետրոսը 1700-ականներու կէսերուն ծնած էր։

Սեղմել այստեղ տեսնելու համար Բարունակեան/Պէքէրեան/Սողիկեան ճիւղը։

Բարունակեան ճիւղ

Սեղմել այստեղ տեսնելու համար Բարունակեան ճիւղը։

Օսմանեան մարդահամարը ծուխի գլխաւոր որպէս Նազարի փոխարէն [#121] Բարունակ կը յիշատակէ։ Քանի որ ընտանիքը որպէս «Բարունակեանը» ծանօթ դարձած էր, Բարունակն է կարծես համոզիչ տարբերակը։ Բացի ասկէ, Նազարը հայրը Յովհաննէսը արձանագրուած է փոխանակ [#120] Պետրոսի։ Ինչ կը վերաբերի այս տոհմածառի Պէքէրեան ճիւղին՝ Օսմանեան մարդահամարի տուեալներուն մէջ Նազարի եղբայր Նիկողոսի հայրը նշուած է «Պետրոս»։ Այս անհամապատասխանութիւններուն համար բացատրութիւն չունիմ, բացի անկէ, որ կրնայ ըլլալ որ այս մարդիկը մի քանի անուն կը գործածէին, կամ ալ որ բանաւոր պատմութիւնը շփոթելով սխալ արձանագրած է անունները եւ անոնց միջեւ ազգակցական կապերը։ Հետեւաբար, տուեալները մատուցելու մի քանի ընդունելի ձեւ կայ։
 
[#121] Բարունակի որդիները տոհմածառին եւ մարդահամարին մէջ համընկնող կերպով յիշատակուած են, եւ այդպիսով է որ ընտանիքը նոյնականացուցեր եմ։ Սերունդներու միջեւ կեանքի տեւողութեան ամենամեծ տարբերութիւնները արձանագրուած են Ցեղասպանութենէն ետք ծնածներուն պարագային։

Պէքէրեան ճիւղ

Սեղմել այստեղ տեսնելու համար Պէքէրեան ճիւղը։

Այս պարագային մարդահամարի տուեալները կը հաստատեն, որ այս ճիւղին նահապետը [#120] Պետրոսն է։ Մարդահամարի իրականացման պահին Պետրոսի որդիները արդէն իրենք իրենց ընտանիքները կազմելով ճիւղ աւելցուցած էին։ Պէքէրեան մականունը կապուած է ամուրի ըլլալու հետ։ Այս յատուկ պարագային վստահ չեմ ինչպէս պատահած է, որ այս մականունը ընտանիքի այս ճիւղին կապակցուած է։ Անդրէասեանին գիրքին մէջի այս ծուխի գծագիրէն կը թուի թէ Պէքէրեան գերդաստանը Տէփոյեան մականունով արձանագրուած է։ Քանի որ «Տեփօ»-ն «Ստեփան»-ին մէկ տարբերակն է, կը թուի թէ Պէքէրեան ընտանիքը «Տէփոյեան» մականունով ծանօթ եղած է գիւղին մէջ։

Մարդահամարի տուեալներուն մէջ [#149] Նիկողոսի որդին Մարտիրոս արձանագրուած է, իսկ տոհմածառին մէջ արձանագրուած անունը «Ստեփան»-ն է։ Հակառակ անոր որ վերջնականօրէն համոզիչ չէ, բայց ընտանիքին մէջ «Մարտիրոս» անունին կրկնութիւնը մտածել կու տայ որ այս է ճիշդը։ Ամենէն հաւանական բացատրութիւնը ան է որ Ստեփանն ալ [#149] Նիկողոսի որդին եղած է եւ երբեք չէ ամուսնացած։ Թերեւս իր եղբօր՝ Մարտիրոսի մահէն ետք Ստեփանը վերջինիս որդի Կիրակոսը որդեգրած է։ Եւ այդպիսով թէ «Պէքէրեան» եւ թէ «Տէփոյեան» մականունները կիրարկելի կը դառնան եւ «Մարտիրոս»-ը եւ «Ստեփան»-ը պէտք է որ որպէս եղբայրներ արձանագրուած ըլլան, եւ ոչ թէ նոյն անձը։

Այնպէս կը թուի թէ այս ընտանիքէն միայն [#153] Պետրոսը վերապրած է Ցեղասպանութենէն։ Վաթսունվեց տարի կայ Պետրոսի ծնունդին եւ իր մեծ հօր՝ Կիրակոսի ծնունդին միջեւ, այսինքն՝ իւրաքանչիւրին միջեւ 33 տարի կեանքի տեւողութեան տրամաբանական թիւ մը ունինք։ Պետրոսը եւ կինը՝ Աղաւնին, որդի չունէին։ Հետեւաբար, այնպէս կը թուի թէ հազարեցի Պէքէրեաններու ծուխը մարած է այսպիսով։

Տիգրան Սողիկեանի [#169] ԱՄՆ հպատակութեան յայտը

Սողիկեան ճիւղ

Սեղմել այստեղ տեսնելու համար Սողիկեան ճիւղը։

Բացայայտ է, որ «Սողիկեան» ճիւղը այս անունը ստացեր է [#156] Սողոմոնէն։ Մարդահամարի տուեալներուն մէջ ալ ան «Սողիկ» արձանագրուած է։ Իր հայրը մարդահամարի տուեալներուն մէջ [#155] Ապտալն է, իսկ տոհմածառին մէջ՝ Յովհաննէսը։ Այս պարագային ալ թէ՛ «Յովհաննէս», թէ՛ «Ապտալ» անուններով թոռնիկներ ունինք։ Հետեւաբար, դժուար է ըսել ո՛ր անունն է ճիշդը, եւ արդեօ՞ք երկու անուններն ալ գործածուած եղած են։ Ապտալը կամ Ապտալ Մեսիհը (այսինքն Մեսիհի՝ Քրիստոսի ծառան) սուրիացի սուրբի մը անունն է, որ հայկական եկեղեցիի ալ սուրբերէն է։ Հիմնուելով ծննդեան յայտնի տարեթիւերուն վրայ՝ հաւանական կը թուի որ [#155] Ապտալը [#120] Պետրոսի երեք որդիներուն անդրանիկը եղած ըլլայ։

Սողոմոնի որդին՝ [#198] Յովակիմը 1840-ի մարդահամարի տուեալներուն մէջ յիշատակուած չէ, հետեւաբար հաւանական է, որ տակաւին ծնած չէր։ Ըստ երեւոյթին մահացած է առանց արու ժառանգ ձգելու։ Սողոմոնի միւս չորս որդիներուն անունները նոյն կերպ արձանագրուած են մարդահամարի եւ տոհմածառի տուալներուն մէջ։

ԱՄՆ տուեալները առաւելաբար կը համընկնին օսմանեան մարդահամարի ծննդեան թիւերուն հետ։ Սերունդներու տարիքային ամենէն մեծ տարբերութիւնը [#195] Յարութիւնին եւ իր որդի՝ [#196] Արշակին միջեւ է ։ Հետեւաբար, կրնայ ըլլալ որ Արշակը ծնած էր աւելի շուտ, քան 1920-ի մարդահամարի տուեալներէն ենթադրուող1885 թուականը։ Ընդհանուր առմամբ իւրաքանչիւր սերունդի միջեւ կեանքի տեւողութեան միջին թիւը տրամաբանական 31 տարին է։

[#188] Պետրոսի շառաւիղը «Պետրոսեան» մականունը գործածած է եւ ոչ «Սողիկեան»։

Ադամեան/Քլշեան/Գալուստեան/Տէր-Փիլիպոսեան/Փափազեան/Տէր-Մատթէոսեան տոհմածառ

Այս լայն ծառը, ենթադրաբար, կը սկզբնաւորուի երկու եղբօրմէ՝ Սիմոնէն եւ ըստ երեւոյթին Մարկոսէն (78)։ Տոհմածառին եւ օսմանեան մարդահամարի տուեալներուն միջեւ լուրջ անհամապատասխանութիւններ կան։ Ստորեւ բերուած ընտանեկան ծառը առկայ տեղեկութեան իմ մեկնաբանութիւնս կը բերէ։ Ցաւօք, ընտանիքի որոշ հատուածներ կարելի չէ որոշակիօրէն նոյնականացնել մարդահամարի տուեալներուն մէջ եղածներուն հետ՝ այդպիսով սահմանափակելով համոզիչ եզրայանգումները։ Մեր տրամադրութեան տակ գտնուող ծննդեան թիւերէն կարելի է ենթադրել, որ Սիմոնն ու Մարկոսը ապրած են 1700-ականներու կէսերուն։

Սեղմել այստեղ տեսնելու համար Ադամեան/Քլշեան/Գալուստեան/Տէր-Փիլիպոսեան/Փափազեան/Տէր-Մատթէոսեան ճիւղը։

Ադամեան/Քլշեան ճիւղ

Սեղմել այստեղ տեսնելու համար Ադամեան/Քլշեան ճիւղը։

Ընտանեկան ծառին Քլշեան ճիւղը կը սկզբնաւորուի [#226] Միքայէլով։ Ընտանիքին միւս անդամները «Ադամեան»-ով պատկերուած են։ Գրեթէ սկիզբէն տոհմածառը կը շեղի մարդահամարի տուեալներէն։ [#201] Թորոսին հայրը ողջ էր մարդահամարին ատեն եւ «Մինաս» անունով արձանագրուած է հոն, իսկ տոհմածառին մէջ անունը Ղուկաս է։ Նմանապէս, [#226] Միքայէլի, [#229] Սիմոնի եւ [#239] Պօղոսի հայրը ողջ էր մարդահամարին ատեն եւ «Յակոբ» անունով արձանագրուած է, իսկ տոհմածառին մէջ անունը «Ղազար» է։ Եւ ոչ միայն. Յակոբին հայրը Պօղոսն է մարդահամարի տուեալներով։ Ըստ տոհմածառին Յակոբը եւ Թորոսը պէտք էր եղբայրներ եղած ըլլային, բայց ըստ երեւոյթին իրենց հայրերը եղբայրներ եղած են։

Յաջորդ նշանակալից անհամապատասխանութիւնը հետեւեալն է. ըստ մարդահամարին [#208] Ղուկասը, [#217] Աւետիսը եւ [#220] Խաչատուրը [#201] Թորոսի ոչ թէ որդիներն էին, այլ եղբայրները։ Ղուկասը Թորոսէն 20, իսկ Աւետիսը 24 տարի պզտիկ էր։ Կրնայ ըլլալ որ [#200] Մինասի մահէն ետք Թորոսը իր եղբայրներուն աչքին հօր դերը զգեցած ըլլայ եւ ազգակցական կապը այդպիսին մնացած ըլլայ բանաւոր աւանդոյթի յիշողութեան մէջ։ Մարդահամարի օրերուն Խաչատուրը արդէն մահացած էր։ Պարզ է, որ այլ հնարաւոր բացատրութիւններ ալ կրնան ըլլալ, ներառեալ այն, որ մարդահամարի տուեալներուն մէջ սխալմունք ըլլայ։

Հետաքրքրական է նշել, որ արդէն 1840-ին ընտանիքը երկու ծուխի ճիւղաւորուած էր։ [#200] Մինաս/Ղուկասի օճախը եւ իր եղբօր՝ [#224] Պօղոսի սերունդներունը։

Յայտնի է, որ [#228] Կարապետը որդի մը ունեցած է՝ Արամը, ծնած Մասաչուսեց 22 յունիս 1927-ին։ Յայտնի չէ թէ ինչո՛ւ անոր անունը չկայ տոհմածառին մէջ։ Հնարաւոր է, որ տոհմածառի [#238] Արամը իրականութեան մէջ պէտք էր արձանագրուած ըլլար որպէս Կարապետի որդին, եւ ոչ թէ Խոսրովի։ 1920-ի մարդահամարը, ինչպէս նաեւ Մասաչուսեցի ծննդոց մատեանը Խոսրովի որդին «Յակոբ» արձանագրած են։ Յետագային ան պիտի ճանչցուէր որպէս Ռէյմոնտ Յ. Ադամեան։

Անգամ մը եւս ԱՄՆ մատեաններու տուեալները կը համընկնին օսմանեան մարդահամարի տուեալներուն հետ։ Իւրաքանչիւր իրարայաջորդ սերունդի միջեւ միջին տարբերութիւնը 32 տարի է։ Ամենամեծ տարբերութիւնը [#212] Ղուկասին եւ անոր հօր՝ Պետրոսին միջեւ է (51 տարի)։

Գալուստեան ճիւղ

Սեղմել այստեղ տեսնելու համար Գալուստեան ճիւղը։

Գալուստեան ճիւղը 1840-ի օսմանեան մարդահամարի տուեալներուն մէջ վերջնական եզրայանգումով նոյնականացնելու չյաջողեցայ։ Կը թուի թէ հաւանականութիւնը շատ մեծ է, որ ան #19 ծուխին համապատասխանէ, թէեւ բազմաթիւ տարբերութիւններ կան։ Արդիւնքը ան է, որ դժուար է շատ բան ըսել տոհմածառին մէջ բերուած տեղեկութեան մասին։ Այս տոհմածառին մէջ գտնուող այլ անձերու յայտնի ծննդեան թիւերուն վրայ հիմնուելով կարելի է ըսել թէ կրնայ այդպէս եղած ըլլալ, որ թէ [#240] Կարապետը եւ թէ [#241] Գալուստը մահացած եղած ըլլային 1840-ի մարդահամարի օրերուն։ Բացի ասկէ, կրնայ պատահիլ որ [#243] Կարապետը ծնած չէր տակաւին։ Առնուազն սակայն, այս պարագային, [#242] Սիմոնը պէտք էր որ մարդահամարով հաշուառուած ըլլար։ Ուրեմն, եթէ #19 ծուխը ճիշդ համապատասխանողը չէ, կա՛մ այս ընտանիքը սխալմամբ դուրս մնացած էր մարդահամարէն, կա՛մ ալ անոնք բոլորը խուսափած են մարդահամարէն՝ հարկերէ խուսափելու համար։ Ուրիշ կարելիութիւն մըն ալ ան է որ մարդահամարը ընողները «բաց թողած» են Գալուստեան այրերը, որովհետեւ վերջիններս գիւղէն դուրս տեղ մը կ’աշխատէին այդ պահուն։

Թէեւ թէ՛ Մինասը, եւ թէ Երանոսը ԱՄՆ ապրած են, անոնց որդիներուն՝ Սիմոնի եւ Գալուստի մասին ոչ մէկ արձանագրութիւն կրցայ գտնել։ Մինասի պարագային յայտնի է որ կինը՝ Ալթունը, իր քովը եկած է 1922-ին, սակայն զինք բերող նաւուն ճամբորդներու ցուցակին մէջ Գալուստին անունը չկայ։ Տոհմածառը կը նշէ որ այս ընտանիքին արական սերման գիծը մարած է, հետեւաբար կարելի է ենթադրել, որ Գալուստը Ցեղասպանութեան զոհ գացած է։

Տէր-Փիլիպոսեան ճիւղ

Սեղմել այստեղ տեսնելու համար Տէր-Փիլիպոսեան ճիւղը։

Ինչպէս նշուած է, [#251] Մարկոսը [#199] Խաչատուր/Սիմոնին եղբայրն էր։ Տէր Միքայէլի երեք որդիներն ալ իրենց ընտանիքը պիտի կազմէին եւ իրենց հօր նման քահանայ դառնային։ Տէր-Փիլիպոսեան ճիւղը երեքէն ամենափոքրն էր։ Տոհմածառը կը նշէ, որ անոնք Պուլկարիա փոխադրուած էին։ Յստակ չէ ե՛րբ։ Թէեւ ամենայն հաւանականութեամբ 19-րդ դարու վերջին կամ 20-րդ դարու սկզբին պէտք է որ տեղի ունեցած ըլլայ այս, կրնայ նաեւ պատահիլ որ 1840-ի մարդահամարէն առաջ եղած ըլլայ։ Մարդահամարի տուեալներէն չյաջողեցայ նոյնականացնելու Տէր-Փիլիպոսեան ընտանիքը, եւ եթէ տակաւին չէին գացած Պուլկարիա այդ ժամանակ, կրնայ ըլլալ որ Տէր Փիլիպոսը ուրիշ համայնքի մը հոգեւոր սպասաւորը եղած ըլլայ այդ օրերուն։

Փափազեան ճիւղ

Սեղմել այստեղ տեսնելու համար Փափազեան ճիւղը։

Տէր Միքայէլն ալ հետը՝ Փափազեան ճիւղը 4 սերունդ քահանայ կը հաշուէր, այսպիսով աւելի քան արդարացնելով իրենց մականունը։ Օսմանեան մարդահամարը միայն մէկ քահանայ արձանագրած էր Հազարիի մէջ՝ Տէր Յակոբը. ըստ երեւոյթին անոր որդին տակաւին քահանայ չէր ձեռնադրուած 1840-ին։ Կ’ենթադրուի, որ Տէր Միքայէլը վախճանուած է 1840-էն առաջ։ Հետեւաբար, հաւանական է որ իր որդիները արդէն առանձին ընտանիք կազմած էին եւ մարդահամարի տուեալները բացատրութիւն ունենալով կը հաստատուին այս պարագային։

Բացի ասկէ, օսմանեան մարդահամարի տուեալներէն կարելի է եզրակացնել, որ [#251] Մարկոսը եւ [#199] Խաչատուր/Սիմոն եղբայրները 1750-էն առաջ ծնած էին։ ԱՄՆ մատեաններու տուեալները կը համընկնին, եւ իրարայաջորդ սերունդներու միջեւ տարիքի միջին տարբերութիւնը 26.5 տարի է։

Տէր Մատթէոսեան ճիւղ

Սեղմել այստեղ տեսնելու համար Տէր Մատթէոսեան ճիւղը։

Տոհմածառը կ’արձանագրէ, թէ Տէր-Մատթէոսեան ընտանիքը փոխադրուած էր մօտակայ Սիսնայ [այժմ՝ Վարլըքոնակ] գիւղը (Հազարիէն մօտաւորապէս 3 մղոն հարաւ-արեւմուտք)։ Սիսնայի վերաբերեալ Աճէմեանի նիւթերով կը հաստատուի այս տուեալը։ Հետեւաբար, Սիսնայ փոխադրութիւնը կրնայ պատահիլ որ 1840-ի մարդահամարի հաշուառումներէն առաջ տեղի ունեցած ըլլայ։ Սակայն այս ընտանիքին մասին յիշատակում մարդահամարի Սիսնայի վերաբերեալ տուեալներուն մէջ ալ չգտնուեցաւ։

Խանպէկեան «անիւ»

Սեղմել այստեղ տեսնելու համար Խանպէկեան «անիւը»։

Խանպէկեան ճիւղ

Խանպէկեանները մեծ գերդաստան մըն էին։ 1840-ի մարդահամարին մէջ երկու անջատ ծուխեր արձանագրուած էին․ մէկուն գլխաւորը [#274] Պետրոսն էր, միւսինը իր աւագ որդին՝ [#275] Մովսէսը։ Ըստ մարդահամարի տուեալներուն՝ Պետրոսին հայրը Սարգիսն էր, մինչ տոհմածառի տուեալներով՝ Մարտիրոսը։ Այլապէս մարդահամարի եւ տոհմածառի տուեալները համահունչ են։ Նկատի ունենալով որ Մովսէսի եւ Պետրոսի ծնունդներուն միջեւ առկայ 10 տարուան ժամանակամիջոցը անհաւանական է, հետեւաբար Պետրոսը 1768-էն աւելի կանուխ ծնած պէտք է որ ըլլար։

[#316] Աւագին առնչուող տոհմածառի հատուածին վերաբերեալ հարցեր կան. 18 յունուար 1921-ին Նիւ Եորք կը ժամանէր «Belvedere» շոգենաւը, որուն ուղեւորներէն երկուքը՝ Մարիամ եւ Պօղոս Խանպէկեանները, կու գային Նիւ Եորք Աւագին միանալու։ Ըստ նաւու ճամբորդներու ցուցակին՝ Մարիամը Աւագի հարսն էր, իսկ Պօղոսը՝ թոռնիկը։ Տոհմածառը կը նշէ, թէ Աւագը արու զաւակ չունէր։ Աւագի կնոջ անունը Մարիամ էր, եւ նշուած էր որ 1921-1927 ան Աւագին հետ կ’ապրէր Լորենսի մէջ (Մասաչուսեց)։ Հաւանական կը թուի, որ «Belvedere»-ով ճամբորդած Մարիամը Աւագի կինն էր, ոչ թէ հարսը։ Եւ կը ծագի անպատասխան հարցումը՝ Պօղո՞սը ով էր։

Իրարայաջորդ սերունդներու միջեւ տարիքի տարբերութիւնը, ըստ ԱՄՆ գաղթածներու տուեալներուն, 33 տարի էր։

Վերտանեան/Չնկրեան/Ներսէսեան/Ամիրխանեան տոհմածառ

Այս չորս ընտանիքները կը սկզբնաւորուին [#332] Մարտիրոսէն եւ անոր երկու որդիներէն՝ Խաչատուրէն եւ Մանուկէն։ Առկայ տեղեկութիւններուն վրայ հիմնուելով պէտք է ենթադրել, որ Մարտիրոսը 18-րդ դարու առաջին կիսուն ապրած է։

Սեղմել այստեղ տեսնելու համար Վերտանեան/Չնկրեան/Ներսէսեան/Ամիրխանեան «անիւը»։

Վերտանեան ճիւղ

Սեղմել այստեղ տեսնելու համար Վերտանեան ճիւղը։

Անուններուն մէջ մի քանի անհամապատասխանութիւններ կան, բայց համընկնումները բաւարար են 1840-ի օսմանեան մարդահամարի տուեալներուն մէջ Վերտանեան ծուխը վստահութեամբ նոյնականացնելու համար։ [#334] Գրիգորի երկու որդիները նոյն տան մէջ կ’ապրէին։ Մարդահամարի տուեալներով որդիները կը կոչուէին Մարտիրոս եւ Ղազար, բայց տոհմածառին մէջ արձանագրուած են Յովհաննէս եւ Պապօ։ Տոհմածառը Մարտիրոսը կը ներկայացնէ որպէս Յովհաննէսի որդիներէն մէկը։ Վերոյիշեալ սերման ծառը կը համընկնի մարդահամարի տուեալներուն, թէեւ այլ մեկնաբանութիւններ ալ նոյնքան հաւանական կը թուին։ Հետեւաբար [#340] Մարտիրոսն է որպէս Գրիգորի որդի ներկայացուածը, եւ ոչ՝ Յովհաննէսը։

Մարդահամարի տուեալներով [#335] Ղազարը Օհան անունով որդի մը ունէր։ Տոհմածառին մէջ Օհանը չկայ։ Օհանը ներկայացուցած եմ որպէս Ղազարի չորրորդ որդին, որ կրնայ ըլլալ որ մանուկ հասակին մահացած է, բայց կրնայ նաեւ պատահիլ որ Օհանը միւս որդիներէն մէկուն անունը եղած ըլլայ։ Տոհմածառը կը նշէ, որ [#335] Ղազար/Պապոյի ժառանգորդները 1878-ին Պուլկարիա մեկնած էին։

Մարդահամարի տուեալներուն մէջ կայ նաեւԱւագը, որ [#340] Մարտիրոսի որդին է։ Ենթադրած եմ, որ Աւագը եւ տոհմածառի [#344] Յովակիմը նոյն անձն են։

ԱՄՆ տուեալներով այս ընտանիքի միջսերնդեան տարիներու թիւը բարձր էր (34 տարեկան), թէեւ ընտրանքային նմոյշը շատ փոքր է, եւ արդիւնքները կը շեղուին Ղազարոսի (56 տարի տարբերութիւն) եւ [#359] Սերոբի (47 տարի) անսովոր պարագաներով։

 [#358] Մովսէսի սերունդները պիտի կրէին «Մովսէսեան» մականունը։

Չնկրեան ճիւղ

Սեղմել այստեղ տեսնելու համար Չնկրեան ճիւղը։

Ըստ տոհմածառին՝ Չնկրեան ճիւղը կը սկզբնաւորուի [#333] Խաչատուրի որդիով մը։ Ըստ երեւոյթին որդիին անունը Սերոբ եղած է։ Օսմանեան մարդահամարի տուեալներուն մէջ, սակայն, ծուխի գլխաւոր [#366] Խաչատուրի որդի Գրիգորն է։ Նոյն յարկին տակ կ’ապրէր իր հօրեղբայրը՝ [#364] Յովհաննէսը, որ Մկրտիչի որդին էր։ Խնդիրը աւելի կը բարդանայ. [#333] Խաչատուրը ունէր որդի մը՝ [#334] Գրիգորը, որ Վերտանեան ճիւղի գլխաւորն էր, ինչպէս նշուեցաւ արդէն։ Հետեւաբար, խիստ անհաւանական կը թուի որ ան ունենար ուրիշ Գրիգոր որդի մը։ Ասկէ զատ, եթէ Յովհաննէսը [#366] Խաչատուրի հօրեղբայրն էր, ուրեմն Մկրտիչը [#333] Խաչատուրին եղբայրը պիտի ըլլար, իսկ Մկրտիչը յիշատակուած չէ տոհմածառին մէջ։ Թէեւ ոչ այնքան հիմնաւոր, բայց եւ այնպէս Գրիգորը եւ Սերոբը ներկայացուցած եմ իբրեւ մէկ եւ միեւնոյն անձ, իսկ Մկրտիչը՝ եղբայրը։

Ծառի մնացած անուններու պարագային տոհմածառի եւ օսմանեան մարդահամարի տուեալները կը համընկնին։ Ի լրումն նշենք, որ ԱՄՆ տուեալներով իւրաքանչիւր իրարայաջորդ սերունդները բաժնող միջին թիւը տրամաբանական 30 տարի թիւն է։

Ներսէսեան ճիւղ

Սեղմել այստեղ տեսնելու համար Ներսէսեան ճիւղը։

Տոհմածառի եւ 1840-ի օսմանեան մարդահամարի տուեալները Ներսէսեան գերդաստանին պարագային կը համընկնին։ Այս ճիւղը կը սերի [#391] Սահակէն, որ [#333] Խաչատուրի միւս որդին էր։ Սահակը ողջ չէր 1840-ի օսմանեան մարդահամարի օրերուն, իր որդի Ներսէսը (ենթադրաբար տոհմին մականունը իրմէ կը ծագի) 57 տարեկան արձանագրուած էր։

Իրարայաջորդ սերունդներու միջեւ տարիքի միջին տարբերութիւնը, ըստ ԱՄՆ տուեալներուն, բարձր է՝ 37 տարի։ Այս թիւը կրնայ բացատրուիլ այն փաստով, որ [#393] Մանուկի ծննդեան թիւը օսմանեան մարդահամարի տուեալներուն մէջ ոչ թէ 1814 պէտք է ըլլար, այլ աւելի ուշ տարեթիւ մը։

5 յունուար 1909-ին Լէօ Հավրէն ճամբայ ելած եւ 11 յունուար 1909-ին Նիւ Եորք ժամանած «SS La Bretagne» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ

Ամիրխանեան ճիւղ

Սեղմել այստեղ տեսնելու համար Ամիրխանեան ճիւղը։

Տոհմածառի եւ օսմանեան մարդահամարի տուեալները գրեթէ կատարելապէս կը համընկնին։ Տոհմածառի տուեալներով [#415] Կարապետը ունէր երկու որդի՝ Յարութիւնը եւ Մատթէոսը։ 1840-ի օսմանեան մարդահամարի տուեալներէն կարելի է սակայն եզրակացնել միայն մէկ որդի՝ Գրիգորը։ Նաեւ պահպանած են տոհմածառի ներկայացուցածը՝ [#450] Պաղտասարը իբրեւ Յարութիւնի որդի։ Նաեւ ենթադրած եմ որ մարդահամարի տուեալներուն մէջի Գրիգորի եւ տոհմածառի Մատթէոսը նոյն անձն են։

Երկու իրարայաջորդ սերունդի տարիքային միջին տարբերութիւնը, ըստ ԱՄՆ տուեալներուն, բաւական մեծ թիւ է՝ 36 տարի։

Թադեան/Միհրանեան/Յովնանեան/Թաշճեան տոհմածառ

Այս չորս ընտանիքները կը սկզբնաւորուին [#453] Պօղոսէն, անոր որդի [#454]Մանուկէն եւ թոռ [#455] Յովսէփ/Պետրոսէն։

Սեղմել այստեղ տեսնելու համար Թադեան/Միհրանեան/Յովնանեան/Թաշճեան տոհմածառը։

Թադեան ճիւղ

Սեղմել այստեղ տեսնելու համար Թադեան ճիւղը։

Օսմանեան մարդահամարի տուեալներուն մէջ Թադեան ընտանիքը նոյնականացնելու մէջ յաջողութեան չհասայ։ Տեղեկութիւնները ներառած եմ հիմնուելով այն տուեալներուն վրայ, որոնք կը վերաբերէին Թադէոսի գլխաւորած ընտանիքին։ Այնուամենայնիւ, տոհմածառի տուեալներուն հետ բաղդատութիւնը տարբերութիւններ ի յայտ կը բերէ։ Օսմանեան մարդահամարի տուեալներով Թադէոսի հայրը Ներսէսն է, իսկ տոհմածառին մէջ արձանագրուած անունը «Պօղոս» է։ Աւելին. Թադէոսի որդին Կիրակոսն է մարդահամարի տուեալներով, իսկ տոհմածառի տուեալներով՝ Կարապետը։

[#461] Արմենակի ծննդեան թուականը վիճայարոյց է։ Եթէ իր հայրը՝ Պօղոսը, իրօք ծնած է 1875-ի կողմերը, ինչպէս ԱՄՆ տուեալներուն մէջ արձանագրուած է, Արմենակը չէր կրնար 1885-ին ծնած ըլլար։ 1920-ին ԱՄՆ իր ժամանումին ան իր տարիքը յայտարարած է «21», ինչ որ իր ծննդեան թուականը կը բերէ աւելի տրամաբանական 1899 թուականին։ Ըստ 1940 թուականի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներուն, Արմենակը այդ թուականին 52 տարեկան էր, այսինքն իր ծննդեան թուականը մօտաւորապէս 1888-ն էր։ Իսկ Արմենակի՝ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի տուեալներուն եւ իր մահուան վկայականին մէջ արձանագրուած է, որ 1885-ին ծնած էր։ Ծննդեան թուականը 1885 արձանագրած եմ, թէեւ հաւանական է, որ Ամենակը աւելի ուշ ծնած ըլլար կամ իր հայրը՝ աւելի վաղ։ Պօղոսի եւ Արմենակի տուեալներն ալ եթէ հաշուի առնենք, իրարայաջորդ սերունդներու տարիքային տարբերութեան միջին թիւը 26 տարի կը դառնայ։

Միհրանեան ճիւղ

Սեղմել այստեղ տեսնելու համար Միհրանեան ճիւղը։

Յստակ չէ թէ գերդաստանի այս ճիւղը ինչո՛ւ «Միհրանեան» մականունը կը կրէր, որովհետեւ «Միհրան» անունով նախնի կարծես թէ չկայ։ [#473] Աւագը հնարաւոր է որ որոշ ժամանակ ԱՄՆ ապրած ըլլայ մինչեւ 1910, բայց արդէն Հազարի վերադարձած էր երբ իր որդին՝ Վահրամը 1909-ին ԱՄՆ կը ժամանէր։

Տոհմածառի տուեալներով [#463] Մանուկի եւ [#470] Յովհաննէսի հայրը Սարգիս կը կոչուէր. Մանուկի եւ Յովհաննէսի հայրը սակայն ողջ էր 1840-ի օսմանեան մարդահամարի օրերուն, եւ իր անունը «Յակոբ» արձանագրուած է այդ տուեալներուն մէջ։ Իսկ Յակոբի հօր անունը Յովսէփ էր մարդահամարի տուեալներով մինչ տոհմածառին մէջ «Պետրոս» արձանագրուած է։ Տոհմածառի մնացած տուեալներու պարագային երկու աղբիւրներու համընկնում կայ։

[#468] Մանուկը կրնար հոս բերուած տարեթիւէն մինչեւ տասնամեակ մը նոյնիսկ առաջ ծնած ըլլար, ինչպէս որոշ տուեալներ մտածել կու տան։ 1883-ը արձնագրած եմ սակայն՝ հիմնուելով Մանուկի ԱՄՆ հպատակութիւն ստանալու դառնալու եւ Բ աշխարհամարտի զորակոչի փաստաթուղթերուն վրայ։ Իրարայաջորդ սերունդներու միջեւ տարիքի տարբերութեան միջին թիւը 34 տարի է։

Յովնանեան ճիւղ

Սեղմել այստեղ տեսնելու համար Յովնանեան ճիւղը։

Բացայայտ է, որ մականունին սկզբնաղբիւրը [#478] Յովնանին անունն է։ 1840-ի օսմանեան մարդահամարի տուեալներուն մէջ ընտանիքը նոյնականացնելու չյաջողեցայ։ Ամենէն հաւանական համընկնումը #9 ծուխը կրնար ըլլալ, բայց տարբերութիւնները շատ մեծ են վերջնական եզրակացութեան յանգելու համար։ Այրերէն շատերը, սակայն, ԱՄՆ գաղթած էին։ [#487] Յովհաննէսը Խաժակ անոնով որդի մը ունէր, որ 16 յունիս 1924-ին ծնած էր Մասաչուսեցի մէջ։ Յստակ չէ թէ ինչո՛ւ անոր անունը չկայ տոհմածառին մէջ։ Բացի ասկէ, տոհմածառին մէջ [#489] Վռամը որպէս [#490] Յովնանի որդին ներկայացուած է, մինչ մարդահամարի տուեալներէն պարզ կը դառնայ, որ Վռամը [#488] Խաչատուրի որդին էր։ Նոյն կերպ տոհմածառը [#493] Հայկազը կը ներկայացնէ որպէս [#491] Կարապետի որդին, մինչ ան պէտք էր որ որպէս [#492] Մարուքէի որդին արձանագրուած ըլլար։ 1937-ին Մարուքէն պիտի ունենար Յովսէփ անունով որդի մը։

Ծննդեան թուականները կը համընկնին տոհմածառին Միհրանեան ճիւղին վերաբերող հատուածէն յայտնի տուեալներուն հետ։

Աւագ Քիւփէլեան Եոքոհամայէն «SS Kashima Maru» շոգենաւը առնելով 1 Փետրուար 1919-ին կը ժամանէ Սիաթթըլ Ուաշինկթընի նաւահանգիստը։ Աւագին կ՚ընկերակցէին կինը՝ Նազելին, որդիները՝ Մարգարը եւ Սուրէնը։ Ան ծնած էր Չմշկածագ 1884-ին եւ այստեղէն Ռուսիա անցնելով երկար ճամբայ կը կտրէ մինչեւ որ կը հասնի Միացեալ Նահանգներ։ «Կոչնակ» թերթի 24 Մայիս 1919 թիւին մէջ, Աւագ կը ներկայացնէ ցանկը այն չմշկածագցիներուն, որոնք իրեն նման Ռուսիա անցած են 1917-ի Էրզրումի նահանջէն ետք։ Հազարիի վերաբերող ցանկը հետաքրքրական է երբ զայն կը բաղդատենք տոհմածառերուն հետ։ Այս յօդուածին համար այստեղ գրի կ՚առնեմ իր տուած տեղեկութիւնները՝
Հէյպաթեան - Մարտիրոս, կինը, զաւակները, եղբայրը, Մարթա, Անդրանիկ։
Անդրէասեան - Աղաճան, Դանիէլ, Վահան, Սաթենիկ, զաւակը, Վահանին կինը, Ալեքսանին որդին։
Բարունակեան - Տիգրան, զաւակը, կինը, եղբօր կինը Մարթա։
Ադամեան - Ատոմ, զաւակը, կինը, քոյրը։
Սողիկեան - Բարթող, կինը, Տիգրան, կինը։
Ամիրխանեան - Համբարձում, զաւակը, կինը։
Մականունը անծանօթ - Անդրանիկ, կինը, զոքանչը։

Թաշճեան ճիւղ

Սեղմել այստեղ տեսնելու համար Թաշճեան ճիւղը։

Թաշճեան ընտանիքը օսմանեան մարդահամարի տուեալներուն մէջ նոյնականացնել չկրցայ, ոչ ալ ԱՄՆ տուեալներուն մէջ այս ընտանիքի մասին որեւէ տուեալ կրցայ գտնել։ Տոհմածառը կը նշէր, որ [#497] Յարութիւնը 1898-ին փոխադրուած էր Զմիւռնիա (Իզմիր)։

(1)    Նոյնիսկ 16-րդ դարու արձանագրութիւն կայ այն մասին, որ Հազարին կը հաշուէր մօտաւորապէս 30 ծուխ եւ զուտ հայաբնակ էր. տե՛ս Ünal, Mehmet A. Xvi. Yüzyılda Çemişgezek Sancağı. Ankara: Türk Tarih Kurumu Basımevi, 1999։ Թէեւ մէկ աղբիւր կը յիշատակէ, որ 1915-ին գիւղին մէջ կ’ապրէր մէկ քիւրտ ընտանիք՝ հովիւին ընտանիքը։ Գասպարեան Համբարձում Յ., «Չմշկածագ եւ իր գիւղերը», Պոսթոն, «Պայքար» տպարան, 1969։
(2)     Չմշկածագի շրջանի ժողովրդագրական ուսումնասիրութեան մը ծանօթանալու համար տե՛ս Տերսիմի մասին յօդուածս www.houshamadyan.org/arm/mapottomanempire/vilayetofmamuratulaziz-harput/sandjaofdersim/dersimlocale/dersimdemography2.html
(3)    2000 Genel Nüfus Sayımı: Nüfusun Sosyal Ve Ekonomik Nitelikleri : Il 62 - Tunceli = 2000 Census of Population : Social and Economic Characteristics of Population : Province 62 - Tunceli. Ankara: T.C. Başbakanlık Devlet İstatistik Enstitüsü, 2002
(4)    Աճէմեանի նիւթերու պատճէններուն կարելի է ծանօթանալ National Association of Armenian Studies and Research (Belmont, MA) եւ Ամերիկայի հայկական թանգարանի (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսեց) հաւաքածոներուն մէջ։
(5)    Վազգէն Ա. Անդրէասեան, «Հազարիպատում», Ա հատոր, Պէյրութ, «Կ. Տօնիկեան» հրատ., 1985, 319 էջ, Բ հատոր, «Կ. Տօնիկեան» հրատ., 1984, էջ 304, Գ հատոր, Պէյրութ, «Կ. Տօնիկեան» հրատ., 1994, էջ 657։
(6)    Başbakanlık Osmanlı Arşivi (BOA) Nüfus Defterleri (NFS.D.), թղթածրար 2605, “1256 (1840) Harput eyaleti, Keban Maadin-i Hümayun, (Arapgir) sancağı, Çemişgezek, Sini? nahiyesi, Abad Nahiyesi, Kirnir? nahiyesi, reaya defteri”
(7)    Karpat, Kemal H. Ottoman Population, 1830-1914: Demographic and Social Characteristics. Madison, Wis: University of Wisconsin Press, 1985. Shaw, Stanford J. “The Nineteenth-Century Ottoman Tax Reforms and Revenue System.” International Journal of Middle East Studies, vol. 6, no. 4, 1975, էջ 421–459
(8)    arslanmb.org/ArmenianImmigrants/shiplists.html
(9)    Տե՛ս Յաւելուած Ա-ն սեղմելով հոս
(10)    23 փետր. 1908-ին Նիւ Եորք ժամանած «La Touraine» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1910-ի եւ 1920-ի ԱՄՆ մարդահամարներ, 18 փետր. 1929 ԱՄՆ հպատակութեան յայտ, Երկրորդ աշխարհամարտի զօրակոչի արձանագրութեան մատեան եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։ Նաւուն ճամբորդներու ցուցակը կը հաստատէ որ Պետրոսը Արմենակի հայրն էր եւ Հազարիի մէջ ապրող ամենամօտիկ ազգականը։ Արմենակը կ’երթար իր քեռիին՝ Ադամ Ադամեանին քով 230 Քամըն փողոց, Լորենս, Մասաչուսեց։ Ան կը ճամբորդէր իր հեռաւոր զարմիկ [#047] Լեւոնին հետ։
(11)    7 յուն. 1910-ին Նիւ Եորք ժամանած «Alice» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակը։ Պաղտասարի մասին ոչ մէկ ամերիկեան արձանագրութիւն գտայ, թէեւ հաւանական է որ ան Նիւ Եորք քաղաքին մէջ ոսկերչութիւն ըրած ըլլայ 1911-ին։ Հազարի մնացած իր ամենէն մօտ ազգականը իր եղբայր Պետրոսն էր։ Ըստ մատեաններուն, ան կը ճամբորդէր կնոջը՝ Վերժինի եւ հազարեցի հայրենակից Գարեգին Ներսէսեանի հետ։ Տոհմածառին մէջ Պետրոսի կնոջ մասին նշում չկայ. կրնայ պատահիլ, սակայն, որ դիպուածաբար իր եղբօր՝ Տիգրանի կնոջ անունն ալ Վերժին եղած ըլլայ։ Ծննդեան թուականը մօտաւոր գնահատում մըն է մեկնելով նաւի ճամբորդներու ցուցակին մէջ նշուած Պետրոսի տարիքէն։
(12)    ԱՄՆ 1900 մարդահամար։ Խաչատուր Անդրէասեանը հանրակացարանի մը մէջ կ’ապրէր Նիւ Պրիթենի (Քոնեքթիքաթ) մէջ։ Անոր ծննդեան ամիսն ու տարին 1900-ի մարդահամարի տուեալներուն մէջ կան։ Հոն նշուած է նաեւ, որ ԱՄՆ ժամանած էր 1892-ին։ Զինք բերող նաուն ճամբորդներու ցուցակը չկրցայ գտնել, եւ հետեւաբար Խաչատուրին հազարեցի ըլլալը աներկբայօրէն հաստատուած չէ։ Ի լրումն, այս Խաչատուրը կրնայ ըլլալ [#025] Խաչատուրը կամ [#050] Խաչատուրը։ Ծննդեան թուականը երկուքին պարագային ալ կը համընկնին։ Խաչատուրի ժամանման տարին եւ անոր որդի Յովհաննէսի ծննդեան թուականը կը համընկնին։ Տրուած ըլլալով որ լրացուցիչ արձանագրութիւններ չեն գտնուած, կ’ենթադրուի, որ Խաչատուրը վերադարձած է իր ընտանիքին քով ի Հազարի 1900-էն 1909, ինչպէս արձանագրուած է Յովհաննէսի անուան դիմաց զինք բերող նաւուն ճամբորդներու ցուցակին մէջ։
(13)    28 յուլիս 1909-ին Նիւ Եորք ժամանած «Oceanic» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, Առաջին համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ, ԱՄՆ 1920-ի մարդահամար, 11 օգոստոս 1930 թուակիր ԱՄՆ հպատակութեան յայտ, Բ համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։ Ինչպէս նշուած է (7) ծանօթագրութեան մէջ, Յովհաննէսին հայրը՝ Խաչատուրն է իբրեւ Հազարի տակաւին ապրող ամենամօտիկ ազգական արձանագրուած անձը։ Յովհաննէսը կ’երթար իր զարմիկին՝ Մինաս Գալուստեանին քով (230 Քամըն փողոց, Լորենս, Մասաչուսեց)։ Իր հօր պէս Յովհաննէսը որոշ ժամանակ պիտի ապրէր Քոնեքթիքաթի մէջ։ Այս պարագային ծննդեան թուականը բոլոր աղբիւրներուն մէջ նոյնն է։
(14)    7 յուն. 1910-ին Նիւ Եորք ժամանած «Alice» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ։ Դանիէլին անունը ցուցակին մէջէն ջնջուած է, սակայն հոն գրուածը կը հաստատէ տոհմածառի տուեալը առ այն, որ Հազարի մնացած Դանիէլի ամենամօտիկ ազգականը կինն էր՝ Նազլուն։ Չմշկածագցի Մանուէլ Անդրէասեանի վերաբերեալ բաւական մեծ թիւով փաստաթուղթեր եւ արձանագրութիւններ գտայ, որոնց առաջինը Առաջին համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի թերթիկն է։ Սակայն տոհմածառին մէջ Մանուէլին անունը չկայ, եւ չկրցայ գտնել զինք բերող նաւուն ճամբորդներու ցուցակը։ 1920-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներուն մէջ կը նշուի, որ Մանուէլը 1909-ին ժամանած էր ԱՄՆ։ Բ համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի թերթիկին վրայ անունը գրուած է «Manuel», ապա «M»-ին վրայէն գիծ քաշուած է եւ փոխարէնը «T» գրուած է, անունը վերածելով «Tanuel»-ի։ Հնարաւոր է- որ Մանուէլը եւ Դանիէլը նոյն անձը ըլլան, եւ այդ պարագային ծննդեան թուականը 24 դեկտ. 1889-է, իսկ մահուանը՝ 4 սեպտ. 1977։
(15)    27 ապր. 1909-ին Նիւ Եորք ժամանած «Chicago» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ եւ Առաջին համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեան։ Այս ցանկին մէջ նշուած է, որ Հազարի մնացած Յակոբին ամենամօտիկ ազգականը կինն էր՝ Էլմասը, եւ որ Յակոբը ԱՄՆ իր եղբօր տղուն՝ Լեւոնին քով կ’երթար Ուորսեսթեր (Մասաչուսեց)։ Կրնայ ըլլալ որ զօրակոչի մատեանին մէջ նշուածը ա՛յս Յակոբ Անդրէասեանը չէ, թէեւ ծննդավայրը «Չմշկածագ» արձանագրուած է։ Հոն գրուած էր, որ Յակոբը կին չունէր, թէեւ կրնայ նաեւ պատահիլ որ զօրակոչի ժամանակ՝ 1917-ին արդէն տեղեակ էր, որ Էլմասը Ցեղասպանութեան զոհ գացած էր։
(16)     2 դեկտ. 1930-ին Փրովիտընս (Ռոտ Այլընտ) ժամանած «Alesia» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ։ 1907-ին կար Պօղոս Անդրէասեան անունով մէկը, որ կ’ապրէր 230 Քամըն փողոց, Լորենս (Մասաչուսեց)։ Ինչպէս արդէն նշեցինք, այս հանրակացարանին մէջ օթեւան գտած էին Հազարիէն առաջին գաղթողները։ Չկրցայ գտնալ սակայն նախքան 1915-ը արձանագրուած որեւէ տուեալ, որուն շնորհիւ կարենայի որոշել, թէ ո՛ր Պօղոսին մասին էր խօսքը։ 1930-ի ճամբորդներու ցուցակը կը նշէ, որ Պօղոսը կ’երթար իր որդիին՝ Լեւոնին քով Պէլմոնթ (Մասաչուսեց), եւ որ դուստրը՝ Ագապին, ձգած էր Պոլիս։ Ըստ նաւի ճամբորդներու ցուցակներուն՝ 1920-ականներու սկիզբներուն Հազարիէն եկող բազմաթիւ ճամբորդներ որպէս ամենամօտիկ ազգական Պօղոսին անունը պիտի արձանագրէին, որ Կոստանդնուպոլիս կ’ապրէր։
(17)    23 փետր. 1908-ին Նիւ Եորք ժամանած «La Touraine» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 21 մայիս 1918 թուակիր ԱՄՆ հպատակութեան յայտ, ԱՄՆ 1930 եւ 1940 թուականներու մարդահամարներ, Բ համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեան եւ Քալիֆորնիոյ մահերու մատեան։ Ըստ զինք բերող նաւուն ճամբորդներու ցուցակին, Հազարի ապրող Պօղոսին ամենամօտիկ ազգականը հայրն էր՝ Պօղոսը, եւ որ Լեւոնը կ’երթար իր քեռայրին՝ Պ. Ներսէսեանին քով՝ 14 Մարքէթ փողոց, Ուորսեսթեր (Մասաչուսեց)։
(18)    7 յուն. 1910-ին Նիւ Եորք ժամանած «Alice» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակը, ԱՄՆ 1940-ի մարդահամար, Բ աշխարհամարտի զօրակոչի մատեան եւ Քալիֆորնիոյ մահերու մատեան։ Իր եղբօր՝ Լեւոնին պէս Սեդրակն ալ նշած էր, որ Հազարի ապրող իր ամենամօտիկ ազգականը հայրն էր՝ Պօղոսը։
(19)    15 մարտ 1919-ին Սան Ֆրանսիսքօ ժամանած «Tenyo Maru» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ։ Ըստ այս ցուցակին՝ Մկրտիչը ԱՄՆ կ’երթար եղբօրը՝ Լեւոնին քով 230 Քամըն փողոց, Լորենս (Մասաչուսեց)։ Մկրտիչը մաս կը կազմէր խումբ մը հայերու, որոնց մէջ կային նաեւ հազարեցիներ, որոնք կը ճամբորդէին Ամերիկեան կարմիր խաչի հովանաւորութեան տակ։ 1922-1926-ի Լորենս քաղաքի հասցեագիրքերը կը նշեն, որ Մկրտիչը կ’ապրէր Մէյփլ փողոց եւ անոր երկրորդ անուան սկզբնատառը «Պ» էր, ամենայն հաւանականութեամբ իր հայրանուան «Պօղոս»-ի սկզբնատառն էր։ Մկրտիչի վերաբերեալ այլ արձանագրութիւն չեմ կրցած գտնել։
(20)    Տես թիւ 12 ծանօթագրութիւնը։
(21)    Առաջին համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեան եւ 1920-ի ԱՄՆ մարդահամար։ Լորենս քաղաքի (Մասաչուսեց) հասցէագիրքերուն մէջ նշուած է, որ Շմաւոնը 1914-էն 1925 հոն կ’ապրէր, ապա փոխադրուած է Մեթհուէն (Մասաչուսեց)։ Վազգէն Անդրէասեանը կը նշէ, որ Շմաւոնը կեանքին վերջին տարիներուն Լիբանան ապրած է, եւ ԱՄՆ տուեալներուն մէջ այլ յիշատակում չկայ Շմաւոնի մասին։ Զինք բերող նաւուն ճամբորդներուն ցանկը չկրցայ գտնել։
(22)    14 օգ. 1893-ին Նիւ Եորք ժամանած «Rhaetia» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ։ Այս ժամանակաշրջանի ճամբորդներու ցանկերը անձի ինքնութիւնը հաստատելու նպաստող քիչ տեղեկութիւն կը պարունակեն։ Ստեփանը կը ճամբորդէր իր զարմիկներուն՝ [#420] Կարապետ եւ [#423] Պօղոս Ամիրխանեաններուն հետ։ Ստեփանի վերաբերեալ տեղեկութիւնը սակայն ներառած եմ, որովհետեւ միանշանակ է։
(23)    25 յունիս 1910-ին Նիւ Եորք ժամանած «La Savoie» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 28 մայիս 1920-ին Նիւ Եորք ժամանած «St. Paul» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 13 մայիս 1927 թուակիր ԱՄՆ հպատակութեան յայտ, 1930-ի եւ 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ եւ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։ Վահանի եւ իր որդիներուն վերաբերեալ տուեալները գլխաւորաբար Վահանի ԱՄՆ հպատակութեան յայտէն բերուած են։ Այնպէս կ’երեւի, որ Վահանը առաջին անգամ ԱՄՆ ժամանած է 25 յունիս 1910-ին Նիւ Եորքի նաւահանգիստ «La Savoie» շոգենաւին վրայ։ Ճամբորդներու ցուցակին մէջ նշուած է, որ Վահանին ամենամօտիկ ազգականը, որ մնացած էր այն երկիրը, որ ինքը ձգած էր, մայրն էր՝ Սառան։ Վահանը ԱՄՆ կու գար իր զարմիկին՝ Տիգրանին քով, իսկ ճամբորդներու ցուցակին մէջ նշուած է, սխալ, որ Վահանն ու Տիգրանը եղբայրներ էին։ Հպատակութեան յայտի փաստաթուղթերուն մէջ, սակայն, նշուած է Վահանի Նիւ Եորք ժամանումը 28 մայիս 1920-ին «St. Paul» շոգենաւին վրայ։ Ճամբորդներու այս ցանկին համաձայն Վահանին՝ մեկնումի վայրը ձգած ամենէն մօտիկ ազգականը Կոստանդնուպոլիս ապրող եղբայրն է՝ Պօղոսը։ Տոհմածառի տուեալներով Վահանը Պօղոս եղբայր չունի, ամենայն հաւանաբար խօսքը [#046] Պօղոսին մասին է։
(24)    28 նոյ. 1927-ին Նիւ Եորք ժամանած «Leviathan» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 27 յուն. 1928-ին Փրովիտընս (Ռոտ Այլընտ) ժամանած «Providence» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ եւ 1930-ի ԱՄՆ մարդահամար։
(25)    8 ապր 1928-ին Փրովիտընս (Ռոտ Այլընտ) ժամանած «Providence» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ եւ 1930-ի ԱՄՆ մարդահամար։
(26)    27 յուն. 1928-ին Փրովիտընս (Ռոտ Այլընտ) ժամանած «Providence» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1940-ի ԱՄՆ մարդահամար եւ Նեւատայի մահուան վկայական ու Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։
(27)    18 դեկտ. 1920-ին Նիւ Եորք ժամանած «Leopoldina» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1930-ի ԱՄՆ մարդահամար եւ «Armenian Weekly» թերթի մահախօսական (http://armenianweekly.com/2009/07/17/in-memoriam-jack-antreassian-1920-2009/)։ Ճամբորդներու ցուցակին մէջ սխալ մը կայ, եւ Արտաւազդին մականունին փոխարէն գրուած է մօրը անունը՝ Սաթենիկ։
(28)    Wikipedia (https://en.wikipedia.org/wiki/Vazken_Andréassian)
(29)    1910-ի ԱՄՆ մարդահամար։ Ղուկաս Անդրէասեանը 1910-ին կ’ապրէր [#070] Տիգրանի ապրած հանրակացարանին մէջ։ Նշուած էր, որ Ղուկասը ԱՄՆ ժամանած էր 1909-ին։ Զինք բերող նաւուն ճամբորդներու ցուցակը չկրցայ գտնել։ Խիստ հաւանական կը թուի, սակայն, որ Ղուկասը Տիգրանի եղբայրը ըլլայ, եւ հաշուարկուած ծննդեան թիւը ներառած եմ։
(30)    29 փետր. 1908-ին Նիւ Եորք ժամանած «La Savoie» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ եւ 1910-ի ԱՄՆ մարդահամար։ Ուղեւորներու ցուցակը կը հաստատէ որ Հազարի մնացած Տիգրանին ամենամօտիկ ազգականը հայրը՝ Սարգիսն էր։ Տիգրանը կ’երթար իր ընկերոջ՝ Ադամ Ադամեանին քով։ Հիմնուելով Լորենս քաղաքի հասցէագիրքերուն վրայ կարելի է ըսել, որ շատ հաւանաբար Տիգրանը 1913-ի կողմերը Հազարի վերադարձած է։
(31)    18 նոյ. 1903-ին Նիւ Եորք ժամանած «Kaiser Wilhelm der Grosse» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 12 սեպտ. 1906-ի ԱՄՆ հպատակութեան յայտ, Առաջին համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ, 1920-ի, 1930-ի եւ 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարներ եւ Փենսիլուանիայի մահերու մատեան։ Տարբեր աղբիւրներու տուեալներուն միջեւ կան անհամապատասխանութիւններ, գլխաւորաբար Սարգիսի ԱՄՆ գաղթելու թուականին վերաբերեալ։ Մարդահամարի տուեալները կը նշեն, որ Սարգիսի 1912-ին եկած էր, բայց այս թուականը հաստատող երկրորդ տուեալ մը չկրցայ գտնել։ Կասկածէ վեր է սակայն, որ ան ապրած է 230 Քամըն փողոցի (Լորենս, Մասաչուսեց) հանրակացարանը, ուր նոր ԱՄՆ ժամանած այդքան հազարեցիներ ապրած են։ Այնուամենայնիւ, կը թուի թէ Սարգիսը ԱՄՆ հպատակ դառնալէ ետք վերադարձած է Հազարի, ուր ամուսնացած է Մաքրուհիին հետ եւ ունեցած երկու որդի՝ Կարապետը եւ Մուշեղը, ապա 1912-ին նորէն գացած ԱՄՆ։ 1923-ին Սարգիսը կ’ամուսնանար Մարթա Կարապետեանի հետ, սակայն ԱՄՆ 1930-ի մարդահամարի տուեալներուն մէջ նշուած է, որ առաջին ամուսնութիւնը 25 տարի առաջ տեղի ունեցած էր։
(32)    21 սեպտ. 1902-ին Նիւ Եորք ժամանած «Rotterdam» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ։ Ըստ այս ցուցակին՝ Կոստանդինը կ’երթար Ուորսեսթեր (Մասաչուսեց) իր ընկերոջ՝ Պետրոս Փափազեանին քով։ Վերջնականօրէն համոզիչ չըլլալով հանդերձ՝ այս տեղեկութիւնը կը համընկնի Կոստանդինի եղբօր՝ Յովհաննէսի հայթայթած տուեալներուն հետ, եւ զայն ներառելը, հետեւաբար, տրամաբանական է։
(33)    Առաջին համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ, ԱՄՆ1920, 1930 եւ 1940 թուականներու մարդահամարներու տուեալներ։ Բ համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։ Եսային բերող նաւի ճամբորդներու մատեանը չկրցայ գտնել։ 1930-ի մարդահամարներուն տուեալներով Եսային հոն ժամանած է 1917-ին, սակայն 1920-ի մարդահամարի տուեալները 1912 կը նշեն։ 1912 թուականը ստոյգ կը թուի, տրուած ըլլալով որ Ղուկաս Ադամեանը 1913-ին բերող նաւուն ուղեւորներու ցուցակին մէջ Եսայիին անունը յիշատակուած է։ Եւ բացի ասկէ, Լորենս քաղաքի 1913-ի հասցէագիրքին մէջ Եսային կը յիշատակուի որպէս Քամըն փողոցի 222-րդ շէնքի բնակիչ։
(34)    26 յուն. 1907-ին Նիւ Եորք ժամանած «La Lorraine» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1910-ի եւ 1920-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ։ Նաւուն ուղեւորներու ցուցակին մէջ նշուած է, որ Յովհաննէսը կ’երթար քեռայրին (կամ աներձագին)՝ Պ(ետրոս) Փափազեանին քով։ Լորենս քաղաքի 1929-ի հասցէագիրքը կ’արձանագրէ, որ Յովհաննէսը մահացած է 7 փետր. 1928-ին։ Տարբեր աղբիւրներ որպէս Յովհաննէսի ծննդեան թուական տարբեր թիւեր արձանագրած են, որոնք կը տարուբերին 1868-էն 1872-ի միջեւ։
(35)    ԱՄՆ 1930-ի եւ 1940-ի մարդահամարներու տուեալներ եւ Քալիֆորնիոյ մահերու մատեան։ Ըստ մարդահամարներու տուեալներուն՝ Սեդրակը ԱՄՆ ժամանած է 1921-ին։ Զինք բերող նաւուն ճամբորդներու ցուցակը չկրցայ գտնել։ Իր հօրեղբայրը (կամ քեռին)՝ Պետրոսը կ’ապրէր Սեդրակին եւ անոր մօրը հետ։
(36)    18 oգ. 19133-ին Ֆիլատելֆիա ժամանած «Haverford» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, Ա համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ, 1920 ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ, 26 սեպտ. 1935 թուակիր ԱՄՆ քաղաքացիութեան դիմելու մտադրութեան յայտարարագիր, 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ, Բ համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։ Ըստ նաւու ճամբորդներու ցուցակին՝ Հազարի մնացած Գարեգինի ամենամօտիկ ազգականը մայրն էր՝ Մարիամը, եւ ինքը կ’երթար 230 Քամըն փողոց (Լորենս, Մասաչուսեց) ապրող հօրը քով։ Առաջին համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի արձանագրութեան համաձայն՝ Գարեգինին խնամքին էին Հազարի ապրող մայրը, քոյրը եւ եղբայրը։ Ըստ քաղաքացիութեան շնորհման փաստաթուղթերուն՝ Գարեգինը ամուսնացած էր 17 նոյ. 1923-ին։
(37)    25 մարտ 1910-ին Նիւ Եորք ժամանած «Caroline» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ եւ 1910-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ։ Լորենս քաղաքի 230 Քամըն փողոց հասցէին Յովհաննէսին հետ կ’ապրէր Յակոբ Կոստանեանը, որ նոյն տարին եկած էր ԱՄՆ։ Թէեւ շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակը յստակօրէն չի նշեր որ Փիլիպոսը Յակոբի հայրն էր, կ’արձանագրէ այնուամենայնիւ, որ վերջինս կ’երթար 230 Քամըն փողոց ապրող իր զարմիկին՝ Յ. Կոստանեանին քով։ Հաւանական կը թուի, որ երկու գրանցումներն ալ վերաբերին [#093] Յակոբին։ Գործածած եմ մարդահամարի տուեալներէն ենթադրուող ծննդեան թուականը։ Նաւու ճամբորդներու ցուցակէն ենթադրուող ծննդեան թուականը 1870-ն է։
(38)    Վազգէն Ա. Անդրէասեան, «Հազարիապատում», Ա հատոր, Պէյրութ, Կ. Տօնիկեան հրատ., 1985, էջ 10։
(39)    Համբարձում Յ. Գապարեան, «Չմշկածագ եւ իր գիւղերը», Պոսթոն, Պայքար տպ., 1969, էջ 190։
(40)    Ուորսեսթերի (Մասաչուսեց) սուրբ Փրկիչ հայկական եկեղեցին 1929-ին իր ծուքի հաւատացեալներու մարդահամար կատարած է։ Արդիւնքը իսկապէս արժէքաւոր փաստաթուղթն է, տրուած ըլլալով որ յաճախ միակ փաստաթուղթն է, ուր արձանագրուած են առաջին սերունդի գաղթականներուն ծնողներուն անունները։ Նաեւ, տրուած ըլլալով որ կատարուած է նախքան ԱՄՆ հայ առաքելական եկեղեցիի բաժանումը երկու թեմի, ցանկագրուած են բոլոր յարանուանութիւններու հայերը, բացառութեամբ հայ աւետարանական համայնքին։ [#104] Յովհաննէսի վերաբերեալ գրառումը կը նշէ, որ ծնողները Յարութը եւ Պատուխան էին։
(41)    11 օգ. 1920-ին Նիւ Եորք ժամանած «Caroline» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1930-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ, Բ համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ եւ Մարտիրոսի կնոջ՝ Զուարթի յուղարկաւորութեան վկայական 11 օգ. 1970 թուակիր Ուորսեսթերի սուրբ Փրկիչ հայկական եկեղեցիէն ։ Ըստ նաւու ճամբորդներու ցուցակին՝ Մարտիրոսը կ’երթար եղբօրը՝ Յովհաննէսին քով եւ կը ճամբորդէր կնոջը՝ Զուարթին, հարսին՝ Մարիային եւ եղբօրորդիին՝ Անդրանիկին հետ։ 1907-ին ժամանած նաւու մը ճամբորդներու ցուցակին համաձայն՝ Մարտիրոսին եղբայրը՝ Յովհաննէսը, կ’երթար Ուորսեսթեր եղբօրը՝ Մարտիրոսին քով։ Այս աւելի վաղ ժամանման ապացոյցները չկրցայ գտնել, սակայն Ուորսեսթերի քաղաքային հասցէագիրքերը կ’արձանագրեն, որ առնուազն 1903-էն 1909-ը ան սափրիչ էր։ 1910-ին վերադարձեր էր Հազարի, իսկ եղբայրը ստանձներ էր Ուորսեսթերի սափրիչատունը։ Կնոջ յուղարկաւորութեան վկայականէն է որ կ’իմանանք, թէ Մարտիրոսը մահացեր էր 1961-ին։
(42)    1930 ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ եւ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։
(43)    26 յուն. 1907-ին Նիւ Եորք ժամանած «La Lorraine» շոգենւաի ճամբորդներու ցուցակ, 1910-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ, Ա համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ, 1930-ի ԱՄՆ եւ 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ եւ Ուորսեսթերի սուրբ Փրկիչ հայկական եկեղեցիին կողմէ 16 յունիս 1962-ին տրուած Յովհաննէսի յուղարկաւորման վկայական։ Ըստ նաւու ճամբորդներու ցուցակին՝ Յովհաննէսը կ’երթար եղբօրը՝ Մարտիրոսին քով Ուորսեսթեր (Մասաչուսեց)։ Ա համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններուն մէջ ծայրայեղ պարագաներուն կապուելու համար Յովհաննէսը նշած էր զարմիկին՝ Մկրտիչին անունը։
(44)    11 օգ. 1920-ին Նիւ Եորք ժամանած «Caroline» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1930-ի և 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։ Անդրանիկը ԱՄՆ ժամանած էր մօրը՝ Մարթային եւ հօրեղբօրը՝ Մարտիրոսին հետ։ Կ’երթար հօրը՝ Յ. (Յովհաննէս) Եարըմեանին քով, 146 Ուաշինկթոն փողոց, Ուորսեսթեր (Մասաչուսեց)։
(45)    2 ապր. 1896-ին Նիւ Եորք ժամանած «Scotia» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 29 յուն. 1900-ի ԱՄՆ հպատակութեան յայտ, 1910-ի, 1920-ի, 1930-ի եւ 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ։ Ըստ հպատակութեան յայտի փաստաթուղթերուն՝ Մկրտիչը 16 ապրիլ 1890-ին ժամանած էր ԱՄՆ։ Սակայն Մկրտիչին որդին 1893-ի ծնունդ էր, եւ մարդահամարի տուեալներով իր ժամանումը արձանագրուած է 1883, 1895 կամ 1896-ին։ Նաւու ճամբորդներու ցուցակի նշումը, որուն յղում կ’ըլլայ, Մկրտիչ Եաւրումեանին կը վերաբերի։ Վերջնական եզրայանգումի համար բաւարար տեղեկութիւն չկայ, սակայն տարիքին եւ անունը Մկրտիչ ըլլալուն վրայ հիմնուելով կարելի է աւելի քան ենթադրել, որ խօսքը Մկրտիչ Եարըմեանին մասին է, եւ այս տուեալը պիտի համընկնէր իր՝ որդիին ծնունդէն քիչ անց ԱՄՆ մեկնելու տեղեկութեան հետ։
(46)    19 նոյ. 1902-ին Նիւ Եորք ժամանած «Amsterdam» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, ԱՄՆ 1910-ի 1920-ի, 1930-ի եւ 1940-ի մարդահամարներու տուեալներ, Բ համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։ Հրանդը ԱՄՆ եկած էր մօրը՝ Աննային հետ հօրը՝ Մկրտիչին քով։
(47)    22 յունիս 1913-ին Նիւ Եորք ժամանած «Roma» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ։ Ըստ նաւի ճամբորդներու ցուցակին՝ Հազարի ապրող Պօղոսին ԱՄՆ չապրող ամենամօտիկ ազգականը հայրն էր՝ Մանուկը, իսկ ԱՄՆ կ’երթար զարմիկին՝ Յովհաննէս Յովնանեանին քով՝ Նիւ Պրիթըն (Քոնեքթիքաթ)։ Պօղոսին մասին ուրիշ ոչ մէկ բան յայտնի է։
(48)    Թիւ 12 ծուխին մէջ հաշուառուած են Մարտիրոս եւ Մանուկ եղբայրները։ Բայց նմանութիւններն ու համընկնումները ասով կ’աւարտին։ Մանուկին որդին Յակոբն էր, իսկ Մարտիրոսի որդին՝ Ստեփանը։ Այս երկուքն ալ չեն համընկնիր տոհմածառի տուեալներուն հետ։ Բացի ասկէ, իրենց հօր անունը Արթին էր, մեծ հօր անունը Յովհաննէս էր, եւ այս պարագային ալ համընկնում չկայ տոհմածառի տուեալներուն հետ։ Կարելիութիւն մը կա՛յ սակայն, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք որ Ստեփանը կրնար սխալմամբ արձանագրուած ըլլալ իբրեւ Մարտիրոսին եղբայրը։ Ինչպէս կրնանք տեսնել այլ տոհմածառերու պարագային ալ, մարդահամարներու տուեալներուն անունները միշտ չեն համընկնիր բանաւոր աւանդոյթով փոխանցուած տուեալներուն հետ, բայց այս պարագային տարբերութիւնները նշանակալից են։
(49)    19 հոկտ. 1896-ին Նիւ Եորք ժամանած «Obdam» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, ԱՄՆ 1900-ի եւ 1910-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ։ Կարապետը յիշատակող ԱՄՆ վերջին աղբիւրներըը 1910-ի ԱՄՆ մարդահամարի տոմարը եւ Լորենս քաղաքի 1910-ի հասցէագիրքն են։ Կարապետին որդին՝ Վահանը այդ թուականին արդէն հօրը հետ ԱՄՆ էր։ Հաւանական կը թուի որ 1911-ի կողմերը Հազարի վերադարձած ըլլայ Վահանը։
(50)    13 յուն. 1913-ին Նիւ Եորք ժամանած «La Provence» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, Ա համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ, 1920-ի եւ 1930-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ, Բ համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ եւ Մասաչուսեց նահանգի մահերու մատեան։ Ըստ նաւուն ճամբորդներու ցուցակին՝ Հազարի մնացած Մանուկին ամենամօտիկ ազգականը կինն էր՝ Եղսան, իսկ Մանուկը Լորենս (Մասաչուսեց) կ’երթար եղբօրը՝ Վահանին քով։
(51)    ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։
(52)    8 յուլիս 1906-ին Նիւ Եորք ժամանած «Celtic » շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1910-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ, Ա համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ, 1920-ի եւ 1930-ի մարդահամարներու տուեալներ, Բ համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ եւ Մասաչուսեցի մահերու մատեան։ Ըստ նաւուն ճամբորդներու ցուցակին՝ Վահանը ԱՄՆ կ’երթար հօրը՝ Կարապետին քով։ Ինչպէս շատ յաճախ կը պատահէր, ան Հազարիէն մեկնէր էր որդիին՝ Լեւոնին ծնունդէն քիչ անց։ Վահանը իր ծննդեան թուականը 1880-էն 1884-ի միջեւ տատանուող տարբեր թիւեր արձանագրած է տարբեր տեղեր։ 15 մայիս 1880 ծննդեան թուականը արձանագրուած է Բ համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի իր թերթիկին վրայ։
(53)     22 յուն. 1920-ին Նիւ Եորք ժամանած «Pannonia» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1930-ի եւ 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։ Ըստ նաւուն ճամբորդներու ցուցակին՝ Լեւոնը մօրը՝ Սանդուխտին հետ կը ճամբորդէր եւ հօրը՝ Վահանին քով կ’երթար։
(54)    1930 ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։
(55)    1910-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ, Ա համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ, 1920-ի, 1930-ի եւ 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ, Բ համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։ 1930-ին Սահակը կ’ապրէր զարմիկներուն՝ Վահան եւ Մանուկ Բարունակեաններուն հետ, հակառակ անոր որ «զարմիկի» փոխարէն իբրեւ «եղբայր» արձանագրուած էին։ Թէեւ մարդահամարի տուեալները կը նշեն, որ Սահակը ԱՄՆ եկած էր 1909-ին, չկրցայ զինք բերող շոգենաւին ճամբորդներու ցուցակը գտնել։
(56)    Ամենայն հաւանականութեամբ Բարունակը ԱՄՆ հասած է 1900-ի (որդիին՝ Պետրոսին ծննդեան թուականը) եւ 1902-ի միջեւ։ Արձանագրութիւն կայ, որ 1903-էն 1906 ապրած է Լորենսի մէջ (Մասաչուսեց)։ Վերջին երեք տարիներուն Լորենսի մէջ կ’ապրէր [#123] Կարապետին հետ։ Ենթադրաբար Հազարի վերադարձած է 1907-ի կողմերը։ Բարունակը ԱՄՆ բերող նաուն ճամբորդներուն ցուցակը չկրցայ գտնել։ Բարունակին կինը՝ Նարդուհին եւ որդին՝ Պետրոսը ԱՄՆ պիտի գային 1920-ին։
(57)    1930-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ։ Ինչպէս հօրը՝ Բարունակին պարագային էր, Պետրոսը բերող նաւուն ճամբորդներու ցուցակն ալ կարելի չեղաւ գտնել։ 1921-էն սկսեալ Լորենս քաղաքի հասցէագիրքերուն մէջ թէ՛ Պետրոսի, եւ թէ Նարդուհիի մասին յիշատակում կայ։ 1930-ին Նարդուհիին անունը արդէն չկար։
(58)    16 յուն. 1909-ին Նիւ Եորք ժամանած «La Savoie» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ եւ 1910-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ։ 1909-ին ԱՄՆ եկած եւ Նիւ Ինկլենտի շրջանը ապրող երկու Տիգրան Բարունակեան կար։ Եւ այս երկուքը տարեկից էին։ Ըստ նաւուն ճամբորդներու ցուցակին՝ Տիգրանին կինը՝ Աննան էր անոր Հազարի մնացած ամենամօտիկ ազգականը։ Նշուած է նաեւ, թէ Տիգրանը կ’երթար Լորենս (Մասաչուսեց) եղբօրը քով։ Իրականութեան մէջ Վահանը Տիգրանին զարմիկն է։ Լորենս քաղաքի հասցէագիրքերուն մէջ 1909-էն 1912 Վահանին անունը կայ։ Կ’ենթադրուի որ այս վերջին թուականին ան Հազարի վերադարձած է։
(59)    27 ապր. 1909-ին Նիւ Եորք ժամանած «Chicago» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1910-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ, Ա համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ, 1920-ի, 1930 –ի եւ 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ, Բ համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ եւ Օուքուուտ գերեզմանատան (Սիրաքիւս, Նիւ եորք) մէջ շիրիմ։ Նաւու ճամբորդներու ցուցակներու տուեալներով կը հաստատուի, թէ Յովհաննէսին կինը՝ Մարթան Հազարի ապրող Յովհաննէսին ամենամօտիկ ազգականն էր, եւ որ Յովհաննէսը կ’երթար եղբօրը՝ Տիգրանին քով Ուորսեսթեր (Մասաչուսեց)։ Մարթան 1919-ին պիտի միանար ամուսինին՝ Յովհաննէսին, Եոքահոմայէն (Ճափոն) մեկնած «Tenyo Maru» շոգենաւին վրայ, որ Սան Ֆրանսիսքօ պիտի ժամանէր 15 մարտ 1919-ին։
(60)    1930-ի եւ 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։
(61)    22 դեկտ. 1910-ին Նիւ Եորք ժամանած «Floride» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, Ա համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ, 1920-ի եւ 1930-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ, 2 յունիս 1932 թուակիր ԱՄՆ քաղաքացիութեան դիմելու մտադրութեան յայտարարագիր, 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ, Բ համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։ Ըստ ԱՄՆ քաղաքացիութեան դիմելու մտադրութեան յայտարարագրին՝ Պետրոսը եւ Աղաւնին ամուսնացած էին 25 մայիս 1909-ին Հազարիի մէջ։ Վեց ամիսը չլրացած՝ Պետրոսը ԱՄՆ մեկնած էր։ Նաւու ճամբորդներու ցուցակի տուեալներով Աղաւնին էր Հազարի ապրող Պետրոսին ամենամօտիկ ազգականը, եւ վերջինս կ’երթար աներձագին՝ Մեսրոպ Սողիկեան քով Լորենս (Մասաչուսեց)։ Պետրոսին անունը «Պետրոս Նիկողոսեան» արձանագրուած է՝ հօր անունէն ելլելով, փոխանակ «Պէքէրեանի»։ Աղաւնին ի վերջոյ պիտի կարենար միանալ Պետրոսին 1920-ին, եւ երեք դուստր պիտի ունենային։
(62)    24 մարտ 1906-ին Նիւ Եորք ժամանած «La Savoie» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ եւ Մասաչուսեցի նահանգային մահուան վկայական։ Ըստ նաւու ճամբորդներու ցուցակին՝ Մարտիրոսը կ’երթար աներձագին (կամ քեռայրին)՝ Մանասէ Վերտանեանին քով (անունը գրուած է Մանասէ Արամեան)։ Ինչպէս կը տեսնենք, ԱՄՆ եօթը ամիս ալ չապրած Մարտիրոսը պիտի մահանար։
(63)    15 օգ. 1909-ին Նիւ Եորք ժամանած «New York » շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1910-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ, Ա համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ, 1920-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ, Մասաչուսեցի մահերու նահանգային մատեան եւ Ուորսեսթերի (Մասաչուսեց) հայկական սուրբ Փրկիչի եկեղեցիի յուղարկաւորութեան արձանագրութիւն։ Ըստ նաւուն ճամբորդներու ցուցակին՝ Հազարի ապրող Սողոմոնին ամենամօտիկ ազգականը կինն էր՝ Ագապին, իսկ Սողոմոնը կ’երթար Լորենս (Մասաչուսեց) եղբօրը՝ Յակոբին քով։ Մահուան թուականը իրականութեան մէջ յուղարկաւորութեան թուականն է։
(64)    20 յունիս 1920-ին Նիւ Եորք ժամանած «France» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 17 յուն. 1928 թուակիր ԱՄՆ հպատակութեան յայտ, 1930-ի եւ 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։ Ալեքսանը կը ճամբորդէր եղբօրը՝ Համբարձումին հետ, եւ կ’երթային Լորենս (Մասաչուսեց) իրենց հօր՝ Սողոմոնին քով։
(65)    20 յունիս 1920-ին Նիւ Եորք ժամանած «France» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1920-ի եւ 1930-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։
(66)    11 յուն. 1909-ին Նիւ Եորք ժամանած «La Bretagne» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1910-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ, 6 հոկտ. 1937 թուակիր ԱՄՆ քաղաքացիութեան դիմելու մտադրութեան յայտարարագիր, 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ եւ Բ համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ։ Ըստ նաւուն ճամբորդներու ցուցակին՝ Յակոբին հայրը՝ Պօղոսն էր Հազարի ապրող անոր ամենամօտիկ ազգականը, իսկ Յակոբը կ’երթար հօրեղբօրը՝ Մեսրոպ Սողիկեանին քով Լորենս (Մասաչուսեց)։
(67)    11 յուն. 1909-ին Նիւ Եորք ժամանած «La Bretagne» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, ԱՄՆ 1910-ի, 1920-ի եւ 1930-ի մարդահամարներու տուեալներ, 28 յուլիս 1939 թուակիր ԱՄՆ քաղաքացիութեան դիմելու մտադրութեան յայտարարագիր, 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ, Բ համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ եւ Մասաչուսեց նահանգի մահերու մատեան։ Ըստ նաւուն ճամբորդներու ցուցակին՝ Հազարի ապրող Սենեքերիմին ամենամօտ ազգականը հայրն էր՝ Մկրտիչը, իսկ ինքը Լորենս (Մասաչուսեց) կ’երթար զարմիկին՝ Մեսրոպ Սողիկեանին քով։ Տարբեր աղբիւրներու մէջ իբրեւ ծննդեան թուական թէ՛ 1882-ը եւ թէ 1883-ը նշուած են։
(68)    11 յուն. 1909-ին Նիւ Եորք ժամանած «La Bretagne» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1910-ի եւ 1930-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ, 16 մայիս 1931 թուակիր ԱՄՆ քաղաքացիութեան դիմելու մտադրութեան յայտարարագիր, Բ համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։ Ըստ նաւուն ճամբորդներու ցուցակին՝ Հազարի ապրող Տիգրանին ամենամօտ ազգականը հայրն էր՝ Մկրտիչը, եւ ինքը կ’երթար Լորենս (Մասաչուսեց) զարմիկին՝ Մեսրոպ Սողիկեանին քով։
(69)    29 մայիս 1921-ին Նիւ Եորք ժամանած «Megali Hellas» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1930-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ, 16 մայիս 1931 թուակիր ԱՄՆ քաղաքացիութեան դիմելու մտադրութեան յայտարարագիր եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։
(70)    16 ապր. 1900-ին Նիւ Եորք ժամանած «St. Germain» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 5 փետր. 1901 թուակիր ամուսնութեան վկայական, 1910-ի եւ 1920 ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ, Ուորսեսթերի (Մասաչուսեց) սուրբ Փրկիչ եկեղեցիի 10 յունիս 1929-ի ծխականներու մարդահամարի տուեալներ, 1930-ի եւ 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ։ Ըստ նաւուն ճամբորդներու ցուցակին՝ Մինասը նախապէս՝ 1895-1899 ԱՄՆ ապրած էր։ Ամուրի էր։ Հետաքրքրական է ամուսնութեան վկայականը, որովհետեւ հոն հօր անունը գրուած է «Բարսեղ Յովհաննէսեան», երբ Բարսեղը հօրը անունն էր, իսկ Յովհաննէսը՝ մեծ հօրը անունը։ Մօրը անունը «Նազլու Սարգիսեան» արձանագրուած է։ Երկար տարիներ Մինասը Սողիկեանի փոխարէն Բարսեղեան մականունը գործածած է։ Մինասի կնոջ անունը «Լուսիա» գրուած է ամուսնութեան վկայականին մէջ, իսկ 1920-էն ետքի արձանագրութիւններուն մէջ «Շողակաթ» է։ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցիին մարդահամարի տուեալներով՝ Լուսիան եւ Շողակաթը երկու տարբեր կիներ էին, եւ հետեւաբար հաւանական է որ Լուսիան 1910-ի կողմերը մահացած ըլլայ կամ Մինասէն բաժնուած։
(71)    14 մայիս 1906-ին Նիւ Եորք ժամանած «La Bretagne» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1910-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ, 10 սեպտ. 1913 թուակիր ԱՄՆ քաղաքացիութեան դիմելու մտադրութեան յայտարարագիր, Ա համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ, 1920-ի եւ 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ, Բ համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։ Մեսրոպը իր ծննդեան տարեթիւին համար տարբեր թիւեր արձանագրած է. 1910-ի մարդահամարի տուեալներով ան նշած է, որ 11 տարի առաջ ամուսնացած է, եւ այս տուեալը համահունչ է իր ըսած տարիքին հետ՝ 32 տարեկան։ Հետեւաբար, 1878-ը նշած եմ իբրեւ իր ծննդեան թուականը։ Մեսրոպին կինը՝ Աննան, քովը պիտի գար 1920-ականներուն, բայց իրենց որդիին՝ Քերոբին ալ հետերնին ըլլալուն մասին ոչ մէկ տուեալ գտած եմ։
(72)    Ա համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ, 1920-ի, 1930-ի և 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ, Բ համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ եւ Մասաչուսեց նահանգի մահերու մատեան։
(73)    1920-ի, 1930-ի եւ 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։
(74)    1920-ի, 1930-ի եւ 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։
(75)    29 յուլիս 1913-ին Նիւ Եորք ժամանած «Chicago» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 20 յունիս 1920-ին Նիւ Եորք ժամանած «France» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1910-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ եւ Լորենս քաղաքի (Մասաչուսեց) «Bellevue» գերեզմանատան մատեան։ Ըստ 1910-ի մարդահամարի տուեալներուն՝ Բարդողը ԱՄՆ եկած էր 1907-ին եւ ամուրի էր։ Ըստ երեւոյթին քիչ անց ան Հազարի վերադարձած է եւ ամուսնացած։ 1913-ի շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակի տուեալներով՝ Հազարի ապրող Բարդողի ամենամօտիկ ազգականը կինն էր՝ Թագուհին, իսկ Բարդողը կ’երթար Լորենս իր զարմիկին՝ Մեսրոպ Սողիկեանին քով։ Ան նշած է նաեւ, թէ նախապէս՝ 1904-էն 1910 ԱՄՆ ապրած է։ Ըստ երեւոյթին ան 1920-ին դարձեալ Թուրքիա գացած է եւ ԱՄՆ ժամանած կնոջը՝ Թագուհիին եւ 7 ամսական դստեր՝ Արփենիկին հետ։ Դժբախտաբար կինը պիտի մահանար քիչ անց, իսկ Բարդողը ինքը՝ 1930-ին։
(76)    28 յուլիս 1909-ին Նիւ Եորք ժամանած «Oceanic» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ եւ 1910-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ։ Ըստ նաւուն ճամբորդներու ցուցակին՝ Մարտիրոսը կ’երթար եղբօրը՝ Մեսրոպ Սողիկեանին քով Լորենս (Մասաչուսեց), հակառակ անոր որ իրականութեան մէջ Մեսրոպը իր եղբօր որդին էր։ Լորենս քաղաքի հասցէագիրքերուն մէջ Մարտիրոսին անունը միայն 1910-1912 տարիներուն տակ արձանագրուած է։ Այնպէս կը թուի, թէ Մարտիրոսը վերադարձած է Հազարի եւ Ցեղասպանութեան զոհ գացած։ Բերուած ծննդեան թուականը այս երկու աղբիւրներուն թիւերուն միջինն է։
(77)    24 հոկտ. 1912-ին Նիւ Եորք ժամանած «Majestic» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ եւ 1920-ի եւ 1930-ին ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ, 5 մայիս 1932 թուակիր ԱՄՆ քաղաքացիութեան դիմելու մտադրութեան յայտարարագիր, 1940–ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ եւ Բ համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ։ Ըստ նաւուն ճամբորդներու ցուցակին՝ Հազարի ապրող Արշակին ամենամօտիկ ազգականը կինն էր՝ Սանդուխտը, իսկ Արշակը կ’երթար Լորենս (Մասաչուսեց) զարմիկին՝ Մեսրոպ Սողիկեանին քով։
(78)    Տոհմածառին մէջ գրութիւնը լղոզուած է, բայց կը նմանի «Մարքօ»-ի, որ կրնայ «Մարկոսի» կամ «Մարգարի» յապաւումը ըլլալ։ «Մարկոս» ընտրեցի ենթադրելով, որ թոռնիկը իր անուամբ կոչուած էր։
(79)    9 դեկտ. 1913-ին Նիւ Եորք ժամանած «Rochambeau» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, Ա համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ, 1930 –ի և 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ, Բ համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։ Ըստ նաւուն ճամբորդներու ցուցակին՝ Ղուկասին Հազարի ձգած ամենամօտիկ ազգականը կինն էր՝ Վարդանուշը, իսկ ինքը կ’երթար զարմիկին՝ Եսայի Կոստանեանին քով Լորենս (Մասաչուսեց)։
(80)    1930-ի և 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։ Տոհմածառին մէջ աղօտ կերպով «Բեգլար» գրուած է, իսկ ԱՄՆ արձանագրութիւններուն մէջ Ղուկասի որդին «Փիթեր» անունը ունի։ Ենթադրած եմ, որ նոյն անձն են։
(81)    1910-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ։ 1910-ին Աւետիսը որդիին՝ Կարապետին հետ կ’ապրէր Ֆիթչբըրկ (Մասաչուսեց)։ Թէեւ արձանագրուած է, որ ԱՄՆ եկած է 1898-ին, զինք բերող նաւուն ճամբորդներու ցուցակը չկրցայ գտնել։ Աւելին. 1910-էն անդին կազմուած ոչ մէկ արձանագրութեան մէջ յիշատակուած է իր անունը։ Հետեւաբար ամենայն հաւանականութեան Աւետիսը Հազարի վերադարձած է։
(82)    6 ապր. 1909-ին Նիւ Եորք ժամանած «La Gascogne» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1910-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ, Ա համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ, 14 օգ. 1918 թուակիր ԱՄՆ հպատակութեան յայտ, 1920-ի, 1930-ի եւ 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ, Բ համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։ Կարապետը ԱՄՆ հպատակութեան դիմումը ներկայացուցած է երբ զինուորական ծառայութեան մէջ էր եւ կցուած էր Հարաւային Քարոլինայի Քէմփ Ճաքսոն զօրամասին։
(83)    7 նոյ. 1906-ին Նիւ Եորք ժամանած «La Bretagne» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ եւ 1910-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ։ Ըստ նաւուն ճամբորդներու ցուցակին՝ Ադամը կ’երթար ընկերոջը՝ Ստեփան Ներսէսեանին քով։ Կը ճամբորդէր Ստեփանին եղբօր՝ Պետրոսին հետ։ 1911-էն ետք տպուած քաղաքային հասցէագիրքերուն մէջ իր անունը չկայ. ամենայն հաւանականութեամբ ան Հազարի վերադարձած է։
(84)    30 հոկտ. 1912-ին Նիւ Եորք ժամանած «Alice» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 19 դեկտ. 1912-ին Ֆիլատելֆիա ժամանած «Մերիոն» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ եւ Ա համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ։ Սկիզբը Ղազարոսին չէին արտօնած ԱՄՆ տարածք մտնել, բայց երկու ամիս յետոյ ան կրցեր էր ոտք դնել ամերիկեան հողի վրայ։ Ղազարոսը նշած էր, որ Հազարի ձգած իր ամենամօտիկ ազգականը հայրն էր՝ Յակոբը, մինչ ինք կ’երթար եղբօրը՝ Խոսրովին քով։ Ղազարոսը պիտի զինուորագրուէր Արեւելքի լեգեոնին, եւ այնպէս կ’երեւի որ պատերազմէն ետք ԱՄՆ չէ վերադարձած։
(85)    2 փետր. 1909-ին Փորթլանտ (Մէյն) ժամանած «Haverford» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1910-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ, Ա համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ, 1920-ի եւ 1930-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ, 5 դեկտ. 1938 թուակիր ԱՄՆ քաղաքացիութեան դիմելու մտադրութեան յայտարարագիր, Բ համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։ Ըստ շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակին Հազարի ապրող Խոսրովին ամենամօտիկ ազգականը հայրն էր՝ Յակոբը, իսկ ինքը կ’երթար քեռիին (կամ երէց ազգականի մը)՝ Սամարին Ադամեանին քով Լորենս(Մասաչուսեց)։ Չկրցայ ճշդել Ադամեանին եւ Խոսրովին ազգականական կապը։
(86)    ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։
(87)    22 ապր. 1901-ին Նիւ Եորք ժամանած «Statendam» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ եւ 1910-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ։ Ըստ շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակին՝ Երանոսը կ’երթար Մանուկ Բարունակեանին քով։ 1916-էն ետք թուակիր Երանոսը յիշատակող ԱՄՆ ոչ մէկ արձանագրութիւն կրցայ գտնել։
(88)    3 յունիս 1902-ին Նիւ Եորք ժամանած «Moltke» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1910-ի, 1920-ի, 1930-ի եւ 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ եւ Լորենս քաղաքի 1941-ի հասցէագիրք։ Ըստ շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակին՝ Մինասը կ’երթար եղբօրը՝ Ե. (Երանոս) Գալուստեանին քով Ուորսեսթեր (Մասաչուսեց)։ Իսկ Լորենս քաղաքի 1941-ի հասցէագիրքը կու տայ Մինասին մահուան թուականը։ Հոս բերուած ծննդեան թուականը տարբեր տեղեր արձանագրուած տարբեր թուականներու միջինն է։
(89)    1900-ի եւ 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ։ Ըստ երեւոյթին Պետրոսը յաջողած է խուսափիլ ԱՄՆ տոմարներուն մէջ յայտնուելէ։ Իր ընտանիքի անդամներէն առաջին ԱՄՆ եկողն էր 1890-ականներուն, սակայն չկրցայ գիտնալ զինք բերող նաւուն անունը եւ ճամբորդներու ցուցակը։
(90)    15 նոյ. 1912-ին Նիւ Եորք ժամանած «France» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 25 մարտ 1916 թուակիր ԱՄՆ քաղաքացիութեան դիմելու մտադրութեան յայտարարագիր, Ա համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ, 1930-ի եւ 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ, Բ համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։ Ըստ նաւուն ճամբորդներու ցուցակին, Արիսին մայրը՝ Մարիամը վերջինիս Հազարի ապրող ամենամօտիկ ազգականն էր, իսկ Արիսը Լորենս (Մասաչուսեց) կ’երթար հօրը՝ Պետրոսին քով։
(91)    11 յուն. 1909-ին Նիւ Եորք ժամանած «La Bretagne» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1910-ի, 1920-ի եւ 1930-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ, 29 օգ. 1932 թուակիր ԱՄՆ քաղաքացիութեան դիմելու մտադրութեան յայտարարագիր եւ 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ։ Ըստ շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակին՝ Պօղոսը կ’երթար եղբօրը՝ Պետրոսին քով, եւ Հազարի ձգած իր ամենամօտիկ ազգականը կինն էր՝ Գոհարը։
(92)    26 հոկտ. 1920-ին Նիւ Եորք ժամանած «Pannonia» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1930-ի եւ 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։ Ըստ շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակին՝ Յակոբը կը ճամբորդէր մօրը՝ Գոհարին հետ, եւ կ’երթային հօրը՝ Պօղոսին քով Լորենս (Մասաչուսեց)։
(93)    7 դեկտ. 1903-ին Նիւ Եորք ժամանած «La Champagne» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ։ Ըստ այս փաստաթուղթին՝ Փիլիպոսը կ’երթար զարմիկին՝ Պօղոս Ապաճեանին քով։ Սիսնայ գիւղին վերաբերեալ Աճէմեանի նիւթերը կը հաստատեն, որ Պօղոս Ապաճեանը Սիսնացի էր։ Պօղոսի մասին վերջին յիշատակումը կը գտնենք Լորենս քաղաքի 1921-ի հասցէագիրքին մէջ։
(94)    1 ապր. 1909-ին Հալիֆաքս ժամանած «Volturno» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ եւ 1910-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ։ Ըստ նաւուն ճամբորդներու ցուցակին՝ Հազարի ապրող Մկրտիչին ամենամօտիկ ազգականը կինն էր՝ Ուննֆարը (՞), իսկ ինքը կ’երթար եղբօրը՝ Փիլիպոսին քով Լորենս (Մասաչուսեց)։ Ըստ տոհմածառին, սակայն, Փիլիպոսը Մկրտիչին զարմիկն էր, ոչ թէ եղբայրը։ Մկրտիչին մասին վերջին յիշատակումը կը գտնենք Լորենս քաղաքի 1921-ի հասցէագիրքին մէջ։
(95)    5 մարտ 1907-ին Նիւ Եորք ժամանած La Bretagne շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ եւ 1910-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ։ Ըստ նաւուն ճամբորդներու ցուցակին՝ Մարգարը կ’երթար Լորենս (Մասաչուսեց) զարմիկին՝ Մանուկին քով։ Մարգարի մասին տեղեկութիւնները աղքատիկ են. գիտենք սակայն որ 1921-էն 1922 Սիմոն, Աւագ, Կարապետ եւ Մովսէս Խանպէկեաններուն հետ կ’ապրէր Քոնքորտ փողոց 64 հասցէին Լորենսի մէջ։
(96)    1910-ի, 1920-ի, 1930-ի եւ 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ ու 2 յուն. 1942 թուակիր ԱՄՆ քաղաքացիութեան դիմելու մտադրութեան յայտարարագիր։ Ժամանման վկայականը (հպատակութեան դիմելու գործընթացին մաս կազմող ձեւակերպութիւն մը, որ կը հաստատէ յայտատուին օրինաւոր մուտքը ԱՄՆ) կը նշէ, որ Մարտիրոսը Նիւ Եորք եկած է «Martha Washington» շոգենաւով 17 սեպտ. 1909-ին։ Շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակը պրպտեցի ըրի, բայց Մարտիրոսին անունը չկրցայ գտնել։
(97)    14 ապր. 1911-ին Նիւ Եորք ժամանած «Adriatic» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 22 յունիս 1914 թուակիր ամուսնութեան վկայական, Ա համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ, 1920-ի եւ 1930-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ եւ Մասաչուսեց նահանգի մահերու մատեան։ Եղիան առաջին անգամ ԱՄՆ գացած է 1902-ին։ 1911-ինը իր երկրորդ ժամանումն է։ Եղիային հայրը՝ Բառնակը, որուն անունը սխալմամբ «Մովսէս» արձանագրուած է, Հազարի տակաւին ապրող անոր ամենամօտիկ ազգականն էր։ Ամուսնութեան վկայականին մէջ հօրը անունը Բառնակ է, իսկ մօրը անունը՝ Վարդեր Արապեան։
(98)     16 յուն. 1909-ին Նիւ Եորք ժամանած «La Savoie» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1910–ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ, Ա համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ, 1920-ի, 1930-ի եւ 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ, Բ համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ եւ Ուեսթ Պրիճուոթըր քաղաքի քաղաքապետարանի պաշտօնեաներու եւ յանձնախումբերու 1949 թուականի ամենամեայ տեղեկագիր ։ Ըստ նաւուն ճամբորդներու ցուցակին՝ Մովսէսը կ’երթար եղբօրը՝ Մանուկին քով, եւ Հազարի ձգած ամենամօտիկ ազգականը մայրն էր՝ Վարդերը։
(99)    1930-ի եւ 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։
(100)    10 դեկտ. 1899-ին Նիւ Եորք ժամանած «La Gascogne» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ եւ 1910-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ։ Ամերիկեան աղբիւրներուն մէջ 1910-էն ետք թուակիր ոչ մէկ արձանագրութիւն կայ Մանուկին մասին. ամենայն հաւանականութեամբ ան Հազարի վերադարձած է։
(101)    23 նոյ. 1909-ի Հալիֆաքս ժամանած «Uranium» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1910-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ, 28 դեկտ. 1913 թուակիր ամուսնութեան վկայական, Ա համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ, 1920-ի եւ 1930-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ, Բ համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։ Ըստ նաւուն ճամբորդներու ցուցակին՝ Կարապետին մայրը՝ Ալթունը, անոր Հազարի մնացած ամենամօտիկ ազգականն էր, իսկ ինքը կ’երթար Լորենս (Մասաչուսեց) եղբօրը՝ Մանուկին քով։ Ամուսնութեան վկայականին մէջ արձանագրուած տուեալներով Կարապետին ծնողներն են հայրը՝ Նշանը, իսկ մայրը՝ Ալթուն Յակոբեանը։
(102)    1930 ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ, մահազդ «Goundrey & Dewhirst Funeral and Cremation Care» սգոյ ծառայութեան արխիւներուն մէջ, ancestry.com կայքի ԱՄՆ հանրային տոմարներ։
(103)    1920-ի եւ 1930-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։
(104)    1920-ի, 1930-ի եւ 1940 ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։
(105)    28 յուլիս 1909-ին Նիւ Եորք ժամանած «Oceanic» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1900-ի, 1910-ի, 1920-ի եւ 1930-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ։ Աւագը առաջին անգամ ԱՄՆ եկած է նախքան 1900 թուականը եւ արդէն ամուսնացած էր այդ ատեն։ 1900-էն 1909 վերադարձած է Հազարի։ 1909-ի ԱՄՆ ետ երթալուն շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակներուն տուեալներուն մէջ արձանագրուած է, որ կինը՝ Մարիամը, Հազարի ապրող իր ամենամօտիկ ազգականն էր, իսկ ինքը կ’երթար Լորենս (Մասաչուսեց) զարմիկին՝ Մանուկ Խանպէկեանին քով։
(106)    27 յուն. 1921-ին Փրովիտենս ժամանած «Britannia» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ եւ 1930-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ։ Ըստ նաւուն ճամբորդներու ցուցակին՝ Կոստանդնուպոլիս (Իսթանպուլ) մնացած ամենամօտիկ ազգականի անուն որպէս Սիմոնը նշած էր ընկերոջ մը՝ Պօղոս Անդրէասեանին անունը։ Սիմոնը կ’երթար որդիին՝ Կարապետին քով, 64 Քոնքորտ փողոց, Լորենս։ Կը ճամբորդէր Էլմաս Վերտանեանին եւ անոր որդիին՝ Սարգիսին հետ, որոնք կ’երթային իրենց ամուսինին եւ հօր՝ Ղազարին քով։ Քանի որ Կարապետին հայրը Նշանն էր, հաւանական է, որ սխալը դիտաւորեալ եղած է, որպէսզի Սիմոնը կարենար ԱՄՆ մուտքի արտօնութիւն ունենալ։ Սիմոնը 1921-ին եւ 1922-ին իրօք միւս Խանպէկեաններուն հետ կ’ապրէր 64 Քոնքորտ փողոց։ 1930-ին ան Վերտանեաններուն քով սենեակ վարձած էր եւ իրենց հետ կ’ապրէր։
(107)    1910-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ։ Նշուած էր, որ Մանասէն ԱՄՆ եկած էր 1904-ին։ Ըստ Մարտիրոս Պէքէրեանը բերող շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակին՝ ան կ’երթար իր աներձագին/քենեկալին/քեռայրին Մանասէ Արամեանին քով 230 Քամըն փողոց, Լորենս, Մասաչուսեց։ Մանասէին վերաբերեալ ուրիշ ոչ մէկ արձանագրութիւն կրցայ գտնել, հակառակ անոր որ ըստ տոհմածառի տուեալներուն ան երկու որդի ունէր՝ Յովհաննէսը եւ Խաչատուրը։ Ըստ մարդահամարի տուեալներուն՝ ան տասներկու տարի ամուսնացած եղած էր առաջին կնոջ հետ։ Այս տուեալը կը համընկնի իր ծննդեան թուականին հետ եւ 21 տարեկանին ամուսնանալու փաստին հետ։ Հետեւաբար, կրնայ ըլլալ որ որդիները իր ԱՄՆ երթալէն առաջ ծնած ըլլային, եւ որ Մանասէն ինքը 1910-էն ետք վերադարձած ըլլայ Հազարի։ Զինք ԱՄՆ բերող նաւուն ճամբորդներու ցուցակը չկրցայ գտնել։
(108)    11 յուն. 1909-ին «Նիւ Եորք» ժամանած «La Bretagne» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, Ա համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ, 1930-ի եւ 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ, Բ համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։ Ըստ նաւու ճամբորդներու ցուցակին՝ Հազարի մնացած Ղազարոսին ամենամօտիկ ազգականը մայրն էր՝ Տիրուհին (տոհմածառին մէջ անունը Նազլու է)։ Ղազարոսը կ’երթար իր զարմիկին քով Ուորսեսթեր։
(109)    27 յուն. 1921-ին Նիւ Եորք ժամանած «Britannia» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 15 ապր. 1930-ին Նիւ Եորք ժամանած «Olympic» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 13 նոյ. 1934-ին Նիւ Եորք ժամանած «Berengaria» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։ Սարգիսը առաջին անգամ ԱՄՆ ժամանած էր 1921-ին մօրը՝ Էլմասին հետ։ Ըստ երեւոյթին շարունակած է Ֆրանսա երթալ-գալ մինչեւ վերջնականապէս ԱՄն հաստատուիլը 1934-ին։
(110)    16 դեկտ. 1907-ին Նիւ Եորք ժամանած «La Lorraine» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1910-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ, 1 հոկտ. 1921-ին Նիւ Եորք ժամանած «Megali Hellas» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 11 յուն. 1939 թուակիր ԱՄՆ հպատակութեան յայտ, եւ Ֆլաշինկի (Նիւ Եորք) «Cedar Grove» գերեզմանատան մէջ գտնուող շիրիմ։ 1907-ին Հազարի մնացած Սերոբի ԱՄՆ չապրող ամենամօտիկ ազգականը կինն էր՝ Նազլուն էր, իսկ Սերոբը կ’երթար քեռիին՝ Սարգիս Յովսէփեանին քով Նիւ Եորք։ 1921-ին պիտի նշէր, որ Հազարի ապրող ազգական չէր մնացած, եւ որ կ’երթար եղբօրը՝ Կարապետին քով 258 Համփշայր փողոց, Լորենս (Մասաչուսեց)։ ԱՄՆ հպատակութեան յայտին մէջ ան նշած էր, որ կինը մահացած էր Թուրքիա 1925-ին թէ 1926-ին։
(111)    8 յուն. 1909-ին Նիւ Եորք ժամանած «Caroline» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1910-ի եւ 1920-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ, 2 օգ. 1932 թուակիր ԱՄՆ քաղաքացիութեան դիմելու մտադրութեան յայտարարագիր, 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ։ Ըստ շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակին՝ Կարապետին ԱՄՆ չապրող ամենամօտիկ ազգականը Օտիան էր՝ կինը, եւ մնացած էր Հալէպ (Սուրիա), իսկ ինքը կ’երթար ընկերոջը՝ Մովսէս Գալուստեանին քով Լորենս (Մասաչուսեց)։
(112)    1924-ի Լորենս քաղաքի հասցէագիրքին մէջ նշուած է որ թէ՛ Լեւոնը, եւ թէ Գրիգորը կ’ապրէին իրենց ծնողներուն՝ Կարապետին եւ Օտիային հետ։ Կարապետի՝ ԱՄՆ քաղաքացիութեան դիմելու մտադրութեան յայտարարագրին մէջ նշուած էր, որ Գրիգորը Սուրիա ծնած էր եւ կ’ապրէր Պրուքլին (Նիւ Եորք)։ Գրիգորի կամ Լեւոնի վերաբերեալ որեւէ այլ յիշատակում չկրցայ գտնել։
(113)    1910-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ եւ 14 նոյ. 1904 թուակիր ԱՄՆ քաղաքացիութեան դիմելու մտադրութեան յայտարարագիր։ Վահանը ԱՄՆ եկած էր 1893-էն 1895-ի միջեւ, բայց զինք բերող նաւուն ճամբորդներուն ցուցակը չկրցայ գտնել։ Վահանին մասին տուեալներ պարունակող ԱՄՆ վերջին արձանագրութիւնները 1910 թուակիր են. ամենայն հաւանականութեամբ անկէ ետք Հազարի վերադարձած է ան։
(114)    22 սեպտ. 1909-ին Նիւ Եորք ժամանած «Floride» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ եւ 1910-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ։ Ըստ երեւոյթին Խորէնը մի քանի տարի միայն ապրած է ԱՄՆ, ապա վերադարձած Հազարի 1912-ի կողմերը։
(115)    10 նոյ. 1900-ին Նիւ Եորք ժամանած «Pennsylvania» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ։ Շատ քիչ տեղեկութիւն կարելի է հաստատել Սմբատին մասին։ Ըստ նաւու ճամբորդներու ցուցակին՝ ԱՄՆ ժամանումին ան արդէն ամուսնացած էր։ Մինչեւ 1909-ը տակաւին կ’ապրէր Լորենսի մէջ (Մասաչուսեց), բայց 1910-ին ամենայն հաւանականութեամբ Հազարի վերադարձած էր։
(116)    1 նոյ. 1923-ին Փրովիտենս ժամանած «Madonna» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1930-ի եւ 1940 ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ, ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան յատուկ ծառայութիւններէն օգտուելու յայտ, եւ Մասաչուսեց նահանգի մահերու մատեան։ Մանուկը կը ճամբորդէր կնոջը՝ Աղաւնիին, որդիին՝ Գարեգինին եւ հազարեցի Յովնանեան ընտանիքէն անդամներու հետ։ Կ’երթար Լորենս (Մասաչուսեց) որդիին՝ Մատթէոսին քով։
(117)    22 յուն. 1920-ին Նիւ Եորք ժամանած «Pannonia» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1930-ի եւ 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։ Մատթէոսը կը ճամբորդէր քրոջը՝ Աղաւնիին հետ, եւ կ’երթային Աղաւնիին ամուսինին՝ [#153] Պետրոս Պէքէրեանին քով։
(118)    1 նոյ. 1923-ին Փրովիտենս ժամանած «Madonna» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1930-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։
(119)    1930-ի եւ 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ, Նիւ Եորք քաղաքի մէջ ներկայացուած ԱՄՆ հպատակութեան յայտերու մատեան եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։ Ըստ 1930-ի մարդահամարի տուեալներուն՝ Տրդատը 1918-ին եկած էր ԱՄՆ, բայց զինք բերող նաւուն ճամբորդներու ցուցակը չկրցայ գտնել։
(120)    1940-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ, Պրուքֆիլտ (Քոնեքթիքաթ) քաղաքի Լորել հիլ գերեզմանատան մէջ շիրիմ, Քոնեքթիքաթ նահանգի մահերու մատեան եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։ Չկրցայ ճշդել թէ Գուրգէնը ե՛րբ եկած էր ԱՄՆ։ 1940-ի մարդահամարի տուեալներով Գուրգէնը ունէր մանուկ որդի մը՝ Բաբգէնը, որուն անունը տոհմածառին մէջ չկայ։
(121)    12 մայիս 1939-ին Նիւ Եորք ժամանած «Hansa» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ եւ Նիւ Եորք քաղաքի մէջ ներկայացուած ԱՄՆ հպատակութեան յայտերու մատեան։ Ըստ նաւուն ճամբորդներու ցուցակին՝ Վազգէնին հայրը՝ Յովհաննէսը, տակաւին ողջ էր եւ կ’ապրէր Կոստանդնուպուլիս (Իսթանպուլ)։ Վազգէնը կ’երթար Նիւ Եորք եղբօրը՝ Գուրգէնին քով։
(122)    11 յուն. 1909-ին Նիւ Եորք ժամանած «La Bretagne» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ եւ 1910-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ։ Ըստ նաւուն ճամբորդներու ցուցակին՝ Կարապետին կինը՝ Մարիամը, իր ամենամօտիկ ազգականն էր, կ’ապրէր Հազարի, իսկ Կարապետը կ’երթար զարմիկին քով՝ ոմն Եարըմեան, Լորենս (Մասաչուսեց)։ 1910-էն ետք իր մասին ԱՄՆ աղբիւրներուն մէջ յիշատակում չկայ, հետեւաբար, ամենայն հաւանականութեամբ ան Հազարի վերադարձած է։
(123)    24 նոյ. 1912-ին Նիւ Եորք ժամանած «Germania» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, Առաջին համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ, 1920-ի եւ 1940 ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ, Բ համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ եւ պատերազմի վետերաններու համար շիրմաքարի յայտեր։ Ըստ նաւուն ճամբորդներու ցուցակին՝ Հազարի ապրող մայրն էր Պօղոսին ամենամօտիկ ազգականը՝ Աննան։ Պօղոսը կ’երթար Նիւ Պրիթըն (Քոնեքթիքաթ) ապրող իր զարմիկին՝ Մանուկ Ներսէսեանին քով։
(124)    7 նոյ. 1906-ին «La Bretagne» ժամանած շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ։ Ըստ այս ցուցակին՝ Պետրոսը կ’երթար եղբօրը՝ Ստեփանին քով։ Ըստ Լորենս քաղաքի 1907-ի հասցէագիրքին՝Պետրոսը հոն կ’ապրէր՝ 230 Քամըն փողոց հասցէին։ Իր մասին ԱՄՆ աղբիւրներուն մէջ այլ յիշատակումներու չեմ հանդիպած։
(125)    1 յունիս 1902-ին Նիւ Եորք ժամանած «L’Aquitaine» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ։ Ստեփանին վերաբերեալ այլ գրառումներ չկրցայ առանձնացնել։ Կրնանք ենթադրել որ ան 1910-էն առաջ Հազարի վերադարձած էր եւ ըստ երեւոյթին 1920-ին Կոստանդնուպոլիս (Իսթանպուլ) կ’ապրէր։
(126)    Ըստ քաղաքային հասցէագիրքերուն՝ Աբրահամը 1912-էն մինչեւ իր մահը 1930-ին անընդմէջ ԱՄՆ ապրած է։ Սակայն քաղաքային հասցէագիրքերու տուեալներէն բացի բան չկրցայ գտնել Աբրահամի մասին։
(127)    4 փետր. 1912-ին Նիւ Եորք ժամանած «La Touraine» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, Ա համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ, 7 ապր. 1917 թուակիր ԱՄՆ քաղաքացիութեան դիմելու մտադրութեան յայտարարագիր 1920-ի, 1930-ի եւ 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։ Ըստ նաւուն ճամբորդներու ցուցակին՝ Արմենակին մայրը՝ Խաչերը, իր ամենամօտիկ ազգականն էր, կ’ապրէր Հազարի։ Արմենակը կ’երթար հօրը՝ Աբրահամին քով 230 Քամըն փողոց, Լորենս (Մասաչուսեց)։ 1932-էն 1948 Արմենակը ծառայած է ԱՄՆ բանակին մէջ։
(128)    4 յուն. 1909-ին Նիւ Եորք ժամանած «La Touraine» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, Առաջին համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ, 6 հոկտ. 1917 թուակիր ԱՄՆ քաղաքացիութեան դիմելու մտադրութեան յայտարարագիր։ Ըստ նաւուն ճամբորդներու ցուցակին՝ Ներսէսը՝ Մանուկին եղբայրը (պէտք էր ըլլար հայրը) Հազարի ապրող իր ամենամօտիկ ազգականն էր, իսկ ինքը կ’երթար հօրեղբօր տղուն՝ Ստեփան Ներսէսեանին քով Լոուել (Մասաչուսեց)։
(129)    7 յուն. 1910-ին Նիւ Եորք ժամանած «Alice» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ։ Ըստ այս ցուցակին՝ Գարեգինին ամենամօտիկ ազգականը հայրն էր՝ Ներսէսը, որ կ’ապրէր Հազարի, իսկ Գարեգինը կ’երթար հօրեղբօր կամ քեռիին քով Նիւ Եորք։ 1913-ի Լորենս քաղաքի հասցէագիրքը Գարեգինին մասին վերջին յիշատակումը պարունակող աղբիւրն է։
(130)    14 օգ. 1893-ին Նիւ Եորք ժամանած «Rhaetia» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ եւ 1910-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ։ Ծննդեան տարեթիւը բոլոր աղբիւրներուն մէջ եղած տուեալներուն միջինն է։ 1914-ին կինը՝ Եղսան, պիտի միանար իրեն Լորենսի մէջ։ Մահուան թուականը Լորենս քաղաքի 1925 թուականի հասցէագիրքէն է։
(131)    11 յուն. 1909-ին Նիւ Եորք ժամանած «La Bretagne» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, Առաջին համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ, 1920-ի, 1930-ի եւ 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ, Բ համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ եւ Իլլինոյ նահանգի մահերու մատեան։ Ըստ նաւուն ճամբորդներու ցուցակին՝ Մարտիրոսը կ’երթար Նիւ Պրիթէն (Քոնեքթիքաթ) հօրը՝ Կարապետին քով, իսկ իր ԱՄՆ չապրող ամենամօտիկ ազգականը մայրն էր՝ Եղսան, որ Հազարի կ’ապրէր։ Եղսայի ԱՄՆ հպատակութեան շնորհման փաստաթուղթերը կը հաստատեն, որ Մարտիրոսը նաեւ Մարթին Ամիրա անունը ունէր եւ Շիքակօ կ’ապրէր։
(132)    14 օգ. 1893-ին Նիւ Եորք ժամանած «Rhaetia» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ։ 1905-ին Պօղոսը Միսաքին եւ Սրապիոնին հետ կ’ապրէր Քամըն փողոց 323 հասցէին Լորենսի մէջ (Մասաչուսեց)։ Կ’ենթադրուի որ ատկէ ետք Հազարի վերադարձած է։ Նոյն նաւով կը ճամբորդէին [#054] Ստեփան Անդրէասեանը եւ [#420] Կարապետ Ամիրխանեանը։
(133)    28 յուլիս 1909-ին Նիւ Եորք ժամանած «Oceanic» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ։ Միանշանակ յստակ չէ, որ այս շոգենաւով ճամբորդող Համբարձումը հազարեցի էր։ Ըստ նաւուն ճամբորդներու ցուցակին՝ Համբարձումին ԱՄՆ չապրող ամենամօտիկ ազգականը կինն էր՝ Մագրիտը, իսկ տոհմածառին մէջ կնոջ անունը Մաքրուհի է։ Ճամբորդներու ցուցակին մէջ նաեւ նշուած էր, որ Համբարձումը կ’երթար Լորենս (Մասաչուսեց) եղբօրը՝ Միսաքին քով։ Համբարձումը Միսաք անունով եղբայր չունէր, բայց իր զարմիկը՝ [#446] Միսաքը 1909-ին Լորենս կ’ապրէր։
(134)    11 յուն. 1909-ին Նիւ Եորք ժամանած «La Bretagne» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1910-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։ Ըստ նաւուն ճամբորդներու ցուցակին՝ Յաբէթը կ’երթար Լորենս (Մասաչուսեց) եղբօրը՝ 230 Քամըն փողոց ապրող Միսաքին քով։ Հետաքրքրական է, որ նշուած է նաեւ թէ Յաբէթը Հազարի ապրող ազգական չունէր, իսկ երկու տարի անց իր եղբայրը՝ Սեդրակը պիտի գրէր թէ իրենց հայրը՝ Աւետիսը, տակաւին ողջ էր։
(135)    5 oգ. 1911-ին Նիւ Եորք ժամանած «La Provence» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ եւ 15 մարտ 1919-ին Սան Ֆրանսիսքօ ժամանած «Tenyo Maru» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ։ 1911-ին Սեդրակը կ’երթար եղբօրը՝ Յաբէթին քով, Լորենս (Մասաչուսեց)։ Ինչպէս թիւ 121 ծանօթագրութեան մէջ նշուեցաւ, ան Հազարի ապրող իր հայրը՝ Աւետիսը նշած էր իբրեւ ԱՄՆ չապրող իր ամենամօտիկ ազգականը։ 1916-ին Սեդրակը մեկնած է ԱՄՆ-էն։ 1919-ին պիտի վերադառնար կնոջը՝ Մարիամին հետ։ Անոնք մեկներ էին Վլատիվոստոկէն (Ռուսիա) Ամերիկեան կարմիր խաչի հովանաւորութեամբ։ Մարիամին ԱՄՆ հպատակութեան յայտին մէջ նշուած է, որ ինքն ու Սեդրակը Էրզրում ամուսնացած էին 12 հոկտ. 1917-ին։ Հետաքրքրական է նաեւ, որ բազմաթիւ աղբիւրներ կը նշեն, որ Սեդրակը ծնած էր Ուրմիա (Իրան)։
(136)    24 հոկտ. 1912-ին Նիւ Եորք ժամանած «Majestic» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1910-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ, 5 նոյ. 1936 թուակիր ԱՄՆ հպատակութեան դիմելու մտադրութեան յայտարարագիր, Բ համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։ Ըստ նաւուն ճամբորդներու ցուցակին՝ Միսաքը 1901-էն 1910 ապրած է ԱՄՆ։ Ըստ 1910-ի մարդահամարի տուեալներուն՝ ան ԱՄՆ ժամանած էր 1903-ին։
(137)    ԱՄՆ ԸՆկերային ապահութեան մահերու մատեան եւ «Forest Lawn Memorial Park» գերեզմանատան մէջ շիրիմ (Հոլիուուտ հիլս, Քալիֆորնիա)։
(138)    3 յունիս 1902-ին Նիւ Եորք ժամանած «Moltke» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ։ Ըստ այս ցուցակին՝ Սրապիոնը կ’երթար քեռիին՝ Աւագ Միհրանեանին քով 14, Մարքէթ փողոց, Ուորսեսթեր (Մասաչուսեց)։ 1903-1909 Սրապիոնը երբեմն Ուորսեսթեր կ’ապրէր, երբեմն ալ Լորենս։ Անկէ ետք յիշատակում չկայ իր մասին ԱՄՆ աղբիւրներուն մէջ, եւ ամենայն հաւանականութեամբ Հազարի վերադարձած է։
(139)    23 հոկտ. 1920-ին Նիւ Եորք ժամանած «Rochambeau» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ եւ 1930-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ։ Ըստ նաւուն ճամբորդներու ցուցակին՝ Պօղոսը կ’երթար որդիին՝ Արմենակին քով, 230 Քամըն փողոց, Լորենս։
(140)    30 մայիս 1920-ին Նիւ Եորք ժամանած «La Savoie» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ, Բ համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ, Վիրճինիա նահանգի մահուան վկայական եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։ Ըստ նաւուն ճամբորդներու ցուցակին՝ Արմենակին ԱՄՆ չապրող ամենամօտիկ ազգականը Հալէպ (Սուրիա) ապրող հայրն էր՝ Պօղոսը։ Արմենակը կ’երթար զարմիկին՝ Կարապետ Վերտանեանին քով Լորենս (Մասաչուսեց)։
(141)    11 յուն. 1909-ին Նիւ Եորք ժամանած «La Bretagne» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1910-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ, Ա համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ, 1920-ի, 1930-ի եւ 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ, 10 փետր. 1940 թուակիր ԱՄՆ քաղաքացիութեան դիմելու մտադրութեան յայտարարագիր, Բ համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։ Ըստ շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակին՝ Մանուկին Հազարի ապրող ամենամօտիկ ազգականը կինն էր՝ Բրաբիոնը։
(142)    1930-ի եւ 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։ Պօղոսը ԱՄՆ եկած էր 1920-ականներուն, բայց չկրցայ գտնել զինք բերող շոգենաւին ճամբորդներու ցուցակ։
(143)    11 յուն. 1909-ին Նիւ Եորք ժամանած La Bretagne շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1910-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ եւ10 ապր. 1910-ին Կլասքոու (Սկովտիա) ժամանած «Columbia» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ։ Վահրամը միայն մէկ տարի ԱՄՆ ապրած է։ 1917-1918 ան հայ կամաւորական գունդի զինուոր էր Կովկասի մէջ։ Ըստ երեւոյթին երբեք ԱՄՆ չէ վերադարձած։
(144)    4 մայիս 1912-ին Նիւ Եորք ժամանած «La Provence» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, Ա համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ, 15 ապր 1924-ին Նիւ Եորք ժամանած «Majestic» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1930-ի եւ 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ, Բ համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։ 1912-ին Արմենակին Հազարի ապրող ամենամօտիկ ազգականը հայրն էր՝ Աւագը, իսկ ինքը կ’երթար Լորենս եղբօրը՝ Վահրամին քով։ Վահրամը պիտի զինուորագրուէր Արեւելքի լեգեոնին եւ ԱՄՆ վերադառնար 1924-ին կնոջը՝ Մարիամին հետ։
(145)    24 հոկտ. 1912-ին Նիւ Եորք ժամանած «Majestic» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, Ա համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ, 18 հոկտ. 1919 թուակիր ԱՄՆ քաղաքացիութեան դիմելու մտադրութեան յայտարարագիր, 1920-ի, 1930-ի եւ 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ։ Ըստ նաւուն ճամբորդներու ցուցակին՝ Մանուկին Հազարի ապրող ամենամօտիկ ազգականը իր առաջին կինն էր՝ Սրբուհին։ Մանուկը կ’երթար 230 Քամըն փողոց (Լորենս) ապրող զարմիկին՝ Մարուքէ Յովնանեանին քով։
(146)     1930-ի եւ 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։
(147)    1 նոյ. 1923-ին Փրովիտընս (Ռոտ Այլընտ ժամանած «Madonna» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ։ Մահուան թուականը Լորենս քաղաքի 1925-ի հասցէագիրքին մէջ արձանագրուած է։
(148)    10 մայիս 1912 թուակիր ԱՄՆ քաղաքացիութեան դիմելու մտադրութեան յայտարարագիր, Առաջին համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ, 1920-ի, 1930-ի եւ 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ, Բ համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։ Յովհաննէսը ԱՄՆ անցեր էր Գանատայէն՝ անցնելով Հալաֆաքսէն։ Չկրցայ ստոյգ ճշդել սահմանի հատման կէտը, սակայն։
(149)    15 օգ. 1911-ին Նիւ Եորք ժամանած «Calabria» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1920-ի եւ 1930-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ, 19 սեպտ. 1939 թուակիր ԱՄՆ հպատակութեան յայտ, 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ, Բ համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։
(150)    1930-ի եւ 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։
(151)    29 յուլիս 1913-ին Նիւ Եորք ժամանած «Chicago» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1920-ի եւ 1930-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ, 29 օգ. 1932 թուակիր ԱՄՆ քաղաքացիութեան դիմելու մտադրութեան յայտ, 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ եւ Բ համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ։ Ըստ նաւուն ճամբորդներու ցուցակին՝ Յովնանին կինը՝ Հազարի ապրող Սրբուհին, իր ԱՄՆ չապրող ամենամօտիկ ազգականն էր։ Յովնանը կ’երթար եղբօրը՝ Յովհաննէսին քով Նիւ Պրիթեն (Քոնեքթիքաթ)։ Մահուան թուականը արձանագրուած էր Լորենս քաղաքի 1950-ի հասցէագիրքին մէջ։
(152)    20 մայիս 1925-ին Փրովիտընս (Ռոտ Այլընտ) ժամանած «Britannia» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1930-ի եւ 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ, Բ համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։
(153)    1920-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ, 1 նոյ. 1923-ին Փրովիտընս (Ռոտ Այլընտ) ժամանած «Madonna» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարներու տուեալներ, 15 յուլիս 1940 թուակիր ԱՄՆ քաղաքացիութեան դիմելու մտադրութեան յայտարարագիր եւ Բ համաշխարհային պատերազմի զօրակոչի մատեաններ։ Ըստ երեւոյթին Մարուքէն ԱՄՆ-էն մեկներ է 1920-ին կամ 1921-ին, վերադարձեր է 1923-ին կնոջը, որդիին, հօրը, եւ ընտանիքի այլ անդամներու հետ։ Կարծես թէ Մարուքէն առաջին անգամ ԱՄՆ ժամանած է 1910-ի կողմերը, բայց զինք բերող նաւուն ճամբորդներու ցուցակը չկրցայ գտնել։
(154)    1 նոյ. 1923-ին Փրովիտընս (Ռոտ Այլընտ) ժամանած «Madonna» շոգենաւի ճամբորդներու ցուցակ, 1940-ի ԱՄՆ մարդահամարի տուեալներ եւ ԱՄՆ Ընկերային ապահովութեան մահերու մատեան։