Նեվշեհիր, դաշտագնացութիւն։ Այլոց կողքին, կ՚երեւին Ադամեան եւ էրքելէթեան ընտանիքներու անդամներ (ընդհանուր պատկերէն հատուած մը)։

Շիւքիւրեան/Էրքել հաւածոյ - Փարիզ, Ֆրանսա

Շիւքիւրեան/Էրքել հաւածոյին նիւթերը մեզի տրամադրեց Սիլվի Էրքել (ծնեալ Շիւքիւրեան), որ կ՚ապրի Փարիզ։

Այստեղ կան նիւթեր Նեվշեհիրէն եւ Պուրսայէն։

Սիլվի ամուսնացած է Նազարէթ Էրքելէթեանի հետ, որ ծնած է 1926-ին։ Նազարէթի ծնողներն են Միհրան Էրքելէթեան եւ Մարիամ Էրքելէթեան (ծնեալ Ադամեան)։ Նազարէթ վաճառական էր, որ ապրած է Պոլիս։ Միհրան եւ Մարիամ ունէին նաեւ երկրորդ որդի մը՝ Ադամիկ, ծնած 1912-ին, Նեվշեհիր։ Ան բժիշկ էր, ուսումը ստացած էր Պելճիքա, իսկ Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմէն ետք կը հաստատուի Փարիզ, ուր կ՚ապրի մինչեւ մահը։

Սիլվիի ծնողները Պուրսայէն են։ Մօր անունն է Էլիզա Շուքիւրեան (ծնեալ Մուրատեան), հօր անունը՝ Գրիգոր Շիւքիւրեան։

Նեվշեհիր, 1914-ի շուրջ։

Նստած, ձախէն աջ՝ Մարիամ Էրքելէթեան (ծնեալ Ադամեան), գետինը նստած տղան՝ Ադամիկ Էրքելէթեան (Մարիամին որդին), Հայր Յովհաննէս վրդ. Ադամեան (Մարիամին հօրեղբայրը)։ Ոտքի, երկու աղջիկները՝ Մարիամին հօրեղբօր՝ Սենեքերիմին դուստրերը (անունները անյայտ)։

1) Էլիզա Շիւքիւրեանի (ծնեալ Մուրատեան, Սիլվիին մայրը) քեռիին զաւակները եւ կինը։ Ձախէն աջ՝ Արփինէ (նստած), օղակ մը բռնած աղջնակին անունը անյայտ, ետեւի տղան՝ Սարգիս, նստած կինը երեխաներուն մայրն է (անունը անյայտ)։

2) Պոլիս, 1940-ականներու սկիզբը։ Շիւքիւրեան ընտանիքը։ Էլիզա Շիւքիւրեան (ծնեալ Մուրատեան, 1904-1987) եւ ամուսինը՝ Գրիգոր Շիւքիւրեան (1884-1975)։ Առջեւի շարք, անոնց զաւակները՝ Պերճ (ձախին) եւ Սիլվի (աջին)։

Նեվշեհիր, Ադամեան ընտանիքի անդամներ։ Աջէն ձախ՝ Օհաննէս Վարդապետ Ադամեան, Մարիամ Ադամեան (Յովհաննէս Վարդապետի եղբօր դուստրը), հաւանաբար Մարիամին հայրը (անունը անյայտ)։ Լուսանկարիչ՝ Ստեփանեան եղբայրք, Կեսարիա։

Ադամեան եւ Էրքելէթեան ընտանիքներ, Նեվշեհիր։

Նստած, ձախէն աջ՝ Միհրան Էրքելէթեան, Օհաննէս վրդ. Ադամեան։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Մկրտիչ Էրքելէթեան (Միհրանի փոքր եղբայրը), Մարիամ Էրքելէթեան (ծնեալ Ադամեան)՝ Միհրանի կինը, ոտքի երրորդ անձը Մարիամին Միացեալ Նահանգներ գաղթած հօրեղբօր՝ Սենեքերիմին կինն է (անունը անյայտ), վերջին անձը՝ Ադամիկ Էրքելէթեան (Միհրանին եւ Մարիամին որդին, ծնած 1912-ին)։

1) Ադամեան ընտանիքի անդամներ, լուսանկարուած 1920-ականներուն, հաւանաբար Պոլիս։ Նստած ձախէն աջ՝ Սենեքերիմ Ադամեան եւ Եղբայրը՝ Յովհաննէս վրդ. Ադամեան։ Ոտքի, ձախէն աջ, Սենեքերիմին դուստրը, կինը, դուստրը (անունները անյայտ)։

2) Յովհաննէս Վարդապետ Ադամեան։

Նեվշեհիր, դաշտագնացութիւն, հաւանաբար Առաջին Համաշխարհային պատերազմէն անմիջապէս ետք։ Պատկերին մէջ կ՚երեւին Ադամեան եւ էրքելէթեան ընտանիքներու անդամներ։ Ծանօթ չէ մեզի թէ Ցեղասպանութեան տարիներուն այս ընտանիքը ինչ պայմաններու մէջ վերապրեցաւ։

Առաջին շարք, ձախին, խաղողով լեցուն պնակին ճիշդ առջեւ նստած պատանին՝ Ադամիկ Էրքելէթեան (Միհրանին եւ Մարիամին որդին), քիչ մը աւելի աջ, ոտքերը ջուրին մէջ եւ ձեռքին խաղողի ողկոյզ մը՝ Մկրտիչ Էրքելէթեան (Միհրանի փոքր եղբայրը)։

Երկրորդ շարք, պատկերին ձախ կողմը, խմիչքի շիշին ճիշդ ետեւը՝ Միհրան Էրքելէթեան։ Աւելի աջ, սեւ հագուած եւ սեւ մօրուքով անձը՝ Յովհաննէս վրդ. Ադամեան։

Ամէնէն վերը, կիներու շարքը, ձախէն առաջինը՝ Մարիամին հօրեղբօր՝ Սենեքերիմի կինը (անունը անյայտ)։ Նոյն շարքին նախավերջին կինը, սեւ հագուած եւ թեթեւ ժպիտով մը՝ Մարիամ Ադամեան (Միհրանին կինը)։

Անզուգական պատկեր մըն է։ Հաւանաբար լուսանկարիչին պատուէրով այստեղ կայ նաեւ որոշ բեմականացում մը։ Նախ կը տեսնենք որ երեխաները հանած են իրենց գլխարկները եւ ձեռքով բռնած են զանոնք։ Տղամարդոց մեծամասնութեան ձեռքը ծխախոտ կայ, հաւանաբար տակաւին չվառած եւ միայն լուսանկարուելու համար բռնուած։ Յովհաննէս վրդ. Ադամեան ինքն ալ մէկ ձեռքին ծխախոտ ունի, բայց միւս ձեռքին կայ այլ բան մը, զոր կը փոխանցէ կողքի մարդուն։ Ծխախոտի տո՞ւփ է այն թէ ոչ Սուրբ Գիրք մը, յայտնի չէ։ Պատկերին աջին նստած մարդոցմէ մէկուն գիրկը կայ երեխայ մը, որ մէջքէն վար մերկ է եւ կ՚ենթադրուի որ որոշակիօրէն ցոյց կը տրուի անոր արու ըլլալը, բան մը որ սովորական էր այդ ժամանակաշրջանի լուսանկարներուն մէջ։

Առջեւի շարքին նստողներէն ոմանց ոտքերը առուակին կամ գետակին ջուրին մէջ են, ինչ որ յաւելեալ փայլք մը կու տայ այս գեղեցիկ համայնապատկերին։ Ձմերուկներէն մէկը կտրուած է, այլ պտուղներու եւ խմիչքի շիշին (օղի կամ գինի՞) կողքին, անոնք տեղադրուած են պատկերին առաջին շարքին, իբրեւ զարդարանք։

Կիները բոլորն ալ ետեւի շարքին նստած են, ինչ որ հաւանաբար նոյնպէս մաս կը կազմէ բեմականացումին եւ անիկա ընկերային մտայնութիւն մը կը մատնէ։

Պատկերին ամէնէն ետին կը տեսնենք երեք ձիեր (կամ ջորինե՞ր), անոնց դունչերուն կապուած են հաւանաբար յարդով լեցուն պարկեր։ Անասուններուն կը հսկէ պատանի մը, որուն տարազը գիւղական է եւ կը տարբերի միւսներուն հագուածքէն։ Կ՚ենթադրուի որ ան այս խումբին ծառայող մըն է։

Վերի ընդհանուր պատկերէն հատուած մը։

Առաջին շարք, ձախին, խաղողով պնակին ճիշդ առջեւ նստած պատանին՝ Ադամիկ Էրքելէթեան (Միհրանին եւ Մարիամին որդին)։ Դարձեալ առաջին շարք, աջին, ոտքերը ջուրին մէջ եւ ձեռքին խաղողի ողկոյզ մը՝ Մկրտիչ Էրքելէթեան (Միհրանի փոքր եղբայրը)։ Միհրան Էրքելէթեան նստած է խմիչքի շիշին ճիշդ ետեւը, ձեռքին ծխախոտ մը։ Աւելի աջ, սեւ հագուած եւ սեւ մօրուքով անձը՝ Յովհաննէս վրդ. Ադամեան։

Վերի ընդհանուր պատկերէն երեք այլ հատուածներ։

1) Յով­հան­նէս ­Հինդ­լեան (1866-1950)։ Հիմնադիրներէն է Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (ՀՄԸՄ), Պոլիս, 1918։ Քեմալական տարիներուն կը շարունակէ ապրիլ Պոլիս մինչեւ մահը։ Պոլսոյ մէջ հիմնադիրներէն է նաեւ «Նոր Դպրոց» վարժարանին (1909-ին), որ իր գոյութիւնը կը շարունակէ մինչեւ 1980-ականները։ Հինդլեանի լուսանկարը մաս կը կազմէ Շիւքիւրեան/Էրքելէթեան հաւաքածոյին, նկատի ունենալով որ մօտիկ եղած է այս ընտանիքին։

2) Մկրտիչ Վարդապետ Էրքելէթեան։ Մարիին եւ Միհրանին որդին, որ ծնած է 1919-ին, յետագային Հռոմի մէջ կաթողիկէ վարդապետ կը ձեռնադրուի։ Կը մահանայ Պոլիս 1960-ին։ Լուսանկարուած Հռոմի մէջ։

3) Մկրտիչ Վարդապետ Էրքելէթեան։

1) եւ 2) Օհաննէս Էրքելէթեանի դպրոցական վկայականը Սամաթիոյ (Պոլիս) Անարատ Յղութեան վարժարանէն, 1945-1946 տարեշրջանի։ Օհաննէս ծնած է 1933-ին։

3) եւ 4) Մաննիկ/Սիլվա (Սիլվի) Շիւքիւրեանի (յետագային Էրքելէթեան) դպրոցական վկայականը Սամաթիոյ (Պոլիս) Անարատ Յղութեան վարժարանէն, 1945-1946 տարեշրջանի։

Սիլվի Շիւքիւրեանի (յետագային Էրքելէթեան) հօր՝ Գրիգոր Շիւքիւրեանի թրքական անձնաթուղթը։ Ծնած է Պուրսա։ 

Սիլվի Շիւքիւրեանի (յետագային Էրքելէթեան) մօր՝ Էլիզա Շիւքիւրեանի (ծնեալ Մուրատեան) թրքական անձնաթուղթը։ Ծնած է Պուրսա։

Յովհաննէս Վարդապետ Ադամեանի թրքական անձնաթուղթը։ Ծնած է Նեվշեհիր, 1878-ին։ 

Յովհաննէս Վարդապետ Ադամեանի թրքական անցագիրը։ Ծնած է Նեվշեհիր, 1878-ին։