Ճեննիֆըր Թագուհի Ներսէսեանի եւ Փիթըր Յակոբ Ներսէսեանի հաւաքածոյ - Նիւ Եորք

Այս նիւթերը մեզի յանձնեց Ճեննիֆըր Ներսէսեան, որուն հօրենական մեծ հայրը՝ Յակոբ Ներսէսեան (ծնած 1900-ին), եւ մեծ մայրը՝ Թագուհի Տէր Պետրոսեան, Խարբերդի դաշտի Դատեմ գիւղէն են։ Տակաւին 19-րդ դարու վերջաւորութեան, Յակոբի հայրը՝ Գաբրիէլ, եւ հօրեղբայրը՝ Ներսէս, գաղթած են Միացեալ Նահանգներ, ուր կ՚աշխատէին իբրեւ պանդուխտ։ Ընտանիքը մնացած էր Դատեմ, իսկ Գաբրիէլ 1915-ին այցելութեան կու գայ իր հայրենի գիւղը ընտանիքը տեսնելու, վրայ կը հասնի Ցեղասպանութիւնը եւ կը սպաննուի ընտանիքի բազմաթիւ այլ անդամներու հետ միատեղ։ Յակոբ վերապրող մըն էր, մինչեւ 1921 թուականը կ՚ապրի Թուրքիոյ մէջ, ապա կ՚անցնի Սուրիա, ուր կապի մէջ կը մտնէ Միացեալ Նահագներ գտնուող իր հօրեղբօր՝ Ներսէսի հետ։ Այս վերջինը դրամ կ՚ուղարկէ եւ Յակոբ կը գաղթէ Միացեալ Նահանգներ։

Դատեմէն հայ ընտանիք մը, ինքնութիւնը անծանօթ։ Շատ հաւանաբար Ներսէսեաններուն ազգականներ են։

1) Գաբրիէլ Ներսէսեան (Յակոբի հայրը) լուսանկարուած Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Ամբողջական պատկերը տեսնել աւելի վար, եղբօրը հետ։

2) Յակոբ Ներսէսեան եւ Թագուհի Ներսէսեան (ծն. Տէր Պետրոսեան), 1930, ամուսնական պատկեր։

Դատեմի ընդհանուր պատկերը, որ միշտ պատէն կախուած էր Միացեալ Նահագներու մէջ Թագուհի եւ Յակոբ Ներսէսեանի տան մէջ։ Պատկերը գործն է Մէլիքեանի, 1921-ին պատրաստուած։ Անոր վրայ կ՚երեւին դատեմցի այրեր, որոնք այլազան ճակատներու վրայ զինուոր եղած են։ Տարազներէն կարելի է ենթադրել որ անոնց մէջ կան համագիւղացի ֆետայիներ եւ Առաջին Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին դաշնակից զօրքերու շարքին կռուածներ։ Վերը ձախին երեւցող շիրմաքարին վրայ գրուած է՝

«Յիշէ՛ նահատակ եղբայրներդ եւ աւերակ հայրենիքդ»։

Իսկ պատկերի վարի մասին գրուած է՝

«Նուէր Դատեմի լուսաւորութեան ուսումնասիրաց ընկերութեան 30 ամեակին, 1891-1921։ Նահատակուած ձախէն սկսեալ [ամպերուն մէջ երեւցող գլուխները]. Մ. Թումասեն, Խ. Տէր Յակոբեան, Ս. Խարիպեան, Ա. Մենծոյեան։ Գերեզմանին շուրջը [վերը ձախին], ձախէն. Պ. Հէրօեան, Ս. Մարտիրոսեան, Յ. Ասատուրեան, Խ. Հէրօեան, Պօղոս Հէրօեան, Պ. Գզիրեան, Ա. Հապոեան, Պ. Ուլօճեան, Յ. Տէր Յովհաննէսեան, Դ. Սահակեան։ Պահակներ [վարի շարք], ձախէն սկսեալ. Յ. Մուշօեան, Հ. Շամօեան, Ս. Փիլիպոսեան, Ա. Հէրօեան (հերոս), Պ. Մադիկեան, Գ. Կօշկարեան, Կ. Վարդանեան, Յ. Նորտիկեան, Ն. Քլունեան (դրօշակին պաշտպան), Յ. Թումասեան, Ս. Յակոբեան, Վ. Միքայէլեան, Խ. Յակոբեան, Մ. Քամալեան, Պ. Ատուրեան, Պ. Թումասեան»։

Յակոբ Ներսէսեանի կողմէ գրուած ինքնակենսագրական էջեր։ Գրելու այս փորձը յայտնապէս կիսատ մնացած է։ Փաստօրէն մեզի հասած են միայն երկու-երեք էջեր այս ինքնակենսագրութենէն։ Հեղինակը այստեղ կը յայտնէ թէ անցեալին իրենց ընտանիքը կոչուած է Թոթոյենք, բայց իր ժամանակներուն Դատեմի մէջ իրենք արդէն իսկ կը կոչուէին Նորսոյենք կամ Ներսէսեան։

Ձախին՝ Գաբրիէլ Ներսէսեան (Յակոբին հայրը) եւ եղբայրը՝ Ներսէս, լուսանկարուած Միացեալ Նահանգներու մէջ 19-րդ դարու վըեջերը կամ 20-րդ դարու առաջին տարիներուն։