Մեզիրէ. Քափուչիններու գոլէճին փողերախումբը (Seta Northropի հաւաքածոյ, Library of Congress)

Այլազան - Միացեալ Նահանգներ

Նանի Թնճուկեան - Սան Ֆրանսիսքօ

Կնոջական պայուսակ, Թարսուս, 22cm x 20,5cm

Պատկանած է Պահար Թորոսեանին, Թարսուսէն։ 1920-ականներու սկիզբը Կիլիկիոյ հայերը կը ստիպուին լքել իրենց հայրենի գիւղերն ու քաղաքները եւ շատերու նման Պահարն ու ընտանիքը կը հաստատուին Լիբանան։ Այստեղ պայուսակը կը ժառանգէ Պահարի դուստրը՝ Շաքէն (1920-2003), որ կը շարունակէ զայն գործածել։ Ներկայիս անիկա կը գտնուի Պահարի ծոռնուհիին՝ Նանի Թնճուկեանի քով (Սան Ֆրանսիսքօ)։

Հալէպ։ Հաճի Յարութիւն (Արթին) աղայի եւ Էլիզա Թորոսեանի (Պիրէճիքէն) ընտանիքը, մօտաւորապէս 1918։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Յակոբ («Ճանէ»), Միհրան, Խաչիկ, Տիգրան։ Նստած, ձախէն աջ՝ Ռոզա, Էլիզա, Ազատուհի (մօրը գիրկը նստած), Յարութիւն եւ Մարիամ։ Ամէնէն առջեւը՝ բարձի վրայ նստած աղջիկը՝ Հռիփսիմէ։ Ազատուհին Յարութիւնի եւ Էլիզայի առաջին զաւակն էր։ Էլիզա (ծն. Քալեմքերեան) Այնթապէն էր։ Յարութիւնի կը հանդիպի Հալէպի մէջ 1915-1918 տարագրութեան օրերուն։ Պատկերին մէջ երեւցող միւս անձերը զաւակներն են Օսաննայի, որ Յարութիւնի առաջին ամուսինն էր, կը մահանայ 1910-ին։ (Աղբիւր՝ Նանի Թնճուկեանի հաւաքածոյ, Սան Ֆրանսիսքօ)

Չաք Քիւրքճեան հաւաքածոյ

Չաք Քիւրքճեան Յուշամատեանին ուղարկեց իր ընտանիքին լուսանկարը, Ակն քաղաքէն։ 1915-էն ետք ընտանիքին վերապրողները բնակութիւն կը հաստատեն Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Անոնք իրենց հետ կը բերեն նաեւ գորգ մը, որ մինչեւ այսօր կը պահուի Չաք Քիւրքճեանի կողմէ։

Ակն, մօտաւորապէս 1905. Քիւրքճեան ընտանիքը։ Կեդրոնը նստած երէց զոյգը ընտանիքին հայրն ու մայրն են (անունները անծանօթ), իսկ մնացեալները՝ իրենց զաւակները։ Ձախէն աջ՝ Ճոն (ծն. 1892, Չաքի հայրը), Հէրրի/Յովհաննէս (ծն. 1888), հօր գիրկը նստած մանչուկը՝ Ալեքս, Զուարթ, ընտանիքին մեծ մայրը (շատ հաւանաբար մօր մայրը), Լեւոն։ Այս ընտանիքէն քիչեր կը վերապրին 1915-ի Ցեղասպանութիւնը։ Վերապրողներէն են Ճոն եւ Հէրրի։

Գորգ, Ակն. 150cm x 94cm
Կ՚ենթադրուի որ այս գորգը գործուած է Ակնի հայ որբերուն կողմէ։ Գիտենք որ 1895-ի հակահայ ջարդերուն ընթացքին Ակն քաղաքը եւս բազմաթիւ զոհեր տուաւ եւ որբացած հայ մանուկներու ստուար թիւ մը գոյացաւ։ Ինչպէս այլ վայրերու մէջ այստեղ եւս որբանոցներ բացուեցան, ուր որբերը կը խնամուէին եւ արհեստներ կը սորվէին։ Որբանոցներուն համար եկամուտի աղբիւր էր երեխաներուն եւ պատանիներուն կողմէ գործուած գորգերը արտասահմանի մէջ ծախելը։ Շատ հաւանաբար այս գորգն ալ նոյն այս նպատակով պատրաստուած էր։ Անիկա յետագային կ՚անցնի Չաք Քիւրքճեանի հօրեղբօր՝ Հարրի/Յովհաննէս Քիւրքճեանի ձեռքը, իսկ ներկայիս կը պահուի Չաքի կողմէ։
Գորգին վրայ անգլերէն եւ հայերէն գրուած են՝
"The Orphans of Agn 1898 July 4 Որբք Ակնայ"
Այս կը նշանակէ որ գորգը հիւսուած է 1898-ին։

Քապուլեանի հաւաքածոյ - Ուաշինկթըն DC

Այս նիւթերը եւ անոնց հետ կապուած տեղեկութիւնները մեզի ուղարկեցին Քապուլեան ընտանիքէն շառաւիղներ՝ Տայան Քապուլեան, Քարոլանն Նաճարեան, Լինտա Քապուլեան։ Ընտանիքին ծագումը Ակնէն է։ Տայանին հայրը Հայկազ Քապուլեանն է, որ զաւակն է Պօղոս Քապուլեանի (Ակնէն) եւ Ռեպեքա Տէմիրճեանի (Խարբերդէն)։

Քապուլեան ընտանիքը, Ակն, մօտաւորապէս 1906-ին։ Ձախէն աջ՝ Վարսենիկ, Ռեպեքա (ծնեալ Տեմիրճեան, Խարբերդի մէջ), Էլիզ (մօրը գիրկը գտնուող երախան), Գարեգին (ոտքի, Ռեպեքայի եւ Պօղոսի միջեւ), Հայկազ (Գարեգինին առջեւ), Պօղոս, Գաբրիէլ (Աղբիւր՝ Հայկազ եւ Ութէ Քապուլեանի հաւաքածոյ հաւաքածոյ)։

Այս լուսանկարին թուականէն ետք Պօղոս եւ Ռեպեքա Քապուլեան կ՚ունենան երեք այլ զաւակներ՝ Վիրճինիա, Օննիկ եւ Արամ։ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք, Վիրճինիա եւ Էլիզ կը խնամուին որբանցներու մէջ, մինչ Օննիկ որոշ ժամանակ կ՚ապրի քրտական ցեղախումբերու մէջ։ Պօղոսը, Կապրիէլը եւ Արամը Ցեղասպանութեան զոհեր են։ Ընտանիքին վերապրող անդամները որոշ ժամանակ կ՚ապրին Հալէպ, ապա կը մեկնին Միացեալ Նահանգներ։

Հարսանեկան արծաթեայ գօտի, Ակն. պատկանած է Ալմասի (Գեղամ Քապուլեանի մայրը եւ Պօղոս Քապուլեանի եղբօր կինը)։ Ալմասի մահէն ետք գօտին պահած է իր հարսը՝ Ռոզան (Գեղամի կինը) եւ յետագային՝ իր հետ բերած մինչեւ Միացեալ Նահանգներ։ Գօտին գործուած է Վանի մէջ։ Անոր վրայ կան արհեստաւորի երկու կնիքներ՝ առիւծի պատկեր մը, ինչ որ կը նշանակէ որ արհեստաւոր վարպետ Արսլանեանի գործն է, «ԿԹ» սկզբնատառերը, ինչ որ կը նշանակէ որ երկրորդ արհեստաւոր մըն ալ աշխատած է գօտիին վրայ։ Բացի ասկէ, փորագրուած է «ԱԼՄԱՍ» անունը, ինչպէս նաեւ «98»։ Կարելի է հետեւցնել որ 1898-ի գործ է (մասնագիտական այս տեղեկութիւններուն համար շնորհակալութիւն կը յայտնենք Osep Tokatին)։ Գօտին ներկայիս ընտանեկան ժառանգութիւն է եւ կը պահուի Միացեալ Նահանգներու մէջ։

1) Պօղոս Քապուլեանի եւ Ռեպեքա Նաճարեանի հարսանեկան պատկերը։

2) Քարոլանն Նաճարեանի մեծ մօր՝ Ռոզա Մասումեանի եւ մեծ հօր՝ Գեղամ Քապուլեանի հարսանեկան պատկերը։ Արաբկիր, մօտաւորապէս 1910։ Գեղամ եղբօրորդին էր Պօղոս Քապուլեանի։ Գեղամի հայրը կանուխ տարիքի մահացած էր։ 1912-13 թուականին Գեղամ կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ իբրեւ պանդուխտ։ Կինը կը մնայ Ակն, ապա Գեղամի այրի մայրը՝ Ալմասը, եւ Ռոզան կը հաստատուին Բալու։ Այստեղ ալ կը մահանայ Ալմաս։ Ցեղասպանութեան տարիներուն Ռոզա կը հասնի մինչեւ Տէր Զօր եւ կը վերապրի։

Ակն, մօտաւորապէս 1908, թաղմանական պատկեր։ Մահացած երեխան Պօղոս եւ Ռեպեքա Քապուլեանի հինգ տարեկան որդին է՝ Յովհաննէսը։ Դագաղին ճիշդ ետեւը նստած մօրուքաւոր մարդը Պօղոս Քապուլեանն է, անոր ձախին, երեսը թաշկինակով ծածկած կինը՝ Ռեպեքան։ Մահացողի ոտքերուն մօտ կանգնած աղջնակը՝ Վարսենիկ (Պօղոսի եւ Ռեպեքայի դուստրը), իսկ մահացողի սնարին մօտ կագնող մանչը՝ Գաբրիէլ (Պօղոսի եւ Ռեպեքայի որդին)։

Սուզըն Սոպէյճի (Սօպաճի) հաւաքածոյ - Ֆրէզնօ, Քալիֆորնիա

Այս հաւաքածոյին մէջ կը գտնենք խարբերդցի հայերու պատկերներ։ Ընտաիքին մէկ ճիւղը Խարբերդ քաղաքի հայ երեւելի դէմքերէն՝ Յովհաննէս Պուճիգանեանի (ծն. Չնգուշ 1873) կը պատկանի։ Ան քաղաքին մէջ գործող «Եփրատ» գոլէճի ուսուցիչներէն էր եւ յայտնի մտաւորական մը։ Կը դառնայ Ցեղասպանութեան առաջին զոհերէն։ Յովհաննէս կ՚ամուսնանայ 1900-ին՝ Մարիցա Թիւֆէնքճեանի հետ, եւ կ՚ունենան եօթ զաւակներ (չորս աղջիկ՝ Աստղիկ, Մէյրի, Անահիտ, Արաքսի եւ երեք մանչ՝ Արմէն, Գարեգին, Յակոբ)։ Ցեղասպանութենէն ետք Մարիցա եւ իր զաւակները կը գաղթեն Լիբանան։ Անահիտ այս ընտանիքին հինգերորդ դուստրն է, ծնած է 1912-ին Խարբերդ։ Ինք եւս կ՚ապրի Լիբանան, իսկ յետագային բարձրագոյն ուսում ստանալու համար կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ, ուր 1951-ին Ֆրէզնոյի մէջ կ՚ամուսնանայ Նաթան Էլիազարեանի հետ, որ ծնած է Խարբերդի դաշտի Իչմէ գիւղը։ Այս պատկերները մեզի ուղարկեց Անահիտի եւ Նաթանի դուստրը՝ Սուզըն Սոպէյճին։

Յովհաննէս Պուճիգանեանի ընտանիքին վերապրող անդամները Ցեղասպանութենէն քանի մը տարի ետք, Լիբանանի մէջ։ Առաջին շարք, ձախէն աջ՝ Արմէն, Գարեգին, Մարիցա (Յովհաննէսի այրին), Յակոբ։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Աստղիկ, Մէյրի, Արաքսի, Անահիտ։

1) Այս մէկը Յովհաննէս Պուճիգանեանի եղբօր՝ Մարտիրոսի ընտանիքն է։ Ան Խարբերդի շրջանին մէջ երաժշտութեան ուսուցիչ էր, իր բարձրագոյն ուսումը ստացած էր Գերմանիոյ մէջ։ Երկար տարիներ կը դասաւանդէ Մեզիրէի (Մամուրէթուլ-Ազիզ, ներկայիս Էլազըկ) գերմանական գոլէճին մէջ։ Հեղինակ է բազմաթիւ երգերու (խօսք եւ եղանակ), ինչպէս նաեւ հայերէնի թարգմանած է բազմաթիւ կրօնական (բողոքական) երգեր։ Ցեղասպանութեան տարիներուն, շնորհիւ Խարբերդի շրջանին մէջ գործող գերմանացի միսիոնար Եոհաննէս Էհմաննի (1870-1926), իր ընտանիքը, ինչպէս նաեւ քրոջ եւ երկու եղբայրներուն ընտանիքներէն ողջ մնացածները կ՚ազատին ջարդէն։ Յետագային կ՚անցնի Միացեալ Նահանգներ, ուր կը մահանայ 1935-ին։

Առաջին շարք, ձախէն աջ՝ Հայկ, Մարտիրոս (ընտանիքին հայրը), հօր ճիշդ առջեւը՝ Դանիէլ, Վարդուհի, Շուշան (ծն. Ժամկոչեան, Մարտիրոսի կինը)։ Ետեւի շարք, ձախէն աջ՝ Վերժին, Արսէն, Վարսենիկ, Յակոբ։

2) Յովհաննէս Պուճիգանեանի կնոջ՝ Մարիցա Թիւֆէնքճեանի ընտանիքը։ Ձախէն աջ, ոտքի՝ Մարիցայի մայրը՝ Հռեփիմէ, կողքին, նստած՝ Մարիցայի հայրը՝ Գարեգին։ Մարիցա (ծն. 1883) նստած է հօր աջին, գլխուն ճերմակ ժապաւէն մը կայ։ Թիւֆէնքճեանները Խարբերդէն էին եւ լուսանկարը շատ հաւանաբար քաշուած է 1897-ին։