Կատար Բարիկեանը (ծնեալ՝ Գաբրիէլեան) եւ իր խորթ քոյրը՝ Վարդանոյշը, Հալէպի մէջ զիրար գտնելէ ետք, 1923։

Մարկարէթ Բարիկեան Շաֆրենի հծոյ - ԱՄՆ

Հեղինակ՝ Թոտ Շաֆրեն, 7 մայիս 2018

Ընտանեկան տեղեկութիւնները, փաստաթուղթերը եւ լուսանկարները, որոնք Գաբրիէլեան եւ Բարիկեան (Բարեկեան) ընտանիքներուն պատմութիւնը կը պատմեն, մեզի հասած են Մարկարէթ եւ Էլիզապէթ Բարիկեան քոյրերէն եւ Մարկարէթի ամուսինին՝ Պիլին, իր զոքանչին՝ Կատար Բարիկեանին (ծնեալ՝ Գաբրիէլեան) հետ ունեցած զրոյցներուն ընդմէջէն։

Կատար Գաբրիէլեանը եւ իր ապագայ ամուսինը՝ Կարապետ Բարիկեանը, Մամուրէթուլ Ազիզ նահանգի Շեփիկ գիւղէն էին (այսօր՝ Եայլաճըք, Արաբկիրի մօտ)։ Ըստ ընտանիքին պատմածին՝ Կատարը 1895-ի մայիսին ծնած էր, բայց Ֆրանսա ապրած իր ժամանակուան վերաբերող որոշ փաստաթուղթերու մէջ 1894 եւ 1890 թուականներն ալ կան։ Կարապետը ծնած էր 1888-ի մայիսին։

Թէ՛ Կատարը, եւ թէ՛ Կարապետը բազմանդամ ընտանիքներու զաւակ էին, եւ երկուքին հայրերն ալ իրենց առաջին կիներուն մահերէն ետք վերամուսնացած էին։ Կատարին մայրը՝ Վարվառ Այրասեանը, մահացած էր երկուորեակներ ծնելէ քիչ ետք, իսկ Կարապետի մայրը՝ Էլիզաբէթը, Համիտեան կոտորածներուն օրերուն (1895) մահացեր էր գլխուն ստացած հարուածէն ետք։

Կատարը մօրը կողմէն ազգական էր Այրասեաններուն։ Կ՚ըսուէր, թէ Սիմոն Այրասեանը հարստացած էր Պոլիսի մէջ եւ վերադարձած իր ծննդավայր Շեփիկ գիւղը։ Հոն օգնած էր իր համագիւղացի հայերուն, եւ վերջիններս թուրքերէն գնած էին հողերը։ [Գիտենք որ հայաբնակ զանազան վայրերու մէջ տեղական իշխանաւորներ (թուրք կամ քիւրտ պէյեր եւ աղաներ) զանազան ձեւերով յաջողած էին տիրանալ հայ գիւղացիներու մշակելի հողերուն, հայ շինականը կը շարունակէր հողին վրայ աշխատիլ, բայց ստիպուած էր բերքէն կարեւոր մաս մը հողատէրին տալ։ Այս կացութիւնը որոշ չափով բարեփոխուեցաւ 1908-էն ետք, երբ հայեր իրենցմէ խլուած հողերը գնեցին պէյերէն եւ աղաներէն եւ վերստին դարձան հողատէր

Կատարին հայրը՝ Մկրտիչ Գաբրիէլեանը, եւ Կարապետին հայրը՝ Աբրահամ Բարիկանը, երկուքն ալ բազմաթիւ քոյր-եղբայրներ ունէին։ Յայտնի է, որ Բարիկեաններ ապրած են Ծագ գիւղին մէջ, որ Շեփիկէն հարաւ-արեւելք գտնուող գիւղ մըն էր, եւ Պոլիսի մէջ։ Գաբրիէլեաններէն ոմանք Խարբերդէն էին։

Գիւղի քահանան՝ տէր Պաղտասար Պարսաթեանը դեկտեմբեր 1910 պսակած էր Կարապետը եւ Կատարը։ Տարի մը անց Կարապետը մեկնած էր ԱՄՆ՝ Կատարը վստահելով իր ծնողներուն, Շեփիկի մէջ։ Կարապետը պիտի հաստատուէր Ֆիլատելֆիայի մէջ, որ Արաբկիրէն եւ Մամուրէթուլազիզէն գաղթած հայերու համար ընթացիկ վայր մըն էր։ Ինչպէս շատ հայ երիտասարդ գաղթականներ, Կարապետն ալ սկիզբը բանուորութիւն ըրած էր։ Առաջին համաշխարհային պատերազմին ընթացքին աշխատած էր նաւաշինութեան մէջ, ինչին ապացոյցն է իր «Պատերազմի ծառայող նաւաշինութիւն» [War Service Ship Building] զարդասեղը։

Մեծ եղեռնի կոտորածները Շեփիկ պիտի հասնէին 1915-ի յունիսի վերջերուն։ Ընդհանուր կարծիքը ան է, որ Կատարը տեղահանուածներուն հետ մեկնած է Շեփիկէն յուլիս 5-ին։ Ան ողջ պիտի մնար դէպի հարաւ մահուան երթին ընթացքին. իր խորթ քոյր Վարդանոյշը եւ ինքը միակ վերապրողները պիտի ըլլային իր եւ իր ապագայ ամուսինին անմիջական ընտանիքէն։

Ամենայն հաւանականութեամբ Կատարը ի վերջոյ Ուրֆայի կողմերը տեղ մը հասած էր։ Արաբ կին մը պիտի խնամէր զինքը, եւ Կատարը պիտի առողջանար։ Ապա բազմաթիւ քիւրտ եւ թուրք ընտանիքներու հետ պիտի ապրէր մինչեւ պատերազմին աւարտը 1918-ին։

Մինչեւ Ցեղասպանութիւնը Կարապետին Ֆիլատելֆիոյ մէջ պիտի միանար իր եղբայրը՝ Մարտիրոսը, եւ զարմիկները՝ Շահէն եւ Յակոբ Սամուէլեանները։ Կատարին եղբայրը՝ Բենիամինը այս ընթացքին պիտի երթար պալքաններ եւ հաստատուէր Թրսթենիք (այսօր՝ Սերպիա)։

Այդ օրերուն անսովոր բան չէր, որ հայ տարագիրները իրենց հայրենի գիւղերուն օգնելու նպատակ հետապնդող հայրենակցական միութիւններ հիմնէին։ Կարապետը, Առաքել Մելքոնեանը եւ Կարապետ Փողարկեանը պիտի հիմնէին «Շեփիկի միութիւնը» առաջին համաշխարհային պատերազմին սկսելէն անմիջապէս առաջ, կը կարծենք։ Միութիւնը դրամ պիտի ղրկէր Շեփիկ՝ ի աջակցութիւն դպրոցին։ Կարապետը գանձապահն էր, Առաքելը՝ ատենապետը, իսկ Կարապետ Փողարեանը՝ ատենադպիրը։

Պատերազմէն ետք կազմակերպութեան անունը փոխուեր էր. «Շեփիկի վերաշինման միութիւն» կը կոչուէր ան։ Հաւանական է, որ Միութեան ճիգերը ուղղուած էին շեփիկցի վերապրողները գտնելուն եւ անոնց օգնութիւն հասցնելուն։ 1920-ականներու կէսերէն սկսեալ, մինչեւ վերջերը, Ամերիկայի Արաբկիրի միութիւնը Երեւանին մերձակայ (այսօր մաս կազմող) Նոր Արաբկիր թաղամասի հիմնումին ծախսերը ստանձնած էր։ Շեփիկի վերաշինման միութիւնը $3000 ԱՄՆ տոլար պիտի տրամադրէր Նոր Շեփիկ կոչուող Նոր Արաբկիրի ենթաթաղամասին մէջ բազմաթիւ բնակելի շէնքեր շինելու համար։

1960-ականներու կէսերուն, երբ արդէն շատոնց մահացած էր անդամներուն մեծամասնութիւնը եւ Միութեան գործունէութիւնը դադրած էր, Կարապետը Շեփիկի վերաշինման միութեան մնացորդ գումարը պիտի նուէր Արաբկիրցիներու միութեան՝ որպէս օժանդակութիւնը Անդրանիկ Փօլատեանի «Պատմութիւն հայոց Արաբկիրի» (Նիւ Եորք, Պայքար տպ., հրատ. Ամերիկայի Արաբկիրի միութեան, 1969, 1019 էջ) գիրքի հրատարակութեան։

Ճիշդ չենք գիտեր ի՛նչ պատահած էր Կատարին Առաջին համաշխարհային պատերազմէն անմիջապէս ետք։ Կրնայ ըլլալ որ ան Արաբկիր վերադարձած է կարճ ժամանակի մը համար։ 1920-ին ան արդէն Ուրֆայի մէջ էր, իսկ 1923-ին՝ Հալէպ (նկարը կայ այս էջին մէջ)։ 1924-ի վերջերուն Կատարը Պէյրութի ճամբով Մարսիլիա պիտի երթար։

Ֆրանսայի մէջ Կատարը հաւանաբար ազգականներու հետ ապրած է։ Լուսանկարի մը մէջ ան կ՚երեւի Լուիզ Բարիկեանին հետ, որ իր ամուսինին զարմիկն էր։ Լուիզին հայրը՝ Գրիգոր Բարիկեանը եւ մայրը՝ Վերժինէն, ունեցած էին Լուիզը եւ հինգ որդի (Անդրանիկ, Բարունակ, Սամուէլ, Յակոբ եւ Յովհաննէս)։ Գրիգորը Կարապետին հօրեղբայրներէն ամենէն մեծն էր եւ Ստամպուլի մէջ եկամտաբեր գործ ունէր, բան մը որ անկասկած, դեր ունեցած էր ընտանիքին՝ Ցեղասպանութեան օրերուն գոյատեւման մէջ։ Ընտանիքը Ֆրանսայէն մեկնած եւ հոն վերադարձած է քանի մը անգամ, եւ ընդհանուր կարծիքը այն է, որ Վերժինէն Ֆրանսա մահացած է։

Թէ ինչպէ՛ս Կարապետը գիտցած է որ կինը վերապրած էր Ցեղասպանութենէն՝ առեղծուած է. կրնայ ըլլալ որ Շեփիկի վերաշինման միութեան հետ իր համագործակցութիւնը դեռ խաղացած ըլլայ։ Կարապետը 1922-ին ԱՄՆ քաղաքացիութեան յայտ ներկայացուցած էր եւ 1924-ին ամերիկացի դարձած։ Այդ ժամանակ արդէն գիտէր որ Կատարը ողջ էր եւ 1925-ի գարնան պիտի ճամբորդէր Ֆրանսա, ուր 1911 դեկտեմբերէն ետք առաջին անգամ ըլլալով պիտի տեսնէր Կատարը։

Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք ԱՄՆ պիտի խստացնէր ներգաղթի օրէնքները՝ իւրաքանչիւր ազգէ ներգաղթողներու թիւի սահմանափակումներ մտցնելով, եւ ԱՄՆ գաղթելը շատ դժուար պիտի դառնար։ Փաստը, որ Կատարը արդէն ԱՄՆ քաղաքացիի մը օրինաւոր կինն էր, հնարաւորութիւն պիտի տար շրջանցելու այդ թուաքանակի օրէնքը։ 1926 յունուարին էր որ վերջապէս ան պիտի բաւարարէր բոլոր պահանջները եւ ստանար ԱՄՆ մուտքի արտօնութիւն Մարսիլիոյ ԱՄՆ հիւպատոսարանէն։ Ան Հայաստանի Հանրապետութեան անցագիր ունէր որպէս անձը հաստատող պաշտօնական փաստաթուղթ, հակառակ անոր որ այդ պետութիւնը տարիներ առաջ դադրած էր գոյութիւն ունենալէ։ Կը թուի թէ այս եղանակը ընդունուած ձեւ մըն էր, որ «անհայրենիք»/«անպետութիւն» հայերը կարենային ճամփորդական փաստաթուղթեր ունենալ։

1920-ականներուն սկիզբները Կարապետին մտերիմ ընկերը՝ Առաքել Մելքոնեանը, պիտի դառնար նպարավաճառութեան իր գործընկերը։ 1926-ի սկիզբները Կատարը պիտի միանար իրենց, եւ բոլորը միասին պիտի ապրէին Օքսֆորտ փողոցին վրայ։ Մարգրիտը՝ Առաքելին կինը, ԱՄՆ պիտի գաղթէր 1926-ի վերջերուն։

Կարապետը եւ Կատարը 2 դուստր ունեցած էին՝ Էլիզապէթը (որ Կարապետին մօր անունը կը կրէր) եւ Մարկարէթը (Կարապետին մեծ քրոջ անունը կրող)։ 1920-ականներու վերջաւորութեան ընտանիքը նոյն փողոցին վրայ գտնուող ուրիշ տուն մը պիտի փոխադրուէր, իսկ 1930-ականներու սկիզբները՝ Ֆիլատելֆիոյ ուրիշ մէկ մասը։ Այս նոր քաղաքին մէջ իրենք իրենց «անկիւնի նպարավաճառի» խանութը պիտի բանային, որ յաջողութեամբ պիտի բանեցնէին մինչեւ 1945-ին Ֆրեզնօ (Քալիֆոռնիա) փոխադրուիլը։

Կարապետը կը մահանար 1973-ին։ Կատարը ամուսինին մահէն ետք պիտի ապրէր մինչեւ 1991։

Ահաւասիկ մեծ մօրս՝ Կատար Գաբրիէլեան-Բարիկեանին 1926-ի անցագիրին նկարը։

• Մեծ մայրս 1924 սեպտեմբերին հասեր էր Ֆրանսա։
• Մեծ հայրս այցելեր է իրեն 1925-ի գարնան։
• 1926-ի յունուարին մեծ մայրս անհրաժեշտ բոլոր ստուգումները ըրած էր եւ արտօնութիւն ունէր ԱՄՆ երթալու։

Հայաստանի առաջին հանրապետութեան այս անցագիրը պիտի գործածէր որպէս ճամփորդական փաստաթուղթ։

Այս լուսանկարին մէջ Կատար Գաբրիէլեանն է (հետագային Բարիկեան) Բարիկան ընտանիքէն ոմանց  հետ։

Ոտքի ձախէն աջ՝ Կատար Բարիկեան, Վարդանոյշ Մալումեան, Խաթուն Բարիկեան, Լիւսի, Յակոբ, Էլիզապէթ, Յուսքի (Իսկուհի՞), Շնորհիկ Այրասեան եւ Արշալոյս։ Աջ կողմը նստած այրը Աբրահամ Բարիկեանը։ Ձախէն երրորդ մանուկը Պառնոկն է, եւ Աբրահամի ոտքերուն քովի պզտիկը Օսքիօնն է (Ոսկեա՞ն)։

Այս մէկը նոյն օրը լուսանկարուած ուրիշ նկար մըն է։ Իմ հաւաքածոյիս մաս չի կազմեր. շատ յատկանշական է, որ հեռաւոր ազգական մը գտայ, եւ մեր ընտանիքներու ընդհանուր անդամները պատկերող 1913-ին նկարուած լուսանկարներ փոխանակեցինք։ Զարմիկիս մայրը նկարին մէջտեղի՝ մազերուն ժապաւէններով աղջնակն է։

Այս նկարը մաս կը կազմէ Սիմոն Խազարեանի հաւաքածոյին (Ֆրանսա)։

Ահաւասիկ մանրամասնութիւնները.

• Այս լուսանկարը եւ վերոնշեալը նոյն լուսանկարիչը նկարած է։
• Ամենայն հաւանականութեամբ նոյն օրը նկարուած են Շեփիկի մէջ՝ տրուած ըլլալով որ երկու նկարները նոյն խորքապատկերը ունին եւ նկարուողներուն հագուստները յար եւ նման են։
• Հետեւաբար՝ 1913-ին նկարուած լուսանկար մըն է։
• Նկարին մէջ Այրասեան ընտանիքը պատկերուած է։
• Մարիան Այրասեանը Սիմոն Այրասեանին միակ զաւակն էր։ Սիմոնին մասին հակիրճ յիշատակում է ընտանեկան կարճ պատմութեան մէջ։
• Մարիամը ամուսնացած էր Մելքոն Միքայէլեանին հետ։ Մեծ մայրս՝ Կատար Բարիկեանը (ծնեալ Գաբրիէլեան), ազգական էր թէ՛ Այրասեաններուն, եւ թէ՛ Միքայէլեանններուն։
• Մարիամը եւ Մելքոնը Այրասեան մականունը կը գործածէին, որովհետեւ իրենց հայրը գիւղին մէջ առաջատար դիրք ունէր։
• Բժ. Էլիզա Մելքոնը՝ իրենց դուստրերէն մէկը, այս լուսանկարին մէջ չկայ, որովհետեւ արդէն ԱՄՆ գաղթած էր։ Էլիզան ԱՄՆ-ի առաջին կին բժիշկը պիտի դառնար։

Ոտքի ձախէն աջ՝ անյայտ անձ, Շնորհիկ Մելքոն (ծնեալ Այրասեան)՝ Մարիամի դուստրը, Մինաս Պօղոսեան՝ Արուսեակի որդին, Վարսեանիկ Խազարեան (ծնեալ Պօղոսեան) Արուսեակի դուստրը, Պետրոս Պաղտասարեան՝ Վերգինի որդին, Վերգին Պաղտասարեան՝ Մարիամի դուստրը։Նստած ձախէն աջ՝ Վարդանոյշ Մալումեան (ծնեալ Այրասեան)՝ Մարիամի դուստրը, գիրկը հաւանաբար Ժիրայր Մալումեանն է՝ Վարդանոյշի որդին, Մարիամ Այրասեան, Արուսեակ Պօղոսեան (ծնեալ Այրասեան)՝ Մարիամի դուստրը։ Առաջին շարքի մանուկները, ձախէն աջ՝ Մելքոն Պօղոսեան՝ Արուսեակի որդին, Մելքոն Պաղտասարեան՝ Վերգինի որդին եւ Պերճուհի Թադոսեան (ծնեալ Պաղտասարեան)՝ Վերգինի դուստրը։

Վերը ցուցադրուած ընտանեկան երկու լուսանկարներուն մայր օրինակներն են ասոնք։

Այս լուսանկարին մէջ մեծ մայրս՝ Կատար Բարիկեան (ծնեալ Գաբրիէլեանն) է եւ իր խորթ քոյրը՝ Վարդանոյշը։

• 1923-ի լուսանկար է։
• Մեծ մայրս 1923-էն 1924 Հալէպ ապրած է։
• Ցեղասպանութենէն ետք լուսանկարուած իր առաջին լուսանկարն է, որ ունինք։
• Նկարին մէջ խորթ քրոջ՝ Վարդանոյշին հետ է։ Քոյրերը տարագրութեան ճամփաներուն զիրար կորսնցուցած էին եւ բաժնուած իրարմէ, սակայն յետոյ վերագտած էին։
• Չենք գիտեր միւս երկու կիներուն անունները։

Վարդանոյշ Բարիկեանը ոտքի ձախէն երկրորդն է, իսկ քովը կեցած է (ձախէն երրորդը) քոյրը՝ Կատար Գաբրիէլեանն է (հետագային՝ Բարիկեան)։

1. Այս լուսանկարին մէջ մեծ մօրս եղբայրը՝ Բենիամին Գաբրիէնեանն է, 1921-ին լուսանկարուած։

• Ան ծնած էր Շեփիկ 1890-ի կողմերը։
• Օսմանեան կայսրութենէն մեկնած էր 1911-ին եւ ի վերջոյ հանգրուանած պալքանեան թերակղզիին վրայ։
• Ապրած է Տրստենիկ (նախկին Եուկոսլաւիա, այժմ՝ Սերպիա)

Ամուսնացած էր, մէկ որդի եւ մէկ դուստր ունէր։

2. Մեծ հայրս՝ Կարապետ Բարիկեանը եւ Շահէն հօրեղբայրը Ֆիլատելֆիոյ մէջ։

• Մեծ հայրս՝ Կարապետ Բարիկեանը, ծնած էր Շեփիկ 1888-ին։
• Մեծ մայրս՝ Կատար Բարիկեանը (ծնեալ Գաբրիէլեան) ծնած էր Շեփիկ 1894-ին կամ 1895-ին, թէեւ փաստաթուղթ մը կայ, որուն մէջ ծննդեան թուականը 1890-ն է։
• Մեծ հայրս եւ մեծ մայրս ամուսնացած են Շեփիկի մէջ 1910-ի դեկտեմբերին։
• Մեծ հայրս ԱՄՆ մեկնած է 1911-ին եւ հաստատուած Ֆիլատելֆիա։
• Մեծ մայրս, ինչպէս աւանդոյթը կը պահանջէր, Շեփիկի մէջ ապրած է իր կեսրոջ եւ կեսրարին հետ։
• Մեծ հօրս եղբայրը՝ Մարտիրոս Բարիկեանը, եւ հօրեղբօր տղան՝ Շահէն Բարիկեանը, իրմէ քիչ ետք Ֆիլատելֆիա եկած են։

Ահաւասիկ Ֆիլատելֆիոյ մէջ 1920-ականներու սկիզբները նկարուած լուսանկար մը։ Ձախէն աջ՝ Կարապետ Բարիկեան եւ Շահէն Բարիկեան։

Վարդանոյշը (Կատարին խորթ քոյրը), Կատար մեծ մայրիկը (ծնեալ Գաբրիէլեան) եւ Լուիզ Բարիկեանը։

• Մեծ մայրս Հալէպէն գացած է Թուլոն (հաւանաբար Պէյրութի ճամբով) եւ որոշ ատեն մը (1924-էն 1926-ի սկիզբը) Մարսիլիա մնացած է։
• Լուսանկարուած է մեծ հօրս հօրեղբօր աղջկան՝ Լուիզ Բարիկեանին հետ, որ Ֆրանսա կ՚ապրէր։

Ոտքի ձախէն աջ՝ Վարդանոյշ Գաբրիէլեան եւ Լուիզ Բարիկեան, իսկ անոնց մէջտեղը նստած է Կատար Բարիկեանը։

Կատար Գաբրիէլեանի Ֆրանսայի մէջ արձանագրութեան վկայագիր [Registre d'immatriculation], 5 սեպտեմբեր 1924 թուակիր։ Փաստաթուղթին մէջ նշուած են Կատարի հօր եւ մօր անունները՝ Մկրտիչ Գաբրիէլեան եւ Վարվառ Այրասեան։ Նշուած է նաեւ թէ Կատարը ամուսնացած էր Կարապետ Բարիկեանին հետ։

Այս լուսանկարը կը ներկայացնէ մեծ հայրս՝ Չառլզ Բարիկեանը, եւ Առաքել Մելքոնեանը՝ Ֆիլատելֆիոյ Օքսֆորտ փողոցի իր նպարավաճառատան մէջ։

• Լուսանկարը 1920-ի կէսերուն նկարուած է (մօտաւորապէս)։
• Մեծ հայրս եւ Առաքել Մելքոնեանը գործընկեր էին։
• 1830-ականներուն մեծ հայրս իր ընտանիքը պիտի տեղափոխէր Ֆիլատելֆիոյ մէկ այլ բաժինը եւ իր անձնական նպարավաճառատունը բանար։

Ձախին Առաքել Մելքոնեանն է, աջին՝ Չառլզ Բարիկեանը։

Շեփիկի միութեան համահիմնադիրները։

Լուսանկարին մէջ մեծ հայրս՝ Կարապետ Բարիկեանն է, եւ Շեփիկի միութեան միւս հիմնադիրները։

• Շեփիկի միութիւնը հիմնադրուած էր Ֆիլատելֆիոյ մէջ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն անմիջապէս առաջ, կը կարծենք։
• Համահիմնադիրները Առաքել Մելքոնեանը (ատենապետ), Կարապետ Բարիկեանը (գանձապահ) եւ Կարապետ Փողհարեանն (ատենադպիր) էին։ Այս տեղեկութեան աղբիւրը Սարգիս Բախտիկեանի խմբագրած «Ոսկեգետակ» տարեգիրքն է (Պէյրութ 1948)։
• Իր գործունէութեան սկզբնական շրջանին հայրենակցական այս միութիւնը Շեփիկի դպրոցին օժանդակած է։
• Պատերազմէն ետք Միութեան անունը պիտի փոխուէր «Շեփիկի վերաշինաց միութեան»։ Հաւանական է, որ անոր ջանքերը ուղղուած եղած են Ցեղասպանութենէն վերապրող շեփիկցիներ գտնելուն եւ անոնց օգտակար ըլլալուն. արձանագրութիւն չունինք ասոր մասին։
• 1920-ականներու երկրորդ կէսին Արաբկիրի վերաշինաց միութիւնը պիտի նախաձեռնէր Երեւանի «Նոր Արաբկիր» թաղամասի կառուցումին։ Միութիւնը $3 000 ԱՄՆ տոլար պիտի յատկացնէր Նոր Արաբկիրի Նոր Շեփիկ ենթաթաղամասին կառուցումին։ (Աղբիւր՝ Մ. Պետրոսեան, «Նոր Արաբկիր. պատմական եւ վիճակագրական տեսութիւն Երեւանի մօտ կառուցուող աւանի մասին նորագոյն տեղեկութիւններով պատկերազարդ եւ քարտիսաւոր», Գահիրէ, 1937։
• Անդամներու մեծամասնութեան մահէն շատ անց, երբ Միութեան գործունէութիւնն ալ շատոնց դադրած էր, մեծ հայրս Շեփիկի վերաշինաց միութեան սնտուկին մէջ մնացած գումարը պիտի նուիրաբերէր Արաբկիրի հայրենակցական միութեան՝ նպատակ ունենալով աջակցիլ Անդրանիկ Փոլատեանի «Պատմութիւն հայոց Արաբկիրի» հատորին հրատարակութեան (յիշատակուած է այս գիրքին ԺԴ մասին 3-րդ գլուխին մէջ)։

Ձախէն աջ՝ Կարապետ Յակոբ Փողահարեան (ԱՄՆ քաղաքացի դառնալով անունը պիտի փոխէր Չառլզ Յակոբեանի), Առաքել Մելքոնեան եւ Կարապետ Բարիկեան (ԱՄՆ քաղաքացի դառնալով անունը պիտի փոխէր Չառլզի)։

«Շեփիկի վերաշինաց միութեան» նամակի ծրարի նմոյշ, «Շեփիկի վերաշինաց միութիւն, Արաբկիր» վերտառութեամբ Միութեան պաշտօնական թուղթը, եւ Կարապետ Բարիկեանին պատկանած գրիչը։