Թուայնացուած բաց արխիւ - Եւրոպա

Այս բաժինին մէջ գլխաւորաբար կը ներկայացնենք աշխարհի տարածքով ընտանիքներու քով պահուող յիշողութեան նիւթեր եւ ընտանեկան մանրապատմութիւններ։

Մեր նպատակն է հանրութեան մատչելի դարձնել ընտանեկան յարկերու տակ պահուող զանազան ժառանգային գանձեր, ինչպէս հին լուսանկարներ, յուշ-իրեր (հագուստ, պղնձեղէն, ասեղնագործութիւն, եւայլն), նամակներ, վաւերաթուղթեր, որոնք հայ ընտանիքներու քով կը գտնուէին երբ անոնք կ՚ապրէին իրենց հայրենի քաղաքին կամ գիւղին մէջ՝ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին։ Սոյն գանձերուն առաջին տէրերը արդէն շատոնց գոյութիւն չունին, բայց եւ այնպէս այս շօշափելի ժառանգութիւնները առարկայական վկաներն են երբեմնի կեանքի մը։ Այս նիւթերուն կ՚ընկերանայ նաեւ զանոնք պահող ընտանիքին պատմութիւնը կարելի բոլոր մանրամասնութիւններով։

Մեր նպատակն է նաեւ այս բաժինով հաւաքել եւ ներկայացնել ընտանիքներու քով պահպանուած ոչ շօշափելի ժառանգութեան նիւթեր, որոնք նոյնպէս կ՚առնչուին Օսմանեան կայսրութեան մէջ տուեալ ընտանիքի նախնիներուն հայրենի քաղաքին կամ գիւղին մէջ ապրած առօրեայ կեանքին։ Այս նիւթերուն շարքին են օրինակ հին երգեր, օրօրներ, մանկական կամ պատանեկան խաղեր, պատմութիւններ, նախապաշարումներ, ասացուածքներ, ճաշատեսակներ, եւայլն։

Բացի ընտանեկան արխիւներէն, «Թուայնացուած բաց արխիւ»ին մէջ կը ներկայացնենք զանազան գրադարաններու կամ հաստատութիւններու մէջ պահուող լուսանկարային անհատական հաւաքածոներ, որոնք նոյնպէս ուղղակի կամ անուղղակի վկայութիւններ են Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու ապրած կեանքին։