Տէր Մկրտիչեան ընտանիքը 1942-ին Պուէնոս Այրէսի մէջ. Աղաւնի Թենկերեանը, Լեւոն Տէր Մկրտիչեանը, Լեւոնին մայրը Էլմաս Քիւրքճեանը եւ Աղաւնիին ու Լեւոնին զաւակները՝ Անահիտը, Խուանը եւ Մարիօն։

Տէր Մկրտիչեան հաւաքածոյ - Պեռլին

Սիլվինա Տէր Մկրտիչեան՝ Միլթոն (Մկրտիչ) Զառայի աջակցութեամբ

Այս յօդուածով կը ներկայացուին Պեռլինի Տէր Մկրտիչեան հաւաքածոյէն ընտրուած լուսանկարներ եւ առարկաներ։ Առաջինը լուսանկար մըն է, ուր պատկերուած են Աղաւնի Թենկերեանը, Լեւոն Տէր Մկրտիչեանը, վերջինիս մայրը՝ Էլմաս Քիւրքճեան/Տէր Մկրտիչեանը եւ Աղաւնիին ու Լեւոնին երեք զաւակները՝ Անահիտը, Խուանը եւ Մարիօն։ Լեւոնը եւ Աղաւնին իրարու Փարիզի մէջ հանդիպած էին եւ յետոյ հոն ալ ամուսնացած։ 1929-ի վերջերուն անոնք Փարիզէն մեկնած էին եւ մշտական բնակութիւն հաստատած Պուէնոս Այրէսի մէջ։

Աղաւնիին ընտանիքը Սվազ/Սեբաստիայէն էր։ Աղաւնիին հայրը՝ Մելքոնը, 1915-ի Ցեղասպանութեան զոհ գացած էր։ Մայրը՝ Թագուհի Ակոբեանը, իր չորս զաւակներուն հետ տեղահան եղած էր։ Այս խումբէն միայն Աղաւնին եւ իր Շնորհիկ քոյրը պիտի ողջ մնային դէպի մահ տեղահանութեան երթերէն ետք։

Տէր Մկրտիչեանները Մարաշի մէջ ընդարձակ վարելահողի եւ մեծ հանրախանութի տէր էին։ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք Լեւոնը կրցեր էր իր գլուխը պահել եւ ճամբորդել շնորհիւ իր առեւտրական եւ լեզուական հմտութիւններուն. ան եօթը լեզու գիտէր։ 1921-էն 1923 ան ապրած էր Պոլսոյ մէջ, սակայն 1923-ի Լոզանի դաշնագրի կնքումէն ետք անդրադարձած էր, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ ինքը ապագայ չունէր եւ անվերադարձ մեկնած էր Փարիզ։

Այս էջին մէջ ի ցոյց դրուած են Աղաւնիին եւ Լեւոնին ընտանիքները՝ երկու հատուածով։ Պէտք է նշել, որ անուններուն լատինատառ գրութիւնը փոխուած է՝ համաձայն սպաներէն տառադարձուած ձեւին։

Յատուկ շնորհակալութեան կ՚ուզեմ յայտնել հօպարներուս՝ Պուէնոս Այրէսի բնակիչ Մարիօ Տէր Մկրտիչեանին, որ ինծի յանձնեց ընտանեկան լուսանկարներով եւ փաստաթուղթերով լեցուն ճամպրուկը, եւ Շիքակօ ապրող Միլթոն (Մկրտիչ) Զառային, որուն անձամբ հանդիպելու բախտը չեմ ունեցած, հակառակ անոր որ 2011-էն ի վեր կապի մէջ ենք իրարու հետ։ Միլթոնը Թենկերեան ընտանիքին մասին բազմաթիւ պատմութիւններ պատմեց ինծի, որոնք հիմա ես ձեզի կը պատմեմ։

Թենկերեան ճիւղը (Սեբաստիա)


1.Վահան Մումճեանը եւ Սէրանոյշ (Սյրան) Թենկերեանը. Սեբաստիա/Սվազ, 1912։
2.Այս բացիկը Աղաւնի եւ Լեւոն Տէր Մկրտիչեաններուն ղրկուած է 1931-ին Շիքակոյէն։ «19 տարուան նկար է», Վահանին եւ Սէրանոյշին հարսանեկան լուսանկարը։

Թենկերեան քոյր-եղբայրները

1. Սամուէլ Թենկերեան։
2. Մելքոն Թենկերեան, զինք «քէփաճի» կը կանչէին։
3. Շամէլ Թենկերեան։

Թենկերեան ընտանիքին մասին մեզի յայտնի ամենէն վաղ տուեալները կը վերաբերին սեբաստաբնակ այս զոյգին՝ Յովսէփ Թենկեարեանին (1850-ի կողմերը ծնած) եւ կնոջը՝ Վարդանոյշին (աղջկութեան մականունը՝ անյայտ)։

Ամուսինները երեք զաւակ ունեցած էին.

  • Անդրանիկ որդին՝ Մելքոնը, ծնեալ Սվազ 1867-ին, կախաղան բարձրացուած Սվազի մէջ 1915-ին։
  • Կրտսեր որդին՝ Սամուէլը, ծնեալ 1885-ին Սվազ, եւ Ցեղասպանութենէն առաջ ԱՄՆ գաղթած, մահացած 1945-ին ԱՄՆ։
  • Աւագ դուստրը՝ Շամէլը, ծնեալ 1877-ին Սվազ։ Շամէլը պիտի յաջողէր փախիլ Սվազէն, վերապրիլ Ցեղասպանութենէն, եւ մի քանի տարի Պոլիս անցընելէ ետք պիտի երթար Ֆրանսա իր դստեր՝ Արուսեակին հետ։ Շամէլը պիտի մահանար 1940-ին Փարիզի մէջ։
  • Սէրան/Սէրանոյշ Թընկրեանը ծնած էր 1891-ին Սվազի մէջ։ Անոր հայրը Մելքոնին հօրեղբայրն էր։ Իրենց հօր մահէն ետք, Մելքոնը Սէրանը եւ անոր եղբայր Ժոզէֆը (Յովսէփին յիշատակին այդպէս անուանակոչուած) իր հոգատարութեան տակ առած էր իր ընտանիքին մէջ։ Ահա թէ ինչո՛ւ անոնք «հայրիկ» կ՚ըսէին Մելքոնին։

Մելքոն Թենկերեան

Մելքոնին «քեփաճի» կ՚ըսէին, որ հաւանաբար վերարկու կարող դերձակ կը նշանակէ։ «Թենկերեան»-ը կրնայ թրքերէն «թենճերէ» (կաթսայ կամ տապակ) բառէն ծագած ըլլալ։ Մելքոնը ամուսնացած էր Թագուհի Ակոբեանին հետ։ Ունէին չորս զաւակ. երեք դուստր՝ Աղաւնին (ծնեալ 1903), Շնորհիկը (ծնեալ 1905) եւ Օղատուրը (ծնեալ 1909), ինչպէս նաեւ որդի մը՝ Հայկազը (ծնեալ 1912)։ Մանչուկին անունը Հայկազ էր, բայց մարդ զինք Հայկազ չէր կոչեր։ Մայրը՝ Թագուհին «չէօրէկ» (քաղցր հաց) կը պատրաստէր, եւ Հայկազը խենթ կ՚ըլլար այս խմորեղէնին համար, անընդհատ կ՚ուզէր, բայց լեզուական արատին պատճառով «կիւրէ՛կ, կիւրէկ տո՛ւր» կ՚ըսէր, եւ բոլորը, ներառեալ Մելքոնը, զինքը Կիւրէկ կը կոչէին։

Մելքոնի եղբօրորդի Յովսէփին բանաւոր աւանդածէն մենք գիտենք, որ 1915-ին տարագրեալներու կարաւանները Սվազի վրայով հարաւ կը քշուէին։ Ամեն մարդ տեղեակ էր օսմանեան կառավարութեան հրապարակած ցուցումներէն. բայց դժուար էր հաւատալ, որ իրականութիւնը այդ էր։ Մելքոնը այդ տարուան մարտ ամսուն տեղւոյն ժանտարմներէն (ոստիկաններէն) մէկուն հետ բախում ունեցած էր. 1915-ին Սվազի իշխանութիւնները կախաղան հանած էին զինք։

Շնորհիկը կը յիշէ թէ յուլիսին օսմանցի պաշտօնաւորները եկեր էին իրենց տունը եւ յայտարարեր էին, թէ ընտանիքը պէտք էր պատրաստուէր տեղափոխութեան. յայտարարութեան յաջորդած լացուկոծին ու ողբին ի տես Թագուհին ամուր մնացած էր։ Եկած էր մեկնումի օրը, եւ մայրն ու զաւակները տունէն դուրս բերուած էին եւ տարագիրներու շարքերուն մէջ շպրտուած։ Թագուհին, Աղաւնին եւ Շնորհիկը մարդոց երկար շարքի մը մէջ իրարու հետ դրուած էին/իրարու կապուած դրուած էին։ Տեղահանութեան սկզբնական շրջանին իրենց պզտիկ քոյրիկը՝ Օղատուրը կորսուած էր ամբոխին մէջ. զինք այլեւս պիտի չտեսնէին երբեք։ Իրենց միակ եղբայրը՝ Կիւրէկը, անկէ քիչ ետք պիտի անհետանար, եւ Թագուհիին պիտի չձգէին շարքէն դուրս գալ եւ որդին փնտռել։

Շնորհիկը չի յիշեր որքան քալած էին, ուրկէ անցած էին եւ ուր հասած։ Կը յիշէ որ ճամբան երկար էր։ Կը քնանային հետերնին բերած իրենց հակերուն/խուրջիններուն վրայ։ Կը յիշէ որ շատ-շատ ծարաւ էր միշտ։ Որոշ ժամանակ յետոյ Թագուհին ձեռքէն նետած էր իր ունեցած-չունեցածը եւ գետին նստած։ Մայրը նստած էր քնանալու եւ յետոյ երբեք ոտքի չէր ելած,- կը պատմէր Աղաւնին։ Ոստիկան մը աղջնակներուն ըսած էր որ իրենք շարունակէին քալել, որ մաման քիչ ետք պիտի հասնէր իրենց… մաման չէր եկած, եւ որոշ ժամանակ անց քոյրիկները զիրար ալ կորսնցուցեր էին իրարանցումին մէջ։

Օրեր անց, երբ տարագրեալներուն դադարի պահ մը տրուած էր ագարակի մը տարածքին, այր մը եւ կին մը եկած էին եւ Շնորհիկը տարած քիչ մը հեռու գտնուող տուն մը։ Քիւրտ էին։ Երեք զաւակ ունէին։ Շնորհիկը չէր հասկնար անոնց խօսածը՝ քիւրտերէն կը խօսէին։ Ընտանիքը պիտի փորձէր դաւանափոխ ընել Շնորհիկը, Շնորհիկը երեսանց պիտի ընէր անոնց ուզածը, բայց ներքուստ երբեք պիտի չուրանար իր կրօնը։ Անոր իսլամութիւն ընդունելը «հաստատելու» համար դաջեր էին զինք։ Ամուր բռներ էին զինք, եւ մէկը դաջուածքներ ըրեր էր Շնորհիկին երեսին վրայ։ Գորգի կապոյտ ներկեր գործածեր էին, եւ գամերով ու ցուպերով գծեր էին անոր դէմքին վրայ։ Մօտաւորապէս 30 կէտ՝ դէմքին շուրջը եւ վերին շրթունքին վրայ։ Բերանի երկու կողմերը սլաքներ/նետեր գծեր էին, յետոյ ալ երկու այտերու վրայ լուսնի մահիկը պատկերած։ Յօնքերուն ծայրերուն ալ իսլամական նախշեր գծած էին։ Մէկ հատիկ կէտ ըրած էին քիթին կողքին, եւ աջ դաստակին կապոյտ մելանով գիրեր դաջեր էին։ Աղջնակը այդ պահին ուշագնաց եղեր էր, եւ անկէ ետք եղածը չէր յիշեր։

Որոշ ժամանակ անց (Շնորհիկը չի յիշեր՝ որքան ժամանակ անցած էր), երբ ինքը դաշտերուն մէջ կ'աշխատէր, մի քանի այրեր նկատած էին դէմքին դաջուածքները եւ մօտեցած իրեն. «հա՞յ ես»,- հարցուցած էին։ Շնորհիկը տարած էին որբանոց մը, ուր կային հայերէն խօսող պզտիկներ։

1. 17 տարեկան Շնորհիկ Թենկերեանը։
2.  Մարսիլիայէն Նիւ Եորք ճամբորդելու՝ Շնորհիկին «Fabre Line» շոգենաւի տոմսը։

Շնորհիկին քոյրը՝ Աղաւնին, կը պատմէր, թէ ինչպէս զինք տարած էին թուրք ընտանիքի մը քով սպասուհի աշխատելու։ Փորձած էին իսլամացնել զինք, եւ ինքը իր անունին ինչ ըլլայ մոռցած էր, բայց սովորութիւն ունէր իր անունը եւ այլ մանր-մունր բաներ հայերէնով թուղթի պզտիկ կտորներու վրայ գրելու, զանոնք ոլորելու եւ դաշտերը իրարմէ բաժնող պատին քարերուն միջեւ պահելու։ Յայտնի չէ թէ Աղաւնին յետոյ ինչպէս հասած է Հալէպ եւ անկէ ետք ալ Պէյրութի որբանոցներէն մէկուն մէջ հանգրուանած։ Որոշուած էր (գերդաստանին ողջ մնացած աւագներուն կողմէ), որ երկու քոյրերը ապաստան գտնէին ԱՄՆ եւ իրենց Սամուէլ հօրեղբօր հետ ապրէին։

Սամուէլ Թենկերեան

Պզտիկ հասակին Սամուէնը մեկնած էր Սվազէն՝ վիճելէ ետք իր հօր, հօրեղբօր եւ Մելքոն եղբօր հետ, որոնք կը պնդէին ու կը խնդրէին իրմէ, որ չլքէ հայրենի քաղաքը։ Չենք գիտեր Սամուէլը Սվազէն մեկնելով ո՛ւր ուղեւորուած էր. գիտենք սակայն, որ Առաջին համաշխարհային պատերազմի բռնկումէն ետք Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ապրող հայերու հաւաքական կոտորածներու լուրը առնելով ան գացած էր Եգիպտոս, զինուորագրուած էր Արեւելեան լէգէոնին (որ հետագային պիտի դառնար Հայկական լէգէոնը)։ Հայկական լէգէոնը ֆրանսական բանակին առընթեր զինուորական միաւորում մըն էր, եւ տեղաբաշխուած էր ընդդէմ օսմանեան բանակի սահմանագիծին եգիպտական ճակատին վրայ։ Սամուէլը կռուած էր Սուրիոյ մէջ, եւ ստացած էր խոհարարի պաշտօն։ Այդ օրերէն ան ընկերացած էր բազմաթիւ հայ բախտակիցներու հետ, ստեղծելով ընկերներու խումբ մը, որոնք պատերազմէն ետք գտած են զիրար եւ ցկեանս ընկերներ մնացած։

1. Սամուէլ Թենկերեանը Արեւելեան լէգէոնի զինուոր։
2. Արեւելեան լէգէոնի զինուորը։ Սամուէլ Թենկերեանը այս լուսանկարը յիշատակի համար պահած էր. հաւանաբար զինուորը իր ընկերն էր։

Զօրացրուելէ ետք առողջական խնդիրներու բերումով Սամուէլը որոշ ժամանակ ապրած էր Գահիրէի մէջ, ուր հանդիպած էր իր ապագայ տիկնոջը՝ Տիգրանուհիին (ծնեալ 1902)։ Սամուէլը եւ Տիգրանուհին ամուսնացած էին Ֆրանսայի մէջ, ապա հաստատուած ԱՄՆ Նիւ Եորք քաղաքը։

1921-ին կը ծնէր Սամուէլ կրտսերը, որուն խնամքով եւ դաստիարակութեամբ պիտի զբաղէին Տիգրանուհին եւ Շնորհիկը։ Ընտանիքը 1930-ականներուն կը տեղափոխուէր Ուոթըրթաուն, Մասաչուսեց։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին ընթացքին Սամուէլ կրտսերը զօդող աշխատած է «Liberty» շոգենաւերու արտադրութեան մէջ՝ տրուած ըլլալով որ իր զինուորական ծառայութիւնը յետաձգուած էր ընտանիքին դժուար ապրուստին պատճառով։ 1940-ականներուն էր որ ան պիտի զօրակոչուէր բանակ, եւ քիչ անց իր զօրամիաւորումը պիտի բռնէր Եւրոպայի ճամբան՝ մասնակցելու համար հոն ծաւալուող պատերազմական գործողութիւններուն։ Ան մարտական գործողութիւններու ընթացքին 1945-ին պիտի նահատակուէր Պելճիքայի մէջ։ Իր փոքր եղբայրը՝ Թոնին (Անդրանիկ) Մասաչուսեց կ՚ապրէր ընտանիքին հետ մինչեւ Տիգրանուհիին (1942-ին) եւ Սամուէլի (1945-ին) մահերը, որոնցմէ ետք Շնորհիկին ընտանիքին անդամը դարձած էր։ Շնորհիկը ամուսնացած էր Հայկ Զառային (Զառացեան) հետ. Հայկն ալ Ցեղասպանութենէն փրկուած վերապրող մըն էր։ Թոնին պիտի կազմէր իր ընտանիքը եւ իր երկու մանչերուն ու երկու աղջիկներուն հետ ապրէր Նիւ Ճըրզի, ԱՄՆ։ Կը մահանար 1990-ին։

Շամէլ Թենկերեան

Շամէլ Թունկրեան/Թենկերեանը ամուսնացած էր Սերոբ Գամպուրեանին հետ (սպաննուած Սվասի մէջ 1915-ին)։ Ունէին երեք դուստր։ 1912-ին անոնցմէ մէկը՝ Արուսեակը, 17 տարեկանին Սվասի մէջ ամուսնացած էր Գարեգին Անդրէասեանին հետ եւ այս ամուսնութեան շնորհիւ ան վերապրած էր Ցեղասպանութենէն։ Ընտանեկան այս դրուագին մասին տե՛ս մեր Թուայնացուած բաց արխիւի (ԹԲԱ) «Անդրէասեան հաւաքածոյ - Փարիզ, Ֆրանսա»-ն Յուշամատեանի Թուայնացուած բաց արխիւի Անդրէասեան հաւաքածոն։ 1915-ի տեղահանութիւններուն ատեն Շամէլին միւս երկու աղջիկները տարագրութեան ճամբուն քիւրտերու կողմէ առեւանգուած էին։ Անկէ ի վեր իրենցմէ ոչ մէկ տեղեկութիւն ունեցած ենք։

1. Անդրէասեան եղբայրները։
2. Շամէլ Թենկերեան-Գամպուրեանը, իր դուստրը՝ Արուսեակ Գամպուրեան-Անդրէասեան, իր որդիներուն՝ Ռոպերթը եւ Աւետիսը։ Ափոլոն լուսնկարչական սդիւտիո, Փերա փողոց, Իսթանպուլ, 1923։

Երկու քոյր ճանապարհներու խաչմերուկներուն

Ինչպէս արդէն նշեցինք, Շնորհիկը եւ Աղաւնին իրենց ընտանիքէն միակ վերապրողներն էին եւ ստիպուած եղած էին ԱՄՆ երթալու իրենց հօրեղբայր Սամուէլին քով։ ԱՄՆ ճանապարհին Աղաւնին կանգ առած էր Փարիզ իր հօրաքոյր Շամէլին եւ անոր դստեր՝ Արուսեակին տունը։

Հոն ան հանդիպած էր Լեւոն Տէր Մկրտիչեանին եւ ամուսնացած անոր հետ։ Զոյգը Արժանթին մեկնած էր 1929-ի վերջերուն։

Իսկ Շնորհիկը Մարսիլիոյ ճամբով ԱՄՆ գացած էր։

Շնորհիկ

Սամուէլը պիտի օգնէր Շնորհիկին ԱՄՆ գալու։ Ան Շնորհիկին նաւով ճամբորդութեան ճանապարհածախսը պիտի ղրկէր, օգնէր որ 1920-ին Էլիս Այլընտ հասնելով անցնէր մաքսատունէն եւ զինքը իր տունը տանէր, ուր Շնորհիկը պիտի դառնար իր խնամառուն։

Շնորհիկը Սամուէլին եւ անոր կնոջ հետ մնացած է մինչեւ Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած ուրիշ հայու մը՝ Հայկ Զառացեանին (ծնեալ Սեբաստիա/Սվազ 1899-ին, մահացած Մայամի, Ֆլորիտա 1987-ին) հետ իր ամուսնութիւնը1925-ին։ Շնորհիկը եւ ամուսինը պիտի հաստատուէին Նիւ Ճերզի ու ընտանեօք հոն ապրէին։


1. Հայկ Զառան արաբական հագուստներով, որոնք գործածած էր իր փախուստին ատեն։
2. Հայկ Զառան ընկերներու հետ
3. Հայկ Զառա
4. Հայկ Զառա

Զառա ընտանիքին հիւրատան (Սարաթոկա Սփրինկզ, Նիւ Եորք) այցեքարտը։


1. Շնորհիկը իր զարմիկներուն՝ Սամուէլ կրտսերի եւ Թոնիի (Անդրանիկ) հետ
2. Մանուկ Մկրտիչը, Շնորհիկի որդին
3. Շնորհիկը տօնակատարութեան մը ատեն
4. Շնորհիկը իր զարմիկներուն՝ Սամուէլ կրտսերի եւ Թոնիի (Անդրանիկ) հետ

Շնորհիկ եւ Մկրտիչը իրենց պարտէզին մէջ՝ մայր ու որդի (1940)։

Աղաւնի Թենկերեան

Աղաւնին Պէյրութի որբանոցներէն մէկուն սանը ըլլալէ ետք Փարիզ մեկնած էր։ Կը մնար իր հօրաքրոջ աղջկան՝ Արուսեակին տունը։ Արուսեակին որդին՝ Ժագը, կը յիշէ, թէ որքան գեղեցիկ օրիորդ մըն էր ան, որ բազմաթիւ հայրենակիցներու հետաքրքրութիւնը շարժած էր եւ բազմաթիւ թեկնածուներ ունէր, բայց որ չէր փափաքեր շուտ ամուսնանալ։

1927. Ամանորի առիթով բարեմաղթութիւններու բացիկ մը օրիորդ Աղաւնիին ոմն Անտոնեանէ։ Հասցէն՝ Rue Blanqui, Kremlin-Bicêtre (Ֆրանսա)։


1. Օրիորդ Աղաւնի Թենկերեանին Նուրիցա Աբեարեանին կողմէ ղրկուած Նոր տարուան բարեմաղթութիւններու բացիկ։ Ղրկուած է Աղաւնիին հօրաքրոջ՝ Շամէլին հասցէին Kremlin-Bicêtre (Ֆրանսա). 1927։
2. Վարդանոյշ Շահինեանին կողմէ Ամանորեայ բացիկ ղրկուած՝ օրիորդ Աղաւնի Թենկերեանին. Հալէպ, 1924։

Ի վերջոյ Աղաւնին կը հանդիպէր Լեւոն Տէր Մկրտիչեանին եւ կ՚ընդունէր ամուսնութեան անոր առաջարկը։ Լեւոնը 1923-ին Պոլսէն Փարիզ գացած էր եւ Փարիզի Շերշ փողոցի 48 հասցէին գուլպայեղէնի խանութ բացած էր։

Տէր Մկրտիչեան ճիւղը (Մարաշ)

Մկրտիչ Տէր Մկրտիչեանը ամուսնացած էր Էլմաս Քիւրքճեանին հետ, որ Թորոս Քիւրքճեանին եւ Խաթուն Օսարճեանին (ծնեալ օգոստոս 1881) դուստրն էր։ Էլմասը եւ Մկրտիչը երկու զաւակ ունէին՝ Լեւոնը (ծնեալ 1894) եւ Գոհարիկը (ծնեալ 1901)։ Երբ Լեւոնը վեց տարեկան էր, իրենց տան վրայ եղած յարձակումի մը ընթացքին կորսնցուցած էր հայրը։ Մայրը Լեւոնը պահած էր պահարանի մը մէջ, եւ հայրը՝ Մկրտիչը, սպաննուած էր երբ Լեւոնը թաքստոցին մէջն էր։ Լեւոնը եւ Գոհարիկը բարեկեցիկ մանկութիւն ունեցած էին եւ լաւ դպրոցներ յաճախած։ Լեւոնը դաշտերը երթալու եւ աշխատանքին հսկելու համար ճերմակ ձի մը կը հեծնէր։Ընտանիքը առատաձեռն էր եւ բերքին մէկ մասը աշխատողներուն կը բաժնէր։ Մարդիկ կը սիրէին Լեւոնը եւ զինքը «սպիտակաձի տանուտէրը» կոչած էին։ Լեւոնին սպիտակ ձիով պտոյտները ամենօրեայ էին։

Լեւոն Տէր Մկրտիչեանին պատկանող անձը հաստատող փաստաթուղթ օսմաներէն արձանագրութիւններով։

Լեւոնին քոյրը՝ Գոհարիկը, յաճախած էր Մարաշի Ամերիկեան կեդրոնական աղջկանց վարժարանը։

Չենք գիտեր Լեւոնը ո՛ր դպրոցը յաճախած էր. վստահաբար սակայն թրքական եւ/կամ հայկական վարժարան մը չէր։ Լեւոնը օտար լեզուներ գիտէր՝ ֆրանսերէն, անգլերէն, գերմաներէն եւ արաբերէն։

Առաջին համաշխարհային պատերազմին ընթացքին Լեւոնը ձերբակալուած էր։ Անգամ մը բանտին մէջ դիպուածը այնպէս բերած էր, որ Լեւոնը լսած էր, որ բանտապահը արաբական անուն մը գոռացած էր եւ յայտարարած, որ այդ անձը ազատ արձակուած էր եւ կրնար դուրս ելլել բանտէն։ Բայց պատասխանող չէր եղած։ Լեւոնը առիթը չէր փախցուցած եւ, ձեւացնելով որ այդ արաբական անուն ունեցող ինքն էր, փախած էր բանտէն։ Ապաստան գտած էր նռնենիի մը վրայ եւ երկու օր անցուցած էր հոն՝ պահուըտած ծառին խիտ սաղարթին մէջ, մինչեւ որ համոզուեր էր, որ զինք հետապնդող ա՛լ չկար։ Բազմաթիւ լեզուներ, մանաւանդ ֆրանսերէն, գիտնալուն շնորհիւ մահէն ազատելու միակ (եւ վերջին) դէպքը չէր աս Լեւոնին կեանքին մէջ։

Լեւոնին ձգած անձնական փաստաթուղթերէն կ՚իմանանք, որ պատերազմի աւարտին ան ճամբորդած է Կիլիկիա եւ արաբախօս այլեւայլ շրջաններ՝ որպէս ճամփորդական փաստաթուղթ ունենալով անձը հաստատող վաւերաթուղթ, որուն վրայ արձանագրուած էր «Ֆրանսայի պաշտպանեալ» (protégé français)։

Հաստատուելու եւ տուն-տեղ ըլլալու փափաքը Լեւոնը 1921-ին Պոլիս տարած էր։ Հոն գործ բացած էր եւ արձանագրուած Չահճի խանին մէջ։ Բայց 1923-ի քեմալական կարգերու հաստատումին նախօրեակին Լեւոնը կ՚որոշէր մեկնիլ Թուրքիայէն եւ կը բարձրանար Մարսիլիա մեկնող նաւ մը։

Պոլսոյ ֆրանսական գերագոյն յանձնակատարին կողմէ Լեւոն Տէր Մկրտիչեանին տրուած անցաթուղթ։ Ըստ այս փաստաթուղթին Լեւոնը յատուկ պաշտպանութիւն վայելող հայ առեւտրական է։

1. Պոլսոյ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան կողմէ տրուած Լեւոն Տէր Մկրտիչեանի մկրտութեան վկայական, 1922։
2. Բարի վարուց վկայական՝ տրուած Փարիզի հայոց եկեղեցիին կողմէ, ստորագրուած առաջնորդ սրբազան Վռամշապուհ արք. Քիպարեանին կողմէ. Փարիզ, 1927

Ֆրանսայի Արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ Էլմաս, Լեւոն, Գոհարիկ եւ Աղաւնի Տէր Մկրտիչեաններուն 1928-ին տրուած բարի վարուց վկայականներ։

Ֆրանսայի արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ Միհրան Սարաֆեանին տրուած բարի վարուց վկայական, Փարիզ։

Մարսիլիոյ մէջ Լեւոնը մաքսատան մէջ աշխատած էր եւ միաժամանակ ֆրանսական «Ռընօ» ընկերութեան մէջ։ Մէկ ու կէս տարի անց խնայողութիւնները բաւարար եղած էին, որ երթար Փարիզ եւ գուլպայեղէնի խանութ մը բանար 48 Շերշ միտի փողոց հասցէին։ Լեւոնը կը զգար, որ արդէն պատրաստ էր ընտանիք կազմելու։

Լեւոնը Փարիզի մէջ կ՚ամուսնանար Աղաւնի Թենկերեանին հետ։

Լեւոն Տէր Մկրտիչեանի առողջական վիճակը հաստատող փաստաթուղթը, երբ Պիրեասի նաւահանգիստէն Մարսիլիա կը ժամանէր 1923-ին։

Լեւոն Տէր Մկրտիչեանի 3 մայիս 1924-էն 30 նոյեմբեր 1925 Ռընօ գործարան աշխատած ըլլալը հաստատող տեղեկանք

Այս նամակով թուլուզաբնակ Սարգիս Հաւասեանը Էլմաս Քիւրքճեանին (Լեւոնին մօրը) լուրեր կու տայ անոր Հալէպ եւ Ֆրանսա ապրող (Արշակ) եղբայրներուն մասին (1930)։

Լեւոն Տէր Մկրտիչեանին պատկանած հայերէն այլազան գործնական նամակներ։

1928-ին, վեց տարի Փարիզ ապրելէ ետք, նախազգացում մը ունենալով, թէ համաշխարհային նոր տագնապ մը բռնկելու վրայ էր, Տէր Մկրտիչեանները ընդմիշտ կը մեկնէին Ֆրանսայէն իրենց առաջնեկին՝ նորածին Անահիտին հետ, եւ կը հաստատուէին Պուէնոս Այրէսի Լա Պոքա թաղամասին մէջ. Լա Պոքան Պուէնոս Այրէսի նաւահանգիստին մօտ գտնուող «ֆաւելա» (ետնախորշ) մըն էր իրականութեան մէջ, որուն բնակիչներուն մեծամասնութիւնը Եւրոպայէն ներգաղթեալներ էին։ 1930-ականներուն Արժանթինը հարուստ եւ արագ զարգացող երկիր մըն էր, եւ գաղթականներուն համար շատ ցանկալի հանգրուան։

Այդ օրերուն քիչերը հոգեբանօրէն պատրաստ էին Լա Պոքային պէս «ֆաւելաներու» մէջ ապրելու, բայց Տէր Մկրտիչեանները այլընտրանք չունէին։ Կեանքի պայմանները դժուար էին. ստիպուած էին «քոնուէնթիլոյի» մը մէջ ապրելու, որ նոր ներգաղթեալներուն համար պատրաստուած փոթեալ երկաթէ խղճուկ կացարան մըն էր։ Լեւոնը թաքսի կը քշէր եւ այդպէս կ՚ապահովէր ընտանիքին ապրուստը։ 1832-ին իրենց աւագ որդին՝ Յովհաննէսը կը ծնէր, իսկ կրտսեր որդին՝ Մկրտիչը, եօթը տարի ետք։ Իրենց աշխատասիրութեան եւ նուիրումին շնորհիւ ընտանիքը ի վերջոյ պիտի կարենար փոխադրուիլ Պուէնոս Այրէսի Քլայփոլ արուարձանին մէջ գտնուող մեծ պարտէզով տուն մը եւ խանութ մը բանալ։

1. Խուան (Յովհաննէս) Տէր Մկրտիչեանին պատկանող «Լա Պոքա»յի Հայկական դպրոցի վկայականը
2. Խուան եւ Անահիտ իրենց դպրոցական տարազներով։


1. Խուան Տէր Մկրտիչեանը. 1950-ականներ։
2. Թորոս Քիւրքճանը՝ Խուանին կնքահայրը, լուսանկարուած հաւանաբար Մարաշի մէջ ապրած օրերուն։
3. Թորոս Քիւրքճեանը Աննային եւ Խուանին հետ, Պուէնոս Այրէս, 1934։

Գալով Լեւոնի մօր՝ Էլմաս Քիւրքճեանի ընտանեկան պարագաներուն, գիտենք որ ան քոյր մը ունէր (անունը չենք գիտեր), որ նոյնպէս Քորտոպա գաղթած էր, հաւանաբար Սարաֆեան մականունով մէկու մը հետ (անունը չենք գիտեր) ամուսնացած էր եւ մայրն էր Լութֆիային, Ազնիւին ու Միհրանին։

Գիտենք նաեւ որ Արմենուհի Քիւրքճեանը (որ ամուսնացած էր Յովսէփ Փայասլեանին հետ) եւ Թորոս Քիւրքճեանը Էլմասին եղբօր զաւակներն էին, չենք գիտեր ո՛ր եղբօր՝ Արշակ Քիւրքճեանին թէ՞ մեծ եղբօր (անունը չենք գիտեր) որոնք այդ ժամանակ տակաւին կ՚ապրէին Ֆրանսա եւ Սուրիա (Հալէպ) համապատասախանաբար։

1. Անահիտ Տէր Մկրտիչեան, հետագային՝ Պալիոզեան, Պուէնոս Այրէս, 1947-ի շուրջ։ Լուսանկարին ձախ կողմը կը տեսնենք հօրը՝ Լեւոնին պատկանած «նարկիլէն» (կլկլակը), որ Լեւոնը Թուրքիայէն բերած էր։
2. Անահիտ Տէր Մկրտիչեան, հետագային Պալիոզեան, Պուէնոս Այրէս, 1947-ի շուրջ։

Անահիտ Տէր-Մկրտիչը կ՚ամուսնանայ հայրենակից Վիքթոր Պալիոզեանին հետ, որ էսքիշէհիրցի ընտանիքի մը զաւակն էր։ Բնակութիւն կը հաստատեն Քորտոպա նահանգին մէջ։

Յովհաննէսը եկեղեցիին դպրաց դասին յարգուած մէկ անդամն էր։ Հոն էր որ 32 տարեկանին հանդիպած էր իր ապագայ կնոջը՝ Էլենային։ Էլենա Թոփճեանը ուսուցչուհի էր, այնթապցի հայ արուեստագէտներու ընտանիքի զաւակ (Թոփճեան ընտանիքին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար տե՛ս ԹԲԱ-ի յօդուածը Թոփճեան հաւաքածոյին մասին)։ Խուանի (Յովհաննէսի) եւ Էլենայի պսակէն երեք ամիս առաջ Լեւոն Տէր Մկրտիչեանը սրտի տագնապ կ՚անցընէր, եւ Խուանը (Յովհաննէսը) կը ստանձնէր հօր գործին տնօրինումը։

Ելենա եւ Խուան Տէր Մկրտիչեաններու հարսանեկան նկարները սուրբ Գրիգոր լուսաւորիչ տաճարին մէջ, 1963։

Խուանի եւ Ելենայի քաղաքացիական ամուսնութիւնը, Պուէնոս Այրէս, 1963։ Ձախէն աջ՝ Մարիօ Տէր Մկրտիչեան, Ելենա Թոփճեան, Խուան Տէր Մկրտիչեան, Աիտա Թոփճեան, Արաքսի Թոփճեան, Քառլոս Պալիոզեան։ Ետեւի շարքին՝ Աւետիս Թոփճեան, Վիքթոր Պալիոզեան։

«Անգլիա, Թուրքիա եւ Մոսուլ» Լեւոն Տէր Մկրտիչեան

Սոյն յօդուածը գրուած է Լեւոնի կողմէ շատ հաւանաբար 1920-ական թուականներուն, երբ Մոսուլի քարիւղին պատճառով Թուրքիա սկսած էր ախորժակներ ցոյց տալ սահմանակից այս տարածքին նկատմամբ։ Յօդուածը կ՚աւարտի «շարունակելի» նշումով մը, բայց անոր շարունակութիւնը չունինք։ Յայտնի է որ Լեւոն զայն յղած է հայկական թերթի մը, բայց խմբագրութիւնը վերադարձուցած է բնագիրը նշելով որ տեղի չգոյութեան պատճառով պիտի չկրնան յօդուածը տպել։ Սոյն գրութեան մէջ Լեւոն կը կեդրոնանայ Միջագետքի շրջանի ազգաբնակութեան եւ այնտեղ ապրող ցեղախումբերուն վրայ։ Այն համոզումը ունինք որ Լեւոն անձամբ գտնուած է այս տարածքին մէջ, քանի որ յօդուածին մէջ տեղ մը կ՚անդրադառնայ Շամմար ցեղախումբին ղեկավարին հետ իր հանդիպումին։

Գոհարիկ Տէր Մկրտիչեան

Գոհարիկ Տէր Մկրտիչեանի լուսանկարները, 1920/1923 թուականներ։

Գոհարիկ Տէր Մկրտիչեան ծնած էր 1901-ին։ Յաճախած էր Մարաշի Կեդրոնական Թուրքիոյ աղջկանց (ամերիկեան) վարժարանը։ Շատ անկախ երիտասարդուհի մըն էր. մօրը հետ մնալու կամ Պոլիս եղբօրը քով երթալու փոխարէն Առաջին համաշխարհային փոթորկայոյզ օրերուն ան գացած էր Քորֆու եւ որոշ ատեն մը աշխատած Մերձաւոր արեւելքի ԱՄՆ նպաստամատոյց կազմակերպութեան մէջ։ Նաեւ Աղեքսանդրիոյ մէջ (Եգիպտոս) աշխատած էր բրիտանական Պրատֆորտ տայըրզ կազմակերպութեան մէջ իբրեւ մեքենագրուհի եւ գրասենեկավարուհի։ Յետագային, երբ Փարիզ եկած էր, Քրապթրի եւ որդիներ ՍՊԸ-ին մէջ քարտուղար եղած էր։

Գոհարիկը Կիզէի մէջ, 1921։

Գոհարիկ Տէր Մկրտիչեանի անցագիրը, Եգիպտոս, 1925։

Գոհարիկը Քորֆուի մէջ։

Գոհարիկը Պուէնոս Այրէս մեկնած էր Լեւոնին ընտանիքին հետ։ Պուէնոսի Այրէսի մէջ հայերէնի ուսուցչուհի եղած էր եւ հարուստ ընտանիքներու զաւակներուն համար անգլերէնի անձնական ուսուցչուհի։ Ան նաեւ Լա Պոքայի մեթոտական եկեղեցիին (ուէլսէյական եկեղեցիին պատկանող) մէջ աշխատած էր։ Գոհարիկը Հայ կարմիր խաչին յայտնի անդամներէն մէկն էր։

Աշակերտները կը պաշտէին զինք։
Դժբախտաբար քաղցկեղը պիտի խլէր Գոհարիկին կեանքը 52 տարեկան հասակին։

Գոհարիկ Տէր Մկրտիչեանի «Հոգեկան յոյզեր» գրքոյկին յառաջաբանը։ Հեղինակը այս գիրքին մէջ մէկտեղած է իր գրութիւնները - մեծ մասամբ բանաստեղծութիւններ - գրուած Մարաշի իր տարիներէն մինչեւ Գօրֆու (Յունաստան) եւ Պուէնոս Այրէս, 1910-ական թուականներէն մինչեւ 1950։ Գրութիւնները մեծամասնութեամբ հայերէն են, իսկ վերջին էջերուն մէջ լոյս տեսած է նաեւ հայատառ թրքերէնով մէկ բանաստեղծութիւնը։Կ՚ենթադրենք որ Գոհարիկ ստիպուած զգացած է էջ 48-ի վրայ «արդարացում» մը գրել թրքերէն հրատարակութիւնը բացատրելու համար եւ այսպիսով առաջքը առնելու հաւանական քննադատութիւնները։ Այսպէս, ան կը գրէ որ թրքերէնին ներկայութեան պատճառը իր թրքախօս հայրենակիցներուն աւելի հաղորդական ըլլալն է։

Այլ լուսանկարներ հաւաքածոյէն

Այս բաժինին մէջ կը ներկայացնենք այն լուսանկարները որ ուղղակի կապ չունին ընտանիքին հետ բայց եւ այնպէս կը ներկայացնեն ընտանիքի ծանօթներ եւ ընկերներ։

«Aquitania»-ն բրիտանական փոստատար անդրովկիանոսեան շոգենաւ մըն էր, որ կը պատկանէր 1914-էն 1950 գործած «Cunard Line» ընկերութեան։ Շոգենաւը գործարկուած էր 21 ապրիլ 1913-ին եւ առաջին անգամ Նիւ Եորք ուղեւորուած 30 մայիս 1914-ին (աղբիւր՝ wikipedia)։

Ինքնութիւնը անյայտ անձեր։

Ատրինէ Հազարապետեանի ստորագրութեամբ 1926 թուակիր բացիկ մը։

Քոյր եւ եղբայր Արաքսի եւ Եղիա Գազանճեան։ Ծնած են Ուրֆա, յայտնի է որ Լեւոն Տէր Մկրտչեանի ծանօթներ եղած են։ 12 Օգոստոս 1922-ին Պոլիս լուսանկարուած այս պատկերը անոնք իբրեւ յիշատակ կը ղրկեն Լեւոնին։

Ինքնութիւնը անյայտ անձեր։

Ինքնութիւնը անյայտ անձեր։