Սէլեան քոյրերը՝ Նուարդը, Զուարթը եւ Վիքթորիան. լուսանկարը 1915-էն առաջ նկարուած է Պարտիզակի կամ Գոնիայի մէջ։

Մոնա Սէլեան հաւաքածոյ (մաս 1) - Թորոնթօ

Մոնա Սէլեան հաւաքածոն լուսանկարներով եւ փաստաթղթերով հարուստ արխիւ մըն է, որ Մոնայի ընտանիքին հօրենական եւ մօրենական ճիւղերուն անդամները կը ներկայացնէ։ Մոնայի մօր կողմը՝ Եզէկէլեանները, պուրսացի էին, իսկ հօր կողմը՝ Սէլեանները, Պարտիզակէն էին (այսօրուան Պահչեճիքը)։ Այս էջին մէջ պիտի գտնէք Պարտիզակ եւ Պուրսա նկարուած հազուագիւտ լուսանկարներ, որոնք կը պատկերեն Մոնային նախնիներուն կեանքը՝ մասնաւորապէս, եւ Պուրսայի եւ Պարտիզակի հայերուն կեանքը՝ առհասարակ։

Բոլոր տեղեկութիւնները մեզի տուած է Մոնա Սէլեանի մայրը՝ Ազատ (Ազատուհի) Սէլեանը, որ ծնած էր Քոքինիս (Փիրէաուս, Յունաստան) 1931-ին։ Բոլոր նիւթերը պատրաստուած են իր հետ համագործակցաբար։

Մոնայի մօրենական մեծ հայրը եւ Ազատ Սէլեանի (ծնեալ Եզէկէլեան) հայրը Եզէկէլ (Եզնիկ) Եզէկէլեանն էր, որ ծնած էր Կալիփոլի 1885-ին եւ մահացած Թորոնթօ 1965-ին։ Ազատին մայրը կը կոչուէր Մարի Պոյաճեան։ Ան ծնած էր Պուրսա 1892-ին եւ մահացած Թորոնթօ 1964-ին։ Մարիին մայրը եւ Մոնային մեծ մեծ մայրը՝ Պայծառ Լութֆիեան-Պոյաճեանը ծնած էր Պուրսա եւ մահացած Յունաստան (1941-ին), իսկ իր ամուսինը՝ Կոստանտին («Կոստան աղա») Պոյաղիօղլուն, որ Մոնային մեծ մեծ հայրն էր, մահացած էր Պուրսա զինադադարի օրը՝ 11 նոյեմբեր 1918-ին։ Կոստան աղան կաշեգործ էր, որ կօշիկներու ներբաններուն համար հաստ կաշի կը պատրաստէր։

Մայրի Պոյաճեանը ունէր չորս քոյր՝ Կատարինէն, Եւնիկը, Սոֆին եւ Նոյեմին։ Մարին եւ իր Սոֆի քոյրը հիւանդապահուհի էին եւ Պոլսոյ սուրբ Փրկիչ հայկական հիւանդանոցին մէջ աշխատած էին 10 տարի։

Մարին պիտի ամուսնանար Եզէկէլին հետ եւ փոխադրուէր Կալիփոլի 1919-ի կողմերը։ Անոնց անդրանիկ զաւակը պիտի մահանար, իսկ երկրորդ զաւակը՝ Կարապետ անունով որդին, Կալիփոլի պիտի ծնէր 1920-ին։ Ցեղասպանութենէն փրկուած անոնց միակ զաւակը Ազատը պիտի ըլլար։

Եզէկէլ Եզէկէլեանը դարբին էր. իր ձեռքով նաւու խարիսխ եւ շղթաներ կը պատրաստէր։ Ան ունէր յոյն նաւաստի յաճախորդներ, որոնք իրեն ըսած էին որ Զմիւռնիա հրոյ ճարակ դարձած էր եւ որ թուրքերը կը մօտենային Կալիփոլիին։ Յոյները առաջարկած էին հայերը տանիլ ապահով վայր մը Յունաստանի մէջ, եւ 1922-ին Եզէկէլեանները իրենց եկեղեցիին գանձերը պարպեր էին, թաղեր էին իրենց ոսկին ու ոսկեղէնները, եւ Կալիփոլիի ամբողջ հայ բնակչութեան հետ տեղափոխուեր էին Քեֆալոնիա (Յունաստան). ուրախ չէին հոն սակայն անոնք։ Հոնկէ գացեր էին Քոքինիա, Փիրաէուս, ուր կ՚ապրէին թրքախօս յոյներ, եւ ուր ուրեմն հայերուն համար դիւրին էր իրենց առօրեայ գործերը վարելը։

Եզէկէլեան ընտանիքը Կալիփոլիէն պիտի երթար Յունաստան եւ ի վերջոյ փոխադրուէր Գանատա, ուր իրենց սերունդները կ՚ապրին մինչեւ այսօր։

1953-ին Ազատ Եզէկէլեանը կը գաղթէր Գանատա (սկիզբը Մոնրէալ, ապա՝ Թորոնթօ)։ Եղբայրը՝ Կարապետը, իրեն պիտի միանար 1954-ին։ 1956-ին իր ծնողները՝ Մարին եւ Եզէկէլը նոյնպէս քովը պիտի երթային Գանատա։

1955-ին Ազատ Եզէկէլեանը Գանատայի մէջ կ՚ամուսնանար իր հայրենակից Արթուր Մինաս Սէլեանին հետ, որ Գանատա ծնած էր, բայց որուն ընտանիքը քշուած էր Պարտիզակէն։ Արթուրին հայրը՝ Յարութիւն Սէլեանը ծնած էր Պարտիզակ. 3 եղբայր եւ 3 քոյր էին՝ Երուանդը, Մկրտիչը, Նուարդը, Զուարթը եւ Վիքթորիան։

Լուսանկարին մէջ Եզէկէլը սլաքով նշուած է. բաճկոնակով է, վերջին շարքին աջէն երկրորդը, պատուհանին տակ՝ աջին։

Վերի լուսանկարէն հատուած մը. Եզէկէլ Եզէկէլեանը կը տեսնէք ոտքի ամենէն վերջին շարքին, աջէն երկրորդն է։

Ձախէն աջ նստած են Պայծառ Պոյաճեանը (Լութֆեան), անոր դուստրը՝ Նոյեմին եւ ամուսինը՝ Կոստան Պոյաճեանը։ Ձախէն աջ ոտքի են Եւնիկ, Մարի (Մոնայի մօրենական մեծ մայրը), Պետրոս, Կատարինէ եւ Սոֆի Պոյաճեանները։ Նոյեմին, Եւնիկը, Մարին, Կատարինէն եւ Սոֆին 5 քոյր են եւ Պայծառի եւ Կոստանի դուստրերը։ Պետրոսը իրենց եղբայրն է, Կոստանի որդին վերջինիս առաջին ամուսնութենէն։

1. Աջի այրը Եզէկէլ Եզէկէլեանն է. մէջտեղի մանուկը Եզէկէլի քրոջ որդին է, իսկ ձախի այրը Դանիէլ Պէզիրճեանն է։

2. 1910 թուական. ձախէն աջ՝ Նոյեմի Պոյաճեանը՝ ոտքի, ձեռքին զամբիւղ, մայրը՝ Պայծառ Պոյաճեանը (ծնեալ Լութֆեան) քովը նստած է, իսկ անոր քովը նստածը հաւանաբար քոյրն է՝ Անիձան, իսկ Անիձային քովը՝ որդին՝ Ասդիկը, որ ձեռքին մեծ օղակ մը բռնած է։

Պոյաճեան հինգ քոյրերը. ձախէն աջ՝ Կատարինէն, Մարին, Եւնիկը, Սոֆին եւ Նոյեմին։

1. Պոլիս (?), 1920։ Աջին կեցած մարդը Յարութիւն Եզէկէլեանն է՝ Եզէկէլեան Եզէկէլեանի եղբայրը, Ազատ Սէլեանի հօրեղբայրը. Ձախին կեցած է Յարութիւնին կինը՝ Զապէլ Եզէկէլեանը, իսկ Յարութիւնին առջեւ իր որդին է՝ Կարպիս Եզէկէլեանը (Կարպիսը Յարութիւնին որդին է առաջին ամուսնութենէն)։

2. Պոլիս, 1922. Ոտքի ձախէն աջ՝ Եւնիկ եւ Նոյեմի Պոյաճեան քոյրերը, մէջտեղը նստած է իրենց մայրը՝ Պայծառ Պոյաճեանը (ծնեալ Լութֆեան), իսկ ձախի պզտիկը Կատարինէի (Եւնիկի եւ Նոյեմիի միւս քրոջ) որդին է, Յարութիւնը, որ մանուկ հասակին մահացած է։

Ոտքի ձախէն աջ՝ Նուարդը, Զուրաթը եւ Վիքթորիան՝ Մոնա Սէլեանի հօր՝ Արթուր Սէլեանի մօրաքոյրներն են։ Սէլեանները պարտիզակցի էին, բայց լուսանկարը կրնայ նաեւ Գոնիա նկարուած ըլլալ, որովհետեւ քոյրերը ամուսնանալով Պարտիզակէն Գոնիա գացած էին։

1. 1922. Կատարինէ Պոյաճեանին ամուսինը (անունը չենք գիտեր) իրենց երկու զաւակներուն հետ։ Աջինը Յարութիւնն է (որ մանուկ հասակին մեռած է)։

2. 1921. Ետեւի շարքին ձախէն աջ կեցած են Եւնիկ եւ Նոյեմի քոյրերը։ Նստած ձախէն աջ՝ Պայծառ Պոյաճեանը (ծնեալ Լութֆեան) եւ իր փեսան՝ դստեր՝ Կարտարինէի ամուսինը։ Պայծառին գիրկին մէջ Յարութիւնն է՝ Կատարինէի որդին եւ իր թոռնիկը։

3. 1921, Կատարինէ Պոյաճեանին ամուսինը (անունը անյայտ) իրենց որդին Յարութիւնը գրկած։

Երկու լուսանկարներուն մէջ պատկերուած է, ամենայն հաւանականութեամբ, Կատարինէ Պոյաճեանի որդին՝ Յարութիւնը. առաջին լուսանկարը 1923-ին նկարուած է, երկրորդը՝ 1921-ին։

Ոտքի կեցած է Եւնիկ Պոյաճեան, երկրորդ շարքի աջին նստածը Պայծառ Պոյաճեանն է (ծնեալ Լութֆեան), իսկ առաջին շարքին ձախէն աջ նստած են Մարի եւ Նոյեմի Պոյաճեանները։

Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոց, Պոլիս. խումբ մը բժիշկներ եւ հիւանդապահներ։ Ոտքի կեցածներէն առաջինը Մարի Պոյաճեան (Ազատ Սէլեանի մայրը), երրորդ բժիշկ Զարեան/Զարուպեա՞նն է, վեցերորդը Մալխասեանն է։ Երկրորդ շարքին ձախէն երկրորդը Փայլածու Շմաւոնեանն է (Պարտիզակցի)։

1. Պուրսա (Պոլի՞ս), 1918։ Մէջտեղը նստած է Սոֆի Պոյաճեանն է. աջին՝ նստարանին նստած իր քոյրը՝ Մարին է։
2. Պուրսա (Պոլի՞ս), 1912. Սոֆի եւ Մարի Պոյաճեաններ։

Մարի Պոյաճեանը՝ վերջին շարքին ձախէն երրորդը։

Մարի Պոյաճեանը՝ հիւանդապահուհիի համազգեստով։ Մարին եւ քոյրը՝ Սոֆին հիւանդապահուհի էին, կ՚աշխատէին Պոլսոյ սուրբ Փրկիչ հայկական հիւանդանոցին մէջ։

Լուսանկարողը Երուանդ Սէլեանն էր։

Չորրորդ շարքին ձախէն աջ կեցած են Սիրվարդ Քուպիքեան Պօղոսեանը, Զուարթ Սէլեան Պոտուրեանը, Նուարդ Սէլեան Քուպիքեանը, անյայտ երեք անձ, Սիրանոյշ Քուպիքեան Քիւրքճեանը, անյայտ անձ մը։

Երրորդ շարքին ձախէն աջ նստած են Տալիթա Քուեան Սէլեանը, Օննիկ Քուպիքեանը, անյայտ անձ մը, Սարգիս Քուպիքեանը, Քիւրքճեանը, Մինաս Սէլեանը։

Երկրորդ շարքին ձախէն աջ կեցած են Հռիփսիմէ (Ալիս) Քուպիքեանը (հետագային՝ Պասմաճեան), Նուպար Քուպիքեանը, անյայտ անձ մը, Յասմիկ Քուպիքեանը (հետագային՝ Շալճեան), Կարօ Քիւրքճեանը, Թագուհի Քուպիքեանը (հետագային՝ Ամիրայեան)։

Առաջին շարքին ձախէն աջ նստած են Յակոբոս Քուպիքեանը, Կարապետ Պոտուրեանը, անյայտ երկու անձ, Հազարոս (Ղազարո՞ս) Քուպիքեանը։

Պարտիզակէն ԱՄՆ եւ Գանատա ձեւով ղրկուած բացիկներու հաւաքածոյ մը

1. Պարտիզակէն 11/30 յունիս 1913-ին ղրկուած բացիկ։

2. Պարտիզակէն ղրկուած 18/31 մայիս 1913 թուակիր բացիկ ուղղուած հեղինակին մօրեղբօրը (Յարութիւն, Մկրտիչ կամ Երուանդ Սէլեանին), որ Պարտիզակ ծնած էր բայց ԱՄՆ գաղթած։

3. Պարտիզակէն Իզմիր ղրկուած բացիկ՝ 24/7 յունիս 1910 թուակիր։ Նամակագիրը կը տեղեկացնէ իր որդիները թէ մեկնած է Պարտիզակէն եւ հասած է Իզմիթ։

1. Իզմիթէն հեղինակին եղբօրը ղրկուած 19/1 յունուար (?) 1906 թուակիր բացիկ. գրուած է. «Սիրելի աղբար։ Այսօր Ձեր կաղանդն է եւ գիտնալով որ այս քարտը մեր Կաղանդի օրերուն ձեռքդ պիտի հասնի, ուստի հիմակուընէ հաճեցէք ընդունիլ մեր խորին մաղթանքները»։ Բացիկին պատկերուած է Իզմիթի երկաթուղային կայարանը։

2. Հեղինակին ղրկած մէկ բացիկը, ամենայն հաւանականութեամբ Պարտիզակէն ղրկուած է։ Պատկերուած է աւերակներուն վրայ լացող Մայր Հայաստանը։

1. Պարտիզակէն ղրկուած բացիկը. թուականը 19 ապրիլ 1912 է։ Բացիկը ուղղուած է հեղինակին (Վահրամի՞ն) մօրեղբօրը՝ Մ. (Մկրտիչ) Սէլեանին, որ Պարտիզակ ծնած էր։ Բացիկը ղրկուած էր Մասաչուսեց, ԱՄՆ։

2. Իզմիթէն ղրկուած բացիկ, թուականը 4/17 հոկտեմբեր 1908 է։ Հեղինակը հասցէատիրոջ կը դիմէ «սիրելի աղբար» խօսքերով։ Ղրկուած է Պոթոն, ԱՄՆ՝ Մկրտիչ Սէլեանին։ Բացիկին վերնագիրը «Ազատութիւն, հաւասարութիւն, արդարութիւն, եղբայրութիւն» է՝ հայերէնով, օսմաներէնով եւ ֆրանսերէնով։ Բացիկը տպագրուած էր Փափազեան տպարանին մէջ, որ Չիչեք-Պազար կը գտնուէր։ Հեղինակը կը գրէշ «Սիրելի աղբար, և եղաւ որ ﬕնչ երիտասարդ թուրքիան իր  ազատութեան գագաթնակէտին  կը հասնէր, և ... սկսան պղտորել թուրքիայի քաղաքական պայծառ հորիզոնը ներքին թշնաﬕներ յիշելով իրենց ... պատառները կ՚արտայայտուի ի դէմ թուրքիոյ թշնաﬕներուն»։

3. Պարտիզակէն ղրկուած 10 սեպտեմբեր 1912 թուակիր բացիկ՝ ղրկուած Մ. (Մկրտիչ) Սէլեանին Մասաչուսեց, ԱՄՆ։

1. Պարտիզակէն (?) ղրկուած 11/24 մարտ 1915 թուակիր բացիկ՝ հասցէագրուած հեղինակին զաւակներուն։

2. Պարտիզակէն ղրկուած 10/23 մայիս 1915 թուակիր Մկրտիչին (Սէլեան) հասցէագրուած բացիկ։

3. Պարտիզակէն ղրկուած 4/17 մայիս 1915 թուակիր բացիկ։ Հեղինակը կը դիմէ իր «տղաքներուն» «ցաւալի լուր» տալու՝ որ իրենց մօրաքոյր Սրբուհին մահացած է եւ յուղարկաւորութիւնը նոյն օրն է։ Հանգուցեալը երկար ժամանակ կը տառապէր «սրտի տկարութեամբ»։

Յունաստան, 1935, հայկական «Զաւարեան» մանկապարտէզ։ Առաջին շարքի ձախէն չորրորդ աղջնակը Ազատուհի Սէլեանն է (ծնեալ Եզէկէլեան)։

Ընտանեկան պտոյտ բնութեան գիրկ. առաջին շարքին ձախէն հինգերորդը՝ ձեռքին ճերմակ գաւաթ բռնած Վիքթորիա Սէլեանն է, Մոնա Սէլեանի հօրաքոյրը։