ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարան - Լիբանան

Ապրիլ 2015-ին Յուշամատեանը ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանին մէջ, Տըպպայէ, վարեց աշխատանոց մը, որուն նպատակն էր աշակերտները մասնակից դարձնել օսմանեան հայերու մասին արխիւային նիւթեր հաւաքելու մեր աշխատանքին։ Աշակերտները ներկայացան հետաքրքրական լուսանկարներով, զորս կը ներկայացնենք այս բաժինով։

Հրակ Փարթամեան՝ լուսանկար (Հալէպէն)

Հրակ Փարթամեան, Կարմիրեան վարժարան յաճախող երկրորդականի աշակերտ, իր հետ բերաւ սոյն պատկերը, որ ցոյց կու տայ ՀԲԸՄ-եան հաւաքոյթ մը, Հալէպի մէջ, 1914-ին, Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսի այցելութեան առիթով: Լուսանկարին մէջ կ՚երեւին Լեւոն եւ Վարդենի Փարթամեաններ՝ Հրակին հօրենական մեծ մեծ հայրն ու մեծ մեծ մայրը:

Լեւոն Փարթամեան. ծնած է Մարաշ 1881-ին, մահացած՝ Հալէպ 1931-ին

Վարդենի Փարթամեան (ծնեալ Տէր Վարդանեան). ծնած է Մարաշ 1894-ին, մահացած՝ Պէյրութ 1978-ին:

Լեւոն եւ Վարդենի պսակուած են 1911-ին Մարաշի մէջ: Այս քաղաքին մէջ 1912-ին ծնած է 1912-ին իրենց առաջին զաւակը՝ Պերճուհին, իսկ 1914-ին՝ երկրորդ զաւակը՝ Կարապետ։ Այնուհետեւ փոխադրուած են Հալէպ, եւ այդպիսով փրկուած են Ցեղասպանութենէն։ Յետագային անոնք ունեցած են նաեւ երկու մանչ զաւակներ՝ Նուպար եւ Վարդան: Վերջինը Հրակին մեծ հայրն է:

Լեւոն Փարթամեան ծնած է Մարաշ 1881-ին եւ կը մահանայ Հալէպ 1931-ին։
Վարդենի Փարթամեան (ծն. Տէր Վարդանեան) ծնած է Մարաշ 1894-ին եւ կը մահանայ Պէյրութ 1978-ին։

Լեւոն եւ Վարդենի կ՚ամուսնանան Մարաշի մէջ 1911-ին։ Առաջին զաւակնին՝ Պերճուհի, կը ծնի Մարաշ 1912-ին։ Իրենց որդին՝ Կարապետ, կը ծնի 1914-ին։ Այնուհետեւ ընտանիքը կը տեղափոխուի Հալէպ եւ վերապրին Ցեղասպանութիւնը։ Յետագային կը ծնին երկու զաւակներ եւս՝ Նուպար եւ Վարդան։ Այս վերջինը Հրակի մեծ հայրն է։

Յակոբ Ճուլֆայեան՝ լուսանկար (Հալէպէն)

Յակոբ Ճուլֆայեան, երկորդական վարժարանի աշակերտ, ներկայացաւ սոյն լուսանկարով։ Անիկա կը ներկայացնէ «Քելեքեան» որբանոցը Տէօրթեօլի մէջ։ Յահոբի մեծ մեծ մայրը՝ Մարիսսա Սողոմոնեան-Թալասեան (1909 Ալեքսանտրէթ/Իսքենտերուն-1988 Պէյրութ) նոյնպէս կ՚երեւի պատկերին մէջ։ Մարիսսայի երկու երէց եղբայրները (ձախ սիւնակի պատկերիոն մէջ) եւ հայրը ծառայած են Օսմանեան բանակին։ Ցեղասպանութեան տարիներուն կը կորսնցնէ բազմաթիւ հարազատներ, ինչպէս մայրն ու եղբայրները։

Որբանոցէն դուրս գալէ ետք, Մարիսսա կ՚ամուսնանայ, կ՚ունենան մանչ մը եւ դուստր մը եւ մինչեւ 1939 թուականը ընտանեօք կը շարունակեն ապրիլ Իսքենտէրունի մէջ։ Երբ Ֆրանսան այս տարածքը կը զիջի Թուրքիոյ (1939), Մարիսային ընտանիքը, ուրիշ բազմահազար հայերու հետ դուրս կու գան այստեղէն եւ Մարիսսայենք նաւով կը հասնին Լիբանան։

Գեղամ Թելվիզեան՝ լուսանկար (Այնթապէն)

Գեղամ Թելվիզեան, երկրորդականի աշակերտ, ներկայացաւ սոյն լուսանկարով, ուր կը տեսնենք Տէմիրճեան ընտանիքը՝ Այնթապէն։ Գեղամի մեծ մեծ մայրը նոյնպէս պատկերին մէջ է։ 1920-ին այս ընտանիքը կը ձգէ Այնթապը եւ կը տեղափոխուին նախ Հալէպ, ապա՝ Լիբանան։

Տէմիրճեան ընտանիքը, Այնթապ, մօտաւորապէս 1907-1908։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Մերիա Տէմիրճեան (1895-1931) եւ Լութքիա Տէմիրճեան։ Նստած՝ Գրիգոր Տէմիրճեան եւ կինը՝ Աննիկ։ Ոտքի կանգնած աղջնակը Պէաթրիսն է, իսկ նստած մանչուկը՝ Թաթուլ։

Արսլանեան-Պալեօզեան ընտանիքի լուսանկարներու հաւաքածոյ (Այնթապէն)

Այս լուսանկարները մեզի փոխանցեց Կարմիրեան վարժարանի տնօրէնուհի Մարալ Արսլանեան-Պալեօզեան։ Հոս երեւցողները իր ընտանիքի անդամներն են, որոնք Այնթապի ծնունդ են։ Պատկերներէն ոմանք Այնթապի մէջ քաշուած են, իսկ ուրիշներ՝ Սուրիա եւ Լիբանան, երբ ընտանիքը 1920-ականներու սկիզբը ստիպուած է վերջնականապէս հեռանալ հայրենի այս քաղաքէն։ Մարալի հօրենական մեծ մայրը Հայկանուշ Արսլանեանն (ծն. Տէր Կարապէտեան-Պոզողլանեան) է, իսկ մեծ հայրը՝ Գրիգոր Արմենակ Արսլանեան։

Գրիգոր Արմենակ Արսլանեան (Մարալին հօրենական մեծ հայրը)։ Լուսանկարը Հալէպի մէջ է, ետին կ՚երեւի դեղարանի մը մուտքը։ Գրիգոր գետնի վրայ կը վաճառէր Այնթապէն իր հետ բերած պղնձեղէնները, իսկ դեղարանին սեփականատէրն ալ արտօնութիւն տուած էր իրեն այս առուծախը իր խանութին առջեւ ընելու։

1) Ասթուրեան ընտանիքը. աջին, նատած՝ Գրիգոր Ասթուրեան։ Անոր աջին, ոտքի՝ Զատուր (Գրիգորի կինը, Մարալի մեծ հօրաքոյրը)։

2) Գրիգոր Արսլանեանի հայրը (անունը անծանօթ)։

Նստած, ձախէն աջ՝ Ռուբէն Տէր Կարապետեան, Նազելի Տէր Կարապետեան (յետագային Կեպէճեան), Սիրանուշ Տէր Կարապետեան (յետագային Ղլնճի), Օվսաննա Տէր Կարապետեան (յետագային Թերզեան) եւ Կարապետ Տէր Կարապետեան։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Օվսաննա Տէր Կարապետեան (Ռուբէնի կինը), Տուտու Մուրատեան (Տէր Կարապետեան), Հայկանուշ Տէր Կարապետեան (յետագային Արսլանեան), Սաթենիկ Տէր Կարապետեան (Կարապետին կինը)։