Մետաղեայ գաւաթներ, Հաճընէն. Գալայճեան ընտանիքի հաւաքածոյ, Պուէնոս Այրէս։

Այլազան - Արժանթին

Անա Արզումանեանի հաւաքածոյ, Պուէնոս Այրէս

Ընտանեկան այս հաւաքածոն կը պատկանի Անա Արզումանեանի։ Մեծ հայրը՝ Դարեհ Արզումանեան, Պուրսայի Մուրատջայ գիւղէն է, ծնած 1892-ին։ 1915-ի Ցեղասպանութեան կը կորսնցնէ կինն ու չորս աղջիկները։ Առաջին Համաշխարհային պատերազմէն ետք, ան նախ կ՚անցնի Յունաստան, ուր քրոջը կը վերագտնէ տեղւոյն հայկական որբանոցներէն մէկուն մէջ։ Ապա միասնաբար կը մեկնին Մարսէյ եւ այնտեղէն ալ կը գաղթեն Արժանթին, ուրբնակութիւն կը հաստատեն Պուէնոս Այրէսի մէջ։

Դարեհ Արզումանեանի Պուրսայի շերամաբուծութեան վարժարանէն շրջանաւարտութեան վկայագիրը։ Դարեհ այս հաստատութիւնը աւարտած է 1911-ին, իսկ վկայագիրին թուականը 1920 է։ Ստորագրողներու շարքին է հաստատութեան տնօրէն Գէորգ Թորգոմեան։

) Դարեհ Արզումանեան (աջին) լուսանկարուած հաւանաբար Մուրաճայի մէջ։
2) Դարեհ Արզումանեան։
3) Դարեհ Արզումանեան իր կնոջ՝ Ֆարնեմ Արզումանեան հետ (ծնեալ Հայթայեան)։ Ամուսնացած են Պուէնոս Այրէսի մէջ 1922-ին։ Այս մէկը Դարեհի երկրորդ ամուսնութիւնն էր։

Պոլիս տպուած (1921) Աստուածաշունչի մը վերջին էջը։ Հազուագիւտ առարկաներէն է զոր Դարեհ Արզումանեան Օսմանեան կայսրութենէն իր հետ Արժանթին բերած է։ Այս էջին վրայ ան գրի առած է ընտանեկան զանազան տեղեկութիւններ։ Կ՚իմանանք հօրը անունը՝ Առաքել Արզումանեան, որունէր չորս եղբայրներ՝ Հայրապետ, Արթին, Մինաս, Խաչատուր։ Առաքել, այնպէս ինչպէս յետագային իր որդին, նոյնպէս շրջանաւարտ էր Պուրսայի շերամաբուծական վարժարանէն։ Դարեհի մայրն էր Նազլու Արզումանեան (ծնեալ Սինանեան)։ Հինգ եղբայր եւ քոյրեր էին՝ Դարեհ, Հռիփսիմէ, Ահարոն, Սիրուհի, Եւգինէ (փոքր տարիքին մահացած)։

Գալայճեան ընտանիքի հաւաքածոյ, Պուէնոս Այրէս

Գալայճեան ընտանիքին պատկանող նիւթերը մեր տրամադրութեան տակ դրաւ Մարինա Գալայճեան։ Անոնք բոլորն ալ կը պահուին Գալայճեաններու ընտանեկան հաւաքածոյին մէջ։ Ինչպէս լուսանկարներուն մէջ կը տեսնենք, անոնք բաղկացած են պղնձեայ առարկաներէ։ Փոքր չափի վեց գաւաթներ եւ իրենց ափսէն, պղնձեայ երկու թասեր, մեծ եւ փոքր չափի սրճեփոցներ։ Բոլորն ալ Հաճընէն են, ուրկէ սեռած են նաեւ Գալայճեան ընտանիքի նախնիները։ Հաւաքածոյին կը պատկանի այս էջի ամէնէն վերի բաժնին մէջ տեղադրուած մետաղեայ երկու գաւաթները։

Աքեան ընտանիքի հաւաքածոյ, Պուէնոս Այրէս

Սոյն պատկերը ներկայիս կը պահուի Մարիա Լուիզա Մարաշլեանի (ծնեալ Աքեան) քով, Պուէնոս Այրէս։ Անոր մէջ կը տեսնենք Աքեաններուն նախնիները՝ Լուիզա Քամպուրեան (ծնեալ Օհանեան) եւ ամուսինը՝ Արթին Քամպուրեան։ Անոնք նախապէս ապրած են Անգարա, ապա կը տեղափոխուին Պուրսա։ Այս քաղաքին մէջ ալ կը շարունակեն ապրիլ մինչեւ իրենց մահը 1930-ական թուականներուն։ Ծնողներուն անհետացումէն ետք, իրենց զաւակները կը գաղթեն Արժանթին։

Նելիտա Պուլղուրճեանի հաւաքածոյ, Պուէնոս Այրէս

Սոյն երկու պատկերները մեզի տրամադրեց Նելիտա Պուլղուրճեան։ Անոնց մէջ երեւցող անձերը իր ընտանիքի անդամները չեն, այլ Արժանթին հաստատուած՝ այլ հայեր, որոնք այս լուսանկարները հետրենին բերած են Օսմանեան կայսրութենէն մինչեւ Արժանթին։ Նելիտա զանոնք կորուստէ փրկած է։

Առաջին պատկերին մէջ կը տեսնենք Տարագճեան ընտանիքը, Ատաբազարի մէջ (ներկայիս Սաքարեա), 1910։

Օրչանեան ընտանիքը 1910-ին, Հաճընի մէջ։

Շաքէ Օվայեանի հաւաքածոյ, Պուէնոս Այրէս

Խնկաման (մետաղեայ), Հաճըն։

Կը պատկանի Շաքէ Օվայեանի։ Զայն ժառանգած է իր մեծ հօրմէն՝ Խաչիկ (Խաչեր) Օվայեանէ, որ Հաճընէն էր եւ ծնած է 1860-ի շուրջ։ Սովորութիւն էր ամէն ուրբաթ երեկոյեան այս առարկային մէջ խունկ վարել չարը խափանելու համար։ Խաչերի կինն էր Վարվար եւ ունէին երկու զաւակներ։ Միայն այս վերջինները կը վերապրին Ցեղասպանութեան եւ Համաշխարհային պատերազմէն ետք հազարաւոր այլ հայերու նման կը վերադառնան Կիլիկիա, որ անցած էր ֆրանսական գրաւեալ ուժերուն տիրապետութեան տակ։ Կը վերադառնան Հաճըն, ուր տուներնին հրկիզուած կը գտնեն, կարելի կ՚ըլլայ գտնել քանի մը առարկաներ, որոնց շարքին այս խնկամանը։ Վերապրող Օվայեանները Հաճընէն կ՚անցնին Ատանա, բայց 1921-ի վերջաւորութեան ֆրանսական բանակները կը քաշուին Կիլիկիայէն եւ զայն կը զիջին Թուրքիոյ։ Տասնեակ հազարաւոր հայեր վերստին գաղթի ճամբան կը բռնեն։ Անոնց շարքին էին նաեւ Օվայեանները, որոնք կը մեկնին նախ Յունաստանի Խիոս կղզին, ուր կը մնան երկու տարի։ Ապա կը տեղափոխուին երկրին հիւսիսը՝ Քաւալա, ուր կ՚ապրին մինչեւ 1951։ Կը գաղթեն Արժանթին իրենց հետ տանելով նաեւ հաճընեան անցեալ կեանքի այս նշխարը։

Մաճեան/Մախեան ընտանիքի հաւաքածոյ, Պուէնոս Այրէս

Տիւիտ, կամ պղնձեայ գրչակալ։ Պատկանած է Պետրոս Մաճեանի, որ ծնած է Հաճըն 1869-ին եւ մահացած 1982-ին, Պուէնոս Այրէս։ Պետրոս Ցեղասպանութեան վերապրող մըն է։ Յետագային ան կը գաղթէ Մարսէլ (Ֆրանսա), իսկ 1924-ին ալ կը մեկնի Արժանթին։ Գրչակալը ներկայիս ժառանգութիւնն է իր թոռներուն՝ Էտկարտօ, Սիլվանա, Մարիանօ եւ Սեսիլիա, բոլորն ալ կ՚ապրին Պուէնոս Այրէսի մէջ։

Պապահէքեան ընտանիքի հաւաքածոյ, Պուէնոս Այրէս

Պապահեքեան ընտանիքին քով պահուող ընտանեկան հաւաքածոն կը բաղկանայ քանի մը յուշիրերէ, բոլորն ալ Հաճընէն։ Ընտանիքին նախնիներէն՝ Թորոս Պապահէքեան, Հաճընէն էր եւ մասնագիտութեամբ՝ ճարտարապետ։ Սոյն փայտեայ տուփը ան յաջողած է Հաճընէն իր հետ բերել մինչեւ Արժանթին։ Կը պարունակէ ճարտարապետական գործիքներ՝ կարկին եւ նմանատիպ առարկաներ։

Հայերէն Աստուածաշունչ, կաշուեկազմ կողքով. պատկանած է Ազարիա Պապահէքեանի (Թորոսի հայրը), Հաճըն։

Օսմաներէն-հայերէն-ֆրանսերէն բառարան։ Պատկանած է Ազարիա Պապահէքեանի, Հաճըն։