Քիւրքճեան ընտանիքը, լուսանկարուած 1901-ի շուրջ Ակնի կամ Երզնկայի մէջ։

Կլորիա Գորգոյեան հաւաքածոյ - Տիրպորն, Միշիկըն, Միացեալ Նահանգներ

Կլորիա Գորգոյեան ընտանեկան այս նիւթերը մեզի տրամադրեց Մարտ 2017-ին, Տիրպորնի (Միշիկըն) մէջ տեղի ունեցած յուշիրերու հաւաքման ձեռնարկի մը ընթացքին։ Անոնք կը վերաբերին իր հօրենական մեծ հօր՝ Տէր Մաթոսեան ընտանիքին, եւ մօրենական մեծ մօր՝ Քիւրքճեան ընտանիքներուն։

Տէր Մաթոսեանները Քըղիէն են եւ ընտանիքը առաջին անգամ Միացեալ Նահանգներու մէջ ոտք կը դնէ 1912-ին։ Իսկ Քիւրքճեանները Ակնէն են, բայց հետագային անոնց մէկ ճիւղը կը հաստատուի Երզնկա։

Տէր Մաթոսեան ընտանիքը, Քըղի։ Լուսանկարիչ՝ Սամուէլ Հ. Սրապեան։ Լուսանկարուած պէտք է ըլլայ 1912-էն առաջ, նկատի ունենալով որ այդ թուականին այս պատկերին մէջ երեւցող անձեր արդէն գաղթած էին Միացեալ Նահանգներ։ Նստած, գլխուն ֆէս՝ Կարապետ Տէր Մաթոսեան։ Անոր ձախին նստած քօղարկուած անձը Կարապետի կինն է՝ Աղաւնի Տէր Մաթոսեան (ծնեալ Մուշեղեան)։ Կարապետի ետեւ կանգնածը իր դուստրն է՝ Խանըմ Տէր Մաթոսեան։ Միւս անձերուն ինքնութիւնը անյայտ։

Կարապետ ծնած է Քըղիի շրջանի Չանաքճի գիւղը, 1862-ին։ Ինքն ու Աղաւնին ունէին չորս զաւակ՝ Համազասպ, Նշան, Խանըմ եւ Չեսթըր/Շաւարշ, բոլորն ալ ծնած Չանաքճիի մէջ։

Տէր Մաթոսեանները մօտաւորապէս 1940-ին, Տիրպորնի մէջ, Միշիկըն։ Ձախէն աջ՝ Կարապետ Տէր Մաթոսեան, Չեսթըր/Շաւարշ Տէր Մաթոսեան, Համազասպ Տէր Մաթոսեան, Նշան Տէր Մաթոսեան։ Չեսթըր, Համազասպ եւ Նշան Կարապետի որդիներն են։

Քիւրքճեաններու ընտանեկան ծառը, պատրաստուած ընտանիքին անդամներուն կողմէ։

Քիւրքճեան ընտանիքը 1901-ի շուրջ։ Կեդրոնը նստած տարիքոտ զոյգն է՝ Գրիգոր Քիւրքճեան (ֆէսով) ու Իսկուհի Քիւրքճեան (լաչակով)։ Անոնց միջեւ կանգնած պարթեւահասակ մարդը իրենց որդին՝ Կարապետն է։ Ան ամուսնացած էր Սրբուհիի (ծնեալ Սէիսեան) հետ։ Պատկերին մէջ Սրբուհի նստած է աներմօր աջին։ Կարապետ եւ Սրբուհի ունէին եօթ զաւակ. Մկրտիչ (ծնած 1889-ին, պատկերին մէջ կանգնած է մօրը եւ մեծ մօրը ետին), Օհաննէս (ծնած 1892-ին, պատկերին մէջ կանգնած է մեծ հօրը ետին եւ ձեռքը դրած է անոր ուսին), Իւղաբեր (ծնած 1895-ին, պատկերին մէջ նստած է աթոռակի մը վրայ, հօրը ոտքերուն ճիշդ առջեւը), Իսկուհի (ծնած 1897-ին, պատկերին մէջ նստած է գետին, քրոջը՝ Իւղաբերին ճիշդ աջին), Արշակ (ծնած 1899-ին, պատկերին մէջ նստած է գետին, քրոջը՝ Իւղաբերին ճիշդ ձախին), Եղիշէ (ծնած 1901-ին, պատկերին մէջ նստած է մեծ մօրը գիրկը), Նորայր (ծնած 1902-ին)։ Ամէնէն ձախին կանգնած ֆէսաւոր մարդուն ինքնութիւնը անյայտ։

1) Շողակաթ Թերզեան (ծնեալ Սէիսեան) եւ ամուսինը՝ Յովսէփ Թերզեան, լուսանկարուած Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Շողակաթ քոյրն է Սրբուհի Քիւրքճեանի (ծնեալ Սէիսեան)։

2) Տոքթ. Խաչիկ Սէիսեան եւ կինը՝ Աղաւնի։ Լուսանկարուած Էրզրում/Կարնոյ մէջ։ Խաչիկ եղբայրն է Սրբուհի Քիւրքճեանի (ծնեալ Սէիսեան)։

Քիւրքճեան ընտանիքը Փարիզի մէջ, Ֆրանսա։ Պատկերին մէջ Կարապետ Քիւրքճեան արդէն մահացած է։ Կ՚երեւին անոր զաւակները, ձախէն աջ՝ Արշակ, Իսկուհի, Եղիշէ, Նորայր։ Աջին նստողը Կարապետի այրին է՝ Սրբուհի Քիւրքճեան (ծնեալ Սէիսեան)։

1) Ֆրանսիս/Ազատուհի Գորգոյեան (ծնեալ Ճելալեան), լուսանկարուած Քլիվլանտի (Օհայօ) կամ Տիթրոյիթի (Միշիկըն) մէջ, 1922-ին։ Ֆրանսիս Կլորիա Գորգոյեանի մայրն է։ Ֆրանսիսի ծնողներն են Սահակ Ճէլալեան (ծնած Քեմախի մէջ 1895-ին) եւ Իւղաբեր Ճելալեան (ծնեալ Քիւրքճեան)։

2) Ֆրանսիս/Ազատուհի Գորգոյեան (ծնեալ Ճելալեան)։ Լուսանկարուած է 1918-ին, Պոլսոյ Կէտիկ Փաշա թաղամասին մէջ, նախքան ընտանիքին հետ Միացեալ Նահանգներ գաղթելը։ Անոնք Էլլիս Այլընտ կը հասնին 31 Դեկտեմբեր 1919-ին։

Ձեռագործ հայ պատմական դէմքերու (թագաւոր, զօրավար) պատկերներով. 1 մեթր × 80 սմ (42 × 32 ինչ)։

Գործն է Մարի Սէիսեանի (ծնեալ Գազանճեան), գործած է Երզնկայի մէջ 1890-ական թուականներուն։ Մարի մեծ-մեծ-մեծ մայրն է Կլորիա Գորգոյեանի։ Այսինքն, Մարի Սէիսեանի դուստրն է Սրբուհի Սէիսեան (հետագային Քիւրքճեան), Սրբուհիի դուստրն է Իւղբաեր Քիւրքճեան (հետագային Ճելալեան), Իւղաբերի դուստրն է Ազատուհի/Ֆրանսիս Ճելալեան (հետագային Գորգոյեան), Ազատուհի/Ֆրանսիսի դուստրն է Կլորիա Գորգոյեան։

Մարի ամուսնացած էր Պարթեւ Սէիսեանի հետ։ Ունէին երկու դուստր՝ Շողակաթ եւ Սրբուհի, եւ երկու որդի՝ Խաչիկ եւ Արսէն։ Շողակաթ ամուսնացած էր Յովսէփ Թերզեանի հետ։ 1895-ին Շողակաթ եւ Յովսէփ կը գաղթեն Միացեան Նահանգներ եւ իրենց հետ կը բերեն Մարիի կարած այս ձեռագործը։ Սրբուհի ամուսնացած էր Կարապետ Քիւրքճեանի հետ։ Անոնք այս նիւթերը մեզի տրամադրող Կլորիա Գորգոյեանի մօրենական մեծ-մեծ հայրն ու մեծ-մեծ մայրն են։ 1903-ին կը ձգեն Երզնկան եւ կը հաստատուին Պոլիս։ Մարիի որդիներէն Խաչիկը բժիշկ էր եւ Ցեղասպանութեան տարիներուն կը յաջողի փախուստ տալ Երզնկայէն եւ հասնիլ մինչեւ Ալեքսանդրոպոլ (ներկայիս Գիւմրի)։ Մարի եւ որդին՝ Արսէն, զոհ կ՚երթան Ցեղասպանութեան։