Պահատուրեան/Ալթուն Հաւաքածոյ - Պոլիս

Այս նիւթերը մեզի ներկայացուց Պահատուրեան/Ալթուն ընտանիքը, Դեկտեմբեր 2015-ին Պոլսոյ մէջ կազմակերպուած Յուշամատեանի ձեռնարկին ընթացքին։ Անոնք կը պատկանին Շնորհիկ Ալթունի (ծնեալ Պահատուրեան) - ծնած Կիպրոս - հօրենական եւ մօրենական ճիւղերուն։

Շնորհիկի հայրը Թովմասն է (1921-2006), իսկ հօրենական մեծ մայրն է Վարդուհի Պահատուրեան (ծնեալ Կիւրեղեան), որ ծնած է Հաճըն։ Վարդուհի ունէր քոյր մը՝ Հնազանդ, եւ երեք եղբայրներ՝ Հայրապետ, Պետրոս եւ Մանուկ։ 1911-ին Վարդուհի հարս կ՚երթայ Սելեֆքէ/Սիլիֆքէի մօտակայ Մարա/Մաարա (ներկայիս Քըրոպաշը Kırobası) գիւղը։ Ամուսինը Շնորհք Պահատուրեանն էր, նոյնպէս հաճընցի։ Կ՚ունենան չորս զաւակներ. Մանիշակ, Մանուկ, Թովմաս եւ Յակոբ։ 1921-1922-ին, Կիլիկիոյ հայութեան վերջնական պարպումի օրերուն, Պահատուրեան ընտանիքը կը գաղթէ Կիպրոս։ Այստեղ Թովմաս Պահատուրեան կ՚ամուսնանայ Արփինէ Մտածումեանի (1923-2013) հետ։

Այստեղ ներկայացուած նիւթերէն մասն մըն ալ կը պատկանի Արփինէ Մտածումեանի (Շնորհիկի մայրը) ընտանիքին։ Արփինէի ծնողները Կարապետ Մտածումեանը (1878 Հաճըն-1977 Նիկոսիա) եւ Արմենուհի Մտածումեանն (ծնեալ Սէքսէնեան, 1893-1974) են։ Երկուքն ալ հաճընցի են եւ ամուսնացած են Հաճընի մէջ։ Կ՚ունենան վեց զաւակներ. Նազիկ, Գոհարիկ, Անահիտ, Արփինէ, Շանթ, Լիլի։ Երկու զաւակներ ալ կը զոհուին Ցեղասպանութեան տարիներուն։

Լեւոն Էսկիճեանի ամուսնութիւնը Վերժինի (մականունը անյայտ) հետ, Նիկոսիա, 1926, հայկական թաղամասի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Հարսը եւ փեսան կանգնած են երկար մոմեր բռնած երկու աղջիկներուն միջեւ։ Յայտնի է որ Էսկիճեանները Պահատուրեաններուն մօտիկ ծանօթներն են։ Շնորհք Պահատուրեան այս ամուսնութեան կնքահայրը եղած է։ Ան կանգնած է փեսային ձախին, մոմ բռնած աղջկան (ձախ կողմի) եւ ճիշդ անոր ետեւ կեցած փոքրիկ տղուն ետին, կը կրէ ակնոցներ։ Կնքամայրը՝ Վարդուհի Պահատուրեան (հարսին աջին)։ Լուսանկարիչ՝ Աւետիսեան եղբայրք, 12 Lydra Street, Նիկոսիա։

Կիւրեղեան ընտանիքը։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Ովսաննա Կըւրեղեան (Հայրապետին կինը), Հայրապետ Կիւրեղեան, Պետրոս Կիւրեղեան։ Նստած, ձախէն աջ՝ ընտանիքին մայրը (անունը անծանօթ), Մանուկ Կիւրեղեան, ընտանիքին հայրը (անունը անծանօթ)։

1) Ձախին՝ Վարդուհի Պահատուրեան (ծնեալ Կիւրեղեան) եւ քոյրը (աջին)՝Հնազանդ Գազանճեան (ծնեալ Կիւրեղեան)։ Երկուքն ալ ծնած են Հաճըն։
2) Հայրապետ Կիւրեղեան եւ կինը՝ Ովսաննա։

1) Պատկերը թէեւ մաս կը կազմէ ընտանեկան հաւաքածոյին, բայց լուսանկարին մէջ երեւցող անձերուն ինքնութիւնը կարելի չեղաւ ճշդել։
2) Կիւրեղեանները։ Նստած՝ Հայրապետ Կիւրեղեան։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Հնազանդ Կիւրեղեան (Հայրապետի քոյրը), Ովսաննա Կիւրեղեան (Հայրապետի կինը), Վարդուհի Կիւրեղեան (Հայրապետի քոյրը)։

Արփինէ Պահատուրեանի (ծնեալ Մտածումեան) մօր՝ Արմենուհի Մտածումեանի (ծնեալ Սէքսէնեան) եղբօր ընտանիքը, Հելիոփոլիս, Եգիպտոս, 1929։ Լուսանկարին կռնակին նշուած են զաւակներէն երեքին անունները՝ Վահէ, Յարութիւն, Սոնա։

Արշակ Կիւրեղեան (ձախին) եւ Արթին Կիւրեղեան (աջին)։ Հնազանդ Կիւրեղեանի որդիները։

1) Արփինէ եւ Կարապետ Մտածումեանի դստեր՝ Նազիկի (ձախին) պատկերը, իր ամուսինին (պատկերին մէջ նոր նշանուած են)՝ Գառնիկ Գույումճեանի հետ։ Նիկոսիա, 1937։ Նազիկ 1916-ի ծնունդ էր։
2) Կարապետ Մտածումեանի քրոջ թոռնիկները։
3) Պատկերը թէեւ մաս կը կազմէ ընտանեկան հաւաքածոյին, բայց լուսանկարին մէջ երեւցող անձերուն ինքնութիւնը կարելի չեղաւ ճշդել։

Նիկոսիա, Կիպրոս, «Շուշանեան» մանկապարտէզի հանդէսը, 1920-ական թուականներ։ Ոտքի, ամէնէն ձախին՝ Անահիտ Մտածումեան (ծնած Մերսին, 1920-1982), Կարապետի եւ Արմենուհիի դուստրը։

1) Ովսաննա եւ Հայրապետ Կիւրեղեանի ամուսնական պատկերը։ Հայրապետ եղբայրն է Վարդուհի Պահատուրեանի (ծնեալ Կիւրեղեան)։
2) Արմենուհի Մտածումեանի (ծնեալ Սէքսէնեան, 1893-1974) եւ Կարապետ Մտածումեանի (1878-1977) ամուսնական պատկերը, Հաճըն։
3) Նստած՝ Վարդուհի Պահատուրեան։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Թովմաս (Վարդուհիի եւ Շնորհքի զաւակը), Շնորհք, Յակոբ (Վարդուհիի եւ Շնորհքի զաւակը)։

Նիկոսիա, Մտածումեան ընտանիքի ազգականներ (անունները կը բացակային)։ Պատկերը «Photo Loutfig»ի գործն է։ Լուսանկարիչը Գոհարիկ Մտածումեանի (ծնած Հալէպ, 1918-2015) ամուսինն էր։

Վան, 1900-ական թուականներու սկիզբը. Կարէն Մկրտիչենաի ընտանիքը։ Այս պատկերին մէջինները ազգականական կապ չունին Պահատուրեան եւ Մտածումեան ընտանիքներուն հետ։ Բայց այնպէս ինչպէս նշուած է լուսանկարին կռնակին, Մկրտիչեանները բարեկամական կապ ունէին իրենց հետ։ 

Լիմասոլ, Կիպրոս, 1935։ Լուսանկարին աջին՝ Արմենուհի Սէքսէնեան (ծնեալ Մտածումեան)։

Հարսանեկան զգեստ։ Պատկանած է Վարդուհի Պահատուրեանի (ծնեալ Կիւրեղեան)։ Ան 1911-ին ամուսնացած է Շնորհք Պահատուրեանի հետ Սելեֆքէ/Սիլիֆքէի մօտակայ Մարա/Մաարա (ներկայիս Քըրոպաշը Kırobası) գիւղին մէջ։ Վարդուհի Հաճընէն էր, Մարա ապրող ամուսինը նոյնպէս Հաճընէն էր։ Կ՚ենթադրուի որ այս զգեստն ալ պատրաստուած է Հաճընի մէջ։

Հարսանեկան զգեստէն մանրամասնութիւններ։

Սեւ փէշ։ Պատկանած է Վարդուհի Պահատուրեանի (ծնեալ Կիւրեղեան, Հաճըն)։